Զէյթուն, 1913. Միհրան Սաաթճեան (կեդրոնը) եւ իր ընտանիքը (Աղբիւր՝ Մաշթոց քհնյ. Ոսկերիչեան, Զէյթուն – ալպոմ, Պէյրութ, 1960)

Զէյթուն - Տօներ

Հեղինակ՝ Սոնիա Թաշճեան, 20/6/12 (վերջին փոփոխութիւն՝ 21/6/12)

Զէյթունցին տօն օրերը կը նշէ յատուկ հանդիսաւորութեամբ, սիրով եւ ջերմեռանդութեամբ. տօնական օրերը մասնաւոր հմայք մը կ’ունենան. բոլորը անխտիր կը մասնակցին ընդհանուր տօնախմբութեան եւ ըլլալով աւանդապաշտ ժողովուրդ, կը յարգեն տօներու հետ կապուած ծէսերն ու սովորութիւնները:

Զէյթունցիի ընտանիքը՝ նահապետական է. մէկ յարկի տակ կ’ապրին ընտանիքի բոլոր տղաները իրենց ծնողներու, կանանց եւ զաւակներու հետ. ի՜նչ փոյթ, որ տունը փոքր է. տօնական օրերուն բոլորը միասին կը համախմբուին օճախի շուրջ, ճոխ սեղաններով կը դիմաւորեն հիւրերը եւ գիտեն կերուխում ընել, երգել ու պարել:

Կաղանդ եւ Նիւյ Տայը (Նոր Տարի)

Դեկտեմբեր 31-ի գիշերը շատ յաճախ ձիւնոտ եւ ցուրտ, սակայն ընտանիքի բոլոր անդամները բուխերիկի շուրջ հաւաքուած ուրախութիւն կ’ընեն. կանայք պատրաստած կ’ըլլան օրուան յատուկ ուտելիքները՝ ոսպնաթան, տակապուր, հափուսա, փոշեջուր. մառաններէն կը բերեն չամիչ, ընկոյզ, սուճուխ, պաստեղ, լեպլեպու, նարինջ, նուռ, սերկեւիլ, եւայլն, եւ կը շարեն սուֆրիին (ցածլիկ սեղան) վրայ: Շատ յաճախ տան մեծ հայրիկը կամ մեծ մայրիկը հեքիաթ կը պատմէ: Յանկարծ ծխնելոյզէն տոպրակ մը կը կախուի. Զէյթունի մէջ, ինչպէս հայկական բոլոր շրջաններուն մէջ, Կաղանդի գիշերը 14-18 տարեկան պատանիները քանի մը հոգիէ բաղկացած խումբեր կը կազմեն եւ շրջելով տունէ տուն, իրենց պարկը կը կախեն ծխնելոյզէն եւ տան անդամներէն կաղընտաս (կաղանդչէք, կաղանդի առիթով տրուած նուէր) կ’ուզեն: Զէյթունի տուները շինուած ըլլալով աստիճանաձեւ, մէկուն տանիքը միւսին բակը կը հանդիսանայ. հետեւաբար դիւրին է կրակարանի անցքէն յարաբերիլ տանտէրերու հետ: Տնեցիները կը լեցնեն պարկը սեղանի բարիքներով, երբեմն նաեւ չորս կամ ութ մէթէլիւքնիւց (1 մեթելիք = 0,25 ղուրուշ = 10 փարա) մը կը նուիրեն: Իւրաքանչիւր հայ կը հաւատայ, որ տան բարիքներէն կաղանդչէք տալով, իր տան բարիքները կ’աւելնան: Ուրախութիւնն ու կերուխումը կը շարունակուի մինչեւ կէս գիշեր:

