Պետրոս Ալահայտոյեան հծոյ 1 | Սեբաստիա

Այս էջով ներկայացուած բոլոր երգերն ու պարեղանակները հաւաքուած եւ ձայնագրուած են երաժշտագէտ-երգահաւաք Պետրոս Ալահայտոյեանի կողմէ։

1980-ականներէն սկսեալ ան շրջած է տարբեր երկիրներու հայաշատ քաղաքները, հանդիպումներ ունեցած է Ցեղասպանութեան վերապրած հայերու հետ եւ անոնցմէ հաւաքած՝ իրենց հայրենի քաղաքներէն եւ գիւղերէն ժառանգ մնացած երգեր եւ յուշեր։

Այս էջերուն խմբագրութիւնը եւ երգերուն նօթագրութիւնն ու թուայնացումը գործն է Դոկտ. Ծովիկ Մարգարեանի։

Սեբաստիոյ հայոց Ս. Աստուածածին Մայր եկեղեցին եւ հայկական թաղամասը (Աղբիւր՝ Նուպարեան գրադարանի հաւաքածոյ, Փարիզ)

Երգասաց Տիկին Մուշկին Մարգարեան ծնած է Սեբաստիա/Սիվաս։ Ան այս երգերը սորված է Սեբաստիոյ մէջ իր մեծ քրոջմէն, որը Ցեղասպանութեան տարիներուն զոհ գացած է տարագրութեան ճամբուն վրայ։

Մարգարեան կը պատմէ թէ ինք արձանագրած է այս երգերը 1974 թուին, եւ երբ լսած է հայկական ձայնասփիւռի կայանէն թէ Պետրոս Ալահայտոյեան հարաւային Քալիֆորնիա ժամանած է երգեցիկ ծերերու փնտռտուքի գործով՝ ան հանդիպում ունեցած է Ալահայտոյեանին հետ 1986–ին, Ֆրէզնոյի հայկական ծերանոցին մէջ, եւ այդ առիթով Ալահայտոյեանին հրաւիրած է օրինակ մը վերցնել սոյն ձայնագրութենէն։

  1. 1- Պզտիկ տղայ մըն էի, զինուոր կը տանին
  2. 2- Հայ աղջիկ
  3. 3- Կռունկ
  4. 4- 1914 թուին...
  5. 5- Բանճար քաղիմ ձեր արտէն
  6. 6- Ազնիւն ու Խաչիկը
  7. 7- Քէօփրիւնիւն քէօփրիւնիւն
  8. 8- Մուրատատուր Սուրբ Կարապետ

1. Պզտիկ տղայ մըն էի, զինուոր կը տանին

Սեբաստացի խումբ մը արհեստաւորներ Անապատ վանքին բակին մէջ խրախճանքի պահուն. երաժիշտներ նոյնպէս ներկայ են այս հաւաքոյթին։ Առաջին շարք, ծալապատիկ նստածներ, ձախէն աջ՝ Քէմանճի Տրդատ (ձեռքին ջութակ), քանոն նուագողին անունը անծանօթ, կրանաթճի Յովսէփ (ձեռքին քլարինէթ, թրքերէնով կըրնաթան քլարինէթի հոմանիշ է)։ Մէջտեղի շարք, աթոռի վրայ նստածներ, ձախէն աջ՝ Ղամսըզենց Խաչիկ, դարբին Յարութ, Չատրճեան (յայտնի սանթուր նուագող, արհեստով թիթեղագործ), գոմիսէր Արամ էֆենտի (զինուորական տարազով եւ ֆէսով), հինգերորդ անձին ինքնութիւնը անյայտ, Զէմբերենց Յարութ, Չըյըխճի Ոսկեան (ձեռքին սազ)։ Երրորդ շարք, ոտքի. լուսանկարին բացատրութեան մէջ կան միայն որոշ անձերու անունները, միաժամանակ անհասկնալի է թէ անոնք ինչ կարգով կանգնած են։ Ծանօթ անուններն են՝ Յովհաննէս, Գառնիկ Չատրճեան (թմբկահար), Արամ Չատրճեան (սանթուր նուագող), Չամսըզենց Յովհաննէս (Աղբիւր՝ Առաքել Պատրիկ, Պատմագիրք յուշամատեան Սեբաստիոյ եւ գաւառի հայութեան, Բ. հատոր, Նիւ Ճըրզի, տպ. «Րօզգիր», 1983)

[Translate to Armenisch:] <link file:7283 download internal link in current>

Պզտիկ տղայ մըն էի, զինուոր կը տանին
Զէնք բռնել չիմ գիտեր, ապտակ կը զարնեն

Կ՜երթամ, կ՜երթամ, զինուորիկ իմ կ՜երթամ

Մօրս մէկ հատիկն էի, անունս էր Անդրանիկ
Աստուծմէ խնդրեցի, փափաքս չ՜առի

Կ՜երթամ, կ՜երթամ, զինուորիկ իմ կ՜երթամ

Նստայ երկաթուղի, Թիֆլիս գնացի
Երեք տարի հոնտեղ զինուոր մնացի

Կ՜երթամ, կ՜երթամ, զինուորիկ իմ կ՜երթամ

Երեւայի ճամբան օլէր մօլէր է
Իմ սիրած Հայկանս շատ գեղեցիկ է

Կ՜երթամ, կ՜երթամ, զինուորիկ իմ կ՜երթամ

Աղջի Հայկօ Հայկօ, կուրծքդ մի բանար
Մալաթ ու սալթա է, ես չիմ դիմանար

Կ՜երթամ, կ՜երթամ, զինուորիկ իմ կ՜երթամ

Մայրիկ ես կ՜երթամ կուր, դու կեցիր բարով
Վրաս ալ ծածկեցէք կակուղ հողերով
Գերեզմանս ալ զարդարեցէք գոյնզգոյն ծաղիկով

Կ՜երթամ, կ՜երթամ, զինուորիկ իմ կ՜երթամ

Գնացի եկեղեցի, մոմեր վառեցի
Լացի եւ ողբացի, Աստուծոյ աղաչեցի

Կ՜երթամ, կ՜երթամ, զինուորիկ իմ կ՜երթամ

2. Հայ աղջիկ

Սեբաստիա. հայուհիներ իրենց հարսանեկան տարազով (Աղբիւր՝ Գեղունի, Ա. տարի, թիւ 3, 1 Ապրիլ 1902, Մխիթարեան տպարան, Վենետիկ)

[Translate to Armenisch:] <link file:7285>

Հայ աղջիկ էր նստեր էր
Աղբիւրին քարին վրայ ի
Մազերն ալ թափուեր էր
Գետինի վրայ ի

Հայ աղջիկ, հայ աղջիկ
Սիրունիկ աղջիկ
Ամբողջ մեր գիւղին մէջ
Մէկ հատիկ հայ աղջիկ

Առաջի տեսնալուս
Ես քեզի սիրահարուեցայ ի
Շատ ջանքեր թափեցի
Բայց չի յաջողեցայ ի

Ախ տղայ, տղայ
Դուն խեղճ թուրքի տղայ ի
Կը խնդրիմ քեզի
Դու մոռցի ինծի

Հայ եմ ծներ ես
Հայ պիտի մեռնիմ
Հայ ազգիս պատիւն ալ
Ես պիտի պահիմ

Աղջիկ թուրքի տղայ չեմ ես
Սուրիացի եմ
Կը խնդրիմ քեզի
Դուն մի մերժեր ինծի

Աղջի գիշերներն ալ քուն չունիմ
Պառկիմ քնանամ
Շատ սիրահարուեր իմ
Ես քեզի ինչպէս մոռանամ

Տաւար կէթէլ [կթել] կուգաս մէյ
Նարին կը քալէ
Քեզ սիրող հովիւին
Սիրտն ալ կը վառես

Աղջիկ դուն ալ հարսուզ մարսուզ   
Ղարիպ ինծի պէս
Ես ալ արսուզ մարսուզ
Ղարիպ քեզի պէս

Մի ՜նէր մի լար աղջիկ
Մոռցիր հայ ըլլալդ
Եկուր ամուսնանանք
Ըլլանք երջանիկ

Մ՛ախթարատար ա
Դուն սուրիացի տղայ ի
Կը խնդրիմ քեզի
Դուն մոռցիր ինծի

Հայ եմ ծներ ես
Հայ պիտի մեռնիմ
Հայ ազգիս պատիւն ալ
Ես պիտի պահիմ

3. Կռունկ

Սեբաստիա, 1913. ամերիկեան վարժարանի հայ աշակերտներուն նուագախումբը, որ ղեկավարուած էր նոյն վարժարանի ուսուցիչներէն Նշան Պեխեանի կողմէ (Աղբիւր՝ Առաքել Պատրիկ, Պատմագիրք յուշամատեան Սեբաստիոյ եւ գաւառի հայութեան, Բ. հատոր, Նիւ Ճըրզի, տպ. «Րօզգիր», 1983)

Կռունկ, ուսկի կու գաս
Ծառայ իմ ձայնէն
Ախ, կռունկ մեր աշխարհէն
Խապրիկ մը չունի՞ս

Թողել իմ ու եկեր
Մարգեր սուվաքիս
Նախքան ի որ ախ քնիմ
Կը քաշուի հոգիս

Կռունկ ցածաց կ՜երթաս
Բարձր կ՜երեւնաս
Կ՜երթաս մեր երկիրը
Խապրիկ մը չես տար

Կռունկ Աստուած սիրես
Հետադարձ ընես
Երթաս մեր երկիրէն
Խապրիկ մը բերես

Կռունկ երանի քեզի
Դուն ալ կը թռչիս
Կ՜երթաս կը տեսնաս
Մեր սիրելի երկիրը ի

4. 1914-ին

Երգը կը վերաբերի 1915-ին ծայր առած հայոց Ցեղասպանութեան։ Նկարագրուած պատկերները կը վերաբերին զանգուածային քանդումներու, ձերբակալութիւններու, աքսորի ճամբաներու եւ ջարդերու։ Հաւանական է որ ողբերգի ձեւին տակ Մուշկին Մարգարեան հոս անձնական վկայութիւններ կու տայ ցեղասպանական իր փորձառութեան մասին եւ այստեղ նկարագրուողը իր սեփական ընտանիքին տեղահանութիւնն է։

Սեբաստիա. Գլթեան ընտանիքը։ Նստած՝ Յակոբ Գլթեան, անոր աջին՝ կինը՝ Թագուհի Գլթեան։ Մնացեալները իրենց զաւակներն՝ Պայծառ, Շնորհիկ եւ Տիրուհի (Աղբիւր՝ Արուսեակ Մկրտիչեան հաւաքածոյ, Պոլիս)

[Translate to Armenisch:] <link file:7289>


Հազար ինը հարիւր
Տասնըչորս թուին
Ախ, քոռնար երկու աչքը
Ան գազան թուրքին

Վառեց մեր պալատի պէս
Նոր շինած տուները
Ախ նետեց մեզի թափառական
Փողոցները ի

Մայիս ամսուն տասնըհինգին
Սալերը (բարձանք) տարին մեզի
Սուրբ Կարապետ ուխտատեղին

Շարեցին մեզի ջուրին եզերքը
Զէնքերնին ալ բռնեցին
Մեր սրտերուն վրայ ի

Պոռացին եւ ըսին կեաւուրներ
Ըսէք ձեր հերոսներուն տեղը ի
Չէ նէ պիտի նետինք ձեզի
Այս ջուրին մէջը ի

Լացին ախ եղբայր, մայրեր եւ քոյրեր
Ըսին չենք գիտեր մենք մեր
Հերոսներուն տեղը ի

Երանի թէ նետած ըլլային
Այդ ջուրին մէջը այդ ժամանակին
Բայց չի նետեցին գաղթեցին
Թափեցին Մուրատու գետը ի

Գիշեր ու ցորեկ ճամբայ քալեցանք
Լեռնէ ի լեռներ մենք տառապեցանք
Ուտելու հաց խմելու ջուր ալ չգտանք
Որդնոտած կոլերուն ջուրերն ան խմեցանք

Երբ որ ելանք հասանք
Բարձր լերան մը թէփէն
Գազան քուրտը հիրեց տէրն ու կով
Գնտոլեց մեր էշին թարվար

Ունիմնիս չունիմնիս մնացած էր
Այն խեղճ հայվանին վրայ ի
Ախ ան ալ գնտոլեցին
Հէչ բան չի թողուցին

Երբ որ եկանք հասանք
Մուրատ գետի եզերքը ի
Գազան քուրտը բռնեց մազերէս
Եւ ինծի փախցուց

Լացի եւ գոռացի
Իմ մայրիկիս
Գայ ազատէ ինծի ան
Գազանին ձեռքէն

Իմ քաջ մայրիկս նետեց
Սիթիլով ջուրը
Անոր քթին բեռնին
Եւ ազատեց իմ կեանքս
Ան գազանին ձեռքէն

(.................) համբերութեամբ
Սկսան ձեռս առնել նաւուն մէջ
Ամէն չարութեամբ

Լացինք ողբացինք Աստուած կանչեցինք
Աստուած ալ չ՜օգնեց մեզի
Թափեցին Մուրատու գետը ի

Ահա եկանք հասանք ձիմեռուան պաղուն                    
Ախ չի թողին հագուստներ եւ ոչ անկողին
Ուտելու հաց ալ խմելու ջուր չի թողին
Անօթի ու ծարաւ մեռան մեր սիրելիները ի

Դիակներ լեցուցին մէկ մէկու վրայ
Ախ թաղողներ ալ չկային
Շուները կերան

5. Բանճար քաղիմ ձեր դաշտէն

Սեբաստիա քաղաքէն տեսարան մը (Աղբիւր՝ Մխիթարեան միաբանութիւն, Սուրբ Ղազար, Վենետիկ)

Բանճար քաղել գնացինք
Երջանիկ ժամանակ մը անցուցինք
Նշանածնիս ալ տեսանք
Ուրախ զուարթ տուն էկանք

Բանճար քաղիմ ձեր արտէն
Ես կը մեռնիմ  քու դարդէն
Սեւտա տուիր գնացիր
Ախ ինծի անբախտ թողուցիր

Չորուն ղրաք նարտ ունինք
Ես սիրունիկ եար ունիմ
Եարս ալ գնաց ալ չեկաւ
Աս ինչ բան է որ եղաւ

6. Ազնիւն ու Խաչիկը

Սեբաստիա, 1909, Տիգրանուհի եւ Միհրան Շահինեան, հարսանեկան պատկեր։ Լուսանկարիչ՝ Էնքապապեան եղբայրք (Աղբիւր՝ Աւօ Ղազալի հաւաքածոյ, Միացեալ Նահանգներ)

(ժամուն ախպըրները)
(ֆօր ֆօդ)  կը նետին
Ազնիւին ալ սիրտը
Վեր-վեր կը նետէ ի

Ազնիւ եավաշ քալէ ի
Փապուճդ ալ կ՜ելլէ
Քեզ սիրող Խաչիկն ալ
Դէմդ ալ կ՜ելլէ ի

Էրթիք որ կ՜ելլեսնէ ի
Նարին կը քալես
Քեզ սիրող Խաչիկին
Սիրտն ալ կը վառես

Ազնիւ Ազնիւ կ՜ըսիմ
Սիրտս ալ կը վառի
Ղուրպա կրակ լցիր
Ներսս կը վառի

Մէջքդ է բարակ պոյիդ
Սեւ լը տալի պէս
Դուն ալ ես գեղեցիկ
Հրեշտակի պէս

Սեւ տալը սիրեցի
Չ՜առի մուրատս
Ախ սեւ սաման աստատաս
Տանի նազլու եար

7. Քէօփրիւնիւն ալթը տիքէն [Թրքերէն՝ Կամուրջին տակը փուշ է]

Սեբաստիոյ Արամեան վարժարանի նուագախումբը, որ հիմնուած է 1913-ին։ Աթոռի վրայ նստած, կեդրոնը, փողկապով եւ ոտքը ոտքին դրած՝ Միհրան Իսպիրեան (վարժարանին տնօրէնը)։ Նուագախումբին ղեկավարն էր Հ. Գորճեան, որ հաւանաբար Իսպիրեանի աջին նստող անձն է (Աղբիւր՝ Առաքել Պատրիկ, Պատմագիրք յուշամատեան Սեբաստիոյ եւ գաւառի հայութեան, Ա. հատոր, Պէյրութ, տպ. «Մշակ», 1974)

Քէօփրիւնիւն քէօփրիւնիւն
ալթը տիքէն
եախտըն պէնի եախտըն
պէնի կիւլ իքէն

ալլահ տա ալլահ տա
սէնի եաքսըն
ախ իւչ կիւնլիւկ իւչ կիւնլիւկ կէլին իքէն
իւչ կիւնլիւկ իւչ կիւնլիւկ կէլին իքէն

պաղ ըտըմ պաղ ըտըմ
պօստան օլտում
պաղըրտըմ պաղըրտըմ
սէստէն օլտում
պաղըրտըմ պաղըրտըմ
սէստէն օլտում

պիլմէ ֆէսսիւզ պիլմէ
ֆէսսիւզ եար իւչիւն
ախ աղլատըմ աղլատըմ
կէօզլէրտէն օլտում

պուչախ քօյտու պուչախ
քօյտու եանըմա
Ուչու կիրտի ուչու
կիրտի ճանըմա ի
Ուչու կիրտի ուչու
կիրտի ճանըմա ի

հէկէր սանա հէկէր
սանա կիւվէնմիյօրտում իսէ ի
ախ նէչիւն կիրտին նէչիւն
կիրտին պէնիմ քանըմա ի
նէչիւն կիրտին նէչիւն
կիրտին պէնիմ քանըմա ի

սու կէլիր սու կէլիր
մէտիմ մէտիմ
ախ քիմ պիւլիւր քիմ պիւլիւր
պէնիմ տէրտլէրիմ
ախ քիմ պիւլիւր քիմ պիւլիւր
պէնիմ տէրտլէրիմ

տաղլարտա միրէքէպ
տաղլար միրէքէպ օլսա
եազամաս եազամաս
պէնիմ տէրտլէրիմ
եազամաս եազամաս
պէնիմ տէրտլէրիմ

քէպէպ էտտիմ քէպէպ
էտտիմ  եէյէն եօխ
ախ տէրտին նէտիւր տէրտին
նէտիւր տէյէն եօխ
ախ տէրտին նէտիւր տէրտին
նէտիւր տէյէն եօխ

պու չէքիլմէզ պու
չէքիլմէզ տէրտլէրի
եօխ պէնտէն պաշխա պէնտէն
պաշխա կէօրէն եօխ
պէնտէն պաշխա պէնտէն
պաշխա կէօրէն եօխ

տէնկիզ տիպինտէ տէնկիզ
տիպինտէ քիւրէկ
ախ կէնէ ախ էտտի կէնէ
ախ էտտի եիւրէկ ի

հէր ճէֆաեա հէր ճէֆաեա տաեանտըն
պունա տա տաեան պունա տա
տաեան իւրէյիմ
պունա տա տաեան պունա տա
տաեան իւրէյիմ

8. Մուրատատուր Սուրբ Կարապետ

Յայտնի չէ թէ այս երգը Սուրբ Կարապետ անունը կրող ո՞ր ուխտատեղիին նուիրուած է։ Այս անունը կրող երկու նշանաւոր վանքեր եղած են, որոնք միաժամանակ յայտնի ուխտատեղիներ էին. Մուշի Սուրբ Կարապետի եւ Կեսարիոյ Սուրբ Կարապետի վանքերը։

Սեբաստիա. Ս. Աստուածածին տաճարը (Աղբիւր՝ Մխիթարեան միաբանութիւն, Սուրբ Ղազար, Վենետիկ)

Սուրբ Կարապետ եմ գնացել
Պառկեր եմ իմ տան մնացել
Մոռացայ էլ չիմ իմացել
Մուրատատուր Սուրբ Կարապետ

Սուրբ Կարապետ բարձր տեղ էր
Քովն էլ լիքը ջաղ ու ճիւղ էր
Ամէն պտուղ դարդի դեղ էր
Մուրատատուր Սուրբ Կարապետ

Սուրբ Կարապետ խորան խորան
Մէջ կայ լիքը Աւետարան
Եկէք կարդանք մէյ-մէկ բերան
Մուրատատուր Սուրբ Կարապետ

(..............................)
Ջուրը վազէ տարբեր (........)
(Խանտրու մերը )
Ջուրը վազէ տարբեր է (.............)