Սղերդի սանճաքի Շիրվանի քազայի հայաբնակ գիւղերուն քարտէսը ուշ օսմանեան ժամանակաշրջանին (պատրաստած է Տիգրան Մարտիրոսեան, վերամշակուած է Յուշամատեանի կողմէ):

Շիրվանի գաւառակ – ժողովրդագրութիւն

Հեղինակ՝ Տիգրան Մարտիրոսեան, 07/06/2023 (վերջին փոփոխութիւն՝ 07/06/2023), թարգմանութիւն՝ Վարդան Թաշճեան

Շիրվանը լեռնային եւ անտառապատ տարածք մըն է՝ Սղերդէն (Սիիրթ) հիւսիս-արեւելք տարածուող, Պիթլիսի վիլայէթի (Բաղէշի նահանգ) Սղերդի սանճաքի (գաւառ) համանուն քաղաքը։ Անիկա նաեւ կոչուած է Շերվան, Շերվանք կամ Շերուան: Ան օսմանեան դարաշրջանի ուշ ժամանակահատուածին Սղերդի սանճաքին մէկ գաւառակն (քազա) էր, որ հիւսիսէն պարփակուած էր Պիթլիսի վիլայէթի համանուն սանճաքի համանուն կենտրոնական քազայով, հարաւէն` Արեւելեան Տիգրիսով (Պոհթան, Պոհթան Սու կամ Պոթան Չայը), իսկ արեւմուտքէն` Սղերդի սանճաքի մէկ այլ քազայով՝ Խարզանով: Ըստ տեսակէտի մը` քազայի տարածքը մեծ մասամբ կը համընկնէր Մեծ Հայքի թագաւորութեան Մոկքի (Մոկս) աշխարհի Արգաստովիտ գաւառի տարածքին հետ [1]: Մէկ այլ տեսակէտ Շիրվանը կը տեղադրէ հին հայկական թագաւորութեան Աղձնի (Արզն) կամ Կէտիկ գաւառներուն մէջ [2]: Բնակչութեան թուաքանակով Շիրվանը հայոց 1915 թուականի ցեղասպանութեան նախօրեակին ամենաքիչն էր հայերով բնակեցուած` համեմատած Սղերդի սանճաքը կազմող այլ գաւառակներու հետ [3]: Այնուամենայնիւ, քազան սկզբնաղբիւրներուն մէջ կը բնութագրուի իբրեւ «հայախօս» [4] տարածք` համեմատած խառն բնակչութիւն ունեցող այլ քազաներուն:

Պիթլիսի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ փոխհիւպատոս Ճէյմս Հենրի Մոնահան, որ 1898 թուականին ճամբորդած է Շիրվան եւ այցելած քազայի բոլոր քրիստոնէական գիւղերը (բացառութեամբ չորս փոքր գիւղերու), Շիրվանը նկարագրած է որպէս լեռնային շրջան մը, որ ունի «երկու բաւականին բաց հարթավայրեր լեռներու միջեւ» եւ «յայտնի է իր խաղողի որթերով, թէեւ անոնցմէ գինի կամ ռաքի հազուադէպ պատրաստած են: Քազայի հարաւային մասին մէջ առատ են նռնենիներն ու թզենիները, ամէնուր ընկուզենիներ եւ տանձենիներ են» [5]: Մոնահանի նպատակն էր հաւաքել տեղեկութիւններ, որոնք կրնային լոյս սփռել քիւրտերու գործադրած վայրագութիւններուն վրայ: Բանահաւաք Արիստակէս Տեւկանց, որ ճանապարհորդած է Արեւմտեան Հայաստան 1878 թուականին, կը գրէ, որ «Շիրվանի մէջ կը գտնուի ամենալաւ ոսկիի հանքը, որուն գոյութիւնը տեղի բնակիչները գաղտնի կը պահեն կառավարութենէն` աւելորդ անախորժութիւններէն խուսափելու համար» [6]: Բրիտանացի մայոր Ֆրենսիս Ռիչըրտ Մաունսել, որ 1901 թուականին այցելած է Քիւրտիստանի լեռները եւ «Վանայ լիճէն հիւսիս գտնուող հայկական լայն բարձրաւանդակը», կը հաստատէ, որ Շիրվանի մէջ «կային ոսկիի հին, չօգտագործուած հանքեր» [7]:

Ըստ Մոնահանի, «բացի գլխաւոր Քիւֆրա գիւղէն եւ Մինար մեծ գիւղէն, չկային խառն գիւղեր, այսինքն` թէ՛ քրիստոնեաներով եւ թէ՛ իսլամներով» այժմ բնակեցուած գիւղեր: Ան կ’աւելցնէ, որ «ամբողջ Շիրվանի մէջ քրիստոնէական դպրոց չկար, ոչ ալ իսլամական դպրոց, չհաշուած քանի մը շատ փոքր քուրանական դպրոցները»: Մեծն Բրիտանիոյ փոխհիւպատոսը նշած է, որ տեղի բնակչութիւնը ընդհանուր առմամբ «մնացած է աւելի անգրագէտ եւ յետամնաց, քան Պիթլիսի վիլայէթի որեւէ հատուածի բնակչութիւնը` Սղերդի սանճաքէն դուրս» [8]:

19-րդ դարու մեծ մասի ընթացքին Շիրվանի հայերն ու ասորիները դարձած են տեղական իշխանութիւններուն պարտադրած ծանր հարկային կապալին զոհը: Այս երկու քրիստոնեայ էթնիք խումբերը կը ծանրաբեռնուին լրացուցիչ մեծ հարկերով թէ՛ տեղացի քիւրտ ցեղապետերու եւ թէ՛ կողոպտիչ քիւրտ քոչուորներու կողմէ: Այս տառապանքներուն դիմանալու ուժը չունենալով` հայ եւ ասորի բազմաթիւ գիւղացիներ կը լքէին իրենց տուներն ու գիւղերը` աշխատանք փնտռելով երկրի այլ վայրերուն մէջ, երկար ժամանակով կամ ընդմիշտ գաղթելով: Գաղթականութիւնը, որ, ըստ երեւոյթին, տակաւին լայնածաւալ էր մինչեւ 1880-ական թուականները, բացասական ազդեցութիւն ունեցաւ բնակչութեան աճին վրայ: Տեղացիները պատահական ճանապարհորդներուն կը պատմէին յիշողութիւններ երկրին փառաւոր անցեալին մասին, երբ անոնց գիւղերը աւելի մարդաշատ ու ծաղկուն էին [9]:

1895 թուականի նոյեմբերին Շիրվանը «դարձաւ ամբողջ վիլայէթի՝ կողոպուտի եւ [հայերու եւ ասորիներու] բռնի իսլամացման, թերեւս, ամենազարհուրելի վայրը»: Մոնահանի այցելութեան ժամանակ հայերն ու ասորիները «գրեթէ բոլորը վերադարձած էին քրիստոնէութեան» [10]: Կողոպուտի եւ բռնի կրօնափոխութեան գործողութիւնները ուղեկցուեցան կոտորածներով, որոնք նուազեցուցին Շիրվանի հայ բնակչութեան թիւը: Մոնահան յայտնած է, որ սպանուած էր հայ 151 տղամարդ եւ 18 կին [11]: Ըստ երեւոյթին, Շիրվանի մէջ բնակող հայերուն եւ ուղղափառ ասորիներուն բռնի իսլամացումը տեղի ունեցած է ապտուլհամիտեան ջարդերուն ընթացքին եւ, ըստ որոշ տեղեկութիւններու, շարունակուած է մինչեւ 1897 թուականը [12]: Ըստ Ռեմոն Գէորգեանի եւ Փոլ Փապուճեանի (1992) Դերզնի, Դարապան, Մինար եւ Մատար գիւղերը (տե՛ս ստորեւ գիւղերու ցուցակը) հայ բնակիչներէն պարպուած են 1895-1896 թուականներու ջարդերուն ժամանակ [13]:

Գտնուելով հին, լքուած հանքերու եւ աղի արտադրավայրերու մօտ` Քիւֆրան, «փոշոտ, խուլ գիւղ մը» [14], որ այլ կերպ կը կոչուէր Շիրվան-գալէ, եղած է քազայի վարչական կեդրոնը [15]` քիւրտ, ասորի եւ հայ խառն բնակչութեամբ: Իրլանտական բանակի սպայ եւ դիւանագէտ, լեյտենանտ Ճասթին Շիլ 1836 թուականի ամռան Սղերդ կատարած ճանապարհորդութեան ժամանակ զեկուցած է, որ Քիւֆրան (Շիլի գրութեան մէջ՝ Շիրվան) «բարգաւաճ գիւղ մըն էր մօտ 200 տուներով» [16]: Ֆրանսացի աշխարհագրագէտ Վիթալ Քուինէ Քիւֆրանը կ’անուանէ «փոքր քաղաք մը», որ 1891 թուականին ունէր ընդամէնը 130 տուն: Մոնահան հաշուարկած է, որ 1898-ին Քիւֆրան ունէր 50 տուն, որմէ 17-ը՝ քրիստոնեայ (4-ը` հայ, 13-ը` ուղղափառ ասորի): Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին ենթակայութեան տակ գտնուող Սղերդի Առաջնորդարանը 1902 թուականին գիւղին մէջ կը հաշուէր 5 հայ, 12 ասորի եւ 50 իսլամ տուն: 1913-1914 թուականներուն Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին կատարած մարդահամարին ժամանակ Քիւֆրան 80 տուն ունեցող գիւղ մըն էր՝ 1 հայ, 39 նեստորական ասորի եւ 40 քիւրտ:

Մոնահան կ’ենթադրէ, թէ Քիւֆրանի մէջ հնագոյն բաղնիքի եւ շուկայի մնացորդները ցոյց կու տան, որ «գիւղը ժամանակին որոշակի կարեւորութիւն ունեցող քաղաք մըն էր» [17]: Ըստ որոշ տեղեկութիւններու, գիւղը կը պարունակէր հին ամրոցի մը աւերակները [18]: Գերմանացի արեւելագէտ եւ պատմաբան Քարլ Ֆրիտրիխ Լեման-Հաուփթ, որ 1898 եւ 1899 թուականներուն հետազօտական նպատակներով ճամբորդած է Արեւմտեան Հայաստան, հաստատած է, որ Քիւֆրան (Լեման-Հաուփթի գրութեան մէջ՝ Küfrä) «գիւղ մը եւ ամրոց մըն է (գերմաներէն` Dorf und Schloß), որ [կանգնած էր] հարթավայրի մը վերը գտնուող բարձր ժայռոտ բլուրի մը վրայ» [19]:

Այդուհանդերձ, ուշ միջնադարէն մինչեւ 18-րդ դարու վերջը Շիրվանի ամենաբնակեցուած եւ աշխոյժ բնակավայրը Զրեկանն էր, որ կը կոչուէր նաեւ Զրեխան կամ Զերեգան (թրքացուած՝ Զերկի), համանուն իշխանութեան գլխաւոր քաղաքը, որ այնուհետեւ դարձաւ գիւղախումբ, թրքերէն՝ նահիէ: 18-րդ դարու վերջին եւ 19-րդ դարու սկիզբին այս քաղաքը, որ տուեալներու աղբիւրներուն մէջ կը նշուի նաեւ որպէս Դէյրազինար կամ Դէյր Ազինար, ունէր 700 տուն՝ մեծ մասամբ հայ: Քաղաքէն քիչ դէպի հիւսիս կանգնած էր հին, աւերուող ամրոց մը, որ կը ներառնէր վանքի մը աւերակները: 19-րդ դարու կէսերուն Զրեկանը աւերուած ու ամայացած է եւ անոր տեղ յառաջացած է Դերզնի աննշան գիւղակը (տե՛ս ստորեւ գիւղերու ցանկը), որ, ըստ երեւոյթին, իր անունը ստացած է Դէյրազինարէն [20]: Զրեկան գիւղախումբի քանի մը նախկին հայաբնակ գիւղեր, ինչպիսիք են Պէմլա [Geçit], Կունտիկ (Կունտօ) [Gündoğdu], Ներբան (Nerpan) [Obalı], Հավել (Հավելանց) [Çınarlı], Ռըճլէ [Tanrıyar], Ռըճլաի [ներկայիս անունը՝ անյայտ], Յարոնք եւ ուրիշներ նշուած ժամանակահատուածին մէջ նոյնպէս աւերուած ու ամայացած են [21]։

Քանի որ 5-րդ եւ 6-րդ դարերուն պարսկական կայսրութիւնը կառավարող Սասանեաններու տոհմը կրօնական խտրական գործունէութիւն կը ծաւալէր Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ նկատմամբ, Մեծ Հայքի հարաւային եւ հարաւ-արեւմտեան քանի մը գաւառներու հայ բնակչութեան հատուած մը ընդունեց նեստորական քրիստոնէութիւնը: 19-րդ դարու վերջին հազուադէպ չէր, որ Շիրվան այցելող սակաւաթիւ ճանապարհորդներ հանդիպէին (իսկապէս, «քազայի մեծ մասը», ինչպէս կը վկայէ Մոնահան, կարծես թէ «նախապէս ոչ մէկ եւրոպացի չէր այցելած» [22]) hայ նեստորական տուներ պարունակող շարք մը ծուխերու: Շիրվանի մէջ կը բնակէին նաեւ մեծ թիւով հայախօս նեստորական ասորիներ: Անոնք հիմնականին մէջ կեդրոնացած էին Պիթլիսի վիլայէթի Խիզանի (Հիզան) քազային յարող Էրուն գիւղախումբի բնակավայրերուն մէջ, ինչպիսիք են Աւաւը, Պոտկին, Գնձիկը, Դերիքը, Հալնձէն [Bardacık], Սաազը [Yelkıran], Սերուսը (տե՛ս գիւղերու ցանկը ստորեւ) եւ քանի մը ուրիշներ [23]:

Մինչեւ ուշ միջնադար հայերը եւ հայախօս ասորիները կը կազմէին Շիրվանի բնակչութեան մեծ մասը: Սա կը հիմնաւորուի այն փաստով, որ շրջանի տեղանուններէն շատերն ունէին իւրայատուկ էթնիք բովանդակութիւն [24]: 19-րդ դարու վերջին, սակայն, Շիրվանը դարձած էր հիմնականին մէջ քրտաբնակ գաւառակ: Այն ժամանակ երբ որոշ քրտական խումբեր դարձած էին նստակեաց, եւ քազայի շարք մը գիւղեր բնակուած էին տարին շարունակ, Շիրվանը նաեւ սիրուած վայր դարձած է քանի մը վաչկատուն քրտական ցեղերու համար, որոնք ամռան կ’օգտագործէին բարձր լեռնային մարգագետինները եւ կը ձմեռէին քազայէն դուրս՝ ցածրադիր շրջաններու մէջ:

Շիրվանի քրիստոնեայ գիւղերու բնակչութեան զգալի մասը ուղղափառ ասորի էր: Քանի որ այս ասորիներուն մէկ հատուածը հայախօս էր, անոնց էթնիք ծագումը միշտ չէ, որ ճանաչում գտած է ժամանակակից հայկական աղբիւրներուն մէջ [25]: Ասորի քահանայ մը, որուն իրլանտացի աշխարհագրագէտ Հենրի Լինչ իր կարճատեւ շրջագայութեան ժամանակ հանդիպած է 1890-ականներու վերջը Պիթլիսի մէջ, հաստատած է, որ «որոշ ասորիներ գաղթած էին, մինչդեռ մեծ մասը դարձած էր հայ»: Երբ Լինչ կը հարցնէ, թէ «ինչո՞ւ հաւատացեալ մնացորդացը կը խօսի հայերէն` բացառելով ասորական որեւէ բարբառ», քահանան կը պատասխանէ. «Որովհետեւ այս երկիրը Հայաստան է»: Ան կ’աւելցնէ, որ Սղերդի սանճաքին մէջ մօտ 1500 ասորի կար, հիմնականին մէջ Սղերդի եւ Շիրվանի քազաներուն մէջ [26]:

Մօտաւորապէս մինչեւ 1860-ական թուականները Շիրվանի մէջ գոյութիւն ունէր ինքնավար իշխանութիւն, որ թրքերէն կը կոչուէր հիւքիւմէթ: Ան կը տարածուէր Պիթլիս քաղաքէն հարաւ` ընդգրկելով բուն Շիրվանի տարածքը եւ քանի մը ծայրամասային վայրեր [27]: Քուինէ կը յայտնէ, որ 1891 թուականին կային 207 բնակավայրեր, 14168 բնակիչներէն 9655-ը իսլամ էր, հիմնականին մէջ քիւրտեր, 4113-ը՝ հայ եւ 400-ը՝ ուղղափառ ասորի [28]: 1904 թուականին հրապարակուած վիճակագրական գրքոյկին մէջ Ռուսիոյ Գլխաւոր սպայակոյտի գնդապետ Վլատիմիր Մայեւսքի կը հակառակի Քուինէի այն գնահատականին, թէ հայերը կը կազմէին Շիրվանի ընդհանուր բնակչութեան 29 տոկոսը, նշելով, որ 1890-ական թուականներուն իր այցելած 25 գիւղերէն միայն երկուքն էին հայաբնակ: Մայեւսքի կ’աւելցնէ սակայն, որ ինք կրցած էր այցելել միայն քազայի արեւմտեան հատուածին մէջ գտնուող բնակավայրերը [29]: 20-րդ դարու սկիզբին հրատարակուած «Memâlik-i Mahrûse-i Şâhâneye Mahsûs Mükemmel ve Mufassâl Atlas» վերնագիր կրող արաբատառ օսմանեան քարտէսը 1907 թուականին կը հաշուէր 160 ընդհանուր բնակավայր Շիրվան Մերքեզիին (Շիրվան-կեդրոնին) եւ քազայի երեք նահիէներուն մէջ, որոնք քարտէսին մէջ կը ներկայանան Մենար, Հասրաս եւ Իսքանպօ անուններով [30]:

