Ուղեցոյց

Եթէ փնտռածդ օսմանեան հայերուն վերաբերող յատուկ նիւթ/թեմա մըն է, կ՚առաջարկենք որ գործածես «Թեմաներ»ը։

Հոս նաւարկելու ձեւն է՝

  1. 1. Կը կոխես Գլխաւոր էջի «Թեմաներ» նկարին վրայ կամ նոյն էջի «Թեմաներ» գրութեան վրայ։
  2. 2. Ձախ սիւնակին մէջ, տակ-տակի կը գտնես զանազան թեմաներ (Տնտեսութիւն, Կրօնք, Տեղական յատկանիշներ, Կրթութիւն եւ մարզանք, եւայլն)։
  3. 3. Շարժագիծը կը դնես որեւէ թեմայի մը անունին վրայ (օրինակ՝ Տնտեսութիւն)։ Անմիջապէս աջին կը բացուի նոր տփիկ մը, ուր նշուած են ենթաթեմաներ, ինչպէս «Արհեստներ», «Ճարտարարուեստ եւ առեւտուր»։ Եթէ հետաքրքրուած ես Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու արհեստներով, կը կոխես «Արհեստներ»ուն վրայ։
  4. 4. Կը բացուի էջ մը, ուր նշուած են բոլոր այն վայրերը (Մուսա Լեռ, Ուրֆա, Խարբերդ, Հաճըն, Մարաշ, եւայլն), որոնց մասին արհեստի նիւթով յօդուածներ ունինք մեր կայքէջին մէջ։ Կ՚ընտրես այս վայրերէն մէկն ու մէկը եւ առջեւդ կը բացուի յօդուածը։