Շիրվանի գաւառակ - Վանքեր, եկեղեցիներ եւ ուխտավայրեր
Հեղինակ՝ Տիգրան Մարտիրոսեան, 31/10/2023 (վերջին փոփոխութիւն՝ 31/10/2023), թարգմանութիւն՝ Վարդան Թաշճեան
19-րդ դարու վերջին եւ 20-րդ դարու սկիզբին Բաղէշի նահանգի (Պիթլիսի վիլայէթի) Սղերդի գաւառի (Սիիրթի սանճաքի) տարածքը, որուն մաս կը կազմէր Շիրվանը որպէս քազա (գաւառակ), անցաւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի Սղերդի առաջնորդարանի իրաւասութեան տակ [1]: 1915 թուականի ցեղասպանութեան նախորդող տարիներուն Սղերդի առաջնորդներն էին Փառէն վարդապետ Մելքոնեանը՝ 1904 թուականին [2] եւ Կորիւն վարդապետ Սրապեանը՝ 1908 թուականին [3]: Սղերդը մինչեւ 1805 թուականը եղած է եպիսկոպոսութիւն՝ Մշոյ Յովհաննէս Մկրտիչ (Սուրբ Կարապետ) վանքի ենթակայութեան տակ: Սակայն աւելի ուշ որոշուեցաւառաջնորդներն ու հոգեւորականները տեղափոխել նոր նստավայր՝ Սղերդի գաւառի համանուն վարչական կեդրոնը՝ Սղերդ գիւղաքաղաքը: 19-րդ դարու երկրորդ քառորդէն մինչեւ 1865 թուականը, Սղերդի առաջնորդարանին իրաւասութիւնը կը տարածուէր Սղերդի (սանճաքի համանուն կեդրոնական քազայի), Շիրվանի եւ Խարզանի վրայ եւ կը ներառնէր Սղերդի սանճաքի սահմաններէն դուրս գտնուող քանի մը գաւառակներ [4]:
Այժմու թրքացուած անունները նշուած են քառակուսի փակագիծերու մէջ։
Աւաւ [Gürgencik], Աւին [Kayalı], Բայթարուն [İkizler], Բըրկ [Yatağan], Դարաբան [Dokuzçavuş], Դերաւել [Yarımtepe], Դերիկ [հաւանաբար Kayahisar], Դերիկ [հաւանաբար Söbetaş], Դերզնի [Adakale], Ջումա [Kaval], Գնձիկ [Oya], Գոնդեգիզան [Suludere], Գորինան [այլ ճանչցուած անուններ՝ Գուրենա, Գորիհան], Կարվէ [Taşlı], Քելին [Durankaya], Քեվիճան [Yolbaşı], Խանդակ [İncecik], Քիգան [İkizler], Քէօսախ [İncesırt], Քիւֆրա [Şirvan], Մադան [Madenköy], Մատար [Sarıtepe], Մազորան [Özdoğan], Մըրջ [Suluyazı], Մինար [Dilektepe], Մզրէ [Aktay], Նըբայն [Turgutlu], Պուխ [Köprü], Սեմատար [այժմու անունը ծանօթ չէ մեզի], Սերմետ [հաւանաբար Yamaç], Սերուս [Kesmetaş], Շմելեա [Sıvacık], Սիսեռք [Çayır], Սմխոր [Sarıdana], Սորիան [Koyacık], Զվզիկ [Dişlinar]
Քանի որ Ք. Ե. 5-րդ եւ 6-րդ դարերուն Պարսկական կայսրութիւնը կառավարող Սասանեաններու արքայատոհմը կրօնական խտրական գործողութիւններ կը կատարէր Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ նկատմամբ, Մեծ Հայքի թագաւորութեան հարաւային եւ հարաւ-արեւմտեան կարգ մը գաւառներու հայոց մէկ հատուածը դաւանափոխուեցաւ եւ ընդունեց նեստորական քրիստոնէութիւնը, յատնի նաեւ իբրեւ Նեստորականութիւն: Հետեւաբար, 19-րդ եւ 20-րդ դարու սկիզբին Շիրվանի քազայի քանի մը գիւղերու մէջ յայտնաբերուած են «նեստորական հայեր»ու շառաւիղներ [5]:
20-րդ դարու սկիզբին Շիրվանը թերզարգացած եւ տնտեսապէս ու ընկերայնօրէն յետամնաց շրջան մըն էր: Թէեւ Օսմանեան տէրութեան հայաբնակ վայրերուն մէջ կրթութեան նպաստող հայկական եկեղեցական գործակալութիւններն ու համայնքային կազմակերպութիւնները ունէին գիւղական դպրոցներու մեծ ցանց մը (հիմնականին մէջ տեղական եկեղեցիներուն կից), Շիրվանի մէջ դպրոցներ գրեթէ չկային [6], իսկ եկեղեցիներուն թիւը փոքր էր:
Պոլսոյ մէջ հրատարակուած 1904-ի Ընդարձակ օրացոյց Ս. Փրկչեան հիւանդանոցի հայոց պարբերականը Սղերդի սանճաքի հայկական եկեղեցիներուն ընդհանուր թիւը կը նշէր 32 [7]: Ըստ 1896-1908 թուականներուն Պոլսոյ հայոց պատրիարք Մաղաքիա արքեպիսկոպոս Օրմանեանին, 1900-ականներու սկիզբին Սղերդի առաջնորդարանի իրաւասութեան տակ կային 33 եկեղեցիներ, որոնք կը տարածուէին Սղերդի (կեդրոնական համանուն քազայի), Շիրվանի, Խարզանի եւ Սղերդի սանճաքի կազմին մէջ գտնուող այլ գաւառակներու վրայ: Սղերդի սանճաքին մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հետեւորդներուն թիւը Օրմանեան նշած է 25000 հոգի, մինչդեռ սանճաքի կաթողիկէ հայոց թիւը նշուած է 500 հոգի [8]: Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող «Բիւրակն» պարբերականի 1900 թուականի մէկ խմբագրականին մէջ կը հաշուառուէին Սղերդի քանի մը կաթողիկէ եկեղեցիներ, ինչպէս նաեւ 40-էն 45 բողոքական հայեր, որոնք կը յաճախէին սանճաքի միակ քարոզարանը [9]:
