Աջակցեցէք մեզի

Առցանց նուիրատուութիւն Եւրոպայի Յուշամատեանին

Կրնաք մեզի առցանց նուիրատուութիւն կատարել՝ PayPalի սոյն կոճակը սեղմելով։

Euros (EUR)Euros (EUR)
US Dollar (USD)US Dollar (USD)
Australian Dollars (AUD)Australian Dollars (AUD)
Canadian Dollars (CAD)Canadian Dollars (CAD)
British Pounds (GBP)British Pounds (GBP)
Swiss Francs (CHF)Swiss Francs (CHF)
Swedish Kronor (SEK)Swedish Kronor (SEK)

Կրնաք նաեւ նուիրատուութիւն ընել ուղղակի դրամատան մեր հաշիւին՝

Դրամատան անուն: LANDESBANK BERLIN-AG
Դրամատան հասցէ: ALEXANDERPLATZ 2, D-10178 BERLIN
Հաշուետէր: Houshamadyan e. V.
IBAN: DE92100500006603216556
SWIFT-BIC: BELADEBEXXX

Գերմանիոյ մէջ նուիրատուներու համար՝

Houshamadyan e.V.
IBAN: DE92100500006603216556
Berliner Sparkasse
SWIFT-BIC: BELADEBEXXX

Իւրաքանչիւր նուիրատուութեան դիմաց Յուշամատեանը պատրաստ է պաշտօնական ստացական մը ուղարկել։ Այս նպատակով պէտք ունինք նուիրատուին փոսթի հասցէն։

Յուշամատեանին աջակցելու խնդրով կրնաք նաեւ ուղղակի կապուիլ մեր ելեկտրոնական հասցէին՝ houshamadyan(at)gmail.com

Ինչո՞ւ նուիրատուութիւն ընել

Յուշամատեանը ոչ-շահութաբեր միութիւն մըն է (կեդրոնը՝ Պերլին, Գերմանիա), որ այլ հաստատութիւններէ դրամական օժանդակութիւն չի ստանար։ Ան չունի նաեւ եկամուտի սեփական աղբիւրներ։ Առայժմ Յուշամատեանը իր աշխատանքը շարունակելու, իր էջերը աւելի արագ զարգացնելու ու ճոխացնելու համար կախեալ է դրամական մէկ աղբիւրէ, որ անհատական նուիրատուութիւններն են։

Ամէն անհատ որ սիրած է այս կայքէջը ու գիտակցած է անոր կարեւորութեան, կրնայ աջակցիլ մեր ծրագիրին իր կատարելիք նուիրատուութեամբ։ Մենք կը քաջալերենք նաեւ այն անձերը կամ կազմակերպութիւնները, որոնք իրենց կատարած նուիրատուութեամբ կ՚ուզեն յարգել Օսմանեան կայսրութեան հայաբնակ յատուկ վայրի մը ծնունդ իրենց նախնիները։ Այս իմաստով պատրաստ ենք տուեալ վայրին վերաբերող էջերը ձօնել նուիրատուին նախասիրած անձին կամ անձերուն յիշատակին։ Այս պարագային սոյն ձօնը պիտի երեւի կայքէջին էջերուն մէջ։

Այլ ձեւերով աջակցութիւններ

Յուշամատեանին կրնաք նաեւ աջակցիլ հետեւեալ ձեւերով.-

  • Յօդուածներ.- Կայքէջի էջերուն մէջ միշտ պիտի նշուին յաջորդ տեղավայրերը, որոնց մասին Յուշամատեանի խմբագրութիւնը ձեռնարկած է նիւթերու հաւաքման ու յօդուածներու պատրաստութեան։ Կրնաք ձեր աշխատակցութիւնը առաջարկել տուեալ տեղավայրի մը մասին յօդուածներ գրելով։ Այս մասին նպատակայարմար է կապի մէջ մտնել Յուշամատեանի խմբագրութեան հետ, որ ձեզի պիտի տայ անհրաժեշտ ուղղութիւնները։

  • Լուսանկարներ.- Տեղավայրի մը մասին ամէն հին լուսանկար մեզ համար մեծ կարեւորոթիւն ունի։ Մեզ կը հետաքրքրեն նաեւ այս տեղավայրերու ծնունդ հայերու անհատական պատկերներ կամ խմբանկարներ, որոնք լուսանկարուած են Սփիւռքի մէջ մինչեւ 1940ական թուականները։

  • Ձայնագրութիւններ.- Տեղավայրի մը վերաբերող երգ-երաժշտական ամէն ձայնագրութիւն մեզ համար մեծ կարեւորութիւն ունի։ Նոյնպէս հետաքրքրուած ենք ձայնագրութիւններով, որոնց մէջ տեղավայրի մը բնակիչը զանազան ձեւերով (յուշեր, բանաստեղծութիւն, երգ, եւայլն) կը նկարագրէ հայրենի իր տունը, քաղաքը, գիւղը։

  • Ֆիլմեր.- Մեծապէս հետաքրքրուած ենք տեղավայրի մը մասին հին ֆիլմերով։ Նոյնքան կարեւորութիւն կ՝ընծայենք այնպիսի ֆիլմերու, որոնց մէջ կ՝երեւի այս տեղավայրերու ծնունդ հայերու համայնքային կեանքը (դաշտահանդէս, տօնակատարութիւն, խմբային պար, եւայլն) սփիւռքեան տարբեր երկիրներու մէջ։

  • Այլ նիւթեր.- Մեզ համար կարեւոր են զանազան տեղավայրերու մասին հին ու անգտանելի գիրքեր, քարտէսներ, գեղանկարներ, անտիպ յուշեր ու անտիպ այլ գրութիւններ։ Այսպիսի պարագաներու մեզ համար առաջնահերթութիւն մը չէ այս նիւթերուն գեղարուեստական կամ այլ պարագաներու ալ գիտական որակը։ Էականը երբեմնի կեանքի մը յիշողութեան վերականգնումն է։ Հետեւաբար, ամէն նիւթ որ ձեւով մը արտայայտիչն է տեղավայրին ժառանգութեան մեզ համար հետաքրքրական է եւ օգտագործելի։
  • Կամաւոր աշխատակիցներ.- Յուշամատեանի ծրագիրը ընդարձակ է եւ անիկա կ՝ընդգրկէ բազմազան մարզեր։ Այս պատճառով ալ մենք միշտ ալ ուրախ կ՝ըլլանք երբ մեր ընթերցողներուն շարքին գտնուին անձեր, որոնք պատրաստ ըլլան մեր աշխատանքներուն կամաւոր կերպով օժանդակելու։ Այսպիսի գործերու շարքին կրնանք թուել համակարգիչի վրայ թեքսթերու արտագրումը, գիրքերու թուայնացումը, լուսանկարներու հաւաքը, արխիւներու մէջ հետազօտութիւններ։

  • Անձնական հաւաքածոներու պահպանում.- Յուշամատեանին նպատակներէն է աշխարհի տարածքին Օսմանեան կայսրութեան հայերու կեանքին վերաբերող այլազան հաւաքածոներ թուայնացնել եւ զանոնք ներկայացնել մեր կայքէջին մէջ։ Կը պատահի որ մեր հետ կապ պահող անձերէն ոմանք իրենց անձնական հաւաքածոները ֆիզիքապէս ուզեն նուիրել Յուշամատեանին։ Այսպիսիներուն կ՚առաջարկենք կապ պահել մեզի գործակից հաստատութիւններու հետ, որոնց շարքին յատկապէս Project SAVE-ին, որ արհեստավարժ միջոցներով բնատիպեր պահպանելու մասնագիտութիւնը ունի։ Յուշամատեանը Project SAVE-ի հետ գրաւոր համաձայնագիր մը ունի, ըստ որու մեր միութիւնը կրնայ ազատօրէն օգտուիլ Project SAVE-ի արխիւէն՝ բարձր որակի թուայնացուած լուսանկարներու օրինակներ ձեռք բերել անկէ եւ զանոնք գործածել մեր կայքէջին մէջ։Այսպիսով, եթէ ձեր ընտանեկան հաւաքածոները նուիրէք Project SAVE-ի, այս արխիւները նաեւ հասանելի կ՚ըլլան Յուշամատեանի։

Այս հարցերով ելեկտրոնային նամակ յղեցէք մեր հասցէին՝ houshamadyan(at)googlemail.com եւ մենք պատրաստ ենք անմիջապէս անհրաժեշտ բոլոր բացատրութիւնները տալու ուղարկուելիք նիւթերուն գործածութեան պայմաններուն ու հեղինակային իրաւունքներուն մասին։