Արփինէ Պողիկեան Կարպուշեանը (ծնեալ Պողիկեան) Քեսապի մէջ, 1946։

Քեսապ - Պարեր

Թարգմանութիւն՝ Վարդան Թաշճեան, 23/06/23 (վերջին փոփոխութիւն՝ 23/06/23)

Այս բաժինին նպատակն է մէկտեղել եւ ներկայացնել զանազան հայկական աւանդական պարեր, որոնք պահպանուած են Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքներուն մէջ։ Այս ծրագիրին իրականացումին համար Յուշամատեանը կը գործակցի հայկական պարերու խումբ մը մասնագէտներու հետ, որոնք իւրաքանչիւր պարի համար պատրաստած են պարային չափեր։ Խումբին անդամներն են՝ Քարոլին Ռափքիեւեան (Պար Հէրպոր, Մէյն), Սուզըն եւ Կէրի Լինտ-Սինանեան (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսէց), Թոմ Պոզիկեան (Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա), Ռապըրթ Յարութիւնեան (Սանիսայտ, Նիւ Եորք)։

Այստեղ ներկայացուած են երկու պարեր Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող հայկական Քեսապ աւանէն: Պարերու այս համադրութիւնը Թոմ Պոզիքեանը սորված է իր երիտասարդութեան տարիներուն, 1940-ականներու վերջը, Քալիֆորնիոյ մէջ՝ քեսապցի հայերէ:

Կատարման բնոյթը.- խառն պար` աջէն առաջնորդին հետ: Պարողները ճկոյթ մատները կը բռնեն, ձեռքերը՝ «W» դիրքին մէջ:

Կշռոյթը.- 4/4, 2/4:

Քեսապի պարերու ներկայացում եւ ցուցմունքներ