Ռոտոսթօ - Տօներ

Հեղինակ՝ Վահէ Թաշճեան, 08/07/2019 (վերջին փոփոխութիւն՝ 08/07/2019)

Որքան ալ որ հայկական տօներու նշման ձեւերուն, բնոյթին եւ արարողակարգին մէջ ընդհանուր նմանութիւն մը գոյութիւն ունի մէկ շրջանէն միւսը, այսուհանդերձ իրարմէ տարբերող երանգներ միշտ ալ կարելի է գտնել անոնց մէջ։ Ասոնք են որ կը կազմեն Օսմանեան կայսրութեան տարածքին հայկական տօներուն հարստութիւնն ու բազմազանութիւնը։ Այս պատճառով ալ ամէն անգամ որ տուեալ շրջանի մը հայկական տօները կ՚ուսումնասիրենք, միշտ ալ կը գտնենք նորութիւններ, որոնք կը հարստացնեն հայկական տօներուն մասին մեր գիտութիւնը։

Մեր սկզբնաղբիւրները յարաբերաբար ժլատ են Ռոտոսթոյի շրջանի մէջ նշուող տօներու մասին տեղեկութիւններով։ Այսուհանդերձ յատկանշական երեւոյթներ առկայ են։ Անոնցմէ է օրինակ Կամախի եւ Երզնկայի շրջաններէն մինչեւ կայսրութեան եւրոպական հեռաւոր այս ափերը հասած կրօնական կարգ մը աւանդութիւններու պահպանումը։ Գիտենք որ Ռոտոսթոյի շրջանի հայերէն շատեր հոս գաղթած են 17-րդ դարու սկիզբը պատմական Հայաստանի նշեալ վայրերէն։ Հետաքրքրական է օրինակ, որ անոնք այս կողմերէն հետերնին բերած են Սուրբ Բեւեռ մասունքը, անոր յիշատակին Ռոտոսթոյի մէջ եկեղեցի մը կոչած են, իսկ ամէն տարի Աստուածածնի տօնին կը կազմուի Սուրբ Բեւեռի եկեղեցական թափօր, որ կը շրջագայի քաղաքին փողոցներուն մէջ։

Կաղանդ

Ռոտոսթոյի մէջ, տարուան վերջին այս օրը ընթրիքի հարուստ սեղան մը կը պատրաստեն։ Դեկտեմբեր 29-էն մինչեւ Յունուար 5 պահքի շրջան է, այնպէս որ Կաղանդի սեղանին վրայ զետեղուած կ՚ըլլան պահքի եօթ ճաշեր. ցորենի հատիկով քոլվա, խաշած լուբիա, ոսպի տոլմա, բակլայի էզմէ (բակլայի մածուկ), տապկուած փրասա, թերթիկ կամ խաղողի թուրի։

Նախքան ճաշի սկսիլը, չափահասները եօթ գաւաթ օղի պէտք է խմեն։ Ասոր կու տան օխտը րախիանուանումը, որ հաւանաբար կը նշանակէ ուխտի օղի։ Այդ օրուան յատուկ է, որ սեղան դրուած հացին մէջ պղինձէ կամ արծաթէ դրամ մը պահուի։ Մետաղեայ դրամը խածնողը այդ տարուայ բախտաւորը կը համարուի։

Ընթրիքէն ետք բոլորը կ՚ուտեն կաղանդի պտուղները եւ կը լուսցնեն մինչեւ կէս գիշեր։

Կաղանդի օրը փոքրերը կը ստանան իրենց նուէրները։

Լուսաբացին, արեւածագէն անմիջապէս առաջ, եկեղեցիին ժամկոչն ու իր երգչախումբը տուները կ՚այցելեն եւ կ՚երգեն՝

 «Նոր առաւօտ ծագեց այսօր
Մեզ Նոր Տարի շնորհաւոր»։

Այնուհետեւ փողոցներուն մէջ կը սկսին շրջիլ բազմաթիւ հայ սիմիթճիներ, որոնք պոռալով եւ երեգելով իրենց առեւտուրը կ՚ընեն, իսկ սիմիթներն ալ բեռցուած կ՚ըլլան էշերու քամակներու երկու կողմէն կախուած կողովներու մէջ։

Ռոտոսլոյի մէջ Կաղանդը կրօնական տօն չի համարուիր, այս պատճառով ալ յաջորդ օրը բոլորն ալ իրենց աշխատանքին կ՚երթան։ [1]

Ռոտոսթօ, 1921։ Մեհթէրեան ընտանիքը դաշտագնացութեան մը ընթացքին (Աղբիւր, Պերճ Ճամճեանի հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս)։

Ծնունդ

Քրիստոսի Ծննդեան եկեղեցական ժամերգութիւնը սկիզբ կ՚առնէ առտու շատ կանուխ, այս պատճառով ալ հաւատացեալները լապտերներ բռնած կը ժամանեն եկեղեցի։ Այնուհետեւ փողոցներու մէջ կը սկսին լսուիլ Ծննդեան Աւետիսներ։

Ծնունդի օրը ճաշի սեղանին վրայ սովորական է գտնել խաշը (փաչա)։ Այդ օրը աւանդութիւն է նաեւ որ բարեկամներ եւ ազգականներ իրար տուն այցելեն։ Այցելուները ընդհանրապէս կ՚ըլլան տան տղամարդիկը, այս պատճառով ալ կիները կը մնան իրենց տուներուն մէջ հիւրընկալելու համար։ Հիւրերուն կը հրամցուի քաղցրեղէն, քոնեաքի ընկերակցութեամբ։

Ծնունդին յաջորդ օրը, հայկական թաղին հրշէջները, իրենց գլուխներուն կարմիր շղարշ ծածկած, կ՚այցելեն բոլոր տուները նուիրատւութիւն հաւաքելու համար։ Անոնց ներկայութիւնը խիստ էական է Ռոտոսթոյի թաղերուն մէջ, նկատի ունենալով տուներուն տախտակաշէն ըլլալը եւ հրդեհներու մնայուն վտանգը։ Ընդհանրապէս ամէն տուն ալ կը վարձատրէ հայ հրշէջներուն։ Այս վերջիններն ալ կատակի համար վարդաջուր կը սրսկեն տան փոքրերուն վրայ։ [2]

1) Ռոտոսթօ, Սուրբ Թագաւոր թաղամաս։ Աստուածածինի տօնին առիթով եկեղեցական թափօրը, ուր ցուցադրուող գլխաւոր մասունքը Սուրբ Բեւեռն է։ Աջին երեւցող շէնքը հաւանաբար Յովհանեան վարժարանն է (Աղբիւր՝ Կրէկուար Թաֆանքէճեանի հաւաքածոյ, Վալանս)։
2) Չորլու. հայ քահանայ մը իր ընտանիքի անդամներով (Աղբիւր՝ Եդուարդ Թովմասեանի հաւաքածոյ, Պոլիս)։

Տեառնընդառաջ

Ռոտոսթոյի մէջ այս տօնը կը կոչեն Տէրինտաս։ Կը տօնուի Փետրուարին,  Սուրբ Ծնունդէն քառասուն օր ետք, կը համապատասխանէ Քրիստոսի տաճար ընծայուելու օրուան յիշատակութեան, բայց խորքին մէջ տօնը կը կրէ հեթանոսական անցեալ։ Այսպէս, Ռոտոսթոյի հայերը քաղաքին հրապարակներուն վրայ կամ փողոցներու գլուխները խարոյկներ կը վարեն, ժողովուրդն ալ անոնց շուրջ կը հաւաքուի։ Կրակին վրայէն ցատկողներ ալ կ՚ըլլան, «Տէրին տաս տաս, Տէրին տաս, տաս» բացագանչութիւններու տակ։ [3]

Զատիկ

Հայերու քով քրիստոնէական տօնացոյցի ամէնէն նշանակալի տօնն է։ Զատկուան Աւագ Հինգշաբթիէն սկսեալ դաշտային բոլոր աշխատանքները կը դադրին։ Արհեստաւորները եւ վաճառականները թէեւ իրենց խանութները բաց կը պահեն, բայց հոն աշխատողները անպայման ներկայ կ՚ըլլան Աւագ Հինգշաբթիի եւ Ուրբաթի եկեղեցական արարողութիւններուն։

Աւագ Հինգշաբթին նաեւ տուներուն մէջ հաւկիթ ներկելու օրն է, որու համար ընդհանրապէս կը գործածուի սոխի կեղեւը։

Աւագ Ուրբաթ օրը եկեղեցական արարողութիւններու շարքին կայ նաեւ Քրիստոսի թաղման բեմականացումը։ Այս մէկը տեղի կ՚ունենայ Սուրբ Թագաւոր եւ Սուրբ Խաչ եկեղեցիներուն մէջ միաժամանակ։ Միշտ ալ թաղումը կրել փափագող բազմաթիւ թեկնածուներ կ՚ըլլան։ Կ՚ընտրուին եկեղեցիին ամէնէն բարձր նուիրատւուոթիւն կատարողները։ Թաղումը կրած պահուն, այս անձերը կը հագուին արծաթապատ շապիկներ։ Թաղման թափօրը եկեղեցիին աջակողմեան դռնէն դուրս կու գայ, փակին մէջ կիսաբոլորակ կը դառնայ, ապա եկեղեցիին ձախակողմեան դռնէն կը մտնէ։ Թաղումը անցած պահուն, հաւատացեալները անոր առջեւ ծունկի կու գան, այն յոյսով որ անոնց շարքին հիւանդները պիտի բժշկուին, իսկ միւսներն ալ հիւանդութիւններէ հեռու պիտի մնան։

Ուրբաթ եւ շաբաթ օրերը հայկական թաղերուն մէջ չէօրէկ պատրաստելու պահն է. այնպէս որ այս քաղցրեղէններու բուրմունքը կը տարածուի ամէնուր։

Զատիկի օրը ցնծութեան օր է ժողովուրդին համար։ Թէ՛ Թագաւոր եւ թէ Խաչ թաղերուն մէջ ճշդուած կ՚ըլլան վայրեր, ուր տեղի կ՚ունենան զատկուան խրախճանքները։ Այս տեղերը զարդարուած կ՚ըլլան յատուկ այս առիթով, նոյն վայրերուն մէջ կը վխտան նաեւ զանազան ուտելիքներու շրջուն վաճառականներ։ Աղմուկ, ժխոր անպակաս են այս օրէն։ Ամէն կողմէ կը լսուին սուլիչներու ձայներ, երբեմն ալ հրացանի զարկեր, բոլորն ալ ուրախութեան նշաններ։ [4]

Ռոտոսթօ, 1913 թուական. սոյն տարուան Աստուածածնի տօնին օրը նշուած է նաեւ հայոց գիրերու գիւտին 1500 ամեակը (Աղբիւր՝ ՍարգիսԳ. Փաչաճեան, Յուշամատեան Ռոտոսթոյի հայերուն 1606-1922, Պէյրութ, 1971)։

Համբարձում

Կը տօնուի Զատիկէն 40 օր ետք հինգշաբթի օր մը։ Մալկարայի հայերը յատուկ ուխտագնացութիւն մը ունին այս տօնին առթիւ։ Անոնք կ՚երթան իրենց քաղաքին մօտակայ «Մովկիմ քահանայ» կոչուած աղբիւր-սրբատեղին (այազմա)։ [5]

Ռոտոսթօ, 1910-ի շուրջ։ Էօզիւթիւճեաններու սրճարանը։ Ոտքի, ձախէն չորրորդը (ֆէսով, ձեռքին օղիի գաւաթը)՝ Յակոբ Էօզիւթիւճեան (Աղբիւր՝ Քնար Էօզիւթիւճեանի հաւաքածոյ, Միացեալ Նահանգներ)։

Վարդավառ

Ռոտոսթոյի մէջ այս տօնին կու տան Վարդեւոր անունը։ Քրիստոնէական տօնացոյցին մէջ կը համապատասխանէ Քրիստոսի Այլակերպութեան եւ Պայծառակերպութեան տօնին։ Կը տօնուի Զատիկէն 98 օր ետք։ Սովորութիւն է այդ օր իրար վրայ ջուր սրսկել, ինչ որ ապացոյց մըն է այս տօնին հեթանոսական արմատներ ունենալուն։ [6]

Ռոտոսթօ. Սուրբ Խաչի տօնին առիթով հայեր հաւաքուած են «Չիպլիք» սրճարանին մէջ խրախճանքի մը համար (Աղբիւր՝ ՍարգիսԳ. Փաչաճեան, Յուշամատեան Ռոտոսթոյի հայերուն 1606-1922, Պէյրութ, 1971)։

Ս. Աստուածածին

Ծանօթ է նաեւ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօն անունով։

Այս տօնը յատուկ նշանակութիւն ունի Ռոտոսթոյի մէջ, նկատի ունենալով որ անիկա նաեւ տօնն է Սուրբ Թագաւոր եկեղեցիին։ Ամէն տարի այդ օրը՝ Օգոստոսի կիսուն, հազարաւոր ուխտաւորներ Ռոտոսթօ կը ժամանեն։ Վերափոխման տօնը նախորդող չորեքշաբթին Ռոտոսթօ կը հասնին մալկարացիները, հինգշաբթի օրը՝ չորլուցիները, ուրբաթ եւ շաբաթ օրերը ասիական կողմի ուխտաւորները, վերջապէս կիրակի առտու ալ հոս կը ժամանեն պոլսաբնակ ռոտոսթոցիները։

Սուրբ Թագաւոր եկեղեցիին յարակից տախտակաշէն եւ 80 սենեակէ կազմուած վանքը ամբողջութեամբ կը տրամադրուի ուխտաւորներուն։ Ուխտաւորներէն շատեր ալ կ՚իջեւանին Ռոտոսթօ ապրող իրենց ազգականներուն տուները։

Շաբաթ երեկոյ ծայր կ՚առնէ Աստուածածնի նուիրուած եկեղեցական արարողութիւնները։ Օրուան ամէնէն նուիրական պահը Սուրբ Բեւեռ մասունքի ցուցադրութիւնն է։ Ռոտոսթոյի հայոց Սուրբ Թագաւոր եկեղեցիին ամէնէն նշանակալից սրբութիւնն էր այս գամը։ Ըստ աւանդութեան, անիկա կը ներկայացնէր գամերէն մէկը Քրիստոսի խաչափայտին վրայ ամրացուած վահանակին, որու վրայ գրուած էր «Սա է թագաւոր Հրէից»։ Այս բեւեռին առկայութեան պատճառով է որ Ռոտոսթոյի եկեղեցին կոչուած է Սուրբ Թագաւոր։

Բեւեռին մասին ՍարգիսՓաչաճեան հետեւեալ նկարագրութիւնը կ՚ընէ. «Այս բեւեռը մասնաւոր մետաղեայ քառաթեւ խաչի վրայ զետեղուած է, որուն վրայ Քրիստոսի խաչելութեան մարգարտայեռ ու ադամնադակուռ պատկերը ընդելուզուած ու անոր կեդրոնը գոհարազարդ, կանաչ սրաձեւ խոշոր զմրուխտ մը դրուած է։ Բեւեռը ունի նախ՝ տախտակեայ պահարան մը, որուն ճակատը նկարուած է Հայր Աստուծոյ պատկերը, մէջտեղը՝ խաչելութիւն եւ չորս անկիւնները՝ աւետարանիչները»։ [7]

Ռոտոսթոյի Սուրբ Թագաւոր եկեղեցիին մէջ դարերով պահուած Սուրբ Բեւեռը։ Լուսանկար Րաֆֆի Եուրէճեանի։ Ներկայիս կը պահուի Պուլկարիոյ Փլովտիւ քաղաքի հայոց Սուրբ Գէորգ եկեղեցիին մէջ։

Կ՚ենթադրուի որ Սուրբ Բեւեռը Գրիգոր Դարանաղցին իր հետ բերած է Կամախի շրջանի վանքերէն մէկէն, երբ այս տարածքի հայութիւնը 17-րդ դարու առաջին տարիներուն կը ստիպուի լքել հայրենի գիւղերն ու քաղաքները, փախուստ տալով Սեֆեաններու եւ Օսմանեան բանակներուն միջեւ անվերջ պատերազմներէն, ինչպէս նաեւ Ճելալիներու ըմբոստութեան լոյսին տակ տեղի ունեցող բռնութիւններէն։ Կամախի հայ գաղթականներէն շատեր բնակութիւն կը հաստատեն Ռոտոսթոյի շրջանին մէջ։ Կը պատմուի նաեւ որ Բիւզանդիոնի մէջ պանդուխտ ապրող կամախցի հայ մը, այս մասունքը ստացած է Բիւզանդիոյ կայսրէն, իբրեւ նուէր մահամերձ իր դուստրը բուժած ըլլալուն համար։ Սուրբ Բեւեռը Կամախ կը տարուի եւ հոս կը պահուի շրջանի վանքերուն մէջ, իսկ1606-ին ալ գաղաթականական հոսանքին հետ Սուրբ Բեւեռը կը հասնի Ռոտոսթօ։

1922-ին երբ տեղւոյն հայութիւնը վերջնականապէս կը ձգէ իր հայրենի քաղաքը, Սուրբ Բեւեռը նոյնպէս իրենց հետ կը փոխադրեն եւ կը հասնի Պուլկարիա։ Ներկայիս կը պահուի Փլովտիւի հայոց Սուրբ Գէորգ եկեղեցիին մէջ։ [8]

Ռոտոսթոյի մէջ, Աստուածածնի տօնին առթիւ Սուրբ Բեւեռը դուրս կը հանուի, յատուկ թափօր կը կազմուի եւ առաջնորդ կնքահայրեր կը նշանակուին։ Ապա թափօրը եկեղեցիէն դուրս կու գայ եւ մէկ անգամ կը շրջագայի փակին մէջ։

Ռոտոսթոյի Սուրբ Թագաւոր եկեղեցիին մէջ դարերով պահուած Սուրբ Բեւեռը։ Լուսանկար Րաֆֆի Եուրէճեանի։ Ներկայիս կը պահուի Պուլկարիոյ Փլովտիւ քաղաքի հայոց Սուրբ Գէորգ եկեղեցիին մէջ։

Կիրակի օրը արդէն իսկ Սուրբ Աստուածածնի տօնն է։ Կէսօրէ առաջ յատուկ պատարագ կը մատուցուի, Սուրբ Բեւեռը դարձեալ եկեղեցիէն դուրս կը հանուի։ Բայց այս անգամ թափօրը դուրս կու գայ եկեղեցիին շրջափակէն եւ կը շրջագայի յարակից փողոցներուն մէջ։ Խուռներամ ժողովուրդ մը ներկայ կ՚ըլլայ արարողութեան, ոստիկաններ ալ կը հսկեն կարգապահութեան վրայ։

Սովորութիւն է որ այդ օրը հայկական թաղերուն սրճարաններն ու գինետուները կանաչ առատ տերեւներ կրող ճիւղերով, ինչպէս նաեւ գոյնզգոյն թուղթերով զարդարուած ըլլան։ Համանման տօնական պատկեր մը կը տեսնենք նաեւ Սուրբ Թագաւոր եկեղեցիին կից փողոցներուն մէջ, որոնք այս յատուկ առիթով զարդարուած կ՚ըլլան։ Երկար ժապաւէններ կ՚արձակուին փողոցին երկու ծայրը գտնուող տուներէն, այնքան շատ որ ամբողջ փողոցը ծածկուած կ՚ըլլայ գունաւոր այս թուղթերով եւ կտաւներով։

Աստուածածնի տօնը կը տեւէ երկու օր, եւ այս ամբողջ ընթացքին Սուրբ Թագաւոր եկեղեցւոյ մօտակայ վայրերուն մէջ տեղի կ՚ունենան խրախճանքներ։

1913 թուականին Աստուածածնի տօնին օրը կը նշուի նաեւ հայոց գիրերու գիւտին 1500 ամեակը, ինչ որ յաւելեալ հանդիսաւորութիւն կ՚ընծայէ այս տօնակատարութեան։ 1920-ականներու սկիզբն ալ, Աստուածածնի տօնին առիթով Ռոտոսթոյի մէջ տեղի կ՚ունենայ մարզական եւ սկաուտական տողանցք։ [9]

Սուրբ Գէորգ

Ռոտոսթոյի շրջանին մէջ հայերը այս տօնը կը կոչեն նաեւ Խտըրէլլէզ։

Տօնակատարութիւնըտեղի կ՚ունենայ սեպտեմբեր 25-էն հոկտեմբեր 1-ի զուգադիպող շաբաթ օրը։

Ուխտի օր է Չորլուի Սուրբ Գէորգ եկեղեցիին համար, այնպէս որ յատուկ նշանակութեամբ կը տօնուի տեղի հայութեան կողմէ։ Քաղաքէն, բայց նաեւ մերձակայ շրջաններէ ուխտաւորներ կը հաւաքուին եկեղեցիին եւ անոր շրջափակին մէջ։ Ռոտոսթօ քաղաքէն ուխտաւորները սայլերով կու գան եւ ամբողջ շաբաթ մը հոս կը մնան։ Բազմաթիւ ուխտաւորները հիւրընկալելու համար Սուրբ Գէորգ եկեղեցիին ետեւ կառուցուած է 30-է աւելի սենեակներ պարունակող շէնք մը։ [10]

Արծաթեայ խաչ, որուն ետեւի կողմը նշուած է թէ նուէր է Սուրբ Գէորգ եկեղեցիին Մանուկ Կամիրցիի կողմէ (Գրիգոր աղայի որդին), 28 Փետրուար 1831-ին։ Կ՚ենթադրենք որ սոյն Սուրբ Գէորգը Չորլուի մէջ գտնուող նոյնանուն եկեղեցին է։ Նշուած է նաեւ որ խաչը կը կրէ նշխարները Սուրբ Գէորգ «քաջայաղթ զօրավարին»։ Լուսանկար Րաֆֆի Եուրէճեանի։ Ներկայիս կը պահուի Պուլկարիոյ Փլովտիւ քաղաքի հայոց Սուրբ Գէորգ եկեղեցիին մէջ։

Խաչվերաց

Ռոտոսթոյի Սուրբ Խաչ եկեղեցիին տօնն է, որ տեղի կ՚ունենայ Սեպտեմբեր 11-էն 17-ի կիրակին։ Եկեղեցի կը հաւաքուին խուռներամ հաւատացեալներ, կը մատուցուի մատաղ, յատկապէս գառնուկ, ոչխար եւ հորթ։ Մատաղացու կենդանին ամբողջ տարին լաւագոյն պայմաններով կը խնամուին անոնց տէրերուն կողմէ, կը պարարտանայ, Խաչվերացի օրն ալ կը նուիրուի եկեղեցիին։ Ուրիշներ դրամ կամ ալ մեծ քանակութեամբ փիտէ հաց կը նուիրեն եկեղեցիին։

Սուրբ Խաչ եկեղեցիին ետեւի կողմը փորուած են յատուկ փոսեր, ուր կիրակի առտուընէ սկսեալ կը զենուին մատաղացու կենդանիները։ Այս վերջիններուն տեսակը եւ զայն նուիրող անձին անունը կ՚արձանագրուին եկեղեցիին տոմարներուն մէջ։

Կէսօրէ ետք արդէն մատաղի պատրաստութիւնը ծայր կ՚առնէ։ Խոշոր կաթսաներու մէջ կ՚եփի միսը, իսկ անոր ջուրը աւելի ուշ կը բաժնուի հաւատացեալ ժողովուրդին, որպէսզի անոր միջոցաւ եղինձ կամ ապուր պատրաստեն։

Յաջորդ օրը Մեռելոց է։ Եկեղեցիին մէջ պատարագ կը մատուցուի եւ մատաղը կ՚օրհնուի։ Քաղաքի ամբողջ հայութիւնը, ինչպէս նաեւ տեղացի թուրքեր եւ յոյներ այստեղ կը հաւաքուին մատաղէն իրենց բաժինը ստանալու համար։ [11]

  • [1] Սարգիս Գ. Փաչաճեան, Յուշամատեան Ռոտոսթոյի հայերուն 1606-1922, տպ. Կ. Տօնիկեան, Պէյրութ, 1971, էջ 238։
  • [2] Նոյն, էջ 239։
  • [3] Նոյն։
  • [4] Նոյն, էջ 240։
  • [5] Նոյն, էջ 199։
  • [6] Նոյն, էջ 240-241։
  • [7] Նոյն, էջ 229։
  • [8] Նոյն, էջ 230-231։
  • [9] Նոյն, էջ 224, 229-230; 241։
  • [10] Արշակ Ալպօյաճեան, «Չօրլուի հայերը (իրենց անցեալն եւ ներկան)», Բիւզանդիոն, 6-րդ տարի, թիւ 1554, 5/18 Նոյեմբեր 1901, Պոլիս; Փաչաճեան, Յուշամատեան Ռոտոսթոյի հայերուն,էջ 200։
  • [11] Փաչաճեան, Յուշամատեան Ռոտոսթոյի հայերուն, էջ 242-243։