1895 թուականի ապտուլհամիտեան ջարդերուն ժամանակ Շիրվանի հայերու սպանութիւնները եւ բռնի իսլամացումը լուսաբանող խմբագրականի մը մէջ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի պաշտօնաթերթ «Արարատ» ամսագիրը դիտել կու տայ, որ քազային մէջ կար 20 հայկական բնակավայր [31]: Ըստ Մոնահանի, Շիրվանն ունէր մօտ 200 գիւղ, որոնց մեծ մասը վեց կամ աւելի քիչ ընտանիքէ բաղկացած էր: Անոնցմէ միայն 28-ը քրիստոնեայ էր, 10-ը` հայ եւ 18-ը` ուղղափառ ասորի, բայց անոնք շատ աւելի մեծ էին, քան քրտականները: Օսմանեան կառավարութեան տարեգիրքը՝ Սալնամէ-ն (Salnamé), հրապարակուած Մոնահանի ճամբորդական զեկոյցէն չորս տարի առաջ, Պիթլիսի վիլայէթին մէջ կը հաշուէր 13420 իսլամ եւ 2307 քրիստոնեայ: Ըստ Մեծն Բրիտանիոյ փոխհիւպատոսի հաշուարկին, կային «3048 քրիստոնեաներ, վեց հոգին՝ մէկ տունի հաշիւով, եւ մօտ չորս անգամ աւելի շատ իսլամներ, այդ թիւին մէջ` երեք քոչուոր [քրտական] ցեղերը՝ Մեհմետիեան, Ուսդուրիգան եւ Տիմիլի», որոնք մշտապէս կը գտնուէին քազային մէջ եւ որոնց թիւը «ընդհանուր առմամբ մօտ 4000 հոգի էր» [32]:

Այնուամենայնիւ, զանազան սկզբնաղբիւրներու տուեալները ցոյց կու տան, որ Շիրվանին նման գիւղական բնակավայրերուն մէջ ընտանիքներուն միջին թիւը գրեթէ միշտ վեց հոգիէն աւելի էր: Քանի որ այս աղբիւրները Օսմանեան Պետութեան արեւելեան գաւառներուն մէջ (որոնք ունէին էթնիք հայերու զգալի բնակչութիւն) ընտանիքներու միջին թիւին մասին իրարմէ տարբեր տուեալներ կը հաղորդեն, այս ուսումնասիրութեան մէջ ութը պիտի օգտագործուի որպէս գիւղական վայրերուն մէջ իւրաքանչիւր ընտանիքի անդամներու միջին թիւ, ինչպէս կ’առաջարկէ Վահան եպիսկոպոս Տէր Մինասեան (Պարտիզակցի)՝ Պատրիարքարանի յանձնակատարը 1860-1870-ական թուականներուն [33]: Պիթլիսի վիլայէթի պարագային, 20-ը պիտի օգտագործուի որպէս իւրաքանչիւր գիւղի մէջ մէկ տան անդամներու միջին թիւ, ինչպէս կ’առաջարկէ Մայեւսքի [34]:

Ապտուլհամիտեան ջարդերուն ժամանակ, 1895 թուականի նոյեմբերին Ադմանիգան, Մոդիգան եւ Տիմպիլան քրտական ցեղախումբերուն յարձակումները [35] ծանր հարուած կը հասցնեն Շիրվանի հայ եւ ասորի բնակչութեան: Վերջիններս ենթակայ կ’ըլլան համակարգուած եւ մեծածաւալ կողոպուտի, ինչ որ զանոնք կը զրկէ արտադրելու միջոցներէն: Ասոր հետեւանքով, սովն ու սնունդի անապահովութիւնը, ինչպէս նաեւ ծանր հարկերը վճարելու անկարողութիւնը կը ստիպեն բազմաթիւ հայեր եւ ասորիներ լքելու իրենց հայրենի երկիրը 1895-ի ամբողջ ընթացքին եւ անկէ ետք: Ըստ գնահատականի մը` շրջանի 22 քրիստոնեայ գիւղերու բնակչութեան աւելի քան 50 տոկոսը կը գաղթէ: 1895-ի ջարդերը Շիրվանի քրտացման կարեւոր, բայց յաճախ ճանաչում չգտած, փուլ մըն էին, գործընթաց մը, որ հիւսեց այս երբեմնի էթնիքապէս բազմազան եւ մշակութապէս հարուստ քազայի նոր, շատ միատարր ժողովրդագրական պատկերը [36]:

Եթէ, ըստ 19-րդ դարու վերջին Պիթլիսի վիլայէթի վարչական կառուցուածքին, Շիրվանը մինչեւ 1896 թուականը բաղկացած էր միայն Զրեկանի (Զերկի) նահիէէն, ապա 1897 թուականէն սկսեալ քազան կազմուած էր երեք նահիէներէ [37]: 1900-ին «Բիւրակն»ի խմբագրականը Շիրվանի մէջ կը հաշուէր 3000 հայ բնակիչ [38]: 1910 թուականին «Ազատամարտ»ի խմբագրականը կը նշէր 39 գիւղ Շիրվան-կեդրոնին մէջ, 39՝ Մինարի, 40՝ Հասրասի եւ 42՝ Սկամբոյի մէջ (վերջին երեքը նահիէներ են, որոնք կը համապատասխանեն Մենարին, Հասրասին եւ Իսկանբոյին (Menar, Hasras եւ İskanbo), ինչպէս գրուած է Օսմանեան «Memâlik-i Mahrûse-i Şâhâneye Mahsûs Mükemmel ve Mufassâl Atlas»-ին մէջ) [39]։ Ասոնք միասնաբար կը կազմեն 3200 տուն կամ 25600 բնակիչ, եթէ կիրառուին Մայեւսքիի եւ Պարտիզակցիի առաջարկած միջին թիւերը մէկ գիւղի տուներու եւ մէկ ընտանիքի անդամներուն համար:

Առաջին համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին Շիրվանն ունէր խառն բնակչութիւն` բաղկացած քիւրտերէ, հայերէ եւ ասորիներէ: 1913-1914 թուականներուն Պատրիարքարանին կատարած մարդահամարը ցոյց կու տայ 15 հայաբնակ գիւղեր (ներառեալ մէկ հայ տուն Քիւֆրայի մէջ), իսկ տուներուն թիւը` 173: Բնակիչներուն թիւը կը կազմէ 1683 հոգի, բացառելով Քիւֆրայի մէջ մէկ տան բնակիչներու չճշդուած թիւը եւ Գոնդեգիզանի շարք մը հայախօս նեստորական ասորի տուներուն բնակիչները (տե՛ս ստորեւ գիւղերուն ցանկը) [40]: Ըստ երեւոյթին, Գէորգեան եւ Փապուճեան օգտագործած են Պատրիարքարանի մարդահամարին իրենց հասանելի թարմացուած տուեալները, եւ այս ձեւով 1914-ին գիւղերուն թիւը կը ներկայացնեն 19, իսկ հայ բնակչութեան թիւը` 2853, որոնք կ’ապրէին 317 տուներու մէջ [41]:

Պատերազմէն առաջ Օսմանեան Պետութեան կատարած մարդահամարը Շիրվանի մէջ իսլամներուն թիւը կը նշէր 15181, հայերունը` 1169, ասորիներունը՝ 1109 հոգի [42]: Արխիւային փաստաթուղթերու թրքական հաւաքածոյի մը մէջ գտնուած օսմանեան մէկ այլ աղբիւր պարզած է, որ 1915 թուականին Շիրվանի մէջ ապրող, «վերաբնակեցման եւ հեռացման» ենթակայ (ինչպէս որ աղբիւրը նախընտրած է կոչել բռնի տեղահանումները դէպի հարաւային վիլայէթներու անապատներ) հայոց թիւը օսմանեան մատեաններուն մէջ 1144 է գրանցուած [43]: Թուրքիոյ Գլխաւոր Սպայակոյտին հրատարակած այս գրանցամատեանները կազմուած են այն բանէն ետք, երբ 31 Մայիս 1915-ին օսմանեան կառավարութիւնը թիւ 326758/270 հրամանագրով որոշում կայացուցած էր ռազմաճակատին մօտ գտնուող շրջաններու հայերը «վերաբնակեցնել եւ տեղափոխել», քանի որ, իշխանութիւններուն կարծիքով, անոնք «կը վտանգէին օսմանեան բանակի՝ օսմանեան սահմանները թշնամիի ուժերէն պաշտպանելու կոչուած ստորաբաժանումներուն շարժումները» [44]: Թէեւ Շիրվանի հայ գիւղացիները մտադրութիւն չունէին «վտանգելու» բանակի զօրամասերուն տեղաշարժերը, սակայն անոնք մեծ մասամբ կ’անհետանան, եւ անոնց ճակատագիրը անյայտ կը մնայ: Դժուար է պատկերացնել, որ անոնցմէ շատեր Ցեղասպանութեան ժամանակ զերծ մնացին սպանութիւններէն ու մահուան երթերէն: Շիրվանի շրջակայքի գիւղերու ասորիները` թէ՛ կաթողիկէ, թէ՛ ուղղափառ, որոնք կը ներկայացնէին Սիիրթի սանճաքին մէջ ապրող 5000 ասորիներու մէկ հատուածը, արժանացան հայոց ճակատագրին [45]:

