Սբ. Թորոսի գանձերը, Կալիփոլիէն Գոքինիա
Հեղինակ՝ Վահէ Թաշճեան, 10/06/20 (վերջին փոփոխութիւն՝ 10/06/20)
Կալիփոլի/Կէլիպոլուի (ներկայիս Չանաքքալէ) Սուրբ Թորոս եկեղեցիին պատմութիւնը կը տարբերի Օսմանեան կայսրութեան տարածքին մէջ գտնուած հայկական բազմաթիւ կրօնական հաստատութիւններուն վիճակուած ճակատագիրէն։ Ծանօթ է, որ Ցեղասպանութեան տարիներուն եւ անոր յաջորդող տասնամեակներուն այս եկեղեցիներէն եւ վանքերէն շատեր հիմնայատակ քանդուեցան, ուրիշներ սկսան այլ նպատակով գործածուիլ, ինչպէս մզկիթ, թանգարան, եւայլն։ Ինչ կը վերաբերի այս սրբավայրերու մէջ գտնուող առարկաներուն (եկեղեցական սպաս, հանդերձանք, գիրք, եւայլն), անոնց մեծամասնութիւնը նոյնպէս անհետացան։ Կարգ մը վայրերէ հետքեր մնացած են. եկեղեցիէ մը սկիհ մը կամ Աստուածաշունչ մը, վանքէ մը դուռ մը կամ խորանի խաչ մը։ Ասոնք արդէն բացառիկ երեւոյթներ են եւ կը կազմեն վերջին հետքերը տուեալ վայրին մէջ անցեալի հայկական կրօնական հարուստ կեանքի մը։
Կալիփոլիի Սուրբ Թորոս եկեղեցին այլեւս գոյութիւն չունի։ Ան ալ այսօրուայ Թուրքիոյ տարածքին հայկական համայնքային բիւրաւոր հաստատութիւններու օրինակով ոչնչացուած է, ինչպէս անհետացած է նաեւ Կալիփոլի քաղաքի հայկական երբեմնի աշխուժ համայնքը։ Բայց բաղդատութիւնը հայկական այլ եկեղեցիներու եւ վանքերու հետ հոս ալ կը կենայ։ Սուրբ Թորոս եկեղեցիին գանձերուն եւ առարկաներուն մեծ մասը – հաւանաբար բոլորը – աքսորեալ հայերը իրենց հետ բերած են Յունաստան, ուր գաղթական հայերը ապաստան գտած են։
Երբ կը հետեւինք կալիփոլցի Փալանճեան ընտանիքին բանաւոր պատմութեան, կը տեսնենք որ համայնքի կեանքի այս բախտորոշ դրուագը յատկանշական մանրամասնութիւններ կը կրէ։ Կալիփոլցի Հաճի Յակոբ Փալանճեան Առաջին համաշխարհային պատերազմին ընթացքին իբրեւ օսմանեան բանակի հեծելազօրի սպայ կը ծառայէ ամէնէն թէժ ռազմաբերէն համարուող Կալիփոլիի ճակատին վրայ, ուր ինչպէս պատմութեան մէջ ծանօթ է՝ դաշնակից ուժերը ցամաքահանումի փորձ մը կը կատարեն 1915 թուականին։ Մարտերուն ընթացքին Յակոբ Փալանճեան կեանքը կը փրկէ թուրք բարձրաստիճան սպայի մը. այս գործողութեան հետեւանքով ալ կալիփոլցի հայը կը վիրաւորէ իր ոտքը։ Այդ օրէն ի վեր, այս երկու անձերուն միջեւ կը հաստատուի զօրաւոր բարեկամութիւն մը, որ ինչպէս բանաւոր պատմութիւնը կը վկայէ, կարեւոր նշանակութիւն կ՚ունենայ Սուրբ Թորոսի գանձերու փրկութեան գծով։
Այսպէս, 1922 հոկտեմբերին, երբ Անատոլիոյ տարածքին յունական բանակները բոլոր ճակատներուն վրայ չախչախուած նահանջի մէջ էին եւ թրքական զօրքերուն վերջնական յաղթանակը անխուսափելի կ՚երեւէր, Յակոբ Փալանճեանի բարեկամ թուրք սպան կու գայ Կալիփոլի։ Ան իր ընկերոջ կը յայտնէ, թէ շատ շուտով թրքական իշխանութիւնները Կալիփոլիի քրիստոնեաներուն պայմանաժամ պիտի տան քաղաքէն շուտափոյթ հեռանալու, ժամկէտը չափազանց կարճ պիտի ըլլայ, պատրաստուելու ժամանակ պիտի չտրուի, ինչ որ փորձանք մը կրնայ ըլլալ համայն քրիստոնեայ բնակչութեան համար։
Յակոբ Փալանճեան լուրը կ՚իմացնէ համայնքին, ժողով կը գումարուի, թերհաւատներ կան. բայց վերջաւորութեան որոշում կ՚առնուի նախքան իսկ թրքական իշխանութիւններէն պաշտօնական որեւէ յայտարարութիւն կամ հրամանագիր ստանալը, քաղաքի հայերը արդէն պիտի պատրաստուին իրենց գաղթին։ [1]
Հոս կը բացուի Սուրբ Թորոս եկեղեցիի գանձերուն փրկութեան պատմութեան մեզի հետաքրքրող էջը։ Գաղթի պատրաստութեան այս օրերուն, Սուրբ Թորոսի թաղականութիւնը որոշում կ՚առնէ գաղթող ժողովուրդին հետ փոխադրել նաեւ իրենց սիրելի եկեղեցիին բոլոր առարկաները։ Այս նպատակով ալ իւրաքանչիւր ընտանիք յանձն կ՚առնէ եկեղեցական առարկայի մը փոխադրութիւնը։ Ժողովուրդը նաւ կը բարձրանայ եւ հաւաքաբար գաղթի ճամբան կը բռնէ։ Անոնց առաջին հանգրուանը կ՚ըլլայ Քեֆալոնիա կղզին։ Աւելի ուշ, կալիփոլցի հայերուն մեծամասնութիւնը կը տեղափոխուի Փիրէայի մօտակայ Գոքինիա շրջանը (Նիքէա), ուր արդէն իսկ հայ եւ յոյն գաղթականներ հաստատուած էին։ [2]
1920-ականներու սկիզբին, գաղթական հայութիւնը Գոքինիոյ մէջ կառուցած էր կէս-փայտաշէն, կէս-թիթեղաշէն եկեղեցի մը։ Այս կառոյցը կը փլեն եւ փոխարէն, 1936-ին, կը կառուցուի Գոքինիոյ Սուրբ Յակոբ քարաշէն եկեղեցին։
Եկեղեցիին առարկաները կը շարունակէին մնալ Գոքինիոյ կալիփոլցի ընտանիքներուն քով։ Ամէն տարի, տաղաւար տօներուն ընթացքին, անոնք տուներէն դուրս կը բերուէին եւ կը գործածուէին Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ։ Աւանդութիւնը այպէս կը շարունակուի մինչեւ 1956 թուականը, երբ տեղւոյն Կալիփոլիի հայրենակցական միութիւնը որոշում կ՚առնէ բոլոր գանձերը յանձնելու Սուրբ Յակոբ եկեղեցիին։ Այս ձեւով Կալիփոլիէն փրկուած եկեղեցական սպասները ի վերջոյ ի մի կը խմբուին եւ իրենց նոր տունը կ՚ունենան Սուրբ Յակոբ եկեղեցիին մէջ։ [3]
Եկեղեցական այս սպասներէն ոմանք մինչեւ այսօր ալ գործածութեան մէջ են, իսկ միւսները կը պահուին եկեղեցիին կից գտնուող սրահներէն մէկուն մէջ՝ առանձին ցուցափեղկով պահարանի մը մէջ զետեղուած։ Ոսկեայ մասնատուփ մըն ալ կայ, որ երբեք չէ վերադարձուած եկեղեցիին։ Անիկա Սուրբ Թորոսի ամէնէն սիրուած առարկաներէն էր։ Կալիփոլիի հայ ընտանիքներէն մէկը ինք կը ստանձնէ այս մասնատուփին փրկութիւնը եւ զայն ապահով կը հասցնէ մինչեւ Յունաստան։ Բայց անիկա միւս առարկաներուն օրինակով չի մէկտեղուիր Գոքինիոյ Սուրբ Յակոբ եկեղեցիին մէջ, քանի որ ընտանիքը կը շարունակէ զայն երկիւղածութեամբ պահել իր մօտ, ինչ որ բողոքի արտայայտութիւններու առիթ կու տայ Գոքինիոյ կալիփոլցիներու համայնքին մէջ։
Դեկտեմբեր 2019-ին, երբ Յուշամատեանի խումբը յուշ-իրեր հաւաքելու եւ զանոնք լուսանկարելու աշխատանոց մը կազմակերպած էր Գոքինիոյ մէջ, նկատելի էր, որ այս մասնատուփին պատմութեան յիշողութիւնը տակաւին վառ կը մնար կալիփոլցի հայերու երկրորդ կամ երրորդ սերունդի անդամներու քով։ Այս առարկային առանձնացումը Սուրբ Թորոսի միւս գանձերէն ոմանց համար կը շարունակէր մնալ վէճի կարեւոր նիւթ մը։ Բարեբախտութիւն է, որ Յուշամատեանի այս էջին մէջ Սուրբ Թորոսի բոլոր առարկաները, ասոնց շարքին նաեւ ոսկեայ մասնատուփը, թէեւ վիրտուալ կերպով, մէկտեղուած կը ներկայացուին։
Այս էջին պատրաստութեան համար Յուշամատեանը շնորհակալութիւն կը յայտնէ յատկապէս Մայք Չիլինկիրեանին, ինչպէս նաեւ Գրիգոր Մոսկոֆեանին, Քուին Մինասեանին, Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանին եւ Պարէտ Քհնյ. Խաչերեանին։
- [1] Քուին Մինասեան, «Վառ պահեցի բոլոր անդարձ մեկնողներուն յիշատակը», Ազատ Օր օրաթերթ, Աթէնք, 16 Դեկտ. 2016 [https://azator.gr/?p=1280]
- [2] Նոյն։
- [3] Վարագ քհնյ. Յովսէփեան (խմբագիր), Գոքինիոյ Ս. Յակոբ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 70-ամեակ, 1933-2003, Գոքինիա, 2003, էջ 55-56։
Ոսկեայ մասնատուփ, որ շատ հաւանաբար իր մէջ կը կրէ Կենաց Փայտի եւ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչի մասունքները միասնաբար։ Առաջին երեսին (1) կը տեսնենք Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչի չարչարանքներուն քանդակները, իսկ երկրորդ երեսին (2)՝ Քրիստոսի չարչարանքներուն քանդակները։
Մասնատուփը կը համարուի Կալիփոլիի Սուրբ Թորոս եկեղեցիի ամէնէն թանկագին առարկաներէն։ Գիտենք նաեւ որ այս մասնատուփը ժամանակին հայ համայնքին մէջ գործածուած է զանազան հիւանդութիւններու դէմ դարմանումի իբրեւ միջոց։
Արծաթեայ կողքով Աւետարան։ Ըստ ներսի էջի ձեռագիր յիշատակութեան, անիկա նուէր է էլէյլիցի Տիկին Աղաւնի Մինասեանէն։ Տպագրուած է Պոլիս, 1805-ին։
Արծաթեայ կողքով Աւետարան։ Կազմին վրայ կայ փորագիր արձանագրութիւն, ուր գրուած է թէ անիկա նուէր է Մահտեսի Սարգիս Յարութիւնեանէն Սուրբ Թորոս եկեղեցիին, 15 Օգոստոս 1880-ին, Կէլիպոլու։
Կալիփոլի/Կէլիպոլուէն տեսարաններ (Աղբիւր՝ Osman Köker (խմբ.), 100 Yıl Önce Türkiye'de Ermeniler: Orlando Carlo Calumeno Koleksiyonu'ndan Kartpostallarla, Birzamanlar Yayıncılık, Istanbul)։
Կալիփոլիի գաղթական հայերը նաւուն վրայ 1922-ի վերջերուն (հաւանաբար հոկտեմբեր)։ Ամերիկեան այս նաւը Կալիփոլիէն զիրենք պիտի տանի յունական Քեֆալոնիա կղզին։ Աւելի ուշ, կալիփոլցի հայերու մեծամասնութիւնը կը տեղափոխուի Փիրէայի մօտակայ Գոքինիա շրջանը (Նիքէա)։ Վստահաբար այս նաւուն վրայ ալ կը գտնուին Սուրբ Թորոսի սպասներն ու միւս առարկաները, որոնք փոխադրուեցան կալիփոլցի հայ գաղթականներուն միջոցաւ (Աղբիւր՝ Աննիկ (Անժէլ) Մարգարեան – ծնեալ Պետրոսեան, Թորոնթօ, Քանատա)։