Բերդակ [Փերթեք] (Աղբիւր՝ Lamberto Vannutelli, Anatolia Meridionale E Mesopotamia, Roma, 1911)

Երգեր – Միքայիլ Ասլան | Տերսիմ

2010-ին, Միքայիլ Ասլան կը հրատարակէր նոր ալպոմ մը, որ կը կոչուի «Փեթակ. Տերսիմէն հայկական երգեր»։ Ալպոմին մէջ արուեստագէտը բացատրութիւններ կու տայ երաժշտական այս նախաձեռնութեան ծնունդին մասին։ Առաջին հերթին կ՚անդրադառնայ Տերսիմի մէջ առկայ հայկական հետքերուն. աւերակ եկեղեցի, տապանաքար, բայց նաեւ հայկական ծագումով գիւղերու անուններ։ Այս բոլորը Տերսիմի ծնունդ Միաքյէլ Ասլանի առօրեային մաս կազմած են տակաւին իր մանուկ տարիքին եւ այս միջավայրին մէջ ան հասակ առած է։

Հայկական հետքերուն ձայն տալը, զանոնք վերակենդանացնելը Ասլանի տեսլականներէն եղած են։ Իսկ իր նման երաժիշտ արուեստագէտի մը համար վերականգնումի լաւագոյն ձեւերէն մէկը պիտի ըլլար գտնել իր ծննդավայրին մէջ ժամանակին երգուած հայերէն երգերը եւ անոնց նոր արժէք եւ նոր կեանք մը պարգեւել։

Ահաւասիկ այս ծրագիրով ալ ճամբայ կ՚իյնայ Ասլան։ Ուղեւորութիւնը կը տեւէ մօտ չորս տարի։ Այս ընթացքին, ան բախտորոշ հանդիպում մը կ՚ունենայ Պրիւքսէլի մէջ 2005-ին իր մտերիմ բարեկամներէն Յովսէփ Հայրենիին հետ, որ իր առջեւ կը բանայ Համբարձում Գասպարեանի «Չմշկածագ եւ իր գիւղերը» գիրքը (Պոսթոն, 1969)՝ տերսիմեան բազմաթիւ հայկական երգեր ընդգրկող, յաճախ նօթաներով ընկերակցած։ Գասպարեանի գիրքին մէջ նօթաներուն հեղինակը արաբկիրցի Աւետիս Գ. Մեսումենցն է, ինչ որ ենթադրել կու տայ, որ Մեսումենցն է նաեւ այս երգերը տերսիմցի հայերէ հաւաքողը։

Հետագային, Ասլան ձեռք կը ձգէ նաեւ Միհրան Թումաճանի «Հայրենի երգ ու բան» գիրքը (հատոր 2, Երեւան, 1983), ուր նոյնպէս կան Տերսիմի շրջանէն շարք մը երգեր եւ նօթաներ։

Տերսիմի հայկական երգերու այլ աղբիւրներ են Յովհաննէս Աճէմեանի անտիպ մէկ գործը՝ «Երգարան Չմշկածագի երգերու», Պոսթըն, 1952, ինչպէս նաեւ Հայկազն Գ. Ղազարեանցի «Պատմագիրք Չմշկածագի»գիրքը (Պէյրութ, տպ. «Համազգային», հրատ. Չմշկածագի Հայրենակցական Միութեան, 1971)։