Ըստ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Մայր Աթոռի Արարատ ամսագիրի «Հայաստանեայց Եկեղեցին Տաճկաստանում» խմբագրականին (1895), սուլթան Ապտուլ Համիտի գահակալութեան տարիներուն տեղի ունեցած հակահայ ջարդերուն ժամանակ հողին հաւասարուեցուած են շարք մը վանքեր եւ եկեղեցիներ Շիրվանի 20 հայաբնակ գիւղերուն, այդ շարքին՝ Սերուսի [Kesmetaş], Ավինի [Kayalı], Ավավի [Gürgencik], Նեպայնի [Turgutlu], Սերմեթի [հաւանաբար Yamaç] եւ Սիսերքի [Çayır] մէջ, եւ մաս մը հայ հոգեւորականներ բռնի իսլամացուած են: Մնացած հայկական վանքերն ու եկեղեցիները վերածուած են մզկիթներու, ուր թուրք մոլլաները ցնծալիօրէն կը քարոզէին իսլամի ուսմունքը [10]: Բաղէշի մէջ Մեծ Բրիտանիոյ փոխհիւպատոս Ճեյմս Հենրի Մոնահան 1898 թուականին Շիրվան կ’այցելէ` նպատակ ունենալով քիւրտերու վայրագութիւններուն եւ անօրինութիւններուն վրայ լոյս սփռող տեղեկութիւններ հաւաքել: Մոնահան կը նկատէ, որ հայերը, ինչպէս նաեւ տեղացի ասորիները, «գրեթէ բոլորը դարձի եկած էին» քրիստոնէութեան [11]:
1902-ին Սղերդի առաջնորդարանին կողմէ պատրաստուած վիճակագրական զեկոյցին մէջ կը հաշւուէր Շիրվանի մէկ վանք եւ 19 (այլ հաշուարկներով՝ 21) եկեղեցի [12]: 1913-1914 թուականներուն պատրիարքարանին կողմէ կատարուած մարդահամարը (որուն աղիւսակացուած տուեալները կը պահուին ՀԲԸՄ-ի Փարիզի Նուպարեան գրադարանին մէջ), մեզի անյայտ պատճառներով՝ Շիրվանի հայկական վանքերուն եւ եկեղեցիներուն համար որեւէ թիւ չէ նշուած [13]: Պատրիարքարանի մարդահամարին թարմացուած տուեալները, որոնք հասանելի եղած են Յարութիւն-Ռեմոն Գէորգեանին եւ Փոլ Փապուճեանին, 1914 թուականին Շիրվանի եկեղեցիներուն թիւը կը նշեն 9-ը [14]: Գէորգեանի հեղինակային աշխատասիրութիւնը, որ, ըստ երեւոյթին, թարմացուցած է պատրիարքարանին թիւերը՝ օգտագործելով իրեն հասանելի լրացուցիչ մարդահամարի տուեալները, կը նշէ 1915-էն առաջ Շիրվանի մէջ 11 եկեղեցիի գոյութիւնը [15]:
Շիրվանի քրիստոնեայ գիւղերու բնակչութեան զգալի մասը ուղղափառ ասորի էր: Քանի որ այս ասորիներուն մէկ հատուածը հայախօս էր, անոնց ազգային ծագումը միշտ չէ, որ ճանչցուած է այդ ժամանակներու հայկական աղբիւրներուն մէջ [16]: 1890-ականներու վերջին Բաղէշի մէջ իր կարճատեւ շրջագայութեան ժամանակ իրլանտացի աշխարհագրագէտ Հենրի Լինչի հանդիպած ասորի քահանան հաստատած է, որ «որոշ ասորիներ գաղթած են, մինչդեռ մեծ մասը դարձած է հայ»: Երբ Լինչ հարցուցած է, թէ «ինչո՞ւ հաւատացեալ մնացորդացը կը խօսի հայերէն՝ բացառելով ասորական որեւէ բարբառ», քահանան պատասխանած է. «ոովհետեւ այս երկիրը Հայաստան է»: Ան աւելցուցած է, որ Սղերդի սանճաքին մէջ մօտ 1500 ասորի կար, հիմնականին մէջ՝ Սղերդի եւ Շիրվանի քազաներուն մէջ: Անոնց հոգեւոր առաջնորդն էր Մարտինի պատրիարքը [17]: Մարտինը պատմական Մծբին քաղաքն է այսպէս կոչուած «Հայկական Միջագետք»ին մէջ, եւ այժմ կը գտնուի Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան տարածքին մէջ:
Միեւնոյն ժամանակ, Հայկական Բարձրաւանդակի հարաւային հատուածներուն մէջ հազուադէպ չէր հակառակ գործընթացը ՝ այսինքն՝ Շիրվանի մէջ ապրող հայոց ասորականացումը: Գրող Տիգրան Մկունդ, իր «Ամիտայի արձագանգներու վերակոչումն» աշխատասիրութեան մէջ, յիշատակած է հայերէն Աւետարան մը՝ գրուած ասորերէնի այբուբենի տառերով, որ գոյութիւն ունէր այս երկու էթնիկ եւ կրօնական խումբերու համատեղ բնակութեան վայրերուն մէջ: Ամենայն հաւանականութեամբ, գիրքը նախատեսուած էր այն ձուլուող հայերուն համար, որոնք դեռ չէին կորսնցուցած իրենց մայրենի լեզուն: Հայ Առաքելական եւ Յակոբիկեան Ասորի Եկեղեցիներուն միջեւ աստուածաբանական էական տարբերութիւններու չգոյութիւնը նշանակալի դեր խաղցած է հայոց, այդ շարքին նաեւ Շիրվանի բնակիչներու, որոշ հատուածներու ասորականացման մէջ: Ի դէպ, Օսմանեան տէրութիւնը յակոբիկեան ասորիները պաշտօնապէս կը համարէր հայկական միլլէթի մաս [18]՝ անոնց Եկեղեցին ու անոր հետեւորդները դնելով Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան իրաւասութեան տակ [19]:
Սղերդէն 20 քլմ. հիւսիս-արեւելք, Շիրվանի՝ նախապէս Քէօրմաշ (Körmaş) կամ Քիւրմաշ (Kürmas), իսկ ներկայիս Ինճէքայա (İncekaya) կոչուող գիւղին մօտ, կանգնած է ապարանք յիշեցնող Քէօրմաշ ամրոցը: Կ’ենթադրուի, թէ այս միջնադարեան ամրոցը կառուցած են բիւզանդացիք, որոնց կը պատկանէր տարածքը՝ Արեւմտեան Հայաստանի բիւզանդական տիրապետութեան տակ անցնելու ժամանակ, սակայն 11-րդ դարուն զայն գրաւած են Կեդրոնական Ասիոյ տափաստաններէն այս տարածք ներխուժած սելճուք թուրքերը: Հոյակապ բերդին մէջ տեղակայուած էին բնակելի սենեակներ, բաղնիք, մթերքի պահեստաւորման նկուղներ, ինչպէս նաեւ փոքրիկ, գողտրիկ եկեղեցի մը:
Այս ուսումնասիրութիւնը հիմնուած է հետեւեալ առաջնային աղբիւրներուն վրայ.
- 1878 թուականին Արեւմտեան Հայաստան ճանապարհորդած հայ բանահաւաք Արիստակէս վրդ. Տեւկանցի ճամբորդական զեկոյցը:
- Սղերդի առաջնորդարանի 1902-ին պատրաստած վիճակագրական զեկոյցը:
- Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի 1913-1914 թուականներու մարդահամարի լրացուցիչ տուեալները, որոնք հասանելի եղած են Գէորգեանին եւ Փապուճեանին (1992) եւ
- Գրող Թէոդորոս Լապճինճեանի (Թէոդիկ) 1921-ին լոյս տեսած գիրքը՝ Ցեղասպանութեան ժամանակ հայ հոգեւորականներու տառապանքներուն մասին [20]:
Օգտագործուած են նաեւ հետեւեալ աղբիւրները.
- «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան» (հեղինակներ՝ Թադեւոս Յակոբեան, Ստեփան Մելիք-Բախշեան եւ Յովհաննէս Բարսեղեան),
- Արեւմտեան Հայաստանի գաւառներով շատ ճամբորդած, հայկական դպրոցներու քննիչ Մանուէլ Միրախորեանի՝ 1884 թուականին հրատարակած ճամբորդական ուղեցոյցը,
- 1898 թուականին Շիրվանի շրջանի բոլոր քրիստոնէական գիւղերը (բացառութեամբ չորս գիւղակներու) այցելած՝ Մեծն Բրիտանիոյ փոխհիւպատոս Ճեյմս Հենրի Մոնահանի ճամբորդական զեկոյցը,
- Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ հայկական հիւանդանոցի 1904 եւ 1908 թուականներու Ընդարձակ օրացոյցները,
- Յարութիւն-Ռեմոն Գէորգեանի՝ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան՝ 2012-ին հրատարակուած աշխատասիրութիւնը:
- Պոլսոյ «Բիւրակն» պարբերականը ու Մայր Աթոռի «Արարատ» ամսագիրը լրացուցիչ տուեալներ ներկայացուցած են:
Ստորեւ կը ներկայացնենք ուշ օսմանեան ժամանակաշրջանին Շիրվանի քազայի վանքերուն, եկեղեցիներուն եւ ուխտավայրներուն ցանկը: Հնարաւորութեան պարագային, ցանկը կը ներառնէ տեղեկութիւններ ծառայող հոգեւորականներու թիւին եւ յայտնի անուններուն վերաբերեալ, որոնք քաղուած են Թէոդիկի աշխատութենէն, 1902 թուականի Սղերդի առաջնորդարանի վիճակագրական զեկոյցէն, ՀԲԸՄ-ի Փարիզի Նուպարեան գրադարանին մէջ պահուող՝ պատրիարքարանի 1913-1914 թուականներու մարդահամարէն, եւ Կնծիք [Oya] գիւղէն Ցեղասպանութիւնը վերապրածի մը վկայութենէն: Եթէ այլ բան նշուած չէ, ստորեւ ներկայացուող տեղեկութիւնները քաղուած են 1878-էն մինչեւ 1915 թուական գրեթէ 40 տարուայ ժամանակաշրջանն ընդգրկող աղբիւրներէ: Շիրվանի՝ հայկական վանքեր, եկեղեցիներ եւ ուխտավայրեր ունեցած գիւղաքաղաքներուն եւ գիւղերուն ներկայիս թրքացուած անուններն ու աշխարհագրական տուեալները կարելի է գտնել «Շիրվանի գաւառակ. ժողովրդագրութիւն» յօդուածին մէջ:
Շիրվանի գաւառակի վանքերը
Քանի որ Շիրվանը որոշակիօրէն terra incognita մնաց այս ուսումնասիրութեան ներառած ժամանակաշրջանի մեծ մասի ընթացքին, ուսումնասիրութեան համար օգտագործուած աղբիւրներէն շատեր կը նշէին, որ գաւառակին մէջ հայկական վանքեր չկան: Բացառութիւն է Սղերդի առաջնորդարանի 1902 թուականի վիճակագրական զեկոյցը, որ ցոյց կու տայ մէկ անանուն վանք Մաթար գիւղին մէջ (ներկայիս՝ Sarıtepe) եւ մէկ եկեղեցի Սեմադարի մէջ (ներկայիս՝ գիւղին անունը անյայտ է), որ կը ծառայէր որպէս վանք: Այլ բացառութիւն մըն է «Բիւրակն» շաբաթաթերթին մէջ 1900 թուականին հրատարակուած «Սղերդ» յօդուածը, որուն հեղինակը Շիրվանի մէջ տեղադրած է Սուրբ Խաչ վանքը, զոր ան նկարագրած է որպէս «նշանաւոր շինութիւն»: Յայտնի է, սակայն, որ Սուրբ Խաչ վանքը կը գտնուէր Մամրթանք գիւղախումբին մէջ, որ մաս կը կազմէր նոյն՝ Պիթլիսի վիլայէթի, Խիզանի (Հիզանի) քազային, հայաբնակ Սեղ գիւղէն դէպի արեւմուտք: Այս վանքը շատ յայտնի պէտք է ըլլար, քանի որ Շիրվանի յարակից գիւղերու բնակիչները հոն կ’երթային՝ հաւանաբար ուխտի կամ պաշտամունքի:
Սուրբ Յովսէփի վանքը Մաթարի մէջ
Կը կոչուի նաեւ Սուրբ Յովսէփայ վանք: Կը գտնուէր Սղերդէն 15 քլմ. (9 մղոն) հիւսիս-արեւմուտք [23]: Սղերդի առաջնորդարանի 1902 թուականի վիճակագրական զեկոյցը ցոյց կու տար, որ վանքը 20-րդ դարու սկիզբին աւերակ էր:
Սուրբ Աստուածածին վանքը (եկեղեցին) Սեմադարի մէջ
Սղերդի առաջնորդարանի 1902 թուականի վիճակագրական զեկոյցին մէջ կը նշուէր, որ իբրեւ վանք ծառայած այս եկեղեցին 20-րդ դարու սկիզբին կիսաւեր էր:
Սեղավանք (Սեղայ վանք) կամ Սուրբ Խաչ վանք
Սեղավանքը յայտնի էր նաեւ Դերժկու (Դերշկու) Սուրբ Աստուածածնի վանք անունով: 1895 թուականին, սուլթան Ապտուլ Համիտի օրով տեղի ունեցած ջարդերուն ժամանակ քիւրտերը զայն վերածած են մզկիթի [24]:
Խնդրակատար Սուրբ Աստուածածնի վանք
Շիրվանի քազայի յարակից գիւղերու բնակիչներուն այցելած ուխտավայրերէ մէկն էր: Կը գտնուէր հայաբնակ Ամփ կամ Ամպ գիւղին մօտ (ներկայիս՝ Çalıdüzü) [25], Բաղէշի նահանգի կեդրոնական մասին մէջ (թրքերէն՝ Bitlis Merkez): Ըստ Վասպուրական-Վանի վանքերուն մասին ուսումնասիրութեան հեղինակ, Մխիթարեան միաբանութեան անդամ Հայր Համազասպ վրդ. Ոսկեանի՝ դժուար է որոշել, թէ ե՞րբ կառուցուած է վանքը: Ամենայն հաւանականութեամբ, կառուցումը կը թուագրուի 18-րդ դարու վերջով [26]:
Շիրվանի գաւառակի եկեղեցիները
Ավավ
Սղերդի առաջնորդարանի 1902 թուականի վիճակագրական զեկոյցին մէջ կը նշուէր, որ 20-րդ դարու սկիզբին գիւղին մէջ անանուն, աւերակ եկեղեցի մը կար: «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան»ի հեղինակները (Թադէոս Յակոբեան եւ այլք) ենթադրած, են թէ գիւղին մէջ գտնուող կրօնական շինութիւնը Սուրբ Թովմաս եկեղեցին է:
Ավին
1878-ին շրջանն այցելած Արիստակէս վրդ. Տեւկանց եւ Սղերդի առաջնորդարանի 1902-ի վիճակագրական զեկոյցը տեղեկագրած են Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիին մասին: Եկեղեցին եղած է կոկիկ եւ կամարակապ կառոյց մը: 20-րդ դարու սկիզբին եղած է կանգուն եւ անվնաս: Այնուամենայնիւ, պատրիարքարանի մարդահամարի վիճակագրական յաւելուածը, ինչպէս նաեւ Թադէոս Յակոբեան եւ այլք կը նշեն գիւղի Սուրբ Սիմոն (Սուրբ Շմաւոն) եկեղեցւոյ մասին:
Պայդարուն
Սուրբ Յարութիւն եկեղեցի: Սղերդի առաջնորդարանի 1902 թուականի վիճակագրական զեկոյցին մէջ կը նշուէր, որ 20-րդ դարու սկիզբին եկեղեցին տակաւին կանգուն էր, թէեւ մասամբ աւերուած:
Պերք
Սուրբ Սարգիս եկեղեցի: Մոնահան կը յայտնէ, որ 1895 թուականին Զերֆոյի քիւրտ շէյխը եւ անոր հետեւորդները թալանած են քրիստոնեաներու բոլոր տասնչորս տուները, բացառութեամբ գիւղապետինը, որը պաշտպանած է բարեկամ քիւրտ մը: Եկեղեցին կողոպտուած է. 1898 թուականին դեռ աւերուած կը մնար [27]: Սղերդի առաջնորդարանի 1902 թուականի վիճակագրական զեկոյցին մէջ կը նշուէր, որ եկեղեցին քարով կառուցուած շքեղ կառոյց մըն էր եւ 19-րդ դարու վերջին տակաւին կանգուն էր:
Տարապան
Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի: Սղերդի առաջնորդարանի 1902 թուականի վիճակագրական զեկոյցին մէջ կը նշուէր, որ եկեղեցին աւերակ է: Առաջնորդարանի ցուցակներուն մէջ Տարապանը կը յիշատակուի իբրեւ բնակավայր մը, որ 20-րդ դարու սկիզբին աւերակ դարձած երեք եկեղեցիներ ունէր [28]:
Տերաւել
Գէորգեան եւ Փապուճեան յայտնաբերած են գիւղի Սուրբ Շմաւոն եկեղեցին [29]:
Տերիք
Տերիք գիւղը (ներկայիս, հնարաւոր է, Kayahisar), որ կը գտնուի Էրուհ գիւղախումբին մէջ, պէտք չէ շփոթել վարը նշուած Շիրվան Կեդրոնի (թրքերէն՝ Şirvan Merkez) համանուն գիւղին հետ: Այս Տերիք գիւղին մէջ մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը եղած է Սուրբ Վարդավառ եկեղեցին, որ նաեւ կը կոչուի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցի [30]: Սղերդի առաջնորդարանի 1902 թուականի վիճակագրական զեկոյցին մէջ կը նշուէր, թէ եկեղեցւոյ մէջ հին ձեռագիրներ կը պահուին եւ թէ եկեղեցւոյ դարպասներուն մօտ կանգնած խաչքարերէն ամենահիները կը թուագրուին 1060 եւ 1071 թուականներով: Մոնահան կը յայտնէ, որ առ 1898 թուականը եկեղեցին մնացած է եւ օգտագործուած որպէս ծղօտի պահեստ: Քանի մը հայ ընտանիքներու իսլամական անուններ տուած էին բռնութեամբ, այդուհանդերձ, անոնք իրենց տուներուն մէջ դաւանած են քրիստոնէական կրօնքը եւ օգտագործած իրենց քրիստոնէական անունները, երբ շուրջերնին իսլամներ չեն եղած: 1895-ին դրացի գիւղի (հաւանաբար Ավինն է, ներկայիս՝ Kayalı) հայ քահանան կը սպասարկէր եկեղեցին ըստ պահանջի [31]:
Տերիք
Այս Տերիք գիւղը (ներկայիս, հնարաւոր է, Söbetaş) կը գտնուի Շիրվան Կեդրոնին մէջ (թրքերէն՝ Շիրվան Մերքեզ): Զայն պէտք չէ շփոթել վերի Էրուհ գիւղախումբի համանուն բնակավայրին հետ: Ըստ տեղեկութիւններու, այս Տերիք գիւղին մէջ կը գտնուէր Սուրբ Եղիշէ եկեղեցին:
Տերզնի
Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցի: Սղերդի առաջնորդարանի 1902 թուականի վիճակագրական զեկոյցին մէջ կը նշուէր, որ եկեղեցին նրբաճաշակ կառուցուած, հոյակապ կառոյց մըն էր՝ իր չորս ապսիտներով: 20-րդ դարու սկզբին դեռեւս կանգուն էր: Թադէոս Յակոբեան եւ այլք կը հաղորդեն, որ մինչեւ 1886 թուականը եկեղեցւոյ մէջ պահպանուած են հնագոյն ձեռագիրներ, որոնք փճացած են պահպանման գէշ պայմաններուն պատճառով: Գիւղէն քիչ մը դէպի հիւսիս կանգնած էր հինաւուրց, քանդուած ամրոց՝ մօտակայքին վանքի մը աւերակներով:
Ճումա
Տեւկանց 1878 թուականին տեղեկագրած է Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մասին: Սակայն Սղերդի առաջնորդարանի 1902 թուականի վիճակագրական զեկոյցին մէջ կը նշուի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ (Սուրբ Կարապետ) եկեղեցին, որ 20-րդ դարու սկիզբին կանգուն էր:
Կնծիք
Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցի: Ունէր քանի մը ձեռագիր Աւետարաններ: Ըստ ցեղասպանութենէն վերապրած Պերխօ Ազոյեանի, ցեղասպանութենէն քանի մը տարի առաջ գիւղ այցելած Մեծն Բրիտանիոյ հիւպատոս մը այս եկեղեցիէն յափշտակած է Մարիամ Աստուածածնի պատկերով հնագոյն կոնդակը [32]: Այցելուին ինքնութիւնը կարելի է միայն գուշակել: Յայտնի է, որ Փ. Ճ. Ս. ՄաքԿրէկոր 1910-1912 թուականներուն եղած է Կարինի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ հիւպատոսը, իսկ Ուիլիըմ Պուշեմ Հերտ՝ Բաղէշի մէջ փոխհիւպատոսը 1907-1908 թուականներուն: Եկեղեցին ունեցած է ծառայող մէկ հոգեւորական՝ Հայր Գորգիզ անունով: Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ կից գերեզմանատան մէջ կանգնած էր մեծ տապանաքար մը՝ սեպագիր արձանագրութիւններով [33]:
Կոնտեգիզան
Մոնահան կը յայտնէ, որ 1898 թուականի տուեալներով, Կոնտեգիզանի բնակիչները եկեղեցի կամ քահանայ չունէին: Անոնց տարին մէկ անգամ կ’այցելէր Բաղէշի յակոբիկեան եպիսկոպոսը: 1895 թուականին, հարեւան քիւրտերու պահանջով, գիւղացիները բոլորը ստիպուած եղան իրենք զիրենք իսլամ յայտարարելու եւ այդպէս մնացին եօթը ամիս, մինչեւ 1896 թուականի ամառը, երբ բոլորը վերադարձան քրիստոնէութեան [34]:
Կորինան
Տեւկանց 1878-ին յայտնած է Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մասին: Սակայն պատրիարքարանի լրացուցիչ մարդահամարին տուեալները եւ Թէոդիկ նոյնականացուցած են Սուրբ Գէորգ եկեղեցին: Ունեցած է ծառայող մէկ հոգեւորական՝ Տէր Արսէն քահանայ Մուրատեանը: Սղերդի առաջնորդարանի 1902 թուականի վիճակագրական զեկոյցին մէջ կը նշուէր, որ Սուրբ Գէորգ՝ իր երեք ապսիտներով, շքեղ եկեղեցի մըն էր: Ըստ Մոնահանի, 1898 թուականին, Համիտեան ջարդերուն ժամանակ բռնութեան նուազեցումին ժամանակ, քրիստոնեայ բնակիչները ազատօրէն կը դաւանէին իրենց կրօնքը՝ իրենց գիւղին մէջ ունենալով եկեղեցի եւ քահանայ [35]:
Քարվէ
Տեւկանց յայտնած է երեք անանուն եկեղեցիներու մասին 1878-ին:
Քելին
Սուրբ Սարգիս եկեղեցի: Սղերդի առաջնորդարանի 1902 թուականի վիճակագրական զեկոյցին մէջ կը նշուէր, որ եկեղեցին քարաշէն է, միայն կամարը փայտէ եղած է, իսկ 19-րդ դարու վերջին տակաւին կանգուն եղած է:
Խանտաք
Անանուն աւերակ եկեղեցի մը գիւղի կեդրոնին մէջ: Սղերդի առաջնորդարանի 1902 թուականի վիճակագրական զեկոյցին մէջ կը նշուէր գիւղէն քիչ մը հեռու այլ եկեղեցի մը՝ Սուրբ Կիրակոսը, որ կանգնած էր աւերակներու մէջ:
Քիկան
Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի: Ծառայող մէկ հոգեւորական՝ Տէր Յակոբ աբեղայ Տէր-Յակոբեանը, որ, ըստ Թէոդիկի, Եղեռնի ժամանակ պատահաբար եղած է Խնդրակատար վանքին մէջ [36]: Սղերդի առաջնորդարանի 1902 թուականի վիճակագրական զեկոյցին մէջ կը նշուէր, որ եկեղեցին հինաւուրց էր, կառուցուած որոշ չափով ասորական ոճով եւ 20-րդ դարու սկիզբին կանգուն էր: Ծառայող երկրորդ հոգեւորականը՝ Տէր Բարսեղը, 1895 թուականին Շիրվանի ջարդերուն ժամանակ ստիպուած եղած է փախչիլ Բաղէշ:
Քիւֆրա
Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցի: Սղերդի առաջնորդարանի 1902 թուականի վիճակագրական զեկոյցին մէջ կը նշուէր, որ եկեղեցին կիսաւեր էր եւ չէր գործածուէր: Վերջին անգամ վերանորոգուած է 1747 թուականին: Գիւղէն հիւսիս կային աւերակները հնագոյն ամրոցի մը, որուն քով կար այլ եկեղեցի մը, զոր տեղի իսլամ բնակիչները կ’օգտագործէին որպէս մզկիթ:
Մատան
Տեւկանց 1878-ին հաղորդած է Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մասին: Յակոբիկեան ասորական գիւղ ըլլալով, Մատանի բնակիչները ազատած են իրենք զիրենք իսլամ յայտարարելու պարտաւորութենէն: Մոնահան կը յայտնէ, որ եկեղեցին բաւական լաւ վիճակի մէջ է, սակայն 1895 թուականէն ի վեր գիւղը քահանայ չէ այցելած, մանուկները չեն մկրտուած, իսկ մահացածները թաղուած են առանց կրօնական արարողութեան [37]:
Նեպայն
Տեւկանց 1878 թուականին յայտնած է Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մասին: Սղերդի առաջնորդարանի 1902 թուականի վիճակագրական զեկոյցին մէջ կը նշուի, թէ Սուրբ Սարգիս եկեղեցին կամարակապ կառոյց մըն է, որ կանգուն էր 20-րդ դարու սկիզբին: Եկեղեցւոյ մէջ կը պահուէին քանի մը հնագոյն ձեռագիր Աւետարաններ:
Բուխ
Թադէոս Յակոբեան եւ այլք կը հաղորդեն Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ գոյութեան մասին:
Սեմադար
Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի: Սղերդի առաջնորդարանի 1902 թուականի վիճակագրական զեկոյցին մէջ կը նշուէր, որ 20-րդ դարու սկիզբին եկեղեցին կիսաւեր էր:
Սերմեդ
Սղերդի առաջնորդարանի 1902 թուականի վիճակագրական զեկոյցին մէջ կը նշուէր, որ գիւղին անանուն եկեղեցին աւերակ է: Թադէոս Յակոբեան եւ այլք ենթադրած են, թէ գիւղի եկեղեցին կոչուած է Սուրբ Աստուածածին:
Սերուս
Տեւկանց 1878 թուականին կը հաղորդէ Սուրբ Թուխմանուկ եկեղեցւոյ մասին: Թադէոս Յակոբեան եւ այլք կը կարծեն, թէ գիւղին մէջ կար երկու եկեղեցի՝ Սուրբ Գէորգ եւ Սուրբ Եղիա:
Շմելյա
Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի: Սղերդի առաջնորդարանի 1902 թուականի վիճակագրական զեկոյցին մէջ կը նշուէր, որ եկեղեցին կոկիկ էր, փոքր, եւ 20-րդ դարու սկզբին կիսով չափ կանգուն էր:
Սիսերգ
Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցի: Սղերդի առաջնորդարանի 1902 թուականի վիճակագրական զեկոյցին մէջ կը նշուէր, որ եկեղեցին կոկիկ ու գեղեցիկ էր, եւ 20-րդ դարու սկիզբին դեռ կանգուն: Թադէոս Յակոբեան եւ այլք գիւղին կրօնական կառոյցը բացայայտած են իբրեւ Սուրբ Սիմոն (Սուրբ Շամունէ) եկեղեցի:
Սմխոր
Սղերդի առաջնորդարանի 1902 թուականի վիճակագրական զեկոյցը գիւղին մէջ բացայայտած է երկու անանուն եկեղեցի, մէկը՝ աւերակ, միւսը՝ կանգուն: Վերջինս փոխանցուած էր տեղի ասորիներուն:
Ուխտավայրեր Շիրվանի գաւառակին մէջ
Մաթարի Սուրբ Յովսէփայ վանքը
Սղերդի առաջնորդարանի 1902 թուականի վիճակագրական զեկոյցին մէջ կը նշուէր, որ այս աւերակ վանքը ուխտավայր էր:
Խնդրակատար Սուրբ Աստուածածնայ վանք
Վանքը կը գտնուէր Շիրվանէն դուրս՝ հարեւան Խլաթի քազային մէջ: Սակայն վանքը Շիրվանի գիւղացիներուն համար յայտնի ուխտավայր էր: Անոնք հոն կ’երթային տարեկան ուխտագնացութեան՝ յստակ օր մը՝ Համբարձման տօնին [38]:
Տերիքի Սուրբ Վարդավառ կամ Սուրբ Էջմիածին եկեղեցի
Սղերդի առաջնորդարանի 1902 թուականի վիճակագրական զեկոյցը ցոյց կու տար, որ եկեղեցին յայտնի ուխտավայր մը եղած է:
Սերուսի Սուրբ Թուխմանուկ եկեղեցի
Եկեղեցւոյ կից կամ անոր շրջակայքին մէջ կար ուխտավայր մը, զոր կը մեծարէին Շիրվանի գիւղացիները [39]:
- [1] Միրախորեան, Մանուէլ. Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի, Ա. հատոր, Կոստանդնուպոլիս, Պարտիզպանեան հրատարակչատուն, 1884, էջ 75:
- [2] 1904-ի Ընդարձակ օրացոյց Ս. Փրկչեան հիւանդանոցի հայոց. Կոստանդնուպոլիս, Հ. Մաթեւոսեան հրատարակչատուն, էջ 374:
- [3] 1908-ի Ընդարձակ օրացոյց Ս. Փրկչեան հիւանդանոցի հայոց. Կոստանդնուպոլիս, Հ. Մաթեւոսեան հրատարակչատուն, էջ 249:
- [4] 1908-ի Ընդարձակ օրացոյց Ս. Փրկչեան հիւանդանոցի հայոց. Կոստանդուպոլիս, Հ. Մաթեւոսեան հրատարակչատուն, էջ 315:
- [5] Բադալեան Գեղամ, «Արեւմտեան Հայաստանի պատմաժողովրդագրական նկարագիրը Մեծ Եղեռնի նախօրէին (մաս 7-րդ)», Վէմ, Երեւան, թիւ 4 (56), 2016, էջ 21:
- [6] Verheij, Jelle. “‘The Year of the Firman’: The 1895 Massacres in Hizan and Şirvan (Bitlis Vilayet),” Études arméniennes contemporaines, Paris, N 10, 2018, p. 132.
- [7] 1904-ի Ընդարձակ օրացոյց Ս. Փրկչեան հիւանդանոցի հայոց. Կոստանդնուպոլիս, Հ. Մաթեւոսեան հրատարակչատուն, էջ 375:
- [8] Օրմանեան, Մաղաքիա արք., Հայոց Եկեղեցին եւ իր պատմութիւնը, վարդապետութիւնը, վարչութիւնը, բարեկարգութիւնը, գրականութիւնը ու ներկայ կացութիւնը. Կոստանդուպոլիս, Վ. եւ Հ. Տէր Ներսէսեան հրատարակչատուն, 1911, էջ 261-262:
- [9] Բիւրակն, Կոստանդնուպոլիս, 1900, թիւ 19-20, 16 մայիս:
- [10] Արարատ, Վաղարշապատ, 1896, թիւ 2 (29), փետրուար, էջ 89:
- [11] Monahan, James Henry. Report on a Journey in the Cazas Sherwan, Sairt, and Aroh, May and June 1898. London: The National Archives of the United Kingdom, բաց հասանելի՝ www.jelleverheij.net/sources/1891---1900/journey-in-sherwan/, p. 15, vol. 9.
- [12] Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան Սղերդի առաջնորդարան, Վիճակագրութիւն Սղերդի եւ իր թեմերուն, 1902 (Շիրվանի գաւառակի գլուխ), թերթ 6-8:
- [13] Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի մարդահամարը 1913-1914, ՀԲԸՄ-ի Փարիզի Նուպարեան գրադարան, էջ 78:
- [14] Kévorkian, Raymond, and Paboudjian, Paul. Les Arméniens dans l’Empire Ottoman à la veille du génocide. Paris: ARHIS, 1992, p. 506.
- [15] Kévorkian, Raymond. The Armenian Genocide: A Complete History. London: A. R. Mowbray, 2012, p. 277.
- [16] Verheij, “‘The Year of the Firman’”…, p. 129.
- [17] Lynch, H. F. B. Armenia: Travels and Studies, Vol. 2: The Turkish Provinces. London-New York: Longmans, Green, & Co., 1901, p. 153.
- [18] Օսմանեան տէրութեան մէջ «միլլէթ» եզրոյթը կը վերաբերէր ոչ-իսլամ կրօնական համայնքներուն:
- [19] Մալոյեան, Արման. «Դարձեալ ասորացած հայերի մասին», Հայաստան եւ արեւելեան քրիստոնէական քաղաքակրթութիւնը, Բ. մաս. Ուսումնասիրութիւններ եւ հատուածներ. Երեւան, «Գիտութիւն» հրատարակչութիւն, 2017, էջ 173:
- [20] Լապճինճեան Թէոդորոս (Թէոդիկ). Գողգոթա թրքահայ hոգեւորականութեան եւ իր hօտին աղէտալի 1915 տարին, Թեհրան, 2014, էջ 129-131:
- [21] Բիւրակն, 1900, թիւ 19-20, 16 մայիս, էջ 299:
- [22] Այս գիւղին ճշգրիտ վայրը անյայտ է, հնարաւոր է ներկայիս Դեյլարի մօտ՝ 38° 2'53.91" հիւսիս, 42°35'49.89" արեւելք:
- [23] Յակոբեան Թադէոս, Մելիք-Բախշեան Ստեփան եւ Բարսեղեան Յովհաննէս. Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան, 3-րդ հատոր, Երեւան, Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւն, 1991, էջ 446:
- [24] Արարատ, 1896, թիւ 2 (29), փետրուար, էջ 90:
- [25] Գիւղը կը գտնուէր 38°19'19.29" հիւսիս, 42° 5'44.91" արեւելք, կամ անոր մօտիկ տեղ մը.
- [26] Ոսկեան, Համազասպ Հ., Վասպուրական-Վանի վանքերը, Գ. հատոր. Վիեննա, Մխիթարեան հրատարակութիւն, 1947, էջ 924-925, 928:
- [27] Monahan, Report on a Journey in the Cazas Sherwan, Sairt, and Aroh, p. 183.
- [28] Սղերդի առաջնորդարան, Սղերդի եւ իր թեմերուն վիճակագրութիւնը, 1902, թերթ 8, թիւ 7:
- [29] Kévorkian & Paboudjian, Les Arméniens dans l’Empire Ottoman, p. 506.
- [30] Սղերդի առաջնորդարան, Սղերդի եւ իր թեմերուն վիճակագրութիւնը, 1902, թերթ 8, թիւ 5:
- [31] Monahan, Report on a Journey in the Cazas Sherwan, Sairt, and Aroh, p. 171v, 172.
- [32] Պերխօ Ազոյեանի վկայութիւնը, արձանագրուած 15 օգոստոս 1916-ին, Վիրաբեան Ամատունի (խմբ.). Հայոց ցեղասպանութիւնը Օսմանեան Թուրքիայում. Վերապրածների վկայութիւններ, 2-րդ հատոր. Պիթլիսի նահանգ, Երեւան, «Զանգակ-97» հրատարակչութիւն, 2012, փաստ. 76, էջ 117-118:
- [33] Վիրաբեան Ամատունի, խմբ., Վշտապատում. Հայոց Մեծ Եղեռնը ականատեսների աչքերով. Երեւան, «Զանգակ-97», 2005, Ա. հատոր, էջ 320:
- [34] Monahan, Report on a Journey in the Cazas Sherwan, Sairt, and Aroh, p. 195v.
- [35] Monahan, Report on a Journey in the Cazas Sherwan, Sairt, and Aroh, p. 181v.
- [36] Թէոդիկ. Գողգոթա թրքահայ հոգեւորականութեան եւ իր հօտին աղէտալի 1915 տարին, էջ 132:
- [37] Monahan, Report on a Journey in the Cazas Sherwan, Sairt, and Aroh, p. 177.
- [38] Ոսկեան, Վասպուրական-Վանի վանքերը, Գ. հատոր, էջ 937:
- [39] Բադալեան, Արեւմտեան Հայաստանի պատմաժողովրդագրական նկարագիրը, էջ 26: