Գեորգ («Ազիզ») Շէրպէթճանի տունը Պիթիասի մէջ, 1930-ականներուն (Աղբիւր՝ Վահրամ Շէմմասեանի հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս)

Մուսա Լեռ - Տուներ և ճարտարապետութիւն

Հեղինակ՝ Վահրամ Շէմմասեան, 29/08/19 (վերջին փոփոխութիւն՝ 29/08/19), թարգմանութիւն՝ Վարուժ Թէնպէլեան

Մուսա Լեռը կը գտնուէր/կը գտնուի սուրբ գրային Անտիոք քաղաքին հարաւ-արևմուտքը (ներկայիս Անթաքիա՝ Թուրքիոյ Հաթայ նահանգին մէջ), որ կը նայի Միջերկրական ծովուն: Անիկա կը բաղկանար հիմնական վեց հայկական գիւղերէ՝ Պիթիաս, Հաճի Հապիպլի, Եողունոլուք, Խըտըր Պէկ, Վագըֆ և Քապուսիէ:

Մուսա լեռցիներուն ճնշող մեծամասնութիւնը բնակարանատէր էր: 11 Յուլիս 1939-ին կատարուած հետազօտութիւն մը նկատառելի մանրամասնութիւններ կու տայ տուներուն,պարէզներունև դաշտերուն վերաբերեալ: Հաւանաբար, հետազօտութիւնը պատուիրուած էր ֆրանսացիներուն եւ կատարուած մուսա լեռցիներուն կողմէ՝ 23 Յուլիս 1939-էն առաջ Սանճաքի շրջանէն զանգուածային պարպումի ժամանակ հայերու անշարժ եւ շարժուն գոյքերու քանակին, չափին ու արժէքին, ինչպէս նաև՝ դրամական ունեցուածքին մասին արձանագրութիւն պահելու նպատակով: Ուղեկից բացատրութիւններու կամ յստակացումներու բացակայութեան պատճառով, յիշեալ հետազօտութեան մէջ նշուած թիւերուն մեթոտաբանութիւնն ու ճշգրտութիւնը կը մնան հարցական: Հետեւաբար,անոնք ներկայացուած են որոշ զգուշաւորութեամբ:

Գէորգ («Ազիզ») Շէրպէթճեանի տան փակը Պիթիասի մէջ 1930-ականներուն։ Սոյն տունը ամառնային նստավայրն էր նաեւ Սերոբ Շէրպէթճեանի (ազգականական կապ չունի Գէորգ Շէրպէթճեանի հետ)՝ Մուսա Լերան գաւառակի կառավարիչին։ Ամառները կառավարիչ Շէրպէթճեանը կը ձգէր իր բուն նստավայր եւ հայրենի գիւղ Պիթիասը եւ կը հաստատուէր հոս։ Այս պատճառով ալ տունը ունէր նաեւ հեռաձայն եւ թղթատարութիւն (Աղբիւր՝ Վահրամ Շէմմասեանի հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս)։

Վերը նշուած հետազօտութեան համաձայն՝ Պիթիասի մէջ կար 367 տուն 907 սենեակով, միջին հաշուվ 2.47 սենեակ մէկ տան համար: Անոնց միջին արժէքը կը գնահատուէր 1,343 սուրիական ոսկիով, ընդհանուրը՝ 492,880 ոսկի: Այլ աղիւսակ մը, որ նոյնպէս պատրաստուած է 1939-ին, ցոյց կու տայ հետեւեալ պատկերը: Պիթիասի 284 ընտանիքներէն (946 հոգի), 207-ը (73%)՝ իւրաքանչիւրը ունէր մէկ տուն, 41-ը (14%) ունէր երկու տուն, 11-ը (4%) ունէր երեք տուն, 2-ը (1%-էն պակաս) ունէր չորս տուն: Քսաներեքընտանիք (8%) բնակարան չունէր: Անոնք կա'մ ամէնէն աղքատ խաւին մաս կը կազմէին եւ կ'ապրէին դատարկ կամ լքուած տուներու մէջ (սովորաբար Միացեալ Նահանգներ գաղթած անձերուպատկանող) առանց վարձքի, կամ ալ օտարներէին, որոնք գործով հոն կը գտնուէին: Յաւելեալ տեղեկութիւններու բացակայութեան պատճառով, 1939-ին կատարուած երկու հաշուարկումներուն միջև ի յայտ եկած 83 բնակարաններու տարբերութիւնը կարելի չէ բացատրել:

