Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներ, որոնք կ'ասեղնագործեն Հալէպի Այրիանոց-որբանոցի աշխատանոցներէն մէկուն մէջ, 1925-ի շուրջ: Քարէն Եփփէն նստած է ծայրագոյն ձախ կողմը: (Աղբիւր՝ Կրէկուար Թաֆանքէճեանի հաւաքածոյ, Վալանս)։ Սեւ-ճերմակ այս պատկերը գունաւորուած է DeOldifyի միջոցաւ եւ վերաշխատցուած է Յուշամատեանի կողմէ։ Բնատիպ պատկերը կրնաք տեսնել աւելի վար։

Քարէն Եփփէ (1876-1935). «Հայոց մայրիկը»

Հեղինակներ՝ Մաթիաս Պիորնլունտ եւ Էլիզ Սէմէրճեան 10/08/20 (վերջին փոփոխութիւն՝  10/08/20), թարգմանութիւն՝ Վարուժ Թէնպէլեան

Քարէն Եփփէի սկզբնական կեանքը

Ջերմեռանդ բայց ազատական գաղափարներով օժտուած լուտերական քրիստոնեայ մը՝ Դանիոյ գեղջկային շրջաններէն, Եփփէ իր հասուն կեանքին մեծ մասը՝ շուրջ 30 տարի, կ'անցընէ Միջին Արևելքի մէջ, իբրեւ ուսուցիչ, փրկարար և ընկերային ծառայող, որուն աշխատանքը կեդրոնացած էր հայերու վրայ: Անոր աշխարհահայեացքը, ըստ Քիթհ Ուաթընփաուի՝ կ'երթար աւելի հեռուն քան միսիոնարական աշխատանքը, եւ իսկապէս անիկա կը գրաւէր առաջատար դիրք մը արդի մարդասիրական շարժումին մէջ, որ ի յայտ եկած էր Համաշխարհային առաջին պատերազմին առաջ եւ անոր ընթացքին:  Փաստօրէն, մինչ Եփփէ կ'աշխատէր աւետարանական միսիոնարներու համար եւ անոնց հետ, ան բացայայտօրէն ինքզինք հեռու կը պահէր «քարոզիչ» (միսիոնար) կոչումէն և հաւատափոխ ընելու փորձերէն: [1] Սկիզբէն մինչև վերջ ան կը հաւատար, որ հայ ժողովուրդը չի կրնար վերապրիլ հալածանքներէն, ցեղասպանութենէն և աքսորէն, եթէ ան իր արմատները չպահէ իր սեփական պատմութեան, աւանդութիւններուն, լեզուին եւ Հայ Առաքելական քրիստոնէական կրօնին մէջ: Հալէպի մէջ, իսլամացած հայ փախստականները փրկելու և զանոնք վերամկրտելու իր ջանքերուն մասին՝ Եփփէ գրած է, որ հայ ժողովուրդը «պէտք է վերակենդանանայ, ինչպէս նոր փիւնիկը կը վերածնի հին փիւնիկի մոխիրին ընդմէջէն, եւ այդ՝ կենսաւորուած հայկական հանճարով»: [2] Առասպելական փիւնիկին օրինակով, ան չէր կրցած գտնել աւելի յարմար փոխաբերութիւն մը այն ջարդուած ժողովուրդի վերածնունդին համար, որ կարելի դարձաւ, մասնակիօրէն իր սեփական ճիգերով, յետպատերազմեան Սուրիոյ մէջ հայերու համար նոր համայնքներ ստեղծելու ճամբով:

Դանիոյ Եուդլանդ շրջանի  Կուլլինկ աւանին մէջ բնակող ուսուցիչի մը դուստրը՝ Եփփէ կը քալէ իր հօրը ճամբով ու կը դառնայ ուսուցիչ՝ հակառակ զինք բժիշկ տեսնելու հօրը կամքին: Հայրը յառաջադէմ տեղական քրիստոնեայ մտաւորական մըն էր, որ թէ՛ Տարուին եւ թէ Աւետարանները կը կարդար իր դուստրին: Ան նաև կը սորվեցնէր լատիներէն, գերմաներէն, ֆրանսերէն, հին նորվեկերէն և անգլերէն, անոր հետ բնութիւնը կ'ուսումնասիրէր իրենց երկար պտոյտներուն ընթացքին եւ կը թելադրէր, որ Եփփէ երիտասարդ տարիքին գիրքեր կարդայ գիտութեան, անդամազննութեան եւ պատմութեան մասին: Քոփէնհակէնի համալսարանին մէջ ուսողութեան հետեւելէ ետք՝ առանց աւարտելու (յայտնապէս անիկա շատ ճնշիչ դարձած էր), Եփփէ կը դառնայ լիաժամ ուսուցիչ ժամանակակից, յառաջադէմ դպրոցի մը մէջ: Մտաւորական և հոգեկան առումով անիկա կայուն պաշտօն մըն էր, բայց 1902-ի սկիզբը ան ներկայ կը գտնուի հրապարակային ձեռնարկի մը, որ կը փոխէ իր կեանքը: Անիկա դանիացի-հրեայ-իսլանտացի ազգագրագէտ, մարդասէր եւ լեզուաբան Աաճ Մեյէր Պենետիքթսէնի (1866-1927) տուած հզօր դասախօսութիւն էր, ուր ան մանրամասն կը նկարագրէր օսմանեան հայերու իրավիճակը Համիտեան կոտորածներու ընթացքին և անկէ յետոյ (1894-1896), որուն աւերիչ հետևանքներուն ան ականատես էր եղած վերջերս Օսմանեան կայսրութիւն, Իրան և Ռուսական Կովկաս իր կատարած այցելութեան ընթացքին:

1) Քարէն Եփփէն Այրիանոց-որբանոցի որբերէն մէկուն հետ (Աղբիւր՝ Արեւելեան Գրադարան - Սէն ԺոզէֆՀամալսարան, Պէյրութ)։
2) «Պապօ եւ կինը» խորագրով լուսանկար մը, որ հրապարակուած է Հայաստանի Դանիացի Բարեկամներու «Արմէնիրվենէն» հանդէսին մէջ: Պատկերին մէջ՝ Պապոն իր մէկ թեւին տակ ամուր բռնած է եղբօր լուսանկարը, որ կը բնակի Ամերիկայի մէջ, իսկ միւս թեւին տակ առած է իր կինը (անունը նշուած չէ)՝ խմբային հարսանիքէ մը յետոյ, որ տեղի ունեցած է Եփփէի հայկական գաղութներէն մէկուն մէջ՝ Չարպ Պետրոս, ղեկավարութեամբը՝ Հալէպի հայոց Առաջնորդին (Աղբիւր՝ Քարէն Եփփէի Արխիւ, Կիւհլինկ, Դանիա: Շնորհակալութիւններ Միսաք Քէլէշեանի)։

Եփփէ եւ Պենետիքթսէն բարեկամներ կը դառնան, մասնաւորաբար այն պատճառով, որ անոնք երկուքն ալ կ'ուզէին աւելին ընել հայերուն համար, քան դրամահաւաքը եւ ինքնագիտակցութեան վերականգնումը: Անոնք կ'ուզէին հայերուն օգնել իրենց հայրենիքին մէջ եւ այս իմաստով Եփփէի հետ կը քննարկեն գետնի վրայ աշխատելու համար իրենց միանալու կարելիութիւնը: Նման բաներու մասին խօսիլը մէկ բան է, զանոնք իսկապէս գործադրելը՝ այլ: Այդ օրը, 1902-ին, Պենետիքթսէնի դասախօսութեան ընթացքին Եփփէ կը ստանայ իր կոչումը՝ իր կեանքը նուիրելու հալածեալ հայերուն, ինչպէս ինք խոստովանած էր քահանային, բայց մինչև 1903-ի առաջին կէսը, ան ինքզինք պատրաստ չէր նկատեր աշխատելու Օսմանեան կայսրութեան մէջ:  Պենետիքթսէն եւ իր մօտիկ ու ազդեցիկ բարեկամն ու գործակիցը` գերմանացի աստուածաբան և հայասէր Եոհաննէս Լեփսիուսը (1858-1926) համակարծիք չէին անոր. անոնք երկուքն ալ վստահ էին, որ ան արդէն կը տիրապետէր եզակի և շատ օգտակար ձիրքերու: Այսպիսով, 1903-ի Նոյեմբերին, Պենետիքթսէնի հանդիպելէն ընդամէնը մէկուկէս տարի ետք, Եփփէ կը համաձայնի զուիցերիացի միսիոնար Եաքոպ Քիւնցլերի հետ մեկնիլ Հալէպէն շուրջ 170 մղոն հեռաւորութեան վրայ գտնուող Անատոլիական Ուրֆա քաղաքը (Շանլըուրֆա, Եդեսիա): Հոս, Լեփսիուս եւ իր կազմակերպութիւնը՝ Գերմանական Արևելքի Առաքելութիւնը (Deutsche Orient-Mission), նախկին կարաւանատան (քարաւանսէրայ) մը մէջ ստեղծած էին որբանոց մը` քանի մը հարիւր հայերու համար եւ շտապ կարիքը ունէին ուսուցիչի մը: [3] Հայերու օգնութեան նորաստեղծ կազմակերպութիւնը՝ Danske Armeniervenner-ը (Հայերու Դանիացի Բարեկամներ), որ հիմնուած էր Պենետիքթսէնի և իրեն պէս մտածող խումբ մը դանիացիներու կողմէ, կը վճարէ Եփփէի ուղեւորութեան ծախսը դէպի Օսմանեան կայսրութիւն: Եփփէի հայրը կը վճարէ անոր իրերուն ծախսը - թէեւ ինք դէմ էր այս ճամբորդութեան-, մինչ գերմանացիները կը վճարեն անոր աշխատավարձը: [4]

Փրկարար Աշխատանք Ուֆայի մէջ

Հասնելուն պէս, Եփփէն եւ Քիւնցլերը կը դիմաւորուին ամերիկացի հռչակաւոր միսիոնար Քորիննա Շաթուքին կողմէ, որուն փրկարարական աշխատանքներու վերաբերող ժամանակակից մօտեցումները, միախառնուած Եփփէի դանիական արդիական ուսուցման մեթոդներուն, կը դառնան դանիացի երիտասարդուհիին ոգեշնչման սկզբնական կարեւորագոյն աղբիւրներէն մէկը: Եփփէ նախ կը մխրճուի Ուրֆայի մշակոյթին մէջ` սորվելով տեղական լեզուները` թրքերէն, հայերէն եւ արաբերէն: Ան կ'օգնէ նաեւ գերմանական որբանոցի տնօրէն Ֆրանց Էքարթին: Տասնութ ամիս հոն աշխատելէ ետք, ան պատրաստ էր ստանձնելու որբանոցը, ուր կ'ապրէին նաեւ Դանիացի Հայերու Բարեկամներ կազմակերպութեան կողմէ հովանաւորուած տասը տղաներ, որոնց խնամքին համար ամէն տարի 125 քրոն կը ղրկուէր: [5] Ուրֆայի մէջ էր, որ ան փորձառութիւն կը շահէր երկակի կրթութեան ծրագրի կիրարկման մէջ, ուսումնական ժամանակակից ծրագիր մը՝ որ կ'ընդգրկէր նաեւ արհեստներ սորվելու գործնական վարժութիւններ: Կրթութեան այս երկակի մօտեցումը նաեւ հետագային օրինակ պիտի ծարայէր պատերազմէն ետք Հալէպի մէջ համայնքներ ստղծելու իր նախաձեռնութեան:

Շուրջ 350 հայ մանուկներ պատսպարող որբանոցը, Օհաննէս էֆենտիի եւ իր կնոջ՝ Թումա Հանումի ղեկավարած աշխատակազմը, ինչպէս նաև՝ խոհանոցը, փուռը, լուացքը, ախոռները, արհեստանոցները, դասարանները եւ գիշերօթիկները ղեկավարելը բաւական ծանր գործ էր: Բայց Քարէն Եփփէն եկած էր աշխատելու օսմանեան հայ բնակչութեան մէջ, որուն աշխարհը փուլ եկած էր: Քանի մը տարի առաջ տեղի ունեցած կոտորածները և անընդհատ հալածանքները տեսանելի էին ամենուրէք, նոյնիսկ Ուրֆայի շրջակայքին մէջ: Օրինակ, Եփփէ կը նկարագրէ, թէ ինչպէս Քորիննա Շաթուքը իրեն ցոյց տուած է քաղաքի դարպասին մօտերը գտնուող հողակոյտ մը, ուր 1890-ականներու խժդժութիւններուն զոհ գացած հայեր թաղուած էին զանգուածային գերեզմանի մը մէջ: Իրօք, հայերու հանդէպ ընդհանուր օսմանեան վերաբերումը կը համապատասխանէր «բնաջնջման դանդաղ պատերազմի»՝ օգտագործելով Աաճ ՄեյէրՊենետիքթսէնի գործածած եզրը: Բայց Եփփէ նաև կը նկարագրէ, թէ ինչպէս տեղացի հայերը երբեք չյանձնուեցան, եւ ինչպէս ինք գտաւ հայ ժողովուրդին հետ իր ցմահ սէրը, եւ ունեցաւ փոխադարձաբար ներգործօն յարաբերութիւն մը.

«Հիացումով լեցուեցայ երբ նկատեցի, որ այն տուները, որոնք 6-7 տարի առաջ ամբողջովին պարպուած էին ամէն բանէ որ մարդիկ կրնան պէտք ունենալ, այժմ կուտակուած են առտնին առարկաներով եւ որոշ հանգստաւէտութեամբ (դանիական հիւկը - hygge): Աւելին, ես տեսայ հայերու շարունակական ճնշումը և շահագործումը, ճնշում մը՝ որ ինքնին պէտք էր բաւարար նկատուեր զանոնք պահելու դժբախտութեան և յանձնուածութեան վիճակի մէջ: Փոխարէնը անոնք, նոյնիսկ այս պայմաններուն մէջ, սկսան նորէն ոտքի կանգնիլ եւ բարելաւել իրենց պայմանները: Հիմա ես ոչ միայն կը խղճայի անոնց վրայ, այլև՝ կը հիանայի: Հակառակ դարերու ճնշումներուն և ստրկութեան, անոնք Սուրբ Կրակը առկայծ պահած էին իրենց հոգիներուն մէջ, եւ երբ ես առաջին անգամ նշմարեցի այդ, մոռցայ ամէն այլ բան»: [6]

1) Այրիանոց-որբանոցի մանուկներ կը խաղան փրկարար առաքելութիւններու համար օգտագործուած Քարէն Եփփէի «ֆորտ» ինքնաշարժներէն մէկուն մէջ (Աղբիւր՝ Քարէն Եփփէի Արխիւ, Կիւհլինկ, Դանիա: Շնորհակալութիւններ Միհրան Մինասեանի)։
2) Քարէն Եփփէն եւ իր աշխատակազմին ամէնէն մօտիկ անդամները, ծանօթ իբրեւ «ընտանիքը», Հալէպի մէջ, 1925-ի շուրջ: Ամէնէն վերը ձախէն՝ տէր եւ տիկին Լէոփոլտ եւ Հորոմ Կազչիք եւ Լուսիա ու Միսաք Մելքոնեան: Վարը ձախէն՝ Ճենի Եէնսէն, Քարէն Եփփէ եւ դանիացի Քարէն Փիեռէն: Հորոմը Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած այրի կին մըն էր՝ ամուսնացած Լէոփոլտ Կազչիքի հետ։ Այս վերջինը ազգութեամբ լեհ սպայ մըն էր, որ աւստրո-հունգարական Արեւելքի ջոկատին հետ առաքուած էր Օսմանեան կայսրութիւն Առաջին համաշխարհային պատերազմի վերջին հանգրուանին: Ան թէ՛ ականատես եղած էր Ցեղասպանութեան դրուագներու եւ թէ կարճ ժամանակ աշխատած էր Նիր Իսթ Ռիլիֆի մօտ իբրեւ վարորդ, երբ յետս կոչուած էր իր պաշտօնէն 1919-ին: Ան կնոջը հանդիպած էր Հալէպի մէջ, 1920-ի շուրջ, եւ երկուքն ալ եկած էին աշխատելու Եփփէի կազմակերպութեան համար (Աղբիւր՝ Քարէն Եփփէի Արխիւ, Կիւհլինկ, Դանիա: Շնորհակալութիւններ Միհրան Մինասեանի)։

Եփփէի կապուածութիւնը իսկապէս այնքա՛ն ամուր էր հայերու հետ, որ ան որբանոցէն երկու երեխաներ կ'որդեգրէ՝ Լուսիա եւ Միսաք Մելքոնեան, եւ ընդհանրապէս ան կը կտրէ ընկերային-մշակութային սահմանները, որոնք անընդունելի պիտի նկատուէին ոեւէ հայ կնոջ համար: Ցեղասպանութեան ընթացքին, երբ հայ հոգեւորականները սպաննուած էին կամ պահուըտած, ան Ուրֆայի մէջ ինկած հայերուն համար կը մատուցէ էքումենիք պատարագ եւ կը կատարէ վերջին ծէսերը՝ հաստատելով, որ իբրեւ օտար և ամուրի կին, ինք կրնայ ստանձնել քահանայի պաշտօնը: Իր պաշտօնը առիթ կ'ընծայէ, որ ան խախտէ սեռերու վերաբերող կանոններն ու սահմանները: Եփփէն, ի շարս այլոց, հրպարակաւ կը դատապարտէր հալածանքներուն հետեւանքները հայ ժողովուրդին նկատմամբ, անոնց երկրորդ կարգի քաղաքացիներ նկատուելու պարագան եւ օտարներու դերակատարութեան դժբախտ անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս «օտարամուտ գաղափարները», որոնք կը տարածուէին ինչպէս իր կազմակերպութեան, այնպէս ալ որոշ միսիոնարներու կողմէ: Բայց ան թէեւ կ'ընդունէր, որ այդ գաղափարներու թափանցումը կրնար կողմնակի դրական ազդեցութիւն ունենալ հայ կիներուն համար՝ կրթութեան եւ աշխատանքի առիթներ ստեղծելու առումով:

1915-ի «Մեծ Մահը»

1915-ի վերջերուն, Ուրֆայի հայերուն բնաջնջման ատեն, Քարէն Եփփէն կը կանգնի երկրորդ յարկին վրայ գտնուող պատուհանին դիմաց՝ այն տան, որ ինք փոխ առած էր զուիցերիացի բժիշկ Անտրէաս Ֆիշըրէն՝ Գերմանական Արեւելքի Առաքելութենէն: Ջերմէն ուշաթափ և մալարիայէն ու բծաւոր տիֆէն զառանցումի մատնուած, նաեւ կքած սթրեսի եւ հոգեկան ծանր ընկճուածութեան տակ, Եփփէ կը մտածէ պատուհանէն նետուելու մասին: Վարի յարկը, տախտակամածին ներքեւ, ան ապաստան տուած էր թրքական իշխանութիւններու կողմէ հետապնդուած տասներկու հայերու, որոնք պահուըտած էին գերութենէ խուսափելու համար: Անոնց շարքին էին գործարար Պետրոս Տէր Պետրոսեանը, Գէորգ Կարապետեանը, ինչպէս նաեւ՝ Տէր Գարեգին Քահանայ Ոսկերիչեանը եւ կինը, անոնց 15-ամեայ դուստրը եւ երկու կրտսեր որդիները: Անոնց երէց որդին, բազմաթիւ այլ հայերու նման, ջարդուած էր օսմանեան բանակին մէջ ծառայած ատեն: Սկիզբը տան մէջ միայն այրերը եւ տղաքը կը պահուըտէին, որովետեւ Եփփէն եւ այլ օտարներ մղուած էին հաւատալու, որ իրենք կրնան աղջիկներն ու կիները պաշտպանել տարագրութենէ: Այդպէս չէր իրականութիւնը, ժանտարմաները կու գան եւ Եփփէի տունէն կը տանին անոնցմէ խումբ մը: Քանի մը հոգին ազատ կ'արձակուի, երբ Եփփէն եւ Քիւնցլերը բողոք կը ներկայացնեն նահանգապետին գրասենեակը, բայց անոնց մեծ մասը կ'անհետանայ:

1) Տասնըվեց տարեկան Տիգրանուհին՝ Ատանայէն, Այրիանոց-որբանոց ժամանած էր 18 Սեպտեմբեր 1925-ին: Անոր հայրը անհետացած էր առաջին տեղահանութիւններուն ժամանակ: Ան եւ մայրը իւրացուած էին քիւրտի մը կողմէ, բայց երբ մայրը կը հիւանդանայ ու կը մահանայ, Տիգրանուհին կը փախի տունէն, որովհետեւ քիւրտը հետաքրքրութիւն ցուցաբերած էր ամուսնանալու իրեն հետ: Խոյս տալէն ետք, արաբ մը կ'առեւանգէ զայն եւ կ'ուզէ իր երկրորդ կինը դարձնել: Ան վերջապէս կը հասնի Հասաքէ, ուր Եփփէի գործակալներէն մէկը զինք ինքնաշարժով Հալէպ կը հասցնէ: Փրկուած բոլոր հայերը անմիջապէս կըլուսանկարուէին Այրիանոց-որբանոցի ցանկապատին կամ բազրիքին կից գտնուող լուսանկարչատան մէջ: Հոնկէ, անոնք կը տարուէին ընդունելութեան յատկացուած վայր մը, ուր անոնց փոխանցածտեղեկութիւնները եւ կենսագրութիւնները կ'արձանագրուէին տոմարի մը մէջ: Այս լուսանկարինկտրատուած տարբերակը զետեղուած է տոմարին 820 թուագրուած էջին վրայ (Աղբիւր՝ Քարէն Եփփէի Արխիւ, Կիւհլինկ, Դանիա: Շնորհակալութիւններ Միհրան Մինասեանի)։
2) Քսաներեք տարեկան վերապրած եւ դաջուածք կրող երիտասարդուհի մը՝ Եղսա Հայրապետեան, Ատիամանէն, կը տեսնենք Քարէն Եփփէի քանի մը անձնական պատկերատետրերուն մէջ: Ան կ'ապրէր քիւրտերու մէջ եւ, ի վերջոյ, կը գտնէ մօտերը ապրող մայրը: Անոնք կը հանդիպին գաղտնի, եւ 15 տարուան տառապանքներէ յետոյ անոնք կը յաջողին խոյս տալ եւ հասնիլ Եփփէի տունը Հալէպի մէջ (Աղբիւր՝ Քարէն Եփփէի Արխիւ, Կիւհլինկ, Դանիա: Շնորհակալութիւններ Միհրան Մինասեանի)։
3) Տիգրանուհիին [առանց մականունի] լուսանկարը, ծագումով Պուրտուրէն, Քոնիա: Մայրը զայն յանձնած է արաբի մը, որպէսզի «զերծ պահուի չարաշահումէ, որուն «կ'ենթարկուէին շատ կոպիտ ժանտարմաներու կողմէ, տեղահանութեան ընթացքին», չարաշահում՝ որ խորքին մէջ կը նշանակէր կիներու եւ աղջիկներու բռնաբարումը: Առաջին արաբը զայն կը վաճառէ ուրիշի մը, որ 12 տարի կը չարաշահէ զինք իբրեւ ստրուկ: Յունիս 1927-ին, 19-ամեայ Տիգրանուհին խոյս կու տայ դէպի Սուրիոյ արեւելքը Եփփէի կողմէ ստեղծուած հայկական գաղութներէն մէկը: Այս մասին Եփփէ կը գրէ. «անոր տէրը եկաւ բազմաթիւ զինեալներով եւ պահանջեց իրեն յանձնել Տիգրանուհին, որ թէեւ ապահով էր մեր հողին վրայ»: Եփփէի գործակալներէն մէկը կապ կը հաստատէ Հաշեմ փաշային հետ՝ միջնորդելու համար, որովհետեւ աւելի քան տասնամեակ մը Տիգրանուհին գերի պահած անձը իր որդին էր: Հաշեմ Փաշան գործակալին կը թելադրէ. «զայն դրէքինքնաշարժի մը մէջ եւ ուղարկեցէք Հալէպի ձեր Այրիանոց-որբանոցը: Խեղճ հայերը բաւականտառապեցան մեր պատճառով, ալ կը բաւէ»: Այրիանոց-որբանոցին մէջ, Եփփէն կը յաջողի գտնել Տիգրանուհիին մայրը՝ Յունաստանի մէջ, որ հետագային կը միանայ իրեն Հալէպի մէջ: Ան նաեւ կը հանդիպի Բենիամին անունով միաժամանակ հաստատութիւն ընդունուած ճակատագրակից երիտասարդի մը, որ կաշեգործութիւն կը սորվէր եւ նոյնպէս գերի պահուած էր արեւելեան Սուրիոյ մէջ, Սինճար լեռան մօտերը: Անոնք կ'ամուսնանան Այրիանոց-որբանոց իրենց ժամանումէն մէկ տարի ետք (Աղբիւր՝ Քարէն Եփփէի Արխիւ, Կիւհլինկ, Դանիա: Շնորհակալութիւններ Միհրան Մինասեանի)։

1926-էն մեզի հասած եւ Հալէպի Այրիանոց-որբանոցի փրկարար մէկ առաքելութեան ու հաստատութեան մէջ կատարուող աշխատանքին մասին 35-մմ վաւերագրական անխօս շարժապատկեր մը՝ դանիերէն միջանկեալ խորագիրներով: Շարժապատկերին բեմարդիչը անծանօթ է: Անոր պատրաստութիւնը յանձնարարուած  է Ազգերու Լիկային կողմէ, իսկ նկարահանումը կատարած է Փաթէ Ֆրանս արտադրութեան ընկերութիւնը: Շարժապատկերը կարելի է գտնել առցանց երկու տարբերակով, որոնք յաջորդաբար 09.50 եւ 18.35 վայրկեան են, www.youtube.com/watch եւ www.europeana-eu/da/item / 08601/40639: Շարժապատկերը կը ներկայացնէ փրկարար առաքելութիւններու բաղադրութիւն մը, որ հիմնուած է Եփփէի «Ֆորտ» մակնիշի ինքնաշարժով անոր գործակալներուն իրականացուցած փրկարար իրական պատմութիւններուն վրայ, իսկ շարժապատկերին մէջ ներկայացուած փախուստ տուած հայերուն՝ Ասթրիկի եւ Լուսիայի դերերը կը խաղան իրական խոյս տուած հայեր:  Աւելին, շատ հաւանական է, որ շարժապատկերին մէջ երեւցող եւ վրանի տակ գտնուող պետեւի առեւանգողներու դերերը խաղցած են տեղացի պետեւիներ, որովհետեւ Եփփէն եւ իր աշխատակիցները անձնական սերտ կապեր ունէին մէկ կամ աւելի ցեղախումբերու հետ: Շարժապատկերին մէջ, փրկուած կիները հազիւ ժամանած, Քարէն Եփփէն կ'ողջագուրուի անոնց հետ: Ներկայացուած են անոր քանի մը աշխատակիցները, ինչպէս՝ Ճենի Եէնսէնը, Լէոփոլտ Կազչիքը եւ քոյրը՝ Եոհաննա Փարիցին, եւ Եփփէի որդեգրած որդին՝ Միսաք Մելքոնեանը: Շարժապատկերին մէջ ցոյց կը տրուի նաեւ, թէ ինչպէս նոր ժամանողները կ'ընդունուէին եւ կ'արձանագրուէին տոմարներուն մէջ, նաեւ՝ կը հրամցնէ տեսարաններ Այրիանոց-որբանոցի առօրեայ կեանքէն, ներառեալ՝ դպրոցը եւ աշխատանոցները (Աղբիւր՝ Դանիոյ Շարժապատկերի Հիմնարկ)։

Այս դեպքէն ետք, հայ տղամարդոց մեծ մասը կ'երթայ թաքնուելու մօտակայ լքուած այգիի մը տակ գտնուող նկուղին մէջ: Բայց խնդիրները չէին վերջանար Եփփէի համար: Անընդհատ նեղութիւն կու տային աւելի ու աւելի սպառնական դարձող իշխանութիւնները, որոնք մասնաւորաբար կը փնտռէին Տէր Գարեգինը: Անոնք կը հաւատային, որ ան Ուրֆայի ապստամբութիւնը հրահրողներէն մէկն էր. շատ հաւանաբար, ամբաստանութիւնը շինծու էր, բայց այդ մէկը հարցական էր, ժանտարմաները անընդհատ կը փնտռէին զայն: Տէր Գարեգինը գիտէր, որ այս հարցը շատ վատ աւարտ կրնար ունենալ, այնպէս որ փրկելու համար Եփփէն ու մնացեալները, որոնք իր հետ պահուըտած էին Եփփէի տան մէջ, առնուազն իր երեխաները, ան կը ստիպուէր կատարելու գերագոյն զոհաբերութիւնը, եւ իր կինը փափաք կը յայտնէր հետևելու իրեն: Այսպէս, իշխանութիւններու ուշադրութիւնը շեղելու համար զոյգը թոյն կը խմէ, աւելի ճիշդ՝ սթրիքնին: Ապա, ինչպէս որ քահանան խնդրած էր, անոնց մարմինները կը փոխադրուին ճամբուն վրայ տեղ մը, ուր անոնք արագօրէն կրնային գտնուիլ: Անոնց երեխաները կու լային, միւս հայերը ՝ ոչ, անոնք պարզապէս լուռ կը մնային: Պետրոս Տէր Պետրոսեանը հետեւեալ ձեւով կը նկարագրէ տեսարանը. «Մինչ այդ մեր արցունքները չորցած էին»: Անիկա ոչ մէկ պարագայի անիմաստ քայլ էր. անոնք մահացան, ըստ ականատեսներու՝ քաջաբար եւ արժանապատիւ, եւ երբ իշխանութիւնները գտան մարմինները, կեանքը իսկապէս դիւրացաւ մնացեալ փախստականներուն եւ Եփփէի համար, առնուազն որոշ ժամանակ:

Ընդհանուր առմամբ, Եփփէն եւ շարք մը այլ արեւմտուքցիներ, ինչպէս նաեւ՝ հայ, արաբ եւ քիւրտ օգնականներու ընտրեալ խումբ մը կը յաջողին շուրջ 50 հայեր թաքցնել իր տան մէջ, եւ անոնց մեծ մասը իբրեւ քիւրտ ծպտուած գաղտնօրէն փոխադրել ապահով վայրեր: Անոնցմէ շատերը, որոնք փախուստ տուին,  Օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ կը հետապնդուէին Տէր Գարեգինին պէս, հետեւաբար, Եփփէն զանոնք լաւ պահեց: Ան նախ զանոնք պահեց իր տան տախտակամածին տակ, ինչպէս վերը նշուեցաւ, ապա՝ պարտէզի ծաղկանոցին տակ գտնուող փոսի մը մէջ, եւ, վերջապէս, քահանային մահէն ետք՝ տան ներքնայարկէն դէպի պարտէզ տանող փապուղիին մէջ: Տունը յաճախ կը խուզարկուէր, եւ նոյնիսկ Եփփէի պաշտպանութեան տակ գտնուող փոքր հայ աղջիկներ կը տարուէին տունէն, եթէ բռնուէին: Վախն ու անորոշութիւնը մնայուն ազդակներ էին Ուրֆայի մէջ:

Ինչպէս հետագային Եփփէ պիտի գրէր. «Երբ Մեծ Մահը անցաւ Հայաստանի տարածքով, ես հոն էի: Ես զայն զգացի դժբախտ մարդոց հետ. անիկա գրեթէ սպաննեց զիս, անիկա, որ իր արիւնոտ ու անջնջելի հետքը ձգեց մտքիս մէջ, անիկա, որուն մասին ես ամէնէն շատը պատմելիք ունիմ»: Անհատապէս եւ պաշտօնի բերումով ապրելով ցեղասպանութեան հոգեցնցումը, տեսնելով մահուան թափօրներ, դիակներ փողոցը, եւ սիրելիներ, որոնք քաշկռտուելով կը տարուէին իր տունէն, անիկա այն եղելութիւնն էր, որուն մասին ան ամէնէն աւելի պատմելիք ունէր: Սակայն, Եփփէ շատ քիչ բան պիտի գրէր իր անձնական փորձառութեան մասին: Ան իր ցնցումը գրեթէ պիտի պահէր իր հոգիին մէջ, թէեւ մենք դեռ շատ բան գիտենք իր փորձառութեան մասին տարբեր աղբիւրներէ, ինչպէս՝ իրմէ զատ, իրմէ օժանդակութիւն ստացած վերապրող հայերէ, օսմանցի արաբ պաշտօնեայ Ֆայզ էլ-Հիւսէյնէն, ասորի քահանայ Ճոզէֆ Նաայեմէն եւ արեւմուտքցիներէ, որոնց հետ կապի մէջ էր ան։ [7]

Բազմաթիւ ուրիշներու նման, ներառեալ հայ քաղաքական գործիչներ, Եփփէ լաւատեսօրէն տրամադրուած էր, նոյնիսկ կողմնակից էր, երբ 1908-ին երիտթուրքերը ստանձնեցին իշխանութիւնը, բայց Ուրֆայի պաշարումին ընթացքին, ան ինքզինք մահապատիժի վտանգին ենթարկեց հայեր փրկելու համար: Նախկինէն աւելի սարսափելի էր, երբ ան, բազմաթիւ այլ ականատես վկաներու կողքին, 1915-ի ամռան տեսաւ Խարբերդ, Էրզրում, Զէյթուն, Պիթլիս եւ այլ շրջաններէ ժամանած հայերու կարաւաններ, որոնք կը հասնէին Ուրֆայի դռները եւ անկէ՝ դէպի սուրիական անապատները: Ան տեսաւ հազարաւոր կիներ եւ երեխաներ համակեդրոնացման ժամանակաւոր ճամբարներու եւ քաղաքին մէջ յայտնուած ստրուկներու շուկային մէջ: Հայերը կը դառնային սովամահ, հիւանդ եւ կը հագնէին ցնցոտիներ, մինչ ժանտարմաները, տեղացի թուրքերը, քիւրտերը եւ արաբները ամէն ձեւով կը կեղեքէին զանոնք: Հայ տեղահանուածներ հաց ու ջուր կ'աղերսէին, եւ շատեր կը մահանային Եփփէի դիմաց. շուտով դիակներ կը տարածուէին ամենուրէք: Հայ առաքելական եկեղեցին կ'օգտագործուէր իբրեւ հայ կիներու զանգուածային բռնաբարութեան վայր, մինչ աւելի մեծ կառոյցներ, ինչպէս էր պարագան Եփփէի որբանոցին, կը գրաւուէր օսմանեան բանակին կողմէ եւ գրեթէ բոլոր որբերը կը սպաննուէին: Ոեւէ վերապրած հայ համակարգուած ձեւով կ'ուղարկուէր մահանալու անապատին մէջ:

Ուրֆայի մէջ, տեղացի հայերուն սատանայականացումն ու հալածանքները սկսած էին արդէն կարաւաններէն առաջ, եւ արագօրէն պարզ կը դառնար, որ անոնք պիտի ենթարկուէին նոյն ճակատագրին, ինչպէս մահուան թափօրները: Վերջապէս, 1915-ի Օգոստոսին այդ մէկը պիտի պատահէր: Ամերիկացիներն ու եւրոպացիները, ներառեալ Եփփէն, կը բողոքեն եւ կը փորձեն օգնել տեղահանուածներուն եւ տեղացի հայերուն, եւ այդպէս կը վարուին նաեւ սակաւաթիւ իսլամներ, ինչպէս Եփփէն կը նշէ Գերմանիոյ հիւպատոս Վալթըր Ռէօսլերի կնոջ՝ Կերթրուտ Ռէօսլերի գրած իր նամակին մէջ: Բայց գրեթէ բոլոր գերմանացիները եւ տեղացիներուն ճնշող մեծամասնութիւնը կամ անտարբեր կը մնային, կամ գործնապէս կողմնակից էին ցեղասպանութեան: 29 Սեպտեմբերին, դիւցազներգական դիմադրութիւն մը ծայր կ'առնէ, որուն ընթացքին Քարէն Եփփէն նաեւ կ'ունենայ իր փոքր բաժինը: Յուսահատ սպասելով որոշակի մահուան, Ուրֆայի հայկական թաղամասին վերջին վերապրած տղամարդիկը, կիներն ու երեխաները կ'անցնին հաստ պատերուն ետեւ եւ կը սկսին հրոսակային կռիւի՝ իրենցմէ թիւով շատ աւելի եւ լաւապէս զինուած օսմանեան ու գերմանական կանոնաւոր զօրքերուն դէմ: Շաբաթներ շարունակ դաժան, հերոսական կռիւներէ ետք, հայերը կը պարտուին: Վերապրողները կը հալածուին, կը մորթուին, չարչարանքի կ'ենթարկուին, անձնասպանութեան կը դիմեն կամ կը տեղահանուին դէպի անապատ:

Սակաւաթիւ հայեր դեռ կ'ապրէին Ուրֆայի շրջանը 1915-ի վերջաւորութեան, իսկ գրեթէ երկու տարի անց՝ Դեկտեմբեր 1917-ին, բառացիօրէն այլեւս հայեր չկային, որպէսզի Եփփէն ոեւէ մէկը պաշտպանէր: Մինչ այդ, վերջին հայերը, որոնք պահուըտած էին Ուրֆայի ծայրամասը խաղողի այգիիին մէջ գտնուող իր տան թաքստոցը՝ գացած էին, իսկ մնացեալ շատերը սպաննուած, ուստի դանիացի փրկարարին համար, այլեւս ոչինչ կար ընելիք: Եփփէն ուրեմն կ'ընէ այն, ինչ որ կրնայ, եւ չուզելով շարունակել սկիզբէն, ան կը ձգէ Օսմանեան կայսրութիւնը իբրեւ դանիացի չէզոք քաղաքացի եւ կը վերադառնայ իր երկիրը 1918-ի սկզբնաւորութեան: [8]

Քարէն Եփփէի կեանքն ու գործունէութիւնը Հալէպի մէջ

1918-էն 1921, Քարէն Եփփէ գրեթէ կը մնայ Դանիա՝ աշխատելով ապաքինիլ Ուրֆայի Հայոց ցեղասպանութեան ականատես եղած ըլլալու հոգեկան ցնցումէն, միաժամանակ դիմելով քարոզարշաւի ի նպաստ վերապրող հայերուն՝ դասախօսութիւններ ու հարցազրոյցներ տալով: Բայց 1921-ի սկզբնաւորութեան, ան եւ Danske Armeniervenner-ը (Հայերու Դանիացի Բարեկամներ) կ'որոշեն, որ ինք պէտք է երթայ աքսորեալներուն համար տուն հիմնելու նախկին օսմանեան Հալէպ քաղաքին մէջ, որ այժմ կը գտնուէր Սուրիոյ մէջ հաստատուած ֆրանսական հոգատարութեան ներքեւ: Իր ժամանումէն քանի մը ամիս ետք, ան կը նշանակուի Ազգերու Լիկայի՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Կիներու եւ Աղջիկներու Պաշտպանութեան Յանձնակատար, որ օգնութեան եւ բարգաւաճման աշխատանքներու կարելիութեանց ամբողջական նոր ուղիներ կը բանայ, թէեւ ան խառն զգացումներ ունէր նշանակումը ընդունելէ առաջ, ինչպէս կ'երեւի 1921 Մայիսին գրած իր մէկ նամակին մէջ, գրուած՝ նշանակումէն անմիջապէս յետոյ.

«Իրապէս, եւրոպացիները միշտ ալ կարծես միայն հայկական հարցերով կը զբաղին՝ անոնց այս կամ այն ձեւով հիմնական վնաս հասցնելու համար: Բայց յետոյ ես մտածեցի, որ այդ մէկը որոշ չափով կախեալ է Յանձնաժողովին անդամ մարդոցմէ [Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Կիներու եւ Աղջիկներու Պաշտպանութեան համար]։ Յամենայնդէպս, հարցերը դէպի աւելի լաւ պիտի չփոխուէին, եթէ ես դուրս մնայի»: [9]

Լիկային կողմէ տրամադրուած յաւելեալ աջակցութիւնը, պաշտպանութիւնը եւ ֆինանսաւորումը իրապէս անհրաժեշտ էին ամբողջացնելու Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին, Հալէպի եւ Պաղտատի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ առաջնորդարաններուն, Հայ Կարմիր Խաչին, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, Տէր Զօրի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանին եւ Հայ Բողոքական ու Կաթոլիկ եկեղեցիներուն արդէն իսկ սկսած եւ հայերով ղեկավարուած օգնութեան գործը, որ մեծ թափով ծայր առած էրպատերազմին ընթացքին` նեցուկ կանգնելու տարածաշրջանի հայ գաղթականներուն: [10] Միայն Սուրիոյ մէջ կային շուրջ 100 հազար կարօտեալ հայ վերապրողներ, որոնք ընդհանրապէս կ'ապրէին շատ նախնական գաղթակայաններու մէջ: Աւելին, անոնց 20.000-30.000-ը՝ կիներ եւ երեխաներ, որոնք վերապրած էին մահուան թափօրներէն, բայց տակաւին կը գտնուէին իսլամ ընտանիքներու մօտ ու ենթակայ էին իսլամացման եւ շատ յաճախ` կը ստրկացուէին ու չարաշահման կ'ենթարկուէին:

Այս բռնի իւրացուած կիներն ու երեխաները անմիջապէս կը դառնան Հալէպի մէջ Եփփէի եւ անոր միջազգային անձնակազմի ջանքերուն առանցքը: 1922-ին, անոնք երկաթուղագիծին կից կը բանան ընդարձակ որբանոց-այրիանոց մը, որ հետագային պիտի ճանչցուէր իբրեւ Շէյխ Թահա թաղամասը, Հալէպի հիւսիսային ծայրամասը` Քուէյք գետին մօտերը: Կեդրոն մը՝ ուրկէ մինչեւ 1927 թուականը պիտի անցնէին շուրջ 2000 հայեր, որոնք խոյս տուած էին օգնութեամբը կաշառքի, յորդորանքի, բանակցութիւններու եւ գործակալներու բարդ ցանցի մը: Լուրը արագօրէն կը տարածուէր ամբողջ շրջանին մէջ, թէ առիթ ստեղծուած է հայերուն համար վերամիանալու իրենց համայնքին Հալէպի մէջ: Այս մէկը պատճառ պիտի դառնար նաեւ ճակատագրական փախուստներու, եւ նոյնիսկ պիտի արժէր Եփփէի գործակալներէն մէկուն՝ ուրֆացի կաթողիկէ հայ վաճառական Վասիլ Սապաղի կեանքը, Հասաքէի մէջ: Ցեղասպանութենէն յետոյ հայեր փրկելը տակաւին վտանգաւոր գործ կը նկատուէր, որովհետեւ հակառակ անոր որ  Եփփէին ծրագիրը կը վայելէր Ազգերու Լիկային զօրակցութիւնը, սակայն տեղական մեծ ընդդիմութիւն կար՝ իսլամ  ընտանիքներէ փախչելու համար հայերու տրուած օժանդակութեան, եւ ֆրանսական հոգատարական իշխանութիւնները կը վարանէին օգնելու Եփփէի կազմակերպութեան, որպէսզի չնեղացնեն, օրինակի համար, պետեւի ցեղախումբերը: [11]

Պատմութիւններ Այրիանոց-որբանոցէն

Հազիւ ժամանած, փախուստ տուածները նախ կ'ենթարկուէին բժշկական քննութեան եւ առիթ կը տրուէր անոնց հակիրճ պատմելու իրենց պատմութիւնը, որ կ'արձանագրուէր կանոնաւոր տոմարի մը մէջ, ուր իւրաքանչիւր «իջեւանող» - այսպէս կը կոչուէին Եփփէի կողմէ -, կը ստանար թիւ մը: Կ'արձանագրուէին անոնց կեանքին մանրամասնութիւնները, ներառեալ՝ անունները, եթէ անոնք ընդհանրապէս յիշէին զանոնք, նաեւ մօր, հօր եւ ծննդավայրին անունները: Յարակից լուսանկարչատուն մը կը նկարէր ու կը պատրաստէր փրկուած գաղթականներուն դիմանկարները, որոնք կը տեղադրուէին էջին վերի աջ անկիւնը: Ինքնութիւն ճշդող այս տեղեկութիւնները կ'օգտագործուէին հետեւելու գաղթականներու հետքերուն, ինչպէս նաեւ՝ զանոնք վերամիացնելու զիրենք փնտռող հարազատներու հետ Հալէպի կամ նոյնիսկ հեռաւոր Ֆրանսայի ու Միացեալ Նահանգներու մէջ: Այրիանոց-որբանոցը կը տրամադրէր կեցութեան պայմաններ՝ կրթութեան եւ արհեստներու ուսուցման կողքին, ճիշդ այնպէս, ինչպէս Ուրֆայի որբանոցը Ցեղասպանութենէն առաջ: Նոր ծրագիրին եւ հինին միջեւ, անշուշտ, տարբերութիւններ կային: Հալէպի պարագային, հայերու համար բնակարան գտնելը գրեթէ անկարելի էր, ինչպէս Եփփէն պիտի ըսէր, «բնակարանային սովի» պաճառով: Կարեւոր չէր եթէ մէկը ի վիճակի էր վճարելու բնակարանի մը վարձքը:

1) Հալէպի մէջ գտնուող Քարէն Եփփէի Որբերու Միութեան կողմէ գերմաներէնով եւ հայերէնով պատրաստուած յուշաորմազդ մը՝ Եփփէի ի պատիւ յատուկ ոտանաւորով, հրապարակուած՝ 1944-ին, անոր մահուան իններորդ տարելիցին առիթով (Աղբիւր՝ Դանիոյ Ազգային Արխիւ, Քոփէնհակէն, Դանիա)։
2) Ձախէն՝ Հաշեմ փաշան, Միսաք Մելքոնեանը եւ Քարեն Եփփէն: Հաշեմը տեղացի արաբ պետեւի ցեղապետ մըն էր, որուն հետ Եփփէն եւ որդեգիր որդին անձնական սերտ կապեր ունեցած են: Անիկա նաեւ գործնական յարաբերութիւն էր: Հաշեմը հող եւ ապահովութիւն կը տրամադրէր Եփփէի երկրագործական գաղութներուն - Եփփէն երբեք չէր վստահեր Սուրիոյ ֆրանսական գաղթատիրական իշխանութիւններուն, երբ հարցը կը վերաբերէր ապահովութեան եւ շարք մը այլ խնդիրներու - մինչդեռ գաղութներուն մէջ ապրող հայերը ո՛չ միայն ցորեն եւ բանջարեղէն կը տրամադրէին Հաշեմի ցեղախումբին եւ ընդհանրապէս շրջանի բնակչութեան, այլ նաեւ Հաշեմի հետ Եփփէիի ունեցած խօսակցութիւններէն կարելի է իմանալ, որ փոխադարձաբար գաղութներու բարգաւաճման եւ յառաջդիմութեան ցանկալի գործօններ կը նկատուէին  (Աղբիւր՝ Դանիոյ Ազգային Արխիւ: Շնորհակալութիւններ Միհրան Մինասեանի)։
3) Հայկական գիւղերէն մէկուն մէջ աղջիկ մը փայտի մեծ կապոց մը շալկած է (Աղբիւր՝ Քարէն Եփփէի Արխիւ, Կիւհլինկ, Դանիա: Շնորհակալութիւններ Միհրան Մինասեանի)։

Ուրֆայի մէջ որբերուն օգնելը բաւական դժուար աշխատանք էր, բայց Ցեղասպանութենէն ետք Հալէպի մէջ ստեղծուած պայմանները աւելի ծայրայեղ էին. իւրաքանչիւր հայ որ Այրիանոց-որբանոց կը ժամանէր, խորապէս ցնցուած կ'ըլլար ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս այն չարաշահման հետեւանքով, որուն ենթարկուած էր. այս պատճառով ալ անհրաժեշտ էր գործի դնել վերականգնման աւելի բարձր մակարդակի աշխատանք մը: Վերապրողներէն մէկը` Վալանթինը, այնքան ցնցուած էր, որ որ իր պատմութիւնը Եփփէին պատմելու ատեն, կը սկսի դողալ, արիւն կը հոսի բերնէն ու քիթէն, եւ կ'իյնայ գետին: [12] Փրկուածները երբեմն կը յայտնուէին Եփփէի դռան առջեւ` թարախոտած վէրքերով, կոտրած ոսկորներով, ընդլայնած որովայնով եւ յաճախակի ծեծի պատճառով այլանդակուած ողնայարով: Որոշ վէրքեր փախուստի հետեւանք էին, իսկ միւսները` պատիժի նշան՝ կիրարկուած ընտանիքներու դաժան անդամներուն կողմէ, որոնք երբեք չէին ընդուներ կիներն եւ երեխաները իբրեւ իրենց ընտանիքին մէկ անդամը, եւ կը պատժէին զանոնք, երբ փորձէին փախուստ տալ: Կիներ կը տառապէին բռնաբարութեան եզակի հոգեցնցումէն՝ իրենց կամքին հակառակ փոխանցուելով բազմաթիւ տղամարդոց՝ իբրեւ հարճեր ու ամուսիններ:

Ժամանած հայերուն մեծամասնութիւնը կարիքը կ'ունենար բժշկական շտապ խնամքի՝  ջերմամիզութեան (gonorrhea), կուրութիւն պատճառող մանրախտի (trachoma) եւ մահացու թանչախտի (dysentery) ու տիֆի (typhus) համար: Եփփէին եւ միւսներուն համար մտահոգիչ էր թէ որքան փրկուած հայեր մոռցած էին իրենց լեզուն եւ մշակոյթը՝ Ցեղասպանութեան ընթացքին զանգուածային փոխադրութեան եւ ձուլման հետեւանքով: Այսպիսով, Այրիանոց-որբանոցը դարձած էր «լեզուներու բաբելոն» մը, ինչպէս Ցեղասպանութենէն վերապրած Յարութիւն Չաքրեանը պիտի նկարագրէր, ուր հայերէնէն բացի կը խօսուէր նաեւ լազերէն, թրքերէն, քրտերէն եւ արաբերէն: [13] Եփփէ նկատել կու տայ Պարգեւ անունով տղու մը պարագան, անուն մը՝ որ յստակօրէն անոր տրուած էր Այրիանոց-որբանոցին մէջ. «ոչինչ գիտէ իր ծնողներու, ծննդավայրին կամ նոյնիսկ իր մկրտութեան անունին մասին»: [14] Այլ տղայ մը ճիգ կը թափէ միտքը պահելու հայերէն որոշ բառեր՝ իբրեւ հովիւ աշխատած ատեն իր ոչխարներուն հետ հայերէն խօսելով: Այրիանոց-որբանոցի տոմարներուն մէջ արձանագրուած պատմութիւնները պատկերացում մը կու տան Եփփէի կողմէ փրկուած հայերու վիճակին, ինչպէս նաեւ՝ անոր ծրագրին մէջ տեղ գտած իւրայատուկ միջոցառումներուն մասին՝ կիրարկուած զանոնք ֆիզիքապէս, հոգեպէս, կրօնապէս եւ ազգայնօրէն իբրեւ հայեր վերականգնելու համար: Կիներուն համար ասիկա կը նշանակէր հետեւիլ վերամուսնութեան պատրաստող յատուկ ծրագիրի մը՝ ապագայ հայ կիներ ու մայրեր դառնալու համար, առաջադրանք մը՝ որ փաստագրուած է Եփփէի կողմէ հիմնուած հայկական գաղութ-համայնքներուն մէջ տեղի ունեցած հաւաքական հարսանիքներով:

Շատ մը վերապրած կիներ ու աղջիկներ կա՛մ բռնի ամուսնացած էին զիրենք կալանողներուն հետ, կա՛մ որդեգրուած էին եւ կամ ալ իբրեւ աշխատաւոր իւրացուած իսլամ ընտանիքներու կողմէ: Մինչ որոշ աղջիկներ լաւ վերաբերումի կ'արժանանային իբրեւ որդեգրուած երեխաներ, ուրիշներ տասնամեակ մը կամ աւելի չարաշահման պիտի ենթարկուէին նախանձ տանտիկիններու կամ տան այր իշխանաւորին կողմէ: Հարազատներու կամ ցեղակիցնելու հետ ամուսնութեան համար նկատի առնուած՝ կիները այնքան ամուր կ'իւրացուէին, որ բացի քանի մը ուշագրաւ բացառութիւններէ, արաբները հազուադէպ համաձայն կը գտնուէին ազատ արձակելու զանոնք: Հայ կիներ ու երեխաներ կը նկարագրեն փախուստի կարելիութիւն գտնելու իրենց պայքարը եւ այն ահաւոր ծեծերը, որոնց կ'ենթարկուէին, երբ այս փորձերը կը ձախողէին: Եփփէն նկատել կու տայ կնոջ մը պարագան, որ խոյս տուած էր իրեն պարտադրուած ամուսնութենէն. «ուշադիր նայելով կարելի է տեսնել, որ Սիրանոյշին աչքերը երկար ժամանակէ ի վեր արցունք չեն թափած»: [15] Աչքերուն միջեւ եւ կզակին վրայ արաբական աւանդական դաջուածքներ ունեցող Սիրանոյշը շատ քիչ կը կերակրէին եւ տքնաջան կ'աշխատցնէին: Հետագային զայն կ'ամուսնացնեն արաբի մը հետ իբրեւ երկրորդ կին, որուն առաջին կինը կը սկսի բռնութիւն բանեցնել անոր վրայ:  Փախուստի դիմած այլ կին մը՝ Մարիամը բռնի ամուսնացած էր քիւրտի մը հետ Վիրանշեհիրի մէջ, ուր ան ապօրինաբար զայն դարձուցած էր իր հինգերորդ կինը: Եփփէն բանաստեղծօրէն կը նկարագրէ այս կնոջ իրավիճակը. «ան անսահման ճիգ ի գործ դրաւ դուրս գալու իր դժբախտութեան մութ անդունդէն, ուր ստիպուած էր անհետանալու վտանգելով իր կեանքը: Բայց հակառակ բոլոր վտանգներուն, Մարիամ լրջօրէն վճռած էր փախչիլ, եւ ան ի գործ կը դնէ կարելի բոլոր ջանքերը՝ այդ դժոխքէն փրկուելու համար»: Մարիամ իսկապէս ինքզինք կը փրկէ գերութենէն՝ ի վերջոյ հասնելով Մարտին, ուր կապ կը հաստատէ Եփփէի համար աշխատող քանի մը գործակալներէն մէկուն հետ: [16]

Այլ պարագաներու, լսելէ ետք փրկարար առաքելութեան մասին,  Արեւելեան Սուրիոյ Ճէզիրա շրջանի իսլամ արաբները յօժարութեամբ ազատ կը ձգեն իրենց մօտ գտնուող հայերը: Դամասկոս լոյս տեսնող «Ալ-Ասիմա» թերթը, որ կը պատկանէր Սուրիոյ նոր իշխանաւոր Ֆէյսալ թագաւորին, կը հրապարակէ իր հպատակներուն ուղղուած պահանջագիր մը. հոս նշուած էր, թէ հայեր պահողները պէտք է զանոնք ազատ արձակեն եւ յանձնեն իշխանութիւններուն, ինչ որ կը համապատասխանէր ցրուած հայերը վերահաւաքելու Լիկայի ճիգերուն: [17] Որոշ իսլամներ իրենց տուներուն մէջ ապրող հայերուն ըսած էին, որ հայեր չեն մնացած աշխարհի մէջ: Թէեւ այս մէկը կարելի է իբրեւ ստապատիր ապատեղեկատւութիւն նկատել, սակայն իբրեւ առաջին ականատեսները Սուրիոյ անապատին մէջ տեղի ունեցած դաժանութիւններուն, որոշ արաբներ, հաւանաբար անկեղծօրէն հաւատացած էին, որ անիկա իրականութիւն է - մօտաւորապէս կէս միլիոն հայեր բնաջնջուած էին այդ շրջանին մէջ: [18] Արաբ մարդ մը, վախնալով իր  տան մէջ ապրող երիտասարդ հայ կնոջ մը ապահովութեան վրայ եւ վստահ չըլլալով որ Այրիանոց-որբանոցին մասին շրջող լուրերը ճիշդ են, անձամբ Եփփէին կը յանձնէ իր քովի հայուհին: Տակաւին, որոշ հայ կիներ կը դիմագրաւէին իսլամ ամուսիններէ ունեցած իրենց զաւակները լքելու դժուարին ընտրութիւնը. ոմանք կը լքէին, իսկ ուրիշներ իրենց հետ Հալէպ կը բերէին իրենց կէս իսլամ երեխաները:

Կարեւոր է ընդգծել, որ Այրիանոց-որբանոցը առիթ կը ստեղծէր, որ բաժնուած հայեր վերամիանային իրենց ընտանիքի անդամներուն: Օննիկ անունով տասներկու տարեկան տղայ մը - անուն մը, որ անոր տրուած էր Այրիանոց-որբանոցին մէջ, որովհետեւ ան չէր յիշեր իր բուն հայկական անունը - ոչինչ գիտէր իր ընտանիքին մասին: Ան իր յիշողութեան մէջ միշտ արաբներու հետ ապրած էր, եւ «կը կարծէր, որ ինքն ալ արաբ է»: [19] Նկարագրութեան համաձայն, ան «պնդագլուխ փոքր տղայ» մըն էր, որ կը սիրէր փաթթել ու ծխել իր սեփական ծխախոտը, բան մը որ արգիլուած էր Այրիանոց-որբանոցին մէջ: Միաձուլուած ըլլալով պետեւիներու հետ, Օննիկ կը սպառնայ փախչիլ, եթէ Այրիանոց-որբանոցին պաշտօնեաները կտրեն իր երկար մազերը եւ խլեն իր արաբական գլխածածկոցը (քէֆիյէն): Օր մը, փողոցը քալած ատեն, մայրը կը գտնէ զինք եւ ձայն կու տայ իրեն: Ան չի հասկնար մօրը, որովհետեւ շատոնց մոռցած էր իր հայերէնը՝ վեց ամսու հասակին կորսնցնելով իր մայրը Ռաքքայի մէջ: Եփփէի կողմէ մշակուած ստուգման յատուկ եղանակով, Օննիկ եւ մայրը կը վերամիանան: Ետքը, երբ մայր ու որդի կը լուսանկարուին, հետաքրքրական է տեսնել, որ Օննիկ դեռ կը կրէր իր արաբական գլխածածկոցը:

Այրիանոց-որբանոցին մէջ մատուցուող բծախնդիր խնամքին միջոցով, Օննիկին նման, գրեթէ բոլոր կիներն ու մանուկները պատրաստ կ'ըլլային շարունակելու իրենց կեանքը: Եւ երբ իրականանար այդ մէկը, Եփփէ կը շարունակէր օգնել անհատ կիներու եւ երեխաներու՝ Սուրիոյ կամ արտերկրի մէջ գտնելու իրենց կորսնցուցած հարազատները, նաեւ անոնց բնակարաններ կը գտնէր ու աշխատանք կ'ապահովէր Սուրիոյ կամ արտերկրի մէջ: Անոր կազմակերպութիւնը, ի շարս այլոց, աշակերտներ կը հովանաւորէր Հայ Առաքելական կրթական հաստատութիւններու մէջ, ինչպէս՝ Հալէպի Սուրբ Մեսրոպ եւ Սահակեան դպրոցներուն մէջ, բացած էր ապուրի խոհանոցներ եւ դարմանատուներ, եւ նոյնիսկ համագործակցութիւն ստեղծած էր տեղական Ֆրանսական եւ արաբական իշխանութիւններուն հետ՝ հիմնելու համար ամբողջովին երկրագործական գիւղեր (որոնք նաեւ կը կոչուէին «գաղութներ») Եփրատէն դէպի արեւելք գտնուող հայերուն համար: Այս ձեւով ան կը փորձէր իրականացնել հայկական բնակավայրի եւ աշխատանքի ստեղծման ծրագիր մը, զոր արդէն սկսած էր Ցեղասպանութենէն առաջ վերջին տարիներուն, Ուրֆայի շրջակայքին մէջ: Աւելին, աւելի լայնածաւալ լուծումներ գտնելու համար, Եփփէ կ'աշխատի, օրինակ, նորվեկիացի մարդասիրական գործիչ Ֆրիտեօֆ Նանսենի հետ`աւելի մեծ թիւով հայ տարագիրներու գաղթը ապահովելու համար դէպի Հարաւային Ամերիկա, Աւստրալիա, Յունաստան եւ Խորհրդային Հայաստան: Իտէալականօրէն, ան կ'ուզէր վերապրողներուն համար գտնել պատշաճ հայրենիքներ, ուր անոնք կրնային միասին ապրիլ եւ պահպանել իրենց մշակոյթը եւ այլն, նախընտրաբար որոշ չափի ինքնավարութեամբ: Այս մէկը երբեք չիրականացաւ՝ դառնալով Եփփէի միակ մեծ յուսախաբութիւնը Հալէպի տարիներուն:

Վերջին տարիները

Համաշխարհային պատերազմն ու Ցեղասպանութիւնը վերջ գտած էին, բայց նոր գաղթականներ կը շարունակէին հասնիլ, զոհերը՝ նոր Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու մնայուն ճնշումներուն: Անոնց մեծ մասը քիւրտեր էին, եւ անոնց հետ կու գային նաեւ հայեր, որոնք 1915-ին փրկուած եւ/կամ առեւանգուած էին անոնց կողմէ: 1920-ականներուն եւ 1930-ականներու սկզբնաւորութեան, Եփփէի եւ իր աշխատակազմին համար երբեք աշխատանքի տագնապ չէ եղած, նոյնիսկ դադրելէ ետք Ազգերու Լիկային համար աշխատելէ եւ վերստին Danske Armeniervenner-ի (Հայերու Դանիացի Բարեկամներ) համար աշխատելէ: Միջին Արեւելքը, ներառեալ Սուրիան, տակաւին տագնապալի շրջան կը նկատուէր՝ յաճախակի ապստամբութիւններով:  Հիւսիսի մէջ նոր գաղութներ հիմնելը, կամ նոյնիսկ գոյութիւն ունեցողները պահելը դարձած էր աւելի դժուար գործ, որովհետեւ ֆրանսական հոգատարական իշխանութիւնները հակուած էին տեղի տալու թրքական պահանջներուն, երբ անոնք դէմ արտայայտուէին հայկական կամ քրտական որեւէ նկատառելի բնակեցումի թուրք-սուրիական սահմանին վրայ: Եւ, հակառակ այն իրողութեան, որ իր ջանքերուն համար, Եփփէ Դանիոյ թագաւորէն ոսկի մետալ պիտի ստանար 1927-ին, հանրութեան ուշադրութիւնը հայկական տագնապին վրայ պահելը երթալով կը դժուարանար: Բարեբախտաբար, Եփփէն տակաւին կը վայելէր դանիական լայն աջակցութիւն եւ ունէր իր միջազգային հսկայական ցանցը, մասնաւորաբար Գերմանիոյ մէջ, ինչպէս ան 1931-ի Յուլիսին, Դանիա առաքած իր մէկ նամակին մէջ կը գրէր.

«Երբ ես փոքր աղջիկ էի, եւ հայրս կը կրթէր մեզ, կը յիշեմ, որ ան այսպէս կը սորվեցնէր մեզի արեւուն մասին. ‘Եթէ մենք իսկապէս կ'ուզենք հասկնալ, թէ ինչ կը նշանակէ արեւը մեզի համար, եկէք սկսինք պատկերացնել, որ անիկա գոյութիւն չունի’: Եւ ապա ան խանդավառութեամբ մեր մտքերուն մէջ կը գծէր ահաւոր պատկեր մը: Իրաւամբ, ի՞նչ պիտի պատահէր աւելի քան 300 անհայր երեխաներու, եթէ դադրէր գերմանական նպաստը: Յուսանք, որ այդ մէկը չի պատահիր»: [20]

Նկատի ունենալով որ հայերը տակաւին «հայրենազուրկ ժողովուրդ էին», ինչպէս կ'ըսուէր, վերապրողներու դիմագրաւած հոգեցնցումն ու նիւթական դժուարութիւնները պարզապէս կը յամենային։ Եփփէն անընդհատ կ'աշխատէր՝ ինքն իրեն թոյլ տալով միայն քիչ մը հանգստանալ ամէն օր իր ստեղծած հայկական գիւղերէն մէկուն՝ Թէլ Էրմէնի սպիտակ փոքր տան մէջ, որ ինք եւ իր աշխատակազմը հանգստանալու համար կը գործածէին: Մէկ կամ երկու առիթներով, երբ մալարիայի կրկնուող ախտանշանները շատ ծանրացած էին, ան պիտի մեկնէր դէպի իր նախասիրած զուիցերիական լեռնային հանգստարանը Ժընեւի մօտ՝ միակ պերճանքը, որ ան երբեւիցէ ինքն իրեն արտօնած էր:

Քարէն Եփփէի մահը եւ աւանդը

1935-ին, Թէլ Էրմէնի (Հայերու բլուր) մէջ էր, որ մալարիայի վերջին նոպան պիտի հարուածէր Քարէն Եփփէն, երբ բարձր ջերմը կը նուաճէր անոր «տկարացած մարմինը», ջերմ մը՝ որ չէր պակսեր: Զայն ինքնաշարժով (Ֆորտ վաճառանիշով հաստատուն ինքնաշարժը, որ ժամանակին նուիրած էր ամերիկացի բարերար Աննա Կիլփինը) շտապ կը փոխադրեն Հալէպի ֆրանսական հիւանդանոցը, բայց հակառակ զայն բուժելու համար ի գործ դրուած կարելի բոլոր միջոցառումներուն, ան պիտի մահանար հոն եօթը օր ետք, 59 տարեկանին, շրջապատուած՝ հայ, դանիացի, նորվեկիացի եւ ֆրանսացի վշտահար պաշտօնակիցներով, բարեկամներով եւ ընտանիքով: [21] Վերջապէս, անոր դիւրաբեկ մարմինը անդառնալիօրէն կը հիւծէր: Եփփէն պիտի չկարենար ննջել հայկական անկախ հողի մէջ, ինչ որ իր առաջին ընտրութիւնն էր, բայց ան պիտի արժանանար երկրորդ լաւագոյն միջոցառումին՝ հայկական յուղարկաւորութեան, Հայկական առաքելական եկեղեցւոյ մէջ եւ պիտի թաղուէր Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ թաղամասը գտնուող Հայ Առաքելական գերեզմանատան մէջ: 1944-ին, Հալէպի մէջ գտնուող Քարէն Եփփէի Որբերու Միութեան կողմէ գրուած յիշատակի ոտանաւորը կը հաստատէ այն առանձնայատուկ տեղը, որ ան գրաւէր իր փրկած հայերու սրտերուն մէջ. «սիրելի մայր, սրբութեան տաճար, մեր առաջնորդը դէպի բարի օրեր»:

Դանիացի մարդասէրը շատոնց դարձած էր անուն մը, որ կը յիշուէր Հալէպի եւ անոր սահմաններէն դուրս գտնուող հայերուն կողմէ: 15 Հոկտեմբեր 1947-ին, զայն պատուելու համար, Հալէպի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդը՝ Զարեհ արքեպիսկոպոսը բացումը կը կատարէր Քարէն Եփփէ Ճեմարանին, Մէյտանի թաղամասին մէջ, ուր ան բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ ունեցած էր իր կեանքին ընթացքին եւ որոնք շարունակուած էին մահէն բաւական ետք, ներառեալ՝ այսպէս կոչուած «Այրիի Գիւղը»: [22] Հալէպի Մէյտան (հայերէն՝ Նոր Գիւղ) շրջանը, ուր ան իր գործունէութեան մեծ մասը կեդրոնացուցած էր 1928-էն սկսեալ, ժամանակին գաղթականներու ճամբար էր, իսկ հետագային, Համաշխարհային առաջին պատերազմէն ետք պիտի դառնար հայկական բնակեցման համար կարեւոր կեդրոն մը, որուն մեծ մասը պիտի քանդուէր սուրիական վերջին պատերազմին ընթացքին տեղի ունեցած ծանր ճակատումներուն պատճառով: Եփփէն նաեւ կը յիշուի, օրինակի համար, Հայաստանեան դրոշմաթուղթի մը վրայ, Գերմանիոյ Փոցտամ քաղաքին փողոցներէն մէկը կը կոչուի Քարէն Եփփէ, իր անունով կայ սկաուտներու խումբ մը Դանիոյ մէջ, իր ծննդվայրին՝ փոքր եւ հանդարտ Կիւհլինկ քաղաքին մէջ իր պատուին կայ փոքր արխիւ մը եւ յուշաքար մը, նաեւ յիշուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած հայկական խաչքարի մը վրայ, Սփիւռքի տարածքին, ամենուրէք ան կ'ապրի վերապրած սերունդներու եւ մարդասէր անձերու սրտերուն ու մտքերուն մէջ իբրեւ «բողոքական սուրբը», «ռահվիրայ կին խաղաղարար մը», «ազատագրութեան փիլիսոփայ մը» եւ «դանիացի Ֆլորանս Նայթինկէյլը»: [23]

Իսկապէս դժուար է մոռնալ զինք՝ Քարէն Եփփէն, այս ծայրահեղ, լուռ, գործնապաշտ իտէալիստը, չոր զուարթամտութեամբ, թոյլ առողջութեամբ եւ ուժեղ խառնուածքով՝ հակասութիւններու աշխարհ մը թերեւս: Գիտակցաբար ան կը հրաժարէր իր սիրելի ընտանիքէն, երկրէն եւ անձնական սիրոյ կեանքէն՝ հայ ժողովուրդի սիրոյն համար: Գէորգ Կարեպետեանը, որ մանուկ հասակին, 1915-ին, Ուրֆայի մէջ պահուըտած էր անոր տան տախտակամածին տակ, հետեւեալը գրած է Եփփէի մահուան առիթով. «Հայերը պէտք է տեղ տան անոր Երեւանի հայկական պանթէոնին մէջ, հոն ուր իրենց հերոսները կը հանգչին, իբրեւ արտայայտութիւն իրենց յաւիտենական մեծարանքին, որուն այնքան արդարօրէն արժանացած էր ան, նաեւ իբրեւ արտայայտութիւն իրենց անհատուցելի պարտքին, որպէսզի ապագայ սերունդները տեղեակ պահուին, թէ դանիացի կին մը՝ անմահ հերոսուհի մը, անանձնական եւ սրտի վեհանձնութեամբ, ի՞նչ ըրած է իրենց հայրերուն համար այն օրերուն, երբ անոնք նեղութեան մէջ էին»: [24]

  • [1] Keith Watenpaugh, Bread from Stones: The Middle East and the Making of Modern Humanitarianism, Berkeley: University of California Press 2015, էջ xi-xiii:
  • [2] Քարէն Եփփէ, «Տեղեկագրութիւն Սուրիոյ մէջ հայութեան իրավիճակին մասին», Պաալպէք, 24 Օգոստոս 1922, Հայերու Դանիացի Բարեկամներ, Տուփ 10, Թղթածրար Ա, Դանիոյ Պետական Արխիւ, 7-8:
  • [3] Karen Jeppe, Missak: An Armenian Life, trans. ed. intro. Jonas Kauffeldt, London: Gomidas 2015, էջ xii:
  • [4] Matthias Bjørnlund, “Karen Jeppe, Aage Meyer Benedictsen, and the Ottoman Armenians: National Survival in Imperial and Colonial Settings,” ՀայկազեանՀայագիտականՀանդէս, 28-րդ հատոր, էջ 9-43:
  • [5] Տե՛ս Ingeborg Maria Sickի մահախօսականը Եփփէի մասին՝ “Karen Jeppe of Denmark and Armenia,” The American-Scandinavian Review, էջ 19:
  • [6] Matthias Bjørnlund, På herrens mark. Nødhjælp, mission og kvindekamp under det armenske folkedrab, Kristeligt Dagblads Forlag, 2015, էջ 93:
  • [7] Տէր Գարեգինի եւ կնոջ մահուան վերաբերող ամէնէն կարեւոր աղբիւրները, ինչպէս նաեւ՝ ընդհանրապէս Ցեղասպանութեան ընթացքին Եփփէի փորձառութիւններուն մասին կարելի է գտնել Պետրոս Տէր Պետրոսեանի եւ Գէորգ Կարապետեանի ականատեսի անտիպ վկայութիւններուն մէջ, Դանիոյ Ազգային Արխիւներ, Հայերու Դանիացի Բարեկամներու Արխիւ, 10158, «1919-1949», «Զանազաննիւթեր», ծրար 10; Քարէն Եփփէի արխիւ, Կիւհլինկ; Bedros Der Bedrossian, Autobiography and Recollections, Philadelphia, AIWA Press 200; Karen Jeppe, Misak. Et Livsbillede fra Armenien, serialized recollections in Armeniervennen, 1922-1929; Ephraim K. Jernazian, Judgment unto Truth:Witnessing the Armenian Genocide, New Brunswick & London: Transaction Publishers 1990: Այս օրերուն, Ուրֆայի մէջ Ցեղասպանութեան մասինբաւական գրականութիւն կայ, օրինակ՝ Jakob Künzler, In the Land of Blood and Tears: Experiences in Mesopotamia during the World War (1914-1918), Arlington, MA: Armenian Cultural Foundation 2007 (1921); Hans-Lukas Kieser, Der verpasste Friede. Mission, Ethnie und Staat in der Ostprovinser der Türkei 1839-1938, Zürich: Chronos-Verlag 2000; Hilmar Kaiser, ed., Eberhard Count Wolffskeel von Reichenberg, Zeitoun, Mousa Dagh, Ourfa: Letters on the Armenian Genocide, Primceton, NJ: Gomidas Institute 2001:
  • [8] Վերը նշուածը հիմնականօրէն Պիորնլունտի 7-րդ գլուխին վերամշակուած տարբերակն է, 2015:
  • [9] Եփփէի նամակը լոյս տեսած «Արմէնիրվենէն» մէջ, Կիւհլինկի արխիւ: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Մոնկենս Հոյմարքին զայն տրամադրելուն համար:
  • [10] Հայկական մարդասիրական դիմադրութեան վերաբերեալ, այսինքն՝ Ցեղասպանութեան ընթացքին հայերու կողմէ հայեր փրկելու լայն ջանքերուն մասին, տե՛ս Հիլմար Քեզէր, Hilmar Kaiser, At the Crossroads of Der Zor: Death, Survival, and Humanitarian Resistance in Aleppo, 1915-1917, London: Gomidas 2002; Khatchig Mouradian, The Resistance Network: The Armenian Genocide and Humanitarianism in Ottoman Syria, Lansing: Michigan State University Press 2020:
  • [11] Bjørnlund, 2015, էջ 210-217; www.armenocide.de; Ճերնազեան, 1990: Նաեւ՝ Jernazian, 1990, passim; Hermann Goltz & Axel Meissner, Deutschland, Armenien und der Türkei 1895-1925, Dokumente und Zeitschriften aus dem Dr. Johannes-Lepsius-Archiv an der Martin-Luther-Universität Halle-Wittenberg, Teil 3, Thematisches Lexicon zu Personen, Institutionen, Orten, Ereignissen, München: K. G. Sauer 2004, էջ 435:
  • [12] «Վալանթին», Իջեւանողներու Արձանագրութիւններ, Ազգերու Լիկայի Արխիւ (ԱԼԱ), 1091:
  • [13] Յարութիւն Չաքըրեան, “Zum 10-jährigen Todestags unserer geliebten Mutter Karen Jeppe 7.7. 1935 - 7.7. 1945,” [Մեր սիրելի մօր՝ Քարէն Եփփէի մահուան 10-ամեակին առիթով 7.7. 1935 - 7.7: 1945], ԴանիոյԱզգային Արխիւ (Rigsarkivet), DA 10158, «1919-1949», «Զանազան նիւթեր», ծրար 10, Հալէպ 1945:
  • [14] «Պարգեւ» Իջեւանողներու Արձանագրութիւններ, ԱԼԱ, 710:
  • [15] «Սիրանոյշ» Իջեւանողներու Արձանագրութիւններ, ԱԼԱ, 1029:
  • [16] «Մարիամ», Իջեւանողներու Արձանագրութիւններ, ԱԼԱ, 1079: 
  • [17] Հայերը ազատ արձակելու մասին յայտարարութիւնները արաբերէնով լոյս կը տեսնեն Դամասկոս, Ֆէյսալ թագաւորին պատկանող «Ալ-Ասիմա» թերթին մէջ, 19 Մայիսի 1919ին: Նորաստեղծ կառավարութիւնը կ'աջակցէր նաեւ տեղացի հայերու ճիգերուն՝ որբեր, աղջիկներ եւ կիներ հաւաքելու համար: Նորա Արիսեան, «Աստաաէլ-Իպատաէլ-ԷրմէնիաՖիԷլ-ՍահաֆաԷլ-Սուրիյէ (1930 -1877)», Պէյրութ. Տար էլ Թաքիրա, 20045 էջ 112-113; Levon Yotnakhparian, Crows of the Desert: The Memoirs of Levon Yotnakhparian, թարգ.. Victoria Parian, Tujunga, CA: Parian Photographic Design 2012: 
  • [18] Ցեղասպանութեան այս «երկրորդ փուլին» մասին մասնաւորաբար տե՛ս Raymond Kévorkian, The Armenian Genocide: A Complete History, New York: I. B. Tauris 2011:
  • [19] «Օննիկ» Իջեւանողներու Արձանագրութիւններ, 1325, ԱԼԱ. Այս պատմութիւնը աւելի մանրամասն կըպատմուի Jenny Jensen, “Fra Optagelseshjemmet,” Armeniervennen, Յուլիս-Օգոստոս 1929, էջ 29-30:
  • [20] Կիւհլինկի Արխիւ: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Մոկըս Հոյմարքին այս տեղեկութեան համար:
  • [21] Ingeborg Marie Sick, “Karen Jeppe of Denmark,” էջ 25: 
  • [22] Նախկին Քարէն Եփփէ Ճեմարան Նոր Գիւղի մէջ (Մէյտան) ոչ թէ համալսարան է, այլեւրոպական եւ ամերիկեան կրթական չափանիշով երկրորդական դպրոց: Քոլէճին, եւ Եփփէի Հալէպի մէջ արգելափակման մասին տեղեկութիւններ կարելի է գտնել Յակոբ Չոլաքեան, Քարէն ԵփփէՀայ գողգոթային եւ վերածնունդին հետ, Արեւելք, Հալէպ, 2001, էջ 158-159: 
  • [23] Ernest Barron Gordon, A Book of Protestant Saints, Chicago: Moody Press 1946; Matthias Bjørnlund, “Da Danmarks Florence Nightingale fandt sit kald i livet,” Kristeligt Dagblad, 26 December 2015; Elisabeth Lyneborg, Karen Jeppe, København: Lindhardt & Ringhof 2020; Eva Lous, “Karen Jeppe - Danmarks første befrielsesfilosof,” Det Danske Fredasakademi 2003, .http://www.fredsakademiet.dk/library/jeppe.htm
  • [24] Գէորգ Կարապետեան, «Օրիօրդ Քարէն Եփփէն՝ Մայր», Պաղտատ, Իրաք, (առանց թուականի), Հայերու Դանիացի Բարեկամներ (DDA), Տուփ 10, Թղթածրար Ա, Դանիոյ Պետական Արխիւ, 2:

Արխիւներ

  • Դանիոյ Ազգային Արխիւ (Rigsarkivet), Քոփէնհակէն, Դանիա
  • Դանիոյ Ազգային Գրադարան (Det Kongelige Bibliotek), Քոփէնհակէն, Դանիա
  • Տեղական պատմական արխիւ, Կիւլինկի օկ Օմէնի, Քարէն Եփփէի հաւաքածոյ, Կիւլինկ, Դանիա
  • Ազգերու Լիկայի Արխիւ, Ժընեւ, Զուիցերիա

Ընտրուած ընթերցումներ

  • Dicle Akar, Matthias Bjørnlund, Taner Akçam, Soykırımdan kurtulanlar: Halep kurtarma Evi Yetimleri, İstanbul: Iletişim Yayınları 2019.
  • Nora Arissian, Asda’ al-abadat al-armaniyya fi al-sahafa al-suriyya (1930-1877, Beirut: Dar al-thaikra 2004.
  • Matthias Bjørnlund, På herrens mark. Nødhjælp, mission og kvindekamp under det armenske folkedrab, Kristeligt Dagblads Forlag 2015.
  • Յակոբ Չոլաքեան, Քարէն Եփփէ. Հայ գողգոթային եւ վերածնունդին հետ, Արեւելք, Հալէպ, 2001:
  • Lerna Ekmekcioglu, Recovering Armenia: The Limits of Belonging in Post-Genocide Turkey, Stanford: Stanford University Press 2016.
  • Edita Gzoyan, “Women Survivors of the Armenian Genocide: Liberation and Relief at the Aleppo Rescue Home,” Central & Eastern European Review, vol. 13, 2019, pp. 13-30.
  • Aschot Hayruni, Im Einsatz für das bedrohte Volk der Armenier - Johannes Lepsius und seine Mission, (Eastern Church Identities), Paderborn: Verlag Ferdinand Schöning 2020.
  • Karen Jeppe, Missak: An Armenian Life, trans. ed. intro. Jonas Kauffeldt, London: Gomidas 2015. 
  • Rebecca Jinks, “Marks Hard to Erase: The Troubled Reclamation of “Absorbed” Armenian Women, 1919-1927,” The American Historical Review, vol. 123, no. 1, February 2018, pp. 86–123.
  • Jonas Kauffeldt, Danes, Orientalism, and the Modern Middle East: Perspectives from the Nordic Periphery, Ph.D. dissertation, Florida State University 2006.
  • Dzovinar Kévonian, Réfugiés et diplomatie humanitaire: les acteurs européens et la scène proche-orientale pendant l'entre-deux-guerres, Paris: Publications de la Sorbonne 2004.
  • Helle Schøler Kjær, 1915 - Danske vidner til det armenske folkemord, Copenhagen: Vandkunsten 2009.
  • Nicola Migliorino, (Re)constructing Armenia in Lebanon and Syria: Ethno-cultural Diversity and the State in the Aftermath of a Refugee Crisis, New York & Oxford: Berghahn Books 2008.
  • Khatchig Mouradian, “Genocide and Humanitarian Resistance in Ottoman Syria, 1915-1916,” Études arméniennes contemporaines, vol. 7, 2016, pp. 87-103.
  • Khatchig Mouradian, The Resistance Network: The Armenian Genocide and Humanitarianism in Ottoman Syria,Lansing: Michigan State University Press 2020.
  • Vahram L. Shemassian, “The League of Nation and the Reclamation of Armenian Genocide Survivors,” in Richard G. Hovannisian, ed., Looking Backward, Moving Forward: Confronting the Armenian Genocide, Routledge: London & New York 2017 (Transaction Publishers 2003), pp. 81-112.
  • Ingeborg Maria Sick & Pauline Klaiber, Karen Jeppe im kampf um ein Volk in not, Stuttgart: Steinkopf 1929. 
  • Ingeborg Maria Sick, “Karen Jeppe of Denmark and Armenia,” The American-Scandinavian Review, vol. 25, no. 1, 1938, pp. 18-25.
  • Niels Arne Sørensen, “Humanitarianism (Denmark),” 19 November 2018, encyclopedia.1914-1918-online.net/article/humanitarianism_denmark .
  • Vahé Tachjian, “Mixed Marriage, Prostitution, Survival: Reintegrating Armenian Women into Post-Ottoman Cities,” in Nazan Maksudyan, ed., Women and the City, Women in the City. A Gendered Perspective on Ottoman Urban History, New York & Oxford: Berghahn Books 2014, pp. 86-106.
  • Keith D. Watenpaugh, “The League of Nations' Rescue of Armenian Genocide Survivors and the Making of Modern Humanitarianism, 1920–1927, American Historical Review, vol. 15, no. 5, December 2010, pp. 1315-1339.
  • Keith D. Watenpaugh, Bread from Stones: The Middle East and the Making of Modern Humanitarianism, Berkeley: University of California Press 2015.
  • Levon Yotnakhparian, Crows of the Desert: The Memoirs of Levon Yotnakhparian, trans. Victoria Parian, Tujunga, CA: Parian Photographic Design 2012.