Հեթումի սրճարանը, Պիթիաս, 15 Սեպտեմբեր 1931 (Աղբիւր՝ Վահրամ Շէմմասեանի հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս)։

Մուսա Լեռ - Մշակութային կեանք

Հեղինակ՝ Վահրամ Շէմմասեան, 19/02/20 (վերջին փոփոխութիւն՝ 19/02/20), թարգմանութիւն՝ Վարուժ Թէնպէլեան

Մուսա Լեռան մէջ տիրող ընկերատնտեսական դժուարութիւնները, որոնք թէեւ պատճառ դարձած էին ժողովուրդին աղքատութեան, սակայն անոնք չէին յաջողած ճնշելու անոնց մշակութային ցանկութիւնները: Հակառակ անոնց ունեցած սահմանափակ միջոցներուն և կրթութեան, անոնք ճիգ չէին խնայեր տարբեր միջոցներով արտայայտելու իրենց գեղարուեստական եւ մտաւոր ներուժը: Անոնք կը հիմնէին գրադարաններ, կ'ընթերցէին գիրքեր, կը պատմէին պատմութիւններ, կ'արտադրէին թատերախաղեր, կը տպէին ու կը բաժանորդագրուէին պարբերականներու, կու տային եւ կամ կը մասնակցէին դասախօսութիւններու եւ կը կազմակերպէին ամէն տեսակի մշակութային ձեռնարկներ: Մուսա լեռցիները հարուստ էին տաղանդներով եւ ստեղծագործական ներշնչումներով ու զանոնք սրամտօրէն կը դրսեւորէին մշակութային եւ համայնքային արտայայտութիւններու ամբողջական տեսականիով: Այս ընդհանուր շարժման մէջ մեծ դեր կ'ունենային կամաւոր գործող միութիւնները: Այս զարգացումներուն բերումով, կազմակերպողը եւ հանդիսատեսը կը գտնէին ու կը վայելէին նաեւ կեանքի աւելի հաճելի երեւոյթներ՝ հակառակ յամեցող դժուար պայմաններուն: Ժողովրդական երաժշտութիւնը, երգերն ու պարերը, թէեւ կարեւոր են ազգագրական տեսակէտէ, սակայն անոնք դուրս կը մնան այս յօդուածին շրջագիծէն, որ կ'ընդգրկէ երկու Համաշխարհային պատերազմներուն (1919-1939) միջեւ ինկած ժամանակահատուածը:

Գրադարաններ, ընթերցանութիւն, հեքիաթասացութիւն

Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները, մասնաւորաբար՝ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնը (ՍԴՀԿ) և Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ), երկակի նպատակով հետամուտ կ'ըլլային Մուսա Լեռան մէջ ընթերցասիրութեան տարածման՝ նախ դաստիարակելու իրենց անդամները և ապա ընդհանուր առմամբ լուսաւորելու հանրութիւնը: Հոկտեմբեր 1920-ի սկիզբը, ֆրանսական բանակի Արեւելեան Լէգէոնի (Légion d’Orient) կամաւոր եւ ՍԴՀԿ-ի գործունեայ անդամներէն Յաբէթ Իսկենտէրեանը Կիլիկիայէն իր հայրենի Հաճի Հապիպլի գիւղը վերադառնալով՝ ապարդիւն կը փորձէ վերականգնել իր կուսակցութեան գրադարանին գիրքերը, որոնք ինք եւ իր զինակիցներէն մէկը պահած էին քարայրի մը մէջ, 1915-ին: Քանի մը ցիրուցան թերթիկներու վրայ պատահաբար կոխելէ ետք միայն, ան կը յաջողի յայտնաբերել գիրքերը, որոնց մէկ մասը չվերանորոգուելու չափ փճացած էր: Անվնաս գտնուածներուն մէջ կային «Երիտասարդ Թուրքիա», «Կարիպալտի», «Մենք եւ անոնք», «Աշխատաւորական դասակարգը» խորագրեալ և այլ գիրքեր: [1] Այս փոքր հաւաքածոն կը կազմէր Հաճի Հապիպլիի մէջ գտնուող ՍԴՀԿ-ի գրադարանը, որ Պանդուխտ կը կոչուէր: Անոր հարստացման համար՝ գիրքերու, թերթերու եւ նկարներու հաւաք կը կազմակերպուի կուսակցութեան Հալէպի ներկայացուցիչին ճամբով: [2] ՍԴՀԿ-ի համեստ գրադարան մը գոյություն ունէր նաեւ Վագըֆի մէջ: [3]

1921-22ին, ղեկավար անդամներ Սեդրակ եւ Կարապետ Իսկենտէրեաններու սպանութեան, ինչպէս նաև հետագային գիւղը մնացած անոնց երեք եղբայրներուն վտարումին պատճառով, ՍԴՀԿ նահանջ կ'արձանագրէ Հաճի Հապիպլիի մէջ եւ կը սկսի տարածուիլ Եողունոլուքի մէջ: Այս տեղաշարժը նաեւ կը ստիպէր Պանդուխտը տեղափոխել հոն իբրեւ կուսակցութեան կեդրոնական գրադարանը: Գրադարանին ղեկավարութիւնը կը վստահուէր վարչութեան մը, որ 1925-ին կը բաղկանար ինը անդամներէ, ընտրուած՝ կուսակցութեան Չորրորդ Շրջանային Ներկայացուցչական Ընդհանուր ժողովին կողմէ: [4] Վեցերորդ ժողովին, գումարուած 1930 Սեպտեմբերին, պատգամաւորները կը խոստանան իրենց անձնական գիրքերու ժողովածուն նուիրել գրադարանին: [5] Հակառակ այս միջոցառումներուն, գրադարանը չի զարգանար եւ որոշ ժամանակ մը նոյնիսկ կը մատնուի անդամալուծութեան: Հետեւաբար, 1932 Դեկտեմբերին՝ եօթներորդ Շրջանային ժողովը կ'որոշէ արագացնել գրադարանին վերակազմաւորումը: Այս մէկը կարելի դարձնելու համար, երկու կուսակցականներու պարտականութիւն կը տրուի գիրքեր հաւաքելու անհատներէ եւ զանոնք դնելու կուսակցութեան Ներկայացուցչական Մարմնի տրամադրութեան տակ: [6] Ամիս մը ետք, 1933 Յունուարին, այդ մարմինը ինքը յանձն կ'առնէ շրջիլ տարբեր գիւղեր եւ անհատ կուսակցականներէ հաւաքել գիրքեր եւ զանոնք մէկդի դնել շտեմարանի մը մէջ, որ տակաւին չէր կառուցուած: [7] Յաւելեալ տուեալներու բացակայութեան պատճառով, դժուար է ըսել, եթէ անկէ ետք Պանտուխդը դարձած է աւելի գործօն:

Իր կարգին, ՀՅԴ-ն կեդրոնական գրադարան մը կը ստեղծէր Եողունոլուքի մէջ: 28 Փետրուար 1920-ին արդէն, կուսակցութիւնը կ'որոշէր Մուսա Լեռ գաւառակին համար հիմնել գրադարան մը, որուն «դռները բաց պիտի ըլլային երկսեռ հայրենակիցներու առջեւ, այնպէս որ ամբողջ գիրք սիրող հասարակութիւնը պիտի շահէր»: [8] Առկայ յիսունէն վաթսուն հատոր գիրքի կորիզը մեծցնելու նպատակով, կը ձեռնարկուէր նուիրատւութիւններու արշաւի մը կուսակցութեան արտասահմանեան կառոյցներուն մօտ:  ՀՅԴ Եգիպտոսի կառոյցը կ'ուղարկէր շուրջ 400 գիրք, իսկ Միացեալ Նահանգներու արեւելեան շրջանը՝ նուազ թիւով, եւ առ այդ, Եողունօլուքի գրադարանի գիրքերուն թիւը կ'անցնէր 500-ի սահմանը: Տեղական, Մուսա Լեռան մէջ ծախուած վիճակահանութենէ մը գոյացած 5 օսմանեան ոսկին նաեւ կ'օգտագործուէր նոյն նպատակին համար: [9] Այս «փառահեղօրէն յարդարուած» գրադարանին կողքին [10] կը գործէր «ընթերցասրահ» մը «Բաբգէն Սիւնի»ի (Պետրոս Փարեան) անունով՝ [11] ՀՅԴ երիտասարդ ղեկավարը, որ 1896-ին կը սպաննուէր, երբ կը փորձէր գրաւել Պոլսոյ օսմանեան դրամատունը` Պանք Օթոմանը, մեծ տէրութիւններու ուշադրութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող հայերու ծանր վիճակին վրայ սեւեռելու նպատակով: [12] Իր 1932-33 տարիներու գործունէութեան տեղեկագրին մէջ, ՀՅԴ Սուրիոյ եւ Լիբանանի ղեկավարութիւնը կը նշէր Եողունոլուքի կեդոնական գրադարանը իբրեւ ամէնէն կարեւորներէն մէկը՝ Հալէպի, Պէյրութի, Դամասկոսի եւ Քեսապի գրադարաններուն կողքին: [13] 1921-ին, Խըտըր Պէկի մէջ կը գործէր նաեւ մեզի անծանօթ չափի ՀՅԴ գրադարան մը: [14]

Քաղաքական միջավայրէն դուրս, Պիթիասի բողոքականները կը ստեղծէին իրենց սեփական գրադարանը՝ մասամբ շնորհիւ Հալէպի «Քրիստոնէական ՋԱՆԻՑ Ընկերակցութեան»՝  «Քրիստոնէական Երիտասարդական ՋԱՆԻՑ Ընկերութեան Պիթիասի գրադարան»ին նուիրած շարք մը գիրքերուն: Միւս կողմէ, հակառակ անոր որ ՀԲԸՄ-ի մասնաճիւղերը չունէին իրենց առանձին գրադարանները կամ կեդրոնական գրադարան մը, սակայն Միութեան Գահիրէի կեդրոնը կանոնաւորապէս պաշտօնական հրապարակումներ կ'ուղարկէր Մուսա Լեռ: Անոնք կ'ընդգրկէին պատի օրացոյցեր, իբրեւ «ՀԲԸՄ-ի կեանքին եւ գործունէութեան նուիրուած խորհրդանշական պատկերազարդ արտայայտութիւն»՝ օգտագործուելու նաեւ որպէս «քարոզչութեան միջոց»: [16] Նոյնպէս, 1925-ին, Գահիրէ նուիրատւութիւններու եւ կտակներու վերաբերեալ բացատրական գրքոյկէ մը քսան օրինակ կ'ուղարկէ: Գրքոյկը ձրիաբար պիտի բաժնուէր ՀԲԸՄ-ի Հաճի Հապիպլիի անդամներուն: [17] Վերջապէս, ոչ նուազ կարեւոր, Վագըֆի և Հաճի Հապիպլիի մասնաճիւղերը, իւրաքանչիւրը կը ստանար հինգական օրինակ Վահան Քիւրքճեանի ՀԲԸՄիութեան Քսանամեակին նուիրուած հատորներէն (1906-1926), որոնք պիտի նուիրուէին անդամներու եւ համակիրներու: [18]

Բացի կազմակերպութիւններու գրադարաններէն եւ ՀԲԸՄ-ի հրապարակումներէն, որոշ անհատներ նաեւ ունէին անձնական հաւաքածոներ: Վարդան քհնյ. Վարդերէսեանը՝ Հաճի Հապիպլիէն, կը նկատուէր ամէնէն գործունեայ գրասէր անձը Մուսա Լեռան տարածքին: 1915-ին, ցեղասպանութիւնը դիմակալելու համար մղուած ինքնապաշտպանութեան կռիւներու նախօրէին, ան ապահով վայրի մէջ կը պահէր հինգ տուփ գիրք, իբրեւ «ազնուական գանձ»՝ աղէտի աւարտէն ետք զայն վերականգնելու նպատակով: 24 Հոկտեմբեր 1919-ին, Փոր Սայիտի գաղթականներու ճամբարէն  հայրենադարձութեան առիթով, ան իր հետ կը տանէր քսան տուփ անձնական իրեր. անոնց տասնը գիրքեր կը պարունակէին: [19] Նմանապէս, Միհրան Տմեանեանը՝ Եողունոլուքէն, կը հպարտանար իր «հարուստ գրադարանով», որ բաղկացած էր  հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն և արաբերէն (կամ օսմաներէն թրքերէն՝ արաբատառ գրութեամբ) բազմաթիւ գիրքերէ, որոնք զետեղուած էին պատէն կախուած դարակներու վրայ: [20] Միւս կողմէ, Մարթա Շերպէթճեան Շէմմասեանը՝ Պիթիասէն, որ պաշտօնապէս մինչեւ նախակրթարանի երկրորդ դասարան յաճախած էր միայն, գիրքեր կ'ապսպրէր Հալէպէն: Անոնք կ'ընդգրկէին «Հացագործ կինը» (La Porteuse de pain), «Թշուառները» (Les Misérables) , «Լէյտի Իզապէլ», «Գանձերու կղզին» (Treasure Island) և այլ գործերու հայերէն թարգմանութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ 19-րդ դարու աւարտին եւ 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան պատահած հայկական յեղափոխութեան դրուագներ պատկերող վէպեր: [21] Շատ հաւանաբար, ուրիշներ նաեւ գիրքեր կը պահէին՝ թէեւ համեստ թիւով:

Որոշ անձեր իրենց գիրքերը կը բաժնեկցէին հարազատներու, դրացիներու եւ ընկերներու փոքր խումբերու հետ, որոնք ձմռան ուշ երեկոյեան կը հաւաքուէին տուներու մէջ՝ յաջորդական օրերու վրայ, գլուխ առ գլուխ լսելու իրենց համար կարդացուած պատմութիւնները: Ընթերցանութեան նման նիստեր, հետաքրքրասէր ունկնդիրներու համար կը ներկայացնէին հազուադէպ առիթ մը՝ ծանօթանալու  հայ եւ համաշխարհային գրականութեան` հետեւաբար ծառայելով իբրեւ անպաշտօն դպրոցներ: Օրինակ, Պիթիասի Մաղզանեան թաղամասին մէջ, երկու կամ երեք տուն պարբերաբար կարգ կ'առնէին՝ ունկնդիրներ հիւրընկալելու իրենց նստասենեակներուն մէջ տեղադրուած կրակի փոսերուն շուրջ, ինչպես նաեւ՝ անոնց հրամցնելու տնային պատրաստութեամբ քաղցրեղէն, ինչպէս՝ զիլիպիկ և խավէզ, խորոված եգիպտացորեն, սիսեռ, դդումի կուտ, Հալէպի պիստակ եւ բիվիկ (բեւեկնիի պտուղ): Ֆրանսական գրականութեան հանրածանօթ հետագայ գիրքերուն հայերէն թարգմանութիւնները կը կարդացուէին բարձրաձայն, ինչպէս՝ Վիքթոր Հիւկոյի «Թշուառները» վէպը և «Ռուի Պլաս» թատրերգութիւնը, Ալեքսանտր Տիւմայի «Կոմս Մոնթէ-Քրիսթօ»ն եւ«Երեք հրացանակիրները» վէպերը, Ժիւլ Վերնի «Ուղեւորութիւն դէպի երկրի կեդրոնը», «Երկրէն դէպի լուսին», «Աշխարհի շուրջը 80 օրուան մէջ» գործերը, եւայլն: Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթները եւ Րաֆֆիի ու Ծերենցի (Տոքթ. Յովսէփ Շիշմանեան) պատմական վէպերը մաս կը կազմէին հայկական սիրուած գիրքերու շարքին: [22]

Ալպերթա Մաղզանեանը իր յուշերուն մէջ կը գրէ կիներու մասնաւոր «գիրքերու ակումբի» մը մասին.

«Ուշ կէսօրէ ետք, յատկապէս ձմռան ամիսներուն, կեանքը գիւղին մէջ կը դանդաղէր: Մօրս «գիրքի ակումբը» կը հանդիպէր այդ խաղաղ կէսօրէ ետքերը: Քանի որ մենք հանրային գրադարան չունէինք և որովհետեւ մարդոց մեծ մասը գիրքեր չունէր՝ բացի Աստուածաշունչէն, մօրս ակումբը կը բաւարարուէր ընտրուած գիրքի մը մէկ օրինակով: Գիրքերը յաճախ կու գային հօրս փոքր հաւաքածոյէն, որ ան իր հետը բերած էր Միացեալ Նահանգներէն: Հաւաքուած կիները այդ մէկ օրինակը իրարու կը փոխանցէին և իւրաքանչիւրը բարձրաձայն կը կարդար պարբերութիւն մը, որուն կը յաջորդէր քննարկումը: Առաջին աշխարհամարտին պատճառով, մօրս կրթութիւնը առկախուած էր երկրորդ դասարանին, ուստի ան չէր սորված լաւ կարդալ, բայց ձեւով մը ան կը յաջողէր մասնակցութիւն բերել: Դպրոցէն տուն վերադառնալէ ետք, (քոյրս) Աննան եւ ես կը նստէինք անկիւն մը եւ ուշադիր մտիկ կ'ընէինք: Ամբողջ ձմեռ մը անցուցինք՝ հետեւելով Վիքթոր Հիւկոյի «Թշուառները» վէպի ընթերցումին: Գիրքերու սակաւութեան պատճառով, նման պատմութիւններ թանկարժէք կը դառնային: Երբ կիները կը խօսէին խեղճ Քոզէթին, Ժան Վալժանին եւ Ժավերին մասին, մեզի համար այդ կերպարները իրական անձնաւորութիւններու կը վերածուէին»: [23]

Կը պատահէր, որ գիրքերու տէրերը պատմէին եւ ո՛չ թէ պատմութիւնները կարդային իրենց շրջանակին: Ուշագրաւ պարագայ է հետեւեալը. Եողունոուլքէն Անանիա Չանչանեանը, որ սանտրագործ էր, աշնան իր գիրքերը կ'ապահովէր Անտիոքէն և զանոնք՝ մասնաւորաբար Րաֆֆիի ծաւալուն վէպերը, մանրամասնօրէն կը պատմէր ձմռան՝ անհամբեր սպասող իր արական ընկերներուն: Եողունոլուքի մէջ տիրող պահպանողականութեան պատճառով, իգական սեռը չէր մասնակցեր, առնուազն՝ այս մասնաւոր պարագային: Մտիկ ընող հիւրերը իրենց բաժինը կը բերէին պտուղներով, խոզկաղիններով, ծխախոտով եւ տան մէջ պատրաստուած ոգելից ըմպելիներով: Այս հիանալի երեկոները յաճախ կը տեւէին մինչև արշալոյս: «Կեանքը շատ պարզ էր, հաճելի եւ անհոգ, ձայնասփիւռ եւ պատկերասփիւռ չկային...»: Մարդիկ իրենց զուարճանքներն ու կրթութիւնը ուղղակիօրէն կը քաղէին իրարմէ: [24]

Թէեւ կարդացուած գիրքերուն մեծամասնութիւնը գրուած էր ոչ մուսալեռցի հայերու կամ ոչ-հայերու կողմէ, երկու տեղացի անձեր նաեւ ներառնուած էին ընթերցուած հեղինակներու ցանկին վրայ՝ Ա. Լէյլանին (Մովսէս Տէր Գալուստեանի գրչանունը) եւ բողոքական Վերապատուելի Տիգրան Անդրէասեանը: Ա. Լէյլանին հրապարակած էր երկու կարճ ստեղծագործութիւններ՝ «Երազանքի դաշխուրան»ը (արձակ) եւ «Սիրոյ սկիհ»ը: «Երազանքի դաշխուրան»ը կը սկսի «Իտէալին նաւը» խորագրեալ արձակ բանաստեղծութեամբ մը, որ փաստօրէն հեղինակը գրած է 8 Սեմտեմբեր 1915-ին, այսինքն՝ ցեղասպանութեան դէմ մղուած ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն ընթացքին, երբ մարտնչողները փրկելու մտադրութեամբ՝ ճիգ կը թափուէր գրաւելու Դաշնակիցներու պատկանող մարտանաւերու ուշադրութիւնը: [25] «Սիրոյ սկիհ»ը արձակ բանաստեղծութիւններու հաւաքածոյ է: Կը բովանդակէ նաեւ «Աւագ Ուրբաթի գարունը» եւ «Ողբացող ժայրը» մուսատաղեան պատմուածքները: [26]

Երկրորդ հեղինակը՝ Վերապատուելի Անդրէասեանը, որ 1915-ի հերոսամարտի օրերուն Կեդրոնական Մարմնի ատենապետ էր, Հոկտեմբերին, երբ մուսալեռցիք հազիւ էջք կատարած էին Եգիպտոս, ան Գահիրէի ամերիկեան առաքելութեան մօտ հրապարակային դասախօսութիւն մը տուած էր անոնց տառապանքին մասին: Ան հետագային իր խօսքը հրապարակած էր գրքոյկով մը՝ անգլերէն, ֆրանսերէն եւ գերմաներէն թարգմանութեամբ: Հայերէն բնագիրը խորագրուած էր «Զէյթունի անձնատւութիւնը եւ Սուէտիոյ ինքնապաշտպանութիւնը»: [27] 1935-ին, վերամշակուած տպագրութիւն մը կը յայտնուէր Հալէպի մէջ՝ «Զէյթունի տարագրութիւնը եւ Սուէտիոյ ապստամբութիւնը» խորագրեալ:[28] Այս գրքոյկը կը մնայ ամէնէն վստահելի աղբիւրը, իբրեւ ականատեսի վկայութիւն` Մուսա Լեռան ինքնապաշտպանութեան իրադարձութիւններուն վերաբերեալ: Մուսա Լեռ ծնած այլ գրողներ, ինչպէս Եդուարդ Պոյաճեան եւ Պողօս Սնապեան, տարբեր սեռերու մենագրութիւններ պիտի հրապարակէին հետագայ տասնամեակներուն: [29]

Գիրքերը վստահաբար կը բաւարարէին և յաւելեալ խթան կը հանդիսանային ընկերութեան տարբեր հատուածներուն մէջ մտաւոր և գրական հետաքրքրութեան զարգացման: Բայց, կարծէք, պատմախօսութիւնը (կամ հեքիաթասացութիւն) աւելի ընդունելութիւն գտած էր: Հեքիաթները, որոնք կը համեմուէին իւրաքանչիւր գիւղի վարպետ պատմախօսերուն կողմէ, ունկնդիրները կ'առաջնորդէին դէպի երևակայութեան հրաշալի աշխարհներ: Նոյնիսկ հովիւներն ու փայտածուխի եւ վառօդաշինութեան մէջ աշխատողները, որոնք երկար ժամանակ տունէն հեռու կը մնային, կ'առանձնանային որոշ վայրերու մէջ` այս ամէնէն գրաւիչ ժամանցէն չզրկուելու համար: Տեղացի պատմախօսներ նոյնիսկ կը մրցէին իրենց շրջիկ պաշտօնակիցներուն հետ: Իբրեւ կանոն, պատմախօսները «իրենց նիստերը կը սկսէին ասմունքելով ոտանաւորներ թիւր հաւատալիքներու և զաւեշտական ​​ անկապակցութիւններու մասին՝ ուրախացնելով ներկաները: Զաւեշտական այս ներածականը կը կոչուէր թաքարլամա և յաճախ կը կատարուէր թրքերէնով»: Հերոսները, որոնց մասին կ'ըլլային պատմութիւնները, կ'ընդգրկէին «թագաւորներ, իշխաններ, իշխանուհիներ, առևտրականներ, կարաւաններու տէրեր, գաղթական բանուորներ կամ այր ու կին շինականներ», որոնց նկարագիրը աւելի կարեւոր էր քան անոնց ընկերային կարգավիճակը կամ զբաղումը:Բարոյականութիւնը, պարկեշտութիւնը, արժանապատւութիւնը, պատիւը, համարձակութիւնը, ճնշման մերժումը, սրամտութիւնը, իմաստութիւնը, առաքինութիւնը, հմտութիւնը և այլն, բոլորը կը բնութագրէին հերոսներն ու հերոսուհիները: Այս արժէքներուն, առաքինութիւններուն եւ կամ ցանկալի յատկութիւններուն արծարծումը յաճախ հեքիաթասացութեան առիթը կը վերածէր իրական կեանքէ քաղուած իրավիճակներ քննարկող եւ մեկնաբանող համաժողովի մը՝  ինչպէս 1915-ի ցեղասպանութեան դէմ մղուած ինքնապաշտպանութեան կռիւները եւ հետագային վերապրողներու վրանաբնակեցումը Եգիպտոսի Փօր Սայիտ քաղաքին մօտ: [30]

Ամփոփելու համար, գրադարանները, գիրքերու անհատական հաւաքածոները, ընթերցանութիւնը և պատմախօսութիւնը առիթ կ'ընծայէին ընդհանուր գիտելիքներու, մշակութային և գեղարուեստական սխրանքներու, ազգայնական տրամադրութիւններու եւ բարոյական արժէքներու երաշխաւորման, ինչպէս նաեւ` կը թրծէին նկարագրային անձնական գիծեր եւայլն: Այս ձեւով, անոնք միաժամանակ կը կատարելագործէին ճանաչողական հմտութիւնները, կը բարելաւէին քննադատական մտածողութեան ունակութիւնը եւ կ'ամրացնէին մուսալեռցիներու մէկ զգալի թիւին երեւակայութիւնն ու վճռականութիւնը: Գիւղերու բնակիչները նաեւ կը բացուէին արտաքին աշխարհին՝ հետեւաբար շփուելով իրենց շրջապատէն դուրս անձերու հետ:

Թատրոն

Մուսա Լեռան հայութիւնը առանձնայատուկ գուրգուրանք կը դրսեւորէր թատերական արուեստին նկատմամբ: Ներկայացումները եւ զաւեշտները մաս կը կազմէին դպրոցական բազմաթիւ հանդէսներու, տօնակատարութիւններու եւ կամ կարեւոր տարեդարձներու: Անոնք նաև առանձնաբար կը բեմադրուէին տարբեր խումբերու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ: 

Ներկայացումները թափ կ'առնեն 1922-ին, երբ բնականոն վիճակ մը կը սկսի տիրել Մուսա Լեռան վրայ՝ անկայուն ու վտանգաւոր շրջանէ մը ետք: Այդ տարին, Հաճի Հապիպլիի Դպրոցասիրաց Միութիւնը` Սուրբ Աստուածածին առաքելական եկեղեցւոյ մէջ կը բեմադրէր ամէնէն աւելի ժողովրդականութիւն վայելող «Աւարայրի ճակատամարտը» (կամ «Աւարայրի արծիւը») ներկայացումը: ՀԲԸՄի դպրոցին տնօրէնին՝ Գրիգոր Արոյեանի հրաւէրով, Մովսէս Տէր Գալուստեան ճառ մը կ'արտասանէր այդ առիթով: [31] Վարդերէսեան քահանան կ'ընդդիմանայ, երբ երկու տարի ետք, ներկայացումը կը կրկնուի նոյն վայրին մէջ: Ան կը գրէ.

«Արդեօք սխալա՞ծ էի ըսելով, որ անպատշաճ էր Վարդանանց տօնին առիթով ներկայացուելիք «Աւարայրի արծիւ» տրաման խաղալ օծուած եկեղեցիին մէջ: Անոնք զիս պիտակաւորեցին խաչագող, մատնիչ և այլ ածականներով, որոնց յիշատակումը ամօթալի կը նկատեմ…: Անոնք ներկայացուցին տրաման, բայց հարց կու տամ, թէ արդեօք կրցա՞ն վայելել սուրբ տաճարին սրբապղծումը:

Միթէ այնպէս չէ՞, որ նոյնիսկ սիւներուն հիմը նուիրուած է… այս կամ այն առաքեալին: Ապա ի՞նչ ըսել (սուրբ) սեղանին, բեմին (այսինքն ՝ խորանին) մասին, ուր ամբոխը խռնուած էր զանազան և տարբեր անպատշաճութիւններով՝ դիտելու (ներկայացումը) եւ զուարճանալու:

… Ինչու՞ տրամայի ժամանակ հաւաքուած խուժանը, գոնէ կիրակի օրերը, կիսով, ըսեմ քառորդով՝ թատերախաղը դիտելու փոխարէն, պիտի չհաւաքուէր ու սրտի խորերէն պիտի չկարդար Աստուծոյ խօսքը: Աւելի լաւ պիտի չըլլա՞ր արդեօք, կը զարմանամ»: [32]

Յաջորդ ներկայացումը ՝ Սեդրակ Շահէնի «Տանջուածները» տեղի կ'ունենար կիրակի, 27 Յուլիս 1924-ին: [33] 

Քանի որ ներկայացումը կը պահանջէր աւելի յարմար վայր, Դպրոցասիրացի անդամները կը մաքրեն տեղական անաւարտ դպրոցի մը շէնքին ներսը, կը հանեն ժայռերն ու փուշերը, կը հարթեն գետինը և մօտակայ անտառէն բերուած փայտով կը կառուցեն տանիքը: Անոնք նաեւ տոմս կը վաճառեն դրացի Պիթիաս գիւղը ամառնային արձակուրդի համար ժամանած այցելուներուն: Գիւղին կիները ընթրիք կը պատրաստեն ու զայն կը վաճառեն 1 մէճիտիայի:

Առաջին տեսարանը կը բացուի ցոյց տալով գաղթականներ, տարեցներ ու անչափահասներ, որոնք իրենց ծարաւը յագեցնելու համար միաժամանակ շարուած են ջրհորի մը շուրջ՝ բողոքելով իրենց ճակատագրին դէմ: Հանդիսատեսը խոր հասկացողութեամբ կը հետեւի նիւթին: [34] Այս իւրայատուկ գործին անդրադարձող մամլոյ թղթակցութիւն մը կը նշէ, որ Հաճի Հապիպլին Մուսա Լեռան միակ գիւղն էր, ուր իգական սեռը կը մասնակցէր թատերական նման գործերու: [35] Իրականութեան մէջ, կիները նման ներկայացումներու մասնակցած էին նաեւ Պիթիասի մէջ, ինչպէս որ նշուած է ստորեւ:

Սեպտեմբեր 1925-ին, Հաճի Հապիպլիի հանրութեան կը ներկայացուի «Արշին Մալ Ալան» անունով քրքջալիր օփերէթ (կարճ օփերա) մը: [36] Ստեղծուած 1913-ին, Ռուսիոյ Սուրբ Փեթերսպուրկ քաղաքին մէջ, Ուզէյիր Հաճիպէյովի անունով ազերիի (թաթար) մը կողմէ, այս չորս արարով երաժշտախառն ներկայացումը կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի Շուշի քաղաքին մէջ ապրող ամուրի մարդու մը, որ կին կը փնտռէ: Այս գործը շատ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէր աշխարհի տարածքին բազմաթիւ երկիրներու մէջ ապրող ազգային խմբաւորումներու տարբեր շրջանակներուն մէջ: [37] Միայն Հայաստանի մէջ, ութ տարուան ընթացքին, անիկա բեմադրուած է 965 անգամ, իսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ քառասունութ անգամ, ութ ու կէս ամսուան ընթացքին: [38] Զէյթունցի եւ Հաճի Հապիպլիի գործունեայ երկու եկեղեցեկաններէն մէկը՝ Խաչատուր քհնյ. Գերմանիկեանը, որ վարպետ երաժիշտ էր, ինք կը բեմադրէ Դպրոցասիրացի այս նախաձեռնութիւնը: Բացասաբար խօսելով երգերուն ժողովրդականութեան մասին, Վարդերէսեան քահանան կը գրէ. «անոնք այսօր այնքա՛ն տարածուած են ժողովուրդին մէջ, որ ամէն առիթով կ'երգուին: Եւ այդ օփերէթը վատ ազդեցութիւն ձգած է. վախնամ տխուր միջադէպերու պատճառ դառնայ»: Ան կ'աւելցնէ. «օփերէթը կը բովանդակէ դերեր, որոնք անյարիր են մեր միջավայրին, և ... հոգեւորական մը պէտք չէր իրագործէր զայն»: Իբրեւ հետեւանք եւ Վարդերէսեան քահանային համաձայն, նոյնիսկ Գերմանիկեանի ծխականները կը զգուշացնեն զինք, մանաւանդ որ ներկայացման մէջ, ան ընդգրկած էր նաեւ դերասանուհիներ:

Փաստօրէն, Վարդերէսեանի քննադատութիւնը կը բխէր երկու մտահոգութիւններէ՝ Հաճի Հապիպլիի մէջ երկու քահանաներու առկայութիւնը, որոնք կը բաժնուէին եկեղեցիներուն արդէն իսկ անբաւարար եկամուտները՝ նուազեցնելով իր եկամուտը, նաեւ իր նախանձախնդրութիւնը՝ հաւատացեալները առաջնորդելու դէպի «սրբազան ներկայացում», այսինքն՝ «Սուրբ պատարագ», աշխարհական թատերախաղերու փոխարէն: Գերմանիկեանը և Դպրոցասիրացը հրաւէրներ կը ստանան Արշին Մալ Ալանը նաև կատարելու Մուսա Լեռան միւս գիւղերուն մէջ: [39] Անոնք կը բեմադրեն նաև Հաճիպէյովի Մաշատի Իպատը, որ վերնագրուած է նաև «Եթէ ոչ այդ մէկը, ուրեմն այս մէկը»՝ [40] չորս գործողութեամբ երաժշտական կատակերգութիւն մը, որ գրուած է 1910-ին եւ կը պատկերէ «ընկերային և ամէնօրեայ յարաբերութիւնները նախայեղափոխական Ատրպէճանի մէջ»։ [41] Վերջապէս, 1929-ին, Դպրոցասիրացը կը կրկնէր «Քսան կախաղանները» գործը, որ կը նկարագրէր 1915-ին, Պոլսոյ մէջ ՍԴՀԿի անդամ յեղափոխականներու կախուիլը: [42]

Ներկայացումները նաև կարեւոր կը նկատուէին քաղաքական կուսակցութիւններու գործունէութեան համար: 1922 Մարտի սկիզբը, Հաճի Հապիպլիի մէջ, ՍԴՀԿ-ը կը ստեղծէր «դերասաններու խումբ մը» Ասօ անունով՝ ծածկանունը ՍԴՀԿ-ի առաջնորդներէն Տիգրան Օտեանին, որ կուսակցութեան մասնաճիւղեր ստեղծած էր Վանի մէջ ու շուրջը եւ վերջաւորութեան՝ 1915-ին մահացած էր Վանի բանտերուն մէջ: Խումբին խաղացանկը կը բովանդակէր Սեդրակ Շահէնի «Կարկառուն կամարներ»ը եւ Րաֆֆիի «Ջալալէտտին»ը: [43] Նմանապէս, «թատրոն սիրող» ՍԴՀԿ-ի երիտասարդութիւնը, Շաբաթ, 5 Յուլիս 1924-ին, Եողունոլուքի առաքելական եկեղեցւոյ մէջ կը բեմադրէր «Յակոբ-Յաբէթ» (Գալուստ Անդրէասեան-Յակոբ Թէվէքէլեան) ներկայացումը, որուն հերոսները մտերիմ դաշնակիցներ էին եւ զէնք կը մաքսանենգէին Շապին Գարահիսարի մէջ՝ Դանիէլ Չաւուշ անունով յեղափոխականի մը ղեկավարութեամբ: Նկատի առնելով որ տեղական պահպանողականութիւնը խոչընդոտ կը հանդիսանար կիներու մասնակցութեան, տղամարդիկ կը խաղային նաև կիներու դերը: Տոմսերու վաճառքէն գոյացած հասոյթը կը յատկացուի Պանդուխտ գրադարանի «հարստացման»: Ըստ մամլոյ թղթակցութեան մը, «Յակոբ-Յաբէթ»ը թատերական առաջին ներկայացումն էր, որ առհասարակ բեմադրուած էր Եողունոլուքի մէջ: [44] 1924-ի աշնան, Վագըֆի ՍԴՀԿ-ի Պատանեկան կամ Ուսանողական Միութիւնը փորձ մը կը կատարէ ներկայացնելու «Պաքօ»ն (անուն մը): [45] Վերջապէս, ընդհանուր շրջանին մէջ, կուսակցական կենսունակութիւնը խթանելու եւ յետամնացութեան դէմ պայքարելու նպատակով, 1930-ականներու սկիզբը, ՍԴՀԿ-ի ղեկավարութիւնը կ'որոշէ թատերական կեդրոնական թատերախումբ մը յառաջացնել, բաղկացած՝ առկայ ամէնէն տաղանդաւոր անձերէն, եւ պաշտօնական ճանաչում ապահովել կառավարութեան մօտ, Անտիոքի մէջ: [46] Բաւարար տեղեկութիւններ գոյութիւն չունին ճշդելու համար, որ այդ ծրագիրը իրագործուա՞ծ է թէ ոչ:

Մարտ 1922-ի սկիզբը, ՀՅԴ Վագըֆի կոմիտէն հոգեհանգստեան արարողութիւն կը կազմակերպէ 1915-ի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն զոհուած կուսակիցներուն համար: Կրօնական արարողութենէն ետք, Վագըֆի և Խըտըր Պէկի պատանիները կը ներկայացնեն «Ներսէս Մեծը», միջնադարու կաթողիկոս եւհեղինակը կարգ մը լաւագոյն շարականներուն, որոնք Պատարագի ընթացքին կ'երգուին Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ: Իր գլխաւոր դերին մէջ ունեցած գերազանց խաղարկութեան համար, Յովհաննէս Մարգարեանը կը դառնայ «անմիջական յայտնութիւն»: Հակառակ թատերախաղին թոյլ կառուցուածքին և դերասաններու ընդհանուր անփորձութեան, հանդիսատեսը «մեծապէս կը տպաւորուի»: [47] 28 Մայիսի 1925-ին, Հայաստանի Անկախութեան օրուան առիթով, Եողունոլուքի առաքելական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած տօնակատարութեան ընթացքին, գիւղին ՀՅԴ Պատանեկան Միութիւնը կը ներկայացնէ Պետրոս Դուրեանի «Սեւ հողերը»: [48]

Տարեվերջի շրջանաւարտից միջոցառումները, որոնք ամավերջի հանդէս կը կոչուէին, նաեւ մշակութային պարբերական ձեռնարկները, որոնք հանդէս կը կոչուէին, յաճախ կ'ընդգրկէին ներկայացումներ: 10 Յուլիս 1922-ին, Քապուսիէի Սիսուան դպրոցին մէջ տեղի ունեցած նման ձեռնարկի մը ընթացքին, երկրորդ եւ երրորդ դասարանի աշակերտները կը ներկայացնեն «ազգային կեանքի» մասին եռարար տրամա մը, որուն խաղարկութիւնը ընդհանուր առմամբ գոհացուցիչ կը նկատուի: Երեք ուսանողներ՝ Մինաս Ղազըքեան, Մովսէս Հապէշեան և Զաքարիա Սիմոնեան, կը գերազանցեն իրենց խաղարկութեամբ: [49] Անդրանիկ Ուրֆալեան հետեւեալ ձեւով կը նկարագրէ իր ծննդավայրին՝ Քապուսիէ գիւղին ընդհանուր թատերական կեանքը.

Իսկապէ՛ս, երիտասարդներու կողմէ բեմադրուած «Վարդանանց»ը, [Սողոմոն] «Թեհլիրեանի դատավարութիւնը» (1921-ին, Օսմանեան պետութեան նախկին ներքին գործոց նախարար և Հայոց Ցեղասպանութիւնը ծրագրած գլխաւոր անձերէն մէկուն՝ Թալաաթ փաշայի սպանութեան համար), «Ջալալէտտին»ը, «Արցունքի հովիտ»ը և այլ թատերախաղեր մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծեն հօրս [ուսուցիչ] ղեկավարութեան տակ: Բեմայարդարումը, տարազները, ամբողջ բեմականացումը, կատարուած՝ բոլորովին պարզունակ միջոցներով, մեզի համար անգերազանցելի էին, նոնիսկ գերադաս՝ մեզի անծանօթ հոլիուտեան արտադրութիւններուն»: [50]

Նոյն շրջագիծին մէջ, 4 Մայիս 1929-ին, ղեկավարութեամբ ոչ-տեղացի ուսուցչուհի Արուսեակ Սեմերճեանին, Պիթիասի Բողոքական Դպրոցի աշակերտները կը ներկայացնեն հատուած մը երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի «Շողոքորթը» գործէն՝ զուարճացնելով ներկաները: [51] Հայկական Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով, 1937-ին կամ 1938-ին, լման աղջիկներէ բաղկացած դերակատարներու խումբ մը կը կատարէ Չարլզ Տիքընզի «Սուրբ Ծննդեան երգ մը»՝ հայերէնով: [52] Նոյնպէս, 24 Փետրուար 1938-ին, Վագըֆի ուսանողներն ու պատանիները կը խաղան «Տանջուածները»՝ աւելի քան 500 հանդիսատեսներու առջեւ (տրուած թիւը անշուշտ չափազանցուած է բաղդատած Վագըֆի բնակչութեան փոքր թիւին): Տոմսերու վաճառքէն գոյացած հասոյթը պիտի տրամադրուէր ՍԴՀԿ-ի գրադարանին և «ժողովրդավարական [իմա՝ յառաջդիմական] հրատարակութիւններու տարածման»: [53] Կային նաեւ գեղարուեստական այլ միջոցառումներ համայնքային կրթութիւնը նիւթապէս ապահովելու համար:

Պիթիասի մէջ գործող երկու եկեղեցամէտ միութիւններ՝ Առաքելական Եկեղեցասիրաց Միութիւնը և Բողոքական ՋԱՆԻՑ-ը, նոյնպէս ամէն առիթ կ'օգտագործէին բեմ բարձրանալու համար: Րաֆֆիի «Կայծեր»ը առաջին ներկայացումն էր, որ կը բեմադրուէր Եկեղեցասիրացին կողմէ: [54] Այլ գործ մը՝ «Միութեան բարիքը», կը ներկայացուի 13 Ապրիլի 1924-ին. անիկա կը պատկերէր հայերու շահագործումը քիւրտերու կողմէ: [55] Հետագայ ներկայացումները կ'ընդգրկէին հետեւեալ գործերը. «Ձայն մը հնչեց», «Անդրանիկ» (հայ հեղափոխական հերոս), «Վարդանանց» (Աւարայրի ճակատամարտը), «Չարշիլը Արթին Աղա» (Ե. Օտեան) եւ «Արշին Մալ Ալան»: [56] Թէ՛ տղամարդիկ եւ թէ կիներ՝ Միութեան Կանանաց Օժանդակ բաժինէն և անոր երգչախումբը կը մասնակցէին ներկայացման: [57] Անոնք կը ղեկավարուէին ոչ-բնիկ ուսուցիչ Հրանտ Չաքրեանին [58] և Գերմանիկեան քահանային կողմէ, որ Հաճի Հապիպլիէն Պիթիաս տեղափոխուած էր 1920-ականներու երկրորդ կէսին: Ներկայացումները տեղի կ'ունենային տեղական թեմական դպրոցին մէջ, որ այդ առիթով կը վերածուէր թատերասրահի: [59] Իբրեւ կանոն, «բարձրագոյն իշխանութիւնները», այսինքն ՝ ՀՅԴ ղեկավարութիւնը, կը գրաւէր առջեւի աթոռները, ապա՝ տարբեր յանձնախումբերու անդամները, գիւղին երեւելիները եւայլն: Տեղացի երաժիշտներ Եսայի Ստամպուլեանը (ուտ) և Միսաք Ֆիլհաննէսեանը (ջութակ) կը կատարէին բացման նուագը՝ «Մեր Հայրենիք»ը (ներկայ Հայաստանի քայլերգը), ապա՝ դադարներուն եւ փակման կը նուագէին հայրենասիրական այլ երգեր, ինչպէս՝ «Բամբ Որոտան»ը, որուն՝ երգելով կը միանար հանդիսատեսը: [60]

1926-ին, Պիթիասի նորաստեղծ ՋԱՆԻՑ-ը, ոչ-բնիկ ուսուցչուհի Ռահէլ Կիւրլէքեանին ղեկավարութեամբ, Բողոքական եկեղեցւոյ մէջ կը բեմադրէր երկու ներկայացում՝  «Ճէնկիզ խան»ը (հայերէնով) և «Ենովա»ն (թրքերէնով): Պատուելի Յակոբ Կիւրլէքեանը եկեղեցւոյ ամպիոնէն կը յայտարարէր ներկայացումներուն լուրը՝ խնդրելով հաւատացեալներէն օժանդակել ՋԱՆԻՑ-ին, մինչ տղոց եւ աղջիկներու դերասանական խառն խումբը ձեռագիր տոմսեր կը վաճառէր: [61] 1930-ականներու երկրորդ կէսին, երիտասարդներով վերաթարմացած ՋԱՆԻՑ-ը կը բեմադրէր Ուիլեըմ Շեքսպիրի «Վենետիկի վաճառականը» և «Օթելլօ»ն, նաեւ՝ Դուրեանի «Սեւ Հողերը»: [62] Այս թատերախաղերը կը փոխանցէին նա եւ բարոյական պատգամներ: 1937-ին կամ 1938-ին, ՋԱՆԻՑ-ը բեմ կը հանէր նաեւ բախտախաղի եւ անոր աւերիչ հետևանքները բացայայտող ներկայացում մը: Ճոն Քերքեզեան վերապրելով իր յիշատակները՝ կ'ըսէ. «Ես ներկայացման անունը չեմ գիտեր: Գիտեմ, որ ներկայացման մէջ կային հետեւեալ անձերը. քու [յօդուածին հեղինակին] հայրդ՝ Լեւոն Շէմմասեանը, Աբրահամ Պալապանեանը եւ եղբայրս Մովսէս Քերքեզեանը (ծանօթ Պապազին ծածկանունով): Ես հօրդ զաւակն էի ներկայացումին մէջ: Դերակատարները նստած էին սեղանի մը շուրջ և թղթախաղով զբաղած էին, աւելի ճիշդ՝ բախտախաղով: Հայրդ կորսնցուց բոլոր ունեցածը: Հիասթափութեան մէջ, ան վերցուց իր տղան…եւ դրաւ սեղանին վրայ իբրեւ գրաւ: Ան զիս այնքան ուժով դրաւ սեղանին վրայ, որ ցնցեց զիս, եւ ես մինչեւ հիմա կը յիշեմ, կը զգամ զայն»: [63]

Այս բոլոր ներկայացումները ցոյց կու տան, որ մուսալեռցիները կը սիրէին տրաման: Քաղաքական կուսակցութիւնները, կազմակերպութիւններն ու դպրոցները կը պատրաստէին իրենց ներկայացումները: Թատերասրահներու բացակայութեան, դպրոցներու սրահները և աղօթավայրերը կը ծառայէին իբրեւ սրահ:Այս ներկայացումները յաճախ նաեւ կը ծառայէին իբրեւ հասութաբեր ձեռնարկներ յատկապէս գրադարաններու և թերթերու համար: Մինչ երիտասարդ կիներ իրենք կը կատարէին կանացի դերերը Պիթիասի եւ Հաճի Հապիպլիի մէջ, անդին Եողունոլուքի մէջ, մարդիկ յամառօրէն կը շարունակէին դէմ կենալ տղամարդոց կողքին կիներու խաղարկութեան: Տեղեկութիւն չունինք միւս երեք գիւղերուն մէջ սեռերու հանդէպ գոյութիւն ունեցող վերաբերումին մասին: Ոչ-բնիկ կղերն ու մանկավարժները, կարծէք, իրենք էին հիմնական մղիչ ուժը այս ներկայացումներուն, բայց տեղացի տաղանդները փաստօրէն իրենք կը խաղային բոլոր դերերը եւ, ի վերջոյ, կը կանգնէին իրենց ոտքերուն վրայ: Երբ կը խօսինք Մուսա Լեռան տարածքին թատրոնի զարգացման մէջ ոչ-բնիկներու ունեցած դերակատարութեան մասին, չենք կրնար չընդգծել նաեւ ամռան ընթացքին հայկական գիւղեր, մասնաւորաբար Պիթիաս, այցելած արհեստավարժ բեմադրիչ-դերասաններու ներդրումը, որոնք բեմադրութիւններ կը նախաձեռնէին գործօն մասնակցութեամբ տեղացի երիտասարդ ուժերու՝ տղամարդիկ եւ կիներ: Ամէն պարագայի, Մուսա Լեռան մէջ բեմականացուած թատերախաղերը հիմնականօրէն հայկական թեմաներ ունէին, բայց թարգմանաբար ներկայացուած ատրպէյճանական օփերէթները նոյնպէս ժողովրդականութիւն կը վայելէին ո՛չ միայն Մուսա Լեռան, այլեւ աշխարհի տարածքին հայկական այլ գաղութներու մէջ: Բողոքական համայնքը նաեւ կ'որդեգրէր գործեր ֆրանսական և բրիտանական գրականութենէն: Այս մէկը կարելի է վերագրել այդ յարանուանութեան արևմտեան մշակոյթէն ազդուած ըլլալու իրողութեան՝ ամերիկացի բողոքական միսիոնարներու հետ մէկ դար երկարող շփումին բերումով: Դժբախտաբար, մեր պրպտած բազմաթիւ աղբիւրներուն մէջ ոչ մէկ նշում կայ Մուսա Լեռան կաթողիկէ համայնքին մշակութային գործունէութեան մասին, ներառեալ՝ թատերախաղերը:

  • [1] Երիտասարդ Հայաստան (Փրովիտընս), 7 Մարտ 1921:
  • [2] Սուրիական մամուլ (Հալէպ), 5 Մարտ 1922:
  • [3] Նոյն, 26 Նոյեմբեր 1924:
  • [4] Հայ Մխիթարեան Կաթողիկէ Միաբանութեան արխիւներ, Վիեննա, Աւստրիա, (այսուհետեւ՝ ՀՄԿՄ): Հնչակեան Կուսակցութիւն 1920 [-1938]. Ատենագրութեան եւ Արձանագրութեան Տետրակ (այսուհետեւ` Հնչակեան Կուսակցութիւն, Տետրակ), առաջին նստաշրջանի ատենագրութիւնը, 26 Հոկտեմբեր 1924, Եողունոլուք, Մուսա Լեռան ՍԴՀԿ-Ի Մասնաճիւղերու Չորրորդ Շրջանային Պատգամաւորական Ժողով, 1 Մարտ 1925, Վագըֆ: Գրադարանի վարչութեան անդամներն էին Իսկենտէր Մարտիրեան, Սեդրակ Հայկազեան, Խաչեր Քարթունեան, Խ. Պօղոսեան, Սարգիս Հաւատեան, Թադէոս Պապիկեան, Հ. Երամեան, Նշան Իփրաճեան, Միսաք Եարալեան:
  • [5] Նոյն, Մուսա Լեռան ՍԴՀԿ-ի Մասնաճիւղերու Վեցերորդ Շրջանային Պատգամաւորական ԺողովիԱտենագրութիւն, 11 Սեպտեմբեր 1930, Եողունօլուք:
  • [6] Նոյն, Մուսա Լեռան ՍԴՀԿ-ի Մասնաճիւղերու Եօթներորդ Շրջանային Պատգամաւորական Ժողովի Ատենագրութիւն, 25 Դեկտեմբեր 1932, Խըտըր Պէկ:
  • [7] Նոյն, Առաջին Նստաշրջանի Ատենագրութիւն, 21 Յունուար 1933, Եողունօլուք:
  • [8] Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արխիւ, Պոսթըն (այժմ ՝ Ուոթերթաուն), Մասաչուսեց (այսուհետեւ՝ ՀՅԴ), Թղթածրար թիւ 963/26, ՀՅԴ Կիլիկիոյ կամ Լեռնավայրի Կ. Կոմիտէ, 1920, ՀՅԴ Մուսա Լեռան Երկրորդ Խորհրդակցական Ժողով, 28 Փետրուար 1920, Խըտըր Պէկ:
  • [9] ՀՅԴ, Թղթածրար 966/29, ՀՅԴ Կիլիկիոյ կամ Լեռնավայրի Կ. Կոմիտէ, 1921, Գործիչ Մ. Տէր Գալուստեանի Տեղեկագիր: Նոյն, Ս. Շերպէթճեան եւ Շանթ Տիրան, ՀՅԴ Սուետիոյ Վեցամսեայ Տեղեկագիրը Ուղղուած ՀՅԴ Լեռնավայրի (Կիլիկիա) Կեդրոնական Կոմիտէին, 9 Սեպտեմբեր 1921: Նոյն, Թղթածրար 969/32, ՀՅԴ Սուետիոյ Կարմիր Լեռ Կոմիտէէն ՀՅԴ Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէին, Պոսթըն, 16 Մարտ 1922: Յուսաբեր (Գահիրէ), 8 Հոկտեմբեր 1921: Հայրենիք (Պոսթըն), 26 Նոյեմբեր 1921:
  • [10] Հայրենիք, 12 Փետրուար 1922:
  • [11] Յուսաբեր, 12 Փետրուար 1924:
  • [12] Օսմանեան Դրամատան միջադէպին համար տեսնել Արմեն Գարոյի (Գարեգին Պաստրմաճեան)՝ «Պանք Օթոման. Արմէն Գարոյի Յուշերը», թարգմ.՝ Հայկ Թ. Փարթիզեան, խմբ.՝ Սիմոն Վրացեան (Տիթրոյթ, Միշիկըն. Արմէն Թոփուզեան՝ հրատարակիչ, 1990):
  • [13] ՀՅԴ, Արխիւ, Թղթածրար 997/d/1, ՀՅԴ Լեռնավայրի Կ.Կ.ի Շրջաբերականներ եւ Զանազան նամակագրութիւններ, 1933/1934, Լեռնավայրի Կեդրոնական Կոմիտէի Տեղեկագիրը (Սեպտեմբեր 1932 - Յուլիս 1933)՝ Տասնչորսերորդ Շրջանային Պատգամաւորական Ժողովին:
  • [14] Կիլիկիա (Ատանա), 30 Յուլիս 1921:
  • [15] Այս տեղեկութիւնը հիմնուած է այն իրողութեան վրայ, որ 1970-ական թուականներու սկիզբը, Լիբանանի Այնճար աւանին մէջ գտնուող ՋԱՆԻՑ-ի ընկերային սրահին մէջ, ես հանդիպեցայ երկվերնագիր հետեւեալ գիրքին՝ «Մտածութիւնք Քիսակի», «Տօնակ. Օրեր» (Հայր [?]: Նիւ Եորքի Հայ Կրթական Հիմնարկ, 1925), որ կ'ընդգրկէր ձեռագիր մակագրութիւն մը նուիրատւութեան վերաբերեալ:
  • [16] Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան արխիւներ, Սետըլ Պրուք, Նիւ Ճէրզի (այժմ՝ Նիւ Եորքի մէջ, Նիւ Եորք) (այսուհետեւ՝ ՀԲԸՄ/ՍՊ), Թղթածրար 14 D, Հ.Բ.Ը. Միութեան Սիսուան Վարժարաններ (Սուետիա), Թղթակցութիւններ 1923-1927, ՀԲԸՄ Գահիրէէն Գրիգոր Արոյեանին, 19 Նոյեմբեր 1925-ին: Ընդհանուրը` տասնեօթը 1925-ի օրացոյցներ ղրկուած են:
  • [17] Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան արխիւներ, Գահիրէ, Եգիպտոս, (այսուհետեւ՝ ՀԲԸՄ/Գահիրէ), Թղթածրար 134, ՀԲԸՄ Գահիրէէն ՀԲԸՄ Հաճի Հապիպլիի մասնաճիւղի ատենապետին, 29 Դեկտեմբեր 1925:
  • [18] Նոյն, ՀԲԸՄ Գահիրէէն ՀԲԸՄ Վագըֆի մասնաճիւղի ատենապետին, 17 Սեպտեմբեր 1926: Նոյն, ՀԲԸՄ Գահիրէէն ՀԲԸՄ Հաճի Հապիպլիի մասնաճիւղի ատենապետին, 17 Սեպտեմբեր 1926:
  • [19] Մ. Սալբի (Տոքթ. Արամ Սահակեան), հաւաքող եւ խմբագրող, Ալեակներ եւ խլեակներ. Հայ Վրանաքաղաքին Տարեգիրքը (Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս՝ Ա. Գասպարեան հրատարակչատուն, 1920), էջ 268:
  • [20] Պօղոս Արմենակ Լաքիսեան, Մուսա Լեռան Ողջոյն (Երևան, «Օրէնք եւ Իրականութիւն» հրատարակչատուն, 2005), էջ 196:
  • [21] Հեռաձայնային հարցազրոյց Ռոզին Շէմմասեան Գունտաքճեանի հետ, 17 Նոյեմբերի 2012, Կրանատա Հիլզ, Քալիֆորնիա-Ֆրէզնօ, Քալիֆորնիա:
  • [22] Լեւոն Շէմմասեան, նամակ հեղինակին, ստացման թուական՝ 20 Յունուար 2013:
  • [23] Ալպերթա Մաղզանեան, Աննա Մաղզանեան և Լուիզա Մաղզանեան, Մուսա Լեռան Ճաշատեսակները. Հայերէն Խոհարարական Գիրք Սեփական Բարբառով (Վայր եւ հրատարակչատուն՝ անյայտ, Lulu.com, 2008), էջ 155:
  • [24] Մարտիկ Չանչանեան, նամակ հեղինակին, 2 Դեկտեմբեր 2012: Մարտիկը Անանիային զաւակն է:
  • [25] Բանաստեղծութիւնը առաջին անգամ լոյս տեսած է Արեւի (Աղեքսանդրիա) 4 Հոկտեմբեր 1915-ի թիւին մէջ՝ խմբագրական ծանօթագրութեամբ:
  • [26] Ա. Լէյլանի, Սիրոյ սկիհ (Պէյրութ, Հրազդան հրատակչ., 1929), 52 էջ:
  • [27] Տիգրան Անդրէասեան, Զէյթունի անձնատւութիւնը և Սուետիոյ ինքնապաշտպանութիւնը (Գահիրէ, Զ. Պէրպէրեան հրատարակութիւն, 1915): Թարգմանուած է նաև անգլերէնի (1916), ֆրանսերէնի (1916) եւ գերմաներէնի (1919):
  • [28] Նոյն, Զէյթունի տարագրութիւնը և Սուետիոյ ապստամբութիւնը, 2-րդ հրատարակութիւն (Հալէպ, Քոլէճի Հրատարակութիւն, 1935):
  • [29] Մուսալեռցի գրողներու վերաբերեալ ցանկերու, համառօտ կենսագրութիւններու և գրական նմոյշներու համար, տե՛ս Մարտիրոս Գուշաքճեան և Պօղոս Մատուրեան, Յուշամատեան Մուսա Լեռան(Պէյրութ, Աթլաս Հրատարակչատուն, 1970), էջ 717-840: Mousaler online/Այնճար, «Երեւելի Մուսատաղցիներ» (նախապէս՝ «Նշանաւոր Այնճարցիներ»):
  • [30] Սոնա Զէյթլեան, «Մուսա Տաղի/Մուսա լեռան Բանաւոր Աւանդութիւնը» չհրապարակուած աշխատասիրութիւնը, որ ներկայացուած է համագումարի մը՝ «Հիւսիսարեւելեան Միջերկրական Ծովու Հայկական Համայնքները (Մուսա Լեռ, Քեսապ, Տորթ-Եոլ ») նիւթով՝ Եու. Սի. Էլ. Էյ. Համալսարանի կազմակերպած Միջազգային Գիտաժողովներու շրջագիծին մէջ, որոնք կը վերաբերէին Հայկական Պատմական Քաղաքներու և Նահանգներու (Քալիֆորնիոյ Համալսարան, Լոս Անճելըս, 29 Փետրուարէն 1 Մարտ, 2008): Բանաւոր փոխանցումներով կատարուած մուսատաղեան պատմուածքներու համար, նոյնպէս տե՛ս Սոնա Զէյթլեան՝ հաւաքող և մշակող, Մուսա լեռան ժողովրդական հեքիաթներ (Պէյրութ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, 1973); Վերժինէ Սվազլեան, Մուսա լեռ, (Երևան, ՀՍՍՀ Գիտութիւններու Ակադեմիա, 1984) ; Թովմաս Հապէշեան, Մուսա-Տաղի պապենական արձագանգներ(Պէյրութ, Էրեբունի տպարան, 1986), էջ 160-62; Նոյն, Յիշատակարան Մուսա Լեռան Բարբառի (Վայր եւ հրատարակչատուն՝ անյայտ, 1993):
  • [31] Իսկէնտեր Մարտիրեան, նամակ հեղինակին, 12 Դեկտեմբեր 1977:
  • [32] Արխիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայոց Կաթողիկոսարանի, Անթիլիաս, Լիբանան, (այսուհետեւ՝ ԿՀԿ), Թղթածրար 22/1, Մուսա Տաղ-Սուետիա 1920-1940, Տ. Վարդան Քհնյ. Վարդերէսեան՝ Սահակ Բ. Կաթողիկոսին, 8 Մայիս 1924-ին:
  • [33] Սուրիական Մամուլ, 5 օգոստոս 1924:
  • [34] Մարտիրեան, նամակ:
  • [35] Սուրիական Մամուլ, 5 օգոստոս 1924:
  • [36] Մարտիրեան, նամակ:
  • [37] «Արշին Մալ Ալան (օփերէթ)», Ոիքիբետիա. Ազատ Հանրագիտարանը, առցանց, արտաքաղման թուական՝ 23 դեկտեմբեր 2012:
  • [38] Արշին Մալ Ալան, (Պոսթըն, Մասաչուսեց, Պայքար Տպարան, 1924), էջ 4:
  • [39] ԿՀԿ, Թղթածրար 22/1, Տ. Վարդան Քհնյ. Վարդերեսեան՝ Սահակ Բ. Կաթողիկոսին, 8 Հոկտեմբեր 1925:
  • [40] Հարցազրոյց Գէորգ Քերեքեանի հետ, 15 Օգոստոս 1977, Այնճար, Լիբանան:
  • [41] «Եթէ ոչ այդ մէկը, ուրեմն այս մէկը», Ոիքիբետիա. Ազատ Հանրագիտարանը, արտաքաղման թուական՝ 23 Դեկտեմբեր 2012:
  • [42] Մարտիրեան, նամակ:
  • [43] Սուրիական Մամուլ, 5 Մարտ 1922:
  • [44] Նոյն, 13 Յուլիս 1924:
  • [45] Նոյն, 26 Նոյեմբերի 1924:
  • [46] ՀՄԿՄ, Հնչակեան Կուսակցութեան Տետրակ, Ատենագրութիւն ՍԴՀԿ Մուսա Լեռան Վեցերորդ Պատգամաւորական Ժողովի, 11 Սեպտեմբեր 1930, Եողունոլուք: Ատենագրութիւն ՍԴՀԿ Մուսա Լեռան Եօթներորդ Պատգամաւորական Ժողովի, 25 Դեկտեմբեր 1932, Խըտըր Պէկ:
  • [47] Յուսաբեր, 25 Մարտ 1922:
  • [48] Նոյն, 13 Յունիս 1925:
  • [49] Արեւ, 1922 Օգոստոսի 28:
  • [50] Անդրանիկ Ուրֆալեան, Կեանքի մը հետքերով (Փալմ Սփրինկզ, Քալիֆորնիա: Հայկ Տպարան, 1990), էջ 17:
  • [51] Մ. Մ. Քէօրօղլուեան, «Պիթիաստան խապերլեր» (Լուրեր Պիթիասէն), Նոր Աւետաբեր (Հալէպ) 2:10 (26 Մայիսի 1929)՝ 366-67:
  • [52] Հեռաձայնային հարցազրույց Ալպերթա Մաղզանեանի հետ, 16 Դեկտեմբեր 2012, Կրանատա Հիլզ, Քալիֆորնիա-Օլնի, Մէրիլանտ:
  • [53] Արարատ (Պէյրութ), 4 Մարտ 1938:
  • [54] Հարցազրոյց Մովսէս Մախուլեանի հետ, 10 Օգոստոս 1977, Այնճար, Լիբանան:
  • [55] Փիւնիկ (Պէյրութ), 7 Մայիս 1924:
  • [56] Հարցազրոյց Մախուլեանի հետ:
  • [57] Հարցազրոյց Ազնիւ Մախուլեանի հետ, 10 Օգոստոսի 1977, Այնճար, Լիբանան:
  • [58] Հարցազրույց Պետրոս Ֆրանգեանի հետ, 8 Յուլիս 1977, Այնճար, Լիբանան:
  • [59] Հարցազրոյց Մովսէս Մախուլեանի հետ:
  • [60] Սառա Քենտիրճեան Քերքեզեան, նամակ հեղինակին, նամակատան առաքման թուական՝ 19 Նոյեմբեր 1991:
  • [61] Հարցազրոյց Աննա Քենտիրճեանի հետ, 19 Յուլիս 1977, Այնճար, Լիբանան:
  • [62] Շէմմասեան, նամակ:
  • [63] Ճոն Քերքեզեան, ե-նամակ հեղինակին, 20 Ապրիլ 2010: