Բանուորուհիներ եւ մեքենագէտ Թադէոս Պագգալեան Ոստայն հիւսուածեղէնի գործարանին մէջ, 1935-1938, Պիթիաս (Շնորհակալութիւններ Թադէոս Պագգալեանին։ Վահրամ Շէմմասեանի հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս)

Մուսա Լեռ - Առեւտուր, Գործարարութիւն և Արդիւնաբերութիւն

Հեղինակ՝ Վահրամ Շէմմասեան, 16/10/19 (վերջին փոփոխութիւն՝ 16/10/19), թարգմանութիւն՝ Վարուժ Թէնպէլեան

Առաջին աշխարհամարտի բազում դժուարութիւնները կրելէ ետք, Մուսա Լեռան հայերը կը ճգնէին վերադառնալու բնականոն կեանքի՝ օգտուելով Ֆրանսական հոգատարութեան տակ ստեղծուած յարաբերական խաղաղութենէն: Գիւղատնտեսութեան և անասնաբուծութեան կողքին, անոնք կը զբաղէին առևտուրով, գործարարութեամբ, շերամաբուծութեամբ եւ մետաքսի արտադրութեամբ և յարակից այլ գործերով: Բայց մինչ ապագան որոշ յոյս մը կը ներշնչէր, միւս կողմէ համաշխարհային ելեւմտական տագնապները, սպառողական պահանջներու չնախատեսուած փոփոխութիւնը և շրջանային քաղաքական վերիվայրումներ՝ լեռնաշխարհի հայերը կը պահէին անձկագին վիճակի մը մէջ և անոնց տնտեսական զարգացման հեռանկարները կը դարձնէին խոցելի: Այս յօդուածը լոյս կը սփռէ Մուսա Լեռան արհեստներուն, առեւտուրին և ճարտարարուեստի մարզերուն վրայ, որոնք կախեալ էին տեղական միջոցներէ եւ ճիգերէ, ինչպես նաեւ՝ արտաքին ազդակներէ:

Առեւտուր և գործարարութիւն

Մուսա լեռցիներուն կողմէ իբրեւ Քաղիւք, այսինքն Քաղաք անուանուած՝ Անտիոքը կը հանդիսանար շրջանի վարչական եւ առեւտրական կեդրոնը, ուր շրջակայ գիւղերէն մարդիկ կ'ապահովէին իրենց հացահատիկները, ընդեղէնը, շաքարը, հագուստեղէնը և անհրաժեշտ այլ կարիքներ,եւ միաժամանակ կը վաճառէին իրենց պտուղները, բանջարեղէնը և այլ ապրանքներ: Մուսա Լեռան համար այս գործը վստահուած էր հայ ջորեպաններու: 1920-ական թուականներու երկրորդ կէսին եւ 1930-ականներու սկիզբին, ինքնաշարժներու երթեւեկութեան համար ճամբաներու կառուցումով, ջորեպաններու առեւտրական կարեւորութիւնը կը նուազէր, [1] սակայն անոնք կը մնային անփոխարինելի գիւղական ներքին կեանքին մէջ` նկատի առնելով բնութեան լեռնային կառուցուածքը և կուպրապատուած երկրորդական ու ներքին ճամբաներու բացակայութիւնը:

Ճիշդ է, որ Անտիոքը շրջանի առեւտրական գլխաւոր կեդրոնն էր, այսուհանդերձ, Մուսա Լեռան մէջ գոյութիւն ունէին շարք մը առեւտրական ձեռնարկութիւններ և արհեստանոցներ` անմիջական որոշ կարիքներ բաւարարելու համար, մինչ արհեստագործներ ու փերեզակներ իրենց ապրանքները կը վաճաոէին փողոցներու մէջ: Եողունոլուքը միակ գիւղն էր, որ մնայուն շուկայ ունէր, որ Չարշէն կը կոչուէր : Այն կ'երկարէր արեւելքէն արեւմուտք 1 քիլոմեթր երկարութեան վրայ՝ սկսելով Կետէկ թաղամասէն և անցնելով գիւղի կեդրոնէն: Առնուազն հիմնական տասնչորս գործառնութիւններ կը գրաւէին այս փողոցին երկու կողմերը, ինչպէս՝ 2  մետաղագործ/անագագործ/զինագործի խանութ, 2 սափրիչ, 2 նպարավաճառ, 2 նուէրներու խանութ, 1 դերձակի խանութ, 1 սանտրի արհեստանոց, 1  հնակարկատ, 1 հիւսուածեղէնի խանութ, 1 մեծաքանակի խանութ եւ 1 անանուն խանութ (տե՛ս Աղիւսակ 1-ը): Իրականութեան մէջ, այս ամբողջ առեւտրական կեդրոնը նաեւ կը ծառայէր իբրեւ ընկերային հաւաքավայր, ուր տղամարդիկ իրենց ազատ ժամերուն կը հանդիպէին լուրեր փոխանակելու, տարբեր հարցեր քննարկելու, սեղանի խաղեր խաղալու և ընդհանրապէս զուարճանալու համար: Անոնք նաև «գաղտնօրէն» կը դիտէին հոնկէ անցնող աղջիկները՝ անոնցմէ մէկը իբրեւ ապագայ կին ընտրելու նկատառումով: Նկատի առնելով, որ այդտղամարդիկը յաճախ ոչ բաղձալի լեզու կը գործածէին, անոնք չէին ձգեր, որ փոքրիկներ հաւաքուէին իրենց շուրջ: Չարշէնը նմանապէս կը ներգրաւէր գնչուներ, բախտագուշակներ, աճպարարներ եւ այլ անցորդներ, որոնք կը պատմէին հին հերոսներու մասին, կը ցուցադրէին հնարքներ եւ այլն: [2] Ինը այլ խանութներ կային շուկային տարածքէն դուրս՝ խանութներու ընդհանուր թիւը հասցնելով քսաներեքի (տե՛ս Աղիւսակ 1-ը):

Հակառակ անոր որ Եողունոլուքը ունէր կեդրոնական շուկայ մը, բայց Պիթիասն էր որ կը պարծենար ամէնէն աւելի առեւտուրի կեդրոն մը ըլլալու իր հանգամանքով՝ հանրածանօթ ամառային հանգստավայր մը ըլլալուն պատճառով: Աւելորդ է նշել, որ անոնցմէ ոմանք կը գործէին եղանակային դրութեամբ: Ինչ կը վերաբերի միւս գիւղերուն, ապա անոնք նոյնպէս ունէին քանի մը համեստ խանութներ, աշխատանոցներեւկամ սրճարաններ: Քանի որ Եողունոլուքի մէջ սրճարաններ չկային, անոր արական բնակիչները յաճախակի կ'երթային Խըտըր Պէկ: Հետաքրքրականը այն է, որ հոն գտնուող չորս սրճարաններէն երկուքը, որոնք կը գտնուէին կեդրոնական հսկայ սօսիին շուքին ներքեւ, բաժնուած էին կուսակցական պատկանելիութեամբ. Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան համակիրները ժամանակ կ'անցնէին ընկեր Արմենակ (կամ Մենակ) Գապաքեանին սրճարանը, մինչ մրցակից Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հետեւորդները՝ ընկեր Նշան Պոյաճեանի սրճարանը: [3]

Փայտի արտադրութիւն

Մուսա Լեռան մէջ ընդարձակ տարածութիւններ ծածկած վայրի անտառները ձեւաւորած էին շարք մը արհեստներ: Ըստ թերթի մը տեղեկագրին, Ալեքսանտրէթի Սանճաքին մէջ գտնուող 70,000 հեքթար (172,900 acres/արտավար) անտառային տարածութեան 4,000 հեքթարը (9.880 acres/արտավար) կամ Մուսա Լեռան տարածութեան շուրջ 6%-ը ծածկուած էր անտառով: [4] Յովհաննէս Տումանեան, գիւղատնտեսութեան ճարտարագէտ մը, ծագումով հաճընցի, 23 Սեպտեմբեր 1923-էն սկսեալ կը ծառայէր իբրեւ Սանճաքի գիւղատնտեսութեան եւանտառամշակութեան տնօրէն՝ կը յաջողէր կառավարութեան տարեկան եկամուտը՝ միայն անտառամշակութեան  մէջ՝ 1,800 սուրիական ոսկիէն բարձրացնել 20,000 ոսկիի: [5] Իր կարգին, Եողունոլուքէն Յակոբ Պոյաճեանը («Մերճումէք»), որ նախապէս քսանապետ էր ֆրանսական Արեւելեան Լէգէոնին մէջ, իբրեւ ձիաւոր՝ Ֆրանսայի հոգատար իշխանութիւններուն կողմէ յանձնարարուած էր հսկելու Մուսա Լեռան եւ դէպի հիւսիս՝ Քըզըլ Տաղի անտառային հողերը: Իբրեւ այդպիսին, ան կը ձերբակալէր փայտագործներ և փայտածուխ արտադրողներ, որոնք կը գործէին առանց արտօնագրի:

Փայտածուխի պատրաստութիւն

Փայտածուխի պատրաստութիւնը զարգացած էր հետեւեալ ձեւով: Գարնան օրերէն սկսեալ մինչև աշնան սկիզբը, յատկապէս Պիթիասի գիւղացիները կիրակի երեկոյեան ճամբայ կ'ելլէին իրենց տուներէն (վերադառնալով յաջորդ շաբաթ երեկոյեան) եւ կ'ուղուէին դէպի լեռան վրայ յատուկ վայրերու մէջ կառուցուած տամիրներ (հիւղակներ): Հոն անոնք կը կտրէին կաղնիի ծառեր ու զանոնք կը կտրատէին փոքր մասերու՝ ընդհանրապէս 2 ոտք չափով (61 սանթիմեթր) եւ զանոնք կոնաձեւ կը դիզէին կեդրոնական կոճղի մը վրայ՝ ստեղծելով թրծոց մը 6 ոտք բարձրութեամբ (1.83 մեթր) եւ 40 ոտք (12 մեթր) տրամագիծով (փոքր դէզերը կը կոչուէին օճախը լակիւտ): Ապա շրջանակէն 3.9 ինչ (10 սանթիմեթր) հեռաւորութեան վրայ ամբողջ տրամագիծով անոնք քարեր կը զետեղէին և օճախը կը ծածկէին նախ քազալով (չոր տերևներով), ապա` կը մեկուսացնէին հողի ծածկոյթով: Այնուհետեւ անոնք կը հանէին առանցքային ձողը եւ կրակը բացուած բիրունէն (բերանը) կը ձգէին վար առէօթի (անթեղ) միջոցով և բացուածքը կը ծածկէին թիթեղի կտորով մը եւ հողով, օդի ներթափանցումը կանխելու եւ փայտի հրկիզման ու մոխրացման առաջքը առնելու համար: Դէզը ներսէն բորբոքեցնելէ ետք, փայտածուխ արտադրողները պարբերաբար կը ստուգէին հովին ուղղութիւնը մրտենիի նոր ճիւղեր աւելցնելու համար` եթէ ի յայտ գար որ հովը քարերուն եւ փայտին միջև բացուածքներ առաջացուցած է: Անոնք նաեւ իւրաքանչիւր 4-5 ժամը մէյ մը կը ստուգէին դէզը, կարկըտելու համար պատրուց տիղիրը (ճեղքեր) քազալով  եւ հողով, և ամէն 9-10 ժամը անգամ մը լըլլու բիրունը (բերանը լեցնել) կանաչ փայտով խեղդելու համար որեւէ կրակ՝ նախքան անոր բոցավարումը (միշտ մոխրացումէ խուսափելու համար): Այս ամբողջ գործընթացը կը տեւէր շուրջ երեք օր, մինչև որ օճախը վերջապէս չըքմըշըննօ (ծրէր, կծկուէր): Այս հանգրուանին, փայտածուխ արտադրողները քանի մը անկիւններէ երկաթէ Խանդըրուշ (ձող) կը խոթէին եւ օճախը իղուծ (եղած) կը նկատէին՝ եթէ խառնելու ընթացքին կոտրուած ապակիի ձայնը յիշեցնող ձայներ լսէին: Քարերն ու հողը վերցնելէ ետք, փայտածուխ արտադրողները գըրզիլէն (փայտածուխ) կ'անջատէին իրարմէ քանի մը ժամ պաղեցնելու մտադրութեամբ եւ ապա զայն կը տեղափոխէին կարմէր օրում տըպըրկիր (կարմիր խիտ պարկերու) մէջ՝ վերադառնալով գիւղ ջորիներու վրայ (երկու պարկ) կամ էշերով (մէկ պարկ): [6] Հետեւաբար, 1923-ին, Մուսա Լեռան մէջ ստացուած փայտածուխը կը գնահատուէր 1,600,000 օխայով (4,480,000 փաունտ/ 2.036 թոն): Այս արտադրութեան 1,300,000 օխան (3,640 փաունտ/1,655 թոն) կ'արտածուէր և 300,000 օխան (840,000 փաունտ/381 թոն) կը գործածուէր տեղական ջեռուցման համար: [7] Իբրեւ այդպիսին, փայտածուխը կ'այրէին նստասենեակին մէկ անկիւնը փորուած փոսի մը մէջ, մինչ աշակերտներ ձմռան ամիսներուն իրենց դասարանները տաքցնելու համար ամէն օր  փայտի եւ փայտածուխի կտորներ կը տանէին դպրոց: [8]

