Չմշկածագ, մօտաւորապէս 1937-ին կամ 1938-ին (Աղբիւր՝ անձնական հաւաքածոյ)

Տերսիմ - Ժողովրդագրութիւն (Բ. մաս)

Հեղինակ՝ Ճորճ Աղճայեան, 29/06/15 (վերջին փոփոխութիւն՝ 29/06/15), թարգմանութիւն՝ Շաղիկ Շահինեան Արծրունի

Չմշկածագի գաւառակ

Չմշկածագ գաւառակ Տերսիմի շրջանի ամենէն արեւմտեան կէտն էր։ 16-րդ դարու Օսմանեան տոմարները կը նշեն, որ գաւառակի բնակչութիւնը երկու երրորդէն երեք չորրորդ համամասնութեամբ քրիստոնեայ էր։ 19-րդ դարու աւարտին այս համամասնութիւնները շրջուած էին` քրիստոնեաները բնակչութեան մէկ երրորդէն մէկ չորրորդ համամասնութիւնը կը կազմէին։

Տիարպեքիրի 1872 թուականի [իսլամական օրացոյցով՝ 1288] տարեգիրքը [սալնամէ] կը նշէ 3991 այր (2680 իսլամ and 1311 ոչ իսլամ) բնակիչ՝ Չմշկածագի եւ ենթագաւառակի շրջակայ 28 գիւղերուն 1112 ծուխերուն մէջ։

1874-էն սկսեալ [իսլամական օրացոյցով՝ 1290] Տիարպեքիրի տարեգիրքը, ինչպէս նաեւ շարունակաբար մինչեւ 1876-ի [իսլամական օրացոյցով՝ 1293] Տիարպեքիրի տարեգիրքը, միայն որոշ քաղաքներու բնակչութեան թիւերը բերուած են։ Հակառակ անոր որ ամէն տարի նոր քաղաքներ կ’աւելնային, բնակչութեան թիւերը առհասարակ փոփոխութիւն չէին արձանագրեր։ Տիարպեքիրի 1875 թուականի [իսլամական օրացոյցով՝ 1292] տարեգիրքը կը նշէ 1860 այր (1040 իսլամ եւ 820 ոչ իսլամ) Չմշկածագ քաղաքի 753 ծուխերուն մէջ։ Բնակչութեան այս նոյն թիւերը բերուած են նաեւ յաջորդ տարուան տարեգիրքին մէջ։

Չմշկածագ. Պաշ Փուղար, կամ Չարշը Մայլէ թաղամասերը. լուսանկարուած հաւանաբար 1930-ական թուականներուն (Աղբիւր՝ Գասպարեան ընտանիքի հաւաքածոյ. շնորհակալութիւններ՝ Վազգէն Անդրէասեանին)

1881 թուականին [իսլամական օրացոյցով՝ 1298] Չմշկածագը Մամուրէթուլ Ազիզ նորաստեղծ նահանգին մաս դարձած էր, եւ այդ տարուան տարեգիրքը հետեւեալ տուեալները կ’արձանագրէր.

Չմշկածագի քաղաքի 15 արուարձաններուն մէջ՝

Հանրագումար 1702 այր (935 իսլամ, 698 հայ առաքելական, 69 բողոքական), 753 ծուխի մէջ

Չմշկածագի գաւառակի 94 գիւղերուն մէջ՝

Հանրագումար 6905 այր (5419 իսլամ, 143 հայ առաքելական, 8 յոյն ուղղափառ), 3218 ծուխի մէջ

Չմշկածագ, 1904. Սիմոնեան ընտանիքը։ Լուսանկարին մէջ ծանօթ են հետեւեալ անձերուն ինքնութիւնները. ձախէն աջ, նստած՝ Վարդեր Փրմերճեան (գլխուն լաչակ), կողքին նստող երիտասարդ կինը (նոյնպէս լաչակով)՝ Ղազար Սիմոնեանի կինը (անունը անծանօթ), Վարդան Սիմոնեան (գլխուն ֆէս), Վարդանին ճիշդ ետին կանգած եւ ձեռքը Վարդանին ուսին դրած՝ Վարդանին կինը (անունը անծանօթ), կնոջ աջին կանգնած՝ Սրբուհի Մենկիւղեան (Վազգէն Անդրէասեանի հաւաքածոյ, Փարիզ)

Այս տուեալներուն մէջ միայն Չմշկածագի շրջակայ գիւղերու ոչ իսլամ այրերուն վերաբերող թիւերը կասկածելի կը թուին։ Տիարպեքիրի աւելի վաղ հրապարակուած տարեգիրքերու պարզած պատկերին համեմատած գաւառակը յստակօրէն փոփոխութիւն կրած պէտք էր ըլլար։ Լրացուցիչ 66 գիւղերու տուեալներուն Մամուրէթուլ Ազիզի տարեգիրքին մէջ ընդգրկումով իսլամ այրերու բնակչութիւնը 2680-էն 6354 շունչի աճած էր, մինչ ոչ իսլամ այրերու թիւը 1311-էն նուազած էր 918-ի։ Այս մէկը կը յանգեցնէ գաւառակի իւրաքանչիւր ծուխին համար այր բնակչութեան շատ ցած թիւի մը, որ, կրկնենք, շատ կասկածելի է։ Սակայն, եթէ Չմշկածագի շրջակայ գիւղերուն հանրագումար բնակչութեան 6905 շունչի թիւը գործածենք, ապա ոչ իսլամ այր բնակչութեան մակաբերուած թիւը 151-ի փոխարէն 1486 շունչ կը դառնայ։ Այս թիւը շատ աւելի տրամաբանական է, եւ հետեւաբար, 151 շունչ հայ առաքելական եւ յոյն ուղղափառ այրերու թիւը կ’ենթադրուի որ գրագրային սխալ մըն է։

Հետեւեալ աղիւսակը կ’ամփոփէ Չմշկածագի գաւառակին վերաբերեալ երեք նահանգներու տարեգիրքերուն մէջ բերուած տուեալները.

Կարելի չէ ճշտել՝ որպէս գաւառակին մաս կազմող յաւելեալ 6 գիւղերը նո՞ր կազմուած գիւղեր էին, որպէս գիւղ նո՞ր առանձնուած համայնքներ էին, թէ՞ գաւառակին սահմանները փոփոխութեան ենթարկուած էին։ Յամէնայնդէպս, թէ՛ իսլամ, թէ՛ ոչ իսլամ (գրեթէ ամբողջութեամբ հայ) բնակչութեան թիւերը արձանագրուած են որպէս նուազում կրող թիւ Չմշկածագ քաղաքին պարագային եւ աճող թիւ՝ շրջակայ գիւղական համայնքներուն պարագային։

Չմշկածագի 14 արուարձաններէն 5-ը լրիւ հայկական-հայաբնակ էին, 5-ը ամբողջութեամբ իսլամաբնակ էին, իսկ մնացեալ 4-ը՝ խառն բնակչութիւն ունեցող։ Իսկ իւրաքանչիւր ծուխի բնակիչներուն թիւը 4.8 շունչ էր զուտ հայաբնակ թաղերուն մէջ, 4.0 շունչ՝ իսլամաբնակ թաղերուն մէջ, եւ 5.0 շունչ՝ խառն բնակչութիւն ունեցող թաղերուն մէջ, ուր իսլամ բնակչութիւնը երկու երրորդ համամասնութեամբ արձանագրուած էր։ Գիւղական համայնքներուն մէջ կար 8 հայաբնակ գիւղ, յոյն ուղղափառներով բնակուած 1 գիւղ, իսլամաբնակ 73 գիւղ եւ խառն բնակչութիւն ունեցող 18 գիւղ։ Հոս ալ իւրաքանչիւր ծուխի մէջ հաշուարկուած բնակիչներուն թիւը ոչ իսլամ բնակիչ ունեցող գիւղերուն մէջ քիչ մը աւելի մեծ է (5.3 շունչ) համեմատած իսլամաբնակ գիւղերու թիւին հետ (3.9 շունչ մէկ ծուխի մէջ)։ Խառն բնակչութիւն ունեցող գիւղերուն իսլամ եւ ոչ իսլամ բնակիչներու համամասնութիւնը ըստ էութեան հաւասար է, եւ այս գիւղերուն իւրաքանչիւր ծուխի բնակիչներու թիւին միջինը 4.5 շունչ է։

Բնակիչներու միջին թիւը 138 շունչ էր իսլամաբնակ գիւղերուն մէջ, 153 շունչ՝ ոչ իսլամ բնակիչ ունեցող գիւղերուն մէջ եւ 181 շունչ՝ խառն բնակչութիւն ունեցող գիւղերուն մէջ։ Իւրաքաչիւր ծուխի շունչերու միջին թիւը դանդաղ աճ կ’արձանագրէր, մինչ իւրաքանչիւր գիւղի բնակիչներու միջին թիւը նուազում կ’արձանագրէր.

Օսմանեան տոմարներուն մէջ կիներու եւ մանուկներու թերահաշուումին մասին շատ բան գրուած է։ Տերսիմի վերաբերեալ տուեալներէն կարելի չէ արժեւորել մանուկներու թերահաշուումը, իսկ կիներու թերահաշուումը կարելի է մակաբերել կիներու թիւին եւ այրերու թիւին միջեւ գոյութիւն ունեցող բացուրդէն։ Չմշկածագի գաւառակին մէջ 218 շունչ աւելի իսլամ այր հաշուուած էր քան իսլամ կին եւ 133 շունչ աւելի ոչ իսլամ այր քան ոչ իսլամ կին։ Ասիկա, սակայն, շատ կոպիտ կերպով մօտաւոր հաշուարկ մըն է. այս կարգի թիւի տարբերութիւնները ըստ սեռի նշելու ատեն պէտք է կարենալ հասկնալ պատերազմի, սովի եւ այլ աղէտալի իրադարձութիւններու ներգործութիւնը։ Յամենայնդէպս, հետաքրքրական է արձանագրել, որ թէ՛ իսլամներու եւ թէ ոչ իսլամներու պարագային այրերու եւ կիներու համամասնութիւնը խառն բնակչութիւն ունեցող գիւղերուն մէջ 10%-ով աւելի մեծ թիւ կը կազմէ քան զուտ իսլամ կամ զուտ ոչ իսլամ բնակչութիւն ունեցող գիւղերուն մէջ։ Անշուշտ բազում մեկնաբանութիւններ կարելի է ընել, սակայն հաւանական է, որ խառն բնակչութիւն ունեցող գիւղերուն մէջ կիներու թերահաշուումը աւելի մեծ էր։

Չմշկածագ. Ագրակ եւ Շվոտ թաղամասերը. լուսանկարուած հաւանաբար 1930-ական թուականներուն (Աղբիւր՝ Գասպարեան ընտանիքի հաւաքածոյ. շնորհակալութիւններ՝ Վազգէն Անդրէասեանին)

1902-ի մարտին Չմշկածագի թեմը մարդահամար կազմակերպած է եւ արձանագրած է 846 հայ ծուխի մէջ ապրող 4408 հայ բնակիչ։ Չմշկածագի գաւառակի բնակչութեան յաջորդ արձանագրութիւնը 1913 թուակիր է. հայոց պատրիարքարանը արձանագրած էր 835 ծուխի մէջ ապրող 4133 հայ բնակիչ։ Այս երկու մարդահամարներուն մէջ ալ հայ բնակչութեան թիւերը կը ներառնեն յոյն ուղղափառ բնակիչներն ալ։ Վերջիններս հայ հոռոմներ էին, այսինքն Յոյն ուղղափառ եկեղեցիի զաւակ տեղւոյն հայախօս համայնքին կը պատկանէին։ 1906/7-ի օսմանեան մարդահամարի 1914-ի նորացուած տուեալներով իսլամ բնակչութիւնը աճ արձանագրելով հասած էր 16181 շունչի, իսկ ոչ իսլամ բնակչութեան թիւը յարաբերաբար անփոփոխ մնացած էր՝ 4254 շունչ (3772 հայ առաքելական, 267 յոյն ուղղափառ եւ 215 բողոքական)։

Չմշկածագի Իւչպէկ թաղամասէն Նարզակեան ընտանիքին տոհմածառէն հատուած մը՝ սկիզբէն մինչեւ 1950։ Ամբողջական տոհմածառը կը գտնէք աւելի վար։ Պատրաստեց՝ Յովհաննէս Աճէմեան, Պոսթոն, 1953 (Աղբիւր՝ Յովհաննէս Աճէմեանի արխիւներ, NAASR, Պէլմոնթ, Մասաչուսէց)

Ստորեւ բերուած են Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքին համաձայն հայ բնակչութիւն ունեցող Չմշկածագի 28 առանձին գիւղերուն վերաբերեալ մանրամասն տուեալներ.

1. Չմշկածագ, Չմշկածակ, Չեմշկածակ [Çemişgezek]
39° 3'45.02"N 38°54'38.42"E
1348 հայ բնակիչ, 365 ծուխ
Ս. Աստուածածին եկեղեցի, Ս. Թորոս եկեղեցի

