Չնգուշ, Առաջին Համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին։ Այս պատկերը գունաւորուած է MyHeritage.com-ի միջոցաւ։ (Աղբիւր՝ Victor Pietschmann, Durch kurdische Berge und armenische Städte, Wien, 1940)։

Չնգուշ - Խաղեր

Հեղինակ՝ Լոռի Թաշճեան 24/12/2022 (վերջին փոփոխութիւն՝ 24/12/2022)

Չնգուշը (ներկայիս Cüngüş) մեծամասնութեամբ հայաբնակ քաղաք մըն էր։ Ան կը գտնուի ծովու մակերեսէն 1049 մ. բարձրութեան վրայ է եւ կառուցուած է ժայռերու վրայ: Քաղաքը մաս կը կազմէր Տիարպեքիրի կուսակալութեան (վիլայէթ). կը գտնուի Տիարպեքիր քաղաքին հիւսիս-արեւելքը, հիւսիսէն Խարբերդ քաղաքն է, իսկ հարաւէն Սեւերեկը: Չնգուշի արեւմուտքէն կը հոսի Եփրատ գետը:

Օսմանեան կայսրութեան հայաբնակ այլ գիւղերու եւ քաղաքներու նման Չնգուշն ալ ունի իր սովորութիւնները եւ աւանդութիւնները, որոնք գրի առնուած են գաղթականութեան մէջ ապրող Չնգուշցիներու կողմէ։ Այս գործերը սկզբնաղբիւր կը գործածուին սոյն յօդուածին համար:

Աւանդական խաղերը հայրենական ժառանգութեան անքակտելի մասը կը նկատուին. անոնք ապրելակերպի եւ վարուելակերպի արտայայտութիւններ են, շատ անգամ կապուած հին հաւատամքներու եւ ներշնչուած են սովորութիւններէ եւ արարողութիւններէ:

Այս յօդուածը փորձ մըն է ներկայացնելու Չնգուշի մէջ խաղցուող մանկական, պատանեկան եւ երիտասարդական խաղերը, հիմնուելով գլխաւորաբար Գառնիկ Գէորգեանի «Չնգուշապատում» գիրքի (Երուսաղէմ, 1970) տեղեկութիւններուն վրայ:

Աւանդական խաղերը ունին իրենց պարզ եւ դիւրամատչելի կանոնները, ինչպէս նաեւ այդ կանոնները ներկայացնող յատուկ բառապաշար մը: Չնգուշի պարագային ըստ մեր աղբիւրին յաճախ երեք անուանումներ կ'օգտագործուին խմբական եւ անհատական խաղերու ընթացքին.

  • Մար.- Չնգուշի բարբառով կը նշանակէ մայր։ Մարը կը ճշդուի խաղին սկիզբը, վիճակով: Մարը խաղցողները առաջնորդողն է, մասնաւորաբար բազմաթիւ մասնակիցներով խաղցուած խաղերուն ընթացքին: Ան մնացեալ խաղցողներէն գերադաս է եւ ըստ խաղի օրէնքին կը վայելէ որոշ առանձնաշնորհումներ:
  • Պառկող (խումբ կամ անհատ, ըստ խաղին).- Խաղին մէջ ենթարկուողն է, կամ պարտուողը:
  • Հէլ.- Խաղին նշանակէտը կամ թիրախը. հոն ուր պայքարող խումբը կը ջանայ հասնիլ: Հէլը խաղին սկիզբը կը ճշդուի հակառակորդ երկու խումբերուն կամ անհատներուն կողմէ համաձայնաբար:

Հիմնական այս երեք բառերուն կողքին յաճախ կը հանդիպինք խաղի ընթացքին օգտագործուող ասացուածքներու: Օրինակ.

  • Հէլ առնել.- Կը նշանակէ՝ նշանակէտին կամ թիրախին հասնիլ, յաղթել, խաղը շահիլ:
  • Մօրն հարամը չըլլար.- Ինչպէս տեսանք, «մար»ը առանձնաշնորհումներ ունի. «մօրն հարամը չըլլար» կը նշանակէ թէ տուեալ խաղին մէջ «մար»ը եթէ սխալ մը գործէ՝ չի պատժուիր կամ «չի պառկիր», ինչպէս որ բոլոր միւս խաղցողները նոյն սխալին համար պէտք է պատժուին կամ խաղէն դուրս գան:
  • Լծի տակէ անցնիլ.- Յաղթող խումբի անդամները դէմ դիմաց կը շարուին եւ թեւերնին բարձրացնելով իրարու ձեռք կը բռնեն, այնպէս մը որ իրենց միջեւ կամարապատ անցք մը յառաջանայ։ Պարտուող խումբին անդամները կռացած պէտք է անցնին հոսկէ: Աւելի փոքր խումբերով խաղցուող խաղերուն մէջ, եթէ յաղթողը անհատ մըն է, պարտուողները մէկիկ-մէկիկ կը շալկեն զինք։ Ամէն մէկուն շալակը բարձրանալէ ետք, յաղթողը կ'ըսէ. «Պէլ [դայեակ] մը տուր երթամ քեզի ձագ բերեմ»:
  • Բռնուող.- Այն խաղցողն է, որ խաղի կանոններուն համաձայն խաղի ընթացքին կը պարտուի եւ խաղէն դուրս կը մնայ: [1]

Կը պատահի նաեւ, որ խաղցողներուն հաւանութեամբ, խաղի օրէնքներուն հսկող իրաւարար մը նշանակուի:

Չնգուշ քաղաքաէն ժամանակակից պատկեր մը։ Լուսանկար՝ Ճորճ Աղճայեանի։
Չնգուշ քաղաքաէն ժամանակակից պատկեր մը։ Լուսանկար՝ Ճորճ Աղճայեանի։

1) Գառնիկ Գէորգեան։ Չնգուշի յուշամատեանին հեղինակը։
2) Չնգուշի յուշամատեանին կողքի էջը։
3) Չնգուշի կամուրջը, 1967-ին։
(Աղբիւր՝ Գառնիկ Գէորգեան,
Չնգուշապատում, առաջին հատոր, Ս. Յակոբեանց տպարան, Երուսաղէմ, 1970)

Պաճիլար

Չնգուշի մէջ ամենէն աւելի սիրուած խաղն էր: Կը խաղան պատանիներ, երբեմն ալ աւելի երիտասարդներ:

Պառկողը մէջքն ու գլուխը կը կքէ, ոտքերը լայն կը բանայ եւ իւրաքանչիւր ձեռքով ալ մէկ ծունկը կը բռնէ։ Միւս խաղցողները մէկ առ մէկ, որոշ հեռաւորութենէ մը կը վազեն, իրենց երկու ձեռքերը կը դնեն կքածին մէջքին եւ կը ցատկին վրայէն։ Իւրաքանչիւր շրջանի աւարտին, պառկողը իր կքած մէջքը քիչ մը կը բարձրացնէ, մինչեւ որ երբեմն ան մէջքը լման կը շտկէ եւ ցատկելու բարձրութիւնը կ՚ըլլայ պառկողին գլուխին պարզ խոնարհումը, մէկ խօսքով գրեթէ ամբողջ հասակը:

Առաջին ցատկողը միշտ մարն է։ Ան քիչ մը հեռուէն կը վազէ մինչեւ պառկողը, երկու ձեռքերը կը դնէ կքածին մէջքին (աւելի ուշ թերեւս նաեւ գլուխին) եւ կը ցատկի վրայէն։ Ցատկած պահուն կ՚ըսէ՝ «մօր հարամը չըլլար»։ Այլ խօսքով մարը չի պարտուիր. եթէ նոյնիսկ ան չյաջողի ճիշդ ձեւով ցատկել՝ իրաւունք ունի խաղը շարունակելու: Բայց միւս խաղցողներէն մէկն ու մէկը, երբ ցատկած ատեն ոտքով կամ յետոյքով դպնայ պառկողի մարմինին, կամ պարզապէս պառկողին վրայ մնայ, այն ատեն ինք կը դառնայ պառկող, նախկին պառկողը կ'ըլլայ մար, իսկ նախկին մարը կ'ըլլայ վերջին ցատկողը:

Ցատկած պահուն մարը կ'արտասանէ իւրայատուկ քառեակ մը, որ թրքերէնով անհեթեթ նախադասութիւններ են։ Իրմէ ետք եկող իւրաքանչիւր ցատկող պէտք է նոյնութեամբ կրկնէ քառեակը։ Ամէն մէկ ցատկելուն, մարը կրնայ նոր քառեակ մը արտասանել։ Անոնցմէ օրինակ մը՝

Պաճիլարին պաճիսի
Իչինտէ վար աճիսի
Անա գալգ փիլաւ պուշուր,
Սանդուր սանդուր կէլ օթուր:
[2]

Թարգմանութիւն՝

Քոյրերու քոյր
Մէջը ունի ցաւ
Մա՛յր ել ու բրինձ եփէ
[անհասկնալի] եկո՛ւր նստէ։

Չնգուշի մէջ հին տունի մը դուռը, որուն վրայ ամրացուած է օձի ձեւով երկաթեայ զարդ մը։ Լուսանկար՝ Ճորճ Աղճայեանի եւ Նանօր Պարսումեանի։

Սրա պաճիլար

Մրցախաղ չէ, զուարճալի խաղ մըն է։ Պառկողը մէջքն ու գլուխը կը կքէ, ոտքերը լայն կը բանայ եւ իւրաքանչիւր ձեռքով ալ մէկ ծունկը կը բռնէ։ Միւս խաղցողը վրայէն կը ցատկի եւ քանի մը մեթր անդին ինքն ալ նոյն դիրքով կը կանգնի։ Երրորդ խաղցող մը այս անգամ երկուքին վրայէն կը ցատկի եւ քիչ մը անդին ինքն ալ նոյն դիրքը կ՚առնէ։ Այսպէս կը շարունակուի մինչեւ որ խաղցողներուն թիւը աւարտի։ Այն ատեն, առաջին պառկողը բոլորին վրայէն կը ցատկի, յետոյ ինքն ալ կը պառկի։ Այսպէս յաջորդաբար։

Չնգուշի մէջ, աշակերտները յաճախ դպրոցէն արձակուելէ ետք Սրա պաճիլար խաղալով կը վերադառնային իրենց տուները: [3]

Աղա թուրա

Յարաբերաբար կոպիտ խաղ մըն է: Յաճախ կը խաղցուէր երիտասարդներու կողմէ Զատկուան տօնակատարութիւններուն ընլթացքին, որուն կը մասնակցէին նաեւ թուրքեր հայկական գերեզմաննոցին տարածքին մէջ։ Այս վայրը կը գտնուէր Չնգուշ քաղաքին արեւմուտքը։

Նախապէս կը նշանակուի «աղա» մը եւ «կէլին» մը, որոնք խմբակից են: Մնացեալ բոլոր խաղցողները կը կազմեն հակառակորդ խումբը: Ասոնց թիւը այնքան որ շատ ըլլայ, խաղը այնքան հետաքրքրական կը դառնայ։

Խաղը սկսելէ առաջ խաղադաշտին մէջտեղը 3 մեթր (տասը ոտք) տրամագիծով շրջանակ մը կը գծուի, որուն կեդրոնը կը նստի կէլինը։ Ան ձեռքին կը բռնէ 1,5 մեթր (հինգ ոտք) երկարութեամբ պարան մը, որուն միւս ծայրը կը բռնէ աղան։ Այս վերջինը միւս ձեռքին ալ կ՚ունենայ մտրակ մը:

Հակառակորդ խումբի անդամները կը փորձեն մտնել շրջանակէն ներս եւ հարուածել կէլինը, մինչ աղան առանց ձեռքի պարանը ձգելու, այլ խօսքով առանց շրջանակէն կարենալ դուրս գալու, մտրակի հարուածներով կը փորձէ հեռացնել յարձակողները: Մինչ աղան այս յարձակողները հարուածելով զբաղուած կ՚ըլլայ, վարպետ յարձակող մը կրնայ ցատկել աղային շալակը եւ անջատել աղային եւ կէլինին միջեւ եղած կապը, որ պարանն է։

Աղա թուրայի մէջ մտրակի հարուածներէն կամ ոտքի աքացիներէն վիրաւորուողներ շատ կ'ըլլան: [4]

Գալագուշա (կամ բերդախաղ)

Կը խաղան հուժկու երիտասարդներ մանաւանդ Կարմիր Կիրակի օրը, որ կը զուգադիպի Զատկուայ տօնախմբութիւններուն վերջին կիրակիին: Խաղը կը խաղան իրիկունը, Չնգուշի գերեզմանատան մէջ:

10-12 երիտասարդներ (երբեմն աւելի) կը շարուին, թեւ թեւի կը բռնեն, յետոյ ծունկի կը չոքին: Առաջին խումբին ետեւ կը կենան 8-10 հոգինոց (միշտ առաջին խումբէն երկու հոգի պակաս) երիտասարդներու երկրորդ խումբ մը։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր մէկ ոտքը կը դնէ չոքածներէն մէկուն ուսին, իսկ միւս ոտքն ալ ճիշդ անոր կողքի չոքածին ուսին։ Ծունկի եկածները ոտքի կը կանգնին, իրենց հետ բարձրացնելով ուսերնուն կայնած երիտասարդները։ Այս է գալագուշան, որ պարատեսակ մըն է։

Փորձ կ՚ըլլայ երիտասարդներու երրորդ խումբ մըն ալ աւելցնել երկրորդ շարքին վրայ։ Եթէ յաջողին՝ պարը կը շարունակուի, երեք յարկանի բերդի մը տպաւորութիւնը պարզելով: [5]

Սալափքար

Չնգուշի մէջ սալափքար կը կոչուէր հայ առաքելական, կաթոլիկ եւ բողոքական դպրոցներուն միջեւ գտնուող ժայռը։ Այս դպրոցները իրարմէ մօտ 60 մեթր (200 ոտք) հեռաւորութեամբ կը գտնուէին։ Չնգուշի երեխաներուն սիրած խաղավայրն էր։ Պարզապէս յետոյքնին անոր վրայ կը դնէին ու սահէին վար։ Ապա, սալափքարին կողքի հողաշէն բլուրը բարձրանալով կրկին կը հասնէին ժայռին գագաթը ու կը սահէին։ Յայտնի է, որ դարերու ընթացքին այնքան շատ գործածուած էր սալափքարը, որ անիկա դարձած էր աւելի ողորկ ու սահուն։ [6]

Չնգուշ, Գուճուլեան ընտանիքը, 1913-ի շուրջ։ Ձախէն աջ՝ Մելիքսէթ/Մայք Գուճուլեան, կինը՝ Մերիժան, նստած՝ մայրը՝ Եղիսաբէթ, մօրաքոյրը՝ Խաթուն, երեխայ մը մը (անունը անյայտ), հաւանաբար երեխային մայրը (անունը անյայտ)։  Մայք Միացեալ Նահանգներ կը գաղթէ 1912-ին։ Մայրը՝ Եղիսաբէթը, կը մահանայ 1914-ին։ Պատկերին մէջ երեւցող բոլոր միւսները կը սպաննուին Ցեղասպանութեան ժամանակ։ Բնատիպ պատկերին մէջ Մայքը բացակայ է։ Ան ինքզինք աւելցնել կու տայ 1921-ին կամ 1922-ին պատրաստուած լուսանկարին նոր տարբերակին վրայ (Աղբիւր՝ Charlotte (Booloodian) Fountinelle։ Շնորհակալութիւններ Պարլօ Տէր-Մկրտիչեանին)։

Գերի-գերի

Խաղցողները կը բաժնուին երկու հակառակորդ խումբերու՝ իւրաքանչիւր խումբ տասը կամ աւելի անդամներէ բաղկացած: Որքան շատ ըլլայ խաղցողներուն թիւը այնքան խաղը հաճելի կը դառնայ: Ժողովրդական խաղ մըն է, որ կ՚ունենայ նաեւ իր հանդիսատեսները:

Դաշտի կամ բակի մը կեդրոնը հորիզոնական գիծ մը կը քաշեն։ Իւրաքանչիւր խումբ իրեն յատկացուած կողմին մէջ կ'ընտրէ բանակավայր մը, ուրկէ սկսեալ երկու խումբերը միաժամանակ կը յառաջանան դէպի դաշտի կեդրոնը, կը կանգնին սահմանուած գիծին երկայնքին՝ դէմ առ դէմ, նոյն ժամանակ ալ կ՚երկարեն իրենց թեւերը։ Կռիւը ծայր կ՚առնէ. խումբերը կը ջանան հակառակորդ կողմէն խաղցող մը իրենց կողմը քաշել։ Անշուշտ պայքարը բուռն կ՚ըլլայ։ Եթէ կարելի եղաւ հակառակորդ մը սահմանին միւս կողմը անցընել, «գերի-գերի» կը գոռան։ Բռնուողին ընկերները իրեն օգնութեան կը հասնին, արգիլելով որ ան գերի բռնուի. բայց անոնք իրաւունք չունին սահմանագիծը կտրելու։ Երբ խումբ մը յաջողի գերի մը բռնել, արագօրէն կը նահանջէ դէպի իր բանակավայրը՝ հետը տանելով բռնուած խաղցողը: Ապա երկու խումբերը կրկին պէտք է մօտենան սահմանագիծին եւ կռուախաղը շարունակել նոյն ձեւով։

Վերջաւորութեան յաղթող կը հռչակուի ամէնէն աւելի մեծ թիւով գերի բռնած խումբը: [7]

Զընկըզընկ

Գնդակով խաղցուող խաղ մըն է, որ կը խաղան երկու խումբով, իւրաքանչիւր խումբ կազմուած է երեք կամ չորս հոգիէ: Մէկ խումբը պառկող է, միւս խումբը՝ հեծեալ։

Պառկող խումբի անդամները կը կանգնին եռանկիւնաձեւ (եթէ երեք հոգի են) կամ քառանկիւնաձեւ (եթէ չորս հոգի են)։ Իրարու միջեւ հեռաւորութիւնը մօտ երեք մեթր է (10 ոտք)։ Պառկողներուն ուսերուն վրայ կ՚ելլեն հեծեալները, որոնք կ՚ունենան գնդակ մը։ Անոնք օդին մէջէն գնդակը նետելով իրարու կը փոխանցեն, մինչ պառկողները զընկզընկ ըսելով, վեր-վար կը շարժին եւ կը ջանան իրենց վրայիններուն հաւասարակշրութիւնը խախտել։ Պառկողներուն նպատակն է հեծեալները մղել, որ գնդակի սխալ փոխանցում մը ընեն կամ գնդակը չկարենան բռնել եւ այս ձեւով գնդակը գետին իյնայ:

Եթէ հեծեալ խումբը յաջողի նախապէս ճշդուած թիւով գնդակի յաջող փոխանցումներ ընել՝ խաղը կը շահի: [8]

Լըկլըկի կռիւը

Չնգուշի բարբառով լըկլըկ կը նշանակէ արագիլ։ Այսպէս կը կոչուին նաեւ մէկ ոտքով խաղցուող խաղերը։ [9]

Լըկլըկի կռիւը նուազագոյնը տասը հոգիով խաղցուող խաղ մըն է:

Կը կազմուին երկու խումբեր. մէկը յարձակող (Ա. խումբ), միւսը պաշտպանող (Բ. խումբ)։ Խաղավայրին կեդրոնէն գիծ մը կը քաշեն. մէկ կողմը Ա. խումբին տեղն է, ուր կայ նաեւ «հէլ»ը, կամ բանակավայրը, իսկ միւս կողմը Բ. խումբին տեղն է, դարձեալ իր հէլով։

Խաղը երկու խումբերուն միջեւ կռիւ է մէկը միւսին հէլը գրաւելու նպատակով։ կը խաղցուի լըկլըկ ձեւով, այսինքն մէկ ոտքի վրայ ցատկելով։ Կարելի է դիմացինը հարուածել արմուկով կամ վեր բարձրացուած ոտքով:

Խաղին ամբողջ ընթացքին խաղցողները իրենց մէկ ոտքը վեր պէտք է պահեն։ Խաղէն դուրս կը դրուի այն խաղցողը, որ երկու ոտքը գետին կը դնէ։

Յարձակող խումբը (Ա. խումբ) պէտք է գրաւէ պաշտպանող խումբին հէլը: Յոգնած խաղցող մը իրաւունք ունի մէկ ոտքի վրայ ցատկելով իր բանակատեղին վերադառնալ,
հոս երկու ոտքը գետին դնել, քիչ մը հանգստանալ, ապա ետ խաղին մէջ մտնել, դարձեալ լըկլըկ ձեւով:

Ա. խումբը կը յաղթէ եթէ իր անդամներէն մէկը յաջողի կտրել պաշտպանողերուն օղակը եւ «հէլը առնել»: Բ. խումբը իրաւունք ունի իրենցմէ մէկը մնայուն կերպով պահել հէլին քով. ան իր կարգին լըկլըկ ձեւով կը խուժէ հէլին մօտեցող ամէն յարձակողի վրայ։

Խաղը կ'աւարտի երբ յարձակողները կը յաջողին Բ. խումբի խաղցողներուն մեծ մասը չէզոքացնել եւ անկէ ետք ալ գրաւել հէլը։ Բայց հակառակն ալ կրնայ պատահիլ. խաղի ընթացքին Բ. խումբը կրնայ առաւելագոյն թիւով Ա. խումբի անդամներ չէզոքացնել, այնուհետեւ իրենք յարձակումի կ՚անցնին եւ կը յաջողին գրաւել Ա. խումբի հէլը։ [10]

Լըկլըկ-վազք

Կը խաղցուի բազմաթիւ մասնակիցներով: Բոլորն ալ կը շարուին մէկ գիծի վրայ: Իրաւարարի ազդանշանին վրայ լըկլըկ ձեւով (մէկ ոտքի վրայ) միասնաբար կը սկսին ցատկել եւ յառաջանալ ճշդուած հէլը։ Առաջին հասնողը «հէլը կ'առնէ» եւ խաղը կը շահի։ Մնացեալները մէկիկ-մէկիկ կը շալկեն յաղթողը, որ անոնց շալակէն կը կանչէ. «պէլ մի տուր, երթամ քեզի ձագ բերեմ»: [11]

Ջիկին

Երկու հակառակորդ խումբերու միջեւ կռուախաղ մըն է։ Իւրաքանչիւր խումբ կը կազմուի նուազագոյնը ութ հոգիէ։ Մասնակիցներուն թիւը որքան շատ է, խաղը այնքան աւելի հետաքրքրական կը դառնայ։ Խումբերէն մէկը յարձակողն է, միւսը՝ պաշտպանողը։ Ամէն մէկ խումբ ունի իր բանակատեղը, որուն մէջ կը գտնուի նաեւ հէլը։ Այս երկու բանակատեղիներուն միջեւ է որ տեղի կ՚ունենայ երկու մրցակից կողմերուն կռիւը։ Յարձակող կողմը պէտք է հասնի պաշտպանող կողմի հէլին եւ գրաւէ զայն, այսինքն անոնցմէ մէկը պարզապէս դպնայ հէլին։

Խաղը իր օրէնքներով շատ կը նմանի լըկլըկի կռիւին։ Բայց ջիկինին ամէնէն յատկանշական կողմը իւրաքանչիւր խաղցողի բռնած ֆիզիքական դիրքն է։ Այսպէս, առաջին հերթին այս խաղը կը խաղան բոպիկ ոտքով։ Ամէն մէկ խաղցող վեր կը բարձրացնէ իր ձախ ոտքը, զայն կը տեղաւորէ աջ ծունկին ետեւ եւ աջ ձեռքով ալ կը բռնէ ձախ ոտքին բթամատը։ Այսպիսի դիրքը կը կոչուի ջիկին, ուրկէ կու գայ նաեւ խաղին անուանումը։

Երկու խումբերուն միջեւ կռիւը անպայմանօրէն տեղի կ՚ունենայ ջիկին դիրքով։ Հակառակորդին հարուածելու համար, խաղցողները կը գործածեն աջ արմուկը եւ ձախ ծունկը։ Ամէն խաղցող որ ջիկին դիրքը խախտէ, անմիջապէս խաղէն դուրս կու գայ։ Թէեւ յոգնած խաղցողներուն առիթ կը տրուի հանգստանալու. ասոր համար ալ պէտք է միշտ ջիկին դիրքով վերադառնան իրենց բանակատեղին, ուր կրնան բնական դիրք առնել։

Կը պատահի որ խաղցող մը հակառակորդի հարուածներուն տակ գետին տապալի։ Այնքան ատեն որ աջ ձեռքով ան կը շարունակէ բռնած պահել իր ձախ ոտքի բթամատը, խաղէն դուրս չի գար։ [12]

Ագլաճ-մագլաճ

Մանկական խաղ մըն է։ Խաղին սկիզբը կը նշանակուի մար մը եւ հէլ մը: Խաղցողները կանգնած շրջանակ մը կը կազմեն. իւրաքանչիւրը իր երկու ձեռքի ափերուն վարի մասը (դաստակը) իրարու միացնելով՝ ափերը կը բանայ: Մարը իր երկու ձերքերուն գոց ափերուն մէջ առարկայ մը կը պահէ, ապա գոց ափերը կ'իջեցնէ եւ կը հանէ իւրաքանչիւր խաղցողի բաց ափերուն մէջ՝ «ագլաճ-մագլաճ» ըսելով: Այսպէս, քանի մը անգամ շրջանակին բոլորտիքը դառնալէ ետք, յանկարծ ձեռքի առարկան կը զետեղէ անոնցմէ մէկուն ափերուն մէջ եւ կանգ կ'առնէ: Առարկան ստացողը անմիջապէս կը բաժնուի խաղցողներու խումբէն եւ կը վազէ դէպի հէլը: Շրջանակ կազմած միւս բոլոր խաղցողները պէտք է բռնեն զինք։ Եթէ յաջողի առանց «բռնուելու», հէլ հասնիլ, ինքը կը դառնայ մար եւ խաղը կը շարունակուի, իսկ եթէ բռնուի, ինք կը պառկի, խաղէն դուրս կու գայ, իսկ խաղը կը շարունակուի նախկին մարով: [13]

Անկաճ-քաշուկ [ականջ քաշել]

Խաղի սկիզբը, վիճակ քաշելով կը նշանակուի «պառկող» մը: Ան կը կանգնի խաղընկերներուն առջեւը, կռնակը խումբին տուած. խաղցողներէն մէկը յանկարծ կը քաշէ «պառկող»ին աջ կամ ձախ ականջը, ապա բոլորը միասին -ականջ քաշողն ալ-, իրենց թեւերը վար կը կախեն եւ միաբերան կը պոռան. «ո՞վ էր»: Պառկողը խումբին կողմը կը դառնայ եւ պէտք է կռահէ թէ ով էր ականջը քաշողը: Միայն մէկ փորձի իրաւունք ունի։ Եթէ ճիշդ կռահէ ու մատնանշէ քաշողին անունը, այն ատեն բռնուողը ինք կը պառկի եւ խաղը կը շարունակուի միեւնոյն ձեւով։ Այլապէս, նոյն անձը կը մնայ պառկող, մինչեւ որ յայտնաբերէ ականջը քաշողին ինքնութիւնը: [14]

Չնգուշ, ժամանակաից պատկեր մը լուսանկարուած հայ առաքելական Սուրբ Կարապետ եկեղեցիէն։ Լուսանկար՝ Սթիւ Մեսրոպեանի։
Չնգուշ։ Ժամանակակից պատկեր։ Աղբիւր մը հայ բողոքական եկեղեցիին մօտերը։ Լուսանկար՝ Ճորճ Աղճայեանի, Յունիս 2019։
Չնգուշէն ժամանակակից պատկեր մը։ Վերը ձախին կը տեսնենք հայ կաթոլիկէ Սուրբ Լուսաւորիչ եկեղեցիին վերջին մնացորդ քարերը։ Քիչ մը աւելի վար աջին՝ հայ առաքելական Սուրբ Կարապետ եկեղեցիին աւերակներն են։ Լուսանկար՝ Ճորճ Աղճայեանի, Յունիս 2019։

Գալա

Կը խաղցուի գնդակով (թօփ)՝ երկու հոգիով կամ աւելի մեծ խումբով։ Գնդակը կը պատրաստեն բամպակի թելերը իրարու ոլորելով։ Խաղցողը պէտք է գնդակը ուժքին գետին զարնէ, ապա կանգնած տեղը շատ արագ կերպով ինքն իր վրայ դառնայ եւ փորձէ գնդակը օդին մէջ բռնել։ Նոյն գործողութիւնը կը կրկնէ մինչեւ որ հասնի նախապէս սահմանուած համրանքին (100 կամ աւելի)։ Եթէ յաջողի միւս՝ ընկերները պարտաւոր են մէկիկ-մէկիկ զինք շալկել: [15]

Թօփ-առնուկ

Կը խաղցուի երկու հոգիով կամ երկու խումբով: Խաղցողները նշանակուած հեռաւորութենէ մը գնդակը իրարու կը նետեն. այն խումբը որ չի յաջողիր բռնել արձակուած գնդակը՝ կէտ մը կը կորսնցնէ: Խաղի աւարտին այն անձը կամ խումբը որ առաւելագոյն կէտերը կորսնցուցած է, պարտուած կը համարուի եւ պարտաւոր է յաղթողին շալկել: [16]

Պահուըտուք

Այս խաղին մէջ կայ «պառկող» մը եւ «հէլ» մը։ Հէլ» ընդհանրապէս Չնգուշի եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող տապանաքար մըն է, դպրոցին բակին մէջ տեղ մը, կամ պարզապէս փոքր ժայռ մը, քարէ սանդուխ մը, եւայլն:

Պառկողը աչքերը թաշկինակով մը կապուած կը կանգնի հէլին մօտ՝ մէկ ձեռքը հէլին յենած։ Նոյն ժամանակ, խաղընկերները կը պահուըտին սիւնի մը, տապանաքարի մը, սանդուխի մը, ցանկապատի մը ետեւ, կամ որեւէ այլ տեղ: Երբ բոլորը արդէն իրենց թաքստոցներուն մէջ են, միասնաբար «եու» կը կանչեն. այս կանչը ազդանշան է, որ պառկողը աչքերը բանայ եւ սկսի ընկերները փնտռել: Երբ կը գտնէ անոնցմէ մէկն ու մէկը, պէտք է անունը կանչէ եւ անմիջապէս մէկ ձեռքը հէլին դպցնէ։ Այնուհետեւ, բռնուածը կը դառնայ պառկող եւ խաղը կը վերսկսի: Պահուըտողները կրնան օգտուիլ պառկողին հէլէն հեռացած ըլլալէն, գաղտնի մը հասնիլ հէլ եւ ձեռքով դպնալ անոր. այն ատեն, խաղը կը շարունակուի նոյն պառկողին աչքերը կրկին կապելով: [17]

Գըլլա

Կը խաղցուի երկու հոգիով կամ աւելի:

Պատի մը տակ մէկ թիզ (մօտ 25 սմ) տրամագիծով եւ մէկ թիզ խորութեամբ պզտիկ փոս մը կը փորեն։ Փոսը կը կոչուի գիլլա։ Չնգուշի եկեղեցիին բակը, որ աշակերտներու խաղավայրն էր, գըլլաներ շատ կային: 

Խաղցողներէն մէկը կը կանգնի գըլլային կողքին. ան այս փոսին տէրն է ու զայն պահողը։ Երկրորդ խաղցողը, մօտաւորապէս երկու մեթր (6 ոտք) հեռաւորութենէ մը, ծիրանի կուտեր կը սկսի նետել գըլլային ուղղութեամբ։ Առաջին կուտը նետելէն ետք պէտք է նաեւ ըսէ «թաք» (անզոյգ) կամ «չութ» (զոյգ): Եթէ յաջողի բոլոր կուտերը փոսին մէջ նետել, խաղը կը շահի: Կը շահի նաեւ եթէ նախապէս «թաք» ըսած է եւ գըլլայէն դուրս ինկած կուտերուն համրանքը նոյնպէս անզոյգ է։ Յաղթողը նետուած կուտերուն քանակով կուտ կը ստանայ պարտուողէն։ [18]

Գտակ-ձգուկ

Խմբային խաղ մըն է։ Կը խաղան նուազաւոյնը վեց հոգիով։ Որքան թիւը բարձր է, այնքան աւելի զուարճալի կը դառնայ խաղը։

Խաղին մէջ կան մար եւ պառկող։

Պառկողը մէջքն ու գլուխը կը կքէ, ոտքերը լայն կը բանայ եւ իւրաքանչիւր ձեռքով ալ մէկ ծունկը կը բռնէ։ Կռանալու աստիճանը կ՚որոշուի խաղի սկիզբը։

Պառկողին վրայէն առաջին ցատկողը կ՚ըլլայ մարը։ Ան իր երկու ձեռքերը կը դնէ կքածին մէջքին եւ կը ցատկի վրայէն։ Ցատկած պահուն կը պոռայ «մօրն հարամը չըլլար» եւ պառկողին մէջքին կը զետեղէ գլխարկ մը։ Նոյնիսկ եթէ գլխարկը իյնայ, այդ մէկը մարին համար սխալ չի համարուիր։ Կրնայ պարզապէս գետինէն վերցնել զայն եւ կրկին պառկողին մէջքին դնել։

Կարգը կու գայ միւս խաղցողներուն։ Անոնք ալ նոյն ձեւով պէտք է ցատկին պառկողին վրայէն եւ ցատկած պահուն պէտք է որ դպնան գլխարկին՝ առանց սակայն զայն գետին նետելու։ Պարտուած կը համարուի այն խաղցողը որ ցատկած պահուն գլխարկը սխալմամբ գետին կը նետէ։ Այն ատեն, պարտուողը կը դառնայ պառկող եւ խաղը կը շարունակուի սկիզբէն։ 

Վարպետ ցատողներ կրնան յաջորդ ցատկողին գործը դժուարացնել, երբ ցատկած պահուն գլխարկը կը տեղափոխեն պառկողին մէջքին ծայրը, ուրկէ իյնալը աւելի դիւրին է։ Բայց ասոր հակառակն ալ կրնայ պատահիլ։ Վարպետ ցատկող մը կրնայ ցատկած պահուն գլխարկը պառկողին մէջքին ծայրէն տեղափոխել կեդրոն տեղ մը՝ դիւրացնելով յաջորդ ցատկողին գործը։ [19]

Էշ-քանի

Այս շատ տարածուած խաղը Չնգուշի մէջ կը խաղցուէր եօթը հոգիով, երկու խումբեր (Ա. եւ Բ.)՝ իւրաքանչիւրը երեք խաղցողով եւ իրաւարար մը, որ կը կոչուի «բարձ»:

Բարձը կռնակը պատի մը կը կռթնեցնէ եւ ուղիղ կը կանգնի: Պառկող խումբին (Ա. խումբ) առաջին խաղցողը գլուխը կը դնէ բարձին կողին եւ կռնակը ծռած կ'անշարժանայ։ Երկրորդը նոյն ձեւով կը ծռի եւ կը կենայ առաջինին ետին, իսկ երրորդը նոյն ձեւով երկրորդին ետին, այս ձեւով ուղիղ շարք մը կազմելով: 

Բ. խումբի առաջին խաղցողը վազելով կը մօտենայ պառկողներուն կազմած շարքին, երկու ձեռքերը կը հենէ վերջին ծռողին կռնակին եւ կը թռչի ու կը նստի առաջին պառկողին կռնակին վրայ։ Բ. խումբին երկրորդ խաղցողը նոյն գործողութիւնը ընելով կը հեծնի երկրորդին կռնակին, իսկ երրորդը՝ երրորդին: Եթէ երեքն ալ յաջողին ճշդուած տեղերը նստիլ, բարձը կը հարցնէ անոնց մարին (որ առաջին ցատկողը կ'ըլլայ). «էշը քանի՞»։ Մարը կը պատասխանէ «15», եւ մէկ շունչով կը սկսի համրել մէկէն մինչեւ տասնհինգ։ Նոյն հարցումը կը հարցնէ երկրորդ հեծնողին, որ պէտք է ըսէ «20», այլ խօսքով հինգ թիւ պէտք է աւելցնէ առաջինին համրանքին վրայ։ Ինք եւս մէկ շունչով պէտք է հաշուէ մէկէն քսան։ Երրորդը պէտք է ըսէ 25, չորրորդը 30 եւ այսպէս յաջորդաբար։ Երբ բոլորն ալ յաջողին, կարգը նորէն կու գայ առաջին հեծնողին, որ իր կարգին հինգ թիւ պէտք է աւելցնէ վերջին համրանքին վրայ։

Խաղը վերջ կը գտնէ երբ Բ. խումբի խաղցողներէն մէկն ու մէկը կը ձախողի մէկ շունչով իր համրանքը ընել։ Այն ատեն պառկողներ կը դառնան ցատկող եւ ցատկողները պառկող: [20]

Չալլիկ-չպուգ

Չալլիկը 15-20 սմ. երկարութեամբ փայտիկ մըն է, որուն երկու ծայրամասերը սրուած են։Չպուգը նոյնպէս փայտ մըն է մօտ 80 սմ. երկարութեամբ։

Խաղցողները կը կանգնին նոյն գիծին վրայ, ուր կը տեղադրեն նաեւ իրենց չալլիկները։ Հեռուն, հաւասար հեռաւորութեան մը վրայ տեղադրուած կ՚ըլլայ իւրաքանչիւր խաղցողի հէլը, որ նպատակակէտն է։

Ազդանշանին վրայ, խաղցողները չպուգով կը զարնեն իրենց առջեւի չալլիկին սուր ծայրամասերէն մէկուն եւ կը փորձեն կարելի եղածին չափ օդը բարձրացնել զայն։ Պէտք է ջանալ չալլիկը բնաւ գետին չձգել. այնպէս որ չպուգով հետեւողականօրէն հարուածելով անոր՝ պէտք է յառաջ տանիլ, մինչեւ հէլը։ Առաջին հասնողը յաղթական կը հռչակուի։ [21]

Չըռռ

Վազքի մրցումի նման էր Չնգուշի մէջ խաղցուող չըռռը։ Բոլոր մասնակցողները կը շարուին նշանակուած գիծի մը վրայ, իրաւարարին տուած ազդանշանին վրայ բոլորը միասին կը վազեն դէպի յառաջ. այն վազողը որ ամենէն առաջ հասնի 60-էն 150 մեթր (200-էն 500 ոտք) հեռաւորութեան վրայ ճշդուած հէլին՝ կ՚ըլլայ շահողը։ [22]

Պօռքալ (ցատկել)

Չնգուշի բարբառով ցատկել բառին համար կը գործածեն պօռքալ բայը։ Չնգուշցիները ունէին հեռացատկի վեց խաղաձեւ.

  • Որոշ հեռաւորութենէ մը վազելով հասնիլ նշանակուած գիծի մը եւ գիծէն անդին երեք մեծ քայլ առնելէ ետք ցատկիլ յառաջ։ Փաստօրէն այս մէկը երեք քայլ ոստումն է։
  • Առաջին խաղին նման է, բայց տարբերութիւնը հոն է որ սկիզբի վազքը չկայ։ Գիծի վրայ կանգնիլ եւ այստեղէն երեք մեծ քայլ առնել եւ ցատկիլ։
  • Որոշ հեռաւորութենէ մը վազելով հասնիլ նշանակուած գիծի մը եւ գիծէն անդին առաւելագոյն թափով ցատկիլ յառաջ։ Փաստօրէն ասիկա մէկ քայլ ոստումն է։
  • Այս մէկը երրորդ խաղին նման է, բայց տարբերութիւնը հոն է որ սկիզբի վազքը չկայ։ Գիծի վրայ կանգնիլ եւ այստեղէն պարզապէս դէպի առաջ ցատկիլ։
  • Որոշ հեռաւորութենէ մը լըկլըկ ձեւով (մէկ ոտքի վրայ) վազելով հասնիլ նշանակուած գիծի մը եւ գիծէն անդին երեք մեծ քայլ առնելէ ետք (միշտ մէկ ոտքի վրայ) ցատկիլ յառաջ։
  • Այս մէկը հինգերորդ խաղին նման է, բայց տարբերութիւնը հոն է որ սկիզբի վազքը չկայ։ Գիծի վրայ կանգնիլ եւ այստեղէն լըկլըկ ձեւով երեք մեծ քայլ առնել եւ ցատկիլ դէպի յառաջ:

Անշուշտ այս վեց խաղերուն մէջ ալ ամէնէն աւելի հեռու ցատկողը կը շահի: [23]

Աչք կապուկ

Այս խաղը ունի պառկող մը, որ կը կանգնի իր խաղընկերներուն կողմէ կազմուած բոլորակին կեդրոնը, աչքերը թաշկինակով մը պինդ կապուած: Խաղընկերները կը զատուին իրմէ, եւ իր շուրջը դառնալով, կ'երգեն.

Աչք կապուկը լաւ բան է,
Եթէ տեղը շատ լան է.
Աշխատէ ինծիս բռնես,
Աչքերուդ կապը քակես:

Եթէ պառկողը յաջողի իր շուրջ դարձող խաղընկերներէն մէկը բռնել եւ անոր դէմքը շօշափելով՝ անունը գիտնալ, այն ատեն բռնուողը կը դառնայ պառկող եւ խաղը կը շարունակուի միեւնոյն ձեւով: Եթէ սխալի, խաղընկերները «սխալ, սխալ» կը պոռան եւ խումբը կը շարունակէ պառկողին շուրջը դառնալ, մինչեւ որ այս վերջինը յաջողի մէկը բռնել եւ ճիշդ անունը տալով ինքնութիւնը գիտնալ: [24]

Դպուկ

Այս խաղը նման է «աչք կապուկ» խաղին, բայց կը խաղցուի առանց պառկողին աչքերը գոցելու: Պառկողը կը կանգնի խաղընկերներուն կողմէ կազմուած շրջանակին կեդրոնը: Յանկարծ խաղընկերներէն մէկը մէկ ձեռքով կը զարնէ անոր ուսին, գլխուն կամ կռնակին, ու կը փախի: Պառկողը պէտք է անմիջապէս այս զարնողը բռնէ, նախքան որ ուրիշ մը իրեն զարնէ։ Եթէ յաջողի այս գործողութեան մէջ, բռնուողը կը դառնայ պառկող։ Իսկ եթէ առաջին զարնողէն ետք ուրիշ մը պառկողին զարնէ, այն ատեն պառկողը առաջին զարնողը պէտք է ձգէ եւ երկրորդը հալածէ։ Այս ձեւով ալ զարնողները կրնան իրարու յաջորդել, մինչեւ որ պառկողը յաջողի իրեն վերջին զարնողին անմիջապէս բռնել, յաջորդ մը իրեն զարնելէ առաջ: [25]

Գոլտաշ

Քարով խաղցուող խաղ մըն է։ Գոլտաշ կը խաղան ընդհանրապէս երիտասարդները:

Թրքերէնով «գոլ» կը նշանակէ թեւ, «տաշ» կը նշանակէ քար։ Ինչպէս անունը ցոյց կու տայ, այս խաղը ձեռքով քար նետելու մրցում մըն է: Մասնակցողները նշանակուած տեղէ մը իրենց ձեռքին մէջ բռնած ծանր քարը պէտք է նետեն կարելի եղածին չափ հեռու: Անշուշտ քարը ամենէն աւելի հեռու նետողը կը յաղթէ: [26]

Վէգով խաղեր

Չնգուշի մէջ շատ տարածուած էին վէգով խաղերը։ Վէգին իւրաքանչիւր կողմը անուն մը կը կրէր, եւ ըստ խաղի ալ այս անունները կրնային տարբերիլ իրարմէ։ Այսպէս «վէգ գոչել» խաղին մէջ վէգին անհարթ եւ ականջանման կողմին կը տրուէր «զիլ» անունը։ Այս կողմը դրական կը համարուէր։ «Զիլ»ին ճիշդ հակառակ կողմը, որ հարթ է եւ բացասական կը համարուի, ծանօթ էր «թամ» անունով: Կռնակի խոր եւ փոս կողմին կ'ըսէին «պորտ», իսկ անոր հակառակ հարթ կողմին՝ «կռնակ»: Գալով «վէգ ձգել» խաղին, հոն «զիլ»ը կը կոչուէր «աղա», «թամը»՝ «էշ», «պորտ»-ը՝ «գող» եւ «կռնակ»-ը՝ «մարդ»: [27]

Վէգ գոչել

Երկու երեխաներու միջեւ խաղցուող խաղ մըն է: Առաջին խաղցողը մօտ մէկ մեթր (3-4 ոտք) բարձրութենէ մը իր ափին մէջի վէգերը (հինգէն տասը հատ) կը նետէ գետին: Երկրորդ խաղցողը պարտաւոր է «զիլ» կողմի վրայ կեցածներուն համրանքով վէգ տալ նետողին, իսկ ինքն ալ փոխարէնը ստանայ «թամ» կեցածներուն թիւով վէգ: «Պորտ»ի ու «կռնակ»ի դիրքով կեցած վէգերը չեն համրուիր. առաջին խաղցողը զանոնք նորէն կը հաւաքէ եւ կը նետէ, մինչեւ որ բոլորն ալ «զիլ» կամ «թամ» դիրքով իյնան։ Այնուհետեւ գոչելու (վէգ նետելու) կարգը կու գայ երկրորդ խաղցողին։ [28]

Վէգ ձգուկ

Այս խաղը կը խաղցուի մանուկները  զբաղցնելու եւ զուարճացնելու համար: Երեխային հայրը կամ մեծ եղբայրը փոքրիկին անունը կու տայ եւ կ՚ըսէ «[երեխային անունը] ի՞նչ է»։ Նոյն ժամանակ ալ ձեռքի երեք մատներով (բթամատ, ցուցամատ, միջնամատ) կը բռնէ վէգը եւ մօտ մէկ մեթր (3-4 ոտք) բարձրութենէ մը զայն վարպետօրէն գետին կը նետէ։ Վարպետ վէգ նետողները յաճախ կը յաջողին զայն իրենց փափաքած ուղղութեան վրայ պառկեցնել։ Եթէ «զիլ» կանգնի, նետողը ուրախութեամբ կ՚ըսէ «աղա է», այսինքն փոքրիկը ազնուական է։ Եթէ «թամ» կանգնի, կ՚ըսէ «էշ է», եթէ «պորտ» կանգնի՝ «գող է», իսկ եթէ «կռնակ» կանգնի՝ «մարդ է»: [29]

Տագգա

Տագգան մարմարէ գնդիկն է։ Խաղցողները մէկ գիծի վրայ կը շարուին պպզած դիրքով եւ իւրաքանչիւրը իր առջեւը կ՚ունենայ իր տագգան: Երբ իրաւարարը ազդանշան տայ անոնք իրենց քովի սովորական գնդիկներով կը սկսին տագգան գլել (գնդիկով զարնել աւելի առջեւ տանելու նպատակով): Խաղին աւարտին յաղթող կը հռչակուի ան, որուն տագգան ամնէնէն հեռու տեղը հասած է։ [30]

Համրանք

Որոշ հեռաւորութենէ մը պէտք է գնդակը պատի մը զարնել եւ կրկին բռնել առանց որ գետին իյնայ: Այն խաղցողը, որ ամենէն առաջ կ'ամբողջացնէ գնդակը այս ձեւով բռնելու նախապէս որոշուած թիւը՝ յաղթական կը համարուի: [31]

Խլըպըշտէ (կամ քլօլօլօ)

Խաղցողները շրջանակ մը կը կազմեն եւ իւրաքանչիւրը իր աջ ձեռքին բթամատը եւ ցուցամատը միացնելով օղակի ձեւ մը կու տայ անոր: Նախապէս նշանակուած մարը կը կանգնի շրջանակին մէջ. ան իր ձեռքին միջնամատը արագ շարժումներով մէկիկ-մէկիկ կազմուած օղակներուն մէջ կը դնէ ու կը հանէ՝ «քլօլօլօ-քլօլօլօ» ըսելով: Ով որ յաջողի մարին միջնամատը օղակին մէջ պահել՝ ինք կը դառնայ մար եւ այսպէս խաղը կը շարունակուի: [32]

Կարմուճ (կամուրջ)

Կը խաղցուի առանձին կամ խումբով: Այս խաղին համար պէտք է ունենալ շատ փոքր գնդակ մը մը եւ հինգ փոքր խճաքարեր: Խաղցողը իր ունեցած հինգ քարերը կը շարէ գետինը, իրարմէ մօտ հինգ սմ (երկու մատնաչափ) հեռաւորութեամբ։ Այնուհետեւ իր ձախ ձեռքին բթամատը եւ ցուցամատը լայն բանալով եւ «կամուրջ»ի ձեւ տալով կը դնէ գետին ճիշդ քարերուն կից։ Աջ ձեռքով գնդակը դէպի վեր կը նետէ եւ մինչեւ գնդակին վար իյնալը՝ նոյն ձեռքով գետին շարուած քարերէն մէկը կը հրէ մատներով կազմուած «կամուրջ»էն ներս։ Պարտաւոր է նաեւ որ գնդակը բռնէ եւ չձգէ որ գետին դպնայ։ Այս գործողութիւնը յաջորդաբար կը կրկնէ հինգ քարերուն հետ: «Կամուրջ»էն ներս նետուող քարերը պէտք չէ որ իրարու դպնան: [33]

Կուլլա կամ կիւլլա (գնդիկ)

Այս խաղը կը խաղցուի առանձին կամ խումբով, մարմարէ շինուած գունաւոր գնդիկներով: Խաղցողը իր կանգնած տեղէն 1-էն 1.2 մեթր (3-4 ոտք) հեռաւորութեան վրայ քանի մը գնդիկներ կը շարէ, ապա իր ձեռքը բռնած քիչ մը աւելի մեծ գնդիկին բթամատի զօրաւոր հարուած մը տալով՝ կը գլորէ գետին դրուած գնդիկներուն ուղղութեամբ՝ փորձելով հարուածել զանոնք: [34]

Հինգքար

Խաղցող մանուկը հինգ փոքր քարեր կը շարէ գետինը։ Ապա աջ ձեռքով բռնած գնդակը վեր կը նետէ։ Մինչեւ գնդակին վար իյնալը պէտք է գետինի քարերէն մէկը ձախ ձեռքով վերցնէ եւ ափին մէջ պահէ, իսկ միւս ձեռքով ալ բռնէ ինկող գնդակը։ Այս գործողութիւնը կը կրկնէ մինչեւ որ յաջողի գետին դրուած հինգ քարերը ձեռքին մէջ հաւաքել: [35]

Չուան պօռքալ (կամ պարան ցատկիլ)

Շատ ընդհանրացած խաղատեսակ մըն էր: Առաւելաբար կը խաղցուի աղջիկներու կողմէ: Խաղցողը երկու ձեռքով չուանի մը երկու ծայրերը կը բռնէ, ապա չուանը գլխուն վրայէն անցընելով՝ երկու ոտքով կը ցատկի. այս ձեւով չուանը կ՚անցնի ոտքերուն տակէն եւ այսպէս շարունակաբար: Այս խաղը կարելի է խաղալ առանձին,  կամ ընկերներով՝ մրցումի ձեւով: [36]

Չզըլտուք

Հեծանախաղ։ Հեծանը (գերան) կ՚ամրացուի մօտ մէկ մեթր (երեք ոտք) մեթր բարձրութեամբ առանցքի մը վրայ: Գերանին մէկ ծայրը կը նստի երեխայ մը իսկ միւս ծայրը՝ ուրիշ մը եւ փոխն ի փոխ վեր-վար ելլելով կ'օրօրուին՝ չըզ-չըզ կանչելով: [37]

Տամպլափստիկ

Չզըլտուք խաղին կը նմանի։ Հեծանը (գերան) կը տեղադրուի միեւնոյն ձեւով։ Բայց տամպլափստիկի պարագային շատ անգամ խաղը կ'աւարտի ծեծկռտուքով, երբ գերանին մէկ կողմը նստած երեխան, դիմացի խաղընկերը վեր բարձրացնելէ ետք, ամբողջ ուժով կը ճնշէ իր նստած կողմին վրայ եւ թոյլ չի տար որ դիմացինը կարենայ վար իջնել կամ նոյնիսկ պատճառ կ՚ըլլայ անոր վար իյնալուն: [38]

Տաշաղքար

Խաղցողները (երկու հոգի կամ աւելի) մէկ շարքի վրայ կը պպզին, կողք-կողքի, ձեռքերը գետին դրած եւ գլուխնին բարձր բռնած: Իւրաքանչիւր խաղցող ակռաներով կը բռնէ թելի մը ծայրամասը. թելին միւս ծայրին ամրացուած է փոքր խճաքար մը: Իրաւարարը կը սկսի հաշուել մէկէն մինչեւ հինգ եւ այդ ընթացքին խաղցողները իրենց գլուխները վեր-վար կը շարժեն եւ այս ձեւով կը փորձեն թափ տալ իրենց ակռաներով բռնած թելին։ Երբ կը լսուի հինգ թիւը, բոլորը միասին թելը կ՚արձակեն իրենց բերաններէն։ Տաշաղքարը ամենէն հեռու արձակողը կը շահի: Շատ յաճախ անփորձ խաղցողները իրենց գլուխը վեր-վար շարժած ատեն, թելին ծայրին կապուած քարը կը զարնեն իրենց դէմքին, ճիչ ու լաց պատճառելով: Տաշաղքարը նետելու երկու ձեւ կայ. ա) պարզապէս դէպի յառաջ, բ) գլխուն վրայէն դէպի ետեւ: [39]

Քար աւելցնուկ

Պատանիներուն կողմէ սիրուած խաղ մը, որ կարելի է խաղալ երկու կամ աւելի անձերով:

Խաղը սկսողը, նախապէս որոշուած կէտէ մը երեք մեծ քայլեր առնելով ձեռքի քարը կը դնէ գետին: Յաջորդ խաղցողը նոյն նշանակուած կէտէն նոյնպէս երեք քայլ կ'առնէ դէպի գետինի քարը։ Ապա մէկ ոտքի վրայ կը կանգնի, մէկ ձեռքով գետինի քարը կը վերցնէ եւ զայն ձեռքով կը տեղադրէ աւելի հեռու տեղ մը։ Այս հեռու տեղ մը դնելու գործողութիւնն է որ կը կոչուի «քար աւելցնուկ»։ Նոյն խաղցողը դարձեալ մէկ ոտքի վրայ պէտք է վերադառնայ սկզբնակէտ։ Կարգը կու գայ երրորդ խաղցողին, որ նոյն բաները պէտք է կրկնէ։ Խաղը կ՚աւարտի երբ այլեւս տեղադրուած քարը անհասանելի էր խաղցողներէն մէկն ու մէկին։ [40]

Քար նետուկ

Ճշդուած կէտէ մը խաղցողները միջակ մեծութեամբ քար մը կը բռնեն, ոտքերնին կամարաձեւ լայն կը բանան, գլուխնին կը մօտեցնեն իրենց ծունկին, ձեռքի քարը քանի մը անգամ գլխուն վերեւ կը դարձնեն, ապա թափով մը կը նետեն ոտքերուն մէջէն դէպի ետեւ։ Քարը ամենէն աւելի հեռու նետողը կը շահի: [41]

Տամա

Չնգուշի ծերունիներուն ամենէն սիրելի խաղը տաման էր: Տամայի խաղավայրը ընդհանրապէս գերեզմանատունն էր: Անոնք կը նստէին տապանաքարի մը երկու կողմերը, դէմ դիմաց, տապանաքարին կեդրոնը կը գծէին 64 փոքր քառակուսիներէ բաղկացած տամայի յատուկ աղիւսակը, որու վրայ կը շարէին իրենց քարերը: Չնգուշի մէջ տամա խաղցող երիտասարդներ ալ շատ կային: [42]

Մուր-քսուկ

Տուներու մէջ հիւրերու ներկայութեան զուարճանալու համար խաղցուած խաղ մը: Հիւրերէն կամ տնեցիներէն մէկուն կու տան պնակ մը, որու տակի կողմը սեւ մուր քսուած կ'ըլլայ: Որիշ մը մաքուր պնակ մը կը բռնէ եւ դիմացինին կ'ըսէ. «հիմա ինչ որ ես ընեմ դուն ալ նոյնը ըրէ»։ Կը սկսի իր աջ ձեռքի ցուցամատը պնակին տակը քսել, ապա ցուցամատով երեսին վրայ գիծեր քաշել: Դիմացինն ալ նոյնը կ'ընէ եւ դէմքին վրայ սեւ մուրով գիծեր կը գծուին ինչ որ ներկաներուն խնդուք կը պատճառէ: [43]

Նարտ եւ թղթախաղեր

Չնգուշի տուներուն մէջ ընդհանրացած էր նարտի (թավլի) եւ թղթախաղ (իսքէնպիլ) խաղալը: Այս խաղերը կը խաղային նաեւ Զատկուայ տօնախմբութիւններու օրերուն, գերեզմանատան մէջ: [44]

Թաք-չութ (անզոյգ-զոյք)

Ասիկա երկու կամ աւելի մանուկներով խաղցուող խաղ մըն է: Մանուկներէն մէկը իր մէկ ձեռքի ափին մէջ կը պահէ փոքր առարկաներ (չամիչ, նուշ, կուտ եւայլն), ապա ափին ետեւի կողմը խաղընկերոջը դառձնելով կը հարցնէ. «թա՞ք, չո՞ւթ»: Խաղընկերը բթամատով եւ ցուցամատով կը սեղմէ առարկաները պահող ընկերոջ դաստակին մաշկը, ապա այս սեղմումին պատճառով անոր դաստակին վրայ յառաջացած գիծերը կամ ծալքերը քննելով՝ կը փորձէ գիտնալ ափին մէջինին թաք (անզոյգ) կամ չութ (զոյգ) ըլլալը: Եթէ կռահածը ճիշդ է, կը ստանայ ընկերոջը ափին մէջի «հարստութիւնը»: [45]

Թռուցիկ թռցնել

Չնգուշի մէջ մանուկներու կողմէ սիրուած զբաղում մըն էր: Ընդհանրապէս կը պատրաստուէր ծնողներու կամ մեծ եղբայրներու կողմէ: Ան սկաւառականման է, շինուած է թուղթի պատառիկներով, որոնք կպցուած են կլոր եւ տափարակ տախտակէ կամ թիթեղէ շինուած ցպիկներու վրայ: [46]

  • [1] Գառնիկ Գէորգեան, Չնգուշապատում, առաջին հատոր, Ս. Յակոբեանց տպարան, Երուսաղէմ, 1970, էջ 414-415:
  • [2] Նոյն, էջ 423-424: 
  • [3] Նոյն, էջ 425։
  • [4] Նոյն, էջ 426-427։
  • [5] Նոյն, էջ 427:
  • [6] Նոյն, էջ 418։
  • [7] Նոյն, էջ 419-420:
  • [8] Նոյն, էջ 427:
  • [9] Նոյն, էջ 421:
  • [10] Նոյն, էջ 421-422։
  • [11] Նոյն, էջ 422:
  • [12] Նոյն, էջ 424-425։
  • [13] Նոյն, էջ 414-415:
  • [14] Նոյն, էջ 415:
  • [15] Նոյն, էջ 416:
  • [16] Նոյն:
  • [17] Նոյն, էջ 417:
  • [18] Նոյն, էջ 420:
  • [19] Նոյն, էջ 420-421։
  • [20] Նոյն, էջ 421:
  • [21] Նոյն, էջ 423։
  • [22] Նոյն:
  • [23] Նոյն, էջ 424:
  • [24] Նոյն, էջ 415:
  • [25] Նոյն:
  • [26] Նոյն, էջ 425-426:
  • [27] Նոյն, էջ 418:
  • [28] Նոյն:
  • [29] Նոյն, էջ 418-419:
  • [30] Նոյն, էջ 419:
  • [31] Նոյն, էջ 416:
  • [32] Նոյն:
  • [33] Նոյն:
  • [34] Նոյն:
  • [35] Նոյն, էջ 416-417:
  • [36] Նոյն, էջ 417:
  • [37] Նոյն:
  • [38] Նոյն, էջ 419:
  • [39] Նոյն:
  • [40] Նոյն, էջ 426:
  • [41] Նոյն:
  • [42] Նոյն, էջ 427-428:
  • [43] Նոյն, էջ 428-429:
  • [44] Նոյն, էջ 429:
  • [45] Նոյն, էջ 415:
  • [46] Նոյն, էջ 415-416: