Արտաւազդ Արք. Սիւրմէեան կանգնած է Հալէպի Ճտէյտէ թաղամասի Քառասնից Մանկանց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ խորանին առջեւ: Ըստ պատմաբան Յակոբ Չոլաքեանի, Արքեպիսկոպոսը, որ գործակցած էր Եփփէի հետ հայեր փրկելու եւ զանոնք վերականգնելու գործին մէջ, Քարէն Եփփէի մահուան առիթով եկեղեցւոյ խորանը ծածկած է դանիական դրօշակով (Աղբիւր՝ Քարէն Եփփէի Արխիւ, Կիւհլինկ, Դանիա: Շնորհակալութիւններ Միհրան Մինասեանի)։

Հալէպ - Կրօնք

Այս ընդհանուր վերնագիրին տակ կը ներկայացուին ձեր ընտրելիք տեղավայրին հայկական կրօնական հաստատութիւնները, եկեղեցիներն ու ուխտավայրերը, տօները, ծնունդի ու մկրտութեան, ինչպէս նաեւ պսակի ու թաղման սովորութիւնները։