Հայնի. ընդհանուր տեսարան (Աղբիւր՝ Բենիամին Կ. Ժամկոչեան, «Հայնի. տեղագրական, ազգագրական, պատմագրական», Պէյրութ, 1951)։

Հայնի - Ժողովրդային բժշկութիւն

Հեղինակ՝ Ատոմ Յ. Պուճիգանեան 29/06/2021 (վերջին փոփոխութիւն՝ 29/06/2021)

Ներածական – աշխարհագրական դիրք

Մեր ուսումնասիրութեան առարկան՝ Հայնի (ներկայիս Հանի) գիւղաքաղաքը, կը գտնուի Տիարպեքիր քաղաքէն 90 քմ. դէպի հիւսիս, Լիճէ գաւառակին (քազա) մէջ:

Բնիկ հայնեցի՝ Բենիամին Կարապետ Ժամկոչեան կը գրէ թէ Հայնին կեդրոնն էր մօտ 70 գիւղերու: Կը գտնուի արեւելքէն արեւմուտք տարածուող ջրառատ դաշտի մը հիւսիսը, որոշ չափով շրջապատուած է լեռնաշղթաներով: Այս դաշտին մէջէն կը հոսին Տիգրիս գետի ճիւղաւորումներ, իսկ հիւսիս-արեւմուտքէն ալ կը հոսի Եփրատ գետը [1]:

Բենիամին Ժամկոչեանին կինը իմ երէց հօրաքոյրս էր: Մեր «նահապետական» ընդարձակ տան մէջ, ուր կ՚ապրէր նաեւ հօրեղբօրս ընտանիքը, կը հաշուէինք 10 անձ: Մինչ Ժամկոչեանի գիրքին մէջ կը կարդանք, թէ Հայնիի նահապետական տուները կրնային պարփակել 20-40 հոգի, որոնց շարքին թոռնորդիներ: Եթէ ընտանիքէն ոեւէ անդամ նոր տան մը մէջ որոշէր բնակիլ, այն ատեն այս նոր օճախը կ՚ըլլար հայրենի տունին շատ մօտկ, այնպէս որ անոնք կ՚ունենային հասարակաց բակ մը [2]: Այս կէտին պիտի անդրադառնանք աւելի ուշ:

Ժամկոչեան Հայնիի բնակչութիւնը կը գնահատէ 10,000-15,000 հոգի, որ կը համապատասխանէ 1500-2000 ընտանիքի: Այս բնակչութեան կէսը կը բաղկանար զազա քիւրտերէ [3]:

Բնականաբար, խարբերդցիներուս երդիքին տակ մեր «փեսայ-նահապետ»ին Հայնին եւ իր սովորութիւնները խօսակցութեան օրինակելի նիւթ կ'ըլլար: Մանկա-պատանեկան տարիներէս կը յիշեմ, որ բացարձակապէս կ՚արգիլուէր տան մթնոլորտը «պղծել» ծխախոտի քուլաներով: Սակայն բացառաբար երկու հայնեցի տարեց ազնուափայլեր՝ Տէլալ Խաչօյին աղջիկը՝ Հաճի Եւան ու անոր բարեկամուհին՝ Հաճի Անուշը, կրնային իրենց ճիղարան փաթթելէ ետք անպատիժ ֆսրցնել մեր հիւրանոցին մէջ՝ իբրեւ գլխու ու ատամի ցաւի դարման: Երկու այս կիները, ինչպէս նաեւ Ժամկոչեանը, իրենց նախնիներէն ամբարած գիտելիքներով, բուժակի համբաւ հանած էին: Օրինակ, հարսանիթի պարագային, պէտք էր ուտել քաղցր բաներ, որպէսզի բշտիկները «դուրս իգան»: Դեղնութեան դէմ Հաճի Եւան «վախ կը բռնէր» ենթական անակնկալօրէն սարսափեցնելով (նոյնաբուժութիւն/homeopathy): Տիկինը նաեւ բաղդագուշակութիւն կ՚ընէր՝ սառ ջուրին մէջ թափուած հալած կապարին ստացած ձեւերը մեկնաբանելով: Պաղարութեան պարագային, Ժամկոչեանը կը դիմէր հետեւեալ ինքնայատուկ դարմանին. գլուխին կը փաթթէր իր կնոջ բրդեղէնները եւ նոյն ատեն ներշնչելով կը խմէր այրելու աստիճան տաք սուրճ։ իսկապէս ալ կ՚ապաքինէր, ի մեծ յուսախաբութիւն տան փոքրերուս... Անոր հիւանդ ժամանակը կը համապատասխանէր մեր ազատ-անկախութեանը: Կը յիշեմ նաեւ, թէ երբ աշակերտ մը տնօրէն Ժամկոչեանին – ան եղած է Պէյրութի Սահակեան վարժարանին երկարամեայ տնօրէնը – յայտներ թէ կը տառապի գլխու ցաւէ, ան կը յանձնարարէր դիմել իր ձրի դեղատոմսին. «գնայ գլուխդ  բակին արքանիւենիի (Eucalyptus robusta) բունին զարկ ու 3 անգամ կրկնէ՝ «ես հիւանդ չեմ», ու կ՚անցնի»: Հոս կը տեսնենք երկու տեսակի դարմանումի միջոց. նոյնաբուժութիւն եւ ինքնաթելադրութիւն։

Ընդհանուր տուեալներ Հայնիի առողջական վիճակին մասին

Զբաղումները

Հայնիի մէջ չկար ծանր ճարտարարուեստ, այնպէս ինչպէս Խարբերդի ու Վանի կտաւագործական (մետաքսի), մեքենաշինական կամ մուշտակի արտադրութիւնները: Մի քանի բացառութիւններ նկատի ունենալով, կարելի է ենթադրել թէ գործաւոր դասակարգի բացակայութեան պայմաններուն մէջ՝ գործի բերմամբ ստացուած հիւանդութիւններուն թիւը ցած էր:

Հայնիի հայը գլխաւորապէս կը զբաղէր այգեգործութեամբ [4] եւ արհեստներով [5]: Հայնեցին տեղական տասնեակ տեսակի  խաղողները կը սպառէ իբրեւ սովորական պտուղ, ինչպէս նաեւ անոնց հիւթով կը պատրաստէ գինի/օղի եւ զանազան տեսակի քաղցրեղէններ (ռոճիկ, պաստեղ, քէսմէ): Ծանօթ է որ ձմեռ եղանակին հայնեցին ամբողջ ընտանիքով եւ դուռ-դրացիով կը սպառէ այդ քաղցրաւենիքը, իսկ խաղողէն արտադրուած ոգելից ըմպելիքն ալ առատօրէն կը խնկարկէ Բագոսի տաճարին:

Խաղողը միջին հաշուով կը պարունակէ 20% շաքարանիւթ [6]։ Քաղցրաւենիք պատրաստելու համար պէտք է եռացնել հիւթը եւ շոգիացնել անոր ջուրը: Հետեւաբար թանձրացած խիւսը կրնայ պարունակել մինչեւ 60-70% շաքար: Զարմանալիօրէն սակայն մեր գլխաւոր աղբիւրին մէջ տեղ գտած հիւանդութեանց ցանկին մէջ չի յիշուիր շաքարախտը:

Սեւ խաղողէն գինի եւ օղի պատրաստելը մաս կը կազմէր հայնեցիին տնական զբաղումներուն: Ոգելից ըմպելիներու գործածութեան ուխտեալ հակառակորդ մըն էր Ժամկոչեան։ Բայց երբ իրեն հարց կու տայինք թէ «Հայնիի մէջ կը գինովնայի՞ք», ան հպարտօրէն կը պատասխանէր՝ «հայ հա՜յ»: Շատ հաւանաբար դաշտագնացութիւններուն ընթացքին կատարուող երկարատեւ կերուխումներուն, ինչպէս նաեւ տօնական օրերու գլխաւոր երեւոյթներէն էր ալքոլը [7]: Հոս հարց կու տանք թէ Հայնիի մէջ ի՞նչ չափով ալքոլը ազդեցութիւն ունեցած է հանրային առողջութեան վրայ։ Հարցին պատասխան չունինք:

Հայնեցիին մանր արհեստները եղած են ատաղձագործութիւնը, պղնձագործութիւնը, երկաթա-զինագործութիւնը, պայտարութիւնը, ժամագործութիւնը, ոսկերչութիւնը, կօշկակարութիւնը [8]: Այս արհեստները առողջապահական իմաստով ընդհանրապէս խնդրայարոյց չեն։ Բացառութիւն է կօշկակարութիւնը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ խաղախորդարաններուն մէջ կաշիի վրայ աշխատանքը: Հայնիի խաղախորդարանին մէջ գործածուող ջուրը դուրս կու գայ գիւղաքաղաքին կեդրոնը գտնուող կարեւոր հանրային աւազանէ մը՝ Էնգեպիրէն, որ ըստ Ժամկոչեանի՝ արաբերէն Այն Քէպիր (Մեծ աղբիւր) բառին աղաւաղումն է: Խաղախորդարանին մէջ գործածուելէ ետք, ջուրը իր ուղին կը շարունակէ եւ կ՚երթայ դէպի ածուները, որոնք կը ջրեն զանազան արտեր [9]: Այս վերջիններուն մէջ կան բարտիի ծառ, ուռենի, պտղատու ծառեր ու բանջարեղէններ: Կարելի է ենթադրել, որ կաշեգործարանին նեխած թափթփուքները եւ կենդանական մնացորդները կրնան ապականել հունձքերն ու անոնց շրջակայքը՝ դուռ բանալով զանազան վարակումներու, ճահճային մժեղներու բուծանմանը եւ մալարիային:

