Այնթապ - Լուսանկարիչներ

Հեղինակ՝ Միհրան Մինասեան, 23/03/2020 (վերջին փոփոխութիւնը՝ 23/03/2020)

Ներածական

Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ լուսանկարիչները ունեցած են առաջատար դիրք: Կայսրութեան բոլոր անկիւններուն գտնուած են լուսանկարիչ հայ վարպետներ, սկսած Կ. Պոլսոյ նշանաւոր Ապտուլլահ(եան)ներէն ու Բասքալ Սեպահէն մինչեւ գաւառներու Տիլտիլեանները (Սեբաստիա, Մարզուան, Սամսոն եւ Գասթէմունի), Սուրսուրեանները (Խարբերդ), Կարապետ Սոլագեանը (Գոնիա), Գրիգոր Մսրլեանը (Հալէպ), Եսայի Պատրիարք Կարապետեանն ու Կարապետ Գրիգորեանը (Երուսաղէմ), Կարապետ Լէքէկեանը (Գահիրէ եւ Կ. Պոլիս) եւ շատ ու շատ ուրիշներ, այնքան որ բազմաթիւ վայրերու մէջ լուսանկարչութիւնը նկատուած է հայերու մենաշնորհը: Մօտաւոր հաշուումներով, կայսրութեան տարածքին գործած են աւելի քան հինգ հարիւր հայ լուսանկարիչ վարպետներ, նաեւ՝ լուսանկարչական պիտոյքներ վաճառողներ, ռըդուշ ընողներ, բացիկներու պատրաստութեամբ ու հրատարակութեամբ զբաղողներ, եւ այլն: Հայոց ցեղասպաութենէն ետք ալ, Միջին արեւելքէն մինչեւ Եւրոպական զանազան երկիրներ, Ափրիկէ ու Ամերիկայի հեռաւոր անկիւնները ապաստանած վերապրողներ կամ նոր հասնող հայ լուսանկարիչներ շարունակած են ծառայել այս գեղեցիկ արուեստին ու միշտ մնացած են անոր անմրցելի վարպետները:

Ընդհանուր ակնարկ Այնթապի հայ լուսանկարչութեան վրայ

Պատմական Այնթապ‎ քաղաքը‎՝ Կիլիկիոյ սահմաններուն վրայ գտնուող այդ հայաշատ քաղաքը, նշանաւոր էր ոչ միայն իր կրթական օճախներով, արհեստներով, արուեստներով, վաճառականութեամբ, հնարամիտ ու գործունեայ բնակիչներով, այլ նաեւ իր հայ լուսանկարիչներով: Համեմատաբար կարճ ժամանակաշրջանի մը մէջ, ‎մօտաւորապէս 1884-1921 թուականներուն, հոն գործած են մօտ երկու տասնեակ հայ լուսանկարիչներ, որոնցմէ շատերը Այնթապէն հեռանալէ ետք, իրենց գործունէութիւնը շարունակած են մօտաւոր ու հեռաւոր այլ քաղաքներու մէջ, հասնելով մինչեւ Մարաշ, Ատանա, Մերսին, Հալէպ, Պաղտատ, Հայֆա, Դամասկոսի շրջակայքը, Պէյրութ, Միացեալ Նահանգներ եւ այլն:

Գաւառական այլ շրջաններու հետ համեմատած՝ Այնթապի հայ լուսանկարչութեան զարգացումը մասամբ պիտի վերագրել Այնթապի հայութեան համեմատաբար բարեկեցիկ վիճակին եւ քաղաքի մէջ օտար հաստատութիւններու գոյութեան, որոնց հետ շփում ունեցած են տեղացի հայերը եւ օգտուած անոնց փորձառութենէն ու գիտելիքներէն:

Ծանօթ է, որ հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն Այնթապի հայերը նուազ զոհեր տուած են, քան միւս բնակավայրերու հայերը, հետեւաբար վերապրած մեծաթիւ այնթապցիներ, իրենց անհրաժեշտ իրերու կողքին, կրցած են փրկել ու իրենց հետ արտասահման հասցնել նաեւ մեծ թիւով լուսանկարներ: Եւ այսօր զանազան արխիւային կեդրոններու եւ թանգարաններու, ինչպէս նաեւ անհատ հաւաքողներու եւ ընտանիքներու մօտ կան Այնթապէն բերուած մեծ թիւով լուսանկարներ, որոնց շնորհիւ կարելի է ընդհանուր գաղափար մը կազմել ոչ միայն մօտաւոր անցեալի Այնթապի հայութեան առօրեային ու կենցաղին մասին, այլ նաեւ ծանօթանալ տեղւոյն լուսանկարիչներու գործունէութեան եւ անոնց արուեստի բարձր մակարդակին:

Հին լուսանկարիչներ սովորութիւն ըրած էին իրենց պատրաստած լուսանկարները փակցնել հաստ խաւաքարտ-շրջանակներու վրայ, որոնց վարի մասին, լուսանկարէն դուրս մնացած բաժինին վրայ, ընդհանրապէս տպուած կ’ըլլային լուսանկարիչին կամ լուսանկարչատան եւ երբեմն ալ քաղաքին անունը, ուր հաստատուած կ’ըլլար այդ լուսանկարչատունը: Նոյն ձեւով, խաւաքարտի կռնակին, գեղեցիկ զարդերու, ցուցահանդէսներու ընթացքին շահուած մետալներու կամ ստացուած շքանշաններու եւ այլ տեսարաններու մէջ կրկին գրուած կ’ըլլային լուսանկարիչին անունն ու քաղաքը, երբեմն նոյնիսկ բազմալեզու: Գտնուած են նաեւ լուսանկարիչներ, որոնք իրենց անունով յատուկ տպագիր խաւաքարտեր չունենալու պարագային, իրենց գործածած խաւաքարտի առաջին կամ երկրորդ երեսին ձեռագիր գրած են իրենց անունը կամ դրոշմած են կնիքը: Այս բոլորը այսօր կը ծառայեն լուսանկարին հետ կապուած կարեւոր բացայայտումներ ընելու՝ ճշդելու վայրը, մօտաւոր թուականը եւ այլ մանրամասնութիւններ:

Լուսանկարները հաստ խաւաքարտերու վրայ փակցնելու բարի սովորութիւնը գործած է համարեա մինչեւ 1920-ական թուականները: Անկէ ետք թէպէտ մնացած է այդ սովորութիւնը, սակայն աւելի քիչ պարագաներու միայն, այսպէս կոչուած «պաշտօնական» լուսանկարներու պարագային:

Դժբախտաբար ոչ բոլոր լուսանկարիչներն են, որ ունեցած են իրենց անունով յատուկ խաւաքարտեր, մանաւանդ որ այդ մէկը բաւական ծախսալից էր, որովհետեւ տպագրութեան գործը ընդհանրապէս կը կատարուէր Պոլսոյ եւ մանաւանդ եւրոպական տպարաններու մէջ, ինչպէս՝ Վիեննա, Փարիզ եւ այլն: Մեզի հասած են բազմահազար հին լուսանկարներ, որոնց վրայ չենք հանդիպիր լուսանկարիչներու ստորագրութիւններուն, կնիքներուն եւ տպագիր անուններուն, եւ այս պատճառ կ’ըլլայ, որ կորսուի լուսանկարիչին հետքը ու չկարենանք ծանօթանալ անոր գործերուն եւ ըստ արժանւոյն գնահատենք իր արուեստը:

Եւ այսօր, ամբողջ անցեալ մը կը բացուի մեր առջեւ այդ լուսանկարներուն շնորհիւ: Արեւմտեան Հայաստանի, Կիլիկիոյ եւ Փոքր Ասիոյ հայկական քանդուած հազարաւոր եկեղեցիներուն, վանքերուն, պատմական յուշարձաններուն, դպրոցներուն ու շէներուն կենդանի ու խօսուն վկաներն են անոնք, նաեւ հայկական տարազին, սովորութիւններուն, ծէսերուն, արհեստներուն, նիստ ու կացին ու ասոնց նման կորսուած բազում այլ սրբութիւններու:

***

Նշենք որ այս յօդուածին ամփոփ տարբերակին ֆրանսերէն թարգմանութիւնը լոյս տեսած է « Les photographes arméniens d’Ayntab et de la Cilicie : Bref aperçu » վերնագիրով « Les Arméniens de Cilicie: habitat, mémoire et identité » (Presses de l’Université Saint-Joseph, Beyrouth, 2012) հատորին մէջ (էջ 134-167)։

Այնթապի հայ լուսանկարիչներուն մասին աղբիւրներ

Սխալած չենք ըլլար եթէ ըսենք, որ լուսանկարչութիւնը Այնթապի մէջ, մինչեւ քաղաքին հայաթափումը, եղած է զուտ հայկական արուեստ, եւ փաստօրէն, մինչեւ 1921 թուական, ո՛չ մէկ ոչ հայ լուսանկարիչ գործած է այդ քաղաքին մէջ:

Հայ հին լուսանկարիչներու մասին գրելը յաճախ կը բախի լուրջ դժուարութիւններու, որոնցմէ առաջինը երեւի մեզի հասած լուսանկարներուն սակաւ ըլլալն է, նաեւ՝ եղածին անմատչելիութիւնը, եւ մանաւանդ այն, որ ցարդ չկան այս թեմայով կատարուած ուսումնասիրութիւններ եւ օժանդակ գրականութիւն, եթէ չհաշուենք քանի մը մասնակի բացառութիւններ:

​Օսմանեան կայսրութեան լուսանկարչութեան պատմութեան մասնագէտ թրքուհի մը Էնկին Էօզէնտէս անունով, իր "Photography in the Ottoman Empire 1839-1923" [1] խորագրով կոթողային հատորին մէջ ի միջի այլոց տուած է ցուցակը Այնթապի լուսանկարիչներուն եւ յիշած է եօթը անուններ, եօթն ալ հայեր, որոնցմէ չորսը առնուած են Գէորգ Ա. Սարաֆեանի Այնթապի պատմութեան նուիրուած հատորէն, որուն մասին պիտի խօսինք քանի մը տող վար, իսկ հինգերորդը՝ Յարութիւն Մարտիկեանն է, որ մօտաւորապէս 1890-1892 գործած է Դամասկոսի, իսկ 1894-1913՝ Երուսաղէմի մէջ, եւ կը կարծենք որ անոր Այնթապի մէջ գործած ըլլալու փաստը արդիւնք է թիւրիմացութեան։ Նոյն ձեւի թիւրիմացութեան արդիւնք է նաեւ Գրիգոր Մ. Մսրլեանի (1853-1932) անուան յիշատակումը, որ 1880-էն մինչեւ մահ գործած է բացառաբար Հալէպի մէջ ու Այնթապ գտնուած ըլլալուն մասին որեւէ վկայութիւն գոյութիւն չունի մեզի ծանօթ գրականութեան մէջ։ Եւ վերջապէս Էօզէնտէսի յիշած Այնթապի եօթներորդ լուսանկարիչին մասին խօսած ենք առանձինն, մեր յօդուածի վերջին բաժինով։

Մեր տրամադրութեան տակ ունինք 2007-ին Այնթապի քաղաքապետարանին կողմէ կազմակերպուած «Հին Կազիանթէպի լուսանկարներու ցուցահանդէս» խորագիրով լուսանկարչական ցուցահանդէսին առիթով հրատարակուած ալպոմ մը, ուր տպուած են Այնթապի 70 հին լուսանկարներ, մեծամասնութեամբ 1920-ական թուականներէն մինչեւ 1950-ականները երկարող: Հոն եւս մինչեւ 1920 թուական գործած ո՛չ մէկ հայ կամ օտար լուսանկարիչի անուն յիշատակուած է [2]:

Հայ լուսանկարչութեան պատմութեան ուսումնասիրութեան ուղղութեամբ ողջունելի գործ մըն է հայրենի լուսանկարիչ Վահան Քոչարի «Հայ լուսանկարիչներ» կոթողային աշխատասիրութիւնը, ուր առանձին-առանձին տրուած են կեսնագրականները աշխարհով մէկ գործած հին ու նոր բազմահարիւր հայ լուսանկարիչներու, շատ յաճախ ճոխացուած անոնց գործերէն օրինակներով: Թէեւ յիշեալ հատորը հայ լուսանկարչութեան պատմութեան մասին ցարդ հրատարակուած ամէնէն ամբողջական գործն է, բայց ան ժլատ է Օսմանեան կայսրութեան մէջ գործած հայ լուսանկարիչներու եւ ընդհանրապէս՝ արեւմտահայ հին լուսանկարիչներու մասին տրուած տեղեկութիւններով: Ամբողջ Կիլիկիայէն հոն յիշատակուած է լուսանկարչական գրքոյկի մը հեղինակ հաճընցի Յակոբ Թէրզեանի անունը միայն, իսկ Այնթապէն կրկին ո՛չ մէկ լուսանկարիչի յիշատակութիւն [3]:

Այնթապի հայ լուսանկարիչներուն մասին գլխաւոր աղբիւրները կը մնան Գէորգ Ա. Սարաֆեանի աշխատասիրած ու խմբագրած «Պատմութիւն Անթէպի հայոց» երկհատորեակը [4], ինչպէս նաեւ 1960-էն ի վեր Առլինգթոնի (Մասաչուսէց, Միացեալ Նահանգներ) ապա Պէյրութի մէջ հրատարակուած ու ցարդ շարունակուող «Հայ Անթէպ» (44-րդ թիւէն (1971)՝ «Նոր Այնթապ») [5]  հանդէսի զանազան թիւերը, մանաւանդ անոր այն համարները, որոնք խմբագրուած են Գրիգոր Պողարեանի կողմէ, ուր տպուած են նաեւ անուղղակիօրէն այս թեմային շուրջ գրած անոր կարգ մը յօդուածները։ Այնթապի հայ լուսանկարչութեան պատմութեան մասին տեղեկութիւններ կան նաեւ քաղաքի անցեալին եւ տեղւոյն հայութեան ինքնապաշտպանական մարտերուն նուիրուած գիրքերուն եւ քանի մը վերապրողներու յուշագրական հատորներուն մէջ։

Այս մասին տեղեկութիւններ կան նաեւ Տիքինսոն Ճէնքինս Միլլըրի (Dickinson Jenkins Miller) "Armenians and the growth of photography in the Near East (1856-1981)" խորագիրով թեկնածուական աւարտաճառին մէջ, ներկայացուած՝ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին, բայց անոր տեղեկութիւնները ամբողջութեամբ վերցուած են Սարաֆեանի վերոնշեալ հատորէն։

Ըստ վիճակագրութեան մը, Այնթապի ամերիկեան Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճը իր գործունէութեան ողջ ընթացքին, 1880 թուականի առաջին շրջանաւարտներէն մինչեւ գոլէճին փակումը, տուած է 424 շրջանաւարտներ, որուն մօտաւորապէս 2.5 տոկոսը աւելի ետք պարապած է լուսանկարչութեամբ եւ լուսափորագրութեամբ, այսինքն՝ Գոլէճը տուած է մօտաւորապէս 10-11 շրջանաւարտներ, որոնք ընդգրկած են լուսանկարչութեան ասպարէզը [6]: Անոնց մէջ հաւասարապէս կան ե՛ւ բնիկ այնթապցիներ, եւ այլ շրջաններէ Այնթապ ուսման համար եկած ուսանողներ ինչպէս պիտի տեսնենք աւելի վար:

Այնթապի հայ լուսանկարիչները

Այժմ առանձինն ներկայացնենք Այնթապի մէջ գործած իւրաքանչիւր հայ լուսանկարիչ, հիմք ընդունելով անոնց գործունէութեան ժամանակագրական կարգը:

Աւելցնենք, որ հոս ներկայացուած ցուցակը ամբողջական չի կրնար ըլլալ: Վստահ ենք, որ եղած պիտի ըլլան ուրիշ լուսանկարիչներ եւս, որոնց գործերը կա՛մ չեն պահպանուած եւ կամ տակաւին անմատչելի կը մնան մեզի: Ըսենք նաեւ, որ լուսանկարչատան մը մէջ, լուսանկարիչ վարպետի կողքին, յաճախ աշխատած են մէկ կամ մէկէ աւելի աշակերտներ, այնպէս որ Այնթապի մէջ լուսանկարչութեամբ պարապած հայերու թիւը շատ աւելին պէտք է ըլլայ, քան հոս ներկայացուածը:

Այնթապի հայ լուսանկարիչներուն մասին մեր տալիք ծանօթութիւններէն շատերը կրնան ոչ այնքան կարեւոր տեղեկութիւններ թուիլ անձի մը կենսագրութեան համար, բայց ստիպուած ենք այդպէս վարուելու, որովհետեւ այդ մարդոց մասին կեսնագրական ամբողջական տուեալներ կը պակսին մեզի, եւ մենք իրենց մասին ստիպողաբար տուած ենք այն բոլորը՝ ինչ հասանելի եղած են մեզի:

Քանի մը այնթապցի լուսանկարիչներ, որոնք գործած են հարեւան Հալէպի կամ այլ քաղաքներու մէջ, կը դժուարանանք ըսելու թէ Անյթապի մէջ եւս լուսանկարչութեամբ զբաղա՞ծ են թէ ոչ, բայց եւ այնպէս յիշած ենք զանոնք, պարզապէս Միջին արեւելքի մէջ Օսմանեան տիրապետութեան շրջանին լուսանկարչութեան արուեստին այնթապցիներու բերած նպաստին պատկերը ամբողջացնելու համար: Բացառուած չէ, որ անոնք իսկապէս Այնթապի մէջ ալ զբաղած ըլլան լուսանկարչութեամբ, եւ պարզապէս տուեալներն են, որ կը պակսին այս մասին:

1. Յովհաննէս Յարութիւնի Հալլաճեան-Յովհաննէսեան

Հալլաճեան ընտանիքը պատկանած է Այնթապի հայ աւետարանական համայնքին: Պետական տոմարներու եւ հայկական կարգ մը աղբիւրներու մէջ յիշուած է նաեւ «Յովհաննէսեան» մականունով, որ ըստ երեւոյթին եղած է ընտանիքին առաջին մականունը եւ յետոյ է որ վերածուած է «Հալլաճեան»ի [7]:

Լուսանկարիչ Յովհաննէս Հալլաճեան երէց որդին էր վերապատուելի Յարութիւն Հալլաճեան-Յովհաննէսեանի: Վերապատուելին Այնթապի մէջ հիմնած ու երկար տարիներ պահած է որբանոց-արհեստանոց մը, որ ճանչցուած է «Հալլաճեան Որբանոց-Արհեստանոց» անունով: Մայրը կը կոչուէր Լուսիա Մամեան-Յարութիւնեան:

Յովհաննէս ծնած է Այնթապ, 28 Ապրիլ 1867-ին: 1877-ին աւարտած է տեղւոյն Աստուածատուր Խալֆայի դպրոցը, որմէ ետք ընտանեօք ուխտի գացած են Երուսաղէմ: Նոյն թուականին ան մեկնած է նաեւ Պէյրութ եւ յաճախ գտնուած է այնտեղ. վերջին անգամ 1912-ին [8]:

1883-1884 թուականներուն Պոլսոյ մէջ լուսանկարչութիւն սորված է ‎ֆրանսացի նշանաւոր վարպետէ մը, ապա՝ վերադառնալով ծննդավայր, 1884-1894 թուականներուն, 10 տարի զբաղած է լուսանկարչութեամբ, ամբողջ այդ տասնամեակին ըլլալով քաղաքի միակ լուսանկարիչը. «Այնթապի մէջ լուսանկարչութեան գեղարուեստը գրեթէ առաջին անգամ ըլլալով սկսած էր 1884 թուականին…», ինչպէս կը վկայէ նոյն Հալլաճեան ընտանիքէն Վեր. Ա. Հալլաճեան, Այնթապի լուսանկարչութեան մասին գրած իր ամփոփ տեղեկատուութեան մէջ [9]:

1) Պապիկեան ընտանիք, Այնթապ, 1893:
Ձախի մանուկը՝ Երանիկ Պապիկեան, աւելի ետք լուսանկարիչ Միհրան Հալլաճեանի կինը: Անոր ետին ոտքի կանգնած աղջիկը՝ Մաքրուհի Պապիկեան, նստած կինը՝ Եղիսաբէթ Պապիկեան, իսկ աջակողմի աղջիկը՝ Էլիզա Պապիկեան (ապա՝ Սիւլահեան):
Լուսանկարը՝ Յովհաննէս Հալլաճեանի (Աղբիւր՝ Միհրան Մինասեան հաւաքածոյ)։

2) Անծանօթ այնթապցի ամոլ, 1880-ականներ կամ 1890-ականներ։ Կինը ձեռքին բռնած է կլկլակ մը։  Լուսանկարը՝ Յովհաննէս Հալլաճեանի (Աղբիւր՝ Միհրան Մինասեան հաւաքածոյ)։

Յովհաննէս Հալլաճեան եղած է հմուտ լեզուագէտ. ինքնաշխատութեամբ տիրապետած է բազմաթիւ լեզուներու եւ կարողացած է կարդալ, գրել ու խօսիլ՝ հայերէն, թրքերէն, արաբերէն, պարսկերէն, անգլերէն, ‎ֆրանսերէն, գերմաներէն, յունարէն, իտալերէն եւ ռուսերէն: Եղած է լուսանկարչութեան սիրահար մը եւ շնորհիւ օտար լեզուներու իր ծանօթութեան՝ զարգացուցած է իր լուսանկարչական գիտելիքները, կարդալով Եւրոպայէն հասած բազմաթիւ թերթեր ու գիրքեր եւ իրազեկ դարձած է լուսանկարչութեան վերաբերող վերջին գիւտերուն, իւրացնելով ամէն կարգի նորութիւն: Անգլիայէն պարբերաբար ձեռք ձգած է լուսանկարչական բազմատեսակ նոր սարքեր [10]:

Ան Այնթապի մէջ լուսանկարչութեամբ պարապած է մինչեւ 1894, երբ նոյն տարին մեկնած է Ատանայի եւ Մերսինի կողմերը եւ 1895-ին հասած է Հալէպ [11]:

Քանի մը տարի ետք, 1898-ին, Այնթապի մէջ, որպէս լուսանկարիչ զինք փոխարինած է իր կրտսեր եղբայրը՝ Միհրանը, որ աշակերտած էր իրեն [12]:

1890-ականերուն, որպէս լուսանկարիչ, Յովհաննէս յաճախ այցելած է Մարաշ [13], որովհետեւ ըստ երեւոյթին, Մարաշի մէջ այդ թուականներուն լուսանկարիչ չէ գտնուած: 1893-ին Մարաշի մէջ քաշած իր լուսանկարներէն մէկը տպագրուած է Վեր. Համբարձում Յ. Աշճեանի յուշերու հատորին մէջ [14]:

Թէ ինչպէ՞ս փրկուած է Հայոց ցեղասպանութենէն եւ ո՞ւր անցուցած է 1915-1918 տարիները՝ անծանօթ կը մնայ մեզի: Կողմնակի աղբիւրէ մը գիտենք միայն, որ Կիլիկիոյ հայաթափումով եւ Այնթապի պարպումով Հալլաճաններ ապաստանած են Հալէպ, ինչպէս հազարաւոր այլ հայրենակիցներ [15], եւ հոնկէ է որ աւելի ետք անցած պիտի ըլլան արտասահման:

Յովհաննէս Հալլաճեան ողջ էր 1949 թուականին եւ կ’ապրէր Լոնտոն: Ան Լոնտոնէն հարազատի մը գրուած ինքնակենսագրական բնոյթի իր մէկ նամակը փակած է հետեւեալ տողերով. «…Սա ասեմ այժմ միայն, թէ ո՛չ երբեք երեւակայեցաք գալ եւ մնալ յայս երկիր այսքա՛ն երկար ժամանակ իբրեւ աքսորեալ եւ պատերազմի դժոխային փոթորիկէն՝ Աստուծոյ շնորհիւ ազատիլ ողջ եւ առողջ: Երկար ժամանակէ ի վեր մեր լուսանկարներ առած չեմ, թէեւ լաւ գործիք ունիմ բայց ո՛չ յարմար տեղ մեր տուն եւ ո՛չ ալ սիրտ…» [16]:

Ուրեմն ան Լոնտոնի մէջ եւս ունեցած է լուսանկարչական մեքենայ, բայց հոն նոյն գործով պարապելու կամ չպարապելու մասին որեւէ տեղեկութիւն ծանօթ չէ մեզի: Կրնանք ենթադրել, որ Լոնտոն հասած առաջին շրջանին պարապած է լուսանկարչութեամբ, բայց 1949-ին, յառաջացած տարիքին բերումով, արդէն քաշուած էր գործէ:

Լուսանկարիչներ՝ Յովհանէս, Միհրան եւ Ճէյմս Հալլաճեաններու հայրը՝ պատուելի Յարութիւն Հալլաճեան ծնած է Այնթապ, 1841 թուականին: Հազիւ 20 տարեկան՝ սպաննուած է հայրը: Քանի մը տարի ուսանած է Մարաշի Աստուածաբանական ճեմարանին մէջ, ապա մեկնած է Միացեալ Նահանգներ եւ ուսումը շարունակած Օպէրլինի համալսարանին մէջ (Օհայօ): Շրջանաւարտ եղած է 1875-ին, որմէ ետք անցած է Անգլիա, յետոյ՝ վերադարձած Այնթապ եւ 1876-ին հիմնած իր անունը կրող նշանաւոր «Հալլաճեան Որբանոց-Արհեստանոց»ը:

Պատուելի Հալլաճեան 1880-ին մեկնած է Անգլիա եւ Սկովտիա՝ իր որբանոցին համար նուիրահաւաք կատարելու: Հոն մնացած է մինչեւ 1884, որմէ ետք Այնթապ վերադառնալով՝ 1886-ին, նոյն նպատակով կրկին մեկնած է Անգլիա: Իր զոյգ ուղեւորութիւններուն ընթացքին, որպէս որբանոցի «փաստացի ապացոյց»ներ, իր հետ տարած է քանի մը որբեր, որպէսզի օտարներ զանոնք տեսնելով խանդավառուին եւ նուիրատուութիւններ կատարեն: Հալլաճեան կարգադրած է նաեւ, որ իր հետ Անգլիա տարած որբերը հոն հետեւին արհեստներու (ատամնաբուժութիւն, կաշեգործութիւն եւ խոզանակութիւն), որպէսզի Այնթապ վերադառնալէ ետք՝ գործեն այդ արհեստներով:

Հաւանական է, որ Յովհաննէս այս այցելութիւններէն առաջինին շրջան մը ընկերակցած ըլլայ իր պատուելի հօրը եւ Լոնտոնի մէջ կատարելագործած ըլլայ լուսանկարչական իր հմտութիւնը, մանաւանդ որ ան 1884-ին լուսանկարչութիւն սորվելու համար գտնուած է Պոլիս իսկ Այնթապի իր լուսանկարչատունը հիմնած է նոյն թուականին, այսինքն այն տարին, երբ իր հայրը Լոնտոնէն վերադարձած է Այնթապ:

Պատուելի Հալլաճեան ամբողջ 28 տարի միայնակ վարելէ ետք որբանոցի աշխատանքները, 1904-ին յանձնած է զայն Այնթապի 3 հայ աւետարանական եկեղեցիներուն ու մեկուսացած է գործէն: Մահացած է Այնթապ, 1914-ին [17]:

2. Յ. Յ. Յովհաննէս

Լուսանկարներու մեր անձնական հաւաքածոյին մէջ ունինք փոքր ծաւալի հին լուսանկար մը, որուն առաջին երեսի խաւաքարտին վրայ կայ լուսանկարիչին տպագիր անունը՝ "Phot. H. Hovhanness", իսկ կռնակին՝ տպագիրով եռալեզու "PHOT. H. HOVHANNES AINTAB TURKEY. Լուս. Յ. Յ. Այնթապ فطوغرافجى ح.اوحانس عينتاب" գրութիւնը:

Բարեկամի մը մօտ տեսած ենք նաեւ ճիշդ նո՛յն խաւաքարտին վրայ փակցուած այլ լուսանկար մը, որուն վրայ ձեռագիրով աւելցուած է թուականը՝ 1886-1887:

Առկայ է նաեւ նոյն խաւաքարտով այլ լուսանկար մը, քաշուած՝ 1887-ին [18]:

Մեզի անծանօթ է Այնթապի մէջ գործած «Յ. Յովհաննէս» անունով լուսանկարիչ մը: Այնթապի անցեալին նուիրուած հարուստ գրականութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի լուսանկարչութեան պատմութեան նուիրուած գրականութեան մէջ այդպիսի անձնաւորութեան մը մասին որեւէ յիշատակութեան չենք հանդիպած:

Կը տարուինք ենթադրելու, որ «Յ. Յովհաննէս»ը նոյնինքն վերեւ յիշատակուած լուսանկարիչ Յովհաննէս Հալլաճեան-Յովհաննէսեանն է, որուն անունը հոս թերեւս տրուած է իր կրճատ ձեւով՝ «Յ[ովհաննէսեան] Յովհաննէս»: Գիտենք արդէն, որ Յովհաննէս Յովհաննէսեանը, ըստ Այնթապի պատմագիրքի յստակ բնորոշումին, 1884-1894 տարիներուն «եղած է միակ լուսանկարիչ ամբողջ տասը տարի» [19]:

Մեր ենթադրութեան հիմք կու տայ նաեւ այն, որ առկայ երեք լուսանկարներուն թուականները (1886-1887) կը համընկնին Այնթապի մէջ յիշեալի գործունէութեան տարիներուն (1884-1894):

Այս պարագային կը ծագի այլ հարց մը. Յովհաննէս Հալլաճեան-Յովհաննէսեան երբ ունեցած է իր անունով տպագրուած գեղեցիկ խաւաքարտեայ շրջանակ մը, ապա ինչո՞ւ պիտի պատրաստէր նաեւ այս մէկը: Հաւանաբար մէկը յաջորդած է միւսին եւ «Յովհաննէսեան» մականունէն հրաժարելէ ետք, հրաժարած է նաեւ այդ շրջանակներէն ու պատրաստած է նորը, միայն «Հալլաճեան» մակագրութեամբ:

Անծանօթ այնթապցի հայ, 1880-ականներ կամ 1890-ականներ, լուսանկարը՝ Յ. Յ. Յովհաննէսի (Աղբիւր՝ Միհրան Մինասեան հաւաքածոյ)։

3. Միհրան Յարութիւն Հալլաճեան-Յովհաննէսեան

Այնթապի նշանաւոր լուսանկարիչներէն մէկը: Աշակերտած է իր լուսանկարիչ երէց եղբօր՝ Յովհաննէսի, սակայն չբաւարարուելով՝ մեկնած է Անգլիա, լուսանկարչական իր գիտելիքները կատարելագործելու: Այնթապ վերադարձած է 1898-ին եւ ստանձնած եղբօր լուսանկարչատունը, զոր մնացած էր թափուր՝ եղբօրը քաղաքէն մեկնելուն պատճառաւ 1894-ին:

Մեզի համար մեծ ուրախութիւն եղաւ, երբ 30 Յուլիս 1994-ին Հալէպի մէջ ծանօթացանք Միհրան Հալլաճեանի աներձագին՝ հալէպահայ ծանօթ բժիշկ Վահրամ Պապիկեանին, իր Միացեալ Նահանգներ գաղթելու նախօրեակին, եւ որոշ տեղեկութիւններ քաղեցինք անկէ իր քրոջ ամուսնոյն մասին: Աւելի ետք, 2000 թուականի Օգոստոս 3-ին, նամակով մը կրկին դիմեցինք յարգելի բժիշկին՝ Միհրան Հալլաճեանի եւ եղբօրը Յովհաննէսի մասին կենսագրական յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու խնդրանքով: Բժիշկը, իր կարգին, 13 Սեպտեմբեր 2000 թուակիր նամակով, յղուած՝ հալէպահայ հանգուցեալ պրն. Վարդան Թէմուրեանին, պատասխանած էր մեր կարգ մը հարցումներուն եւ խնդրած էր անկէ, զանոնք փոխանցել մեզի:

Ուրեմն՝ բժիշկ Վահրամ Պապիկեանէն Միհրան Հալլաճեանի մասին, երկու անգամով քաղած ենք հետեւեալ տեղեկութիւնները.

Միհրան Հալլաճեան ծնած է Այնթապ, 1880-ին: Ունեցած է քանի մը եղբայր, որոնցմէ Յովհաննէսը եղած է լուսանկարիչ: Շրջան մը ապրած է Անգլիա: Եղբայրը՝ Սամուէլը, եղած է պատուելի եւ հաստատուած՝ Միացեալ Նահանգներ, իսկ երրորդ եղբայրը կոչուած է Ճէյմս: Այնթապի մէջ իր բնակարանն ու խանութը գտնուած են կողք կողքի, Թէփէ Պաշի թաղի մերձաւորութեամբ, Հայիկ Պապա թաղին մէջ, Ամերիկեան հիւանդանոցին մօտակայքը: Լուսանկարչատունը տան հետ բաղդատած՝ եղած է փոքր, իսկ տունը՝ բաւական ընդարձակ եւ ունեցած է իր բակը:

Միհրան ամուսնացած է Այնթապի հայ աւետարանական համայնքէն Երանիկ Պապիկեանի հետ, ծնած՝ Այնթապ, 1891-ին:

Ունեցած են երեք զաւակ՝ Երուանդ-Էտի, Բիւզանդ-Ռէյ եւ Հերմինէ, որ ծնած է հօրը մահէն ետք: Երեք զաւակներն ալ Միացեալ Նահանգներու մէջ ամուսնացած են ոչ հայերու հետ եւ ողջ էին 1994 թուականին, իսկ անոնց մայրը՝ Երանիկը մահացած էր 1982-ին:

Միհրան մահացած է Այնթապ, 1920-ին, ին‎ֆլուենզիա հիւանդութեամբ վարակուելէ հինգ օր ետք: Իր մահէն վերջ կինն ու երկու զաւակները Միացեալ Նահանգներ գտնուող իր եղբօր՝ պատուելի Սամուէլի ջանքերով 1921 թ.ին գաղթած են Ամերիկա: Մեծ տղան այդ թուականին եղած է 9-10 տարեկան: Ան ողջ էր 2000 թուականին ու կ’ապրէր Միացեալ Նահանգներ: Ամերիկա կը գտնուէր նաեւ աղջկան աղջիկը:

Իր լուսանկարչատան բոլոր ապակիները (նեկաթիֆները) մնացած են Այնթապ ու հոն փճացուած» [20]:

Մեր տրամադրութեան տակ ունինք Միհրան Հալլաճեանի լուսանկարչատան զոյգ կալուածաթուղթերը, որոնցմէ առաջինը տրուած է օսմանեան մալի տոմարով Օգոստոս 1321-ին (14 Օգոստոս-13 Սեպտեմբեր 1905), իսկ երկրորդը՝ իսլամական հիճրի տոմարով 29 Սա‎ֆար 1324-ին (24 Ապրիլ 1906), որոնցմէ կը պարզուի, որ Միհրան Հալլաճեանի խանութը գտնուած է Այնթապի Հայիկ Պապա (Հէյիկ) թաղին մէջ: Խանութին արժէքը գնահատուած է 2000 ղրուշ՝ 20 օսմ. ոսկի: Նախորդ սեփականատէրը եղած է Արթին (Յարութիւն) Յովհաննէսեանը (Հալլաճեան, իր հայրը), որմէ անցած է Միհրան Յովհաննէսեանին (Հալլաճեան):

Հայր եւ որդի եղած են օսմանահպատակներ: Խանութը եզերած են աջէն՝ Բանուկի որդի Գաբրիէլի եւ պոյաճի (ներկարար) Մուրատի խանութները, ձախէն՝ կօշկակար Յակոբի որդի Սարգիսի խանութը (երկրորդ կալուածաթուղթին մէջ՝ Յակոբի որդի Յովհաննէսի), ետեւէն՝ Ետիկեան Գէորգի խանութը, իսկ առջեւէն մայր ճանապարհը:

Ըստ 1906 թուականի կալուածաթուղթին, Միհրան Յովհաննէսեանի (Հալլաճեանի) խանութին տարածութիւնը 1.5 հին տոնիւմ էր, 13 աուլըք եւ 78 նոր արշին: Յիշեալ չափերէն իւրաքանչիւրը կը համապատասխանէր 1350 քառակուսի մեթրի:

Միհրան Հալլաճեան եղած է զարգացած, եռանդուն եւ խիստ բարեպաշտ անձնաւորութիւն մը: Հակառակ հայ աւետարանական համայնքին պատկանելուն եւ պատուելիի զաւակ ըլլալուն, հայ աւետարանական եկեղեցիներուն մէջ քարոզելու կողքին, քարոզած է նաեւ հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ եւ եղած է գործօն անդամներէն՝ Հայ Եկեղեցւոյ Քրիստոսասիրաց ընկերութեան եւ անոր հիմնադրութեան առաջին օրէն իսկ, 1896 թուականէն, միացած է անոր ու սատարած անոր յառաջդիմութեան ու բարեկեցութեան, յաճախ նիւթապէս օգտակար դառնալով անոր: 

Ան «Քրիստոսասիրաց»ի այն անադամներէն է, որ տասնեակ մը ուրիշ երիտասարդներու նման ձգելով իրենց գործը, դիմած են տարբեր գոլէճներ ու համալսարաններ եւ ընթացաւարտ ըլլալէ ետք՝ վերադարձած են Այնթապ, կրկին աւետարանիչներ ըլլալու [21]:

Այնթապի Քրիստոսասիրաց ընկերութեան պատմութեան մասին խօսող գրքոյկ մը այսպիսի ջերմ տողեր նուիրած է իր այս բարեպաշտ անդամին. «Տէր Յիսուս անոր սիրտը գրաւեց Քրիստոսասիրացի հոգեւոր ժողովներուն մէջ, ան իր ժպտուն դէմքով եւ առատաձեռնութեամբ ճշմարիտ հետեւողը եղաւ Բարի Սամարացիին: Այնթապէն մինչեւ Եդեսիա, հազարաւոր ազգայիններ անոր բերնէն լսեցին Աւետարանի պատգամը» [22]:

Վերեւի տողերէն կ’իմանանք, որ ան եղած է նաեւ քարոզիչ Այնթապի եւ Ուրֆա/Եդեսիոյ մէջ:

Քրիստոսասիրաց Ընկերութեան ժողովներուն իր ըրած քարոզները միշտ խոր տպաւորութիւն ձգած են ներկաներուն վրայ [23]: Անդամակցած է նաեւ Այնթապի Կրթասիրաց ընկերութեան:

Միհրան Հալլաճեան եղած է Այնթապի Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճի պաշտօնական լուսանկարիչը [24], հետեւաբար անոր շրջանաւարտներու տարեկան բոլոր անստորագիր խմբանկարները ի՛ր գործը եղած պիտի ըլլան:

Չենք գիտեր, թէ ան ինչպէ՞ս փրկուած է Հայոց ցեղասպանութենէն եւ ո՞ւր անցուցած է 1915-1918 տարիները: Գիտենք միայն, որ ան 1915-ին ձերբակալուած էր կառավարութեան կողմէ: Այդ մասին ունինք բանտակիցի մը՝ կրթական գործիչ Սարգիս Պալապանեանի (Պալապան Խոճա) վկայութիւնը. «[Այնթապի մէջ 1915-ին] Երբ զիս բանտի մութ խուցէն ներս հրեցին ու դուռը ետեւէս կղպեցին, ինձմէ առաջ հոն բերուած գտայ … Միհրան Հալլաճեանը …» [25]: Այսքան միայն, առանց յաջորդ դէպքերու նկարագրութեան: Իր հարազատներէն Վեր. Ա. Հալլաճեան, իրեն համար ըսած է, թէ «Ան ալ Այնթապի ամէնէն նշանաւոր, եթէ ոչ միակ վարպետ, լուսանկարիչն էր գրեթէ 20 տարի, 1898-1918» [26]: Տարիներու այս շարունակականութենէն արդեօ՞ք պէտք է ենթադրել, որ ան 1915-1918 թուականները անցուցած է Այնթապի մէջ, ըլլալով բախտաւոր արհեստաւոր մը, որուն կարիքը ունեցած է կառավարութիւնը եւ այլ սակաւաթիւ բախտաւորներու նման՝ զերծ պահած է զայն աքսորէ:

4. Ճէյմս Յարութիւնի Հալլաճեան-Յովհաննէսեան

Յովհաննէս եւ Միհրան Հալլաճեան եղբայրները ունեցած են այլ եղբայր մը եւս՝ Ճէյմսը, որ լուսանկարչութեամբ պարապած է Մերսինի, Հայֆայի եւ Դամասկոսի ու շրջակայքի տարածքներուն վրայ, հասնելով մինչեւ Յորդանան ու աւելի հարաւ՝ այսօրուայ Սէուտական Արաբիոյ հիւսիսային շրջանները:

Վերեւ յիշեցինք, որ Յովհաննէս Հալլաճեան շրջան մը լուսանկարչութեամբ զբաղած է Մերսինի մէջ, երեւի Ճէյմս աւելի ետք միացած է իրեն կամ փոխարինած է զինք:

Մեր տրամադրութեան տակ ունինք հաւանաբար 20-րդ դարասկզբին Մերսինի մէջ Ճէյմսի քաշած մէկ լուսանկարը, որուն խաւաքարտին վրայ տպուած է անունը՝ "J. H. Halladjian MERSINE Asia Minor" ձեւով:

Ճէյմս եղած է Հիճազի (Արաբիոյ) շոգեկառքի գիծի շինարարական աշխատանքները լուսանկարող ու փաստագրող քանի մը լուսանկարիչներէն մէկը: Ան այս աշխատանքին լծուած է հաւանաբար կառավարութեան կամ շոգեկառքի ընկերութեան հրաւէրով: Պահպանուած են 1908-ի գիծի կայարաններու եւ յարակից տեսարաններու իր քաշած լուսանկարները՝ Դամասկոսի, Դապուքի (Դամասկոսէն 692 քլմ. հարաւ, այժմ՝ Սէուտական Արաբիա) ու աւելի հարաւ՝ Մատաէն Սալէհի եւ Ալ Ախտարի մէջ:

5. Գասպար Խոճա Փիլաւճեան-Գըզարեան

Այնթապի նշանաւոր Գասպար Խոճան է, հայրը՝ երջանկայիշատակ Շահէ Արք. Գասպարեանի (1882-1935):

Ծնած է Այնթապ: Ծննդեան համար երեք տարբեր աղբիւրներ տուած են երեք տարբեր թուականներ՝ 1845, 1850 եւ 1855: Մեզի առաւել տրամաբանական կը թուի առաջինը, որովհետեւ յիշուած է, որ ան 1866-ին ուսուցչական պաշտօն վարած է ծննդավայրին մէջ եւ դժուար թէ 11 (կամ 16) տարեկան պատանի մը ատակ ըլլար այդ մէկուն:

Կ’ենթադրուի, որ աշակերտած է Աբրահամ եւ Մուրատ Մուրատեան վարժապետներուն:

Եղած է հմուտ շարականագէտ եւ ամբողջ կէս դար ծառայած է երաժշտութեան եւ հայ եկեղեցւոյ՝ որպէս տեղւոյն Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրապետ եւ երաժշտութեան ուսուցիչ: Հայկական ձայնագրութիւն եւ երգեհոն նուագել սորված է մարաշցի Պօղոս վարժապետ Քիւրքճեանէն եւ պոլսեցի Յակոբ վարժապետէն:

1892-ին նախաձեռնած ու հիմնած է Այնթապի հայոց Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասը եւ տարիներու ընթացքին հասցուցած է բազմաթիւ դպրապետ-ուսուցիչներ: 1880-ականներուն, տարի մը դպրապետի պաշտօն վարած է Ատանայի մէջ [27]: Տուած է երգեհոնի եւ ջութակի մասնաւոր դասեր տեղւոյն հայերուն եւ թուրքերուն: Գասպար Խոճա ի՛նք յօրինած է Այնթապի Վարդանեան վարժարանի «Տէր Զօրութեանց»ը, «Ահա՛ Աստղն Վարդանեան»ը, Ադենական վարժարանի «Յառա՛ջ Սանունք» մաղթերգները, ինչպէս նաեւ «Տէր Ողորմիայ»ի զանազան եղանակներ, որոնք երգուած են միա՛յն Այնթապի մէջ [28]: Կատարած է նաեւ երաժշտական յօրինումը քանի մը տասնեակ բանաստեղծութիւններու, մեծ մասամբ այնթապցի բանաստեղծ Արմենակ Նազարէթեանի (Ա. Նազար) գործերէն, ինչպէս օրինակ՝ «Երգ Առ Վարդանեանք»ը, եւ այլն:

Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն ընտանեօք ապաստանած են Պէրէճիկ, ուր աշխատած է տեղւոյն նաւաշինարանին մէջ եւ փրկուած անապատի աքսորէն: 1919-ին վերադարձած է Այնթապ՝ յաջորդ տարի անցնելու համար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր եւս շրջան մը վարած է դպրապետի պաշտօն:

1919-ին հրաւէր ստացած է Եգիպտոսի հայոց առաջնորդ Թորգոմ Եպսկ. Գուշակեանէն մեկնելու Գահիրէ եւ ծառայելու տեղւոյն եկեղեցիին, բայց մերժած է առաջարկը:

Գասպար Խոճա բազմաշնորհ անձ էր. Այնթապի մէջ զբաղած է նաեւ լուսանկարչութեամբ: Այնթապի Յուշամատեանը հաստատած է, որ «իր երաժշտական արուեստէն զատ, լուսանկարչութեամբ ալ կը զբաղէր» [29]:

Մահացած է Միացեալ Նահանգներ, 24 Նոյեմբեր 1936-ին [30]:

6. Զօրաբաբէլ Գրիգորի Տօնաթոսեան

Ծանօթ լուսանկարիչ, որ կը համարուի իր ժամանակի լաւագոյն լուսանկարիչներէն մէկը եւ 20-րդ դարու սահմանագծին գործած Պաղտատի լաւագոյն լուսանկարիչը։

Տօնաթոսեան, որպէս լուսանկարիչ, մինչեւ իր վերջնականապէս Պաղտատ հաստատուիլը տարբեր ժամանակներով գտնուած ու գործած է քանի մը քաղաքներու մէջ՝ Այնթապ, Էրզրում/Կարին, Պոլիս, Պասրա, Պաղտատ ու թերեւս նաեւ Արաբկիր, Իզմիթ/Նիկոմիդիա եւ այլ քաղաքներ։

2005-ին, իր կենսագրական տուեալները ունենալու խնդրանքով, դիմեցինք Պաղտատի հայոց առաջնորդարանի դիւանապետ հանգուցեալ Պր. Պարոյր Օրջանեանին, որ առաջնորդարանի դիւաններէն ընդօրինակելով՝ մեզի ուղարկեց Տօնաթոսեանի մասին կենսագրական հակիրճ տուեալներ, զորս կը ներկայացնենք ստորեւ.

Տօնաթոսեան պատկանած է հայ աւետարանական համայնքին, բայց եւ այնպէս առանձին արձանագրութիւն եւ թուահամար ունեցած է հայ առաքելական համայնքի դիւաններուն մէջ, ուր իր կարգաթիւը եղած է 132, ըստ որուն ան ծնած է Արաբկիր 1870-ին եւ Իրաք գաղթած է 1896-ին։ Արհեստով եղած է լուսանկարիչ։ Ամուսնացած է Իզմիթ (Նիկոմիդիա) 1904-ին, բնիկ իզմիթցի Թագուհի Կարապետ Թագւորեանի հետ (ծնած՝ 1884-ին), եւ նոյն թուականին միասնաբար մեկնած են Պաղտատ։

1915-ին, մօտ 40 այլ հայերու, կաթոլիկներու, հրեաներու եւ տաճիկներու հետ, կառավարութեան կողմէ ձերբակալուելով՝ Պաղտատէն աքսորուած է Մուսուլ, ուր Պաղտատէն անմիջապէս լուր ղրկուած է զիրենք Տերսիմի լեռները ղրկելու եւ առանձին-առանձին գիւղերը բաժնելու։ Բայց Մուսուլի քաղդիացիներու պատրիարքին եւ Սապանջի անունով թուրքի մը միջամտութեամբ անոնք պահուած են տեղւոյն վրայ, ապա նոյն պատրիարքին շնորհիւ  վերադարձուած են Պաղտատ ու մնացած Պատերազմական ատեանի բանտին մէջ, մինչեւ իրենց ազատ արձակումը։ [31]

Ունեցած է մանչ զաւակ մը՝ Լեւոն, որուն կարգաթիւը Պաղտատի հայոց Առաջնորդարանի դիւաններուն մէջ եղած է 260ա։ Լեւոն ամուսնացած է Քրիստինէ Յակոբ Չինարեանի հետ, Պաղտատի հայ աւետարանականներուն մօտ։

Զօրաբաբէլ մահացած է Պաղտատ 1926 թուականին եւ թաղուած է աւետարանականներու կողմէ հայոց գերեզմանատան հարեւանութեամբ գտնուող Անգլիական գերեզմանատան մէջ։

Ինչպէս ըսինք, Տօնաթոսեան գործած է մէկէ աւելի քաղաքներու մէջ, եւ ըստ երեւոյթին՝ միայն Պաղտատ հաստատուելէ ետք է որ իր անունով տպագրուած խաւաքարտ-շրջանակներուն վրայ սկսած է նշանակել գտնուած քաղաքին անունը, որովհետեւ փաստօրէն այլ վայրերու մէջ իր քաշած լուսնակարներու շրջանակներուն վրայ իր անունին կողքին քաղաքի անունի չենք հանդիպիր։ Թերեւս դիմած է այս հնարքին, նկատի ունենալով իր թափառական վիճակը, երբ յաճախակիօրէն կը փոխէր իր գտնուելու վայրը։

Վկայութիւն ունինք այն մասին, որ ինք շրջան մը դասախօսած է Այնթապի Սեմիներիին մէջ, երբ 1882 թուականէն սկսեալ նոյն հաստատութեան մէջ սկսած են դասախօսել տեղւոյն Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճէն շրջանաւարտ զանազան ուսանողներ։ Անոնց շարքին յիշուած է նաեւ Տօնաթոսեանը, բայց իր անունը չկրցանք գտնել Գոլէճի շրջանաւարտներու ցուցակին մէջ [32]։ Հաւանաբար թերաւարտ է։ Մեզի անծանօթ կը մնան Այնթապ գտնուելուն եւ հոն՝ իր ուսումնառութեան, ուսուցչութեան եւ լուսանկարչութեամբ զբաղելուն տարիները եւ այլ մանրամասնութիւններ։ Ծանօթ չէ նաեւ թէ ի՛նչ դասաւանդած է Սեմիներիին մէջ։

1) Եուսու‎ֆ Պապիկեան, 1890-ականներ, Այնթապ, լուսանկարը՝ Զօրաբաբէլ Տօնաթոսեանի։

2) Թուրք բարձրաստիճան զինուոարական, լուսանկարը՝ Զօրաբաբէլ Տօնաթոսեանի, Պաղտատ, 20-րդ դարասկիզբ (Աղբիւր՝ Միհրան Մինասեան հաւաքածոյ)։

Տեսած ենք Տօնաթոսեանի գործ երկու լուսանկարներ, որոնք քաշուած են 1890-ական թուականներուն եւ փակցուած են իր անունը կրող խաւաքարտերու վրայ։ Անոնց տէրերուն հաւաստիացումով, քաշուած են Այնթապի մէջ։ Մեզի ըսուած է նաեւ, որ նկարներուն մէջ երեւցող անձերը երբեք չեն գտնուած Այնթապէն դուրս։

Տօնաթոսեանի կենսագրութեան հետաքրքրական մէկ դրուագն ալ կապուած է Էրզրում/Կարին քաղաքին հետ։

Ծանօթ է, որ Սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ. Օսմանեան կայսրութեան տարբեր անկիւններ գործուղած է վարպետ լուսանկարիչներ՝ տեղւոյն բնանկարներն ու ճարտարապետական կառոյցները լուսանկարելու։ Այդ վարպետներէն մէկը եղած է Զօրաբաբէլ Գ. Տօնաթոսեանը, որ նկարած է Էրզրում/Կարին քաղաքի բազմաթիւ տեսարաններ՝ մզկիթներ, իսլամական դամբարաններ, ապարանքներ, զօրանոցներ, պետական պաշտօնատուներ, շուկաներ, աղբիւրներ, քաղաքի ընդհանուր տեսարաններ, եւ այլն։ Այս լուսանկարները (կամ անոնց մէ՞կ մասը) աւելի ետք տպուած են թրքերէն լեզուով ալպոմի մը մէջ, որ կը կրէ "Gravür ve eskı fotoğraflarla Erzurum"- «Էրզրումը՝ կրաւիւրներով եւ հին լուսանկարներով» վերնագիրը, կազմող՝ Erol Kılıç- Էրօլ Գըլըճ, Աթաթիւրք համալսարանի հրատարակութիւն, Պոլիս, 1998, լուսանկար թիւ 39-84։ Ըստ նոյն հատորին (էջ 17), Տօնաթոսեանի այդ լուսանկարները Կարինէն մեզի հասած հնագոյն լուսանկարներն են։

Յիշեալ ալպոմին մէջ տպուած Տօնաթոսեանին պատկանող քանի մը լուսանկարներ աւելի ետք արտատպուած են Պոլսոյ «Սուրբ Փրկիչ» ամսագրին մէջ [33]։

Մեզի անծանօթ կը մնայ այն հանգամանքը, թէ Տօնաթոսեան Կարնոյ մէջ առանձին լուսանկարչատուն ունեցա՞ծ է, թէ հոն իր գործունէութիւնը սահմանափակուած է միայն Սուլթանին համար կատարուած նկարահանումներով, ու եթէ միայն Սուլթանին համար մեկնած է Կարին եւ լուսանկարներ քաշած, ապա միայն Կարնո՞յ մէջ անոր համար լուսանկարներ քաշած է, թէ նաեւ այլ վայրերու մէջ եւս։

Տօնաթոսեան շրջան մըն ալ գործած է Պոլսոյ մէջ։

1896-ին զինք կը գտնենք Իրաք, ուր նախ գործած է Պասրայի մէջ, ապա՝ վերջնականապէս կայք հաստատած է Պաղտատ, ուր իր լուսանկարչատունը գտնուած է «Խալիլ Փաշա Պողոտայ»ին վրայ, որ աւելի վերջ անուանափոխուելով՝ պիտի կոչուէր «Ռաշիտ պողոտայ»։ 

Տօնաթոսեան համարուած է Իրաքի մէջ հաստատուած առաջին լուսանկարիչը [34]։ Մեզի հասած են Պաղտատի իր գործերէն բազմաթիւ օրինակներ։

Նախկին իրաքահայ եւ այժմ Միացեալ Նահանգներ հաստատուած Պրն. Նազար Օհանեանի ճամբով, 2005-ին, Տօնաթոսեանի թոռէն՝ Լեւոնի որդի Սելլայէն ստացած ենք Տօնաթոսեաններու ընտանեկան քանի մը հետաքրքրական լուսանկարներու պատճէններ, որոնցմէ մէկը կը ներկայացնենք հոս։ Առիթէն օգտուելով Նազարին կը յայտնեմ խորին շնորհակալութիւններս։

7. Յակոբ Ֆ. Մուրատեան

Յակոբ Մուրատեան եղած է Այնթապի ծանօթ լուսանկարիչներէն եւ ազգային գործիչներէն մէկը: Ուսանած է տեղւոյն Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճին մէջ, որմէ շրջանաւարտ եղած է 1892-ին [35], հետեւաբար պիտի ենթադրել, որ ան ծնած է մօտաւորապէս 1872-ին: Ըստ երեւոյթին, Գոլէճէն շրջանաւարտ ըլլալէ կարճ ժամանակ անց բացած է իր լուսանկարչատունը, որովհետեւ մեր տրամադրութեան տակ ունինք իրմէ 1895, 1896 եւ յաջորդող տարիներուն լուսանկարուած քանի մը գործ:

1909-ին պատրաստուած Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճի շրջանաւարտներու ցուցակի մը մէջ յիշուած է, որ Մուրատեան կը գտնուի Պոսթոն, Միացեալ Նահանգներ եւ կը զբաղի լուսանկարչութեամբ [36]:  Անծանօթ կը մնան մեզի Միացեալ Նահանգներ մեկնումի ու վերադարձի թուականները եւ այնտեղի գործունէութեան մանրամասնութիւնները:

Այնթապէն մեզի հասած իր նամակագլուխի գրութենէն կ’իմանանք, որ Մուրատեան ո՛չ միայն բարձր կարգի լուսանկարիչ էր, այլ նաեւ արհեստավարժ եւ սիրողական լուսանկարիչներու լուսանկարչական պիտոյքներ վաճառող:

Ան Այնթապի մէջ, նախքան 1915 թ., ունեցած է ազգային գործունէութիւն, իսկ Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն հասած է Այնթապէն ոչ շատ հեռու, Եփրատի վրայ գտնուող Պէրէճիկ քաղաքը եւ աշխատած տեղւոյն նաւաշինութեան պետական արհեստանոցի ատաղձագործութեան բաժինին մէջ [37]: Ծանօթ է, որ նոյն քաղաքին մէջ պատերազմի ամբողջ տեւողութեան գործած է նաւաշինութեան գործարան մը, որուն տնօրէնը՝ քիւրտ Ճամիլ Քըննէ Պահրին ամուսնացած էր Այնթապի առաջնորդական փոխանորդ Տէր Կարապետ Քհնյ. Կիւլիւզեանի դստեր՝ Տիգրանուհիի հետ: Որպէս հմուտ արհեստաւորներ, ան մեծաթիւ հայ աքսորականներ, մեծամասնութեամբ՝ այնթապցիներ, աշխատանքի առած էր նաւաշինարանէն ներս, եւ այդպիսով անոնք փրկուած էին անապատի աքսորէն:

Պահպանուած է հետաքրքրական փաստաթուղթ մը, երբ Մուրատեանի կինը, 22 Փետր. 1919-ին, Հալէպէն, իր եղբայրներուն՝ Խարաճեաններուն (հաւանաբար Միացեալ Նահանգներ) գրած է հայատառ թրքերէն նամակ մը, ուր շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք Աստուծոյ, որ առիթ ընծայեց իրեն անգամ մը եւս գրելու իր հարազատներուն, պատմած է չորս տարիներու իրենց ոդիսականին մասին. Մուրատեաններու ամերիկեան քաղաքացիութիւն ունենալը պատճառ դարձած է յաւելեալ տառապանքի: Անոնք աքսորուած են Տէր Զօր, հակառակ անոր որ մնացեալ այնթապցիները աքսորուած էին համեմատաբար նուազ վտանգաւոր շրջաններ, ինչպէս՝ Համա եւ Սալամիէ: Մուրատեաններ հասնելով Պէրէճիկ, կրցած են պետական պաշտօնեայի մը շնորհիւ (արդեօ՞ք նաւաշինարանի տնօրէն վերոնշեալ Ճամիլ Քըննէ Պահրին) մնալ տեղւոյն վրայ, ուր ութը ամիս ապրած են գետեզրին, վրաններու տակ, ապա յաջողած են մտնել քաղաք ու երկու տարի ապրիլ հոն: Աշխատած են չարաչար, բայց ոչինչ ստացած են որպէս վարձք: Աւելի՛ն, Յակոբ Մուրատեան իր հետ ունեցած է 150 ոսկի արժողութեամբ լուսանկարչական պիտոյքներ, զորս վատնած է ամբողջութեամբ տեղւոյն զինուորական եւ այլ իշխանաւորները գոհացնելու (կաշառելու) համար: Դէպի Հալէպ փախուստի ճանապարհին, լաւապէս կողոպտուելէ եւ հրաշքով մահէ ազատելէ ետք, հասած են Հալէպ՝ Դամասկոսի ազատագրումէն (12 Հոկտ. 1918) ընդամէնը քանի մը շաբաթ առաջ [38]:

Ուրեմն, Մուրատեան պատերազմի տարիներուն լուսանկարչութեամբ զբաղած է նաեւ Պէրէճիկի մէջ: Մեզի այնպէս կը թուի, որ նոյն տարիներու Պէրէճիկի նաւաշինարանին, անոր պատասխանատուներուն եւ հայ բանուորներուն այն քանի մը գեղեցիկ լուսանկարները, որոնք տպուած են քանիցս ու շրջանառութեան դրուած, գործը պիտի ըլլան Յակոբ Մուրատեանի [39]:

Վկայութիւն պահպանուած է նաեւ այն մասին, որ Փետրուար 1917-ին Մուրատեաններ ամերիկեան դաեսպանատան միջոցաւ փորձած են Պէրէճիկէն Հալէպ մեկնելու արտօնութիւն ստանալ, բայց ըստ երեւոյթին՝ փորձը չէ յաջողած [40]:

Յակոբ Մուրատեանի Պէրէճիկ կեցութեան օրերէն պահպանուած է շատ հետաքրքրական վկայութիւն մը: Բնիկ պուրսացի Գրիգոր Սիւտճեան պատանին մահամերձ հասած է Պէրէճիկ: Մօտակայ պարտէզի մը մէջ զինք գտած է աքսորական այլ պատանի մը, որ ըսած է իրեն. «Մեզի պէս լքեալներու, կմախք դարձած, սովամահ ինկած բեկորներու համար յանձնախումբ մը կայ, Եփրատի եզերքը, վրանաբնակ այնթապցիներու կողմէ կազմուած, կառավարութենէն գաղտնի. Կառավարութեան հաշուոյն աշխատող արհեստաւոր ընտանիքներ են ասոնք: Այս յանձնախումբին պատասխանատուն Յակոբ էֆէնտի Մուրատեանն է»: Պատանիին ցուցմունքով երկու ուրիշներ Սիւտճեանը գրկելով հասցուցած են աքսորականներու վրանները, Մուրատեանի յանձնարարութեամբ կերակրած են եւ «շնորհիւ այս յանձնախումբի բծախնդիր եւ խղճամիտ հոգատարութեան, ես կը սկսիմ աստիճանաբար ուշքի գալ եւ կենդանութիւն ստանալ» [41]: Սիւտճեան Մուրատեաններու վրանին տակ մնացած է երեք ամիս: Իր յուշերուն մէջ յաւելած է նաեւ, թէ այդ դէպքէն ետք երբեք չէ հանդիպած կամ չէ լսած Մուրատեանի ու անոր ընտանիքին մասին, մինչեւ որ տասնամեակներ ետք Գրիգոր Պողարեան իր խմբագրած «Հայ Այնթապ» հանդէսին մէջ հարցազրոյց մը հրատարակած է Սիւտճեանի հետ, եւ Մուրատեանի կինը՝ Մարին, որ լաւ կը յիշէր Սիւտճեանն ու անոր պատմութիւնը, կարդալով հարցազրոյցը՝ 21 Յունուար 1968-ին, Միացեալ Նահանգներէն նամակ մը յղած է Սիւտճեանին, ուրախութիւն յայտնելով զինք կրկին գտած ըլլալուն համար ու անոր յիշեցուցած՝ Պէրէճիկի մէջ պատահած կարգ մը դէպքեր [42]:

Վերադառնանք Հալէպ: Զինադադարէն անմիջապէս ետք, 19 Դեկտեմբեր 1918-ին, Մուրատեան որպէս Աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ, մաս կազմած է Հալէպի Հայ ազգային միութեան, այսինքն՝ Միութեան հիմնադրութեան առաջին օրէն անդամակցած է անոր եւ Միութենէն ներս ունեցած է խիստ օգտակար գործունէութիւն: Անոր վստահուած են բազմաթիւ պատասխանատու աշխատանքներ, որոնցմէ միշտ դուրս եկած է պատուով:

Փետր. 1919-ին Մուրատեան մաս կազմած է Միութեան Նպաստաբաշխ յանձնախումբին: Ան ստանձնած է գանձապետի պաշտօն եւ հսկած է Հալէպ ապաստանած աքսորականներու տրամադրուող նպաստներու բաշխումի աշխատանքներուն: Օգոստ. 1919-ին, ինք եւ միութեան անդամներէն Հայր Գաբրիէլ Գասպարեան, մեկնած են Այնթապ՝ տեղւոյն կազմալուծուած Հայ ազգային միութիւնը վերակազմակերպելու եւ անոր հետ կապուած որոշ հարցեր ու դժուարութիւններ հարթելու: Անոնք լաւագոյն կերպով կատարած են իրենց վստահուած առաքելութիւնը ու աւելի ետք՝ վերադարձած են Հալէպ: Ուրիշ անգամ, նոյնպիսի առաքելութեամբ, Մուրատեան մեկնած է նաեւ Քիլիս՝ այս անգամ տեղւոյն Ազգային միութեան հետ կապուած դժուարութիւններ հարթելու:

Մուրատեան մեծ ձեռնհասութեամբ ծառայած է Հալէպի Հայ ազգային միութեան՝ պատմական այնքան կարեւոր ժամանակաշրջանի մը մէջ, մինչեւ որ «հարկեցուցիչ պատճառներով Այնթապ մեկնելու ստիպուած ըլլալով», Նոյեմբեր 1919-ին հրաժարած է ու վերադարձած ծննդավայրը, ուր 10/23 Յունուար 1920-ին մաս կազմած է տեղւոյն Հայ ազգային միութեան, կրկին որպէս ներկայացուցիչ հայ աւետարանական համայնքին ու շրջան մը ետք վարած է Միութեան ատենապետի պատասխանատու պաշտօնը, քաղաքի հայութեան համար այնքա՛ն բախտորոշ ու ճակատագրական պատմական ինքնապաշտպանութեան օրերուն:

Մայիս 1920-ին Այնթապէն գաղթած է Հալէպ: 1921-ին վերադառնալով Այնթապ՝ կրկին ընտրուած է նոյն մարմինի անդամ եւ վարած անոր ատենապետութիւնը [43]:

Այնթապի 1920-1921 թուականներու հերոսամարտի օրերուն քաշուած բազմաթիւ լուսանկարներ Մուրատեանի գործերն են, որոնց վարի աջ անկիւնին կը հանդիպինք իր անունին՝ Mouradian ձեւով:

Աւելի ետք, Մուրատեան գաղթած է Միացեալ Նահանգներ եւ զբաղած՝ գորգի վաճառականութեամբ: Մահացած է 1941-ին:

8. Աթթար Եղիա- Եղիա Աթթարեան

Բուն անունով Եղիա Աթթարեան, ծանօթ առաւելաբար իր ժողովրդական անունով՝ Աթթար Եղիա: Եղած է Այնթապի Անկլիգան եկեղեցւոյ սարկաւագը:

Բազմաթիւ այնթապցիներու նման 1915-ին ընտանեօք աքսորուած են Սուրիոյ Սալամիէ քաղաքը: 1918-ի աշնան անցած են Հալէպ եւ հոն մնացած մինչեւ Մայիս 1920 թուական, երբ վերջնականապէս գաղթած են Պոսթոն, Միացեալ Նահանգներ, իրենց մօտիկ ազգական Իսրայէլեան քոյրերու նիւթական աջակցութեամբ: Ան հայրն է բանաստեղծական քանի մը ժողովածուներու հեղինակ՝ Պարգեւ Աթթարեանի (1900-1936) [44]:

Աթթար Եղիայի մասին խօսող աղբիւր մը կը յիշէ, թէ ան Այնթապի մէջ «մանրավաճառութեամբ զբաղելով հանդերձ, լուսանկարչական արուեստին ալ կը ծառայէր» [45]:

9. Զատիկ Գուզույեան-Գուզեան-Կուզուկեան

Ծնած է Այնթապ 1875-ին (ըստ այլ տուեալի՝ 1871-ին): Չենք գիտեր թէ ե՞րբ հեռացած է Այնթապէն: Գիտենք, որ Հալէպ էր եւ զոյգ զաւակներուն մկրտութեան առիթով յիշուած է տեղւոյն Ազգային առաջնորդարանի մկրտութեան տոմարին մէջ 1910-ին եւ 1911-ին, ուր ըսուած է, որ արհեստով լուսանկարիչ է:

Հալէպ էր տակաւին 1913-ին: Այս անգամ յիշուած է նոյն թուականի հալէպահայութեան մարդահամարին մէջ, ուր տարիքը ցոյց տրուած է որպէս 38 տարեկան (ուրեմն ծնած 1875-ին): Բնիկ այնթապցի էր ու կը զբաղէր լուսանկարչութեամբ: Կինը Նարդուհին 27 տարեկան էր, իսկ դուստրը Էլիզան՝ 13 տարեկան [46]:

1920-ին հասած է Պաղտատ, ուր եւս կը զբաղէր լուսանկարչութեամբ: Նոյնպէս չենք գիտեր, թէ ան Հալէպէն ե՞րբ անցած է հոն [47]:

Պահպանուած է իր մասին հետաքրքրական փաստաթուղթ մը, երբ Հալէպի առաջնորդական փոխանորդ Յարութիւն քհնյ. Եսայեան, 2 Հոկտեմբեր 1920 թուակիր եւ 565 թուահամար նամակով դիմած է Պաղտատի Հայ ազգային միութեան եւ յայտնած՝ թէ բնիկ այնթապցի 49 տարեկան (ուրեմն ծնած 1871-ին) Զատիկ Գուզույեան անունով լուսանկարիչը, փոխելով իր իսկական անունն ու մականունը, ծպտուած կ’ապրի Պաղտատի մէջ, «ամուսնացած կամ անպսակ կը կենակցի եղեր կնոջ մը հետ», մինչ իր օրինաւոր կինն ու 3 զաւակները ձգած է Հալէպ, թշուառութեան մէջ, ու չի հետաքրքրուիր անոնցմով: Զինք ճանչնալը հեշտացնելու համար, նամակին մէջ տրուած են նաեւ զինք բնորոշող յատկանշական գիծեր՝ «Դեղին պեխերով, բաւական գիրուկ» եւ այլն:

Եսայեան քահանայ փափաք յայտնած է որ Պաղտատի ազգային իշխանութիւնները գտնեն յիշեալ «անխիղճ» մարդը, եւ քանի որ այդ օրերուն զինք Հալէպ ղրկելը անկարելի էր (ճանապարհներու փակ ըլլալուն պատճառով), ապա գումար մը առնելով փոխանցեն օրինաւոր կնոջը «եւ հեռացնել իր քովէն այդ ապօրինի յարաբերող կինը»:

10. Գասպար Նաճարեան

Ծնած է 1880-ին Այնթապ, ուրկէ գաղթած է Միացեալ Նահանգներ: Տեղեակ չենք, թէ Այնթապի մէջ լուսանկարչութեամբ զբաղա՞ծ է, թէ ոչ: Մեր տրամադրութեան տակ ունինք մօտաւորապէս 1910-ի Պոսթոնի իր լուսանկարչատան մէջ քաշած մէկ գործը, բայց Այնթապի մէջ իր լուսանկարներէն որեւէ մէկը ծանօթ չէ մեզի:

Նաճարեան ամերիկահայ ծանօթ արուեստագէտ-լուսանկարիչ է: Պոսթոնի, Ֆրէզնոյի եւ Լոս Անճելոսի իր լուսանկարչատուներուն մէջ նկարած է Միացեալ Նահանգներ այցելած կամ ամերիկաբնակ բազմաթիւ հայ ծանօթ դէմքեր, ու ստեղծած է այդպիսի ճոխ հաւաքածոյ մը: Լուսանկարած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ: Շատ կանուխ հետամուտ եղած է ազգային գործերու՝ եկեղեցական, ընկերային եւ կուսակցական մարզերու մէջ: Ընտանիք կազմելով՝ համալսարանական կրթութիւն տուած է իր զաւակներուն [48]:

Ողջ էր 1938-ին:

11. Ներսէս Գ. Նիկողոսեան

Բերիոյ Թեմի Ազգային Առաջանորդարանի արխիւատան մէջ կը պահուի Ներսէս Գ. Նիկողոսեան ստորագրութեամբ 13 Սեպտեմբեր 1913 թուակիր Այնթապէն Հալէպի առաջնորդական փոխանորդ Յարութիւն քհնյ. Եսայեանին յղուած նամակ մը, ուր ան կը խնդրէ, Հալէպի մէջ կամ այլուր, դպրոցական յաջորդ տարեշրջանին համար ուսուցչական պաշտօն մը ապահովել իրեն, իսկ անկարելիութեան պարագային՝ գրագիրի պաշտօն մը գտնել ծանօթի մը մօտ, եւ այս բոլորը անոր համար, որ «այս տարի լուսանկարչութեան գործերն պակասաւոր են»:

Այլ մանրամասնութիւններ չունինք իր մասին: Ըստ երեւոյթին, Այնթապի մէջ լուսանկարչութեամբ զբաղող անձ մըն է, որ անգործութեան հետեւանքով կը մտածէ հեռանալ քաղաքէն:

12. Տիգրան Իլվանեան

Լուսանկարիչ եւ նկարիչ: Ծնած է Տիարպեքիր: Երիտասարդութեան՝ ընտանեօք հաստատուած է Այնթապ, ուր ստացած է կրթութիւնը: 1905-ին շրջանաւարտ եղած է տեղւոյն Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճէն: Հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է նկարչութեան հանդէպ եւ սկսած է ածխամատիտով գծանկարներ պատրաստել թուղթի վրայ: Գնահատուելով շուրջիններէն, ընտանեկան բարեկամներու թելադրութեամբ ղրկուած է Հալէպ՝ վարպետ նկարիչի մը մօտ, կատարելագործելու իր արուեստը: Հոն մնացած է քանի մը տարի, ապա վերադարձած է Այնթապ ու գծած «գեղեցիկ գոյներով դաշտանկարներ»: Որպէս նկարչութեան ուսուցիչ, պաշտօնավարած է մէկէ աւելի վարժարաններու մէջ, մանաւանդ՝ Ադենականի, որուն 1907 թուականի ուսուցչական կազմի խմբանկարին մէջ կը հանդիպինք իր լուսանկարին: Իր գծանկարներէն մէկը՝ «Քրիստոսի խաչելութիւնը» զարդարած է Այնթապի Սբ. Աստուածածին եկեղեցին ու բարձր գնահատուած տեղացիներէն: Հայոց ցեղասպանութեան զոհերէն է ի Տէր Զօր: Այնթապի մէջ զրաղած է լուսանկարչութեամբ [49]:

Ըստ այլ աղբիւրի, Իլվանեան աւարտած է Պէյրութի Ֆրանսական գոլէճը [50]:

Յիշուած է Այնթապի Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճի շրջանաւարտներու ցուցակի մը մէջ, ուր ըսուած է, որ կը պարապի լուսանկարչութեամբ եւ թէ 1909-ին կը գտնուէր Այնթապ [51]:

Աւելի ետք վերադարձած է Տիարպեքիր ու եղած է յիշեալ նահանգի թարգմանը, պետական «Իտատիէ» վարժարանի ուսուցիչ, Բարեգործականի քարտուղար եւ Ռամկավար կուսակցութեան անդամ: Այլ տեղ, նահատակութեան պարագաներուն մասին տրուած են վերեւի ծանօթութիւններէն քիչ մը տարբեր մանրամասնութիւններ, ըստ որոնց՝ 1915-ին ձերբակալուելով, շատերու նման ենթարկուած է ահռելի տանջանքներու եւ Մուսուլ ղրկուելու պատրուակով՝ հանուած է քաղաքէն ու սպաննուած ճանապարհին [52], իսկ ըստ Թէոդիկի՝ «Մուսուլ ղրկուելու պատրուակին տակ, լաստերով ճամբայ կը հանուին եւ քաղաքէն քանի մը ժամ անդին՝ ամբողջովին գետամոյն կ’ըլլան…» [53]: Մեծ քոյրը նշանուած էր Դարբինեան անուն այնթապցիի մը հետ: Ան 1915-ին առեւանգուած է Տիարպեքիր գտնուող ոստիկանի մը կողմէ եւ 1919-ին տակաւին կը մնար անոր մօտ [54]:

13. Յարութիւն Ն. Պօշկէզէնեան

Յիշատակուած է 1908-ին՝ Այնթապի Վարդանեան կրթարանէն շրջանաւարտ ուսանողներու ցանկին մէջ, ուր ըսուած է, թէ ան շրջանաւարտ ըլլալէ ետք՝ եղած է լուսանկարիչ [55]:

Վարդանեանէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, քանի մը տարի ուսուցչութիւն ըրած է Մուսա Լերան Պիթիաս գիւղին մէջ: Մայիս 1912-ին կը գտնուէր Տարսոն եւ կ’աշակերտէր Սուրբ Պօղոս միսիոնարական ամերիկեան գոլէճին:

Ըստ այլ վկայութեան՝ Վարդանեանէն շրջանաւարտ եղած է 1909-ին եւ 1914-ին տակաւին կ’ուսանէր Սուրբ Պօղոս գոլէճին մէջ [56]:

Թէեւ որպէս լուսանկարիչ աշխատանքին վայրը յիշուած չէ, բայց հաւանաբար գործած ըլլալու է Այնթապ, թերեւս մինչեւ Ա. Աշխարհամարտ կամ զինադադարին յաջորդած տարիներուն:

Զինք պէտք չէ շփոթել բնիկ այնթապցի համանուն ծանօթ իրաւաբանին հետ (1861-1923), որ հաստատուած էր Հալէպ եւ նոյն նահանգին կողմէ ընտրուած էր անդամ Օսմանեան Երեսփոխանական ժողովին:

14. Լեւոն Տարագճեան

Բնիկ պէրէճիկցի: Զինադադարին որպէս լուսանկարիչ գործած է Այնթապի մէջ: Լուսանկարչութեամբ զբաղած ըլլալուն մասին ունինք միակ վկայութիւն մը, որ կը պարտինք իր ծանօթներէն զէյթունցի Խորէն Դաւիթեանին, որ իր յուշերուն մէջ պատմած է, թէ ինչպէս Տարագճեան «որ լուսանկարչութեամբ կը զբաղէր» Այնթապի մէջ, լուսանկարչական գործիք մը ծախած է թուրքի մը, կէսը՝ կանխիկ, կէսը՝ երկու ամիսէն ստանալու պայմանով, բայց թուրքը գումարը չէ վճառած եւ Տարագճեան ստիպուած դիմած է դատարան. որպէս վկայ դատին, ներկայ եղած է նաեւ Դաւիթեան: Բարեբախտաբար Տարագճեան շահած է դատը [57]:

Տարագճեան աւելի ետք անցած է Հուայթ Փլէյս, Նիւ Եորք, Միացեալ Նահանգներ, ուր եւս զբաղած է լուսանկարչութեամբ. Խորէն Դաւիթեան զինք հոն գտնելով, տիկնոջը հետ լուսանկարուած է անոր մօտ, ապա այդ լուսանկարը տպելով իր յուշերու հատորին մէջ, արձանագրած է. «Ամէնէն շատ սիրած նկարն է, որ ունիմ» [58]:

15. Ալպէրթ Պէզճեան

Բնիկ այնթապցի: Յիշուած է 1915-ին Այնթապի Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճէն շրջանաւարտ ուսանողներու անուանացանկին մէջ, ուր ըսուած է, թէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, զբաղած է լուսանկարչութեամբ [59], բայց չէ ճշդուած, թէ ո՛ւր, Այնթա՞պ, թէ այլուր:

16. Տիգրան Սեպուհի Չագմագճեան

Լուսանկարիչ եւ նկարիչ: Ծնած է Այնթապ, 6 Մայիս 1894-ին: Նախակրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Հայկազեան վարժարանէն, ապա շարունակած է Վարդանեան կրթարանին մէջ ու աւարտած՝ 1912-ին: Հոն, իր նկարչութեան ուսուցիչը եղած է ծանօթ արուեստագէտ Սարգիս Խաչատուրեան: Անկէ ետք, երկու տարի յաճախած է Կիլիկեան ճեմարան:

Մանկութենէն սիրած է նկարչութիւնը: Կիլիկեանի աշակերտած օրերուն, շահած է նկարչական մրցանակ մը եւ Կրթութեան նախարարութեան կողմէ Այնթապի թուրք վարժապետանոցի նկարչութեան ուսուցիչ կարգուած է, ուր եւ պաշտօնավարած է մինչեւ տարագրութիւն [60]:

Այնթապի մէջ տեղւոյն Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ համար գծած է երկու նկար՝ «Ծնունդ» եւ «Սբ. Յարութիւն», որոնք քաղաքի պարպումին տարուած են Հալէպ ու յանձնուած տեղւոյն համանուն եկեղեցիին:

Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն, ընտանեօք աքսորուած են Սուրիոյ Համա քաղաքը: Վկայութիւն կայ այն մասին, որ հայրը՝ Սեպուհ, 17 Յունիս 1916-ին, կրօնափոխ եղած է. «Սեպուհ Չագմագճեանի թրքացումը կը հաստատուի, Համա, տղուն ալ քարտուղարի պաշտօն մը ապահոված է ամսական 200 դահեկան թոշակով» [61]: Վերջին տողերը կը վերաբերին Տիգրանին կամ եղբօրը՝ Գուրգէնին, որ նոյնպէս լուսանկարիչ էր: Շատերու նման, Չագմագճեանները եւս դիմած պիտի ըլլան կրօնափոխութեամբ սուրիական անապատ աքսորուելու վտանգէն փրկուելու հնարքին եւ զինադադարի յայտարարութենէն ետք, ինչպէս միւսները, վերադարձած՝ Հայ Առաքելական եկեղեցիին:

Չագմագճեաններ Համայէն անցած են Լիբանան, ուր Տիգրան գծած է Ճէմալ Փաշայի, Դամասկոսի ու Պէյրութի նահանգապետերուն եւ արաբ մեծամեծներու դիմանկարները, որոնց համար արժանացած է շատ մեծ պատիւներու եւ Ճէմալ Փաշայի միջոցաւ յաջողած է փրկել կեանքը բազմաթիւ աքսորական հայերու:

Զինադադարէն ետք, Այնթապ վերադառնալով, եղբօրը՝ Գուրգէնի հետ զբաղած է լուսանկարչութեամբ: «1919ին հազիւ վերադարձած՝ երկու եղբայր, Տիգրան եւ Գարեգին միասնաբար լուսանկարչատուն մը հաստատելու վրայ էին, երբ պղտորեցաւ քաղաքական հորիզոնը եւ ծայր տուաւ Այնթապի ինքնապաշտպանութեան կռիւը» [62]: Չենք գիտեր, թէ աշխատանքի համար անոնք բացի՞ն լուսանկարչատուն, թէ գործեցին առանց յատուկ վայր մը ունենալու, միայն գիտենք, որ 1920-ի Այնթապի հերոսամարտի օրերուն, իր իսկ վկայութեամբ, «մեծ զոհողութեամբ եւ չափազանց վտանգալից պարագաներու տակ, կը յաջողի հարիւրի չափ հերոսամարտի լուսանկարներ առնել» [63] կռուողներու եւ պատերազմական դիրքերու, որոնք կը մնան կենդանի վկաները Այնթապի ութամսեայ հերոսամարտը անմահացնող:

Աւելի ետք, հերոսամարտի օրերուն իր քաշած 100 լուսանկարներուն մէկ մասը Չագմագճեան նուիրած է Գէորգ Պապոյեանին, իսկ միւսները՝ «Պատմութիւն Անթէպի հայոց» գիրքի խմբագրութեան, ուր տպագրուած են անոնցմէ շատերը:

Չագմագճեան ունի ուսումնասիրութիւն մը՝ «Անթէպցի հայ նկարիչներ» խորագիրով, ուր, ի միջի այլոց, տուած է նաեւ իր ինքնակենսագրութիւնը [64], որմէ քաղած ենք վերեւի ծանօթութիւններուն մեծ մասը:

Այնթապի ինքնապաշտպանութեան օրերուն, Չագմագճեան եղբայրներու՝ հերոսամարտի մասնակիցներու, զինարանի եւ պատերազմական դիրքերու քաշած լուսանկարները օրին բաւական մեծ աղմուկ բարձրացուցած են ազգային շրջանակներու մէջ: Հարցը այն էր, որ հերոսամարտի սկզբնաւորութենէն կարճ ժամանակ անց, 23 Ապրիլ 1920-ին, հայ ոստիկաններ ձերբակալելով Չագմագճեան եղբայրները, ոստիկանական կեդրոն առաջնորդած են Տիգրանը, որովհետեւ ապահովական դիտարկումներով եւ Զինուորական կեդրոնական մարմնի որոշումով, արգիլուած էր զինեալներն ու դիրքերը լուսանկարել, ու ինք չէր ենթարկուած այդ որոշումին, մանաւանդ որ ո՛չ ոք կրնար գուշակել թէ պատերազմը ի՛նչ ելք կրնար ունենալ. եւ այդ լուսանկարները օր մը փորձանք կրնային ըլլալ իրենց տէրերուն:

Զինուորական կեդրոնական մարմնի օժանդակ անդամ Թաթուլ Քիւբէլեանի կարգադրութեամբ, Չագմագճեան առժամաբար ղրկուած է Զինուորական ոստիկանատուն: Աւելի ետք, կեդրոն հասած է այլ ազգային գործիչ մը՝ Գէորգ Պապոյեան եւ պահանջած Չագմագճեանի ազատ արձակումը: Հուսկ եկած է Զինուորական կեդրոնական մարմնի անդամ Ատուր Լեւոնեան եւ լուսաբանած է Պապոյեանի, թէ ինչո՛ւ արգիլուած է նկարահանումներ կատարել եւ սպառնացած՝ զի՛նք եւս «ծակը նետել», եթէ շարունակէ նոյն ընթացքը [65]:

Հարցը աւելի բարդացած է, երբ ստացած է կուսակցական գունաւորում, որովհետեւ Չագմագճեան եւ Պապոյեան հնչակեաններ էին, իսկ Թաթուլ եւ ընկերները՝ դաշնակցականներ [66], եւ Պապոյեան պատահարին մէջ կուսակցական հակամարտութիւն է որ ուզած է տեսնել:

Հարցը աւարտած է այնպէս, որ «աքլորամարտ մը չստեղծելու համար», եւ ի խնդիր համերաշխութեան, Քիւբէլեան հրաժարած է Զինուորական կեդրոնական մարմնի օժանդակ անդամի իր պաշտօնէն ու հարցը փակուած է:

Այս նոյն դէպքին է, որ ակնարկած է հերոսամարտի Զինուորական կեդրոնական մարմնի անդամներէն Մկրտիչ Արարատեան, Գրիգոր Պողարեանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, երբ վերջինս հարց տուած է իրեն, թէ «Երբ եւ իցէ տարակարծութիւն կը պատահէ՞ր Զին. Կեդր. Մարմնի մէջ», Արարատեան պատասխանած է, թէ «Կռիւի առաջին շրջանին ‘փոթորիկ‘ մը անցուցինք լուսանկարիչ Չագմագճեան եղբայրներու պատճառաւ. դիրքերն ու զինուորները նկարելու հետամուտ էին: Գտնուեցան, որ արտօնելու կողմնակից եղան, բայց ընդդիմացողները աւելի զօրաւոր էին եւ Ազգ. Միութեան որոշմամբ թոյլտուութիւնը վերցուեցաւ» [67]:

Այնթապի անկումէն ետք, Տիգրան Չագմագճեան հաստատուած է Պէյրութ եւ իր եղբօր՝ Գուրգէնի հետ աշխատած է հանրային շինութեանց սպասարկութեան գրասենեակին մէջ եւ պաշտօնի բերումով կարեւոր դեր ունեցած է Սբ. Նշան եկեղեցւոյ հողաշերտի սահմաններու ճշդումի գործին մէջ [68]: 1922-ին անցած է Գահիրէ եւ անկէ՝ կնոջը հետ վերջնականապէս գաղթած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ հաստատուած է Նիւ Եորք, աւելի ետք Նիւ Եորքէն անցած է Էնկլվուտ-Նիու Ճըրզի: Շրջան մը պարապած է գորգի վաճառականութեամբ, բայց հրաժարելով անկէ, նուիրուած է նկարչութեան, գծելով բազմաթիւ գեղանկարներ, որոնցմէ եօթն նուիրած է Նիւ Եորքի Սբ. Խաչ Հայաստանեաց եկեղեցիին:

Միացեալ Նահանգներու ողբացեալ նախագահ Ճոն Քենետիի իր գծած նկարը օրին նուիրած է անոր այրիին՝ Ժաքլին Քենետիին ու արժանացած անոր շնորհակալական գիրին [69]: Գծած է նաեւ Վազգէն Ա. Վեհափառի նկարը եւ 1961-ին նուիրած է անոր: 

Իր գործերը եղած են բազմաժանր: Հայկականի կողքին՝ պատրաստած է հնդկական, չինական, պարսկական եւ ճաբոնական արուեստի ոճերով գործեր: Մասնակցած է քանի մը ցուցահանդէսներու: Միացեալ Նահանգներու մէջ եղած է Ամերիկաբնակ այնթապցիներու միութեան գործօն անդամ եւ մաս կազմած է անոր Կեդրոնական վարչութեան: 

Մահացած է սրտի կաթուածով, 3 Դեկտ. 1964-ին [70]:

17. Գուրգէն Սեպուհի Չագմագճեան

Ծնած է Այնթապ: Համաշխարհային Առաջին պատերազմի զինադադարէն ետք աքսորավայրէն Այնթապ վերադառնալով՝ եղբօրը հետ երկուքով զբաղած են լուսանկարչութեամբ [71]:

Այնթապի անկումէն ետք, կրկին եղբօրը հետ հաստատուած է Պէյրութ, ուր աշխատած է փորագրիչ-նկարիչ, գործակցելով Ս. Թաշճեանին, եւ հոն ալ կնքած է իր մահկանացուն, երբ կը սպասէր Միացեալ Նահանգներ մեկնելու համար ստանալիք պետական արտօնագիրին [72]:

Այնթապի մէջ միշտ գործած է Տիգրան եղբօրը հետ: Այնպէս որ կրկնութենէ խուսափելու համար, զանց կ’ընենք Տիգրանի մասին ըսուած դէպքերու վերապատմումը:

18. Սալիմ Հադքայեան

Յիշուած է Էնկին Էօզէնտէսի՝ Այնթապի լուսանկարիչներու ցուցակին մէջ [73] ։ Այս անունով լուսանկարիչ ընդհանրապէս անծանօթ է մեզի, եւ նկատի ունենալով Էօզէնտէսի պատրաստած Օսմանեան կայսրութեան տարածքին գործած լուսանկարիչներու ցուցակին անճշդութիւններն ու թիւրիմացութիւնները, ինչպէս նաեւ «Հադքայեան» մականունին բոլորովին անծանօթ ու անգործածելի ըլլալը, որոշ վերապահութեամբ կու տանք Սալիմ Հադքայեանի անունը, որպէս Այնթապի մէջ գործած լուսանկարիչ, ու կը տարուինք կարծելու, թէ արդեօք Էօզէնտէս զայն չէ՞ շփօթած, օրինակ, երկար տարիներ Հալէպի մէջ գործած լուսանկարիչ Սալիմ Խանճեանի հետ։

  • [1] Engin Özendes, Photography in the Ottoman Empire 1839-1923, Yem Yayın, Istanbul, 2013.
  • [2] "Eskı Gazıantep fotoğrafları sergısı", 2007, 36 էջ:
  • [3] Տպուած՝ Երեւան, 2007-ին, 448 էջ:
  • [4] Հրատարակութիւն Ամերիկաբնակ այնթապցիներու միութեան, Միացեալ Նահանգներ, Ամերիկա: Տպուած՝ Լոս Անճելըս, Գալի‎ֆորնիա, 1953: Ա. հատոր՝ ԼԲ., 1088 էջ: Բ. հատոր՝ ԼԲ., 806 էջ:
  • [5] Հրատարակութիւն Այնթապի Հայրենակցական միութեան:
  • [6] Վեր. Կարապետ Պ. Ատանալեան, «Յուշարձան հայ աւետարանականաց եւ աւետարանական եկեղեցւոյ», Ֆռեզնօ, 1952, էջ 323:
  • [7] «Կիլիկիա. Փորձ աշխարհագրութեան արդի Կիլիկիոյ», Մատենաշար Արաքսի, Սան Պետերբուրգ, տպարան Ի. Լիբերմանի, 1894, էջ 360; Գէորգ Սարաֆեան, «Պատմութիւն Անթէպի հայոց», Ա. հատոր, Լոս Անճելըս, 1953, էջ 512, 847, 850; եղբօրը՝ Միհրանի լուսանկարչատան զոյգ կալուածաթուղթերը:
  • [8] «Պատմական նամակ մը ուղղուած Յովհ. Յ. Հալլաճեանէ…», [ինքնակենսագրական բնոյթի նամակ], Հայ Անթէպ, Պէյրութ, Է. տարի, 1966, թիւ 1 (21), էջ 21-22:
  • [9] Վեր. Ա. Հալլաճեան, «Լուսանկարչութեան արուեստը Այնթապի մէջ», Գէորգ Սարաֆեան, Պատմութիւն Անթէպի հայոց, Բ. հատոր, Լոս Անճելըս, 1953, էջ 292-293:
  • [10]  Նոյն, էջ 293:
  • [11] Նոյն: Նաեւ՝ Էլի Նազարեան, «Հալէպ քաղաք՝ թթխմոր- հայ լուսանկարիչ վարպետները», Զարթօնք, Պէյրութ, ԽԸ. տարի, թիւ 92 (14.265), 18 Յունուար 1985, էջ 2 եւ 4:
  • [12] Վեր. Ա. Հալլաճեան, «Լուսանկարչութեան արուեստը…», էջ 293:
  • [13] Գրիգոր Հ. Գալուստեան, Մարաշ կամ Գերմանիկ եւ հերոս Զէյթուն, Նիւ Եորք, 1934, էջ 284:
  • [14] Վեր. Համբարձում Յ. Աշճեան, Ատանայի եղեռնը եւ Գոնիայէ յուշեր» (պատմութեան համար), ՆիւԵորք, տպարան Կոչնակ, 1950, էջ 202:
  • [15] Գրիգոր Պողարեան, Այնթապականք, Բ. հատոր, «Մահարձան», Պէյրութ, տպարան Ատլաս, 1974 (շապիկին վրայ՝ 1975), էջ 43:
  • [16] «Պատմական նամակ մը ուղղուած…», էջ 22:
  • [17] Վեր. Սամուէլ Հալաճեան, «Պատուելի Յարութիւն Հալաճեան եւ Հալաճեան որբանոցը», Սարաֆեան, Պատմութիւն Անթէպի հայոց, Բ. հատոր, էջ 607-609:
  • [18] Գերմանիկ, Պոսթոն, 55-րդ տարի, Յունուար-Յունիս 1986, թիւ 219-220, էջ 24:
  • [19] Վեր. Ա. Հալլաճեան, «Լուսանկարչութեան արուեստը…», էջ 293:
  • [20] Իր մասին տես նաեւ՝ Վեր. Ա. Հալլաճեան, «Լուսանկարչութեան արուեստը…», էջ 293:
  • [21] Վեր. Կարապետ Պ. Ատանալեան, Յուշարձան Հայ աւետարանականաց…, էջ 325:
  • [22] Սեդրակ Կ. Մաթոսեան, Այնթապի Քրիստոսասիրաց ընկերութիւն 1896-1935, Հալէպ, 1935, էջ 19:
  • [23] Սարաֆեան, Պատմութիւն Անթէպի հայոց, Ա. հատոր, էջ 487-488 եւ 892:
  • [24] Վեր. Ա. Հալլաճեան, «Լուսանկարչութեան արուեստը…», էջ 293:
  • [25] Սարգիս Պալապանեան (Պալապան Խոճա), Կեանքիս տաք ու պաղ օրերը. Այնթապ-Քեսապ-Հալէպ, խմբագրեց՝ բժ. Թորոս Թորանեան, Հալէպ, տպարան Արեւելք, 1983, էջ 66:
  • [26] Վեր. Ա. Հալլաճեան, «Լուսանկարչութեան արուեստը…», էջ 293:
  • [27] Բիւզանդ Եղիայեան (խմբագիր), Ատանայի Հայոց պատմութիւն, Անթիլիաս, տպարան Կաթողիկոսութեան Մեծի տանն կիլիկիոյ, հրատարակութիւն Ատանայի հայրենակցական միութեան, 1970, էջ 716:
  • [28] Գարեգին քհնյ. Պօղարեան, «Այնթապի եկեղեցիին…», Հայ Անթէպ, Պէյրութ, Ը. տարի, թիւ 4 (28), 1967, էջ 16:
  • [29] Վեր. Ա. Հալլաճեան, «Լուսանկարչութեան արուեստը…», էջ 293:
  • [30] Կենսագրութեան համար տես՝ Գրիգոր Պողարեան, Այնթապականք, Բ. հատոր, «Մահարձան», էջ 173-175; Սարաֆեան, Պատմութիւն Անթէպի հայոց, Ա. հատոր, էջ 705-706:
  • [31] «Տեղեկագիր Պաղտատի հայոց կացութեան մասին», «Ազգ», Պոստոն, ԺԱ. տարի, թիւ 145-919, 28 Յունիս 1917, էջ 2 եւ թիւ 148-922։
  • [32] "Bulletin of Central Turkey college at Aintab", 1909, p. 17-33.
  • [33] Յուլիս 2000, թիւ 609, էջ 16-25, առնուած Արսէն Եարմանի արխիւէն։
  • [34] “Hisatak 1865/1930“, Oemme edizioni, Milano, 1990, p 111; جريدة "الجمهورية"، بغداد، 5 حزيران 1999، الصفحة 8            
  • [35] Եղիա Ս. Քասունի, «Անթէպի Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճին պատմութիւնը», Սարաֆեան, Պատմութիւն Անթէպի հայոց, Ա. հատոր, էջ 847:
  • [36] Bulletin of Central Turkey college at Aintab, 1909, p. 23:
  • [37] Գրիգոր Պողարեան, Այնթապականք, Ա. հատոր, Պէյրութ, տպարան Ատլաս, 1974, էջ 224:
  • [38] Լուսաւորիչ, կիսամսեայ կրօնական թերթ, Շիքակօ, Գ. տարի, թիւ 4, 30 Մայիս 1919, էջ 13-14:
  • [39] Գերսամ Ահարոնեան, Յուշամատեան Մեծ Եղեռնի, Պէյրութ, 1965, էջ 98, 100:
  • [40] Ümıt Kurt, "Bırecık'te ermenı sürgünlerını ölümden kurtaran Cemıl (Bahrı) Köhne", Toplumsal tarıh, no. 253, ocak 2015, s. 87:
  • [41] Գրիգոր Սիւտճեան, Կեանքիս Գողգոթան (յուշեր Մեծ եղեռնէն), գրի առաւ Պէաթրիս Խաչատուրեան, Պէյրութ, տպարան Գարտաշեան, 1986, Էջ 19-20:
  • [42] Նոյն, էջ 21-23:
  • [43] Հայ Անթապ, Պէյրութ, Թ., 1968, թիւ 3 (31), էջ 42:
  • [44] Պողարեան, Այնթապականք, Ա. հատոր, էջ 71: Նոյն, Բ. հատոր, էջ 600-602:
  • [45] Սարաֆեան, Պատմութիւն Անթէպի հայոց, Բ. հատոր, էջ 293:
  • [46] Հալէպի Ազգային առաջնորդարանի դիւան, Կրօնական Ժողովի թիւ 65 տետրակ՝ «1913 տարուան արձանագրութիւն», էջ 305:
  • [47] Նոյն, առաքուած նամակներու թիւ 9 տետրակ, էջ 264:
  • [48] Հայաստանի ազգային արխիւ, ֆոնտ 425 (Հ. Մկրտիչ Վրդ. Պոտուրեանի «Հայ հանրագիտակ»ի ձեռագիր մասը), ցուցակ 1, գործ 108, թերթ 85: Հոն կան նաեւ իր ու իր դստեր լուսանկարները:
  • [49] Տիգրան Չագմագճեան, «Անթէպցի հայ նկարիչներ», Սարաֆեան, Պատմութիւն Անթէպի հայոց, Բ. հատոր, էջ 732-733։ Տես նաեւ նոյն գիրքին Ա. հատորը, էջ 850:
  • [50] Տիգրան Մկունդ, Ամիտայի արձագանգներու վերակոչումն եւ Բ. հատոր, Բ. հատոր, Ուիհոքըն, ՆիւՃէրզի, 1953, էջ 342:
  • [51] Bulletin of Central Turkey college at Aintab, 1909, p. 31:
  • [52] Մկունդ, Ամիտայի Արձագանգներու…, էջ 342, 354; Թովմաս Գ. Մկրտիչեան, Տիգրանակերտի նահանգի ջարդերը եւ քիւրտերու գազանութիւնները (Ականատեսի պատմութիւն), տպարան Գրիգոր Ճիհանեան, Գահիրէ, 1919, էջ 96; Արեւ, Աղեքսանդրիա, Բ. տարի, թիւ 129 (285), 9 Մարտ 1917, էջ 2:
  • [53] Թէոդիկ, Գողգոթա հայ հոգեւորականութեան եւ իր հօտին աղէտալի 1915 տարին, խմբագրեց՝ ԱրայԳալայճեան, Նիւ Եորք, 1985, էջ 259:
  • [54] Մկրտիչեան, Տիգրանակերտի նահանգի…, էջ 107:
  • [55] Սարաֆեան, Պատմութիւն Անթէպի հայոց, Ա. հատոր, էջ 733:
  • [56] Շրջանաւարտք Վարդանեան կրթարանի Այնթապ, Այնթապ, տպարան Կ. Թ. Գօլէճի, 1914, էջ 10:
  • [57] Խորէն Դաւիթեան, Կեանքիս գիրքը, Պէյրութ, տպարան Շիրակ, 1967, էջ 292:
  • [58] Նոյն, էջ 408:
  • [59] Սարաֆեան, Պատմութիւն Անթէպի հայոց, Ա. հատոր, էջ 851:
  • [60] Չագմագճեան, «Անթէպցի հայ նկարիչներ», էջ 734-735:
  • [61] Գրիգոր Պողարեան, Ցեղասպան Թուրքը. վկայութիւններ քաղուած՝ հրաշքով փրկուածներու զրոյցներէն, Պէյրութ, տպարան Շիրակ, 1973, էջ 169, 178:
  • [62] Գ. Պ. [Գրիգոր Պողարեան], «Տիգրան Չագմագճեան (1894-1964)», Հայ Այնթապ, Պէյրութ, Զ. տարի, 1965, թիւ 1 (17), էջ 69; Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ, Բ. տիպ, Ա. հատոր, Պէյրութ, 1982, էջ 375:
  • [63] Չագմագճեան, «Անթէպցի հայ նկարիչներ», էջ 734-735:
  • [64] Սարաֆեան, Պատմութիւն Անթէպի հայոց, Բ. հատոր, էջ 732-735:
  • [65] Գէորգ Յ. Պարսումեան, Պատմութիւն Այնթապի Հ. Յ. Դաշնակցութեան 1898-1922, Հալէպ, տպարան Տիգրիս, 1957, էջ 234:
  • [66] Նոյն, էջ 234:
  • [67] Գ. Պ. [Գրիգոր Պողարեան], «Զրոյց պր. Մկրտիչ Արարատեանի հետ», Հայ Անթապ, Պէյրութ, ԺԱ. տարի, թիւ 39-40, 1970, էջ 101:
  • [68] Սիսակ Վարժարպետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ, Բ. տիպ, Ա. հատոր, Պէյրութ, 1982, էջ 375:
  • [69] Հայ Անթէպ, Ե. տարի, 1964, թիւ 3 (15), Պէյրութ, էջ 59-61:
  • [70] Հայաստանի Կոչնակ, Նիւ Եորք, 65-րդ տարի, թիւ 1, Յունուար 1965, էջ 26:
  • [71] Չագմագճեան, Անթէպցի հայ նկարիչներ, էջ 734:
  • [72] Գ. Պ. [Գրիգոր Պողարեան], «Տիգրան Չագմագճեան (1894-1964)», էջ 70:
  • [73] Özendes, "Photography in the…", էջ 65։