Նաճարեան ընտանիքը, Հայնի։ Առաջին շարք, ձախէն աջ՝ Ռաքէլ (ոտքի), Միհրան (նստած), Մանուշակ, Շուշան, Արաքսի, Յովհաննէս, Զապէլ։ Ետեւի շարք, ձախէն աջ՝ Ազնիւ, Արուսեակ, Վերգին, Արշալոյս (Աղբիւր՝ Բենիամին Կ. Ժամկոչեան, «Հայնի. տեղագրական, ազգագրական, պատմագրական», Պէյրութ, 1951)։

Լիճէի գաւառակ - Ժողովրդագրութիւն

Հեղինակ՝ Ճորճ Աղճայեան, 14/07/2021 (վերջին փոփոխութիւն՝ 14/07/2021), թարգմանութիւն՝ Շաղիկ Շահինեան Արծրունի

Տիարպէքիրի նահանգի հարաւ-արեւելեան անկիւնը ծուարած Լիճէի գաւառակը սահմանակից էր Բալուին եւ Ճապաղջուրին։ 1800-ականներէն առաջ ինկած ժամանակաշրջանին գաւառակի բնակչութեան մասին մանրամասն տուեալներ չկան։ 1800-ականներու կէսերուն գաւառակը կը հաշուէր աւելի քան 200 գիւղ ու քաղաք՝ Լիճէի, Փիչարի, Հերթայի, Թաւուսի, Զիկտէի, Կենչի, Եահքիկի եւ Հանէի ենթագաւառակներուն մէջ։ Ըստ 1288 (1871-2) թուականի Տիարպէքիրի մասին օսմանեան տարեգիրքի տուեալներուն՝ գաւառակը կը հաշուէր 7128 ծուխ, որոնց մէջ կ’ապրէր 21 478 այր՝ 84%-ը իսլամ եւ 16%-ը՝ ոչ իսլամ։ Ըստ վիճակագրական այս տուեալներուն՝ Հանի քաղաքի բնակչութեան մեծամասնութիւնը ոչ իսլամ էր։

Յաջորդող տարիներուն Լիճէի մէջ պարփակուած աշխարհագրական տարածքը պզտիկ փոփոխութիւններու պիտի ենթարկուէր, եւ բնակչութեան հետագայ տարիներու տուեալները ցոյց կու տան, որ 25000-30000 շունչ հաշուող բնակչութեան մօտաւորապէս 25%-ը ոչ իսլամ էին։ Օսմանեան կայսրութեան բնակչութեան մասին պետական մատեանները հռչակաւոր են կիներու եւ մանուկներու թերահաշուարկումով։ Հայոց ցեղասպանութեան վաղորդայնին ոչ իսլամ կիները նկատառելիօրէն աւելի թերահաշուարկուած էին, քան իսլամ կիները։ Այս բոլորը հաշուարկելով հանդերձ սակայն աներկբայ է, որ Ցեղասպանութեան ու գաղթի հետեւանքով ոչ իսլամներու թիւը անկում կրելով հասած է մօտաւորապէս 20%-ի։ Ոչ իսլամներու մեծ մասը հայեր էին, փոքրամասնութիւն էին ասորի ուղափառները։ Ցեղասպանութեան նախօրէին մօտաւորապէս 6000 հայ կ’ապրէր գաւառակին մէջ։

Ստորեւ բերուած են Լիճէի գաւառակի հայաբնակ այլազան գիւղերու նախաեղեռնեան ժամանակաշրջանի տուեալներ։

Լիճէ [Lice]

38°27'59.62"N  40°38'46.44"E
232 ծուխի մէջ ապրող 2650 հայ բնակիչ
Սբ. Աստուածածին եկեղեցի

1970-ականներուն պատահած երկրաշարժէն ետք Լիճէ քաղաքը վերահիմնուած է իր ներկայ տեղը՝ նախորդէն մօտ մէկ մղոն հարաւ։ Այս տեղափոխութիւնը արտացոլելու համար ներկայ տեղանքին ամենէն հիւսիսային հատուածը տեղակայած եմ քաղաքը։ 1870-ականներու ամբողջ ընթացքին Տիրապէքիր նահանգի տարեգիրքերը կը նշեն, որ Լիճէի բնակչութիւնը հանրագումար 942 ծուխ կը հաշուէր՝ 1634 իսլամ այր եւ 642 ոչ իսլամ այր բնակչութեամբ։ Մօտաւորապէս նոյն ժամանակահատուածին համար Գարեգին եպ. Սրուանձտեանցը Լիճէ քաղաքին մէջ 200 հայ ծուխ կ’արձանագրէ։ 1882-ին այս թիւերը կը դառնային 6799 իսլամ և 2604 ոչ իսլամ այր, որոնք կ’ապրէին հանրագումար 3548 ծուխի մէջ։ Թէ՛ իսլամ եւ թէ ոչ իսլամ բնակչութեան թիւերը նախորդներուն համեմատ քառապատիկ աճած են։ Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Լիճէի մէջ կար 232 ծուխ, հոն կ’ապրէր 2650 հայ ու 1980 ուղղափառ ասորի։

Աչքան, Ահթիքան [Gönen]

38°30'50.51"N  40°42'24.61"E
12 ծուխ

Միակ հեղինակը, որուն սկզբնաղբիւրը կը նշէ, որ հայեր կ’ապրէին Աչքան գիւղին մէջ, Թէոդիկն է։ Լիճէի գաւառակին մէջ այս անունով գիւղի ոչ մէկ յիշատակում կրցայ գտնել։ Բժ. Սարգիս Գարայեանը Աչքանը կը կապակցէ Ահթիքանի հետ առանց յաւելեալ բացատրութիւն տալու։ Այս յղման վրայ հիմնուելով է որ նշած եմ գիւղին աշխարհագրական կէտերը։ Պէտք է նկատի ունենալ, սակայն, որ Թէոդիկը գիւղերը կը դասակարգէ ըստ աշխարհագրական դիրքի։ Այս պարագային հերթականութիւնը հետեւեալն է՝ Շախտիկ, Անթագ, Աչքան եւ Նունիաս։ Աչքան այս ցանկէն եթէ հանենք, գիւղերը թուարկուած կ’ըլլան արեւմուտքէն արեւելք ըստ հեռաւորութեան բնական գծին։ Այս աշխարհագրական գիծին մէջ երկու գիւղ կրնայ տեղակայուիլ՝ Քոքանը [Pınarkuyu] կամ Լճօքը [Çavundur], եւ շատ հաւանական է, որ այս երկուքէն մէկուն մասին է Թէոդիկի՝ Աչքան անուան տակ յիշատակումը։ Միայն Նիշանեանն է, որ այս գիւղերէն մէկուն համար հայ բնակչութիւն կը յիշատակէ, Լճօքի մէջ։ Այս պահին կարելի չէ որոշակի կերպով ըսել թէ ո՛ր գիւղն է Աչքանը։

Անթաղ, Անթաք, Այնթաք [Kabakaya]

38°21'16.95"N  40°43'57.34"E
9 ծուխ
Սբ. Ստեփան

Սրուանձտեանց սրբազանը 7 հայ ծուխ կը յիշատակէ 1880-ականներուն, իսկ Թէոդիկը՝ 9 ծուխ Ցեղասպանութեան վաղորդայնին։

Փամութին, Պամեթին,Պամիթնի, Պամինթի, Եամութնի [Kutlu]

38°20'55.30"N 40°47'32.81"E

Սրուանձտեանցը 1880-ականի շուրջ 2 հայ ծուխ կը յիշատակէ գիւղին մէջ։ Այդ թուականէն ետք հայերու՝ Փամութինի մէջ ապրելու մասին ոչ մէկ յիշատակում կայ։ Գէորգեանը Եամութնին ոչ իրաւացիօրէն կը նոյնականացնէ Բալինճնէի հետ։

 (Աղբիւր՝ Բենիամին Կ. Ժամկոչեան, «Հայնի. տեղագրական, ազգագրական, պատմագրական», Պէյրութ, 1951)։

Հալհալ, Հէլհէլ [Çitlibahçe]

38°18'23.35"N 40°42'59.01"E
Սբ. Գէորգ

Ըսի Սրուանձտեանց սրբազանին՝ 1880-ականներուն Հալհալը 8 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Հալհալը հայաբնակ գիւղերու շարքին յիշատակուած էր, բայց բնակչութեան յստակ թիւ չէ յիշուած։ Այժմ Հալհալը մաս կը կազմէ Հազրոյի գաւառակին։

Հարբախնա, Հարպաքնէ [Bakanlar]

38°24'1.70"N 40°50'1.02"E
30 ծուխ

Սրուանձտեանց սրբազանը Հարբախնայի մէջ 45 ծուխ արձանագրած է։ Ցեղասպանութեան վաղորդայնին այս թիւը նուազած էր եւ դարձած 30։ Հարբախնան այժմ Քոֆիթնիի [Dallıca] շէներէն մէկն է։

Հէրաք [Çıralı]

38°26'2.84"N 40°47'48.73"E

Ըստ Սրուանձտեանց սրբազանին՝ Հէրաքը միայն մէկ հայ ծուխ ունէր։ Գէորգեանը կը յիշատակէ Հէրաքը, սակայն անոր նախաեղեռնեան օրերու բնակչութեան թիւին մասին նշում չունի։ Հէրաքը այժմ Տարաքէօլի [Kıyı] շէներէն մէկն է։

Հէզան, Խէզան, Հազան [Savat]

38°20'38.57"N 40°37'27.58"E

Ինչպէս Հէրաքի, այնպէս ալ Հէզանի պարագային Սրուանձտեանց սրբազանը միայն մէկ հայ ծուխ արձանագրած է, իսկ Գէորգեանը շէնը յիշատակելով հանդերձ նախաեղեռնեան բնակչութեան վերաբերեալ թիւեր չէ բերած։

Հէզմաս, Հազմաս, Հազման [Budak]

38°24'13.60"N 40°45'16.73"E

Սրուանձտեանց սրբազանը միայն մէկ հայ ծուխ արձանագրած է Հեզմասի մէջ։ Գիւղը նախաեղեռնեան օրերուն հայ բնակչութիւն ունեցող գիւղերու շարքին չէ յիշատակուած։

Քուր, Կուր, Թեփէ [Tepe]

38°23'11.09"N 40°44'14.95"E
15 ծուխ

Սրուանձտեանց սրբազանը Քուրի մէջ 30 հայ ծուխ արձանագրած է։ Ցեղասպանութեան վաղորդայնին այս թիւին կէսը մնացած էր։ Այժմ Քուրը Հէզմասի [Budak] շէներէն մէկն է։

Քոյմահ, Քոյման, Կումէ, Քումէ, Քում [Koma]

38°23'47.71"N 40°31'9.61"E
35 ծուխ
1 եկեղեցի

Յայտնի չէ թէ հայաբնակ նմանանուն բազմաթիւ գիւղերէն ո՛ր մէկն էր Քոյմահը։ Գարայեանը զայն կը տեղակայէ Լիճէէն մօտաւորապէս 4 մղոն հիւսիս, ուր գոյութիւն ունէր Քոնշահքոմլարի անունով աւան մը։ Այստեղէն անմիջապէս արեւելք փակած էր այլ գիւղ մը՝ Քոնճախ կամ Քոնճահ, եւ կը թուի թէ Խոնշահքոմլարին տարածքի առումով կը կապակցուի անոր։ Այս պարագային նոյնպէս Թէոդիկի բերած գիւղերու թուարկումէն պէտք է ենթադրել, որ Քոյմահը Լիճէի հարաւն էր, ոչ թէ հիւսիսը։ Յիշատակումը հետեւեալ շարքով է՝ Հարբախնա, Քուր, Քոյմահ եւ Շամշամ։ Այս տարածքին մէջ կայ Գոմ անունով բնակավայր մը, որ երբեմն կը յայտնուի քարտէսներուն վրայ։ Քոյմահը Սրուանձտեանց սրբազանի յիշատակած վերջին բնակավայրն է, Սարդայէն անմիջապէս ետք։ Սարդայի շրջակայքը այլ բնակավայրեր ալ Գոմ կամ Գոմա կոչուող։ Նշուած կէտերը այս բնակավայրերէն վերջինին տեղին կը համապատասխանեն, բայց իրականութեան մէջ անոնցմէ որեւէ մէկն ալ կարելի էր ընտրել։ Սրուանձտեանց սրբազանը Քոյմահի մէջ 40 հայ ծուխ եւ մէկ եկեղեցի արձանագրած է։ Թէոդիկը կը նշէ, թէ Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Քոյմահը զուտ հայաբնակ գիւղ մըն էր, ունէր 35 ծուխ եւ մէկ աւերակ եկեղեցի։

Մալախտան, Մոլլա [Yünlüce]

38°28'6.86"N 40°43'28.76"E
Սբ. Շմաւոն

Գարայեանը Մալախտանը կը կապակցէ Մալխոզանի [Kenicermik] հետ։ Իրականութեան մէջ տեղակայումը Գոմի համար բերուած եւ Լիճէին հարաւը գտնուող վերոնշեալ կէտերէն մէկն է։ Չեմ կրնար ըսել թէ Քենիչերմիկին հետ կապը ուրկէ՛ կու գայ, որովհետեւ այդ անուան որեւէ յիշատակում չեմ գտած։ 

Սրուանձտեանց սրբազանը, սակայն, Մալախտանը կը յիշատակէ նաեւ Մոլլա [Yünlüce] անուան տակ եւ զայն կը տեղակայէ Լիճէի արեւելքը։ Իր բերած գիւղերու թուարկուին համաձայն Մալախտանի տեղը կը համընկնի Մոլլայի վայրին հետ։ Ըստ այդմ, հոս է որ տեղակայած եմ գիւղը։ Սրուանձտեանց սրբազանի յիշատակումով գիւղը ունէր 20 հայ ծուխ եւ մէկ՝ սբ. Շմաւոն եկեղեցի։ Ցեղասպանութեան վաղորդայնին հայ բնակչութիւն ունեցող գիւղերու ցանկին մէջ Մալախտանը չկայ։

1) Ղազարեան/Տէմիրճեան ընտանիքը։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Թումիկ եւ ամուսինը՝ Կարապետ։ Նստած, ձախէն աջ՝ Առաքել Մխսի։ Երկու երեխաները Առաքելին թոռնիկներն են։ Սեւ-ճերմակ այս պատկերը գունաւորուած է DeOldifyի միջոցաւ եւ վերաշխատցուած է Յուշամատեանի կողմէ (Աղբիւր՝ Բենիամին Կ. Ժամկոչեան, «Հայնի. տեղագրական, ազգագրական, պատմագրական», Պէյրութ, 1951)։
2) Հայնեցի ընտանիք մը։ Նստած կինը ընտանիքին մայրն է՝ Հայկանուշ Պասմաճեան։ Երեխաները, ձախէն աջ՝ Նշան, Շամիրամ, Վարսենիկ, Զապէլ։ Սեւ-ճերմակ այս պատկերը գունաւորուած է DeOldifyի միջոցաւ եւ վերաշխատցուած է Յուշամատեանի կողմէ (Աղբիւր՝ Բենիամին Կ. Ժամկոչեան, «Հայնի. տեղագրական, ազգագրական, պատմագրական», Պէյրութ, 1951)։

Նունիաս, Նունեաս, Նինիաս [Ortaç]

38°20'16.74"N 40°39'20.26"E
7 ծուխ
1 եկեղեցի

Թէ՛ Սրուանձտեանց սրբազանը, եւ թէ՛ Թէոդիկը կը նշեն, որ Նունիասը ունէր 7 հայ ծուխ եւ մէկ եկեղեցի։

Օփում, Հոփում, Օֆում, Ֆում [Kumluca]

38°27'42.69"N 40°39'50.88"E
80 ծուխ
Սբ. Կիրակոս

Օփումը Լիճէ քաղաքին անմիջապէս արեւելքը կը գտնուէր։ Սրուանձտեանց սրբազանը կը յիշատակէ, որ գիւղը ունէր 90 հայ ծուխ եւ մէկ եկեղեցի՝ սբ. Կիրակոսը։ Ցեղասպանութեան վաղորդայնին գիւղը տակաւին 80 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Թէոդիկը եկեղեցին յիշատակած է սբ. Յակոբ անուան տակ (սբ. Կիրակոսի փոխարէն)։

Սարնիս, Սարնէս [Damar]

38°27'6.87"N 40°41'46.60"E
30 ծուխ
Սբ. Թովմաս, սբ. Սարգիս, սբ. Յակոբ, սբ. Թորոս, սբ. Շմաւոն

Սրուանձտեանց սրբազանը կը յիշատակէ, որ Սարնիսը ունէր ընդամէնը 17 հայ ծուխ, բայց ունէր 5 եկեղեցի, ինչ որ կը նշանակէ, որ անցեալին գիւղը շատ աւելի մեծ եղած էր եւ շատ աւելի բնակիչ ունեցած։ Թէոդիկը կը նշէ, թէ Ցեղասպանութեան վաղորդայնին Սարնիսը 30 ծուխ ունեցող ամբողջութեամբ հայաբնակ գիւղ մըն էր եւ ունէր մէկ գործող եկեղեցի՝ սբ. Թովմասը։

Սարդա, Սերտէ [Seren]

38°24'17.19"N 40°30'25.86"E
6 ծուխ

Թէ՛ Սրուանձտեանց սրբազանը եւ թէ՛ Թէոդիկը կը նշեն, որ Սարդան փոքրաթիւ՝ 6 ծուխ հայ բնակչութիւն ունէր։

Շատխիկ, Շատհայք, Շաթհիք [Çanak]

38°19'52.60"N 40°45'19.63"E
5 ծուխ

Սրուանձտեանց սրբազանը Շատխիկի մէջ 10 հայ ծուխ արձանագրած է։ Թէոդիկը Ցեղասպանութեան վաղորդայնին միայն 5 ծուխ կը նշէ։ Շատխիկը այսօր Անթաղի [Kabakaya] շէներէն մէկն է։

Շամշամ, Շեմշան [Ormankaya]

38°17'43.63"N 40°46'5.36"E
40 ծուխ
Սբ. Յովհաննէս

Սրուանձտեանց սրբազանը Շամշամի մէջ հաշուած է 44 հայ ծուխ եւ մէկ եկեղեցի՝ սբ. Յովհաննէսը։ Ըստ Թէոդիկի՝ Ցեղասպանութեան վաղորդայնին տակաւին 44 հայ ծուխ ունէր գիւղը, եւ եկեղեցին աւերակ էր։ Շամշամը այժմ Հազրոյի գաւառակին մաս կը կազմէ։

Շըկակայ, Շիկական, Շեկակայ [Şikakan]

38°24'51.89"N 40°46'12.27"E

Սրուանձտեանց սրբազանը միայն մէկ հայ ծուխ արձանագրած է Շըկակայի մէջ, իսկ Ցեղասպանութեան վաղորդայնին գիւղը արձանագրուած էր որպէս հայ բնակչութիւն չունեցող հայկական գիւղ։ Գիւղը տեղակայած եմ հին քարտէսներուն վրայ նշուող վայրին մօտիկ գտնուող շէնքերու խումբի մը քով։

Հայնի, Հէյնէ, Հայինի [Hani]

38°24'48.62"N 40°23'33.57"E
260 ծուխ
Սբ. Աստուածածին

1870-ականներու ամբողջ ընթացքին Տիարպէքիրի նահանգային բոլոր տարեգիրքերուն մէջ Հայնին արձանագրուած է իբրեւ մեծամասնութեամբ քրիստոնեաբնակ գիւղ (908 ոչ իսլամ եւ 818 իսլամ բնակիչ)։ 1300-ի (1882-3) տարեգիրքը, սակայն, արձանագրած է իսլամ այրերու թիւի աճ՝ 4171 շունչի, իսկ ոչ իսլամ այրերու թիւը նոյնը մնացած է՝ մօտաւորապէս 984 շունչ։ Սրուանձտեանց սրբազանը գիւղին մէջ հաշուած է 295 հայ ծուխ եւ մէկ եկեղեցի՝ սբ. Աստուածածաինը։ Թէոդիկը կը նշէ, որ Ցեղասպանութեան վաղորդայնին գիւղը ունէր 260 հայ, 40 ուղղափառ ասորի եւ 600 իսլամ ծուխ։

 (Աղբիւր՝ Բենիամին Կ. Ժամկոչեան, «Հայնի. տեղագրական, ազգագրական, պատմագրական», Պէյրութ, 1951)։

Պարպեշ, Պիրպաս, Փարփուշշ [Çalıbükü]

38°27'5.39"N 40°33'48.63"E

Սրուանձտեանց սրբազանը Պարպէշի մէջ միայն երեք հայ ծուխ նշած է, իսկ հետագային գիւղը արձանագրուած է իբրեւ Ցեղասպանութեան վաղորդայնին հայ բնակիչ չունեցող հայկական գիւղ։ Գարայեանը Պարպէշը կը տեղակայէ այօրուան Քոչախէօյի տարածքին մէջ (Kocaköy, 38°13'43.7"N 40°33'04.1"E), Փալինչնէէն մօտաւորապէս 7 մղոն հարաւ եւ տեղը կը կոչէ Աքչակէօզ, թէեւ այլ տեղ այդ անունին չեմ հանդիպած։ Իսկ Ճելէ Վերհայճը գիւղը կը տեղակայէ Հայնիէն հիւսիս-արեւելք, դէպի Լիճէ ճամբուն վրայ։ Գէորգեանը նոյնպէս Պարպէշը Հայնիէն հիւսիս-արեւելք տեղակայած է, եւ այդ թիւերն է որ նշած եմ։ Իրականութեան մէջ իւրաքանչիւր վայրի համար ալ համոզիչ փաստարկներ կարելի է բերել։

Տեփնէ, Տիպենէ, Տեպնէ, Տիւփնէ [Döğer]

38°21'23.81"N 40°13'27.72"E
Սբ. Պետրոս-Պօղոս

Սրուանձտեանց սրբազանը կը նշէ, որ Տեփնէն ունէր 60 հայ ծուխ եւ մէկ եկեղեցի՝ սբ. Պետրոս-Պօղոսը։ Ցեղասպանութեան վաղորդայնի տուեալներուն մէջ Տեփնէն արձանագրուած է որպէս հայաբնակ գիւղ, բայց բնակչութեան մասին տուեալներ չկան։ Տեփնէն այժմ մաս կը կազմէ Տիչլէի գաւառակին։

Կարաս, Քերուաս, Կարուաս [Kocaköy]

38°20'32.66"N 40°40'50.64"E

Սրուանձտեանց սրբազանը Կարասի մէջ 20 հայ ծուխ արձանագրած է։ Գէորգեանը, յղում ընելով Սրուանձտեանց սրբազանին, սակայն, կը պնդէ, որ գիւղը ունէր 30 հայ ծուխ եւ մէկ եկեղեցի՝ սբ. Սարգիսը։ Կարասը որպէս Ցեղասպանութեան վաղորդայնին հայաբնակ գիւղ արձանագրուած է, սակայն բնակչութեան թիւի յիշատակում չկայ։ Գէորգեանը կը գործածէ Քերուաս եւ Կարուաս գրելաձեւերը նոյնպէս այս գիւղին համար, բայց Լիճէի շրջանին մէջ այս անունով այլ գիւղ մըն ալ գոյութիւն ունեցած է։ Գէորգեանի յղումին վրայ հիմնուելով Վերհայճը Քերուասը արձանագրած է որպէս հայաբնակ գիւղ։ «Կարաս» անունը կարծեմ միշտ գործածուած է այս գիւղին համար, երբեմն Քարազ, Կարազ տարբերակներով, իսկ այժմու անունը Քոչաքէօյ է։

Հաւրէ, Հաւրի [Yazıköy]

38°18'50.18"N 40°29'51.27"E

Սրուանձտեանց սրբազանը Հաւրէի մէջ 7 ծուխ արձանագրած է։ Հետագային որպէս հայաբնակ գիւղ Հաւրէի մասին յիշատակում չկայ։ Գիւղը հիմա մաս կը կազմէ Քոչաքէօյի գաւառակին։

Ճումայիկ, Զէրմանիք [Okur]

38°22'40.05"N 40°22'42.06"E
Սբ. Նշան

Սրուանձտեանց սրբազանը արձանագրած է, որ Ճումայիկը 11 հայ ծուխ ունէր։ Ճումայիկը որպէս հայաբնակ գիւղ արձանագրուած է նաեւ Ցեղասպանութեան վաղորդայնի տուեալներուն մէջ, սակայն առանց բնակչութեան մասին որոշակի տուեալներու։

Քաթին [Çaytepe]

38°12'38.10"N 40°30'25.64"E
20 ծուխ

Քաթինը, որ այժմ մաս կը կազմէ Քոչաքէօյի գաւառակին, միայն Թէոդիկի կողմէ յիշատակուած է, որպէս Հայնիի գաւառակի մաս։ Նշուած է, որ Ցեղասպանութեան վաղորդայնին ան ունեցած է 20 ծուխ հայ բնակչութիւն։

Խերչիկ, Խուրչիկ, Հորսիկ [Çaybaşı]

38°31'38.71"N 40°18'8.48"E

Սրուանձտեանց սրբազանը 3 ծուխ արձանագրած է Խերջիկի մէջ։ Գիւղին հայ բնակչութիւն ունենալուն մասին հետագային յիշատակում չկայ։ Գարայեանը Խերջիկը կապակցած է Հորսիկ գիւղին հետ, եւ այդ տուեալներն են, որ բերած եմ հոս։

Փալինչնէ [Esenler]

38°19'17.70"N 40°35'24.10"E

Սրուանձտեանց սրբազանը 10 հայ ծուխ արձանագրած է Բալինջնէի մէջ։ Բալինջնէն որպէս Ցեղասպանութեան նախօրէին հայաբնակ եղած գիւղ արձանագրուած է նաեւ, բայց առանց բնակչութեան մասին ստոյգ տուեալներու։ Ինչպէս արդէն նշեցինք, Գէորգեանը այս գիւղը շփոթած է Բամութինին հետ։ Գարայեանն ալ Բալինջնէն տեղակայած է Հայնի քաղաքէն անմիջապէս հարաւ-արեւելք՝ 1-2 մղոն հեռաւորութեան վրայ։ Փելիշնային իր կատարած յղումը այլ աղբիւրի մէջ չեմ գտած։ Բալինջնէի տեղակայումը այժմու Էսենլեր գիւղի տեղակայման վայրի տուեալներով բերած եմ (Հայնիի հարաւ-արեւելքը)։ Թէեւ բազմաթիւ ժամանակակից քարտէսներու վրայ այս վայրը Պալչիկ կամ Եալչիկ նշուած է, Առաջին համաշխարհային պատերազմէն առաջուան քարտէսներուն վրայ անունը Պալիճնի արձանագրուած է։ Թուրքիոյ հանրապետութեան 1935-էն 1960-ի միջեւ կատարուած մարդահամարներու տուեալներուն մէջ գիւղը նոյնպէս Պալիջնի անունով արձանագրուած է. հետեւաբար, կը հաւատամ որ այս է Բալինջնէի ճիշտ վայրը։

Զառա [Gökçe]

38°20'39.36"N 40°31'18.43"E

Սրուանձտեանց սրբազանը Զառայի մէջ 5 հայ ծուխ արձանագրած է։ Զառան յիշատակուած է նաեւ իբրեւ Ցեղասպանութեան վաղորդայնին հայաբնակ եղած գիւղ, առանց բնակչութեան մասին որոշակի տուեալներու։

Փեչար, Պեչար, Փեշար [Güldiken]

38°32'47.20"N 40°47'3.21"E
Սբ. Աստուածածին

Սրուանձտեանց սրբազանը 12 հայ ծուխ արձանագրած է Փեչարի մէջ եւ մէկ եկեղեցի՝ սբ. Աստուածածինը։ Որպէս Ցեղասպանութեան վաղորդայնին հայաբնակ գիւղ յիշատակուած է Փեչարը, առանց բնակչութեան մասին ստոյգ տուեալներու։

Անթու, Անտու, Ընտիր [Yorulmaz]

38°32'20.98"N 40°44'44.73"E
Սբ. Հռիփսիմէ

Սրուանձտեանց սրբազանը Անթուի մէջ 8 հայ ծուխ եւ մէկ եկեղեցի արձանագրած է՝ սբ. Հռիփսիմէն։ Ատկէ ետք գիւղին հայաբնակ ըլլալուն մասին տուեալներ չկան։ Գէորգեանը Անդուի տեղակայումը չէ նշած։ Գարայեանը բերած է աշխարհագրական տեղակայման կէտեր, որոնք, իմ որոնումներուս համաձայն, չեն համապատասխաներ որոշակի գիւղի մը։ Վերհայճը Անթուն կը նյոնականացնէ Ապտոս գիւղին հետ, որ հիմա Պինկէօլի Կենճ գաւառակին մաս կը կազմէ։ Սրուանձտեանց սրբազանի բերած գիւղերու յաջորդականութիւնը հետեւալն է՝ Եղմուկ, Անթու, Մրզակ եւ Դալանիկ։ Եթէ այս հերթականութեամբ առաջնորդուինք, կը կարծեմ որ Անթուն քարտէսներուն վրայ Ընտիր անուան տակ նշուած գիւղն է, եւ տեղակայման այս տուեալները գործածած եմ։

Հէրքի, Հէրքին

38°39'7.83"N 40°47'14.20"E

Սրուանձտեանց սրբազանը միայն մէկ հայ գիւղ կը յիշատակէ Հէրքիի մէջ։ Գիւղը յիշատակուած է նաեւ որպէս Ցեղասպանութեան վաղորդայնին հայաբնակ եղած գիւղ, առանց բնակչութեան մասին ստոյգ տուեալներու։ Հէրքինի տեղակայման կէտերը բերուած են շարք մը քարտէսներու վրայ անոր վայրին տուեալներուն հիման վրայ։

Մորենդար

Սրուանձտեանց սրբազանը 4 հայ ծուխ արձանագրած է Մորենդարի մէջ։ Աւելի ուշ թուականներու յիշատակում չկայ գիւղին մասին, եւ իր վայրը ճշտել չկրցայ։

Մրզակ, Միզաք [Kılıçli]

38°32'37.75"N 40°42'32.63"E
Սբ. Կիրակոս եւ մէկ ուրիշ եկեղեցի

Սրուանձտեանց սրբազանը արձանագրած է, որ գիւղը 30 հայ ծուխ ունէր եւ երկու եկեղեցի, որոնցմէ մէկը սբ. Կիրակոսն էր։ Մրզակը իբրեւ Ցեղասպանութեան վաղորդայնին հայաբնակ գիւղ արձանագրուած է, առանց սակայն բնակչութեան մասին տուեալներու։

Նոր Շէն, Նուրշին [Nurşin]

38°37'58.42"N 40°47'30.39"E

Սրուանձտեանց սրբազանը 30 հայ ծուխ արձանագրած է Նոր Շէնի մէջ։ Նոր Շէնը նաեւ որպէս Ցեղասպանութեան վաղորդայնին հայաբնակ գիւղ արձանագրուած է, առանց բնակչութեան մասին տուեալներու։ Նոր Շէնի տեղակայման կէտերը բերուած են ըստ շարք մը քարտէսներու վրայ անոր տեղակայումին։ Վերհայճը բերած է ժամանակակից Տողանլար անուանումը, որ իմ բերած կէտերուն անմիջապէս արեւմուտքը կը գտնուի։

Ռիզ [Sağgöze]

38°36'51.16"N 40°48'22.07"E
3 եկեղեցի

Սրուանձտեանց սրբազանը կը նշէ, որ Ռիզը ունէր 60 հայ ծուխ եւ 3 եկեղեցի։ Ռիզը որպէսՑեղասպանութեան վաղորդայնին հայաբնակ գիւղ յիշատակուած է, առանց բնակչութեան մասինորոշակի տուեալներու։

Թալանիկ, Տալանիկ [Kayadıbı]

38°30'32.53"N 40°46'29.98"E

Սրուանձտեանց սրբազանը 2 հայ ծուխ կը յիշատակէ Թալանիկի մէջ։ Աւելի ուշ ժամանակներու յիշատակում չկայ գիւղին մասին։

Եղմուկ

38°36'17.71"N  40°44'49.54"E

Սրուանձտեանց սրբազանը 4 հայ ծուխ կը յիշատակէ Եղմուկի մէջ։ Աւելի ուշ թուականներու գիւղը յիշատակուած չէ։ Եղմուկի տեղակայման կէտերը բերուած են մօտաւոր՝ հիմնուելով շարք մը քարտէսներու վրայ անոր տեղակայումին վրայ։

1) Լիճէի եւ Հայնիի վերաբերող հատուածը, որ առնուած է Հ.Ֆ.Պ. Լինչի եւ Ֆ. Օսուալտի "Map of Armenia and Adjacent Countries վերնագրով ընդհանուր քարտէսէն, 1901։
2) Լիճէի եւ Հայնիի վերաբերող հատուածը, որ առնուած է 1912/1913 թուականի օսմանեան քարտէսէն։

Փակագիծերու մէջ ներկայացուած են քարտէսին մէջ երեւցող հայաբնակ գիւղերուն այժմու անունները.
Աչքան /Ահթիքան [Gönen]; Անթաղ/Անթաք/Այնթաք [Kabakaya]; Անթու/Անտու [Yorulmaz]; Պամեթին/Պամիթնի/Փամութին [Kutlu]; Պարպէշ/Պիրպաս/Փարփուշ [Çalıbükü]; Տըպնէ /Տիպէնէ/Տըբնէ/Տեբնէ [Döğer]; Հալհալ/Հէլհէլ [Çitlibahçe]; Հարբախնա/Հարպաքնէ [Bakanlar]; Հավրէ/Հավրի [Yazıköy]; Հայնի/Հէյնէ [Hani]; Հէրաք [Çıralı]; Հէրքի/Հէրքին [?]; Հէզան/Հազան [Savat]; Հէզմաս /Հազմաս/Հազման [Budak]; Ճումայիկ/Զէրմանիք [Okur]; Քաթին [Çaytepe]; Կարաս/Քերվաս [Kocaköy]; Խերչիկ/Խըրչիկ/Հորսիք [Çaybaşı]; Քոյմա/Քումէ/Քում [Koma]; Քուր/Կուր/Թէփէ [Tepe]; Լիճէ [Lice]; Մալախտան/Մոլլա [Yünlüce]; Մրզակ/Միզաք [Kılıçli]; Մըրտարիք/Մորտարիք [?]; Նոր Շէն/Նուրշին [Nurşin]; Նունիաս/Նինիաս [Ortaç]; Օփում/Հօփում/Օֆում[Kumluca]; Փալինչնէ/Եամութնի/Փամոթնէ [Esenler]; Փեչար/Պեչար/Փեշար [Güldiken]; Ռիզ [Sağgöze]; Սարնիս/Սարնէս [Damar]; Սարթա/Սէրտէ [Seren]; Շատխիկ/Շատհայք/Շաթհիք [Çanak]; Շամշամ/Շէմշան[Ormankaya]; Շըկակա/Շիքաքան/Շէկակա [Şikakan]; Թալանիկ/Տալանիկ [Kayadıbı]; Զարա [Gökçe], Եղմուտ [?].
Տեսնել նաեւ՝ https://westernarmenia.weebly.com/maps.html

Աղբիւրներ

  • Գերմանիա՝ Generalstab der Luftwaffe, cartographer. Turkei 1:200,000. [Berlin, Germany] : Generalstab der Luftwaffe, 1943. Մասշտաբ՝ 1:200,000։
  • Մեծ Բրիտանիա՝ War Office. General Staff. Geographical section. Turkey 1:200,000 London, 194-։
  • İzgöer, Ahmet Z, Sıbğatullah Kaya, and Ali Kaya. Salname-i Diyarbekir. Diyarbakır: Diyarbakır Büyükşehir Belediyesi Yayınları, 1999։
  • Karayan, Sarkis Y. Armenians in Ottoman Turkey, 1914: A Geographic and Demographic Gazetteer. 2018։
  • Kévorkian Raymond H. “Demographic Changes in the Armenian Population of Diarbekir, 1895-1914.” In Armenian Tigranakert/Diarbekir and Edessa/Urfa, ed. R. Hovannisian. 2006։
  • Kévorkian, Raymond H, and Paul B. Paboudjian. Les Arméniens Dans L'empire Ottoman À La Veille Du Génocide. Paris: Editions d'art et d'histoire, 1992։
  • Kiepert, R. Karte Von Kleinasien. 1:400,000, 1902։
  • Maunsell, F R. Eastern Turkey in Asia. Scale, 1: 250,000, or 1.014 Inches to 4 Miles. Compiled at the Intelligence Division, War Office, by Major F.r. Maunsell, Etc. London: Geographical Section, General Staff, 1901։
  • Nişanyan, Sevan. Adını Unutan Ülke: Türkiye'de Adı Değiştirilen Yerler Sözlüğü. İstanbul: Everest Yayınları, 2010։
  • Palou 1:200,000. Erkan-ı Harbiye-i Umumiyye. Istanbul, 1915։
  • Գարեգին եպ. Սրուանձտեանց, «Թորոս Աղբար, Հայաստանի ճամբորդ», Բ հատոր, 1884։
  • Թէոդիկ, «Գողգոթա հայ հոգեւորականութեան եւ իր հօտին աղէտալի 1915 տարին», 1985։
  • Verheij, Jelle. “Provisional list of Non-Muslim Settlements in the Diyarbekir Vilayet around 1900.” In Social Relations in Ottoman Diyarbekir, 1870-1915, ed. J. Jongerden and J. Verheij. 2012։

Լուսանկարներուն սեւ-ճերմակ բնատիպը