Փայտածուխի գործարքը և արտածումը

Ջորեպանները փայտածուխը կը տեղափոխէին Անտիոք: 1920-ականներու սկիզբը, աղքատ երիտասարդ կիներ և այրիներ նոյնպէս փայտ, փայտածուխ և գետնախնձորի բեռներ կը շալկէին դէպի այդ քաղաքը եւնոյն օրը կը վերադառնային հացահատիկի ապսպրանքներով։ Այս գործողութեան համար կը ստանային փոքր վարձատրութիւն մը, որուն միջոցով կը կերակրէին իրենց ընտանիքները: [9] Շատ շուտով փայտածուխի առեւտուրը սկսաւ կեդրոնանալ քանի մը գործատէրերու ձեռքը: 1921-ին, Մովսէս Ռենճիլեան՝ Պիթիասէն, եւ հայր ու որդի Գէորգ և Եսայի Շրիքեան՝ Եողունոլուքէն, ընկերութիւն մը կը հիմնեն՝ փայտածուխը արտածելու արեւելեան Միջերկրականի երկիրներու տարբեր շրջանները՝ հասնելով մինչև Եգիպտոս: Այս ընկերութիւնը կը դադրի գոյութիւն ունենալէ երեք տարի ետք, երբ երեւան կու գայ արտօնագրին ապօրինութիւնը: [10] 1920-ականներու վերջերուն, Հալէպի շրջանէն Սուրիոյ խորհրդարանի ապագայ պատգամաւոր եւ Սուրիոյ ազգայնական առաջնորդ Իպրահիմ Հանանոյի քաղաքական հովանաւորեալներէն` Արտաշէս Պողիկեանը, եղբօրը՝ Աբգարին և որդեգիր զաւկին՝ Եդուարդին հետ, մենաշնորհի կը վերածեն Մուսա Լեռան մէջ արտադրուած փայտածուխին մեծ մասը: Անոնք կ'օգտագործէին Պիթիասի մէջ Սարգիս Շերպէթճեանի տան բակը, իբրեւ պահեստի եւ բաշխման կեդրոն: Վերջաւարութեան խնդրոյ առարկայ կը դառնայ նաեւ անոնց մենաշնորհը, երբ Եողունոլուքէն Ճապրա Գազանճեանը և որդին՝ Արամը կը շահին փայտածուխ արտադրողներուն համակրանքը՝ անոնց տրամադրելով վարկեր և ընդհանրապէս աւելի լաւ վարձատրութիւն: [11] Փաստօրէն, ֆրանսական իշխանութիւնները Գազանճեան եղբայրներուն ՝ Ճապրային և Տիգրանին կը շնորհեն փայտի հատման բացառիկ իրաւունքը ամբողջ շրջանին մէջ, որ կը տարածուէր Քըզըլ Տաղէն՝ հիւսիսէն մինչև ալաուի պետութեան սահմանները՝ ծովեզերեայ Լաթաքիա քաղաքին շրջակայքը հարաւի մէջ: Անոնք աշխատանքի կը լծեն 150 փայտահատներ եւ ջորեպաններ Մուսա Լեռան հայկական գիւղերէն, ինչպէս նաև՝ դրացի թուրքմէնական Չանաքլի, Սանտըրանկ, Սանտըրանկէն Ամաճը, Կումպաճէն, Արսուզ, Իքիզօղլու և Չաղլաքուզ գիւղերէն: Չաղլաքուզի գործաւորներուն ղեկավարը՝ Համիտ, հանդէս կու գար իբրեւ թուրքմէն աշխատաւորներու ղեկավարը: Տիգրանը կը բնակէր Անտիոք` այդտեղէն տարբեր քաղաքներու մէջ ներկայացուցիչներու ճամբով՝ վառելանիւթի, փայտածուխի, շինարարական շերտաձողերու, ելեկտրական սիւներու և խաղողի յենարաններու արտածումն ու շուկայավարումը ղեկավարելու համար: Բեռնատարներ ցամաքի ճամբով բեռը կը փոխադրէին դէպի Ալեքսանտրէթ (ներկայացուցիչ՝ Ներսէսեան), Հալէպ, Համա, Հոմս և Դամասկոս (ներկայացուցիչ՝ Արթին աղա): Միաժամանակ, փոխադրական յատուկ դրութեամբ մը, որ Տամլաճըքի բարձունքը կը կապէր մօտակայ ծովեզերքին, բեռը կը հասցնէին երեք նաւերու վրայ. երկուքը կը պատկանէր Գազանճեաններուն, իսկ երրորդը կը գործէր ընկերաբար ալաուիի մը հետ: Նաւերը բեռը կը փոխադրէին Պէյրութ, Լիբանան (ներկայացուցիչ`Աղա Պապա), Եաֆա, Պաղեստին (ներկայացուցիչ՝ Օհաննէս՝ Ճապրա Գազանճեանին որդին) և Փոր Սայիտ, Եգիպտոս (ներկայացուցիչ՝ անծանօթ): [12]

Դժբախտաբար, այս շահաբեր առեւտուրը վերջ կը գտնէ 1938-ին, երբ Գազանճեանները կը փոխադրուին Լաթաքիա և ապա Պէյրութ, երբ Սանճաքի կարգավիճակին շուրջ ստեղծուած տագնապը երթալով կը սրի: [13]

Սանտրի և դգալի արտադրութիւն

Մուսա լեռնցիները հետամուտ էին նաեւ փայտի առնչուող երկու այլ արհեստներու՝ սանտրի և դգալի պատրաստութեան, նաեւ՝ ատաղձագործութեան: Առաջին երկուքը աւելի տարածուած ու եկամտաբեր էին: Եողունոլուքի տղամարդոց մեծամասնութիւնը կը զբաղէր սանտրի պատրաստութեամբ, որովհետեւ գիւղը ունէր գիւղատնտեսական սահմանափակ կարելիութիւններ՝ նկատի առնելով ջուրի սակաւութիւնը գիւղին մէջ:

Այս արհեստաւորները կը պատրաստէին իրենց սեփական գործիքները, ինչպէս՝ մամլակներ, տաշող կացիններ, մուրճեր, սղոցներ, խարտոցներ, գամեր և այլն: [14] Երկու առանձնայատուկ ծառեր կը մատակարարէին փայտին մեծ մասը՝ քաթլապա (մաթուզ) և տոսախ (տօսախափայտ), որոնք երկուքն ալ առատօրէն կ'աճէին Մուսա Լեռան մէջ: Կը գործածուէին նաեւ կենդանական ոսկորներ, մասնաւորաբար՝ ուղտի ոտքեր, այծի և ցուլի եղջիւրներ և փղոսկր: Անոնք կը ճարուէին Հալէպի, Համայի և Անտիոքի շուկաներէն, շուրջ մէկ ամիս կը պահէին կրաջուրի մէջ՝ ձերբազատելու համար մանրէներէ, ճճիներէ և վատ հոտէ, կը կտրուէին երկու-երեք փոքր մասերու և կը միացուէին զետեղուած գամերով: [15] Այս տեսակի սանտրերուն պատրաստութիւնը աւելի դժուար էր և համեմատաբար աւելի սուղ: Ամէն պարագայի, ինչ տեսակի ալ ըլլար, ամբողջացած ապրանքը կ'առաքուէր տասներկու սանտր խմբող ծրարներով՝ դիւրին հաշուելու նպատակով: [17] 1923-ին, Մուսա Լեռէն արտածուած է 500.000 փայտեայ և 5000 ոսկրեայ սանտր: Միաժամանակ, երեսուն արհեստաւորներ հաւաքաբար առաքած են 200.000 փայտէ դգալներ և շերեփներ: [18] Այս արտադրատեսակները կը վաճառուէին Սուրիոյ զանազան քաղաքներուն և անապատային ներքնագաւառներուն՝ յատկապէս Տէր Զօրի մէջ, ինչպէս նաև՝ Պաղեստինի, Իրաքի, Եգիպտոսի, Սուտանի և Թունուզի մէջ: Ինչ կը վերաբերի ատաղձագործութեան, ապա անիկա կ'ընդգրկէր սեղաններու, աթոռներու, դուռներու, պատուհաններու, պահարաններու, օրօրոցներու և այլնի շինութիւնը՝ տեղական գործածութեան համար: [20]

1) Ոսկրէ սանտր թիթեռնիկի պատկերով պատրաստուած Գաբրիէլ/Ժապրա Շէմմասեանի կողմէ, Եողունոլուք (Աղբիւր՝ Վահրամ Շէմմասեանի հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս)։
2) Ոսկրէ սանտր, պատրաստուած Գաբրիէլ/Ժապրա Շէմմասեանի կողմէ, 1948-ին, Թրիփոլի (Լիբանան), տրուած է նուէր Ժամիլէ Շերպէթճեան Սթանպուլեանի, որ քոյրն էր Գաբրիէլի կնոջ՝ Մարթայի (Շնորհակալութիւններ Ժամիլէ Շերպէթճեան Սթանպուլեանի։ Աղբիւր՝ Վահրամ Շէմմասեանի հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս)։
3) Մետաղեայ սանտր պատրաստուած Տիգրան անունով արհեստաւորի մը կողմէ, որ Եողունոլուքէն էր եւ գաղթած էր Դամասկոս (Շնորհակալութիւններ Ժամիլէ Շերպէթճեան Սթանպուլեանի։ Աղբիւր՝ Վեհանուշ Գույումճեան Պուրսալեանի հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս)։

Շերամաբուծութենէն մինչև մետաքսի արտադրութիւն

Նկատի առնելով որ շերամաբուծութիւնը տաղտկալի էր եւ կը պահանջէր բազմաթիւ աշխատող ձեռքեր, նոյնիսկ պատանիներ աշխատանքի կ'առնուէին որոշ պայմաններու մէջ: 1920-ականներու առաջին կէսին, երբ բոժոժի արտադրութիւնը կը գտնուէր իր լաւագոյն օրերուն մէջ, կրթական օրացոյցը կը յարմարցուէր ըստ այնմ: 1923-ին, Մուսա Լեռան Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) Սիսուան դպրոցներու ցանցին տնօրէնը՝ Գրիգոր Արոյեան կ'առկախէ դասերը 1-էն մինչև 15 Մայիս, որպէսզի աշակերտները կարենան օգնել իրենց ծնողներուն մետաքսի աշխատանքին մէջ՝ պայմանով որ կորսուած դասապահերը փոխարինուէին Յունիս ամսուան ընթացքին: [21] Նոյնպէս, 1923-24-ին, Հաճի Հապիպլիի, Քապուսիէի և Վագըֆի աշակերտները դպրոց կը յաճախեն 6 Օգոստոս1923-էն 10 Մայիս 1924, մինչ անոնց Պիթիասի, Եողունոլուքի և Խըտըր Պէկի ընկերները՝ 5-10 Սեպտենբեր 1923-էն 10 Յունիս 1924:Գիւղացիներու փափաքին ընդառաջ կատարուած այս կարգադրութիւնը առիթ կ'ընձեռէր աշակերտներուն՝ մասնակցելու այդ եղանակի ձիթապտուղի և հատապտուղներու քաղին, ինչպէս նաև՝ օգնելու ծնողներուն շերամաբուծութեան մէջ: [22] Շերամներու սնուցումը կը կատարուէր թթենիի պարտէզներու մէջ կառուցուած յատուկ տուներու մէջ, որոնք հիմնականօրէն կը գտնուէին գիւղին ծայրամասերը: Սենեակները, որոնք պէտք էր պահուէին որոշ ջերմաստիճանի վրայ, կը հականեխուէին քիմիական նիւթերով՝ մանրէները, մուկերն ու այլ վնասակար միջատները ոչնչացնելու համար: Մշակները յատուկ լաստակներ կը սարքէին և դարակներու վրայ կը զետեղէին երկար փայտէ ափսէներ, որպէսզի կարենային օրական քանի մը անգամ կերակրել շերամները՝ թարմ, շերտուած թութի տերեւներով: [23]

Մարմնափոխութեան չորս հանգրուան կտրելէ եւ հասունացման փուլ հասնելէ ետք, թրթուրները կը փոխադրուէին թուփերով պատրաստուած աւիլներու վրայ, ուր անոնք պիտի հիւսէին իրենց բոժոժները: [24] Ինչպէս որ տեղացի մը դիտել կու տայ.

«Բոժոժահաւաքը եւ անոնց թոյլ թելերուն ամրացումը սովորաբար համայնքային պարտականութիւն էր: Դրացիներ եւ հարազատները միասին կ'աշխատէին՝ նախքան որ դուրս գալու համար թիթեռը ծակէր բոժոժը եւ մետաքսաթելերը դառնային անօգուտ: Մարդիկ կ'ուզէին այս աշխատանքը ամբողջացնել նախքան մթննալը և բոժոժներու հոգատարութեան պատասխանատւութիւնը փոխանցել այն վաճառականներուն, որոնք տունէ տուն կ'անցնէին՝ կշռելով, բեռնաւորելով և բեռները փոխադրելով Անտիոքի շուկաները: Երբ սեփականատէրը կը ստանար իր բոժոժներուն փոխարժէքը, մարդիկ թեթեւութիւն մը կը զգային և պատրաստ՝ տօնախմբութեան: Վարձատրուած գիւղացիները ափսէներով հալվա և թոնիրի հաց կը հրամցնէին իրենց դրացիներուն: Այդ քանի մը օրերուն շատ աւելի հալվա կը սպառէր Պիթիասի մէջ, քան տարուան մնացեալ օրերը»: [25]

1923-ին, շերամաբուծական արտադրութեան քանակը կը գնահատուէր 55,000 օխա (154,000 փաունտ/70 թոն) բոժոժով և 800 օխա (2,240 փաունտ/1 թոն) հում մետաքսով: [26] Վերջինը աճած է 48%-ով (շուրջ 1,5 թոն) յաջորդ տարին: [27] 1920-ականներու կէսերուն, վեց գիւղերուն մէջ շերամաբուծութեամբ զբաղողները տարեկան կը սպառէին 1,810 կլոր տուփ շերամի հաւկիթ (իւրաքանչիւրը՝ La vache qui rit կամ The Laughing Cow պանիրի տուփի չափով) հետեւեալ դրութեամբ՝ Քապուսիէ 450 տուփ, Պիթիաս 420 տուփ, Հաճի Հապիպլի 380 տուփ, Եողունոլուք 350 տուփ, Խըտըր Պէկ 150 տուփ և Վագըֆ 60 տուփ: Իւրաքանչիւր տուփ միջին հաշուով կ'ապահովէր 5 օսմանեան ոսկի եկամուտ կամ ընդհանուր գնահատումով՝ 9,050 օսմանեան ոսկի: [28]

Մետաքսի մեծածաւալ տնտեսութիւններ և շերամաբուծութեամբ զբաղող գործարարներ

Թէեւ մուսա լեռցիներու մեծամասնութիւնը կը զբաղէր շերամաբուծութեամբ, սակայն գիւղի երեւելիները, որոնք կը կազմէին բնակչութեան նուազ քան 3 առ հարիւրը, կը վերահսկէին տնտեսական այս մարզը իրենց ընդարձակ ագարակներով եւ կամ բերքը սովորական գիւղացիներէն հաւաքելու միջոցներով: [29] Եողունոլուքի Գազանճեանները լաւագոյն օրինակը կը ներկայացնեն: Այս մարզին մէջ անոնց բախտը աւելի կը բացուի, երբ ձեռք կը ձգեն կարեւոր կալուած մը, որ կը պատկանէր Քերովբէ Մ. Ասլանեանին՝ պոլսահայ մեծահարուստ մը, նաեւ հանրածանօթ երգիծաբան Երուանդ Օտեանի մօրեղբայրը: Մահուան պահուն՝ 1926-ին, Ասլանեանը մետաքսի ագարակ մը ունէր Մուսա Լեռան յարակից Սուէտիա դաշտավայրին Մուղայրուն գիւղին մէջ: Ագարակը կը գտնուէր գետի մը երկու ափերուն վրայ (Որոնդեսը կամ հարկատու վտակ մը), երկու ջաղացք կը բանեցնէր, կը պարփակէր տասնեօթը մետաքսի տուն, առաւել այլ կառոյց մը` շերամները «արթնցնելու» համար: Այս բոլոր կառոյցները կը բանեցուէին ալաուի քառասուն ընտանիքներու կողմէ, որոնք կ'աշխատէին իբրեւ բաժնետէր՝ վաստկելով շահին 50 առ հարիւրը: Այս գործարքին բերքը կը գնահատուէր 55 տուփ շերամի ձուերու արտադրութեամբ՝ յաւելեալ 10 տուփ աճի ներուժով: Իւրաքանչիւր թթենիի պուրակը, որ «կը կերակրէր» մէկ տուփ, կ'արժէր 50 օսմանեան ոսկի, ընդհանուր գնահատումով՝ աւելի քան 3,000 լիրա: Ասլանեան իր կալուածը կը կտակէ իր եղբօրորդիին՝ Արտավան Հովեանին, որ իր կարգին զայն կը վաճառէ Գազանճեան եղբայրներուն: [30] Գազանճեան եղբայրները խըտըր պէկցի Միհրան Աշգարեանը կը նշանակեն պատասխանատու՝ իրենց գործերը ղեկավարելու Մուղայրունի մէջ: [31]

Միայն հայ երեւելիները չէին, որոնք շերամաբուծութեան մէջ մեծածաւալ գործառնութիւններ ունէին: Կը նշուին նաև յոյն ուղղափառ (Հոռոմ/Հուրում) վաճառականներ Անտիոքէն և Լեւշիէյէն՝ Սուէտիա ենթաշրջանի վարչական-առեւտրական կեդրոնէն: 1920-ականներու սկիզբը՝ անիշխանութեան ժամանակաշրջանին, Սուէտիոյ դաշտավայրին մէջ բնակող քրիստոնեայ առևտրականները պաշտպանութիւն կը ստանային հայ զինեալներէ և իրենց բոժոժներու ծրարները, որոնք պատրաստ էին առաքման, կը բերուէին մօտակայ հայկական Վագըֆ գիւղը՝ ապահովական նկատառումներով, մինչև նաւերուն ժամանումը: [32]

1) Շերամի որդերուն մասին գրառում Սերոբ/Սամուէլ Յակոբ Ատաճեանի կողմէ, 1920-ականներու սկիզբը։ Ատաճեան Խըտըր Պէկէն էր եւ այդ տարիներուն անգլերէն կը սորվէր Սփրինկֆիլտի (Մասաչուսէց) American International College-ին մէջ։
2) Գրառումներու նօթատետրի կողքը. պատկանած է Սերոբ/Սամուէլ Յակոբ Ատաճեանի։
(Աղբիւր՝ Վահրամ Շէմմասեանի հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս)

Շերամաբուծութեան անկումը Մուսա Լեռան մէջ

Դժբախտաբար, շերամաբուծութիւնը սկսաւ նահանջել 1920-ականներու երկրորդ կէսին և 1930-ականներու սկիզբին ո՛չ միայն Մուսա Լեռան, այլեւ Սուրիոյ ամբողջ տարածքին: Վիճակագրութիւններ ցոյց կու տան, որ «համաշխարհային առաջին պատերազմէն առաջ, բոժոժներու ընդհանուր արտադրութիւնը Սուրիոյ մէջ կը գնահատուէր 6 -7,000 թոնով, մինչդեռ 1931-ի շուրջ անիկա նուազած էր աւելի քան կէսով եւ հասած 2,850 թոնի: Նոյնպէս, նոյն ժամանակահատուածին, հում մետաքսի արտածումը 1,313 թոնէն իջած էր 89 թոնի: Վերջապէս, մետաքս մանող գործարաններու թիւը 194-էն իջած էր 35-ի»: [33] Մուսա Լեռան մէջ կ'արձանագրուին համեմատական կրճատումներ: 1927-28-ին, միայն Պիթիասի բնակիչները կը վնասեն 20,000 լիրա, ինչ որ համարժէք էր նախորդ հինգ տարիներու անոնց ընդհանուր վաստակին: 1932-ին արդէն, մետաքսի առնչուող առեւտուրէն գիւղացիներու տարեկան եկամուտը արագօրէն նուազած էր եւ հասած 150 լիրայի: Ինչ կը վերաբերի ընդհանուր առմամբ մուսա լեռցիներուն, ապա 1934-ին անոնք կերակրած են ընդամէնը 700 տուփ շերամի ձուեր, իւրաքանչիւր տուփի արժէքը ½ լիրա, ընդհանուր գնահատումով՝ 350 լիրա (իջնելով 9,050 լիրայէն): [35] 1939 Յունիսի վերջաւորութեան, բոժոժի արտադրութիւնը կը գնահատուէր 15 թոնով, որ կը կազմէր Մուսա Լեռան ամբողջ գիւղատնտեսական բերքին (5.065 թոն) 0.3 առ հարիւր համեմատութիւնը: [36]

Երեք գործօններ պատճառ կը դառնան այս կտրուկ անկումին: Նախ՝ Ճաբոն կը սկսի իր հակակշռին տակ առնել մետաքսի համաշխարհային շուկան՝ դժուարացնելով այլ արտադրողներու մրցունակութիւնը: [37] Երկրորդ՝ արուեստական մետաքսը կամ ռայոնը, որուն արտադրութիւնը տասնամեակի մը ընթացքին կ'աճի տասը անգամ, «1918-ի 32.000.000 փաունտէն աւելի քան 300.000.000 փաունտ 1928-ին», - աւելի ընդունելի կը դառնայ սպառողներուն համար՝ իր աժանութեան, գրաւչութեան և որակին համար: [38] Երրորդ, Սուրիա-Կիլիկիա սահմանին գործնապէս փակումը 1921-ին՝ Կիլիկիայէն ֆրանսական ուժերու հեռացումէն ետք, մեծ չափով կը խափանէր ապրանքներու հոսքը: Կիլիկիան, որ այժմ Թուրքիոյ մաս կը կազմէր, կը հանդիսանար ուղղակի արտածման հիմնական հասցէն յատկապէս Հաճի Հապիպլիի արտադրողներուն համար. անոնք կը կորսնցնեն իրենց գործը: [39]

Յոյն առեւտրականներու կողմէ գիներու շահագործումը եւ կամայական ճշդումը նոյնպէս վճռորոշ կը դառնար ընհանուր շերամաբուծութեան համար: 1924 Սեպտեմբերին, մեծաքանակի նմանօրինակ գնորդներ, «խաղ խաղալով մարդոց վրայ», 20% նուազ կը վճարեն հայերէ չորս ամիս առաջ իրենց ստանձնած բոժոժներուն գինը՝ պատճառաբանելով սակագիներու անկումը եւրոպական շուկաներուն մէջ: [40] 1929-ին, իրարու միջեւ համաձայնելով, անոնք անգամ մը եւս նենգօրէն կը նուազեցնեն բոժոժներու գինը, [41], այս անգամ անոնց արժէքը հասցնելով 1 սուրիական լիրայի (80 սենթ) իւրաքանչիւր 2 օխայի համար (5.6 փաունտ): [42] Այս մեքենայականութիւններուն պատճառով, ինչպէս նաեւ՝ վերեւ նշուած միւս պատճառներուն հետեւանքով, մուսա լեռցիները տնտեսական անկումէ դուրս գալու համար, արտագաղթի կողքին՝ կը դիմէին կտրուկ այլ միջոցներու, ինչպէս՝ արմատախիլ կ'ընէին թութի պարտէզները և զանոնք կը փոխարինէին պտղատու այլ տեսակի ծառերով կամ իրենց կալուածները կը վերածէին բանջարեղէնի և հացահատիկի դաշտերու: [43]

1) Կտաւագործութեան գործիք։ Գործուած է ոսկորէ Գաբրիէլ/Ժապրա Շէմմասեանի կողմէ (Աղբիւր՝ Վահրամ Շէմմասեանի հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս)։
2) Ոստայնի (ջուլհակութեան) փայտեայ գործիք (Աղբիւր՝ Վահրամ Շէմմասեանի հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս)։
3) Կնոջական մետաքսեայ պայուսակ ծաղիկներու պատկերով, պատրաստուած Պիթիասի մէջ (Շնորհակալութիւններ Ռոզին Շէմմասեան Գունտագճեանի։ Վահրամ Շէմմասեանի հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս)։

Թաշկինակի պատրաստութիւն, ասեղնագործութիւն և գորգագործութիւն

Երկու ժողովրդային արուեստի յարակից աշխատանքներ, մասնաւորաբար` թաշկինակի պատրաստութիւնն ու ասեղնագործութիւնը, համեստ չափերով կը փոխարինէն շերամաբուծութեան մարզին մէջ արձանագրուած կորուստները` դառնալով շահաբեր աշխատանքներ: Եողունոլուքի մէջ, 1920-ականներու սկիզբը, Շրիքեանները  կը հաւաքէին տուներու մէջ պատրաստուած թաշկինակները եւ զանոնք կը վաճառէին ընդհանուր շրջանին մէջ՝ հասնելով մինչեւ Մ. Նահանգներ: [44] Նոյնպէս, Կարապետ և Սեդրակ Թաշճեան եղբայրները Հալէպ գտնուող մեծաքանակի վաճառականէ մը կը գնէին ապսպրանքով կտրուած նուրբ կտաւներ և դերձան ու զանոնք կը ցրուէին տան մէջ աշխատող կանանց՝ թաշկինակ պատրաստելու համար. փոխարէնը կիները իւրաքանչիւր երկվեցեակի համար կը ստանային 3-4 դահեկան:[45] Միջին հաշուով կին մը կրնար օրական մէկ թաշկինակ արտադրել, մինչդեռ արագ աշխատող մը կրնար երկու հատ աւարտել: [46] Խըտըր Պէկի մէջ, Օֆլազեանները բազմաթիւ տանտիկիններ գործի լծած էին արտադրելու համար կանևա (խաչաձև կար), օպուսսոն (նկարով ձեռագործ), կէրկէֆ (ասեղնագործութիւն շրջանակով քաշուած կտաւի վրայ), Մարաշ, մաքոք եւ քրոշէ աշխատանքները, ինչպէս նաեւ՝ սեղանի անձերոցներ և բարձի զարդարուած ծածկոցներ: [47] Պիթիասի մէջ, կիներ կ'աշխատէին Սարգիս Իկարեանին («Մեպուս») համար՝ պատրաստելով աճուրով (մանրաքանդակ) զարդարուած թաշկինակներ և կարուած թրապսոնի (կամ փարվազի) նման զարդական ձևաւորումներով: [48] Սարգիսին կինը՝ Մայրում, ծնեալ Թամինոսեան, իր ամուսինին մահէն ետք կը շարունակէ թաշկինակի գործը: Ան պատրաստուած արտադրանքը կը տանէր Հալէպ գտնուող բողոքական պատուելիի մը՝ Ահարոն Շիրաճեանին [49], որ թաշկինակներու և ասեղնագործութեան ապսպրանքներ կ'առնէր եւրոպական շուկաներէ. շահած գումարները Պատուելին կը գործածէր իր կեանքի իմաստը դարձած առաքելութեան՝ Սուրիոյ մէջ ցեղասպանութենէն վերապրողներու ապաստան տալու եւ զանոնք վերականգնելու գործին: [50] Նոյնպէս Պիթիասի մէջ, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի տեղական մասնաճիւղի կամաւորներ ծխական նախակրթարանի աղջիկներուն կը սորվեցնէին ասեղնագործութեան արուեստը, մինչ տղաքը նշանառութեան փորձ կը կատարէին: [51] Քապուսիէի մէջ,  դպրոց յաճախելու փոխարէն աղջիկները ընդհանուր առմամբ տունը կը մնային երիզաւոր թաշկինակներ պատրաստելու համար՝ օրական 1 դահեկան աշխատավարձի դիմաց: [52]

1) Ասեղնագործուած բամպակէ պայուսակ (Շնորհակալութիւններ Ռոզին Շէմմասեան Գույումճեանի։ Վահրամ Շէմմասեանի հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս)։
2) Մետաքսեայ եւ ասեղնագործուած երեխայի գլխարկ գործուած մուսա լեռցի կիներու կողմէ Միացեալ Նահանգներու մէջ (Շնորհակալութիւններ Օրօրա Ատաճեան Լեհմաննի։ Վահրամ Շէմմասեանի հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս)։

Բացի իրենց բացայայտ օգտաշատ գործառնութենէն, թաշկինակները որոշ դերեր կը խաղային Մուսա Լեռան ազգագրութեան մէջ: Աւանդական նշանախօսութեան գործընթացը կ'ընդգրկէր փեսային ընտանիքին կողմէ տրամադրուած մատանի մը, օղ, ապարանջան կամ նման արժէքաւոր իր մը, բոլորը փաթթուած մետաքսէ շալով մը կամ թաշկինակով մը: Նկատի ունենալով, որ տպագիր հարսանեկան հրաւէրներ ուղարկելու ժամանակակից սովորութիւնը դեռ կանոն չէր դարձած, առնուազն որոշ գիւղերու մէջ, քարթերու փոխարէն թաշկինակներ կը բաժնուէին հարազատներուն, դրացիներուն և ընկերներուն: Նմանապէս, կարմիր թաշկինակ մը, որ կը խորհրդանշէր երջանկութիւն, կը կախէին հարսնացուն եկեղեցի տանող ձիուն պարանոցէն: Վերջապէս, թաշկինակը սովորաբար հարսնցուին օժիտին մաս կը կազմէր այլ առարկաներու կողքին, ինչպէս՝ գոհարեղէնները, գիշերային զգեստները, շալերը, գլխակապերը (տուլուք/եազմա), սանտրները, հայելիները, անձեռոցները, բարձի երեսները եւ այլն: Կրօնական որոշ արարողութիւններու ընթացքին, սնոտիապաշտ մարդիկ իրենց թաշկինակները գետին կը նետէին՝ այն յոյսով, որ աստուածային միջամտութիւն կրնան ապահովել անբուժելի հիւանդութեան մը դարմանումին կամ դժուարին կացութենէ մը դուրս գալու համար: Որոշ տօնախմբութիւններու ընթացքին, ամուրիները ներկայացնող կամաւորներու անպաշտօն միութեան ղեկավարը (իկիթպաշին) թաշկինակ կամ նման իրեր կը նուիրէր գիւղապետին, որպէսզի գիւղին հրապարակը պարելու, խաղերու և խնճոյքի համար գործածելու արտօնութիւն ստանայ անկէ: Արդարեւ, պարախումբը առաջնորդող անձը անընդհատ թաշկինակ կը ճօճէր: Մասնաւորաբար կիները դրամը կը կրէին ծալլուած թաշկինակներու մէջ (քսակի փոխարէն), զետեղուած՝ իրենց կուրծքին մէջ: [54] Թաշկինակը նաեւ կը ծառայէր իբրեւ հաշտութեան արտայայտութիւն գժտուած խմբակցութիւններու միջեւ: Այդպէս կ'ըլլայ օրինակ Հաճի Հապիպլիի ծխական խորհուրդի պարագային, որ 1926 Օգոստոսին Սահակ Բ. կաթողիկոսին կ'ուղարկէ մետաքսէ վեց թաշկինակ, իբրեւ վկայութիւն իր անդամներուն մերձեցման փափաքին` դառն բախումներու երկար ժամանակէ մը ետք: [55] Ցանկը կ՛երկարի:

Գորգերու արտադրութիւնը կը կազմէր այլ փորձ մը` տեսակաւորելու համար հիւսուածեղէնի արդիւնաբերութիւնը: 1920-ականներու կէսերուն, Վագըֆէն Խորէն քհն. Կէօքճեան իր տան մէջ կը զետեղէ ջուլհակահաստոցներ՝ կիներուն և աղջիկներուն գորգագործութեան արուեստը սորվեցնելու մտադրութեամբ: Դժբախտաբար, ծխական խորհուրդին հետ տարակարծութեան պատճառով՝ անոր գիւղէն հեռանալը վերջ կու տայ ծրագրին: [56] 1932-ին, Հալէպի Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը կը նախաձեռնէ գորգագործութեան համեստ ծրագիր մը Մուսա Լեռան մէջ, բայց անոր ճակատագիրը կը մնայ անորոշ: [57] Նաեւ 1930-ականներու սկիզբը, Պիթիասցի մարդ մը, որ «Տաղճիկ» կը կոչուէր, չորս թէզկեահներ (ջուլհակահաստոցներ) կը տեղադէ քանի մը տուներու մէջ, ուր դեռատի աղջիկներ գորգեր կը հիւսէին՝ պատկերազարդ ձևաւորումներու հիման վրայ՝ օրական 25 դահեկան աշխատավարձի փոխարէն: [58] Իսկ 1935-37 թուականներուն, Սարգիս Իկարեան դպրոցէն ետք գործի կը լծէ քանի մը մանուկներ, նուազագոյն կամ առանց վարձատրութեան՝ երկու ջուլհակահաստոցներու վրայ գորգեր պատրաստել տալով հալէպահայ Տիգրանեան անունով հայ վաճառականի մը համար: [59] Այս նախաձեռնութիւնները, սակայն, չեն յաջողիր զգալի եկամուտներ ապահովել:

Հիւսուածեղէնի ճարտարարուեստը. Մուսա Լեռան հիւսուածեղէնի Ոստայն անանուն ընկերութիւնը

Թէև թաշկինակներու արտադրութիւնը, ասեղնագործութիւնը եւ գորգագործութիւնը դրամական որոշ միջոցներ կը ստեղծէին, բայց անոնք լաւագոյն պարագային կը մնային փոքր, սահմանափակ տնային արդիւնաբերութիւններ՝ անկարող ըլլալով փոխարինել Մուսա Լեռան տնտեսութեան մէջ շերամաբուծութեան ունեցած գերակշիռ դերակատարութիւնը: Սակայն ժամանակակից հիւսուածեղէնի արտադրութիւնը յոյս կը ներշնչէր իբրեւ կենսունակ այլընտրանք: 1935-ին, քաղաքական գործիչ Մովսէս Տէր Գալուստեանն ու հողատէր-գործառու Արամ Գազանճեանը՝ ընկերակցելով Հալէպէն երեք այլ հայերու՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) ղեկավարներէն Հրաչ Փափազեանի, ՆՇԱՐԹՎԱ Հիւսուածեղէնի ընկերութեան սեփականատէրերէն Նշան Փալանճեանի և հաշուապահ Վահէ Սեթեանի հետ, հիմը կը դնեն Մուսա Լեռան «Ոստայն Ճեպէլ Մուսայի Հիւսուածեղէնի Անանուն Ընկերութեան»՝ յուսալով վերականգնել և տեսակաւորել Մուսա Լեռան տնտեսութիւնը բարետենչ ձգտումներով: [60]

Բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, որ Ոստայնը պատահական  խստամբերական միջոցառում մը չէր, որդեգրուած՝ փրկելու Մուսա Լեռան նահանջող տնտեսութիւնը: Ընդհակառակն, անիկա աւելի ծնունդն էր սերտողութեան մը, որ նկատի կ'առնէր Սուրիոյ գործարարական կարելիութիւնները և ընդհանրապէս Մերձաւոր Արևելքի շուկայական ներուժը իբրեւ ամբողջութիւն:

Ոոստայնը ծրագրուած էր քսան տարուան հեռանկարով, որ կրնար երկարաձգուիլ կամ կրճատուիլ ըստ պայմաններուն: Անոր սկզբնական դրամագլուխը կը կազմէր 12,000 սուրիական ոսկի՝ 2,000 բաժնետոմսերով, իւրաքանչիւրը 6 ոսկի: [61] Հինգ հիմնադիր անդամները իրաւունք ունէին ունենալու ընդհանուր բաժնետոմսերուն 400-ը (20%), իսկ հանրութիւնը՝ մնացեալը, թէեւ իրականութեան մէջ 200 բաժնետոմս (10%) վերապահուած էր ընկերութեան աշխատողներուն, իսկ 1,100 բաժնետոմս (55%)՝ ՆՇԱՐԹՎԱ -ին, որ հաւանաբար այդ օրերուն, Հալէպի հայկական հիւսուածեղէնի լաւագոյն ընկերութիւնը կը նկատուէր: [62]

Պէտք է նշել, որ Ոստայնը ՆՇԱՐԹՎԱ -ի քոյր բաժանմունքներէն մէկն էր: [63] Սակայն եւ այնպէս, Ոստայնի ելեւմտական տարին կ'երկարաձգուէր 1 Յուլիսէն մինչեւ յաջորդ տարուայ 30 Յունիսը, բացառութեամբ առաջին ժամանակահատուածին, որ տեւած էր երկու տարի: [64] Իւրաքանչիւր ելեւմտական տարուան աւարտին տեղի կ'ունենար ընդհանուր ժողով մը, որուն կը մասնակցէին 10 կամ աւելի բաժնետոմս ունեցող բաժնետէրեր, մինչ քանի մը հոգիով 10 բաժնետոմս ունեցող անձեր կրնային պատուիրակ մը կամ ներկայացուցիչ մը նշանակել: 10 բաժնետոմս ունեցող իւրաքանչիւր անձ մէկ ձայնի իրաւունք ունէր: Աւելի քան 150 բաժնետոմս ունեցող անձերուն համար կար տասնհինգ ձայներու սահմանագծում մը: [65] Ընդհանուր ժողովի ընթացքին, բաժնետէրերը կ'ընտրէին հինգ հոգիէ բաղկացած Գործադիր խորհուրդ մը՝ երեք տարուան համար եւ լայն լիազօրութիւններով ղեկավարելու համար ընկերութիւնը: Առաջին Գործադիր խորհուրդը բաղկացած էր հինգ հիմնադիր անդամներէն, որոնց ժամկէտը կը տեւէ երկու տարի՝ մինչև 1937-ի ամառը: [66] Սուրիոյ կառավարութիւնը 15 Յունիս 1935-ին կը վաւերացնէ Ոստայնի ներքին կանոնագրութիւնը, որ բաղկացած էր ինը գլուխներէ և յիսուն յօդուածներէ: [67] Բաժնետոմսերու վաճառքը կը սկսի Յունիս 20-ին, եւ այս նպատակով 28 Յունիսէն 18 Յուլիս ծանուցում լոյս տեսած է Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթին մէջ: [68]

Հաճի Հապիպլին, իր հմուտ բայց հիմնականօրէն գործազուրկ ոստայնանկներով, տրամաբանական ընտրութիւն մը պիտի ըլլար իբրեւ գործարանը հաստատելու վայր: Սակայն, նկատի ունենալով որ այդ գիւղը կը գտնուէր Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան ազդեցութեան տակ, մինչ Ոստայնի հիմնադիրները սերտօրէն առնչուած էին մրցակից ՀՅԴին հետ, կ'անտեսուի Հաճի Հապիպլին իբրեւ աշխարհագրական տարբերակ և փոխարէնը կ'ընտրուի դրացի Պիթիասը: Այս ընտրութիւնը հիմնուած էր երեք նկատառումներու վրայ: Նախ՝ Պիթիասը կը նկատուէր ՀՅԴի միջնաբերդ մը: Երկրորդ, Տէր Գալուստեանը յաճախ արձակուրդը կ'անցնէր հոն. փաստօրէն, ան նոյնիսկ Պիթիաս ապրած է երկու տարի (1936-38): Երրորդ՝ Սանճաքի մէջ իբրեւ զարգացած հանգստավայր մը, այս գիւղը օժտուած էր անհրաժեշտ փոխադրական, հեռաձայնային, հեռագրական և նամակատան ծառայութիւններով: [69] Պատշաճ քննարկումներէ ետք, գործարանը կը կառուցուի «գիւղին հիւսիս արեւելեան ծայրամասը՝ մեր լեռան [Մուսա Լեռան] մէկ ստորոտը, որ կը տարածուէր համայնքին ամէնէն արևմտեան ծայրը: Գիւղին կեդրոնէն փոխադրութեան գլխաւոր ճամբան կը միանար գործարանի մուտքին, ապա կը թեքէր ժայռոտ և կոպիտ արահետով մը» դէպի Չաղլաղան: [70]

Գործարանին հիմնարկէքը տեղի կ'ունենայ Կիրակի, 28 Յուլիս 1935-ին, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան, որ ի միջի այլոց, կ'ընդգրկէր դրօշակակիր մանչ սկաուտներ, փողերախումբ, ժողովրդական նուագարաններու խումբ մը եւ պարողներ: Ծուխին հովիւը՝ Տ. Վահան քհն. Քէնտիրճեան կ'օրհնէ հիմնաքարը և կ'արտասանէ պահպանիչը, որմէ ետք, Հրաչ Փափազեան կրաղիւս կը լեցնէ հիմնաքարին վրայ, ապա կը զոհաբերուին երկու գառնուկներ, իսկ ուսուցիչ Սուրէն Փափախեանը հանդէս կու գայ պատգամաճառով մը: Տօնակատարութիւնը կը շարունակուի բացօթեայ սրճարանի մը մէջ՝ Սեւ Աղբիւր/Գարա Փունար աղբիւրին քով: [71]

1) Ոստայն հիւսուածեղէնի գործարանի կարի մեքենաները եւ մեքենագէտ Թադէոս Պագգալեան, 1936, Պիթիաս։
2) Ոստայն հիւսուածեղէնի գործարանի «մանուսա» պատրաստող մեքենաները, 1936, Պիթիաս։
(Շնորհակալութիւններ Թադէոս Պագգալեանի։ Վահրամ Շէմմասեանի հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս)

Հրաչ Փափազեանը կը նշանակուի Ոստայնի գործադիր տնօրէն՝ աջ բազուկ ունենալով խըտըր պէկցի Թադէոս Պագգալեանը: Վերջինս կարճ ժամանակի մէջ կը դառնայ փորձառու մեքենագէտ, կը զբաղի անձնակազմի հարցերով և կը հսկէ առօրեայ հաշիւներուն: Երբ ֆրանսական արտադրութեամբ մեքենաներ կը հասնին Հալէպի վրայով, ՆՇԱՐԹՎԱ -ն իր վարպետ մեքենագործներէն մէկը՝ Ճորճ Խանծողեանը և անոր օգնականը՝ մի ոմն Արշաւիրը կ'ուղարկէ՝ Պագգալեանին սորվեցնելու մեքենաները կազմելու եւ աշխատցնելու միջոցները: Երբ քանի մը ամիս անց, Խանծողեանը եւ իր օգնականը կը վերադառնան Հալէպ, ՆՇԱՐԹՎԱ -ն երկու տարուան պայմանագրով Կարապետ Նաճարեանն ու որդին՝ Յովսէփը, կ'առաքէ Ոստայն՝ անհրաժեշտութեան պարագային այդ ձեռքով բանող մեքենաները նորոգելու համար: [72] Մարտիրոս Չափարեան, Պիթիասի բնակիչ եւ իր կարգին հետամուտ մեքենագործ մը, ի վերջոյ կը միանայ խումբին: [73] 30-35 տարեկան այլ երիտասարդներ (որոնցմէ մէկ մասը Հաճի Հապիպլիէն) և 20-25 տարեկան երիտասարդ կիներ տարբեր ժամանակներով կ'աշխատին գործարանին մէջ: [74] Յատկանշական է, որ «քանի մը ամսուան ընթացքին աշխատուժի փոփոխութիւնը [տղամարդոց կողքին աշխատող կիներ] ակներեւ կը դարձնէր, որ մարդիկ սկսած էին նկատել «նոր դասակարգի» մը յառաջացումը Պիթիասի մէջ»: [75] Տղամարդիկ կ'աշխատցնէին երեսուներկու ձեռքով բանող ճագար մեքենաներ, տղամարդ մը եւ կին մը կ'աշխատէին շղթայական մեքենայի մը վրայ, իսկ կիներ կ'աշխատցնէին ութ ելեկտրական մեքենաներ, մանուսա մեքենայ մը և մանող մեքենայ մը՝ ընդամէնը քառասուն երեք մեքենայ: [76]

Կային նաեւ երիտասարդներ, որոնք աշխատավարձ չէին ստանար, բայց ժամանակ կ'անցնէին գործարանին մէջ՝ արդի հիւսքի անհրաժեշտ հմտութիւններ ձեռք բերելու համար: Այս միջոցառումը մաս կը կազմէր աւելի մեծ ու հեռատես ծրագրի մը. վերջ ի վերջոյ, Ոստայնը պիտի յաջողէր ձեռքով բանող մեքենաներ տեղադրել տուներու մէջ՝ այդպիսով աշխատանքի կարելիութիւններ ստեղծելով բազմաթիւ ընտանիքներու համար: Նաեւ՝  պիտի աւելցնէր ելեկտրական մեքենաներու թիւը գործարանին մէջ՝ մեքենանաներու ընդհանուր թիւը 400-ի հասցնելու մտադրութեամբ: [77]

Ոստայնը ՆՇԱՐԹՎԱ -էն կը ստանար իր հում նիւթերը, ինչպէս՝ մետաքս, բամպակ և դերձան՝ արտադրելով համեմատաբար պարզ կերպասներ և զանոնք ետ կ'ուղարկէր ՆՇԱՐԹՎԱ, ուր պիտի ներկուէին, արդուկուէին և վաճառքի հանուէին հոն արտադրուած աւելի բարդ ու զարդարուն կերպասներուն հետ: [78] Պիթիասի գործարանը կ'աշխատէր շաբաթը վեց օր, օրական 10 ժամ՝ աշնան և ձմռան, և օրական 11 ժամ՝ գարնան ու ամռան: [79] «Առաջին անգամ ըլլալով... խումբ մը երիտասարդ տղամարդիկ և կիներ նոյն ժամուն կու գային աշխատանքի, նոյն ժամուն կ'առնէին ճաշի դադար և նոյն ժամուն կ'արձակուէին աշխատանքէ: Պարզ գործարանային ժամանակացոյց մը. արդեօ՞ք ասիկա ճարտարաուետականացման սկիզբն էր Պիթիասի մէջ»: [80]

Աշխատավարձը հիմնուած էր արտադրուած կերպասի քանակին վրայ եւ ոչ թէ աշխատանքի ժամերուն վրայ: Օրինակ՝ ելեկտրական մեքենաներու վրայ աշխատող և օրական 30-33 մեթր կերպաս արտադրող պաշտօնեան մէկ մեթրի համար կը ստանար 1 սուրիական դահեկան, այսինքն՝ օրական 30-33 դահեկան:Միւս կողմէ, ձեռքով բանող մեքենաներ աշխատցնող և օրական 10-12 մեթր արտադրող անձը՝ մէկ մեթրի համար կը գրպանէր 3 դահեկան ՝ ընդհանուր առմամբ օրական 30-36 դահեկան: Այսպիսով, Ոստայնին մէջ աշխատողը կը շահէր մօտ մէկուկէս անգամ աւելի, քան սովորական աշխատողը, որ այդ օրերուն կը ստանար օրական 20-25 դահեկան աշխատավարձ: [81] Տակաւին, կիները երբեմն կը ստանային աւելցած կտաւներ անձնական գործածութեան համար: [82] Ինչ կը վերաբերի մնացեալ պաշտօնեաներուն, ինչպէս՝ գործադիր տնօրէնը, մեքենագէտներն ու պահակը, ապա անոնք կը վճարուէին ըստ իրենց աստիճանին և կարողութեան: [83] Բաւարար տեղեկութիւններ չկան այն մասին, որ արդեօք տղամարդոց և կիներուն միջև աշխատավարձի անհամաչափութիւն կա՞ր:

Դժբախտաբար, Ոստայնը ընդամէնը երեք տարուան կարճ կեանք մը պիտի ունենար՝ քաղաքական ոչ բարենպաստ պայմաններուն բերումով: 1938-ի ամռան, երբ ֆրանքեւթրքական համաձայնագիրը արդէն ճշդուած էր սուրիական ինքնավար այս շրջանի կարգավիճակին մասին, նախքան թրքական ուժերու Սանճաք մուտքը, ընկերութեան տնօրէնութիւնը հապճեպ կը կազմակերպէ մեքենաներու և յարակից այլ մասերու փոխադրութիւնը ՆՇԱՐԹՎԱ, Հալէպ: [84] 29 Դեկտեմբերին գումարուած բաժնետէրերու արտակարգ ընդհանուր ժողովը կ'որոշէր Ոստայնի ճակատագիրը: [85] ՆՇԱՐԹՎԱ -ն անոր բոլոր բաժնետոմսերը գնելէ ետք կը դառնար Ոստայնի միակ սեփականատէրը: [86] Ոստայնի յանկարծակի և անփառունակ լուծարումը ի դերեւ կը հանէր այն բոլոր յոյսերը, որոնք կապուած էին այն փայլուն ճարտարարուեստական նախաձեռնութեան, որ պիտի ծառայէր իբրեւ յաջողակ նախատիպ եւ պիտի ընդօրինակուէր այլ գործատէրերու կողմէ հիմնելու՝ ջրաբաշխութեան, պահածոյ պտուղներու և նմանօրինակ այլ ընկերութիւններ, որոնք գործ պիտի հայթայթէին տեղացիներուն՝ հետեւեբար թեթեւցնելով յամեցող տնտեսական դժուարութիւնները, ինչ որ խթան պիտի հանդիսանար եւ ամուր հիմք պիտի ծառայէր երիտասարդութեան մնալու Մուսա Լեռ եւ բարգաւաճելու հոն՝ գաղթելու փոխարէն: [87]

1) Հիւսուածեղէնի Ոստայն գործարանի մէկ մեքենան, 1936, Պիթիաս (Շնորհակալութիւններ Թադէոս Պագգալեանի։ Վահրամ Շէմմասեանի հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս)։
2) Գերմանական բժշկական առաքելութենէն Օրիորդ Շէֆֆըր, օգնականներ, տեղացի հիւրընկալողներ, ուղեցոյց՝ Սամուէլ Մակզանեան («Մաշղուլ») եւ Թադէոս Պագգալեան (
պերէ գլխարկով), գործարան տրուած այցելութեան մը ընթացքին, 1937-ի շուրջ, Պիթիաս (Շնորհակալութիւններ Ալպերթա Մակզանեանի։ Վահրամ Շէմմասեանի հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս)։

Ընկերային դիտանկիւնէ, գործարանին փակումը իր պաշտօնեաները կը զրկէր ամէնօրեայ փոխ-յարաբերութիւններու կարելիութենէն. այս մէկը նախապէս առիթ տուած էր սիրային կապերու եւ ի վերջոյ ամուսնութեանց: [88] Միայն Հաճի Հապիպլիէն եկող գործաւորները «կը ժամանէին առաւօտեան և աշխատանքէն անմիջապէս ետք տուն կը վերադառնային առանց տեղացիներուն հետ շփուելու»: Նոյնիսկ այս պարագային, այդ երիտասարդներուն պարզ երթեւեկն իսկ կը նկատուէր «երկու գիւղերուն միջև առողջ զարգացում»՝ նկատի առնելով անոնց թշնամական յարաբերութիւնները վերջին շրջանին: [89] Նոյն ընկերային-մշակութային ծիրին մէջ, տեղացիներն ու արձակուրդի եկողները նոյնպէս կը կորսնցնէին ելեկտրածին մեքենայով օժտուած եզակի վայր մը, ուր տեղի կ՚ունենային հանրային ձեռնարկներ. այսպէս օրինակ, ամառային շրջանին, հոս կը կատարուէր շարժապատկերի ցուցադրութիւն, Հալէպէն Միսաք Ապաճեանի (կամ Պժեան) կողմէ: [90] Այս մասին կարօտահար գրագէտ Պօղոս Սնապեանը, այդ օրերուն՝ տասներկու տարեկան տղայ, 1939-ի ամռան Մուսա Լեռան հայերու պարպումի նախօրէին կը գրէ. «Հոս էր, այս [Ոստայնի] շրջափակին մէջ, որ առաջին անգամ ըլլալով ես շարժանկար տեսայ, նկարահանուած՝ մեր գիւղին [Պիթիաս] մէջ, մեր գիւղէն տեսարաններով, ծանօթ հովիւներով, տքնաջան աշխատաւորներով, երեխաներով, եւ ես տեսայ զիս՝ իմ կովուս հետ միասին [ուրուագծուած] պաստառին վրայ»: [91]

Եզրակացութիւն

Մուսա Լեռան հայութեան համար երկու համաշխարհային պատերազմներուն միջեւ ինկած ժամանակաշրջանը յաջորդական կերպով կը յատկանշուի գոյութենական մտահոգութիւններով՝ վերակառուցմամբ ու լաւատեսութեամբ, անորոշութեամբ և յուսահատութեամբ: Երկու տասնամեակ տեւած համեմատաբար կարճ ժամանակի մը մէջ մարդկային վիճակի այսպիսի արագ փոփոխութիւններ մեծ տեղ չէին ձգած բնական պատշաճեցումի և յաղթահարման համար: Բացի այդ, ստեղծագործ միտքի եւ տնտեսական հեռատեսութեան բացակայութիւնը աւելի ծանր կը կշռէր քան դրական քանի մը լաւատեսութիւն ներշնչող նախաձեռնութիւնները: Արդարեւ, հայկական մամուլին մէջ կը հրապարակուին շարք մը քննադատական մեկնաբանութիւններ: Օրաթերթ մը դժգոհութիւն կ'արտայայտէր նախաձեռնութեան ոգիի բացակայութեան նկատմամբ, որ կրնար խթանել և զարգացնել տնտեսութեան տարբեր ճիւղերը: [92] Այլ պարբերական մը խստիւ կը քննադատէր անտարբերութիւնը՝ պնդելով, որ «ժողովուրդ մը չի զարգանար միայն Պիթիասի ջուրը խմելով, Խըտըր Պէկի նարինջը ուտելով և զով շուքին տակ մրափ մը առնելով»: Վազգէն Տիրանեան, որ գրչանունն էր խըտըր պէկցի խոստմնալից գրողներէն Եդուարդ Պոյաճեանին, չի ծամծմեր բառերը, երբ կ'արտայայտուի «Տնտեսական մտահոգութեան» մասին. «Մենք արդէն դադրած ենք շինականներ ըլլալէ իր հին իմաստով և ոչ ալ դարձած ենք քաղաքաբնակներ՝ իր նոր իմաստին համաձայն: Մենք ունինք տեսակաւոր և հսկայական քաղքենիական ցանկութիւններ, բայց խնդրեմ ըսէք, արդեօք մենք կոպտօրէն ծոյլ չե՞նք զանոնք իրագործելու համար »: [94] Հակառակ այս խստաբարոյ նկատողութիւններուն, վերջաւորութեան արտաքին ուժերը իրենք կը վճռեն հայկական Մուսա Լեռան ճակատագիրը՝ վերջ տալով անոր գոյութեան իսկ:

  • [1] Յովհաննէս Հաճեան ՝ «Իմ Յուշերը», անտիպ յուշագրութիւն, գրուած իմ խնդրանքովս, նոթատետր 3, էջ 43:
  • [2] Նոյն:
  • [3] Հարցազրոյց Յարութիւն Շերպէթճեանի հետ, 1 Նոյեմբեր 1992, Հիւսիսային ? Հոլիուտ, Քալիֆորնիա:
  • [4] «Յուսաբեր» (Գահիրէ), 30 Սեպտեմբեր 1924: Սանճաքի մէջ 70,000 հեկտար անտառային տարածք նշող այս թիւը 30,000-ով աւելի պակաս է, քան Փօլ Ժաքոյի յիշատակած 100,000 հեկտարը, Antioche, Center de tourisme, vol. I (Պէյրութ, Կաթողիկէ Տպարան, 1931), էջ 77: Հետևաբար, Մուսա լեռը ծածկող անտառապատ տարածքներուն վերաբերող 45000 հեկտար թիւը նոյնպէս պետք է օգտագործել զգուշութեամբ:
  • [5] Յովհաննէս Թ. Տումանեան, «Իմ Յուշերը», (Պէյրութ. Սեւան հրատարակչատուն, 1977), էջ 171:
  • [6] Նորման Պալապանեան, Կեանքի Պատմութիւն (Կէյնսվիլ, Ֆլորիտա, ՄՆ, 2008), էջ 22; Սուրէն Ֆիլհաննէսեան, նամակ հեղինակին, ստացուած 14 Յուլիս 1993-ին; Հարցազրոյց Իսկէնտէր Սթամպուլեանի հետ, 5 Սեպտեմբեր 1995ին, Ֆրեզնօ, Քալիֆորնիա: Սողուքոլուքի մէջ փայտածուխի արտադրութեան մասին, բացառապէս հայկական այլ գիւղ մը Սանճաքի մէջ, դիմել Վիքթորիա Կիւզէլեանին, Պէյլանի Բարբառը (Երևան, VMV-Print Publishing, 2007), էջ 179, 186:
  • [7] «Յուսաբեր», 6 Դեկտեմբեր 1923:
  • [8] Շուշանիկ Չափարեան Փափախեան, անտիպ յուշեր, Տիթրոյթ, Միշիկըն, էջ 64; Սառա Քենտիրճեան Քերքեզեան, նամակ հեղինակին, նամակատան առաքման թուական 19 Նոյեմբեր 1991:
  • [9] Պատուելի Տիգրան Անդրէասեան, նամակ՝ բրիտանական Հայաստանի Բրիտանացի Բարեկամներու Ընկերակցութեան քարտուղարին, 27 Ապրիլ 1920, Հայաստանի Բարեկամներ, Նոր Շարք, թիւ 77 (Յուլիս 1920), 5; Կիլիկիա (Ատանա), 14 Յուլիս 1921; Ասպարէզ (Ֆրեզնօ), 26 Օգոստոս 1921; Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան արխիւներ՝ Սէտլ Պրուք, Նիւ Ճըրզի (այժմ՝ Նիւ Եորքի մէջ, Նիւ Եորք), (այսուհետեւ՝ ՀԲԸՄ/ SB), ծրար 14 D, Հ. Բ. Ը. Միութեան Սիսուան Վարժարաններ: Թղթակցութիւններ 1923-1927 (ՀԲԸՄ Սիսուան դպրոցներ [Սուէտիա]. Գրիգոր Արոյանէն` Գահիրէի ՀԲԸՄ կենդոնական գործադիր խորհուրդին, 26 Նոյեմբեր 1922:
  • [10] Տ. Նարեկ քհն. Շրիքեան, նամակ հեղինակին, 14 Մայիս 2010:
  • [11] Հարցազրոյց Մովսէս Սարգիս Շերպէթճեանի հետ, 24 Նոյեմբեր 1988, Թաուզընտ Օքս, Քալիֆորնիա; հարցազրոյց Լուսաբեր Մախուլեան Ճամպազեանի հետ, 24 Նոյեմբեր 1988, Թաուզընտ Օքս, Քալիֆորնիա; հարցազրոյց Առաքել Իզանեանի հետ, 28 Դեկտեմբեր 1991, Սանլէնտ, Քալիֆորնիա: Արտաշէս Պողիկեանի հանրային ասպարէզին համար տե՛ս «Արտաշէս Պողիկեան», «Գեղարդ Սուրիահայ Տարեգիրք», դոկտ. Ռոպէր Ճէպէճեան, հատոր 5 (Հալէպ, 1996), էջ 546-47; Նորա Արիսեան, «Ալ-Նուապ ալ-Արման ֆի-Մաժլիս ալ-Նիապիեայ ալ-Սուրիա» 1928-2011» (Հայ երեսփոխանները սուրիական խորհրդարանին մէջ, 1928-2011) (Դամասկոս, 2011), էջ 57-76:
  • [12] Հրանտ Տիգրան Գազանճեան, նամակ հեղինակին, 22 Նոյեմբեր 1993; հարցազրոյց Մարտիրոս Յակոբ Պոյաճեանի հետ, 10 Յունիս 1989, Հոլիուտ, Քալիֆորնիա:
  • [13] Հարցազրոյց Թադէոս Պագգալեանի հետ, 4 Օգոստոս 1994, Այնճար, Լիբանան:
  • [14] Մարտիրոս Գուշաքճեան և Պօղոս Մատուրեան, Յուշամատեան Մուսա Լեռան (Պէյրութ, Աթլաս հրատարակչատուն, 1970), էջ 121:
  • [15] Նոյն; հարցազրոյց Պետրոս Սարգիս Հաճեանի հետ, 29 Յունիս 1989, Կլէնտէյլ, Քալիֆորնիա: Փայտէ սանտրներու պարագային, կտրատուած մասնիկները նախ պէտք էր եռացած ջուրի մեջ դրուէին և ապա շուքի մէջ չորցուէին փափկութիւն ստանալու համար: Տե՛ս Պետրոս Թորոսեան, Յուշեր (Լոս Անճելըս, Ապրիլ հրատարակչատուն, 2009), էջ 11:
  • [16] Նոյն; Յակոբ Թորոսեան, Սուրբ Սարգիս. Դրուագներ Մուսա Լեռան կեանքէն (Պէյրութ, Կ. Տoնիկեան և Որդիք հրատարակչատուն, 1970), էջ 10; Հաճեան, «Իմ Յուշերը», տետրատկ 1, էջ 53-5:
  • [17] Հաճեան, «Իմ Յուշերը», տետրատկ 2, էջ 49:
  • [18] Յուսաբեր, 6 Դեկտեմբեր 1923:
  • [19] Ազդակ (Պէյրութ), 3 Սեպտեմբեր 1937:
  • [20] Թովմաս Հապէշեան, Մուսա-Տաղի պապենական արձագանգներ, (Պէյրութ, Երեբունի հրատարակչատուն, 1986), էջ 158:
  • [21] ՀԲԸՄ/SB, ծրար 14 D, Արոյեան՝ ՀԲԸՄի գործադիր վարչութեան, 6 Մայիս 1923: Արոյեան կը յայտարարէ դպրոցին երկշաբաթեայ փակումը գործով Պէյրութ գտնուած միջոցին:
  • [22] Նոյն, Արոյեանը՝ ՀԲԸՄ գործադիր վարչութեան, 1 Յուլիս 1924: Նախնական ծրագրին համաձայն, 1923-24 դպրոցական տարեշրջանը պիտի ըլլար 1 Օգոստոս 1924-էն 30 Ապրիլ 1924՝ Հաճի Հապիպլիի, Խըտըր Պէկի և Քապուսիէի մէջ և 1 Սեպտեմբեր 1924-էն 31 Մայիսի 1924՝ Պիթիասի, Եողունոլուքի և Վագըֆի մէջ: Նոյն, ՀԲԸՄ գործադիր խորհուրդը՝ Արոյեանին, 19 Յուլիս 1923:
  • [23] Մանրամասնութիւններու համար դիմել Alberta Magzanian, Anna Magzanian and Louisa Magzanian, The Recipes of Musa Dagh: An Armenian Cookbook in A Dialect of Its Own (N.p.: www.Lulu. Com, 2008), էջ 157; Չափարեան Փափախեան, յուշեր, էջ 9-14; Գրիգոր Կէoզալեան, Մուսա Լեռան ազգագրութիւնը (Երեւան, «Գիտութիւն» հրատարակչատուն, 2001), էջ 70-9; Գուշաքճեան և Մատուրեան, Յուշամատեան, էջ 119-120: 19-րդ դարուն և 20-րդ դարու սկիզբին Մուսա Լեռի մէջ շերամաբուծութեան մասին՝ տե՛ս Վահրամ Լ. Շէմմասեան, «Մուսա Լեռան հայ գիւղացիները. Պատմա-ազգագրական ուսումնասիրութիւն, 1840-1915», դոկտորական ատենախօսութիւն, Քալիֆորնիոյ համալսարան, Լոս Անճելըս, 1996, էջ 41-9:
  • [24] Շէմմասuեան, «Հայ գիւղացիները», էջ 41-2:
  • [25] Մակզանեան և այլ, «Մուսա Լեռան ճաշագիրերը», էջ 157:
  • [26] Յուսաբեր, 6 Դեկտեմբեր 1923:
  • [27] Փիւնիկ (Պէյրութ), 30 Օգոստոս 1924:
  • [28] Յուսաբեր, 27 Դեկտեմբերի 1934:
  • [29] Մետաքսի ճարտարուեստին վրայ երեւելիներու ունեցած հակակշռին մասին՝ տե՛ս Սիմա Աբրահամեան՝ «Հաուշ Մուսայի բնակիչները. Շերտաւորուած հասարակութենէն մինչև անդասակարգ ընկերութիւն եւ ապա ընկերային դասակարգերու վերայայտնումը», դոկտորական ատենախօսութիւն, ՄքԿիլ համալսարան, Մոնթրէալ, Գանատա, 1989, էջ 62-65:
  • [30] Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արխիւներ, Անթիլիաս, Լիբանան,  ծրար 22/1, Ճէպէլ Մուսա - Սուէտիա 1920-1940 (Մուսա լեռ - Սուէտիա 1920-1940), Աբրահամ քհն. Տէր Գալուստեան՝ Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսին, 12 Հոկտեմբեր 1926; Հրանտ Տիգրան Գազանճեան, նամակ հեղինակին, 22 Մարտ 1994:
  • [31] Գազանճեան նամակ, 22 Մարտ 1994:
  • [32] Թադէոս Պապիկեան, «Յուշեր. Դէպքեր ու դէմքեր», չհրապարակուած ձեռագիր, Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկ, Երևան, Հայաստան, էջ 9, 18-9:
  • [33] Նորմըն Պըրնզ, Սուրիոյ մաքսագիները 1919-1932, Հրատարակութիւններ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի արուեստներու և գիտություններու բաժանմունքին, Ընկերային գիտութիւններու շարք, թիվ 5 (Պէյրութ. Ամերիկեան Հրատարակչատուն, 1933), էջ 155:
  • [34] Apr[aham] H. Renjilian, “Antakyada Ipekjilik: Ipek Beojeyi Bendinin Sonu” (Շերամաբուծութիւնը Անտիոքի մէջ. Շերամի եղանակին աւարտը), Նոր Աւետաբեր, հտր. 6, թիւ 17 (10 Նոյ. 1933), էջ 327-28:
  • [35] Յուսաբեր, 27 Դեկտեմբեր 1934:
  • [36] Ֆրանսա, Արտաքին Գործոց Նախարարութեան արխիւներ, Նանթ, Հոգատարութիւն Սուրիա-Լիբանանի, Պէյրութ. Քաղաքական Խորհուրդ 1926-1941, տուփ թիւ 530, Ժորժ Պըրնիէն՝ Ռ. Շամպարին, ծանօթագրութիւն Ալեքսանտրէթի Սանճաքի հայերու իրավիճակին և անոնց վերջնական հաստատումին մասին Լիբանանի մէջ,  28 Յունիսի 1939:
  • [37] Պըրնզ, Սուրիոյ մաքսագիները, էջ 155-58, 189-97:
  • [38] Ու.Տ. Տարպի, Արուեստական մետաքսը (ռայոն) և սինթեթիք այլ մանրաթելեր (Նիւ Եորք, Տրայ Կուտ Էքոնոմիսթ Թէքսթայլ Փապլիշինկ Քոմբանի, 1929), էջ 12-3:
  • [39] Սուրիական Մամուլ (Հալէպ), 14 Հոկտեմբեր 1925:
  • [40] ՀԲԸՄ/SB, ծրար 14 D, Արոյեանէն՝ ՀԲԸՄ գործադիր վարչութեան, 22 Սեպտեմբեր 1924:
  • [41] Ազդակ, 22 Յունուար 1930:
  • [42] Հայրենիք (Պոսթըն), 18 Յունիս 1931:
  • [43] ACC, ծրար 22/1, Քապուսիէյի ծխական խորհուրդը՝ Բաբգէն (Կիւլսերեան) Կաթողիկոսին, 15 Յունուար 1936. Ռենճիլեան, «Անթաքեատա Իփէքճիլիք», էջ 327-28; Ազդակ, 8 Յուլիս 1930:
  • [44] Տ. Մովսէս Շրիքեան, «Յուշագրութիւն Մովսէս Աւ. Քհն. Շրիքեանի (աւազանի անուն Եսայի), չհրապարակուած յուշեր, Մոնթեպէլլօ, Քալիֆորնիա, էջ 54:
  • [45] Հարցազրոյց կատարուած ինծի համար Մարտիկ Չանչանեանի միջոցով՝ Սիրվարդ Չանչանեանի հետ, 21 Փետրուար 1993, Սան Խոսէ, Քալիֆորնիա; հարցազրոյց Սիրվարդ Թաշճեան Հաճեանի հետ, 3 Յունուար 2009, Փասատինա, Քալիֆորնիա:
  • [46] Հարցազրոյց Մարի Շեմմասեան Պուրսալեանի հետ, 16 Մարտ 2008, Ֆրեզնօ, Քալիֆորնիա:
  • [47] Հարցազրոյց Չանչանեանի հետ:
  • [48] Հեռաձայնային հարցազրոյց Ֆլորանս Իկարեան Յարութիւնեանի հետ, 27 Հոկտեմբեր 1991, Վան Նայս, Քալիֆորնիա-Կլէնտէյլ, Քալիֆորնիա:
  • [49] Ալպերթա Մակզանեան, նամակ հեղինակին, 13 Յունուար 2009:
  • [50] Վարդուհի Քէշիշեան Ուզունեան, «Թրվանդ Տեմիրճեան-Քէշիշեան», Գեղարդ, հատ. 5, էջ 147: Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներու համար Պատուելի Շիրաճեանի ունեցած գործունէութեան մասին, տե՛ս «Պատուելի Ահարոն Ա. Շիրաճեան 1867-1939, նոյն, էջ 120-23. Ջանասէր (Պէյրութ), միացեալ 7-8 թիւեր (1 և 15 Ապրիլ 1968). Հայաստանի ընկերը (Լոնտոն), 1920 - 1930ականներու թիւեր:
  • [51] Սառա Քենտիրճեան Քերքեզեան, նամակ հեղինակին, ստացուած 19 Նոյեմբեր 1991-ին:
  • [52] ACC, ծրար 22/1, Քապուսիէյի ծխական խորհուրդը՝ Բաբգէն (Կիւլէսերեան) Կաթողիկոսին, 15 Յունուար 1936. Ուրֆալեան, Կեանքի մը հետքերով (Փալմ Սփրինկզ, Քալիֆորնիա, Հայկ հրատարակչատուն, 1900), էջ 48:
  • [53] Գուշաքճեան և Մատուրեան, Յուշամատեան, էջ 163-64, 171. Զորա Իսկենտէրեան, «Տօներ ու տօնախմբութիւններ (կրօնական եւ աշխարհիկ)», Յուշամատեան, էջ 176, 181:
  • [54] Հարցազրոյց Ռոզին Շէմմասեան Գունտաքճեանի հետ, 6 Յունուար 2009, Ֆրեզնօ, Քալիֆորնիա:
  • [55] ACC, ծրար 22/1, Հաճի Հապիպլիի ծխական խորհուրդը՝ Սահակ Բ. կաթողիկոսին, 9 Օգոստոս 1926, նոյն, Տէր Գալուստեան քհն.՝ Սահակ Բ կաթողիկոսին, 11 Օգոստոս 1926:
  • [56] Պապիկեան, «Յուշեր», էջ 61-3:
  • [57] Հայ Օգնութեան Միութեան Արխիւները, Պոսթըն (այժմ ՝ Ուոթըրթաունի մէջ), Մասաչուսեց, տուփ Ս.Օ.Խ. (Սուրիահայ Օգնութեան Խաչ), ծրար Ս.Օ.Խ., Սուրիա, սկիզբէն -1929 [-1939], տոքթ. Թորոս Պասմաճեան և Սարգիս Սելեան վասն՝ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի կեդրոնական վարչութեան, Պոսթըն, 7 Սեպտեմբեր 1932:
  • [58] Հարցազրոյց Իկարեան Յարութիւնեանի հետ: Աշխատողները՝ Սիմա Անտէքեան, Ծաղիկ Պոտուրեան և երկու այլ անձեր:
  • [59] Հարցազրոյց Իկարեան Յարութիւնեանի հետ:
  • [60] Թադէոս Պագգալեան, նամակ հեղինակին, ստացուած 4 Յունուար 1992ին. Ազդակ, 28 Յունիս 1935:
  • [61] Ոստայն Ճէպէլ Մուսայի Հիւսուածեղէնի Անանուն Ընկերութիւն. Կանոնագիր (Հալէպ, Ա. Տէր Սահակեան տպարան, 1935), էջ 6։
  • [62] Հարցազրոյց Թադէոս Պագգալեանի հետ, 4 Օգոստոս 1994, Այնճար, Լիբանան:
  • [63] Սուրէն Քալենտէր, պատմիչ՝ Կեանք մը Նուիրում, Մանուէլ Քէոսէեան, գրող, Թորոս Թորանեան, խմբագիր (Պէյրութ և Հալէպ. Technopresse Moderne S.A.L., 1984), էջ 133: NICHARTVA անունը ձևաւորուած է անոր հիմնադիրներուն անուններուն առաջին տառերով՝ հետեւեալ կերպով. NICHan Palandjian (Նշան Փալանճեան), ARTin (Յարութիւն) Vorperian, and VAhan Adjamian (Աճէմեան): Հիմնուած է 1 Յուլիս 1928ին, գործարանը կը գտնուէր Կիւլպէնկեան Մայրանոցի կողքին, Մեյտանի 4րդ թաղամասի՝ Հալէպի Նոր Գիւղ հատուածին մէջ, մինչդեռ անոր գրասենեակը և վաճառատունը կը գտնուէին նոյն հատուածին մէջ գտնուող՝ 18, Համամ ալ-Թալ փողոցին վրայ: Հիմնադիրներուն միջև տարակարծութիւններու պատճառով, 1 Յունուար 1935ին, Վորբերեան կը լքէ ընկերութիւնը և կը փոխարինուի Մարտիրոս Թեղրարեանով:Ընկերութիւնը, սակայն, կը պահէ իր սկզբնական անունը: Վորբերեան տասներկու մեքենայով կը բանայ հիւսուածեղէնի իր անձնական գործարանը՝ Քասթալ Հաժերին թաղամասին մէջ: NICHARTVAն կը դադրի գոյութիւն ունենալէ 1947ին կամ 1948ին, երբ արդէն Փալանճեանն ու Աճէմեանը մահացած էին, իսկ Թեղրարեան փոխադրուած էր Պէյրութ: Հարցազրոյց Լիլի Վորբերեանի հետ, 29 Մարտ 1994, Կլէնտէյլ, Քալիֆորնիա. Լիլի Վորբերեան, անձնական թուղթեր, Կլէնտէյլ, Քալիֆորնիա, NICHARTVA սեփականատիրութեան փոփոխութեան փաստաթուղթ ֆրանսերէնով, 1 Յունուար 1935: NICHARTVAի մասին յաւելեալ տեղեկութեան համար՛ տե՛ս NICHARTVA Հիւսուածեղէնի Կանխահաս Ընկերութիւն մը, Հալէպ, Ճէպէճեան, նոյն, Գեղարդ Սուրիահայ Տարեգիրք, հատոր 5 (1996), էջ 330-35. Ազդակ, 25 Մայիս 1939:
  • [64] Ոստայն Ճեպէլ Մուսայի, էջ 10-11:
  • [65] Նոյն, էջ 18-9:
  • [66] Նոյն, էջ 10-15. Ազդակ, 5 Օգոստոս 1937, 12 Յունուար 1938:
  • [67] Ոստայն Ճեպէլ Մուսայի, կողքի էջ և էջ 5-25:
  • [68] Ազդակ, 28 Յունիս 1935:
  • [69] Հարցազրոյց Պագգալեանի հետ: Ըստ տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեանի, ե-նամակ հեղինակին, 19 Յունուար 2009, Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքին մէջ իր ամուսնութենէն ետք, 7 Մայիս 1936-ին, Մովսէս Տէր Գալուստեանը կը տեղափոխուի Պիթիաս եւ կը բնակի հոն: Ինքը՝ Վազգէնը, Մովսէսին միակ զաւակը, այդ միջոցին կը ծնի Անտիոքի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ: Նոյնպէս, ըստ Պիթիասի բնակիչ Քենտիրճեան Քերքեզեանի (նամակ), իր հարսնացուին հետ Պիթիաս ժամանած ատեն, Տէր Գալուստեան կ'արժանանայ ջերմ ընդունելութեան՝ իր ողջ Մուսա լեռան երկրպագուներուն կողմէ։ Ճապալ Մուսա պանդոկին մէջ տեղի կ՚ունենայ տօնակատարութիւն` կրակոցներու, ժողովրդական երաժշտութեան և կրկնակի թմբուկներով պարերու ընկերակցութեամբ. երեւոյթ մը՝ որ վերապահուած էր միայն յատուկ առիթներու: Ըստ պիթիասցի այլ բնակիչի մը, Տէր Գալուստեան իր կնոջ հետ «ապրած է 'Պուլղաշինց Մայրում'ի տան մէջ, նախքան 'Սութ Մարին' Քատէեանին տունը փոխադրուիլը: Զոյգը կը գրաւէր երկրորդ յարկի կապակցուած երեք սենեակները, առաւել առանձին խոհանոց մը: Բնակարանը երկդարպաս կառոյց մըն էր. մուտքի դարպասը կ'առաջնորդէր դէպի արտաքին և բանջարեղէնի պարտէզ մը: Իր բարձր դիրքին պատճառով, բակը, կղմինտրածածկ ճակատի պատշգամը և առջևի գաւիթը տեսանելի չէին փողոցի կողմէն: Անիկա պաշտպանուած և թաքուն միջավայր էր: Տէր Գալուստեանը, ինչպէս [Հրաչ] Փափազեանը, հետաքրքրուած էին պարտիզպանութեամբ և մէկ տարուան ընթացքին, ան իր տան առջեւ պիտի ունենար հաւանաբար Պիթիասի ամէնէն գեղեցիկ պարտէզը»: Մակզանեան, նամակ, 13 Յունուար 2009:
  • [70] Մակզանեան, նամակ, 30 Դեկտեմբեր 2008: Ան կը գրէ. «Այժմ գործարանի մնացած փլատակներէն լայն ճամբայ մը կը շարունակուի աջ կողմէն (արեւելք) դէպի հիւսիս արեւելք ՝ խուսափելով նախկին բուն արահետին հետեւող բլուրներն և հովիտները»: Նաեւ տե՛ս Ազդակ, 3 Սեպտեմբեր 1937:
  • [71] Ազդակ, 3 Օգոստոս 1935:
  • [72] Հարցազրոյց Պագգալեանի հետ:
  • [73] Մարտիրոս Գէորգ Չափարեան, նամակ հեղինակին, 20 Ապրիլ 1994:
  • [74] Պագգալեան նամակ. հարցազրոյց Պագգալեանի հետ:
  • [75] Մակզանեան նամակ, 30 Դեկտեմբերի 2008:
  • [76] Պագգալեան նամակ: Տե՛ս նաև Յուսաբեր, 25 Յունիս 1936:
  • [77] Յուսաբեր, 30 Յուլիս 1935, 25 Յունիս 1936:
  • [78] Պագգալեան նամակ:
  • [79] Նոյն:
  • [80] Մակզանեան նամակ, 30 Դեկտեմբեր 2008:
  • [81] Պագգալեան նամակ:
  • [82] Հեռաձայնային հարցազրոյց Մակզանեանին հետ, 3 Յունուար 2009:
  • [83] Պագգալեան նամակ:
  • [84] Մարտիրոս Գէորգ Չափարեան նամակ. հարցազրոյց Պագգալեանին հետ. Հայրենիք, 12 Մայիս 1939:
  • [85] Ազդակ, 14 Դեկտեմբեր 1938:
  • [86] Պագգալեան նամակ:
  • [87] ի սկզբանէ Ոստայնի ներշնչած յոյսերուն համար, դիմել Ազդակի 6 Յուլիս 1935 եւ 27 Յուլիս 1935 թիւերուն:
  • [88] Պագգալեան, նամակ, ամուսնացող զոյգերուն թիւը կը գնահատէ հինգ-վեցով: Մակզանեան, նամակ, 30 Դեկտեմբեր 2008, կը նշէ հետեւեալներէն երեքը. Եփրեմ Ֆիլեան («Ֆիլ») կ'ամուսնանայ Սառա Այնթապեանին հետ. Քատէեան մը կ'ամուսնանայ Մարի Մաղզանեանին հետ («Պարզերեմինց Մարինը»). Պօղոս Քէլէճեանը կ'ամուսնանայ Սառա Քենտիրճեանի հետ («Քիւլախիունց»):
  • [89] Մակզանեան, նամակ, 30 Դեկտեմբեր 2008: Տե՛ս նաև Պիթիասի և Հաճի Հապիպլիի միջև տեղի ունեցած արիւնալի վէճերուն վերաբերող գիրքին առաջին գլուխը:
  • [90] Հարցազրոյց Պագգալեանի հետ:
  • [91] Պօղոս Սնապեան, Աղքատներուն աւանդութիւնը, հտր. I (Պէյրութ, Համազգային Վահէ Սէթեան տպ., 1983), էջ 30:
  • [92] Սուրիական Մամուլ, 14 Հոկտեմբեր 1925:
  • [93] «Մուսա Տաղը», Ռահնիումա (Ճշմարիտ ուղի) (Հալէպ) 9:29 (17 Սեպտեմբեր 1927): 457:
  • [94] Ազդակ, 27 Յունիս 1937: