Մեզիրէ (Մամուրէթիւլ-ազիզ). գերմանական դպրոցէն ներս՝ դասի պահուն (Աղբիւր՝ Paul Rohrbach, Armenien, Stuttgart, 1919)

Խարբերդ (քազա) – Դպրոցներ (Բ. մաս)

Հեղինակ՝ Վահէ Թաշճեան, 01/12/12 (վերջին փոփոխութիւն՝ 01/12/12)

Մեզիրէ (Մամուրէթուլ-Ազիզ, ներկայիս Էլազըկ)

Մեզիրէի մէջ հաստատուած կրթական հաստատութիւններուն պատմութիւնը, Խարբերդ քաղաքին կրթական կեանքին բաղդատած, աւելի նոր է, նկատի ունենալով, որ նախապէս այս գիւղը միայն 19-րդ դարու ամենէն վերջին տարիներուն կը դառնայ նահանգային կեդրոն։ Այս տարիներուն ընթացքին է որ Մեզիրէն տնտեսական եւ ընկերային շատ արագ զարգացում կ՚ապրի եւ նոյն այս ժամանակներուն է նաեւ որ կը ստեղծուին առաջին վարժարանները։ Սկզբնական շրջանին ասոնք ծխական բնոյթի նախակրթարաններ են։ Առաջին վարժարաններէն կը յիշատակուի բողոքական համայնքին պատկանող հաստատութիւն մը, որ հետագային կը փակուի եւ նոյն վայրին վրայ կը բացուի պետական Ռուշտիէ անուամբ վարժարան մը։ Ասկէ ետք է որ քափուչինները Մեզիրէի մէջ կը հաստատեն իրենց եկեղեցին եւ դպրոցը։

1870-ական եւ 1880-ական թուականներուն, հայկական Ս. Սարգիս եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիներուն կողքին կը բացուին նաեւ ծխական դպրոցներ։ Ս. Աստուածածինի կից կը բացուի նաեւ աղջկանց վարժարան մը, ուր ուսուցչութիւն կ՚ընեն  Կոյր Սարգիս, Թոփալ վարժուհի եւ Բամբիշ Էլվիս (Պոլիսէն եկած)։

1895-ի հակահայկական կոտորածներուն ժամանակ Մեզիրէի հայութիւնը զերծ կը մնայ զանգուածային բռնութեան այս արարքներէն։ Այս մէկը ապահովութեան գրաւական մը կը համարուի շրջակայ եւ մանաւանդ Խարբերդ քաղաքի հայութեան համար, ինչ որ թափ կու տայ հայերու նոր հոսքի մը Մեզիրէ։ Ասոնց շարքին կան մանաւանդ արհեստաւոր եւ առեւտրական հայեր [1]։

Մեզիրէ, 1913. հայկական գիրերու գիւտին 1500 ամեակի տօնակատարութիւն քափուչիններու ֆրանսական գոլէճին փակին մէջ։ Նկարին խորքը, կողք-կողքի կանգնած կ՚երեւին Տէր Գարեգին եւ Տէր Ղեւոնդ քահանաները, Փէր Ռաֆայէլ, Պսակ Ծ. վարդապետ Խորէնեան։ Մնացեալը ֆրանսական գոլէճին եւ Կեդրոնական վարժարանին աշակերտութիւնն ու ուսուցչական կազմն է։ Նկարին ձախին գտնուող պաստառին վրայ գրուած է հայկական այբուբենը, իսկ աջի պաստառին վրայ՝ «Եկէ՛ք մանկանց համար ապրինք» (Աղբիւր՝ անձնական հաւաքածոյ. շնորհակալութիւններ՝ Ծովիկ Թորիկեանին)

Քափուչիններու ֆրանսական գոլէճ

1860-ական թուականներու վերջերը քափուչին վարդապետ Ապունա Անճելօ (սպանացի, Անճելօ տա Վիյառուպիա) կը հասնի Մեզիրէ, ուր կը հիմնէ փոքր վանք մը եւ 1868-ին ալ՝ արանց նախակրթարան վարժարան մը։ 1900 թուականէն ետք այս հաստատութիւնը կը վերածուի գոլէճի։ 1890-ական թուականներուն քափուչիններու գոլէճին տեսչութիւնը կը ստանձնէ այս անգամ ֆրանսացի միաբան մը՝ Փէր (Հայր) Ռաֆայէլ, որուն օրով հասատութիւնը կ՚ապրի արագ զարգացում։ Քափուչին միաբանը կը դասաւանդէ ֆրանսերէն եւ փիլիսոփայութիւն։ Այս տարիներուն է որ ֆրանսական գոլէճին մէջ դասաւանդելու կը հրաւիրուին Խարբերդ քաղաքէն երկու ուսուցիչներ՝ Յակոբ Սիմոնեան եւ Ռուբէն Զարդարեան, որոնք 1897-ին կը միանան Մեզիրէի մէջ հիմնուած Կեդրոնական վարժարանին։ Այնուհետեւ, ֆրանսական գոլէճի մէջ հայերէնի ուսուցիչ կը նշանակուի Մելքոն Ղեւոնդեան։ 1894-ին Մեզիրէի ֆրանսական գոլէճին մէջ դասաւանդել կը սկսի նաեւ Փէր Մարք, իբրեւ հանրահաշիւի, երկրաչափութեան, քիմիագիտութեան եւ բնագիտութեան ուսուցիչ։ 1898-ին հաստատութեան տնօրէն կը նշանակուի Փէր Ֆերտինանտ։ Իր օրով գոլէճը կ՚ունենայ իր նուագախումբը՝ 25-30 անձերէ կազմուած։ Մանաւանդ Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք (1908), այս նուագախումբը՝ Փէր Ֆերտինանտի խմբավարութեամբ, միշտ ներկայ է քաղաքին մէջ տեղի ունեցող հրապարակային հանդէսներու։ Իր կողմէ նօթագրուած են կարգ մը հայկական ազգային երգեր, որոնք կը նուագուին գոլէճին նուագախումբին կողմէ։ Ասոնցմէ են՝ «Բամբ որոտան»ը, «Կռուեցէք տղերք»ը, «Տալվորիկ»ը։

Մեզիրէ. Քափուչիններու գոլէճը (Patronage Saint-Joseph) (Աղբիւր՝ Միշել Փապուճեանի հաւաքածոյ)

Այստեղ դասաւանդած հայ քափուչին հայրերէն կը յիշուին՝ Փէր Պազիլ Չէլէպեան, Փէր Պընուա Անգարացի, Փէր Լուի Մինասեան։

1900-ին գոլէճէն դուրս կու գան առաջին շրջանաւարտ սերունդը. Յովհաննէս (Ժան) Շիրվանեան, Նշան (հետագային Տէր Վահրամ) Նահիկեան (հիւսէնիկցի), Մելքոն Սամուէլեան (մեզիրէցի), Գասպար Յ. Կարոյեան (բարջանճցի)։ Չորսն ալ դասաւանդած են գոլէճին մէջ։ Այս գոլէճէն շրջանաւարտ են նաեւ՝ Տավուտ Մալքէ (մեզիրէցի), Ռուբէն Արսլանեան (մեզիրէցի), Հրանդ Արսլանեան (մեզիրէցի), Յովհաննէս Գանթարճեան (մեզիրէցի), Մկրտիչ Ճըլճըլեան (մալաթիացի), Կարապետ Եազմաճեան (մալաթիացի), Միհրան Քէշիշեան (մալաթիացի), Միքայէլ Հէքիմեան (տիարպեքիրցի), Լութֆի Պէզիրկէնեան (տիարպեքիրցի), Արամ Անտոն Գաւազեան (տիարպեքիրցի), Լուի Մարքիզ (մարտինցի), Ժոզէֆ Պըշարա (մուսուլցի), Գուրգէն Ն. Փափազեան (ակնցի), Փիէռ Թաշօ (մեզիրէցի), Գրիգոր Մուշեան (ակնցի), Նաում Նեմէն (խարբերդցի), Սիմոն Մելիք (մեզիրէցի), Սիմոն Խոհուն (խարբերդցի), Սայիտ Նեմէն (խարբերդցի), Եղիա Ռստիկեան (հիւսէնիկցի, կը սպաննուի 1915-ին), Խաչատուր Նաճարեան (մեզիրէցի), Ստեփան Ասատուրեան (խույլուցի), Պերճ Գազանճեան (մեզիրէցի), Մկրտիչ Վահանեան (հիւսէնիկցի), Սեդրակ Կավուրեան (քեսրիկցի), Վահան Վարդանեան (չմշկածագցի), Կարապետ Ղազարոսեան (խարբերդցի)։

1) Մեզիրէ, 1914. քափուչիններու գոլէճին նուագախումբը։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Փէր Ժուաքիմ (միսիոնին պատասխանատուն ու նուագախումբին ղեկավարը), անծանօթ, Անդրէաս Խաչատուրեան (ջութակ), Հայկազ Թաշճեան (ջութակ), Մարտիրոս Գարտաշեան (ջութակ), Գեղամ (քլարինէթ)։ Նստած, ձախէն աջ՝ Տիգրան Մանկասարեան (ջութակ), Ժագ (ջութակ), Յարութիւն Իսրայէլեան (ջութակ), Ֆրէր Ֆերտինանտ (թաւջութակ), Տելլա Սուտա (երգեհոն, Մեզիրէի Պանք Օթոմանի իտալացի պաշտօնեայ) (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, Նիւ Եորք, 1959)
2) Մեզիրէ. քափուչիններու վարժարանէն ներս (Patronage Saint-Joseph) (Աղբիւր՝ Միշել Փապուճեանի հաւաքածոյ)

1903-ին ֆրանսական գոլէճը կ՚օժտուի նորակառոյց երեք յարկանի շէնքով մը։ Նոյն տարին բացումը կը կատարուի նաեւ գիշերօթիկ բաժինին, ուր հետագայ տարիներուն ուսանողներ պիտի գան Մալաթիայէն, Արաբկիրէն, Չնքուշէն, Տիարպեքիրէն, Ուրֆայէն, Մարտինէն եւ Մուսուլէն։ Գոլէճին ուսանողները մեծամասնութեամբ հայեր են, բայց կան նաեւ ասորիներ եւ քաղդէացիներ։ 1908-ի Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, գոլէճ կ՚ընդունուին նաեւ չորս թուրք ուսանողներ, որոնք տեղացի երեւելիներու զաւակներ են։

Մեզիրէի ֆրանսական գոլէճին մէջ դասաւանդուող երեք լեզուներն են՝ ֆրանսերէն, թրքերէն եւ հայերէն։ Հաստատութենէն ներս թրքերէնի ուսուցիչներ եղած են՝ Մահմուտ էֆենտի (տեղացի հոճա մը), որ նոյն ժամանակ արաբերէն կը դասաւանդէ Մեզիրէի պետական Սուլթանիէ վարժարանէն ներս։ Գոլէճէն ներս թրքերէն (նաեւ ֆրանսերէն) դասաւանդած է նաեւ Գէորգ էֆենտի Ահարոնեան, որ մեզիրէցի մըն է եւ աշակերտած է Սուլթանիէ վարժարանէն ներս։ Հետագային, 1904 թուականին, ան կը ստանձնէ Մեզիրէի մէջ նորաբաց ֆրանսական հիւպատոսարանին առաջին թարգմանի պաշտօնը եւ նոյն ժամանակ կը պաշտօնավարէ տեղւոյն Օսմանեան դրամատան մէջ։

1900-ական թուականներուն գոլէճ կը հասնի գերմանացի քափուչին միաբան մը՝ Փէր Պազիլ Պերլինկս, որ կը սկսի ֆրանսերէն դասաւանդել։ 1900 թուականին Փէր Պազիլ տ՛Ամիտ (Տիարպեքիր ծնած հայ մը) նոյնպէս կը միանայ Մեզիրէի միաբաններու խումբին։ Ան կը դասաւանդէ Ընդհանուր ազգաց ժամանակակից պատմութիւն։ Այս միաբանն է որ իսկական հիմնադիրը կը հանդիսանայ նոյն քաղաքին մէջ բացուած քափուչիններու աղջկանց վարժարանին։ Այստեղ դասաւանդող ուսուցչուհիներուն շարքին կը յիշուին Օրդ. Հռիփսիմէի եւ Օրդ. Մարիամի անունները։

1900-էն մինչեւ 1914 այս գոլէճէն դուրս կու գան 150 երկսեռ շրջանաւարտներ [2]։

Մեզիրէի քափուչիններու գոլէճին պատկանող աշակերտական վկայականի մը օրինակը (Աղբիւր՝ Hans-Lukas Kieser, Der verpasste Friede. Mission, Ethnie und Staat in den Ostprovinzen der Türkei 1839-1938, Chronos, Zurich, 2000)

1) Մեզիրէ, 1907. քափուչիններու գոլէճին շրջանաւարտները։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Յովհաննէս Բարակեան, Կարօ Ղազարոսեան, Ռուբէն Տէր Ստեփանեան, Սարգիս Մալճանեան, Անդրանիկ Պօ(անընթեռնելի)։ Նստած, ձախէն աջ՝ Խաչիկ Նաճարեան, Գուրգէն Փափազեան (Աղբիւր՝ անձնական հաւաքածոյ. շնորհակալութիւններ՝ Ծովիկ Թորիկեանին)
2) Մեզիրէ. քափուչիններու դպրոցին 1911-1912 տարեշրջանի աշակերտները եւ քափուչին հայրեր։ Նստած կրօնաւորները, ձախէն աջ՝ Ֆրէր Ֆերտինանտ, Փէր Ժուաքիմ, Փէր Ռաֆայէլ, Փէր Անասթաս, Ֆրէր Քոնրաթ (Աղբիւր՝ անձնական հաւաքածոյ. շնորհակալութիւններ՝ Ծովիկ Թորիկեանին)

Մեզիրէ. քափուչիններու աղջկանց գոլէճը (աջին) եւ եկեղեցին (ձախին) (Աղբիւր՝ Մանուկ Գ. Ճիզմէճեան, Խարբերդ եւ իր զաւակները, Ֆրէզնոյ, 1955)

1) Մեզիրէ, 1900. քափուչիններու ֆրանսական գոլէճին առաջին շրջանաւարտները։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Նշան (հետագային Տէր Վահրամ) Նահիկեան, Յովհաննէս Շիրվանեան, Մելքոն Սամուէլեան, Գասպար Կարոյեան։ Նստած՝ գոլէճին տնօրէն Ֆրէր Ֆերտինանտ (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, Նիւ Եորք, 1959)
2) Հայր Պազիլ Պերլինկ՝ քափուչիններու միաբանութեան անդամ (Մեզիրէ) (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, Նիւ Եորք, 1959)

Հայ կաթողիկէ աղջկանց եւ տղոց վարժարաններ

Սոյն հաստատութիւնը հիմնուած են Մեզիրէի հայ կաթողիկէ համայնքին կողմէ, 1895-էն ետք։ Ունին մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժիններ։ Աղջկանց դպրոցը տարեկան կը յաճախեն մօտ 75 աշակերտուհիներ, մինչ տղոցը՝ մօտ 125։

Աղջկանց բաժինի ուսուցիչներէն կը յիշուին՝ Քոյր Սենա, Քոյր Յուղիտա, Քոյր Իսկուհի, Քոյր Պէաթրիս, Ստեփան Եպիսկ. Իսրայէլեան (1866, Մուշ - կը սպաննուի 1915-ին), Արփիարեան Եպիսկոպոս։ Տնօրէնուհին է Քոյր Վասիլուհի։ Հաստատութենէն ներս կը դասաւանդուին քերականութիւն, աշխարհագրութիւն, կրօնի պատմութիւն, հայերէն, ֆրանսերէն, թրքերէն, ասեղնագործութիւն եւ ձեռագործ աշխատանքներ, դաշնակ։ Հայերու կողքին աղջկանց այս դպրոցը կը յաճախեն նաեւ Մեզիրէի թուրք երեւելի ընտանիքներու աղջիկ զաւակները [3]։

Կեդրոնական վարժարան

Այս վարժարանը բնական շարունակութիւնն է Մեզիրէի մէջ 1880-ականներէն սկսեալ Ս. Աստուածածին Մայր եկեղեցիին կողքին բացուած տղաներու եւ աղջիկներու ծխական նախակրթարաններուն։ Այսպէս, 1898-ին, տղաներու եւ աղջիկներու հաստատութիւնները կը միացուին եւ կը ստեղծուի բարձրագոյն վարժարան մը։

Կեդրոնական վարժարանի հիմնադրութեան աշխատանքներուն մէջ նկատառելի դեր ունեցած են Աւետիս Տէրօեան (ծնեալ Բալուի Հաւաւ գիւղը, ապա ուսում առած Պոլսոյ մէջ) եւ Սարգիս Զատուրեան (ծանօթ՝ կոյր պատուելին կամ Կոյր Սարգիս անուններով, Խարբերդի Սմբատեան վարժարանի նախկին աշակերտ)։

Մեզիրէ. Կեդրոնական վարժարան. շրջանաւարտուհիներ եւ իրենց ուսուցիչները։ Նստած, ձախէն աջ՝ Յակոբ Սիմոնեան, Ռուբէն Զարդարեան, Տէր Գարեգին քհնյ Վարդանեան (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, Նիւ Եորք, 1959)

Միայն աղջկանց բաժինը կը սկսի ունենալ տարեկան 240-է աւելի աշակերտուհիներ։ Այս նորահաստատ Կեդրոնականի տեսչութիւնը կը ստանձնէ Յակոբ էֆենտի Սիմոնեան (Բալուի Հաւաւ գիւղէն, Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանի ընթացաւարտ), կ՚ունենայ ուսուցչական ընտրանի կազմ մը, որուն շարքին է Ռուբէն Զարդարեան (1873, Սեւերեկ - կը սպաննուի 1915-ին)։ Սիմոնեան, տնօրէնութեան գործին կողքին, կը դասաւանդէ ֆրանսերէն եւ գիտական ճիւղեր։ Մինչ Զարդարեան կը դասաւանդէ հայերէն եւ պատմութիւն։ 1901 թուականին վարժարանը կ՚ունենայ իր առաջին շրջանաւարտ սերունդը։ 1902-ին Սիմոնեան ոճիրի մը զոհ կ՚երթայ։ Անոր մահէն ետք, Զարդարեան կը ստանձնէ վարժարանին տեսչութիւնը։ Ճիզմէճեան իր գիրքին մէջ նկատել կու տայ, որ Սիմոնեանին ոճրագործը հայ մըն էր, աւելի ճշգրիտ՝ անոր աշակերտներէն մէկը։ Զարդարեանի տնօրէնութեան շրջանը կարճ կը տեւէ։ Այսպէս, 1903-ին Խարբերդ քաղաքին մէջ կը ծագի Յակոբ-Յաբէթի գործը. իշխանութիւնները կը ձերբակալեն ու ապա մահապատիժի կ՚ենթարկեն երկու այս հնչակեան յեղափոխականները։ Այս առիթով կը ձերբակալուին նաեւ շրջանի ուսուցիչներէն Թլկատինցին, Նիկողոս Թէնէքէճեանը, ինչպէս նաեւ Կեդրոնականի տնօրէն Ռուբէն Զարդարեանն ու նոյն հաստատութեան երկու ուսուցիչներէն՝ Տիգրան Պաղտիկեանն ու Յովհաննէս Վագասեանը։ Զարդարեան կարճ ժամանակ ետք բանտէն դուրս կու գայ, բայց կ՚անցնի նախ Իզմիր, ապա՝ Պուլկարիա, ուր կը մնայ մինչեւ 1908-ի Սահմանադրութիւնը։

Մեզիրէ. Կեդրոնական վարժարան. նստած (ուսուցիչներ եւ ուսուցչուհիներ), ձախէն աջ՝ Ռուբէն Զարդարեան, Յակոբ Սիմոնեան, Տէր Գարեգին քհնյ Վարդանեան, Էլմաս Գապուլեան, Եւգինէ Մուշեան, Աննա Տէմիրճեան։ Ոտքի (շրջանաւարտ աշակերտուհիներ), ձախէն աջ՝ Հայկանուշ Նօրօեան, Էլմաս Սթամպուլեան, Հայկ Մարսուպեան, Ա. Տէմիրճեան, Ե. Սարեան, Էլմաս Նալպանտեան (շարքին մէջ մէկ աշակերտուհիի անուն կը պակսի) (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, Նիւ Եորք, 1959)

Տնօրէնի պաշտօնին Զարդարեանին կը յաջորդէ Արամ Թոփգափուլեան, ապա՝ Եղիշէ Տուրսունեան, որ Պոլիս ծնած է եւ ուսուցչական պաշտօններ վարած՝ Էրզրումի, Տրապիզոնի եւ Սեբաստիոյ մէջ։ Հետագային տեսչութեան պաշտօնը յաջորդաբար վարած են՝ Դաւիթ Խաչկոնց, Պետրոս Սրապեան, Արշակ Տիլոյեան (Մահտեսեան) (1876, Բալու-1954), Սարգիս Հէքիմեան, Արամ պատուելի (Պոլիսէն, թրքերէն), Տիգրան Աշխարհունի։ 1913-էն 1915 տնօրէնութեան պաշտօնը կը յանձնուի Երուանդ Սրմաքէշխանլեանին, գրական ծածկանունով Երուխան (1870, Պոլիս - կը սպաննուի 1915-ին)։

Կեդրոնականը կը բաղկանայ 12 դասարաններէ։ Այստեղ կը դասաւանդուին չորս լեզուներ. հայերէն, թրքերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն։ Աւարտական դասարանները ունին իրենց խմորատիպ թերթը, որ կը կոչուի «Նոր գարուն»։ 1908-ի Օսմանեան Սահմանադրութենէն ետք անիկա կը կնքուի «Ծոփաց արծիւ» անունով։ Հաստատութիւնը կազմուած է երեք շէնքերէ, ընդարձակ խաղավայրէ մը եւ այս բոլորը պարսպապատ են։ Երկսեռ աշակերտութեան տարեկան թիւը կը հասնի 1000-ի, որոնք կու գան Մեզիրէ քաղաքէն եւ շրջակայ գիւղերէն։ 15 տարի տեւած իր պատմութեան տեւողութեան Կեդրոնականէն դուրս եկած են աւելի քան 300 շրջանաւարտներ։

Կեդրոնականը նիւթական օժանդակութիւն կը ստանայ Միացեալ Նահանգներու մէջ հաստատուած մեզիրէցիներու ուսումնասէր միութենէն։

1) Մեզիրէ, Կեդրոնական վարժարան. ձախէն աջ՝ Տիգրան Աշխարհունի (նախկին Մեհրուժան վարդապետ), որ կարճ ժամանակ մը կ՚ըլլայ Մեզիրէի այս վարժարանին տնօրէնը, Պսակ Ծ. վրդ. Խորէնեան (Խարբերդի Թեմի Առաջնորդ), վարժարանին ուսուցիչներէն (անունը անծանօթ) (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, Նիւ Եորք, 1959)
2) Մեզիրէ, Կեդրոնական վարժարան, 1901. առաջին շրջանաւարտները։ Նստած, ուսուցիչներ, ձախէն աջ՝ պրն. Կիրակոս, Մարտիրոս Կօշկարեան, պրն. Յարութիւն, Յակոբ Սիմոնեան, Ռուբէն Զարդարեան, Ստեփան Աղամալեան, Նշան Թաշճեան (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, Նիւ Եորք, 1959)

1913-ին, Կեդրոնական վարժարանը կը սկսի պաշտօնապէս անուանուիլ Հայկական ճեմարան։ Նոր տեսուչ՝ Երուխանի եւ Խարբերդի շրջանի նոր Առաջնորդ՝ Պսակ Ծ. Վրդ. Տէր Խորէնեանի նախաձեռնութեամբ վարժարանը կը կարգաւորուի եւ վերելքի նոր շրջան մը կը բոլորէ։ Տղաներու բաժինը կը փոխադրուի Մեզիրէի մէջ մետաքսագործութեան գործարանի մը մէջ, որ նախապէս պատկանած է յայտնի արդիւնաբերող Ֆապրիքաթորեան եղբայրներուն։ Անիկա կը գտնուի քաղաքին նամակատան դիմաց։ Շէնքին առաջին յարկը կը վերածուի ընդարձակ սրահի։ Նոյն այս սրահին մէջն է որ այս տարիներուն Կեդրոնականի աշակերտներուն կը ցուցադրուի շարժանկար մը, որ բոլորովին նորութիւն մըն էր Խարբերդի շրջանին մէջ։ Ամբողջ շէնքին կահաւորումը անվճար կերպով կը կատարուի քաղաքին հայ արհեստաւորներուն կողմէ։ Այս ձեւով Կեդրոնականի հին շէնքերը ամբողջովին կը յատկացուին աղջկանց բաժինին։

Մեզիրէ, Կեդրոնական վարժարան. աշակերտներ մարզանքի պահուն (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, Նիւ Եորք, 1959)

Նոյն այս տարին է նաեւ որ Խարբերդի մէջ մեծ շուքով կը նշուի հայ գիրերու գիւտին 1500 ամեակը։ Խարբերդ քաղաքի եւ Մեզիրէի դպրոցական աշակերտներն ու գոլէճական ուսանողները գործօն մասնակցութիւն կը բերեն ամբողջ շաբաթ մը տեւող մշակութային հանդիսութիւններուն։ Այսպէս, ֆրանսական գոլէճի նուագախումբն ու աշակերտութիւնը շքերթ կազմած՝ օսմանեան զօրանոցին առջեւ կը միանան Կեդրոնականի աշակերտութեան, ապա ամբողջ թափօրը կ՚ուղղուի գերմանական վարժարան։ Իւրաքանչիւր դպրոցի առջեւ կը խօսուին ճառեր։ Եզրափակիչ հանդիսութիւնները տեղի կ՚ունենան Խարբերդի Եփրատ գոլէճի Ուիլլըր Հոլին մէջ եւ Մեզիրէի Կեդրոնականի շրջափակին մէջ։ Մէզիրէի հանդիսութեան ներկայ է նաեւ Խոզաթի կառավարիչ Սապիթ պէյ։

Մեզիրէ, Կեդրոնական վարժարան (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, Նիւ Եորք, 1959)

Կեդրոնականի մէջ դասաւանդած ուսուցիչներուն շարքին յիշենք նաեւ հետեւեալները. Խաչիկ Քէօսէեան, Յարութիւն Սուքիասեան (Տիւրիկէն), Գէորգ Ադամեան, Նշան Թաշճեան, Մկրտիչ Պարսամեան, Համբարձում Երամեան, Արմենակ Օհանեան (ուսողութիւն, կը սպաննուի 1915-ին), Նշան Թամամեան (հայերէն, ֆրանսերէն, տոմարակալութիւն, կը սպաննուի 1915-ին), Նշան Դագէսեան (թրքերէն թարգմանութիւն, թուաբանութիւն, կը սպաննուի 1915-ին), Արշակ Տէր Մահտէսեան, Մարտիրոս Կօշկարեան, Ստեփան Աղամալեան, Պերճ Թաշճեան (թրքերէն), Մկրտիչ Տէր Պետրոսեան, Նշան Տէստէկիւլ, Վարազդատ Առաքելեան (եկեղեցական երաժշտութիւն, թուաբանութիւն, կը սպաննուի 1915-ին), Նազարէթ Պիւլպիւլեան, Պրն. Կիրակոս, Յովհաննէս Անանեան (գծագրութիւն, գեղագրութիւն, կը սպաննուի 1915-ին), Արամ Սրապեան (ազգերու պատմութիւն, կը սպաննուի 1915-ին), Արամ Կէվուրեան, Նշան Եաղճեան, Քէմալ պէյ (Պոլիսէն, թրքերէնի ուսուցիչ), Յակոբ Գաֆէսեան, Պսակ Ծ. Վրդ. Տէր Խորէնեան (Խարբերդի շրջանի Առաջնորդ՝ 1911-1915, կը սպաննուի 1915-ին), տոքթ. Խ. Պոնափարթեան, Գէորգ Քէշիշեան (անգլերէն, թրքերէն, կը սպաննուի 1915-ին), Յակոբ Քէնտէրեան (բնագիտութիւն, կենդանաբանութիւն, բուսաբանութիւն, կը սպաննուի 1915-ին), Արիստակէս քհնյ. Գաբրիէլեան (կրօնք եւ գրաբար), Յարութիւն Տիգիճեան (թրքերէն), Կարապետ Տէր Վարդանեան (հայերէն, պատմութիւն, կը սպաննուի 1915-ին), Պատուելի Սիմոն, Պատուելի Սամուէլ Մանուկեան (անգլերէն, ուսողութիւն, բարոյագիտութիւն, կը սպաննուի 1915-ին)։

Մեզիրէ, 1913. զինուորական տողանցք քաղաքին գլխաւոր փողոցին մէջ։ Աջին կ՚երեւի Օսմանեան խորհրդարանի անդամ Ասիմ պէյի ապարանքը (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, Նիւ Եորք, 1959) (Աղբիւր՝ Sonnen-Aufgang, Heft 8., 15. Jahrgang, Mai 1913)

Աղջկանց վարժարանին մէջ դասաւանդած ուսուցչուհիներ. Հայկանուշ Մարսուպեան, Հայկանուշ Սարըեան, Աննա Տէմիրճեան, Եղսա Աստիկեան, Էլմաս Ադամեան, Զապէլ Զատուրեան, Եփրաքսի Գաֆէսեան, Պայծառ Թամամեան, Շուշան Մալխասեան, Փայլուն Եաղուպեան, Նազենի Ճաֆէրեան, Եղիսափէթ Սարըեան, Գեղեցիկ Նորոսեան։

Նշենք որ Կեդրոնականի վարժարանի աշակերտներէն են նաեւ Վահան Թոթովենցը (1889, Մեզիրէ-1937) եւ Համաստեղը (Համբարձում Կէլէնեան) (1895, Փարչանճ-1966) [4]։

Գերմանական գոլէճ

Խարբերդի շրջանէն ներս գերմանական միսիոնին (Deutscher Hülfsbund für christliches Liebeswerk im Orient) մուտքը տեղի կ՚ունենայ 1895-ի Օսմանեան կայսրութեան տարածքին հակահայկական կոտորածներէն ետք։ Խարբերդի հայաբնակ քաղաքներն ու գիւղերը մարդկային եւ նիւթական ծանրակշիռ կորուստներ կը կրեն զանգուածային բռնութեան այս դէպքերուն ընթացքին։ Հետեւանքներէն մէկը կ՚ըլլայ հայ որբերու եւ այրի կիներու հսկայական թիւի մը յառաջացումը։ Գերմանական Hülfsbund կազմակերպութեան ներկայացուցիչ՝ Եոհաննէս Էհմանն (1870-1926), Խարբերդ կը հասնի այս աղիտեալներուն ի նպաստ գործելու եւ այս գծով ալ սերտօրէն կը համագործակցի տեղւոյն ամերիկեան միսիոնին (ABCFM) հետ։

Էհմանն կը հանդիսանայ Խարբերդի շրջանէն ներս գերմանական միսիոնարական գործին հիմնադիրը։ Մեզիրէ հաստատուելէն անմիջապէս ետք ան հայերէնի անձնական դասեր կը ստանայ Եփրատ գոլէճի դասախօսներէն՝ Մ. Ա. Մելքոնէն, եւ կարճ ժամանակ ետք լաւապէս կը տիրապետէ լեզուին։ Մեզիրէի մէջ իր գործունէութեան ամբողջ տարիներուն (մինչեւ 1918) պատուելի Էհմանն հայերուն կողմէ կ՚անուանուի «հայրիկ», ինչ որ ինքնին ապացոյց մըն է իր վայելած ժողովրդականութեան։ Իր նախաձեռնութիւններն են Մեզիրէի գերմանական միսիոնին կրթական երկու գոհարները հանդիսացող՝ Մանկավարժական դպրոցն («Ուսուցչանոց») ու Թադէոսեան Աստուածաբանական վարժարանը [5]։

Մեզիրէ, գերմանական հաստատութիւններ. «Ռամա» (ձախին, գերմանական դպրոց), «Աբենեզեր» տղոց որբանոց (կեդրոնը)։ Նկարին աջին կ՚երեւին հացի փուռը, երկաթագործարանը եւ արհեստ սորվողներու գիշերօթիկը (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, Նիւ Եորք, 1959)

1897-ին կը հիմնուի գերմանական առաջին որբանոցը (տղոց յատկացուած), որ Մեզիրէի մէջ երկյարկանի շէնք մըն է, փոսթի շէնքին դիմաց, Ասըմ պէկի քոնաքէն քիչ մը դէպի արեւելք։ Առաջին այս որբանոցը յայտնի է նաեւ Կարմիր շէնքը անունով։ Քանի մը տարի ետք, գերմանացիները Խարբութլեան ընտանիքէն կը գնեն քաղաքին հիւսիսը գտնուող՝ Վերին Մեզիրէ տանող ճամբուն վրայ, ընդարձակ տարածք մը, որ կը պարսպապատուի, այստեղ կը կառուցուին երեք մեծ շէնքեր եւ քանի մը հատ ալ տուներ։ Նշենք որ գերմանական միսիոնը պետական արտօնութիւն չունէր իր անուամբ անշարժ ինչքերու ունենալու. հետեւաբար առաջին այս շինութիւնները կ՚արձանագրուին Յարութիւն էֆենտի Խարբութլեանի անունով, որ Մեզիրէ ապրող հայ բողոքական մըն է եւ մաս կը կազմէ քաղաքին մեճլիս իտարէին (կառավարական տեղական խորհուրդ)։ Միսիոնարական այս համալիրը կ՚ունենայ նաեւ ընդարձակ խաղավայր մը, պարտէզ մը, պտղատու բազմաթիւ ծառեր, ցորենի եւ այլ արմտիքներու դաշտեր։ Պարտէզին արեւմտեան կողմը կը վերածուի այգիի եւ փոքր մաս մըն ալ կը յատկացուի միսիոնարներու գերեզմանատան [6]։ Միսիոնը կը գնէ նաեւ քաղաքի կեդրոնին աւելի մօտիկ գտնուող տարածք մը, ուր կը կառուցուի աղջկանց յատկացուած որբանոցի գեղեցիկ շէնք մը։ Այս վերջինը կ՚արձանագրուի վերապատուելի Պետրոս Կարապետեանի անուամբ։ Բացի այս, աղջկանց դպրոց մը կը կառուցուի Իճատիէ թաղին մէջ, ինչպէս նաեւ արհեստանոց մը՝ Մարանկոզ Անասթաս աղային պատկանող շէնքին մէջ [7]։

Մեզիրէ, 1903. Էմմաուսի որբուհիները։ Կեդրոնը նստած կինը շատ հաւանաբար հաստատութեան առաջին տեսչուհի Ենսին Էօրթցն (հետագային Փեթերս) է (Աղբիւր՝ Մարիա Եաքոպսէնի հաւաքածոյ)

Միսիոնին առանցքը կը կազմէ որբախնամ գործունէութիւնը։ Այս ձեւով ալ գերմանացիները կը զանազանուին մօտակայ Խարբերդ քաղաքին մէջ գտնուող ամերիկեան միսիոնէն։ Այսպէս, այս վերջինը աւելի շատ կեդրոնացած է Խարբերդի շրջանին մէջ բողոքական դպրոցական ցանցը զարգացնելու աշխատանքին վրայ եւ, 1895-ի ջարդերէն ետք, միայն կարճ ժամանակով որբախնամ գործունէութիւն մը կը տանի։ Այնպէս որ գլխաւորաբար հայ որբերու հոգածութեան եւ կրթութեան աշխատանքին մէջ, գերմանական միսիոնը առաջնորդող դեր կ՚ունենայ ամբողջ տարածքին մէջ։ Այսպէս, 1902-ին, Մեզիրէի գերմանական եօթ որբանոցներուն մէջ կը պատսպարուին 700 երկսեռ որբեր։ Նոյն այս թիւը պահուած է նաեւ 1914-ին [8]։

Գերմանական միսիոնին պատկանող Մեզիրէի բոլոր կառոյցներն ալ կը կրեն Ս. Գրային անուններ։ Անոնց հիմնադրութեան մէջ նիւթական կարեւոր ներդում կը կատարէ Զուիցերիա հաստատուած հաւատացեալ՝ Շառլոթին ֆոն Պարանոֆ (1897-1917), որ կը փափաքէր իր հարստութիւնը հայերու օգտին բարեսիրական նպատակի մը ծառայեցնել։

Աբենեզեր (Ebenezer), թիւ 1.- Տղոց որբանոցը. կը նշանակէ «Օգնութեան ծառ»։ Տեսչուհին է Վերենա Շմիտլի (1855-1954)՝ զուիցերիացի միսիոնարուհին, որ Մեզիրէ կը ժամանէ 1899-ին։ Իբրեւ օգնական ունի Մինա Էնսլընը եւ Լիզա Ռեյըրը։ Աւելի ուշ այստեղ կը պաշտօնավարեն նաեւ Հելէնէ Լասքա, Ալմա Եոհանսըն (շուէտացի, 1880-1974)։ Աբենեզերի հայ «մայրիկ»ներն են՝ Սուլթանա, Հնազանդ, Վարդուհի, Խաթուն, Մարիամ [9]։

Աբենեզեր, թիւ 2.- Տղոց որբանոց։ Տեսչուհին է Հելէնէ Լասքա։ 1913-ին, տղոց այս երկու որբանոցներուն մէջ կը պատսպարուին 208 սաներ [10]։

Տղոց որբանոց, թիւ 3.- Վարիչներ՝ Կիւսթաւ Փալենթին եւ տիկ. Էմմա։ Տան «մայրիկ»՝ Աննա, օգնական՝ Յարութիւն։

Ռամա.- Այստեղ կը գտնուի մանկավարժական դպրոցը, որն ծանօթ է նաեւ «սեմինար» եւ «ուսուցչանոց» անուններով։ Տնօրէնն է Էրնսթ Զոմմըր [11]։

Մեզիրէ. Ուսուցչանոցին ուսանողները։ Ձախին գտնուող սեղանին շուրջ, նկարին ամէնէն ձախ ծայրը՝ Կ. Կարապետեան (նստած), Արամ Պայտարեան (ոտքի), Մանուէլ Թագաճեան (նստած), Պօղոս Տ. Պօղոսեան (նստած), անունը անծանօթ (ոտքի), Եոհաննէս Էհմանն (նստած, գերմանական միսիոնին ընդհանուր տնօրէն եւ ուսուցիչ), Բենիամին Ժամկոչեան (նստած), Յովհաննէս Ֆրաունեան (ոտքի), Շահէ (նստած), Հայկ Վարդանեան (նստած)։ Աջին, փոքր սեղանին շուրջ, նկարին ամէնէն աջ ծայրը՝ Պետրոս Ղարիպեան (նստած), Արամ Գալայճեան (ոտքի), անծանօթ (նստած), Սարգիս (նստած), Մարտիրոս (ոտքի), Յակոբ Գրիգորեան (նստած),Գրիգոր Սաղաթէլեան (նստած), Նշան Սիմոնեան (նստած)։ Ամէնէ առջեւը, գետին նստած՝ Նշան (ձախին), Ղազարոս (աջին) (Աղբիւր՝ Բենիամին Ժամկոչեան, Պատմութիւն Մամիւրէթ Իւլ Ազիզի գերման որբանոցներու, Պէյրութ, 1973)

Մեզիրէ. գերմանական որբանոցը, որբերն ու անձնակազմը(Աղբիւր՝ Ferdinand Brockes, Quer durch Klein-Asien, Gütersloh, 1900)

Փանուէլ (Pniel).- Աղջկանց որբանոց. կը նշանակէ «Աստուծոյ երեսը»։ Քառայարկ շէնքը կը գտնուի Մեզիրէ քաղաքէն անջատուած նոր թաղամասի մը մէջ՝ լայն պողոտայի մը եզրին։ Տեսչուհին է «Թանթէ» Կատարինէ Մատէր (1869- ??), որ Մեզիրէ կը ժամանէ 1899-ին։ Օգնականի պաշտօն վարած են Փաուլինէ Սայտէ եւ Թանթէ Ռէօտըր։ Այս որբանոցին հայ «մայրիկ»ները եղած են Զարուհի Յովհաննէսեան, Եղսա Աղայեկեան, Ալմաստ Յակոբեան, Մարիամ քոյր (տիարպեքիրցի), Մարգարիտ Ասատուրեան (բարջանճցի), Նազլի Միսաքեան (չմշկածագցի)։ Տարբեր տարիներու հոս խոհարարութիւն ըրած են՝ Թէվրիզ Մատթէոսեան (ծնեալ Առաքելեան, Խարբերդ քաղաքէն), Վարդուհի Մեսրոպեան, Սրմա Մինասեան։ Ասեղնագործութեան ուսուցչուհի՝ Մարթա։ Տնտեսվար («գնորդ») հայրիկ՝ Հաճի Մատթէոս Մատթէոսեան (Շէյխ Հաճի գիւղէն)։ Փանուէլի շէնքը ունի նաեւ բաղնիք, խոհանոց, ընդարձակ փակ եւ պարսպապատ պարտէզ։ Շէնքին պատերը հողէ աղիւսէ են, իսկ տանիքը՝ կղմինտրէ։ Գետնայարկը կը գործածուի իբրեւ մառան, երկրորդ եւ երրորդ յարկերը որբուհիներուն ննջարաններն են։ Իւրաքանչիւր սենեակի մէջ կայ 15-20 անկողին։ Չորրորդ յարկին վրայ կ՚ապրի տեսչուհի՝ Թանթէ Կատարինէն։ Սկզբնական տարիներուն որբերուն դպրոցն ալ Փանուէլի շէնքին մէջ տեղաւորուած էր։ Բայց երբ որբերուն եւ որբուհիներուն թիւը կը բազմանայ, դպրոցի համար առանձին շէնքեր կը կառուցուին եւ այս ձեւով Փանուէլի որբուհիներն ալ ամէն առտու իրենց յատկացուած դպրոցը կը սկսին յաճախել [12]։

Դաշտագնացութիւն Խարբերդի դաշտին մէջ տեղ մը. ներկաները շատ հաւանաբար Խարբերդի եւ Մեզիրէի ամերիկեան եւ գերմանական միսիոնարական դպրոցներուն ու որբանոցներուն անձնակազմերն են (Աղբիւր՝ Մարիա Եաքոպսէնի հաւաքածոյ)

Եղիմ (Elim).- Աղջկանց որբանոց. կը նշանակէ «Ծառեր»։ Փանուէլէն մօտ 200 մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող։ Տեսչուհին է Թանթէ Եէնի, իսկ օգնականը՝ Քլարա Փֆայֆըր։

1) Մեզիրէ, 1902. սքանտինաւիական Էմմաուս որբանոցը (Աղբիւր՝ Մարիա Եաքոպսէնի հաւաքածոյ)
2) Մեզիրէ, 1902. սքանտինաւիական Էմմաուս աղջկանց որբանցը (Աղբիւր՝ Մարիա Եաքոպսէնի հաւաքածոյ)
3) Մեզիրէ, 1910. Էմմաուսի որբուհիներէն խմբանկար (Աղբիւր՝ Մարիա Եաքոպսէնի հաւաքածոյ)
4) Մեզիրէի մէջ գերմանական որբանոց (Աղբիւր՝ Ferdinand Brockes,
Quer durch Klein-Asien, Gütersloh, 1900)
5)
Հայ որբուհիներ Մեզիրէի (կամ Խարբերդ քաղաքին) մէջ (Աղբիւր՝ Ferdinand Brockes, Quer durch Klein-Asien, Gütersloh, 1900)
6) Մեզիրէ, 1910. Էմմաուսի որբուհիները (Աղբիւր՝ Մարիա Եաքոպսէնի հաւաքածոյ)

Միսիոնարուհիներ Մեզիրէի մէջ, 1905-ին։ Ենսին Էօրթց (նստած, կեդրոնը), Պոտիլ Պեորն (նստած, ձախին), Հանզինէ Մարշըր (երկրորդ շարք, նստած, ձախին), Ալմա Եոհանսսոն (առաջին շարք, ձախին)։ Միւսները՝ Եէնի Ենսեն եւ Վիլհելմինէ (Մինա) Կրիւնհակըն (Աղբիւր՝ Maria Jacobsen, Diaries of a Danish Missionary, Harpoot, 1907-1919, translated by Kristen Vind, edited by Ara Sarafian, London, 2001)

Էմմաուս (Emaus).- Աղջկանց որբանոց. կը նշանակէ «Արհամարհուած ժողովուրդ»։ Հիմնուած է 1901-ին՝ սքանտինաւիական (Kvindelige Missions Arbejdere (KMA)) լութերական միսիոնին կողմէ, որ մասնաճիւղեր ունի Շուէտի, Դանիոյ եւ Նորվեկիոյ մէջ։ Առաջին տարին այստեղ կը պաստպարուին 12 որբուհիներ, թէեւ հետագայ տարիներուն անոնց թիւը կը բարձրանայ մինչեւ 73-ի։ Այստեղ պաշտօնավարած առաջին միսիոնարուհին է՝ Ենսին Էորթց (հետագային Փեթերս)։ 1906-ին տեսչութեան պաշտօնին անոր կը յաջորդէ Վիլհելմինէ (Մինա) Կրիւնհակըն։ Այստեղ պաշտօնավարած են՝ Քրիսթա Համմըր, Քրիսթիան Պլաք, Մարիա Եաքոպսէն (1882-1960), Եէնի Ենսեն, Պոտիլ Պեորն (1871-1960)։ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի բռնկումէն առաջ, տեսչուհի Կրիւնհակըն կը վերադառնայ Դանիա եւ անոր կը յաջորդէ Քարէն-Մարի Փեթերսեն։ Նշենք նաեւ որ Էմմաուսի որբերը կը յաճախեն Հանզինէ Մարշըրի տնօրէնութեան տակ գտնուող դպրոցը։ Որբանոցին տնտեսվարի («գնորդ») պաշտօն վարած են յաջորդաբար Խաչատուր Պօյաճեան եւ Գրիգոր Մաղաքեան [13]։

Մեզիրէ, 1903. սքանտինաւիական Էմմաուս աղջկանց որբանոցէն ընդհանուր տեսարան (Աղբիւր՝ Մարիա Եաքոպսէնի հաւաքածոյ)

Մարանաթա (Maran-atha).- Աղջկանց որբանոց. կը նշանակէ «Երբ Տէրը գայ»։ Տեսչուհին է Աննա Եէնսեն (գերմանացի)։ Յարաբերաբար փոքր շէնք մը, ուր կը պատսպարուին մօտ 150 որբուհիներ։ Կը գտնուի Մեզիրէի ծայրամասը՝ տղոց որբանոցին մօտիկ։ Ունի ընդարձակ պարտէզ մը, ուր շատ են թթենիները [14]։

Հիւանդանոց.- Գլխաւոր պատասխանատուն եղած է Լաուրա Մէօհրինկ (գերմանացի)։ Հիւնդանոցը կը կոչուի «Եփրատ»։ Այստեղ պաշտօնավարող բժիշկն է Միքայէլ Յակոբեան [15]։

Ամարանոց-ապաքինարան.- Շէնքը կառուցուած է Վերին Մեզիրէի ամէնէն բարձր կէտին վրայ։

Կոյրերու եւ այրի կնոջ յատկացուած շէնք.- Պատասխանատու՝ Փաուլին Վիըլանտ։

Արհեստանոցներ (կօշկակարան, ատաղձագործարան, երկաթագործարան, փուռ, մանարան).- Ատաղձագործարանին վարպետ ուսուցիչն է Մարտիրոս Մատթէոսեան։ Կօշկակարութեան արհեստանոցը կը յանձնուի Կիւսթաւ Փալենթինի տեսչութեան։ Վարպետ կօշկակարներն են՝ Հերմանն Շիփքէ եւ Կարապետ։ Երկաթագործարանի վարպետն է՝ Քարլ Եունկ, երկրագործական աշխատանքներունը՝ Շիփքէ։ Մանարանի վարպետն է՝ Յակոբ (արաբկիրցի)։ Արհեստանոցները կը հաստատուին Մարանաթա կոչուող միսիոնարական շէնքին մէջ, որ կը գտնուի Իճատիէ թաղամասին ծայրամասը, այգիներու կողքին [16]։

1) Մեզիրէ. մաս սանտրելու «արարողութիւն» Փանուէլի աղջկանց գերմանական որբանոցին մէջ (Աղբիւր՝ Բենիամին Ժամկոչեան, Պատմութիւն Մամիւրէթ Իւլ Ազիզի գերման որբանոցներու, Պէյրութ, 1973)
2) Մեզիրէ. սքանտինաւիական Էմմաուս աղջկանց որբանոցը
(Աղբիւր՝ Բենիամին Ժամկոչեան, Պատմութիւն Մամիւրէթ Իւլ Ազիզի գերման որբանոցներու, Պէյրութ, 1973)
3)
Էմմաուսի որբուհիներ եւ ուսուցչուհիներ։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Վերոն, Տիրուհի քոյր, Աննակիւլ, Վարդեր, Վերժին, Մարգարիտ, Մարիցա, Նուարդ, Մարգարիտ։ Նստած, ձախէն աջ՝ Մարիամ վարժուհի, Քարէն-Մարի Փեթերսեն, այս վերջինին գիրկը՝ Թուտի, Թագուհի (Աղբիւր՝ Բենիամին Ժամկոչեան, Պատմութիւն Մամիւրէթ Իւլ Ազիզի գերման որբանոցներու, Պէյրութ, 1973)
4)
Մեզիրէ, որբեր՝ Աբենեզեր տղոց որբանոցի առաջին յարկի պատշգամին վրայ (Աղբիւր՝ Բենիամին Ժամկոչեան, Պատմութիւն Մամիւրէթ Իւլ Ազիզի գերման որբանոցներու, Պէյրութ, 1973)
5)
Մեզիրէ, Մատթէոսեան ընտանիքը։ Նստած, ձախին՝ Թէվրիզ Մատթէոսեան (ծնեալ Առաքելեան)՝ Փանուէլ որբանոցին խոհարարուհին։ Աջին՝ ամուսինը՝ Մատթէոս Մատթէոսեան՝ նոյն որբանոցին տնտեսվար «հայրիկ»ը։ Շուրջը իրենց զաւակները՝ Սամուէլ, Աղաւնի, Եսթեր, Ազնիւ, Նոյեմի, Լեւոն (Աղբիւր՝ Բենիամին Ժամկոչեան, Պատմութիւն Մամիւրէթ Իւլ Ազիզի գերման որբանոցներու, Պէյրութ, 1973)
6)
Մեզիրէ, գերմանական որբանոցին մէջ արհեստ սորվող տղաք։ Կեդրոնը, նստած՝ իրենց պատասխանատուն՝ Ռոբովամ Ճանճիկեան (Աղբիւր՝ Բենիամին Ժամկոչեան, Պատմութիւն Մամիւրէթ Իւլ Ազիզի գերման որբանոցներու, Պէյրութ, 1973)

«Մայրիկ» անուանումին տակ պէտք է հասկնալ այն կիները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը որբանոցի մէկ ընդհարձակ սենեակին պատասխանատուն է։ Սենեակին մէջ կը բնակին քանի մը տասնեակ տղաք կամ աղջիկներ։ «Մայրիկ»ն է որ կը հսկէ սաներուն հագուստին, ընդհանուր մաքրութեան, ճաշի բաժանումին, կարգապահութեան, աման լուալուն, բաղնիքին [17]։ Բայց «մայրիկ» կը կոչուին նաեւ որբերէն եւ որբուհիներէն շատ սիրուած միսիոնարուհի տեսչուհիները, ինչպէս օրինակ Աննա Եէնսենը, Մինա Կրիւնհակընը։ Միսիոնարուհիներուն յաճախ կը տրուի նաեւ գերմաներէն «Թանթէ» փաղաքշական անունանումը, որ կը նշանակէ մօրքուր կամ հօրքուր։ Իւրաքանչիւր որբանոցի շէնք ունի նաեւ իր ընդհանուր հսկիչը, որուն պարտականութիւններուն մաս կը կազմէ առաւօտեայ կոչնակը հնչեցնելը։ Տարուայ բոլոր եղանակներուն զարթնումի ժամը առտուայ 5-ն է։ Ապա, հսկիչը պէտք է հսկէ սաներուն լուացուելուն, անկողինները շտկելուն։ Ժամը 6։00-ին պէտք է հնչեցնէ առաւօտեայ աղօթքին կոչնակը, որմէ ետքն ալ նախաճաշինը։ Դասերու պահուն հսկիչը ազատ է, բայց երեկոյեան կրկին գործի վրայ է ան, պէտք է հսկէ ընթրիքի բաժանման, սաներուն դաս սերտելուն, իսկ երեկոյեան ժամը 9։00-ին ալ կը հնչեցնէ պառկելու կոչնակը։ Հսկիչն է նաեւ որ որբերուն կ՚ընկերակցի կիրակնօրեայ հաւաքոյթներուն, հաստատութենէն դուրս պտոյտներու [18]։ Իւրաքանչիւր որբանոց ունի նաեւ իր «գնորդ»ը, որ գերմաներէն Einkäufer բառին հայերէն թարգմանութիւնն է։ Ան միշտ տղամարդ մըն է եւ ընդհանրապէս իր ընտանիքով կ՚ապրի հաստատութեան շէնքին մէջ։ Պարտականութիւնն է որբանոցին համար անհրաժեշտ սնունդի եւ այլ պէտքերու գնումները ընել, զբաղուիլ շէնքին այլազան նորոգութիւններով, ապահովել վառելափայտը, եւայլն։

Մեզիրէ քաղաքէն տեսարան մը։ Նկարին խորքին կ՚երեւի Խարբերդ քաղաքը՝ լերան գագաթին (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, Նիւ Եորք, 1959)

Որբանոցներուն մէջ իւրաքանչիւր սան եւ սանուհի ունի իր յատուկ թուանշանը, որուն գործածութիւնը շատ ընդհանրացած է հաստատութեան առօրեային մէջ։ Այս թուանշանները կարուած կ՚ըլլան որբերուն եւ որբուհիներուն բոլոր հագուստներուն եւ նշուած կ՚ըլլան անոնց անձնական գոյքերուն վրայ։ Ոմանց թուանշանին կողքին աւելցուած է նաեւ առաւելի նշանը. այս կը նշանակէ որ անոնք Շառլոթին ֆոն Պարանոֆին որդեգիր որբուհիներէն են։ Որբանոց եւ դպրոց կը գտնուին տարբեր վայրերու մէջ։ Ամէն առտու, սաներն ու սանուհիները երկու-երկու շարուած դուրս կու գան իրենց որբանոցէն եւ կ՚ուղղուին դպրոց։ Կը պատմուի որ այս երթեւեկութեան ընթացքին տեղացի թուրքեր կը յարձակին հայ որբերուն վրայ եւ երկու կողմերը փայտերով զինուած՝ կը կռուին [19]։

Մեզիրէի մէջ բաւական յայտնի է նաեւ գերմանական որբանոցներուն նուագախումբն ու երգչախումբը։ Նուագախումբին մէջ կը գործածուի ջութակ, երգեհոն, դաշնակ, փող եւ թմբուկ։ Իսկ երգչախումբը քառաձայն է եւ կը ղեկավարուի Մարտիրոս Պուճիգանեանի (1880, Չնքուշ-1935) կողմէ։ Ան հայացուցած է գերմաներէն շարք մը յայտնի հոգեւոր երգեր։ 1908-ին՝ Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, կը սկսին նաեւ երգուիլ հայկական ազգային երգեր [20]։

1) Մեզիրէ, գերմանական որբանոց. երեք որբեր՝ Մկրտիչ, Մինաս, Բիւզանդ։ Ձախին գտնուող երախան ձեռքին բռնած է պուպրիկ մը, որ նուէր է որբանոցին Գերմանիոյ բարերարներէն (Աղբիւր՝ Sonnen-Aufgang, Heft 11., 14. Jahrgang, August 1912)
2); 3)
Երկու լուսանկար Բենիամին Ժամկոչեանէն՝ Մեզիրէի գերմանական որբանոցի սաներէն (Աղբիւր՝ Բենիամին Ժամկոչեան, Պատմութիւն Մամիւրէթ Իւլ Ազիզի գերման որբանոցներու, Պէյրութ, 1973)

Մարզանքն ալ իր նշանակելի տեղը ունի գերմանական որբանոցի սաներուն կեանքին մէջ։ Տարածուած մարզախաղերէն մէկը ֆութպոլն է, որ կ՚ըսուի թէ Էրնսթ Զոմմըրն է որ առաջին անգամ զայն Խարբերդի շրջան կը մտցնէ։ Ան տաս տարիէ աւելի ապրած է Անգլիոյ մէջ եւ այստեղ է որ ան դարձած է այս մարզախաղին սիրահարն ու կիրարկողը։ Ամէն տարի ֆութպոլի սպասուած ճակատում մը տեղի կ՚ունենայ Մեզիրէի գերմանական հաստատութեան որբերու խումբին եւ Եփրատ գոլէճի տղոց միջեւ։ Որբերուն համար սպասուած պահեր են նաեւ տօնական կարգ մը օրեր, երբ հսկիչներուն ընկերակցութեամբ անոնք քալելով դաշտագնացութեան կ՚երթան Խարբերդի դաշտի կարգ մը հանրածանօթ վանքեր։ Այցելութեան այսպիսի վայրեր են Խուլավանքը, Սուրսուրի վանքը, հազուադէպ պարագաներու ալ Զարդառիճի վանքը, որ աւելի հեռու վայրի մը մէջ կը գտնուի [21]։

Մեզիրէի գերմանական միսիոնը ամենայն լրջութեամբ մօտեցած է իր որբերուն եւ որբուհիներուն կրթութեան գործին։ Ասոր ապացոյցն է կրթական բարձր որակով յատկանշուող իր դպրոցները։ Այս գործին գլուխն է Էրնսթ Զոմմըր (1881-1952) գերմանացի միսիոնարը, որ 1906-էն կը սկսի վարել Մեզիրէի գերմանական կրթական բոլոր հաստատութիւններուն ընդհանուր տեսուչի պաշտօնը։ Ան նաեւ կը ստանձնէ նոյն քաղաքին մէջ բացուած գերմանական «Ուսուցչանոց»ին տնօրէնութիւնը։ Էրնսթ Զոմմըրի իսկ բառերով, գերմանական միսիոնին գլխաւոր առաքելութիւններէն մէկն է հայ ուսուցիչ պատրաստելը։ Այնպէս որ առաջին իսկ պահէն մեծ կարեւորութիւն տրուած է «Ուսուցչանոց»ի գործունէութեան։ Որբերը այս հաստատութենէն ներս ձրի ուսում կը ստանան, բայց պարտաւոր են հետագային չորս տարի շարունակ միսիոնին ճշդած դպրոցին մէջ (Մեզիրէի մէջ կամ այլուր) ուսուցչութիւն ընել [22]։

Հայ որբերը Մեզիրէի գերմանական որբանոցէն ներս՝ օսմանեան բանակի զինուոր ծպտուած (Աղբիւր՝ Sonnen-Aufgang, Heft 11., 14. Jahrgang, August 1912)

Հետաքրքրական է որ գերմանական հաստատութիւններուն մէջ գերմաներէն լեզուին դասաւանդութիւնը տիրական ներկայութիւն մը չէ։ Տիրապետողը հայերէնն է, զոր սորված են նաեւ գերմանական հաստատութիւններէն ներս պաշտօնավարող շատ մը միսիոնարներ եւ միսիոնարուհիներ։ Ասոնց լաւագոյն օրինակներէն են Զոմմըրն ու միսիոնին ղեկավար Էհմաննը։ Այն տպաւորութիւնը ունինք որ գերմանացի միսիոնարներուն (ասոնց շարքին յատկապէս Զոմմըրի) մօտ կը տիրէ այն համոզումը, որ գերմանական մանկավարժական մեթոտը սքանչելի օրինակ մըն է, մոտէլ մըն է, որմէ պէտք է օգտուի նաեւ հայկական ընկերութիւնը։ Այլ խօսքով, Մեզիրէի «Ուսուցչանոցը» աւարտող երիտասարդը հետագային իր ստացած գիտելիքները պիտի տարածէ հայկական այլ հաստատութիւններու մէջ եւ այս ձեւով մասնակցութիւն բերած պիտի ըլլայ լուսաւորման ընդհանուր գործին։ Այս պատճառով ալ հայերէնին կարեւորութիւնը չափազանց կարեւոր կը գտնեն անոնք, զայն կը համարեն լուսաւորութիւնը տարածելու մատչելի գործիքը։ Նոյն Զոմմըրն է որ կը կարծէ թէ Խարբերդի եւ Մեզիրէի ամերիկեան եւ ֆրանսական կրթական հաստատութիւններէն շրջանաւարտ շատ մը երիտասարդներ հետագային կը գաղթեն Ֆրանսա եւ Միացեալ Նահանգներ, հետեւաբար անոնք պէտք է լաւապէս տիրապետեն ֆրանսէրենին եւ անգլերէնին։ Մինչ, Զոմմըրի կարծիքով, գերմանական միսիոնը չի քաջալերեր գաղթը, այլ կը փորձեն իրենց պատրաստած հայ ուսուցիչը պահել այստեղ եւ զայն պաշտօնի դնել հայկական կրթական հաստատութիւններու մէջ։ Գերմանական դպրոցներուն մէջ գերմաներէնին զուգահեռ նոյնքան եւ աւելի կարեւորութիւն կը տրուի անգլերէնին դասաւանդման։ Այս ալ պէտք է բացատրել այն փաստով, որ գերմանական միսիոնը Մեզիրէի մէջ գոլէճի մակարդակի կրթական հաստատութիւն չունի։ Երկրորդականը աւարտող բոլոր աշակերտներն ու աշակերտուհիները «Ուսուցչանոց» չեն ընդունուիր, այլ անոնցմէ ոմանք կը մտնեն Խարբերդի ամերիկեան գոլէճը՝ աւելի բարձր կրթութիւն ստանալու համար։ Իսկ այստեղ անհրաժեշտ է լաւապէս տիրապետել անգլերէնին եւ այս մէկը գործնական պատճառ մըն է, որ անգլերէնին յատուկ ուշադրութիւն տրուի Մեզիրէի գերմանական հաստատութիւններուն մէջ [23]։

Մինասեան ընտանիքը։ Ոտքի, աջէն առաջինը՝ Նշան Մինասեան, Մեզիրէի գերմանական վարժարանի ուսուցիչներէն (Աղբիւր՝ Բենիամին Ժամկոչեան, Պատմութիւն Մամիւրէթ Իւլ Ազիզի գերման որբանոցներու, Պէյրութ, 1973)

Մեզիրէի գերմանական դպրոցներուն կրթական համակարգը բաւական նման է Եփրատի ամերիկեան գոլէճին։ Այսպէս, նախակրթարանը (մանկարան) կը տեւէ երեք տարի, ապա՝ միջնակարգ (կրթարան)՝ չորս տարի, իսկ ասոր կը յաջորդէ երկրորդականը (վարժարան), ուր դասաւանդութիւնները կը տեւեն երեք տարի։ Դասաւանդուող գլխաւոր նիւթերն են՝ հայերէն, թրքերէն, անգլերէն, Ս. Գիրք, թուաբանութիւն, իրագիտութիւն, աշխարհագրութիւն, գծագրութիւն, գեղագրութիւն, երաժշտութիւն։ Երկրորդական կարգերուն մէջ է որ կը սկսի ուսուցուիլ գերմաներէն, ընդհանուր պատմութիւն եւ գրահաշիւ [24]։ Միայն որբերուն վերապահուած հաստատութիւններ չեն Մեզիրէի գերմանական դպրոցները։ Հոն կը յաճախեն նաեւ քաղաքին մէջ ապրող այլ աշակերտներ եւ աշակերտուհիներ, որոնց շարքին ամէնէն աւելի հայեր (բողոքական եւ լուսաւորչական), ինչպէս նաեւ ասորիներ։ Օրինակի համար, 1913-ի տուեալներով, տղոց դպրոցին (նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական միասին) աշակերտութեան թիւն է 332, որոնցմէ 193-ը միսիոնին խնամած որբերն են, իսկ մնացեալ 139-ը Մեզիրէ ապրող ընտանիքներու զաւակներ։ Նախակրթարանը կը հաշուէ 194 աշակերտ (112 որբ), միջնակարգը՝ 108 (64 որբ), երկրորդականը՝ 30 (17 որբ) [25]։

1) Մեզիրէ. Փանուէլ աղջկանց գերմանական որբանոցը (Աղբիւր՝ Բենիամին Ժամկոչեան, Պատմութիւն Մամիւրէթ Իւլ Ազիզի գերման որբանոցներու, Պէյրութ, 1973)
2) Մեզիրէ. ձախին՝ բողոքական եկեղեցին, աջին՝ Էմմաուս աղջկանց որբանոցը
(Աղբիւր՝ Բենիամին Ժամկոչեան, Պատմութիւն Մամիւրէթ Իւլ Ազիզի գերման որբանոցներու, Պէյրութ, 1973)
3)
Մեզիրէ, գերմանական հաստատութիւններ. «Ռամա» (ձախին, գերմանական դպրոց), «Աբենեզեր» տղոց որբանոց (կեդրոնը)։ Նկարին աջին կ՚երեւին հացի փուռը, երկաթագործարանը եւ արհեստ սորվողներու գիշերօթիկը։ Նկատելի է որ նկարին վրայ կարդացուող բացատրութիւնը տարբեր է։ Մեր տեղեկութիւնները առնուած են Բենիամին Ժամկոչեանին գիրքէն, որ նոյն նկարին համար վերոնշեալ բացատրութիւնը կու տայ (Աղբիւր՝ Բենիամին Ժամկոչեան, Պատմութիւն Մամիւրէթ Իւլ Ազիզի գերման որբանոցներու, Պէյրութ, 1973)
4) Մեզիրէ. Փանուէլ աղջկանց որբանոցը (Աղբիւր՝ Sonnen-Aufgang, Heft 8., 16. Jahrgang, Mai 1914)

Դպրոցական ցանցին ընդհանուր տնօրէնն է Էրնսթ Զոմմըր, որուն առաջին օգնականներն են Կարապետ Մուշեղեան (կամ Մուսեղեան) եւ Արշակ Ռումեան։ Այստեղ դասաւանդած ուսուցիչներէն կը յիշուին՝

  1. Գէորգ Զուլումեան՝ հայերէն եւ գրականութիւն
  2. Հայկ Արամեան (զէյթունցի)՝ հսկիչ, ուսուցիչ եւ գրադարանապետ
  3. Նազարէթ Զուղալեան (բալուցի)՝ մանկարանի ուսուցիչ
  4. Խաչիկ Քէօսէեան
  5. Միհրան Գաբրիէլեան (մշեցի)
  6. Յակոբ Մովսէսեան (չնքուշցի). որոշ ժամանակ եղած է կրթարանի տեսուչ, ապա՝ տղոց որբանոցին ընդհանուր հսկիչ
  7. Գրիգոր Ժամկոչեան (մալաթիացի)
  8. Գրիգոր Մանուկեան (1881, Չնքուշ-1972)
  9. Յակոբ Տեփոյեան
  10. Գասպար Պօյաճեան (բերդակցի)՝ թրքերէնի ուսուցիչ
  11. Մարտիրոս Գէորգեան (չնքուշցի)՝ հսկիչ եւ թուաբանութեան ուսուցիչ
  12. Արշակ Ռումեան (այնթապցի)
  13. Գրիգոր Տաղլեան (այնթապցի)
  14. Յարութիւն Տիքիճեան (սեւերեկցի)՝ թրքերէնի ուսուցիչ եւ հաստատութեան թարգման
  15. Մարտիրոս Պուճիգանեան (չնքուշցի)՝ գերմաներէնի, հոգեբանութեան եւ երաժշտութեան ուսուցիչ
  16. Կարապետ Մուսեղեան (խարբերդցի)՝ բնական գիտութիւններու ուսուցիչ։ Գերմանիոյ մէջ կը կատարելագործէ ուսումը
  17. Կիրակոս Խաչատուրեան
  18. Ասատուր Եղոյեան
  19. Դաւիթ Փախչոյեան
  20. Յովնան Սինանեան
  21. Պետրոս Կարապետեան (բարջանճցի), կրօնագիտութեան ուսուցիչ
  22. Պաղտասար Ղազարոսեան (1875, Կարմրի-1957). աղջկանց դպրոցին տեսուչը
  23. Միքայէլ Յակոբեան
  24. Գրիգոր Խայիկեան (1884, Խույլու-1967), 1913-ին կ՚ուղարկուի Գերմանիա, ուր կը մասնագիտանայ մանկավարժութեան, հոգեբանութեան եւ ընկերաբանութեան մէջ
  25. Ահարոն Կարապետեան (խոխցի), կը սպաննուի 1915-ին
  26. Նշան Մինասեան
  27. Նազարէթ Մքլեան (սեբաստացի)
  28. Արամ Կիւզէլեան (սեբաստացի), կը սպաննուի 1915-ին [26]

Մեզիրէ, գերմանական որբանոց. որբերը դերձակութիւն սորվելու արհեստանոցին մէջ (Աղբիւր՝ Sonnen-Aufgang, Heft 2., 15. Jahrgang, November 1912)

Աղջկանց վարժարանին տնօրէնուհին է Հանզինէ Մարշըր (դանիացի)։ Այստեղ պաշտօնավարած ուսուցչուհիներէն կը յիշուին՝ Քլարա Փֆայֆըր, Մոնիքա Քնաք, Եփրատ գոլէճէն շրջանաւարտուհիներ՝ Եւա, Հայկանուշ Խայաճանեան, Խումար, Նարդուհի Մինասեան, Էլմաս Աբգարեան, Եւա Աւետիսեան, Անահիտ Պօղոսեան, Եղսա Աղաճանեան, Սառա Ազնաւորեան, Սառա Փիրանեան, Էլմաս Գապուլեան, Մարիամ Ծաղիկ (Թերզեան), Մեզիրէի գերմանական սեմինարէն շրջանաւարտուհիներ՝ Աննակիւլ, Եղսա Շուշանեան, Իսկուհի, Մարթա Մինասեան, Խանըմ Գասապեան, Աղաւնի Ասատուրեան, Ալթուն Առաքելեան, Աննա Պօղոսեան, Վարդանուշ Յարութիւնեան, Մարինոս Յովհաննէսեան, Եսթեր Յովսէփեան, Լուսիա Յովհաննէսեան, Խաչխաթուն, Ռեբեկա Բարեջանեան, Սառա Մկրտիչեան, Վարդուհի Յակոբեան, Վառվառ Լէյլէկեան, Եսթեր Տէմիրճեան, Մենտուհի Պօղոսեան, Փայլածու Ազնաւուրեան, Ազնիւ Պաղտասարեան, Մարիամ Մանուկեան, Սաթենիկ Մանուկեան, Մարթա Սահակեան, Արշալոյս Յովհաննէսեան, Մարիցա Յովհաննէսեան, Ժէնէվիեւ, Աղաւնի Անթարամեան [27]։

Մեզիրէի հայ որբուհիներուն ձեռագործները, որոնք միսիոնարներուն կողմէ կը վաճառուէին Գերմանիոյ մէջ։ Գոյացած գումարը կը գործածուի որբանոցին պէտքերուն համար (Աղբիւր՝ Sonnen-Aufgang, Heft 12., 15. Jahrgang, September 1913)

1911 թուականի տուեալներով աղջկանց այս երկրորդական վարժարանը յաճախող աշակերտուհիներուն թիւը 372 է [28]։

Գերմանական վարժարանի առաջին շրջանաւարտ սերունդէն կը յիշուին հետեւեալներուն անունները. Մաքրուհի Յովհաննէսեան (բալուցի), Մարգարիտ Նալպանտեան (իջմեցի), Սառա Ազնաւուրեան (արփաուտցի), Աննակիւլ Բարեջանեան (հիւսէնիկցի), Բրաբիոն Մարկոսեան (իջմեցի)։

Երկրորդ սերունդի շրջանաւարտուհիներն են՝ Սառա Մանուկեան (կէօլճիւքցի), Սառա Պօղոսեան (բարջանճցի), Աննա Պօղոսեան (բալուցի), Մարիցա Արիստագէսեան, Պատասխան Յովհաննէսեան (բերդակցի), Իսկուհի Մանուկեան (բարջանճցի), Սանդուխտ (բալուցի), Մարիամ Ծաղիկ Յովհաննէսեան (բալուցի)։

Երրորդ սերունդի շրջանաւարտուհիներ՝ Արմէնուհի Չըրըքեան (զէյթունցի), Ազնիւ Պաղտասարեան (եղեգցի), Եւնիկէ Մընջըրեան (մարաշցի), Մարթա Սահակեան (բարջանճցի), Մարինոս Յովհաննէսեան (խոխցի), Մարգարիտ Երեմեան (խոխցի), Սաթենիկ Մանուկեան (Խարբերդ քաղաքէն), Մարիամ Սամուէլեան (մարաշցի), Մարիամ Կարապետեան, Պայծառ Շահինեան, Խանըմ Գասապեան (բալուցի), Վարդանուշ Յարութիւնեան (բալուցի), Աղաւնի Տէմիրճեան (մեզիրէցի), Նուարդ Ճանճիկեան (մեզիրէցի)։

Չորրորդ սերունդի շրջանաւարտուհիներ՝ Մարգարիտ Մէրկէրեան (մարաշցի), Եսթեր Յովսէփեան, Մարգարիտ Սարգիսեան, Մարիամ Մանուկեան, Թուրվանտա Թադէոսեան, Անթառամ (վանեցի), Աշխէն [29]։

Կրօնական մթնոլորտը անբաժան է որբանոցային եւ դպրոցական կեանքին մէջ։ Այսպէս, ամէն առտու, իւրաքանչիւր որբանոցի պատասխանատուն իր սաները կը համախմբէ, ապա հաւաքաբար կը սկսին հոգեւոր երգեր երգել, իսկ ասկէ ետքն ալ նոյն պատասխանատուն կը կատարէ Աստուածաշունչեան ընթերցումներ, որոնց կը յաջորդէ նաեւ բարոյախօսութիւն մը։ Աշակերտներն ու աշակերտուհիները այնուհետեւ կ՚ուղղուին իրենց դպրոցը, ուր բաժնի տնօրէնը դարձեալ քառորդ ժամ տեւողութեամբ կը կրկնէ այս արարողակարգը։ Նոյն բանը կը կրկնուի նաեւ երեկոյեան, երբ սաները կը վերադառնան իրենց որբանոցը։ Կիրակի օրերը կրօնա-հոգեւորական յայտագիրը շատ աւելի ճոխ է։ Այսպէս, առտուները, ժամը 8-ին կամ 9-ին, սաները պարտաւոր են ունկնդրել մէկ ժամ տեւողութեամբ կրօնական քարոզ մը։ Ժամը 10-ին կամ 11-ին կը վերադառնան իրենց սենեակները, ուր կը սերտեն հոգեւոր երգեր։ Կէսօրէ ետք, բոլոր որբերը կը հաւաքուին Մեզիրէի բողոքական ժողովարանը, ուր տեղի կ՚ունենայ քարոզ, կ՚երգուին հոգեւոր երգեր։ Իսկ երեկոյեան, ամէն օրուայ նման տեղի կ՚ունենայ իրիկնային աղօթքը [30]։

Դպրոցը օժտուած է արդի բնալուծարանով մը, որ կը գործածուի գիտական դասերուն համար [31]։

Գերմանական միսիոնին աշակերտները կը սկսին հրատարակել «Ծիրանի» թերթը, որմէ կը հրատարակուի տաս թիւ։ Խմբագիրն է Թորոս Պօղոսեան, որ կը ստորագրէ Քաշառիկ Քեաթիպա ծածկանունով։ Ասոր կը յաջորդէ «Ամէնուն համար» թերթը, որ կը տպուի Եփրատ գոլէճի տպարանին մէջ։ Կը յիշուի նաեւ «Հայրենի առուակ» ձեռագիր հանդէս մը, որուն խմբագիրն է Նշան Փաշկանց։ Լոյս կը տեսնէ մէկ օրինակ, որ ձեռքէ-ձեռք կը շրջագայի [32]։

1) Յովհաննէս (ձախին) եւ Բենիամին (աջին) Ժամկոչեան եղբայրները։ Երկու այս որբերը (Հայնի գիւղէն) մանուկ հասակէն մտած են Մեզիրէի գերմանական որբանոցը, աւարտած են տեղւոյն գերմանական վարժարանը, ապա շրջանաւարտ ելած են նոյն քաղաքի գերմանական Ուսուցչանոցէն (Աղբիւր՝ Բենիամին Ժամկոչեան, Պատմութիւն Մամիւրէթ Իւլ Ազիզի գերման որբանոցներու, Պէյրութ, 1973)
2)
Սեդրաք Զաւէն (Չաքմիշեան, Գասպարեան) (Աղբիւր՝ Բենիամին Ժամկոչեան, Պատմութիւն Մամիւրէթ Իւլ Ազիզի գերման որբանոցներու, Պէյրութ, 1973)

1912-ի տուեալներով գերմանական միսիոնին պատկանող այս ամբողջ համալիրին մէջ (ներառեալ դանիական որբանոցն ու ուսուցչանոցը) կը պատսպարուին 750 որբեր եւ որբուհիներ։ Իսկ նոյն համալիրին մաս կազմող դպրոցները կը յաճախեն 950 աշակերտներ եւ աշակերտուհիներ [33]։ Աշակերտ-աշակերտուհիներուն թիւը աւելի բազմացած կը գտնենք 1914-ի տեղեկագիրին մէջ։ Այսպէս, նշեալ տարին, ընդհանուր թիւն է 1055, որոնցմէ 415-ը կը յաճախեն աղջկանց վարժարանը, 355-ը տղոց վարժարանը, 21-ը՝ «Ուսուցչանոց»ը, 160-ը՝ երկու մանկապարտէզները, 104-ը՝ Փանուէլի վարժարանը [34]։

Գերմանական սեմինարը («Ուսուցչանոց») (Deutsches Lehrerseminar)

Տնօրէնն է Էրնսթ Զոմմըր, իսկ օգնականն է՝ Կարապետ Մուշեղեան։ Տղոց բաժինին մէջ դասաւանդութիւնները կը տեւեն չորս տարի, իսկ աղջկանց բաժինին մէջ՝ երկու տարի։ Բոլոր ուսանող-ուսանողուհիները պարտաւոր են գիշերօթիկ մնալ։ Անոնք մեծ մասամբ կ՚ընտրուին Մեզիրէի գերմանական դպրոցներու շրջանաւարտ որբերէն, բայց կան նաեւ ուրիշներ, որոնք հոս կու գան Մարաշի, Վանի եւ Մուշի գերմանական այլ հաստատութիւններէն։ Նոյնպէս պարտադիր է որ ուսանողներն ու ուսանողուհիները եկեղեցիի (բողոքակա՞ն) գործօն անդամը ըլլան։ «Ուսուցչանոց»էն ներս ուսումը ձրի է, պայմանաւ որ շրջանաւարտները հետագային չորս տարի ուսուցչութիւն ընեն գերմանական միսիոնին ճշդելիք հայկական կրթական հաստատութեան մը մէջ։ Իսկ անոնք որոնք կը մերժեն այս նախապայմանը, այն ատեն պէտք է վճարեն տարեկան 14 օսմանեան ոսկիի կրթաթոշակ մը [35]։

Դասաւանդման լեզուն հայերէնն է։ 1910-ական թուականներէն սկսեալ կարելիութիւններ կը ստեղծուին կարգ մը շրջանաւարտներ Գերմանիա ուղարկելու՝ մասնագիտացումի համար։ Այնպէս որ հարկ կը նկատուի գերմաներէն լեզուին դասաւանդման յաւելեալ ուշադրութիւն ընծայել հաստատութենէն ներս։ «Ուսուցչանոց»ին մէջ կը դասաւանդուին լեզուներ (հայերէն, թրքերէն, գերմաներէն, անգլերէն, ֆրանսերէն), գիտական նիւթեր, ուսողութիւն (թուաբանութիւն, գրահաշիւ, երկրաչափութիւն, երկրաչափական գծագրութիւն), ձայնամարզութիւն, գծագրութիւն, ջութակ, երգեհոն։ Նպատակն է, որ ընթացաւարտ ուսանողը կամ ուսանողուհին այս նիւթերէն որեւէ մէկը ապագային ձեռնհասօրէն կարենայ դասաւանդել։ Այս բոլորին կողքին կան անշուշտ նաեւ մանկավարժութեան եւ հոգեբանութեան դասերը։ Այսպէս, շաբաթական չորս պահ կը դասաւանդուի մանկավարժութեան պատմութիւն, չորս պահ ալ դաս աւանդելու մեթոտներ։ Հոգեբանութեան դասերը կը տրուին շաբաթական երկու պահի դրութեամբ։ Տղոց բաժնին վերջին երկու տարիներուն ընթացքին, ուսանողը շաբաթական 2-4 պահ կը դասաւանդէ նախակրթարանի աշակերտներուն։ Այս պահերուն պարբերաբար ներկայ կ՚ըլլայ նաեւ տնօրէն՝ Էրնսթ Զոմմըրը [36]։

1) Մեզիրէի գերմանական Ուսուցչանոցի շրջանաւարտներէն (1914)՝ Բենիամին Ժամկոչեանի վկայականը (Աղբիւր՝ Բենիամին Ժամկոչեան, Պատմութիւն Մամիւրէթ Իւլ Ազիզի գերման որբանոցներու, Պէյրութ, 1973)
2)
Մեզիրէ, 1907։ Գերմանական Ուսուցչանոցին շրջանաւարտ առաջին սերունդն ու ուսուցիչները։ Նստած (ուսուցիչները), ձախէն աջ՝ Մարտիրոս Պուճիգանեան, Կարապետ Մուսեղեան, Քարլ Եունկ, Եոհաննէս Էհմանն, Էրնսթ Զոմմըր, Պետրոս Կարապետեան։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Մարգար Ղուկասեան, Ահարոն Կարապետեան, Նշան Մինասեան, Գրիգոր Խայիկեան, Նշան Շմաւոնեան (Աղբիւր՝ Բենիամին Ժամկոչեան, Պատմութիւն Մամիւրէթ Իւլ Ազիզի գերման որբանոցներու, Պէյրութ, 1973)

Հետաքրքրական փաստ է որ այնպէս ինչպէս Եփրատ գոլէճի մէջ, Մեզիրէի գերմանական «Ուսուցչանոց»ին մէջ նոյնպէս գոյութիւն ունին հնչակեան եւ դաշնակցական գաղտնի խումբեր, որոնք յաճախ ուսուցիչներէն եւ տնօրէնութենէն ծածուկ բանավէճեր կը կազմակերպեն Օսմանեան կայսրութիւնը յուզող ընկերային եւ քաղաքական նիւթերու շուրջ [37]։

Հայկական սկզբնաղբիւրներուն մէջ նշուած է որ այս հաստատութենէն ներս ընդունուելու համար ֆիզիքական ու առողջական թերութիւններ պէտք չէ ունենալ։ Այսպէս, կը յիշուի որ ուսանողի մը մուտքը կը մերժուի, պարզ այն պատճառով որ ձեռքի մէկ մատը պակաս էր, իսկ ուրիշ մը՝ գոնչ էր [38]։

1907 թուականին գերմանական Ուսուցչանոցի տղոց բաժինը կու տայ իր առաջին հունձքը. Ահարոն Կարապետեան (կը սպաննուի 1915-ին), Մարգար Ղուկասեան (կը սպաննուի 1915-ին), Գրիգոր Խայիկեան, Նշան Մինասեան, Նշան Շմաւոնեան [39]։

1909-ին կու տայ իր երկրորդ հունձքը, որմէ կը յիշուին Յովհաննէս Ղազարոսեանի եւ Յովհաննէս Եաղճեանի անունները [40]։

1911-ին՝ երրորդ հունձք։ Այս սերունդէն յիշուին Դաւիթ Կարապետեանի եւ Յովհաննէս Մելքոնեանի անունները [41]։

1913-ի հունձք. Գրիգոր Չիթճեան (գոմքցի, կը սպաննուի 1915-ին), Սեդրաք Չաքշիմեան (Գասպարեան, ծանօթ՝ Սեդրակ Զաւէն անունով, շեփիկցի), Ստեփան Աղճավանէսեան (մարաշցի, կը սպաննուի 1915-ին), Միսաք Սահակեան, Գրիգոր Պայտարեան (քղեցի, կը սպաննուի 1915-ին), Յովհաննէս Ժամկոչեան (հայնեցի), Միհրան Մելքոնեան, Միսաք Սահակեան (մշեցի, կը սպաննուի 1915-ին), Տիգրան Զէյթունցեան (մարաշցի) [42]։ Նոյն այս տարշրջանին մասին, Մեզիրէի գերմանական միսիոնին ղեկավար՝ Էհմանն, իր գրած տեղեկագիրին մէջ կու տայ հետեւեալ պատկերը. 17 շրջանաւարտներ, որոնցմէ 9-ը Մեզիրէէն, 4-ը Վանէն, 2-ը Քղիէն, մէկը Մուշէն եւ մէկը Սեբաստիայէն [43]։

1914-ի հունձք. Էմմանուէլ Թագաճեան (ֆռնուզցի, կը սպաննուի 1915-ին), Կարապետ Կարապետեան (բարջանճցի, կը սպաննուի 1915-ին), Յակոբ Գրիգորեան (չորգեղցի, կը սպաննուի 1915-ին), Բենիամին Ժամկոչեան (հայնեցի) [44]։

Իգական սեռի շրջանաւարտուհիներէն կը յիշուին հետեւեալ անունները. Մարիամ Թախախճեան (հետագային Տէր Յակոբեան), 1912-ի սերունդէն՝ Պայծառ Շահինեան (1895, Բալու-1969), Մարիամ Մաթիկեան, Մարիամ Պչաքճեան (1914-ի սերունդ) [45]։

Թադէոսեան Աստուածաշունչի դպրոց

Մեզիրէ, Թադէոսեան Աստուածաշունչի դպրոց։ Ուսանողներ, ոտքի, ձախէն աջ՝ անծանօթ, անծանօթ, Կարապետ Ալթունճեան, անծանօթ, Լուտեր Գալուստեան, Յակոբ Կարապետեան։ Նստած, ձախէն աջ՝ Ասատուր Եղոյեան եւ Եոհաննէս Էհմանն (Աղբիւր՝ Բենիամին Ժամկոչեան, Պատմութիւն Մամիւրէթ Իւլ Ազիզի գերման որբանոցներու, Պէյրութ, 1973)

Կը հիմնուի 1913-ին։ Դասընթացքները կը տեւեն երեք տարի։ Նախաձեռնողները կ՚ըլլան Էհման եւ վերապատուելի Ասատուր Եղոյեան։ Այս հաստատութեան մէջ ուսանողները կը սորվին աւետարանել եւ հոգեւոր գործունէութեան փորձառութիւն ձեռք ձգել։

Դպրոցին մէջ դասաւանդող դասախօսներէն կը յիշուին՝ Եոհաննէս Էհմանն (ընդհանուր պատմութիւն), վերապատուելի Ասատուր Եղոյեան (Ս. Գիրքի դասեր, քրիստոնէական ճշմարտութիւններու ապացոյցներ, հոգեւոր գործունէութիւն), վերապատուելի Պետրոս Կարապետեան (անգլերէն), վերապատուելի Յովնան Սինանեան (հայոց պատմութիւն), Մարտիրոս Պուճիգանեան (երաժշտութիւն)։

Թադէոսեան վարժարանը տակաւին իր առաջին շրջանաւարտները չհասցուցած, կը ստիպուի Յունիս 1915-ին վերջնականապէս փակել իր դռները։ Այստեղ յաճախած ուսանողներէն կը յիշուին՝ Մկրտիչ Մելքոնեան, Կարապետ Ալթունճեան (մալաթիացի), Ճորճ (մականունը անյայտ, Քիլիսէն յոյն մը), Զէքի Գալփաքճեան, Լուտեր Գալուստեան, Սարգիս Տէրտէրեան (ակնցի, կը սպաննուի 1915-ին) [46]։

1) Վերապատուելի Ասատուր Եղոյեան՝ Մեզիրէի Թադէոսեան Աստուածաշունչի դպրոցին հիմնադիրներէն (Աղբիւր՝ Բենիամին Ժամկոչեան, Պատմութիւն Մամիւրէթ Իւլ Ազիզի գերման որբանոցներու, Պէյրութ, 1973)
2) Վարդան ամու, Մեզիրէի գերմանական որբանոցներէն մէկուն մատակարարը։ Այստեղ, շալակին ունի հաց (Աղբիւր՝
Sonnen-Aufgang, Heft 2., 15. Jahrgang, November 1912)

Գիւղական վարժարաններ

Բարջանճ/Բերջենճ (ներկայիս Աքչաքիրազ)

Առաջին կանոնաւոր վարժարանը կը բացուի 1845 թուականին՝ եկեղեցւոյ հիւսիսային կողմը։ Այս մէկը յատկացուած է միայն տղոց։ Վարժապետն է Պրն. Պօղոս, որ գիւղին մէջ աւելի ծանօթ է «Կոզլուկճի (ակնոցաւոր) վարժապետ» մակդիրով։ Ան կը պաշտօնավարէ մօտ 25 տարի շարունակ։ «Վարժեպըտ, Գօգօս քիզի ամանաթ, միսը քիզի օսկորը ինծի», այսպէս պիտի ըսէ մայր մը, ըստ Մանուկ Ծերօնի նկարագրածին, երբ ան առաջին անգամ ըլլալով իր զաւակը դպրոց բերէ ու յանձնէ ուսուցիչին։ Այս տարիներուն բարջանճցիները հիմը կը դնեն գիւղին առաջին դպրոցական մարմինին, որուն կ՚անդամակցին Ադամ եւ Կարապետ Խուկաս եղբայրները, Պալիկանց տիրացու Մկրտիչը, Պէրպէր Աւագը, Պոյաճի Գրիգորը, Թորիկ Գաբօն, Թորիկ Օվակիմ ամուն, Հոտօ Կարապետը, Գամխազար Մկրտիչը, Կարօ Սարգիսը, Ուստա Խաչատուրը եւ Ուստա Պօղոս։

Բարջանճի մէջ կրթական գործի այս ռահվիրաները գիտակից են նոր ու աւելի պատրաստուած ուսուցիչներով դաստիարակութեան մը պէտքին։ Այնպէս որ 1870 թուականին անոնք հիմը կը դնեն Կրթասիրաց ընկերութեան որուն անդամակցելու համար պէտք է մուծել շաբաթական տուրք մը։ Այնուհետեւ, գիւղին վարժարանին տնօրէն կը նշանակուի Սարգիս Խոլդուխեան (Հողէ գիւղէն)։ Դպրոցը կը փոխադրուի Մղտեսի Գաբոյէն գնուած տան մը վերի յարկը, որ նախկինէն աւելի ընդարձակ է։ Սոյն վարժարանը շատ արագ զարգացում կ՚ապրի եւ 1888-ին նոյն շէնքին երկու յարկերն ալ կը յատկացուին կրթական այս հաստատութեան, որն այնուհետեւ կը դառնայ երկսեռ վարժարան մը՝ առանձին լսարաններով, գրասեղաններով, աթոռներով [47]։

Միացեալ Նահանգներ գտնուող պանդուխտ բարջանճցիներ նիւթական կարեւոր մասնակցութիւն կը բերեն վարժարանին այս ծախսերուն։ 1891 թուականին անոնք Մասաչուսեց նահանգին Ֆէլս աւանին մէջ կի հիմնեն Փերչենճ Գիւղի Լուսաւորչական Դպրոցասիրաց Ընկերութիւնը։ Բոլոր անդամներն ալ նոյն գործարանին (Boston Rubber) բանուորներն են։ Շատ արագ մասնաճիւղեր կը կազմուին ամերիկեան այլ քաղաքներու մէջ ՝ Ուստըր, Հուայթինսվիլ, Նակաթըքէթ, Քեմպրիճ, Չարլսթաուն, Մոլտըն, Սեյլըմ-Փիպոտի, Սթոնհեմ, Լորենս-Լովել, Հարթֆըրտ, Նիւ Պրիթընի, Մետիսըն, Մեյն, Ուօքիկըն-Շիքակօ, Քալիֆորնիա։ 1902-ին բարջանճցիներու այս մասնաճիւղերը կը հաշուեն արդէն մօտ 100 անդամներ։ Այս միութիւնը հետագային անունը կը փոխէ եւ կը սկսի կոչուիլ Խարբերդի Փերչենճ Գիւղի Հայ Ուսումնասիրաց Ընկերութիւն [48]։

Այս նոր փոփոխութիւններուն լոյսին տակ, 1891 թուականին նախկին Կրթասիրացը կը սկսի կոչուիլ Դպրոցասիրաց ընկերութիւն Փերչենճի, կը վերածուի պաշտօնական կազմակերպութեան մը՝ իր սեփական կնիքով։ Նիւթական նպաստը կը սկսի հասնիլ Միացեալ Նահանգներու հայրենակիցներէն։ Առաջին վարչութեան անդամներն են. Արմենակ Վարժապետեան (նախկին վարժապետ Կոզլուկճիի որդին), Կելէն Արութ, Կոտօ Արութ, Եաւան Կուրզօ, Կուկու Արութ, Ապունա Մկրտիչ, Տէր Խուկասենց Խուկաս, Կարօ Պօղոս։ Բոլոր անդամներն ալ պարտաւոր են ամսական անդամավճար մը մուծել կազմակերպութեան գանձանակին մէջ։ Բացի այս, աշակերտներէն կը սկսի պահանջուիլ տարեկան թոշակ մը, որ կրնայ ըլլալ 5, 2 կամ 1 դահեկան՝ ըստ ծնողներուն նիւթական կարողութեան։ Տնտեսական շատ անցուկ վիճակի մէջ գտնուող ընտանիքներուն համար ուսումը կը յայտարարուի ձրի։ Այդ օրերէն սկսեալ վարժարանին ուսուցիչները կ՚ըլլան Խարբերդի եւ Մեզիրէի բարձրագոյն վարժարանները եւ գոլէճները աւարտած անձեր։ Բարջանճի դպրոցը կը սկսին յաճախել շրջակայ գիւղերէն աշակերտներ։ Կրթական այս հաստատութեան տարեկան հանդէսները տօնական մթնոլորտ մը կը ստեղծէ ամբողջ գիւղին մէջ։ Բացի Բարջանճի բնակիչներէն, հանդիսութիւններուն ներկայ կ՚ըլլան նաեւ Մեզիրէէն եւ Խարբերդ քաղաքէն յաճախող ուսումնական ու կրօնական դէմքեր, թուրք աղաներ։ Տեղի կ՚ունենան թատերական ներկայացումներ, ինչպէս Վարդանանք, Արշակ թագաւոր, եւայլն։ 1912-13 տարեշրջանին տղոց վարժարանը ունի վեց կարգի դասարաններ եւ ընդհանուր կը հաշուէ 82 աշակերտ։ Նոյն տարեշրջանին աղջկանց վարժարանը կազմուած է չորս կարգի դասարաններով եւ այստեղ կը յաճախեն 32 աշակերտներ [49]։

Այս վարժարանէն ներս ուսուցչութիւն կատարած անձերէն կը յիշուին հետեւեալները.- Յովհաննէս Թերզեան (Քեսիրիկ գիւղէն), Գէորգ Ադամեան (Խարբերդ քաղաքէն), Յակոբ Նալպանտեան, Հապուսեցի Խազար, Բարեջանեան, Խարբերդցի Գեղամ, Տօնապետ Գազանճեան, Յարութիւն Մերկեան (Բալուէն), Պետրոս Զարիֆեան (Շնթիլ գիւղէն), Արամ Կեվուրեան (Քեսիրիկ գիւղէն), Յովհաննէս Տէր Ղուկասեան (Բարջանճէն), Գէորգ Ակնեցի, Պաղտասար Բալուցի, Յակոբ Տէր Նշանեան (Բարջանճէն), Գէորգ Չոլագեան (Արփաւուտ գիւղէն), Ասատուր Միսաքեան, Գարեգին Պօյաճեան (Բարջանճէն), Նշան Տագէսեան, Յովհաննէս Տէր Խուկասեան (Բարջանճէն), Մարիցա Վարժուհի (Մեզիրէէն) [50]։

Բարջանճի մէջ միսիոնարներ կը հիմնեն նաեւ իրենց սեփական վարժարանը։ Անիկա կը կառուցուի Տեփօ Կարոյենց պատկանող բողոքական ժողովարանին մէջ։ Առաջին ուսուցիչներն են տեղացի բողոքական հայեր. Յովհաննէս Տարագճեան, Ներսէս Սահակ, Կարօ Ադամ, Կօշկար Գրիգոր, Մենծօենց Սահակ, Գեժօենց Մելգոն Զաքարեան։ Սկզբնական շրջանին այս վարժարանը շատ տարբեր չէ նոյն ժամանակ գործող ծխական դպրոցներէն. գլխաւոր տարբերութիւնը անշուշտ բողոքական դաստիրակութեան ներկայութիւնն է։ 1873-էն սկսեալ հաստատութենէն ներս կը ստեղծուի կրթական համակարգ եւ կրթական ծրագիր։ Այստեղ կը հրաւիրուին աւելի ատակ ուսուցիչներ, ինչպէս Մուսեխ Էսեկեան (Խուլագիւղէն) եւ Յովհաննէս Կարօեան։

1890-ականներու կէսերուն, միսիոնարական վարժարանը կը փոխադրուի նոր շէնքի մը մէջ՝ ժողովարանին կից եւ անոր հիւսիսային կողմը գտնուող։ Հաստատութիւնը կը դառնայ երկսեռ։ Տղոց բաժանմունքի ուսուցիչներն են՝ Գալուստ Նազարեան (Քըղիէն), Պետրոս Պաշօեան (Չնքուշէն), Կարապետ Մուսեխեան (Մեզիրէէն), Կարապետ Հոտօեան (Բարջանճէն), Մարտիրոս Գէորգեան (Չնքուշէն), Մովսէս (Խույլուէն)։ Աղջկանց բաժանմունքին մէջ կը դասաւանդեն՝ Մարիամ (Եղեքիէն), Խաթուն Միքայէլեան, Ճուհար Տէր Մարկոսեան, Սոֆիա Սէֆէրեան, Էլմաս Թաշճեան։

Բարջանճի բողոքական վարժարանին խնամակալութիւնը Խարբերդի միսիոնարներուն կը պատկանի։ Իրենք է որ կրնան այստեղ համակարգային եւ վարչական փոփոխութիւններ մտցնել։ Ասոր կողքին գոյութիւն ունի Բարջանճի հայ բողոքականներէն կազմուած մարմին մը, որ կը վարէ վարժարանին առօրեայ տնօրինութիւնը։ Նոյն ժամանակներուն Միացեալ Նահանգներու մէջ կը հիմնուի Բողոքական Ուսումնասիրաց ընկերութիւնը [51]։

Հապուսի (ներկայիս Իքիզտեմիր)

19-րդ դարուն ընթացքին դասաւանդութիւններ տեղի կ՚ունենան ուսուցիչներուն տուներուն մէջ։ Այստեղ կը տրուին նախնական ձեւերով կրթութիւն։ Ուսուցիչներէն կը յիշուին Պօղոս Պօյաճեան, Կոյր Եղիկ, Ղազար վարժապետ Տէր Յովհաննէսեան, Կարապետ Քէլ Ակոբեան, Յովակիմ վարժապետ, Սմբատ Գարամանուկեան, Եղիշէ Տէրտէրեան։

Հետագային (թուականը անյայտ) Հապուսիի մէջ կը կառուցուի առանձին դպրոց մը։ Անիկա կը գտնուի գիւղին կեդրոնը։ Այստեղ, բարձր բլուրի մը վրայ կառուցուած է Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որմէ մօտ 30 մեթր անդին կը գտնուի դպրոցը, կամ ինչպէս գիւղին մէջ աւելի ծանօթ է՝ «ճեմարան»ը։ Երկյարկանի կառոյց մըն է, կը կազմէ 12 × 18 մեթր տարածք մը, պատերուն հաստութիւնը մօտ 60 սմ. է, իսկ առաջին յարկը ութ մեթր բարձր է։ Երկրորդ յարկին վրայ գտնուող մեծ սրահը կը կազմէ դպրոցը։ Նոյն յարկին վրայ գոյութիւն ունի նաեւ յարակից սենեակ մը, որ վարժապետին ննջասենեակն է։

Հապուսիի դպրոցին մէջ խնամակալութիւն ըրած անձեր. Մուշեղ Խօճիկեան, Աստուր Մինասեան, Նազարէթ Բրուտեան, Սողոմոն Կօշկարեան, Մարսուպ Պօյաճեան, Եղիա Խօճիկեան, Կարապետ Մուսոյեան, Յակոբ Պօյաճեան, Կիւլխաս Պուլուտեան։

Բայց սոյն դպրոցին բացուելէն ետք դարձեալ, Կարապետ Քէլ Ակոբեան եւ Յովակիմ վարժապետ կը շարունակեն իրենց տուներուն մէջ ուսուցչութիւն ընել։

Հապուսիի մէջ շատ կանուխէն գոյութիւն ունի նաեւ հայ բողոքական երկսեռ վարժարան մը, ուր պաշտօնավարող ուսուցիչները ընդհանրապէս դուրսէն (Խարբերդ, Մեզիրէ) հրաւիրեալներ են։ Սկիզբը, այս մէկը եւս նախնական ոճի վարժարան մըն է։ Այսպէս, Հապուսիի բողոքականներէն՝ Ուստա Մարկոս իր տան վերի յարկը (Ս. Աստուածածին եկեղեցիին դիմաց) կը վերածէ բողոքական ժողովարանի եւ դպրոցի։ Հետագային բողոքականները կը կառուցեն իրենց սեփական եկեղեցին՝ գիւղին հարաւային կողմը, 9 մեթր լայնքով եւ 21 մեթր բարձրութեամբ։ Ասոր կողքին է որ 19-րդ դարու վերջաւորութեան կը շինուի բողոքական վարժարանը, ուր կը դասաւանդեն Մուրատ եւ Սահակ վարժապետները, վերապատուելի Կարապետ Մեծատուրեան, Յակոբ Սիմոնեան, Եղիա Տօնապետեան (Խարբերդ քաղաքէն), Յովսէփ Պարտիզպանեան (Ուրֆայէն), Յովհաննէս Յակոբեան (Մալաթիայէն), Պատուելի Արմենակ Սիմոնեան, Գէորգ Սիմոնեան, Պետրոս Ղարիպեան (Մեզիրէէն), Գէորգ Մինասեան։ 1895-ի հակահայկական բռնութիւններուն ընթացքին դպրոցն ու եկեղեցին կը քանդուին եւ հետագային ալ բողոքական համայնքը արտօնութիւն չի ստանար զանոնք վերանորոգելու։ Այնպէս որ կը ստիպուին իրենց ժողովարանն ու դպրոցը Հապուսիի մէկ այլ վայրը փոխադրել։ Միայն 1911-ին է որ այս համայնքը վերաշինութեան պետական արտօնագիրը կը ստանայ եւ վեց ամիս ետք նախկին դպրոցն ու եկեղեցին կը վերսկսին գործել։

1911 թուականին, շատ հաւանաբար գիւղին մէջ գործող բողոքական վարժարանին դէմ աւելի լաւ մրցելու նպատակով, Հապուսիի մէջ գտնուող միւս երեք վարժարաններուն պատասխանատուները որոշում կ՚առնեն ուժերը միացնել եւ կրթական աշխատանքին բոլոր ճիգերը կեդրոնացնել «ճեմարան»ին վրայ։ Այս թուականէն սկսեալ է նաեւ որ կը բացուի աղջկանց վարժարան մը՝ եկեղեցիին յարակից սենեակին մէջ։ Տնօրէն կը նշանակուի Տ. Ալէքսանեան, որ նաեւ ուսուցչութիւն կ՚ընէ նոյն հաստատութեան մէջ։ Այլ դաստիարակներէ կը յիշուին Կարապետ եւ Յովակիմ վարժապետները, Իւղաբեր Պարսամեանը։ Աղջկանց այս վարժարանը տարեկան յաճախող աշակերտուհիներուն թիւը կը հասնի մինչեւ 60-ի. անոնց մէջ կան նաեւ շրջակայ գիւղերէ եկողներ։

Հապուսիի «ճեմարան»ին մէջ կ՚աւանդուին հետեւեալ նիւթերը.- հայերէն լեզու, հայոց պատմութիւն, քերականութիւն, թուաբանութիւն, թրքերէն, անգլերէն։ Ամէն Շաբաթ օր դպրոցէն ներս տեղի կ՚ունենան մրցումներ՝ բառեր հեգելու, շարականներ եւ ազգային-հայրենասիրական երգեր երգելու, փոխասացութեան։

Հապուսիի «ճեմարան»ը կը գտնուի Պոլսոյ Միացեալ Ընկերութեան հովանիին տակ, որ կրթական համակարգին ուղղութիւն կու տայ եւ ատեն-ատեն ալ այստեղ կ՚ուղարկէ պատրաստուած դաստիարակներ։ Հաստատութեան ուսուցիչներէն են՝ Խաչատուր Վարդանեան (Կարմիր գիւղէն), Համբարձում Սարաճեան (Բերդակէն), Պետրոս Պոզոյեան, Կարապետ Լիւլէճեան (Խարբերդ քաղաքէն), Սահակ Յովսէփեան (Չմշկածագէն), Աւետիս Կարապետեան, Կիրակոս Յակոբեան, Գէորգ Մինասեան, Ճուհար Պօղոսեան, Վարդուհի Սիմոնեան, Մարիամ Պօյաճեան, Պօղոս Պօյաճեան, Յակոբ Խրմըզեան։ 1913-ին դպրոցին տնօրէնն է Օհան Խօճիկեան, իսկ օգնականը՝ Գրիգոր Անդոյեան։

Կը յիշուի նաեւ որ դպրոցը ունեցած է թատերական իր խումբը. 1912 Մայիսին անիկա Հապուսիի եկեղեցիիին մէջ մեծ շուքով կը ներկայացնէ Վարդանանքը, որուն կ՚ըլլայ հոծ բազմութիւն մը [52]։

Հիւսէնիկ

Խարբերդ եւ Հիւսէնիկ։ Լերան ստորոտը երեւցող տուները Հիւսէնիկէն բաժին մըն է։ Բլուրին գագաթին կ՚երեւին Խարբերդ քաղաքի բերդին աւերակները, իսկ լանջին՝ նոյն քաղաքին Սինամուտ հայաբնակ թաղամասը (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, Նիւ Եորք, 1959)

Կրթութեան կեդրոն մը ըլլալու արժանի է այս բնակավայրը։ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի նախօրէին այստեղ կը գործեն եօթը տարբեր կրթական հաստատութիւններ. տղաներու վարժարան (լուսաւորչական, մօտ 250 աշակերտներ), աղջկանց վարժարան (լուսաւորչական, մօտ 150 աշակերտուհիներ), մանկապարտէզ (մօտ 50 երկսեռ մանուկներ), տղաներու վարժարան (բողոքական, մօտ 150 աշակերտներ), աղջկանց վարժարան (բողոքական, մօտ 125 աշակերտուհիներ), տղաներու վարժարան (կաթողիկէ, մօտ 50 աշակերտներ), աղջկանց վարժարան (կաթողիկէ, մօտ 50 աշակերտուհիներ)։

Կրթական կանոնաւոր հաստատութիւններու բացումէն առաջ Հիւսէնիկի մէջ կը գործեն նախնական ձեւի դպրոցներ։ Այստեղ վարժապետութիւն ըրած են սկիզբը քահանաներ, ինչպէս Տէր Անան, Տէր Դաւիթ եւ Տէր Գաբրիէլ։ Ապա ծայր կ՚առնէ խալֆա-ուսուցիչներու ժամանակաշրջանը. ասոնցմէ յայտնի են Թօփալ Աբօն, Թօփալ Թադօն, Թօփալ Գրիգոր Քայարեանը, Աւետիս վարժապետը, Դաւիթ Համամճեանը, Անդրէաս Աղբարը, Սարգիս վարժապետը (Հողէ գիւղէն, ներկայիս Եուրթպաշը), Տէր Վահանը (Եղեգի գիւղէն, ներկայիս Աքսարայ)։

Հիւսէնիկի կրթական կեանքին վրայ անմիջական ազդեցութիւն ունեցած է Խարբերդ քաղաքը, որ սահմանակից է այս գիւղաքաղաքին։ Դրացի այս քաղաքին մէջ 19-րդ դարու կէսերէն սկսեալ կրթական օճախներու արագ զարգացումը բնականաբար չէր կրնար անտարբեր ձգել նաեւ Հիւսէնիկի հայութիւնը։ Խարբերդ քաղաքին եւ Հիւսէնիկի մէջ ամերիկացի միսիոնարներու եւ հայ բողոքականներու կրթական աշխուժ գործունէութիւնը յառաջ կը բերէ նաեւ մրցակցութեան մթնոլորտ մը։ Արդ, լուսաւորչական հայերէն շատեր իրենք եւս կը ձգտին ունենալ իրենց սեփական կրթական օճախները, որոնք նոյն ժամանակ հեռու պէտք է ըլլան բողոքական ազդեցութենէ։ Այս մէկը կ՚իրագործուի 1860 թուականին, երբ նորակառոյց Ս. Վառվառ եկեղեցիին կողքին եւ Ալաճաճի Համբաձում Պապային նիւթական ճիգերով կը կառուցուի նաեւ Հիւսէնիկի առաջին կանոնաւոր դպրոցը՝ տղաներու յատկացուած։ Այստեղ երկար տարիներ կը պաշտօնավարէ Կուզ Մելքոն վարժապետը։ Ան՝ պատանի հասակին, կը ղրկուի Սիս՝ քեռիին քով։ Հոս է որ թրքերէն լեզուին կը տիրապետէ տեղւոյն գատըյէն (դատաւոր) դասեր առնելով։ Հիւսէնիկի դպրոցէն ներս Մելքոն վարժապետ կը դասաւանդէ հայերէն, եկեղեցական երաժշտութիւն եւ թրքերէն։ Իր կողքին ուսուցչութիւն կ՚ընեն նաեւ Յակոբ Զամանիկեան (հետագային Տէր Մամբրէ քահանայ, կը սպաննուի 1915-ին) եւ Յովակիմ Աղաճանեան։ Իրմէ ետք, 1880-էն սկսեալ, նոյն հաստատութեան մէջ վարժապետութիւն կ՚ընեն Մկրտիչ եւ Սեդրակ Գալայճեան եղբայրները, Համբարձում Զաքարեան, Խաչատուր Ծովիկեան, Կիրակոս Կատարիկեան, Տիգրան Բռիկեան։ 1892 թուականին դպրոցին տնօրէն կը նշանակուի Համբարձում Երամեան, որ ծնած է Արաբկիր եւ շրջանաւարտ է Պոլսոյ Կեդրոնականէն։

Հիւսէնիկ գիւղաքաղաքէն ընդհանուր տեսարան։ Ամէնէն վերը, ճերմակ շէնքը կը ներկայացնէ գերմանական որբանոցը (Աղբիւր՝ Ferdinand Brockes, Quer durch Klein-Asien, Gütersloh, 1900)

1895-ի հակահայ ջարդերէն եւ քանդումներէն ետք, դպրոցը մօտ վեց ամիս փակ կը մնայ։ Երամեան կը փոխադրուի Մեզիրէ, իսկ նոր տնօրէն կը կարգուի Արամ վարժապետ։ Հիւսէնիկի դպրոցը փայլուն նոր շրջան մը կը բոլորէ 1901-էն սկսեալ, երբ աւան կը վերադառնայ Յակոբ Տէր Յակոբեան (Շահան Նաթալի)՝ Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանը աւարտելէ ետք։ Անոր կողքին ուսուցչութիւն կ՚ընեն Մեզիրէի Կեդրոնական վարժարանի շրջանաւարտներէն՝ Գասպար Ռստիկեան (կը սպաննուի 1915-ին) եւ Պետրոս Ատիշեան։ 1906-ին հաստատութեան տնօրէնութիւնը կը ստանձնէ Դաւիթ Խաչկոնց, որ նախապէս կը դասաւանդէր Մեզիրէի Կեդրոնական վարժարանին մէջ։ Ուսուցիչներէն կը յիշուին՝ Կարապետ Յովսէփեան, Յովհաննէս Զարդարեան, Կարապետ Ահարոնեան, Յովհաննէս Նահիկեան, Սարգիս Դանիէլեան, Սարգիս Վէլէկեան, Միհրան Սրապեան, Յակոբ Նաճարեան (կը սպաննուի 1915-ին), Հայրապետ Յովսէփեան (կը սպաննուի 1915-ին), Յակոբ Տէր Անանեան, Յակոբ Մսրլեան, Ասատուր Տարագճեան, Սարգիս Սարաֆեան (կը սպաննուի 1915-ին), Ահարոն Ահարոնեան, Յարութիւն Թէրզեան (կը սպաննուի 1915-ին), Մկրտիչ Փառթոյեան (կը սպաննուի 1915-ին)։

Հիւսէնիկի տղաներու վարժարանը կազմուած է ութ կարգի դասարաններով։ Ընթացքը աւարտող աշակերտները սովորութիւն ունին իրենց ուսումը շարունակել Խարբերդ քաղաքի Կեդրոնական վարժարանին (Ս. Յակոբ) կամ Եփրատ գոլէճին մէջ։ Վարժարանին մէջ տարեկան կը յաճախեն 225-250 աշակերտներ։ Լուսաւորչական համայնքին պատկանող կրթական հաստատութիւնները կը կառավարուին Հիւսէնիկի Թաղական Խորհուրդին կողմէ։

1902 թուականին, տղաներու վարժարանին կողքին գտնուող եկեղեցապատկան տունը կը յատկացուի մանկապարտէզի։ Այստեղ մանկապարտիզպանութիւն կ՚ընեն Սէրկիճեան (հետագային Կիւլէսէրեան, Եփրատ գոլէճի մանկավարժարանէն շրջանաւարտ), Ազնիւ Չօփուռեան, Մարիցա Նահիկեան (հետագային Կուրղինեան, Եփրատ գոլէճի մանկավարժարանէն շրջանաւարտ), Վերոնիքա Չօփուռեան, Աննակիւլ Տէմիրճեան, Փարիզ Խուպէթեան։

Հիւսէնիկ, մօտաւորապէս 1902 թուականին. Ս. Վառվառ եկեղեցիին նախակրթարանի աշակերտները։ Ուսուցիչները, նստած, ձախէն աջ՝ Խաչատուր Մուրատեան, Տիգրան Բռիկեան, Կարապետ Յովսէփեան, Յակոբ Տէր Յակոբեան (Շահան Նաթալի) (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, Նիւ Եորք, 1959)

Հայ բողոքականները նոյնպէս շատ կանուխէն կը լծուին կրթական գործունէութեան։ Այս համայնքին պատկանող տղաներու առաջին դպրոցը կը բացուի 1860-ական թուականներուն՝ Նահիկեան ընտանիքին տան մէջ, ապա՝ գօտի գործող Առաքել աղբօր տունը, որ կը գտնուի Ս. Սարգիս լերան կողին։ 1875 թուականին, Ս. Վառվառ եկեղեցիին մօտակայ գտնուող եւ Սուրսուրեան ընտանիքին պատկանող տարածքին վրայ կը կառուցուի Հիւսէնիկի առաջին բողոքական եկեղեցին, որուն վերնատունը կը յատկացուի բողոքական դպրոցին։ Բայց կարճ ժամանակի մը մէջ աշակերտներուն թիւը կը բազմանայ եւ այս պատճառով ալ 1888 թուականին կը կառուցեն նոր դպրոց մը՝ Ս. Սարգիս լերան կողին՝ Տէր Անանենց տան մօտիկ։

Տղոց դպրոցին առաջին ուսուցիչը կը հանդիսանայ Խայաճեան խալֆան (հետագային Տէր Յովհաննէս Պապա)։ Այլ ուսուցիչներ. Յակոբ Պօղիկեան (Հիւսէնիկէն), Մուշեղ Մուշեղեան (Հողէ գիւղէն), Աւետիս Աւետիսեան (Հիւսէնիկէն), Նիկողոս Թէնէքէճեան (Խարբերդ քաղաքէն), Ազարիա Պօղոսեան (Խոխ գիւղէն, ներկայիս Քավաքթեփէ եւ Տէտէյոլու), Մկրտիչ Խալաճեան (Հիւսէնիկէն), Յարութիւն Արսլանեան (Ռըտվանէն), Գասպար վարժապետ (Խարբերդ քաղաքէն), Մարտիրոս Պօզոյեան (Հիւսէնիկէն), Յարութիւն Համամճեան (Հիւսէնիկէն), Մարտիրոս Նահիկեան (Հիւսէնիկէն), Աբրահամ Պօղիկեան (Հիւսէնիկէն), Յովհաննէս Պուճիգանեան (Չնքուշէն), Մարտիրոս Պուճիգանեան (Չնքուշէն), Պետրոս Մանուկեան (Հիւսէնիկէն), Համբարձում Նահիկեան (Հիւսէնիկէն), Կարապետ Յովսէփեան (Հիւսէնիկէն), Յովհաննէս Տէր Պօղոսեան (Հիւսէնիկէն), Համբարձում Կիւլէսէրեան (Հիւսէնիկէն), Արմենակ Յովակիմեան (Խարբերդ քաղաքէն), Կարապետ Յովակիմեան (Խարբերդ քաղաքէն), Յարութիւն Վէզնէեան (Հիւսէնիկէն, կը սպաննուի 1915-ին), Բենիամին Պասմաճեան (Հայնէ գիւղէն), Մովսէս Նահիկեան (Հիւսէնիկէն), Լեւոն Քայարեան (Հիւսէնիկէն), Բենիամին Գրիգորեան (Հիւսէնիկէն), Իսահակ Նահիկեան (Հիւսէնիկէն), Սարգիս Ատիշեան (Հիւսէնիկէն, կը սպաննուի 1915-ին), Տրդատ Սուրսուրեան (Հիւսէնիկէն, կը սպաննուի 1915-ին), Հայրապետ Աճէմեան (Հիւսէնիկէն)։

Մեզիրէ եւ Խարբերդ քաղաքներուն մէջ արդէն բոյն դրած քափուչին վանականները կրթութեան իրենց գործունէութիւնը կը հասցնեն մինչեւ Հիւսէնիկ։ Անոնք, 1860-ական թուականներուն, կը գնեն գիւղաքաղաքին մէջ՝ դէպի Մեզիրէ տանող ճամբուն վրայ գտնուող շէնք մը (մոմի նախկին գործարան), որուն մէկ հատուածը կը վերածեն կաթողիկէ եկեղեցիի, իսկ միւսն ալ՝ դպրոցի։ Այստեղ ուսուցչութիւն կ՚ընեն՝ Աւետիս վարժապետ, Վահրամ եւ Յակոբ Նահիկեաններ (երկուքն ալ 1895-ի ջարդերու զոհ), Մելքոն Ղեւոնդեան (կը սպաննուի 1915-ին), Յակոբ Բարակեան (Արաբկիրէն), Կարապետ Սարաֆեան, Սարգիս Մալճանեան, Հաճի Յակոբ Նաճարեան։

Հիւսէնիկի մէջ գոյութիւն ունին նաեւ աղջկանց երեք վարժարաններ։ Իգական սեռի կրթութեան ռահվիրաներն են Խարբերդ քաղաքէն շրջանաւարտ հայ բողոքական կիներ։ Անոնցմէ է Գոհար վարժապետ, որ 1880-ական թուականներուն շրջուն վարժուհիի պաշտօն կը վարէ, Խարբերդ քաղաքին եւ Հիւսէնիկի մէջ, տունէ-տուն կ՚այցելէ՝ իգական սեռին գրել-կարդալ սորվեցնելու նպատակով։ Նոյն ժամանակներուն աղջկանց կրթութիւնը նոր հիմերու վրայ կը դրուի Հիւսէնիկի մէջ, երբ հայ բողոքականները Ստեփան Գալայճեանի (Փրոտ Տեփան) տան վերնայարկի ընդարձակ սենեակին մէջ կը բանան առաջին աղջկանց վարժարանը։ Ժամանակ մը ետք անիկա կը փոխադրուի Փերփերենց Հռիփսիմէ Քորոյին տան աւելի ընդարձակ սենեակներուն մէջ։

Բողոքականներու այս նախաձեռնութեան լոյսին տակ, Հիւսէնիկի լուսաւորչական հայեր կը ձգտին ունենալ իրենց սեփական աղջկանց վարժարանը։ Այս նպատակով Ալաճաճի Համբարձում Պապան իր տունը կը կտակէ եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդին, այն պայմանով որ անիկա վերածուի աղջկանց վարժարանի մը։ Որոշ թաղականներ կը հակառակին իգական սեռի կրթական հաստատութեան մը բացումին, բայց այս հարցով կը միջամտէ նաեւ Խարբերդի Առաջնորդ Պետրոս Վրդ. Բագրատունին, որ կուսակալ՝ Ռէուֆ պէյէն արտօնագիր ալ կը ստանայ վարժարան հիմնելու։ Վարժարանին բացումը կը կատարուի 1885 թուականին։

Այս հաստատութենէն ներս կը դասաւանդեն Սարգիս վարժապետ (Հողէ գիւղէն), Սուլթան Տէր Պօղոսեան, Շուշան Սատոյեան, Թուռվանտա Խարլաճեան, Մարգարիտ Նահիկեան, Աղաւնի Բռիկեան (հետագային Գրիգորեան), Աղաւնի Տէմիրճեան, Թէվրիզ Թաշճեան, Մարիամ Տօնապետեան, Հռիփսիմէ եւ Մարգարիտ Ասատուրեաններ, Աննա Յովսէփեան (հետագային Պոզոյեան), Աղաւնի Եշիլեան, Էլմաս Աւագեան, Թէվրիզ եւ Հայկուհի Իջմէլեաններ, Մենտուհի վարժուհի, Փայլուն Կոսդանեան, Մարգարիտ եւ Գաթինէ Ասկինեաններ։

1915-ին նախորդող տարիներուն այստեղ տարեկան կը յաճախեն մօտ 150 աշակերտուհիներ։

Հայ բողոքականներու աղջկանց վարժարանը նոյնպէս արագ զարգացում կ՚ապրի։ Իսկ երբ 1888 թուականին բողոքականները կ՚ունենան տղաներու նոր դպրոց մը, նախկին կառոյցը, որ կը գտնուի եկեղեցիին վերնայարկին վրայ, կը յատկացուի աղջկանց վարժարանին։ 1900 թուականին, աշակերտուհիներուն թիւը այնքան բազմացած է, որ այս պայմաններուն մէջ եկեղեցւոյ ամբողջ շէնքը կը յատկացուի աղջկանց վարժարանին։

Այստեղ դասաւանդած ուսուցչուհիներ են՝ Մարիամ Մուշեղեան, Սուլթան Տէր Պօղոսեան, Խաչխաթուն Նահիկեան, Ռեբեկա Անդրէասեան (հետագային Պաղիկեան, կը սպաննուի 1915-ին), Եսթեր Աստիկեան, Մարիցա Չօփուռեան?, Ազնիւ Անդրէասեան (հետագային Մարտիկեան), Լուսնթագ Պօզոյեան (հետագային Մաղիկեան), Մարիցա Նահիկեան (հետագային Վարդապետեան), Ազնիւ Նահիկեան, Վերոնիգա Չօփուռեան? (հետագային Մարութեան), Սիրվարդ Իսրայէլեան, Արմենուշ Նահիկեան (հետագային Վարդապետեան), Սաթենիկ Չօփուռեան? (կը սպաննուի 1915-ին), Անժէլ Վարդապետեան, Փարիզ Ժամկոչեան, Արշալոյս Սէրկիճեան, Աննա Պոզոյեան (հետագային Յովսէփեան, կը սպաննուի 1915-ին), Եղիսաբէթ Անդրէասեան (հետագային Գամպուրեան), Թէվրիզ Տէր Պօղոսեան (բոլորն ալ Հիւսէնիկէն), Թուրվանտա Գալայճեան (Խույլու/Թլկատին գիւղէն, ներկայիս Քույուլու), Փերուզ Սէյրանեան (Աֆիոն Գարահիսարէն), Եղսա Թէրզեան (Մեզիրէէն), Մարիամ Տօնապետեան (Խարբերդ քաղաքէն), Մարգարիտ Ասատուրեան (Խարբերդ քաղաքէն), Հռիփսիմէ Ասատուրեան (Խարբերդ քաղաքէն), Հրաշէկ Անդրէասեան (Խարբերդ քաղաքէն), Ազնիւ Պաղտասարեան (Մեզրէէն), Երանուհի Թաշճեան (Արաբկիրէն), Նուարդ Սարգիսեան (Արաբկիրէն)։

Քափուչին հայրերը իրենց կարգին Հիւսէնիկի մէջ կը բանան աղջկանց վարժարան մը, ուր կը դասաւանդեն Վարդանուշ Մանթառեան (Հիւսէնիկէն) եւ Օրդ. Մարիամ (Խարբերդ քաղաքէն)։

Հիւսէնիկի Ուսումնասիրաց միութիւնը կը հիմնուի 1892-ին Միացեալ Նահանգներու Ուստըր քաղաքին մէջ։ Հետագային մասնաճիւղեր կը հիմնուին Փրաւիտընսի, Վունսաքէթի, Հարթֆըրտի, Պոսթընի, Լօրէնսի, Նիւ Եորքի, Քէմպրիճի, Չելսիի, Լինի, Նիւ Պրիփորթի, Հուայթընսվիլի մէջ [53]։

Դատեմ (ներկայիս Դատըմ)

Սկզբնական շրջանին Դատեմի դպրոցը երկյարկանի շէնքի մը վերի յարկն է։ Այստեղ դպրոցական աթոռ ու գրասեղան չկան։ 75-100 աշակերտներ կը նստին փսիաթներու եւ մինտէրներու (բազմոց) վրայ։

Այս շէնքն ու եկեղեցին քարուքանդ կ՚ըլլան 1895-ի հակահայ ջարդերուն ընթացքին, իսկ ուսուցիչներէն շատեր ալ բռնութիւններուն զոհ կ՚երթան։ Դպրոցը կը վերաբացուի 1896-ին կիսա-աւերակային պայմաններու մէջ։ 1898-ին շէնքը ի վերջոյ ամբողջութեամբ կը վերանորոգուի եւ ներքեւի յարկը կը բարեզարդուի։ Այնուհետեւ ամբողջ կառոյցը կը գործածուի թէ՛ իբրեւ եկեղեցի եւ թէ իբրեւ դպրոց։

Դպրոցական գործը լուրջ սկիզբ մը կ՚առնէ միայն 1895-էն ետք, երբ Միացեալ Նահանգներու մէջ հիմնուած Դատեմի Ուսումնասիրաց Ընկերութիւնը նիւթական աջակցութիւն կը սկսի հայթայթել։ 1898-էն սկսեալ այստեղ կը սկսի դասաւանդել Պետրոս Ոսկանեան (Բալու գաւառակի Հաւաւ գիւղէն. ներկայիս Էքինէօզու)։ Այլ ուսուցիչներու շարքին կը յիշուին՝ Տոնիկ Կիւլպէնկեան, Կարապետ Վարժապետեան, Յակոբ Իսրայէլեան, Յարութիւն Մերկեան (Բալուէն), Խորէն Տէր Յակոբեան (Դատեմէն), Համբարձում Յարութիւնեան (Մեզիրէի Կեդրոնական վարժարանի շրջանաւարտ), Լեւոն Ներսէսեան, Գեղամ Արծրունի, Յովհաննէս Ուլուհոճեան, Ասատուր Սարգիսեան, Հայկազ Հերոյեան (Դատեմէն), Կարապետ Մանկունի, Լեւոն Մանուկեան, Սարգիս Փայթոնճեան, Տէր Սիմոն քհնյ. Մինասեան (կը սպաննուի 1915-ին), Արտաշէս Վարժապետեան, Թադէոս Մանկասարեան։

Դպրոցին տարեվերջի քննութիւնները գիւղին մէջ կը ստանան հանդիսաւոր իրադարձութեան մը բնոյթ։ Ներկայ է գիւղին քահանան, հոգաբարձութեան անդամներ, ուսուցիչներ, Խարբերդէն եւ Մեզիրէէն հրաւիրուած կրթական կեանքի յայտնի դէմքեր, գիւղին ժողովուրդը։

Գիւղին աղջկանց վարժարանը կը բացուի 1904-1905 տարեշրջանին։ Այստեղ դասաւանդող ուսուցչուհիներէն են՝ Մարիամ Աղատեան, Վերոնիգա Տէր Անանեան, Օրդ. Դանիէլեան, Վարդանուշ Արսլանեան, Եղիսաբէթ, Անահիտ Սարգիսեան, Աղաւնի Տէմուրճեան։

Դատեմի մէջ կը գործէ նաեւ կաթողիկէ վարժարան։ Այստեղ ուսուցչութիւն կ՚ընէ Մալաթիայէն եկող Սարգիս անունով անձ մը [54]։

Խույլու/Թլկատին (ներկայիս Քույուլու)

Կրթական շարժումին ռահվիրան կը համարուի Յովհաննէս Պէշկէօթիւրեան, որ Խարբերդ քաղաքէն հայ բողոքական մըն է։ 1850-ական թուականներու վերջերը ան Խույլու կու գայ, քանի մը տղաք կը խմբէ ու իր անձնական սենեակին մէջ անոնց կը սորվեցնէ գրել-կարդալ։ Գործը յաջողութիւն կ՚ունենայ, նոր աշակերտներ կ՚աւելնան ու այս նպատակով կը յատկացուի աւելի ընդարձակ սենեակ մը՝ Տեփոյեաններու նախկին յարդանոցը, որ փաստօրէն կը դառնայ Խույլուի առաջին դպրոցը։ 1860-ական թուականներուն Պատուելի Կիրակոս Բարակեան (Տիարպեքիրէն) ինք կը ստանձնէ նոյն դպրոցին տեսչութիւնը։ 1880-ին բողոքականները կը շինեն երկյարկանի նոր դպրոց մը, որուն վերեւի յարկը կը յատկացուի պատանիներուն, իսկ վարի յարկն ալ աւելի փոքրերու դաստիարակութեան։ Վարժարանը օժտուած էր գրասեղաններով եւ աթոռներով։ Նոր դպրոցին տնօրէն կը նշանակուի Յովհաննէս Սանդիկեան (հետագային պատուելի)։ Նոյն դպրոցին մէջ ուսուցչութիւն կ՚ընեն՝ Գրիգոր Գրիգորեան։

Աղջկանց առաջին վարժարանը նոյնպէս կը հիմնուի հայ բողոքականներուն կողմէ։ Դասընթացքները ծայր կ՚առնեն 1878-ին։ Իսկ, 1882-ին, աշակերտուհիները կ՚ունենան իրենց առանձին դպրոցը, երբ Խույլուի բողոքական եկեղեցիին փակին մէջ կը կառուցուի երկյարկանի դպրոցական շէնք մը։

Լուսաւորչականներու պարագային, կրթական գործին առաջին նուիրեալը կը համարուի Մակար վարժապետը, որուն նախաձեռնութեամբ, 1870-ական թուականներուն, եկեղեցիին կողքին՝ ընդարձակ սրահի մը մէջ, ծայր կ՚առնեն առաջին դասընթացքները։ Այդ ատենները դասերը տեղի կ՚ունենան միայն ձմրան եղանակին, երբ ուսուցիչ եւ աշակերտ երկրագործական աշխատանքներու չեն լծուած։ 1891 թուականին, կը կառուցուի երկյարկանի նոր շէնք մը, որուն վերեւի յարկը կը սկսի մանուկներու եւ պատանիներու կրթութեան ծառայել։ Դպրոցը կը կոչուի «Ներսէսեան», այդ օրերուն Պոլսոյ հայոց պատրիարքին անունով։ 1908-էն սկսեալ, Խույլուի վարժարանին շրջանաւարտները կը սկսին առանց մուտքի քննութիւն կատարելու՝ Եփրատ գոլէճ ընդունուիլ։ Տղոց վարժարանին կողքին կը գործէ նաեւ աղջկանց դպրոց մը։

Ներսէսեանի մէջ, Մակար վարժապետին կողքին, ուսուցչութիւն կ՚ընեն նաեւ Ասատուր Կոստանեան եւ Թօփալ Աստուր։ Ի տարբերութիւն նախկին դրութեան, այս անգամ դասընթացները կը տեւեն ամբողջ տարեշրջան մը։ Ներսէսեան վարժարանին մէջ ուսուցչութիւն ըրած այլ անձերէն կը յիշուին՝ Յակոբ Բարիջանեան, Մելքոն Տօնապետեան, Սահակ Սիմոնեան, Խաչատուր Թաշճեան (Չմշկածագէն), Տօնապետ Գազանճեան, Համբարձում Զաքարեան, Յովսէփ Ադամեան, Պետրոս Զարիֆեան, Կարապետ Բրուտեան, Նշան Տեսթէկիւլ, Նազարէթ Պօյաճեան, Մովսէս Մուրատեան։

Ներսէսեան վարժարանի կառուցման եւ զարգացումին մէջ նիւթական մեծապէս կարեւոր դերակատարութիւն կ՚ունենայ Միացեալ Նահանգներու մէջ հայ պանդուխտ խույլուցիներու կողմէ կազմուած միութիւնը։ Անիկա կը հիմնուի 1891-ին, սկիզբը «Խույլուի Լուսաւորչական Հայ Երիտասարդաց Դաստիարակիչ Ընկերութիւն» անունով։ Մասնաճիւղեր կ՚ունենայ Փրավիտընսի, Լինի, Հէյվըրհիլի, Ուստըրի, Նեշուէի մէջ։

Խույլուի մէջ կը գործէ նաեւ հայ կաթողիկէներու վարժարանը՝ իր աղջկանց եւ տղոց բաժիններով։ Այստեղ ուսուցչութիւն կ՚ընեն՝ Ստեփանեան, Ասատուր Խանոյեան, Հայկանուշ Դանիէլեան (Մալաթիայէն)։

Ընդհանուրը վեց կրթական հաստատութիւններ գոյութիւն ունին այստեղ. լուսաւորչականներուն պատկանող Ներսէսեան վարժարանը (երկսեռ)՝ 40-50 աշակերտ-աշակերտուհի, բողոքական վարժարանը (երկսեռ)՝ 25-30 աշակերտ-աշակերտուհի, կաթողիկէ վարժարանը (երկսեռ)՝ 5-10 աշակերտ-աշակերտուհի [55]։

Բազմաշէն (Պիզմիշին/Սարըչուպուք)

1850-ական թուականներէն սկսեալ այս գիւղին մէջ կը յիշատակուի նախնական տիպի դպրոցներու գոյութիւնը. այսինքն վարժապետ մը իր շուրջ կը համախմբէ զանազան տարիքի տղաք, ուսուցիչ-աշակերտ գետին կը նստին, կ՚ուսուցուի գրել-կարդալ, շարական, սուրբ գրային ընթերցանութիւն, եւայլն։ Այսպիսի վարժարան մըն է Յովհաննէս վարժապետինը (Հիւսէնիկէն), ուր կը յաճախէ Ապտալ Պօղոսեան՝ Բազմաշէնի մասին գրուած գիրքին հեղինակը։ Իսկ կանոնաւոր դպրոցի մը Բազմաշէնի մէջ հիմնադրումը տեղի կ՚ունենայ 1890 թուականին։ Նոր շէնքը կը կառուցուի Ս. Աստուածածին եկեղեցիին կից։ Այս նախաձեռնութեան ետին կը կանգնի գիւղին մէջ հիմնուած Ուսումնասիրաց Ընկերութիւնը, որ նիւթական օժանդակութիւն կը ստանայ Միացեալ Նահանգներ գաղթած բազմաշէնցի հայերէ։ Այս վերջինները 1892-ին Չելսի քաղաքին մէջ կը հիմնեն Բազմաշէնի Լուսաւորչական Ուսումնասիրաց Ընկերութիւնը, որ կը սկսի դպրոցին, ուսուցիչներուն եւ կարօտեալ աշակերտներու ծախսերը հոգալ։ 1895-ի հակահայ զանգուածային բռնութիւններուն ընթացքին քարուքանդ կ՚ըլլան նաեւ Բազմաշէնի հայկական տուները։ Դպրոցը նոյնպէս կ՚աւերուի, բայց 1898 թուականին բազմաշէնցիները կը յաջողին նոր եւ աւելի ընդարձակ վարժարան մը կառուցել։

Բազմաշէնի կրթական այս հաստատութեան մէջ դասաւանդած ուսուցիչներէն կը յիշուին՝ Աբրահամ Էօքսիւզեան, Օհան Տէր Պետրոսեան, Կարապետ Բրուտեան։ Գոյութիւն ունի նաեւ աղջկանց բաժին մը։ 1908-էն ետք աղջկանց եւ տղոց բաժինները կը փոխադրուին աւելի նոր շէնքերու մէջ։

Բազմաշէնի մէջ կը գործէ նաեւ հայ կաթողիկէ վարժարան մը, ուր կը պաշտօնավարէ Յարութիւն Խուկօեան [56]։

1) Պօղոս Ճիկերճեան՝ Բազմաշէնի Լուսաւորչական Ուսումնասիրաց Ընկերութեան հիմնադիրներէն (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, Նիւ Եորք, 1959)
2) Մուրատ Ղազարեան՝ Բազմաշէնի Լուսաւորչական Ուսումնասիրաց Ընկերութեան հիմնադիրներէն (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, Նիւ Եորք, 1959)

Քէօրփէ

Գիւղին հին դպրոցը գտնուած է Ս. Աստուածածին եկեղեցիին կից։ 1908-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ հիմնուած Քէօրփէի Ուսումնասիրաց Ընկերութեան նիւթական աջակցութեան շնորհիւ կը կառուցուի տղաներու նոր վարժարան մը, իսկ նախկին դպրոցն ալ կը յատկացուի աղջկանց կրթութեան [57]։

Ծովք/Կէօլճիւք

Առաջին Համաշխարհային պատերազմի նախօրէին Ծովքի տղոց եւ աղջկանց վարժարանները կը յաճախեն մօտ 120 աշակերտ-աշակերտուհիներ [58]։

Ծովք/Կէօլճիւք գիւղ, 1913. Ս. Նշան եկեղեցիին նախակրթարանի աշակերտները։ Նկարին ձախ ծայրը, նստած՝ Տէր Պօղոս քհնյ. Ժամկոչեան. ետեւի շարք, նկարին մէջտեղը՝ Սարգիս Մաթոսեան (ուսուցիչ). ետեւի շարք, աջ ծայրը՝ Մեսրոպ Նաւարեան (ուսուցիչ, գլխուն ֆէս մը). աջ ծայրը, նստած՝ Հայկազուն Արամեան (ուսուցիչ, գլխուն ֆէս մը) (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, Նիւ Եորք, 1959)

Խուլագիւղ/Հուլվենք (ներկայիս Շահինքայա)

Գիւղին դպրոցը կը գտնուի Ս. Գէորգ եկեղեցիին կից, որ 1906-ին ամբողջովին կը վերանորոգուի։ Այստեղ կը յաճախեն մօտ հարիւր երկսեռ աշակերտներ։

Խուլագիւղի կրթական գործին մեծապէս նպաստած է, 1904-ին, Միացեալ Նահանգներու Ուօքիկըն քաղաքին մէջ հիմնուած Խուլագիւղի Լուսաւորչականներու Ուսումնասիրաց Ընկերութիւնը։

Հայ բողոքականները այստեղ նոյնպէս ունին իրենց սեփական վարժարանը [59]։

Խուլագիւղ/Հուլվենք (ներկայիս Շահինքայա) գիւղի դպրոցը (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, Նիւ Եորք, 1959)

Հողէ (ներկայիս Եուրթպաշը)

Հողէ (ներկայիս Եուրթպաշը) գիւղի երկյարկանի դպրոցը (կառուցուած 1911-ին) (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, Նիւ Եորք, 1959)

Մինչեւ 1880-ականները գիւղին մէջ գոյութիւն ունեցած են միայն նախնական ձեւի կրթարաններ։ Հետագային, հայ բողոքականները կը հաստատեն կանոնաւոր դպրոց մը։ Կարճ ժամանակ ետք նոյնանման նախաձեռնութիւն մը կ՚առնեն նաեւ հայ լուսաւորչականները։ 1911ին, Հողէի մէջ կը կառուցուի լուսաւորչական նոր վարժարան մը՝ Միացեալ Նահանգներ գտնուող հողեցի պանդուխտներու նիւթական օժանդակութեամբ։ Այս վերջինները տակաւին 1891 թուականին հիմնած էին Հողէի Լուսաւորչական Ուսումնասիրաց Ընկերութիւնը։ Դպրոցական երկյարկանի այս շոր շէնքը կը սկսին յաճախել աւելի մեծ թիւով աշակերտներ ու աշակերտուհիներ։ Գիւղին մէջ ուսուցչութիւն ըրած են՝ Խաչատուր Մինասեան, Յովհաննէս Գոլթուղեան (հետագային Տէր Վահան քահանայ), Վաղարշակ վարժապետ, Գաբրիէլ Կարօեան [60]։

Քէսիրիկ

Գիւղին դպրոցը կը գտնուի Ս. Աստուածածին եկեղեցիին կից։ Ունի մօտ 400 աշակերտներ-աշակերտուհիներ։ 1890-ականներէն մինչեւ 1915 այստեղ դասաւանդած ուսուցիչներէն են՝ Մելքոն Ղեւոնդեան, Ազատիկ Գօլօլեան, Յովհաննէս Քիւրքճեան, Յովհաննէս Թերզեան, Համբարձում Երամեան, Հռիփսիմէ վարժուհին։ Գիւղին դպրոցին հիմնադրութիւնը կարելի կ՚ըլլայ Հաճի Օհան էֆենտի Եաղճեանի նիւթական օժանդակութեամբ։ Քեսիրիկցի այս առեւտրականը օսմանեան բանակին սնունդի մատակարար էր։ Հետագային, դպրոցին զարգացումին եւ բարգաւաճումին մէջ կարեւոր դեր կը խաղայ նաեւ Քեսիրիկի Ուսումնասիրացը, որ ծնունդ կ՚առնէ 1888-ին՝ Ուստըրի մէջ, Միացեալ Նահանգներ։ Այս միութեան ուղարկած դրամներով, Քեսիրիկի Թաղական Խորհուրդը Մեզիրէ քաղաքին մէջ կը գնէ հացի փուռ մը, որմէ գոյացած շահը կը յատկացուի գիւղին կրթական գործին [61]։

Իչմէ

Գոյութիւն ունին լուսաւորչական եւ բողոքական աղջկանց եւ տղոց վարժարաններ։ Ուսուցիչներէն կը յիշուին՝ Մեսրոպ Ստեփանեան, Արշակ Մարկոսեան, Յովհաննէս Օսկիանեան, Կոյր Պօղոս վարժապետ, Մարգարիտ վարժուհի [62]։

Մօրենիկ (ներկայիս Չաթալչեշմէ)

Այս գիւղին մէջ գոյութիւն ունին հայ լուսաւորչական եւ բողոքական նախակրթական երկսեռ վարժարաններ։ Առաջինը նիւթական օժանդակութիւն կը ստանայ Միացեալ Նահանգներու մէջ 1888-ին հիմնուած Մօրենիկի Ուսումնասիրաց Ընկերութենէն։ Լուսաւորչական դպրոցը 1912-ին ամբողջապէս կը վերաշինուի եւ նոր կահ-կարասիներով կ՚օժտուի։ Այստեղ կը դասաւանդեն՝ Արտաշէս Մանուկեան, Լեւոն Մանուկեան, Բենիամին Տիրատուրեան, Ս. Մալճանեան։

Բողոքական վարժարանը գործել կը սկսի 1890-ականներէն։ Այստեղ կը պաշտօնավարեն՝ Ս. Գալայճեան, Պաղտասար Կօշկարեան, Ե. Աւագեան, Ղազարոսեան։ Աղջկանց բաժինին ուսուցչուհիներէն կը յիշուի Արաքսի Պետիկեան [63]։

Մօրենիկ գիւղի դպրոցը։ Լուսանկարը քաշուած է 1912-էն ետք, երբ վարժարանը արդէն վերակառուցուած է։ Նկարին կեդրոնը, նստած անձը (ձախին) գիւղին քահանան է՝ Տէր Մաղաքիա Աթանասը (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, Նիւ Եորք, 1959)

Գոմք (ներկայիս Ենիքափը)

Դպրոցը կը գտնուի գիւղին Ս. Նշան եկեղեցիին կից։ Այստեղ երկար ատեն կը պաշտօնավարէ Պետրոս Վարդանեան (1865, Հաւաւ - կը սպաննուի 1915-ին)։ 1905 թուականին աշակերտներու թիւը կը հասնի մօտ 75-ի։ Կարիքը կը զգացուի աւելի մեծ վարժարանի մը շինութեան։ Շինարարական աշխատանքները ծայր կ՚առնեն եւ հին միայարկ դպրոցին վրայ կ՚աւելցնեն նոր յարկ մը։ 1909-ին հաստատութիւնը կը հաշուէ մօտ 100 աշակերտներ, որնցմէ 10-ը աղջիկներ են։ Նոր ուսուցիչ կը կարգուի Գէորգ Կէօլճիւկեան, որ շրջանաւարտ է Եփրատ գոլէճէն։ Այս վերջինին օրով վարժարանէն ներս կը մտցուին բարեփոխումներ. դասարանային կարգեր կը հաստատուին եւ նոր դասագիրքեր կը բերուին։ 1910-ին վարժարանը կը հաշուէ արդէն 150 աշակերտներ, որոնցմէ 25-ը՝ աղջիկներ։ Այս պայմաններուն մէջ աղջկանց բաժինը կը փոխադրուի Յովակիմ Գույումճեանի տան մէկ սենեակը եւ Մեզիրէէն կը հրաւիրուի ուսուցչուհի մը։ Գոմքի դրացի գիւղերէն եւս աշակերտներ ու աշակերտուհիներ կը յաճախեն գիւղի աղջկանց եւ տղոց վարժարանները։ Կէօլճիւկեանէն ետք այստեղ կը պաշտօնավարէ Յովհաննէս Կարապետեան (Խարբերդ քաղաքէն եւ Մեզիրէի Կեդրոնական վարժարանէն շրջանաւարտ) [64]։

Չոր գեղ

Այս գիւղին մէջ կանոնաւոր դպրոց մը կը շինուի 1913 թուականին։ Անիկա յատկացուած է միայն տղոց կրթութեան [65]։

Սուրսուր

Սուրսուրի մէջ կանոնաւոր դպրոց մը կը բացուի 1890-ական թուականներուն՝ Ուստըրի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) հիմնուած Ուսումնասիրաց Միութեան նիւթական աջակցութեամբ։ Հայ բողոքականները եւ կաթողիկէները իրենց կարգին այս գիւղին մէջ իրենց վարժարանները ունին [66]։

Եղեգի (ներկայիս Աքսարայ)

Գիւղին մէջ կը գործեն աղջկանց եւ տղոց նախակրթարան վարժարաններ՝ ընդհանուրը մօտ 150 աշակերտ-աշակերտուհիներով։ Տղոց դպրոցին մէջ կը դասաւանդեն Լեւոն եւ Նշան Դագէսեաններ, Տիգրան Սարգիսեան, իսկ աղջկանց՝ Սինանուշ Ղազարեան եւ Արտեմիս Ահարոնեան։ Երկու հաստատութիւններն ալ նիւթական օժանդակութիւն կը ստանան Միացեալ Նահանգներու մէջ պանդուխտ եղեգիցիներու 1892-ին հիմնած Ուսումնասիրաց Ընկերութեան կողմէ [67]։

Շէյխ Հաճի

Գոյութիւն ունի հայկական վարժարան։ Կը նշուի որ 1913-էն սկսեալ տեղաբնիկ թուրք քանի մը ծնողներ իրենց զաւակները հայկական հաստատութեան մէջ կ՚արձանագրեն [68]։

Շընթիլ (ներկայիս Պահչէքափը)

Գիւղի եկեղեցիին կից գոյութիւն ունին աղջկանց եւ տղոց նախակրթարան վարժարաններ։ Տղոց հաստատութեան մէջ յաջորդաբար կը պաշտօնավարեն Պաղտասար, Ղազար եւ Պօղոս վարժապետները, Ասատուր Գասպարեան, Յովակիմ Աղաճանեան, Պետրոս Զարիֆեան։ Աղջկանց բաժինին մէջ ուսուցչութիւն կ՚ընէ Նեկտար Երէցեան։ Աշակերտութեան ընդհանուր թիւը կը հասնի մօտ 80-ի։ Շընթիլի կրթական կեանքի զարգացումին մէջ իր նիւթական նպաստը կը բերէ համագիւղացիներու կողմէ հիմնուած (1891-ին, Ուստըրի մէջ, Միացեալ Նահանգներ) Ուսումնասիրաց Միութիւնը [69]։

Վարդաթիլ (ներկայիս Եազըքոնաք)

Գիւղին Ս. Գէորգ եկեղեցիին կից կը գտնուին աղջկանց եւ տղոց վարժարանները։ Վարդաթիլէն մեկնած պանդուխտ հայեր, 1892-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ կը հիմնեն Ուսումնասիրաց Ընկերութիւն մը, որ նիւթական նպաստ կը հասցնէ գիւղի վարժարանին։ Կրթական այս հաստատութենէն ներս ուսուցչութիւն կ՚ենեն՝ Համբարձում Կէլէնեան (Համաստեղ), Մինաս Ահարոնեան, Ստեփան Փափազեան։ Աղջկանց բաժինին ուսուցչուհիներէն են՝ Վառվառ Մարգարեան եւ Արտեմ Մաղաքեան [70]։

Վերին Խոխ (ներկայիս Տետեյոլու), 1912. գիւղին դպրոցին աշակերտները։ Նկարին մէջ կ՚երեւին նաեւ դպրոցին վարժապետը՝ Պարսամ Չուպիկեան (կեդրոնը), ձախին՝ Քրիստափոր քհնյ. Մանուկեան, աջին՝ Զաքար Եղիկեան (հոգաբարձու) (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, Նիւ Եորք, 1959)

Այլ գիւղեր

Հայկական դպրոցներու գոյութիւնը կը յիշուի նաեւ Արփաւուտ [71], Վերին Մեզիրէ [72], Գայլու [73] եւ Վերին Խոխ (ներկայիս Տետեյոլու) գիւղերուն մէջ։

Photo gallery

1) Հայ որբեր Մեզիրէի գերմանական որբանոցին մէջ (Աղբիւր՝ Sonnen-Aufgang, Heft 3., 14. Jahrgang, Dezember 1911)
2) Մեզիրէ, Աբենեզեր տղոց որբանոց. տան «հայրիկ»ը կոչնակը զարնելու պահուն (Աղբիւր՝
Sonnen-Aufgang, Heft 1., 15. Jahrgang, Oktober 1912)
3) Մեզիրէի գերմանական վարժարաններուն ուսուցչական խումբը։ Նստած, ձախէն աջ՝ անծանօթ, Եղսա Սարաֆեան, Հանզինէ Մարշըր, անծանօթ, Մարթա Մինասեան։ Ոտքի, կեդրոնի շարք, ձախէն աջ՝ Միհրան Գաբրիէլեան, Մարտիրոս Պուճիգանեան, Պետրոս Կարապետեան, Եոհաննէս Էհմանն, Էրնսթ Զոմմըր, Կարապետ Մուշեղեան։ Վերջին շարք, ձախէն աջ՝ Ն. Մուղալեան, Յակոբ Մովսէսեան, Գէորգ Զուլումեան, Պաղտասար Ղազարոսեան, Ստեփան Սարաֆեան, Արշակ Ռումեան, Հայկազուն Արամեան (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ,
Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, Նիւ Եորք, 1959)
4) Գերմանական Ուսուցչանոցը (Deutches Lehrerseminar) (Աղբիւր՝ Ernst Sommer,
Was ich im Morgenlande sah und sann, Bremen, 1926)
5) Մեզիրէի գերմանական վարժարանէն ընթացաւարտ (1908)՝ Յովհաննէս Կարապետեանի վկայականը (Աղբիւր՝ Բենիամին Ժամկոչեան,
Պատմութիւն Մամիւրէթ Իւլ Ազիզի գերման որբանոցներու, Պէյրութ, 1973)
6) Մեզիրէ, գերմանական որբանոցին մէջ արհեստ սորվող տղաներու խմբանկար։ Կեդրոնը, նստած՝ վարպետ արհեստաւորը (Աղբիւր՝ Բենիամին Ժամկոչեան,
Պատմութիւն Մամիւրէթ Իւլ Ազիզի գերման որբանոցներու, Պէյրութ, 1973)

1) Մեզիրէի գերմանական որբանոցի երախաներուն դաշտագնացութիւնը (Աղբիւր՝ Sonnen-Aufgang, Heft 4, 15. Jahrgang, Januar 1913)
2) Հիւսէնիկէն ընդհանուր տեսարան մը (Աղբիւր՝ Կ. Յ. Ահարոնեան (խմբագիր),
Հիւսէյնիկ, տպ. «Հայրենիք», Պոսթըն, 1965)
3) Մարտիրոս Պուճիգանեանի (գերմանական վարժարանի յայտնի ուսուցիչներէն) ընտանիքը. ոտքի, ձախէն աջ՝ Հայկ, Վերժին, Արսէն, Վարսենիկ, Յակոբ։ Նստած, ձախին՝ Մարտիրոս Պուճիգանեան. ճիշդ առջեւը կանգնած փոքրիկ տղան՝ Դանիէլ, Մարտիրոսին աջին կանգնած աղջնակը՝ Վարդուհի, իսկ աջին նստած՝ Շուշանիկ (Մարտիրոսին կինն ու 7 զաւակներուն մայրը) (Աղբիւր՝ Բենիամին Ժամկոչեան,
Պատմութիւն Մամիւրէթ Իւլ Ազիզի գերման որբանոցներու, Պէյրութ, 1973)
4) Մեզիրէէն տեսարան մը (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ,
Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, Նիւ Եորք, 1959)
5) Թլկատին/Խույլու (ներկայիս Քույուլու) գիւղի հայկական նախակրթարանին աշակերտները։ Կեդրոնը, նստած, ձախէն աջ՝ Համբարձում Զաքարեան (ուսուցիչ), Տէր Խորէն քհնյ. Բաշալեան (Աղբիւր՝ Վահէ Հայկ,
Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, Նիւ Եորք, 1959)

1) Մեզիրէ. գերմանական աղջկանց (ձախին) եւ տղոց (աջին) որբանոցները (Աղբիւր՝ Ferdinand Brockes, Quer durch Klein-Asien, Gütersloh, 1900)
2) Մեզիրէ. տղոց գերմանական որբանոցը (Աղբիւր՝ Ernst Lohmann,
Skizzen und Bilder aus dem Orient, Frankfurt, 1899)

  • [1] Մանուկ Գ. Ճիզմէճեան, Խարբերդ եւ իր զաւակները, Ֆրէզնոյ, 1955, էջ 75-76։
  • [2] Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, Նիւ Եորք, 1959, էջ 409-426, 436-441։
  • [3] Ճիզմէճեան, Խարբերդ եւ իր զաւակները…, էջ 162։
  • [4] Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը…, էջ 441-452, 622-623, 723-725; Ճիզմէճեան, Խարբերդ եւ իր զաւակները…, էջ 75-77, 149։
  • [5] Բենիամին Ժամկոչեան, Պատմութիւն Մամիւրէթ Իւլ Ազիզի գերման որբանոցներու, Պէյրութ, 1973, էջ 211-216։
  • [6] Նոյն, էջ 25, 29, 82։
  • [7] Նոյն, էջ 29։
  • [8] Նոյն, էջ 31; Johannes Ehmann, “Schularbeit in Mesereh“ in Sonnen-Aufgang, Heft 9., 16. Jahrgang, Juni 1914, p. 131։
  • [9] Ժամկոչեան, Պատմութիւն Մամիւրէթ Իւլ Ազիզի…, էջ 26, 41-42։
  • [10] Ernst Sommer, “Knabenwaisenhaus Eben-Ezer“ in Sonnen-Aufgang, Heft 6., 15. Jahrgang, März 1913, p. 89։
  • [11] Ժամկոչեան, Պատմութիւն Մամիւրէթ Իւլ Ազիզի…,էջ 26, 175։
  • [12] Նոյն, էջ 26, 45-48, 50, 144-145, 147, 149-150։
  • [13] Նոյն, էջ 26, 161-163, 169։
  • [14] Նոյն, էջ 26, 326։
  • [15] Նոյն, էջ 149։
  • [16] Նոյն, էջ 39, 51, 55-56։
  • [17] Նոյն, էջ 120։
  • [18] Նոյն, էջ 121-122։
  • [19] Նոյն, էջ 129-130, 166, 326։
  • [20] Նոյն, էջ 136-137։
  • [21] Նոյն, էջ 32, 128, 138։
  • [22] Նոյն, էջ 31, 32, 90։
  • [23] Նոյն, էջ 36-37, 61։
  • [24] Նոյն, էջ 60։
  • [25] Ernst Sommer, “Die deutsche Knabenschule in Mesereh“ in Sonnen-Aufgang, Heft 6., 15. Jahrgang, März 1913, p. 89։
  • [26] Ժամկոչեան, Պատմութիւն Մամիւրէթ Իւլ Ազիզի…, էջ 64-87։
  • [27] Նոյն, էջ 149; Ճիզմէճեան, Խարբերդ եւ իր զաւակները…, էջ 370։
  • [28] Hansine Marcher, “Bericht über das Seminar und die Mädchenschule in Mesereh“ in Sonnen-Aufgang, Heft 3., 14. Jahrgang, Dezember 1911, p. 38։
  • [29] Ժամկոչեան, Պատմութիւն Մամիւրէթ Իւլ Ազիզի…, էջ 150։
  • [30] Նոյն, էջ 65։
  • [31] Նոյն։
  • [32] Նոյն, էջ 58, 64-65։
  • [33] Ernst Sommer, “Unter den Knaben in Ebenezer“, in Sonnen-Aufgang, Heft 1., 15. Jahrgang, Oktober 1912, p. 6։
  • [34] Ehmann, “Schularbeit in Mesereh“…, p. 134։
  • [35] Ժամկոչեան, Պատմութիւն Մամիւրէթ Իւլ Ազիզի…, էջ 89-90։
  • [36] Նոյն, էջ 89-91։
  • [37] Նոյն, էջ 92։
  • [38] Նոյն, էջ 89։
  • [39] Նոյն, էջ 93։
  • [40] Նոյն, էջ 94։
  • [41] Նոյն, էջ 94։
  • [42] Նոյն, էջ 94-102։
  • [43] Ehmann, “Schularbeit in Mesereh“…, p. 133-134։
  • [44] Ժամկոչեան, Պատմութիւն Մամիւրէթ Իւլ Ազիզի…, էջ 102-105։
  • [45] Նոյն, էջ 158, 163, 167։
  • [46] Նոյն, էջ 107-109։
  • [47] Մանուկ Պ. Ծերօն, Բարջանճ գիւղ. համայնապատում (1600-1937), Պոստոն, 1938, 177-178։
  • [48] Նոյն, էջ181։
  • [49] Նոյն, էջ 177-178։
  • [50] Նոյն, էջ 178։
  • [51] Նոյն, էջ 178-179։
  • [52] Հապուսի գիւղին պատմութիւնը, տպ. «Պայքար», Պոստոն, 1963, էջ 21-38։
  • [53] Կ. Յ. Ահարոնեան (խմբագիր), Հիւսէյնիկ, տպ. «Հայրենիք», Պոսթըն, 1965, էջ 40-55, 58-64, 89-92, 203-221; Marderos Deranian, Hussenig. The origin, history, and destruction of an Armenian town, translated by Hagop Martin Deranian, Armenian Heritage Press, Belmont, 1994, էջ 63-81։
  • [54] Գուրգէն Մխիթարեան, Մեր գիւղը Դատեմ (հին եւ նոր ժամանակներուն), տպ. «Հայրենիք», Պոստոն, 1958, էջ 48-61; Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը…, էջ 909-910։
  • [55] Նոյն էջ 801-806։
  • [56] Նոյն, էջ 839-840; Ապտալ Գոլէճ Պօղոսեան, Բազմաշէնի ընդարձակ պատմութիւն, տպ. «Պայքար», Պոստոն, 1930, էջ 48, 56-60, 115, 172-173։
  • [57] Յարութիւն Խ. Շապուհեան, Պատմութիւն Քօռփէ կամ Քէօրբէ գիւղին, [ձեռագիր պատճէնահարուած տարբերակ], 1917 (վերամշակուած 1958-ին), Միացեալ Նահանգներ, էջ 36-40; Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը…, էջ 943-944։
  • [58] Նոյն, էջ 775-776։
  • [59] Նոյն, էջ 858-860։
  • [60] Նոյն, էջ 869-870, 876-877։
  • [61] Նոյն, էջ 880-882։
  • [62] Նոյն, էջ 889։
  • [63] Նոյն, էջ 904-905։
  • [64] Նոյն, էջ 920-922։
  • [65] Նոյն, էջ 934։
  • [66] Նոյն, էջ 949։
  • [67] Նոյն, էջ 957։
  • [68] Նոյն, էջ 963։
  • [69] Նոյն, էջ 969։
  • [70] Նոյն, էջ 974-975։
  • [71] Նոյն, էջ 954։
  • [72] Նոյն, էջ 968։
  • [73] Նոյն, էջ 973։