Ջրաբաշխութեան, արտաքնոցներու եւ կոյուղիի դրութիւնը

Նախ ըսենք, որ մեզի ծանօթ դրութեամբ այս երեքը գոյութիւն չունէին Հայնիի մէջ: Հայոց բնակարաններուն հասնող ջուրի առաքում չկար: Տնական ջուրը կը կրէին տեղւոյն վեց աղբիւրներէն ու վերը նշուած Էնգեպիր աւազանէն հոսող մի քանի ծակերէն: Լոգանքն ու լուացքը կ'ըլլային հանրային տեղերու մէջ, ինչպէս օրինակ Ժամուն (եկեղեցի) Մուղարան: Շատ քիչ տուներու մէջ արտաքնոց կար: Կիները կը «մեկուսանային» պարտէզին մէկ անկիւնը, պաշտպանուած վշակտաւէ (flex-fiber tissue) կամ հողաշէն պատերէ: Աղտը կը թափուէր հասարակաց աղբանոցի մէջ: Շուկային մէջ տղամարդիկը կ՚երթային հանրային պէտքարան մը, որ հաստատուած էր Էնգեպիր աւազանէն հոսող եւ էշերու յատկացուած ածուին քով: Ուրիշներ կը նախընտրէին երթալ բնութեան գիրկը, այսինքն գիւղէն դուրս դաշտերուն մէջի ապառաժներով շրջապատուած «մենարանները»: Ժամկոչեան կը գրէ, թէ աղբերը կը դիզուէին մինչեւ որ գարնան ձիւնհալը ու աշնան անձրեւները զանոնք քշէին։ Բնակարաններու աղբը, որուն կ՚աւելնար նաեւ կենդանիներու թրիքը, երկար ատեն կը կուտակուէր հասարակաց աղբանոցին մէջ, յուսալով որ բնութիւնը գոնէ մասնակի կերպով զանոնք մաքրէ [10]: Դժուար չէ եզրակացնել, թէ այս կացութիւնը որքան արագ կրնար հիւանդութեանց փոխանցման պատճառ դառնալ: Իսկ ընթերցողը վստահաբար հետեւցուց արդէն, որ կոյուղի գոյութիւն չունէր:

Բնակարանները

Ինչպէս արդէն նշեցինք, Հայնիի նահապետական 20-40 հոգինոց ընտանիքը կը պարփակէր մինչեւ իսկ թոռնորդիներ: Տուները կ՚ըլլային միայարկ կամ երկյարկ եւ այս տուներուն մեծութեան համեմատ սենեակներուն թիւը կ'ըլլար 2-էն 5: Մահճակալներ չկային, այնպէս որ ննջարան-հիւրանոցին մէջ գետինը քով-քովի կը փռուէին անկողինները, որոնք ծալլուելով, առաւօտեան կը տեղադրուին պատին մէջ փորուած յատուկ դարակներու մէջ [11]: Տունը ձգել որոշողները պարզապէս իրենց նոր տունը կը կառուցէին հինին կողքին եւ այս ձեւով անմիջական դրացիներ կ՚ըլլային։

Կարելի է ըմբռնել թէ վերոյիշեալ խճողուած մթնոլորտին մէջ ինչ արագութեամբ կրնայ ընտանիքին մէկ անդամէն միւսը տարածուիլ փոխանցիկ հիւանդութիւնները:

Կանանց պարտականութիւնն էր սենեակները ծեփել եւ պատերը ճերմկցնել ջրոտ կիրի խառնուրդով: Սենեակներուն յատակները ամրապնդելու համար՝ կանայք գիւղէն դուրս գտնուող վայրերէ կրելով կը բերէին կաւային հողի տեսակ մը, որ ջուրով կը նօսրացնէին եւ կը խառնէին թրիքին: Այս խառնուրդը սենեակներուն մէջ գետին կը թափէին, ապա տափակ քարերով կը ծեծէին մինչեւ որ այս նիւթը կարծրանար, չորնար եւ վերածուէր ողորկ յատակի [12]:  

Արդեօք այս ծանր գործերը որքանո՞վ կ՚ազդդէին կանանց, մանաւանդ անոնց շարքին յղիներուն ու անոնց սաղմերուն առողջութեան վրայ: Կարելի է նաեւ յիշել վերը նշուած կիրը, որուն փոշին կրնար աչքերուն/քիթին թաղանթները բորբոքեցնել:

Ժողովրդային բժշկութիւնը Հայնիի շրջանին մէջ

Ըստ ՄԱԿ-ի Առողջապահական համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ, WHO), ժողովրդայինկամ աւանդական բժշկութիւն կը համարուին բոլոր բուժիչ միջոցները, որոնք ի գործ կը դրուինպահպանելու առողջութիւնը կամ կանխարգիլելու եւ ախտաճանաչելու հիւանդութիւնները, ինչպէս նաեւբարելաւելու կամ խնամելու մարմնական եւ հոգեկան հիւանդութիւնները: Բնիկ կամ տեղացիժողովուրդներու մօտ ի գործ դրուած միջոցառումները հիմնուած կրնան ըլլալ անոնց մշակոյթին յատուկտեսութիւններու վրայ, նախնիքներէն ժառանգուած փորձառութեանց կամ հաւատալիքներու վրայ, որոնքկրնան ըլլալ բացատրելի (արդի գիտութեանբ), ինչպէս է պարագան դեղաբոյսերու գործածութեան, կամ ոչ բացատրելի, օրինակ՝ սնահաւատական միջոցները՝ ուխտագնացութիւն, հրաշագործ աղբիւրներ կամբժժանքներու գործածութիւն [13]:

Հայնիի մէջ ալ ժողովրդային բժշկութեան դիմելը ստիպողութիւն էր, պարզապէս քանի որ բժիշկի կամդեղագործի երթալու կարելիութիւն չկար կամ անոնք պարզապէս անգոյ էին [14]:

Դարմանումի տեսակներ. հաւատալիքներ, նախապաշարումներ, սրբավայրերու այցելութիւն, գերբնական ուժերու միջամտութիւն

Յատուկ օրերու, տօներու կամ թիւերու առնչուող դարմանումներ

  • Առողջ մնալու համար պէտք էր Ապրիլ 7-ին եօթ անգամ լոգնալ։ Դժուար է պատկերացնել այսպիսի աւանդութեան մը կիրառումը գիւղաքաղաքի մը մէջ, որ զուրկ էր ջրաբաշխական համակարգէ:
  • Անբախտութիւն չապրելու համար կը յանձնարարուի երկուշաբթի օրերը կարի գործ չընել:
  • Վախին դէմ ընդունուած դեղը գինին էր։ Տնեցիներուն անծանօթ անձեր տան բուխերիկներէն գինիով լեցուն կուժեր կ՚իջեցնեն, տանտէրը պէտք է կուժէն բաժակ մը գինի վերցնէ ու անոր փոխարէն տան գինիէն բաժակ մը կուժին մէջ լեցնէ: Այսպէսով ամբողջ թաղը կը «պատուաստուի» վախին դէմ [15]:

Այս օրինակներուն մէջ կը տեսնենք Սուրբ Գրային եօթ թիւին տրուած կարեւորութիւնը:

  • Քաղցր ու առատ խաղող ունենալու համար՝ Մէլէտին (Տեառնընդառաջօրը տան տանիքը կրակ կը վառեն։ Նոյն տօնին եկեղեցիին բակը խարոյկ կը վառեն եւ հայնեցին այս կրակէն մնացած կիսայրած փայտի կտորներ կը դնէ իր մեղուի փեթակներուն քով, որպէսզի անոնք օրհնուին:
  • Տարին լուսաւոր (բախտաբե՞ր) ըլլալու համար պէտք է կաղանդի գիշերուան կրակը անմար պահել:
  • Տարուան բախտաւորը կը նկատուի այն անձը, որուն բախտ կ՚ելլէ կաղանդի գիշերուան կրակարանին մոխիրներուն մէջ եփած խոշոր գաթային մէջ պահուած մետաղեայ դրամը:
  • Ընդհանրապէս տօներուն, օրինակի համար Սբ. Յակոբի գիշերուան ուրախութիւններէն առաջ, հարկաւոր էր պահք պահել, այլապէս սուրբը կրնար «հարուածել» [16]:

Անասուններու առնչուած նախապաշարումներ

  • Շան ոռնոցը կամ ագռաւին եւ աքլորին կանչը մահուան, դժբախտութեան ու գէշ պատահարներու դուռ կրնար բանալ Հայնիի մէջ:
  • Չար աչքի դէմ մատաղին արիւնը կը քսէին տան դուռին եզերքներուն եւ պատէն կը կախէին զենուած խոյին եղջիւրները [17]:

Սրբավայրերու կապուած նախապաշարումներ

Այս տեսակ սրբավայրեր էին Երեցին տան քովի Խաչքարը, Եօթ սիւնէ ճիներուն մղարան (քարայրը), Տէտիպէ քարայրը (նախկին ճգնարան մը), ուր կ'երթային Աստուածածինի տօնին օրը: Համոզում կար, որ Տպնու վանքին մօտակայ Սուրբ Յովհաննէսի աղբիւրին մէջ լոգցողը կ'առողջանար։ Սակայն աղբիւրին մէջ չի նշուիր թէ ինչ հիւանդութենէ կ՚առողջանար: Որեւէ սուրբ համարուող ջուրի մէջ քար նետողը կը պատժուէր նոյն աղբիւրին կողմէ [18]:

Ծննդաբերութեան առնչուող նիւթեր

Հարսնիքէն երեք օր ետք, երբ կերուխումի բոլոր արարողութիւնները կ՚աւարտէին, նորապսակները կրնային առանձնանալ: Երբ ատենը գար, կեսուրին պարտականութիւնն էր փսփսալով շրջապատին տեղեկացնել, թէ «քարը պատը փակած է», ինչ որ պատկերաւոր եւ ամօթխած ձեւ մըն էր ըսելու, որ հարսը յղի է: Այդ «քարին» սեռը կը յայտնաբերուէր հետեւեալ կերպով. մանչ էր, եթէ յղի մայրը իր սրտին վրայ ճնշումներ զգար, աղջիկ էր, եթէ մայրը ճնշումներ զգար փորին ուղղութեամբ։

Հայնին ունէր թիկմարներ կամ փթողներ, որ տեղական բարբառով կը նշանակէ դայեակ։ Անոնցմէ կը յիշուին Մչօն, Մրօն, Մահպոնենց Սառօն: Այս պաշտօնը կրնար ստանձնել նաեւ գերդաստանին ամէնէն երէց կինը: Այս վերջինը պորտը կտրելէ եւ կապելէ ետք, նորածինը խանձարուրով կը փաթթէր, ապա կը յանձնէր մօրը, որ քովը կը պահէր քանի մը օր, անկէ ետք ալ երեխան կը դնէին օրօրոցին մէջ: Նորածինին լաթերուն մէջ տաքցուած հող (բարբառով շռուխ) կը դնէին՝ ծծելու համար մանուկին արտադրութիւնները: Ծննդականին համար կ՚եփէին «Մարիամ ճաշ»ը, որուն բաղադրութիւնն էր ջուրի եւ տպըսի (ռուպ) խառնուած եփած ալիւր։ Այս սնունդը կաթնաբեր յատկութիւն ունի: Մինչեւ 40 օր մօրը արգիլուած էր ջուր խմել (արդեօ՞ք ջուրին անմաքուր ըլլալուն պատճառով): Սակայն ան կրնար խմել հիւրերուն բերած «շէրպէթ»ը: Անզաւակութեան պարագային, կինը պէտք էր մտնէր Հայնիին հարաւ-արեւմուտքը գտնուող Ջերմուկ քաղաքին տաք ջուրի աւազանը, եկեղեցիին մէջ աղօթէր կամ ալ զաւակ որդեգրէր [19]:

Ռուպը կը պատրաստեն խաղողի թանձրացուած հիւթէն։ Փաթելի Patel ուսումնասիրութիւնները կը հաստատեն խաղողին կաթնաբեր յատկութիւնը, ինչպէս է պարագան շատ մը ուրիշ բոյսերու [20]: Աւելցնեմ թէ հայնեցիին արտայայտութիւններուն մէջ ռուպը իր կարեւոր տեղը ունէր։ Օրինակ, ռուպին որակով կը ճշդէին անձի մը մտային առողջութիւնը։ Երբ անձի մը համար ըսէին թէ «ռուպը նօսր է», պէտք էր հասկնալ, որ «խելքը պակաս է»:

Զանազան հիւանդութիւններ եւ անոնց դարմանումի կերպերը

Հայնիի մէջ բժիշկ չկար, այնպէս որ տարիքոտ կիներու վերապահուած էր բժշկելու պաշտօնը։ Անոնց գիտելիքները հիմնուած էին անձնական փորձառութեան եւ նախնիներէն ժառանգած տեղեկութիւններու վրայ: Ընդհանրացած էր դեղաբոյսերով դարմանումը եւ շիշ քաշելը (հէճմէթ զարնել):

Մորթային հիւանդութիւններ

Ժամկոչեան կը գրէ երկու ծծմբային տաք ջուրի աղբիւրներու մասին, որոնք ամառ եղանակին կը չորնային, սակայն անոնց յատակին հաւաքուած ցեխը տեղացիները «կը քսէին [իրենց] մորթին ու կը բուժուէին» [21]: Աղբիւրներէն մէկը հրաշագործի հանգամանք ունէր, նկատի ունենալով, որ անիկա կը գտնուէր եկեղեցիին քով:

Տէրուկ

Ըստ Ժամկոչեանի, ամէն հայնեցի անխուսափելիօրէն ունէր իր դէմքին կամ մարմնին որեւէ տեղը այսխոռոչային եւ սպի ձգող վէրքը։ Կ'ենթադրուէր թէ անիկա «ժառանգական սիֆիլիս»է մնացած է [22]: Մեզիտարօրինակ կը թուի, թէ այդ վէրքը կրնար յառաջանալ վեներական փոխանցումէ, մանաւանդ հեղինակէն կիմանանք, թէ Հայնիի մէջ աղջիկները տակաւին օրօրոցէն կամ ալ 7-էն 11 տարեկանին կը նշանէին, 13-էն 15 տարեկանին ալ կ'ամուսնացնէին [23]: Նաեւ պէտք չէ մոռնալ, որ գործ ունինք պահպանողական ու նահապետական միջավայրի մը հետ: Տէրուկը (նաեւ Տարուկ) շատ հաւանաբար «Հալէպի վէրք»ն (Հալէպչիպանն, Bouton d’Alep/Bouton d’Orient) է, որ բժշկականօրէն ծանօթ է cutaneous leishmaniasis անունով։ Անիկա մակաբոյծային parasitic վարակում մըն է։ Բշտիկը կը գոյանայ, երբ ենթական խայթուի Phlebotome դասինպատկանող էգ ճանճերէն [24]։ Այդ ճանճերը կը բազմանան Սուրիոյ եւ Իրաքի ճահճային շրջաններուն մէջեւ կը հասնին մինչեւ ջրառատ Տիարպեքիրի եւ Խարբերդի շրջանները։

1) Ծխախոտի բոյս (Աղբիւր՝ de.wikipedia.org/wiki/Tabak_(Gattung)).
2) Արքանիւենի (Eucalyptus) (Աղբիւր՝՝ https://commons.wikimedia.org/wiki/File:Eucalyptus_robusta_(Sowerby).jpg).
3) Սխտոր (Աղբիւր՝ https://commons.wikimedia.org/wiki/File:Bentley_und_Trimen_Allium_sativum.jpg).
4) Շրէզ (Աղբիւր՝ commons.wikimedia.org/w/index.php).

Ժամկոչեան կը գրէ, թէ վէրքը դարմանելու համար հայնեցին անոր վրայ կը կապէ խիւս մըբաղկացած կէօզտաշիէ (կապոյտ քար), շրէզէ (կպչուն խիւս մը պատրաստուած բոյսի մը արմատին ալիւրէն)եւ ածուխի մոխիրէն: Հաւանաբար կապոյտ քարը կը համապատասխանէ CuS04-ին (cupper sulphate): Այսվերջինը կը գործածուի որոշ մորթային հիւանդութիւններ դարմանելու համար [25]: ՇրէզըAsphodelus (Asphodel) բոյսերու տեսակին կը պատկանի [26]: Ըստ Մալմիր Մարիամի եւ իր աշխատակիցներուն,Asphodelus տեսակի բոյսերը ունին հակամանրէական, հակասնկային, հակաբորբոքային եւհակամակաբոյծային դարմանական յատկութիւններ: Յօդուածին հեղինակները կ’աւեցնեն, թէ Թուրքիոյ ժողովրդային բժշկութեան մէջ այս բոյսը կը գործածուի այրուածքները ու վէրքերը դարմանելու համար [27]: Ժամկոչեանի գրած «շրէզ» բառը նախ կարծեցի որ տպագրական վրիպակ մըն է: Ետքը մտաբերեցի, թէ մանկութեանս Բենիամին Ժամկոչեան այդ տգեղ հնչող բառը կը գործածէր երբ տան մէջ խէժ կը փնտռէր: Հայերէնէ-անգլերէն CALFA համացանցային բառարանը կը հաստատէ «շրէզ» բառին խէժ նշանակութիւնը: Հայերէնի մէջ կը գործածուի նաեւ «շրէշ» բառը, որ բոյս մըն է։ Անոր արմատէն կօշկակարները սոսինձ կը պատրաստեն [28]: Գալով խիւսին երրորդ բաղադրիչին՝ ածուխի փոշիին, որ տեղացին առատօրէն ձեռք կը ձգէր վառարաններուն մէջ հրկիզուած փայտերէն, անիկա ծանօթ է վէրքերը մաքրելու յատկութեամբ [29]: Եզրակացնելու համար, յայտնենք որ տէրուկ վէրքը անխուսափելիօրէն հետք կը ձքէ մորթին վրայ, սակայն այս երեք նիւթերով կազմուած ժողովրդային բաղադրութիւնը դարմանական որոշ օգուտ մը կրնայ ունենալ վէրքին աւելի արագ սպիացման գործընթացին մէջ:

Մարդակեր հիւանդութիւն

Սա կը սկսի սիսեռի մեծութեամբ բշտիկով մը, որ 24 ժամէն կրնայ մեռցնել ենթական: Իբրեւ դարմանում, հայնեցի հէքիմը ծոծրակին մասնաւոր մէկ երակին վրայ կը ցանէր տաք ածուխ կամ տաք լաթ, ապա վրան երկաթով կը սեղմէր։ Գործողութիւնը կը կրկնուէր մինչեւ որ հիւանդը կը սկսէր զգալ տաքութիւնը։ Անկէ ետք բշտիկը կը չորնար եւ հիւանդը կ'առողջանար [30]: Կարելի չեղաւ մարդակեր հիւանդութեան բառացի հոմանիշ մը գտնել բժշկական գրականութեան մէջ: Անոր ամենէն մօտաւոր համարժէքը հաւանաբար ժողովրդային լեզուով ծանօթ Flesh eating diseaseը ըլլալու է, որ գիտականօրէն կը կոչուի Necrotizing fasciitis: Հիւանդութիւնը կը յառաջանայ մասնաւորաբար Streptococcus A մանրէին ճամբով (կամ մի քանի ուրիշ տեսակ մանրէներու) մորթային վարակումէն։ Մանրէն մարմինին մէջ կը մտնէ մորթային մանր քերթուածներէ կամ այլ ծակումներէ: Հիւանդութիւնը շանթահարիչ արագութեամբ կ՚ընթանայ ու կը զգետնէ ենթական: Այժմ դարմանումը կը կատարուի անթիպիօթիքի ու մեռած հիւսկէններուն (tissues) վիրահատումին ճամբով [31]: Գալով Հայնիի հէքիմներուն դարմանումի ձեւին, կարելի է ենթադրել որ այդ «մասնաւոր երակին» վրայ տաքէն յառաջ եկած գրգռութիւնը կը խթանէ արեան ճերմակ գնդիկներուն ախտազերծիչ phagocytes եւ lymphocytes համակարգը:

1) Սոխ (Աղբիւր՝ de.wikipedia.org/wiki/Zwiebel)
2) Պապունաճ/երիցուկ (Աղբիւր՝ https://en.wikipedia.org/wiki/Chamaemelum_nobile)

Վէրքեր

Ասոնք կը վերաբերին քարի հարուածով, դանակի զարկով, քերթուածքով կամ մանրէներու ճամբովարիւնի վարակումէ յառաջացած բորբոքումներուն: Իբրեւ դարման, վէրքին վրայ կը դնեն եւ կը կապեն յատուկ պատրաստութիւն մը։ Այս պատրաստութիւնը կրնայ ըլլալ ծեծուած զէկէրիկի (մանանեխ) խիւս, խորովուած տաք սոխ, իւղոտ խմոր կամ թութ [32]: Այս նիւթերը հաւանաբար կը խթանեն ճերմակգնդիկներուն ախտազերծիչ յատկութիւնները, կրնան բանալ ուռած վէրքը եւ առիթ տալ որ թարախը դուրսհոսի: Անոնք նաեւ հականեխիչ բուսանիւթեր են եւ կրնան կանխել վէրքին զարգացումը:

Աւելի մանրամասն քննենք այս նիւթերուն պարունակութիւնը։ Մանանեխը (Crucifereae), սոխը,ինչպէս նաեւ իր մօտիկ ազգականը՝ սխտորը (Lilliaceae), հարուստ են ծծումբ պարունակող զանազան բարդմասնիկներով (molecules)։ Այս երկու բուսաբանական ընտանիքները (Crucifereae եւ Lilliaceae) թէեւքիմիական իրենց կառուցուածքին մէջ նոյն նիւթերը չունին, սակայն դեղաբանօրէն անոնք համազօրարդիւնքներ ունին: Անոնցմէ յիշեմ հակա-օքսիտացումային, հակա-ժահրային, հակա-ցպիկային, բորբոքման դէմ եւ հակա-սնկային ազդեցութիւնները [33]։

Ժամկոչեան կ՚աւելցնէ, թէ վէրքերուն թարախը քաշելու համար՝ հայնեցին անոնց վրայ կը դնէ դաղձ(սարի անանուխ) ու կը կապէ: Դաղձին ցնդական (էական) իւղերը (EO) կրնան մորթէն ներս մտնել եւ գործելիբրեւ հակա-օքսիտացումային, հակա-ցպիկային, բորբոքման դէմ եւ հակա-սնկային ազդակ [34]:

Ժամկոչեան կը նշէ նաեւ այլ ուռեցք մը, որուն կու տայ իլանճուկ անունը։ Իբրեւ դարմանում, անոր վրայ կը կապէին գորտ կամ խեչափառ [35]: Բացատրական մը կարելի չեղաւ գտնել գորտին բուժիչ յատկութեան մասին։ Գալով խեչափառին, անիկա կը պատկանի խեցեմորթներու ընտանիքին (Crustaceus)։ Անոնց կարծր պատեանը կազմող նիւթը հարուստ է Chitosan-ով: Այս վերջինը քիմիական որոշ գործընթացներէ ետք կը վերածուի աւելի մանր մասնիկներու, որոնք կ՚ունենան հակա-մանրէական, հակա-օքսիտացնող եւ ախտազերծումը եղանակաւորող գործունէութիւն: Այդ նիւթերէն կը պատրաստեն վէրքերու սպեղանիներ [36]։ Սակայն մեր աղբիւրը միայն կը նշէ, թէ վէրքին վրայ կը փաթթեն հում խեչաբառը։ Այս պարագային դժուար է բացատրել կենդանիին օգուտը, նկատելով թէ Chitosan-ը մարդկային մորթին վրայ չի կրնար տարրալուծուիլ ամենայն դիւրութեամբ:

Եռք

Կը դարմանուէր Ջերմուկ քաղաքի ցեխով կամ էռք կոչուած աղբիւրին ջուրին մէջ լոգնալով: Թէ՛ ցեխը եւ թէ աղբիւրին ջուրը հարուստ են ծծումբով [37]: Ծանօթ է, թէ ծծումբը զանազան մորթային հիւանդութեանց իբրեւ դարման կը գործածուի [38]։

Հայնիի մօտակայ Ջերմուկ քաղաքէն տեսարաններ (Աղբիւր՝ Victor Pietschmann, Durch kurdische Berge und armenische Städte, Wien, 1940)։

Սիւլիւկ (սինիր, կոծիծ, գորտաբշտիկ)

Մանր մորթային անցաւ բշտիկներ են, որոնք կը յառաջանան ժահրային վարակումէ: Այս ժահրերը մաս կը կազմեն Papillomavirus տեսակին: Որոշ գորտաբշտիկներ առանց դարմանումի կ՚անցնին: Դեղարաններուն մէջ կը ծախուին առանց բժշկական դեղագիրի դեղօրայք՝ տեղական դարմանումի համար: Կան պարագաներ երբ անհրաժեշտ կ՚ըլլայ մորթաբոյժին դիմել [39]: Տեսնենք թէ Հայնիի մէջ ի՞նչ կ'ընէին սիւլիւկին դէմ: Հիւանդը, մարմնին վրայ բուսած սինիրներուն թիւին չափ սիսեռ կը բռնէ ափին մէջ, կռնակը ջրհորին տուած, զանոնք կը նետէ հորին մէջ, նոյն ժամանակ ըսելով՝ «ատոնք հոն չորնան, դուք ալ հոս»:Ուրիշ հարց է թէ ջուրին մէջ նետուած սիսեռը ինչպէս կրնար չորնալ, աւելի շատ պիտի ծլէր: Գիտենք որ Ժամկոչեանն ալ դիմած է այս միջոցին։ Ան իր սիսեռները նետած էր Պալապանենց ջրհորին մէջ եւ ինչպէս ինք կը գրէ՝ ձերբազատուած է իր սիւլիւկներէն [40]:

Երեսի ուռեցք (խումրա, մուպարաք)

Ժամկոչեան չի գրեր ուռեցքին պատճառներուն մասին։ Բայց գիտենք որ այսպիսի ուռեցքներ յառաջ կու գան համեմատաբար թեթեւ կամ ծանր հիւանդագին վիճակներէ: Անոնցմէ թուենք դիւրազգացութիւնը, աչքի մանրէական վարակումները, ատամներու բորբոքումը, որոշ դեղերու անփափաքելի ներգործութիւնը, մորթային վարակումները (պալարներ, ծոցաբորբ, յղութեան ընթացքի արեան գերճնշում, մեղուի կամ սարդի խայթուածք) [41]:

Երեսի ուռեցքը դարմանելու համար, հայնեցին մորմենիի տերեւը եւ արմատը կօշիկին վերի մասին հետ կ՚այրէ, յառաջացած մոխիրը հաւկիթի դեղնուցին խառնելով կը պատրաստէ խիւս մը, զոր կը քսեն ուռեցքին։ Ապա լաթ մը կը դնեն վրան, որ օդ չառնէ. այս ձեւով կը կազմուի խցանող սպեղանի մը (occlusive dressing) [42]: Փոշիաձեւ այս խիւսին մէջ հաւանաբար որեւէ օգտակար դեղորայք հրկիզումին հետեւանքով փճացած էր արդէն: Սակայն հաւկիթին դեղնուցը կը պարունակէ sulfated glycopeptides կոչուած նիւթը, որ ճերմակ գնդիկներու macrophages տեսակին արտադրութեան առիթ կու տայ եւ կը խթանէ անձին ախտազերծման ոյժը [43]: Խցանող սպեղանին կը նպաստէ մորթէն ներս օգտակար նիւթերու ներծծումը:

Մրջնբոյն

Ասոնք խմբուած մանր բշտիկներ են, որոնք զօրաւոր քերուըտուք կը պատճառեն: Երեւոյթը կը յիշեցնէմրջիւններու բոյնին բոլորտիքը: Ասոր մէկ տարբերակը տարածուած կ՚ըլլայ արմուկներուն վրայ: 1960-ականներուն, Պէյրութի մէջ ծագումով խարբերդցի մորթաբոյժ մը այս հիւանդութունը կը խնամէր հանրածանօթ վարդագոյն Calamine lotion-ով, որ տակաւին կարելի է գտնել դեղարաններու մէջ [44]: Գալով հայնեցիներուն, անոնք կը դիմէին Մարա Մերիկ անունով քիւրտին, որ հիւանդին ականջին բլթակէն հանած կաթիլ մը արիւնը մրջնբոյնին վրայ կը քսէր եւ այս ձեւով կը «քանդէր» բոյնը [45]:

Մանկական հիւանդութիւններ

Խոռոզուկ (կապոյտ հազ)

Վարակիչ մանրէն Bordatella pertussis կոչուած ցպիկն է (bacterium): Երեխան խեղդուելու աստիճան կը հազայ ու, ինչպէս Ժամկոչեան կը գրէ, կը սկսի աքաղաղի նմանող ձայներ արձակել կոկորդէն: Դարմանողը ածելին կը դնէր մանուկին ճակատին վրայ ու բթամատին փակած միջնամատովը կու տար հարուած մը (այս տեսակ հարուածը կը կոչուէր ֆսքալ), որ արիւն կը հանէր ճակատէն եւ հիւանդը կ'առողջանար: Ամէն անձի չէ տրուած խորոզուկը դարմանելը, հէքիմը պէտք էր որ թլըսըմը (շնորհում) ունենար: Այս տեսակ շնորհեալներ էին Պառուշենց ընտանիքը [46]: Հետաքրքրական է, որ Վանի մէջ գրեթէ նոյն կերպով կը բժշկէին կապոյտ հազը, սակայն մէկ տարբերութեամբ, որ ածելիով  բացուած վէրքին վրայ օղի կը քսէին [47]: Այժմ կապոյտ հազի դէմ մանկական պատուաստը ստիպողական է:

Հարսանիթ (գըզամըգ)

Հիւանդը պառկեցնել մութ ու տաք տեղ մը եւ անոր կերցնել քաղցրեղէն, որպէսզի վէրքերը դուրս արձակէ[ 48]: Տեսնենք թէ 1925-ին, այս հիւանդութեան մասին ի՞նչ կը գրէ այդ ժամանակ Պոսթոն ապրող մանկաբոյժԱբէլեանը, որ նախապէս Օսմանեան բանակին մէջ ծառայած բժիշկ մըն էր. «Հարսանիթ է ըսելով տունդտաճկական բաղնիքներուն պէս տաք ու առանց օդի մի պահէր, (…) սենեակին ջերմաստիճանըմօտաւորապէս 18-20 °C [պէտք է ըլլայ] (…)։ Հիւանդին անկողինը ըլլայ թեթեւ ու տաքուկ: Անոր տուէք ջուր, ռուբով ջուր, շէրբէթ, թան, մածուն (...), սենեակին մէջ կարելի եղածին չափ զօրաւոր լոյս ունենալէ զգուշացէք (...)» [49]: Այնպէս կ՚երեւի, որ Հայնիի հէքիմ կիներուն դարմանումի ձեւերը մեծ մասամբ չեն հակառակիր Աբէլեանի յանձնարարութիւններուն։ Բացառութիւն կը կազմէ հիւանդը տաք տեղ պառկեցնելը։

Ծաղիկ (ծաղկախտ, չիչէք)

Հիւանդութեան տարածումը կասեցնելու համար կը կիրարկուէր փէրփին կոչուող պատուաստի նախնական կերպը: Առաջին փուլն էր՝ հիւանդին բշտիկներուն թարախէն կաթիլ մը առնել եւ խառնել կաթին մէջ։ Երկրորդ փուլն էր՝ առողջ մանուկի մը մորթին ածելիով պզտիկ հարուած մը տալ, արիւնել, արիւնը առանձնացնել, ապա առաջին փուլի բաղադրութիւնը խառնել այս արիւնին։ «Պատուաստ»ը պատրաստ էր [50]: Ըստ Աբէլեանի, նախնիքներու պատուաստի այս կերպը երբեմն լաւ արդիւնք կու տար, իսկ յաճախ ալ աւելի զօրաւոր վարակում կը պատճառէր: Աբէլեան կը գրէ, թէ ծաղկախտի վարակումէն զերծ մնալու միակ գործնական ձեւն էր այս նախնական «պատուաստ»ը: Ըստ Աբէլեանի, 18-րդ դարուն, Պոլսոյ մէջ Անգլիոյ դեսպանին կինը Լէյտի Մէյրի Մոնթակու տեղի հայերէն սորված է այս կերպը, ապա՝ զայն ընդհանրացուցած Անգլիոյ մէջ [51]:

Աւարտելու համար մանկական հիւանդութեանց բաժինը, աւելցնեմ թէ հիւանդ մանուկները կը դնէին եկեղեցիին դռան ետեւը՝ հաւատքի ուժով զանոնք բուժելու համար [52]:

Զանազան ցաւերու դարմաններ

Աչքի ցաւ

Հայնին հովոտ ու փոշոտ վայր մըն էր, հետեւաբար մանուկներուն մեծ մասը ենթակայ էր աչքացաւի, քանի որ անոնց նախընտրած խաղավայրը յաճախ փողոցն ու աղբանոցներուն շուրջը կ'ըլլար: ԻնչպէսԽարբերդի մէջ, հոս ալ աղջիկ զաւակ դիեցնող մօր կաթը կը կաթեցնէին հիւանդին աչքերուն մէջ: Կային նաեւ ուրիշ դարմաններ, զորս կը դնէին ուղղակի ցաւոտ աչքին մէջ։ Ասոնցմէ էր՝ փոշիացած նապաթ(բիւրեղացած) շաքարի եւ կարմիր մելանի փոշիին խառնուրդը, փոշիացած ծխախոտը, պաղլեղի (Alum: NH4/Na-Al(SO4)212H2O) եւ հաւկիթի խառնուրդը: Թրախոմայի պարագային, մատնոցով կամ կէօզտաշիով(կապոյտ քար, Cupper sulfate) կոպերը կը քերթէին [53]:

Փորձենք բացատրութիւններ գտնել վերը նշուած դարմաններուն։ Այսպէս, գիտենք որ շաքարըկակղադեղ է։ Ըստ Wikipediaին, Eosin-ը (Acid Red) գտնուած է 1871-ին եւ կը գործածուի կարմիր մելանիբաղադրութեան մէջ [54]: Իլարիա Ռօմանօ կը մատնանշէ Eosinին հականեխիչ յատկութիւնները [55]: Աչքերը բորբոքելով կ'արտադրեն թանձր հեղուկ մը. այնպէս որ կարելի է ենթադրել, որ կաթին իւղերը - որոնցմէկարագ կը ստացուի - կ՚արգիլեն կոպերուն կպչնութիւնը, իսկ immunoglobulinները կը պայքարինմանրէական վարակումին դէմ [56]:

Կարեկը(Sty) աչքի այլ հիւանդութիւն մըն է, որ ըստ Ժամկաոչեանի՝ դարմանումը սնահաւատութեամբ կամ նոյնաբուժութեամբ կ'ըլլար: Ենթական նոր երեւցող լուսինին կը նայէր եւ նոյն ատեն գարիի եօթը հատիկներ ջուրը կը նետէր կամ ընտանիքէն ժառանգած գարիի հատիկ մը աչքին կը քսէր [57]:

Կոկորդի ցաւ

Ժամկոչեան իբրեւ դարման կը գրէ. «Բթամատին երկրորդ ոսկորը վերի եւ վարի ակռաներուն մէջեւ կը զետեղէին» [58]: Գալով ցաւին պատճառներուն կամ ենթակային տարիքին (չափահա՞ս թէ մանուկ), մեր աղբիւրը յաւելեալ մանրամասնութիւններ չի տար: Սակայն հաւանական է, որ դարմանողին բթամատը հիւանդին կոկորդէն դուրս բերէ օրինակի համար Streptococcus A տիպի մանրէներ, որոոնք հետագային կրնան ուրիշներու փոխանցուիլ:

1) Մանանեխ (Աղբիւր՝  https://en.wikipedia.org/wiki/Brassica_juncea#/media/File:Brassica_juncea_-_Köhler–s_Medizinal-Pflanzen-168.jpg
2) Կարմիր պիպեռ (Աղբիւր՝ https://en.wikipedia.org/wiki/Capsicum_annuum)։
3) Խպըզուկ/վայրի փեփիրթ (Աղբիւր՝ https://en.wikipedia.org/wiki/Althaea_officinalis)։

Ծռած պոչիկ

Ժամկոչեանէն կ'իմանանք, թէ այս մէկը ոսկրաբուժական բնոյթի դարմանում մըն էր, որ կը կիրարկուէր հետեւեալ ձեւով. «ողնայարին վարի ծայրը ցաւցնող մը սանդուխի մը մատէն կը կախուէր ու քանի մը անգամ կ՚ելլէր ու կ'իջնէր» [59]: Ոսկրային այս ցաւը կրնայ յառաջանալ, երբ օրինակ մէկը սայթաքելով՝ դէպի ետեւ իյնայ կռնակին վրայ: Ուրիշ պատճառներ կրնան ըլլալ յղութիւնը, դաշտանը, գերութիւնը կամ սաստիկ նիհարութիւնը: Ողնայարին վարի մասը՝ պոչը, կուկու թռչունին կտուցին նմանող սրածայր ոսկոր մըն է –coccyx-: Այս նոյն բառը նաեւ կուկուին լատիներէնն է: Այժմ այս ցաւը կը դարմանուի հակա-բորբոքային դեղերով (NSAID), տաք եւ պաղ վիրակապերով, տաք լոգանքով եւ ոսկրաբուժութեամբ [60]: Կարելի է ենթադրել որ հայնեցիներուն «սանդուխի մարզանքը», դէպի առջեւ ծռած պոչիկը շտկելու կ'օգնէր:

Անկումի կամ կոտրուածքի ցաւեր

Հիւանդին ցաւերը ամոքելու համար՝ զայն կը փաթթեն նոր մորթուած ոչխարին մորթին մէջ [61]: Արդեօ՞ք այս դարմանը կապ ունի ոչխարին մորթին բաղկացուցիչ սպիտներուն (proteins) տարարկութենէն (catabolism) գոյացած աւելի մանր մասնիկներուն՝ ցաւազրկիչ պեպտիդներուն (analgesic peptides) գործած ազդեցութեան հետ:

Կռնակի ցաւ

Առաջին ձեւը պիպեռի (տաքդեղ) եւ ռուպի ջրային խիւսով, իսկ երկրորդ ձեւը կարմիր խուղի (հող) եւ պիպեռի ջրային խիւսով բաղադրութիւններ պատրաստելը եւ ենթակային կռնակը քսելն էր [62]: Կ'ենթադրենք, որ այդ խիւսը լաթով մը կը ծածկէին: Ռուպին շաքարը կակղադեղ է, իսկ պիպեռը կը պարունակէ Capsaicin-ը, որ մորթէն ներս ներծծման կ՚օգնէ: Տարիներ առաջ դեղատուներուն մէջ կարելի էր գտնել նոյն այս նիւթէն կազմուած Capsolin անունով օծանելիքը, որ արտաքին գործածութեան համար եղող ցաւազրկիչ մըն էր: Capsaicin-ի գործածութիւնը տակաւին ի զօրու է արդի արտաքին ցաւազրկման իբրեւ միջոց [63]։

Անդամալուծութիւն, խենթութիւն եւ զօրաւոր մէջքի ցաւ

Հայնեցիին համար այս երեքին ալ դարմանը Տպէնու վանքին մատաղ ընելն էր:

Սրտի ցաւ

Սրտի ցաւը զանազան պատճառներ կրնայ ունենալ, սակայն այս մասին Ժամկոչեան բացատրութիւններ չի տար։ Ան կը գրէ, թէ հայնեցին գագոլան ու թոփալաղը սուրճին մէջ կը խառնէ եւ հիւանդին կը խմցնէ [64]: Ըստ մոնթրէալցի տիկին Ռաքել Տէմիրճեանին, որ բուսաբանական փոքր պարտէզ մը ունի իր տան ետեւը եւ հմուտ է թրքերէնին, գագոլան աղաղաղուած ձեւն է խախուլան բառին, որ կը նշանակէ մալախ (ամոնի = Ammomum Cardamon)։ Թոփալաղն ալ նոճիի տեսակ մըն է՝ Cypress rotundus-ը [65]: Մալախին օգուտներըհանրածանօթ են անմարսողութեան պարագային: Ըստ Շէօվալիէի, հնդկական ուսումնասիրութիւնները ցոյցկու տան, թէ բոյսը արեան գերճնշման դարման մըն է, նաեւ հակաստնգական  յատկութիւն ունի: Այսգեղաբոյր բոյսը կրնայ խառնուիլ ուրիշ դեղաբոյսերու տեսակներուն եւ այս ձեւով կրնայ համագործ արդիւնք տալ [66]: Սրի Ռանճանի Սիվափալան կը գրէ, թէ նոճին ունի միզեցուցիչ, քրտնցուցիչ, ցաւազրկիչ եւ հակաստնգական դեղաբանական յատկութիւններ [67]։ Գալով սուրճին քաֆէյինին, ան ուրիշ օգուտներու կողքին, նաեւ ցաւազրկիչ է [68]: Ծանօթ է, թէ որոշ սրտի ցաւերուն կ'ընկերանան նաեւ անմարսողականնշաններ, ինչպէս փքութիւն եւ ձգեռտ (eructation), որոնք կարելի է ամոքել գեղաբոյր ու հակաստնգական բոյսերով:

Ստամոքսի ցաւ եւ խոստուկ

Հոս ալ դարմանումը կ'ըլլայ դեղաբոյսերու եռեակ խառնուրդով մը։ Երեք դեղաբոյսերն են մարիամ խոտը, թոփալաղը եւ լասէնտին։ Ասոնք միասին կը խաշէին եւ հեղուկը կը խմցնէին հիւանդին։ Այլ դարման մըն էր «ամենաբոյժ» օղի խմելը [69]: Կարելի չեղաւ լասենտին ինչ ըլլալը ստուգել: Թերեւս տպագրական վրիպակ մըն է եւ պէտք էր գրուէր լաստենի, որ Alnus տեսակի ծառ մըն է: Այս կէտը աւելի լուսաբանութեան կը կարօտի: Վերը արդէն նշեցինք թոփալաղին օգուտները: Մարիամ խոտը (Geum urbanum) կը գործածուի մարսողական գործարանի խոցերուն եւ ցաւերուն իբրեւ դարման [70]: Հոս տարօրինակ կը գտնենք ստամոքսային ցաւերուն պարագային օղիին գործածութիւնը, որ ընդհակառակը կրնայ թաղանթները գրգռել:

Ակռայի ցաւ

Պապունաճ (Anthemis nobilis) կոչուող բոյսին կեդրոնի դեղին ծաղիկը իբրեւ դարման կը գործածէին։ Այս բոյսը կը կոչուի նաեւ ապրիմ-չապրիմ կամ երիցուկ [71]: Սակայն ըստ Արմենակ Պետեւեանի բոյսերու բազմալեզու բառարանին, պապունաճ ասֆարը ամբողջութեամբ դեղին ծաղիկ մըն է, որ կը կոչուի նաեւ ապրիմ-չապրիմ եւ կը գործածուի կտաւներ ներկելու համար (Anthemis tinctoria) [72]: Ալ-Սնաֆիէն կը տեղեկանանք, թէ Anthemis nobilis-ը ի միջի այլոց հակաստնգական, հակաբորբոքիչ ու հակամանրէական յատկութիւններ ունի [73]։ Բոյսին այս յատկութիւնները հասկնալիօրէն օգտակար կրնան ըլլալ բերանի-ակռաներու հիւանդութիւններու պարագային: Կրնանք ենթադրել, թէ ծաղիկներուն ջրային գարեխաշը կը գործածուէր բերանը ողողելու համար։

Ուրիշ հիւանդութիւններու դարմաններ

Ջերմ

Հիւանդը կը պառկեցնէին սպաննուած անձի մը գերեզմանին վրայ, վրան պաղ ջուր կը թափէին եւ կը պոռային՝ «փախիր, օձ եկաւ»: Հիւանդը կը փախէր ու, ըստ Ժամկոչեանի, ջերմն ալ կ՚անհետանար [74]: Դժբախտաբար հայկական գաւառներու հայկական գերեզմաններուն մէջ սպաննուածներ անպակաս էին:

Թոքախտ

Այս հիւանդութիւնը Հայնիի մէջ չէր յայտնուած ու յամենայնդէպս անբուժելի կը նկատուէր [75]:

Տիսէնթէրի

Հիւանդութիւնը կը պատճառէ սաստիկ, յաճախակիօրէն ջրոտ, երբեմն ալ արիւնոտ փորհարութիւն: Թէեւ փորհարութեան ուրիշ պատճառներ ալ գոյութիւն ունին, բայց այս պարագային ծագումը Շիկէլլա տիպի մանրէէ մը վարակումն է: Շիկէլլան կղկղանքէն կ'անցնի արտաքնոցներուն մէջ, հոնկէ ալ կրնայ թափանցել ըմպելի/գործածելի ջուրին մէջ [76]: Հայնիի մէջ ջրաբաշխական ու արտաքնոցային համակարգը աննախանձելի վիճակ մը ունէր։ Այնպէս որ շատ հաւանական է, որ տիսէնթէրին մեծ աւերներ կը գործէր: Ժամկոչեան կը գրէ, թէ Հայնիի մէջ տիսէնթէրին կը դարմանէին հիւանդին խմցնելով իշուճոֆս կոչուածհամեմին ջրային խաշուն (decoction) [77]: Արմենակ Պետեւեանի բուսաբանական բառարանը ունի քսանէ աւելի «իշ» կամ «իշու» արմատով բոյսեր, որոնցմէ սակայն ոչ մէկը դարմանական յատկութիւն ունի:

Կիւլ Ճան Gul Jan եւ ուրիշներ ուսումնասիրած են 34 բոյսեր, որոնք Փաքիստանի մէջ որ կը գործածուին փորհարութիւնը եւ տիսէնթէրին դարմանելու համար: Այս ցանկին մէջ ալ կարելի չեղաւ գտնել իշուճոֆսին համապասխան դեղաբոյս մը [78]:

Սովորական հազ

Ժամկոչեան կը գրէ, թէ Հայնիի մէջ այս տեսակ հազը կը դարմանէին խմցնելով գզուան կոչուած բոյսին ջրային խաշուն [79]: Պետեւեանի բուսաբանական բառարանը ունի հինգ «գզ» արմատով բոյսեր, ինչպէս՝ գզիր, գզիրուկ, գզմազ, գզմաստ եւ գզոցնին: Այս վերջինէն զատ՝ մնացած չորսը որեւէ դարմանական յատկութիւն չունին: Գալով գզոցնին (Myrrhis odorata), ըստ Կրիվիի՝ անիկա կը գործածուի ջրային թրջոցի ձեւին տակ (infusion)՝ հազին խուխը (flegm) արտաքսելու եւ ուրիշ կարգ մը անհանգստութիւններ դարմանելու համար։ Անիկա սպեղանի մըն է նաեւ մորթային վէրքերու համար [80]։

Դող

Այս հիւանդութիւնը մէկ անձէն միւսը կը փոխանցուի արեան փոխաներարկման ճամբով միայն: Անճանչցուած է նաեւ «դող» անունով, նկատի ունենալով որ դողը իր ախտանշաններէն մէկն է: ՀաւանաբարՀայնիի ջրառատ շրջանը յաճախ նաեւ կը դառնար ճահճային, ուր կրնային բազմանալ հիւանդութեանտարածման պատճառ եղող էգ տեսակի մժեղները։ Այս վերջիններուն խայթոցով զոհին արեան մէջ կըներարկուին Plasmodium տեսակի միաբջիջ մակաբոյծները՝ վարակելով ենթակային կարմիր գնդիկները: Plasmodium-ները մարմնին մէջ կը բոլորեն իրենց կենսաբանական ծիրը, որուն հանգրուաններուն համեմատհիւանդը կ՚անցնի զանազան տագնապներէ, ինչպէս բարձրաստիճան ջերմ, գլխու/մարմնական ցաւեր, առատահոս քրտինք, խելացնորութիւն եւ յատկանշական զօրաւոր դող [81]:

Դողը դիմադրական հակազդեցութիւնն է ջերմին, բայց երկարատեւ դողը մկաններուն նեարդներուն վրայմանր խոցեր կը յառաջացնէ, ինչ որ ցաւի պատճառ կ՚ըլլայ:

Ժամկոչեան կը գրէ, թէ դողը արդիւնք է «անմաքրութեան», բան մը, որ արդի տուեալներով շիտակ չիթուիր: Դարմանման կերպերէն կը թուէ հիւանդին չամիչով ոջիլ կերցնելը։ Այլ ձեւ մըն է յանկարծակիկերպով հիւանդը «տապախանա»յին քովը գտնուող հոսող պաղ ջուրին մէջ նետելը։ Այս վերջին ձեւը կը միտէր հիւանդը սարասփեցնել, որ առողջացնելու միջոց կը համարուէր։ Ժամկոչեան կը վկայէ, թէանձնապէս քանի մը անգամ ապաքինած է այս կերպով: Կը նշուին նաեւ երեք այլ վայրեր. Վոզիրիկը, Նըրխընիզը եւ Տըպնէի եկեղեցին։ Այս տեղերուն քով գտնուող պաղ աղբիւրներուն մէջ լոգանքը նոյնպէս առողջացնող էր: Դողէն ապաքինելու համար կ՚երթային նաեւ Ամպիլակի մօտակայ աղբիւրը, որուն մէջ կը նետէին հաւկիթ ու աղ, անկէ ետք ալ տեղւոյն Սուրբ ծառին կը կապէին լաթ մը:  Դեղին վարդով հիւանդին մարմինը մարձելը նոյնպէս դարմանելու ձեւ մըն էր:

Ձմեռնային դողի պարագային, հիւանդը պէտք էր մագլցէր թութի մը ծառին վրայ, սկսէր ճիւղերը թօթուել՝ ապարդիւն սպասելով որ թութ թափի: Միտք բանին այն է, որ դող հիւանդութիւնը ձմեռ եղանակին յատուկ չէ, թութի պտուղն ալ ձմռան անժամանակ է, հետեւաբար դողը պէտք էր անհետանար… [82]:

Պաղ լոգանքը մկանները կը հանդարտեցնէ պրկումէ, կը հակազդէ ջերմին եւ աւշային lymphaticշրջագայութիւնը խթանելով հիւանդին դիմադրողական ուժը կ՚աւելցնէ: Բայց հաւկիթին ու աղին դերըկարելի չեղաւ լուսաբանել: Նոյնպէս նաեւ դեղին վարդով մարձումին դեղաբանական օգուտը յստակ չէ, բացի եթէ ընդունինք, որ այս շփումներով կարելի է ազդեցութիւն մը ունենալ դողին վրայ:

