Բարբառային ձայնադարան – Մուսա լեռ (Ա)

08/05/24 (վերջին փոփոխութիւն՝ 08/05/24)

Արեւմտահայ բարբառներով ձայնագրութիւններ

Այս էջին մէջ կը ներկայացուին արեւմտահայ զանազան բարբառներով ձայնագրութիւններ եւ անոնց հայատառ արտագրութիւնները, արդի արեւմտահայերէնի գրաւոր փոխադրումներն ու անգլերէնի եւ թրքերէնի թարգմանութիւնները: Ձայնագրութիւնները կը ներկայացնեն հեքիաթներ, առակներ, ասացուածքներ, արձակ թէ չափածոյ գրական գործեր, մշակութային, պատմական կամ ազգագրական նշանակութեան նիւթեր: Անոնք կը բովանդակեն նաեւ իւրաքանչիւր ձայնագրութեան վերաբերող համառօտ բառարաններ: Գրաւոր մասով կը ներկայացուին նաեւ ուղեցոյցներ՝ հնչիւններու հարազատութեամբ ընթերցելու համար արտագրութիւնները: Արեւմտահայ բարբառներով ձայնագրութիւններու այս ծրագիրին համակարգողն է Վարդան Թաշճեան:

Տըլգէն ու էուձ (Աղուէսն ու օձը) – Հեքիաթ՝ Մուսա լերան բարբառով, Խըտըր պէկ գիւղի խօսուածք

Գրի առաւ եւ արեւմտահայերէնի փոխադրեց՝ Թովմաս Հապէշեան։

Աղբիւր՝ Թովմաս Հապէշեան, Մուսա-Տաղի Պապենական Արձագանգներ, տպ. Էրեբունի, 1986, Պէյրութ։

Կ’ընթերցեն՝ Կարէն Հերկելեան (17 տարեկան) եւ Փաթիլ Թասլաքեան (17 տարեկան), Այնճար, Լիբանան, Մարտ 2024։

Ընթերցումի համակարգող՝ Թամար Հերկելեան-Թասլաքեան։

Մուսա լերան բարբառ
(Խըտըր պէկ գիւղի խօսուածք)    
      

Արդի արեւմտահայերէն

Տըլգէն ու էուձ              Աղուէսն ու օձը
Լիւռօուն մը տա՜քին գ°ա՜րա՜չաիմ կու ըննիր: Կօուրթիր, կօուրթիր՝ բունձըր խուղա՜իմ առջիվ կէուգիր, ու կու ըննիր ըրկը բիժէն. մըէ խուղէն առջը դիհին, միկալնա՜ սուլուգ° դիհին կու իջնիր ուրթիր: Եէիբըր բունձըր խուղէն նըրքը չա՜ընկ կու հա՜սնա՜իրըն՝ կու գըրկըտվէ՜իրըն կուխա՜ռընկվա՜իրըն ու մէիմ իղուծ՝ ծըռռըտիլու կէու ուղա՜իրըն ու կօուրթա՜իրըն դա ճիւթ չունցուղ հիւռռը ծէուվ:Լերան մը ստորոտէն գետ մը կ’անցնէր: Կ’երթար, կ’երթար՝ բարձր հողի մը դիմաց կու գար ու կ’ըլլար երկու բաժին. մէկը հողին աջ կողմէն, միւսը՝ ձախ կողմէն կը հոսէր, կ’երթար: Երբ բարձր հողին վարի անկիւնը կը հասնէին՝ կը գրկուէին, կը խառնուէին ու մէկ եղած՝ ոլոր-մոլոր կը հոսէին ու կ’երթային անծայր եղող հեռու ծովին:

Ատ բունձըր խուղէն իրվան կու ա՜պրա՜իրըն խիլըք տըլգա՜իմ ու չուր էուձ մը: Էուձ դըզ պա՜րէուն մըր, իջվէն մա՜իւթ ըր, սիւրտն ա՜ պըղտիւր:

Այդ բարձր հողին վրայ կ’ապրէին խելօք աղուէս մը ու չար օձ մը: Օձը նման էր պարանի. աչքերը մութ էին, սիրտն ալ` պղտոր:

Տըլգէն ու էուձ մըկըզմըկ գ°ըտուն՝ իրկա՜ընք գիտա՜ընք իրինց իղու. իղուն ինկիր՝ աղբար քիմը: Ուրիր անցուն ու տա՜րվընա, ու մկըզմըկ չը նիղա՜ցուցէն: Առունց միկէն՝ միկուալ չիգիր, «ա՜սդէն ա՜րի, ա՜նդէն գընու» ա՜սուղ չիգիր: Վախըթ իկըք, քի բա՜րը ու խիլըք տըլգէն փէիւր գ°ըրգ° ըռից, քա՜ղցութա՜ին շա՜տցու. մըթնից ջախրան, հէիւգ բըռնօիւցծը. մըտմըտուց իրկան-բա՜րըկ քի չո՛ւց կուրնու քա՜ղցութէուն չարա գ°ըննա: Իլու գընիւցը ուձէն խուաչ: Խիլըք զըրըցնու հա՜սկըցէուց ուձէն զէր սըրտէն հէիւգ:

Աղուէսն ու օձը զիրար գտան, երկինք երկիր իրենց եղան. եղան ընկեր՝ եղբօր նման:
Օրեր անցան ու տարիներ. ու զիրար երբեք չվշտացուցին: Առանց մէկուն՝ միւսը չկար, «ասդին եկուր, անդին գնա» ըսող չկար: Օր մըն ալ եկաւ, որ բարի աղուէսին փորը գորգոռաց, անօթութիւնը շատցաւ. երեսը մթնեց, հոգը բռնեց զինք ու մտածեց երկար-բարակ, թէ ինչպէ՛ս կրնար ճար մը գտնել անօթութեան: Ելաւ-գնաց օձին քով: Խելօք խօսքով օձին բացատրեց սրտին հոգը:

– Աս խէիւղ, միր ծըննուծ տէիղ, միր ա՜պրուծ տէիղ, շիւտ կու սիրընք. դըզ ճաննաթ տէիղ մի աս տէիղ. ըմմը չէ՛ ֆէտա՝ եէիբըր մա՜գ°ը գ°ուզաիմ չըգէուվ ի, եէիբըր խուրըզը եա վառիկը ձան չու ըննէի, նա ձա՜գը թիվ կու ըրվընու, նատա՜ջըրէն իզզէիր գիւրտ կու հիվու:
Ա՜կա՜ր ա՜նհիւգ-ա՜նհիւգ թը կը նըստա՜նք դըզ շաշգ°ըննա՝ սօունկ°-սօունկ° քա՜ղցըթնիրիս պըր սա՜կկա՜նք մընք: Մըտմըտա՜ցուծ ու զչարան ա՜ գ°ըտօուծ ըմ իս. մընք պըր սիպընք ըզմիր ծըննուծ ու ա՜պրուծ տէիղ, պըր ասնանք ջըրէն միկալ իզզէիր: Եան տէիղ հա՜մ մա՜գա՜ք կուն՝ հա՜մտա՜ իծծիր, հա՜մ հա՜վիր կուն, հա՜մ կա՜քուվնա: Միր արասէն շիւտ տա՜րվընը ուղ ու հուց կու, նըստիլ-կա՜ննիլ ու տուստլըգ° կու. հարում չըննո՞ւր զաս ալայր բէուն թը կը մառնընք: Մընք պարապուր պըր ասնանք եա՜ն դէն. ինկըրութու ա՜պրիցընք՝ ինկըրութու եա՜ պըր կուչընք:

– Այս հողը, մեր ծնած տեղը, մեր ապրած տեղը, շատ կը սիրենք, դրախտի պէս տեղ է, բայց ի՞նչ օգուտ, երբ գառնուկ մը չկայ մէջը, երբ աքլորի կամ վառեակի ձայն չ’ելլեր, ոչ թռչունի թեւ կ’երեւայ, ոչ ալ ջրեզրին գորտ կը հեւայ: 
Եթէ անհոգ-անհոգ նստինք յիմարի պէս, վերջ ի վերջոյ անօթութենէն պիտի մեռնինք: Մտածած ու ճարը գտած եմ. մենք պիտի լքենք մեր ծնած ու ապրած տեղը եւ պիտի անցնինք ջուրին միւս եզերքը: Հոն թէ՛ խաշինք կան, թէ՛ ալ այծեր, թէ՛ հաւեր կան, թէ՛ կաքաւներ: Մեր միջեւ շատ տարիներու աղ ու հաց կայ, նիստ ու կաց կայ, մտերմութիւն: Հարամ չ’ըլլա՞ր եթէ մոռնանք այս բոլորը: Մենք միասին պիտի անցնինք միւս ափը. ընկերովի ապրեցանք, ընկերովի ալ պիտի փոխադրուինք այստեղէն:

– Շիւտ-շիւտ իւղէիւրդ ի ա՜ցէուծըտ, ա՜սուց էուձ քուղցըր ձինու, ըմմը եէո՞ւ քիւփրա կու, եէո՞ւ ցանցօուռ տիղ՝ քի պըր կա՜րընք հա՜նկէիւստ ասնէ:

– Շատ-շատ ճիշդ է ըսածդ,– ըսաւ օձը անոյշ ձայնով մը,– բայց ո՞ւր է կամուրջը, ո՞ւր՝ ցանցառ տեղ մը, որ կարենանք հանգիստ անցնիլ:

– Քիւփրա չիգու, նատա՜ ցանցօուռ տիղ, ըմմը սըհա՜ըթ մը չանցուծ՝ եա՜ն դէն կըննընք:

– Կամուրջ չկայ, ոչ ալ ցանցառ տեղ, բայց ժամ մը չանցած անդին կ’ըլլանք:

Իլուն գացէն ջըրէն իզզէիր: Տըլգէն ա՜սուց.– Իլը մէիշքըս: Էուձ իլու եը տըլգէն մէիշք, փա՜լվիցուը վա՜իզ, գըլէուխն ա՜ գըխլէն իդեր: Տըլգէն հիծծու պա՜ղակ ջըրէն, իտուր-իբիր ըզվըտվէն ու դըզ գ°ազ սիֆիցու գընիւց: Եէիբըր հա՜սսուն ջըրէնը կէիս՝ էուձ քըպցից ըզտըլգէն վա՜իզ. խա՜վա՜րիցուն տըլգէն իչվէն:

Ելան գացին ջուրին եզերքը: Աղուէսն ըսաւ.– Ելի՛ր մէջքս: Օձը ելաւ աղուէսին մէջքը, փաթթուեցաւ վիզին, գլուխն ալ՝ գլխուն դրաւ: Աղուէսը հեծաւ պաղուկ ջուրը, տարաւ բերաւ տոտիկները ու սագի պէս սահեցաւ, գնաց: Երբ որ հասան ջուրի կէսին՝ օձը սեղմեց վիզն աղուէսին. խաւարեցան աչքերն աղուէսին:

– Հէ՜յ, չաո՞ւ շինիս, մառցո՞ւր զհէում ուղ ու հացէն:

– Հէ՜յ, ի՞նչ կ’ընես, մոռցա՞ր համը աղ ու հացին:

– Սըրտէս ըզձուան կու լըսսիմ հա՜մու:

– Սրտիս ձայնը կը լսեմ հիմա:

– Իս պա՜զ խըղդէմ, դէուն չէ՞ կըննուս, կու մըտմըտո՞ւս:

– Ես որ խեղդուիմ, դուն ի՞նչ կ’ըլլաս, կը մտածե՞ս: 


– Չա՜իր պըր ըննու թը՛ղ ըննու, իս ըզքի պըր խըդդիմ հա՜մու:

– Ըլլալիքը թող ըլլայ, ես քեզ պիտի խեղդեմ հիմա:

Տըլգիկէուն սօիւրտ վա՜խին դուղուց. ու մա՜իք ա՜սուց. «Չա՜ղվիւրէն հէիտ չա՜ղվիւր իղէ»:

Աղուէսին սիրտը վախէն դողաց, ու միտքէն ըսաւ. «Չաղուորին (վատին) հետ չաղուոր եղիր»:


– Եէիբըր գ°արար դըրիր պըր խըղդիս զէս, բի զգըլա՜ուխըտ քընդէսը դէիմ, դըզ ինկիր պա՜գնէիմծը սունկ°ը աղըզ մը՝ ու հա՜նկէստ սըրտու եա՜ միւռնեմ:

– Երբ որոշեցիր խեղդել զիս, բե՛ր գլուխդ քթիս դիմաց, ընկերոջ պէս համբուրեմ զայն վերջին անգամ ու հանգիստ սրտով ալ մեռնիմ:

Էուձ չուր-չուր ծիծա՜ղիլու, կա՜խից ըզգըլա՜ուխ քընդէնը դէիմ: Տըլգէն, պա՜գնիլը տիղ, խա՜ծծից ըզգըլա՜ուխ ուձէն, գ°ըրթից ու ջա՜յր իսկէիցծը: Էուձ թուլցու, թիշմից: Տըլգէն լան նա՜ֆա՜ըս մը առու: Զիչվէն լան-լան իբուց. ա՜խշէուր դըզ միղըր քաղցըրցու էր, թը գիտիս եէր մօուր ըրմէին նիւր ծըննից: Եէիբըր հա՜սսու ջըրէն իզզէիր, իլու ջըրին, թըթվից ըզմէիշք: Էուձ քա՜կվիցու, ինկու գիտա՜ին: Տըլգէն իշից, իշից ու գընիւց քէուր մը իբիր, իդեր գ°ըտրուծ գըլխէն դէն, սունկ°րա խա՜ծծից զա՜գէն ու քիշից-քիշից ուղըրթօիւցծը ու ասուց. 

Օձը` չարաժպիտ, կախեց գլուխը դունչին դիմաց աղուէսին: Համբոյրի տեղ աղուէսը խածաւ գլուխն օձին, կտրեց ու ջուրը ձգեց-նետեց զայն: Օձը թուլցաւ, խարխլեցաւ-թօշնեցաւ: Աղուէսը լայն շունչ մը առաւ: Աչքերը լայն-լայն բացաւ, աշխարհը մեղրի պէս քաղցրացաւ իրեն, կարծես մօրմէն դեռ նոր ծնաւ: Երբ հասաւ ջուրին եզերքը՝ ելաւ ջուրէն, թափահարեց մէջքը: Օձը քակուեցաւ՝ ինկաւ գետին: Աղուէսը նայեցաւ, նայեցաւ ու գնաց քար մը բերաւ, դրաւ կտրուած գլխուն կողմը, ապա խածաւ պոչը, քաշեց-քաշեց ու շտկեց զայն, ու ըսաւ.

– Ինկէիր պըր ըննու դըզ կա՜նկէուն,
Իւղիւրդ, իւղիւրդ՝ դըզ կա՜նկէուն:

– Ընկերը պէտք է ըլլայ կանգունի պէս, շիտակ-շիտակ՝ կանգունի պէս:

Ինչպէ՛ս կարդալ Մուսա լերան բարբառով (Խըտըր պէկ գիւղի խօսուածք) (ըստ Թովմաս Հապէշեանի կազմած ուղեցոյցին, աննշան փոփոխութիւններով)

Հնչիւններու առումով հարազատութեամբ կարդալու համար Մուսա լերան բարբառով (Խըտըր պէկ գիւղի խօսուածք), գրութեանց մէջ օգտագործուած են հետեւեալ նշանայաւելումները.

  • ա՜
    Անգլերէն man կամ cat բառերուն մէջ a ձայնը կամ արաբերէն ֆա՜թհա՜-ին ձայնը յաճախադէպ է Մուսա լերան բարբառին մէջ: Այս ձայնը արտայայտելու համար ա ձայնաւորին վրայ ՜ նշանը դրած ենք (ա՜): Օրինակ՝ «պա՜րուն», որ կը նշանակէ «պարան»:
  • գ°
    Արաբերէնի մէջ ق հնչիւնն ալ յաճախադէպ է Մուսա լերան բարբառին մէջ: Այս հնչիւնը արտայայտելու համար գ գիրին վրայ ° նշանը դրած ենք (գ°): Օրինակ՝ «գ°ըտրիլ», որ կը նշանակէ «կտրել»:
  • կ°
    Սակաւ հանդիպող որոշ բառերու մէջ հնչիւն մը կայ, որ ո՛չ կ կը հնչէ եւ ո՛չ ալ ղ, այլ երկուքին միջեւ բան մը: Այս ձայնը արտայայտելու համար կ գիրին վրայ դրած ենք ° նշանը (կ°): Օրինակ՝ «ունկ°էզ», որ կը նշանակէ «ընկոյզ»:

Այլ կանոններ

  • Վ ձայնը միշտ արտայայտուած է վ գիրով, անկախ՝ դասական ուղղագրութեան թելադրած ձեւերէն: Օրինակ՝ «ա՜րիվ»՝ «արեւ»:
  • Ը ձայնը միշտ արտայայտուած է ը գիրով: Օրինակ՝ «վախըթ»՝ «ժամանակ»:
  • Բազմաթիւ բառերու մէջ միասին՝ կողք-կողքի հանդիպող ու եւ ա տառերը պէտք է կարդալ շատ արագ, իբրեւ մէկ հնչիւն, այնպէս, որ ա-ին ձայնը միանայ ու-ին, որ խօսքի մէջ կը հնչէ շատ մօտիկ օ-ին: Օրինակ՝ «ա՜րիվէն բուաշ»՝ «արեւին բաշը» («բուաշ» բառին մէջ եթէ ու եւ ա արտայայտուին զատ-զատ, բարբառային հնչիւնը կը կորսնցնէ իր հարազատութիւնը):