Գէորգ («Ազիզ») Շէրպէթճեանի տան փակը Պիթիասի մէջ 1930-ականներուն։ Սոյն տունը ամառնային նստավայրն էր նաեւ Սերոբ Շէրպէթճեանի (ազգականական կապ չունի Գէորգ Շէրպէթճեանի հետ)՝ Մուսա Լերան գաւառակի կառավարիչին։ Ամառները կառավարիչ Շէրպէթճեանը կը ձգէր իր բուն նստավայր եւ հայրենի գիւղ Պիթիասը եւ կը հաստատուէր հոս։ Այս պատճառով ալ տունը ունէր նաեւ հեռաձայն եւ թղթատարութիւն (Աղբիւր՝ Վահրամ Շէմմասեանի հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս)։