Երզնկա - «Մետաքս թաշկինակ» (կնոջական պար)

Թարգմանութիւն՝ Վարդան Թաշճեան, 21/03/24 (վերջին փոփոխութիւն՝ 21/03/24)

Այս բաժինին նպատակն է մէկտեղել եւ ներկայացնել զանազան հայկական աւանդական պարեր, որոնք պահպանուած են Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքներուն մէջ։ Այս ծրագիրին իրականացումին համար Յուշամատեանը կը գործակցի հայկական պարերու խումբ մը մասնագէտներու հետ, որոնք իւրաքանչիւր պարի համար պատրաստած են պարային չափեր։ Խումբին անդամներն են՝ Քարոլին Ռափքիեւեան (Պար Հէրպոր, Մէյն), Սուզըն եւ Կէրի Լինտ-Սինանեան (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսէց), Թոմ Պոզիկեան (Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա), Ռապըրթ Յարութիւնեան (Սանիսայտ, Նիւ Եորք)։

****************************************************************************************

Մետաքսեայ թաշկինակներ, որոնք պատկանած են Իսկուհի Մնացականեանի (Աղբիւր՝ Լեռնայի հաւաքածոյ (Աստուածատուրեան եւ Նիքսարլեան ընտանիքներէն ժառանգութիւն), Պոլիս)։

«Մետաքս թաշկինակ»ը երգ-պար մըն է, ուր պարողները աւանդաբար կ’երգեն եւ այդպիսով սեփական երաժշտական նուագակցութիւնը կը կատարեն պարելու ընթացքին: Անցեալին, իւրաքանչիւր կին թաշկինակ կը կրէր, իսկ մետաքսեայ թաշկինակը հասարակութեան մէջ բարձր կարգավիճակի խորհրդանիշ էր:

«Մետաքս թաշկինակ»ը Երզնկայի այն պարերէն է, որ իրենց հետ Ֆրեզնօ եւ Գալիֆորնիոյ Սան Խոաքիմ հովիտ բերած են հայ առաջին գաղթականները:

Աղբիւր.- Արա Ղոլտոյեան: Թոմ Պոզիկեան այս պարը սորված է պատանեկութեան տարիներուն Գալիֆորնիոյ մէջ: Այս պարը պահպանելու համար աշխատած է նաեւ Ֆրենսիս Աճոյեան։

Կատարում.- Շարքով կամ բաց շրջանով, պարագլուխը՝ ձախ կողմը: Ինչպէս Երզնկայի բազմաթիւ պարեր, պարը կը յառաջանայ դէպի ձախ, ի տարբերութիւն հայկական պարի աւելի տարածուած կերպին՝ դէպի աջ յառաջացող: Բոլոր պարողները թաշկինակ մը կը պահեն իրենց բթամատին եւ ցուցամատին միջեւ՝ միացնելով ճկոյթ մատները: Կշռոյթը՝ 4/4:

Երգին բառերը՝

Մետաքս թաշկինակս քեզ կը նուիրեմ,
Գիշեր-ցորեկ ես քու սիրով կը մաշեմ:
Ա՜խ, երանի ես քեզ տեսած չըլլայի,
Գիշեր-ցորեկ միտքս խաղաղ պահէի:

Անգութ աղջիկ, ինչո՞ւ քովէս հեռացար,
Սիրտս, սիրտս կոտրեցիր հեռացար:
Ամէն ատեն ես քեզ կը յիշեմ,
Սիրտիս խորէն ախ ու վախ կը քաշեմ:
 

Ձայնագրուած երաժշտութիւն.– Թոմ Պոզիկեան, Ճոն Պիլեզիքճեան, 2000-ի շուրջ / Կայ եւ Ռուբէն Չուքուրեան, Lightning Records, 1952։

Պարողներ.– Թոմ Պոզիկեան եւ Շիրի Քինկ։

Շնորհակալութիւններ Արշակ Չուքուրեանին, Անի Մարտիրոսեան-Կարզոնին, Յարութ Առաքելեանին եւ Ճեսի Քենաս-Քոլլինզին։

Մետաքս թաշկինակ | Ներկայացում եւ ցուցմունքներ