Ռոտոսթօ/Թէքիրտաղ - Եկեղեցիներ

Հեղինակ՝ Վահէ Թաշճեան, 28/01/2021 (վերջին փոփոխութիւն՝ 28/01/2021)

Կ՚ենթադրուի որ Ռոտոսթոյի շրջանի հայերը առաջին անգամ այս տարածքին մէջ հաստատուած են 17-րդ դարու սկիզբը։ Անոնք ծագումով Կամախէն, Սեբաստիայէն, Երզնկայէն, Կեսարիայէն եւ Տիվրիկէն են, կը ստիպուին լքել իրենց հայրենի գիւղերն ու քաղաքները, փախուստ տալով Սեֆեաններու եւ Օսմանեան բանակներուն միջեւ անվերջ պատերազմներէն, ինչպէս նաեւ Ճելալիներու ըմբոստութեան լոյսին տակ տեղի ունեցող բռնութիւններէն։ 1606-1607 թուականին անոնք բնակութիւն կը հաստատեն Օսմանեան կայսրութեան եւրոպական այս հատուածին վրայ։ Շատ հաւանական է որ անոնց առաջին բնակավայրը եղած է Ռոտոսթօ քաղաքը, այնուհետեւ տարածուած են շրջակայ բնակավայրերու մէջ, ինչպէս Չորլու, Կէլիպօլու/Կէլիփոլի/Կալիփոլի եւ այլուր։ Ռոտոսթոյի հայ գաղթականներէն մաս մը թէեւ քանի մը տարի ետք կը վերադառնայ իր հայրենի տունը, բայց կարեւոր հատուած մըն ալ տեւականօրէն կը մնայ նոր բնակավայրերուն մէջ։ [1]

Չորլուի հայերու ծագումին մասին կայ նաեւ բանաւոր պատմութենէն քաղուած այլ տեղեկութիւն մը։ Կը պատմուի որ Սուլթան Սիւլէյմանի Ա.ի ժամանակ (1520-1566), երբ Չորլուի մէջ պիտի կառուցուէր Սիւլէյմանիէ մզկիթը, այս առիթով Պոլիսէն Չորլու կը բերուին վանեցի որմնադիրներ։ Այս շինարարներն ալ կ՚ըլլան Չորլու հաստատուող առաջին հայերը։ [2]

Ռոտոսթօ քաղաքը այս տարածքին մէջ գործող Առաջնորդական Թեմի կեդրոնատեղին էր։ Սոյն Թեմին ենթակայ էին Ռոտոսթօ, Չորլու, Տարտանէլ, Մալկարա, Էզինէ, Սիլիվրի, Կէլիպօլու քաղաքները։ [3]

Սարգիս Փաչաճեան իր գիրքին մէջ կը ներկայացնէ Ռոտոսթոյի Թեմի Առաջնորդներուն ցանկը։ Անոնցմէ առաջինը Ուլնեցի (զէյթունցի) Յակոբ վարդապետն է, որուն յաջորդած է Գրիգոր Դարանաղցին։ Այնուհետեւ այս պաշտօնը կը վարեն՝ Սարգիս վարդապետ Թեքիրտաղցի, Աբրահամ Արք. Կրետացի (Թեմի Առաջնորդ 1709-էն 1734), Սարգիս Արք. Սարաֆեան, Յակոբ Արք. Յովհանեան, Առաքել Արք. Պայազիտցի (Թեմի Առաջնորդ 1816-էն 1831), Յակոբ Սրբազան, Թադէոս Արքեպիսկոպոս (Թեմի Առաջնորդ 1847-էն 1870), Եզնիկ Ծ. Վրդ. Ապահունի, Մատթէոս Արք. Իզմիրլեան (Թեմի Առաջնորդ 1873-էն 1876), Ներսէս Եպսկ. Գէորգեան Թէքիրտաղցի (Թեմի Առաջնորդ 1877-էն 1888), Հմայեակ Եպսկ. Դիմաքսեան (Թեմի Առաջնորդ 1889-էն 1893), Բարթուղիմէոս Ծ. Վրդ. Պաղճեան (Թեմի Առաջնորդ 1894-էն 1898), Յովսէփ Ծ. Վրդ. Այվազեան (Թեմի Առաջնորդ 1898-էն 1900), Ներսէս Եպսկ. Ասլանեան (Թեմի Առաջնորդ 1901-էն 1903), Վահրիճ Ծ. Վրդ. Շահլամեան (Թեմի Առաջնորդ 1904-էն 1906), Արիստակէս Եպսկ. Վանքեան (Թեմի Առաջնորդ 1907-էն 1908), Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասլանեան (Թեմի Առաջնորդ 1910-էն 1914), Երուանդ Ծ. Վրդ. Փերտահճեան (Թեմի Առաջնորդ 1920-էն 1922)։ [4]

Ռոտոսթօ/Թէքիրտաղ

Մօտաւորապէս 15 հազար հայեր կ՚ապրէին այս քաղաքին մէջ, թուրք, յոյն եւ հրեայ համայնքներուն կողքին։ Քաղաքին ընդհանուր բնակչութեան թիւը մօտաւորապէս 30 հազար էր։

Գրիգոր Դարանաղցիի գիրքէն կ՚իմանանք որ հայերու զանգուածային բնակեցումը Ռոտոսթոյի մէջ յայտնապէս տեղի չունենար խաղաղ պայմաններու մէջ։ Ան կը գրէ թէ ինչպէս հայերու բնակեցումը տեղի յոյներուն եւ թուրքերուն քով կը ստեղծէ դժգոհութեան ալիք մը։ Այսպէս, յոյներ եւ թուրքեր օսմանեան իշխանութիւններուն միասնական հանրագրութիւն մը կը ղրկեն հայերը հեռացնելու խնդրանքով։ Կը պատմուի նաեւ որ 1620-ին հայ երիտասարդի մը եւ յոյն աղջկայ մը ամուսնութեան դէպքը յոյն-հայկական խլրտումներու պատճառ կը դառնայ Ռոտոսթոյի մէջ։ Այս ընթացքին յոյներ կը քանդեն հայերու այգիներ։ 1629-ին, այս անգամ թուրք խուժանն է որ կը յարձակի յունական եւ հայկական թաղերուն վրայ։ Այս դէպքին ժամանակ յունական եկեղեցին վնասներ կը կրէ, իսկ հայերու նորակառոյց Սուրբ Հրեշտակապետը հիմնայատակ կը քանդուի։ [5]

Ռոտոսթոյի Սուրբ Հրեշտակապետ եւ Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցիները

Հայերու Ռոտոսթօ հաստատուելէն շատ կարճ ժամանակ ետք, իրենց կրօնապետը՝ Ուլնեցի Յակոբ վարդապետը, Սուլթան Ահմէտէն Ա.էն (1603-1617) պէրաթ մը կը ստանայ տեղւոյն վրայ կառուցելու եկեղեցի մը, որուն շինարարութիւնը կ՚աւարտի 1607-ին։ Եկեղեցիին կառուցման արտօնագիրը ձեռք ձգելու համար իր կարեւոր միջամտութիւնը կատարած է Խալիլ փաշան, որ ենիչէրի մըն էր, վարած է Մեծ վեզիրի պաշտօնը, հայկական աղբիւրներու մէջ իր մասին կը նշուի որ ծագումով զէյթունցի հայ մըն էր եւ Ուլնեցի Յակոբի ազգականը։

Նորակառոյց եկեղեցին կը կոչուի Սուրբ Հրեշտակապետ։ Ինչպէս վերը տեսանք, 1629-ին Սուրբ Հրեշտակապետը կը քանդուի թուրք խուժանին կողմէ։ Այս դէպքէն ետք, Յունաց պատրիարքին հաւանութեամբ եւ Ռոտոսթոյի թուրք երեւելիներու միջամտութեամբ, Ռոտոսթոյի յունական եկեղեցիներէն մէկը՝ Սուրբ Յովհաննէսը, կը յանձնուի հայկական համայնքին։ Դարանաղցի կը տեղեկացնէ, որ յունական համայնքին եւ պետական մարմիններուն կողմէ կը կատարուին պաշտօնական բոլոր ձեւակերպութիւնները, որոնք կը հաստատեն եկեղեցիին հայերուն փոխանցումը։ Բայց յայտնի էր որ այս քայլին սկիզբէն իսկ դէմ եղած են Ռոտոսթոյի յոյները։ Սուրբ Յովհաննէսը կը գտնուէր յունական թաղամասին մէջ։ Յաճախակի դէպքեր եղած են, երբ եկեղեցի գացող հայեր յոյներու արգելքներուն կամ ճնշումներուն ենթակայ ըլլան։ 1864-ին ալ, նոյն այս եկեղեցին կը հրկիզուի յոյներու կողմէ։ [6]

Կէլիպօլուի Սբ. Թորոս եկեղեցիի գանձեր. արծաթեայ կողքով Աւետարան (մանրամասնութիւն)։ Կազմին վրայ կայ փորագիր արձանագրութիւն, ուր գրուած է թէ անիկա նուէր է Մահտեսի Սարգիս Յարութիւնեանէն Սուրբ Թորոս եկեղեցիին, 15 Օգոստոս 1880-ին, Կէլիպոլու։

Ռոտոսթոյի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցի

Տեղացի յոյներուն ընդդիմութիւնը ամէն տեսակ անյարմարութիւններ ստեղծած էր հայերուն համար Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցին իբրեւ իրենց սրբատեղին գործածելու։ Այս պատճառով ալ, նախքան անոր հրկիզումը արդէն նախաձեռնած էին նորի մը կառուցումին ճիշդ նախկին Սուրբ Հրեշտակապետի վայրին վրայ։ Սկիզբը անիկա մատուռի մը կերպարանքը ունէր եւ կը կոչուէր Սուրբ Փրկիչ։ Բայց 1643-ին, երբ Ռոտոսթոյի Առաջնորդ Գրիգոր Դարանաղցին կը մահանայ, ծանօթ է որ Սուրբ Փրկիչը արդէն իսկ եկեղեցի մըն էր։ Դարանաղցին կը թաղեն սոյն եկեղեցիին գաւիթին ձախակողմեան անկիւնը։ Անոր գերեզմանին քով կը գտնուէր մէկ ուրիշ տապանաքար մը, որուն վրայ գրուած էր Յակոբ Մեծ Վարդապետ։ Կ՚ենթադրուի որ ան ալ Ռոտոսթոյի առաջին Առաջնորդ Ուլնեցի Յակոբ վարդապետի գերեզմանն էր։ [7]

Աւելի ուշ եկեղեցին կ՚օժտուի իր սեփական աղբիւրով։ 1810-ին Սուրբ Փրկիչը կ՚ունենայ երկրորդ աղբիւր մը, այս անգամ եկեղեցիին ուղղակի արտաքին պատէն հոսող։ Երկրորդ աղբիւրին հողատարածքը յունական համայնքին պատկանած է։ Կը նշուի որ աղբիւրին կառուցումը մէկ գիշերուայ մէջ կը կատարուի, այս ձեւով յունական համայնքն ու տեղական իշխանութիւնները կատարուած իրողութեան մը առջեւ կը դրուին։

Սուրբ Փրկիչը կ՚այրի 1881-ին։ Յաջորդ տարին անիկա կը վերաշինուի Կարապետ քալֆա Սիլիվրիցեանի ճարտարապետութեամբ։ Վերաշինութեան ծախսերը մեծ մասամբ կը հոգացուին Ռոտոսթոյի Տիկնանց Միութեան կողմէ։ [8]

Սուրբ Փրկիչ եկեղեցին ծովափնեայ էր։ Հմայեակ Եպսկ. Դիմաքսեանի Առաջնորութեան տարիներուն (1889-1893) նախապէս Սուրբ Թագաւոր եկեղեցիին կողքին գտնուող Ռոտոսթոյի Թեմի Առաջնորդարանը կը փոխադրուի Սուրբ Փրկիչի բակին մէջ նորակառոյց շէնքի մը մէջ։ [9]

Ռոտոսթոյի Սուրբ Թագաւոր եկեղեցի

Եկեղեցին կը կառուցուի 1841-ին, ճիշդ այն վայրին վրայ, ուր 1800-ին շինուած էր 80 սենեականոց վանք մը, որ կը ծառայէր ուխտաւորներ հիւրընկալելու։ Նոր եկեղեցիին ճարտարապետն էր Պոլսոյ արքունի ճարտարապետներէն Մինաս Խալֆան։ Կը պատմուի որ տեղացի յոյներէն ոմանք նախանձէ մղուած ի տես նոր կառուոցուող հայկական եկեղեցիին գեղեցկութեան, զրպարտութիւններ կ՚ընեն օսմանեան իշխանութիւններուն քով՝ յայտնելով որ եկեղեցիին Թագաւոր անունը հայերուն համար քաղաքական նշանակութիւն ունի։ Պետութիւնը շինարարական աշխատանքները կը դադրեցնէ, բայց հայերը պատուիրակութիւն մը կը ղրկեն Պոլիս եւ աշխատանքները շարունակելու արտօնութիւն ձեռք կը ձգեն։

1912-ի երկրաշարժին Սուրբ Թագաւորը յատկանշական վնասներ կը կրէ, բայց նոյն տարին իսկ կը վերանորոգուի։

Ռոտոսթոյի Սուրբ Թագաւոր եկեղեցիին մէջ դարերով պահուած Սուրբ Բեւեռը։ Լուսանկար Րաֆֆի Եուրէճեանի։ Ներկայիս կը պահուի Պուլկարիոյ Փլովտիւ քաղաքի հայոց Սուրբ Գէորգ եկեղեցիին մէջ։

Սուրբ Թագաւոր եկեղեցիին բակին մէջ կը գտնուէր նաեւ Ռոտոսթոյի Թեմի Առաջնորդութեան շէնքը։ Բայց Հմայեակ Եպսկ. Դիմաքսեանի Առաջնորութեան տարիներուն (1889-1893) Առաջնորդարանը կը տեղափոխուի եւ կը հաստատուի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցիին կողքին նոր շէնքի մը մէջ։ [10]

Սուրբ Թագաւոր եկեղեցիին բակը կը յիշատակուի նաեւ իբրեւ քաղաքական համախմբումներու բեմադրավայր։ Այսպէս, 1908-ին օսմանեան սահմանադրական կարգերուն վերահաստատումէն ետք, այստեղ տեղի կ՚ունենայ ժողովրդային ցոյց մը, ուր խօսք կ՚առնեն Ռոտոսթոյի ոստիկանական հրամանատար Նիհատ պէյ  եւ Յիսուսեան վարժարանի տնօրէն Գէորգ Մեսրոպ։ Անոնք կ՚ողջունեն յեղափոխութիւնը եւ այս առիթով յառաջ եկած ժողովուրդներու եղբայրութիւնը։ [11]

Այս համախմբումէն քանի մը տարի ետք կը ծագի Պալքանեան պատերազմը եւ Հոկտեմբեր 1912-ին Ռոտոսթօն կը գրաւուի պուլկարական բանակներուն կողմէ։ Սուրբ Խաչ եկեղեցիին կից գտնուող Յիսուսեան քարաշէն վարժարանը կը դառնայ պուլկարական զօրանոց։ Պուլկարական բանակէն ներս կը գործէր հայկական վաշտ մը, որու հրամանատարներէն էին Անդրանիկ Օզանեանը եւ Գարեգին Նժդեհը։ Անոնք նոյնպէս Ռոտոսթօ կու գան իրենց մօտ 300 զինուորներով՝ Սուրբ Թագաւոր եկեղեցիին մէջ Ս. Ծնունդի օրը հաղորդութիւն առնելու համար։ Այդ օրը, քաղաքի ամբողջ հայութիւնը դուրս թափած էր զիրենք դիմաւորելու համար։ Հայկական այս վաշտին կ՚ընկերակցէր պուլկարական բանակի Գնդապետ Փրօթօկերօֆը։ Սուրբ Թագաւոր եկեղեցիի մուտքին հայկական ֆանֆառը կը թնդացնէ Պուլկարիոյ այդ ժամանակուայ քայլերգը՝ «Շումի Մարիձա»ն, եւ հայկական «Մեր Հայրենիք»ը։ Ապա, եկեղեցիին մէջ տեղի կ՚ունենայ պատարագ, որմէ ետք Գարեգին Նժդեհ պուլկարերէն եւ հայերէն ճառեր կ՚արտասանէ, իսկ եկեղեցիին աղջկանց եւ տղոց երգչախումբերը կ՚երգեն ազգային երգեր։ Պատարագէն ետք, ժողովուրդը եկեղեցիէն դուրս կու գայ եւ Սուրբ Թագաւորի բակին մէջ Գնդապետ Փրօթօկերօֆը Պուլկարիոյ թագաւորին անունով Քաջութեան խաչեր կը շնորհէ հայ զինուորներու, նոյն ժամանակ ալ հայկական ֆանֆառը դարձեալ կը նուագէ պուլկարական պաշտօնական քայլերգը։ Առաջին պատունանշան ստացողը կ՚ըլլայ Անդրանիկը. յատուկ այդ պահուն հայկական երգչախումբը կը սկսի երգել Անդրանիկին նուիրուած երգերէն «Իբրեւ արծիւ»ը։ [12]

Ռոտոսթոյի Սուրբ Թագաւոր եկեղեցիին մէջ դարերով պահուած Սուրբ Բեւեռը։ Լուսանկար Րաֆֆի Եուրէճեանի։ Ներկայիս կը պահուի Պուլկարիոյ Փլովտիւ քաղաքի հայոց Սուրբ Գէորգ եկեղեցիին մէջ։

Սուրբ Թագաւոր եկեղեցին ամէնէն աւելի կը յատկանշուի Սուրբ Աստուածածնի տօնին առիթով։ է Այս տօնը յատուկ նշանակութիւն ունի Ռոտոսթոյի մէջ, նկատի ունենալով որ անիկա նաեւ տօնն է ՍուրբԹագաւոր եկեղեցիին։ Ամէն տարի այդ օրը՝ Օգոստոսի կիսուն, հազարաւոր ուխտաւորներ Ռոտոսթօ կը ժամանեն։ Տօնական այդ օրուան ամէնէն նուիրական պահը Սուրբ Բեւեռ մասունքի ցուցադրութիւնն է։ Ռոտոսթոյի հայոց Սուրբ Թագաւոր եկեղեցիին ամէնէն նշանակալից սրբութիւնն էր այս գամը։ Ըստ աւանդութեան, անիկա կը ներկայացնէր գամերէն մէկը Քրիստոսի խաչափայտին վրայ ամրացուած վահանակին, որու վրայ գրուած էր «Սա է թագաւոր Հրէից»։ Այս բեւեռին առկայութեան պատճառով է որ Ռոտոսթոյի եկեղեցին կոչուած է Սուրբ Թագաւոր։ [13]

Սուրբ Թագաւոր թաղամասը ունէր իր առանձին հայկական գերեզմանատունը։ [14]

Ռոտոսթոյի հայկական եկեղեցիներէն փրկուած այլ գանձ մը, որ ներկայիս կը պահուի Պուլկարիոյ Փլովտիւ քաղաքի հայոց Սուրբ Գէորգ եկեղեցիին մէջ։ Լուսանկար Րաֆֆի Եուրէճեանի։

Այս եկեղեցիին մէջ ծառայած քահանաներէն մեզի ծանօթ են.

  • Տէր Մամբրէ քհնյ. Քիրազեան (1847-1916)
  • Տէր Խորէն քհնյ. Ճամճեան (1866-1931).- 1910-էն 1915 եղած է Ռոտոսթոյի Թեմի առաջնորդական տեղապահ։
  • Տէր Արիստակէս քհնյ. Մալաքեան (ծնած է 1856-ին)
  • Տէր Թադէոս քհնյ. Չիլինկիրեան
  • Տէր Բարթող քհնյ. Թագըմճեան (1875-1941)
  • Տէր Գեղամ քհնյ. Եըլտըզեան (1871-1940)
  • Տէր Թադէոս քհնյ. Փորեաճեան (1879-1952).- 1915-ին կը տարագրուի Տէր Զօր եւ կը վերապրի։
  • Տէր Ներսէս քհնյ. Ղազարոսեան։ [15]

Ռոտոսթոյի Սուրբ Խաչ եկեղեցի

Սուրբ Խաչ թաղամասը նախապէս եղած է քաղաքէն դուրս գտնուող թուրք փաշայի մը չիֆթլիքը (çiftlik, ագարակ), ուր կ՚աշխատէին հայ աղքատ հողագործներ։ Հետագային այս վայրը կը վերածուի քաղաքին թաղամասերէն մէկուն։ Հայերուն ծանօթ էր Սուրբ Խաչ անունով, բայց թուրքերը զայն կը կոչէին Չիֆլիկէօնիւ, անուն մը որ կ՚առնչուէր նախկին չիֆթլիքին։

1804-ին թաղամասը կ՚ունենայ իր սեփական տախտակաշէն եկեղեցին՝ Սուրբ Խաչ անունով։ Այս կառոյցը կայսերական արտօնագիր չունէր։ Այդ մէկը կարելի կ՚ըլլայ ձեռք բերել 1808-ին, այս թաղի երեւելիներէն Պօղոս Աղա Տիլանեանի միջոցով։ Կայսերական պէրաթը (արտօնագիր) ստորագրուած էր Սուլթան Մահմուտ Բ.ի (1808-1839) կողմէ։ Այս իրադարձութեան մասին կը պատմուի աւանդական դրուագ մը։ Այսպէս, Պօղոս Աղա Սուլթանին կը ներկայանայ ձեռքին խնդրագիրը, իսկ ուսին ալ տոպրակ մը, որուն մէջ դրած էր կացին մը եւ պարան մը։ Խնդրագիրին մէջ գրուած էր՝

Իստէտիկիմիզ քիլիսէ
Իզին վէրիլմէզիսա,
Տարըլըր հազրէթի Իսա

Թարգմանութիւն՝
Ուզածնիս է եկեղեցի,
Եթէ չարտօնուի մեզի,
Յիսուս կը վշտանայ ձեզմէ

Պօղոս Աղա խնդրագիրը կը ներկայացնէ Սուլթանին եւ անոր առջեւ կը դնէ տոպրակին մէջի առարկաները։ Երբ Սուլթանը կը հարցնէ անոնց իմաստը, Պօղոս Աղա կը պատասխանէ թէ երեք ընտրանք կայ գահակալին առջեւ. կացինով այս խնդրագիրը բերողը գլխատել, զայն կախել, պէրաթը շնորհել։ Սուլթանը կ՚ընտրէ երրորդը… Աւանդական այս պատումը ի միջի այլոց ցոյց կու տայ թէ որքան նշանակալից իրադարձութիւն մըն էր հայերու համար եկեղեցի կառուցելու համար իշխանութիւններուն արտօնութիւնը ստանալը։ Պօղոս Տիլանեան կը մահանայ 1815-ին եւ կը թաղուի Սուրբ Խաչ եկեղեցիին աջակողմեան գաւիթին առջեւը։ [16]

Աւելի ուշ, երբ Սուրբ Խաչ թաղամասի հայերուն թիւը կը բազմանայ՝ եկեղեցին այլեւս նեղ էր մեծաթիւ հաւատացեալներուն համար։ Այնպէս որ 1843-ին շինարարական աշխատանքներ ծայր կ՚առնեն շէնքը ընդարձակելու համար։ Բայց այս ընթացքին եկեղեցին փուլ կու գայ։ Նորի մը շինութեան կը նախաձեռնեն 1847-ին, Պոլիսէն բերել տալով Մինաս Աղա ճարտարապետը։ Նոյն տարին իսկ նոր եկեղեցիին կառուցումը կը հասնի իր աւարտին։ Նորին կառուցումին իրենց նիւթական նպաստը կը բերեն Պոլիս ապրող նախկին ռոտոսթոցիներու եւ ծագումով կեսարացի կամ մունճուսունցի հայերու շառաւիղներ։ Նուիրատուներուն անունները նշուած են եկեղեցիին դրան վրայ։ [17]

Սուրբ Խաչ թաղամասը ունէր իր առանձին հայկական գերեզմանատունը։ [18]

Այս եկեղեցիին մէջ ծառայած քահանաներէն մեզի ծանօթ են.

  • Տէր Վրթանէս քհնյ. Ածրիկեան-Փաշալեան (1854-1923)
  • Տէր Յակոբ քհնյ. Նազարեան (ծնած է 1867-ին).- Ցեղասպանութեան տարիներուն կը տարագրուի Սուրիա, բայց կը վերապրի։
  • Տէր Ներսէս քհնյ. Նազարեան (1847-1920-ի շուրջ)
  • Տէր Գաբրիէլ քհնյ. Պէկեան.- Կը տարագրուի Ցեղասպանութեան տարիներուն եւ կը սպաննուի։ [19]

Սուրբ Խաչ եկեղեցիին շրջափակին մէջ կը գտնուի Ռոտոսթոյի Առաջնորդներէն՝ Յակոբ Արք. Յովհանեանի տապանաքարը։ [20]

Ռոտոսթոյի շրջանին մէջ ծնած հայ կղերականներ

Անտոն Վրդ. Թէքիրտաղցի (մահացած է 1715-ին), Առաքել Վրդ. Մազլումեան (մահացած է 1891-ին), Սարգիս Եպսկ. Տէր Սարգիսեան (1872-1932), Գէորգ Վրդ. Թուրեան (1872-կը սպաննուի 1915-ին), Խաչատուր Ստեփանեան (Սիլիստրեցի), Խորէն Վրդ. Փորթուգալեան (մահացած է 1902-ին), Ղեւոնդ Վրդ. Պէքարեան, Յակոբ Եպսկ. Թէքիրտաղցի, Յակոբ Վրդ. Պոլուցի, Յարութիւն Եպսկ. Թէքիրտաղցի (մահացած է 1793-ին), Սարգիս Եպսկ. Սարգիսեան (ծնած է 1871-ին), Վահան Վրդ. Յակոբեան (1849-1920), Վաղարշակ Վրդ. Պօղոսեան (1835-1905), Երեմիա Վրդ. Չորլուցի (ծնած է 1796-ին)։ [21]

Ռոտոսթոյի շրջանի եկեղեցիներուն գանձերը

Ռոտոսթոյի շրջանի հայկական եկեղեցիները այսօր այլեւս գոյութիւն չունին, անոնք քանդուած են եւ այս վայրերուն մէջ ժամանակին գոյութիւն ունեցած ջերմեռանդ կրօնական կեանքը անհետացած է։ Բայց այստեղի կարգ մը եկեղեցիներու գանձերը գաղթական հայերը յաջողած են փրկել եւ փոխադրել իրենց նոր գաղթավայրերը։ Այս է պարագան յատկապէս Ռոտոսթօ քաղաքի եկեղեցիներուն եւ Կէլիպօլու/Կէլիփոլի/Կալիփոլի Սուրբ Թորոս եկեղեցիի գանձերուն։

Գիտենք որ Ռոտոսթոյի շրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս ամէնուրէք Օսմանեան գաւառներուն մէջ, հայկական եկեղեցական գանձեր կը սկսին յափշտակուիլ Ցեղասպանութեան տարիներուն։ Այս գանձերէն ոմանք աւելի բախտաւոր ճակատագիր մը կ՚ունենան, որովհետեւ հաւատացեալներ կը յաջողին զանոնք պահել։ 1918-ի Զինադադարէն ետք, երբ վերապրողներ կը վերադառնան իրենց հայրենի տուները, նոր կեանք մը ծայր կ՚առնէ Ռոտոսթոյի շրջանին մէջ այս անգամ յունական գրաւեալ բանակներու տիրապետութեան տակ, եկեղեցական պահուած գանձերը դուրս կը հանուին եւ կրօնական կեանքը կը վերականգնի։ 1922-ի վերջերուն, թրքական բանակները մեծ եւ արագ յաջողութիւններ կ՚արձանագրեն թուրք-յունական ճակատին վրայ, ինչ որ պատճառ կ՚ըլլայ որ յունական բանակները սկսին նահանջել։ Այս ընթացքին ծայր կ՚առնէ Ռոտոսթոյի յոյներուն եւ հայերուն գաղթը։ Հայերուն պարագային կ՚ընտրուին հիմնական երկու ուղղութիւններ. Պուլկարիա եւ Յունաստան։ Այս ձեւով է որ ռոտոսթոցի գաղթական հայերը յատկապէս Սուրբ Թագաւոր, բայց նաեւ Սուրբ Խաչ եւ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցիներու հարստութիւնները 13 մեծ սնտուկներու մէջ զետեղած կը բերեն Պուլկարիա։ Անոնք կը տեղադրուին Ֆիլիպպէ/Փլովտիւի Սուրբ Գէորգ եկեղեցիին մէջ։ Անոնցմէ ոմանք աւելի ուշ՝ 1947-ին, կը փոխադրուին Էջմիածին։ [22]

Ռոտոսթոյի հայկական եկեղեցիներէն փրկուած ձեռաց խաչ մը, որ ներկայիս կը պահուի Պուլկարիոյ Փլովտիւ քաղաքի հայոց Սուրբ Գէորգ եկեղեցիին մէջ։ Լուսանկար Րաֆֆի Եուրէճեանի։

Նմանօրինակ պայմաններու մէջ կը փրկուին նաեւ Կէլիփոլիի Սուրբ Թորոս եկեղեցիին գանձերը։ Այսպէս, 1922-ի գաղթի ժամանակ իւրաքանչիւր հայ ընտանիք յանձն կ՚առնէ եկեղեցական առարկայի մը փոխադրութիւնը։ Ժողովուրդը նաւ կը բարձրանայ եւ հաւաքաբար գաղթի ճամբան կը բռնէ։ Անոնց առաջին հանգրուանը կ՚ըլլայ Քեֆալոնիա կղզին։ Աւելի ուշ, կալիփոլցի հայերուն մեծամասնութիւնը կը տեղափոխուի Փիրէայի մօտակայ Գոքինիա շրջանը (Նիքէա), ուր արդէն իսկ հայ եւ յոյն գաղթականներ հաստատուած էին։ Եկեղեցական առարկաները կը տեղադրուին Գոքինիոյ մէջ գաղթական հայերուն կողմէ կառուոցուած Սուրբ Յակոբ եկեղեցիին մէջ, ուր կը պահուին մինչեւ այսօր։ [23]

Ռոտոսթոյի Նահատակի ուխտատեղին

Այսպէս կը կոչուի Թագաւոր Թաղի հայկական գերեզմանատան շատ մօտիկ գտնուող այս ուխտատեղին։ Անիկա տաղաւարեայ համեստ կառոյց մըն է, ուր կը գտնուի Ստեփան կոչուող հայ երիտասարդի մը գերեզմանը։ Ուխտատեղի է հայերու եւ թուրքերու համար, որոնք կու գան յատկապէս բուժուելու ակնկալութեամբ։

Ըստ աւանդութեան, Ստեփանը երիտասարդ մըն էր, որ կը ծառայէր հայոց եկեղեցիին։ 1699-ին, երբ ան 23 տարեկան էր, վէճ մը կ՚ունենայ եկեղեցիի պատասխանատուներուն հետ, որմէ դառնացած կ՚իսլամանայ։ Բայց շատ արագ կ՚ափսոսայ եւ կրկին քրիստոնէութեան կը դառնայ։ Բայց այս արարքը արդէն անօրէն կը համարուի, կը դատուի, իսլամ դատաւորը Ստեփանի դէմ կ՚արձակէ իսլամութիւնը անարգած ըլլալու վճիռ, որուն վրայ ալ երիտասարդը կը բանտարկուի։ Բանտին մէջ հակառակ իր կրած չարչարանքներուն, Ստեփան անխախտ կը մնայ քրիստոնէական իր հաւատքին մէջ։ Վերջաւորութեան զայն կը գլխատեն եւ դիակը կը նետեն փողոցը։ Հոս է որ գիշերները անոր դիակին վրայ կը սկսի երեւիլ երկնային լոյս մը, ինչ որ պատճառ կ՚ըլլայ որ իշխանութիւնները հայկական համայնքէն պահանջեն դիակը վերցնել եւ թաղել։ Ստեփան կը թաղուի հայոց գերեզմանատան մերձակայ վայր մը, որ կարճ ժամանակ ետք կը վերածուի ուխտատեղիի։ [24]

Ռոտոսթոյի աւետարանական եկեղեցի

Ռոտոսթոյի մէջ կային երկու աւետարանական ժողովարան, մէկը Ս. Թագաւոր, միւսը Ս. Խաչ թաղերուն մէջ։ 1903-ի տուեալներով անոնք տակաւին եկեղեցիի ճարտարապետական կառուցուածք չունէին եւ երկուքն ալ ունէին ընդարձակ տարածք։ Համայնքը բաղկացած էր մօտաւորապէս 100 անձէ։

Ռոտոսթոյի մէջ հայ աւետարանական առաջին եկեղեցիին մասին տուեալները կը պակսին, բայց երկրորդ եկեղեցիին մասին գիտենք որ կը հիմնուի 1863-ին, Վերապատուելի Պուղտանեանի նախաձեռնութեամբ։ Վարձու առնուած տուն մըն էր, որ կը գտնուէր Ս. Թագաւոր թաղին մէջ։ Մէկ տարի ետք, կը գնուի նոր տուն մը, ուր կը փոխադրուին աւետարանական համայնքին ժողովարանն ու դպրոցը։ Միսիոնարական ընկերութիւնը նիւթապէս կը հոգար երկու եկեղեցիներուն ծախսերուն կարեւոր մէկ մասը։ [25]

Պուղտանեան իր համայնքին հոգեւոր հովիւի պաշտօնին վրայ կը մնայ մինչեւ 1870։ Իրեն կը յաջորդէ Վերապատուելի Յովհաննէս Ստեփանեան, որ Ռոտոսթոյի մէջ կը ծառայէ մինչեւ 1898 թուականը։ Իր օրով թափ կ՚առնէ շրջիկ գրածախութիւնը։ Այսինքն, համայնքէն քանի մը անձեր կը շրջէին մօտակայ քաղաքներն ու գիւղերը՝ Սուրբ Գիրքը վաճառելով եւ տարածելով։ Ստեփանեանի մեկնումէն ետք, համայնքապետ Մ.Հ. Գուզու Քէպապեան ինք կը ստանձնէ երկու եկեղեցիներուն մէջ կատարուող պաշտամունքը։ Մնայուն հովիւի բացակայութեան այս քանի մը տարիներուն ընթացքին հոս կու գան նաեւ բազմաթիւ այցելու քարոզիչներ։ 1901-ի Դեկտեմբերին, Ռոտոսթօ կու գայ Պատուելի Արիսթիտիս Մումճիատիս, որ ռոտոսթոցի յոյն մըն էր, շրջանաւարտ էր Մարզուանի աստուածաբանական ճեմարանէն եւ կը տիրապետէր նաեւ հայերէնին։ Պատուելի Մումճիատիս յունարէնով ալ քարոզ կը կարդար Ա. Եկեղեցիին մէջ։ [26]

Աւելի ուշ Ռոտոսթոյի համայնքի հովիւ կը դառնայ Վերապատուելի Սարգիս Մանուկեան, որ այս պաշտօնին վրայ կը մնայ մինչեւ 1915 թուականը։ [27]

Ռոտոսթոյի կաթոլիկ եկեղեցի

Շատ քիչ տեղեկութիւններ ունինք այս համայնքին մասին։ Գիտենք որ Ս. Թագաւոր թաղամասին մէջ կար հայ կաթոլիկ եկեղեցի մը եւ համայնքը կազմուած էր քանի մը տունէ։

Չորլու

Չորլուի Սուրբ Գէորգ եկեղեցի

Չորլուի մէջ հայերը կը հաշուէին մօտ երկու հազար հոգի։

Քաղաքի Սուրբ Գէորգ եկեղեցին կ՚ենթադրուի որ հիմնադրուած է է 17-րդ դարուն։ Եկեղեցիին մէջ գոյութիւն ունի 1692 թուակիր հայ քահանայի մը գերեզմանը։ Աւելի հաւանական է, որ 17-րդ դարու կառոյցը սկիզբը եղած է աղօթատեղի մը, որ աւելի ուշ վերածուած է եկեղեցիի։ Այս ենթադրութեան առիթ կու տայ եկեղեցիին մէջ պահուող Սուլթան Սէլիմ Գ.ի (1789-1807) պէրաթը, որ 1789 թուակիր է եւ փաստօրէն եկեղեցիին կառուցման արտօնագիրն է։ Նոյն տարին տեղի հայկական համայնքը այլ արտօնագիր մը կը ստանայ, այս անգամ Մեծ Եպարքոս grand vizir Եուսուֆ Փաշայէն, որ արտօնութիւն կու տար հայերուն հաւաքաբար ապրելու կառուցուելիք եկեղեցիին թաղամասին մէջ։ Չորլուի Ս. Գէորգ եկեղեցիին կառուցումը ծայր կ՚առնէ 1791-ին եւ կ՚աւարտի 1796-ին։

Նոյն եկեղեցիին մէջ կը պահուէր Սուլթան Օսման Գ.ի (1754-1757) պէրաթը, որ կայսերական արտօնագիր մըն էր Չորլուի մէջ հայերու հաստատումին։ [28]

Արծաթեայ խաչ, որուն ետեւի կողմը նշուած է թէ նուէր է Սուրբ Գէորգ եկեղեցիին Գրիգոր Աղային կողմէ (Մանուկ ամիրային որդին), 28 Փետրուար 1831-ին։ Նշուած է նաեւ որ խաչը կը կրէ նշխարները Սուրբ Գէորգ «քաջայաղթ զօրավարին»։ Ռոտոսթոյի շրջանին մէջ Սուրբ Գէորգ անունով եկեղեցիներ գտնուած են Չորլուի, Սիլիվրիի, Էզինէի եւ Տարտանէլի մէջ։ Վստահ չենք թէ այս եկեղեցիներէն որ մէկուն պատկանած է սոյն խաչը։ Լուսանկար Րաֆֆի Եուրէճեանի։ Ներկայիս կը պահուի Պուլկարիոյ Փլովտիւ քաղաքի հայոց Սուրբ Գէորգ եկեղեցիին մէջ։

Չորլուի Սուրբ Գէորգի կառուցումէն ետք, եկեղեցին կը դառնայ յայտնի ուխտատեղի մը շրջանի հայերուն համար։ Նախապէս, Ռոտոսթոյի հայերը ամէն Սուրբ Գէորգի տօնին, որ տեղացիներուն ծանօթ է նաեւ Խտըրէլլէզի (Hıdırellez) տօն անունով, ուխտի կ՚երթային Էրէյլիի Այ-Եորկի յունական եկեղեցին։ Բայց Չորլուի եկեղեցիին կառուցումէն ետք այս մէկը կը դառնայ հայերու համար կեդրոնական ուխտատեղի մը։ Այս տօնին Ռոտոսթոյէն սայլերով կու գային ուխտաւորները եւ շաբաթ մը հոս կը մնային։ Ուխտաւորները հիւրընկալելու համար եկեղեցւոյ ետեւը ընդարձակ տարածութեան մը վրայ կը շինուի 30-է աւելի սենեակներ պարունակող հիւրանոց մը։ [29]

Արշակ Ալպօյաճեան իր յօդուածին մէջ կը գրէ թէ ժամանակին Սուրբ Գէորգին կողքին գոյութիւն ունեցած է Առաջնորդարանի շէնքը, որ 19-րդ դարու վերջերուն արդէն չէր գործեր եւ վարձու տրուած էր։ Հոս յստակ չէ թէ ինչ Առաջնորդարանի շէնքի մասին է խօսքը, նկատի ունենալով որ սկզբնաղբիւրները կը յայտնեն որ Թեմի կեդրոնը կը գտնուէր Ռոտոսթօ քաղաքին մէջ։ Արդեօ՞ք որոշ ժամանակ անիկա գտնուած է Չորլուի մէջ. դժբախտաբար լուսաբանութիւններ չունինք այս մասին։ Ալպօյաճեան կ՚աւելցնէ որ շէնքը շինուած էր 1860-ական թուականներուն։ Ապա դիտել կու տայ, որ նախապէս Չորլուի մէջ գոյութիւն ունեցած է ուրիշ Առաջնորդարան մը, որ Խրիմի պատերազմին ժամանակ (1853-1856) այս քաղաքէն անցնող սարտինիական բանակները զօրանոցի կը վերածեն եւ 1856-ին ալ կը հրկիզուի։ [30]

1901 թուակիր յօդուածի մը մէջ Ալպօյաճեան մանրամասն կը նկարագրէ Չորլուի Սուրբ Գէորգ եկեղեցին։ Յօդուածագիրը կը գրէ, որ եկեղեցին ցած եւ մութ շինութիւն մըն է, որ օժտուած է բազմաթիւ սիւներով։ Խաչկալը շինուած է եբենոսեայ ebony փայտէ, որուն վրայ ընդելուզուած են սատափներ։ Սուրբ Գէորգ եկեղեցիին պատերը ծածկուած են յախճապակիներով, որոնցմէ իւրաքանչիւրին վրայ նկարուած է խաչանիշ մը։ Այս վերջինի վերի կողմը գրուած է «Ծառայ Քրիստոսի», իսկ վարի կողմին ալ գրուած է նուիրատուին անունը։ Այս ձեւով եկեղեցիին պատերը ծածկուած են մեծաթիւ անուններով։ Ալպօյաճեան կը գրէ, թէ եկեղեցիին ձախակողմեան փոքր սեղանին վարի կողմը յիշատակարան արձանագրութիւն մը կայ այս յախճապակիներուն մասին։ Հոս նշուած է թէ յախճապակիներուն վրայի անունները չորլուցի եւ թէքիրտաղցի (ռոտոսթոցի) վարպետ եւ աշկերտ դերձակներու կը պատկանին։ Անուններու շարքին կան նաեւ այլ հասարակ մահկանացուներ։ Դերձակները կը գործէին Պոլսոյ մէջ եւ կ՚ապրէին Քելլէ Քէսէ կոչուող խանին մէջ։ Ալպօյաճեան կ՚աւելցնէ որ սոյն խանը կը քանդուի 1894-ի երկրաշարժին հետեւանքով։ Յախճապակիները այս հաւատացեալներուն նուէրն էր Սուրբ Գէորգ եկեղեցիին։ Անոնք շինուած են հայոց է ՌՄԿԴ (1815) թուականին։ [31]

Ալպօյաճեան հարուստ տեղեկութիւններ կը փոխանցէ նաեւ այս եկեղեցիին զանազան գանձերուն մասին։ Այսպէս, անոր պատերը զարդարուած էին մեծ թիւով  գեղանկարներով։ Անոնց շարքին նշանաւոր էին Սուրբ Եղիայի կեանքին մանրամասնութիւնները նկարագրող եւ վերջին դատաստանի երկու պատկերները։ Աւագ խորանին վրայ կային Աստուածածինի եւ Սուրբ Ստեփաննոսի սրբանկարները։ Եկեղեցին ունէր նաեւ ձեռագիրներու հաւաքածոյ մը։ Կար օրինակ ձեռագիր ընդարձակ «Ճաշոց» մը, որուն մէջ կային բազմաթիւ յիշատակարաններ՝ ամէնէն հինը 1457 թուակիր։ Կ՚ենթադրուի որ այս ձեռագիրը Չորլու հասած է Ամասիայէն։ [32] Ձեռագիրներու հաւաքածոյին մէջ կը գտնուին նաեւ 1649 թուակիր Աւետարան մը եւ երկու Մաշտոցներ։ Այս վերջիններէն մէկը գրի առնուած է 1833-ին, շատ մաքուր եւ խնամուած ձեռագիրով մը։ Ալպօյաճեանի այցելութեան ժամանակ այս Մաշտոցը կը շարունակէր գործածուիլ Մկրտութեան խորհուրդի ժամանակ։ Միւս ձեռագիր Մաշտոցը եկեղեցիին նուիրուած է 1833-ին։ [33]

1893-ին կը կառուցուի Սուրբ Գէորգի զանգակատունը, որ կազմուած էր երկաթեայ սիւներէ։ [34]

Սուրբ Գէորգի մէջ ծառայած քահանաներէն կը յիշուին.

  • Տէր Նշան Տէր-Անդրէասեան.- Մինչեւ 1915 թուականը ծառայած վերջին քահանան էր, որ ձեռնադրուած էր 1907-ին։ Չորլուի ամբողջ հայութեան նման, ան 1915-ին նաւով կ՚աքսորուի Նիկոմիդիա/Իզմիդ եւ հոնկէ ալ չորլուցի հայերուն հետ կը տեղահանուի Սուրիա։ Տէր Նշան կը սպաննուի Տէր Զօրի մէջ։
  • Տէր Գէորգ քհնյ. Դաւիթեան
  • Դիոնէսիուս քհնյ. Արսէնեան [35]

Այլ հետաքրքրական մանրամասնութիւն մըն է Չորլուի հայոց գերեզմանատան տապանաքարերը։ Անոնց վրայի արձանագրութիւնները թրքերէն են, յատկապէս նկատի ունենալով այն փաստը որ Չորլուի հայերը թրքախօս էին։ [36]

Սիլիվրի

Սիլիվրիի Սուրբ Գէորգ եկեղեցի

Սիլիվրիի հայութիւնը կը հաշուէր մօտաւորապէս հազար բնակիչ Ցեղասպանութեան նախօրեակին։ Հոս քահանայութիւն ըրած են.

  • Տէր Խորէն քհնյ. Ճամճեան.- Սիլիվրիի մէջ քահանայ եղած է 1900-էն 1910։ 
  • Տէր Արիստակէս քհնյ. Մալաքեան
  • Տէր Վրթանէս քհնյ. Ածրիկեան
  • Տէր Կարապետ քհնյ. Տիշլեան.- Ցեղասպանութեան ժամանակ կը տարագրուի եւ կը սպաննուի Տէր Զօրի մէջ։ [37]

Էզինէ

Էզինէի Սուրբ Գէորգ եկեղեցի

Այս քաղաքին հայերուն թիւը 1915-ի նախօրեակին 670 հոգի էր։ Այս թիւին մէջ ներառնուած են նաեւ Էզինի մօտակայ եւ մեծամասնութեամբ թուրքերէ բնակուած երկու գիւղերու՝ Գըզըլի եւ Պալըգլըի հայ բոշա բնակիչները։ [38] 

Եկեղեցին կառուցուած է 1839-ին եւ նորոգուած՝ 1889-ին։ [39]

Հոս քահանայութիւն ըրած կղերականներէն կը յիշուին՝

  • Տէր Վրթանէս քհնյ. Ածրիկեան
  • Տէր Մեսրոպ քհնյ. Թորոսեան (ծնած է 1866-ին) [40]

Մալկարա

Մալկարայի Սուրբ Թէոդորոս եկեղեցի

Մօտաւորապէս 3500 հայեր կ՚ապրէին Մալկարայի մէջ 1915-ի նախօրեակին։

Սուրբ Թէոդորոսի մէջ ծառայած քահանաներէն կը յիշուին՝

  • Տէր Գէորգ քհնյ. Դաւիթեան (ծնած է 1872-ին).- Մինչեւ 1915 թուականը հոս քահանայ էր։
  • Տէր Յովհաննէս քհնյ. Տէր-Մկրտիչեան (ծնած է 1866-ին).- Մինչեւ 1912 Մալկարայի մէջ եղած է քահանայ, ապա անցած է Պոլիս։
  • Տէր Թորոս (մականունը անյայտ) [41]

Մալկարայի Մովկիմ քահանայ ուխտատեղի

Քաղաքէն դուրս գտնուող սրբատեղի (այազմա) մըն էր, որ Համբարձման տօնի օրը ուխտատեղիի կը վերածուէր։ [42]

Տարտանէլ (Չանագգալէ)

Տարտանէլի Սուրբ Գէորգ եկեղեցի

Մօտ 1200 հայեր կ՚ապրէին հոս։ 1909-էն մինչեւ 1915 թուականը Սուրբ Գէորգի մէջ քահանայագործած է Տէր Դիոնիս քհնյ. Տրէզեան (ծնած է 1870-ին)։ [43]

Տարտանէլի աւետարանական համայնք

Տարտանէլի մէջ գոյութիւն ունեցած է աւետարանական փոքր համայնք մը, որու անդամները, 1903-ի տուեալներով, կը հաւաքուէին իրենց կողմէ գնուած տան մը մէջ։ Այս համայնքը կապուած էր Ռոտոսթոյի աւետարանական եկեղեցիին։ [44]

Կէլիպօլու//Կէլիփոլի/Կալիփոլի

Կէլիպօլուի Սուրբ Թորոս եկեղեցի

Մօտաւորապէս 1200 հայեր կ՚ապրէին այս քաղաքին մէջ մինչեւ Առաջին համաշխարհային պատերազմին բռնկումը։

Սուրբ Թորոսին մէջ քահանայագործած են՝

  • Տէր Թորոս քհնյ. Թորոսեան
  • Տէր Գարեգին քահանայ
  • Տէր Վարդան քհնյ. Պետրոսեան [45]
  • [1] Արշակ Ալպօյաճեան, «Չօրլուի հայերը (իրենց անցեալն եւ ներկան)», Բիւզանդիոն, 6-րդ տարի, թիւ 1554, 5/18 Նոյեմբեր 1901, Պոլիս]
  • [2] Արշակ Ալպօյաճեան, «Չօրլուի հայերը (իրենց անցեալն եւ ներկան)», Բիւզանդիոն, 6-րդ տարի, թիւ 1552, 2/15 Նոյեմբեր 1901, Պոլիս]
  • [3] Սարգիս Գ. Փաչաճեան, Յուշամատեան Ռոտոսթոյի հայերուն 1606-1922, տպ. Կ. Տօնիկեան, Պէյրութ, 1971, էջ 172; Արշակ Ալպօյաճեան, «Չօրլուի հայերը (իրենց անցեալն եւ ներկան)», Բիւզանդիոն, 6-րդ տարի, թիւ 1561, 13/26 Նոյեմբեր 1901, Պոլիս]
  • [4] Փաչաճեան, Յուշամատեան Ռոտոսթոյի, էջ 173-183]
  • [5] Գրիգոր Կամախեցի վարդապետ, Ժամանակագրութիւն Գրիգոր վարդապետի Կամախեցւոյ կամ Դարանաղցւոյ, Երուսաղէմ, 1915, Սարգիս Գ. Փաչաճեան, Յուշամատեան Ռոտոսթոյի հայերուն 1606-1922, տպ. Տօնիկեան, Պէյրութ, 1971, էջ 21-32]
  • [6] Փաչաճեան, Յուշամատեան Ռոտոսթոյի, էջ 27, 36-37; Հայր Վարդաբոյր, «Միշտ կենդանի ու մխացող քաղաքներէն հայ-Ռօտոսթօն», Պայքար, 13 Օգոստոս 1958, թիւ 189 (16000), Պոսթոն։
  • [7] Նոյն, էջ 38, 173-174։
  • [8] Նոյն, էջ 38։
  • [9] Նոյն, էջ 179-180։
  • [10] Նոյն, էջ 41-42, 179-180։
  • [11] Նոյն, էջ 51։
  • [12] Նոյն, էջ 55-57։
  • [13] Նոյն, էջ 229։
  • [14] Նոյն, էջ 196։
  • [15] Թէոդիկ, Գողգոթա հայ հոգևորականութեան և իր հօտին 1915 աղետալի տարին, Նիւ Եորք, 1985, էջ 415-416; Փաչաճեան, Յուշամատեան Ռոտոսթոյի, էջ 187-190։
  • [16] Փաչաճեան, Յուշամատեան Ռոտոսթոյի, էջ 38-40։
  • [17] Նոյն, էջ 41։
  • [18] Նոյն, էջ 196։
  • [19] Թէոդիկ, Գողգոթա, էջ 417-418։
  • [20] Փաչաճեան, Յուշամատեան Ռոտոսթոյի, էջ 175։
  • [21] Նոյն, էջ 183-186։
  • [22] Նոյն, էջ 229-231։
  • [23] Վարագ քհնյ. Յովսէփեան (խմբագիր), Գոքինիոյ Ս. Յակոբ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 70-ամեակ, 1933-2003, Գոքինիա, 2003, էջ 55-56։
  • [24] Փաչաճեան, Յուշամատեան Ռոտոսթոյի, էջ 197-198։
  • [25] Մ.Գ., «Ռոտոսթոյի եկեղեցիին պատմութիւնը», Բիւրակն հանդէս, Ի. տարի, թիւ 51, 21 Դեկտեմբեր 1902, Պոլիս, էջ 813։
  • [26] Մ.Գ., «Ռոտոսթոյի եկեղեցիին պատմութիւնը, 1852-1902», Բիւրակն հանդէս, Ի. տարի, թիւ 7, 15 Փետրուար 1903, Պոլիս, էջ 135-136; Մ.Գ., «Ռոտոսթոյի եկեղեցիին պատմութիւնը», Բիւրակն հանդէս, ԻԱ. տարի, թիւ 8, 15 Մարտ 1903, Պոլիս, էջ 155-157; Մ.Գ., «Ռոտոսթոյի եկեղեցիին պատմութիւնը», Բիւրակն հանդէս, ԻԱ. տարի, թիւ 11, 22 Փետրուար 1903, Պոլիս, էջ 235; Մ.Գ., «Ռոտոսթոյի եկեղեցիին պատմութիւնը», Բիւրակն հանդէս, ԻԱ. տարի, թիւ 16, 19 Ապրիլ 1903, Պոլիս, էջ 311։
  • [27] Թէոդիկ, Գողգոթա, էջ 418։
  • [28] Ալպօյաճեան, «Չօրլուի հայերը», Բիւզանդիոն, թիւ 1554։
  • [29] Նոյն, Պոլիս; Փաչաճեան, Յուշամատեան Ռոտոսթոյի, էջ 200։
  • [30] Արշակ Ալպօյաճեան, «Չօրլուի հայերը (իրենց անցեալն եւ ներկան)», Բիւզանդիոն, 6-րդ տարի, թիւ 1561, 13/26 Նոյեմբեր 1901, Պոլիս։
  • [31] Ալպօյաճեան, «Չօրլուի հայերը», Բիւզանդիոն, թիւ 1554; Արշակ Ալպօյաճեան, «Չօրլուի հայերը (իրենց անցեալն եւ ներկան)», Բիւզանդիոն, 6-րդ տարի, թիւ 1555, 6/19 Նոյեմբեր 1901, Պոլիս։
  • [32] Նոյն։
  • [33] Ալպօյաճեան, «Չօրլուի հայերը», Բիւզանդիոն, թիւ 1561։
  • [34] Ալպօյաճեան, «Չօրլուի հայերը», Բիւզանդիոն, թիւ 1555։
  • [35] Արշակ Ալպօյաճեան, «Չօրլուի հայերը (իրենց անցեալն եւ ներկան)», Բիւզանդիոն, 6-րդ տարի, թիւ 1564, 16/29 Նոյեմբեր 1901, Պոլիս; Թէոդիկ, Գողգոթա, էջ 418-419։
  • [36] Ալպօյաճեան, «Չօրլուի հայերը», Բիւզանդիոն, թիւ 1561։
  • [37] Թէոդիկ, Գողգոթա, էջ 416-417, 419։
  • [38] Նոյն, էջ 421։
  • [39] Նոյն։
  • [40] Թէոդիկ, Գողգոթա, էջ 417, 421։
  • [41] Նոյն, էջ 419։
  • [42] Փաչաճեան, Յուշամատեան Ռոտոսթոյի, էջ 180։
  • [43] Թէոդիկ, Գողգոթա, էջ 420։
  • [44] Մ.Գ., «Ռոտոսթոյի եկեղեցիին պատմութիւնը», Բիւրակն հանդէս, ԻԱ. տարի, թիւ 11, 22 Փետրուար 1903, Պոլիս, էջ 217։
  • [45] Թէոդիկ, Գողգոթա, էջ 422։