Տիարպեքիր. կաթսաներու մէջ բրինձի պատրաստութիւն Ս. Կիրակոս թաղին մէջ (Տիգրան Մկունդ, Ամիտայի արձագանգներու վերակոչումն, Բ. հտր, Նիւ Ճէրզի, 1953)։ Սեւ-ճերմակ այս պատկերը գունաւորուած է DeOldifyի միջոցաւ եւ վերաշխատցուած է Յուշամատեանի կողմէ։ Բնատիպ պատկերը կրնաք տեսնել յօդուածին վերջաւորութեան։

Տիարպեքիր - Ընտանեկան ու կրօնական բարքեր եւ սովորութիւններ

Հեղինակ՝ Սոնիա Թաշճեան, 23/07/20 (վերջին փոփոխութիւն՝ 23/07/20)

Տիարպեքիրցիներու կենցաղը

Տիարպեքիր/Տիգրանակերտի հայերը ամբողջ նահանգին մէջ 35–40 հազար բնակիչ կը հաշուեն 1915-ի նախօրէին։ Հայերը համատեղ կ՚ապրէին ազգային կամ կրօնական բազմազան այլ խումբերու հետ։ Քաղաքին քրիստոնեայ համայնքներուն մէջ գերիշխող խօսակցական լեզուն Տիարպեքիրի հայկական գաւառաբարբառն է։ [1] Տիարպեքիրի հայերուն մէջ կան յայտնի վաճառականներ, ինչպէս նաեւ վարպետ արհեստաւորներ։ Հայկական արհեստներէն յայտնի են՝ երկաթագործութիւն, կլայագործութիւն, շինարարութիւն, կօշկակարութիւն, հիւսնութիւն, որմնադրութիւն, ոսկերչութիւն, դերձակութիւն, համետագործութիւն, ջուլհակութիւն, եւայլն։

Հայ ընտանիքներէն շատեր ունին պարտէզներ եւ այգիներ։

Տիարպեքիր քաղաքի հայերը կը սիրեն ճոխ եւ երջանիկ կեանք վարել․ բնութիւնը առատաձեռն է, կլիման՝ բարեխառն։ Ըլլան անոնք աղքատ թէ հարուստ, ունենան քիչ թէ շատ եկամուտ, կենսասիրութիւնն ու հիւրընկալութիւնը անոնց նկարագրի գիծերէն են։ Այս իմաստով ալ միշտ ալ առիթներ կը ստեղծեն ուրախութեան եւ կերուխումի։ Այս պահերուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն նշանտուքի շնորհաւորանքները, մէկ շաբաթ տեւող հարսանիքները, փեսապատիւի (աները իր քով կը հրաւիրէ փեսան ու խնամիները), աներապատիւի (փեսան իր քով կը հրաւիրէ աները), կեսուրի պատիւին կամ զոքանչի պատիւին տրուած ճաշկերոյթները, զաւակի ծնունդն ու կնունքը, անուան տարեդարձը, եկեղեցական ու ազգային տօները, ուխտագնացութիւնները, եւայլն։ Քաղաքի պարիսպներն ունին չորս դարպասներ, որոնց կողքը կան լայն ու գեղեցիկ այգեստաններ, ուր երեկոյեան կ՚երթան զբօսնելու ընտանիքներով, համապատասխան գեղեցիկ հագուստներով, արդ ու զարդով։ Նոյն ձեւով, Տիգրիս գետը եզերող ափերուն բացօթեայ խնճոյքներ կը կազմակերպեն ու կը զուարճանան։ [2]

Խնճոյքներ

Ընդունուած սովորութեան համաձայն, կիներ ու տղամարդիկ առանձին- առանձին խնճոյքներ կը կազմակերպեն՝ հրաւիրելով թաղեցիները, խնամիները, ծանօթ-բարեկամ-ընկեր մարդիկ։ Յատուկ առիթներ պէտք չեն այսպիսի հրաւէրներու համար, նպատակը պարզապէս իրարու հանդիպիլ է, զրուցել, հիւրասիրել եւ ուրախանալ։ Այս հանդիպումները տեղի կ՚ունենան յատկապէս ձմրան ամիսներուն, երբ եղանակի պատճառով ստիպուած են տունը մնալ։ 

Կիներու խնճոյքի նուագարաններն են՝ տաֆը, սանդուռը եւ մաշան (հին բամբիռը յիշեցնող նուագարան), իսկ տղամարդոց յատուկ նուագարաններն են՝ քէմանին (ջութակ), գանունը (քանոն), տըմպէքէն (տհոլ) եւ չըղարթման (եօթը ծակով սրնգանման գործիք)։ [3]

Մարտ ամիսէն սկսեալ, երբ արդէն իսկ մանուշակները կը բացուին եւ գաղթած թռչունները կը վերադառնան, ժողովուրդը ընտանիքներով կ՚երթայ պարիսպներէն դուրս գտնուող դաշտերը։ Այնուհետեւ, Ապրիլին կ՚երթան ծաղկած նշենիներու պարտէզները։ Մայիսին կ՚երթան վարդաստանները, որոնց շարքին նշանաւոր է Կէօթիւրմազ պարտէզը։ Յունիսին կ՚երթան Ալիփունարի եւ Գըթըրպըլի պարտէզները։ Ամրան ամիսներուն երբ բերքը կը հասնի, ժամանակաւոր կը տեղափոխուին պօսթըննիրէ (սեխ-ձմերուկի  արտերն ու խաղողի այգիները), որոնք Տիգրիսի ափին են եւ ուր ընտանիքներ կառուցած են իրենց հուլլէները (հիւղակ)։ Դաշտային ծանր աշխատանքներու օրուայ արեւամուտին, հոս կը կանչեն երաժիշտներ, փոխադարձ հրաւէրներ կ՚ուղղեն, սեղան կը բանան, խնճոյք կը կազմակերպեն։ Դաշտային խոհանոցի ամենէն յարգի ճաշը՝ փաչան է։

Շատ հետաքրքրական սովորութիւն մը կայ դաշտային կենցաղին մէջ․ գիշերով, ափին հանդիպակաց ընտանիքներ իրարու ճրագներ կը ղրկեն գետի վրայով։ Այսպէս, ձմերուկի միջուկը դատարկելով, մէջը մոխիր, քուրջի կտորներ, տաշեղ ու քարիւղ լեցնելով՝ կրակ կը վառեն ու կը սահեցնեն ջուրի վրայ։ Այս ձեւովգիշեր ժամանակ ծայր կ՚առնէ իւրայատուկ ջահավառութիւն մը, որուն կը յաջորդեն ուրախ հռհռոցներ ու ծափեր։ [4]

1) Տիարպեքիրի մէջ հայեր բացօթեայ հացկերոյթի մը ընթացքին, 1911 (Աղբիւր՝ PROJECT SAVE, Armenian Photograph Archives, Watertown, MA, շնորհակալութիւններ Ճոն Գազանճեանի)։
2) Հայեր Տիարպեքիրի մէջ, 1912, լուսանկարիչը՝ անյայտ. լուսանկարը կը ներկայացնէ խրախճանքի պահ մը՝ քանոնով, ջութակով, կլկլակով եւ շիշ մը օղիով (Աղբիւր՝ Project SAVE Armenian Photograph Archives, Watertown, MA, Շնորհակալութիւններ Անդրանիկ Թարզեանի)։
Սեւ-ճերմակ այս պատկերները գունաւորուած են DeOldifyի միջոցաւ եւ վերաշխատցուած են Յուշամատեանի կողմէ։ Բնատիպ պատկերները կրնաք տեսնել յօդուածին վերջաւորութեան։

Եկեղեցասիրութիւն

Տիարպեքիրի հայկական համայնքը կը բնակի եկեղեցիները շրջափակող թաղերուն մէջ։ Լուսաւորչական համայնքին եկեղեցիներն են Սուրբ Կիրակոսը եւ Սուրբ Սարգիսը։ Կան նաեւ հայ բողոքական եւ հայ կաթոլիկ համայնքներու եկեղեցինները։ Ամէն Կիրակի, յաւարտ Սուրբ Պատարագի, եկեղեցիներու կողքի սեղանատունէն մատաղ կը բաժնեն։ Այս սրտառուչ սովորութիւնը հին ժամանակներէն գոյութիւն ունի Տիարպեքիրի մէջ։ Մատաղի յատուկ քանի մը մեծ կաթսաներու մէջ, որոնց ժամու պղինձ անունը կու տան, կը պատրաստուի ճաշը, յետոյ դոյլերով կը բաժնեն չքաւորներուն, նոյնիսկ կը տանին հիւանդ, կարօտեալ ու անկեալ մարդկանց տուները։ Տօնական կամ մասնաւոր օրերուն մեծահարուստները իրենց նուիրատւութեամբ պատրաստել կու տան այդ մատաղը։ [5]

Քաղաքն ունի նաեւ իր աղքատանոցը, որուն նուիրատւութիւններ կը կատարեն բոլոր հայերը, թէ՛ տօն օրերուն, թէ՛ տարբեր առիթներով։ Ոչ-տօնական առիթներն են՝ հիւանդութենէ ապաքինիլը, ննջեցեալի հոգեհանգիստը, փորձանքէ մը փրկուիլը, ճամբորդութենէ մը վերադարձը, եւայլն։ [6]

Տիարպեքիրցիներու կենցաղին մէջ կարեւոր տեղ ունին նաեւ ուխտագնացութիւնները։ Բոլոր տօներուն, սայլերուն վրայ բեռցուցած համապատասխան իրերը, ընտանիքներով կ՚երթան տարածաշրջանի վանքերն ու սրբավայրերը։ Սայլին վրայ կը նստին նաեւ մեծահասակները ու փոքր երեխաները, իսկ մնացեալները ոտքով պիտի երթան ուխտի։ Այս ուխտագնացութիւնները կը վերածուին տօնախմբութեան։ Սովորութիւն է նաեւ ուխտի երթալ Սուրբ Երկիր․ տարիներ ամբողջ կը հաւաքեն գումար, որպէսզի հէճճի մահտեսի (ուխտաւոր) դառնան։ Երուսաղէմէն վերադարձին ուխտաւորին կ՚ընդունին մեծ շուքով եւ խնճոյքի սեղաններով, համբուրելով անոր ձեռքերը։ Իր հերթին, հաճի ուխտաւորը հարազատներուն եւ բարեկամներուն կը նուիրէ Սուրբ Երկրէն բերած արմաղաններ (Երուսաղէմէն բերուած յուշանուէրներ)։

Ընտանեկան կեանք

Հայերու տուները սովորաբար երկյարկանի են։ Անոնց արտաքին տեսքը կրնայ այդքան ալ հրապուրիչ չըլլալ, սակայն շրջաբակէն ներս՝ հանգստաւէտ ու գեղեցիկ են, յաճախ աւազանով եւ մեծ ծաղկամաններով զարդարուած։ Իւրաքանչիւր տուն ունի իր թոնրատունը, որ նաեւ խոհանոցն է։ Ընտանիքի հարստութեան չափը գիլէրի (մառանի) չափն է, կարասներու մեծութիւնն ու առատութիւնը։ Իւրաքանչիւր ընտանիք կ՚աշխատի լեցնել իր մառանի կարասները. այդ առիթով ալ իրար կը մաղթեն՝ «Հէյր Էբրէհէմի խերն ու պէրէքէթը պէկէս չեղնէ կէրէսնիրէն․․․»։ Մայրիկները Կիրակի օրուայ պատարագէն ստացած նշխարները կը տեղադրեն այդ կարասներուն մէջ, որպէսզի օրհնուին տան բերքն ու ճաշակողները։ [7]

Տուներու տանիքը առհասարակ հարթ է.ամրան սկիզբը, իւրաքանչիւր ընտանիք հոս կը շինէ իր թախտը, որ մեծ փայտեայ մահճակալի նման է։ Անոր եզրերուն սաւաններով վարագոյր կը քաշուի, որպէսզի գիշերները հոս ալ քնանան։ Այլ վայրերու մէջ թախտը ծանօթ է նաեւ չարտախ անունով։ Թախտին մէկ անկիւնը կախուած է ջուրի փարչը.երեկոյեան ջուր կը ցօղեն, ապա երբ զեփիւռը սարերէն վար կը փչէ, տնեցիները կը բարձրանան տանիք ու գիշերուայ զովին նոր կեանք կը սկսի քաղաքացիներուն համար։ Հոս կը ճաշեն, յաճախ թախտէ-թախտ իրարու հիւր կ՚երթան.մեծերը հեքիաթ կը պատմեն, աղջիկները կ՚երգեն, մանուկները կը խաղան, կիները փսփսալով իրարու կը փոխանցեն օրուայ անցուդարձերը, մինչեւ որ գիշերը խորանայ եւ խաղաղութիւն բերէ բոլորին։ [8]

Հաւաքական, դուռ-դրացիական փոխօգնութեան աշխատանքները տարածուած են Տիարպեքիրի մէջ։ Մկրտիչ Մարկոսեան իր «Մեր այդ կողմերը» ինքնակենսագրական գիրքին մէջ կը նկարագրէ, թէ ինչպէս ձմերուայ պաշարի պատրաստութեան աշխատանքներուն մէջ իրար կ՚օգնեն հերթաբար. շէղրէ կտրիլ (թելհայս կտրել), ածուխ մաքրել, ցորեն ընտրել ու խաշել, ալիւր ու ձաւար պատրաստել, եւայլն։

1) Տիարպեքիր, Ասֆար ընտանիքը։ Ետեւի շարք՝ Սառա Ասֆար եւ ամուսինը Գիրգոր Ասֆար իրենց չորս զաւակներուն հետ։ Ընտանիքը մաս կը կազմէր Տիարպեքիրի ասորի համայնքին (Աղբիւր՝ Քրիսթին Ասֆար Ճորճի հաւաքածոյ, Ճորհթաուն, Փեննսիլվանիա)։
2) Տիարպեքիր, նախա1915-եան լուսանկար։ Երեխաներուն եւ կիներուն ինքնութիւնը անծանօթ: Հայ կիները կը կրեն ականջները ծածկող ունդանման մարգարիտներով գլխազարդ որ յատուկ է Տիարպեքիրի։ (Աղբիւր՝ PROJECT SAVE, Armenian Photograph Archives, Watertown, MA, շնորհակալութիւններ Բաբգէն Եպսկ. Վարժապետեանի)։
Սեւ-ճերմակ այս պատկերները գունաւորուած են DeOldifyի միջոցաւ եւ վերաշխատցուած են Յուշամատեանի կողմէ։ Բնատիպ պատկերները կրնաք տեսնել յօդուածին վերջաւորութեան։

Մարկոսեան կը յիշէ, որ թէեւ որոշ ընտանիքներու մօտ ընդունուած է ճաշասեղան ունենալ, սակայն աւելի տարածուած եւ սիրուած է գետնին փռուած փսիաթին վրայ ճաշել, իսկ որպէս սեղան ալ կը գործածուի պղինձէ պռկիչը (սինի, ափսէ)։ Տանտիկինը ճաշը կը բերէ մեծ ամանով մը, կողքին կը դնէ պանիր-հացը, կանաչին եւ եղանակին համեմատ բանջարեղէնը․ ընտանիքը կը հաւաքուի սեղանի շուրջ, «Հայր մեր»-ը կ՚աղօթեն ու կը ճաշեն իւրաքանչիւրը իր փայտէ դգալով վերցնելով մէկ ընդհանուր ամանէն։ [9]

Անմիջական ու պարզ բնաւորութիւն ունին տիարպեքիրցիները։ Իրարու տուն մըսաֆրութեան (հիւր) երթալը սովորական երեւոյթ է։ Մարկոսեան իր գիրքին «Պօզանենց գացինք» գլուխին մէջ կը նկարագրէ իր ընտանիքին գիշերային այցելութիւնը Պօզանենց տունը։ Ըստ երեւոյթին, սկիզբէն մէկը միւսին զգուշացնելու կարիք չկայ․ պարզապէս երեկոյեան ընթրիքէն յետոյ, ընտանիքի անդամները գըմպօ մը (քարիւղի փոքրիկ լապտեր) վերցուցած, իրենց ճամբան լուսաւորելով, միասին կ՚երթան որոշուած տունը. դրան ջախջախոն (ուռնակը) կը զարնեն, եթէ տունն են, ուրեմն կը մտնեն ներս, եթէ ոչ՝ ուրեմն իրենք ալ գացած են ուրիշի տուն, ապա կ՚որոշեն դրացիին տունը երթալ։ «(…) ձըզի մսաֆըրութիւն էկէնք», կ՚ըսեն, կօշիկները կը հանեն ու կը մտնեն տուն. իսկ տնեցիք ուրախ կը դիմաւորեն. «միր գլխին վրէ, էկէք էկէք, ներս մտիք»։

Յաճախ տղամարդիկ միասին տամա կը խաղան ու գինի կ՚ըմպեն.կանայք հիւսկ կ՚ընեն ու կը պատմեն նորութիւնները.մեծահասակները իրար կողք-կողքի, կրակարանի առաջ նստած, թոռներուն հեքիաթ պատմելէ ետք կը մրափեն.իսկ երեխաները, գետնին նստած ընկոյզ կը կտրեն, ապա պաստեղին մէջ փաթթելով կը ճաշակեն ու կը խաղան։ [10]

Քաղաքին մէջ կան քանի մը մեծ ու հինաւուրց բաղնիքներ։ Բաղնիք երթալը Տիարպեքիրցիներու կենցաղին մէջ մեծ դեր ունի։ Անոնք շինուած ըլլալով գետին մօտ, առատ ջուր ունին։ Հարուստները մնայուն վարձած ճուռուներ ունին այնտեղ։ Ճուռունը ընդհանրապէս ջրմուղն է, բայց հոս հաւանաբար կը նշանակէ բաղնիքի գուռը (basin)։ Նախօրոք տանտիկինները բեռնակիրներու հետ այնտեղ կը ղրկեն իրենց իրերը՝ լեկենները (տաշտերը), ձագ-լեկենըքիլտանը (օճառ, լիֆ, սանտր պարունակող յատուկ սնտուկ). յետոյ հանդիսաւորութեամբ կառք նստելով կ՚երթան, ընտանիքի բոլոր կանայք ու երեխաները, իրենց հետ տանելով յատուկ ճաշեր, քաղցրաւենիք եւ հովացնող օշարակներ։ Բնականաբար, հարսնացու ընտրելու համար շատ յարմար վայր են բաղնիքները.ամուսնացնելու տղայ ունեցող մայրերը ուշի-ուշով կը զննեն դեռատի աղջիկները, իսկ այլ կիներ խորհուրդ կու տան, կամ ակնարկներով կը հասկցնեն այս կամ այն աղջկայ թերութիւնները։ Տղամարդոց յատուկ բաղնիքները առանձին շէնքեր են, որոնք, ի տարբերութիւն կիներու բաղնիքներուն, բաց են օրուայ բոլոր ժամերուն։ [11]

Յատկապէս քաղաքին մէջ ընդունուած սովորութիւն է, որ թէ՛ մանչերը եւ թէ աղջիկները տէֆթէր, քէլիմ առած դպրոց յաճախեն։ Դպրոցէն յետոյ աղջիկները պիտի օգնեն տան գործերուն, տունը մաքրեն, կար ու ձեւ ընեն, բուրդ հիւսեն, ճաշ պատրաստեն, ինչպէս նաեւ ասեղնագորութիւն ընեն։ Իսկ պատանի մանչերը արհեստաւորի մը մօտ աշկերտ ըլլալով՝ արհեստ կը սորվին, նաեւ ընտանիքի արտաքին գործերուն կ՚օգնեն։ Կիրակի օրերն ալ, անոնցմէ շատեր կ՚երթան եկեղեցի, ուր շապիկ կը հագուին եւ դպիր կ՚ըլլան։

Մարկոսեան կը նշէ, որ սովորաբար աղջկանց ամուսնութեան տարիքը 14-16 է, իսկ տղաներունը՝ 18-19։ Եթէ Աղջիկը 18 տարեկան է եւ չէ ամուսնացած՝ «ընիկէ տունէ մնէցիր» կ՚ըսեն։ Իսկ տղան եթէ 20 տարեկան է ու ամուրի՝ «ընիկէ եա էրբէծ [հարբած] է, եա խիւ» կ՚ըսեն։ Կին կամ տղամարդ, եթէ 40 տարեկանին արդէն թոռ չունին, ուրեմն «ընիկէ օր էրիւ [արեւ] չէ տըսէծ», կ՚եզրակացնեն։ [12]

Մարկոսեան անդրադառնալով իր առաջին սիրահարութեան մասին, հետաքրքրական քանի մը սովորութիւն կը յիշատակէ ամուսնանալ ուզող պատանիներուն մասին։ Տղաները կը նստին բաղնիքին դիմաց, սպասելով որ պարմանուհիները դուրս գան, որպէսզի անոնց զննեն ու ընտրութիւն կատարեն։ Իսկ աղջիկները աղբիւրէն ջուր բերելու ատեն՝ հաւնած տղուն վրայ որպէս թէ պատահաբար ջուր կը ցօղեն, կամ ալ իրենց թաշկինակները կը նետեն պատուհանէն դուրս, երբ իր սիրած տղան անցնի։ Տղաները իրենց մօր կը պատմեն իրենց գաղտնիքը․ եթէ մայրը հաւնեցաւ, ուրեմն կ՚ընդառաջէ իրեն։ [13]

Տիարպեքիրէն բերուած եւ բաղնիքի համար գործածուող առարկաներ, որոնք կը պատկանին Սիլվա Էօզիէրլիի հաւաքածոյին (Պոլիս)։ Ձախէն աջ՝ փաթթոց/զգեստ (ֆութա), Օճառի պղնձեայ տուփ (քիլտան), պորոտա (ճերմակ այս կտաւը կը գործածուէր բաղնիքէն վերջ, կը փռուէր բակին գետինը, կը նստէին վրան եւ կ՚ուտէին չիրեր), բաղնիքի փայտեայ ոտնամաններ (նալըն

Աղջիկտես

Աղջիկ ընտրելու սովորութիւնը, սակայն, տղու մօր կամ քրոջ պարտականութիւնն է։ Ընդունուած սովորութիւն մըն է հաւնած աղջկան որպէս թէ «գօնախ»՝  հիւր կանչել, ազգական այլ աղջիկներու հետ միասին, երբեմն նոյնիսկ քանի մը օր կը պահեն հիւրերուն, որպէսզի մօտէն ծանօթանան այդ աղջկան։ Այլ սովորութեան մը համաձայն, տղուն մայրը առաւօտեան ժամերգութենէն վերադարձին, հարցուփորձ կ՚ընէ իր ընկերուհիները, խնդրելով «աղջիկ մը սալըզեն», այսինքն յարմար աղջիկ մը առաջարկեն իր տղուն համար։ Առաջարկութիւններէն որեւէ մէկը եթէ հաւանութեան արժանացաւ, մայրը իր ազգականուհիներուն հետ կ՚երթայ աղջիկտեսի։

Նախապէս զգուշացնելու կարիք չկայ․ պարզապէս դրան ջախջախոն (ուռնակը) քանի մը անգամ մանր-մանր ու արագ-արագ կը զարնեն, ինչ որ նշան է, որ աղջիկտեսի են եկած։ Տան մեծահասակներէն մէկը կը բանայ դուռը, մինչ դեռատի աղջիկը ժամանակ կ՚ունենայ նախապատրաստուելու՝  հիւրերուն հանդիպելէն առաջ։ Երբ կանայք զբաղուած են զրուցելով, աղջիկը սուրճ կը հիւրասիրէ, որն ալ առիթ կը հանդիսանայ տեսնելու անոր՝ զննելու հասակը, դէմքը, շարժուձեւը, եւայլն։ Եթէ հաւնեցան թեկնածուն, ապա արդէն յաջորդ շաբաթ կը կրկնուի այցելութիւնը, որու ընթացքին պաշտօնապէս կը յայտարարեն մօրը՝ «Աստուծոյ կամքով ձեր աղջիկը մեր տղուն կ՚ուզենք»։ Աղջկայ մայրը դեռեւս խուսափողական պատասխան կու տայ, որպէսզի իր աղջկայ արժէքն ու պատիւը բարձր պահէ, ինքնիրեն ծանր պէտք է պահէ։ Այսպէս ժամանակ շահելով, կը սկսին տեղեկութիւններ հաւաքել տղուն մասին. ո՞վ է, ինչպիսի՞ բնաւորութիւն ունի, ի՞նչ աշխատանք ու կարողութիւն ունի, հասարակութեան մէջ ի՞նչ դիրք կը գրաւէ, եւայլն։ Երբ երկուստէք յարմար կը գտնեն այդ միասնութիւնը, այնժամ կը սկսին բանակցութիւնները։ [14]

Խօսք առնում

Նախապէս տեղեկացնելով աղջկայ ընտանիքը, տղու հայրն ու հարազատները, Կիրակի յետմիջօրէին ծխական քահանայի առաջնորդութեամբ կու գան աղջկայ ձեռքը խնդրելու եւ խօսք առնելու։ Այս հանդիպումին կանայք չեն մասնակցիր։ Տարբեր նիւթերով կը սկսի զրոյցը, մինչեւ որ քահանան ամուսնութեան մասին կրօնական յառաջաբան մը կ՚ընէ, կը յայտարարէ իրենց գալու նպատակը եւ կ՚եզրափակէ․ «Աստուծոյ կամօք եկած ենք ձեր աղջիկը մեր տղուն կնութեան ուզելու»։ Բնականաբար աղջկայ հարազատները կը սկսին դժուարացնել հարցը, առարկութիւններ կ՚ընեն, իրարու վրայ կը ձգձգեն պատասխանելու պարտականութիւնը, մինչեւ որ վերջապէս աղջկայ քեռին կը դիմէ, ըսելով․ «Ես կու տամ, եթէ հայրը համաձայնի»։ Այսպիսով բանակցութիւնները կ՚աւարտին. կ՚անցնին հիւրասիրութեան, օղիի բաժակները բարձրացնելով կը հնչեն բարեմաղթանքներ ու շնորհաւորանքներ։ Սակայն պաշտօնական հանդիպում ըլլալով, երաժշտութիւնը բացակայ է։ [15]

Նշանտուք

Յաջորդ Կիրակին նշանտուքն է։ Տղու կողմինները կ՚երթան եկեղեցի եւ օրհնել կու տան նշանը, զոր աւելի ուշ պիտի տանին աղջկան։ Սովորաբար նշանը բաղկացած կ՚ըլլայ քանի մը զարդերէ, նայած տղու հօր հնարաւորութիւնը։ Անհրաժեշտ են մատանի մը, ժամացոյց մը եւ քանի մը կտոր ոսկեայ զարդարանքներ։ Աղջկայ տունը հաւաքուած կ՚ըլլան հարազատները նշանտուքի նշանը ընդունելու համար։ Այս առիթով տեղի կ՚ունենայ փոքր հիւրասիրութիւն եւ խնճոյք։

Հարսանիքի թուականը աղջկայ կողմը կ՚որոշէ, որպէսզի հնարաւորութիւն ունենան օժիտը պատրաստելու։ Այս ընթացքին, յատկապէս տաղաւար օրերուն, կեսուրմայրիկը ազգականուհիներու ընկերակցութեամբ կ՚այցելէ հարսնացուին, համապատասխան քաղցրեղէններով ու նուէրներով։ Տղան պատշաճութիւնը պահպանելու համար պիտի խուսափի աղջկայ տան մօտէն անցնելէ։ [16]

Տիարպեքիրէն բերուած եւ օժիտի կապոցներ (պոհչա)։ Կը պատկանին Սիլվա Էօզիէրլիի հաւաքածոյին (Պոլիս)։

Հարսանիք

Հարսանիքէն մէկ շաբաթ առաջ, թէ՛ հարսին եւ թէ փեսային կողմէ առանձին-առանձին երկու կողմի ազգականներուն հրաւիրագրեր կը ղրկուին։ 

Հինգշաբթի օրը աղջկայ տունը կը հաւաքուին միայն իգական սեռը՝ փոքր երեխաներէն մինչեւ մեծահասակները, երգ ու պարով, կատակներով, մասնակցելու հարսի ձեռքը հինայելու արարողութեանը։ Մոմ կը վառեն, ջուրով եւ օղիով կը շաղեն հինան, յետոյ յատուկ երգերով ափերուն մէջ հինա դնելով կը պարեցնեն հարսը։

Նոյն գիշերը տղամարդիկ փեսան առնելով բաղնիք կ՚երթան եւ մինչեւ գիշեր խնճոյք կ՚ընեն։

Ուրբաթ եւ Շաբաթ օրերուն կը պատրաստեն ուտելիքները, ըստ սովորութեան կը թխեն հացն ու չէօրէկը, կը պատրաստեն պանիր եւ շաքարիշի կոչուող քաղցրեղէնը։

Շաբաթ օրը պսակի մօտենալը աւետելու համար փեսայի կողմէն հարսին կը ղրկեն խալաֆը, որ կազմուած կ՚ըլլայ թանկարժէք վերարկուէ եւ ոսկեայ զարդերէ, քաղցրեղէններու մեծ մատուցարանի ընկերակցութեամբ։

Հարսանիքը Կիրակի օրն է։ Հարսի տունը կանայք ու տղամարդիկ առանձին սենեակներու մէջ հաւաքուած են․ կանայք երգ ու պարով կը հագուեցնեն առուսը, օրհնելով հարսի հագուստին իւրաքանչիւր մանրամասնը՝ քօղը, գօտին, կօշիկը։ Իսկ տղամարդիկ կ՚երգեն․ «Էկան տանողնիր, չարչար կրողնիր, հոգի հանողնիր, էղնա շնոֆուր»։ [17]

Փեսայի տան մէջ ալ հաւաքուած են անոր ազգականները եւ կը պատրաստեն փեսան․ հասակակից տղաներ նախ անոր կը տանին մառան՝ ներքնազգեստները հագցնելու, ապա՝ հիւրասենեակին մէջ համապատասխան կատակախառն երգեր երգելով կը շարունակեն հագցնելու արարողակարգը։

Երկու տուներուն մէջ ալ խնճոյք տեղի կ՚ունենայ, կեր ու խում, նուագ, պար եւ հրավառութիւն, մինչեւ պսակի ժամը, որ սովորաբար կէս գիշերին կը կատարուի։

Դպիրները շարականներով կը դիմաւորեն հարսն ու փեսան․ քահանան կը կատարէ պսակի արարողութիւնը, ստանալով դրամական նուէրներ։

Հարսանեկան թափօրը եկեղեցիէն տուն կը վերադառնայ մեծ բազմութեամբ․ առջեւէն կը  քալեն երկու ջահակիր երիտասարդներ, լուսաւորելով իրենց մէջտեղ գտնուող նուագածուներու եւ երգիչներու խումը։ Անոնց ետեւէն ձիերու վրայ բազմած կու գան քաւորը, հարսն ու փեսան՝ շրջապատուած երկսեռ հարսնեւորներով։ Մերթ ընդ մերթ երիտասարդները երկինք կ՚արձակեն լուսաւոր հրթիռներ՝ հրավառութեամբ ճոխացնելով շքերթը։ Քաղաքի սովորութեան համաձայն, յաճախ ծանօթ կամ ազգական մը, որուն տան առջեւէն կ՚անցնի թափօրը, փողոցի վրայ սեղան բացած կը սպասէ հարսնեւորները։ Մոմերով լուսաւորուած սեղանին կեդրոնը անուշաբոյր խնկամանն է, կողքին՝ այլազան խմիչքներ, խարկուած նուշ եւ պիստակ, քաղցրեղէններ ու ախորժաբեր ուտելիքներ։ Թափօրը կանգ կ՚առնէ, երաժիշտները նոր թափով կը սկսին նուագել, ներկաները շուրջպար կը բռնեն։ Մինչ տանտէրը խմիչք կը հիւրասիրէ, տանտիկինը վարդաջուր կը ցօղէ նորապսակներու վրայ, բարեմաղթելով՝ «Աստուած պահէ, չար աչքէ խնայէ, ծլլին ծաղկին, բարի պտուղ տան»։ [18]

Փեսայի տան հիւրասենեակին մէջ բացուած կ՚ըլլայ ճոխ սեղան, որուն գլխաւոր ճաշը խորոված հաւն ու բրինձէ փիլաւն է։ Մինչեւ առաւօտ նուագը կը շարունակուի։

Յաջորդ օրը քահանան կու գայ «պսակը վար առնելու»․ մինչ այդ հարսը կը գտնուի կանանց բաժինին մէջ է, փեսան՝ տղամարդկանց․ բակին մէջ զանոնք կողք-կողքի կանգնեցնելով, քահանան աղօթք կը կարդայ։ Աւարտին տարեց կին մը, նախ՝ անոնց վրայ վարդաջուր կը սրսկէ, ապա խնկամանը պտտցնելով անոնց շուրջ կը խնկարկէ՝ «Աստուած շնոֆուր էնէ» կրկնելով։ [19]

Օժիտ

Հարսի տունէն բեռնակիրները կը բերեն ճըհէզը (օժիտ)։ Մէկը սնտուկը շալկած կու գայ, միւսը՝ լականն ու բաղնիքի պարագաները․ փեսայի տան մէջ կանանց ներկայութեան հանդիսաւոր ցոյց կը տրուի օժիտի պարունակութիւնը։

Սովորութիւն է, որ օժիտին մէջ հարսը ունենայ քանի մը հատ ծանտր ձեռք շքեղ հագուստ՝ արծաթէ թելերով բանուած, համապատասխան սրմայէ քուրք կարմիր բաճկոնով։ Ասոնց կողքին նաեւ սագօ (կարճ վերարկու), տարբեր հաստութեան ու կերպասներով կարուած զըպուն (ներքնաշոր), կապույտ ծաղիկներով պաղտատու շալ, տարբեր օգտագործման ու ժանեակազարդ փեշտըմալ (գոգնոց), լահօռճառ (հնդկական կերպասով կարուած գօտի), դէզնիկ (թեզանիք), սրտանոց (կրծքակալ), ըսթամպօլայ չիթէմանտիլ (թաշկինակ), գոլան (զուգագուլպայ), եւայլն։ Կօշիկները պահելու համար նախատեսուած յատուկ կերպասեայ տոպրակներու մէջ կան առօրեայ եւ տօնական կօշիկներ՝ քալօշ փօթին, դեղին ճըզմա, առջեւը սրմայով բանուած կօշիկ, նախշազարդ հողաթափեր, եւայլն։  Ըստ կարիքի դէմքը ծածկելու համար՝ գտակով քօղ եւ ալ (կարմիր) քօղ։ Բաղնիքի մէջ գործածուող եւ գլուխն ու մարմինը փաթթելու ծառայող տարբեր չափի ցամքոցներ, բաղնիքի շապիկ, ինչպէս նաեւ լական, թաս, փայտէ աթոռակ, սանտըր, լիֆ, քիսա, եւայլն։

Այս բոլորը կ՚ամփոփուին օժիտի յատուկ սնտուկին մէջ, որ պատրաստուած կ՚ըլլայ ընկուզենիի փայտով։ Ցանկին մէջ ընդգրկուած է նաեւ պատան էյնասին, այսինքն պատէն կախուող խոշոր հայելի մը, անշուշտ նաեւ ձեռքի փոքրիկ հայելի մը՝ պայուսակին մէջ դնելու։ Ուշագրաւ է, որ կարդալ իմացող հարսի համար, անպայման կը ներառուի աշխարհաբառ Աւետարան մը, գեղեցիկ կազմով, ոսկեզօծ շրջանակով ու կղպանքով։ Անպայման պիտի ըլլայ փէշթաղթայ կոչուող փայտեայ փոքրիկ զարդատուփը՝ զարդեղէններու համար։ Կանայք ունին զարդեղէններու ապշեցնող տեսականի․ ճակտընոց, մարգարիտէ չիթ, մարգարիտէ փսքուլ (ծոպ), մարգարիտէ ֆէս, ոսկի թելերով փսքուլ։ Իսկ առօրեայ գործածութեան համար անոնք ունին փայտեայ պոչիր (վարսակալ), տօնական օրերու համար ալ՝ ակներով պոչիր։ Բացի ասկէ, անոնք ունին մէկէն մինչեւ տասը հատ քարբուզ կամ պըթիռ (ապարանջաններ), պըթթում օղիր (ականջօղեր), ժամացոյցի շղթայ, կեարտանլըղ (մանեակ), շարան, ոսկի ձկներ, պըլազուկ, խալխալ, եւայլն։ Իսկ մատանիներու տեսակները շատ են․ սովորական մատանիներէն բացի անոնք ունին բթամատի համար՝ զիքը անունով լայն մատանի մը, նաեւ մատանիներու թախըմ մը, այսինքն՝ ութ տարբեր տեսակներու գոյնզգոյն ակերով մատանիներ, որոնք միաժամանակ կը կրեն։ Մանուկներու համար կան մըսասէ՝ ձեռքի եւ զընկ զընկներ՝ ոտքերու ապարանջաններ։ Կան նաեւ չարխափան մավի բերոզ կապոյտ ուլունքներ։ [20]

Օժիտի մաս կազմող գոգնոց մը, սեղանի ծածկոց մը եւ կանացի ներքնազգեստ մը։  Կը պատկանին Սիլվա Էօզիէրլիի հաւաքածոյին (Պոլիս)։

Աներպատիւ

Հարսանիքէն ետք, յաջորդ կիրակի օրը կը կոչուի «աներպատիւ»։ Խնամիները մեծ խնճոյք մը կը կազմակերպեն նորահարսի հօր պատուին, ի նշան երախտագիտութեան եւ շնորհակալութեան։ Այդ օրը աղջկայ հայրն ու ազգականները առաջին անգամ կու գան տեսնելու իրենց դուստրը։ Յատուկ ընդունելութեամբ կը հանդիպին նորահարսին։ Հանդիպումին ընթացքին կը մատուցեն թէյ․ աներհայրը (նաեւ ոեւէ փափաքող) թէյի սկուտեղը վերադարձնելու ատեն ոսկեայ զարդ մը կը դնէ մէջը։ Այնուհետեւ մինչեւ ուշ գիշեր կ՚ընեն ճաշկերոյթ եւ խնճոյք։

Յաջորդ կիրակի փեսայի հերթն է հիւր երթալու։ Այս այցելութեան «փեսապատիւ» անունը կու տան։ Փեսան իր ազգականներով կ՚երթայ աներոջ տունը հիւր․ միեւնոյն խնճոյքի արարողութիւնն է։ Այնուհետեւ աղջկայ մայրը ազգականուհիներու հետ կ՚երթայ աղջիկը տեսնելու։ Ասոր կը յաջորդէ փեսայի մօր հիւր գալը։ [21]

1) Տիարպեքիր. ատաղձագործ Գրիգոր (Գօրօ, նստած ձային) եւ իր ընտանիքը (Աղբիւր՝ Տիգրան Մկունդ, Ամիտայի արձագանգներ, [Ա. հատոր], Նիւ-Եորք, 1950)։
2) Բրուտեան ընտանիքը, Տիարպեքիր, 1912-ի շուրջ (Աղբիւր՝ PROJECT SAVE, Armenian Photograph Archives, Watertown, MA, շնորհակալութիւններ Անդրանիկ Թարզեանի)։
3) Մալխասեան ընտանիքը, Տիարպեքիր, 1911։ Այս պատկերին մէջ երեւցող անձերէն միայն երեքը վերապրած են Ցեղասպանութենէն։ Վերապրողներն են. կեդրոնը, նստած պատանի տղան Յարութիւն, աջ կողմի աղջնակը Թունթուշ Ֆլորանս Մալխասեան, ոստքի ձախին երիտասարդ աղջիկը Արեգ (Աղբիւր՝ PROJECT SAVE, Armenian Photograph Archives, Watertown, MA, շնորհակալութիւններ Անդրանիկ Թարզեանի)։
Սեւ-ճերմակ այս պատկերները գունաւորուած են DeOldifyի միջոցաւ եւ վերաշխատցուած են Յուշամատեանի կողմէ։ Բնատիպ պատկերները կրնաք տեսնել յօդուածին վերջաւորութեան։

Աստուածաշունչ, որ պատկանած է Տիարպեքիր/Տիգրանակերտէն Երէցեան ընտանիքին։ Հոս արձանագրուած են ընտանիքին մէջ կատարուած բոլոր ծնունդները 19-րդ դարու վերջերէն մինչեւ մեր օրերը (Աղբիւր՝ Թամար Նաճարեան հաւաքածոյ, Լոս Անճելըս)։

Ծննդաբերութիւն եւ տղաձըգանի բաղնիք

Մարկոսեան կը յիշէ, որ երբ կինը կը յղիանայ, ժողովուրդը անոր կը կոչէ տխմրով։ Ան ամբողջ շրջապատին անմիջական հոգածութեան կ՚արժանանայ, յատկապէս եթէ առաջին յղիութիւնն է։ Իսկ  ծննդաբերութեան օգնող դայեակը կը կոչեն քուրմէ մամա. ան մեծ յարգանք կը վայելէ հասարակութեան մէջ։ Երեխաները անոր հանդիպելով փողոցին մէջ, կը վազեն ու ձեռքը կը համբուրեն։ [22]

Երկունքի ցաւերը երբ կը սկսին, կը կանչեն դայեակը։ Քանի մը տարեց կանայք կ՚օգնեն անոր՝ տալով տաք ջուր, մաքուր լաթեր, եւայլն։ «Ըսիկէ լէ տղէ է, էշքըդ լուս․․․», կ՚աւետէ դայեակը։ Եթէ տղայ է, հայրիկը աւելի շատ պիտի վարձատրէ դայեակը։ Լուալ, մաքրելէ յետոյ, կը փաթթեն նորածինը եւ կու տան մօր գիրկը։ Կիսուրմայրիկի առաջին գործը մալէզ եփելն է։ Ծննդկանը պէտք է մէկ շաբաթ պառկած մնայ։

Երբ արդէն կարելի է դուրս գալ, ծանօթ կանայք աչքալուսանքի կու գան, ապա անմիջական հարազատներով մայրն ու նորածինը կը տանին տղաձգընի բաղնիք՝ լոգցնելու։ Այլ ուտելիքներու կողքին, ամենակարեւորը տղաձգընի հալվան է, որ տարբեր համեմունքներով կը շաղուի։ Այսպէս, իւղի ու մեղրի հետ կը խառնեն սեւագնդիկ, մեխակ, մազտաքի, մշկընկոյզ, կասիա, մեխակ, քուրքումա, անիսոն, գինձ, կոճապղպեղ, պահար, սեւ պղպեղ, հիլ, եւայլն։ Այս բոլորը կը շաղեն եւ կը պատրաստեն փոքրիկ գնդիկներ։ Ապա այս գնդիկները կը գլորեն շուշմաի մէջ, կը շարեն տուփի մը մէջ, որպէսզի իրենց հետ ալ տանին բաղնիք հիւրասիրելու։ Սակայն ճաշակելէ առաջ, հալվայէն մաս մը կը քսեն ծննդաբերած մօր ամբողջ մարմնին, կը ձգեն որ ամբողջ քանի մը ժամ տաք բաղնիքին մէջ նստած, մարմինը ներծծի համեմուքը, մեղրն ու իւղը, որպէսզի կ՚ազդուրուի։ Ապա կանայք այլ սենեակ երթալով, կը պատրաստեն թէյ, կը հաւաքուին, կը հիւրասիրեն միմեանց, նոյնիսկ հալվա կը ղրկեն հարզատներուն ու ծանօթներուն։ [23]

Դարձեալ Մարկոսեանի յուշերէն յայտնի է, որ սովորութիւն ունին նորածինին քնացնելու համար կաճօրէն կոչուող օրօրոցը պատրաստել։ Այսպէս, իրարու հանդիպակաց պատերուն վրայ երկու խոշոր մեխ կը գամեն, զոյգ մը պարան կ՚ամրացնեն անոնց, իսկ ասոնց վրայ կը հաստատեն անկողինը, մէջն ալ կը քնացնեն նորածինը։ [24]

Մկրտութիւն

Ինչպէս բոլոր հայկական շրջաններուն մէջ, Տիարպեքիրի մէջ եւս մկրտութեան արարողութիւնը կը կատարուի մինչեւ նորածինի քառասունքը։ Երբեմն կը տանին եկեղեցի, յաճախ նաեւ տան մէջ կը կատարեն մկրտութիւնը։ Այդ առիթով կը պատրաստեն ու կը հիւրասիրեն հասա կոչուող քաղցրեղէնը։

Երեխաներու ասեղնագործ գլխանոցներ։ Կը պատկանին Սիլվա Էօզիէրլիի հաւաքածոյին (Պոլիս)։ Կեդրոնի փոքրիկ տղան (պատկերէ մը հատուած մը) մաս կը կազմէ Տիարպեքիրի Գասապեան ընտանիքին (Աղբիւր՝ Տիգրան Մկունդ, Ամիտայի արձագանգներ, [Ա. հատոր], Նիւ-Եորք, 1950)։

Ակռայ հատիկ

Երբ երեխան առաջին ակռան կը ծակէ, կեսուրմայրը կը հրաւիրէ բոլոր խնամի, ծանօթ, բարեկամ, դրացի կանանց։ Ցորեն, քիչ մըն ալ սիսեռ, կը խաշէ։ Ջրքամելէն յետոյ կը խառնէ տարբեր քաղցրահամ համեմունքներ՝ կասիա, անիսոն, համեմի սերմ, մեխակ, եւայլն։ Ասոնց կը խառնէ շաքարած լեպլեպի, չամիչ, ընկոյզ, նուշ։

Երեխային կը նստեցնեն սենեակի մէջտեղը գորգի մը վրայ, շղարշով կը ծածկեն դէմքն ու գլուխը, դիմացը կը դնեն տարբեր արհեստներ խորհրդանշող իրեր՝ մկրատ, գրիչ, մուրճ, մատնոց, մատանի, ապարանջան, եւայլն։ Փոքրիկներ հերթով երեխայի գլխուն վրայ շաղ կու տան ցորենի հատիկներ. մինչ տարեց կին մը կ՚երգէ «Մօր գովասանքը», միւսներոը ուշադիր կը հետեւին, թէ ի՞նչ առարկայ պիտի վերցնէ, այդպիսով գուշակելու մանչուկի ապագայ մասնագիտութիւնը։ Իսկ եթէ աղջիկ է երեխան, ապա կը գուշակեն թէ ի՞նչ արհեստի մարդու հետ պիտի կապէ կեանքը։ Այսպէս, եթէ գրիչ վերցնէ, ապա գրող-կարդացող պիտի ըլլայ, մատնոցն ու մկրատը՝ դերձակ, մատանին՝ ոսկերիչ, մուրճը՝ դարբին կամ հիւսն, իսկ ապարանջան կը խորհրդանշէ գեղարուեստ, նկարչութիւն։ [25]

Մահ եւ թաղում

Երբ մահամերձ ծանր հիւանդ կամ անկողնային ծեր կայ տան մէջ, տնեցիք Աւետարան մը կը դնեն անոր սնարին տակ։ Յետոյ կը կանչեն քահանան՝ վերջին հաղորդութիւն տալու անոր։ Մահուան բօթը եկեղեցիի կոչնակի ձայնէն կը տարածուի, իրար հարցնելով կ՚իմանան թէ ով է մահացողը։ Այնուհետեւ կը շտապեն մեռեալի տունը երթալ, մեռելին հրաժեշտ տալու, իսկ տնեցիներուն ցաւակցելու եւ օգնելու թաղման ու յուղարկաւորութեան օրերուն։

Քահանան կը կատարէ հոգեհանգստեան ու թաղման կարգը, ստանալով իր վարձատրութիւնը․Մարկոսեան կը գրէ, թէ գերեզմանին հրաժեշտ տալէ առաջ հաց եւ հալվա կը բաժնեն հաւաքուած աղքատներուն, յետոյ կ՚երթան տուն հոգեճաշի։ [26]

Ամէն Մեռելոցի, հաւատացեալները եւ յատկապէս կանայք կ՚երթան իրենց հարազատներու գերեզմաններուն խունկ ծխելու եւ աղօթելու։ Ապա «օղորմի էրթէ հոգերնուդ» մրմնջալով կ՚աւարտեն ծիսակարգը։ [27]

Մահապատկեր, Տիարպեքիր, 1907 կամ 1908 թուական։ Հանգուցեալը Կիրակոս Ամիրեանն է (թիւ 1), զոր նստեցուցած են աթոռի մը վրայ։ Թիւ 2՝ հանգուցեալի եղբայրը՝ Յակոբ Ամիրեան։ Թիւ 3՝ հանգուցեալի կինը՝ Բրուն (Բրաբիոն)։ Թիւ 4՝ հանգուցեալի քոյրը (անունը անյայտ)։ Թիւ 5՝ հանգուցեալի քոյրը՝ Խանըմ։ Թիւ 6՝ հանգուցեալի քոյրը՝ Սառա։ Թիւ 7՝ հանգուցեալի որդին՝ Ասլան։ Թիւ 8՝ Ասլանի կինը՝ Լուսիա։ Թիւ 9՝ հանգուցեալի որդին՝ Յովսէփ։ Թիւ 10՝ Յովսէփի կինը՝ Սուսլի։ Թիւ 11՝ հանգուցեալի որդին՝ Տիգրան։ Թիւ 12՝ հանգուցեալի դուստրը՝ Կատար։ Թիւ 13՝ Կատարի ամուսինը՝ Մկրտիչ Եալճեան։ Թիւ 14՝ հանգուցեալի դուստրը՝ Թումա։ Թիւ 15՝ Թումայի ամուսինը՝ Պօղոս Ղրպաճեան, որ քանդակած է Սուրբ Կիրակոս եկեղեցիի նախշերը։ Թիւ 16՝ հանգուցեալի դուստրը՝ Նմուշ։ Թիւ 17՝ Մնուշի ամուսինը՝ Թումաս։ Թիւ 18՝ հանգուցեալի հօրաքրոջ որդին՝ Թովմաս Ոսկերիչեան։ Թիւ 19՝ հանգուցեալի հօրաքրոջ որդին՝ Պետրոս։ Թիւ 20՝ հանգուցեալի քոյրը (անունը անյայտ)։ Թիւ 21՝ Ասլանի որդին՝ Գառնիկ։
Ընտանիքը կ՚ապրէր Ս. Կիրակոս եկեղեցիին մօտակայ, կ՚ենթադրուի որ եկեղեցիին թաղին մէջ ալ լուսանկարուած են։ Յակոբ, Բրուն, Ասլան, Տիգրան, Կատար, Մկրտիչ, Թումա, Պօղոս, Մնուշ, Թումաս, Գառնիկ զոհ կ՚երթան 1915-ի Ցեղասպանութեան (Աղբիւր՝ Հուրիկ Ադդարեանի հաւաքածոյ, Մոնթրէալ)։

  • [1] Տիգրիս տարեգիրք, Տիգրանակերտի հայրենակցական ընկերութեան Հալէպի շրջանային մարմին, տպ. «Տիգրիս», 1946, Հալէպ, էջ 29։
  • [2] Նոյն, էջ 10
  • [3] Նոյն, էջ 31։
  • [4] Նոյն, էջ 33։
  • [5] Նոյն, էջ 16։
  • [6] Նոյն, էջ 15։
  • [7] Մկրտիչ Մարկոսեան, Մեր այդ կողմերը, «Արաս» հրատարակչատուն, Իսթանպուլ, 1994, էջ 94։
  • [8] Տիգրիս տարեգիրք, էջ 35։
  • [9] Մարկոսեան, Մեր այդ կողմերը, էջ 76։
  • [10] Նոյն, էջ 127-130։
  • [11] Տիգրիս տարեգիրք, էջ 36։
  • [12] Մարկոսեան, Մեր այդ կողմերը, էջ 38։
  • [13] Նոյն, էջ 56։
  • [14] Տիգրան Մկունդ, Ամիտայի Արձագանգներ, Ա. հատոր, Նիւ-Եորք, 1950, էջ 400։
  • [15] Նոյն, էջ 401։
  • [16] Նոյն, էջ 401։
  • [17] Նոյն, էջ 402։
  • [18] Տիգրիս տարեգիրք, էջ 12։
  • [19] Տիգրան Մկունդ, Ամիտայի Արձագանգներ, էջ 406
  • [20] Նոյն, էջ 406։
  • [21] Նոյն, էջ 408։
  • [22] Մարկոսեան, Մեր այդ կողմերը, էջ 70:
  • [23] Տիգրան Մկունդ, Ամիտայի Արձագանգներ, էջ 460:
  • [24] Մարկոսեան, Մեր այդ կողմերը, էջ 79:
  • [25] Տիգրան Մկունդ, Ամիտայի Արձագանգներ, էջ 409:
  • [26] Մարկոսեան, Մեր այդ կողմերը, էջ 37:
  • [27] Նոյն, էջ 28:

Լուսանկարներուն սեւ-ճերմակ բնատիպը