Առտու տան բոլոր անդամները կը շտապեն եկեղեցի տարուայ առաջին պատարագին ներկայ գտնուելու: Վերադարձին կը սկսին իրար շնորհաւորել. մեծահասակները տունը նստած կը սպասեն իրենց զաւակներուն եւ թոռներուն, որոնք հերթաբար կը մօտենան եւ կը շնորհաւորեն զանոնք: Կը շնորհաւորեն եւ կ’օրհնեն նաեւ տան անասունները եւ թռչունները: Ապա այցելելով դրացիներուն կը շարունակեն շնորհաւորանքները [1]:

Սովորութիւն կայ այս առիթով յատուկ այցելել եւ շնորհաւորել քահանան: Իւրաքանչիւր տան մեծ մայրիկը կամ մեծ հարսը աման մը ցորեն, կամ ձաւար, կամ իփմոն-ծեծմոն (եփած-ծեծած) սիսեռ, կամ ձէթով օռուզ ապուր (բրնձապուր), կամ տապկուած հացիկներ, երբեմն ալ հալվօ (հալվա, հրուշակ) վերցնելով կ’երթայ երէցի տունը, ուր հիւրասէր երէցկինը իւրաքանչիւր նոր հիւրը կը դիմաւորէ եւ կը հիւրասիրէ զայն իր պատրաստած ոսպնաթանով եւ տակապուրով [2]: Մինչ մանուկները հաւաքուելով իրար հետ կը խաղան եւ կը զուարճանան:

Զէյթունը՝ հարաւ արեւմուտքէն նկարուած (Աղբիւր՝ Hugo Grothe, Geographische Charakterbilder, Leipzig, 1909)

Ծըանունդ (Սուրբ Ծնունդ)

Դեկտեմբեր 29-էն մինչեւ Յունուար 5-ը պահքի շրջան է: Յունուարի 5-ին տան բոլոր անդամները պարտաճանաչօրէն կը յաճախեն եկեղեցի մասնակցելու պատարագին եւ Յիսուս Մանուկի Ջրօրհնէքին: Իւրաքանչիւր հաւատացեալ կ’օրհնուի խմելով այդ ջուրէն եւ վերադարձին ամէն ընտանիք իր հետ կը տանի քիչ մը օրհնուած ջուր:

Պահքը կը լուծարեն ճաշակելով չոր նուիկի (վայրի բանջար) տապակայ. այն յիշողութեամբ, որ Յիսուս ծնած ըլլալով մսուրի մէջ, Աստուածածինը իրեն պարուրած է այդ բանջարի տերեւներով [3]: Ապա երեքական գաւաթ կը խմեն իրենց տնական օղիէն եւ կը ճաշակեն մատաղի միսն ու արգանակը, բրինձ-ապուր, ձուածեղ, քամած մածուն, կարագ ու մեղր [4]:

Տէրրինտէաս (Տեառնընդառաջ)

Սուրբ Ծնունդէն յետոյ, լեռնէն կը բերեն փայտ, երբեմն ամբողջ ծառեր. կը ձգեն, որ չորնայ: 40 օր յետոյ, Փետրուար 13-ին, այդ փայտերով մեծ խուրձ կը պատրաստեն բակին մէջ. կանայք, աղջիկներ, երեխաներ եւ նոր նշանուած կամ ամուսնացած տղամարդիկ եկեղեցի կ’երթան. արարողութենէն յետոյ, այդ տարուայ նորապսակները կ’օրհնուին, մոմ կը վառեն եւ իրենց նուէրը կու տան եկեղեցիին: Կ’օրհնուին նաեւ նորածիններն ու անոնց մայրերը, որոնք այդ օր նորածինները քառասունքէն կը հանեն: Եկեղեցիէն վերադարձին իրենց հետ տուն կը տանին վառուած մոմը եւ ատով կը վառեն տան առջեւ դիզուած փայտի խուրձը: Այնուհետեւ տան անդամները թեւ-թեւի բռնած, երգելով ու պարելով կը դառնան խարոյկի շուրջ եւ կրակի բոցը մեղմանալէն յետոյ վրայէն կը ցատկեն [5]:

Սուրբ Սարգիս

Ինչպէս հայկական բոլոր շրջաններու, այնպէս ալ Զէյթունի մէջ, Սուրբ Սարգիսը կը համարուի ընտանիքի պաշտպան սուրբը: Զէյթունցին ամէն անգամ, երբ մեծ դժուարութեան կը հանդիպի, կը դիմէ սուրբին, ըսելով. “Աման Սուրբ Սարգիս դօն [դուն] հասիր”: Բնականաբար անոր նուիրուած տօնը յատուկ կը նշուի: Համատարած սովորութիւն է այդ առիթով ծոմապահութիւնը: Մեծահասակները ամբողջ մէկ շաբաթ, իսկ երիտասարդուհիները երեք օր ծոմ կը պահեն: Շաբաթ իրիկուն ծոմը կ՚աւրեն (լուծարել), ոչխար մը կամ այծ մը մատաղ ընելով եւ բաժնելով աղքատներուն. կ’երթան եկեղեցի, կը կատարեն խոստովանութիւն եւ Հաղորդութիւն ստանալով կը վերադառնան տուն: Տղայի ազգականները յատուկ նուէրներով եւ քաղցրեղէններով կը պատուեն նշանուած աղջիկները [6]:

Սուրբ Սարգիսը եւ իր որդին՝ Ս. Մարտիրոս, 14-15-րդ դար, Աւետարան, Սիւնիք, Ms 6305, f. 281 v, Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարան, Երեւան (Աղբիւր՝ Tamara Mazaéva, Hratchia Tamrazyan (éditeurs), La miniature arménienne, Ed. Naïri, Erevan, 2006)

Վարդանանց Տօն

Վարդանանց տօնի առիթով Զէյթունի չորս եկեղեցիներու մէջ Սուրբ Պատարագ կը մատուցուի, որմէ յետոյ Սուրբ Ակիւբօ (Յակոբ) վարժարանի մէջ հանդէս տեղի կ’ունենայ եւ միասնական ոգեւորութեամբ կ’երգեն “Թէ հայրենեաց պսակադիր”, “Հիմի էլ լռենք” եւ “Իմ հայրենեաց արեւ Վարդան” երգերը: Վարդանանցի տօնակատարութիւնը այսպէս հրապարակային կերպով ու հայրենասիրական երգերու ուղեկցութեամբ կ՚ենթադրուի կատարուած ըլլալ 1908ի՝ Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք:

Այդ օրը սովորութիւն կայ Զէյթունի բոլոր տուներուն մէջ հարիսա եփել, ընտանեօք նստիլ սեղանի շուրջ եւ յիշել Վարդանանց պատերազմը, հարիսայէն անպայման բաժին հանելով աղքատներուն: Ամէնուրեք թեման Վարդանանց մասին կ’ըլլայ. նոյնիսկ ծերերը յատուկ մօտեցում ունին այդ օրուայ ճաշի նկատմամբ, բացատրելով որ “հարիսա” բառը “հար զսա” բառի աղաւաղումն է եւ ինչպէս որ Վարդան զօրավարը կը հարուածէր թշնամին, այնպէս ալ հարիսան պէտք է զարնել: Յաճախ նաեւ օրը կը կոչուի հիրիսիւն եօրը (հերիսայի օրը): Նոյն նպատակով նաեւ այդ օրը կը կազմակերպուի նշանառութեան, հրացանաձգութեան եւ մականաձգութեան (գաւազան) խաղեր [7]:

Եւ վերջապէս, ամէնէն իւրայատուկ արարողութիւնը, որ հաւանաբար միայն Զէյթունին է յատուկ, օրուայ աւարտին, երբ մութը կը խտանայ, բոլոր փողոցներուն մէջ կը նետեն վառուող փայտի կայծեր. տեսարանը հիանալի կ’ըլլայ, կարծես գիսաւոր աստղեր կը տեղան. այս արարողութիւնը կը կատարեն ի յիշատակ կրակապաշտութեան դէմ պայքարող քրիստոնեաներուն, որոնք ցիրուցան ըրին ատրուշաններու կրակները [8]։

