Ալաշկերտ - «Թամզարա» (պար)

Թարգմանութիւն՝ Վարդան Թաշճեան, 02/09/22 (վերջին փոփոխութիւն՝ 02/09/22)

Այս բաժինին նպատակն է մէկտեղել եւ ներկայացնել զանազան հայկական աւանդական պարեր, որոնք պահպանուած են Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքներուն մէջ։ Այս ծրագիրին իրականացումին համար Յուշամատեանը կը գործակցի հայկական պարերու խումբ մը մասնագէտներու հետ, որոնք իւրաքանչիւր պարի համար պատրաստած են պարային չափեր։ Խումբին անդամներն են՝ Քարոլին Ռափքիեւեան (Պար Հէրպոր, Մէյն), Սուզըն եւ Կէրի Լինտ-Սինանեան (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսէց), Թոմ Պոզիկեան (Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա), Ռապըրթ Յարութիւնեան (Սանիսայտ, Նիւ Եորք)։

********************************************************************

«Թամզարա»ն առանձնայատուկ 9/8 ռիթմով պար մըն է, որ տարածուած էր Հայկական բարձրաւանդակի մեծ մասին մէջ: Գիւղերն ու քաղաքները ունէին իրենց տեղական տարբերակները: Որոշ փորձագէտներ կ'ենթադրեն, որ պարը ծագում առած է Սեբաստիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանի Թամզարա գիւղին մէջ:

Ալաշկերտի շրջանը կը գտնուի Կարին/էրզրում քաղաքին արեւելքը: 1828 թուականին Ալաշկերտի հայերը վերահաստատուեցան այն ժամանակ Ցարական Ռուսաստանի մէջ գտնուող Շիրակի եւ Լոռիի մարզերուն մէջ: Անոնցմէ շատեր գաղթած են Միացեալ Նահանգներ 20-րդ դարու սկիզբը:

Թոմ Պոզիկեան այս պարը սորված է 1940-ականներուն Լոս Անճէլըսի մէջ, Քալիֆորնիա, իր ալաշկերտցի հօրենական ազգականներէն:

Սկզբնաղբիւրը. Թոմ Պոզիկեան։

Երաժշտութիւնը. Առանձնայատուկ 9/8 ռիթմը 1-2,1-2,1-2,1-2-3 է:

Կատարման բնոյթը. Փակ շրջան «հայկական պահուածքով» (պարողները իրարու միացած են ճկոյթը-ճկոյթին եւ ձեռքերը բերած են կրծքավանդակի բարձրութեան վրայ, քիչ մը դէպի առջեւ պահած), խումբին առաջնորդը կը գտնուի աջին՝ շարժելով ժամացոյցի սլաքին ուղղութեան հակառակ:

Ոճ. Իրանը ձիգ եւ շիտակ է: Քայլերը հաստատ են եւ աշխոյժ։

Չափ/հատած

Հաշիւ

Շարժումներ

1

1-2

Յետքայլ՝  աջ ոտքով 

 

3-4

Ձախ ոտքը բարձրացնել թեթեւակի դէպի առջեւ

 

5-6

Քայլ դէպի առջեւ՝ ձախ ոտքով

 

7

Յետքայլ՝  աջ ոտքով

 

8-9

Ձախ ոտքը բարձրացնել թեթեւակի դէպի առջեւ

2

1-2

Յետքայլ՝ ձախ ոտքով

 

3-4

Աջ ոտքը բարձրացնել թեթեւակի դէպի առջեւ

 

5-6

Աջ ոտքով քայլ դէպի աջ մինչ միացած ձեռքերը թեթեւակի կը ճոճուին դէպի աջ

 

7-9

Ետեւ անցնելով, ձախ ոտքով թեթեւակի քայլ մը դէպի աջ մինչ միացած ձեռքերը թեթեւակի կը ճոճուին դէպի ձախ

3

1-2

Աջ ոտքով քայլ դէպի աջ մինչ միացած ձեռքերը թեթեւակի կը ճոճուին դէպի աջ

 

3-4

Ետեւ անցնելով, ձախ ոտքով թեթեւակի քայլ մը դէպի աջ մինչ միացած ձեռքերը թեթեւակի կը ճոճուին դէպի ձախ

 

5-6

Աջ ոտքով քայլ դէպի աջ մինչ միացած ձեռքերը թեթեւակի կը ճոճուին դէպի աջ

 

7-9

Ետեւ անցնելով, ձախ ոտքով թեթեւակի քայլ մը դէպի աջ մինչ միացած ձեռքերը թեթեւակի կը ճոճուին դէպի ձախ

4

1-2

Քայլ դէպի առջեւ աջ ոտքով, մինչ ձեռքերը կ՛օրօրուին դէպի վար

 

3-4

Ցատկ՝ աջ ոտքի  վրայ

 

5-6

Քայլ մը դէպի առջեւ թեթեւակի ձախ ոտքին վրայ, մինչ ձեռքերը օրօրուելով ետ վեր կը բարձրանան

 

7-8

Երկու անգամ դոփել աջ ոտքին վրայ

 

9

Դադար