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 280 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Ինչպէս նշուած է վերոբերեալ աղիւսակին մէջ, Օսմանեան աղբիւրները քաղաքի հայ այր բնակչութեան թիւի նուազում արձանագրած են՝ 820-էն (1875-ին) 767 շունչի (1881-ին) եւ ապա 664 շունչի (1894-ին)։ Նոյն կերպ նուազում ապրած է իսլամ այր բնակչութիւնը՝ 1040-էն (1875-ին) 935 (1881-ին) եւ ապա 897 շունչի (1894-ին)։ Մամուրէթուլ Ազիզ-ի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ որ հանրագումար 689 ծուխերուն մէջ կ’ապրէր 1373 հայ (664 այր եւ 709 կին) եւ 1784 իսլամ (897 այր եւ 887 կին) բնակիչ։ Չմշկածագի թեմը 1902-ին  կ’արձանագրէր 259 ծուխի մէջ ապրող 1298 հայ բնակիչ։ Հայոց պատրիարքարանը 1914-ին կ’արձանագրէր բնակչութեան աճ՝ 1348 հայ բնակիչ, 365 հայ ծուխ։ Իսկ Յովհաննէս Աճէմեանի ի մի բերած տուեալները կը նշեն 1450 հայ բնակիչ եւ 361 հայ ծուխ։ Այսպէսով, թերեւս Ցեղասպանութենէն անմիջապէս առաջ «ապաքինման եւ վերականգնման» կարճատեւ ժամանակաշրջան մը տիրած ըլլայ, բայց բոլոր աղբիւրներուն տուեալները կը համընկնին նշելու, որ այս կարեւոր քաղաքի հայ բնակչութիւնը նուազման երկարատեւ ժամանակաշրջան մը ապրած է։

Չմշկածագի Սիսնա գիւղէն հայ գերդաստանի մը տոհմածառէն հատուածներ։ Ամբողջական տոհմածառը կը գտնէք աւելի վար։ Պատրաստեց՝ Յովհաննէս Աճէմեան, 1954 (Աղբիւր՝ Յովհաննէս Աճէմեանի արխիւներ, NAASR, Պէլմոնթ, Մասաչուսէց)

2. Արտկայ, Արթական, Արտեքան, Արտեկան, Էրտիք [Anıl-ի գիւղակ]
39° 5'46.09"N 38°52'52.94"E
11 հայ բնակիչ, 3 ծուխ
1 աւերակ եկեղեցի

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 4 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքի տուեալներով ընդհանուր բնակչութիւնը կը հաշուէր 17 ծուխ՝ 19 հայ (13 այր եւ 6 կին) եւ 56 իսլամ (28 այր եւ 28 կին)։ Չմշկածագի թեմը 1902-ին կ’արձանագրէր 5 ծուխի մէջ ապրող 26 հայ բնակիչ։ 1914-ին հայոց պատրիարքարանը կ’արձանագրէր միայն 11 հայ բնակիչ եւ 3 հայ ծուխ։ Իսկ Յովհաննէս Աճէմեանի ի մի բերած տուեալները կը նշեն 5 հայ ծուխ եւ 18 հայ բնակիչ։

3. Աշքունի, Աշքանի, Էշկունի, Էշկնզիմեան [ջրասոյզ եղած]
38°53'18.61"N 38°54'16.10"E
7 ծուխ
Ս. Գէորգ եկեղեցի

Չմշկածագի Սիսնա գիւղէն հայ գերդաստանի մը տոհմածառէն հատուածներ։ Ամբողջական տոհմածառը կը գտնէք աւելի վար։ Պատրաստեց՝ Յովհաննէս Աճէմեան, 1954 (Աղբիւր՝ Յովհաննէս Աճէմեանի արխիւներ, NAASR, Պէլմոնթ, Մասաչուսէց)

Աշքունի գիւղին տեղակայումը բերուած է մօտաւոր գնահատումով՝ տրուած ըլլալով որ գիւղը այժմ ջրասոյզ եղած է Քեպանի ջրամբարի ջուրերուն մէջ։ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 6 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքի տուեալներուն համաձայն բնակչութիւնը բաղկացած էր 27 հայէ (16 այր եւ 11 կին) եւ 16 իսլամէ (7 այր եւ 9 կին), որոնք կ’ապրէին գիւղին 14 ծուխերուն մէջ։ 1902-ին Աշքունիի բնակչութիւնը հաշուուած էր Պէտէթրիլ գիւղի բնակչութեան հետ։ Հայոց պատրիարքարանը 1914-ին կ’արձանագրէր 7 ծուխ՝ առանց բնակիչներուն մասին տուեալներ բերելու։ Իսկ Յովհաննէս Աճէմեանի ի մի բերած տուեալները կը նշեն 6 ծուխի մէջ ապրող 30 հայ բնակիչ։

4. Պարտիզակ, Պաղչեսիկ, Պաքճեճիճ [ջրասոյզ եղած]
38°56'40.08"N 38°54'35.51"E
145 հայ բնակիչ, 25 ծուխ
Ս. Աստուածածին եկեղեցի

Պարտիզակ գիւղի տեղակայումը բերուած է մօտաւոր գնահատումով՝ տրուած ըլլալով որ գիւղը այժմ Քեպանի ջրամբարի ջուրերուն մէջ ջրասոյզ եղած է։ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 15 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէր, որ գիւղը իր 16 ծուխերուն մէջ ապրող 80 բնակիչով զուտ հայաբնակ էր (39 այր եւ 41 կին)։ Չմշկածագի թեմը 1902-ին արձանագրած էր 16 հայ ծուխ եւ 98 հայ բնակիչ։ Հայոց պատրիարքարանը 1914-ին արձանագրած է բնակչութեան աճ՝ 145 հայ բնակիչ եւ 25 հայ ծուխ։ Իսկ Յովհաննէս Աճէմեանի ի մի բերած տուեալներով 26 ծուխի մէջ կ’ապրէր 124 հայ բնակիչ։

5. Պէտրէթիլ, Բաթրաթիլ, Պատրաթիլ, Պէյրէթիլ [Հարմանլար – ջրասոյզ եղած]
38°57'43.12"N 38°52'57.34"E
3 ծուխ
Ս. Յակոբ եկեղեցի

Պէտրէթիլ գիւղի տեղակայումը բերուած է մօտաւոր գնահատումով՝ տրուած ըլլալով որ գիւղը այժմ ջրասոյզ եղած է Քեպանի ջրամբարի ջուրերուն մէջ։ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 12 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ գիւղը զուտ հայաբնակ էր՝ 17 ծուխի մէջ ապրող 42 բնակիչով (22 այր եւ 20 կին)։ 1902-ին Չմշկածագի թեմը կ’արձանագրէր 9 ծուխի մէջ ապրող 45 հայ բնակիչ, սակայն այս թիւին մէջ ներառնուած է նաեւ Աշքունիի բնակիչներուն թիւը։ 1914-ին հայոց պատրիարքարանը կ’արձանագրէր 3 ծուխ՝ առանց բնակչութեան մասին տուեալներ բերելու։ Իսկ Յովհաննէս Աճէմեանի ի մի բերած տուեալներով գիւղը 6 հայ ծուխ ունէր եւ 30 հայ բնակիչ։

6. Պրատի, Բրաթի, Բարտի, Պրաթի [Arpaderen]
39° 1'41.80"N 38°51'40.15"E
ոչ մէ հայ բնակիչ 1914-ին
ոչ մէկ եկեղեցի

Չմշկածագ, Գալա Մայլէ թաղամասէն հատուած մը. լուսանկարուած հաւանաբար 1930-ական թուականներուն (Աղբիւր՝ Գասպարեան ընտանիքի հաւաքածոյ. շնորհակալութիւններ՝ Վազգէն Անդրէասեանին)

Որպէս գիւղի այժմու անուն բերուած է «Արբատերէնը», սակայն այնպէս կը թուի, որ հին գիւղը նորէն քիչ մը աւելի հիւսիս կը գտնուէր։ Այդ վայրին մէջ տակաւին կայ տուներու փունջ մը, եւ հաւանաբար ծանօթ է «Արբատերէնի գիւղակ» անուան տակ։ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 6 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ գիւղը 11 ծուխի մէջ ապրող 19 հայ բնակիչ (13 այր եւ 6 կին) եւ 9 իսլամ բնակիչ (6 այր եւ 3 կին) ունէր։ Բնակչութեան փոքր թիւին համեմատ ծուխերուն թիւը մեծ կը թուի (1.7 այր իւրաքանչիւր ծուխի մէջ)։ Չմշկածագի թեմը 1902-ին կ’արձանագրէր 3 ծուխի մէջ ապրող 15 հայ բնակիչ՝ ներառեալ Պրասթիքի բնակիչները, աւելցնելով, որ այժմ գիւղերը լքուած ու անբնակ էին։ Այս փաստը կը հաստատուի նաեւ այն բանով, որ 1902-էն ետք ոչ մէկ աղբիւր այս գիւղին համար հայ բնակչութիւն արձանագրած է։

7. Պրեխի, Բրեխի, Պերախի [Vişneli]
39° 1'1.71"N 38°53'46.59"E
50 հայ բնակիչ, 15 ծուխ
Ս. Գէորգ եկեղեցի
Ս. Մանուկ վանքի աւերակներ

Չմշկածագէն տեսարան մը (Աղբիւր՝ Գասպարեան ընտանիքի հաւաքածոյ. շնորհակալութիւններ՝ Վազգէն Անդրէասեանին)

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 26 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ գիւղը ունէր 35 ծուխի մէջ ապրող 88 հայ բնակիչ (43 այր եւ 45 կին) եւ 33 իսլամ բնակիչ (17 այր եւ 16 կին)։ Չմշկածագի թեմը 1902-ին կ’արձանագրէր 117 հայ բնակիչ եւ 35 հայ ծուխ, ներառեալ Տէքէի բնակիչները։ Այս պարագային, ինչպէս նախապէս նշուածներու պարագային, լրիւ յստակ չէ, թէ ինչո՛ւ բնակչութեան մասին տուեալները արձանագրելու ատեն որոշ գիւղերու բնակչութեան թիւերը գումարուած էին իրարու, երբ տուեալ գիւղերը սահմանակից չէին։ Ամենէն հաւանական պատճառը ան է, որ երկու գիւղերը կը սպասարկէր մէկ քահանայ։ Հայոց պատրիարքարանը 1914-ին բնակչութեան նուազում կ’արձանագրէր՝ 15 ծուխի մէջ ապրող 50 հայ բնակիչ։ Իսկ Յովհաննէս Աճէմեանի ի մի բերած տուեալները կը նշեն 52 հայ բնակիչ եւ 14 հայ ծուխ։

8. Էւրիք, Աւրիք
38°58'45.07"N 38°55'15.56"E
ոչ մէկ հայ բնակիչ 1914-ին
ոչ մէկ եկեղեցի

Էւրիքը այլեւս որպէս գիւղ չի յիշատակուիր, սակայն այդ վայրին վրայ կայ տուներու խումբ մը։ Ամենայն հաւանականութեամբ ան կից գիւղի մը գիւղակն է այսօր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը միակ աղբիւրն է, որ այս գիւղին համար հայ բնակչութեան տուեալներ կը նշէ։ Ի դէպ, ան Էւրիքը իբրեւ զուտ հայաբնակ գիւղ կը նշէ, չնայած բնակչութիւնը միայն 2 ծուխի մէջ ապրող 5 հայ բնակիչ (3 այր եւ 2 կին) է։

Չմշկածագի Սիսնա գիւղէն Հէքիմեան ընտանիքին տոհմածառէն հատուած մը։ Ամբողջական տոհմածառը կը գտնէք աւելի վար՝ սկիզբէն մինչեւ 1954։ Պատրաստեց՝ Յովհաննէս Աճէմեան, 1954 (Աղբիւր՝ Յովհաննէս Աճէմեանի արխիւներ, NAASR, Պէլմոնթ, Մասաչուսէց)

9. Կարմրի, Կեմիլի, Քերմիսի [Gedikler]
39° 5'20.58"N 38°48'26.57"E
198 հայ բնակիչ, 35 ծուխ
Ս. Աստուածածին եկեղեցի

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 40 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ գիւղը 226 հայ բնակիչ (119 այր եւ 107 կին) եւ 297 իսլամ բնակիչ (141 այր եւ 156 կին) ունէր իր 104 ծուխերուն մէջ։ Չմշկածագի թեմը 1902-ին կ’արձանագրէր 243 հայ բնակիչ 33 ծուխի մէջ։ Հայոց պատրիարքարանը 1914-ին բնակչութեան նուազում կ’արձանագրէր՝ 198 հայ բնակիչ եւ 35 ծուխ։ Իսկ Յովհաննէս Աճէմեանի ի մի բերած տուեալները կը նշեն 118 հայ բնակիչ եւ 29 ծուխ։ Աճէմեանի բերած բնակչութեան թիւը ծուխերու թիւին համեմատ փոքր կը թուի։ Հետաքրքրական է, որ Գէորգեանը կը նշէ, թէ 1770-էն 1780-ի միջեւ Կարմրիի 70 հայ ընտանիք դաւանափոխ ըլլալով իսլամութիւն ընդունած է։ Կը թուի թէ այս փաստը եւ այս թիւերը համահունչ են իրարու եւ ենթադրել կու տան, որ նախքան դաւանափոխութիւնը գիւղը ամբողջութեամբ հայ առաքելական գիւղ էր։ Տրուած ըլլալով որ այսօր գիւղին մէջ ապրողները ըստ երեւոյթին պիտի որ սերած ըլլան վերոյիշեալ 70 ընտանիքներէն, հետաքրքրական պիտի ըլլար իմանալը, թէ արդեօք այս ենթադրութիւնները հիմնաւորող բանաւոր աւանդոյթ պահպանուա՞ծ է, թէ՞ ոչ։

10. Հազարի [Anıl]
39° 7'11.20"N 38°53'19.58"E
351 հայ բնակիչ, 75 ծուխ
Ս. Երրորդութիւն եկեղեցի

Չմշկածագի Իւչպէկ թաղամասէն Նարզակեան ընտանիքին տոհմածառը՝ սկիզբէն մինչեւ 1950։ Պատրաստեց՝ Յովհաննէս Աճէմեան, Պոսթոն, 1953 (Աղբիւր՝ Յովհաննէս Աճէմեանի արխիւներ, NAASR, Պէլմոնթ, Մասաչուսէց)

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 50 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրը կը նշէ, որ գիւղը զուտ հայաբնակ էր եւ 59 ծուխի մէջ ապրող 334 բնակիչ ունէր։ Չմշկածագի թեմը 1902-ին կ’արձանագրէր 70 ծուխի մէջ ապրող 500 հայ բնակիչ։ Հայոց պատրիարքարանը 1914-ին բնակչութեան նուազում կ’արձագանգէր՝ 351 հայ բնակիչ եւ 75 ծուխ։ Իսկ Յովհաննէս Աճէմեանի ի մի բերած տուեալները կը նշեն 326 հայ բնակիչ եւ 66 ծուխ։

11. Խաչտուն, Խչտուն, Հասթոն, Հաչթուն [ջրասոյզ եղած]
38°59'3.41"N 38°53'26.42"E
ոչ մէկ հայ 1914-ին
1 աւերակ եկեղեցի

Խաչտուն գիւղի տեղակայումը բերուած է մօտաւոր գնահատումով՝ տրուած ըլլալով որ գիւղը այժմ ջրասոյզ եղած է Քեպանի ջրամբարի ջուրերուն մէջ։ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 6 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ գիւղը 6 ծուխի մէջ բնակող 22 հայ (14 այր եւ 8 կին) եւ 5 իսլամ (3 այր եւ 2 կին) բնակիչ ունէր։ Չմշկածագի թեմը 1902-ին գիւղի բնակչութիւնը հաշուած էր Փաշա Մեզրէի բնակչութեան հետ։ Այս թուականէն ետք միայն Աճէմեանն է որ հայ բնակչութեան թիւ կը նշէ՝ 12 ծուխ եւ 36 հայ բնակիչ 1915-ին։

12. Խարասար, Ղարասար, Խարասսար [Karasar]
38°58'42.29"N 38°48'38.65"E
223 հայ բնակիչ, 34 ծուխ
Ս. Թորոս եկեղեցի

Չմշկածագ քաղաքի շրջակայ պարտէզներէն տեսարան մը. լուսանկարուած հաւանաբար 1930-ական թուականներուն (Աղբիւր՝ Գասպարեան ընտանիքի հաւաքածոյ. շնորհակալութիւններ՝ Վազգէն Անդրէասեանին)

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 24 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ գիւղը 62 ծուխ կը հաշուէր 159 հայ (84 այր եւ 75 կին) եւ 143 իսլամ (75 այր եւ 68 կին) բնակիչով։ Չմշկածագի թեմը 1902-ին կ’արձանագրէր 161 հայ բնակիչ, 25 ծուխ։ Հայոց պատրիարքարանը 1914-ին կ’արձանագրէր բնակչութեան աճ՝ 223 հայ բնակիչ եւ 34 ծուխ։ Իսկ Յովհաննէս Աճէմեանը կը նշէ 35 ծուխի մէջ ապրող 183 հայ բնակիչ։

13. Խնդրկիկ
ոչ մէկ հայ 1914-ին
ոչ մէկ եկեղեցի

Խնդրկիկի տեղակայումը ճշդելու փորձերս յաջողութեան չհասան։ Ամենայն հաւանականութեամբ ան Սեդրկան [Güneybaşı] Սաթսիլիէն [Engerler] բաժնող մէկ մղոն տարածութեան վրայ տեղ մը կը գտնուէր։ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը կը հաշուէր յոյն ուղղափառ յարանուանութեան պատկանող (հայ հոռոմ) 8 հայ ծուխ։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը հաստատէ, որ գիւղը ամբողջութեամբ յոյն ուղղափառ դաւանանքին պատկանող բնակիչներով բնակուած էր՝ 40 բնակիչ (20 այր եւ 20 կին) 7 ծուխի մէջ։ Կը յիշուի որ մինչեւ 1915 այս հայերը Մամսա փոխադրուած էին։

14. Մամսա, Մամուսսա [Alakuş]
39° 5'15.54"N 38°50'6.03"E
570 հայ բնակիչ, 80 ծուխ
Ս. Գէորգ եկեղեցի
Ս. Թորոս եկեղեցի (հայ հոռոմ)

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 76 հայ ծուխ կը հաշուէր, 40 առաքելական եւ 36 յոյն ուղղափառ (հայ հոռոմ)։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ գիւղը 230 հայ առաքելական (126 այր եւ 104 կին), 141 յոյն ուղղափառ (67 այր եւ 74 կին) եւ 9 իսլամ (4 այր եւ 5 կին) բնակիչ ունէր հանրագումար 72 ծուխի մէջ։ Չմշկածագի թեմը 1902-ին կ’արձանագրէր 94 ծուխի մէջ ապրող 400 հայ բնակիչ (54 հայ առաքելական եւ 40 յոյն ուղղափառ)։ Հայոց պատրիարքարանը 1914-ին բնակչութեան աճ կ’արձանագրէր՝ 570 հայ (320 հայ առաքելական եւ 250 յոյն ուղղափառ) հանրագումար 80 ծուխի մէջ (42 հայ առաքելական ծուխ եւ 38 յոյն ուղղափառ ծուխ)։ Այնպէս կը թուի, որ Գէորգեանը սխալմամբ յոյն ուղղափառ բնակչութեան թիւը գումարած է հանրագումար թիւին. իմ տուեալներս Թէոդիկին բերած թիւերուն վրայ հիմնուած են։ Իսկ Յովհաննէս Աճէմեանը կը նշէ 334 հայ բնակիչ (171 հայ առաքելական եւ 163 յոյն ուղղափառ), հանրագումար 82 ծուխ (44 հայ առաքելական, 38 յոյն ուղղափառ)։

15. Մանկուժակ, Մէնկուժէք [ջրասոյզ եղած]
38°53'52.72"N 38°54'6.46"E
ոչ մէկ հայ 1914-ին
ոչ մէկ եկեղեցի

Մանկուժակ գիւղի տեղակայումը բերուած է մօտաւոր գնահատումով՝ տրուած ըլլալով որ գիւղը այժմ ջրասոյզ եղած է Քեպանի ջրամբարի ջուրերուն մէջ։ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 3 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ գիւղը 15 հայ (6 այր եւ 9 կին) եւ 17 իսլամ (9 այր եւ 8 կին) բնակիչ կը հաշուէր 6 ծուխի մէջ։ Գիւղին մէջ հայերուն ապրելուն վերաբերեալ վերջին արձանագրութիւնն է այս։

Չմշկածագի բնակչային աղիւսակը առնուած Մամուրէթուլ Ազիզի 1312 (1894) Սալնամէէն

16. Միատուն, Միեատուն, Կերմիճի [Erkalkan-ի գիւղակ]
39° 5'26.67"N 38°44'42.12"E
44 հայ բնակիչ, 11 ծուխ
Ս. Աստուծածաին եկեղեցի

Թէեւ հայերը գիւղը Միատուն կը կոչէին, նոյնիսկ 1915-էն առաջ ան նաեւ Կերմիճի անունով ծանօթ էր։ Արբանեակային նկարահանումներուն մէջ տուներ չեմ տեսներ այսօր, բայց նշուած է, որ Սիղնէքի [Էրքալքան] մէկ գիւղակն է։ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ որ գիւղը 54 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ գիւղը զուտ հայաբնակ էր եւ կը հաշուէր 298 բնակիչ (153 այր եւ 145 կին) 57 ծուխի մէջ ապրող։ Չմշկածագի թեմը 1902-ին 362 հայ բնակիչ եւ 71 ծուխ արձանագրած է։ 1914-ին գիւղը աւերուած էր եւ միայն մասամբ վերաշինուած։ Հայոց պատրիարքարանը գիւղի բնակչութիւնը միայն 44 բնակիչ եւ 11 ծուխ արձանագրած է։ Իսկ Յովհաննէս Աճէմեանի արձանագրած տուեալը 37 բնակիչ եւ 12 ծուխ է։

17. Մուրուշքայ, Մորշկայ, Մուրուշքայ, Մորշուխայ
39° 2'29.98"N 38°51'52.79"E
164 հայ բնակիչ, 36 ծուխ
Ս. Աստուածածին եկեղեցի

Թէեւ յստակ է, որ այս գիւղին վայրին մէջ խումբ մը տուներ կան, Մուրուշքան այսօր երեւի մերձակայ գիւղի մը գիւղակը կը սեպուի։ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 35 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ գիւղը 165 հայ (85 այր եւ 80 կին) եւ 41 իսլամ (25 այր եւ 16 կին) բնակիչ կը հաշուէր 47 ծուխի մէջ։ Չմշկածագի թեմը 1902-ին կ’արձանագրէր 161 հայ բնակիչ եւ 40 ծուխ։ Հայոց պատրիարքարանը 1914-ին կը նշէր 164 հայ բնակիչ 36 ծուխի մէջ։ Իսկ Յովհաննէս Աճէմեանը կը նշէ 112 հայ բնակիչ 27 ծուխի մէջ։

18. Միռնաւ, Մուռնայի
39° 3'40.06"N 38°54'14.09"E
181 հայ բնակիչ, 22 ծուխ
Ս. Աստուածածին եկեղեցի

Միռնաւը Չմշկածագ քաղաքէն վեր խոյացող կիրճերուն վրայ կը գտնուէր։ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը այս գիւղին մասին յիշատակում չունի։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ գիւղը զուտ հայաբնակ էր, եւ բնակչութիւնը 29 ծուխի մէջ ապրող 163 բնակիչ (86 այր եւ 77 կին) կը հաշուէր։ Չմշկածագի թեմը 1902-ին կ’արձանագրէր 165 հայ բնակիչ եւ 30 ծուխ։ Հայոց պատրիարքարանը 1914-ին կ’արձանագրէր 22 ծուխի մէջ ապրող 181 հայ բնակիչ։ Ծուխերու թիւը փոքր է, եւ կրնայ սխալմունքի արդիւնք ըլլալ։ Իսկ Յովհաննէս Աճէմեան կը նշէ 145 բնակիչ եւ 32 ծուխ։

Չմշկածագ քաղաքի վարի կամուրջը. լուսանկարուած հաւանաբար 1930-ական թուականներուն (Աղբիւր՝ Գասպարեան ընտանիքի հաւաքածոյ. շնորհակալութիւններ՝ Վազգէն Անդրէասեանին)

19. Օձգիւղ [Paşacık]
39° 5'1.82"N 38°58'10.53"E
ոչ մէկ հայ 1914-ին
Ս. Փրկիչ եկեղեցի
Ս. Զօրաւոր վանք

Չմշկածագի թեմը 1902-ին կ’արձանագրէ 319 հայ (46 բողոքական) բնակիչ 50 ծուխի (8 բողոքական) մէջ։ Նշուած է սակայն, որ ընտանիքներու մեծ մասը Չմշկածագի Իւչպէք/Üçbek արուարձանը փոխադրուած էր՝ քիւրտ հրոսակներու յարձակումներէն փախելու համար։ Ամառները երկրագործական աշխատանքներուն համար Օձգիւղի դաշտերը եւ տուները կը գործածէին։ Մերձակայ Պօղոսի գիւղի 8 ծուխերուն 57 հայ բնակիչները նոյնպէս Իւչպէք փոխադրուած էին։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ գիւղը զուտ հայաբնակ էր եւ 194 հայ առաքելական (101 այր եւ 93 կին) եւ 48 բողոքական (23 այր եւ 25 կին) բնակիչ ունէր 31 ծուխի մէջ։ 1915-ին գիւղը արդէն ամբողջութեամբ լքուած էր հայերուն կողմէ։ 1935-ին անյայտ ծագումով 150 հոգի կ’ապրէր գիւղին մէջ։

20. Ուլուքալէ, Ուլուղալա [Ulukale]
39° 2'5.06"N 39° 2'45.01"E
ոչ մէկ հայ 1914-ին
Ս. Մինաս եկեղեցի

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 4 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ գիւղը 127 ծուխի մէջ ապրող 18 հայ (9 այր եւ 9 կին) եւ 427 իսլամ (252 այր եւ 175 կին) բնակիչ կը հաշուէր։ Այս վերջին արձանագրութիւնն է հայերու՝ գլխաւորաբար իսլամաբնակ գիւղին մէջ ապրելուն մասին։

21. Փաշա Մեզրէ [ջրասոյզ եղած]
38°54'40.77"N 38°56'21.11"E
ոչ մէկ հայ 1914-ին
ոչ մէկ եկեղեցի

Փաշա Մեզրէ գիւղի տեղակայումը բերուած է մօտաւոր գնահատումով՝ տրուած ըլլալով որ գիւղը այժմ ջրասոյզ եղած է Քեպանի ջրամբարի ջուրերուն մէջ։ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 3 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզ 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ գիւղը 5 հայ (3 այր եւ 2 կին) եւ 30 իսլամ (18 այր եւ 12 կին) բնակիչ կը հաշուէր 12 ծուխի մէջ։ Չմշկածագի թեմը 1902-ին կ’արձանագրէր 37 հայ բնակիչ եւ 8 ծուխ, բայց Խաչտունի բնակիչները նոյնպէս հաշուուած են։ Հայոց պատրիարքարանը 1914-ին Փաշա Մեզրէի մէջ ապրող ոչ մէկ հայ արձանագրած է։ Աճէմեանը, սակայն, կը նշէ 16 հայ բնակիչ եւ 4 ծուխ։ Կ’ենթադրեմ որ 1914-ին գիւղին մէջ հայ չէր ապրեր, բայց կրնայ պատահիլ որ պատրիարքարանի մարդահամարը այս գիւղի տուեալները արձանագրելու վրիպած ըլլայ, որովհետեւ գիւղը ոչ եկեղեցի ունէր, ոչ տէր հայր եւ գլխաւորաբար իսլամաբնակ էր։

22. Բազաբուն, Պազապուն, Պազաբոն [Cebe]
39° 2'31.50"N 38°50'14.20"E
116 հայ բնակիչ, 15 ծուխ
Ս. Աստուածածին եկեղեցի

Չմշկածագ քաղաքի վերի կամուրջը եւ շրջակայ պարտէզները. լուսանկարուած հաւանաբար 1930-ական թուականներուն (Աղբիւր՝ Գասպարեան ընտանիքի հաւաքածոյ. շնորհակալութիւններ՝ Վազգէն Անդրէասեանին)

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 21 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ գիւղը 23 ծուխի մէջ ապրող 121 հայ (64 այր եւ 57 կին) եւ 6 իսլամ (4 այր եւ 2 կին) բնակիչ կը հաշուէր։ Չմշկածագի թեմը 1902-ին կ’արձանագրէր 108 հայ բնակիչ եւ 16 ծուխ։ Հայոց պատրիարքարանը 1914-ին կ’արձանագրէր 15 ծուխի մէջ ապրող 116 հայ բնակիչ։ Իսկ Յովհաննէս Աճէմեանի ի մի բերած տուեալները կը նշեն 74 հայ բնակիչ եւ 15 ծուխ։

23. Սեդրկայ, Սադիրկէ, Սադիրկէս, Սադիրքէս, Սեդերքէհ [Güneybaşı]
39° 6'59.16"N 38°49'21.27"E
33 հայ, 6 ծուխ
Եկեղեցիի եւ վանքի աւերակներ

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 2 հայ առաքելական եւ 2 յոյն ուղղափառ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ գիւղը 42 ծուխի մէջ ապրող 29 հայ առաքելական (13 այր եւ 16 կին), 6 յոյն ուղղափառ (2 այր եւ 4 կին) եւ 140 իսլամ (67 այր եւ 73 կին) բնակիչ կը հաշուէր։ Չմշկածագի թեմը 1902-ին կ’արձանագրէր 26 հայ բնակիչ եւ 5 ծուխ։ Հայոց պատրիարքարանը 1914-ին կ’արձանագրէր 6 ծուխի մէջ ապրող 33 հայ բնակիչի թիւ, Իսկ Յովհաննէս Աճէմեանը կը նշէ 24 հայ բնակիչ եւ 7 ծուխ։

24. Սիսնայ, Սիսնէ [Varlıkonak]
39° 4'55.00"N 38°50'3.00"E
235 հայ բնակիչ, 35 ծուխ
Ս. Յովհաննէս եկեղեցի

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 32 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ գիւղը 71 ծուխի մէջ ապրող 196 հայ (106 այր եւ 90 կին) եւ 165 իսլամ (83 այր եւ 82 կին) բնակիչ ունէր։ Չմշկածագի թեմը 1902-ին կ’արձանագրէր 215 հայ բնակիչ եւ 35 ծուխ։ Հայոց պատրիարքարանը 1914-ին կ’արձանագրէր 35 ծուխի մէջ ապրող 235 հայ բնակիչ։ Իսկ Յովհաննէս Աճէմեանը կը նշէ 140 բնակիչ եւ 35 ծուխ։

25. Ձնձոր, Սինսոր, Ձունձոր, Հինձոր [Payamdüzü]
38°58'36.64"N 38°59'14.38"E
38 հայ բնակիչ, 6 ծուխ
Ս. Աստուածածին եկեղեցի
Խաչքար վանք

Չմշկածագի Սիսնա գիւղէն հայ գերդաստանի մը տոհմածառը։ Պատրաստեց՝ Յովհաննէս Աճէմեան, 1954 (Աղբիւր՝ Յովհաննէս Աճէմեանի արխիւներ, NAASR, Պէլմոնթ, Մասաչուսէց)

Ձնձոր անունով երկու գիւղ կար. մէկը Փաշա Մեզրէին մօտիկ՝ ջուրի տակ մնացած, իսկ միւսը հայկական գիւղ է ըստ Գասպարեանի նկարագրութեան։ Ըստ երեւոյթին անգամ մը եւս Ղազարեանի քարտէսը սխալ գիւղը ի ցոյց կը դնէ։ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ որ գիւղը 3 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ գիւղը 18 ծուխի մէջ ապրող 6 հայ (3 այր եւ 3 կին) եւ 77 իսլամ (39 այր եւ 38 կին) բնակիչ կը հաշուէր։ Չմշկածագի թեմը 1902-ին 10 հայ ծուխ եւ 44 հայ բնակիչ արձանագրած է։ Հայոց պատրիարքարանը 1914-ին կ’արձանագրէր 6 ծուխի մէջ ապրող 38 հայ բնակիչ։ Իսկ Աճէմեանը կը նշէ 18 բնակիչ եւ 3 ծուխ։

26. Թումայ Մեզրէ, Թոմայ Մեզրէ, Սալիմ Պէյ Մեզրէ [ջրասոյզ եղած]
38°57'18.06"N 38°49'32.24"E
200 հայ բնակիչ, 25 ծուխ
Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցի

Թումայ Մեզրէի տեղակայումը բերուած է մօտաւոր գնահատումով՝ տրուած ըլլալով որ գիւղը այժմ ջրասոյզ եղած է Քեպանի ջրամբարի ջուրերուն մէջ։ Թէոդիկը եկեղեցիին համար Ս. Նշան անունը կու տայ։ Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 26 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ գիւղը 28 ծուխի մէջ ապրող 97 հայ (61 այր եւ 36 կին) եւ 64 իսլամ (37 այր եւ 27 կին) բնակիչ կը հաշուէր։ Չմշկածագի թեմը 1902-ին 107 հայ բնակիչ եւ 25 ծուխ կ’արձանագրէր։ Հայոց պատրիարքարանը 1914-ին բնակչութիւնը կ’արձանագրէր 200 բնակիչ եւ 200 ծուխ։ Իսկ Յովհաննէս Աճէմեանը կը նշէ 143 հայ բնակիչ եւ 39 ծուխ։

Չմշկածագի Սիսնա գիւղէն Հէքիմեան ընտանիքին տոհմածառը՝ սկիզբէն մինչեւ 1954։ Պատրաստեց՝ Յովհաննէս Աճէմեան, 1954 (Աղբիւր՝ Յովհաննէս Աճէմեանի արխիւներ, NAASR, Պէլմոնթ, Մասաչուսէց)

27. Վասկաւան, Վասքովան, Վազգուան [Akçapınar]
38°56'55.80"N 38°56'42.01"E
8 ծուխ
7 եկեղեցիի աւերակներ
Ս. Վասլիկայի վանքի աւերակներ

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 18 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ գիւղը 46 ծուխի մէջ ապրող 40 հայ (21 այր եւ 19 կին) եւ 86 իսլամ (41 այր եւ 45 կին) բնակիչ կը հաշուէր։ Չմշկածագի թեմը 1902-ին կ’արձանագրէր 95 հայ բնակիչ եւ 25 ծուխ։ Հայոց պատրիարքարանը 1914-ին կ’արձանագրէ 8 հայ ծուխ՝ առանց բերելու բնակիչներու թիւը։ Իսկ Աճէմեանը Վասկաւանի մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն կու տայ։

28. Երից Ագրակ, Էրէց Ագրակ, Էրէց Ակրակ, Իս Էկրէկ, Իշ Էգրէկ [Arpaderen-ի գիւղակ]
39° 2'32.40"N 38°53'12.93"E
226 հայ բնակիչ, 29 ծուխ
Ս. Խաչ եկեղեցի

Գարեգին վրդ. Սրուանձտեանցը կը նշէ, որ գիւղը 34 հայ ծուխ կը հաշուէր։ Մամուրէթուլ Ազիզի 1894-ի տարեգիրքը կը նշէ, որ գիւղը զուտ հայաբնակ էր եւ 40 ծուխի մէջ ապրող 172 բնակիչ (84 այր եւ 88 կին) կը հաշուէր։ Չմշկածագի թեմը 1902-ին կ’արձանագրէր 185 հայ բնակիչ եւ 32 ծուխ։ Հայոց պատրիարքարանը 1914-ին կ’արձանագրէր 29-ի ծուխ մէջ ապրող 226 հայ բնակիչ։ Իսկ Յովհաննէս Աճէմեանի ի մի բերած տուեալները կը նշեն 146 հայ բնակիչ եւ 34 ծուխ։

Չմշկածագ քաղաքի Չուխուր թաղամասէն հատուած մը. լուսանկարուած հաւանաբար 1930-ական թուականներուն (Աղբիւր՝ Գասպարեան ընտանիքի հաւաքածոյ. շնորհակալութիւններ՝ Վազգէն Անդրէասեանին)

***************

Գործածուած աղբիւրներու ցանկ

  • Անդրանիկ, Տերսիմ. ճանապարհորդութիւն եւ տեղագրութիւն, Թիֆլիս, տպ. Մնացական Մարտիրոսեանց, 1900
  • Գասպարեան, Համբարձում, Չմշկածագ եւ իր գիւղերը, Պոսթոն, տպ. Պայքար, 1969
  • Երեւանեան, Գէորգ Ս., Պատմութիւն Չարսանճագի հայոց, Պէյրութ, տպ. Կ. Տօնիկեան, հրատ. Համա-Չարսանճագի Միութեան Կեդրոնական վարչութեան (Ֆրէզնօ), 1956
  • Էփրիկեան, Հայր Սուքիաս, Պատկերազարդ բնաշխարհիկ բառարան, հատոր Բ, Վենետիկ, Սուրբ Ղազար, 1907
  • Թէոդիկ, Գողգոթա հայ հոգեւորականութեան եւ իր հօտին աղէտալի 1915 տարին, Նիւ Եորք, 1985
  • Հալլաճեան, Գէորգ, Տերսիմի հայերի ազգագրութիւնը, «Հայ ազգագրութիւն եւ բանահիւսութիւն» մատենաշար, Ե հատոր, Երեւան, 1973
  • Ղազարեան, Հայկազն, Պատմագիրք Չմշկածագի, Պէյրութ, «Համազգային»-ի Վահէ Սէթեան տպարան, հրատարակութիւն Չմշկածագի հայրենակցական միութեան, 1971
  • Նաթանեան, Հ. Պօղոս, Արտօսր Հայաստանի կամ տեղեկագիր Բալուայ, Քարբերդու, Չարսանճագի, Ճապաղ Ջուրի, եւ Երզնկայու, Կ. Պոլիս, 1878
  • Սաֆրաստեան Ա. Խ., «Կոստանդնուպոլսի հայոց պատրիարքարանի կողմից Թուրքիայի Արդարադատութեան եւ դաւանանքների մինիստրութեան ներկայացուած հայկական եկեղեցիների եւ վանքերի ցուցակներն ու թաքրիրները», Էջմիածին հանդէս, փետ-ապր 1965, էջ 184-187
  • Սրուանձտեանց, Գարեգին վրդ., Թորոս Աղբար, Հայաստանի ճամբորդ, մասն երկրորդ, տպագր. Գ. Պաղտատլեան (Արամեան), Կ. Պոլիս, 1884
  • Փափազեան, Տիգրան, Պատմութիւն Բալահովիտի, տպ. Մշակ, Պէյրութ, 1963
  • Andréassian, Vazken, Hazari : vie et survie d'un village arménien après juin 1915 [Հազարի- հայ գիւղի մը կեանքը եւ գոյատեւումը յունիս 1915-էն ետք], issuu.com/vazken/docs/1995-hazari__vie_et_survie_dun_village_armenien
  • Փոլատեան, Անդրանիկ Լ., Պատմութիւն հայոց Արաբկիրի, Նիւ Եորք, տպ. «Պայքար», հրատ. Ամերիկայի Արաբկիրի Միութեան, 1969
  • «Tunceli İl Yıllığı», Անգարա, 1973
  • Başbakanlık Osmanlı Arşivi (BOA) Nüfus Defterleri (NFS.d.), թղթածրար 2689, “1256 (1840) Harput eyaleti, (Maadin-i Hümayun) sancağı, Palu kazası, reaya defteri. a.g.y.tt”.
  • Dahiliye Vekâleti, Vilâyetler İdaresi Umum Müdürlüğü. 6, Tunceli Vilâyeti. Անգարա, 1959
  • Kemal H. Karpat, Ottoman Population, 1830-1914: Demographic and Social Characteristics [Օսմանեան կայսրութեան բնակչութիւն, 1830-1914- Ժողովրդագրութիւն եւ ընկերային-հասարակական յատկանիշներ], Մատիսոն, Ուիսքոնսին, 1985
  • Kévorkian, Raymond H. եւ Paboudjian, Paul B., Les Arméniens dans l'Empire Ottoman à la veille du génocide [Հայերը Օսմանեան կայսրութեան մէջ ցեղասպանութեան վաղորդայնին], Փարիզ, «ARHIS» հր., 1992
  • Mamuretül aziz Vilâyeti, 1298 (1881M) Tarihli Mamuretül aziz Vilâyeti Salnamesi. Էլազիկ, 2001
  • Mamuretül aziz Vilâyeti, Mamuretül aziz Vilâyeti Salnamesi. 1312 (1894)
  • McCarthy, Justin, Muslims and Minorities: The Population of Ottoman Anatolia and the End of the Empire [Օսմանեան Անատոլիայի բնակչությունը եւ Կայսրութեան վախճանը], Նիւ Եորք, Նիւ Եորք համալսարանի տպ., 1983
  • Okcu, Naci and Akdağ, Hasan, Salname-i vilyaet-i Erzrum (1287/1870-1288/1871-1289/1872-1290/1873): Erzrum il yıllığı, Էրզրում 2010
  • Thierry, Jean-Michel, «Le Couvent Erkayn Enkuzik en Dersim [Տերսիմի Երկայն ընկուզիկ վանքը]», Revue des études arméniennes հանդէս, №. 20 (1986-1987), էջ 381-417
  • Ünal, Mehmet Ali, XVI. Yüzyılda Çemişgezek Sancağı, Անգարա, 1999
  • Yılmazçelik, İbrahim, XIX. Yüzyılın İkinci Yarısında Dersim Sancağı, Էլազիկ, 1999