Սասուն գաւառակի հիւսիսը գտնուող Անտոք լեռէն հին պատկեր մը (Աղբիւր՝ Raymond H. Kévorkian, Paul B. Paboudjian, Les Arméniens dans l’Empire Ottoman à la veille du Génocide, Paris, 1992)

Սասուն - Տօներ եւ հաւատալիքներ

Հեղինակ՝ Սոնիա Թաշճեան, 21/08/18 (վերջին փոփոխութիւն՝ 21/08/18)

Սասունցիները խիստ աւանդապաշտ են: Ինքնապաշտպանութեան նկատառումներով անոնք բնակութիւն հաստատած են լեռներու բարձրադիր գօտիներու մէջ, մեկուսացած ու անկախ այլ շրջաններէ, հետեւաբար անոնց կեանքը խարսխուած է դարերու ընթացքին արմատաւորուած խիստ տեղայնական ծիսական սովորութիւններու, աւանդութիւններու եւ հաւատալիքներու վրայ: Սասունի աշխարհագրական դիրքն ու բնութիւնը՝ իր տարերքներով աւելի կ՚ուժեղացնէ տօնածիսական համակարգը:

Սասունցիները կ՚ապրին գերդաստանային ուրոյն ու անջատ կեանքով. անհամբերութեամբ կը սպասեն տօներուն եւ կը նշեն միասնաբար, ընտանեօք հանդերձ: Սիրով եւ ուրախութեամբ կը պատրաստուին դիմաւորելու տօնական օրերը, որոնք առիթ են ուրախանալու, երգել–պարելու եւ միմեանց այցելելու:

Տալւորիկի շրջանէն հին պատկեր մը (Աղբիւր՝ ՀՅԴ արխիւ, Ուոթըրթաուն, Մասաչուսէց)։

Կախընտողիկ (Ամանոր)

Ամանորի տօնական մթնոլորտը կը սկսի «փոշտ–փոշտ»ի արարողակարգով. տարուայ վերջին օրը, մարդիկ կ՚այցելեն իրարու տուն, ուրախութեամբ հրաժեշտ տալու՝ արտասանելով «Տըրէ մալէ, սըրէ սալէ, խոտէ գուռըք պըգայ ժը մալխոյէ մալէ» (Տան դուռը, տարուայ գլուխը, Աստուած տղայ մը տայ տիրոջը): Աղքատներուն այդ այցելութեան ընթացքին աննկատ կը տրուի տօնական սեղանին համար տարբեր ուտելիքներ. այնուհետեւ իւրաքանչիւրը կ՚երթայ իր տուն՝ պատրաստուելու:

Պատանիները այդ գիշեր կը պտտին տունէ տուն, բարձրանալով երդիք, ծխնելոյզէն կախելով իրենց գուլպաները, կը պոռան. «Կախնդող դող-դող, հըր հիփ կայնըմ տանքի պօլոզ, քամին թողուց զմըր քոլոզ» (Կախնդող [կաղանդ] դող-դող [հացատեսակ]. երբ որ կայնիմ տանիքի գագաթին, քամին կը թռցնէ մեր գլխանոցը): Տնեցիք սեղանի բարիքներէն կը լեցնեն գուլպաներուն մէջ եւ կը ճանապարհեն պատանիները:

Մարաթուկ լեռը։ Լուսանկարիչ՝ Պեհչէթ Չիֆթչի, Սասուն, Պաթման, Թուրքիա։

Մինչ այդ, տան բուխերիկին մօտ հաւաքուած կ՚ըլլայ ամբողջ ընտանիքը. մեծ կոճղ մը կը դնեն կրակարանին մէջ - որուն «Մայրամ կոճ» անունը կու տան -,  որպէսզի մինչեւ առաւօտ վառուելով, տան կրակը վառ մնայ: Հատիկի կաթսան արդէն հանած են կրակին վրայէն. կը ճաշակեն խաշած հատիկեղէնը: Յետոյ տանտիկինը մաքուր իւղով տան ճրագը կը լեցնէ ու նոր պատրոյգով մը կը վառէ: Ապա մառան- սնտուկին  մէջէն կը հանեն ամենաընտիր մթերքները՝ միրգ, չիր, չամիչ, ընկուզեղէն ու պաստեղ՝ տօնական սեղանի համար: Տան փոքրերը կը խաղան նստակեաց խաղեր, տան նահապետը հեքիաթ կը պատմէ, իսկ կանայք տօնական սեղանի պատրաստութեամբ կը զբաղուին: Վառուող կոճղի մնացուկները առաւօտեան կը յանգեցնեն, որպէսզի մաս առ մաս պահելով, տարբեր առիթներու գործածեն. այսպէս ամսու 5-ին Մարիամաճաշը եփելու ատեն, կրակին մէջ փոքր կտոր մը այս կոճղէն կը նետեն. գարնան առաջին կաթը եռացնելու համար, կրակին մէջ նոյնպէս այս նուիրական կոճղէն կտոր մը կը նետեն, որպէսզի կաթը առատ ըլլայ, ոչխարներն ալ ցաւ ու հիւանդութիւն չունենան: Նոյն այդ մոխիրներուն մէջ, յաջորդ օրը պիտի թխեն տարեհացը:

Ամանորի ամենէն կարեւոր ուտեստը «փուռնիկ» անունով տարեհացն է, որ պետք է պատրաստուի տարուայ առաջին օրը բոլոր տուներու մէջ: Որպէս տօնական գաթա, փուռնիկի խմորը պէտք է որ ցորենի ալիւրով հունցուի: Հունցելու ընթացքին, տանտիկինը մէկ-երկու ափ ալիւր կը լեցնէ առանձին թասի մը մէջ եւ կանչելով գերդաստանի 8-10 տարեկան աղջնակ մը, կու տայ անոր, որպէսզի շաղէ. անոր շաղած խմորը կը ձգեն, որ ինքնաբերաբար թթուի եւ թթխմորի վերածուի, որպէսզի այս նոր թթխմորով հունցեն տարեհացը։ Որպէս նոր տարուայ առաջին թթխմոր, անիկա օրհնութիւն, բարիք ու առատութիւն պիտի բերէ գերդաստանի բերքին: Այս խմորէն փոքր կտոր մը կը թխեն՝ կերցնելու տան երեխաներուն, հաւատալով որ փորացաւերէ զերծ կը պահէ անոնց: Ապա մնացեալ թթխմորով տանտիկինը կը շաղէ տարուայ առաջին խմորը՝ պատրաստելու  փուռնիկը: Մինչեւ որ խմորը թթուի, կը պատրաստէ խորիզը՝ հաւանքի մէջ ծեծելով ընկոյզը, խարկած կանեփն ու քաղցր պաստեղը: Երբ արդէն իսկ օճախը լաւ տաքցած է, տանտիկինը կը բանայ խմորը, կը լեցնէ խորիզով, մէջը կը դնէ երկու փոքրիկ փայտի կտոր. մէկը՝ բախտի համար, միւսը՝ որպէս «տովլաթի» (տեվլաթ, առատութիւն, յաջողութիւն) նշան: Աւլելէ յետոյ օճախի յատակը, միւս կանանց օգնութեամբ փուռնիկը կը դնէ յատակին, զայն կը ծածկէ տաք մոխիրով, ուր կը թխուի քանի մը ժամուայ ընթացքին:

Մշոյ քազայի (գաւառակ) Շէնիկ գիւղի բնակիչներ, լուսանկարուած շատ հաւանաբար իրենց տան մէջ։ Կ՚ենթադրուի որ լուսանկարուած է 1908-ի եւ 1914-ի միջեւ։ Պատկերին տակ գրուած գրութենէն կ՚իմանանք որ սոյն ընտանիքի անդամներ մաս կը կազմեն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան (Աղբիւր՝ ՀՅԴ արխիւ, Ուոթըրթաուն, Մասաչուսէց)։

Կէս գիշերէն առաջ, փուռնիկը կը բերեն սեղան, վրայի մոխիրը թափ կու տան, ապա տանտիկինը դանակով գիծեր կը քաշէ մասերու բաժնելու համար զայն. բացի տան ընտանիքի անդամներէն, փուռնիկէն բաժին պէտք է հանել նաեւ տան ընտանի կենդանիներուն, երկնքի թռչուններուն, աղբիւրին, եւայլն: Ոմանք ալ փուռնիկը կը դնեն տան նահապետի առաջ, որ վրան «Հայր Մեր» մը կարդալով, չորս մասի կը բաժնէ. առաջինը՝ արական սեռին, երկրորդը՝ իգական, երրորդը՝ անասուններուն ու չորրորդը՝ բնութեան: Յետոյ մանր-մանր կտրատելով կը ճաշակեն: Որու բաժնէն որ դուրս կու գայ պայմանական նշանը, ան է տարուայ բախտաւորը եւ իր սեռի թիւը ընթացիկ տարուան մէջ պիտի աւելնայ ընտանիքին մէջ: Այդ գիշեր ջուր չեն խմեր, որպէսզի ամրան տօթ օրերուն կարենան դիմանալ տապին:

Խթում

Այդ օրուան յատուկ ճաշը Մարիամաճաշն է, հատիկեղէնով ու բանջարով հարիսան. մարմանդ կրակին վրայ դնելով կաթսան, բոլորը կը շտապեն եկեղեցի: Երեկոյեան Պատարագի աւարտին մոմերով կը դառնան տուն: Ճաշէն բաժին կը հանեն աղքատներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք մեռել ունեցած են այդ տարին: Հիւանդներուն համար ալ եօթ տունէ այդ ճաշէն կը տանին, միասնաբար կ՚աղօթեն, որպէսզի առողջանան: Գորտնուկ ունեցող երեխաները, իրենց գորտնուկներու թիւին չափով սիսեռ կը զատեն ճաշին մէջէն, դնելով լաթի մը մէջ, կը պահեն կրակարանին մէկ ճեղքի մէջ՝ հաւատալով որ քառասուն օրուայ ընթացքին գորտնուկները կ՚անհետանան:

Սասունէն համայնապատկեր մը։ Լուսանկար՝ Ճորճ Աղճայեանի։

Ջրօրհնէք

Մութնուլուսին ժամանակ տանտիկինը կը շաղէ ու կը թխէ օրուան յատուկ գաթան՝ այն նախշելով իրենց պապենական գաթանախշիչով. աւանդութիւն է, որ իւրաքանչիւր ընտանիք ունենայ իր սեփական գաթանախշիչը, որն երբեք ուրիշին չեն տար:

Ապա սովորութեան համաձայն տանտիկինը ջուր կը տաքցնէ, որպէսզի ընտանիքի բոլոր անդամները լոգնան: Տօնին յատուկ է մատաղ ընել. անպայման ամէն տուն այծ մը կամ ոչխար մը պիտի մորթէ եւ միսէն բաժին հանէ բոլոր չունեւորներուն, իսկ մատաղի կենդանիին ետեւի մէկ ոտքն ու մորթը քահանայի բաժինն է:

Եկեղեցական արարողութեան ընթացքին խաչը ջուրին մէջ կը ձգեն. ընթացքին երբ միւռոնը կը կաթեցնեն, ուշադիր կը հետեւին միւռոնի լուծուելուն. լաւ նշան չէ եթէ չցրուին կաթիլները. իսկ եթէ պարզուի ջուրը, ուրեմն բերքառատ տարի պիտի ըլլայ: Կանայք օրհնուած ջուրէն կը տանին իրենց հետ, երեխաներու երեսներուն կը քսեն, ապա կը խմցնեն անոնց ու տան ընտանի անասուններուն, որպէսզի չհիւանդանան. ջուրէն մաս մըն ալ կը լեցնեն հացի խմորի տաշտին մէջ, որպէսզի օրհնուի օճախի խմորը, այդպիսով նաեւ հացը ճաշակողները:

Տէրնտես (Տըրընտես, Տեառնընդառաջ)

Պատանիները վազվզելով ամենուրէք կը կանչեն. «Տէրն տես, սապաթա կէս, մեր խութ ու փութ կէս» (Տէրնտես, Փետրուարի կէս, մեր բերքի ու արօրի կէս): Տղամարդիկ ճիւղեր ու տերեւի խուրձեր դիզելով ընդարձակ տանիքի մը վրայ, կը սպասեն քահանային: Պատարագէն յետոյ քահանան ու տիրացուները կու գան շարական երգելով, ապա «Անդաստան»ի կարգը (կրօնական ծէս մը, որու ընթացքին աշխարհի չորս կողմը կ՚օրհնեն) կը կատարեն, որմէ յետոյ քահանան կ՚օրհնէ. «Աստուած օրհշնէ զիմ ժողովուրդք. ով որ գառ մը տայ, ան պիտ առաջ (առաջինը) վառէ»: Այսպիսով գառ նուիրողին կու տան կրակը վառելու առաջնայնութիւնը:

Կէլիէկիւզանէն հայ ընտանիք մը (Աղբիւր՝ Raymond H. Kévorkian, Paul B. Paboudjian, Les Arméniens dans l’Empire Ottoman à la veille du génocide, Paris)

Կանայք, որոնք մինչ այդ պատի տակ շարուած են իւղի ճրագներ բռնած ձեռքերնին, կը մօտենան վառելու ճրագները, որպէսզի լոյս ու ջերմութիւն տանին իրենց տուները։ Այդ ճրագը մինչեւ առաւօտ պետք է որ վառ մնայ տան մէջ: Տղամարդիկ սաղարթաշատ ճիւղեր կը բռնեն, կը վառեն զանոնք կրակին մէջ, մինչեւ որ սեւանան, որմէ ետք կը տանին ախոռ եւ իրենց անասուններուն կը քսեն. նոյն ձեւով նաեւ հովիւները կ՚ընեն: Ապա երբ բոցը կը մեղմանայ, փայտի կիսայրած կտորները վերցնելով կը նետեն իրենց արտերուն մէջ, հաւատալով որ կ՚օրհնուին հողերը ու լիութիւն կ՚ըլլայ: Դեռատի աղջնակներ իրենց ասեղնագործութիւններէն հատ մը կը նետեն կրակին մէջ, խնդրելով որ շնորհալի դառնան ու ալ աւելի գեղեցիկ նախշեր սորվին: Պառաւները կրակի մոխիրէն ցանելով ձիւնագնդիկի վրայ կուլ կու տան, որպէս դեղ «քամի»ի (հիւանդութեան մը անունը, մեծահասակներուն յատուկ, ցուրտի ժամանակ կը դողացնեն): Կանայք մոխիրը խառնելով աղին հետ, իրենց անասուններուն կը կերցնեն. ոմանք ալ խոտկապը կը պահեն ծուխին վրայ, որպէսզի նոյն օրը այդ օրհնուած խոտով կերակրեն իրենց ոչխարները: Մայրերը իրենց նորածիններուն գրկած եօթ անգամ կը դառնան կրակին շուրջ: Կնքահայրը գրկելով ուշ խօսող կամ քալող իր սանիկը, նոյնպէս եօթ անգամ կը դառնայ կրակին շուրջ: Երիտասարդներ հրմշտկելով կը փորձեն իրար հրել այդ նուիրական կրակին մէջ. ապա կը ցատկեն կրակին վրայէն. սովորութիւն է նաեւ կազմակերպել խմբակային խաղեր, ուր կը մրցին իրարու հետ:

Հովիւները Տըրընտեսի կրակը կը վառեն սարերու վրայ գտնուող իրենց գոմերու առջեւ. իսկ այն գիւղերու մէջ, ուր չկայ քահանայ, սովորութիւն է կրակ վառել տարբեր տեղեր. այդ երեկոյ կրակի բոցեր կը ճարճատեն գիւղի տարբեր թաղերուն մէջ, ստեղծելով հրաշալի տեսարան մը:

Գջքոնի կամ քամատեղիք

Վարդանանց տօնի Հինգշաբթի օրը կանայք կը պատրաստեն տօնի յատուկ կերակուրը՝ չորթանով ճաշ: Ամբողջ ընտանիքը հաւաքուելով օճախի շուրջ կը ճաշեն: Ապա առաստաղէն պարան մը կախելով, հերթաբար կը նստին ճօճուող պարանի տակ ու կը բարեմաղթեն իրարու. «Քամատեղիկ՝ տեղիկ-տեղիկ, իմ մամու փչուկիկ ըլլի եղիկ, իմ պապու քսեկիկ ըլլի պատիկ» (Քամատեղիկ [կամ քամադեղիգ.  ճոճուելու այն ավանդութիւնն է, որու ընթացքին կʼազատուին հիւանդութիւններէ], իմ մայրիկի կարասները առատ ըլլան իւղով, իմ հօր քսակը առատ ըլլայ): Իսկ տան մեծահասակները փսփսալով կ՚աղօթեն ու կ՚օրհնեն. «Աստուած, իմ աղջկան բարի բախտ իտաս, արժանի ընիս զիս իմ զաւակի թագն ու պսակ տեսնելու: Բարի մահ իտաս քու արքայութենէ չի զրկես զմեզի»:

Սասունէն համայնապատկեր մը։ Լուսանկար՝ Ճորճ Աղճայեանի։

Սուրբ Սարգիս

Սուրբ Սարգիսի տօնի նախօրէին սասունցիք ջանասիրաբար Առաջաւորաց Պահք կը պահեն՝ վեց տարեկան երեխայէն մինչեւ զառամեալ ծերունիները, ճաշելով օրուայ մէջ միայն մէկ անգամ՝ երեկոյան. անշուշտ կան նաեւ շատ ջերմեռանդներ, որոնք չորսօրեայ պահքի ընթացքին միայն մէկ անգամ կը ճաշեն:

Երեխաներուն պահքին վարժեցնելու համար անոնց «լուսիգ պահող» կը կոչեն, հաւատացնելով որ լոյս պահքը պահելով, Աստուած իրենց պիտի պահէ ու պահպանէ՝ հասցնելով խոր ծերութեան: Ուրբաթ առտու մայրեր անոնց համար յատուկ բաղարջ կը թխեն. միաժամանակ նաեւ աղի «շուռհաց» (կամ «շուռ  կուկու») բաղարջ՝ ամուսնութեան տարիքն հասած երիտասարդներու համար. նոյն գիշերը անոնք պիտի ճաշակեն այդ աղի բաղարջները, ծարաւ քնանան, որպէսզի երազին մէջ տեսնեն, թէ ով ջուր կու տայ իրենց, հաւատալով որ ան պիտի դառնայ իր կողակիցը:

Նոյն օրը բոլորն ալ պարտադիր կը հագնին իրենց տօնական հագուստները, կը հաւաքուին եւ միասին ժամանակ կ՚անցընեն զրուցելով, խաղալով ու երգելով, որպէսզի անօթութիւնը չնեղացնէ իրենց, ու դիմելով Սուրբին յաճախ կը կրկնեն. «Սուրբ Սարգիս, բռնէ գօտիս, չելլնէ հոգիս»:

Կանայք ծեծած ու կորեկ կը խարկեն, ապա կաղան, յաջորդ օրը պատրաստելու համար տօնի յատուկ «փոխընտէ ճաշ» (խաշիլ): Մայրերը մտահոգ իրենց երեխաներու սոված մնալէն չեն կրնար քնանալ եւ դարձեալ շուտ կ՚արթննան, որպէսզի տղաներուն համար փոխինձով խաւիծ, ալիւրով ճաճառուն կամ հացի ճըմուռ պատրաստեն եւ զանոնք արթնցնելով կերակրեն:

«Փոխընտէ ճաշ»ը կը պատրաստեն մեծ կաթսայով. կը բոլորուին սեղանին շուրջ եւ միասին կը ճաշակեն: Երիտասարդները իրենց բաժինէն կտոր մը գաղտագողի կը դնեն տանիքին վրայ եւ կը սպասեն, որպէսզի տեսնեն թէ թռչունը այն կտցահարելով դէպի որ կողմ պիտի թռչի, այն կողմէն ալ հաւանաբար պիտի գայ իր բախտը:

Իւրայատուկ լուսանկար մը, ուր կը տեսնենք Մշոյ դաշտի Առաքելոց վանքի ուխտագնացութենէն տեսարան մը (Աղբիւր՝ ՀՅԴ արխիւ, Ուոթըրթաուն, Մասաչուսէց)։

Շըւդահան

Շըւոդ/շըւոտ (սաբաթ կամ փուռտիկ) կը կոչուի ձմեռայնին ոգու դեւը: Այն Փետրուար ամսանունին աղաւաղուած անուանումն է: Փետրուարի վերջին օրը, ի լոյս Մարտի 1, կէսգիշերին, ընտանիքի անդամները, մէկական փայտ բռնած, կը զարնեն տան պատերուն, անկիւններուն եւ յատակին, վախցնելով ու դուրս վռնտելով ձմեռային դեւը եւ ներս հրաւիրելով գարունը, կը կրկնեն. « Շըւոդ [Փետրուար] դո՛ւրս, Ադար [Մարտ] նե՛րս»:

Սասունցիք  «Զիպ» անունով կը կոչեն Փետրուարի վերջին եւ Մարտի առաջին օրերու «պառաւի քամու» (այլ անունով «պառաւի ուլեր») եօթ օրերու հատուածը, երբ եղանակը  անկանխատեսելի փոփոխութիւններ ունի:

Փոքր չափի պղնձեայ խաչ, որուն վրայ արձանագրոիւած է «Ազատութիւն հայոց - Սահմանադրութիւն 1908»։ Նաեւ նշուած է շատ հաւանաբար խաչին տիրոջ անունը՝ «Տիգրան Աւագ Տիրացու Կարապետեան»։ Կ՚ենթադրուի որ այս խաչը երկար տարիներ պահուած է Մշոյ դաշտի Առաքելոց վանքի մօտակայ ապրող իսլամացած հայերու մօտ։ 1975-ի շուրջ, երբ այս կողմերը կ՚այցելէր ֆրանսացի արուեստի պատմաբան Ժան-Միշէլ Թիեռի, գիւղացիներ կը մօտենան իրեն, գետնի վրայ խաչի նշան մը կը գծեն, այս ձեւով հասկցնելով իրենց ծածուկ ինքնութիւնը։ Ապա սոյն պղնձեայ խաչը, որ մինչ այդ կը պահուէր իրենց մօտ, կը յանձնեն ֆրանսացի գիտնականին զայն փրկելու մտադրութեամբ։ Թիեռի երբ կը վերադառնայ Փարիզ, խաչը կը նուիրէ Արմենուհի Գեւոնեանի (ծնեալ Տէր Կարապետեան), որ բնիկ մշեցի էր եւ այցելած էր Առաքելոց վանք։ Այս յուշիրը ներկայիս կը պահուի Գեւոնեան ընտանիքի հաւաքածոյին մէջ, Փարիզ։

Պարգանտան (Բարեկենդան)

Ամենաուրախ տօնն է ամբողջ Հայաստանի, այդպէս ալ Սասունի համար: Կանայք կը պատրաստեն բազմազան կերակուրներ. մարդիկ տանիքներու վրայ կերուխում կ՚ընեն, կ՚երգեն, կը պարեն, խաղեր եւ մրցոյթներ կը կազմակերպեն. այցելութիւններ, բարեմաղթանքներ, ուրախութիւն: Բոլորը՝ թէ՛ կին եւ թէ տղամարդ, երեխայ թէ ծեր կը մասնակցին տօնախմբութեանը եւ եռուզեռ է ամենուրէք, հակառակ ցուրտ եղանակին:

Մկան երկուշաբթի

Այսպէս կը կոչուի Մեծ պահքի առաջին Երկուշաբթին: Մարդիկ բարձրանալով տանիքներուն վրայ, երկու տափակ քար իրար քսելով, ձայն կու տան իրարու.

  • Աղամ, աղամ, զի՞նչ աղամ:
  • Աղամ զմկներ, զկարիճներ, զօձեր:
  • Աղամ, աղամ, զի՞նչ աղամ:
  • Աղամ զչար լեզուն, զչար աչքն եւ զչար դեւն:
  • Աղամ, աղամ, զի՞նչ աղամ:
  • Աղամ զմեր տուշմաններ [թշնամիներ], զքիւրտեր, զթիւրքեր:
  • Աղամ, աղամ, զի՞նչ աղամ:

Անտոք/Անդոկ լեռը (Սասուն գաւառակի հիւսիսը), տեսարանը Կէլիէկիւզան գիւղէն (Աղբիւր՝ Raymond H. Kévorkian, Paul B. Paboudjian, Les Arméniens dans l’Empire Ottoman à la veille du génocide, Paris, 1992)։

Եւ այսպէս շատ բաներ շարադրելով կʼաղան այդ օրը, հաւատալով որ, ինչպէս որ կը հրաժարուին ուտիքի օրերու ուտելիքներէն ու զուարճութիւններէն, այնպէս ալ այդ օրուայ մոգականութեամբ ու հմայական ծէսով կը ձեռբազատուին թուարկուած վնասատու երեւոյթներէն:

«Ֆարախ շոյ» կը կոչուի այդ օրուայ աման լուալու արարողութիւնը։ Կանայք կը լուան բոլոր ամանեղէնները, որպէսզի ուտիքի օրերու յիշողութիւնը վերանայ, ապա կը մաքրեն տան առաստաղն ու յատակը, բուխերիկները: Կրային փոշիով ալ կը նախշեն առաստաղի գերանները: Յետոյ անպայման կը պատրաստեն «Ֆռիգ» կոչուող պահքային շաբաթացոյցը՝ մեծ սոխի մը մէջ խրելով եօթ փետուր եւ այն կը կախեն առաստաղէն, որպէսզի ճօճուելով երեխաներուն զգուշացնէ պահքը չխախտելու մասին. կանայք ամէն Շաբաթ օր անոր վրայէն հանելով փետուրներէն մէկը՝ կը վառեն օճախին մէջ:

Փիլկի (փայլատակման) Կիրակի

Ձմեռը շատ խիստ, նոյնիսկ դաժան է Սասունի մէջ: Ուշ աշնանը, երբ կը լսուին առաջին ուժեղ որոտումները, մէջքերնին կու տան պատին եւ ամուր կը կանգնին, հաւատալով որ այդպիսով աւելի ամուր կը դառնան: Որպէս արարողակարգ, Պահքի առաջին Կիրակին կ՚ոգեկոչեն բնութեան ուժերը, յատկապէս կայծակներն ու որոտումները, որպէսզի գարնան իրենք եւ իրենց ունեցուածքը զոհ չդառնան անոնց հարուածներուն:

Աղբի/Ախպի գիւղ, Սասունի գաւառակ։ Գիւղացի մը տափանով կը հարթէ ցորեն ցանուած արտին մակերեսը (Աղբիւր՝ ՀՅԴ արխիւ, Ուոթըրթաուն, Մասաչուսէց)։

Կատղաշան կամ Տէր Ամենակալի Կիրակի

Այդպէս կը նշեն Պահքի յաջորդ Կիրակին, որովհետեւ Սասունի մէջ շատ մարդիկ կը ծռուին (ողնաշարը) կամ կը կատղին՝ ենթարկուելով կատղած շուներու յարձակումներուն: Այս իւրայատուկ ծէս մըն է, կանխելու համար անոնց վնասները:

Հոլու Գիլ կամ Հորեգիլ

Պահքի կէսին, Միջինքի Չորեքշաբթի օրը կանայք կը թխեն նոյնանուն հացը, որուն մէջ գուշակութեան պայմանական նշան մը կը դնեն. որու բաժնէն որ դուրս գայ, տան բախտաբերը համարուի:

Փոթորկի Կիրակի

Պահքի Կիրակիներէն մէկն ալ նուիրուած է ձիւնին եւ բուք-բորանի ուժերուն. նուիրաբերելով ու աղօթելով կը դիմեն Աստուծոյ, որ իրենց պահպանէ ու փրկէ ձիւնի արհաւիրքներէն: Սասունի մէջ ամէն տարի շատ մարդիկ զոհ կը դառնան ահառկու ձիւնամրրիկներուն. «մարազ»ը բեկորներ պոկելով սառցաժայռերէն փոթորիկի ժամանակ կը նետէ այս ու այն կողմ, իսկ «հշկին» (հուսին), բուքի ժամանակ ձիւնաշերտեր դղրդիւնով կը քշէ ու կը փակէ ճանապարհները, յաճախ ձիւնէ բլուրներ գոյացնելով: Ձմրան բուք-բորանի ժամանակ յանկարծ կը լսուի. «Հա́յ, հա́յ, հաւա́ր է». տղամարդիկ մեծ փայտէ թիակներով զինուած կը վազեն ձիւնէ բլուրներու տակէն ազատելու զոհին:

Զարզարդիկ (Ծաղկազարդ)

Կէս գիշերին կոչնակի ձայնը մարդկանց կը հրաւիրէ եկեղեցի. իւրաքանչիւրը վերցնելով նախապէս պատրաստած իր «մոմբադ»ները (մոմապատ = մոմի երկար ու բարակ ճրագ) կը շտապեն ներկայ գտնուիլ գիշերային մոմավառութեանը: Բոլորը միասին կը վառեն իրենց մոմերը, լուսաւորելով գաւիթը. մէկական մոմ ալ պատին կպցնելով կը վառեն, իրենց ննջեցեալներու յիշատակին: Երբ մոմը վառելով մատի մը չափ կը մնայ, ոլորելով օղակաձեւ կը կախեն իրենց վիզէն, որպէսզի ամրանը ապահով ըլլան օձերէն:

Գրակալին առջեւ ուռիի ճիւղերու խուրձ մը դրուած կ՚ըլլայ, որու վրայ ալ մոմեր կը կպցուին: Աւետարանի ընթերցումէն յետոյ քահանան կը հարուածէ ճիւղերը, ջարդ ու փշուր ընելով խուրձը: Հաւատացեալները կը միանան քահանային եւ իւրաքանչիւրը շիւղ մը  վերցնելով՝ մատանիի կը վերածէ եւ անցընելով իր մատին, կ՚աղօթէ զերծ մնալ «գոպնոտ» կոչուող ցաւոտ հիւանդութենէն, որ քրքրելով մատներու պտեղները, արիւն կը հոսեցնէ:

Առաւօտեան, պատանիներ ընտրելով ուռիի ուղիղ ճիւղեր, կեղեւահան կ՚ընեն, ապա կեղեւով կը փաթթեն նոյն ճիւղը եւ կը պահեն ծուխի վրայ. կեղեւը հանելէն յետոյ, տեղ-տեղ մգացած կ՚ըլլայ՝ նախշեր նկարելով վրան. այս գաւազանիկները կը կոչեն «խեդապրիգ» կամ «խիդաբըտիկ»: Այդ օրը ուրախութիւն է իրենց համար. «խեդապրիգ»ներ ձեռքին մէջ ճօճելով, պատանիները կը շրջին փողոցէ-փողոց, տունէ-տուն, գոռալով. « Խիդաբըտիկ, զարզադիկ….»։ Կանայք լսելով անոնց ձայները, դուրս կու գան եւ իրենց հաւերու հաւկիթներէն կը նուիրեն՝ նախապատրաստուելու համար Կարմիր Զատիկին:

Կարմիր Զատիկ

Շաբաթ օրը գրեթէ բոլորն ալ ծոմ կը պահեն եւ երեկոյեան ոտքով ուխտի կ՚երթան եկեղեցի մասնակցելու Ճրագալոյցի Պատարագին եւ ստանալու Սուրբ Հաղորդութիւն, զոր «պարծրարիգ» կը կոչեն: Ապա տուն գալով կը մէկտեղուին տօնական սեղանի շուրջ եւ պահքը լուծարելու համար առաջին ներկուած հաւկիթը կը ճաշակեն. յետոյ եղով ճաշ, մածուն, պանիր, եւայլն: Սասունցիք «խըթիլ» արտայատութիւնը կու տան պահքէն դուրս գալու ճաշելուն:

Հաւկթախաղի իւրայատուկ սովորութիւն մը ունին. արդէն իսկ սովորական հաւկթախաղի մասնակցած ու կոտրուած հաւկիթները կը գլորեն, որու նետածը միւսի գլորածին կպնի, յաղթողը կը վերցնէ երկուքն ալ:

Յաջորդ օրը հաւաքական մատաղ կը պատրաստեն եւ եկեղեցիի բակին մէջ կը բաժնուի բոլորին:

Ապրիլ 7 – Պասըմպոլ

Աղջիկներ, հարսեր ու երիտասարդ կանայք այս օրը հաւաքուելով տանիքներու վրայ, կարմիր ու կանաչ թելեր ոլորելով «պասըմպոլ» կոչուող նարօտներ կը հիւսեն. ապա գունաւոր երիզներով եւ ուլունքներով կը զարդարեն. իսկ մեծահասակ ու տարեց կանայք «պասըմպոլ»է շալեր կը հիւսեն: Սովորութեան համաձայն կը տանին եկեղեցի, որպէսզի պատարագի ընթացքին օրհնուին: Ապա զանոնք կը կապեն  անասուններու կոտոշներուն կամ վիզերուն, որպէս չարխափան: «Պասըմպոլ»ներու վրայ ագուցելով Ծաղկազարդի մոմէ թալիսմանները՝ զանոնք կը կապեն երեխաներու վրայ կամ նուէր կը ղրկեն սիրեցեալներուն:

Համբարձում

Համբարձման տօնին, ամբողջ ընտանիքով մեծ պատրաստութիւններ կ՚ընեն ուխտի երթալու համար բարձրադիր անտառի մէջ ծուարած Սուրբ Աթանագինէի (կամ Սուրբ Անթանիա) վանքը: Սովորաբար ամէն տուն մատաղցու ոչխար կամ այծ մը կը զոհաբերէ: Բոլորը կը հագնին տօնական զգեստներ. կանայք ու աղջիկներ կը կրեն իրենց ամենասիրուն զարդերը, իսկ երիտասարդներ՝ դաշոյններ ու հրացաններ կը կրեն: Ճամբայ ելլելէն առաջ կ՚աղօթեն. «Ով Սուրբ Անթանիա, ահա զմըր պըտը քըզի կտանք. դու զմըր մուրատն իտաս» (Ով Սուրբ Անթանիա, ահա մերը քեզի պիտի տանք, դու մեր մուրազը տաս): Կը ճանապարհուին խումբերով, յաճախ նոր ընտանիքներ կը միանան. երբեմն բարձունքներու վրայ տղամարդիկ հրացանի կրակոցներ կ՚արձակեն, այդպիսով նաեւ իրարու լուր տալով իրենց հասած վայրի մասին: Աղջիկներ երգելով ծաղկեփունջեր կը պատրաստեն՝ իրենց գլուխներն ու գօտիները զարդարելու համար:

Երբ անտառ կը մտնեն, բոլորը խաչակնքելով կը շշնջան. «Հաւատամ, խոստովանիմ քու Սուրբ երեսը»։ Տղամարդիկ կը սկսին հրացանով կրակել. կը լսուի տհոլ-զուռնայի ձայնը. մինչ այդ հասած խումբերն արդէն իսկ տեղաւորուած են: Իւրաքանչիւր ընտանիք օճախ կը շինէ, մատաղը եփելու համար: Պատանիներն ու երիտասարդները ներքաշուած են մրցոյթ խաղերու մէջ. պարմանուհիներ կը դիտեն կամ կը մասնակցին երգ ու պարին։ Սասունցիներու ամենասիրած պարերն են «Մարտլոցուկ»ը եւ «Եարխուշտա»ն. ուրիշ տեղ մը լարախաղացը իր շնորհքը կը ցուցադրէ. երիտասարդները նշանառութեան մրցումներով առիթ ունին իրենց քաջութիւնն ու ճարտարութիւնը ցուցաբերելու, այդպիսով երիտասարդուհիների ուշադրութիւնը գրաւելու. աղջիկ-տղայ իրար տեսնելու եւ սիրահարուելու հնարաւորութիւնը մեծ է. աւանդազրոյցի համաձայն, այդ օր հանդիպած (կամ նշանուած) զոյգերը բախտաւոր կ՚ըլլան:

Սասունցի գիւղացիներ (Աղբիւր՝ Raymond H. Kévorkian, Paul B. Paboudjian, Les Arméniens dans l’Empire Ottoman à la veille du génocide, Paris)։

Այնտեղ կայ Սուրբ Ջուրի բնական աւազան մը: Հաւատալիքի համաձայն ջուրը կրնայ ցամքիլ անարժաններու մտնելու ժամանակ: Հիւանդները կը բուժուին անոր ջուրին մէջ լոգնալով, իսկ առողջները՝ կը պահպանուին բոլոր տեսակի հիւանդութիւններէն ու վտանգներէն:

Ամբողջ գիշերը կը շարունակուի ուրախութիւնը եւ օճախներու վրայ կը պատրաստուի մատաղը. տեղ-տեղ կը լսուին սրինգներու մեղեդիներ: Առաւօտեան Պատարագէն յետոյ, իւրաքանչիւր ընտանիք իր սեղանի շուրջ կը համախմբուի, ճաշակելէն առաջ մատաղէն բաժին հանելով կղերականներուն ու աղքատներուն:

Ըստ աւանդազրոյցի, տօնի նախօրէին, երկնակամարի վրայ իրար կը հանդիպին ու կը համբուրուին Լէյլի եւ Մեջնուն սիրահար աստղերը. այդ ակնթարթին ամբողջ տիեզերքը կը լեցուի մոգականութեամբ. ով որ տեսնէ անոնց հանդիպումը եւ այդ վայրկեանին ջուրով լեցնէ իր սափորը, ջուրը ոսկիի կը վերածուի…։

Վարդավառ

Վարդավառի տօնի առիթով իւրաքանչիւր գիւղ իր մօտիկ սրբատեղին կ՚երթայ: Դարձեալ մատաղ կը պատրաստուի նոյն ուրախ երգ ու պարով եւ ժողովրդական  խաղերով: Սովորութիւն է անթառամ ծաղիկներով խաչեր հիւսել եւ նուիրաբերել, կախելով եկեղեցւոյ պատերուն: Աղբիւրներու կողքին իրարու վրայ ջուր կը ցանեն, հայցելով ջուրի օրհնութիւնը տարուայ բերքի համար: Նմանատիպ հաւատալիք մըն է երաշտի ժամանակ խաչքարերը ջուրով լուալու ծիսակարգը:

Չորսօրեայ մեծ ուխտագնացութիւն կը կատարուի Մարաթուկ լերան վրայ. առաջին օրը ուխտաւորները կը բարձրանան Մարաթուկի մեծ գագաթին, երկրորդ օրը՝ փոքր գագաթին. իսկ յաջորդող երկու օրերուն տօնախմբութիւններ կը կազմակերպեն. մատաղ կը պատրաստեն, աղաւնի կը թռցնեն, ջրոցի կը խաղան, ինչպէս նաեւ մենամարտեր, երգ ու պար, նշանառութիւն, ձիարշաւ, մրցոյթներ, եւայլն:

Այլ աւանդութիւններ ու հաւատալիքներ

Երկնային լուսատուներու եւ Տարերքներու պաշտամունքը առանձնայատուկ տեղ ունի սասունցիներու մշակոյթին մէջ: Սասունի Սիմ լեռը կը համարուի լուսնի աստուածութեան բնակավայրը: Այս լերան վրայ կը գտնուի սասունցիներու սիրուած ուխտավայր Սուրբ Անթանիայի վանքը: Լուսնի խաւարման ժամանակ, տղամարդիկ հրացանաձգութիւն կ՚ընեն դէպի լուսին ուղղելով հրացանի փողը, հաւատալով որ բարի աստուածը կ՚ազատեն չար աստուածներէն:

Մայրերը իրենց նորածինները գրկած, լուսնկայ գիշեր կը հանեն տանիք, երեխաներուն լուսնի դէմ պահելով՝ անոնց երեսներուն ու ձեռքերուն մուր կը քսեն, որպէսզի չհիւանդանան: Աւելի մեծ երեխաներու վիզէն կը կախեն պղինձէ լուսնաձեւ կտրուած դրամներ: Լուսնի խաւարումը ձախորդութեան վատ նշան է. տղամարդիկ կը բարձրանան կտուրին եւ կը կրակեն, կանայք կը կանխեն աղօթելով ու մատաղ կը խոստանան, կասեցնելու համար խաւարումը:

Նոյնը կ՚ընեն նաեւ արեւի խաւարման ժամանակ. արեւի խաւարումը արիւնայեղութեան ու պատերազմի վատ կանխագուշակութիւն է։ Արեւի պաշտամունքը խորը արմատներ ունի. արեւով երդուիլը տարածուած երեւոյթ է. երբ հաց կամ գաթա կը թխեն արեւի ճառագայթներ կը գծեն խմորի վրայ:

Աստղերը մարդկանց թիւին կը համապատասխանէ, իւրաքանչիւր մարդ իր աստղն ունի երկնքի վրայ. նորածինի ծնունդով կ՚աւելնան անոնք, իսկ մահացողի հետ կը պակսին աստղերը:

Աղեղնուկ կ՚ըսեն ծիածանին. երբ զայն տեսնեն կանայք կ՚երթան աղբիւրէն ջուր կը բերեն, որպէսզի իւղը առատանայ: Եթէ ծիածանի մէկ ծայրը ջուրի մէջ մտած է, ուրեմն անձրեւը պիտի շարունակուի: Եթէ մարդ ծիածանի տակով անցնի, կը փոխէ իր սեռը:

Որոտումը եթէ խուլ է, ուրեմն ձիւն պիտի գայ, եթէ յստակ ու հնչիւն է՝ անձրեւ կու գայ, իսկ եթէ ուժեղ է, ապա կարկուտ կը տեղայ:

Կայծակը կը զարնէ միայն չար, կամ չարքով վարակուած մարդուն. հետեւաբար կայծակի ժամանակ դրան շեմին չեն կայնիր, որովհետեւ չարքերը դրան տակ պահուըտած կ՚ըլլան։ Ուրեմն անընդհատ Քրիստոսի անունը կը կրկնեն, որպէսզի չարքերը փախնին եւ կայծակը չզարնէ իրենց:

Հողը սրբութիւն է սասունցու համար. հողի անունով երդում կու տան. «Հեյդը հուղը թէղ վըգա էղնի» (Այս հողը թող վկայ ըլլայ): Հողի պաշտամունքային մնացուկներէն է հողը համբուրելու, կամ ծնրադրելով երկրպագելու, ինչպէս նաեւ դէմքը հողին քսելու ծէսը: Թաղումի ժամանակ մարդիկ ննջեցեալին հրաժեշտ կու տան ափ մը հող նուիրաբերելով անոր դագաղին: Պանդուխտները ափ մը հայրենի տան հողէն կը տանին իրենց հետ: Վանքերու շրջակայ հողերը ենթակայ չեն վաճառքի, այն համարելով Սուրբի հողերը. այսպէս նաեւ որս կարելի չէ ընել սրբավայրերու մօտակայքը. սրբավայր մտնելու ժամանակ տղամարդիկ իրենց զէնքերը դուրս կը ձգեն:

Սասունցի գիւղացիներ (Աղբիւր՝ Raymond H. Kévorkian, Paul B. Paboudjian, Les Arméniens dans l’Empire Ottoman à la veille du génocide, Paris)։

Կրակի պաշտամունքի վառ օրինակ է Տըրընդեսը: Մնացուկներէն է օճախով երդումը. «Քու տան կրակը (կամ օճախը) վկայ» կամ անէծքները. «Օճախդ մարի….»: Կանանց պարտականութիւններէն մէկն է տան օճախը միշտ վառ պահել, գիշերն ալ այնպէս անթեղել, որ առաւօտեան արագ վառուի:

«Սասունցի Դաւիթ» աւանդավէպի մէջ յստակօրէն կ՚արտացոլուի ջուրի պաշտամունքը. Ծովինարը հայրենի աղբիւրի ջուրէն խմելով երկու բուռ, կը յղիանայ ու կը ծնի Սանասարին ու Պաղտասարին: Սանասարը հրաշագործ առուակի ջուրը խմելով կ՚ըսէ. «Ազնանց որդու ջուր է, ով որ էդոր ական ջուր խմէ, էդպէս կտրիճ կըլնի» (Քաջերու որդու ջուր է, ով որ անոր ակէն ջուր խմէ, այդպէս կտրիճ կ՚ըլլայ): Քուռկիկ Ջալալին դուրս եկած է Անտոք լերան Պայթող աղբիւրին մէջէն: Ճակատամարտէն առաջ, Դեղձուն տատիկը Դաւիթին կը ղրկէ «Մհերի կաթնաղբիւր» ջուր խմելու. Քուռկիկ Ջալալին Դաւիթին այնտեղ հասցնելով, աղբիւրի առաջ «ծունկ կը չոքէ»:

Սարերու վրայ կան բազմաթիւ աղբիւրներ, առուակներ ու գետակներ: Յատկանշական է անոնց տրուող անուանումը, օրինակ՝ լուսաղբիւր, կաթաղբիւր, օձաղբիւր: Սասունցիք կը հաւատան իրեմց ջրերու կենարար ու բուժիչ յատկանիշներուն։

Ջրի պաշտամունքի հետ կ՚առնչուի նաեւ Վիշապի պաշտամունքը, որ դիւցազներգութեան ու անմահութեան խորհրդանիշ է: Հուշփի (վիշապի) ճամբան լեռնային կածան մըն է, ուրկէ ակնածանքով կ՚անցնին սասունցիները: Սասունի տարածաշրջանի մէջ կը գտնուի հնամենի Վիշապ քաղաքի աւերակ բնակատեղին: Վիշապի պաշտամունքի մնացուկներէն է օձի պաշտամունքը: Սասունցիք օձերուն կը վերագրեն տան հաւատարիմ պահապանի գործառոյթը, հետեւաբար թոյլ կու տան, որ իրենց տուներուն մէջ ծուարին: Երեխաներու գլխարկներուն վրայ յաճախ վիշապի կամ օձի պատկերներ կ՚ասեղնագործեն, հաւատալով որ տղան մեծնալով վիշապազուն պիտի դառնայ. տղամարդիկ իրենց հագուստներուն մէջ օձի կաշուի կտորներ կը կարեն, նոյնիսկ ոմանք օձի շապիկ կը պահեն իրենց ծոցին մէջ, հաւատալով անոր զօրութեանը:

Սասունցիներու մէկ աւանդազրոյցի համաձայն, օձերը երբ ծերանան կու գան Ծովասար եւ Կեփին՝ սարերու աղբիւրներու մօտ ջուր խմելու. ուտելէ յետոյ աղբիւրի կողքին աճող անմահական ծաղիկներէն, կը մտնեն ջուրին մէջ, լողալու ժամանակ շապիկը կը փոխեն ու վերածնուած դուրս կու գան ջուրէն:

Շէնիկի և Կէլիէկիւզանի հայ երևելի գիւղացիներ (Աղբիւր՝ Raymond H. Kévorkian, Paul B. Paboudjian, Les Arméniens dans l’Empire Ottoman à la veille du génocide, Paris)

Սուրբ Անթանիա վանքի մօտ հրաշագործ աղբիւր մը կայ. քիւրտերը «Կանիէ մարան» (Օձաղբիւր) կը կոչեն այն. ըստ տեղական աւանդազրոյցի, վիրաւոր հսկայ օձ մը սողալով կը մտնէ այդ ջուրին մէջ լողալու. քիչ անց, ամբողջութեամբ առողջացած դուրս կու գայ, թափահարելով կը նետէ հին կաշին, կը դառնայ «շահմար» (արքայաօձ) եւ կրկին կը սողայ անտառ: Աղբիւրին վրայ մատուռ մը կայ, որուն մէջ կը լճանայ ջուրը. հիւանդները կը մտնեն այդ ջուրին մէջ բժշկուելու համար, յետոյ մոմ կը վառեն, խունկ կը ծխեն, կ՚աղօթեն, վերադարձին իրենց հետ տանելով այդ սուրբ ջուրէն:

Ծովասարի գագաթին լուսնաձեւ լիճ մը կայ, զոր կը կոչեն Աստուածածնայ անունով։ Իսկ Կեփինի լանջին գտնուող օձաղբիւրը կը կոչուի Կարմիր Ճակատ:

Անտոքը Սասունի ամենաբարձր լեռն է. անոր ստորոտին գտնուող Մերկեր թաղին մէջ կը գտնուի Պայթող Աղբիւրը: Ըստ ժողովրդական հաւատալիքի, Անտոք լերան մէջ ծով է, մէջը՝ հրեղէն ձիեր, որոնք աղբիւրի մէջէն դուրս կը թռչին դիտելու արեւն ու աշխարհը. սակայն երբ զգան մարդկանց ներկայութիւնը, ձկներու պէս կը խորասուզուին Անտոքի ընդերքին մէջ:

Մարաթուկը սասունցիներու ամենասիրած լեռն է. այնտեղ կը գտնուին ամենասիրած ուխտավայրերը. ճակատամարտէն առաջ, Առիւծ Մհերն ու Դաւիթը ուխտի գացած են Մարութավանք: Սերունդէ սերունդ այդ պաշտամունքը փոխանցուած է եւ ուռճացած: Ժողովուրդը կը պատմէ, որ սարերու արքայ Անտոքը նեղսրտելով ու նախանձելով  Մարաթուկի պաշտամունքին ի տես, մարտի կը հրաւիրէ զայն: Անտոքը իր կայծակի թուրով կը հարուածէ ու կը ճեղքէ Մարաթուկի գլուխը՝ այնտեղ գոյացնելով մեծ վիհ, որ մինչեւ հիմա կայ։ Այդ առիթով ալ ժողովուրդը անոր «ջուղտակ գլուխ Մարաթուկ» անունը կու տայ: Ի պատասխան Անտոքի հարուածին, Մարաթուկը իր կողէն հսկայ ժայռաբեկոր մը կը պոկէ ու կը նետէ Անտոքի կուրծքին, վիրաւորելով զայն. վէրքի հետքը ժողովուրդի կողմէ կ՚ընկալուի որպէս Մարաթուկի թաթի խարանը. այն կը գտնուի Անտոք եւ Կեփին սարերու միացման կէտին:

Սեմալ, հայ ընտանիք մը (Աղբիւր՝ Raymond H. Kévorkian, Paul B. Paboudjian, Les Arméniens dans l’Empire Ottoman à la veille du génocide, Paris)

Կը պատմեն նաեւ Մարաթուկի լանջին գտնուող Շարաքար կոչուող քարերու մասին, որոնք քարացած հովիւի ու իր հօտի քարաշարքն է: Ըստ աւանդապատումի, հովիւը իր արածող ոչխարներու հետ կը հասնի այդ վայրը. ամառուայ տաք եղանակն է. կը ծարաւնան ու կը տառապին. հովիւը բարձրանալով բարձունքի մը վրայ, սրինգով կը նուագէ սրտայոյզ մեղեդիներ, գութը շարժելու սարերուն ու ձորեուն։ Մարութավանքէն ջուր կը խնդրէ եւ կը խոստանայ Մարաթուկին իր նոխազը մատաղ ընել: Հսկայ ժայռէն սառնորակ աղբիւր մը կը բխի, հովացնելու եւ ջուր տալու պապակած հօտը: Հօտն ու հովիւը կը լիանան ջուրով, սակայն հովիւը իր խոստումը չի կատարէր. Մարաթուկը զայրանալով կը քարացնէ հովիւը, հօտը եւ աղբիւրը:

Մարաթուկի լանջին, մէկ այլ տեղ, ժայռի մը վրայ դրոշմուած է Դաւիթի մատնահետքը. ըստ ժողովրդական հաւատալիքի, խաշնարած Դաւիթը ուրախութեամբ կը հետեւի հօտին ու կթուորներուն. յանկարծ ամեհի ժայռ մը կը գլորի սարն ի վար, սպառնալով անոնց կեանքին. Դաւիթը թռչելով կը կանգնեցնէ ժայռը, որուն վրայ կը դրոշմուի իր մատնահետքը:

Սասունցիք կը հաւատան «չար աչք»ին, որուն զոհ կը դառնան գեղեցիկ տղաներն ու աղջիկները, լաւ հրաձիգն ու ձիաւորը, առեւտուրի մէջ լաւ վաստակողը, ընտիր անասունները, այն բոլորը, որոնք աչքի կը զարնեն. հետեւաբար ուշադիր կ՚ըլլան թաքցնելով անոնց. մայրեր իրենց փոքրահասակ զաւակներու թիկունքին կը կարեն ուլունքներ, դրամներ, գունաւոր ծոպեր, որպէս թալիսմաններ: Նոյն նպատակով, նորածինի ծնուելէն յետոյ, ասեղներ կը լեցնեն ջուրի գաւաթին մէջ ու կը խմցնեն ծննդկանին. ասեղներ կը խրեն նաեւ նորածինի բարձին: Սակայն եթէ արդէն «չար աչքը զարկած է», կը դիմեն աղօթասաց կանանց. այս կանայք աղօթքը կը կարդան աղի, հացի կամ խաշած հաւկիթի վրայ, որոնք պէտք է կերցնեն հիւանդին: Կան նաեւ «թուղթ բացող» կանայք, որոնք զանազան հմայիլներ պատրաստելով, կը բուժեն «զարկուած»ները:

Տղայ նորածիններու մազերը չեն սանտրեր, որպէսզի ակռաները ամուր ըլլան. առաջին անգամ կը կտրեն ակռայ հանելէն յետոյ միայն: Եթէ տանը մէկ տղայ երեխայ կայ, այն էլ շատ սպասուած կամ դժուարութեամբ ծնուած, ծնողները ուխտ կ՚ընեն եօթ տարի մազերը չկտրել. 7 տարեկան տղային ուխտի կը տանին սրբավայր ու մազերը խուզելէն յետոյ, մազափունջի ծանրութեամբ արծաթ դրամ կը բաժնեն աղքատներուն:

Երբ առաջին ակռան կը փոխէ, ակռան կը դնեն դրան ծխնիի տակ եւ դուռը տարուբերելով կը կրկնեն. «Մանդր-մանդր կաց գառան, խայիմ-խայիմ կաց ջորուն» (այսինքն՝ երեխայի ակռաները ըլլան գառի ակռաներուն նման մանր, ջորիի ակռաներուն նման ամուր):

Սասունի Հազօ բնակավայրը. ընդհանուր տեսարան (Աղբիւր՝ Victor Pietschmann, Durch kurdische Berge und armenische Städte, Wien, 1940)

Գարնան առաջին իւղը երբ կը ստանան, զայն կը նուիրաբերեն եկեղեցւոյն։ Այս առիթով,  Ճրագալոյցի Պատարագին կ՚ոգեկոչեն Սարերու ոգիները եւ անոնցմէ կը խնդրեն կաթնատւութեան առատութիւն: Հացահատիկի նոր բերքի ալիւրէն առաջին խմորը հունցելով ու հաց թխելով՝ ամբողջուեամբ  կը բաժնեն, որպէս շնորհակալութիւն ստացուած բերքի:

Որոշ հիւանդութիւններու համար, ուխտի կ՚երթան սրբատեղիներ ու այնտեղ կը կատարեն իւրայատուկ ծէսեր: Մրսածողութեան ու դողերոցքի ժամանակ, սուրբ վայրի քարեր կ՚առնեն, կը տաքցնեն ու կը քսեն մարմնին. հող առնելով ցեխի կը վերածեն ու կը քսեն թիկունքին, ոտքերուն  ու թեւերուն. իրենց հագուստէն ծուէն մը կը կտրեն ու կը կապեն սրբավայրի ծառերու ճիւղերուն, որպէսզի ցաւը լաթին հետ մնայ այնտեղ ու չքանայ:

Օձի խայթոցի ժամանակ կը գործածեն «դեղթափ» երփներանգ ուլունքաքարերը, զորս կը հաւաքեն դաշտերէն։ Ըստ մամիկներու անոնք «կարկուտի հետ երկինքէն կը թափուին»: Օձը սպաննելու ժամանակ պետք է ըսել. «Զքու ամանաթ չկորցուս» (Ունեցուածքդ  չկորսնցնես)։ «Ամանաթ» կը կոչեն նաեւ օձի սեւ լեղին, զոր որպէս աչքի դեղ կը գործածեն:

Կարիճի խայթոցի ժամանակ, ենթական կը տանին բարձունքի մը վրայ, ուրկէ կը տեսնուի Մարաթուկ լերան գագաթը, հաւատալով որ երկար ու կեդրոնացած դիտելով պաշտամունքային այդ լերան գագաթը, խայթոցի թոյնը կը չէզոքանայ: Ժողովրդական պատումներու համաձայն, այդ լերան վրայ ապրած է Մարութ անունով ճգնաւոր մը, որ համարուած է ժամանակի ամենասուրբ մարդը. ան մահացած է կարիճի թոյնէն. ճգնաւորի գերեզմանը կը գտնուի լերան գագաթին, որուն վրայ վանք մը կառուցած են, այն կոչելով Մարութավանք՝ սուրբի անունով,  յետագային լեռն ալ անուանած են Մարութայ սար:

Մարաթուկի արեւմտեան հատուածի խոր հովիտը կը կոչուի «Տապանակ». կը պատմուի, որ Նոյի տապանը այնտեղէն անցած ժամանակ, գերաններէն մէկը  կտրելով ինկած է այնտեղ, այդ պատճառով ալ հովիտի անունը կնքուած է այդպէս:

Ամէն տարի ամռանը Մարաթուկ սարէն ահեղ պայթիւնի ձայներ կը լսուին. տեղացիք «Մարաթկու թոփ» կը կոչեն այս տարօրինակ երեւոյթը ու կը բացատրեն, որ Մարաթուկի թոփը կը կրակէ, որպէսզի չար մարդիկ անոր հողի վրայ ոտք չկոխեն: Կանայք երբ կ՚անիծեն կ՚ըսեն. «Մարաթկու թոփ առնը քո ջան» (Մարաթուկի գնդակը զարնէ քու մարմինդ) կամ «Մարաթկու թոփ զքու տուն քանդը» (Մարաթուկի գնդակը քու տունդ քանդէ):

Որոշ կենդանիներու կերպարները կամ անոնց բնաւորութեան իւրայատկութիւնները դարերու ընթացքին ձեւաւորած են հաւատալիքներու եւ գուշակութիւններու շարք մը:

Եթէ շունը մելամաղձոտ եւ միալար ոռնալով նայի մէկի տան կողմը, հաւանական է, որ այդ տան մէջ դժբախտութիւն կամ մահ պատահի. իսկ եթէ այդպէս ոռնալով լուսնին նայի, ուրեմն համընդհանուր աղէտ պիտի պատահի: Կը հաւատան որ նորածիններուն խեղդող ոգին շունէն կը վախնայ, հետեւաբար եթէ ընտանիքի մը մէջ նորածինները կը մահանան, ծնողները նորածինը կը կնքեն շունի անունով: Ոմանք նոյնիսկ կը հաւատան, որ շունը լզելով կրնայ բուժել վէրքերը:

Գեղաշէն գիւղի բնակիչներու խմբանկար. կեդրոնը՝ դպրոցի աշակերտները, շուրջը` ծնողներու խումբ մը  (Աղբիւր` Հայրենիք օրաթերթ, բացառիկ թիւ, «Սասունի համար», Պոսթոն, 1912)։

Կատուն կը համարուի Քրիստոսի «դաստմալն» (սրբիչ), հետեւաբար կատու սպաննելը մեծ մեղք է, որու ապաշխարհանքը եկեղեցու դրան առջեւ մատաղ ընելն է: Կը վախնան գիշերով կատուին հետեւիլ, որովհետեւ հաւատալիքի համաձայն, կատուն մարդկանց խաբելով իր ետեւէն գերեզմանատուն կը տանի, այնտեղ կմախքի կը վերածուի եւ կը խեղդէ իրեն հետեւողը: Երբ կատուն թրջելով իր թաթը երեսը կը լուայ, ուրեմն հիւր պիտի գայ. եթէ մարմինը կը լուայ՝ ուրեմն անձրեւ պիտի գայ: Եթէ օճախին շատ մօտիկ մրափէ, ձիւն պիտի գայ: Եթէ տունէն դուրս ելլելով երթայ խոտ ուտելու, ուրեմն երաշտի հետեւանքով բերքը պիտի պակսի եւ թանկութիւն պիտի ըլլայ:

Ձին հարազատ կենդանի է, գրեթէ ընկեր սասունցիի համար: Ձիաւորը եթէ նկատէ, որ ձին կը յամառի ճամբան շարունակել, ուրեմն կ՚ենթադրէ, որ այդ ճանապարհորդութիւնը վտանգաւոր է, ուրեմն ետ կը դառնայ: Ձիու գանգը, որպէս չարխափան կը կախեն արտի մէջ, որպէսզի բերքին աչք տալով չվնասուի: Հաւատալիքի համաձայն սարերու անմատչելի ծերպերուն մէջ հրեղէն ձիեր կ՚ապրին, որոնց տեսնելու բախտը կ՚ունենան միայն հերոս ու յանդուգն մարդիկ:

Եզը չարքաշ ընկեր է, լծակից կեանքի ամբողջ ընթացքին: Հետեւաբար սատկած եզի գանգը գոմի շեմքին կ՚ամրացնեն, որպէս չարխափան:

Աքլորը նոր օրը աւետող թռչուն է, մութը փախցնող եւ լոյսը բերող. աքլորականչը բարի լոյսն է: Ան երբեք չի կանչեր առանց երկնային աքլորը լսելու: Ան դանդաղ ու հպարտ կը քալէ, որովհետեւ եթէ յանկարծ ոտքերը հողին մէջ խրուին, աշխարհը կը փլուի: Տանիք բարձրանալով մէկ ոտքի վրայ կը կանգնի, որպէսզի գերանները կոտրուելով, տունը չքանդուի: Եթէ երեկոյեան թառելու ատեն անժամանակ կանչէ, ուրեմն լիութիւն եւ առողջութիւն պիտի տիրէ: Սակայն եթէ յանկարծ հաւը աքլորի նման կանչէ, գլուխը կը կտրեն տան շեմին՝ զայն համարելով ձախորդութեան կամ մահուան գուժ:

Սասունցիներու հաւատալիքներէն մէկն ալ Երկիր մոլորակի կառուցուածքի իւրայատուկ պատկերացումն է, որու համաձայն երկիրը հսկայ ձուկի մը մէջքին վրայ  կանգնած է. անոր շարժումներուն պատճառով երկրաշարժ տեղի կ՚ունենայ:

Աղբիւրագիտութիւն

  • Վարդան Պետոյան, Սասուն, «Նախաբեմ» հրատ., Երեւան, 2016, 744 էջ
  • Եղիազար Կարապետեան, Սասուն, «Հայպետհրատ», Երեւան, 1962, 203 էջ
  • «Ասպարէզ», Ժողովածու տասնամեակի առիթով, Կալիֆօրնիա, 1918 (էջ 246 – 257)