Մէյ մը որ երաժշտական հում նիւթը իր ձեռքին տակ ունէր, Ասլան կը ձեռնարկէ այս երգերը մշակելու աշխատանքին։ Հոս է որ իր հետ կը գործակցին Լեւենթ Կիւնէշ եւ Ճեպրայիլ Քալըն։ Դիւրին աշխատանք չէր այս մէկը, նկատի ունենալով որ երգերը պէտք էր մշակուէին այնպէս մը, որ անոնք հարազատ հնչէին։ Կը կարծենք որ այսպիսի գործի մը համար Միքայիլ Ասլանի եւ իր ընկերներուն ներդրումը մեծ է։ Ասլան արուեստագէտին հոգեմտաւոր աշխարհը հազարումէկ թելերով կապուած է իր միջավայրին՝ Տերսիմին։ Ան կու գայ Տերսիմի ալեվիական համայնքէն, որ ինչպէս պատմութենէն գիտենք՝ դարերու երկայնքին գոյակցած է տեղի հայերուն հետ։ Այս պատճառով ալ հայկական երգն ու երաժշտութիւնը չէին կրնար խորթ եւ օտար ըլլալ Միքայիլ Ասլանին։ Հետեւաբար, ան լաւագոյնս պիտի կրնար զանոնք մշակել։ Ասոր լաւագոյն ապացոյցը աշխատանքին արգասիքն է՝ 12 երգերը, որոնք ներկայացուած են այս էջով։ Իւրաքաչիւր երգ գեղեցիկ օրինակ մըն է, թէ որքան կարեւոր է քիւրտ, զազա, թուրք, հայ համագործակցութիւնը հայկական ժառանգութեան մը հետքերը վերականգնելու աշխատանքին մէջ։

Չորս տարիներու այս ուղեւորութեան մէկ կարեւոր փուլն ալ Երեւանն է, ուր Միքայիլ Ասլան եւ Լեւենթ Կիւնէշ կը մեկնին իրենց հետ տանելով հաւաքուած, ընտրուած եւ մշակուած երգերը։ Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ անոնք կը գործակցին «Ակունք» անսամպլին հետ։ Միասին կը ձայնագրեն տերսիմեան հայկական 12 երգերը, որոնք կը հրատարակուին Պոլսոյ «Kalan Music»ի կողմէ։

Միքայիլ Ասլան իր ալպոմին մէջ շնորհակալութիւն կը յայտնէ նաեւ հետեւեալ անձերուն. Իլտա Սիմոնեան, Հասան Սալթըք (Kalan Müzik), Տիգրան Յակոբեան, Օսման Քաւալա, Սաիմէ Կիւնտիւ, Մեթին Եըլտըրըմ (Պարրիոս), Մերտան Զիրեապ, Բագրատ Էսդուգեան։

1) Սուրբ Կարապետ եմ գմացեր [1]

Մուտք՝ Լեւենթ Կիւնէշ, Միքայիլ Ասլան
Մշակում՝ Լեւենթ Կիւնէշ, Միքայիլ Ասլան 
Երգչխախումբ՝ Սարգիս Պաղտասարեան, Սարգիս Ալեւերդեան, Արեգ Միքայէլեան, Անի Հայրապետեան, Աննա Թովմասեան, Սոնա Շաթիկեան, Յասմիկ Գրիգորեան, Միքայիլ Ասլան, Լեւենթ Կիւնէշ

Սուրբ Կարապետ եմ գնացեր
Օտան եմ պառկեր քնացեր
Մուրատ տուեր, չեմ իմացեր
Մուշու Սուլթան Սուրբ Կարապետ

 

2) Կաֆ կըտըրտել

Մուտք՝ Լեւենթ Կիւնէշ
Մշակում՝ Լեւենթ Կիւնէշ
Երգչխախումբ՝ Սարգիս Ալեւերդեան, Արեգ Միքայէլեան, Անի Հայրապետեան, Աննա Թովմասեան, Սոնա Շաթիկեան, Յասմիկ Գրիգորեան, Լեւենթ Կիւնէշ

Տղուն կողմը՝
Ձեր աղջիկը ջուրն էա գացեր,
Սիթիլը հոնտեղ էա մոռցեր։

Աղջկան կողմը՝
Ձեր տղան ըլ փէտն էա գացեր,
Յօտոց, կացին հոն էա մոռցեր։

Տղուն կողմը՝
Ձեր աղջիկը Սուրբ Խաչ գացեր,
Տարած մոմը ճէպն էա մոռցեր։

Աղջկան կողմը՝
Ձեր տղան ալ արտն էա գացեր,
Դառնալու ճամբան էա մոռցեր։

Տղուն կողմը՝
Ձեր աղջիկը դրացնին տունն էա՛
Մեր տղան կ՚առնայ կը տանէա։

Աղջկան կողմը՝
Էբ ձեր տղան աղջիկ տանէա,
Անոնց ճամբան դոր մեր տունն էա։

3) Բաղնիքը ցուրտ էա, կը մըսիմ

Միջանկեալ նուագ՝ Լեւենթ Կիւնէշ
Մշակում՝ Լեւենթ Կիւնէշ
Մենակատարներ՝ Սոնա Շաթիկեան, Լեւենթ Կիւնէշ