Ըստ չհաստատուած տեղեկութիւններու` Աւաւի, Աւինի, Ջումայի, Գնձիկի, Հալնձէի, Նբայնի, Սերուսի, Սերմետի եւ Սիսեռքի մէջ (տե՛ս ստորեւ բերուած գիւղերուն ցանկը) բնակող հայերուն ընդհանուր թիւէն ողջ մնացած է միայն մօտ 90 գիւղացի` հիմնականին մէջ կիներ եւ մանուկներ: Այս իրավիճակը, ըստ երեւոյթին, Ցեղասպանութեան ժամանակ բնորոշ եղած է Շիրվանի հայաբնակ շրջաններու մեծամասնութեան: Շիրվանի այն հայերը, որոնք բախտ ունեցած են փրկուելու օսմանեան բնաջնջումէն, փախած են Խիզան եւ 1915-ի ամռան բնակութիւն հաստատած են Պարսկաստանի Սալմաստ (Սալմաս) գաւառի գիւղերուն մէջ: Սակայն 1918 թուականի մայիսին անոնք ստիպուած եղան փախչելու Պարսկաստանէն եւ գաղթելու Մեծն Բրիտանիոյ վերահսկողութեան տակ գտնուող Միջագետք (Իրաք): 1919-ի օգոստոսին Միջագետքի Հայ Օգնութեան Կոմիտէն կը կատարէ գաղթականներու հաշուարկ մը Պաղտատէն հիւսիս-արեւելք գտնուող Պաքուպա գիւղաքաղաքի վրանային ճամբարին մէջ։ Հոս ապաստանած էին Իրաք հասած հայերը։ Ըստ հաշուարկին, Շիրվանէն գաղթած հայոց թիւը 85 հոգի էր։ Անոնք կու գային Աւին, Գորինան, Դերիք, Սերմետ եւ Սմխոր գիւղերէն [46]:

Այս ուսումնասիրութեան համար օգտագործուած են շարք մը հայկական աղբիւրներ, որոնք կը սկսին 1878 թուականին եւ կը հասնին մինչեւ 1915 թուականը, ընդգրկելով ընդհանուր առմամբ 37 տարի: Քանի որ այս տարբեր աղբիւրները չհամընկնող եւ յաճախ հակասական ժողովրդագրական տուեալներ կու տան, Շիրվանի հայ բնակչութեան ամենամօտաւոր չափը որոշելը իրատեսական խնդիր չի թուիր: Հնարաւոր չէ նման փորձ մը ընել` հաշուի առնելով տուեալներուն մեծ անհամապատասխանութիւնները: Այս ուսումնասիրութեան համար օգտագործուած աղբիւրները, ըստ անոնց հրապարակման թուականներուն, ներկայացուած են ստորեւ։ Թադէոս Յակոբեանի, Ստեփան Մելիք-Բախշեանի եւ Յովհաննէս Բարսեղեանի հեղինակած «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան»ը, Ցեղասպանութենէն վերապրածներու վկայութիւնները՝ Ամատունի Վիրաբեանի խմբագրած փաստաթուղթերու ժողովածուին մէջ [47], Թիֆլիսի մէջ հրատարակուած «Արձագանգ»ը, Պոլսոյ մէջ հրատարակուած «Բիւրակն» եւ «Ազատամարտ» պարբերաթերթերը հայթայթեցին լրացուցիչ տուեալներ:

  1. 1. Արիստակէս Տեւկանցի 1878 թուականին հրատարակուած ճամբորդական տեղեկագիրը,
  2. 2. Պիթլիսի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ փոխհիւպատոս Ճէյմս Հենրի Մոնահանի 1898 թուականի ճամբորդական զեկոյցը, որ կը հանդիսանայ 19-րդ դարու վերջին Շիրվանի վերաբերեալ սակաւաթիւ սկզբնաղբիւրներէն մէկը,
  3. 3. Սղերդի Առաջնորդարանի 1902 թուականին պատրաստած վիճակագրական տեղեկագիրը,
  4. 4. Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի 1913-1914 թուականներու մարդահամարին տուեալները՝ վերարտադրուած Գէորգեանի եւ Փապուճեանի (1992) գիրքին մէջ,
  5. 5. Հայ վիճակագիր Ա-Դոյի (Յովհաննէս Տէր Մարտիրոսեան) 1912 թուականին տպուած գրքոյկը,
  6. 6. Ցեղասպանութեան ժամանակ հայ հոգեւորականներուն կրած տառապանքներուն մասին 1921-ին Թէոդիկի (Թէոդորոս Լապճինճեան) հեղինակած գիրքը:

Այս ուսումնասիրութեան համար օգտագործուած ամենականուխ առաջնային արձանագրութեան մէջ Տեւկանց 1878 թուականին Շիրվանի մէջ կը հաշուէ ինը ամբողջովին հայաբնակ գիւղեր եւ չորս գիւղեր էթնիք խառն բնակչութեամբ: Ան դիտել կու տայ, որ այս բնակավայրերուն մէջ հայերուն ընդհանուր թիւը կը կազմէր 1569 հոգի: Այնուամենայնիւ, եթէ բնակիչներուն թիւը հաշուարկուի անոր ճամբորդական զեկոյցին մէջ մէկ այլ տեղ բերուած գիւղերու բնակչութեան բաշխման հիման վրայ, հայերու թիւը պիտի կազմէր 1622 հոգի [48]:

Ըստ «Արձագանգ»ի մէջ տպագրուած «Նամակ Սղերդից» յօդուածի անանուն հեղինակին, 1882 թուականին Շիրվանի մէջ կային 116 գիւղեր կամ 14092 բնակիչներ, որոնցմէ 1569-ը հայ էր (որոնք կ’ապրէին ինը գիւղերու մէջ), 11590-ը` քիւրտ եւ 933-ը` ասորի [49]: Պիթլիսի վիլայէթին վերաբերող 1892 թուականի օսմանեան սալնամէն կը հաշուէր 15729 բնակիչ, որոնցմէ 13420-ը իսլամ էր, 1438-ը` ասորի, 109-ը` ղպտի եւ միայն 760-ը` հայ [50]: Այս վերջին ցուցանիշը անհաւանականօրէն ցածր է: Ռուս գնդապետ Վլատիմիր Մայեւսքի 1904 թուականին հրապարակած վիճակագրական ուսումնասիրութեան մէջ (որ կ’ընդգրկէր Վանի եւ Պիթլիսի վիլայէթներու տուներուն թիւը 1890-էն 1897 թէ 1899 թուականներուն [51]), բնակչութեան ընդհանուր թիւը կը նշէր 15584 հոգի, որոնցմէ 4524-ը հայ էր, 10620-ը՝ քիւրտ եւ 440-ը՝ ուղղափառ ասորի [52]: Սղերդի Առաջնորդարանին պատրաստած 1902 թուականի վիճակագրական զեկոյցը կը մատնանշէր 13 հայկական բնակավայր, որոնք 1895-էն առաջ 155 տուն կը պարունակէին, եւ 15 յաւելեալ բնակավայր, որոնց տուներուն թիւը չէ ներկայացուած [53]: Այս ձեւով Շիրվանի մէջ մինչեւ 1902 թուականը հայաբնակ բնակավայրերուն թիւը պէտք է եղած ըլլայ 28:

Ցեղասպանութեան անմիջապէս նախորդող տարիներուն Ա-Դօ կը տեղորոշէ 14 գիւղ, ուր 340 տուն հայ բնակիչներ կային: Սա հայ բնակիչներուն թիւը կը նշէ շուրջ 2380 հոգի: Ա-Դօ տրամադրած է տուեալներ, որոնք քաղած էր Աղթամարի կաթողիկոսութեան [54] հրատարակած տեղեկագիրէն, որ, ըստ երեւոյթին, կը պարունակէր տուներու թիւեր [55]: Թէոդիկ 1914-ին ինը հայկական բնակավայրի կամ 120 տան մասին կը հաղորդէ [56]: Այս ձեւով, բնակիչներուն թիւը պէտք է եղած ըլլայ 960 հոգի: Յատկանշական է, որ Թէոդիկ կը նշէ հայ բնակչութեան ամենափոքր թուաքանակը: Անոր բերած թիւը չի հաստատուիր հայկական որեւէ այլ աղբիւրի կողմէ եւ, անկասկած, թերագնահատուած է: Թէոդիկի վիճակագրութեան հիմքն եղող տուեալները կը մնան անբացատրելի:

Ստորեւ թուարկուած են Շիրվանի այն բնակավայրերը, որոնք ըստ տուեալներու աղբիւրներուն, հիմնականին մէջ հայերով բնակուած էին կամ ունէին որոշակի թիւով հայկական տուներ կամ նախապէս հայերով բնակուած էին։ Քառակուսի փակագիծերու մէջ դրուած են անոնց ներկայիս թրքացուած անունները [57]: Քազայի անյստակ սահմանազատման պատճառով, Սղերդի Առաջնորդարանի գիւղերու ցուցակի շարք մը բնակավայրեր, ըստ ուրիշ տուեալներու, ամենայն հաւանականութեամբ մաս կը կազմէին Պիթլիսի սանճաքի կազմին մէջ գտնուող Հիզան եւ Կէօզալտարա քազաներուն: Այս բնակավայրերը, ինչպիսիք են Սիֆորը, Սոկը, Սափը, Հալնձէն եւ քանի մը այլ բնակավայրեր, Սղերդի Առաջնորդարանը տեղեկագրած են որպէս նախապէս հայաբնակ գիւղեր, որոնք մինչեւ 1902 թուականը աւերուած եւ ամայացած էին: Այն պարագաներուն, երբ հնարաւոր չէր նոյնացնել մեզրաներուն (մեզրա՝ խոշոր գիւղերու մօտ գտնուող ագարակ-գիւղակներու արաբերէն անուանումն է) ներկայիս անունները, քառակուսի փակագիծերու մէջ յայտնուած գրութիւնը կը յստակացնէ, որ տուեալ բնակավայրը որոշակի գիւղի մը մեզրան է:

Աւաւ, Հաւաւ, Հաւու [Gürgencik]

38° 8'41.62"N, 42°16'4.98"E
Սղերդի Առաջնորդարան`10 տուն: Յակոբեան եւ այլք այս գիւղը ցանկագրած են որպէս 1895-ի ջարդերէն տուժած հայաբնակ վայր: Եթէ չկար այլ վայր մը Աւար անունով, Մոնահան Աւաւը անուանած է Աւար եւ բնակավայրը բնութագրած է որպէս «մեծ գիւղ մը», որ ունէր 36 խառն հայ եւ ասորի տուն:

Աւին, Հաւին, Հվիյն [Kayalı]

38° 9'16.92"N, 42°13'53.77"E
Տեւկանց` 162 բնակիչ, Յակոբեան եւ այլք` 20 տուն 19-րդ դարու կէսերուն, Սղերդի Առաջնորդարան՝ 15 տուն 1895-ին. բնակչութիւնը աւելի շատ էր մինչ ջարդերը:

Բայթարուն, Բեյթարուն, Բեյթ Հարուն, Պէյթ-Հարուն [İkizler]

38° 3'54.38"N, 41°55'38.16"E
Սղերդի Առաջնորդարան`10 տուն 1895-ին (աւելի քան 100 տուն` չճշդուած նախորդ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին), Պատրիարքարան` 4 տուն կամ 35 բնակիչ, Թէոդիկ` 3 տուն:

Բըրկ, Բըրք, Բիրխեհ, Պըրք, Պրքէ, Պըրքէ, Պէրքէ, Բիրքի [Yatağan]

37°58'48.21"N, 42° 8'58.49"E
Մոնահան գիւղը անուանած է Բիրքեհ եւ զայն նկարագրած: Ըստ անոր՝ «փոքրիկ հայկական գիւղ մըն» է, որ 1895-ին ունէր 14 տուն, բայց իր այցելութեան ժամանակ ընդամէնը 6 տուն մնացեր էր: Սղերդի Առաջնորդարան` 8 տուն (25 տուն մինչեւ 1895 թուական), Յակոբեան եւ այլք` 13 տուն 20-րդ դարու սկիզբին, Ա-Դօ` 13 տուն, Պատրիարքարան` 5 տուն կամ 46 բնակիչ:

Դարաբան, Դերրաբան, Դարաբանի, Դարաբուն, Տերրապան, Տարապ, Դիրեբան, Դերաբա, Դիրեբուն [Dokuzçavuş]

38° 4'31.77"N, 41°50'38.57"E
Սղերդի Առաջնորդարան` 10 տուն 1895 թուականին:

Դերաւել, Դէրաւէլ, Դերաւիլ, Դերհաւիլ, Դերբալ, Դըրբալ, Տէրաւէլ [այժմու անունը ծանօթ չէ մեզի, հաւանական է որ Yarımtepe գիւղի մեզրէ մըն է]

38° 4'47.24"N, 42°13'1.48"E
Յակոբեան եւ այլք՝ 30 տուն 1909-ին, Ա-Դօ՝ 30 տուն, Պատրիարքարան՝ 22 տուն կամ 198 բնակիչ։

Դերիկ, Դերըկ, Տերըկ, Դերեկ, Տէրըկ, Դիրիկ, Erouni, Irun [հաւանաբար Kayahisar]

38° 9'27.84"N, 42°13'35.86"E
Էրուն գիւղախումբին մէջ գտնուող Դերիք գիւղը պէտք չէ շփոթել Շիրվան-կեդրոնին (Şirvan Merkez) մէջ գտնուող ստորեւ բերուած համանուն գիւղին հետ: Որպէսզի օգնենք ընթերցողներուն տարբերակելու այս երկուքը, այս Դերիք գիւղին մէջ մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը կը գտնուէր աւերուած Սուրբ Վարդավառ եկեղեցին, այլապէս ճանչցուած որպէս Սուրբ Էջմիածին եկեղեցի [58]: 

Մոնահան գիւղը անուանած է Դիրեկ եւ զայն նկարագրած որպէս «փոքր թշուառ ագարակ-գիւղակ մը», բաղկացած` 4 հայ տուներէ: Սղերդի Առաջնորդարան` 8 տուն 1895-ին (40-50 տուն չճշդուած նախորդ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին), Յակոբեան եւ այլք այս գիւղը ցանկագրած են որպէս հայաբնակ վայր, Ա-Դօ` 15 տուն, Պատրիարքարան` 6 տուն կամ 53 բնակիչ, Թէոդիկ` 7 տուն:

Դերիկ, Դերըկ, Տերըկ, Դերեկ, Տէրըկ, Դիրիկ [հաւանաբար Söbetaş]

37°59'42.60"N, 42° 9'0.45"E
Այս Դերիք գիւղը, որ կը գտնուի Շիրվան-կեդրոնին (Şirvan Merkez) մէջ, պէտք չէ շփոթել համանուն բնակավայրին հետ, որ կը գտնուի վերը նշուած Էրուն գիւղախումբին մէջ: Որպէսզի օգնենք ընթերցողներուն տարբերակելու այս երկուքը, այս Դերիք գիւղին մէջ, ըստ տեղեկութիւններու, կը գտնուէր Սուրբ Եղիշէ եկեղեցին:

Դերզնի, Դերզըն, Դերզին, Դերզինի, Տարզըն, Տերզըն, Տերզին, Դէյր Զին, Զռըկան, Զիրկան [Adakale]

38° 7'50.89"N, 41°52'18.45"E
Մոնահան գիւղը անուանած է Դերսեն եւ զայն նկարագրած որպէս բնակավայր մը, որ «կարծես ժամանակին մեծ տեղ մը եղած է», բաղկացած երեք թաղամասերէ, որոնցմէ մէկը մինչեւ 1895 թուականը ունէր 13 հայ եւ 9 քիւրտ տուն: Յակոբեան եւ այլք` 20 տուն 1880-ական թուականներուն, Սղերդի Առաջնորդարան` 20 տուն 1895-ին (100-200 տուն մինչեւ ջարդերը), Թէոդիկ` 3 տուն:

Ջումա, Ջում, Ճում, Ճումըք, Չոմ, Ճոմ [Kaval]

38°10'41.72"N, 42°17'8.88"E
Տեւկանց` 49 բնակիչ, Յակոբեան եւ այլք` 16 տուն 19-րդ դարու վերջին, Սղերդի Առաջնորդարան` 12 տուն, Պատրիարքարան` 10 տուն կամ 89 բնակիչ:

Գնձիկ, Գինձիկ, Գինզիգ, Գինձու, Զինզիկ [Oya]

38° 9'28.97"N, 42°14'37.08"E
Մոնահան գիւղը անուանած է Գիւնզագ եւ զայն նկարագրած որպէս 40 խառն հայ եւ ասորի տուն ունեցող «մեծ գիւղ մը»: Ցեղասպանութիւնը վերապրած Բերխօ Ազոյեան` 55 տուն կամ 600 բնակիչ: Ըստ անոր, Ցեղասպանութենէն ինչ-որ ժամանակ առաջ բնակավայրը այցելած Մեծն Բրիտանիոյ հիւպատոսը հէնց այս գիւղին մէջ յափշտակեց եկեղեցւոյ ձեռագիր կոնդակը, որ կը կրէր Մարիամ Աստուածածինի պատկերը [59]:

Գոնդեգիզան, Գոնդէ Գիզան, Գոնդեզիան, Գոնդէդիզան, Գոնդեդիզան, Գունդեդիզան, Գյունդեդիզան, Գունդէ-դեզան [Suludere]

38° 8'0.34"N, 42° 6'7.78"E
Մոնահան գիւղը նկարագրած է որպէս ուղղափառ ասորի բնակավայր, որ մինչեւ 1895 թուականը ունէր 20, բայց իր այցելութեան պահուն՝ ընդամէնը 14 տուն: Ա-Դօ` 10 տուն, Յակոբեան եւ այլք` 20 տուն 1914-ին, Պատրիարքարան` 15 հայախօս նեստորական ասորի տուն:

Գորինան, Գէօռնան, Կուրենա, Կիւրինան, Կուրինան, Կուրինա, Կիւրենա, Կորենա, Կիւրենա, Կիւրենան, [այլ ճանչցուած անուններ՝ Գուրենա, հաւանաբար Գորիհան]

Այս գիւղը հաւանաբար այլեւս գոյութիւն չունի: Գտնուելու մօտաւոր վայրը՝ 37°59'12.90"N, 42°12'16.25"E
Տեւկանց՝ 320 բնակիչ: Մոնահան գիւղը անուանած է Գուրենա եւ զայն նկարագրած որպէս հայաբնակ վայր, որ մինչեւ 1895 թուականը ունէր 50, բայց իր այցելութեան պահուն՝ ընդամէնը 20 տուն: Սղերդի Առաջնորդարան՝ 25 տուն (աւելի շատ տուներ նախորդ չճշդուած ժամանակաշրջանի մը ընթացքին), Պատրիարքարան` 30 տուն կամ 270 բնակիչ, Թէոդիկ` 38 տուն: Գորիհանի համար, եթէ այդ Գորինանի մէկ այլ անունն է, Ա-Դօ կը տեղեկագրէ 50 տուն, իսկ Յակոբեան եւ այլք՝ 50 տուն 1909 թուականին:

Կարվէ, Գարվէ, Գիւնտ-Քեվիր, Գունդեքեվիր, Գունտեքեվեր, Քիվր [Taşlı]

37°59'25.31"N, 42° 8'24.52"E
Տեւկանց` 80 բնակիչ, Յակոբեան եւ այլք` 7 տուն 1909-ին, Ա-Դօ` 7 տուն:

Քելին, Կելի, Գելի, Գիլի, Գելին, Ղելի, Կելին, Կելու, Կեալում [Durankaya]

37°59'7.62"N, 42°10'48.18"E
Տեւկանց՝ 24 բնակիչ, Մոնահան գիւղը անուանած է Ղելի եւ զայն նկարագրած որպէս «համեմատաբար բարեկեցիկ» 6 տունէ բաղկացած հայաբնակ վայր: Սղերդի Առաջնորդարան` 12 տուն (80 տուն` 1895-էն առաջ ժամանակի մը մէջ), Յակոբեան եւ այլք՝ 10 տուն 1909-ին, Ա-Դօ` 10 տուն, Պատրիարքարան` 8 տուն կամ 72 բնակիչ, Թէոդիկ` 9 տուն:

Քեվիջան, Քեվիժան, Քեվիճան, Կավիժան, Գավաջան [Yolbaşı]

37°59'15.31"N, 42°14'52.74"E
Յակոբեան եւ այլք այս գիւղը յիշատակած են որպէս նախապէս հայաբնակ վայր, որ քանդուած է, եւ 1890-ական թուականներուն, ըստ երեւոյթին ապտուլհամիտեան ջարդերուն հետեւանքով, արդէն բնակեցուած էր քիւրտերով:

Խանդակ, Խանտակ, Խանդուկ, Խունդուխ, Խենդուք, Խէնդէք, Խէնտէք [İncecik]

38° 0'54.78"N, 42°19'3.90"E
Տեւկանց` 80 բնակիչ: Մոնահան գիւղը անուանած է Հինդիկ եւ զայն նկարագրած որպէս հայկական ագարակ-գիւղակ 4 տունով: Սղերդի Առաջնորդարան` 3 տուն (15 տուն 1895-էն որոշակի ժամանակ առաջ), Յակոբեան եւ այլք` 20 տուն 1909-ին, Ա-Դօ` 20 տուն, Պատրիարքարան` 10 տուն կամ 91 բնակիչ, Թէոդիկ` 13 տուն:

Քիգան, Քիքան, Գիգան, Կիգան, Կիրկան, Կրկանց, Գիզան [İkizler, այլ անուն՝ Kiğan] 

38° 6'32.86"N, 41°50'7.61"E
Մոնահան բնակավայրը նկարագրած է որպէս հայկական գիւղ, որ մինչեւ 1895 թուականը ունէր 30, իսկ իր այցելութեան ժամանակ` ընդամէնը 20 տուն: Սղերդի Առաջնորդարան` 30 տուն (80 տուն`1895-էն որոշակի ժամանակ առաջ), Յակոբեան եւ այլք՝` 40 տուն 20-րդ դարու սկիզբին, Պատրիարքարան` 41 տուն կամ 369 բնակիչ, Թէոդիկ` 41 տուն, Ցեղասպանութենէն փրկուած Յակոբ Գրիգորեան՝ 60 տուն կամ 520 բնակիչ:

Քէօսախ, Քեօսախ, Քոսիհ [İncesırt]

37°59'28.26"N, 42°15'56.77"E
Մոնահան գիւղը անուանած է Քոսախ եւ զայն նկարագրած որպէս ուղղափառ ասորիներու բնակավայր` 32 տուն: Յակոբեան եւ այլք` 5 տուն 1909-ին, Ա-Դօ` 5 տուն:

Քիւֆրա, Քուֆրա, Քոֆրա, Քֆրա, Քըֆրա, Քիւֆրէ, Քուֆրէ, Քֆթա, Շիրվան, Շերվան, Շիրվանգալեսի, Շիրվանկալէ, Շիրվան կալէ [Şirvan]

38° 3'40.57"N, 42° 1'50.67"E
Սղերդի Առաջնորդարան՝ 5 տուն, Ա-Դօ՝ 20 տուն, Պատրիարքարան՝ 1 տուն, Թէոդիկ՝ 1 տուն:

Մադան, Մադէն, Մատան, Մատին, Մադէնքէօյու, Մատէնքէօյու [Madenköy]

38° 5'45.15"N, 42° 9'17.82"E
Տեւկանց՝ 140 բնակիչ: Մոնահան այս գիւղը անուանած է ուղղափառ ասորի բնակավայր: Յակոբեան եւ այլք` 30 տուն 1909-ին, Ա-Դօ` 30 տուն:

Մատար, Մադար [Sarıtepe]

38° 1'58.13"N, 41°48'10.73"E
Սղերդի Առաջնորդարան` 10 տուն 1895 թուականին:

Մազորան, Մոզորան [Özdoğan]

Այս գիւղը հաւանաբար այլեւս գոյութիւն չունի: Յայտնի էր փակագիծերուն մէջ դրուած անունով մինչեւ 1990-ականները, երբ ան ըստ երեւոյթին քանդուեցաւ: Գտնուելու մօտաւոր վայրը՝ 
37°58'40.27"N, 42°12'56.37"E
Տեւկանց՝ 162 բնակիչ։

Մըրջ, Մերջ, Մերչէ [Suluyazı]

38° 7'57.03"N, 42° 7'13.44"E
Յակոբեան եւ այլք՝ 10 տուն 19-րդ դարու կէսերուն: Մոնահան գիւղը նկարագրած է որպէս ուղղափառ ասորի բնակավայր, որ մինչեւ 1895 թուականը ունէր 9, բայց իր այցելութեան ժամանակ՝ ընդամէնը 2 տուն:

Մինար, Մընար, Մնար, Մանարէ, Մինարեկ [Dilektepe]

38° 4'50.94"N, 41°49'51.13"E
Մոնահան գիւղը նկարագրած է որպէս կիսով չափ քրտական, կիսով չափ ուղղափառ ասորական: Յակոբեան եւ այլք այս գիւղը անուանած են հայկական բնակավայր մինչեւ 19-րդ դարու վերջը եւ 20-րդ դարու սկիզբը: Սղերդի Առաջնորդարան` 3 տուն:

Մզրէ, Մզրէ, Մըզրօ, Մզրա, Մեզրէ [Aktay]

Այս գիւղին տեղը կարելի չէ որոշել:
Տեւկանց՝ 56 բնակիչ: Սղերդի Առաջնորդարանը Մեզրէն նշած է որպէս նախապէս հայաբնակ վայր, որ 1902 թուականի դրութեամբ աւերուած եւ ամայացած էր:

Նըբայն, Նբայն, Նաբային, Նուբայն, Նըբին, Նապայըն, Նըպին, Նապէն, Նիբին [Turgutlu]

38° 9'40.71"N, 42° 9'45.18"E
Տեւկանց՝ 160 բնակիչ: Մոնահան բնակավայրը նկարագրած է որպէս հայկական գիւղ, որ 1895 թուականէն առաջ ունէր 40, իսկ իր այցելութեան ժամանակ` ընդամէնը 7 տուն: Սղերդի Առաջնորդարան` 12 տուն (աւելի շատ տուներ 1895-էն առաջ), Յակոբեան եւ այլք` 50 տուն 1909-ին, Ա-Դօ` 50 տուն, Պատրիարքարան` 135 բնակիչ, Ցեղասպանութենէն վերապրող Խաչիկ Վարդանեան` 40 տուն կամ 300 բնակիչ:

Պուխ, Պուղ, Պուլ, Պոլէ, Փուլ, Փոլլէ, Բօլէ [Köprü]

38°10'22.44"N, 42°17'23.66"E
Յակոբեան եւ այլք այս գիւղը ցանկագրած են որպէս նախապէս հայաբնակ վայր, որ աւերուած է եւ 19-րդ դարու կէսերուն արդէն քիւրտերով բնակեցուած: Սղերդի Առաջնորդարանը Պուլը ցանկագրած է որպէս նախապէս հայաբնակ վայր, որ 1902 թուականի դրութեամբ աւերուած եւ ամայացած էր: Պատրիարքարան` 5 տուն կամ 45 բնակիչ:

Սեմատար [այժմու անունը ծանօթ չէ մեզի]

Այս գիւղին տեղը կարելի չէ որոշել:
Սղերդի Առաջնորդարան` 5 տուն 1895 թուականին:

Սերմետ, Սերմերդ, Սերմեթ, Սերմերտ, Սիրմեթ, Սերմուդ, Սերմիտ, Սելմիտ [հաւանաբար Yamaç]

38° 8'2.81"N, 42°18'48.02"E
Սղերդի Առաջնորդարան` 8 տուն 1895-ին: Յակոբեան եւ այլք այս գիւղը ցանկագրած են որպէս հայաբնակ վայր մինչեւ 19-րդ դարու վերջը եւ 20-րդ դարու սկիզբը:

Սերուս, Սահրուս, Սարուս, Սերուզ [Kesmetaş]

38° 9'39.57"N, 42°12'29.59"E
Տեւկանց՝ 120 բնակիչ: Յակոբեան եւ այլք այս գիւղը ցանկագրած են որպէս հայաբնակ վայր մինչեւ 19-րդ դարու վերջը եւ 20-րդ դարու սկիզբը:

Շմելեա, Շմիլան, Շըմէլան, Շեմայպան, Շումեյլան, Շիմիլան [Sıvacık]

Հաւանաբար 38° 6'25.61"N, 41°55'25.30"E
Սղերդի Առաջնորդարան` 15 տուն 1895 թուականին:

Սիսեռք, Սիզեռք, Սիսեռիկ, Սէզէրս, Սըզէ, Սեդարս, Սեդերս, Սէտէրս, Սեջեր, Սեչէր [Çayır]

38°11'1.38"N, 42°17'2.15"E
Սղերդի Առաջնորդարան` 20 տուն (աւելի շատ տուն` չճշդուած նախորդ ժամանակաշրջանի մը մէջ), Յակոբեան եւ այլք` 40 տուն 19-րդ դարու կէսերուն, Ա-Դօ` 20 տուն, Պատրիարքարան` 20 տուն կամ 181 բնակիչ:

Սմխոր, Սըմխոր, Սիմխոր, Սիմհոր [Sarıdana]

37°58'21.67"N, 42°16'54.26"E
Մոնահան գիւղը նկարագրած է որպէս ուղղափառ ասորի բնակավայր եւ քազային մէջ ամենամեծ քրիստոնէական գիւղը՝ 50 տուն: Սղերդի Առաջնորդարան` 5 տուն, Յակոբեան եւ այլք` 60 խառն հայ եւ նեստորական ասորի տուներ 1909-ին, Ա-Դօ` 60 տուն, Պատրիարքարան՝ 5 տուն կամ 44 բնակիչ:

Սորիան, Սերիան, Շերիան, Շիրիան [Koyacık]

38° 2'56.66"N, 41°47'54.04"E
Սղերդի Առաջնորդարան՝ 8 տուն, Թէոդիկ՝ 5 տուն:

Զվզիկ, Զեվզիկ, Զղզիկ, Զիվզեկ, Զիվզիկ, Զիզիկ [Dişlinar]

37°58'18.81"N, 42°19'4.14"E
Տեւկանց` 11 բնակիչ:

Օսմանեան ուշ շրջանի Սղերդի սանճաքի Շիրվանի քազայի հայաբնակ գիւղերուն անունները: Անոնց այժմու թրքացուած անունները նշուած են քառակուսի փակագիծերու մէջ։

  1. Աւաւ [Gürgencik]
  2. Աւին [Kayalı]
  3. Բայթարուն [İkizler] 
  4. Բըրկ [Yatağan] 
  5. Դարաբան [Dokuzçavuş]
  6. Դերաւել [Yarımtepe]
  7. Դերիկ [հաւանաբար Kayahisar]
  8. Դերիկ [հաւանաբար Söbetaş]
  9. Դերզնի [Adakale]
  10. Ջումա [Kaval]
  11. 1Գնձիկ [Oya]
  12. Գոնդեգիզան [Suludere]
  13. Գորինան [այլ ճանչցուած անուններ՝ Գուրենա, Գորիհան]
  14. Կարվէ [Taşlı] 
  15. Քելին [Durankaya]
  16. Քեվիճան [Yolbaşı]
  17. Խանդակ [İncecik]
  18. Քիգան [İkizler]
  19. Քէօսախ [İncesırt]
  20. Քիւֆրա [Şirvan]
  21. Մադան [Madenköy] 
  22. Մատար [Sarıtepe]
  23. Մազորան [Özdoğan]
  24. Մըրջ [Suluyazı]
  25. Մինար [Dilektepe]
  26. Մզրէ [Aktay]
  27. Նըբայն [Turgutlu]
  28. Պուխ [Köprü]
  29. Սեմատար [այժմու անունը ծանօթ չէ մեզի]
  30. Սերմետ [հաւանաբար Yamaç]
  31. Սերուս [Kesmetaş]
  32. Շմելեա [Sıvacık]
  33. Սիսեռք [Çayır]
  34. Սմխոր [Sarıdana] 
  35. Սորիան [Koyacık]
  36. Զվզիկ [Dişlinar]
  • [1] Յակոբեան Թադէոս, Մելիք-Բախշեան Ստեփան եւ Բարսեղեան Յովհաննէս. Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան, 4-րդ հատոր, Երեւան, Երեւանի Պետական Համալսարանի հրատարակչություն, 1986-2001, էջ 135:
  • [2] Խանզադեան Մարիամ. Գնձիկ եւ Էրերին գիւղերի (Պիթլիսի եւ Վանի վիլայէթներ) կորսուած սեպագիր արձանագրութիւնների մասին: (խմբ. Ղահրիեան Մուշեղ եւ այլք). Միջին Արեւելք (Մասեր XI-XII): Պատմութիւն, քաղաքականութիւն, մշակոյթ: Երեւան, «Գիտութիւն», 2017:
  • [3] Թաթոյեան Ռոբերտ. «Արեւմտեան Հայաստանի Պիթլիս նահանգի Սղերդի գաւառի հայ բնակչութեան թուաքանակը Հայոց ցեղասպանութեան նախօրեակին», Ցեղասպանագիտական հանդէս, Երեւան, համար 8 (1), 2020, էջ 91:
  • [4] Լապճինճեան Թէոդորոս (Թէոդիկ). Գողգոթա Թրքահայ hոգեւորականութեան եւ իր hօտին աղէտալի 1915 տարին, Թեհրան. S.N., 2014, էջ 132:
  • [5] Մոնահան Ճէյմս Հենրի. Տեղեկագիր ճամբորդութեան մը Շերուանի, Սայիրտի եւ Արոհի քազաներուն մէջ, մայիս եւ յունիս 1898: Լոնտոն, Միացեալ Թագաւորութեան Ազգային արխիւ, բաց հասանելիութիւնը՝ www.jelleverheij.net/sources/1891---1900/journey-in-sherwan/, էջ 157-158:
  • [6] Տէր Սարգսենց Արիստակէս (Տեւկանց). Այցելութիւն ի Հայաստան, 1878: Երեւան, ՀԽՍՀ Գիտութիւնների Ակադեմիա, 1985, էջ 115:
  • [7] Մոնսել Ֆրենսիս Ռիչըրտ. «Կեդրոնական Քիւրտիստան», The Geographical Journal, 18-րդ հատոր, թիւ 2 (1901), էջ 141:
  • [8] Մոնահան, Տեղեկագիր ճամբորդութեան մը Շերուանի քազայի…, էջ 158v, 159:
  • [9] Վերհեյ Յելէ. «Ֆերմանի տարին. 1895-ի ջարդերը Հիզանի եւ Շիրվանի մէջ (Պիթլիսի վիլայէթ)», Études arméniennes contemporaines, 10 (2018), էջ 133-134:
  • [10] Մոնահան, Տեղեկագիր ճամբորդութեան մը Շերուանի քազայի…, էջ 159-159v:
  • [11] Մոնահան, Տեղեկագիր ճամբորդութեան մը Շերուանի քազայի…, էջ 200v:
  • [12] Նոր Կեանք, թիւ 6, 13 Մայիս 1898:
  • [13] Kévorkian, Raymond et Paboudjian, Paul. Les Arméniens dans l’Empire Ottoman à la veille du génocide [Ռեմոն Գէորգեան եւ Փոլ Փապուճեան, Հայերը Օսմանեան Կայսրութեան մէջ ցեղասպանութեան նախօրեակին]: Փարիզ, ARHIS, 1992, էջ 506:
  • [14] Նոյնը։
  • [15] Տէր Մարտիրոսեան Յովհաննէս (Ա-Դօ), Վանի, Պիթլիսի եւ Էրզրումի վիլայէթները, Երեւան, տպարան «Կուլտուրա», 1912, էջ 153:
  • [16] Շիէլ Ճասթին. «Նոթեր ճամբորդութեան մը մասին Թաւրիզէն, Քիւրտիստանի երկայնքին, Վանի, Պիթլիսի, Սեերտի եւ Էրպիլի վրայով դէպի Սուլէյմանիէ, 1836-ի յուլիսին եւ օգոստոսին»,Journal of the Royal Geographical Society of London-ի մէջ, հատոր 8 (1838), էջ 78:
  • [17] Մոնահան, Տեղեկագիր ճամբորդութեան մը Շերուանի քազայի…, էջ 169:
  • [18] Յակոբեան եւ այլք, Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան, 3-րդ հատոր, Երեւան, էջ 178:
  • [19] Lehmann-Haupt, Carl Friedrich. Armenien Einst und Jetzt, Հատոր 1: Vom Kaukasus zum Tigris und nach Tigranokerta, Բեռլին, B. Behr’s Verlag, 1910, էջ v, 330.
  • [20] Յակոբեան եւ այլք, Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան, 2-րդհատոր, Երեւան, էջ 89, 320:
  • [21] Վիճակագրութիւն Սղերդի եւ իր թեմերուն, Սղերդի Առաջնորդարան, ԿոստանդնուպոլսոյՀայոց պատրիարքարան, 1902 (Շիրվանի գաւառակի գլուխ):
  • [22] Մոնահան, Տեղեկագիր ճամբորդութեան մը Շերուանի քազայի…, էջ 159v.
  • [23] Բադալեան Գեղամ, «Արեւմտեան Հայաստանի պատմաժողովրդագրական նկարագիրը Մեծ Եղեռնի նախօրէին (մաս 7-րդ)» [A Historico-demographic Description of Western Armenia on the Eve of the Armenian Genocide, Part VII: The South-eastern Counties of the Province of Bitlis], Վէմ հանդէս, Երեւան, թիւ4 (56), 2016, էջ 24:
  • [24] Նոյնը:
  • [25] Վերհեյ, Ֆերմանի տարին. …, էջ 129:
  • [26] Լինչ Հ. Ֆ. Պ., Հայաստան. Ճամբորդութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ, 2-րդ հատոր. Թրքական նահանգները (London, New York: Longmans, Green, & Co., 1901), էջ 153:
  • [27] Յակոբեան եւ այլք, Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան, 4-րդ հատոր, էջ 135:
  • [28] Քուինէ Վիթալ. Ասիական Թուրքիա. Փոքր Ասիոյ իւրաքանչիւր նահանգի վարչական, վիճակագրական, նկարագրական և հիմնաւորուած աշխարհագրութիւն, 2-րդ հատոր, Փարիզ, Ernest Leroux, 1891, էջ 608-609:
  • [29] Mayevski, Vladimir. Voenno-statisticheskoe opisanie Vanskogo i Bitlisskogo vilayetov [Վլատիմիր Մայեւսքի. Վանի եւ Պիթլիսի նահանգներուն զինուորական- վիճակագրական նկարագրութիւնը], Թիֆլիս, Caucasus Military District Headquarters Press, 1904, էջ 155-156 (յաւելուածներու բաժին):
  • [30] Tekin, Rahmi ve Yaşar, Baş (ed.s). Osmanlı Atlası. XX. Yüzyıl Başları. İstanbul: Osmanlı Araştırmaları Vakfı araştırmaları, 2003, էջ 81. [Modern edition of Mehmed Nasrullah, Mehmed Rüşdü, and Mehmed Eşref, Memâlik-i Mahrûse-i Şâhâneye Mahsûs Mükemmel ve Mufassâl Atlas, 1907]:
  • [31] Հայաստանեայց Եկեղեցին Տաճկաստանում, «Արարատ» ամսագիր, Վաղարշապատ, թիւ 2 (29), Փետրուար 1896:
  • [32] Մոնահան, Տեղեկագիր ճամբորդութեան մը Շերուանի քազայի…, էջ 157-158:
  • [33] Մասիս շաբաթաթերթ, Կոստանդնուպոլիս, 5 (17) Փետրուար 1881:
  • [34] Մայեւսքի. Վանի եւ Պիթլիսի նահանգներուն զինուորական- վիճակագրական նկարագրութիւնը], էջ 26 (ռազմավարական ուսումնասիրութեան բաժին):
  • [35] Մոնահան, Տեղեկագիր ճամբորդութեան մը Շերուանի քազայի…, էջ 198:
  • [36] Վերհեյ, Ֆերմանի տարին. …, էջ 151-152:
  • [37] Tekdal, Danyal. II Abdülhamid Döneminde Bitlis Vilayeti (İdari ve Sosyal Yapı) [Տանիալ Թեքտալ, Պիթլիսի նահանգը Ապտուլ Համիտ Բ.ի շրջանին (Վարչական եւ ընկերային կառոյց)] (տոքթորական թէզ, Փամուգգալէի համալսարան, 2018), էջ 38:
  • [38] Բիւրակն շաբաթաթերթ, Կոստանդնուպոլիս, թիւ 19-20, 16 Մայիս 1900:
  • [39] Ազատամարտ օրաթերթ, Կոստանդնուպոլիս, թիւ 231, 12 Մարտ 1910:
  • [40] Գէորգեան Ռեմոն եւ Փապուճեան Փոլ, Հայերը Օսմանեան Կայսրութեան մէջ ցեղասպանութեան նախօրեակին, էջ 506:
  • [41] Նոյնը, էջ 60:
  • [42] Karpat, Kemal. Ottoman Population, 1830-1914: Demographic and Social Characteristics. [Քեմալ Քարփաթ, Օսմանեան բնակչութիւնը, 1830-1914. Ժողովրդագրական եւ ընկերային յատկանիշներ] Madison: The University of Wisconsin Press, 1985, էջ 174:
  • [43] Tetik, Ahmet (ed.). Arşiv Belgeleriyle Ermeni Faaliyetleri, 1914-1918, Cilt I (1914-1915) [Հայկական գործողութիւնները արխիւային փաստաթուղթերու մէջ, 1914-1918], 1-ին հատոր, 1914-1915. Ankara: Genelkurmay Basım Evi, 2005, էջեր 151, 449՞
  • [44] Նոյն, էջ 134։
  • [45] Գէորգեան Ռէմոն, Հայոց ցեղասպանութիւն. Ամբողջական պատմութիւն մը, Լոնտոն, Նիւ Եորք: I. B. Tauris, 2011, էջ 340:
  • [46] Բադալեան, Արեւմտեան Հայաստանի պատմաժողովրդագրական նկարագիրը…, էջ 24-25:
  • [47] Վիրաբեան Ամատունի (խմբ.). Հայոց ցեղասպանութիւնը Օսմանեան Թուրքիայում. Վերապրածների վկայութիւններ, 2-րդ հատոր. Պիթլիսի նահանգ, Երեւան, «Զանգակ-97», 2012:
  • [48] Տեւկանց, Այցելութիւն ի Հայաստան…, էջ 115, 126:
  • [49] Արձագանգ օրաթերթ, թիւ 9, 18 Ապրիլ 1882:
  • [50] Salname-i Vilayet-i Bitlis 1310 [Պիթլիսի վիլայէթի տարեգիրք, 1892]. Provincial Document Printing Office, 1308 (1890). Ընդհանուր թիւը՝ 15.729 հոգի, ամենայն հաւանականութեամբ, սխալ հաշուարկ է, ընդհանուր գումարը իրականութեան մէջ կը կազմէ 15.727 հոգի:
  • [51] Տատրեան Վահագն, «Ռուս զօրավար Մայեւսքիի՝ թուրք-հայկական հակամարտութեան մասին զեկոյցի թրքական աղբիւրներու խեղաթիւրումը»], Journal of the Society for Armenian Studies, թիւ 5 (1991), էջ 140, 150:
  • [52] Մայեւսքի, Վանի եւ Պիթլիսի նահանգներուն զինուորական- վիճակագրական նկարագրութիւնը, էջ 222 (վիճակագրական ուսումնասիրութեան բաժին):
  • [53] Սղերդի Առաջնորդարան, Վիճակագրութիւն Սղերդի եւ իր թեմերուն, 1902 (Շիրվան գաւառակի գլուխ):
  • [54] Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ անկախ Աթոռ, որ գոյութիւն ունեցած է 12-րդէն մինչեւ 19-րդ դարու վերջը՝ կեդրոն ունենալով Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ տաճարը:
  • [55] Ա-Դo, Վանի, Պիթլիսի եւ Էրզրումի վիլայէթները, էջ 154, ծնթ. 1:
  • [56] Թէոդիկ. Գողգոթա թրքահայ հոգեւորականութեան եւ իր հօտին աղէտալի 1915 տարին, էջ 132, 764:
  • [57] Non-Armenian readers should be aware that, in this study, the letter Ց ց appearing in Armenian village names and transliterated into C c, should be pronounced as a Z sound, as in the German word Zeitung, and not as an S sound or a K sound, as in the English words.
  • [58] Սղերդի Առաջնորդարան, Վիճակագրութիւն Սղերդի եւ իր թեմերուն, 1902 (Շիրվան գաւառակի գլուխ):
  • [59] Վիրաբեան (խմբ.). Հայոց ցեղասպանութիւնը Օսմանեան Թուրքիայում. Վերապրածների վկայութիւններ, 2-րդ հատոր, փաստաթուղթ թիւ 76, էջ 117-118: