Խոզաթ, մօտաւորապէս 1937-ին կամ 1938-ին (Աղբիւր՝ անձնական հաւաքածոյ)

Տերսիմ - Ժողովրդային բժշկութիւն

Հեղինակ՝ Ատոմ Յ. Պուճիգանեան 02/12/2016 (վերջին փոփոխութիւն՝ 02/12/2016)

Ի՞նչ է Ժողովրդային բժշկութիւնը

Ըստ ՄԱԿ-ի Առողջապահական համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ), ժողովրդային կամ աւանդական բժշկութիւն կը համարուին բոլոր բուժիչ միջոցները, որոնք ի գործ կը դրուին պահպանելու առողջութիւնը կամ կանխարգիլելու եւ ախտաճանաչելու հիւանդութիւնները, ինչպէս նաեւ բարելաւելու կամ խնամելու մարմնական եւ հոգեկան հիւանդութիւնները: Բնիկ կամ տեղացի ժողովուրդներու մօտ ի գործ դրուած միջոցառումները հիմնուած կրնան ըլլալ անոնց մշակոյթին յատուկ տեսութիւններու վրայ, նախնիքներէն եկած փորձառութեանց կամ հաւատալիքներու վրայ, որոնք կրնան ըլլալ բացատրելի կամ՝ ոչ [1]:

Դեղաբոյսերու (զանազան խոտերու) ու կենդանական աշխարհէն ստացուած պատրաստուկներու (preparations) կողքին, ժողովրդային բժշկութիւնը կրնայ նաեւ դիմել առարկայականօրէն ոչ-ըմբռնելի բուժման ձեւերու, ինչպէս օրինակ ուխտագնացութիւն, հրաշագործ աղբիւրներու մէջ լոգանք կամ բացայայտօրէն սնահաւատական բարքերու, որոնց շարքին համայիլներու կամ բժժանքներու գործածութիւնը։ Կը գտնենք նաեւ պարագաներ, ուր հայեր կը դիմեն մոլլաներու աղօթքներուն:

Ժողովրդային կամ աւանդական բժշկութիւնը յաճախ կը կիրարկուի ի հակադրութիւն ուղղափառ (ընդունուած, արեւմտեան) բժշկութեան, այն համոզումով թէ այս վերջինը բնական չըլլալով՝ վնասակար է։ Այլ պարագաներու անիկա զուգահեռ կը կիրարկուի ուղղափառ բժշկութեան, երբեմն ալ կը քաջալերուի ԱՀԿ-եան կողմէ։ Վերջապէս, կան պարագաներ, ուր ժողովրդային բժշկութեան դիմելը ստիպողութիւն մըն է, քանի որ տնտեսական պատճառներով բժիշկի կամ դեղագործի երթալու կարելիութիւն չկայ կամ անոնք պարզապէս անգոյ են որոշ շրջաններու մէջ, ինչպէս էր պարագան Տերսիմի գաւառին:

Բերի քաղաքը (նկար) (Աղբիւր՝ Գէորգ Ս. Երեւանեան, Պատմութիւն Չարսանճագի հայոց, Պէյրութ, տպ. Կ. Տօնիկեան, 1956)

Ուսումնասիրութեան որոշ մարտահրաւէրներ

Օսմանեան կայսրութեան վերջին ժամանակաշրջանին Տերսիմի գաւառը (սանճաք) բաղկացած էր վեց գաւառակներէ (քազա)։ Մինչ դաշտային (ծովու մակերեսէն 1000-2000 մեթր բարձրութեան վրայ) հայաշատ շրջաններուն (Չարսանճաք եւ Չմշկածագ) մասին կարելի եղաւ մեր նիւթին առնչուող աղբիւրներ գտնել, նոյն բանը կարելի չեղաւ ընել միւս գաւառակներուն վերաբերեալ:

Տերսիմի լեռնային շրջանները կը գտնուին ծովու մակերեսէն 3000-4000 մեթր բարձրութեան վրայ: Լեռներէն ու բարձրաւանդակներէն ոմանք հրաբխային ծագում ունին, այդ պատճառով ալ այստեղ կան հանքային ջուրեր ու ջերմուկներ իրենց բժշկական յատկութեամբ:

Տերսիմի գաւառը մեծապէս ջրառատ է, նկատի ունենալով որ այստեղէն կը հոսին բազմաթիւ գետեր եւ գետակներ։ Արդ, ժողովրդային բժշկութեան մէջ բուսականութիւնը հիմնական տեղ ունի, իսկ այս վերջինն ալ ուղղակի կապուած է տեղւոյն ջրաբաշխական վիճակին, աշխարհագրական դիրքին ու կլիմայական պայմաններուն:

Տերսիմի դաշտային զանազան շրջաններու բուսականութիւնը (ընդեղէններ, տեսակաւոր պտղատու ծառեր, բանջարեղէններ եւ դեղաբոյսերու տեսակներ) համանման ըլլալով, կը կարծենք որ անոնց ժողովրդային կիրառումն ալ համատեսակ է տեղւոյն հայերու, քիւրտերու եւ թուրքերու քով։ Նոյն տրամաբանութեամբ, Տերսիմի լեռնային շրջաններուն բոյսերու տեսակներուն նմանութիւնը մտածել կու տայ թէ տարբեր գիւղերու լեռնցիներն ալ կ՚օգտագործէին իրենց շուրջի բոյսերը, ստանալու համար նմանօրինակ բուժումներ:

Չմշկածագ քաղաքի Չուխուր թաղամասէն հատուած մը. լուսանկարուած հաւանաբար 1930-ական թուականներուն (Աղբիւր՝ Գասպարեան ընտանիքի հաւաքածոյ. շնորհակալութիւններ՝ Վազգէն Անդրէասեանին)

Ընդհանուր ակնարկ Տերսիմի առողջական պայմաններուն վրայ

Տերսիմի բնակուած շրջանները կը գտնուէին ծովու մակերեսէն ընդհանրապէս 1000-2000 մեթր բարձրութեան վրայ: Այս վայրերուն մէջ կան մթնոլորտը զտող անտառներ, ձիւնհալէն գոյացած ըմպելի ջուրի հոսանքներ, բազմատեսակ բանջարեղէններ եւ պտղատու ծառեր: Այս պայմաններուն մէջ տերսիմցին պէտք էր ըլլար քաջառողջ ու երկարակեաց: Սպասելի էր նաեւ որ բնակչութիւնը բազմանար:

Զուտ բժշկական գետնի վրայ, գիտենք որ մինչեւ Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիները Չարսանճագի մէջ ոեւէ բժիշկ չկար, իսկ Բերիի մէջ դեղատուն չկար: Դարմանումները կը կատարեն պառաւները՝ աթթարներէն (մանրավաճառ) հայթայթուած նիւթերով, յատկապէս դեղաբոյսեր, ինչպէս զօրաւոր լծողական բուսաիւղը՝ հինդ եաղին (castor oil): Սափրիչներ կը բուժեն հրապարակի վրայ. արիւն կ՚առնեն երակ բանալով կամ/եւ տզրուկներու օգնութեամբ:

Փոխանցիկ ու մանկական հիւանդութեանց, ինչպէս մալարիա, թոքախտ, հարսանիթ, ծաղկախտ, կապոյտ հազ, գործած աւերները ահաւոր են: Կանուխ տարիքին ընտանիք կազմող գիւղացի զոյգը կ՚ըլլայ բազմածին: Սակայն մահը կը խլէ մատղաշները: Քսան տարուան մէջ ամոլ մը կրնայ ունենալ 10-12 զաւակներ, որոնցմէ կը վերապրին 1-2 հատը միայն: Այնպէս ինչպէս Տերսիմի յուշագիրներէն Գէորգ Երեւանեան կը գրէ, Մաքօ պաճին ունեցած է 30 զաւակներ, որոնք բոլորն ալ մահացած են մատղաշ տարիքին [2]:

Ըստ Երեւանեանի, ուրիշ ծայրայեղ պարագայ մըն է խիստ մսակեր բերրիցիներուն կարճակեացութիւնը: Ան կը տեղեկացնէ թէ այդ մսակերութեան պատճառաւ բերրիցիին կեանքի տեւողութիւնը 45-ը չէր անցներ: Բերրիցիները համոզուած էին թէ «միս մտած տեղը բժիշկ չի մտներ», [3], ինչ որ բաւական տարբեր մօտեցում մըն է ծանօթ ժողովրդային առածին՝ an apple a day keeps the doctor at bay:

Արդի հասկացողութեամբ, Երեւանեան իրաւունք ունի մտածելու որ մսակերութիւնը եւ երկարակեացութիւնը խոտոր համեմատող երեւոյթներ են: Այդ գծով բազմաթիւ համաճարակախօսական (epidemological) ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան թէ կարմիր միսի սպառումը կը բարձրացնէ ստամոքսի եւ հաստ աղիքի խլիրդի, ինչպէս նաեւ սրտանօթային հիւանդութեանց վտանգին տոկոսը [4]:

Նկատի առնելու է նաեւ տիրող ընդհանուր առողջարարական (salubrity) վիճակը: Ղազարեան կը տեղեկագրէ թէ Չմշկածագի ու մերձակայ hայ ու հայախառն գիւղերու մէջ 1880-ական թուականներէն ի վեր սկսած են կառուցել երկյարկանի –քարաշէն/աղիւսաշէն- «արդիական» տուներ, որոնք աստիճանաբար կը փոխարինէին վատառողջ միայարկանիները կամ գետնափոր տուն/գոմերը [5]։

Միւս կողմէն  Չարսանճագի որոշ շրջաններու հողաշէն տուներու ծերպերէն մտնող առնէտները, լճացած ջուրերուն մժեղներն ու ճանճերը կը հանդիսանան հիւանդութեանց փոխանցման միջոցներ:

Երեւանեան կը տեղեկացնէ նաեւ Չարսանճագի մէջ տիրող մէկ այլ ոչ-առողջապահական երեւոյթ մը, որ ի զօրու է ձմրան եղանակին: Այսպէս,  ցուրտէն պաշտպանուելու համար խոհանոց-նստասենեակ-ննջարանին հազուագիւտ պատուհանները կը փակուին ու հոն լեցուած նահապետական բազմանդամ ընտանիքին անդամները ապականած օդին հետ կը ներշնչեն նաեւ քարիւղի լամբէն արձակուած ծուխը [6]: Դժուար չէ երեւակայել թէ այս խառնագնաց (promiscuity) պայմաններու մէջ ինչքան դիւրութեամբ կը փոխանցուին հիւանդութիւնները գերդաստանի պզտիկին ու մեծին:

Տերսիմի բնաշխարհէն ժամանակակից պատկեր մը։ Լուսանկարը գործն է Յուշամատեանի բարեկամներէն Նորայր Շահինեանի, որ սիրայօժար զայն մեր տրամադրութեան տակ դրաւ։

Ժողովրդային բժշկութեան կիրառումը Տերսիմի մէջ`հիւանդութիւնները ու բուժամիջոցները

Հազուագիւտ պարագաներու միայն վկայեալ բժիշկներ կ՚այցելեն հայկական գիւղերը: Կրնայ պատահիլ, որ հայ գիւղացին իր ծնունդէն մինչեւ մահը ապրի առանց բժիշկէ մը քննուած ըլլալու: Հետեւաբար, անոնք իրենց առողջական հարցերը լուծելու համար կը դիմեն ժողովրդային բժշկութեան: Այս վայրերուն մէջ գոյութիւն ունին փորձառու դայեակներ եւ բեկաբոյժեր, սակայն դարմանական հիմնական միջոցներուն աղբիւրը կը մնայ սերունդէ-սերունդ փոխանցուած գիտելիքները: Ինչպէս որոշ ուրիշ մշակոյթներու պարագային, տերսիմցի գիւղաբնակ ժողովուրդն ալ համոզուած է, թէ հիւանդութիւնները կրնան գալ գերբնական ազդեցութիւններէ, ինչպէս օրինակ ապրող անձի մը «չար աչք»ը կամ «էլ» անունով ծանօթ «չար ոգին», եւ այլն:

Հասկնալի է թէ երբ հիւանդութեանց պատճառները կը վերագրուին գերբնական ուժերու ազդեցութեան, անոնց դէմ պայքարելու կերպերն ալ մասամբ կ՚ըլլան սնապաշտական: Այսպէս, Տերսիմի շրջանին մէջ, ինչպէս ուրիշ հայկական գաւառներու պարագային, «չարը խափանելու» համար ի գործ դրուած բուժական միջոցներուն մաս կը կազմեն ուխտագնացութիւնը (դէպի վանքեր, լեռներ, գերեզմանաքարեր, աղբիւրներ) եւ զոհաբերումները: Ժողովուրդը կը հաւատայ նաեւ հմայեակներու պարգեւած պաշտպանութեանց: Իսկ ասոնց կողքին, տերսիմցիները կը գործածեն աւելի առարկայական համարուող բնական բուժամիջոցներ, ինչպէս հանքային ջուրերը (պաղ կամ ջերմուկներ) եւ դեղաբոյսերը:

Տերսիմի բնաշխարհէն ժամանակակից պատկեր մը։ Լուսանկարը գործն է Յուշամատեանի բարեկամներէն Ճիհանկիր Կիւնտօղտուի, որ սիրայօժար զայն մեր տրամադրութեան տակ դրաւ։

Հրաշագործ ջուրեր

Տերսիմցին հաւանաբար անգիտակ էր ջրաբուժութեան (ներառութեամբ կամ լոգանքով) գիտական հիմքին: Տաք կամ պաղ լոգաբուժութեան (balneotherapy, spa) ազդեցութիւնը մարմնական ցաւերուն վրայ կարելի է բացատրել մի քանի կերպերով. արեան շրջագայութեան ու սրտանօթային համազարկի խթանում, որոշ հորմոններու արտադրութեան մէջ յառաջացած փոփոխութիւն, քրտնաբերութեամբ կամ միզարտադրութեամբ թունանիւթերու արտաքսում: Կայ նաեւ տաքի/պաղի միջոցաւ յառաջացած զգացականութեամբ «մոռացում»ը բուն ցաւին: Այս ցաւազերծումը հիմնուած է հակազդեցական (counter irritant) տեսութեան վրայ, որ մասնակի բացատրութիւնն է ներկայիս շուկայական շրջանառութեան մէջ գտնուող հակացաւ օծանելիքներուն (ointments):

Տերսիմի հանքային ջուրերուն բաղադրութիւնը (մասամբ հրաբխային) հարուստ է իր մեծա կամ մանրա (macro/oligo) քիմիական տարրերով: Գիտենք որ հանքային աղերը կը ներմուծուին ապրող էակներուն մէջ մաշկային ներծծմամբ (լոգանք), ինչպէս նաեւ ներառութեամբ՝ ըմպում եւ օդային կաթիլներու ներշնչում [7]:

XX-րդ դարու սկզբնաւորութեան ապրող տերսիմցին, մեր որոշ ժամանակակիցներուն նման, կը հաւատար թէ դէպի սրբավայր (վանքեր, ջուրեր, քարեր) ուխտագնացութեամբ կարելի էր բուժել որոշ հիւանդութիւններ: Իսկ որո՞նք էին տերսիմցիին ուխտագնացական բուժավայրերը։

Տերսիմի բնաշխարհէն ժամանակակից պատկեր մը։ Լուսանկարը գործն է Յուշամատեանի բարեկամներէն Ճիհանկիր Կիւնտօղտուի, որ սիրայօժար զայն մեր տրամադրութեան տակ դրաւ։

Պաղին լերան (հրաբխային) ջերմուկի աւազան. հարուստ երկաթով ու ծծումբով: Հոս կը բուժուին յօդացաւէ տառապողները [8]: Ծծումբը նպաստաւոր է յօդերու, յօդակապերու ու ձգտաններու (ligaments, tendons) աճառին (cartilage) կազմութեան [9]։

Սուրբ-Ակ (Սովուգ-սու) հանքային ջուրը [10]։

Բերրիի Նորոյենց աղբիւր. Դարման է «դողէ» տառապողներուն համար: Մանուկներն ու պատանիները - որոնցմէ ոմանք կու գային հեռու տեղերէ, տարուան ընթացքին իրենց ունենալիք «դող»էն ազատուելու համար կաղանդի գիշերը կը լոգնային այդ աղբիւրին մէջ: Այնուհետեւ, «դող»ը կը ձգէին տեղւոյն վրայ, զայն «կապելով» աղբիւրին գլխուն բուսած բռնչենիին (pyrus aria) ճիւղերուն, գործածելով հիւանդին հագուստներէն պոկուած պատառիկներ: Այս տեսակի նաշխուն սուրբ ծառերու կարելի է հանդիպիլ շատ մը նմանօրինակ «ուխտատեղի-հիւանդանոցներու» շրջակայքը [11]։

«Դող»ը մալարիայի ախտանշաններէն մէկն է: Զայն տարածողը Տերսիմի որոշ ճահճային շրջաններուն մէջ (ինչպէս Բերրի) բազմացող մժեղներն են [12]: Մարդոց կարմիր գնդիկները, էգ մժեղներու խայթոցներուն հետեւանքով, կը վարակուին մալարիա պատճառող միաբջիջ նախակենդանի մակաբոյծերով (unicellar protozoan parasites)։ Այս վերջինները մարմնին մէջ կը բազմանան բոլորելով իրենց կենսաբանական ծիրը, որուն հանգրուաններուն համեմատ հիւանդը կ՚անցնի զանազան տեսակի տագնապներէ՝ բարձրաստիճան ջերմ, գլխու/մարմնական ցաւեր, առատահոս քրտինք, խելացնորութիւն եւ զօրաւոր դող [13]:

Դողը դիմադրական հակազդեցութիւն մըն է։ Դողին հետեւանքով մկանները բարձր աստիճանի կը պրկուին եւ մարմնին ջերմութիւնը կը  բարձրանայ: Բայց երկարատեւ դողը մկաններուն նեարդներուն մէջ մանր խոցեր կը յառաջացնէ եւ այս ձեւով ցաւ կը պատճառէ: Իսկ ասոնց դիմաց, պաղ ջուրի լոգանքը մկանները կը հանդարտեցնէ, ինչպէս նաեւ աւշային շրջագայութիւնը (lymphatic circulation) խթանելով՝ հիւանդին դիմադրողականութիւնը կրնայ ամրապնդել: Երեւանեան կը տեղեկացնէ թէ բարձր ջերմին դէմ ենթական բազմաթիւ ծածկոցներու տակ կը քրտնեցնեն ու  ճակատը օղիի թրջոցներ կը դնեն: Նաեւ կը գրէ թէ ջերմին դէմ սոլֆաթօ (sulfonamide-ի մէկ տեսակը) կը գործածուի [14]: Այս քիչ մը տարօրինակ կը թուի մեզի, գիտնալով որ առաջին sulfonamide-ները 1932-35-ին գտնուած են:

Տերսիմի բնաշխարհէն ժամանակակից պատկեր մը։ Լուսանկարը գործն է Յուշամատեանի բարեկամներէն Նորայր Շահինեանի, որ սիրայօժար զայն մեր տրամադրութեան տակ դրաւ։

Ջրահարսի սառն աղբիւր
. կը գտնուի Տերսիմի Ագրակ գիւղի վանքին քով (Խոզաթի գաւառակ)։ Ականջը գոցուելու պարագային եւ ականջի ցաւերու դէմ այս աղբիւրին ջուրէն կը կաթեցնեն ականջին մէջ: Ենթական մօտակայ օրհնուած քարին վրայ վառած մոմ մըն ալ կը տնկէ [15]:

Խօստուկ աղբիւր. փորի ցաւէ տառապող երեխաներուն կը տանին Բազարոնի Խօստուկ աղբիւրը (Չարսանճաք գաւառակին մէջ), կը լոգցնեն զայն այստեղի ջուրին մէջ եւ կը խմցնեն նոյն աղբիւրին ջուրը: Մեծերու պարագային, այս ցաւէն տառապողները պարզապէս տունը կը խնամուին: Երեւանեան կը գրէ թէ չափահասներուն օղի կը խմցնեն ու եթէ ցաւը շարունակուի՝ ցաւած տեղին վրայ տաքցուած քար կը դնեն: [16]

Տերսիմի բնաշխարհէն ժամանակակից պատկեր մը։ Լուսանկարը գործն է Յուշամատեանի բարեկամներէն Ճիհանկիր Կիւնտօղտուի, որ սիրայօժար զայն մեր տրամադրութեան տակ դրաւ։

Այլ աւանդական բուժամիջոցներ

Այստեղ կը ներկայացնենք Տերսիմի մէջ ժողովրդային բժշկութեան վերաբերող զանազան օրինակներ, որոնք հիմնուած են զանազան հայկական աղբիւրներու վրայ։

Ընկճուած (depressive) հարսը

Այս մասին պատմողը Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցն է, որ 1870-ական թուականներուն Տերսիմ իր ճամբորդութեան ընթացքին կը հանդիպի Ֆրանգ (այս ածականը ընդհանրապէս կը տրուի կաթոլիկութիւնը ընդունած հայերուն) Կարապետ անունով տերսիմցիի մը։ Սրուանձտեանց ընթերցողին կը պատմէ այն ինչ որ ինք լսած է Կարապետէն։ Խնդրոյ առարկան Կարապետին հիւանդ հարսն է, որուն համար կ՚ըսուի թէ անոր մէջ «ճին կայ», այլ խօսքով «չար» ոգիները զինք գրաւած են: Այսպէս, «չար»էն ձերբազատուելու համար կնոջ գլխուն չորս աւետարաններ կարդացեր են, թուղթ նայեր են, սակայն բոլորը ի զուր։ Ապա, Կարապետին կը ստիպեն որ իր մօտ հրաւիրէ Թիլ գիւղի իսլամ մոլլան, որ ճիներ հեռացնելու համբաւ ունէր: Կրօնականը կնոջ գլխուն բաներ մը կը մրմնջայ, ապա ըստ իրեն, այս խօսքերուն վրայ ճիները գետին կը թափին, գետինէն հողը կը վերցնէ եւ կը լեցնէ եղէգի մը մէջ, զոր կը մոմէ, յայտնելով թէ դեւերը բանտարկուած են: Մոլլան կը յանձնարարէ եղէգը որոշ տեղ մը թաղել ու կը պահանջէ այցեգին: Թերահաւատ Կարապետ կը սակարկէ, անոր կու տայ երկու հինգ ղուրուշնոցի ապառիկ մը, խոստանալով գումարը ամբողջացնել հարսին բուժուելէն ետք [17]:

«Սուսունկ» կանչող մանուկները

Անոնք կը բուժեն ականջի ցաւերը: Ըստ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցի ձեռագիր նօթերուն, այս «մասնագիտութիւն»ը ժառանգած են վարի գիւղէն (գիւղին անունը կարելի չեղաւ յստակօրէն հասկնալ անոր ձեռագրէն) շնորհեալ ընտանիքի մը փոքրիկ քոյր եւ եղբայր մը: Բուժման արարողութիւնը տեղի կ՚ունենայ այդ գիւղին մէկ աւերակ մատուռին խորանին մէջ: Փոքրիկները մատուռին ետեւի պատուհանէն երեք անգամ իրարու կը նետեն թաշկինակէ շինուած գնդակ մը՝ ձայնելով «Սուսունկ, սուսունկ ներս գնայ կամ դուրս եկուր»։ Այնուհետեւ, հիւանդը երկու վառած մոմեր կը դնէ այդ լուսամուտին մէջ: Անոր ականջին վրան իբրեւ դարման կը քսեն խիւս մը՝ պատրաստուած տեղւոյն հողէն, որ շաղուած կ՚ըլլայ Աստուածամօր աղբիւրին ջուրով:

Տերսիմի բնաշխարհէն ժամանակակից պատկեր մը։ Լուսանկարը գործն է Յուշամատեանի բարեկամներէն Ճիհանկիր Կիւնտօղտուի, որ սիրայօժար զայն մեր տրամադրութեան տակ դրաւ։

Չար աչքը հեռացնել կապար թափելու արարողութեամբ

Բարձր ջերմէ տառապողին բուժումն է: Հմուտ կապար թափող մը հալեցուցած մետաղը կը լեցնէ հիւանդին գլուխին վերեւ բռնուած պաղ ջուրի տապակին մէջ: Կապարը պաղելով կը ստանայ զանազան ձեւեր, որոնք եթէ սեպաձեւ/շնաձեւ ըլլան, տանջուողին ընտանիքի անդամներուն միտքէն անցած անձին (չար աչքին) անունը կը գիտցուի ու սրածայր մետաղը կը մխրճուի չարին աչքը, այս ձեւով հիւանդէն հեռացնելով չար ոգին: Կապարի կտորները ապա փողոց կը թափեն եւ անոնք անցորդներուն կողմէ կը կոխկրտուին: Այս գործողութեան կողքին, հիւանդը կը փաթթեն ծածկոցներով, անոր կը խմցնեն տաք հեղուկներ, մինչեւ որ քրտնի [18]։

Պապենական փորձնապաշտութեան (empirism) վրայ հիմնուած «առարկայական» բուժման կերպեր

Հոս կը հանդիպինք հետեւեալներուն՝ արիւն առնել, շիշ խփել, ոսկորներու համակարգի շարժաբուժութիւն (ostepathic techniques), տաքութեամբ քրտնաբերութիւն եւ դեղաբոյսերով բուժում: Ըստ Անդրանիկի, «իւրաքանչիւր բոյս որ կ՚աճի Տերսիմի լեռներուն վրայ ունի իր առանձին անունն ու նշանակութիւնը... ու առանձին հիւանդութեան մը համար է, որու անունով ալ յաճախ նոքա կը ճանչցուին տեղացիներուն» [19]:

Մանկական հիւանդութիւններ

Ինչպէս տեսանք, ասոնք խիստ բացասական ազդեցութիւն ունեցած են տերսիմցիներուն բնակչութեան աճին վրայ: Ընդհանուր առմամբ այս հիւանդութեանց մասին մօտաւորապէս նոյն բացատրութիւնները տալով կը գրեն Երեւանեան (էջ 481-485) եւ Գասպարեան (էջ 494-505):

Տերսիմի բնաշխարհէն ժամանակակից պատկեր մը։ Լուսանկարը գործն է Յուշամատեանի բարեկամներէն Ճիհանկիր Կիւնտօղտուի, որ սիրայօժար զայն մեր տրամադրութեան տակ դրաւ։

Հարսանիթ (Measles, rougeole)

Ժահրային (viral) հիւանդութիւն մըն է, կը յատկանշուի բարձր ջերմով, աչքի կարմրութեամբ, կոկորդի բորբոքումով եւ մարմնական կարմիր բշտիկներու եռքով: Փոխանցիկ ու վտանգաւոր է ձմեռնային եղանակին ու՝ մահացու երբ ուղեղատապի կը վերածուի։ Հիւանդը քառասուն օր տաք կը պահեն, ան կը սնանի կաթով ու քաղցրեղէնով: Այս վերջինը բշտիկները «դուրս պէտք է թափէ», որպէսզի ներքին գործարանները չվարակուին, ինչպէս օրինակ աղիքները։

Կապոյտ հազ (pertussis, wooping cough)

Մանրէներու (bacterial) վարակում մըն է, յատկանշական է իր գոռացող հազով ու փոխանցիկ արտաքսուող թուքով։ Կը սպասեն որ հիւանդութիւնը ինքնաբերաբար ճէհէննեմ ըլլայ ու երթայ: Ուրիշ բուժման կերպ չի յիշուիր։

Ջրծաղիկ (chicken pox)

Ժահրային (viral) վարակիչ հիւանդութիւն մըն է, կը յատկանշուի ջերմով, գլխացաւով, ծաղկաձեւ կարմիր քեռուով եւ ջրալից բշտիկներու ցանով մարմնին տարածքին: Հիւանդը չեն լոգցներ, որ ժահրը չի տարածուի:

Տերսիմի բնաշխարհէն ժամանակակից պատկեր մը։ Լուսանկարը գործն է Յուշամատեանի բարեկամներէն Նորայր Շահինեանի, որ սիրայօժար զայն մեր տրամադրութեան տակ դրաւ։

Ծաղկախտ (variola, small pox)

Ժահրային փոխանցիկ վարակ է, երեխաներու թշնամին է, մանաւանդ մինչեւ 1890-ականները, երբ պարտադիր պատուաստը տակաւին չէր գործադրուեր Տերսիմի մէջ: Երեւանեան կը գրէ թէ Խարբերդէն ոչ-կանոնաւոր կերպով կու գային պատուաստողները 2-3 տարին անգամ մը: Կարելի է գործադրել կարգ մը տարրական առողջապահական միջոցներ վարակումը կասեցնելու համար (տարրական մաքրութիւն, օճառի ընդհանրացած գործածութիւն, հիւանդին ու անոր առարկաներուն մեկուսացում), սակայն տրուած ըլլալով տեղւոյն տիրող ընդհանուր մթնոլորտը ու հիւանդութեան մահացութիւնը, դժուար է հաւատալ թէ գիւղացին ի գործ կը դնէր ատոնք:

Չաղա պօղան (երեխայ խեղդող)

Գասպարեան կը տեղեկացնէ թէ սա շառագոյն վարակն է (scarlet fever): Ան կը նկարագրէ սակայն ախտաճանաչման միայն կոկորդային նշանները («երեխաներուն կոկորդի ներսէն ելլելով կը խեղդէր»), առանց յիշելու մարմնին վրայ յայտնուող եւ արեւահարութեան նմանող կարմրութիւնը, ինչպէս նաեւ լեզուին վրայի բիծերը: Հիւանդ երեխային կոկորդին թարախոտ մաշկը մատով կը պայթեցնէին ու պզտիկը խեղդամահ ըլլալէ կ՚ազատէր ու կը լաւանար [20]:

Մորթային հիւանդութիւններ

Ցըռցըռուկ

Ըստ նկարագրուածին, այս trychophyton տեսակի մակաբոյծն է: Այս գլխու սունկը մազերը կը վարակէ, մազաթափում կը յառաջացնէ եւ վարակուած տեղն ալ կլորակ ճաղատ սպիներ կը պատճառէ: Զօրաւոր փոխանցիկ հիւանդութիւն մըն է: Գասպարեան կը նկարագրէ հետեւեալ ժողովրդային դարմանը. դդումի (cucurbita pepo) մոխիրը կը խառնեն կարագի հետ եւ կը քսեն վէրքին վրայ [21]: Ընդհանրապէս որոշ ճարպային թթուները (fatty acids) հակասնկային յատկութիւններ ունին: Հաւանաբար կարագը այդ պատճառաւ կրնայ օգտակար ըլլալ ցըռցըռուկին դէմ։ Գալով մոխիրին, ան անհրաժեշտ կը թուի կարագին թթուիլը արգիլելու համար:

Տերսիմի բնաշխարհէն ժամանակակից պատկեր մը։ Լուսանկարը գործն է Յուշամատեանի բարեկամներէն Նորայր Շահինեանի, որ սիրայօժար զայն մեր տրամադրութեան տակ դրաւ։

Մրջընբօն

Մարմնին վրայ կը կը բուսնին մանր բշտիկներու խումբեր, որոնք քերուըտուք կը պատճառեն: Երեւոյթը կը յիշեցնէ մրջիւններու բոյնին ծակին շրջապատը, այստեղէն ալ իր անունը: Մէկ տարբերակը մասնաւորաբար կը տարածուի արմուկներուն բոլորտիքը: Պէյրութի մէջ խարբերդցի ծագումով մորթաբան մը հիւանդութիւնը կը դարմանէր calamine-ով (անձնական հարցազրոյց): Calamine-ը հակա-քերուըտուք/հակա-գրգռական (anti pruritic/irritation) մորթային հիւանդութեանց համար զինկի (zinc carbonate/ferric oxide) թթուով ու որոշ տեսակի աղով պատրաստութիւն մըն է՝ օծանելիքի կամ առկախեալ հեղուկի (liquid suspension) ձեւին տակ:

Տապաս (urticaria)

Մարմնին վրայ կը յայտնուին կեռացող այտոյցներ, այսինքն կարմիր քարտէսանման տափարակ ուռեր։ Ասոր պատճառը բոյսերու, կերակուրներու կամ խայթուածքի հանդէպ գերզգայնութիւնն է (allergy): Այս մէկուն դարմանում չէ նկարագրուած:

Քոս (scabies)

Թրքերէնով կը կոչեն ույուզ: Ասոր պատճառը sarcoptes scabiei կոչուող մանրէն է, որ կը բնակի մաշկին մէջ իր փորած նրբանցքներուն մէջ, պատճառելով սաստիկ քերուըտուք: Անմաքուր եղունգներուն պատճառաւ կրնայ վարակումի (infection) վիճակը բարդանալ: Վարակումը կը դիւրանայ մանաւանդ երբ հագուստները, ճերմակեղէնները, սաւանն ու վերմակը կատարելապէս մաքրելու կարելիութիւն չկայ:

Չմշկածագի մէջ քոսէն վարակուածը կը տանին Քոսաղբիւր զայն լոգցնելու համար: Հագուստեղէնները մաքրելու մասին ոչինչ գիտենք Տերսիմի պարագային: Սակայն ըստ Անդրանիկի, ենթակային կը կերցնեն քոսախոտ, կամ քոսաբոյս (scabiosa arvensis, saxifrage, gazon turc)։ Այլ դարման մըն է նոյն բոյսին ջրային ներմուղը (infusion), զոր կը խմցնեն հիւանդին [22]: Կարելի չեղաւ այս բոյսին քիմիական բաղադրութիւնը ճշդել արդարացնելու համար իր գործածութիւնը:

Չմշկածագ, մօտաւորապէս 1937-ին կամ 1938-ին (Աղբիւր՝ անձնական հաւաքածոյ)

Պալարներ - կէածուկ եւ շան ծիծ (Boils: furoncles/abscesses)

Թրքերէն՝ չիպան եւ իթ մէամէասի: Մորթին տակ գոյացած ուռեր են, որոնք թարախոտ եւ կարմիր կ՚ըլլան, քերուըտուք եւ ցաւ կը պատճառեն։ Կէածուկը կը յայտնուի մարմնին որեւէ տեղը, իսկ շան ծիծը՝ անութին տակը: Վարակիչը (staphylococcus aureous) մանրէն է: Միգրոպը կը հաւաքուի վերեւի շնչառական անցքերուն մէջ, այլոց կը փոխանցուի քիթ-բերանէն արտաքսուած կաթլիկներու ու վարակուած առարկաներու միջոցով: Ստինքային պալարներու պարագային, մանրէն կ՚անցնի դիեցնող կնոջ կաթին մէջ (մայր կամ ծծմայր) եւ կրնայ վարակել մանկիկը։ Բնականաբար, փոխանցումը կը սաստկանայ խճողուած մթնոլորտի մէջ, ուր լուացուելու կարելիութիւնը կը պակսի [23]:

Գասպարեան իթ մէամէասի (շան ծիծ) իբրեւ դարման կը նշէ խիւս մը, որ պատրաստուած է հաւկիթի ճերմկուցով ու շաքարափոշիով: Ղազարեան կը տեղեկացնէ թէ Չմշկածագի մէջ այս վէրքին դէմ կը գործածուի աջից կոչուող ծաղիկը (ծանօթ է նաեւ քսամ, սուլթանի վարդ, սապունիկ եւ տուղտ անուններով, althea officinalis): Զայն կը դնեն վէրքին վրայ, որ թարախը քաշէ: Այս ծաղիկը կը կանխէ նաեւ օձի խայթոցով թունաւորումը, արգիլելով թոյնին տարածումը [24]: Օձի խայթոցի դէմ կը գործածուի նաեւ գինելկոթի (ժախ, սիսարուն, sium Sisarum) որոմը (weed), որ կը դրուի վէրքին վրայ: Մէկ ժամէն կը հանեն զայն, տեղը կը լուան կաթով ու կրկին կը ծածկեն այդ որոմով [25]: Այս կը կատարուի եօթ անգամ: Ըստ Ա. Թորոսեանի, տուղտը յիշուած է Pedanius Dioscoridis-ի De Materia medica գիրքին մէջ, ուր կը նշուի թէ ձէթի մէջ թաթխուած անոր տերեւները կը դնեն պալարներու վրայ [26]: Մեզի աւելի ժամանակակից գիրքի մը մէջ կը նշուի թէ, այլ դարմանական յատկութիւններու կողքին, տուղտը ունի նաեւ hակաժահրային, hակասնկային ու հակացպկային (anti viral, anti bacterial and anti fungal) յատկութիւններ։ Անոր միջոցով կարելի է ջնջել staphylococcus aureous մանրէն [27]: Տուղտը պարունակելով նաեւ թանձր խիժաջուր (mucilage), դարման է օձի խայթոցին դէմ. անիկա կրնայ կասեցնել թոյնին ներծծումը մարմինին մէջ: Գալով գինելկոթին, կարելի չեղաւ գտնել անոր օգուտները նկարագրող տեղեկութիւններ:

Կէր եարա (ուտող վէրք)

Կարելի չեղաւ հիւանդութեան իսկութիւնը ճշդել: Կոկորդը ու բերանը փտեցնող վարակ մըն է, որ ըստ Գասպարեանի շատ հաւանաբար քաղցկեղն է [28]:

Տարեկան կամ տարուկ (Հալէպի վէրք, Bouton d’Alep, d’Orient)

Խոռոչային սպիի նմանող վէրքեր են, որոնք կը յայտնուին մասնաւորապէս 3-10 տարեկաններուն, բայց նաեւ չափահասներուն այտերուն կամ քթին ծայրը [29]: Զանոնք կարելի է գտնել նաեւ ծոծրակին եւ ձեռքերուն վրայ, երբ ենթական խայթուի phlebotome դասին պատկանող էգ ճանճերէն (sandfly): Ճանճը մորթին տակ կը ներարկէ միաբջիջ մակաբոյծ մը (protozoan)՝ leishmania տեսակի: Հիւանդութիւնը գիտականօրէն ճանչցուած է իբրեւ cutaneous leishmaniasis [30]: Այդ ճանճերը կը բազմանան Սուրիոյ ու Իրաքի գետային շրջաններուն մէջ: Հալէպէն կ՚անցնին Խարբերդ ու անկէ ալ Տերսիմ: Այնթապցիներուն եւ ատանացիներուն մօտ ալ յաճախակի է այս վէրքը: Զայն դարմանելու համար տերսիմցին անոր վրայ կը դնէ լաթէ սպեղանի մը, որ ողողուած է մալէզով ու պղնձարջասպով (CuSO4) պատրաստուած խիւսով մը: Ծանօթ է որ խտացուած շաքարը, ինչպէս նաեւ մալէզը խոցակալումի (ulceration) դէմ են եւ կը դիւրացնեն առողջ սպիացումը։ Իսկ CuSO4-ը հականեխիչ է, ինչպէս հականեխիչ են նաեւ մետաղեայ աղերը: Արդի դեղաբանութիւնը տարուկը կը բուժէ ուրիշ մետաղի մը՝ ծարիրի (antimony) պատրաստուկով (preparation), որ կը կոչուի stibogluconate:

Ներքին հիւանդութիւններ կամ ախտանշաններ

Մալարիա

Այս մասին արդէն անդրադարձանք։

Դալուկ, դեղնախտ (սարըլըխ, jaundice)

Երբ մաղձին մէջ գտնուող դեղին billuribin-ը չ՚արտաքսուի, ապա անիկա կը պարպուի աղիքներուն մէջ եւ կը պատճառէ զանազան լեարդային հիւանդութիւններ։ Այսպէս, անիկա կը փոխադրուի արեան մէջ, դեղին գոյն կու տայ մորթին, մէզին ու աչքին ճերմկուցին [31]։ Տերսիմցին շան չորցած կղկղանքը մեղրին կը խառնէ ու կը կերցնէ «դեղնութիւն առած» հիւանդին, մինչեւ որ այս վերջինը իր բնական գոյնը ստանայ [32]: Գասպարեան կը նկարագրէ թէ մասնագէտ բուժողներ կը գտնեն հիւանդին թիակին (ուսին ետեւի մասը) տակ եղող ջիղը, որ կռնակէն կ՚երկարի մինչեւ կուրծքը։ Զայն կը կտրեն, որպէսզի փայծաղն ու լեարդը այլեւս հիւանդ ջիղէն սնունդ չի ստանայ։ Ապա, ամէն առտու, նախաճաշէ առաջ, տաք օճառ ջուրով դուրսէն կը շփեն լիարդն ու փայծաղը [33]: Այս մարձումը կրնայ խթանել լեարդին խցուած լեղատոպրակը եւ դիւրացնել մաղձին պարպումը։

Լուծում (փորհարութիւն, փորի ցաւ, սիւրկիւ, diarrhoea)

Ասոնք որոշ հիւանդութեանց նախանշանները կրնան ըլլալ: Տերսիմցին զանոնք կը բուժէ տարբեր ձեւերով: Այսպէս, երբ այս մէկը պատահի կաթնակերներուն, այն ատեն դիեցումը կը կեցնեն ու մանկիկին կը կերցնեն օսլայոտ ((C6H10O5)n պարունակող, starchy) ընդեղէններ, ինչպէս աղնձած սիսեռ։ Օսլան աղիքին հեղուկը ծծելով ու դոնդողանալով (gelification), կը դանդաղեցնէ «երթեւեկը»: Այլ դարման մըն է՝ ենթական տաք քարի վրայ նստեցնելը: Կամ կը խմցնեն նուռի կեղեւի ջրային ներմուղը (infusion), որուն պարունակած կծող աղաղը (tanin-) կը կեցնէ բորբոքած աղիքային թաղանթին ջրահոսութիւնը [34]:

Լուծին կողքին փորի ցաւի պարագային կը գործածուի զամպուրը (thymus species) որ ծոթրինի տեսակ մըն է [35]: Բոյսը կը պարունակէ հականեխիչ՝ thymol եւ աղաղ (tanin) [36]:

Վարցաւ

Երեւանեան կը կարծէ թէ սա ժանտատենդն (typhoid fever) է (մանրէն՝ salmonella typhi) եւ ոչ՝ բծաւոր տիֆը (exanthematic typhus): Միւս կողմէն ալ գիտենք թէ այս վերջինը տարածուած հիւանդութիւն մըն էր Օսմանեան կայսրութեան մէջ։ Կրնայ ըլլալ որ Երեւանեան սխալած է: Աւելի հաւանական է որ վարցաւը բծաւոր տիֆն է, որ մարդոց կը փոխանցուի ոջիլին խայթոցով (վարակուած rikettsia prowazekii մանրէով)։ Հիւանդութիւնը շուտով կրնայ տարածուիլ Տերսիմի օրինակով նոյն տան մէջ ապրող բազմանդամ ընտանիքներու մէջ։ Ի տարբերութիւն Երեւանեանի, Գասպարեան կը գրէ թէ վարցաւը աւելի հաւանական է որ բծաւոր տիֆն է: Դարմանը երկար ատեն անկողինին ծառայելն է: Մահացութիւնը բարձր տոկոս կը կազմէ:

Պնդութիւն

Մանկանց համար իբրեւ դարման սենամէքիի (կասիա, senna, cassia tree, cassia acutifolia) տերեւը ջուրի մէջ կ՚եռացնեն ու կաթին հետ խառնուած կը խմցնեն: Այլ պարագաներու իբրեւ դարման կը գործածուի այլ բոյս մը՝ Իշու կաթնուկը (euphorbia lathyris? orientalis?): Ասոր բուսակաթը (latex) ալիւրով կը շաղեն եւ կը շինեն մանր դեղահատեր, որոնց մեծութիւնը կ՚ըլլայ ըստ հիւանդին տարիքին: Այս բուսակաթէն քանի մը կաթիլ ջուրի մէջ խառնելով, կը գործածուի իբրեւ լծողական [37]: Հոս կ՚արժէ յիշել թէ բոյսին latex-ը կ՚անհետացնէ նաեւ մարմնին վրայ յայտնուած գորտնուկները կամ շերեփուկները (warts)։ Այս պարագային, բուսակաթը օրական քանի մը անգամ պէտք է քսել գորտնուկին [38]: Պէտք է ընդգծել նաեւ թէ այս բոյսը կրնայ թունաւոր ըլլալ: Իսկ պնդութիւնը եթէ հակառակ այս բոլոր դարմաններուն շարունակուի, այն ատեն հիւանդին կը խմցնեն թութի ռուպ, որ լծողական յատկութիւն ունի։ Իսկ եթէ այս ալ ապարդիւն անցնի, կը խմցնեն անգլիական աղիին (MgSO4) ջրային լուծոյթը [39], կամ ուրիշ euphorbiaceae-ի (ricinus communis) մը կուտերէն ելած իւղը՝ անհամ հինդ եաղին [39]։

Թոքախտ (բարակ ցաւ)

Թէեւ այս հիւանդութիւնը հազուագիւտ է Տերսիմի մէջ, բայց երբ պատահի՝ մահացու է: Գասպարեան կը գրէ թէ այս հիւանդութիւնը ընդհանրապէս կը փոխանցուի Ամերիկայէն կամ Պոլսէն վերադարձող պանդուխտներուն կողմէ: Ենթական կը հիւծի եւ վարակուածներէն շատերը կը մեռնին: Երեւանեան եւ Գասպարեան դարմանումի ձեւեր չեն տեղեկացներ, բայց Գասպարեան կը գրէ թէ Տերսիմ վերադառնալով հիւանդները օդափոխութեան ճամբով երբեմն կ՚առողջանան: Անշուշտ այս բուժումը մասամբ կապուած է նաեւ հիւանդին ինքնածին դիմադրողական ուժին:

Թոքատապ (սաթլիճան, pneumonia)

Այս կը յառաջանայ զանազան մանրէներու ճամբով թոքերու օդափոխիչ խոռոչիկներուն (alveolus) վարակումով [40]: Բուժումը ըստ Գասպարեանի հիւանդը քրտնեցնելն է՝ տաքութիւնը իջեցնելու նպատակով։ Այլ դարման մըն է գաւաթ խփելը (cupping), որ Տերսիմի մէջ ծանօթ է «քուփա քաշել» անունով։ Հաւանաբար այս մէկը մկանային ցաւերը կ՚ամոքէ՝ արեան շրջագայութիւնը խթանելով [41]:

Անարիւնութիւն (anemia)

Անդրանիկ կը նկարագրէ թէ ինչպէս անարիւնութենէ տառապողին «աչքերը խաւարելով ան մարած էր»: Կարծելով թէ ան արեան շատութիւն կամ ապականութիւն ունէր անոր երակէն երկարատեւ կերպով արիւն առած էր (վիրաբոյժ) սափրիչը: Կար նաեւ շրջիկ թուրք սափրիչ մը, որ գիւղէ գիւղ կը պտտէր ու հրապարակին վրայ կարգով «արիւնաքամ» կ՚ընէր տեղացիները, ստանալով իր այցեգինը [42]:

Աղիքային որդեր՝ երիզորդ (tenia) ու ճճի (ascaris)

Երիզորդին համար կը կիրարկեն դարերէ ի վեր փորձարկուած դարմանը, որն է օրն ի բուն ուտել միայն դդումի հում կուտեր: Մակաբոյծը յաջորդ առաւօտ իսկ կ՚արտաքսուի: Իսկ ճճիներուն դէմ կը գործածուի կանաչ բուսափոշի մը, զայն կը խառնեն մեղրին եւ առտու կանուխ կը կերցնեն հիւանդին։ Մինչեւ անկոչ հիւրին արտաքսուիլը, հիւանդը պէտք է անօթի մնայ [43]։ Պէյրութի մէջ մինչեւ 1970-ականները, խարբերդցի դեղագործներ իրենց դեղատան յարակից բնալուծարաններուն մէջ դդումի (cucurbita pepo) աղացուած կուտով կը պատրաստէին հեղուկ մը (liquid extract), որ երիզորդի դէմ դեղն էր: Դդումի կուտերը կը պարունակեն cucurbitacin A-L քիմիական նիւթերը, որոնցմէ cucurbitacin-E կ՚ազդէ երիզորդին վրայ [44]: Cucurbitacinները կրնան թունաւոր ըլլալ: Գալով վերը յիշուած կանաչ բուսափոշիին, այդ կրնայ ըլլալ artemisia cina, կամ maritima բոյսը (ջրեւնախոտ), որ օշինդրի ընտանիքէն է (compositae): Ան կը պարունակէ լեղի santonin (C15H18O3) [45]: Հետաքրքրական է նշել թէ artemisinin-ը, որ կը ստացուի չինական quinghaosu (artemisia annua, sweet wormwood) բոյսէն ազդու է մալարիա պատճառող plasmodium falciparum-ին (միաբջիջ մակաբոյծներ) դէմ [46]:

Զանազան այլ հիւանդութիւններ

Ականջի ցաւ

Ականջի ցաւի դէմ կը գործածուի ոսպի շոգիով բուժումը: Ոսպը (lens culinaris) կը խաշեն ու անոր շոգիին վրայ ցաւող ականջը կը բռնեն, ետքն ալ զայն կապուած կը պահեն: Ոսպին հատիկները կը պարունակեն լեքթիններ (lectin) [47]: Կարելի է հետեւցնել որ ոսպին ցնդական (volatile) լեքթինները կրնան խաղալ բուժիչ դեր [48]:

Աչքի ցաւ

Այդ յաճախ կը պատահի յունիսէն մինչեւ հոկտեմբեր ժամանակաշրջանին եւ կը դադրի պաղ եղանակին: Կը վարակուին մասնաւորաբար մանուկները: Տերսիմի մէջ հռչակաւոր է «ակնաբոյժ» տիկին Չանչոյեանը, որ աչքի ցաւը կը դարմանէ գունաւոր փոշիներով կամ հեղուկներով, օրինակ կարմիր խըրըպզով: Ենթակային աչքը սեւ լաթով կը կապեն, լոյսէն պաշտպանելու համար: Կը գործածուի նաեւ խտուտէն (taraxacum officinalis) արտահանուած կաթնահիւթը որ կը պարունակէ հանքային աղեր, կենսանիւթեր, օրկանական թթուներ, զորս կը կաթեցնեն աչքին մէջ:

Աչքի ցաւին դէմ կը գործածեն նաեւ ծծմօր կաթը: Գիտենք թէ այս կաթը կը պարունակէ հակամարմիններ (antibodies), որոնք հիւանդութիւններու դէմ կը պայքարին: Այլ դարմանում մըն է ոչխարի թարմ կաթը, որուն մէջ կը լուծեն պաղլեղ (alum, mineral alumina salt)։ Կ՚առնեն վիրակապ մը, զայն կ՚ողողեն պատրաստուած հեղուկին մէջ, ապա կը կապեն ցաւող աչքին։ Պաղլեղը փոթոթիչ (astringent) յատկութիւն ունենալով կրնայ կարմրութիւնը թեթեւցնել աչքին ընդլայնուած մազերակները սեղմելով:

Արեւահարութիւն

Մարմինը սխտորի ու թանի լուծոյթով ողողուած լաթով մը կը պատեն, ջերմութիւնը կ՚իջնէ ջրատութեամբ (hydratation), ինչպէս նաեւ սխտորին ցնդական հակաջերմ նիւթերուն միջոցով:

Թութք (մայասիլ, Piles կամ Hoemorrhoid)

Այս հիւանդութեան պարագային, կրկին կ՚օգտուին սխտորին առթած հականեխական ու հակաստնգական (հակաջղաձգական, antispasmodic) յատկութիւններէն:

Քերուըտուք (Էառք)

Խնդրոյ առարկայ տեղը կը ծածկեն շաքարափոշիի ու ծծումբի (sulphur) խառնուրդով մը։ Ծծումբը շատ մը մորթային հիւանդութեանց ծանօթ դարման մըն է: Շաքարը, գրգռուած տեղին ջուրը եւ ծծումբին իրար խառնուելով, փաստօրէն կը փոխեն ծծումբին քիմիական վիճակը եւ կը խթանեն անոր գործունէութիւնը (activity):

Գլխացաւ

Թեթեւ ցաւ.- Քացախի եւ օղիի մէջ ողողուած լաթով մը գլուխը կը կապեն: Քացախը կը պարունակէ acetic acid, որ օրկանական թթու (organic acid) մըն է: Ան ասփիրինի մասնիկին (molecule) մաս կը կազմէ: Լաթով փաթթելը կ՚արգիլէ թթուին ցնդիլը եւ կը նպաստէ ճակտին մորթէն ներս թթուի ներծծման: Ցաւամոքիչ, ջերմամոքիչ եւ հակատապային (anti-inflammatory) դեղերու շարքին գտնուող Brufenի մասնիկին մէջ նոյնպէս կայ օրկանական թթուն (propionic acid): Իսկ Տերսիմի թութի օղին իր բարձր աստիճանի ալքոլով ու թութին բաղադրական ցնդական իւղերով, ծանօթ ժողովրդային ամենաբոյժ է:

Խիստ գլխացաւ.- Տերսիմցին գետնախնձորի շերտերը կը թաթխէ աղացուած սուրճին մէջ, ապա այս բաղադրութիւնը լաթով մը կը փաթթէ գլխուն շուրջ: Քաֆէինը (caffeine) ծանօթ է իբրեւ ցաւամոքիչ եւ հակա-անգարային (antimigraine) յատկութիւն ունի: Գետնախնձորին պարունակած ջուրը դանդաղօրէն լուծելով քաֆէինը կը նպաստէ անոր ներծծման:

Ուրիշ ցաւերու տեսակներ

Մէջքի ցաւ

Տերսիմցին ցաւած տեղը կը փակցնէ հետեւեալ սպեղանին՝ կուպրախառն (tar) մանրուած խունկ, ցաւոտ տեղին վրայ կը պահեն մինչեւ որ բուժուի: Կուպրը կը ծառայէ իբրեւ խէժ: Սուրբ Գրային, եկեղեցական խունկը գեղաբոյր (aromatic) ռետնային (resinous) բուժական նիւթ է, հարուստ ցնդական իւղերով։ Խունկը կը ստացուի boswellia sacra, կամ serrata բոյսէն։ Ուրիշ դեղ մըն ալ կայ ոսկրացաւի համար՝ եղինջը (urtica species), զոր կը խաշեն եւ անոր ջուրը կը խմեն: Երեխաներու մօտ մէջքի ցաւերու համար կը գործածուի Մարիամ խոտը (milk thistle): Բոյսը իր sylmarinով հակատապ (anti-inflammatory) գործունէութիւն ունի։

Յօդացաւ

Կան զանազան դարմաններ: Ողջ հաւը փետուրներով միասին «ծեծել» ու կապել ցաւած տեղը։ Նոր մորթուած ոչխարին տաք մորթը կապել ցաւած տեղը։ Այս ոչ բուսական սպեղանիները ցաւած տեղին վրայ կը պահեն մինչեւ որ այլեւս հոտին։ Հաւանաբար այս ձեւը կը գործէր հակազդեցական (counter irritant) տեսութեանց համեմատ:

Ոսկրային ձեռնաւարութիւն (osteopathic manipulations)

Վարպետ բեկաբուժերը այս դարմանը կը գործածեն բուժելու համար խոստկոտիլը, որ պաղառութեան հետեւանքով սկսուած փորի սուր ցաւն է: Այս փաստօրէն աղիքային հարբուխն է (intestinal flu): Այսօր գիտենք թէ սա միքրոպային ծագում ունի եւ ոչ թէ պաղառութեան արդիւնք է: Տերսիմի մէջ անոր դարմանումը կ՚ըլլայ կռնակին ոսկորները տեղաշարժելով։ Բեկաբուժը ծունկը կը դնէ հիւանդին կռնակին, ենթակային թեւերը խաչաձեւած դէպի ետ կը քաշէ, մինչեւ որ չաթ չաթ ձայներ լսուին: Ասոր կ՚ըսեն խուլիճ կոյրել: Մեզի յայտնի չէ կապը փորի ցաւին ու չաթերուն միջեւ: Արդեօ՞ք աւշային շրջագայութիւնը խթանելու հարց է, բան մը որ կրնայ մանրէները չէզոքացնել:

Եզրափակում

Մեր ուսումնասիրութիւնը չի յաւակնիր սպառիչ ըլլալ: Եթէ գիտական տուեալներ կրցան որոշ չափով հաստատել մեզի հասած ժողովրդային բժշկութեան կիրառման հիմքը, տակաւին կը մնան կէտեր, որոնք բացատրութեան կը կարօտին, ինչպէս է պարագան հեռու կամ մօտիկ բնակող ուրիշ ժողովուրդներու մօտ:

Գալով հաւատալիքներու վրայ հիմնուած «դարմանումներուն», զանոնք կարելի է վերագրել տեսակ մը placebo effect-ի, ըստ որուն ենթական իր ակնկալած արդիւնքին կը հասնի քանի որ կը ցանկայ անոր: Արդեօք նման հոգեկան մղումները կրնա՞ն ներքին բնա-քիմիական բուժիչ մասնիկներ ստեղծել մարմնին մէջ։ Ոմանք կը հաւատան նաեւ Նարեկ աղօթագրքին բուժիչ կարողութեան [49]:

Յամենայնդէպս, ժողովրդային բժշկութեան (ethno medicine/ethno pharmacy) ուսումնասիրութիւնը կրնայ դուռ բանալ յայտնաբերելու հոն պահուըտած դարմանական նոր միջոցներ, որոնք դժբախտաբար տակաւին անյայտ կը մնան ուղղափառ դեղաբանութեան աներկբայօրէն հաւատացողներուն։ Աւանդական այս միջոցներէն ոմանք կը յաջողին դեղագործական հետախուզութեան տալ միայն շահաբերական ուղղութիւն:

  • [1] Zhang Qi, Traditional medicine definitions, World Health Organization (WHO):
  • [2] Գէորգ Ս. Երեւանեան, Պատմութիւն Չարսանճագի հայոց, Կ. Տօնիկեան Հրատ., Պէյրութ, 1956, էջ 479-481։
  • [3] Նոյն, էջ 476։
  • [4] Mathieu Ricard, Plaidoyer pour les animaux, Allary Editions, Paris, 2014, էջ 81։
  • [5] Հայկազն Ղազարեան, Պատմագիրք Չմշկածագի, տպարան «Համազգային», Պէյրութ, 1971, էջ 126-128։
  • [6] Երեւանեան, էջ 485:
  • [7] CSF Gomes, "Naturotherapies based on minerals", in Geomaterials (January 22, 2013) (Source: www.scirp.org/journal/gm), էջ 2։
  • [8] Երեւանեան, էջ 18-19։
  • [9] CSF Gomes, "Naturotherapies based on minerals", էջ 3, table 1։
  • [10] Երեւանեան, էջ 18-19:
  • [11] Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանց, Թորոս Աղբար, Հայաստանի ճամբորդ, Բ. մաս, տպագրութիւն Գ. Պաղտատլեան (Արամեան), Պոլիս, 1884, էջ 114:   
  • [12] Երեւանեան, էջ 482-483:
  • [13] The Merck manual - Home health handbook, Malaria, Whyley, 2009, էջ 1218-1220:
  • [14] Երեւանեան, էջ 481։
  • [15] Սրուանձտեանց, էջ 114:
  • [16] Երեւանեան, էջ 481։
  • [17] Սրուանձտեանց, էջ 119-130:
  • [18] Համբարձում Գասպարեան, Չմշկածագ եւ իր գիւղերը, «Պայքար» տպարան, 1969, էջ 504։
  • [19] Անդրանիկ, Տէրսիմ՝ Ճանապարհորդութիւն եւ տեղեկագրութիւն, Թիֆլիս, տպ. Մնացական Մարտիրոսեանցի, 1900, էջ195։
  • [20] Գասպարեան, էջ 498։
  • [21] Նոյն, էջ 496։
  • [22] Անդրանիկ, էջ 195։
  • [23] Merck manual, Whyley, 2009, էջ 1176-1177։
  • [24] Ղազարեան, էջ 117։
  • [25] Susie Hoogasian Villa and Mary Kilbourne Villa, Armenian village life before 1914, Wayne State University, Detroit, 1982, էջ 152։
  • [26] Ա. Թորոսեան, Հայաստանի դեղաբույսերը, Երեւան, «Հայաստան» հրատարակչութիւն, 1983, էջ 261-267։
  • [27] Ali Shah et al, Pharmacological activity of Althea officinalis, in Journal of medicinal plants research, vol 5(24), October 2011, էջ 5662-5666։
  • [28] Գասպարեան, էջ 497։
  • [29] Նոյն։
  • [30] Merck manual, էջ 1217-1218։
  • [31] Նոյն, էջ 214-217։
  • [32] Երեւանեան, էջ 489։
  • [33] Գասպարեան, էջ 495։
  • [34] Նոյն, էջ 499։
  • [35] Ղազարեան, էջ 118։
  • [36] A. Schauenberg et al, Guide to medicinal plants - Thymus vulgaris, London, Lutterworth press, 1977, էջ 256-57։
  • [37] Կարապետ Գաբիկեան, Հայ բուսաշխարհ, Երուսաղէմ, տպարան Սրբոց Յակոբեանց, 1968, էջ 108-109։
  • [38] Larousse des plantes qui guerissent, paragraphe Euphorbe epurge, 1974, էջ 120։
  • [39] Գասպարեան, էջ 495։
  • [40] Merck manual, էջ 463-465։
  • [41] Գասպարեան, էջ 495։
  • [42] Անդրանիկ, էջ 19։
  • [43] Գասպարեան, էջ 499։
  • [44] Dinan L. Hormann, "Ecdysteroid Agonists and Antagonists" in Comprehensive Molecular Insect Science, vol 3, էջ 197-242։
  • [45] Walter H. Lewis, Memory P.F. Elvin-Lewis, Medical Botany, Plants Affecting Human Health, New Jersey, Wiley, 1977, էջ 290։
  • [46] Merck manual, էջ 1120։
  • [47] Lewis/Elvin-Lewis, Medical Botany, էջ 99։
  • [48] Ravi Kant Upadhyay, Essential oils: antimicrobial, anthelmintic, antiviral, anticancer and anti insect properties, J. Appl. Biosci, 36(1): 1:22, Haziran 2010.
  • [49] Այդ գաղափարին ջատագովներէն է հոգեբոյժ Արմէն Ներսիսեան (Հայաստան)։

Բոյսերուն անունները ճշդելու համար գործածած ենք հետեւեալ երեք բուսաբանական մասնագիտացան բառարանները՝

Տունկերը եւ անոնց հայերէն անունները, Մխիթարեան տպարան, Վենետիկ, Սբ. Ղազար, 1952։

Կարապետ Գաբիկեան, Հայ բուսաշխարհ, Երուսաղեմ, տպարան Սրբոց  Յակոբեանց, 1968։

Armenag K. Bedevian, Polyglottic dictionary of plant names (re-impression of the 1935 edition), Cairo, Madbouly bookshop, 1994.