Դեղնութիւն

Կը յատկանշուի մորթին, աչքին ճերմկուցին եւ մէզին առած մութ դեղին գոյնով եւ կղկղանքինանգոյնութեամբ:

Դեղնութիւն կը յառաջանայ, երբ զանազան պատճառներով մարմնին պիլիրիւպինը (նիւթ մը որ շինուիբնականօրէն, հինցած արեան կարմիր գնդիկներէն) արեան մէջ կը մնայ (հyperbilirubiemia)՝ փոխանակմաղձի տոպրակէն կամ մաղձապարկէն զտուելով անցնի աղիք եւ հոսկէ ալ արտաքսուի: Քանի մըպատճառներ յառաջ կը բերեն այս վիճակը։ Օրինակ, լեղուցը խցող քարերը, Epstein-Barr virus-ի վարակումըեւ լեարդաբորբը (hepatitis A,B,C): B & C տարբերակներն ժահրային վարակում կու տան եւ տարափոխիկ են[ 83]:

Հայնեցին այս հիւանդութիւնը կը դարմանէ օձու ծաղիկ կոչուող բոյսին խաշուած ջուրը խմելով:

Արմենակ Պետեւեանի բուսաբանական բառարանը ունի մօտ 15 «օձ» արմատով բոյսեր (օձը Եդեմի պարտեզէն ի վեր համբաւաւոր է), որոնցմէ միայն մէկը՝ օձադեղը (այլ անունով օձի սխտորը) - ջինդիանա տեսակին պատկանող -, կը գործածուի լեարդաբուժութեան մէջ: Այս գծով Կարապետ Գաբիկեանի «Հայ բուսաշխարհ»ին մէջ տեղեկութիւն կայ, որ իր կարգին առնուած է Ամիրտովլադէն։ Հոն կ՚ըսուի, որ եթէ «այդ բոյսը գինիով ծեծես ու տաս որ խմեն օգնէ լեարդացաւութեան» [84]: Պարսկաստանի ժողովրդային ու ժամանակակից բժշկութեան մէջ ալ նոյն այս դեղը կը գործածուի ցաւոտ եւ ուռած լեարդը դարմանելու, ինչպէս նաեւ իբրեւ լեարդապաշտպան դեղ [85]։

Պնդերակութիւն

Միջակ ու մեծ երակներուն պատերուն մէջ կը կուտակուին կարկատ իւղի մասնիկներ, որոնք կը կոչուին այտոցներ (atheromas)։ Ասոնք պատճառ կ՚ըլլան արեան շրջագայութեան նուազումին կամ խցման [86]: Այս վիճակը կրնայ յառաջացնել զանազան սրտանօթային ու ուղեղային տագնապներ: Ժամկոչեան կը գրէ, թէ տարին անգամ մը սափրիչ մը ենթակային բազուկէն ածելիով արիւն կ'առնէր [87]: Հետաքրքրական պիտի ըլլար գիտնալ թէ ին՞չ ախտաճանաչման վրայ հիմնուած պնդերակութեան դարմանը կապած էին ածելիին:

Պաղառութիւն

Հաւանաբար պէտք է հասկնալ կռնակի ցաւ, որ կը յառաջանար պաղ հոսանքէ: Հայնեցիին դարմանը «գուլինճը բռնել»ն էր։ Այս մէկը կը համապատասխանէ բնաբուժական/ոսկրաբուժական մարձումներու: Այսպէս, պաղած ուսին մկանները կը շփէին, ապա գլուխը աջ-ձախ շարժելէ ետք՝ անակնկալօրէն զօրաւոր ցնցում մը կը բանեցնէին։ Այլ դարման մըն էր կռնակին վրայ կոխրտելը [88]: Հետաքրքրական է յիշեցնել, որ Խարբերդի մէջ կռնակի ցաւը կը կոչէին խուլինճ եւ անոր դարմանումը նմանապէս ոսկրաբուժական միջոցներով կ'ըլլար:

Աւազ

Զանազան հանքային նիւթերէ կազմուած աղերը կրնան բիւրեղանալ երիկամին կամ միզային գործարանինտարբեր տեղերը ու կազմել մանր հատիկներ՝ աւազ, կամ աւելի մեծ կտորներ, այլ խօսքով՝ քարեր: Եթէբիւրեղը 5 մմ-էն աւելի մեծ ըլլայ, այն ատեն միզելու ատենցաւ կրնայ պատճառել, նոյնիսկ կրնայ խցել միզանցքները [89]: Ժողովրդային բժշկութիւնը ունի զանազան ձեւեր այս հիւանդութիւնը դարմանելու համար: Հայնեցին այս պարագային կը խմէ խպըզուկ կոչուող բոյսին խաշուած ջուրը [90]: Խպըզուկըբաւական կը նմանի արաբերէն խպէյզի կոչուող բոյսին անունին։ Այս վերջինը վայրի մոլոշն է (վայրի փեփիրթ, Malva sylvestris aka Althea officinalis): Խպէյզիի մասին Կրիվ կը գրէ, թէ ուրիշ դարմանական յատկութիւններուն կարգին՝ կը մեղմացնէ նաեւ միզային գործարանին զանազան ցաւերը, կը թուլցնէ/լայնցնէ անոր անցքերը եւ կը կասեցնէ արիւնահոսութիւնը [91]:

Քամի

Օդի հոսանքին պատճառած մարմնական ցաւերն են: Հայնիի մէջ ցաւած տեղին վրայ ծեծուած «արթոզա»ի եւ հինայի խառնուրդ մը կը դնէին ու կը կապէին։ Այլ դարման մըն էր՝ ցաւած տեղին վրայ դնել ոզնիի, խոզի կամ կրիայի միս: Ուրիշ սպեղանի մըն էր ցաւած տեղը օծել ձիթաիւղի մէջ տաքցուած կարիճի հատուածներով [92]: Կարելի է խորհիլ, թէ այդ կենդանիներուն միսերը իրենց տարբաղադրումներով – որոնց շարքին ցաւազրկիչ պեպտիդներ - եւ տաքութեամբը կրնան տեղւոյն արեան շրջագայութիւնը արագացնել եւ ցաւազրկել: Գալով ձէթով եւ կարիճով կազմուած սպեղանիին, տրամաբանօրէն պէտք է, որ կենդանիին թոյնն ալ գտնուի հոն։ Այս իմաստով ալ, ըստ Ահմատի Մ./Զարէ Միրաքապատիի ուսումնասիրութեանց, կարիճին թոյնը կը պարունակէ ցաւազրկիչ եւ հակա-բորբոքիչ նիւթեր [93]։ Կարելի չեղաւ «արթոզա»ին մասին տեղեկութիւն քաղել։ Ըստ Չուքուի ուսումնասիրութեանց, կը պարզուի որ հինային տերեւները - մազերը, մօրուսը ու մատերը ներկելէ անդին - հակա-բորբոքիչ յատկութիւններ ալ ունին [94]։

Կողատապ

Թոքերուն ու կուրծքի վանդակին միջեւ գտնուող տոպրակը, որ կը պարունակէ փոքր քանակութեամբ լպրծուն հեղուկ մը, դիւրասահ կը դարձնէ բնախօսական ներշնչման ու արտաշնչման շարժումները: Երբ զանազան պատճառներով այդ տոպրակին թաղանթները բորբոքին, անոնք կը փակին իրարու, ենթական կ՚ունենայ շնչառական դժուարութիւն եւ լանջքի ցաւ, որ կը կոչուի կողատապ [95]: Հայնեցին տաքութեամբ զայն կը դարմանէ: Սեւ փետուրներով հաւը ծեծելէ ետք՝ տաք-տաք կը կապէին ցաւած մասին։ Այլ սպեղանիներ էին ցաւած տեղին կապել թեփի եւ աղի խառնուրդը կամ ալ տաքցուած քարերու խուրձ մը [96]: Ծանօթ է, որ սեւ գոյնը տաքութիւնը կը պահէ: Կրնայ ըլլալ որ կենդանական միսերը կազմող սպիտներուն տարբաղադրութեամբ/խմորումով յառաջ կու գան ցաւազրկիչ մասնիկներ, ինչպէս օրինակ պեպտիդներ [97]։

Եզրափակում

Բենիամին Կ. Ժամկոչեան կը գրէ, թէ Հայնիի մէջ բժիշկ կամ դեղագործ չկար: Հէքիմութիւնը հիմնուած էր փորձառու կանանց նախնիներէն ժառանգած գիտելիքներուն, ինչպէս նաեւ բուսական աշխարհէն առնուած դարմաններուն վրայ: Հեղինակը չորս էջերու մէջ կը տեղեկացնէ մօտ երեսուն հիւանդութիւններու ու անոնց դարմաններուն մասին՝ կարգ մը տեղեր միայն լակոնական բացատրութիւններ տալով: Իբրեւ դեղամիջոց գործածուած որոշ բոյսերուն անունները ներկայացուած են Հայնիի բարբառով, ինչ որ մեզի մղեց յաւելեալ եւ հետաքրրական հետազօտութիւններ կատարել։ 

Նմանօրինակ մարտահրաւէրներու հանդիպեցանք նաեւ Վանի ժողովրդային բշկութեան ուսումնասիրութեանց ատեն: Մի քանի պարագաներ կարելի եղաւ լուսաբանել շնորհիւ Մոնթրէալի մէջ բուսաբանական պարտէզ խնամող Տիկ. Տէմիրճեանին ու անոր լեզուագիտութեան: Սակայն ուրիշ բոյսերու ինքնութիւնը, ինչպէս լասենտ/լաստէն, իշուճոֆս, գզուան, օձու ծաղիկ ցարդ կը մնան անյայտ: Որոշ բոյսերու պարագային կարելի եղաւ ամենէն մօտաւոր կերպով ճշդել անոնց ինքնութիւնը։ Այսպէս, երբ չունէինք յստակ բացատրութիւն մը բարբառային անունով ներկայացուած տուեալ բոյսին մասին՝ փորձեցինք գտնել նոյն այս բոյսին ամէնէն մօտիկ հնչող բուսաբանական այլ անուն մը, քննել այս բոյսին քիմիական բաղադրութիւնը եւ տեսնել թէ անիկա որքանով կը համընկնէր Ժամկոչեանի նկարագրած դարմանումին։ 

Հետաքրքրական է տեղեկանալ, որ Հայնիի մէջ թոքախտը բացակայ էր: Շաքարախտի ու ալքոլին վնասներուն մասին ակնարկութիւն չենք գտներ, հակառակ անոր որ խաղողէն ստացուած քաղցրաւէնիներու եւ ոգելից ըմպելիներու սպառումը շատ առատ եղած է:

  • [1] Բենիամին Կ. Ժամկոչեան, Հայնի. տեղագրական, ազգագրական, պատմագրական, տպ. Կ. Տօնիկեան, Պէյրութ, 1951, էջ 13։
  • [2] Նոյն, էջ 64:
  • [3] Նոյն, էջ 20:
  • [4] Նոյն, էջ 22։
  • [5] Նոյն, էջ 23-25:
  • [6]  Murli Dharmadhikari, "Composition of Grapes": www.extension.iastate.edu/wine/files/page/files/compositionofgrapes.pdf
  • [7] Ժամկոչեան, Հայնի, էջ 61-62:
  • [8] Նոյն, էջ 21-25:
  • [9] Նոյն, էջ 18։
  • [10] Նոյն, էջ 38-39:
  • [11] Նոյն, էջ 34-35:
  • [12] Նոյն, էջ 37:
  • [13] Zhang Qi, Traditional medicine definitions, World Health Organization.
  • [14] Ժամկոչեան, Հայնի, էջ 73։
  • [15] Նոյն, 78-79։
  • [16] Նոյն:
  • [17] Նոյն, էջ 79:  
  • [18] Նոյն, էջ 79-80:
  • [19] Նոյն, էջ 71-72:
  • [20] Hetvi N. Patel, Harsh B. Desai, R. Krishnamurthy, "Plants as booster for lactation", Natural products, An Indian journal, NPAIJ 9 (7), 2013 (398-304), էջ 300:
  • [21] Ժամկոչեան, Հայնի, էջ 17:
  • [22] Նոյն, էջ 73:
  • [23] Նոյն, էջ 66:
  • [24] R. S. Porter et al, "Parasitic infections (chapter 180)", Merck manual, John Whyley & sons Inc, NJ/Canada, 2009, էջ1217-1218:
  • [25] A. Wade et al, "Cupper Sulphate", Martindale, The Extra Pharmacopoeia, 27th edition, 1977, The PharmaceuticalPress, London, էջ 895: 
  • [26] Armenag K. Bedevian, Polyglotic Dictionary of Plant Names, reprint of 1935 edition, Cairo, Madbouly Bookshop, 1994, էջ 89։
  • [27] M. Malmir et al, Abstract from “A comprehensive review of the medicinal plants from the genus Asphodelus”,Plants, 7(1): 20 March 2018: 
  • [28] Կարապետ Գաբիկեան, Հայբուսաշխարհ, Երուսաղեմ, տպարան Սրբոց  Յակոբեանց, 1968, էջ 183։ 
  • [29] www.thefreedictionary.com/activated%20charcoal
  • [30] Ժամկոչեան, Հայնի, էջ 74:
  • [31] Porter et al, "Skin desorders (Section 17, Chapter 197)", Merck manual, Wiley & sons NJ/Canada, 2009, էջ 1318-1219:
  • [32] Ժամկոչեան, Հայնի, էջ 74:
  • [33] Yan Tian, Fangming Deng, "Phytchemistry and biological activity of Mustard (Brassica juncea): a review", 17 Nov 2020, էջ 704-718։
  • [34] Pradnya S. Rane, Sandip T. Gaikwad, "Medicinal Properties of Onion and Garlic: A Review", Innovative Food Science & Emerging Technologies, 6(5): 50-57, May 2019. 
  • [35] Gema Nieto, "Biological Activities of Three Essential Oils of the Lamiaceae Family", Medicines (Basel) 2017 Sep.,4(3):63.
  • [36] Guiping Guan et al, "Biological Effects and Applications of Chitosan and Chito-Oligosaccharides", Front Physiol, 07 May 2019.
  • [37] Ժամկոչեան, Հայնի, էջ 74-75:
  • [38] www.mayoclinic.org/drugs-supplements/sulfur-topical-route/description/drg-20066155
  • [39] Porter et al, "Skin desorders", էջ 1324.
  • [40] Ժամկոչեան, Հայնի, էջ 75:
  • [41] www.healthline.com/health/facial-swelling
  • [42] Ժամկոչեան, Հայնի, էջ 75:
  • [43] www.medicalnewstoday.com/articles/320445
  • [44] Ատոմ Պուճիգանեան ,անձնական վերյիշումներ:
  • [45] Ժամկոչեան, Հայնի, էջ 76:
  • [46] Նոյն, էջ 76:
  • [47] Սերինէ Աւագեան, Հայ ազգագրութիւն եւ բանահիւսութիւն. Արճակ, հատոր 8,  Հայկական ՍՍՀ ԳԱ հրատարակչութիւն, Երեւան 1978, էջ 82:
  • [48] Ժամկոչեան, Հայնի, էջ 76:
  • [49] Ա.Ս. Աբէլեան, Մատեանմանկանց, տպ. «Հայրենիք», Պոսթոն, 1925, էջ 206:
  • [50] Ժամկոչեան, Հայնի, էջ 76:
  • [51] Աբէլեան, Մատեանմանկանց, էջ 211:
  • [52] Ժամկոչեան, Հայնի, էջ 76:
  • [53] Նոյն, էջ 74:
  • [54] Wikipedia: Eosin.  
  • [55] Ilaria Romano et al, “Controlled antiseptic/eosin release from chitosan-based hydrogel modified fibrous substrates”, Carbohydrate polymer, Volume 131, 20 October 2015, pp. 306-314.
  • [56] Kelly M Jackson, Andrea M Nazar, "Breastfeeding, the immune response, and long-term health", The journal of the American Osteopathic Association, April 2008, Vol 106, 203-207.
  • [57] Ժամկոչեան, Հայնի, էջ 76:
  • [58] Նոյն, էջ 75:
  • [59] Նոյն։
  • [60] my.clevelandclinic.org/health/diseases/10436-coccydynia-tailbone-pain
  • [61] Ժամկոչեան, Հայնի, էջ 75:
  • [62] Նոյն, էջ 76:
  • [63] Julie L. Olenak, "Over The Counter Analgesics: A Closer Look At Recent Updates", April 2014, Vol 2, No 2, Inside Pharmacy.
  • [64] Ժամկոչեան, Հայնի, էջ 75:
  • [65] Ռաքել Տէմիրճեանի հետ հեռաձայնային զրոյց, Ապրիլ 2021:
  • [66] Andrew Chevallier, "Cardamome", Encyclopédie des Plantes médicinales, 2018, Selection of readers digest/Publications mondus vivendi inc, Canada, էջ 93: 
  • [67] Sri Ranjani Sivapalan, "Medicinal uses and Pharmacological activities of Cyperus rotundus Linn – A Review", International Journal of Scientific and Research Publications, Volume 3, Issue 5, May 2013.
  • [68] Jana Sawynok, "Caffeine and pain": pubmed.ncbi.nlm.nih.gov/21041029/
  • [69] Ժամկոչեան, Հայնի, էջ 75։
  • [70] Chevallier, "Benoite", էջ 216-17: 
  • [71] Ժամկոչեան, Հայնի, էջ 75:
  • [72] Bedevian, Polyglotic Dictionary of Plant Names, էջ, p 64-65:
  • [73] Ali Esmail Al-Snafi, "Medical Importance of Anthemis Nobilis", Asian Journal of Pharmaceutical Science and Technology, Vol 6|Issue 2| 2016 |89-95.
  • [74] Ժամկոչեան, Հայնի, էջ 76:
  • [75] Նոյն:
  • [76] Porter et al, "Bacterial infections (Section16, chapter 197)", էջ 1174-76։
  • [77] Ժամկոչեան, Հայնի, էջ 76:
  • [78] Gul Jan, Mir Ajab Khan, Farzana Gul, "Ethnomedicinal Plants Used Against Diarrhea and Dysentery in Dir Kohistan Valley (NWFP), Pakistan", Ethnobotanical Leaflets, 12: 620-37, 2008.
  • [79] Ժամկոչեան, Հայնի, էջ 76:
  • [80] M. Grieve, "Myrrhis odorata": www.botanical.com/botanical/mgmh/mgmh.html
  • [81] Porter et al, "Malaria", էջ 1218-1220:
  • [82] Ժամկոչեան, Հայնի, էջ 73-74:
  • [83] Adult Jaundice: my.clevelandclinic.org/health/diseases/15367-adult-jaundice
  • [84] Կարապետ Գաբիկեան, Հայբուսաշխարհ, էջ 254-55։
  • [85] Fatemeh Mirzaee et al, “Medicinal, biological and phytochemical properties of Gentiana species”, J Tradit Complement Med, 2017 Oct; 7(4): 400–408, Published online 2017 Jan 28.
  • [86] Porter et al, "Atherosclerosis", էջ 396-401: 
  • [87] Ժամկոչեան, Հայնի, էջ 75։
  • [88] Նոյն։
  • [89] Wikipedia: Kidney stone disease.
  • [90] Ժամկոչեան, Հայնի, էջ 74:
  • [91] M. Grieve, "Marshmellow": www.botanical.com/botanical/mgmh/mgmh.html
  • [92] Ժամկոչեան, Հայնի, էջ 74:
  • [93] Maryam Ahmadi, Abbas Zare Mirakabadi, "Study on anti-inflammatory effect of scorpion (Mesobuthus eupeus) venom in adjuvant-induced arthritis in rats" Archives of Razi Institute, Vol. 64, #. 1, June (2009) 51-56. 
  • [94] L. C. Chuku, Nnamdi Chinaka, Dada Damilola, "Phytochemical Screening and Anti-inflammatory Properties of Henna Leaves (Lawsonia inermis)", European Journal of Medicinal Plants, December 2020.
  • [95] healthlinkbc.ca/health-topics/tj8148
  • [96] Ժամկոչեան, Հայնի, էջ 74:
  • [97] Z.F. Bhat, Sunil Kumar, Hina Fayaz Bhat, "Bioactive peptides of animal origin: a review"  Journal of Food Science and Technology, 2015 Sep; 52(9): 5377-92.