map dyarbekir aleppo Harput Ankara Adana Konya Sivas Trabzon Erzurum Bitlis Van kastamonu Aydin/Izmir Bursa Izmit Istanbul Edirne Baghdad beirut damascus jerusalem

Օսմանեան կայսրութիւնը 20րդ դարու սկիզբին (չեն երեւիր Հիճազի, Եմենի եւ արեւմտեան Թրիփոլիի օսմանեան նահանգները)

Ուղեցոյց

Եթէ փնտռածդ քաղաք մը կամ շրջան (գաւառ, գաւառակ) մըն է, կ՚առաջարկենք որ գործածես «Քարտէսներ»ը։
«Քարտէսներ» բաժինին մէջ նաւարկելու երկու ձեւ ունիս՝

Տեսողական ձեւ

  1. 1. Կը կոխես Գլխաւոր էջի քարտէսի նկարին վրայ կամ նոյն էջի «Քարտէսներ» գրութեան վրայ։
  2. 2. Հոս պիտի տեսնես Օսմանեան կայսրութեան ընդհանուր քարտէսը։ Ամէն մէկ նահանգ (վիլայէթ) առանձին գոյն մը ունի։ Շարժագիծով կը կոխես անոնցմէ որեւէ մէկուն վրայ (օրինակ Ատանա՝ դեղին գոյնով)։
  3. 3. Կը բացուի նոր քարտէս մը, որ տուեալ նահանգին մեծցուած եւ աւելի շատ մանրամասնութիւններ պարունակող քարտէսն է։ Նահանգին քարտէսին մէջ շարժագիծով կ՚ընես ընտրութիւնդ*։
  4. 4. Կը հասնիս նոր քարտէսի մը, որ տուեալ նահանգին մէկ գաւառին, գաւառակին քարտէսը կամ քաղաքի մը յատակագիծն է։
  5. 5. Ձախ սիւնակին մէջ կան զանազան թեմաներ (Տնտեսութիւն, Կրօնք, Տեղական յատկանիշներ, Կրթութիւն եւ մարզանք, եւայլն)։
  6. 6. Շարժագիծը կը դնես որեւէ թեմայի մը անունին վրայ (օրինակ՝ Կրօնք)։ Անմիջապէս աջին կը բացուի նոր տփիկ մը, ուր նշուած են մեր յօդուածներուն անունները։ Օրինակ «Կրօնք» թեմային տակ կրնաս գտնել տուեալ վայրին վերաբերող «Տօներ» եւ «Կրօնական բարքեր» վերնագիրներով յօդուածներ։ Կ՚ընտրես մէկն ու մէկը եւ արդէն կը բացուի յօդուածը իր ամողջութեամբ։

* Նահանգին քարտէսին մէջ եթէ շարժագիծով չես կրնար քու փնտռած վայրիդ վրայ կոխել, կը նշանակէ, որ այդ վայրին մասին տակաւին յօդուածներ չունինք մեր կայքէջին մէջ։

Բառական ձեւ

  1. 1. Կը կոխես Գլխաւոր էջի քարտէսի նկարին վրայ կամ նոյն էջի «Քարտէսներ» գրութեան վրայ։
  2. 2. Օսմանեան կայսրութեան քարտէսին տակը, ձախ սիւնակին մէջ, տակ-տակի կը գտնես բոլոր նահանգներուն անունները։
  3. 3. Շարժագիծը կը դնես որեւէ նահանգի մը անունին վրայ (օրինակ՝ Ատանայի վիլայէթ)։ Անմիջապէս աջին կը բացուի նոր տփիկ մը, ուր նշուած են տուեալ նահանգին պատկանող այն վայրերը, որոնց մասին Յուշամատեանը յօդուածներ ունի։ Ատանայի վիլայէթին մէջ պիտի հանդիպիս Սիս, Հաճըն, Տէօրթեօլ անուններուն։ Ուրիշներ ալ ապագային պիտի աւելնան։
  4. 4. Այս տփիկին մէջէն կ՚ընտրես նախընտրած վայրդ եւ կը բացուի տուեալ վայրին (գաւառ, գաւառակ, քաղաք) վերաբերող էջը։
  5. 5. Ձախ սիւնակին մէջ, տակ-տակի կը գտնես զանազան թեմաներ (Տնտեսութիւն, Կրօնք, Տեղական յատկանիշներ, Կրթութիւն եւ մարզանք, եւայլն)։

Շարժագիծը կը դնես որեւէ թեմայի մը անունին վրայ (օրինակ՝ Կրօնք)։ Անմիջապէս աջին կը բացուի նոր տփիկ մը, ուր նշուած են մեր յօդուածներուն անունները։ Օրինակ «Կրօնք» թեմային տակ կրնաս գտնել տուեալ վայրին վերաբերող «Տօներ» եւ «Կրօնական բարքեր» վերնագիրներով յօդուածներ։ Կ՚ընտրես մէկն ու մէկը եւ արդէն կը բացուի յօդուածը իր ամողջութեամբ։