«Աւարայրի դիւցազները» (Աղբիւր՝ «Գեղունի», պատկերազարդ հայաթերթ, 1903, 2-րդ տարի, թիւ 1-10, Վենետիկ)

Բարիկինդոնք (Բարեկենդան)

Բարեկենդանի օրը յատկանշուած է առատ ուտելիքներով, կերուխումերով, ուրախութիւններով եւ զուարճանքներով: Մօտաւորապէս մէկ ամբողջ շաբաթ կը տեւէ այն, չէ՞ որ յաջորդ Երկուշաբթին պիտի սկսի Մեծ պօքն (Մեծ Պահքը) կամ այլ անունով՝ Աղցօց պօքը (աղուհացի):

Բարեկենդանի Չորեքշաբթին կը կոչուի Գայլի տօն եւ այդ օրը բացառապէս կիները գործ չեն ըներ: Մնացեալ օրերուն կը պատրաստեն տարբեր ուտելիքներ. բոլոր տուներուն մէջ, աղքատ թէ հարուստ, կը շինեն համադամ խորտիկներ, անպայման քէօֆթէներու տեսակները, օռուզ ապուր, հրուշակներ եւ քաղցրեղէններ: Առատ խմիչք եւ ճոխ սեղաններ:

Տանիքներու եւ բակերու մէջ խաղեր կը կազմակերպուին. միակ օրն է, երբ առանց սեռի եւ տարիքի խտրականութեան բոլորը կը մասնակցին զուարճանքներուն. նոյնիսկ կղերականներուն արտօնուած է խմել եւ մասնակցիլ խաղերուն: Բակերու եւ հրապարակներու մէջ կը ներկայացնեն թատերական զուարճանքներ: Բոլոր հայկական շրջաններու մէջ բարեկենդանի օրը, սովորական ժողովուրդը ազատութիւն ունի արտայայտելու իր ընդվզումը տէրերու նկատմամբ եւ կը ներկայացնէ ծիծաղելի գիւղապետը, կղերականը, բռնապետը. կ’արտայայտեն նաեւ մեռնող եւ յառնող աստուածութիւններու գաղափարը: Զէյթունի բարեկենդանեան ներկայացման հերոսները երեքն են. ուռուցոծ պապան (ուռեցուած պապը), սէաճ կախէօղը (սաճ կախողը) եւ հորսը (հարսը): Ուռուցոծ պապան, դէմքը ալիւրոտած, գլխուն արտառոց խոշոր գլխարկ մը, հագած ապա մը (ոչխարի մորթով կարուած երկար վերարկու), մէջքն ու փորը հագուստի կտորներով արհեստականօրէն ուռեցուած կը ներկայացնէ այլանդակ կերպար մը: Սէաճ կախէօղը դէմքը մրոտած, գլխուն փետուրներ անցուցած, մէկ ձեռքին՝ սաճ (վրան հացը թխելու տափակ, բոլորակաձեւ, մետաղեայ յարմարանք), միւսին՝ էպլէճէք (կամ էվլէճէկ, հաց թխելու ժամանակ օգտագործուող թիակ), ճարպիկ շարժումներով կը ցատկռտէ եւ կը թմբկահարէ սաճի վրայ ժխոր բարձրացնելով: Իսկ հորսը տղամարդ ծպտուած է զէյթունցի կնոջ տարազով, գլուխը փաթթած գլխաշորերով (թաշկինակներով) եւ դէմքը ծածկած շղարշով: Կը ներկայացնեն հարսանեկան տեսարան եւ պարեր, իրար ձեռքէ խլելով եւ փախցնելով հարսը. ընթացքին սէաճ կախէօղը կը սպաննէ ուռուցոծ պապան եւ կը տիրանայ հարսին. կը կանչեն բժիշկ, որ կը վերակենդանացնէ, յարութիւն կու տայ պապային եւ խաղը կ’աւարտի անոր յաղթանակով:

Այլ խաղերու կողքին յիշարժան է հազար տախտան խաղը, որուն կը մասնակցին նոյնիսկ ծերերը: Տաս տասնհինգ տղամարդ քով քովի ուղիղ կեցած, իւրաքանչիւրը իր թեւերը կողքինի վիզին անցուցած, այնպէս որ ամուր պատ մը կազմուի: Յետոյ իւրաքանչիւրը հերթաբար կ’ելլէ եւ կը քալէ անոնց վրայէն. պատը մէկ կողմէն կը քանդուի, միւս կողմէն կը կառուցուի [9]:

Բարեկենդանի առիթով, սովորութիւն է այցելել նշանուած աղջիկներու տուն նուէրներով եւ ուտելիքներով: Ընդհանուր ուրախութիւնները, խաղերն ու պարերը առիթ կու տան երիտասարդներուն գաղտագողի հանդիպելու եւ ընտրելու միմեանց [10]:

Զէյթուն, 1913. Արթին աղա Չոլագեան, սանթուր նուագելու պահուն։ Գոյները աւելցուած են Յուշամատեանի կողմէ (Աղբիւր՝ Մաշթոց քհնյ. Ոսկերիչեան, Զէյթուն – ալպոմ, տպ. Տօնիկեան, Պէյրութ, 1960)

Աղցօց պօքը (Մեծ Պահք)

Զէյթունցիները շատ ուշադիր եւ բծախնդիր են պահքի հանդէպ. եօթ շաբաթ պահք պահելով հանդերձ, ոմանք մինչեւ կէսօր, իսկ ուրիշներ ամբողջ օրը ծոմ կը պահեն, միայն ջուր, աղ եւ հաց կ’ուտեն, աղի մէջ խառնած չոր փոշի պղպեղ, այստեղէն ալ առաջացած է պահքի անուանումը աղհօցք կամ աղցօց:

Պարտադիր բոլորը կ’երթան եկեղեցի մասնակցելու թէ՛ առաւօտեան եւ թէ երեկոյեան ժամերգութիւններուն: Քահանան կը յորդորէ “Տէր Ամենակալ” աղօթքը կրկնել, որ ուժ կու տայ իրենց եւ կը մաքրէ մեղքերէն:

Պահքի առաջին Կիրակին՝ Սուրբ Թորոսի տօնին, ամէն ընտանիք հատըկ (հատիկ) ապուր կը պատրաստէ, ոմանք որպէս աղի ճաշ, իսկ ոմանք ալ որպէս քաղցրեղէն: Գարունն արդէն մօտ է, գարնանացանի օրերուն դաշտային աշխատանքներէն յետոյ կը հաւաքեն բանջարներ եւ արմատներ, որոնք կը կազմեն պահքի շրջանի իրենց սնունդի գլխաւոր բաղադրիչը, արմտիքներու հետ միասին [11]:

Պըատղինէ (Ձիթապտղենի, Ծաղկազարդ)

Շաբաթ գիշեր բոլորը կը շտապեն եկեղեցի ձիթենիներու մատղաշ ճիւղերով. տօնի անուանումը առաջացած է այդ ազդակէն: Քահանաներու եւ դպիրներու ետեւէն մարդիկ թափօր կը դառնան իրենց ձեռքին՝ ձիթենիով զարդարուած մոմեր: Պատարագը կ’աւարտի լուսաբացին:

Հինգշաբթի օր բոլոր տուներուն մէջ կը պատրաստեն սոխով-սխտորով կծու եւ թթու կերակուրներ ի յիշատակ Յիսուսի չարչարանքին: Գիշերը Խաւարման եւ Լացի գիշերն է. հաւատացեալները խռնուած եկեղեցիի մէջ կը լսեն Աստուածաշնչեան ընթերցումները եւ իւրաքանչիւր Աւետարանի մէկական հանգոյց կ’ընեն ձեռքի դերձանին. վերջին հանգոյցով այն կը կապեն իրենց դաստակին, հաւատալով որ այս եօթ հանգոյցով դերձան կրողը զերծ կը մնայ դողացաւէ, կարիճի եւ օձի խայթուածքէ [12]:

Յաջորդ օրը կանայք հաւկիթ կը ներկեն. պահքի օրերուն ամբարուած հաւկիթները կը խաշեն տորոնի արմատներով, որպէսզի կարմիր գոյնով հաւկիթ ստանան, դեղին՝ տըզտըպաղուկ կոչուող բոյսով եւ սոխի կեղեւէն՝ շագանակագոյն [13]։

Ոմանք վերջին երեք օրերը ծոմ կը պահեն եւ հաղորդուելէն յետոյ կարմիր հաւկիթ ճաշակելով կը լուծարեն պահքը:

Խաչելութիւն. Գլաձորի Աւետարան, 14-րդ դարու սկիզբ, Լոս Անճելըս, University of California (UCLA) (Աղբիւր՝ Claude Mutafian (ed.), Arménie. La magie de l’écrit, Paris/Marseille, 2007)

Զատակ (Սուրբ Յարութեան Զատիկ)

Աւագ Շաբաթ Սուրբ Յարութեան տօնի ճրագալոյցն է. ժողովուրդը մեծ ու պզտիկ, այր թէ կին եկեղեցի պիտի երթայ: Յաջորդ օրը առաւօտեան դարձեալ Սուրբ Պատարագ: Հաւատամքէն առաջ կը կարդացուի Յարութեան աւետարանը՝ գրաբար, Զէյթունի բարբառով եւ թրքերէն: Սիսեռեան Զէյթունի մասին իր գիրքին մէջ կը նշէ որ երբեմն ֆրանսերէն ալ կը կարդացուի։ Հաւանաբար կ՝ակնարկէ այն ժամանակաշրջանին (1919-1920), երբ Կիլիկիոյ մէջ ֆրանսական գրաւեալ իշխանութիւններ հաստատուած էին: Իսկ քարոզի աւարտին քահանան կը յայտարարէ եկեղեցիին համար այս առիթով կատարուած դրամական նուէրներ (Զատկի նուէր) ընծայողներուն անունները:

Պատարագէն յետոյ մարդիկ փողոցներու թէ տուներուն մէջ հաւկթախաղ կը խաղան. ամէն տունի մէջ ուրախութիւն կայ, բոլորը նոր հագուստներով, կիներն ու աղջիկները կարմիր եւ կանաչ զգեստներով, եթէ չեն կրնար լրիւ հագուստ մը ձեռք բերել, գէթ նոր թաշկինակ մը, ոտնաման մը, էնթարի մը, որպէսզի ուրախ Զատիկ գայ իրենց վրան:

Յաջորդ օրը՝ Երկուշաբթի Մեռելոց է. պատարագէն յետոյ ժողովուրդը բազմութիւնով կ’երթայ գերեզմանատուն, մեծ թթենիին շուրջը կը հաւաքուին. ամէն մարդ կու լայ, կ’ոգեկոչէ իր մահացած հարազատներուն յիշատակը եւ քահանային աղօթել կու տայ անոնց գերեզմաններուն վրայ: Միասին կը ճաշեն այնտեղ նախապէս փուռի մէջ եփուած ամբողջական ոչխարը, փորը լեցուած՝ ձաւարով:

Յաջորդ Կիրակի կրկնազատիկ է, կամ ինչպէս ժողովուրդը կ’ըսէ Կարմիր Կիրակի. ասոր յաջորդող Կիրակին՝ Կանաչ Կիրակին է եւ Աւետումն Սուրբ Աստուածածնի: Այդ օրը Պատարագէն յետոյ ժողովուրդը կ’երթայ դաշտերը բացօթեայ ճաշկերոյթի եւ կը սպասէ անձրեւի, կ’աղերսէ գոնէ կաթիլ մը իջնէ: Այդ օրուայ անձրեւը առատութեան, բարիքի եւ պտղաբերութեան նշան է, որպէս Գաբրիէլ հրեշտակապետի կողմէ Սուրբ Կոյսին յղութեան աւետումը: Աղջիկները իրենց մազերը կը թրջեն անձրեւի տակ, իսկ մշակները կ’ըսեն, որ ամէն մէկ կաթիլը՝ եղ ու կարագ է [14]:

Բաղդըջրակ (բախտի ջուր, Վիճակ, Համբարձում)

Չորեքշաբթի իրիկուն աղջիկները ձեռքերնին սափոր վերցնելով կ’այցելեն եօթ աղբիւր եւ ջուր կը հաւաքեն: Հինգշաբթի առտու կ’երթան դաշտերէն փաթաթիա (երիցուկ) եւ այլ ծաղիկներ ու տերեւներ կը հաւաքեն եւ կը լեցնեն սափորի մէջ: Յետոյ դրացի կանայք եւ աղջիկներ մէկական առարկայ՝ մկրատ, դանակ, մատանի, եւայլն... կը նետեն սափորին մէջ: Երբ վիճակ հանելու ժամանակը գայ, կանայք սափորի մօտ շրջան կը կազմեն. այն աղջնակը, որ կը նստի սափորին առջեւ, գլուխը կը ծածկեն թաշկինակով, որպէսզի առարկաները ջուրէն հանելու ժամանակ չտեսնէ ինչ կամ որու ըլլալը. առարկան հանելու միջոցին երգասաց բախտագուշակ կիներէն մէկը կ’երգէ կամ կ’արտասանէ քառեակ մը, որու շնորհիւ կը ճշդուի առարկայի տիրոջ բախտը [15]:

Ահա վիճակի քանի մը քառեակ, որոնք յաճախ թրքերէն կ’ըլլան.

Թրքերէն տարբերակ

Ay Mentivar, Mentivar,
Mentivarın vakti var,
Mentivara gelenin,
Cennette bir tahtı var.

Ayna attım çayıra,
Şavkı (Şevki) düştü bayıra,
Eller ne derse desin,
İşim döndü hayıra.

Վերի երկու քառեակներուն թարգմանութիւնը՝

Ով Վիճակ, Վիճակ.
Վիճակին ալ օրը կայ.
Ով որ վիճակի կու գայ,
Դրախտին մէջ տեղը կայ:

Հայլի դըրի մարգերուն,
Ցոլքը զարկաւ սարերուն,
Ով կ’ուզէ ինչ թող խօսի,
Գործըս դարձաւ ի բարի:


Այլ քառեակներ՝

Շահասպրամ տնկեցի, բուսաւ վարդ.
Սոխակն եկաւ, երգեց վրան զուարթ.
Մ’երգեր սոխակս, մ’երգեր,
Սիրականս պանդուխտ է գացեր:

Զարկի սնտուկ բացուեցաւ,
Բուստ մարգարիտ թափեցաւ.
Աչքը լուսինք իր մօրը,
Աղջկան բախտը բացուեցաւ:

Կեռասին ճիւղը ցած է,
Տակը կանաչ գորգ է.
Ով Յիսուս, դուն Քրիստոս,
Դուն շիտակ ճամբան ցոյց տուր
[16]:

Հիգգէ գէալիւց (Հոգեգալուստ) տօնի առիթով մեծ մայրիկները սովորութիւն ունին պահք պահելու: Իսկ Վարդավառի տօնին յաջորդող Մեռելոցի Երկուշաբթի օրը մարդիկ, կիներ եւ տղամարդիկ, իրարու վրայ ջուր կը թափեն:

Զէյթունցի հայուհի մը տօնական տարազով։ Գոյները աւելցուած են Յուշամատեանի կողմէ եւ կրնան չհամապատասխանել տարազային հարազատ երանգներուն (Աղբիւր՝ Hugo Grothe, Meine Vorderasienexpedition 1906 und 1907, Band II, 1912, Leipzig)

Աստուածածին

Այս տօնը, Զատիկէն աւելի մեծ հանդիսութեամբ կը նշուի Զէյթունի մէջ. ամէն կողմէ, յատկապէս Մարաշէն եւ Այնթապէն, ընտանիքներով եւ մեծ խումբերով ուխտաւորներ կու գան Զէյթունի Սուրբ Աստուածածին եւ Սուրբ Փրկիչ վանքերը, ուր տօնախմբութիւն կ’ըլլայ: Զէյթունցիներն ալ ընտանիքներով կ’երթան նշելու տօնը. կ’օրհնուի խաղողը, մատաղ կ’ընեն, երգ ու պար, մրցոյթներ եւ խաղեր [17]։

Խէաչ (Խաչվերաց)

Այս տօնին, Սուրբ Պատարագի համար, Զէյթունի մէջ սովորութիւն է խաչը զարդարել ծաղիկներով: Տուներուն մէջ այդ օրը մատաղ կամ հարիսա կը պատրաստեն:

Այնուհետեւ Վարագայ Խաչի եւ Սուրբ Յակոբայ յաջորդող տօներն ալ կը յատկանշուին ուխտագնացութեամբ եւ մատաղի պատրաստութեամբ ու կերուխումերով [18]։

Խմբագրական ծանօթագրութիւն

Տեղեկութիւններ ունի՞ք Զէյթունի մէջ նշուող տօներուն եւ տօնակատարութիւններուն մասին։ Յաւելումներ կամ առարկութիւններ ունի՞ք սոյն յօդուածին մէջ տեղ գտած տեղեկութիւններուն վերաբերեալ։

Ձեր մեկնաբանութիւնները կամ տեղեկութիւնները կրնաք ուղարկել մեր հասցէին՝ houshamadyan(at)gmail.com

Անհրաժեշտ է որ ձեր նամակին մէջ նշած ըլլաք ձեր անունը, մականունը ու տեղեկութեան աղբիւրը։

  • [1] Միսաք Սիսեռեան (Մ. Ուլնեցի), Պատմութիւն Զէյթունի (1409-1921), Լիբանան, 1996, էջ 199։
  • [2] Սմբատ Բիւրատ, “Լեռնականի մը յուշատետրը” in Բազմավէպ, 1935, 93րդ տարի, էջ 94։
  • [3] Սիսեռեան, Պատմութիւն Զէյթունի…, էջ 200։
  • [4] Սմբատ Բիւրատ, “Լեռնականի մը յուշատետրը”…, էջ 93։
  • [5] Սիսեռեան, Պատմութիւն Զէյթունի…, էջ 201։
  • [6] Նոյն, էջ 20:
  • [7] Նոյն, էջ 202:
  • [8] Զէյթունցի, Զէյթունի անցեալէն եւ ներկայէն, Բ. մաս, Փարիզ, 1903, էջ 125։
  • [9] Սիսեռեան, Պատմութիւն Զէյթունի…, էջ 202։
  • [10] Սմբատ Բիւրատ, “Լեռնականի մը յուշատետրը”, Բազմավէպ, 93-րդ տարի 1935, Վենետիկ, էջ 205։
  • [11] Սիսեռեան, Պատմութիւն Զէյթունի…, էջ 205։
  • [12] Սմբատ Բիւրատ, “Լեռնականի մը յուշատետրը”…, էջ 246։
  • [13] Սիսեռեան, Պատմութիւն Զէյթունի…, էջ 206։
  • [14] Նոյն, էջ 206:
  • [15] Նոյն, էջ 208:
  • [16] Նոյն, էջ 208-209:
  • [17] Նոյն, էջ 210:
  • [18] Նոյն, էջ 21: