Խորգոմ/Վան - «Փափուռի» (պար)

Թարգմանութիւն՝ Վարդան Թաշճեան, 06/06/23 (վերջին փոփոխութիւն՝ 06/06/23)

Այս բաժինին նպատակն է մէկտեղել եւ ներկայացնել զանազան հայկական աւանդական պարեր, որոնք պահպանուած են Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքներուն մէջ։ Այս ծրագիրին իրականացումին համար Յուշամատեանը կը գործակցի հայկական պարերու խումբ մը մասնագէտներու հետ, որոնք իւրաքանչիւր պարի համար պատրաստած են պարային չափեր։ Խումբին անդամներն են՝ Քարոլին Ռափքիեւեան (Պար Հէրպոր, Մէյն), Սուզըն եւ Կէրի Լինտ-Սինանեան (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսէց), Թոմ Պոզիկեան (Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա), Ռապըրթ Յարութիւնեան (Սանիսայտ, Նիւ Եորք)։

«Փափուռի»ն (Փափուռի, Փամփորիկ, Փոմփոռի, Փամփուռիկ) տարածաշրջանային զանազան տարբերակներով պար մըն է, կը պարուի ամբողջ Վանի, Մշոյ դաշտին, Բաղէշի (Պիթլիս), Սասունի եւ Հայկական լեռնաշխարհի մեծ մասին մէջ: Այս պարին արտասանութեան եւ, հետեւաբար, անուանման ուղղագրութեան բազմաթիւ տարբերակներ կան: Ըստ Թոմ Պոզիքեանի` «մ»-ով անոր անուանումը կրնայ յառաջացած ըլլալ պարին մէջ ոտքով գետին հարուածելու ժամանակ հնչած խօսակցական շեշտադրումէն` «Փամփ, փամփ, փամփոռի»:

«Փափուռի»ի այս տարբերակը տղամարդոց աւանդական պար մըն է Խորգոմ գիւղէն (ներկայիս Տիլքայա): Պարը Նիւ Եորքի Հայկական ժողովրդական պարերու ընկերութեան սկզբնապէս ներկայացուցած է յայտնի նկարիչ Արշիլ Կորքիի (Ատոյեան) հօրեղբայր Արշակ Մուրատեանը՝ 1939 թուականին: Ան կը շարունակէ խառն շարքերով պարուիլ ԱՄՆ-ի հայկական գաղութներուն մէջ եւ կը համալրէ Հայաստանի Հանրապետութեան պարախումբերուն ցանկը:

Աղբիւրներ.- Մարկարէթ Թելլալեան Քիրքոսթաս, Էտի Քէօսէեան, Արսէն Անուշեան, Հուրիկ Սահակեան, Ճոն եւ Սօսի Գատեան, Յարութ Տէրտէրեան։

Կատարման բնոյթը.- այս «Փափուռի»ն ունի երեք բաժին։ Առաջինը կը պարուի բաց շրջանով, առաջնորդը աջ կողմն է, պարողները կը միացնեն ճկոյթ մատները, ձեռքերը՝ ուսի բարձրութեան վրայ: Երկրորդ հատուածը կը պարեն շրջանաձեւ, իրարու ձեռքերը բռնած եւ ուղիղ թեւերը ճօճելով: Երրորդ հատուածին մէջ ձեռքերը կը գտնուին կոնքերուն վրայ:

Կշռոյթը.- 2/4, 6/8, 2/4:

«Փափուռի» պարի ներկայացում եւ ցուցմունքներ