Տերսիմ - Խաղեր

10/02/2022 (վերջին փոփոխութիւն՝ 10/02/2022)

Չըռ (կամ բերդ)

Կը խաղան երկու խումբով։

Առաջին խումբը (Ա. խումբ) պաշտպանողն է, իսկ երկրորդ խումբը (Բ. խումբ)՝ յարձակողը։

Յարձակողները պիտի փորձեն առանց պաշտպանողներէն բռնուելու կամ խփուելու ոտքերնին դնել «բերդ» կոչուած քարին վրայ։ Եթէ անոնցմէ մէկն ու մէկը յաջողի, բերդը գրաւուած կը համարուի եւ Բ. խումբը յաղթած կը հռչակուի։ Այս յարձակումներուն ընթացքին եթէ Բ. խումբին յարձակողներէն մէկը զարնուի պաշտպանողներէն, մեռած կը համարուի եւ խաղէն անմիջապէս դուրս գայ։

Այս կը նշանակէ որ խաղին ամբողջ ընթացքին Ա. խումբին խաղցողները ընդհանրապէս հաւաքուած կ՚ըլլան բերդին շուրջ։ Եթէ անոնցմէ մէկն ու մէկը քիչ մը հեռանայ բերդէն՝ յարձակող խումբի անդամները այս առիթը կ՚օգտագործեն, կը փորձեն բերդէն հեռացողին եւ բերդին միջեւ գոյացած նեղ անցքէն վազելով շատ արագ անցնիլ եւ այս անցքը կտրած պահուն «չըռռռ» պոռալ։ Եթէ յաջողին, բերդէն հեռացածը երկրորդ խումբին ձեռքը գերի կ՚իյնայ։ Բայց եթէ անցած պահուն անոնք պաշտպանողներուն կողմէ զարնուին, այն ատեն խաղէն անմիջապէս դուրս կու գան։

Խաղը այսպէս կը շարունակուի մինչեւ որ յարձակող խումբին բոլոր անդամները զարնուին կամ յարձակող խումբին մէկ անդամը յաջողի ի վերջոյ ոտքը դնել «բերդ» քարին վրայ։ [1]

Կ՚ենթադրենք որ բռնել, զարնել, խփել այս խաղին մէջ պարզապէս կը նշանակէ ձեռքով կամ ոտքով դպնալ մրցակիցին։

Վերի նկարագրութեան մէջ, որ առնուած է Չմշկածագի մասին գիրքէն, այս խաղը փաստօրէն կը խաղան բաց դաշտի վրայ կամ բակի մը մէջ։ Չարսանճագի յուշամատեանին մէջ նշուած է, որ այս խաղը կը խաղան տուներու ընդարձակ տանիքներուն վրայ։ Հոս «բերդ»ը ոչ թէ գետինը դրուած քար մըն է, այլ տան բուխերիկն է, որ խաղին մէջ կը կոչուի «քոզ»։ [2]

Բերդախաղ

Չըռ խաղին մէկ տարբերակն է։

Կը խաղցուի երկու մրցակից խումբերով։

Տափակ քար մը կը դրուի խաղադաշտին կեդրոնը։ Այս կը ներկայացնէ բերդը։ Խումբերէն մէկը կ՚ըլլայ բերդապահ, մինչ միւսը յարձակող։

Բերդապահները կը խմբուին տափակ քարին շուրջ։ Անոնք պէտք է պաշտպանեն այս քարը դուրսիններու յարձակումներուն դէմ։ Բերդապահները իրենք ալ անակնկալ յարձակումներ կը կատարեն դէպի դուրս՝ մրցակիցներուն դպնալու/զարնելու եւ այս ձեւով անոնց խաղէն դուրս ընելու համար։ Բայց միաժամանակ կը զգուշանան բերդէն շատ հեռանալէ, որովհետեւ դուրսինները կրնան զայն գրաւել։

Ի՞նչպէս կը գրաւուի բերդը։ Երբ մրցակիցներէն մէկն ու մէկը կը յաջողի առանց բերդապահներէն զարնուելու տափակ քարին ձեռքով կամ ոտքով դպնալ, բերդը կը համարուի գրաւուած։

Յարձակողները իրենց կարգին կրնան խաղէն դուրս հանել բերդապահներէն մէկն ու մէկը։ Այսպէս, երբ բերդապահ մը մը բերդէն քիչ մը հեռացած է, կը բաւէ որ յարձակողները զինք մարդկային շրջանակի մէջ առնեն, այն ատեն կրնան բերդապահը կըյրել [տեղական բարբառով կը նշանակէ կտրել], այսինքն խաղէն դուրս հանել։ [3]

Թուրայ (թոփուզ)

Կը խաղան երկու հոգիով։ Խաղցողները բարձի նմանող առարկայի մը ծայրերէն կը բռնեն, որպէսզի իրարմէ չհեռանան։ Այս խաղցողներէն մէկուն (Ա. խաղցող) աչքերը կապուած կ՚ըլլայ եւ բան չի տեսներ։ Ան իր ձեռքին կը բռնէ թուրան, որուն կու տան նաեւ թոփուզ անունը։ Թուրան կը շինեն թաշկինակներ կամ լաթեր օձանման ամրօրէն ոլորելով, ծայրամասին ալ զօրաւոր հանգոյց մը կ՚ընեն եւ այս բաժինին գունդի ձեւ կու տան։ Ծայրամասի այս գունդը լարանով կը փաթթեն։ Լարանը բուրդի կամ կանեփի հաստ թելն է։

Խաղին ընթացքին աչքը կապողը կը պոռայ «ափեմուս»։ Միւսը (Բ. խաղցող) անմիջապէս կը պոռայ «սփեմուս»։ Ա. խաղցողը թուրայով կը հարուածէ ձայնին ուղղութեամբ, մրցակիցը հարուածելու մտադրութեամբ։ Բայց անոր աչքերը կապուած են, այնպէս որ հարուածը կրնայ պարապի երթալ, ինչ որ առիթ կու տայ հանդիսատեսներուն քրքիջին։ Այսպէս կը շարունակուի մինչեւ որ Բ. խաղցողը հարուածը կրէ։ Այն ատեն դերերը կը փոխուին։ [4]

Նոյն խաղին Չարսանճագի տարբերակին մէջ նշուած է, որ բարձը կը դնեն գետինը, երկու խաղցողները բարձին երկու կողմերը կը պառկին, անոնց երկուքին ալ աչքը կապուած է եւ իւրաքանչիւրը ձեռքին ունի թուրայ մը։ Անոնցմէ մէկը բարձրաձայն կ՚ըսէ՝ «Ափեմուզ, ջրդէ ճամուզ, սէն սէնի սագլա, կէլտի խարա թոփուզ» (Ափեմուզը կը ջարդէ գոմէշը, դուն ինքզինքդ պաշտպանէ, հասաւ սեւ լախտը)։ Այս խօսքէն ետք անմիջապէս կը փորձէ հարուածել կողքին պառկողը։ Այս վերջինը առանց բարձէն հեռանալու ճարպիկ շարժումներով կը փորձէ խուսափիլ հարուածէն։ Եթէ յաջողի, այն ատեն թուրայով հարուածելու կարգը իրը կ՚ըլլայ։ [5]

Կալա

Կը խաղան 2-3 հոգիով։

Գետինը ամրացած եւ 10-15 սմ. բարձրութիւն ունեցող քարի մը վրայ տեղադել փոքր քար մը, որ խաղին մէջ կը կոչուի կալա։

Մէկը պէտք է ըլլայ կալային պաշտպանը, այսինքն էպէն։ Այս վերջինը կ՚որոշուի վիճակով։ Էպէն եւ միւսները կալայէն ճշդուած հեռաւորութեամբ մեկնակէտի մը վրայ կը կանգնին։ Միւսները իրենց ձեռքին ունին քար մը։ Առաջին խաղցողը քարը կը նետէ կալային ուղղութեամբ։ Նպատակն է կալան զարնել եւ հեռացնել իր սկզբնական տեղէն։ Եթէ չյաջողեցաւ կալան հարուածել, այն ատեն ինք էպէ կ՚ըլլայ։ Իսկ երբ յաջողի զարնել, նետողը անմիջապէս կը վազէ դէպի իր նետած քարը եւ կը փորձէ զայն հասցնել մեկնակէտ։ Նոյն ժամանակ, էպէն ինք եւս կը վազէ, կը փորձէ կալան վերստին իր տեղը դնել եւ քարը նետողը զարնել (դպնալ), այսինքն թոյլ չտալ որ նետուած քարը վերադարձուի մեկնակէտ։ Եթէ յաջողեցաւ մրցակիցին դպնալ, քար նետողը մեռած կը համարուի։

Այս է խաղին ընդհանուր օրէնքը։ Կալային քարով զարնող խաղցողը միշտ կը փորձէ կարելի եղածին չափ հեռու տեղ մը թռցնել զայն, որպէսզի էպէն զինք հալածելու դժուարութիւն ունենայ եւ ինք ալ ժամանակ ունենայ քարը վերադարձնելու մեկնակէտ։ Խաղին մէջ յատկանշական է քարը վերադարձնելու ձեւը։ Կալային քարով զարնողը իրաւունք չունի իր քարը ձեքին բռնած վերադառնալ։ Այլ, ան մէկ ոտքով քարը կը հրէ եւ կը դնէ միւս ոտքին վրայ եւ այս վիճակով ալ կը փորձէ վերադառնալ մեկնակէտ։ Երբ կը հասնի մեկնակէտ, քարը պէտք է ոտքով վեր նետէ եւ ձեռքով բռնէ։ Քարը ոտքին վրայ դրած գալու ատեն, եթէ անիկա իյնար, պարտուած կը համարուէր։ [6]

Նալտըրնաճ

Կը նմանի կալային, բայց այս պարգային էպէ չկայ։

Կը խաղան երկու հոգիով։

Առաջինը քարը կը նետէ կալան թռցնելու նպատակով։ Եթէ ձախողի, միւսին կարգը կու գայ։ Եթէ յաջողի, ապա ան ոտքի քայլերով պէտք է չափէ կալային մեկնակէտէն մինչեւ տեղափոխուած տեղը միջոցը։ Այն խաղցողը, որ առաջինը 29 քայլի կը հասնի (ոտք)՝ կ՚ըլլայ յաղթողը։ Անհաւանական է, որ առաջին իսկ հարուածէն կալան 29 քայլ հեռու տեղափոխուի։ Այնպէս որ, երկու խաղցողները մէկը միւսին ետեւէն կալան կը հարուածեն, մինչեւ որ վերջապէս մէկն ու մէկը 29-ը քայլի հասնի։ Իւրաքանչիւր ոտք թրքերէն անուն մը ունի. այնպէս որ այս անունները կը տրուին քայլերը համրուած ատեն։ Սկզբնաղբիւրը թրքերէն այս բառերը չի նշեր։ [7]

Լընկի

Կը խաղան երկու հոգիով։

Խաղցողները դէմ դիմաց կը կանգնին։ Իւրաքանչիւրը մէկ ոտքը ետեւի կողմէն վեր կը քաշէ եւ ձեռքերով կը բռնէ։ Այսպէս, ակնաոտիկ կը յառաջանան եւ իրարու կը հարուածեն ուսերով եւ թիկունքով։ Այս հարուածները կը կոչուին «քուփ զարնել»։ Այն խաղցողին ձեռքը որ առաջինը կը քակուի՝ պարտուած կը համարուի։ [8]

Պարան խաղ

Կը խաղան երկու խումբով (Ա. եւ Բ. խումբ)։ Իւրաքանչիւրը կը բաղկանայ մօտ տաս հոգիէ։ Երկար պարան մը կը գործածուի այս խաղին մէջ։

Ա. խումբէն չորս հոգի կը կենան խաղատեղիին կեդրոնը՝ ոտքերնին եւ կռնակնին քիչ մը ծռած վիճակով եւ պարանին մէկ ծայրը իրենց ձեռքերուն բռնած։ Պարանին միւս ծայրը Ա. խումբին միւս անդամներուն ձեռքին է։ Այս վերջինները կը կոչուին պահակ։

Բ. խումբէն ոեւէ մէկը ազատ է գալու եւ Ա. խումբի ծռած խաղցողներուն մէջքին ելլելու։ Կռնակ ելլողները կրնան մնալ որքան որ կ՚ուզեն։ Բայց պահակներն ալ իրաւունք ունին իրենց ձեռքի պարանով անոնց զօրաւոր հարուածելու։ Պարանով հարուած ստանալը խաղէն դուրս գալ չի նշանակեր։ Բայց եթէ պահակները յաջողին Բ. խումբի անդամներուն ձեռքով կամ ոտքով դպնալ, այն ատեն կրնան զիրենք խաղէն դուրս ընել։ Խաղը կը շարունակուի, մինչեւ որ Բ. խումբէն ոչ մէկ խաղցող մնայ։ [9]

Չէլիկ-չպուխ

Չէլիկը 15-20 սմ. երկարութեամբ փայտիկ մըն է, որուն երկու ծայրամասերը տաշուած եւ տափակցուած են։ Չպուխը նոյնպէս փայտ մըն է մօտ 80 սմ. երկարութեամբ։ Չէլիկը կը տեղադրեն երկու քարերու արանքին, այնպիսի ձեւով որ փայտիկին տափակ ծայրամասերը քարերուն վրայ տեղադրուին։ Չէլիկին եւ երկու քարերուն այս ամբողջութիւնը խաղին մէջ կը կոչուի օճախ։

Մէկ խաղցողը իր ձեռքի չպուխով ուժգին հարուած մը կու տայ չէլիկին զայն երկինք թռցնելու համար։ Մրցակիցը, որ կանգնած է օճախին դիմաց որոշ հեռաւորութեամբ տեղ մը, պէտք է անպայման փորձէ բռնել չէլիկը։ Եթէ չբռնէ՝ պարտուած կը համարուի։ Եթէ յաջողի՝ չէլիկը ձեռքով կը նետէ օճախին ուղղութեամբ եւ անպայման պէտք է դպցնէ անոր։ Այս ձեւով չէլիկ թռցնելու կարգը իրը կ՚ըլլայ։ Եթէ օճախին չդպնայ, այս անգամ չպուխակիրը իր չպուխով հարուած մը կու տայ գետին գտնուող չէլիկին ծայրամասին։ Հարուածին ուժգնութեան տակ փայտիկը դիւրութեամբ վեր կը բարձրանայ. օդին մէջ ան կրկին պէտք է հարուածէ եւ չէլիկը հեռացնէ օճախէն։ Այս գործողութիւնը կրնայ երեք անգամ կրկնուիլ. եթէ ոչ մէկ ատեն չպուխաւորը օդին մէջ չի կրնար զարնել չէլիկին, այն ատեն պարտուած կը համարուի եւ օճախը կը զիջի մրցակիցին։

Հետաքրքրական է, որ օճախին դիմաց կանգնողը երբ օճախին ուղղութեամբ կը նետէ չէլիկը, հոն կանգնած չպուխակիր մրցակիցը իրաւունք ունի չէլիկին օդին մէջ կրկին հարուածելու եւ հեռացնելու։ Այս մէկը կը յաջողին ընել վարպետ խաղցողները։

Պարտուածը պէտք է կրէ պատիժ մը։ Այսպէս, յաղթողը իր ոտքերը կամարի պէս լայն կը բանայ։ Մէկ ձեռքով կը բռնէ չէլիկը, միւս ձեռքով՝ չպուխը։ Ամբողջ մէջքով կը ծռի եւ կարելի եղածին չափ զօրաւոր հարուած մը կու տայ չէլիկին, որ ոտքերուն տակէն անցնելով կ՚իյնայ որոշ հեռաւորութեան մը վրայ։ Այս ամբողջ տարածութիւնը պարտուածը պէտք է քալէ իր կռնակին վրայ առնելով յաղթողը։ [10]

Չէքիւճիւմ

Կը խաղան երեք կամ աւելի հոգիով։

Անոր որ վիճակ իյնայ՝ մէջքն ու գլուխը կը կքէ, ոտքերը լայն կը բանայ եւ իւրաքանչիւր ձեռքով ալ մէկ ծունկը կը բռնէ։ Միւս խաղցողները վազելով կու գան, իրենց երկու ձեռքերը կը դնեն կքածին մէջքին եւ կը ցատկին վրայէն։ Ցատկողը պէտք է որ ոտքերը կարելի եղածին չափ լայն բանայ, որպէսզի կքողին չդպնայ կամ չքսուի։ Եթէ շփումը տեղի ունենայ, ցատկողը պարտուած կը համարուի եւ ինք կ՚ըլլայ կքողը։

Խաղին սկիզբը կը նշանակուի նաեւ առաջատար ցատկող մը՝ միւսները պէտք է հետեւին իրեն։ Առաջատարը ցատկած պահուն տարօրինակ բառեր կը հնչեցնէ։ Օրինակ՝ չէքիւճիւմ։ Միւսները պէտք է նոյն բառը անսխալ կրկնեն։ Սխալողը ինք կ՚ըլլայ կքողը։ Եթէ պատահի որ բառը մոռցած է՝ իրաւունք ունի պարզապէս ըսելու՝ «վարպետիս ըսածը»։

Ասկէ ետք կարգը կու գայ աւելի դժուար գործողութիւններուն. առաջատարը ցատկած պահուն՝ կքողին մէջքին վրայ կը դնէ իր գլխարկը (ընդհանրապէս ֆէս մը) առանց որ իյնայ։ Միւս խաղցողներն ալ այս գործողութիւնը պէտք է կրկնեն իրենց գլխարկները մէջքին դնելով։ Առաջատարը կրկին կը ցատկէ այս անգամ թէ՛ կքողին եւ թէ վրայի ֆէսերուն վրայէն եւ կը պոռայ «ֆէս տիւշմէսին» (ֆէս, թող չիյնայ)։ Այս շարքն ալ աւարտելէ ետք, այս անգամ առաջատարը ցատկած պահուն պէտք է վերցնէ իր ֆէսը եւ կը պոռայ «ֆէս տիւշսին» (ֆէս, թող իյնայ)։ Նոյն բանը պէտք է ընեն միւս խաղցողները իւրաքանչիւրը ցատկած պահուն իր ֆէսը վերցնելով։ [11]

Իւչ-ատըմ (երեք քայլ)

Չէքիւճիւմին նման կը խաղցուի։

Տարբերութիւնը հոն է, երբ առաջին խաղցողը կքողին վրայէն կը ցատկի, երեք քայլ հեռաւորութիւն մը պահելով ինք եւս կը կքի։ Եթէ երրորդ խաղցող մը կայ, ան ալ երկուքին վրայէն կը ցատկի եւ երեք քայլ հեռաւորութեամբ ինք եւս կը կքի, մինչեւ որ խաղցողները վերջանան։ Այն ատեն առաջին կքողը ինք կը սկսի ցատկիլ եւ յաջորդաբար։ [12]

Վրաթռուկ

Այս մէկն ալ կը նմանի չէքիւճիւմին։

Միայն մէկ հոգի մէջքն ու գլուխը որքան կրնայ կը կքէ՝ ձեռքերը ծունկին վրայ դրած վիճակով։ Միւս խաղցողները պէտք է իր վրայէն ցատկին չէքիւճիւմին նման եւ ցատկած պահուն պոռան. «պաշշարի, պաշշարի»։ Երկրորդ փուլին, կքողը քիչ մը կը բարձրացնէ մէջքը եւ այսպէս հետզհետէ մինչեւ որ խաղցողներէն մէկը չյաջողի անցնիլ։ Այն ատեն ձախողածը ինք կը կքի։ [13]

Ուզուն էշշէկ (երկան էշ)

Կը խաղցուի երկու հակադիր խումբով։

Խումբերէն մէկը կը կազմէ կռնակնին ու գլուխնին կքողներու գիծ մը (Ա. խումբ)։ Այսինքն անոնք ամբողջ մէջքով ու գլուխով կը կռանան։ Միայն առաջին անձն է, որ չի կքիր, այլ կը կանգնի ուղիղ՝ կռնակը պատին յենած։  Այս մէկը կը կոչուի էպէ։ Այս վերջինին առջեւ կռացողը, գլուխը կը դնէ իր փորին եւ զայն իբրեւ յենարան կը գործածէ։ Էպէն ձեռքով ամուր կը բռնէ խմբակիցին թիկունքներէն, որպէսզի կազմուելիք մարդկային շղթան պինդ ըլլայ։ Երրորդ խմբակիցը նոյնպէս կը կռանայ եւ ձախ արմուկը կը միացնէ երկրորդ խմբակիցին յետոյքին եւ ձախ թեւն ալ կ՚անցնէ անոր ազդրին։ Չորրորդ խմբակիցը եւ բոլոր միւս խմբակիցները նոյնը կ՚ընեն։ Այս ձեւով կը կազմուի կռացողներու ուղիղ շղթայ մը։

Խաղը սկսողը միւս խումբն է (Բ. խումբ)։ Անոնցմէ առաջինը տասը քայլ հեռաւորութենէ մը վազելով կը յառաջանայ դէպի շղթային վերջին կռացողը, ձեռքերը կը դնէ վերջինին մէջքին (չէքիւճիւմին նման) եւ ամուր թափով մը ինքզինք յառաջ կը նետէ։ Ան կը նետուի որքան կարելի է առջեւ՝ կռացողներէն մէկուն քամակին վրայ՝ առանց իյնալու։ Տակի խաղցողին մէջքին վրայ բազմելէ ետք, մէկ կամ երկու ձեռքի մատներով թուանշան մը ցոյց կու տայ եւ կը պոռայ. «էս քանի՞ մատ է»։ Տակի խաղցողը պէտք է թիւը գուշակէ։ Եթէ ճիշդ ըսաւ, Ա. խումբը կը յաղթէ։ Եթէ սխալի, այն ատեն խաղը կը շարունակուի եւ Բ. խումբէն երկրորդ խաղցողը կը ցատկէ, եւ այսպէս յաջորդաբար։

Թիւերը գուշակելու պահուն Բ. խումբը չի կրնար խաբել, քանի որ Ա. խումբի էպէն իրենց դիմաց կանգնած է եւ խաղին կը հսկէ։ [14]

Հոս կը տեսնենք «Կրակ կայ՞» խաղին բացատրութիւնը։ Անիկա շատ նման է այս էջով ներկայացուած «Մանուկ-մանուկ»ին։ Ապա, նմանօրինակ խաղ մը կը ներկայացուի Սերինա Պապիկեան Ռոսենքճարին եւ իր ամուսինին՝ Ռիչըրտ Ռոսենքճարին կողմէ, Լոս Անճելըսի մէջ։ Սերինան այս խաղը սորված իր նախնիներէն, որոնք Չմշկածագէն էին, Տերսիմի շրջան։

Մանուկ-մանուկ

Կը խաղան երկու հոգիով։ Երեխաներու խաղ մըն է։

Մէկը կ՚ըլլայ «Մանուկ»ը։ Ան իր երկու ձեռքերուն մատերը իրարու կը միացնէ՝ կազմելով շրջանակ մը, որ այս խաղին մէջ կը ներկայացնէ թոնիրը։ Միւս խաղցողը Մանուկին կ՚ըսէ.

-Մանուկ-մանուկ, կրակ մի տուր, – մատը կը դնէ Մանուկին երկու ճկոյթներով եւ մատնեմատերով կազմուած արանքին մէջ։
-Վերի փաթէն, կ՚ըսէ Մանուկ։ Փաթ կը նշանակէ կողմ։

Այս անգամ ան իր մատը կը դնէ Մանուկին երկու մատնեմատերով եւ միջնեմատերով կազմուած արանքին մէջ։ Կը հարցնէ նոյն հարցումը եւ կը ստանայ նոյն պատասխանը։ Եւ այսպէս շարունակաբար կը բարձրանայ մինչեւ որ կը հասնի ցուցամատերով եւ բթամատերով կազմուած ճեղքին ու կը հարցնէ.

-Մանուկ, Մանուկ, հա՞ց կ՚եփէս։
-Հա։
-Էս ըլ էփի՞մ։
-Էփէ։

Կը սկսի հաց եփելու գործողութիւնը։ Այս միջոցին ան իր փապուճը (հողաթափը) կը կորսնցնէ եւ Մանուկին կ՚ըսէ.

-Փապուճըս վար ընկաւ, էշնամ առնա՞մ [իջնեմ առնե՞մ]։
-Առ, կը պատասխանէ Մանուկ։
-Վարը շուն-մուն չըլլի՞, ձեքս խածնէ։
-Չէ- չէ, մի վախիր, կ՚ըսէ Մանուկ։

Մատներով կազմուած այս յարկերը իջնելու եւ փապուճը փնտռելու պահուն, Մանուկ որեւէ ատեն կրնայ անակնկալ հաչել, մատները նոյն ժամանակ կրնայ արագ փակել, ինչ որ կը նշանակէ թէ շունը խածած է թոնիրին մէջ մտած մատը։ [15]

Գնդակի պատրաստութիւնը

Զանազան խաղերու մէջ գործածուող գնդակները պատանիները իրենք կը շինէին։ Այս գնդակները կազմուած կ՚ըլլային բամպակէ, որուն շուրջ առատօրէն եւ ամրօրէն բուրդէ թելեր կը փաթթեն։ [16]

Պատի թօփ

Կը խաղան երկու հոգիով։

Պատի մը դիմած կանգնած կ՚ըլլան երկու խաղցողները։ Գնդակը մէկը պատին կը զարնէ, վերադարձած ատեն միւս խաղցողը ձեռքով պէտք է հարուածէ գնդակը եւ կրկին պատին ուղղէ։ Կը յիշեցնէ սքուաշը։ Փոխն ի փոխ պէտք է հարուածեն գնդակը։ Իւրաքանչիւր հարուած կէտ մըն է։ Ան որ առաջինը 100 կէտի կը հասնի՝ յաղթական կը հռչակուի։ [17]

Գետնթօփ

Գնդակը գետին կը զարնեն, վեր բարձրացած պահուն ձեռքով կրկին գնդակին կը զարնեն ու օդը կը հանեն։ Նպատակն է գնդակը գետին չձգել եւ հասնիլ հարիւր կէտի, այսինքն հարիւր անգամ գնդակին ձեռքով զարնել։ Հարիւր կէտին կարելի է հասնիլ բազմաթիւ անգամներ ձախողելով հանդերձ։ Այսինքն, գնդակը գետին իյնալէն ետք, կրկին սկիզբէն կը խաղան, բայց մինչեւ այդ շահուած կէտերը չեն կորսուիր։ [18]

Տօլապ թօփ

Գետնթօփին նման է։ Տարբերութիւնը այն է, որ երբ խաղցողը հարուածով մը գնդակը օդը կը հանէ, այդ պահուն ան ինքն իր վրայ մէկ կամ երկու անգամ շրջան կ՚ընէ։ Գնդակը կրկին գետին կը դպնայ եւ վեր բարձրացած պահուն, խաղցողը ձեռքով կրկին հարուած մը կու տայ, գնդակը օդը կ՚ելլէ, խաղցողն ալ անգամ մը եւս ինքն իր վրայ կը դառնայ։ Այսպէս շարունակաբար։ [19]

Չալըխ-թօփ

Կը խաղան երկու խումբով (Ա. եւ Բ.)։

Վրայ վրայի կը շարեն 12 սալպրուկ, որ փոքր չափի տափակ քարեր են։ Ա. խումբէն մէկը կը նշանակուի քարերուն պահապանը եւ կը կանգնի անոնց շատ մօտիկ։ Բ. խումբէն կը ճշդուի առաջին յարձակողը։ Նախապէս ճշդուած հեռաւորութենէ մը յարձակողը գնդակը կը նետէ քարերուն վրայ։ Եթէ չդպաւ, կարգը կու գայ Բ. խումբէն 2-րդ խաղցողին։ Եթէ դպաւ եւ քարերը փլան, ան անմիջապէս պէտք է մօտենայ քարերուն եւ սկսի կրկին վրայ վրայի շարել 12 հատը։ Այս ընթացքին, Ա. խումբի պահապանը պիտի փորձէ անմիջապէս հեռացած գնդակը հաւաքել եւ Բ. խումբին յարձակողին գնդակով զարնել։ Եթէ յաջողեցաւ, այն ատեն յարձակողը մեռած կը համարուի։ Քարերը կրկին վրայ վրայի կը դրուին եւ այս անգամ կարգը կու գայ Բ. խումբին երկրորդ խաղցողին։ Իսկ եթէ յարձակողը առանց գնդակի հարուած կրելու յաջողի 12 քարերը վրայ վրայի շարել, այն ատեն Բ. խումբը յաղթական կը հռչակուի։ [20]

Քարկըտիկ

Կը խաղան հինգ փոքր քարով եւ երկու հոգիով։

Առաջին խաղցողը հինգ քարերը ափին մէջ կ՚առնէ, ապա զանոնք գետին կը նետէ։ Զգուշութեամբ պէտք է նետել, նկատի ունենալով որ քարերը պէտք չէ իրարմէ շատ հեռու իյնան, ոչ ալ պէտք է շատ խիտ ըլլան։

Խաղցողը գետին ինկած հինգ քարերէն մէկը կ՚առնէ ու ափերէն մէկուն մէջ կը պահէ։ Ապա զայն կը նետէ օդը եւ անմիջապէս նետած ափին մէջ կ՚առնէ մնացեալ չորս քարերէն մէկը։ Գործողութիւնը պէտք է ընել շատ արագ, քանի որ յետոյ նոյն ափը պէտք է բանալ ու բռնել նաեւ ինկող քարը։ Գետնի քարերէն մէկն ու մէկը բռնած ժամանակ պէտք չէ որ կողքինները շարժին։ Այլապէս, խաղցողը պարտուած կը համարուի ու խաղին կարգը միւս խաղընկերոջ կ՚ըլլայ։ Այս ձեւով բոլոր քարերը մէկ առ մէկ պէտք է հաւաքել։

Ասիկա առաջին փուլն է։ Երկրորդ փուլին դարձեալ քար մը կը նետէ օդը, բայց այս անգամ գետնէն երկու քար ափին մէջ պէտք է առնէ, եւ նոյն ափով ալ բռնել օդը նետած քարը։ Այս փուլն ալ լրանալէ ետք գետնի քարերը պէտք է հաւաքել երեք-երեք, ապա՝ չորս-չորս։

Այս բոլորէն ետք, խաղցողը իր ձախ (եթէ աջլիկ է) ձեռքին միջնամատով ու բթամատով գետնին վրայ կամուրջ մը կ՚ընէ։ Աջ ափին մէջ գտնուող հինգ քարերը կը թափէ կամուրջին դուրս նայող կողմին առջեւ, այսինքն կամուրջին աջ կողմը։ Քարերէն մէկը աջ ձեռքով կ՚առնէ, զայն վեր կը նետէ, շատ արագ կը փորձէ գետնի չորս քարերէն մէկը կամուրջին տակէն անցընել աջէն ձախ, իսկ նոյն աջ ձեռքով ալ կը փորձէ բռնել օդը նետած քարը։ Այսպէս շարունակաբար, մինչեւ որ չորս քարերը կամուրջին աջ կողմը անցնին։ Հոս ալ խաղը կը շարունակուի երկրորդ փուլով, ուր քարերը կամուրջին տակէն պէտք է անցնին երկու-երկու, ապա՝ երերք-երեք եւ չորս-չորս։ [21]

Գերի-գերի

Կը խաղան երկու խումբով։ Կը ճշդուի սահմանագիծ մը եւ մրցակից երկու խումբերը կը հաւաքուին այս գիծին երկու կողմը որոշ եւ զգուշաւոր հեռաւորութիւն մը պահելով։ Փոխադարձ յարձակումները կը սկսին նպատակ ունենալով հակառակորդ խումբէն գերիներ վերցնել։ Սկզբնաղբիւրին մէջ նշուած է որ գերի բռնելու ձեւը հակառակորդը խփելն է, առանց այլ մանրամասնութիւն տալու։ Գերին կը կոչուի «բունէն»։ Անոնք պէտք է գետին նստին սահմանագիծէն մօտ երկու մեթր եւ իրարմէ մօտ մէկ մեթր հեռաւորութեան վրայ։ Խաղը կ՚աւարտի, երբ խումբերէն մէկն ու մէկին բոլոր անդամները գերի կը բռնուին։ Գերին ազատելու ձեւն ալ կայ։ Գերիին խմբակիցը կրնայ զգուշ կերպով մօտենալ եւ երբ յաջողի անոր ձեռքը բռնել՝ գերին ազատած է։ Բայց այս գործողութեան վտանգը հոն է, որ ազատելու փորձ ընող խմբակիցը ինքն ալ կրնայ խփուիլ եւ գերի բռնուիլ։ [22]

Թիզ-ցայտուկ

Կը խաղան երկու խումբով, իւրաքանչիւր խումբ երկու հոգիէ բաղկացած։

Ա. խումբին խաղցողները դէմ-դիմաց կը նստին գետին, ոտքերնին առջեւ երկարած, այնպէս մը որ իրենց ներբանները իրարու հանդիպէին։ Բ. խումբին խաղցողները պէտք է այս ոտքերուն վրայէն ցատկեն, առանց դպնալու։ Առաջին ոստումը դիւրին է, քանի որ Ա. խումբին անդամներուն ոտքերը գետին դպած են։ Երկրորդ փուլին, ոտքերը թիզ մը կը բարձրանան, եւ այսպէս շարունակաբար, մինչեւ որ Բ. խումբէն մէկը ցատկած ատեն նստողներուն ոտքին դպնայ։ Այն ատեն Բ. խումբը նստող կ՚ըլլայ։ [23]

Պէյվըտուք (պահուըտուք)

Շատ տարածուած մանկական խաղ մը։ Մէկը կը կանգնի յատուկ նշուած տեղ մը (մեկնակէտ), աչքերը կը գոցէ եւ միւսները տարբեր տեղեր կը պահուըտին։ Որոշ ժամանակ ետք աչք գոցողը ազդանշան մը կու տայ, աչքերը կը բանայ եւ կը սկսի միւս խաղցողները փնտռել։ Եթէ մէկն ու մէկը տեսնէ, անմիջապէս կը վազէ պահուըտողին տեղը, հոն կը թքէ եւ պահուըտողին անունը կու տայ։ Մինչ ինք պահուըտողները փնտռելով զբաղած է, խաղցողներ կրնան ծածուկ իրենց թաքստոցէն դուրս գալ, հասնիլ մեկնակէտ եւ թքել։ Այս ձեւով յաջորդ խաղին անոնք իրաւունք կ՚ունենան կրկին պահուըտելու։ Բայց կրնայ պատահիլ որ աչք գոցողը վազելով հասնի իրենց թաքստոցէն դուրս եկողներուն եւ ձեռքով դպնայ կամ հարուած մը տայ անոնց՝ նախքան որ անոնք մեկնակէտին վրայ թքեն։ Այն ատեն զարնուողը ինք կ՚ըլլայ աչք գոցողը եւ խաղը կը վերսկսի։ [24]

Պըզզզ

Կը խաղան քանի մը հոգիով։ Մէկուն (Ա. խաղցող) վիճակ կ՚իյնայ կանգնելու, ձախ ձեռքը աջ այտին վրայ դրած, այնպիսի ձեւով որ ափը դուրս նայի։ Միւս խաղցողները կը կենան անոր ետեւ եւ անոնցմէ մէկը ետեւէն եկող զօրաւոր ապտակ մը կու տայ աջ այտին։ Անմիջապէս ետեւը կանգնողնեը իրենց բթամատերը Ա.ի աչքերուն առջեւ կը շարժեն եւ «պըզզզ» կ՚ըսեն։ Ա.ը պէտք է բթամատերէն մէկն ու մէկը բռնէ։ Բայց ետեւը կանգնողները պիտի փորձեն առիթ չտալ. անոնցմէ մէկը շատ արագ կրկին աջ այտին կ՚ապտակէ։ Խաղը կ՚աւարտի մինչեւ որ Ա.ը յաջողի բթամատ մը բռնել։ Բռնուողը ինք կը դառնայ զոհը։ [25]

Այլախ ձգել (թաշկինակ ձգել)

Այս խաղը կը խաղան մեծ խումբով։ Վիճակով կ՚որոշուի թաշկինակ ձգողը։ Միւս խաղցողները բոլորակ մը կազմած կը կկզին՝ կռնակնին դէպի դուրս, երեսնին շրջանակէն ներս։

Վիճակով որոշուած անձը, թաշկինակը ձեռքը, կը սկսի դառնալ միւս խաղցողներուն շուրջը՝ շրջանակին դուրսի կողմէն։ Վերջաւորութեան կ՚ընտրէ թիրախ անձ մը ու թաշկինակը գաղտագողի կը դնէ անոր ետեւ։ Թիրախ անձը պէտք է անմիջապէս ոտքի ելլէ, վազէ թաշկինակ ձգողին ետեւէն եւ փորձէ բռնել զայն կամ պարզապէս դպնալ անոր։ Այս ընթացքին, թաշկինակ ձգողը շրջանակին շուրջ վազելով պէտք է փորձէ թիրախ անձին տեղը նստի նախքան որ բռնուի։ Եթէ յաջողի, թիրախ անձը ինք կ՚ըլլայ թաշկինակ ձգողը։ Իսկ եթէ բռնուի, ան կը մնայ թաշկինակ ձգողը։ [26]

Բանկէբու

Աւելի փոքրերու խաղ է, տղայ կամ աղջիկ։

Խաղցողները կիսակկզած են, ձեռքերնին կը դնեն իրենց ազդրերուն եւ կը ցատկեն «բանկէբու» ըսելով՝ զոյգ ոտքով շրջանակ կազմած ձեւով կամ շարք-շարք։ [27]

Լողալ

Տերսիմի շրջանը իր առատ ջուրերուն շնորհիւ առիթ տուած է որ հոս ապրողներէն շատեր լողալ գիտնան։ Անոնք կը լողային շրջանի լճակներուն, գետերուն եւ առուակներուն մէջ։ Լողաձեւերու տարբեր անուններ հասած են մեզի։ Կար «կորտն լող»ը, որ գորտի նման լողալն էր։ «Թեւ լող»ը, որ կը նշանակէր թեւերով լողալ։ Այս կ՚ընէին մանաւանդ հոսանք ունեցող գետերուն մէջ։ Կար նաեւ ոտն լողը եւ կռնակի լողը։ [28] 

Թղթախաղ

Ամէնէն սիրուած թղթախաղերն էին «սկամպիլ»ը, «հարսանիք»ը, «խըզ-խաչտի»ն (աղջիկ փախցնել), «վացծունվեց»ը (66), «թրիփ»ը (սգարթա)։ Աւելի ուշ որդեգրուած խաղեր էին «փրեֆա»ն եւ «փոքեր»ը։ [29]

Քոռթիկ-թօփ

Քով-քովի քանի մը փոքր փոսեր կը բանան։ Խաղցողները որոշ հեռաւորութեան մը վրայ կը կանգնին եւ գնդակը գլորելով պէտք է այս փոսերուն մէջ նետեն։ [30]

* * *

Այս բոլորին կողքին կը նշուին նաեւ վէգի խաղը եւ թռուցիկ թռցնելը։ [31]

  • [1] Համբարձում Գասպարեան, Չմշկածագ եւ իր գիւղերը, Պոստոն, Տպ. Պայքար, 1969, էջ 485-486։
  • [2] Գէորգ Ս. Երեւանեան, Պատմութիւն Չարսանճագի հայոց, Պէյրութ, տպ. Կ. Տօնիկեան, 1956, էջ 593։
  • [3] Նոյն, էջ 593-594։
  • [4] Գասպարեան, Չմշկածագ եւ իր գիւղերը, էջ 492։
  • [5] Երեւանեան, Պատմութիւն Չարսանճագի, էջ 594։
  • [6] Գասպարեան, Չմշկածագ եւ իր գիւղերը, էջ 486։
  • [7] Նոյն։
  • [8] Երեւանեան, Պատմութիւն Չարսանճագի, էջ 593։
  • [9] Նոյն, էջ 594։
  • [10] Գասպարեան, Չմշկածագ եւ իր գիւղերը, էջ 486-487։
  • [11] Նոյն, էջ487-488։
  • [12] Նոյն, էջ 488։
  • [13] Երեւանեան, Պատմութիւն Չարսանճագի, էջ 595։
  • [14] Գասպարեան, Չմշկածագ եւ իր գիւղերը, էջ 488։
  • [15] Նոյն, էջ 493-494։
  • [16] Նոյն, էջ 489։
  • [17] Նոյն։
  • [18] Նոյն։
  • [19] Նոյն, էջ 489-490։
  • [20] Նոյն, էջ 490։
  • [21] Նոյն։
  • [22] Նոյն, էջ 492։
  • [23] Նոյն։
  • [24] Նոյն, էջ 488։
  • [25] Նոյն, էջ 493։
  • [26] Նոյն, էջ 494։
  • [27] Նոյն, էջ 488։
  • [28] Երեւանեան, Պատմութիւն Չարսանճագի, էջ 595։
  • [29] Գասպարեան, Չմշկածագ եւ իր գիւղերը, էջ 490-491։
  • [30] Նոյն, էջ 490։
  • [31] Երեւանեան, Պատմութիւն Չարսանճագի, էջ 595։