Մուսա Լերան Խտրպէկ գիւղի սրճարաններէն մէկուն մէջ. շատ հաւանաբար 1930-ականներուն (Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ)

Մուսա Լեռ - Տօներ

Հեղինակ՝ Սոնիա Թաշճեան, 14/03/15 (վերջին փոփոխութիւն՝ 14/03/15)

Տօներն ու անոնց հետ առնչուող արարողակարգերը մուսալեռցիներու կեանքին մէջ մեծ տեղ կը գրաւեն եւ յաճախ անոնք սերտօրէն կապուած են եկեղեցւոյ հետ: Թէեւ առերեւոյթ կը կարծուի որ անոնք այդքան ալ ջերմեռանդ չեն, սակայն խորքին մէջ աւանդապաշտ ու հաւատացեալ ժողովուրդ մըն է: Տօներու սովորութիւններուն մէջ անպայման ներկայ են եկեղեցական ծիսակատարութիւններն ու ժամերգութիւնները, որոնք ամբողջ հասարակութեան կողմէ կը յարգուին. իսկ տօներու հետ կապուած աւանդական սովորութիւնները` ծիսակարգերը, այցելութիւններն ու ճաշատեսակները միասնականօրէն կը պահպանուին եւ կը տօնուին ամբողջ ժողովուրդին կողմէ: Յատկանշական է, որ տօներուն` Զատակ (Զատիկ) կը կոչեն: Յաճախակի են ուխտագնացութիւնները եւ հաւաքական մատաղները դէպի մօտակայ սրբատեղիներու աւերակները:

Մուսալեռցի տաւուլ-զուռնա նուագողներ։ Լուսանկարը քաշուած է հաւանաբար Պէյրութի նաւահանգիստը, 1946-1947-ին, երբ հազարաւոր հայերու կողքին մուսալեռցիներ նոյնպէս կը մեկնէին Խորհրդային Հայաստան՝ բնակութիւն հաստատելու (այդ օրերու բառապաշարով՝ ներգաղթելու) (Աղբիւր՝ Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ)

Կաղանդ

Մուսալերան ժողովուրդը Կաղօնտ կը կոչէ տարուայ վերջին օրը: Տօնին պատրաստուող ամենէն աառաջինները պատանիներն են, որոնք դեռ շաբաթ մը առաջուընէ, 4-5 մեթր երկարութեամբ դափնիի ճիւղ մը կը կտրեն, կը մաքրեն ձողերը, միայն ծայրին ձգելով խիտ սաղարթները: Կաղանդի առտուն, դեռ մութնուլուսին, ժամերգութեան հետ, կը հաւաքուին գիւղի եկեղեցւոյ հրապարակը, ուր պատրաստուած կ’ըլլայ փայտերու դէզ մը: Կը սպասեն, որ դէզին մօտենայ մեծահասակ պապուկ (մեծ հայրիկ) մը, որ աղօթք մրմնջելով, ապա «լաւը` պահես, չարը` վանես» մաղթանքով առաջին կայծը կու տայ եւ կը վառէ խարոյկը. պատանիները խմբուած կրակի շուրջբոլորը կը սպասեն ազդանշանին, որպէսզի իրենց պատրաստած դափնեձողերը մօտեցնեն խարոյկին. վառելով տերեւները, ձողը կը բարձրացնեն, ապա նորէն կ’իջեցնեն խարոյկի մէջ. տերեւներու ճաթռտոցը կը լեցնէ մթնոլորտը. այս ծիսակարգը կը շարունակուի մինչեւ որ խանձուին սաղարթները. այդ միջոցին ծայր կ’առնէ ժողովրդական շուտասելուկներու, կատակներու եւ սրամտութիւններու շարք մը [1]։

Ըստ տեղական աւանդազրոյցի, հայերու քրիստոնէութեան ընդունման առաջին տարիներուն, Չուր Ըլլիանիւս (չար Յուլիանոս) անունով հեթանոս թագաւոր մը այն ժամանակուայ հայ կաթողիկոսին կը ղրկէ փունջ մը կանաչ խոտ. հայ կրօնաւորներն ու իշխանները խոտը կը վերադարձնեն թագաւորին, վրան` Յիսուսի խաչեալ պատկերով Պատարագի նշխարհ մը, ըսել ուզելով, որ խոտակերը դուք էք, մենք հացակեր ենք: Յուլիանոսը պատերազմ կը յայտարարէ պատժելու քրիստոնեայ հայերը. անհաւասար մարտի մէջ հայերը հրաշքով կը բռնեն թագաւորը եւ կը յաղթեն. գերեվարուած Յուլիանոսը խարոյկի մէջ կը նետեն, ծաղրելով վրան կը լեցնեն դափնի ճիւղեր ու տերեւներ, որպէս կարծեցեալ յաղթութեան խորհրդանիշ։ Դափնեձողերու հրկիզումը կը կատարուի հաւանաբար այս հին դրուագը վկայակոչելու համար [2]։

Մինչ այդ, բոլոր օճախներուն մէջ սկսած են պատրաստուիլ տօնական սեղանին` ձիթը բիկիղ, պանրըհուց, կաթնըհուց, զիլիպիկ, պուրմու, աղունց, եւայլն: Մառաններէն կը բերուին չիրեր, ընկուզեղէն, պտուղներ, օղի եւ գինի: Տղաները դափնիի վարուած ձողերը կը տանին տուն եւ անոնցմէ կը պատրաստեն գաւազանները, որոնց ծայրը պիտի ամրացնեն կաղանդչէք հաւաքելու իրենց տոպրակները: Տարուայ մէջ հաւանաբար միակ տօնն է, երբ ընտանիքի բոլոր անդամները (առանց տարիքի ու սեռի սահմանափակումներու) կը համախմբուին տօնական համեստ սեղանին շուրջ եւ մինչեւ լոյս ուրախութիւն կ’ընեն: Կէս գիշերին գիւղի եկեղեցւոյ կոչնակը կ’աւետէ նոր տարին: Կերուխումն ու այցելութիւնները կը շարունակուին մինչեւ մթնշաղ: Տղաները ճանթա քերիլու (կաղանդչէքի տոպրակ նետելու) համար կը շրջին տունէ տուն, դուռը կը թակեն եւ կը նետեն իրենց տոպրակը, որոնց մէջ կը լեցուին չիր-չամիչ, ընկուզեղէն, քաղցրեղէն: Յաճախ նաեւ ծխնելոյզէն վար կը ձգեն. կը պատահի, որ սրամիտ տնեցիները տոպրակներէն մէկուն մէջ կրակարանի վառուող կայծ կը լեցնեն` զուարճանալու համար: Իսկ երիտասարդները, ծպտուած հագուստներով կը մտնեն տուները, խեղկատակութիւններով ու սրամտութիւններով ծիծաղ առաջացնելու, որոնք կը վարձատրուին խմիչքով ու համապատասխան պատառներով:

Եօղուն-Օլուքէն մասնակի տեսարան մը։ Խորքին կ՚երեւի Աքրա/Քասիուս (Քեսապ) լեռը։ Այս մէկը Հալէպի յայտնի լուսանկարիչներէն՝ Վարդան Տէրունեանի կողմէ պատրաստուած բացիկ մըն է (Աղբիւր՝ Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ)

Առաւօտեան բոլորը պիտի երթան եկեղեցի ներկայ գտնուելու տարուայ առաջին Պատարագին: Մանուկները ամբողջ օրը կը պտտին բարեկամներու եւ ծանօթներու տուները՝ կաղանդչէք ստանալու համար. անշուշտ առաջին այցելութիւնը կու տան իրենց կնքահօր, որովհետեւ Մուսա Լերան գիւղերուն մէջ տան ամենէն յարգուած ազգականը` կնքահայրն է. Շինիֆիր ձիր կաղօնտ ըսելով կը սպասեն դրան դիմաց. տնեցիները, որոնք կը սպասեն այս այցելութեանց, համեղ ուտելիքներով կը ճամբեն զանոնք: Այցելութիւններու ընթացքին, եթէ յանկարծ ոեւէ մէկը ուշացաւ ու չբաւարարեց տղաներուն ցանկութիւնը՝ Ձիր հեւիրէն ծէոյը թըղ կապվա (ձեր հաւերուն ծակը թող կապուի) անիծելով կը հեռանան [3]։

Սովորութիւն կայ, որ նշանուած երիտասարդները իրենց հարսնացուներուն համար, ըստ կարողութեան, զարդեղէն մը կը ղրկեն` պտուղներու կապոցի մը ընկերակցութեամբ: Այլ հետաքրքիր սովորութիւն մըն է, որ գիշերը, երբ գերդաստանն առանձին է եւ հիւր չկայ ու յոգնած են կերուխումէն, տան մեծահասակներէն մէկը կրակին շուրջ բոլորուած ընտանիքի անդամներուն հեքիաթներ  կը պատմէ. Կըկինու, չըկինուր, թաքաւուր մը կըկինու... (Կար ու չկար թագաւոր մը կար...):

Սուրբ Ծնունդ եւ Ջրօրհնէք

Ժողովուրդը Տունէն Զէտէկ (տան զատիկը) կամ Պզտէկ Զէտէկ (պզտիկ զատիկ) կը կոչէ այն: Խթման գիշերը պատանիներու խումբեր կը շրջին գիւղի փողոցներով, կ’այցելեն իւրաքանչիւր տուն «Խորհուրդ Մեծ» աւետիսն երգելու. տնեցիք նուէրներով կը գնահատեն պատանիները: Շրջայցի աւարտին, արդէն լուսացած ըլլալով կը հաւաքուին եկեղեցւոյ բակին մէջ, ստացած նուէրները բաժնուելու համար. եթէ նուէրներուն մէջ դգալ կայ, կու տան եկեղեցիին, հոգեճաշի համար գործածելու:

Տարածուած հաւատալիք մըն է, որ Խթման գիշերուան այն ակնթարթին, երբ ծառերը կը խոնարհին, եթէ ոեւէ մէկը ինչ-որ բան խնդրէ, անպայման կը կատարուի: Երիտասարդներ սովորութիւն ունին մութնուլոյսին, կոչնակի զանգին հետ իջնել ձորակ, լողալու վտակին մէջ, որքան ալ պաղ ըլլայ անոր ջուրը [4]։

Բացօթեայ խորան Տամլաճիքի մէջ (Մուսա Լեռ) 1920-ականներու կէսերուն։ Այս նոյն վայրին մէջ 1915-ի դիմադրութեան օրերուն պատարագ կը մատուցուէր (Աղբիւր՝ Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ)

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի տեղի կ’ունենայ Ջրօրհնէքի եւ Յիսուսի Սուրբ Մկրտութեան արարողութիւնը. քահանան տաշտը ջուրով լեցնելէն յետոյ, խաչը կ’ընկղմէ մէջը եւ կը յայտարարէ կնքահայրութեան աճուրդ. ով որ բարձր գնահատէ, ան ալ կ’ըլլայ այդ տարուայ օրհնեալ կնքահայրը: Եկեղեցիէն դուրս գալու ժամանակ, հաւատացեալներն իրենց հետ կը տանին մկրտութեան օրհնուած ջուրէն [5]։ Քահանան ու ժամկոչը կը սկսին տնօրհնէքի արարողութեան, իսկ գիւղացիք իրարու շնորհաւորական կարճ այցելութիւններ կու տան. միմեանց կը դիմեն`Ամըն տարա եաս ուրը սաղ ու բարու թըղ կինըք (ամէն տարի այս օրը ողջ-առողջ մնաք) բարեմաղթելով:

Տօնի յատուկ ճաշեր են քլուրը մածնըշուրբու, կուլուկըսը թթջէօր, պուրանա, հերիսը, եւայլն:

Սուրբ Աստուածածինի տօնակատարութիւնը Պիթիասի (Մուսա Լեռ) նոյնանուն եկեղեղեցւոյ փակին մէջ։ Կ՚երեւին հարիսայի կաթսաները։ 1930-ական թուականներու լուսանկար (Աղբիւր՝ Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ)

Սուրբ Սարգիս

Սուրբ Սարգիս զօրավարը կը համարուի սուէտացիներու գլխաւոր սուրբը. դժուարութեան պահուն անոր օգնութեանը կը դիմեն, աղօթելով Եա Սուբ Սարգէս, դէոն թըղ հասնես (Ով Սուրբ Սարգիս, դուն հասիր օգնութեան) [6] կամ Եա Սուբ Սարգէս, բըռնի զգուտէս` չըննի հիգգէս... (Ով Սուրբ Սարգիս, բռնէ գօտիս` չելլէ հոգիս...) [7]։

Աւանդազրոյցի համաձայն, Սուրբ Սարգիսը կը յաղթէ ու կը փրկէ Կոստանդնուպոլսոյ կայսեր. կայսրը հիացած անոր քաջութեամբ, խնճոյքի կը հրաւիրէ, որու ընթացքին սակայն կ’որոշէ սպաննել զիրենք. այն երիտասարդուհին, որ եկած էր սպաննելու իրեն, կը յայտնէ անոր կայսեր մտադրութիւնը եւ կը խոստովանի իր սէրը. զօրավարը մազապուրծ կ’ազատի եւ սիրուհիին հետ կը փախի ու կ’ապաստանի Մուսա Լերան քարայրներուն մէջ [8]։ Այսպիսով Սուրբ Սարգիսի անունը կրող երեք սրբավայր կայ Մուսա Լերան գիւղերուն մէջ. առաջինը Քեպուսիէի նշանաւոր սրբավայրն է. գիւղի հիւսիսային կողմով արահետը կը տանի ձոր, ուր բարձրադիր ժայռի մը վրայ կը գտնուի քարայրը, մէջը` գուռ մը, կողքին ձիու սմբակներու հետքերուն նմանող փոսիկներ. ժողովուրդը փայտեայ աստիճաններ կառուցած է բարձրանալու համար այդ սրբավայրը: Երկրորդ քարայրը` Եօղուն-Օլուքէն դեպի հիւսիս գտնուող ուղղաձիգ զառիթափի մը վրայ է, իսկ երրորդը` Պիթիասի արեւմտեան կողմը [9]։

Սուրբ Սարգիսի տօնին սովորութիւն է գումպու եփել. ամէն ընտանիք պիտի պատրաստէ գուշակութիւններու այս քաղցր հացատեսակը, որուն խմորին մէջ կը տեղադրեն մետաղադրամ մը եւ տան անդամներու թիւով տարբերանշաններ` լուբիա մը, սիսեռ մը, բակլայ մը, կոճակ մը, հուլունք մը, կորիզ մը, եւայլն, որոնք կը խորհրդանշեն ընտանիքի ունեցուածքը: Խմորը կը ծածկեն լըվակ կոչուող բոյսին լայն տերեւներով եւ կը թաղեն յանգած թոնիրի տաք մոխիրին` մաղմիւղին մէջ, մինչեւ առտու ինքնիրեն եփուելու համար: Կը հաւատան, որ Սուրբ Սարգիս այդ գիշեր կը շրջի գիւղերով եւ իր ձիուն պայտին հետքը կը ձգէ հմայական հացին վրայ, այդպիսով օրհնելով զայն: Յաջորդ օրը գումպուն հանդիսաւորապէս կը բերուի սեղան, կը շերտուի եւ կը բաժնուի ընտանիքի անդամներուն թիւով. իւրաքանչիւրը կը վերցնէ գումպույի իր բաժինը։ Այնտեղ ուր պահուած է առարկան (տարբերանշանը` ուլունք, լուբիա, սիսեռ, մետաղադրամ, եւալն) բնականաբար հարթ չըլլար, կը նմանի «պայտի հետք»ի. անոր տակ պահուած է բախտը, որ կը խորհրդանշէ ընտանիքին սեփականութիւններէն մէկը (ցորենի արտ, խաղողի այգի, պարտէզ, թթաստան, կաթնտու կով, լծկան եզներ, ոչխարի հօտ, նոյնիսկ` հրացան)։ Ուրեմն գումպույին մէջէն առարկան գտնողը այդ տարուան ընթացքին պիտի տնօրինէ ու հոգ տանի զայն խորհրդանշող ընտանեկան սեփականութիւնը:

Դանիէլ Չափարեանի պանդոկը Պիթիաս գիւղին մէջ, 1930-ականներուն։ Նախապէս եղած է մետաքսի գործարան (Աղբիւր՝ Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ)

Անոր որուն բաժնին մէջէն դուրս կու գայ տուլութ (բախտ) մետաղադրամը, ան կը համարուի տարուան բախտաւորը. սակայն զարմանալի է, որ տնեցիները հռհռալով կը բացագանչեն՝ «Ծովը նետեցէ՜ք....»: Այն յիշատակութիւնն է Յովնան Մարգարէի ծովն իյնալու եւ փրկուելու հրաշապատումին, հաւատալով որ ենթական Մարգարէի նման բախտաւոր է, ծովն իյնալով հանդերձ կրնայ փրկուիլ:

Նշանուած աղջիկներուն այցելելը պարտադիր է. խնամիները քաղցրեղէններով, միրգերով, քումպայով ու նուէրներով կ’երթան հարսնացուին տեսութեան. յատկապէս երբ այս վերջինս պահած է Սուրբ Սարգիսի եռօրեայ ծոմապահութիւնը, կը համբուրէ ապագայ կեսուրմայրիկի ձեռքը եւ կը ստանայ իր նուէրը, որ սովորաբար արծաթադրամ մը կ’ըլլայ [10]:

Վարդանանք

Բարեկենդանի նախորդող շաբթուայ Հինգշաբթի օրը Վարդանանց յիշատակութեան օրն է, այս պատճառով յաճախ բարեկենդանն ալ կը կոչուի հարբցնուղուց ուր (հարբեցողաց օր):

Այդ օրը նախ կը նշուի եկեղեցիներուն մէջ մատուցելով Պատարագ եւ հոգեհանգստեան կարգ. քահանան ոգեշունչ քարոզ կ’արտասանէ դրուատելով Վարդանանց նահատակները: Աշխատանք ու դպրոց չկայ այդ օրը. փողոցներուն մէջ դպրոցականները «Վարդանանց պատերազմ» կը փորձեն խաղալ, բայց որովհետեւ ոչ ոք չուզէր պարսիկ զինուորի դերը խաղալ, խաղը կիսատ կը մնայ....: Երեկոյան կը հաւաքուին ընտանեկան յարկի տակ եւ կերուխումի սեղան կը բացուի, որու ընթացքին մեծահասակները կը պատմեն Վարդանանց պատմութենէն դրուագներ [11]։

Այս օր նաեւ բարեկենդանի առիթով նշանուած աղջիկներուն այցելելու օրն է. խնամիներն իրենց նուէրներով ու անուշեղէններով կ’երթան հարսնացուին տեսակցության:

1) Մուսալեռցի ընտանիք մը Քապուսիէ գիւղէն։ Լուսանկարին թուականը անյայտ է, շատ հաւանաբար 1915-էն առաջ կամ 1920-ականներու սկիզբը (Աղբիւր՝ Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ)
2) Մուսա Լեռի մէջ քաշուած լուսանկար, 1930-ականներու սկիզբը։ Ամէնէն աջին կանգնած մարդը (գլխարկով)՝ Ղուկաս Մարտիրեան։ Անոր ճիշդ կողքին կանգնած կինը՝ Ճեմիլէ Տումանեան։ Իշուն քամակին վրայ նստած երեք տղաքը (բոլորն ալ գլխարկով) Ճեմիլէի զաւակներն են. ձախէն աջ՝ Անտրէ, Անթուան եւ Մորիս։ Իսկ տղոց ճիշդ առջեւը եւ դարձեալ իշուն վրայ նստած աղջնակը՝ իրենց քոյրը՝ Անթուանէթ (յետագային Տէր Ղուկասեան) 
(Աղբիւր՝ Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ)

Բարեկենդան

Ժողովուրդը կ’արտասանէ բէրկընտընկ, այն կը տեւէ երկու շաբաթ. առաջին շաբաթը համեմատաբար աւելի հանգիստ բնոյթ կը կրէ, սակայն երկրորդ շաբաթասկիզբէն եռանդուն կը նշուի տօնը, որուն կը մասնակցին բոլորն անխտիր: Բարեկենդանը սիրուած տօն է. նախ որ աշխատանքային ժամանակաշրջան չէ, հետեւաբար շատ ազատ ժամանակ ունին զուարճանալու, յետոյ ալ այդ առիթով իւրաքանաչիւր տուն անպայման մսատու կենդանի մը պիտի մորթէ, ինչը տօնական մթնոլորտ կը ստեղծէ: Առաջին օրերուն իսկ կը մորթուի տօնին համար յատուկ պահուած կենդանին եւ կը պատրաստեն սիրուած մսային ճաշատեսակներ` քլուր, հերիսե, թրախ, խորոված, եւայլն, ինչպէս նաեւ պանրըհուց, սիլիքըկ, էճճըք, քաղցրեղէններէն` զիլիբըկ, պուրմա, կաթնըհուց, բիկիղ, փախլաւա, եւայլն [12]։

Հեթում Ֆիլիանի սրճարանը Պիթիաս գիւղին մէջ (Մուսա Լեռ), 1930-ականներուն (Աղբիւր՝ Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ)

Առաջին Ուրբաթ օրը գիւղին երիտասարդները կ’ընտրեն իրենց պետը` եկիդ պաշին, որպէսզի ղեկավարէ խնճոյքները. այս վերջինս նուէրով մը` շիշ մը օղի, կամ թաշկինակ մը կամ 100 կրամ թենպէք ( ծխախոտի չոր փշրուած տերեւ) կը ներկայանայ եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետին, թոյլտւութիւն խնդրելու տաւուլ-զուռնայով (դհոլ-զուռնա) կատարելու հրապարակային խրախճանքը, նախապէս խոստանալով կանխել որեւէ անախորժ միջադէպ: Յետոյ կ’երթայ գիւղապետին մօտ, անոր թոյլտւութիւնն ալ վերցնելու. որմէ յետոյ գիւղամիջի հրապարակին մէջ կը լսուի աւանդական դհոլ-զուռնայի ձայնը, որով կը սկսի բարեկենդանեան հրապարակային տօնախմբութեան շքերթը. նախ երիտասարդները կը պարեն իրենց շողշողուն սուրերով, որոնց կը հետեւին պատանիներն ու մանուկները` փայտեայ սուրերով ու գաւազաններով: Ուշացողները կը տուգանուին, վճարելով նուագողներուն վարձը [13]։

Շաբաթ օրը խաղերն ու խմբապարերը կ’աշխուժանան գիւղին հրապարակին մէջ: Յաճախ այս պարերը կը նպաստեն երիտասարդներուն ինքնարտայայտուելուն եւ ուշադրութիւն գրաւելուն: Բոլոր հաւաքական առիթներուն, այնպէս ալ բարեկենդանին սովորութիւն է ծխխիլը (խնկով կամ այլ անուշաբոյր խոտերով խնկարկել, ծխահարել, որպէս չարխափան միջոց). տարիքոտ կին մը պղինձէ սինիին վրայ խնկաման դրած կը մօտենայ պարողներուն, խորհրդաւոր շարժումներով պտտցնելով խնկամանը. պարողները ձեռքի շարժումներով ծուխի գուլաները դեպի իրենց կը քաշեն, փորձելով խորը ներշնչել ծուխը. մինչ պառաւը քթի տակ անընդհատ կը մրմնջէ՝ չիւր աչքը թըղ կուրնու, չիւր նաֆասը թըղ չիւրնու (չար աչքը թող կուրնայ, չար շունչը թող չորնայ). անշուշտ պարողները անպայման կը վարձատրեն պառաւը:

Բարեկենդանի մէկ այլ ծիծաղաշարժ սովորութիւնը մարդկանց բանտարկելն է. եիկիդ պաշիի (yiğitbaşı, խումբին պատասխանատու) հրամանով տղաներէն մէկուն գետինը ծալլապատիկ կը նստեցնեն պարողներուն մէջտեղը, ապա դիմացը սուր մը կը դնեն, համարելով բանտարկուած, մինչեւ որ անոր համար փրկագին`մսացու կենդանի մը կամ շիշ մը օղի վճառուի:

Մուսա Լերան գագաթին գտնուող Թաթարլանկ կոչուող վայրը, ուր տեղի ունեցան 1915-ի մարտերէն ոմանք (Աղբիւր՝ Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ)

Առաջին Կիրակի օրը կը կազմակերպեն տինիրք ըընեյլ (տանիք բարձրանալ). քիլիմները (կարպետ) կը փռեն գոմի հողածածկ տանիքին, կը բանան սուփրան եւ հակառակ դուրսի ցուրտին ուրախ մթնոլորտ կը ստեղծեն կերուխումի, երգի, պարի, խաղերու եւ հիւրասիրութեան: Տարածուած ներկայացում-խաղերէն մէկն է թագաւորի խաղը: Անոնցմէ մէկը «թագաւոր» կ’ըլլայ, կը հագցնեն գնչուի շորեր, գլխուն` թագ, կողքին մէկուն «վեզիր» կը նշանակեն ու բոլորը կ’ենթարկուին անոր հրամաններուն. եթէ փողոցով ինչ որ մէկն անցնի այդ պահուն, «թագաւորը» կը ղրկէ իր «ոստիկանները» եւ ձերբակալել կու տայ զայն. «ատեանի» առջեւ կը դատեն անցորդը եւ կը մեղադրեն այդ փողոցով անցնելու, թագաւորին պատշաճօրէն չներկայանալու, յետոյ ալ դատարկաձեռն ըլլալու համար. որպէս տուգանք շիշ մը օղի կը նշանակեն. ու կը պահեն բանտարկուած, մինչեւ որ տուգանքը տեղ հասնի. եթէ չեմուչեմ ընէ, ամբողջ գիւղով մէկ կծծի կը յայտարարուի.... [14]։

Պարերը ընդհանրապես կը սկսին ծանր ու դանդաղ, բայց կ’աւարտին թռվրուն. կը պարեն գիյապաշի, ծունտըր հաւու, չալըմ տանկի կոչուղ պարերը. առաջին երկուքը խմբապարեր են, իսկ երրորդը` դաշոյներու կիրառումով զոյգպար է: Իսկ կանայք ունին իրենց յատուկ շուրջպարն ու խմբերգները, զորս կալերուն մէջ ձեռք-ձեռքի տուած, շուրջպար բռնելով կ’երգեն ու կը պարեն։

Ահաւասիկ այդ երգերէն ոմանք՝

Մուսա Լեռի մէջ սրճարան մը։ Ճշգրիտ վայրը եւ մարդոց ինքնութիւնը անյայտ (Աղբիւր՝ Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ)

ԼԷՅԼԱՄԱՆԻ

Աման աշկէն ձիր վէթուանը եէու կըննու.
Շիւտ միժկըտվէր ագագըդ մուրուտ կըննու.
Լէյլ ամանի ամանի, հէյ եամանի եամանի....

Կըննի կուրթու մանտրասէն
Բարիւվ կու տու Ընդըրիասէն.
Լէյլ ամանի ամանի, հէյ եամանի եամանի....

Տիւնիրգ կըննի կըթնտու,
Սատկա կուրթու, կխնտու.
Լէյլ ամանի ամանի, հէյ եամանի եամանի....

Անթը կաչէն գագմինէն,
Փագլաւինէն, լուգմինէն.
Լէյլ ամանի ամանի, հէյ եամանի եամանի....

Առվընէն ճաղըր-ճուղըր,
Չէուր թըղ իննա պառւընէն,
Լէյլ ամանի ամանի, հէյ եամանի եամանի....

Փուրթուգալ քաղի խիւշիւր,
Անցէ գընու շիւտ մ’իշիր,
Լէյլ ամանի ամանի, հէյ եամանի եամանի....

Անցէ գընու շիւտ մ’իշիր
Ադ աշկայն դիդէդ չ’իշիր.
Լէյլ ամանի ամանի, հէյ եամանի եամանի....
[15]

Թարգմանութիւն՝

Աման աղջիկ ձեր հայրենիքը ուր կ’ըլլայ,
Շատ մի շարժիր փեշերդ ցեխ կ’ըլլայ:

Կ’ելլէ կ’երթայ հրապարակէն
Բարեւ կու տայ Անդրիասին:

Տանիք կ’ելլէ, կը թնդայ,
Սատկի, կ’երթայ կը խնդայ:

Միւս կողմի բլուրները,
Փախլաւաները, լոխումները:

Առուները ծուռտիկ, աղմկոտ,
Թող հիւանդանան պառաւները:

Քաղէ խոշոր նարինջ,
Անցիր գնա, շատ մի նայիր:

Անցիր գնա, շատ մի նայիր,
Այդ աղջիկը քու կողմդ չի նայիր:

ՃՈՒՐԸԿ ԱՂԲԸՐԿԷՆ

Հէյ ճուրըկ աղբըրկէն,
Հանկէն պզտա՜ը տէու ընծի,
Հանկէն պզտա՜ը սարէըկի,
Տապկուծ հէուվը վարէըկի
[16]։

Թարգմանութիւն՝

Հէյ ճուրըկ [17] հօրեղբօր կին,
Հինգէն պզտիկը տուր ինծի,
Հինգէն պզտիկը սարեակ [թռչունի տեսակ] է,
Տապկուած հաւը վառեակ է:

ՀԷՅ ԹՌԸՆՔ, ՀԷՅ ՎԱԶԸՆՔ

Հէյ թռայք, հէյ վազիք,
Թռայք իննեյք քուրւըտակ:

Աս ուրթողը օմ աշկայննը,
Ադ ուրթողը Սրբուկ խանում:

Հէյ թռայք, հէյ վազիք,
Թռայք իննեյք քուրւըտա:

Աս ուրթող օմ հօրսնիյը,
Ադ ուրթողը Մարիամ խանում:

Հէյ թռայք, հէյ վազիք,
Թռայք իննեյք քուրւըտակ:

Աս ուկողը օմ աշկայննը,
Ադ ուկող Վարդուհէյնը
[18]։

Թարգմանութիւն՝

Հէյ թռչինք, հէյ վազենք,
Թռչինք, իյնանք քույրիկներ:

Այս գացողը որու աղջիկն է,
Այդ գացողը Սրբուկ հանումն է:

Այս գացողը որու հարսն է,
Այդ գացողը Մարիամ խանումն է:

Խտրպէկի կամ Պիթիասի սրճարաններէն մէկուն մէջ հաւաքուած խումբ մը նարդիկ։ Աջէն երկրորդ՝ ծալլապատիկ նստած մարդը Նշան Պօյաճեանն է, որ Խտրպէկի մէջ սրճարանի մը սեփականատէր է (Աղբիւր՝ Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ)

Բարեկենդանի Կիրակին կը նշանաւորուի նաեւ զէնքի նշանառութեամբ. հաւ մը կամ աքլոր մը կը կախեն եւ երիտասարդները կը սկսին հերթով կրակել, մինչեւ խեղճ թռչունի սատկիլը. ապարդիւն կրակողը տուրք կը վճառէ, իսկ սպաննողը` կը տիրանայ թիրախին: Հաւաքուած դրամով ու թռչուններով պիտի կազմակերպեն խնճոյք եւ եզրափակեն այդ օրուայ տօնակատարութիւնը [19]։

Միայն մուսալեռցիներուն յատուկ շատ հետաքրքրական սովորութիւն է նաեւ Կիրակի իրիկուն կազմակերպուող կրակախաղը` ապտիլ։ Այսպէս, սաճը, որ ուռուցիկ սինի մըն է (կը գործածուի բարակ հաց պատրաստելու), կը դարձնեն իր փոս կողմը, մէջը կը լեցնեն աղ եւ տակը կրակ վառելով կը տաքցնեն, մինչեւ որ սկսի ճթճթալ. այն ատեն գաւաթ մը օղի կը լեցնեն վրան ու կը վառեն. կը սկսի բոցավառուիլ կարմիր-կապոյտ բոցեր արձակելով. մթութեան մէջ, շրջապատողներու դէմքի արտայայտութիւնները տարօրինակ կերպարանքներ կը ստանան` դեղին ու կանաչ գոյներով [20]։

Տեառընդառաջ

«Տերընտաս, տէրին ի տաս....» կանչելով պատանիներ կը շրջին գիւղի փողոցներով եւ փայտ ու ցախ հաւաքելով կը տանին եկեղեցւոյ բակը: Երեկոյեան ժամերգութենէն յետոյ ժողովուրդը ձեռքերնին մոմեր կը հետեւին քահանայի թափօրին եւ կը համախմբուին ցախակոյտին շուրջ: Նոր փեսաները կը սպասեն քահանայի ազդանշանին, որպէսզի իրենց ձեռքի վառուող մոմերով վառեն խարոյկը: Երբ կը նուազի կրակի ուժգնութիւնը, երիտասարդները կը սկսին ցատկել բոցերուն վրայէն, հաւատալով որ իրենց մուրազը պիտի կատարուի: Ընդհանուր խարոյկէն վառելով իրենց մոմերը մարդիկ կը շտապեն տուն, վառելու իրենց տան ճրագը: Հաւատալիքի համաձայն, եկեղեցիէն բերուած Սուրբ լոյսի ազդեցութեան շնորհիւ օձերը չեն համարձակիր տուն մտնել: Տերընտասի վառուած մոմերու պատրոյգներէն ծարիր կը հանեն` մանուկներու աչքերուն քսելու, որպէսզի բարին տեսնեն, չհիւանդանան եւ չարէն պաշտպանուին: Ժամկոչը կը բաժնէ այդ օրուան համար յատուկ բերուած մեղրամոմը, որմէ պզտիկ խաչեր շինելով կը փակցնեն շեմի դրան եւ ամբարներուն վրայ, որպէս առատութեան թալիսման [21]. իսկ խարոյկի մնացած խանձողները (կիսայրած փայտի կտոր) կը նետեն արտին մէջ, նաեւ տան պտղատու ծառերուն տակ, հաւատալով որ բերքն առատ կ’ըլլայ: Պառաւ կանայք թոռներուն գլխարկներուն վրայ կը կաթեցնեն եկեղեցիէն բերուած մոմի հալոցքը, որպէսզի գլխացաւ չունենան [22]։

Խտրպէկ գիւղին մէջ Սօսիի ծառը (Աղբիւր՝ Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ)

Մեծ Պահք

Մուսա Լերան ժողովուրդը մեծ պահքին նաեւ աղցուց (աղուհաց) կ’ըսէ: Առաջին օրը պիտի լուացուին բոլոր ամաններն ու կաթսաները, որպէսզի ուտիքի մնացուկներ չմնան: Նախորդ օրուայ բարեկենդանեան մսային ու կաթնային ուտելիքները արտօնուած է ուտել միայն մանուկներուն: Անպայման կը խաշեն եւ կը հիւրասիրեն հատիկներ` ծեծած, լուբիա, բակլայ եւ սիսեռ [23]։

Միջինք

Մուսալեռցիները այս տօնը կը կոչեն նաեւ աղցուց կիս այսինքն՝ աղուհացի, պահքի կէսը: Առտու հողագործները անպայման կ’այցելեն իրենց արտերը, ստուգելու ծլարձակուած բերքի վիճակը: Այդ օրուան յատուկ ճաշը` աղցուց քլուրն է, որուն միջուկը  կը պատրաստեն հատիկներով: Կեսուրները հատիկեղէնի մատուցարաններով ու նուէրներով կ’երթան խնամիներուն տուն՝ այցելելու հարսնացուին [24]։

Ծաղկազարդ

Զայն կը կոչեն նաեւ Զարզարդուր. նշանուած տղաներ տօնի նախօրէին կ’երթան հաւաքելու ձիթենիի ճիւղեր, որպէսզի առաւօտեան ոստերը ուսերուն վրայ շալկած շտապեն եկեղեցի: Արարողութեան ընթացքին, երբ քահանան կ’ընթերցէ այն հատուածը, ուր կը պատմուի Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքն ու ձիթենիներով դիմաւորումը, ժողովուրդի մէջ իրարանցում մը կը ստեղծուի. մարդիկ կը ջանան ձիթենիի ոստեր կտրել, որպէսզի իրենց հետ տանին տուն: Աղջիկները իրենց մազերուն կ’ամրացնեն, իսկ տղաները` ձեռքերնին կը բռնեն: Այդ տերեւները մինչեւ յաջորդ ծաղկազարդ պիտի մնան տան տարբեր անկիւնները` ալիւրի պարկին մէջ, դրան վերեւը, գոմի ու շերամատան վրայ. կը հաւատան, որ այն լիութիւն կու տայ, ինչպէս նաեւ կը խափանէ չար աչքը. նոյնիսկ ոստերը վառելով, անոր ծուխով կը խնկարկեն հիւանդները [25]։

Սովորութիւն է նաեւ, որ Ծաղկազարդի առիթով դաշտերէն հաւաքեն ծաղիկներ, որոնք կը պահուին ջուրով լեցուն դոյլի մը մէջ, որպէսզի ջուրը յագենայ անոնց բուրմունքով. այս ջուրը ութնուս (ութ օրուայ) կը կոչուի. Աւագ Ուրբաթէն մինչեւ Մեռելոց այդ ջուրով պիտի լուան երեսները [26]։

Մուսա Լերան վրայ Տամլաճիք կոչուող վայրը, մօտաւորապէս 1928 Սեպտեմբերի կիսուն։ Փայտեայ խաչեր 1915-ին մարտնչած եւ մահացած 18 հայերու շիրիմներուն վրայ (Աղբիւր՝ Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ)

Աւագ Շաբաթ

Զատիկին նախորդող շաբաթուան բոլոր օրերը կը կոչուին Աւագ. անոնք որ դաշտային աշխատանքի չեն, ամէն օր կը յաճախեն եկեղեցի՝ ներկայ գտնուելու շաբթուան յատուկ եկեղեցական արարողակարգերուն:

Յատկանշական է Աւագ Հինգշաբթի օրուան ոտնլուայի արարողութիւնը. պատանիները ոտքերնին լուացած կը շտապեն եկեղեցի, իսկ մայրիկներն իրենց հետ կը տանին իւղ, որպէսզի երբ քահանան օրհնէ իւղը, օրհնուի նաեւ իրենց տան կաթնամթերքը: Քահանան լուալէ յետոյ պատանիներու ոտը, իւղով վրան խաչ կը նկարէ. խեղճ պատանիները, առանց գուլպայ հագնելու, մէկ ոտքի վրայ ցատկոտելով կը հասնին տուն, որպէսզի յանկարծ ոտքի վրայի խաչանիշ իւղը չմաքրուի....: Հաւատացեալները վերադարձին իրենց հետ կը տանին օրհնուած իւղէն պատառիկ մը:

1) Խտրպէկի Սօսիի ծառը։ Մութ գոյնի զգեստով նստած մարդը գիւղին միւտիր (գիւղապետ)՝ Սերոբ Շերպէթճեանն է, իսկ կողքին՝ Սարգիս Թոսունեան (Աղբիւր՝ Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ)
2) Հին կամուրջի մը աւերակներ, հաւանաբար Պիթիաս գիւղին մօտ 
(Աղբիւր՝ Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ)

Կիսելու համար Յիսուսի կրած տառապանքները, այդ օրը երեկոյեան միայն սոխ ու սխտոր կը ճաշակեն` անթթխմոր բարակ հացի մէջ փաթթած: Կէս գիշերին, բոլորը կը շտապեն եկեղեցի՝ ներկայ գտնուելու Հսկումի արարողութեան: Երբ կ’ընթերցուի եօթ Աւետարանները, պատանիներն ու պարմանուհիները սովորութիւն ունին եօթ հանգոյցով ապարանջան պատրաստելու. իւրաքանչիւր Աւետարանի ընթերցման ժամանակ հանգոյց մը կ’ընեն իրենց քովի թելին վրայ, որ յետոյ կը կապեն դաստակին, մտապահելով երազանք մը:

Այս երեք օրերուն արգիլուած է լուացք ընել կամ լոգնալ, որովհետեւ սուգի օրեր են: Ուրբաթ երեկոյեան կը սկսին տօնական սեղանի պատրաստութեան. սոխի կեղեւներով կը ներկեն զատկուան հաւկիթները. կը պատրաստեն պանրըհուց, բիկիղ, եւայլն:

Մեծ Զատիկ

Ժողովուրդը Կիրակի առտու անպայման պիտի մասնակցի Մինծ Զատկէն (Մեծ Զատիկի) Պատարագին, նոյնիսկ անհամբեր մանուկները, որոնք իրենց գրպաններուն մէջ ամուր բռնած են ներկուած հաւկիթները: Զատիկի Պատարագի աւարտի խաչահամբոյրէն առաջ սովորութիւն է, որ քահանան խորանին կանգնած աղօթք մրմնջելով թափահարէ պատարագի իր հանդերձները, այդպիսով օրհնելով խորանին մօտ կանգնած հիւանդները [27]։

Մինչ մեծահասակները կը շտապեն իրար ողջունել «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց » եւ «Օրհնեալ է Յարութիւնը Քրիստոսի» խօսքերով, պատանիները բակին մէջ կը սկսին հաւկթախաղը. ով որ յաղթէ պիտի վերցնէ պարտուողի հաւկիթն ալ:

Կայ նաեւ յատկանշական այլ սովորութիւն մը. երբ աւարտի պատարագը, գիւղի տարբեր կողմերէն կը լսուի հրացանազարկ. «Պէոքը նիտիցեն» (պահքը զարկին) կը բացատրէ ժողովուրդը [28]։

Ընտանիքը կը համախմբուի տօնական սեղաններու շուրջ. օրուան գլխաւոր ճաշատեսակը կլուրով մածնապուրն է (մածունով քէօֆթէ): Յաճախ նաեւ մերձաւորները կ’երթան իրար տուն շնորհաւորանքի. իսկ քահանան կրկին կը շրջի դռնէ դուռ` տնօրհնէքի: Յաջորդ օրը մեռելոց է:

Յովհան Ոսկեբերան վանքի աւերակները Պիթիասի մօտ (Աղբիւր՝ Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ)

Համբարձում

Համբարձման տօնի առիթով յատուկ արարողութիւն չկայ. պարզապէս Պատարագէն յետոյ նախընտրողները կ’երթան բացօթեայ ճաշելու, իսկ պատանիները կ’երթան դաշտերը` ծաղկեփունջեր կազմելու:

Վարդավառ

Ժողովուրդը Վարդիվուր կը կոչէ այն. ամրան տապին մարդիկ հաճոյքով կը պատրաստուին նշելու տօնը` ոմանք աղբիւրի կողքին, ոմանք ալ՝ ուխտագնացութեամբ:

Խըտըրպեկ գիւղի կեդրոնէն մեծ աղբիւր մը կը բխի, որուն շուրջբոլորը քանի մը սրճարաններ կան, բազմադարեան սօսիի հովանիին տակ. այնքան մեծ է սօսին, որ բունին փորուած փչակին մէջ սեղան ու քանի մը աթոռ կը դրուին: Պատարագէն յետոյ ժողովուրդը սուսըդիեն (սօսիի տակը) կ’երթայ. բոլոր միջոցառումներու անբաժան դհոլ-զուռնան մարդկանց կը հրաւիրէ մասնակցելու ընդհանուր տօնախմբութեան: Մերձակայ տուներուն պարտէզներուն ծառերուն տակ մարդիկ սեղան կը պատրաստեն. երգ, պար, կերուխում: Զուարճանքները կը սկսին իրարու վրայ ջուր ցանելով, յետոյ սակայն կը սկսին իրար հրել աղբիւրի մէջ: Երեկոյան նաեւ հրացանաձգութիւն կ’ըլլայ: Սովորութիւն է նաեւ խաղալ ձմերուկի խաղը, որ քարերով նշանառութիւն է, իսկ թիրախը` ձմերուկն է: Սեղաններու շուրջ խմբուած մարդիկ կ’ունենան արղուն (սրինգ), թամպուրա (դափ) եւ ջութակ: Երիտասարդ ու պատանի աղջիկներ ձորակի մեծ դափնիներու ստուերին` ծառերու ճիւղերէն օրօրոց կապելով կը զուարճանան, կ’երգեն ու կը պարեն [29]։

Ուխտագնացութիւնները կը սկսին Շաբաթ օրուընէ. ընտանիքներով կը բարձրանան Սուրբ Մարտիրոսի վանքը, այնտեղ մատաղ կատարելու համար. ամբողջ գիշերը երգ ու պարով կը լուսցնեն. կրակի վրայ դանդաղ կ’եփի մատաղի հարիսան եւ այլ համադամ կերակուրներ. առտու Պատարագէն յետոյ, վանքի շեմին քահանան կ’օրհնէ մատաղը եւ ուխտաւորները միասնաբար կը նստին ճաշելու: Տունդարձի ճանապարհին կ’այցելեն համանուն փոքրիկ քարայր-սրբատեղին, ուրկէ աղբիւր մը կը բխի. ուխտաւորները կը խմեն այդ աղբիւրի ջուրէն, իրենց աղօթքը կը մրմնջեն, ապա աղբիւրի մերձակայ թուփերէն կը կախեն իրենց հագուստէն քաշուած գոյնզգոյն թելեր [30]։

Խաղողօրհնէք

«Խաղողը Զատակ» անունով կը կոչուի այս տօնը. Շաբաթ օրուընէ գիւղացիները կողովներով ընտիր խաղող կը տանին եկեղեցի, հաւատալով որ այսպիսով կ’օրհնուի իրենց բերքն ու այգին. մինչեւ այդ օրը ոչ ոք իրաւունք ունի խաղող ուտելու. յաւարտ Սուրբ Պատարագի տեղի կ’ունենայ խաղողօրհնէքի արարողութիւնը, որու ընթացքին կ’օրհնուի բերքը եւ ընդհանրապես ամբողջ բուսականութիւնը [31]։

Տօնը կը յատկանշուի նաեւ որպէս Յովհան Ոսկեբերանի ուխտագնացութեան օր. Շաբաթ օրուընէ կը կազմակերպեն ուխտագնացութիւն Սուրբի վանքի աւերակներուն մէջ. տեղի կ’ունենայ ոչխարներու զոհաբերում եւ աւանդական հարիսայի նախապատրաստութիւն. ամբողջ գիշերը գիւղացիները մտերմիկ սեղաններու շուրջ կ’ուրախանան. հրացանաձգութիւնն անբաժան է անոնց խրախճանքներուն ընթացքին. առաւօտեան տեղի կ’ունենայ բացօթեայ Պատարագ եւ մատաղօրհնէք. կը շարունակուի խրախճանքն ու ուրախութիւնը` դհոլ-զուռնայի ընկերակցութեամբ [32]։

Խտրպէկ գիւղի ակը (Աղբիւր՝ Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ)

Սուրբ Խաչ

Ժողովուրդը տօնը կը կոչէ Խիչեյն Զատակ (Խաչի տօն) եւ ուխտի կ’երթայ Թովմաս Առաքեալի վանքի աւերակները: Նախորդող օրերուն ժամկոչը կ’այցելէ գիւղի տուները՝ հաւաքելու հարիսայի ցորենը. մինչ այդ նուիրատուները եկեղեցի կը ղրկեն մատաղի անասունը, իսկ պատանիներ կը շրջին փողոցներով եւ կանչելով «Ուղ, ցիւխ, փատ...» (աղ, ցախ, փայտ) կը հաւաքեն կրակի համար վառելանիւթ: Աղը կը տանին եկեղեցի օրհնելու, որուն մէկ մասը կը կերցնեն մատաղի անասուններուն, մնացեալը հարիսային մէջ դնելու կը գործածուի. իսկ փայտը կը ղրկուի վանք. նոյն ձեւով, ինչպէս նախորդող տօներուն, գիշերուընէ կը պատրաստեն հարիսան, տեղի կ’ունենան խնճոյքներ, առաւօտեան բացօթեայ Պատարագ եւ մատաղի օրհնութիւն: Հարիսան կը բաժնուի բոլորին, բաժին կը հանեն ինչ-ինչ պատճառներով տունը մնացած համագիւղացիներուն [33]։

Խտրպէկի ակը։ Լուսանկարին մէջ կ՚երեւին մօտակայ սրճարանէ մը բերուած սեղաններ եւ Մուսա Լերան մէջ ծառայող ոստիկաններ, որոնց կեդրոնատեղին կը գտնուի Խտրպէկ գիւղին մէջ (Աղբիւր՝ Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ)

Սուրբ Յակոբ

Ըստ տեղական աւանդազրոյցի, պատերազմի ու երկար շրջափակման մէջ Մծբնայ Սուրբ Յակոբ Հայրապետը կը յորդորէ ժողովուրդին ցորենի վերջին հատիկներով ու մնացեալ աքլորներով պատրաստել մատաղ, որպէս եղբայրական վերջին ճաշ: Մինչ ժողովուրդը կը ճաշակէր հարիսան, կաթողիկոսը բազկատարած կ’աղօթէր. եւ ո՜վ հրաշք, թշնամին կը վերցնէ պաշարումը եւ կը հեռանայ [34]։

Մէկ այլ աւանդազրոյցի համաձայն, թշնամին կը շրջապատէ այն վայրը, ուր կը քարոզէր Սուրբ Յակոբը. Սուրբը կը յորդորէ ժողովուրդին զինուիլ բահերով, մանգաղներով եւ բարձրանալ տանիք. թշնամին տեսնելով ժողովրդական դիմադրութիւնը, վախցած կը հեռանայ: Մինչ այդ Սուրբ Յակոբը վանք կ’երթայ. այդ ուշ ժամուն վանքին մէջ համապատասխան ուտելիք չի գտնուիր. աքլոր մը ունեցած կ’ըլլան, զոր կը մորթեն եւ հարիսայ կը պատրաստեն՝ հիւրասիրելու Սուրբը [35]։

Այդ օրուան յիշատակումով մուսալեռցիները կը տօնեն Սըրբակիբի տօնը, աշնանացանի սերմնացուէն մնացած ցորենով ու աքլորի միսով պատրաստելով մատաղի հարիսան. եւ այդ պատճառով ալ այդ օրուան հարիսան կը կոչեն խուրըզը հիրիսի (աքլորի հարիսայ): Սուրբ Յակոբի տօնը ձմեռնամուտին է, յաճախ արդէն ձիւնով ծածկուած կ’ըլլան սարերը. մարդիկ կատակով իրարու կ’ըսեն. Սուրբ Էկիւբը միւրէքը ըսպըտկցէուց (Սուրբ Յակոբը մօրուքը ճերմկցուց): Իսկ եթէ այդ օրը ձիւն տեղայ գիւղին վրայ, այն կը համարեն առատութեան նախանշան. երիտասարդները ձիւնագնդակ կը խաղան, իսկ որսի սիրահարները կը բարձրանան սարերը [36]։

  • [1] Մարտիրոս Գուշագճեան եւ Պօղոս Մատուռեան, Յուշամատեան Մուսա Լերան, Պէյրութ, 1970, էջ 184։
  • [2] Թովմաս Հապէշեան, Մուսա-տաղի Պապենական Արձագանգներ, Պէյրութ, 1986, էջ 14։
  • [3] Գրիգոր Գյոզալեան, Մուսա Լերան Ազգագրութիւնը, Երեւան, 2001, էջ 244։
  • [4] Յուշամատեան Մուսա Լերան, էջ 174։
  • [5] Մուսա Լերան Ազգագրութիւնը, էջ 48։
  • [6] Յուշամատեան Մուսա Լերան, էջ 175։
  • [7] Մուսա-տաղի Պապենական Արձագանգներ, էջ 40։
  • [8] Նոյն, էջ 16։
  • [9] Յուշամատեան Մուսա Լերան, էջ 176։
  • [10] Մուսա Լերան Ազգագրութիւնը, էջ 250։
  • [11] Նոյն, էջ 252։
  • [12] Նոյն, էջ 251։
  • [13] Յուշամատեան Մուսա Լերան, էջ 176։
  • [14] Մուսա Լերան Ազգագրութիւնը, էջ 252։
  • [15] Մուսա-տաղի Պապենական Արձագանգներ, էջ 42։
  • [16] Նոյն, էջ 41։
  • [17] Խեղանդամ, ֆիզիքական թերութիւն ունեցող։
  • [18] Մուսա Լերան Ազգագրութիւնը, էջ 269։
  • [19] Մուսա-տաղի Պապենական Արձագանգներ, էջ 17։
  • [20] Նոյն, էջ 48։
  • [21] Նոյն, էջ 18։
  • [22] Յաբեթ Մ. Իսկէնտէրեան, Սւէտիոյ Բարքերը, Գահիրէ, 1917, էջ 30։
  • [23] Մուսա Լերան Ազգագրութիւնը, էջ 254։
  • [24] Նոյն։
  • [25] Նոյն, էջ 255։
  • [26] Մուսա-տաղի Պապենական Արձագանգներ, էջ 19։
  • [27] Յուշամատեան Մուսա Լերան, էջ 180։
  • [28] Սւէտիոյ Բարքերը, էջ 33։
  • [29] Մուսա-տաղի Պապենական Արձագանգներ, էջ 19։
  • [30] Մուսա Լերան Ազգագրութիւնը, էջ 259։
  • [31] Նոյն, էջ 260։
  • [32] Յուշամատեան Մուսա Լերան, էջ 181։
  • [33] Նոյն, էջ 182։
  • [34] Մուսա-տաղի Պապենական Արձագանգներ, էջ 20։
  • [35] Մուսա Լերան Ազգագրութիւնը, էջ 262։
  • [36] Յուշամատեան Մուսա Լերան, էջ 183։