Բա՜ղնիքը, բաղնիքը, ցուրտ է, կը մսիմ ամա՜ն
Կաւ չի կայ, կաւ չկայ, գլուխս քսիմ ամա՜ն։
Իրիկունը, իրիկունը, աղայիս տ՚ըսիմ ամա՜ն։

Թրքերէն՝
Աման ղըզ, եաման ղըզ, եանտուրտուն պանի,
Ալ էթտին, խանտուրտուն պանի աման,
Ալ էթտին , ֆէլ էթտին, խանտուրտուն պանի աման։

Թարգմանութիւն՝
Այ 
աղջիկջան աղջիկվառեցիր ինծի,
Ըրիր-
չըրիր խաբեցիր ինծի,
Ըրիր-
չըրիր խաբեցիր ինծիամա՜ն։

Պարտաղը, պարտաղը, պաղուկ ջուր լեցուր ամա՜ն,
Չապուխ մի, չապուխ մի աղայիս կ՚ըսեմ ամա՜ն,
Եարս գայ, եարս գայ, խաթիրը հարցուր ամա՜ն։

Այ աղջիկ, վայ աղջիկ վառեցիր ինծի ամա՜ն,
Ալ էրիր, ֆէլ էրիր, խաբեցիր ինծի ամա՜ն։

4) Բաղնեց դուռը

Միջանկեալ նուագ՝ Ճեպրայիլ Քալըն, Միքայիլ Ասլան
Մշակում՝ Ճեպրայիլ Քալըն, Միքայիլ Ասլան
Մենակատար՝ Արեգ Միքայէլեան
Այս երգին կը յաջորդէ «Պանդուխտի երգ»ը (Երեւան)

Բաղնեց դուռը զարկին սազը,
Տալվըտէքդ հիսեն մազդ,
Ներվըտէքը քաշին նազդ,
Մեր տան ետեւ կուռ կուռ մորի,
Խընկաքուընին հոն կը թառի,
Մէկն էլ էղբօրս կը նմանի։ 

 

Երգ Պանդուխտի

Արի, պանդուխտ, թափառական, աստանդական,
Ախ, մի տարին եօթը դառաւ
Եօթը տարուայ կարօտ ունիմ, արի։
Սիրտս էլման գետ է դարձել
Ափէ-ափ է, դուրս կը հորթայ,
Գարնան ծաղկունք եար կը կանչէ,
Արձագանգը խելք կը տանէ, արի։

5) Պաղչաները խոտ կ՚ըլլի

Միջանկեալ նուագ՝ Լեւենթ Կիւնէշ
Մշակում՝ Լեւենթ Կիւնէշ
Երգչախումբ՝ Սարգիս Ալեւերդեան, Արեգ Միքայէլեան, Անի Հայրապետեան, Աննա Թովմասեան, Սոնա Շաթիկեան, Յասմիկ Գրիգորեան

Պաղչաները խոտ կ՚ըլլի, նա, նա, նա,
Ցորեն, գարի խըթ կ՚ըլլի, նա, նա, նա,
Տղան աղջկայ սիրուն, նա, նա, նա,
Ջուվախները խենթ կ՚ըլլի, նա, նա, նա։

Դուն բարակ ես, պոյդ էրկան, նա, նա, նա,
Էլէամը ձէնիդ հէյրան, նա, նա, նա,
Էլիր, էրթանք մեր տունը, նա, նա, նա,
Էս ըլլիմ քիզի խուրպան, նա, նա, նա։

Ծառին վրայ նուշ կ՚ըլլի, նա, նա, նա,
Պագիկ մի տուր, ի՞շ կ՚ըլլի, նա, նա, նա,
Էակէալ տիտաս, հըմմա տուր, նա, նա, նա,
Վաղուան մնայ ուշ կ՚ըլլի, նա, նա, նա։

 

6) Հայտէ մեր էգին

Միջանկեալ նուագ՝ Ճեպրայիլ Քալըն
Մշակում՝ Ճեպրայիլ Քալըն
Մենակատարներ՝ Անի Հայրապետեան, Լեւենթ Կիւնէշ

Տղան՝
Հայտէ մեր էգին, էրթանք մեր էգին։
Աղջիկ՝
Ի՞նչ կայ, ձեր էգին, ի՞նչ կայ ձեր էգին։
Խումբը՝
Հէյ դուք աղուոր աղջիկներ,
Հէյ դուք վարդի փնջիկներ,
Հարսները ձիզի խուրպան,
Երկրի հրեշտակ աղջիկներ։

Տղան՝
Նռներն են ծաղկեր, նռներն են ծաղկեր։
Աղջիկ՝
Ծաղկեր, թող ծաղկին, ծաղկեր, թող ծաղկին։
Խումբը՝
Հէյ դուք աղուոր աղջիկներ,
Հէյ դուք վարդի փնջիկներ,
Հարսները ձիզի խուրպան,
Երկրի հրեշտակ աղջիկներ։

Տղան՝
Մեռնիմ իր հոտին, եարիս կարօտին
Աղջիկ՝
Հայտէ ձեր էգին, էրթանք ձեր էգին։
Խումբը՝
Հէյ դուք աղուոր աղջիկներ,
Հէյ դուք վարդի փնջիկներ,
Հարսները ձիզի խուրպան,
Երկրի հրեշտակ աղջիկներ։

7) Նազլուին շէրը [տաղ]

Մուտք՝ Միքայիլ Ասլան, Ճեպրայիլ Քալըն
Մշակում՝ Ճեպրայիլ Քալըն
Մենակատար՝ Լուսինէ Նազարեան

Խընտըրվեցը կու գայ քերան,
Աւետիս աղջիկդ էա ճէյրան,
Կոշտ ու պլոշտ, չարուխ բերան։

Նազլուն կէս գըշերուն աշեց,
Իրեն տեղը բարձ մի թաղեց,
Էլաւ Փիլոյին քով վազեց։

Նազլուն թունիրը էջուցին,
Ձէառքն ու ոտքը հիննայէցին,
Օսկի օրէնքը փոխեցին։

 

8) Քեզ տանել ենք եկել

Մշակում՝ Լեւենթ Կիւնէշ

Յովհաննէս Աճէմեանի անտիպ մէկ գործը՝ «Երգարան Չմշկածագի երգերու», Պոսթըն, 1952։ Հոս գրի առած է Տերսիմի մէջ հայերու կողմէ երգուած երգեր։

9) Գացէք բերէք

Միջանկեալ նուագ՝ Ճեպրայիլ Քալըն
Մշակում՝ Ճեպրայիլ Քալըն
Մենակատար՝ Անի Յովհաննիսեան

Գացէք բերէք չիֆթ մը տատրակ,
Օր գայ գովէ մեր թագւորը։

Գացէք բերէք չիֆթ մը պիլպիլ,
Օր գայ գովէ մեր թագւորը։

Գացէք բերէք չիֆթ մը կաքաւ,
Օր գայ գովէ մեր թագւորը։

Ո՞ւր է ասոր հարն ու մարը,
Թող գան տեսնան պոյն ու պոսը,

Էն նըռուինուն ծառն օր ծաղկի,
Ծաղիկն է արեւդ ի նման:

10) Պիւլպիւլն է էկէր

Մուտք՝ Լեւենթ Կիւնէշ
Մշակում՝ Լեւենթ Կիւնէշ
Երգչախումբ՝ Սարգիս Ալեւերդեան, Արեգ Միքայէլեան, Անի Հայրապետեան, Աննա Թովմասեան, Սոնա Շաթիկեան, Յասմիկ Գրիգորեան

Պիւլպիւլն էկեր կանչէա գարուն էա, գարուն,
Մի բանար եարանիս, խորուն էա, խորուն.
Էս ըլ եար մի ունիմ, ճամբեր իմ հեռուն,
Գըշեր ցորեկ կու լամ, արցունքս էա էարուն։

Նստեր եմ մնակուկ, գըշեր էա, գըշեր,
Խարիպէս գիր չի կայ, ըզիս չի յիշեր.
Չի խօսուած, չի լսուած ցաւեր իմ քաշեր,
Ինք հոնտեղուկ, էս հոս, հոգիս իմ մաշեր։

11) Զէյնօն ջուրը գացեր է

Միջանկեալ նուագ՝ Ճեպրայիլ Քալըն
Մշակում՝ Ճեպրայիլ Քալըն
Մենակատար՝ Լուսինէ Նազարեան

Զէյնօն ջուրը գացեր էա,
Փէշը չամուռը թախտեր էա,
Սիրածն անտեղ տեսեր էա,
Իրեն մուրատին հասեր էա,
Էրնէկ Զէյնօյին վրայ։

Չոպան մի էաս տեսեր էա,
Լման գէղին ըսեր էա,
Զէյնօն սիրածն առեր էա,
Չարն էասէանկ պարտկուեր էա,
Էրնէկ Զէյնօյին վրայ։

12) Տերսիմ

Ձայնագրութիւն՝ 1937, Նիւ Եորք, Վարդան Մարկոսեան

Dersim üç dağ içinde
Dersim üç dağ içinde
Gülü var dal içinde
Dersim'i Halk saklasın
Bir tanem var içinde

Ağamın dengi yoktur
Yavrumun dengi yoktur
Dostun Birmani çoktur
Ağamın öldüğüne vah
Vur sineye gelen yoktur

Ağama neler oldu
Sarardı benzi soldu
Harput'um ırak oldu
Dağı dağ eden felek
İntima Buğ'dan Felek
Yavrumu uçurmadan
Yuvam dağıttın felek

Ağamın dengi yoktur
Beyimin dengi yoktur
Dostun Birman'i çoktur
Ağamın öldüğüne
Düşmanlar helak oldu

Տերսիմը երեք լերան մէջ
Տերսիմը երեք լերան մէջ
Վարդը՝ ճիւղին մէջ,
Տերսիմը պահէ Աստուած
Մէկ հատիկս է մէջը։

Աղաս չունի իրեն հաւասար
Զաւակս չունի իրեն հաւասար
Բարեկամը Պիրմանի [2] շատ ունի
Աղայիս մահուան, վա՜խ,
Սրտիդ մէջ պահէ, ոչ ոք կու գայ։

Ի՞նչ պատահեցաւ աղայիս,
Դալկացաւ, թառամեցաւ,
Խարբերդը դարձաւ հեռու
Ճակատագիրը, որ լեռը՝ լեռ կը դարձնէ
Ճակատագիրը, որու ցեղը շոգիէն կը բխի,
Զաւակս առնելէ առաջ,
Տունս քանդեց։

Աղաս չունի իրեն հաւասար,
Պէկս չունի իրեն հաւասար,
Բարեկամը Պիրմանի շատ ունի,
Աղաս երբ մեռաւ՝
Թշնամիները կործանեցան։

  • [1] Ըստ Միհրան Թումաճանի, այս երգին ծագումը Երզնկայէն է (Միհրան Թումաճան, Հայրենի երգ ու բան, հատոր 2, Երեւան, 1983, էջ 428)։
  • [2] Շատ յստակ չէ հոս Պիրմանի բառին նշանակութիւնը։ Գիտենք որ Տերսիմէն Երզնկայ ճամբուն վրայ կայ այս անունով անցք մը, ինչպէս նաեւ գոյութիւն ունի նոյն անունով գիւղ մը։

Ձախին՝ Ակունք խումբի անդամները «Փեթակ» ալպոմի ձայնագրութեան օրերուն։
Աջին՝ «Փեթակ» խտասալիկ-ալպոմը։