Սեբաստիա/Սիվասէն գունաւոր պատկերներ

Գոյն տալ օսմանեան հայերու կեանքին

Հեղինակ՝ Ազատ Պալապանեան 18/08/20 (վերջին փոփոխութիւն՝  18/08/20), թարգմանութիւն՝ Սեւան Պալապանեան

Նախաբան

Մինչ 21-րդ դարը կը յառաջանայ, մեզի հետ կը յառաջդիմեն նաեւ պատմութիւնը վաւերագրելու, նկարագրելու, վերակենդանացնելու եւ պահպանելու միջոցները։  Այս գործիքները կը սատարեն մեր ապրած կեանքը պատմելու, փոխանցելու զայն մեր զաւակներուն եւ յաջորդ սերունդներուն։

20-րդ դարը ծնունդ տուաւ արուեստի նոր արտայայտութեան մը՝ լուսանկարչութեան, որ որդեգրուեցաւ եւ զարգացաւ օսմանեան հայ վարպետներու կողմէ ինչպէս՝ Ապտուլլահ եղբայրներ, Եսայի Կարապետեան, Զօրաբաբէլ Գրիգոր Տօնաթոսեան։ Անոնց գործերը մեզի թողուցին յիշատակներ օսմանեան հայերու կեանքէն, ըլլան անոնք ընտանեկան, պսակադրութեան,  շրջանաւարտութեան կամ ամենօրեայ կեանքի լուսանկարներ։

Յաջորդող դարուն ընթացքին լուսանկարչութիւնը շարունակեց զարգանալ եւ ընդհանրանալ։ Ան քիմիական գործողութենէ վերածուեցաւ թուայնականի  (Digital) օգտուելով ծրագիրներու եւ սիլիքոնի զարգացումներէն։ Փոխուեցան ոչ միայն լուսանկարչական գործիքները, այլեւ լուսանկարները դիտելու միջոցները։  Փոխանակ տպուելու, լուսանկար մը այսօր խելախօսներու միջոցով կրնայ վայրկեանականօրէն տարածուիլ միլիառաւոր անձերու։

Վերջին տասնամեակին ուրիշ մեծ ոստում մը կատարուեցաւ պատկերային եւ համակարգչային գիտութեան մարզին մէջ. այս մէկը Մեքենայական ուսուցումն (Machine Learning) է, որ նաեւ կը կոչուի Արուեստական բանականութիւն (Artificial Intelligence AI)։ Նկատի ունենալով այն փաստը, որ անսահման տուեալներ գոյութիւն ունին համացանցին վրայ, համակարգիչի ծրագրաւորողներ կրցան «մարզել» համակարգիչը, որպէսզի ան «հասկնայ» տուեալները եւ ամբողջացնէ պակաս մնացած մասերը։

Հետաքրքական մարզերէն մէկը սեւ ճերմակ լուսանկարներ գունաւորելու կարողութիւնն է, որ Մեքենայական ուսուցումի գործածութիւններէն մէկն է։  Նկատի առած Յուշամատեանի յօդուածներուն խորքը, զանազանութիւնը եւ ծաւալը, որոշեցինք փորձառկել լուսանկարներ գունաւորելու լաւագոյն ծրագիրը՝ DeOldifyը, որպէսզի տեսնենք անոր արդիւնաւէտութիւնը մեր լուսանկարներուն վրայ։

Սակայն կարեւոր է նշել, որ սեւ-ճերմակ լուսանկարները գունաւորելու փորձը զանոնք «բարելաւելու» կամ  «փոխելու» ջանք մը  չէ, այլ անիկա կը ստեղծէ ուրիշ հայեացք մը այս լուսանկարները ներկայացնող աշխարհին նկատմամբ։

Լուսանկարներու արխիւացումի աշխատանքը ընդհանրապէս կը կեդրոնանայ լուսանկարները պահպանելու եւ զանոնք ամենայն հարազատութեամբ ներկայացնելու ճիգին վրայ։ Հոս պէտք է նշել, որ Յուշամատեանի տարած արխիւացումի աշխատանքին նպատակը օսմանեան հայերու բնաշխարհը վերականգնելն է, եւ ոչ պարզապէս ցուցադրել այդ ժամանակաշրջանի պատկերները, առարկաները եւ զանազան նիւթերը։ Հետեւաբար, լուսանկարներ գունաւորելու աշխատանքը վստահաբար կը համապատասխանէ վերականգնումի այս ճիգին։

Այս յօդուածին մէջ գտնուող լուսանկարները ամբողջութեամբ գունաւորուած են հանրութեան մատչելի DeOldify ծրագիրով։

1) Սեբաստիա. Գլթեան ընտանիքը։ Նստած՝ Յակոբ Գլթեան, անոր աջին՝ կինը՝ Թագուհի Գլթեան։ Մնացեալները իրենց զաւակներն՝ Պայծառ, Շնորհիկ եւ Տիրուհի (Աղբիւր՝ Արուսեակ Մկրտիչեան հաւաքածոյ, Պոլիս)։

2) Սեբաստիա. Գլթեան ընտանիքը։ Աջին նստած՝ Յակոբ Գլթեան։ Կեդրոնը, ոտքի՝ Թագուհի Գլթեան (Յակոբի կինը)։ Միւսները Յակոբի դստրերն են՝ Պայծառ եւ Լուսիկ։ Նշենք որ իր առաջին կնոջ՝ Տիրուհիին մահէն ետք, Յակոբ կը վերամուսնանայ Թագուհիին հետ, որ այրի կին մըն էր, ունէր մանչ զաւակ մը՝ Միսաք (Աղբիւր՝ Արուսեակ Մկրտիչեան հաւաքածոյ, Պոլիս)։

3) Աւետիս եւ Փառանձեմ Ղազարեաններու (ծնեալ Շահինեան) հարսանեկան լուսանկարը։ Զոյգը լուսանկարուած է 12/23 հոկտեմբեր 1909-ին, Սեբաստիոյ մէջ։ Լուսանկարիչ՝ Էնգապապեան եղբայրք (Աղբիւր՝ Աւօ Ղազալ հաւաքածոյ, Նիւ Եորք)։

4) Տիտիզեան ընտանիքը՝ Կիւրիւնէն (Սեբաստիոյ նահանգ), մօտաւորապէս 1910։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Մանիա Տիտիզեան, Տիգրանուհի Տիտիզեան (ծն. Նահապետեան), Սեդրակ Տիտիզեան, Յակոբ Հայկ Տիտիզեան։ Նստած՝ Հայկակ Յակոբ Տիտիզեան։ Լուսանկար՝ Էնգապապեան եղբայրներու (Սեբաստիա) (Աղբիւր՝ Տիտիզեան ընտանիքի հաւաքածոյ, Լոնտոն)։

5) Սեբաստիայէն հայ ընտանիք մը (Աղբիւր՝ Նուպարեան գրադարանի հաւաքածոյ, Փարիզ)։

6) Յարութիւն էֆենտի Գասապպաշեան (Երուանդին հայրը) լուսանկարուած իր ձիուն վրայ Սեբաստիոյ մէջ (Աղբիւր՝ Գասապաշ/Կէթուր հաւաքածոյ - Սաութֆիլտ, Միշիկըն)։

DeOldify-ի գործելակերպին արհեստական մանրամասնութիւնները

DeOldifyը Deep Learning ծրագիր մըն է, որ միլիոնաւոր լուսանկարներ դիտելով «մարզուած» է գուշակելու սեւ-ճերմակ լուսանկարներու գոյները։

Ինչպէ՞ս կը գործէ DeOldifyը։ Պիտի փորձենք բացատրել անոր արհեստական սկզբունքները եւ մեր ստացած արդիւնքներուն ընդմէջէն՝ ներկայացնել Մեքենայական ուսուցումի սահմանափակումները, ինչպէս նաեւ ցոյց տալ այն մարզերը, զորս կը յուսանք որ մօտիկ ապագային պիտի բարելաւուին։

Մարզումի փուլ

Այս փուլին Deep Learning ծրագիրը կը մարզուի ամբարելով տուեալներ, որոնք կը պարունակեն հարցումներ եւ անոնց պատասխանները։  Այս ձեւով ծրագիրը կը սկսի սորվիլ եւ հասկնալ հարցումներ ընդունելու եւ անոնց ճշգրիտ պատասխանները գտնելու գործընթացը։

Իրականութեան մէջ ասիկա շատ կը նմանի մարդոց սորվելու կերպին։ Եբր կը սերտենք գիտութիւն կամ թուաբանութիւն, օգտակար է ունենալ հարցումներ եւ անոնց պատասխանները, որպէսզի քայլ առ քայլ կարենանք հասնիլ որեւէ հարցումի պատասխանին։

DeOldifyը կը գործածէ Մեքենայական ուսուցումի զարգացումներէն համարուող Generative Adversarial Networksը (GANs)։ Ասիկա մարզումի միջոց մըն է, որ կը պարունակէ հարցումներ եւ պատասխաններ։ Այս տեղեկութիւնները կ՚ամբարուին, կը դառնան գիտութիւն, եւ ասոր հիմամբ ալ ծրագիրը կը սկսի պատասխաններ գտնել այնպիսի հարցումներու, որոնց երբեք դէմ յանդիման չէ գտնուած։

Մարզումի փուլին մէջ ծրագիրը շատ տուեալներու պէտք ունի, որպէսզի սորվի հիմնական սկզբունքները, այս պարագային սեւ-ճերմակ եւ գունաւոր լուսանկարներուն տարբերութիւնները։

Ծրագիրը ունի երկու բաղադրիչներ՝ Պատկեր Արտադրող (Image Generator) եւ Պատկեր Արժեւորող (Image Critic)։ Ստորեւ պիտի տեսնենք, թէ ինչպէս այս երկու բաղադրիչները փոխադարձ յարաբերութեան մէջ են ստեղծելու համար deep learning ծրագիրը։

Առաջին հերթին Պատկեր Արտադրողը պէտք է սորվի գունաւորել պատկերը.

  • Ծրագիրը կը ներմուծէ պատկերներ ImageNetէն։ Այս մէկը հանրամատչելի է եւ հոս կան միլիոնաւոր նկարներ, որոնք գիտաշխատողներու կողմէ կը գործածուին մեքենաները մարզելու համար։ 
  • Այդ պատկերներուն գոյնը կը ջնջուի զանոնք վերածելով սեւ-ճերմակի։
  • Պատկեր Արտադրողը կը փորձէ գունաւորել այդ պատկերները  պատահական գոյներով։
  • Ապա կը բաղդատէ այս գոյները պատկերին իսկական գոյներուն հետ, որպէսզի ճշդէ թէ որքան յաջողութիւն գտած է իր գուշակութիւններուն մէջ։
  • Վերջին ճիգով մը Պատկեր Արտադրողը դարձեալ ու դարձեալ կը փորձէ գունաւորել պատկերը մինչեւ որ հասնի բաւարար արդիւնքի։

Այս փուլին է որ մուտք կը գործէ ծրագիրին երկրորդ բաղադրիչը՝ Պատկերը Արժեւորողը, որ մարզուած է ճշդելու թէ պատկերը իսկական է թէ կեղծ։ Այլ խօսքով, արդեօք պատկերը սկիզբէն իսկ գունաւո՞ր էր, թէ Պատկեր Արտադրողի կողմէ գունաւորուած է։

Ճշգրիտ գունաւորումի մակարդակին հասնելու համար, արդիւնքը այդքան լաւ պէտք է ըլլայ, որ Պատկեր Արժեւորողը «խաբուի», կարծելով թէ կատարուած գործին մէջ կը տեսնուին պատկերին իսկական գոյները։

Եթէ Պատկեր Արժեւորողը լաւ մարզուած չըլլայ գունաւորումը հասկնալու, այն ատեն քննութենէ անցած պատկերներուն արդիւնքը այդքան ալ ճշգրիտ պիտի չըլլայ։ Ճիշդ այդ պատճառով, Պատկեր Արժեւորողը իր կարգին պէտք է մարզուի գունաւորումի մակարդակը բարձրացնելու համար։

Պատկեր Արժեւորողը կը մարզուի հետեւեալ ձեւով.

  • Պատկեր Արտադրողը կը գունաւորէ որոշ թիւով պատկերներ։ 
  • Պատկեր Արժեւորողը կը ստանայ երկու տեսակ պատկերներ. ոմանք գունաւորուած կ՚ըլլան Պատկեր Արտադրողին կողմէ, այսինքն՝ կեղծ պատկերներ, ոմանք ալ ImageNetէն առնուած կ՚ըլլան եւ հարազատ գունաւոր պատկերներ են։
  • Կը փորձէ գինտալ թէ պատկերները բնականօրէ՞ն գունաւոր են թէ ոչ կեղծ են։ Այս արդիւնքին հիման վրայ անոր կը տրուի գնահատական նիշ մը։
  • Պատկեր Արժեւորողը դարձեալ ու դարձեալ կը փորձէ մինչեւ որ կարենայ լաւ արդիւնքի հասնիլ։

Հիմա որ երկու բաղադրիչներն ալ մարզուած են եւ կրնան զանազանել իսկական կամ արուեստական գոյները, կը հասնինք վերջին փուլին։

Պատկեր Արտադրողը եւ Պատկեր Արժեւորողը այս ձեւով իրարու դէմ պիտի մրցին պատկերներ գունաւորելով, քննելով, բարելաւելով եւ վերջապէս քննութենէ անցնելով։

Այս պատճառով է, որ գործողութիւնը կը կոչուի Adversarial Networks (GANs), այսինքն երկու բաղադրիչները մրցակիցներ են, իրարու դէմ կը գործեն եւ կը փորձեն զիրար «խաբել»։

Այս յօդուածին մէջ գտնուող գունաւոր լուսանկարները DeOldify ծրագիրի արտադրութիւններն են։ Պատկեր Արտադրողին գունաւորած պատկերները Պատկեր Արժեւորողին կողմէ քննադատուած են եւ անցած են իրական/կեղծի քննութիւնը։

Դէպի ապագայ

Այս յօդուածին մէջ ներկայացուած իւրաքանչիւր պատկեր DeOldify ծրագրի ճամբով աշխատցուած է եւ լաւագոյն արդիւնքն է, զոր կրցած ենք ձեռք ձգել։

Սակայն կը տեսնէք թէ արդիւնքը 100% չէ։ Կան մոխրագոյն տարածքներ կամ սխալ գործածուած գոյներ։

Գունաւորուած պատկերին լաւ եւ թերի կողմերը հասկնալը այդքան ալ դիւրին չէ, որովհետեւ Մեքենայական ուսուցումի ծրագիրներուն մէջ մարզումի ընթացքին ուսուցուած սկզբունքները վերացական են եւ՝ մասամբ անմատչելի զանոնք հնարող գիտնականներուն։

Անշուշտ սեւ-ճերմակ նկարներուն որակն ալ մեծ դեր կը խաղայ գունաւորումի գործընթացին մէջ։ Բարձր հակադրութիւն (contrast) ունեցող որակաւոր պատկերները գունաւորումի աւելի լաւ արդիւնք կու տան քան գունաթափ նկարները։

Անճշգրտութեան ուրիշ պատճառ մըն ալ ծրագիրին մարզուելուն հետ կապ ունի։  Կրնայ ըլլալ որ ծրագիրը որոշ կողմնակալութիւն ցոյց տայ որոշ մարդոց, առարկաներու կամ վայրերու առընչութեամբ, այս ալ ըստ մարզումի փուլին իր ամբարած տուեալներուն հիմամբ։

Ասով հանդերձ, տեւապէս բարելաւուող ծրագիրներով, մեր ժողովուրդի պատմութիւնը աւելի յստակօրէն ներկայացնելու կարելիութիւնը մեծ է։

Յուշամատեանի նշանաբանը «Օսմանեան հայերու բնաշխարհը վերականգնելու ծրագիր»ն է։ Այս իմաստով, կը կարծենք որ լուսանկարներ գունաւորելու փորձը բառին իսկական իմաստով կը համապատասխանէ Օսմանեան ժամանակաշրջանի մեր պատմութեան գոյն ու կենդանութիւն պարգեւելու քայլին։

Փորձէ DeOldifyը անձնական լուսանկարներուդ համար

Համացանցի եւ Ազատ Օգտագործուող (Open Source) ծրագիրներու առաւելութիւնը անոնց բոլորին մատչելիութիւնն է։

Եթէ կ՚ուզես գունաւորել քու անձնական լուսանկարներդ, MyHeritage կայքին մէջ կրնաս գտնել DeOldify-ի վերջին տարբերակը, որ կ՚արտօնէ մինչեւ 10 լուսանկար ձրիաբար գունաւորել (եբր կը ստեղծես MyHeritage կայքի հաշիւ մը)։

Անոնք որոնք աւելի արդի համակարգիչ ունին, կրնան գործածել GitHubի վրայ գտնուող DeOldifyի ձրի տարբերակը եւ գունաւորել անսահման չափի լուսանկարներ։ Կրնաս գործածել “stable” տարբերակը ներդաշնակ գոյներ ստանալու համար կամ “artistic” տարբերակը աւելի գունաւոր արդիւնքներու համար։ Գոյութիւն ունի նոյնիսկ տեսաերիզներ գունաւոելու colorizing video կարելիութիւնը։

1) Սիվազ/Սեբաստիոյ հայկական վարժարանին շրջանաւարտները 1912-ի շուրջ։ Պատկերին մէջ պէտք է ըլլայ Հրատ Շահապեանը (Աղբիւր՝ Գասապաշ/Կէթուր հաւաքածոյ, Սաութֆիլտ, Միշիկըն)։

2) Իւրայատուկ լուսանկար մը։ Երաժշտական գործիքներու, գիրքերու եւ թերթերու ներկայութիւնը ենթադրել կու տայ, որ լուսանկարիչն ու լուսանկարուողները արուեստի եւ մտաւորական կեանքի գունաւորումով պատկեր մը փափաքած են ստանալ։ Ուր նկարուած ըլլալը յայտնի չէ. կ’ենթադրենք որ Սիվաս/Սեբաստիա կամ Մարզուան/Մերզիֆոնի մէջ է, 1908-էն ետք։ Միհրան Թումաճանը աջէն երկրորդն է, ճերմակ շապիկով, եւ ձեռքին կարծես թէ լրագիր կայ։ Ճիշդ կեդրոնը նստած երիտասարդին ոտքերուն քով կ’երեւի Հ.Յ.Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի մէկ թիւը՝ շապիկին ֆետայի Սեւքարեցի Սագոյին լուսանկարով (Աղբիւր՝ Թիմուրեան հաւաքածոյ, Միացեալ Նահանգներ)։

Հեղինակին մասին

Ազատ Պալապանեան շարժանկարիչ եւ photogrammetryի արուեստագէտ է՝ մասնագիտացած՝ 3D Scanningի եւ Virtual Realityի մէջ։

Անոր գործերը լոյս տեսած են DJIի, Oculus Mediumի եւ Institute of the Futureի կայքերուն մէջ։ Անոր ստեղծագործութիւնները նոր ուղղութիւններ տուած են այս ոլորտին։

Ազատի գործերը կը կեդրոնանան 3D քարտէսներու արուեստին վրայ, որ կը կոչուի Photogrammetry։ Այս ճամբով կարելի է իրապաշտօրէն վերականգնել (3D) աշխարհի վրայ որեւէ վայր։ Անոր սէրը օդային շարժանկարչութեան հանդէպ զայն տարած է մինչեւ Իսլանտա եւ Հայաստան։ Ան արտադրած է կարճ ֆիլմեր եւ վաւերագրած է պատմական կառոյցներ։

Ազատ Realities.io ընկերութեան Photogrammetryի տնօրէնը եւ Research VR Podcastի հաղորդավարն է։ Այս յայտագիրին մէջ կը ներկայացուին իր մասնագիտութիւններուն առնչուող յատուկ հաղորդումներ։