1) Նշան Պօյաճեանի ընտանիքը, Խըտըր Պէկ, 1930-ականներ։
2) Տէր Վահան Քէնտիրճեան եւ իր ընտանիքը, Պիթիաս, 1930-ականներ։
3) Մովսէս եւ Ռոզա Շէրպէթճեան Ամողլեան եւ ընտանիք, Պիթիաս, 1930-ականներ։
(Աղբիւր՝ Վահրամ Շէմմասեանի հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս)

11 Յուլիս 1939-ի հետազօտութեան մէջ ներառուած էին նաև մնացեալ հինգ գիւղերու տուներուն թիւերը: Հաճի Հապիպլիի մէջ գոյութիւն ունէր 278 տուն 666 սենեակով և 373,565 սուրիական ոսկի ընդհանուր արժէքով՝ միջին հաշուով 2.4 սենեակ իւրաքանչիւր տան մէջ և 1,344 ոսկի իւրաքանչիւր տան արժէք: Եողունոլուքը ունէր 243 տուն 907 սենեակով և 336,900 ոսկի ընդհանուր արժէքով, միջին հաշուով 2.64 սենեակ և 982 ոսկի իւրաքանչիւր տան արժէք: Խըտըր Պէկը կը ներառէր 304 տուն` 895 սենեակով և 256,500 ոսկի ընդհանուր արժէքով՝ միջին հաշուով 2.83 սենեակ և 844 ոսկի իւրաքանչիւր տան արժէք:Վագըֆը կ'ընդգրկէր 75 տուն 190 սենեակով և 18,250 ոսկիի ընդհանուր արժէքով՝ միջին հաշուով 2.53 սենեակ մէկ տան մէջ եւ 343 ոսկի միջին արժէքով:Քապուսիէն ունէր 316 տուն՝ 690 սենեակով և 155,979 ոսկի ընդհանուր արժէքով՝ միջին հաշուով 2.13 սենեակ և 494 ոսկի մէկ տան արժէքով:Վեց գիւղերուն մէջ, բնակարաններու ընդհանուր թիւը կը ներկայացնէր հետեւեալ պատկերը. 1,683 տուն, 4,255 սենեակ ՝ միջին հաշուով 2.53 սենեակ իւրաքանչիւր տան մէջ՝ 1,634,074 սուրիական ոսկի ընդհանուր արժէքով եւ 971 սուրիական ոսկի իւրաքանչիւր տան միջին արժէքով: Տրուած տուեալները ուրեմն ցոյց կու տան, որ Պիթիասը ունէր մեծագոյն թիւով բնակարաններ ամէնէն բարձր արժէքով, երեւոյթ մը, որ կարելի է բացատրել այն տուեալով, որ անիկա փնտռուածամառանոց մըն էր՝ վարձու սենեակներու մեծ պահանջով: Միւս կողմէ, Վագըֆը ամէնէն փոքր գիւղն էր, որ ունէր բնակարաններու նուազագոյն ընդհանուր արժէքը:

Բնակարանային սեփականութիւնը Մուսա Լեռան մէջ, 11 Յուլիս 1939-ին

Մատաթիա Թամինոսեանի տունը, Պիթիաս, կառուցուած 1920-ին (Աղբիւր՝ Վահրամ Շէմմասեանի հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս)։

Տան հասցէները

Մուսա Լեռան գիւղերուն մէջ փողոցի անուններ և ցուցանակներ գոյութիւն չունէին: Նոյն ձևով ՝ բնակարանները, համայնքային կեդրոնները, ինչպէս՝ եկեղեցիներն ու դպրոցները և աշխատանքի վայրերը հասցէագրուած չէին: Վստահաբար, սակայն, իւրաքանչիւր տուն առնուազն ունէր արձանագրուած թիւ մը պետական գրասենեակի մը մէջ: Այդ թիւերը կ'օգտագործուէին պաշտօնական գործառնութիւններու ընթացքին, ինչպէս որ ցոյց կու տան հետեւեալ երեք պարագաները: Առաջինը՝ 1924-ին, այսինքն այն տարին, երբ Մուսա Լեռը անջատուեցաւ Սուէտիոյ գաւառակէն և դարձաւառանձին գաւառակ, անոր բնակիչները ստացան նոր վկայաթուղթեր, որոնք կ'ընդգրկէին նաեւ սեփականատիրոջ տան թիւը:Նմանօրինակ փաստաթուղթի մը մէջ կը կարդանք հետեւեալը. քարտի թիւ՝ 96, արձանագրութեան արխիւի թիւ՝ 32, անուն եւ մականուն՝ Լէոն (Լեւոն) Շէմմասեան, հօր անուն՝ Գաբրիէլ, մօր անուն՝ Մարթա, ծննդեան վայր և տարեթիւ՝ Եողունոլուք, 1923, դաւանանք՝ հայ բողոքական, ամուսնացած կամ ամուրի՝ ամուրի,բնակութեան շրջան՝ Իսկէնտերուն, բնակութեան վայր՝ Անտիոք, բնակարանի թիւ՝ 203: [1] Երկրորդ` եկեղեցական գրառումները, որոնք կը վերաբերէին քաղաքացիական հարցերու, կը նշէին տան թիւը: Օրինակ՝ իր միամեայ պաշտօնավարութեան ընթացքին (Յուլիս 1938-էն Յուլիս 1939), իբրեւ Եուղունոլուքի քահանայ՝ Տ. Մովսէս Շրիքեանը սպասարկած է տասը հարսանիքներու, տասնը վեց մկրտութեան և ինը թաղումի: Կը նշուին ամփոփ նմուշներ իւրաքանչիւր պարագայի: Հարսանիքներու պարագային` հարսանիքի թիւը՝ 1, փեսային անունը և տան թիւը՝ Միսաք Պէրպէրեան, 233, հարսնացուին անունը և տան թիւը՝ Վարդուհի Ապտալեան, 136, հարսանիքի թուականը՝ 29 Յուլիս 1938: Մկրտութեան պարագային` մկրտութեան թիւը՝ 10, անուն եւ տան թիւ՝ Գէորգ Պուրսալեան, 169, մկրտութեան թուական՝ 5 Փետրուար 1939: Մահուան պարագային` մահ թիւ 9, անուն եւ տան թիւ՝ Ծաղիկ Եարալեան, 2, մահուան թուական՝ 28 Յունիս 1939: [2]

Եողունոլուք, 1928 (Աղբիւր՝ Վահրամ Շէմմասեանի հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս)։

Երրորդ` առաջին կարգի ընտրելու իրաւունք ունեցող տղամարդոց ցանկերը (անոնք, որոնք ընտրական տարուայ Յուլիս 1-ին քսան եւ աւելի տարիք ունէին), կազմուած՝ 1937-ին, Ազգերու Լիկայի հովանաւորութեան տակ, Սանճաքի 1938-ի օրէնսդրական  ընտրութիւններուն մասնակցելու համար՝ կ'ընդգրկէին իւրաքանչիւր ընտրողի տան թիւը: Պիթիասի տուները թուագրուած են 1-122 (շատ ցած թիւ մը՝ բաղդատած վերը նշուած տուներու ընդհանուր թիւին հետ), 1-226՝ Հաճի Հապիպլիի տուները, 1-244՝ Եողունոլուքի, 1-231՝ Խըտըր Պէկի, 1-96՝ Վագըֆի, 1-168՝ Քապուսիէի: Այս տուեալներով, բացակայ են տան որոշ թիւեր հետեւեալ շարքով՝ 18 տուն (15%) Պիթիասի մէջ, 48 տուն (21%) Հաճի Հապիպլիի մէջ, 43 տուն (18%) Եողունոլուքի մէջ, 34 տուն (15%) Խըտըր Պէկի մէջ, 18 տուն (19%) Վագըֆի մէջ, 22 տուն (13%) Քապուսիէի մէջ: [3] Այս զանցառումները կարելի է բացատրել հետեւեալ ձեւով. կամ ոչ մէկ իրաւասու տղամարդ ընտրող (ընտրողներ) չէր բնակեր այդ տուներէն որևէ մէկուն մէջ, թափուր կամ լքուած էին, կամ ալ անոնք ոչ բնակելի կառոյցներ էին: Նմանապէս, Պիթիասի մէջ աւելի քան մէկ ընտրող կը բնակէր 72 տան մէջ (59%), Հաճի Հապիպլի` 56 տան մէջ (25 %), Եողունոլուք` 95 տան մէջ (39%), Խըտըր Պէկ` 67 տան մէջ (29%), Վագըֆ` 29 տան մէջ (30%), Քապուսիէ` 24 տան մէջ (14 %):Նոյն տան մէջ գտնուողները մեծաւ մասամբ հայրեր, զաւակներ կամ եղբայրներ էին: [4] Թէ որ այդ զաւակները եւ կամ եղբայրներն ու քոյրերը ամուսնացած էին եւ կ'ապրէին նոյն յարկին տակ իբրեւ ընդլայնուած ընտանիքի անդամներ, կարելի չէ հաստատել առկայ տեղեկութիւններուն վրայ հիմնուելով. թէեւ շատ մը պարագաներու անիկա կրնայ համապատասխանել իրականութեան: Պէտք է նաև նշել, որ կարգ մը նոյն յարկին տակ ապրողներ կը կրէին տարբեր մականուններ, բայց հաւանաբար անոնք ազգականներ էին:

Խըտըր Պէկ գիւղէն ժամանակակից տեսարան մը։ Խորքին կ՚երեւի Եողունոլուք գիւղը։ Լուսանկարը գործն է Յուշամատեանի բարեկամներէն Նորայր Շահինեանի, որ սիրայօժար զայն մեր տրամադրութեան տակ դրաւ։

Ներքին դասաւորումը եւ տուներու ճարտարապետութիւնը

Հազուագիւտ բացառութիւններով, Մուսա Լեռան տուները կը նայէին դէպի հարաւ՝ «առիթ ընծայելով արեւուն, որ ձմռան ամիսներուն ողողէ սենեակները»: Տախտակամածները ծեփուած կ'ըլլային ցեխով, զորս կանայք տարին մէկ կամ երկու անգամ կը նորոգէին մաքրութեան նպատակով և լուերէ ձերբազատելու համար: Նկատի առնելով որ խսիրներ (յարդէ գորգեր) կամ քիլիմներ կը ծածկէին տախտակամածները, անոնք նոյնպէս դուրս կը բերուէին, կը ոջիլազերծուէին ու կը մաքրուէին: [6] Երբ Պիթիասը սկսաւ ծաղկիլ իբրեւ արձակուրդի վայր եւ ամառանոց, կրաձոյլը փոխարինեց ցեխը իբրեւ տախտակամածի ծածկոյթ: [7] Կիները նաև տան ներքին պատերը կը ներկէին ճերմակ՝ խավուրայով (կրաքարով), որ ունէր հականեխիչ յատկութիւն: [8] Իւրաքանչիւր սենեակ սովորաբար կ'ունենար մէկ կամ աւելի թապաքօ կամ բանճարա (պատուհան): Երկյարկանի որոշ բնակարաններ ունէին կայուն ներքին մուքապպօ (սանդուխ), որ կ'առաջնորդէր դէպի երկրորդ յարկ՝ առաստաղին վրայ բացուած ապահով վերանցքով մը: Բայց գրեթէ բոլոր երկյարկանի տուները ունէին արտաքին կապընտաք (աստիճան), որ կը տանէր դէպի պատշգամ, որմէ կարելի կ'ըլլար նաեւ մուտք գործել սենեակները: Անկախ յարկին մակարդակէն, սենեակները նոյնպէս իրարու միացած կ'ըլլային ներքին դռներով: Վերջապէս, վերի յարկերը շինուած կ'ըլլային փայտէ եւ ոչ թէ ցեխէ կամ կրաձոյլէ: [9]

Սարգիս Ֆիլեան Պիթիաս գիւղի Քապիրլիք հրապարակին վրայ, 1962-ին (Աղբիւր՝ Վահրամ Շէմմասեանի հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս)։

Գլխաւոր սենեակին աջ պատին վրայ մասնակի բացուածքի մը մէջ, որ կը կոչուէր կուտալվիւց, կը պահէին ջուրի երկու կուտալներ (սափորներ) և փարչիկ մը կամ լուսվիկ մը (փոքր սափոր)՝ խմելու նպատակով: Կուտալներու բերանները ծածկուած կ'ըլլային փայտէ կափարիչով մը կամ մի ուսնիւցով (ուսի ծածկոյթ)՝ ակերէն ջուր բերելու համար: Պատին վրայ մասնակի այլ բացուածք մը, որ կը կոչուէր պատիհուն՝ նման դեղօրայքի պահարանին, կը պարունակէր այլազան իրեր, ինչպէս՝ հայելի, սանտր, խոզանակ, մկրատ, կարի տուփ, այոտինի (iodine) շիշեր, ալքոլ, բամպակ և այլն: Անկողինները, սաւանները, բարձերը, բրդեայ ծածկոցները եւ վերմակները կը պահուէին ընդարձակ, պատամէջ պահարաններու կամ եիւքլիւքի մէջ և ամէն օր դուրս կը հանուէին ու ապա կը ծալլուէին, որովհետեւ մարդիկ կը քնանային տախտակամածին վրայ ու դուրս կու գային յաջորդ առտու: Յիրաւի, բազմաթիւ մուսալեռցիներ կ'օգտագործէին իսկական քարիոլաներ (փայտէ մահճակալներ), որոնք յենած կ'ըլլային իշշէոկ (բխած՝ տեղական հայերէն իշբառէն, որ կը նշանակէ էշ) անունով եռոտանի աթոռակներու վրայ: Ներքին սենեակի պատին վրայ յատուկ փորուածքի մը մէջ կ'ըլլար ցորենի և եգիպտացորենի մեծ պահեստանոց մը, բաժնուած՝ փայտէ միջնապատով մը և երկու անջատ դռներով, իսկ ներս կարելի էր թափանցել վարի կողմը գտնուող երկու փոքր բացուածքներէ, որոնք կը կոչուէին պլիզ: Պահեստանոցինքով կը պահուէին ուտելիք՝ կարասներու մէջ, չորցուած միրգեր եւ բանջարեղէն, ինչպէս նաեւ՝ հացահատիկի տեսակներ ճերմակ, բամպակեայ չանթոներու մէջ (պարկեր): [10]

Եողունոլուք գիւղի հին տուներէն ժամանակակից պատկերներ։ Լուսանկարները գործն են Յուշամատեանի բարեկամներէն Նորայր Շահինեանի, որ սիրայօժար զանոնք մեր տրամադրութեան տակ դրաւ։

Մինչ օդափոխիչներ կամ հովահարներ՝ ինչպէս առաստաղէն կախուած, գոյութիւն չունէին (երեկտրականութեան չգոյութեան պատճառով), «ձմռան ամիսներուն տաքութեան հիմնական աղբիւրը փայտածուխի կրակն էր՝ տեղաւորուած հիւրասենեակի անկիւններէն մէկուն գտնուող փոսի մը մէջ, շրջապատուած՝ յարմարաւէտ փսիաթներովեւ բարձերով: Անհրաժեշտության պարագային, ուրիշ սենեակներ տաքցնելու համար կ'օգտագործուէր մանղալի (կրակարան) մէջ պատրաստուած նոյնպէս փայտածուխի կրակը: Բոլոր սենեակները, ուր փայտածուխ կ'օգտագործուէր, ունէին փոքր բացուածք մը հիւսիսային պատին վրայ առաստաղին մօտ՝ ածխաթթուային կազի թունաւորումէ խուսափելու համար»: [11] Քնանալու ժամանակ փոսը կը ծածկուէր պղինձէ սկուտեղով:

Շատ ցուրտ օրերուն, փոսին վրայ կը դրուէր ցած, կլոր կամ քառակուսի փայտէ սեղան մը, որ ծածկուած կ'ըլլար լիհիֆով (բամպակէ վերմակ) կամ բրդախառն վերմակով, իսկ վրան՝ մէջտեղը կը զետեղէին քարիւղի լամբ մը՝ ստեղծելով թանտըրմը (օճախ): Ձմեռ ատեն ընկերային կեանքը կը կեդրոնանար տաքնալու այս դրութեան շուրջ, որովհետեւ ընտանիքի անդամներն ու հիւրերը կը նստէին մինտարներու (բարձեր) վրայ եւ կը զրուցէին, կ'ուտէին աղանդերներ, կը լուծէին հանելուկներ, կը զբաղէին թղթախաղով եւ նարտով կամ ալ կը կարդային ու պատմութիւն կը պատմէին: [12]

Շիրիքեան եւ Տուզմանեան ընտանիքներ, Եողունոլուք, 1933 (Աղբիւր՝ Վահրամ Շէմմասեանի հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս)։

Մաթփախը (խոհանոց) իբրեւ առանձին ճաշ եփելու վայր գոյութիւն ունէր միայն բարեկեցիկ տուներու մէջ: Մնացեալ տուներուն մէջ, սենեակի անկիւն մը յատկացուած կ'ըլլար այդ նպատակին: Երկու պարագաներուն ալ հոսող ջուր չկար: Նմանապէս, գոյութիւն չունէին առանձին ճաշասենեակներ. մարդիկ կը ճաշէին բազմանպատակ գլխաւոր սենեակին մէջ, սուֆրայի (փայտէ ցած սեղան) մը շուրջ, նստած բարձերու վրայ: Լոգանք, լուացք, խմորեղէններ եւ ցորեն եփել եւ այլն կը կատարուէին բնակարանէն դուրս: Գիւղին մէջէն հոսող առուակներու ուղղութիւնը կը շեղերդէպի տնամերձ վայրերը, որպէսզի ջուրը օգտագործէին վերը նշուած նպատակներով: Հոն ուր ջուրը հեռուէն կը հոսէր կամ Եողունոլուքի նման կեդրոնական ջրամբարի մը մէջ կը պահուէր, անիկա կը փոխադրուէր կուժով եւ թիթեղատուփերով: Քիչ մը անդին բակին մէջ հիւղակ մը կը ծառայէր իբրեւ արտաքնոց: Բայց հանգիստի եւ արձակուրդի վայր նկատուած Պիթիասի եւ Մուսա Լեռան մնացեալ վայրերուն մէջ ապրող բարեկեցիկ ընտանիքները սկսած էին տունէն դուրս գտնուող հնամենի արտաքնոցները փոխարինել տնային արդի պէտքարաններով: Վըրճինիա Մաթոսեան Աբէլեանը, որուն Միացեալ Նահանգներ գաղթած ծնողները 1934-ին վերադարձած էին Մուսա Լեռ, գրած է Եողունոլուք բնակող իր ընտանիքին արդիական արտաքնոցներուն մասին.

Հայրս ինծի պատմած է, որ մեր գեղեցիկ տունը ունէր սպանական կղմինտարածածկ տանիք եւ պատշգամներ շուրջը բոլոր: Եւ դեռ՝ ամերիկեան ոճով արտաքնոցներ, որոնք ցուցադրութեան յատուկ առարկայ դարձած էին: Երբ լուրը տարածուած է, մարդիկ ուզած են տեսնել մեր տան պէտքարանները: Մայրս պատմած է, որ շատ նեղացուցիչ էր, երբ նոր արտաքնոցները զետեղելէ քիչ ժամանակ անց, մարդիկ կու գային զանոնք տեսնելու: Անոնք նորութիւն էին գիւղի բնակիչներուն համար: [13]

Գէորգ («Ազիզ») Շէրպէթճեանի տան փակը. ընտանիքն ու հիւրեր, 1930-ականներուն, Պիթիաս։
Նստած, ձախէն աջ՝ Սուրէն Փափախեան (տարօնցի ուսուցիչ Պիթիասի ազգային վարժարանին մէջ, յետագային Տէր Սուրէն Փափախեան, կը պաշտօնավարէ Տիթրոյիթի - Միշիկըն - Ս. Սարգիս եկեղեցիին մէջ), Գէորգ («Ազիզ») Շէրպէթճեան, կինը՝ Վարդեր (ծնեալ Մաղզանեան), փեսան՝ Եսայի Սթանպուլեան, փոքրագոյն դուստրը՝ Զէքիէ։
Ոտքի, ձախէն աջ՝ Մարի Շէրպէթճեան (այլ դուստր մը), Մաղզանեան մը (ազգական), Ճեմիլէ Շէրպէթճեան Սթանպուլեան (դուստր մը եւ Եսայիին կինը), Յակոբ Սիմոնի-Տասնապետեան՝ ՀՅԴ-ի ապագայ ղեկավարներէն Հրաչ Տասնապետեանի հօրեղբայրը (Աղբիւր՝ Վահրամ Շէմմասեանի հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս)։

Գիւղին թաղամասերը

Իւրաքանչիւր գիւղի պարագային, տուները տարածուած էին քանի մը թաղամասերու մէջ: Սակաւաթիւ թաղամասեր փաստօրէն խռնուած փոքր համայնքներ էին, հաստատուած` գիւղի ծայրամասերէն դուրս: Վստահօրէն, թաղերու անունները պաշտօնական հանգամանք չունէին քան գիւղացիներուն կողմէ անոնց տրուած անպաշտօն բնութագրումներ: Շարք մը թաղամասեր ունէին տոհմային անուանումներ: Մինչ նման թաղամասեր կ'ընդգրկէին տոհմի մը պատկանող անդամներ, նոյն տոհմին պատկանող այլ անդամներ կ'ապրէին նաեւ տարբեր թաղամասերու մէջ: Նոյն առումով, տարբեր մականուններով ընտանիքներ, անկախ անկէ որ, տոհմի մը մաս կը կազմէին թէ ոչ, նոյնպէս կը բնակէին տոհմային թաղամասերու մէջ: Այլ թաղամասերու անուններ նկարագրական էին, օրինակ՝ Եուրուցունց Մհալլան (Քահանային թաղը) Հաճի Հապիպլիի մէջ, Խարուպ Իքքէք (Քանդուած այգիներ) Եողունոլուքի մէջ, Փլլուզ Իզզիյր (ՓլածԵզր) Քապուսէի և Եահուտի Մհալլան (Հրէական թաղամաս) Խըտըր Պէկի մէջ: Վերջին անուանումին ծագումը ծանօթ չէ: Վերջապէս, ընկերային կարգավիճակը անպայմանօրէն չէր բնութագրեր թաղամասերը, բացի (մասնակիօրէն) Եողունոլուքի երկու թաղերէն. Գազանճեան հարուստ ընտանիքները կ'ապրէին (ի շարս այլոց) Կետէկ թաղամասին մէջ, իսկ (ընդհանրապէս) չունեւորները կը բնակէին Վիրը Թէուղ (Վերի Թաղ) թաղամասին մէջ: [14]

Ոսկորէ սանտր, որ ձեռքի գործն է Գաբրիէլ/Ճապրա Շէմմասեանի՝ Վահրամ Շէմմասեանի մեծ հայրը։ Գաբրիէլ/Ճապրային կողմէ նուէր մըն է զոքանչին՝ Վարդեր Մաղզանեան Շէրպէթճեանին (Աղբիւր՝ Վահրամ Շէմմասեանի հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս)։

1. Լոգանքի դոյլ։
2. Կաթի դոյլ։
3. Մածունի աման։
Երեքն ալ պղնձեայ են եւ պատկանած են Գէորգ «Ազիզ» Շէրպէթճեանի ընտանիքին, Պիթիաս (Աղբիւր՝ Վահրամ Շէմմասեանի հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս)։

Մուսա Լեռան մէջ կային գիւղական հետեւեալ թաղամասերը.

  • Պիթիասի մէջ` Քայրաղայը, Պալապանլուցը Մհալլան (Պալապանեաններուն թաղը), Մինասըն Սըրդը (Մինասին կռնակը), Մինասըն Սըրդը եւ Շերպթճինց Քուշան հատուածը՝ Շերպեթճինց Քուշան (Շերպեթճաններուն անկիւն), Քպրանինց Չուքորը (Քպրանեաններուն կիրճը), Եարալէք, Վիր Կիւլը (Վերին կալը), Ֆրանկէն Աղբայրը (Ֆրէնքին [հանգստեան կոչուած բրիտանացի դիւանագէտ Ճոն Պարքըր] ակը) եւ Քապըրլըքի հատուածը՝ Քաըրլըք (Գերեզմանոց), Լակլակէն Սըրթը (Արագիլին Կռնակը), Անտէքինց Մհալլան (Անտեքեաններուն թաղը), Շըպըլ Այն:
  • Հաճի Հապիպլիի մէջ` Շըրշըրոյը, Թերճընէկ, Կալլոյը (Փոքր Կալը), Սիւբկիւքլաքը (Սիւբկիւքեաններ), Եաղբայրը (Աղբիւրը) կամ Տուտաքլուցը Մհալլան (Տուտաքլեաններու թաղը), Եուրուցունց Մհալլան (Քահանային թաղը), Խազզըկնէն:
  • Եողունոլուքի մէջ` Կետէկ, Վիրը Թէուղ (Վերին թաղը), Նըրքը Թէօղ (Վարի թաղը), որ կը գտնուէր գիւղին կեդրոնը, Խարուպ Իքքէք (քանդուած այգիներ), Ադամլաք (Ադամեաններ/Չեմէնեաններ), Ամաճ:
  • Խըտըր Պէկի մէջ՝ Քըժտըրլաք (Քըժտըրեանները), Պաղըլլաք (Պաքքալեաններ), Հաճճըլաք (Հաճեաններ), Հաւըրնիւց, Չուքորը (Կիրճ), Եահուտը Մհալլան (Հրեական թաղամաս), Վիրը Ազզիր (Վերին եզր):
  • Վագըֆի մէջ՝ Հաճճըլաք (Հաճեաններ), ԱնդըՔարշէն (Հանդիպակացկողմը), ԱսդըՔարշէն (Այս կողմը), Մանճըլաք (Մանճեաններ), Կեդրոնական թաղամաս, Նըրքը Ազզիր (Վարին եզրը):
  • Քապուսիէի մէջ` Վիրը Աղբայրը (Վերին ակը), Նըրքը Աղբայրը (Վարին ակը), Կալիրը (Կալեր), Սելիրքը, Քուքայր, Փլլուզ Իզզիյր (Փլածեզրը), Վիրը Թէուղ (Վերին թաղը), Չեւլիք:

Եողունոլուք, 1928։ Խորքին կ՚երեւի Քեսապի լեռը (Աղբիւր՝ Վահրամ Շէմմասեանի հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս)։

  • [1] Վահրամ Շէմմասեան, անձնական թուղթեր, Կրանատա Հիլզ, Քալիֆորնիա, Ալեքսանտրէթի Ինքնավար Սանճաք, անձնաթուղթի թիւ՝ 96, Տետրակ թիւ՝ 32, Լէոն (Լեւոն) Շէմմասեան:
  • [2] Տ. Նարեկ Շրիքեան, անձնական թուղթեր, «Ե. Օլուք (Ճ. Մուսա), Տետր Մկրտութեանց, Ամուսնութեանց եւ Մահերու» ցուցակ, էջ 1-5:
  • [3] Ազգերու Լիկայի արխիւներ, ՄԱԿ-ի գրադարան, Ժընեւ, Զուիցերիա, (ապա` Լ.Ն.), Արտաքին ֆոնտեր. Ալեքսանտրէթի Սանճաք, Ազգերու Լիկայի Յանձնաժողով, Յատուկ Դատարանի Արխիւ, տուփ թիւ C 1058, թղթածրարներ 3/37 և 3/38, Ճեպէլ Մուսա 2, Պիթիաս, Հաճի-Հապիպլի, Եողուն-Օլուք, Խըտըր-Պէյ, Վագըֆ և Քեպուսիէ գիւղերու 1937 թուականի առաջին կարգի ընտրողներու ցանկ:
  • [4] Նոյն:
  • [5] Ալպերթա Մաղզանեան, նամակ հեղինակին, 23 Հոկտեմբեր 2008:
  • 6] Տ. Մովսէս Շրիքեան, «Յուշագրութիւն Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիքեանի (Աւազանի Անուն, Եսայի), անտիպյուշեր, էջ 18; Խաչեր Մատուռեան, «Մեր հացը», Մարտիրոս Գուշագճեան և Պօղոս Մատուռեան, խմբ., Յուշամատեան Մուսա Լեռան (Պէյրութ, Աթլաս հրատարակչատուն, 1970), էջ 148, 155-56; Սառա Քենտիրճեան Քերքեզեան, նամակ հեղինակին, որ նամակատնային տեղեկութեամբ ղրկուած է 19 Նոյեմբեր 1991-ին: Շուշանիկ Չափարեան Փափախեան,անտիպյուշեր, էջ 60, 63:
  • [7] Քենտիրճեան Քերքեզեան, նամակ:
  • [8] Նոյն; Մատուռեան, «Մեր Հացը», էջ 155-56:
  • [9] Հարցազրոյց Ռոզին Շէմմասեան Գունտաքճեանի հետ, 24 Յունիս 1989ին, Ֆրեզնօ, Քալիֆորնիա:
  • [10] Նոյն; Քենտիրճեան Քերքեզեան, նամակ: Տ. Շրիքեան, «Յուշագրութիւն», էջ 38 22:
  • [11] Մաղզանեան, նամակ:
  • [12] Հարցազրոյց Շէմմասեան Գունտաքճեանի հետ; Քենտիրճեան Քերքեզեան, նամակ:
  • [13] Վըրճինիա Մաթոսեան Աբէլեան, Մուսա Լեռան Աղջիկ. Հայոց Ցեղասպանութիւնը Վերապրածներու Դուստրը (Մէյթլէնդ, Ֆլորիտա. Զուլոն հրատարակչատուն, 2011), էջ 141:
  • [14] Թովմաս Հապէշեան, Մուսա-Տաղի Պապենական Արձագանգներ (Պէյրութ, Երէբունի հրատարակչատուն, 1986), էջ 204-06; Հովհաննէս Հաճեան, «Իմ Յուշերը», անտիպ ձեռագիր, նոթատետր 3, էջ 51-57, 68-74: