Խարբերդ քաղաք. «Եփրատ» գոլէճի աղջկանց բաժանմունքի գիշերօթիկէն ներս (Աղբիւր՝ Amherst College, Archives and Special Collections, William Earl Dodge Ward Papers)

Խարբերդ - Ժողովրդային բժշկութիւն

Հեղինակ՝ Ատոմ Յ. Պուճիգանեան 20/11/2018 (վերջին փոփոխութիւն՝ 20/11/2018)

Նախաբան. հեղինակին անձնական խօսքը

Երբ որոշուեցաւ որ ուրիշ հայկական պատմական գաւառներուն ժողորդային բժշկութեան ուսումնասիրութեանց կարգին Խարբերդինին մասին ալ գրեմ, բուն նիւթը ներածելէս առաջ յարմար գտայ ծանօթացնել իմ «պապենական գաւառին» առնչուած կարգ մը անձնական փորձառութիւններ ու որոշ մտածումներ:

Լիբանան՝ սերած ըլլալով խարբերդցի գերդաստանէ մը, մանկա-պատանեկութեանս շրջանին ուղեղս ողողած են այդ գաւառին բարեմասնութիւններովը ու իր բնակիչներուն «անհամար» առաքինութիւններովը:

Կանուխէն կը լսեմ Խարբերդ հաստատուած գերման, անգլիացի, ֆրանսացի ու ամերիկացի միսիոնարներուն մշակած հոգեւոր ու իմացական դաշտերուն մասին: Կը ծանօթանամ գերման ուսուցչանոցին ու որբանոցին «Բասթօռ» Էհմանին ու ամերկացիներուն կրթական ներդրումին երաշխիքը հանդիսացող «Եփրատ» գօլէճին,  որ արդէն այդ թուականներուն ունի աղջկանց ու տղայոց գիշերօթիկնոցներ հոն պատսպարելու համար նաեւ այլ գաւառներէն եկուոր ուսումնատենչները: Կը լսեմ անոնց հիմնած ուսուցողական հիւանդանոցներուն մասին, ուրկէ «կ'ելլէին» հայ բժիշկներ ու հիւանդապահուհիներ եւ ուր կը դարմանուէին նաեւ թուրքերն ու քիւրտերը: Իսկ Վահէ Հայկի ծանրաբեռ հատորը [1], մեր տան «անկիւնաքար»ը կը կազմէր: Հեռու չէր որ տան պզտիկներս հարց տայինք թէ արդէօք «այդ» դաշտէն մտաւորականնե՞ր կը բուսնին:

Նոյնիսկ գիտէինք հօրենական մեծ հօրս պաշտօնակից Եփրատ գօլէճի մի քանի «բրէֆէսորներուն» ազգանունները: Այդ մեծ հայրիկը, 1 մայիս 1915-ին, Կեդրոնական վարժարանի տնօրէն Թլկատինցիի հետ «պարզ ստուգումներու» համար ոստիկանատուն կը կանչուի, ու բանտին մէջ խոշտանգուելէ ետք կը նահատակուի [2]: Յովհաննէսի վաճառական եղբայրը Պօղոս, ինչպէս նաեւ իրենց քոյրը Հռիփսիմէ, նմանօրինակ չարչարանքներու տակ նոյնպէս կը նահատակուին: Ընտանիքին մէջ կը պատմէին թէ ինչպէ՞ս «սեւ օրերուն», գերման ու ամերիկացի միսիոնարները ի գին իրենց կեանքին հայեր կը փրկեն զանոնք պահելով գաղտնի տեղեր:

1) Խարբերդ, Քարաճեան ընտանիք, 1910-ի շուրջ։ Ոտքի, ձախէն երկրորդը՝ Տիգրան Քարաճեան, որ հետագային կ՚ամուսնանայ Աղաւնի Թաշճեանի հետ։ Տիգրան եւ Աղաւնի Ատոմ Պուճիգանեանի (սոյն յօդուածին հեղինակը) մօրենական մեծ հայրն ու մեծ մայրն են։ Տիգրան կը սպաննուի 1915-ին։ Պատկերին մէջ Տիգրանէն երկու անձ աջ գտնուող եւ ձեռքին գիրք բռնած պատանին իր եղբայրը Կարապետ Քարաճեանն է։ Մնացեալները ընտանիքի միւս անդամներն են, որոնց անունները անյայտ են (Աղբիւր՝ Ատոմ Պուճիգանեանի հաւաքածոյ, Մոնթրէալ)։
2) Խարբերդ, 1897-ի շուրջ։ Յովհաննէս Պուճիգանեանի կնոջ՝ Մարիցա Թիւֆէնքճեանի ընտանիքը։ Ձախէն աջ, ոտքի՝ Մարիցայի մայրը՝ Հռեփիմէ, կողքին, նստած՝ Մարիցայի հայրը՝ Գարեգին։ Մարիցա (ծն. 1883) նստած է հօր աջին, գլխուն ճերմակ ժապաւէն մը կայ (Աղբիւր՝ Սուզըն Սոպէյճի (Սօպաճի) հաւաքածոյ, Ֆրէզնօ, Քալիֆորնիա)։

Մայրս իր նահատակ հօրը Տիգրան Քարաճեանի այրիին՝ Աղաւնի «վարժուհիին» (մօրենական մեծ մայրիկս) կը յանձնէ մեր նախա-նախակրթարանային հայերէնի ուսուցումը: Ան հրաշաբառը կը «սորվեցնիր» կրկնելով թէ «խարբերդցիները հայախօս կ'ըլլին»: Երբ ակռան ցաւի Աղաւնի մեծ մայրիկը լինտերը կը «շփայ» ամենաբուժ օղիով, խօսք նետելով դեղագործ հօրս՝ «դուք բրոտ [բողոքական] իք, այս դեղը ձեզի չի գար»: Արդեօ՞ք միայն իր բուժիչ յատկութիւններուն համար է որ Աղաւնին բալի օղի կը պատրաստէր խոհանոցին մէջ, տօնական օրերուն դուրս  բերելու համար: Աղաւնին պաշտօնավարած էր Պէյրութի հիւսիսը գտնուող Ղազիրի զուիցերիացի միսիոնար Եաքոպ Քիւնցլերի ղեկավարած հայկական որբանոցին մէջ: Երբ իր պահած որբանոցային արխիւները խառնկտելով մոլաքոր (urticaria) կ'ունենամ, կ'ըսէ «սա տապաս է, եկուր մածուն քսիմ»: Աղաւնին Երկնաւորը կը փառաբանրէր կրկնելով «Անունը սիրիմ»:

Մեր գերդաստանին ընկերային  կեանքին ծանրութեան կեդրոնը Խարբերդն էր։ Գոյութիւն ունէր Պէյրութի Համախարբերդցիական միութիւնը, որ կը խմբէր նաեւ Խարբերդ/Մեզիրէ քաղաքներուն շրջակայքի գիւղերէն հայրենակիցներ: Միութիւնը կը հրատարակէ մինչեւ օրս պատկերազարդ օրացոյց մը:

Ընտանիքին ատամնաբուժը հիւսէնիկցի էր, իսկ հօրս ու իմ սափրիչը՝ խարբերդցի: Պէյրութի Ռմէյլ թաղամասի գարեջուրի գործարանին մօտի իր հայելազարդ-պատկերազարդ կրպակին մէջ ու միշտ փողկապազարդ պարոն Եղիան (Տէր Մանուէլեան) մկրատը երկոտասնեակ մը օդին մէջ շխկացնելէ ետք կը սկսէր մազերս կտրել։ Հինէն բաներ մը կը մրթմրթար, բայց ես տակաւին անոնց իմաստին չէի կրնար թափանցել: Ատենը մէյ մը մենախօսութիւնը կը դադրեցնէր եւ խարբերդեան բարբառով կը հարցնէր. «կասնա՞ս»: Իր տղան՝ Քրիստափորը, ականաւոր լուսանկարիչ դարձաւ ԱՄՆ-ի մէջ:

Հաւանաբար Խարբերդով յագեցած մեր տան միջավայրը կը զօրացնէր գոյատեւելու կամքը  մեր մեծերուն, որոնք նահատակներ տալէ ետք «օտար հողի» վրայ նոր կեանք մը սկսած էին: Արդեօ՞ք Խարբերդով ապրելու կարօտաբաղձութիւնը երազել կու տար թէ օր մը անոնք հոն պիտի կարենան վերադառնալ:

Ուշ պատանեկութեանս, արդէն սկսած էր ինծի տարօրինակ թուիլ ընտանիքին «խարբերդա-կեդրոն» մօտեցումը, որուն պատճառով ալ սերտ յարաբերութիւններ կը մշակուէին միայն Խարբերդի նահանգէն սերած հայրենակիցներու հետ, որոնց շարքին էին՝ «քաղաքացին», մեզիրեցին, հիւսէնիկցին, մորենիկցին, եւայլն: Անմիջական շրջակայքի - ինչպէս Տերսիմ, Մալաթիա, Տիգրանակերտ - գաւառացիներն ալ ընդունելի էին, այսինքն «were also ok»: Ինծի անհասկնալի կը թուի «մաքրակրօն» խարբերդցիին այս առանձնական մօտեցումը: Արդեօ՞ք կիլիկեցիներէն, որոնց համար կ՚ըսէին՝ «մեզի պէս հայախօս չեն», խուսափելու համար էր։ Իսկ անոնք ի՞նչ կը մտածէին խարբերդցիներուն մասին: Արդեօք հայերս ունէի՞նք/ունի՞նք տեսակ մը «հայրենակցական այլամերժութիւն»:

1) Խարբերդ քաղաքի Վերի թաղէն ընդհանուր պատկեր մը (Աղբիւր՝ Harvard University, Houghton Library)։
2), 3) Խարբերդ քաղաքի Վերի թաղին մէջ գտնուող ամերիկեան «Եփրատ» գոլէճը (Աղբիւր՝ Harvard University, Houghton Library)։

Տեղագրութիւն, կլիմայ ու ջրագրութիւն

Ծանօթ է թէ երկրի մը աշխարհագրական դիրքը, ջուրերը ու կլիման ազդեցութիւն կրնան ունենալ բնակիչներուն ապրելակերպին, սովորութիւններուն արհեստներուն ու հետեւաբաար ընդհանուր առողջական վիճակին վրայ: Այդ առնչութեամբ կը փափաքիմ արագ ակնարկով մը ներկայացնել այդ բաղկացուցիչները:

Պետրոս Տեփոյեանի «Խարբերդ ու անոր անմիջական շրջանակը» գլուխէն կը հասկցուի թէ Մամուրէթ-ուլ Ազիզ նահանգի Խարբերդ գաւառը ինքնին բարձրաւանդակ մըն է պարփակուած Տաւրոսի եւ Անդրտաւրոսեան լեռնաշղթաներով: Անոնք աստիճանաբար գոգանալով  կը վերածուին արգասաբեր մշակուած դաշտագետինի մը («Ոսկեղէն դաշտ»)  «զարդարուած» մօտ 360, մեծ մասամբ հայաբնակ գիւղերով [3]:

Աշխարհագրական դիրք եւ կլիմայ.- Նահանգը կը գտնուէր Օսմանեան կայսրութեան արեւելքը գրեթէ հաւասար հեռաւորութեամբ հիւսիսէն՝ Սեւ ծովէն ու հարաւէն՝ Սուրիոյ ժամանակակից սահմանէն: Կլիման ցամաքային է, տաք ամառով ու ձիւնառատ ձմեռով [4]: Հայ խարբերդցիներէ լսած ենք, թէ այնքան կը ձիւնէր որ քաղաքին արդէն իսկ նեղ ճամբաները անգործածելի կը դառնային եւ շրջագայութիւնը «տէնրէ տէնիր» (տանիքէ տանիք) կը փոխադրուէր: Օսմանեան այս նահանգին երկու գլխաւոր քաղաքներն էին լեռնային դիրքով Խարբերդը, ծովուն մակերեսէն 1290 մեթր բարձրութեան վրայ, եւ սարահարթ Մեզիրէն (Մամուրէթուլ Ազիզ), 1074 մեթր բարձրութեան վրայ, հաւասար «Ոսկեղէն դաշտ»ին մակարդակին [5]:

Ջրագրական վիճակ.- Նահանգը հիւսիսէն ու հարաւէն կը սահմանուի Արածանի (Մուրատ չայ) ու Եփրատ գետերով: Այսպէսով շրջանը կը վերածուի տեսակ մը ջրառատ թերակղզիի, որ ամառը կրնայ դառնալ վատառողջ, ճահճային մժեղա-բուծարանի մը: Բնութիւնը հարուստ է կենդանիներով ու բուսականութեամբ: Մշակուած ցանքերուն կարգին յիշենք ցորեն, գարի (barley), վարսակ (oat), արմտիք, ընդեղէններ, զանազան պտուղներ, բամպակ, այգեստաններ ու թթենիներ: Եփրատի ու Արածանիի մէջ կը թափին գետակներ կազմուած առուակներէ ու հեղեղատներէ, արդիւնք` գարնանային ձիւնհալի: Գիւղերը ունին իրենց բնական ու արուեստական աղբիւրները:

Կը կարդանք թէ հեղեղատներուն բերած ջուրը, որ կը հոսի դաշտերուն մէջ, հարուստ է հանքային արգասաբեր նիւթերով [6]: Խարբերդ ունի Ծովք անունով լճակ մը, որուն ջուրը թէեւ վճիտ, սակայն լեղի է: Անոր Խտուտ ձուկը որ կ'արտածուէր, տեղացին կը չորցնէր իբրեւ ձմռան պաշար [7]: Հոս աւելցնեմ թէ խարբերդցին Ջերմուկ գաւառի տաք ջուրի բաղնիքը կ'երթար բուժելու համար  իր զանազան հիւանդութիւնները: Ուրիշ հանքային աղերու կարգին, ջուրը հարուստ է ծծմբային նիւթերով եւ մասնաւորաբար օգտակար է յօդացաւի պարագային [8]: Տրուած ըլլալով լեռներուն հանքային հարստութիւնը կարելի՞ է հետեւցնել թէ Ծովքն ալ գեր-յագեցած է այդ աղերով, որոնք կը լեղիացնեն իր ջուրերը: Խտուտը հաւանաբար տարիներու ընթացքին  յարմարած է լիճին ջուրերուն բաղադրութեանը: Կարելի է հարցադրել թէ խտուտին միսը ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունեցած ըլլալ տեղացիին առողջութեանը վրան:

Խարբերդցին ունէր ինքնուրոյն կերպ իր ուտեստեղէնները պահպանելու՝ օգտագործելով Խարբերդ քաղաքի լեռնային Սինամուտ թաղին պուզլուխէն (սառնարան) փրցուած սառոյցի կտորները, որոնք կը պահուէին բնակարաններու սառցատուփերուն մէջ: Այդ պուզլուխը կամ աւելի ճիշտ պուզլուխները լերան լանջին ապառաժներու խորունկ ճեղքերուն մէջ քարացած ձիւնի շերտեր են, որոնք անհալ կը մնան նոյնիսկ ամռան ամենատաք ամիսներուն իսկ [9]:

Պատկերներ Խարբերդ քաղաքէն ձմեռ ժամանակ (Աղբիւր՝ Amherst College, Archives and Special Collections, William Earl Dodge Ward Papers)։

Ցարդ կարելի է հետեւցնել թէ խարբերդցին ունենալու էր ընդհանրապէս լաւորակ առողջական մակարդակ, նկատի առնելով լեռնային մաքուր օդը, ըմպելի ու մաքրութեան ջուրի գոյութիւնը... եթէ այդ գծով որոշ բացասական ազդակներ չըլլային: Խարբերդցին ծանօթ էր օճառին, որ կը ներածուէր տեղական վաճառականներու կողմէ [10]:

Կայ նաեւ խարբերդցիին բաւականին առողջարար սնանումը, սպառելով ընդեղէն, արմտիք, պտուղ, որոնք առատօրէն կ՚արտադրուէին իր ոսկեղէն դաշտին մէջ: Թէեւ այգեստաններէն գինի կ'արտածուէր Կովկաս ու Ռուսիա, տանը մէջ «հանուած» գինին ու օղին կը խմուէր նահապետական ժուժկալութեամբ [11]: Գալով աֆիօնի մշակումին, ան կամաց-կամաց տեղի կու տայ պարտիզամշակութեան զարգացումին. բան մը որ կ՚ենթադրենք կասեցուցած է աֆիօնամոլութիւնը, եթէ իսկապէս անիկա գոյութիւն ունեցած է [12]:

Սակայն մինչեւ առողջական  որոշ մակարդակի մը հասնիլը, ինչպէս «պէլէտիէյի խալֆա» (քաղաքապետարանի ճարտարապետ) Պօղոս էֆէնտի Ծերօն կը նշէ, 1870-ականներուն Խարբերդի դաշտի գիւղերը, ինչպէս օրինակ Բարջանճ, զրկուած էին տարրական արտաքնոց-կոյուղային դրութենէ: «Տուներու արտաքնոցները ջրով չէին ողողուէր, կոյուղիի արդիական դրութիւն չունէինք, փողոցներու ընդհանուր մաքրութիւնը գործն էր տեղատարաբ անձրեւներու, որոնք շատ մը փողոցները անանցնելի տղմուտներու կը վերածէին (...)։ Արտաքնոցները կը բացուէին տան ետեւի բակերուն կամ փողոցներուն վրայ, պատին կից ծակերու մէջ ու շատ մը տեղեր անծածկ (...)։ Բակերու անկիւնները հասարակաց արտաքնոցներու տեղ կը գործածուէին մանաւանդ պզտիկներու կողմէն»: Դժուար չէ երեւակայել այս պայմաններուն մէջ տարափոխիկ հիւանդութիւններուն շարքը:

1870-ականներուն, Պօղոս էֆէնտի Ծերօն իր գիւղին՝ Բարջանճի համար, ձեռք կը բերէ առողջապահական ընդհանուր մաքրագործում պարտադրող քաղաքապետական օրինագիր մը՝ «տուգանքի ու բանտարկութեան  սպառնալիքով»: Ծերօն նաեւ կը ներմուծէ ծաղկախտի պատուաստը ու պարտադիր կը դարձնէ անոր գործածութիւնը [13]:

Խարբերդ գաւառին ճարտարարուեստը

Ուրիշ հայկական գաւառներու նման Խարբերդն ալ ունէր իր արհեստները, որոնցմէ Տինճեան կը  յիշէ հետեւեալները. դերձակութիւն, կօշկակարութիւն, երկաթագործութիւն, ատաղձագործութիւն, կահագործութիւն, ոսկերչութիւն, մսագործութիւն, կտաւագործութիւն ու սափրիչութիւն (սափրիչները կը նկատուէին նաեւ «կէս-բժիշկ կամ կէս-ատամնաբուժ» [14]:

Առոջապահական տեսանկիւնէն կարեւոր է ընդգծել որ Խարբերդի պարագային ունինք նաեւ մի քանի մեծ ճարտարարուեստներ, մասամբ հիմնուած տեղւոյն հում նիւթերուն գոյութեան վրայ: Անոնցմէ են մետաքսաշինութիւնը հիմնուած թթամշակութեան վրայ: Թթենիներուն տերեւներով սնանող շերամի թրթուրներուն խոզակները կը «քակուին» տաք ջուրի մէջ, կը պատրաստուի մետաքսի թելը, որմէ ալ կը հիւսուի կերպասը: Գաւառը ունէր շոքեշարժ մեքենաներով երկու գլխաւոր մետաքսի գործարաններ. Ֆապրիքաթորեան (Մեզիրէ) [15] եւ Քիւրքճեան (Խարբերդ քաղաք) ընտաիքներուն գործարանները [16]: Մեծ թիւով կիներ կ'աշխատէին այս գործարաններուն մէջ:

Գաւառը Պաքր Մատէնի մէջ ունէր նաեւ ոսկիախառն պղինձի հանք, ուր ամէն աշխատանք կը կատարուէր ձեռքով [17]: Խարբերդ քաղաքին մէջ կար Բարիկեան եղբայրներու մետաղի ձուլարանը, որ միեւնոյն ատեն կ'արտադրէր երկրագործական ու այլ գործիքներ [18]: Ուրիշ տարածուած արհեստ մըն էր կաշեգործութիւնը եւ այս նպատակով գործածուող խաղախորդարանները։ Այս վերջիններուն բանեցման համար պէտք կար մեծ քանակութեամբ ջուրի: Գլխաւոր գործարանը կը գտնուէր Խարբերդ քաղաքին «վարի թաղին» ձորակի մը առատահոս աղբիւրին վրայ: Ուրիշներ ալ կային դաշտի գիւղերուն մէջ [19]:

1) Խարբերդ քաղաք, Վարի թաղ, քափուչին եկեղեցիին քով. չորս նստարանով զբօսայգիի անիւ (Աղբիւր՝ Amherst College, Archives and Special Collections, William Earl Dodge Ward Papers)։

2) Սափրիչ մը Խարբերդ քաղաքին մէջ աշխատանքի ընթացքին (Աղբիւր՝ Amherst College, Archives and Special Collections, William Earl Dodge Ward Papers)։

Անկասկած այդ ժամանակներուն կարելի չէր պահանջել  բնապահպանական հասկացողութիւն Խարբերդի ճարտարարուեստի ռահվիրաներէն եւ կամ Մէզիրէի քաղաքապետարանէն։ Սակայն կարելի է հարց տալ թէ գործարաններէն արտաքսուած ջուրերուն մէջի թափթփուքները ինչպիսի ազդեցութիւն ունեցած են գաւառի ընդհանուր առողջական վիճակին վրայ: Վնասակար մնացորդներէն են բիւրաւոր խոզակներուն մէջի թրթուրներուն դիակները ու խաղախորդարանէն դուրս նետուած մորթերուն ու կաշիներուն նեխելի կտորուանքները: Այս առնչութեամբ յիշեցնեմ նորվեկիացի Հենրիք Իփսէնի (1828-1906) «Enfolkefiende» (Ժողովուրդի թշնամին) թատերգութիւնը, որուն առանցքը կը կազմէ գործարաններուն կեղտոտ ջուրերը եւ անոնց ազդեցութիւնը հանրային առողջութեան վրայ:

Կայ նաեւ աշխատաւորներուն «պարապմունքային հիւանդութիւններուն» պարագան [20]: Այսպէս, հիւսուածեղէնի գործաւորները կ'ունենան շնչառական դժուարութիւն եւ թոքերու բորբոքում, հանքագործները՝ թոքերու սիլիքոզիս (հազ, շնջառական դժուարութիւն, թոքերու բորբոքում): Պղինձի հանքագործները քաղցկեղի հակամէտ են, իսկ ընդհանրապէս մետաղագործական արհեստաւորներն ալ՝ մորթային հիւանդութիւններու: Արդեօք գործատէրերը ինչպէ՞ս կը հոգային հիւանդ աշխատաւորներուն առողջական խնդիրները, անոնք դարմանումի կը ղրկուէի՞ն Խարբերդի ամերիկեան միսիոնարական հիւանդանոցը: Այդ մասին կարելի չեղաւ տեղեկութիւն գտնել: Այս պարագային ալ Պօղոս Ծերօնի օրինակով ահազանգ հնչեցնողներ գտնուա՞ծ են:

Խարբերդցիներուն ժողովրդային հաւատալիքներուն կապուած դարմանումներ

Այլ գաւառներու օրինակով, խարբերդիցիներն ալ կը դիմէին աւելորդապաշտական «դարմանումի» կերպերու, զերծ մնալու համար չարացած ճիներէն - որոնք վախով-դողով կ'որակուէին «մեզմէ աղեկները» -, եւ կամ ալքերէն (ադամորդու թշնամիները) գալիք վնասներէն: Խարբերդցին կը յուսար ստանալ հրաշալի բուժումներ, արդիւնք ուխտագնացութեան, գերբնական միջոցներու, բարի ոգիներու աջակցութեան կամ չար ոգիներու խափանումին: Այս գծով տեղեկութիններ կան Բարջանճ եւ Դատեմ գիւղերէն, նոյն ժամանակ հաւանական է որ նոյն հաւատալիքները ի զօրու էին նաեւ դաշտի յարակից գիւղերուն մէջ:

1) Շատ հաւանաբար քիւրտ կիներ լուսանկարուած Խարբերդի տարածքին մէջ (Աղբիւր՝ Harvard University, Houghton Library)։2) Տեղացի կիներ լուսանկարուած Մամուրէթուլ Ազիզի (Մեզիրէ) ամերիկեան «Էննի Թրէյսի Ռիկկզ» հիւանդանոցին առջեւ (Աղբիւր՝ Harvard University, Houghton Library)։ 

Նախապաշարումներ, գերբնական էակներ եւ պաշտպանութիւն անոնց դէմ

Ճիներ (ոգիները).- Ըստ տեղական հաւատալիքներուն, ի բնէ չար չեն բայց «ադամորդուն» թշնամի կը դառնան եթէ իրենց անունը բացէն ի բաց յիշուի կամ քար նետուի ջրհորներուն մէջ, ուր անոնք ընտանեօք կը բնակին: Պէտք չէ ճիները «հերսոտցնինք» (ջղայնացնել) քանի որ անոնք «տան չաղաչոլուխի գլխուն վրայ պելա պատուհաս կ'ըլլին» [21]: Ճիներուն ի բնէ վատ տարբերակը Ալքն է:

Շըւոտներ (կանացի ուրուական).- Վնաս կը բերեն նորածինին ու տղացկանին:

Չար աչքի դէմ.- Գեղեցիկ երախաները, ինչպէս նաեւ առատ կաթնտու կովերն ու գոմէշները պահպանելու համար գիւղացին հմայեակ քարեր կը կապէր անոնց մազերուն կամ մուշտակին մէջ, իսկ հիւանդոտներուն վիզէն ալ ափսոններ պարունակող արծաթէ եռանկիւն տուփ մը կը կախէր [22]:

Ափսոնները.- Սուրբ գրութիւններ/աղօթքներ են գրուած որոշ վիճակներու համար: Անոնցմէ կը ներկայացնեմ երկու օրինակներ։ Առաջինը կապուած է երեսի վէրքերու բուժման եւ ծանօթ է «երես գրել» անուամբ. «Բազումողորմ Տէր (...) քահանայական աղօթիւք զհիւանդս բժշկել (...)։ (...) սրբեայ զաղտեղութիւն [աղտոտութիւն] երեսաց եւ ամբողջ մարմնոյ սորա (...)։ (…) եւ քեզ փառք...»։ Երկրորդը հաւանաբար կը ծառայէ մալարիային դողը կեցնելուն. «Տէր Ասուած մեր (...) ըստ Աստուածային հրամանիդ՝ կապեմք զդողս (...)։ Թող զդողս ի ծառայէ քումմէ [դողը թող քեզի ծառայէ](...) այժմ եւ միշտ...» [23]:

1) Խարբերդի մէջ մայր մը եւ իր զաւակները (Աղբիւր՝ Rigsarkivet/Դանիայի ազգային արխիւ, Քոփէնհակէն, շնորհակալութիւններ Մաթիաս Պիոռնլունտի)։
2) Խարբերդի շրջանին մէջ քիւրտ մը իր ձիուն վրայ։ Աջին կանգնողը հաւանաբար դուստրն է (Աղբիւր՝ Amherst College, Archives and Special Collections, William Earl Dodge Ward Papers)։

Ծննդաբերին ու մանուկին անմիջական ապահովութեան ու առողջական հարցերուն կապուած նախապաշարումներ

Շըւոտը կին ոգին (ճին) է, որ ծանօթ է նաեւ «Ադամորդոյ տուշման» (Ադամի որդի կամ պարզապէս մարդու թշնամի) անունով։ Բարջանճի մէջ, իրմէ պաշտպանուելու համար, ծննդաբեր կնոջ աջ կողմը կը դնէին երկաթէ խաչ ու ակիշ մը։ Այլապէս, շըւոտը կրնար գալ եւ տղացկան մօր «ճիկերը» (լեարդ) իր սեփական ակիշով փրցնել, իսկ նորածին երախան ալ կը փոխարինէր տգեղ ու տխեղծ ուրիշով մը: Մանուկին բարօրութիւնը ապահովելու համար, ծնունդէն 40 օր ետք,  քահանան պէտք էր պահպանիչ կարդար ու շուրջառը իբրեւ յուռութք թօթուէր մանկան վրայ [24]:

Բարջանճի բնակինչներուն նման դատեմցիներն ալ ծննդաբերը ու նորածինը  չարամիտ փերիներէն պաշտպանելու համար կը դիմէին թոնիրի ակիշին, զոր կը պահէին մօրը բարձին տակ: Տգեղ երախայ մը կը կոչէին «ալքուփոխածը» (ալքին բերած երախայով փոխարինուած): Ճիներուն դէմ պաշտպանուելու համար, տղացկանին ու մանուկին մահճակալները կը շրջապատէին մազէ պարանով մը: Ծննդաբերութիւնը կը կատարէին գիւղին փորձառու դայեակները, որոնք ծնունդէն ետք բաւական օրեր կը մնային տղացկանին սնարին քով, զայն ալքերէն պահպանելու համար [25]:

Թապղայ.- Բացարձակ արգելք (թապու) մը առնչուած որոշ այցելութիւններու, որոնք եթէ անտեսուին սաղմին կամ նորածինին համար առողջական աղէտի կրնայ վերածուիլ։ Այսինքն տեղի կ՚ունենայ վիժում կամ երախայի մահ ծնունդէն անմիջապէս ետք: Աւելին, այս «բանադրանքը» կրնայ սերունդէ սերունդ փոխանցուիլ: Թապղայ համարուած այցելութիւններ են հետեւեալ երկուքը. յղի կին մը պէտք չէ որ այցելէ նորօք տղացկանի մը՝ ծնունդին յաջորդող 40 օրերուն ընթացքին: Նմանապէս, նոր ամուսնացած զոյգեր պսակին յաջորդող 40 օրերուն ընթացքին պէտք չէ որ այցելութիւն տան իրարու, վերոյիշեալ աղէտները կանխելու համար: Իսկ եթէ արգելքները անտեսուին անուշադրութեամբ կամ բանաւոր պատճառաւ, տակաւին կայ փրկութեան ձեւ մը։ Այսպէս, կիները կարի ասեղներ կը փոխանակեն, իսկ ամուսիններն ալ երկուական դրամ: Եթէ պատահի որ այս ալ մոռցուի, այն ատեն թապղան բեկանելու համար կիները նորածին կատուի կամ շունի մը վրայէն երեք անգամ ցատկելով ու խաչակնքելով պէտք է կրկնեն. «թապղաս ձեր վրայ թափի» [26]:

Առաջին արգելքին կարելի է գիտական բացատրութիւն մը գտնել: Կը պատահի որ ծննդաբերութենէն ետք կիները ունենան մանրէական վարակումներ, ծնունդ առած ոչ առողջապահական շրջապատին ու գործածուած միջոցներուն (անմաքուր ձեռքեր, տնային խոհանոցի առարկաներ, լաթեր, եւայլն) հետեւանքով: Ծննդաբերութեան հանգրուանին անմաքրութեան գործած վնասներուն մասին առաջին անգամ կ'անդրադառնայ 19-րդ դարու կիսուն  հունգարացի բժիշկ Իկնաս Զէմմելվայսը (1818-1865)։ Անոնց առաջքը առնելու համար, ան մայրանոցներուն մէջ կը ներմուծէ հականեխական միջոցառումներ [27]: Կարելի է ըմբռնել թէ երբ յղի կինը կ'այցելէ նորօք ծննդաբերի մը, որուն առողջական վիճակը –մանրէներէ վարակուած ըլլալը կամ ոչ- յայտնի չէ տակաւին, թէական վտանգ կայ որ այցելուն ալ վարակուի ու մանրէները փոխանցուին սաղմին կամ նորածինին:

Գաղափար մը տալու համար թէ երբեմն ինչպիսի «նրբութիւններու» կը դիմէին Բարջանճի ժողվրդային դայեակներ Մախօ կամ Մերար Մրօ պաճիները կամ իրենց «մայրանոցէն» վկայեալները, յիշեցնեմ թէ երբ դժուարութիւն կ՚ըլլար «տղացկանին ընկերը», այլ խօսքով փլասենթան դուրս արտաքսուելուն մէջ, այն ատեն բահի մը կոթին վրան կը «հեծցնէին» կինը (կամ արդեօ՞ք այս կոթը կը մտցնէին ծննդաբերին արգանդին մէջ. աղբիւրին մէջ յստակ չէ այս կէտը) ու վեր-վար կը շարժէին մինչեւ որ փլասենթան իյնար։ Այս պատճառով ալ մայրերը կրնային որովայնի բորբոքում ունենալ եւ մահանալ, կամ ալ իրենց կեանքի ամբողջ տեւողութեան ցաւերէ տառապիլ: Կարելի է երեւակայել թէ նմանօրինակ պայմաններու ներքեւ կատարուած «մանկաբարձութիւնը» ինչպիսի մանրէական վարակումներու դուռ կրնար բանալ: Գալով փլասենթային, զայն կը թաղէին տան մէջ ապահով անկիւն մը, որպէսզի շուն-կատուի կեր չըլլար, անոր հետ մեկտեղ կը թաղէին նաեւ պորտը անջատած մկրատը, որպէսզի այլ բանի համար չի գործածուեր։ Այլապէս ըստ Մախօ պաճիին, երախան կը մեռնէր [28]։

Նորածինը անմիջապէս կ'աղէին ու օր մը այդպէս կը մնար որ «մարմինը եփուն ըլլի»: Ապա տաքուկ ջուրով կը լոգցնէին ու տոտիկներէն գլխիվար կը կախէին որ «էրկան պոյ ըլլի», իսկ գլուխէն բռնելով ալ կը կախէին որ «էրկան վզիկ» ունենար:

Նորածինին շորերուն մէջ կը ցանէին խանցուած «չաղայի հող» քրտնխաշէն մարմինը պահպանելու համար։ Երախային թեւերը երեք անգամ կուրծքին վրայ կը խաչաձեւէին, ըստ քրիստոնէական հաւատամքին, ապա սեղմ, գրեթէ մոմիայի մը նման կը խանձարուրէին: Երախան երիցս խաչաձեւելու ծէսը ի՞նչ չափով կրնար պաշտպանել զայն աղին արթած այրուցքէն կամ անոր մորթային ներծծումէն: Աղը մորթային ճանապարհով անցնելով արեան մէջ կրնայ մանկան հանքային նիւթերուն բնական հաւասարակշռութիւնը խաթարել ու թունաւորում պատճառել: Նորածինը աղելը կը գտնենք նաեւ Խարբերդէն համեմատաբար հեռու՝ Կեսարիոյ մէջ, ինչ որ ենթադրել կու տայ թէ այս սովորութիւնը հաւանաբար տարածուած էր նաեւ Խարբերդի դաշտի միւս գիւղերուն մէջն ալ: Կեսարացիները մանկան միայն անութներուն տակը կ'աղէին, կերպ մը որ նուազ թունաւորում կրնար պատճառել [29]:

Բուժիչ յատկութիւններով օժտուած սրբավայրեր ու ջուրեր

Ասոնք վանքեր, եկեղեցիներ ու հրաշագործ ջուրեր եւ ծառեր են:

-Մորենիկ գիւղի խնկենին.- Այս գիւղին մէջ կար Սբ. Սարգիս եկեղեցին եւ ծաւալուն խնկենին կամ խնկի ծառը: Բուժուելու համար եկած հիւանդները խնկենիին ճիւղերուն վրայ կը կապէին գունաւոր լաթեր, իսկ բունին մէջ բացուած խոռոչին մէջ կը ձգէին հին ու նոր դրամներ... այցեգինը բժիշկ ծառին: Ըստ Ե. Սիրվարդի, շատեր բուժուած տուն կը վերադառնային: 1895-ի հակահայ ջարդերուն, Մորենիկ գիւղէն թրքուհի մը այդ ծառին «գանձանակէն» գողութիւն կ՚ընէ եւ ասոր հետեւանքով կը հիւանդանայ եւ «բերանը կը ծռի»: Ըստ պատմութեան, մօրուսաւոր մը երիցս կը յայտնուի կնոջ երազներուն մէջ եւ իրեն կը խրատէ դրամները վերադարձնել: Կինը վերջապէս մտիկ կ'ընէ ցուցմունքը, կը բուժուի եւ իր կողմէն ալ նուիրատուութիւն կ՚ընէ [30]:

Հաւանաբար ծառին սրբութիւնը կապուած է անոր կեղեւին արտադրած խէժին, որմէ կը յառաջանայ խնկաբոյր եթերային իւղ մը որոշ բուժիչ յատկութիւններով [31]: Բոյրին առթած խորհրդապաշտութիւնը եկեղեցական մթնոլորտով կը պարուրէ հաւատացեալը, ուրկէ նաեւ կարծեցեալ կամ իսկական բուժումները “placebo effect”-ով: Ըստ այս տեսութեան, ենթական իր ակնկալած արդիւնքին կը հասնի քանի որ կը ցանկայ անոր:

-Սուրբ Աստուածամայր.- Խարբերդ քաղաքին մէջ ասորիներու պատկանող եկեղեցի մըն է, որ բուժման վայր էր նաեւ քիւրտերուն եւ թուրքերուն համար: Այս ամենաբուժ սրբարանը կ'առողջացնէր անդամալոյծներ, կոյրեր, բորոտներ, դիւահարներ եւ ուրիշ հոգեկան հիւանդներ: Վանքը կը տրամադրէր կահաւորուած խուցեր ուխտաւորներուն կեցութեան համար [32]։

-Սուրբ Արէոնի (Ահարոն) քարը.- Կը գտնուի Խարբերդ քաղաքի Սինամուտ թաղին Պուզլուխին մօտիկ քարքարուտին վրան: Սրբավայրը մասնագիտացած է նորածիններուն ու մանուկներուն չափազանց ընդհանրացած մահերը կասեցնելուն մէջ: Համբարձման տօնին նախորդող շաբաթ օրը ուխտաւորները մանուկները գրկած ձիահեծան, էշահեծան կամ ոտաբոպիկ կ'ուղղուէին դէպի այս քարը [33]:

-Նատըրպապա.- Խարբերդ քաղաքի Վերի թաղին մէջ քարի մը վրայ շինուած պատուհաններով խցիկ մըն է, որ ժամանակին թուրքի մը գերեզմանը եղած է: Այստեղ եւս մանկական մահացութիւնը կանխելու համար հայ եւ իսլամ մայրեր ուխտի կ'երթային եւ գերեզմանին աւազէն կը ցանէին մանկան գլխուն վրայ, այն յոյսով որ ուխտը կատարուի [34]:

Հիւսէնիկի սրբավայր-բուժարանները

Հիւսէնիկցին իր սուրբերուն մեծ կարեւորութիւն կու տար ու անոնց անսալով կ'ուղղէր իր ապրելակերպը ու հաւատալիքները: Իր բարեպաշտութեան ու զոհաբերութեան դիմաց, հիւսէնիկցին ալ սուրբերէն հրաշալիքներ կը սպասէր, ներառեալ բուժումներ [35]։

Ահաւասիկ օրինակներ Հիւսէնիկի «առողջական» կեդրոններէն.

-Սուրբ Վառվառ եկեղեցին.- Այս եկեղեցին նուիրուած է հարուստ խարբերդցիի մը դուստրին յիշատակին։ Կ՚աւանդուի որ հեթանոսական ժամանակաշրջանին աղջիկը հօրը կողմէն կը սպաննուի քրիստոնեայ կրօնքը ընդունելուն համար: Ուխտաւորները եկեղեցի կ'երթային բուժելու համար աչքի հիւանդութիւններ ու ուշ լեզու ելլող մանուկները [36]։

-Գուգ-գու-լու-լու (կուկուլիկու) ուխտատեղին.- Վառվառի հայրը Սէրիտ Գասըմի աղբիւրին մօտ կը մորթէ նաեւ Վառվառի քրիստոնէացած աղախինը, որ իր հոգեվարքին մէջ խեղդուկ կը ճչայ աքլորի նման: Այս սրբավայրը բուժուելու կու գային խուլերը [37]։

-Սուրբ Մարիանէ (կամ Մարան) ժայռը.- Ըստ աւանդութեան Մարիանէն Աղեքսանդրիա քաղաքին սուրբերէն էր, որուն հռչակը հասած էր մինչեւ Խարբերդ։ Հիւսէնիկի բնակիչներէն մէկուն տեսիլքին մէջ Սուրբ Մարիանէն կը յայտնուի  քաղաքի ձորերուն մէջ ժայռի մը վրայ։ Հետագային ճիշդ այս վայրին տեղը կը հիմնուի սրբուհիին անուան ուխտատեղի մը: Հոն կ'երթային հայ մայրերը որպէսզի ուշ ոտքի ելլող իրենց մանուկները կանգնին ու քալել սկսին [38]:

Հրաշագործ ջուրեր

-Քեսերիկ գիւղին բռինչի ծառին տակի աղբիւր-աւազանը.- Բռնչենին (Pyrus կամ Sorbus aria) բարձր, տարածուն ծառ մըն է դեղնորակ մանր պտուղներով: Գիւղին հիւանդները կը լոգցնէին այդ աւազանին մէջ ու անոնց հագուստէն պատառիկ մը (հիւանդութիւնը խորհրդանշող) երբ կախէին բռնչիի ճիւղերէն, հիւանդը անպայման կը բուժուէր: Երբ անհաւատ քրիստոնեայ մը ծառին մօտենար, լաթերը անոր վրայ կը թափէին [39]:

-Իչմէ գիւղի Սուրբ Մերկերիոս վանքին մօտիկ աղբիւր-աւազանը.- Ուխտաւորները կ'ապաստանէին վանքին մէջ կամ շուրջի վրաններուն տակ յուսալով որ սուրբին միջամտութեամբ Երկնաւորը իրենց զաւակ պիտի պարգեւէ։ Այս փափաքին իրականացման համար անոնք պէտք էր խմէին աղբիւրի ջուրէն ու լողային աւազանին մէջ [40]

Ժողովրդային դարմանումներու աւելի առարկայական կերպեր

Ասոնց կարգին թուենք ջրաբուժութիւնը, որ կը գործածուի օրինակ յօդացաւի պարագային (ջերմուկներ, հանքային ջուրեր), բնական դեղորայքով դարմանումները (դեղաբոյսերով, կենդանական ու հանքային նիւթերով), վիրաբուժական ու մարձական, բեկաբուժական միջոցները:

Ամլութեան դարմաններ

Խարբերդի մօտիկ Բալու քաղաքէն Խաթուն Մուրատեան հարցազրոյցի մը ատեն կը տեղեկացնէ բոյսադարմանական (phytotherapeutical) եւ մարձական երկու կերպեր ամլութեան պարագային [41]:

-Ներքին դեղ (մասն առաջին).- Պատրաստել խիւս մը բաղկացած  չլուացուած ոչխարի բուրդէ եւ խոզի ճարպէ: Իրարու խառնել աղացուած մեխակի ծիլը, կոճապղպեղի կոճղարմատը (Zingiber officinale) եւ սիսեռը: Այս խառնուրդը շաղել ճարպոտ բուրդին հետ ու հաւկիթի ձեւ տալ: Բուրդը կը ծառայէ իբրեւ «ընդունարան», ուրկէ մարմինին մէջ աստիճանաբար պիտի հոսին բոյսերուն իւղալուծելի դեղանիւթերը: Հաւկթաձեւ այս պատրաստութեան կը կապեն չլուացուած կապոյտ դերձանէ «պոչ» մը, զոր կ՚ամրացնեն մածուցիկ բուսական հիւթով մը:

Հաւկթաձեւ նիւթը կը զետեղեն արգանդին մէջ, ուր կը պահեն 24 ժամ։ Գործուղութիւնը կը կրկնուի 7 անգամ: Ապա դայեակը ամուլ կինը կը պառկեցնէ երեսնիվար ու կը սկսի անոր կռնակին մորթը քաշքշել, տարածել, ենթակային սրունքները կռնակին կը ծալլէ, այս դիրքով զինք կ՚օրօրէ որպէսզի «արգանդը տեղը նստի»։

-Արտաքին դեղը (մասն երկրորդ).- Սեւ կուպրի մէջ պատրաստել խիւս մը բաղկացած աղացուած մեխակէ, կոճապղպեղէ եւ խունկէ: Խիւսը տարածել երկու չլուացուած կտորներու վրայ. այդ «լազխաները» կրակի վրայ տաքցնելէ ետք անջատաբար փակցնել ամուլ կնոջ կռնակին ու փորին վարի մասին: Միւս կողմէ պատրաստել խիւս մը բաղկացած սեւ ոչխարի բուրդէ եւ կակուղ ճարպէ։ Այս նիւթով պատել թոյլ խաշուած հաւկիթ մը եւ անոր կապել թելէ պոչիկ մը: Դայեակը այս հաւկիթը կը հրէ կնոջ արգանդին մէջ, ուր կը մնայ որոշ ժամանակ մը: Երբ կազմածը դուրս բերեն կնոջ մարմնէն, տեղի պէտք է ունենայ զուգաւորումը։

-Որդեգրութիւն.- Երբ նման դարմանումներ արդիւնք չէին տար, կը դիմէին որդեգրութեան: Ըստ խարբերդցի Հռիփսիմէ Նագգաշեան-Ղուկասեանին, որդեգրող մայրը մանուկը իր հագուստին տակէն վիզէն դէպի վար կը սահեցնէր, զայն բռնելով հագուստին «ստորոտը», խորհրդանշելով ծննդաբերութիւնը: Առաւել, ամլութեան պարագային ամուսինին արգիլուած էր ամուսնալուծումի դիմել:

-Կանացի ամլութիւնը ունի բազմաթիւ պատճառներ: Ասոնց կարգին  առանց մանրամասնելու թուենք մղոնային հարցերը, արգանդի, ձուարանի ձուաբեր խողովակներու բորբոքումը կամ վարակումը, ձուեր արտադրելու կամ դաշտանային անկանոնութիւնները, եւայլն [42]։

Այս բոլորէն հաւանական է որ անտեղեակ էին ժողովրդային դայեակները։ Բայց նոյն ժամանակ ալ պէտք է ընդունիլ թէ անոնք արգանդին գոյութեան ու դերին մասին գաղափար ունէին. իսկ եթէ թերեւս կ'անգիտանային յարակից ձուարաններուն գոյութիւնը, հաւանաբար գիտէին թէ ծննդատու «հաւկիթ» մը գոյութիւն ունէր, այս իսկ պատճառով ալ որպէս դեղամիջոց կը տեսնենք արգանդին մէջ ներմուծուած հաւկթաձեւ նիւթերը:

Գալով ի գործ դրուած դեղաշինական կերպին, այսօր նուազագոյնս ապշեցուցիչ կը թուի այդ ժամանակներուն ամլութիւնը դարմանելու նմանօրինակ «IUD» մը (intra-uterine device) կազմելու յղացումը: Հնարքը բաղկացած է մարմնին մէջ անլուծելի կորիզէ մը (ոչխարի բուրդը) ողողուած ճարպալուծելի բուսական ազդու նիւթերու լուծոյթով մը, որ կը թուի թէ ամլութեան զանազան պատճառներուն դէմ ամենաբուժիչ խառնուրդ մըն է: Այս անկիւնէն դիտուած մեխակը ունի հականեխական, ցաւամոքիչ, ջիղերու խթանիչ, հակաստնգական [43] եւ հակա-բորբոքիչ ազդեցութիւններ [44]: Կոճապղպեղը ունի մեխակին յիշուած յատկութիւնները, առաւել եւս կը խթանէ արեան շրջագայութիւնը [45]: Կարեւոր ուրիշ կէտ մը. ըստ մասնագիտական աղբիւրի մը, կոճապղպեղը կը կասեցնէ արգանդի մկաններուն ստնգանքը [46]: Ասոնց կողքին արգանդի յաճախակի պրկումներն ալ կրնան արգիլել, որ բեղմնաւորուած ձուիկը «բոյնանայ» կամ հաստատուի անոր պատերուն վրայ, այլ խօսքով դուրս քշուի եւ յղութիւն չգոյանայ [47]: Իսկ դայեակին մարձումները հաւանաբար սերնդական որոշ գործարաններ տեղաշարժի կ՚ենթարկեն եւ անոնց ծռած/խցուած անցքերը կը բանան:

Նորածինին վերաբերեալ

-Դայեակը նորածինին երեսին կը քսէր նոր կտրուած պորտէն հոսող արիւնը, որպէսզի մանուկը կարմիր թուշեր ունենայ։ Երեսին քսուած արիւնը պէտք էր պահուէր մինչեւ նորածինին առաջին լոգանքը [48]:

-Դիեցում.- Խարբերդի մօտակայ Քղի քաղաքէն Նուարդ Սիրունեան-Սարգիսեան, որ 1919-էն սկսեալ քանի մը տարի աշխատած է Խարբերդի ամերիկեան որբանոցը, կը պատմէ թէ երբ մօրը կաթը առատ է ու նորածինին մէջ ծծելու բնազդը տակաւին չէ զարգացած, ստինքները պարպելու համար մայրը կը սնուցանէ նորածին շան լակոտ մը [49]: Կաթին առատութիւնը կասեցնելու ու մանուկը կաթէ կտրելու համար կան զանազան կերպեր. օրինակ, աստիճանաբար թեթեւցնել դիեցումը, պաղ լաթի ճնշոցներ դնել կուրծքին վրան (կաթնաբեր համակարգը դանդաղեցնելու համար) եւ կամ ըստ նոյն տիկին Նուարդին, քացխացած կաղամբի տերեւը փաթթել անձեռոցի մը մէջ ու անոր հետ ծածկել կուրծքերը: Ըստ արդի բուսաբուժութեան, կաղամբը տարբեր յատկութիւններու կարգին կը գործածուի նաեւ հանդարտեցնելու ու պարպելու (հեղուկով) խճողուած ստինքները: Այդ գծով մասնագէտներ փորձառկած են ծծկալին մէջ զետեղուած կաղամբի տերեւ պարունակող սարքեր կամ անոնց հիւթով պատրաստուած օծանելիքներ [50]։

-Նուարդ Սիրունեան-Սարգիսեան եւ Խարբերդի Հարսիկ գիւղէն Վարդեր Զաքարեան կը յայտնեն նաեւ թէ դիեցումը արգիլուած էր այն պարագային երբ մայրը շուտով կրկին յղիանար։ Պատճառը այն էր որ այդ պայմաններուն մէջ դիեցումը կրնայ սաղմին վնասել [51]: Գիտական որոշ բացատրութիւն կարելի է տալ այս տեսակէտին։ Ըստ American pregnancy association-ին, երբ մանկիկը կը ծծէ ստինքը, մայրը կ'արտադրէ թեթեւ քանակութեամբ oxyticin կոչուած մղոնը, որ կրնայ արգանդային թեթեւ կծկումներ պատճառել։ Թէեւ կը կարծուի թէ այդ կծկումները այնքան ալ ցնցիչ չեն վիժում յառաջացնելու աստիճան, սակայն կան առողջական վիճակներ երբ յանձնարարելի է դադրեցնել դիեցումը [52]: Հետաքրքրական պիտի ըլլար գիտնալ թէ դայեակները ինչպիսի նախընթացներու վրայ հիմնուած արգիլած են դիեցումը յղութեան ժամանակ։ Արդեօ՞ք անոնք հիմնուած էին նախադէպերու վրայ, որոնք պատճառ եղած են որ այս ձեւի հարցեր արձանագրուին բժշակական իրենց անգիր օրէնքներուն մէջ։

Մորթային հիւանդութիւններ

-Մրջընբօն.- Ասոնք խմբուած մանր բշտիկներ են, որոնք զօրաւոր քերուըտուք կը պատճառեն: Երեւոյթը կը յիշեցնէ մրջիւններուն բոյնին բոլորտիքը: Ատոր մէկ տարբերակը որ տարածուած կ՚ըլլայ արմուկներուն վրայ, 1960-ականներուն Պէյրութի մէջ խարբերդցի ծագումով մորթաբան մը կը բուժէր Calamine lotionով: Ըստ Տիկին Դերձակեանի, որ իր տեղեկութիւնները քաղած է խարբերդցի մեծ հօրմէն, Խարբերդի մէջ մրջընբօնը կը դարմանէին մելանով [53]: Այդ ատեններուն մելանը կը պատրաստուէր երկաթի որոշ աղերով ու կաղնիի գխտորին լուծոյթով, որ հարուստ է աղաղով: Երկու նիւթերն ալ պնդիչ եւ հականեխական յատկութիւններ ունին եւ կը հակազդեն քերուըտուքին: Դերձակեան կ'աւելցնէ թէ դարմանումը, որուն կ'ընկերանար նաեւ ափսոնը (հիւանդութեան պատշաճ աղօթքը), պէտք էր որ  կատարուէր նոր ծագած լուսինին առաջին երեք գիշերներուն ժամանակ: Տիկնոջ մեծ հայրը երկու տարի Տերսիմ ապրած եւ հոն սորված էր հէքիմութիւնը: Հոս յիշեցնեմ թէ Տերսիմ ու Խարբերդ դրացի գաւառներ են:

-Տարուկ («Հալէպ չիպանի», Հալէպի վէրք) [54].- Հիւանդութիւնը ծանօթ է նաեւ Bouton d’Alep/Bouton d’Orient անունով: Այս «խորոջային» սպի ձգող վէրքը կը յայտնուի մանուկներուն եւ չափահասներուն մարմնին երեւցող ամէն կողմը, երբ ենթական կը խայթուի Phlebotome դասին պատկանող էգ ճանճերէն: Ճանճը մորթին տակ կը ներարկէ protozoan միաբջիջ մակաբոյծ մը Leishmania տեսակէն: Հիւանդութիւնը գիտականօրէն ճանչցուած է cutaneous leishmaniasis անունով [55]: Այդ ճանճերը կը բազմանան Սուրիոյ եւ Իրաքի գետային շրջաններուն մէջ: Հալէպէն կ՚անցնին ջրառատ Խարբերդ ու անկէ ալ Տերսիմ:

Այս վէրքէն դարմանուելու համար խարբերդցին անոր վրայ կը դնէր խառնուրդ մը բաղկացած հաւու ծիրտէ, ծեծուած ցորենի խիւսէ (օսլայով հարուստ) եւ ակռաներէն հաւաքուած աղտէ: Ենթադրութիւններ կարելի է ընել այս խառնուրդին դարմանական յատկութիւնները բացատրելու համար: Ըստ Մքկալլ Ուէյտի ուսումնասիրութեանց, հաւու ծիրտը կը պարունակէ որոշ հանքային նիւթեր, ինչպէս K, P, Cu, Fe, Mg եւ S (ծծումբ) [56]։ Մորթային հիւանդութեանց վրայ ծծումբին գործած oգտակար ազդեցութիւնները ծանօթ են: Իսկ թուքին մէջ (որ կը պարունակէ նաեւ ակռաներու աղտը) գոյութիւն ունին բնասպիտային (protein) մասնիկներ, ինչպէս օրինակ Histidinի կարգի polypeptide-ներ, որոնք ունին հակասնկային եւ հակացպիկային յատկութիւններ։ Իսկ թուքին մէջ գտնուող ուրիշ բնաստիտ մը՝ Lysozyme-ը, դեր ունի մարմնին ինքնապաշտպանութեան մէջ: Գալով թուքին α-amylase-ին, ան ակռաներուն ճեղքերուն պահուըտած օսլան շաքարի կը վերածէ [57]։ Ծանօթ է որ մորթին կպած (վերոյիշեալ օսլայէն գոյացած) շաքարը սպիացնող յատկութիւն ունի: Սակայն դեղաբանական տեսութիւններու վրայ հիմնուելով չէ որ մեր բուժակները գտած ըլլալու են այս բաւականին «ախորժաբեր»  դարմանը:

-Տարուկի դարմանումի ուրիշ կերպ մը Հապուսի գիւղին յատուկ.- Այս գիւղին «փորձառու մամիկները» դաշտերէն կը հաւաքէին խոտեր, զանոնք կը ծեծէին, ապա կը խառնէին ոչխարի ոսկորի ծուծին: Պատրաստուած խիւսը կը քսէին վէրքին։ Դժբախտաբար մեր յիշած աղբիւրը չի նշեր այս դաշտային բոյսերը: Արդի բժշկութեան մէջ ծանօթ է ոսկրածուծին բաղկացուցիչներուն բուժիչ դերը որոշ կարգի ճերմակ գնդիկներուն, ինչպէս նաեւ աւշային համակարգին վրայ։ Անոնք նաեւ չէզոքացնող դեր կը կատարեն մարմնին օտար ու վարակիչ թուացող  նիւթերուն նկատմամբ: Ըստ մամիկներուն կիրառած այս դարմանումին, տարուկը «մի քանի օրէն կը չորնար ու կը բուժուէր» [58]։

-Զանազան մորթային կտրուածքներ ու վէրքեր.- Այս պարագաներուն Տերսիմի եւ Խարբերդի մէջ վէրքը կ'օծէին «նորածին մուկի ձագերու ձէթային լուծոյթով»: Զայն պատրաստելու համար ողջ ձագերը կը դնեն ձիթաիւղ պարունակող  շիշի մը մէջ, ուր ձագերը կը լուծուին երկու ամսուայ ընթացքին [59]: Լուծոյթը հաւանաբար կը պարունակէ նորածիլ հիւսկեններու հականեխական եւ սպիացնող նիւթեր: Դարմանումի այս միջոցին կը դիմէին Հապուսիի մէջ, ուր «մինչեւ ոսկորը հասած կտրուածք մը կը բուժուէր այս խառնուրդով»: Տիկին Դերձակեան ինք եւս կը հաստատէ այս դեղին գործածութիւնը. այս մասին ան լսած էր Հալէպի մէջ իր  հօրը հօրեղբօր խարբերդցի կնոջմէն [60]:

-Սիկիլ/սինիր (կոծիծ) եւ գորտնբշտիկ.- Առաջինը ձեռքերուն, արմուկներուն, ոտքերուն ներբանին  բուսնող մանր, սպնգանման մակերեսով գնդիկներ են, որոնք զօրաւոր շփումէն կրնան արիւնիլ եւ ցաւ պատճառել: Երկրոդը (գորտնբշտիկ) ձեռքի վրայ բուսած բազմաթիւ բշտիկներ են, որոնք ցաւ չեն տար ենթակային: Ըստ ժողովրդային տարածուած կարծիքին, ասոնք կը ծնին երբ մարմնէն մաս մը գորտին մէզէն կը թրջուի: Գորտնբշտիկէն բուժուելու համար նոր լուսնին օրը տանիքէն խճաքարեր պէտք է վար նետել, որպէսզի բշտիկները անոնց նման անհետանան: Այս գործողութեան կ'ընկերանայ մամիկներուն ափսոնի (աղօթք) մաղթանքը: Իսկ սիկիլէն ազատուելու համար անոր արմատին կը կապեն մետաքսէ դերձան մը ու վէրքը մի քանի օրէն կ'իյնայ [61]:

Սինիրին պարագային ունինք գիտական բացատրութիւն: Այս մակուռուցումները յառաջ կու գան ժահրային վարակումէ։ Սինկի մանրէաբանական հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, թէ մետաքսի ցեցը (Bombyx mori), իր խոզակն ու մետաքսաթելերը կը պարունակեն հակացպիկային եւ հակաժահրային (Seroin) դասի նիւթեր [62]:

Սինիրը դարմանելու այս կերպը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ թէ «ծիծաղելի» թուող ռամիկ փորձառական մօտեցումը կրնայ ապագային արժեւորուիլ գիտական պրպտումով:

Զանազան ցաւերու դարմանումներ

Սպասելի է որ յարաբերաբար զարգացած ճարտարարուեստ ունեցող Խարբերդ նահանգին մէջ գոյութիւն ունենային շնչառական, կոկորդի եւ ուրիշ առողջական հարցեր, հետեւանք՝ տուեալ արհեստէն ստեղծուած յատուկ պայմաններուն: Խարբերդի յատուկ զբաղումներէն յիշեմ մետաքսագործութիւնը, մուշտակագործութիւնը, մետաղագործութիւնը, որոնք ընդհանրապէս վատառողջ մթնոլորտ կը ստեղծեն գործի միջավայրին մէջ:

-Աչքացաւ.- Անկէ տառապռղները (մեծ մասամբ պատանի եւ երիտասարդ)  շաբաթներով անկողին կը մնային: Հիւանդին աչքերը կ'ուռէին, ինչպէս տեղական բաբառով կ՚ըսեն, կը շեխուէին (փակուիլ) եւ կը թարախոտէին։ Եթէ նախնական խնամք չի տարուեր, ենթական դատապարտուած էր կուրնալու [63]:

Աչքացաւի դարմանումները.- Աղջիկ զաւակ դիեցնող մօր կաթը կաթեցնել աչքերուն: Հաւանաբար կաթին բաղկացուցիչ իւղերը կ՚արգիլեն կոպերուն կպչնութիւնը, իսկ immunoglobulinներն ալ կը պայքարին մանրէական վարակումին դէմ: Ըստ Շահպազեանի, դժուարին պարագաներուն մէզի կամ ալ «կարմիր դեղի» թրջոց կը դնեն հիւանդ աչքին: Ժողովրդային լեզուով կարմիր դեղը հոմանիշ է Mercurochrome-ի ջրային լուծոյթին, որ կը պատրաստուի դեղարաններուն մէջ: Mercurochrome-ի նախատիպը համադրած էր Տոքթ. Տաննինկ Միացեալ Նահանգներու մէջ 1889-ին: Աւելի ետք այդ նիւթը պզտիկ քիմիական փոփոխութեամբ կը ստանայ հականեխիչ յատկութիւններ [64]: Mercurochrome-ի մասին նոյն այս աղբիւրին մէջ կը  կարդանք թէ դեղը կը գործածուի նաեւ աչքի վէրքերը խնամելու համար:

Շահպազեան չէ յիշատակած թէ ո՞վ կը պատրաստէր Mercurochrome-ի ջրային լուծոյթը Խարբերդի մէջ: Բայց իրմէ կ՚իմանանք նաեւ «Եփրատ» անունով դեղարանի մը մասին, զոր 1901-ին կը բանայ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն վկայեալ Փիլիպպոս Մովսէսեան: Դեղագործը կը սկսի պատրաստել ու հայթայթել դեղորայք, որոնցմէ ոչ միայն կ'օգտուէին Խարբերդի ու Մեզիրէի ժողովուրդը, այլ նաեւ հեռաւոր գիւղերու ու շրջաններու, ինչպէս Բերդակի, Ակնի, Արաբկիրի, Տիարպեքիրի բնակիչները: Մովսէսեան եւ հետագային զինք փոխարինող միւս դեղագործները կը գործակցէին նաեւ միսիոնարներ Տոքթ. Ուշերի եւ Տոքթ. Աթքինսընի հետ: [65]: Այս տուեալներուն վրայ հիմնուելով շատ սխալած չենք ըլլար ենթադրելով թէ վերոյիշեալ  ջրային լուծոյթը կը պատրաստուէր այդ  դեղարանին մէջ:

-Փորի ցաւ.- Զանազան գործարաններ կը գտնուին որովայնին մէջ, ինչպէս ստամոքսը, աղիքին տարբեր մասերը, լեարդը, երիկամունքը, եւայլն։ Բայց երբ անոնցմէ մէկն ու մէկը հիւանդանայ, խարբերդցին պարզապէս կը գանգատի փորի ցաւէ, «որուն հիմնական դարմանումը օղին է», կը գրէ Շահպազեան: Բայց չենք տեղեկանար օղիին գործածութեան կերպին մասին. տեղական մարձումո՞վ թէ խմելով: Ալքոլը իբրեւ տեղական ցաւազրկումի միջոց մինչեւ այսօր ի զօրու է: Միւս կողմէ գիտենք թէ խմուած ալքոլը կեդրոնական ջղային դրութեան վրայ կը ներգործէ ու ցաւազրկում կը պատճառէ: Այդ գծով Թոմսոն Թրէվոր կը յիշատակէ «դարմանական փորձառկութեանց» արդիւնքը կատարուած 404 անձերու վրայ: Եզրակացութիւնը կը հաստատէ ալքոլին ցաւամոքիչ դերը ու այս գծով հաստատուած ժողովրդային համոզումը [66]: Իսկ ի՞նչ կ՚ընեն խարբերդցիք երբ օղին չազդէր: Փորը կը ծածկէին տաքցուած խուփով (կաւէ կափարիչ), ինչպէս նաեւ կը դիմէին մարձումի: Ասոնք կ'օգնեն որոշ ցաւերու պարագային, բայց հիւանդը կը մեռնէր եթէ ստամոքսի կեղի կամ կոյր աղիքի հարցեր ունենար [67]:

-Կռնակի ցաւ (խուլինճ).- Յատկապէս կը պատահի տարիքաւորներուն: Կռնակի ցաւին պատճառը ծանօթ ողնաշարային ենթախախտումն ըլլալու է, որ կը պատահի երբ ողնաշարերը իրարմէ բաժնող «բարձիկները» կը մաշին տարիքի բերմամբ կամ ենթակային արհեստին պատճառով (երկարատեւ որդեգրուած սխալ դիրքեր ու շարժումներ): Այս պարագային տեղական ջիղերը ճզմուելով ցաւ կը պատճառեն: Խախտած ողնաշարերը ուղղելու համար Շահպազեան կը յիշէ հետեւեալ միջոցը. փայտի կտոր մը կ'առնէին եւ կռնակին լայնքին տալով երկու ձեռքով ժիր կը բռնէին, ապա երբ իրանը դէպի ետ փայտին վրայ հրուէր, կը լսուէր ոսկորներուն ձայնը: Այս կը նշանակէր որ «խուլինճը կոտրուած» էր եւ ենթական կը հանգստանար: Եթէ ցաւը սաստիկ ըլլար հարկ էր գուբա (գաւաթ) հագցնել կռնակին [68]։ Նկատենք  թէ փայտի միջոցաւ այս դարմանումը կը համապատասխանէ մեր օրերուն ձեռաբուժական դարմանումներուն:

-Ակռայի ցաւ.- Թեթեւ ցաւերուն դէմ կը գործածէին աղի ջուր, օղի կամ ուրիշ թմրեցուցիչ հեղուկներ: Շարժած ակռան կը քաշէր սափրիչը [69]:

Փոխանցիկ հիւանդութիւններ

Ըստ Ճիզմէճեանի, Խարբերդի մէջ անպակաս էին տարափոխիկ հիւանդութիւնները, «հակառակ պատուական օդին ու ջուրին»։ Ան կ՚աւելցնէ որ «ժողովուրդին տգիտութիւնը եւ բժշկական խնամքներու պակասը» շատ զոհեր կը խլէին մանուկներէն ու երիտասարդներէն [70]: Այսպիսի գնահատում մը գաւառի մը հայութեան համար, որ հպարտ էր կրթական իր հաստատութիւններով ու մտաւորականներով, նուազագոյնս զարմանալի կը թուի: Մանաւանդ որ «Եփրատ» գոլէճը կը հիմնէ նաեւ բժշկական/մանկաբարձական մասնաճիւղ մը, մասնագէտ ուսուցիչներով [71]: Իսկ 1909-1910-ին Մեզիրէն ալ կ'օժտուի «Աննի Թրէյսի» հիւանդանոցով [72]: Բայց ինչպէս տեսանք, գաւառը ունենալով համեմատաբար բարձր ճարտարարուեստ, օդն ու ջուրը կ՚ապականուէին, առաւել եւս գործարաններուն մէջ  ստեղծուած խառնաշփոթութիւնը ու նահապետական տուներուն բազմանդամութիւնը հաւանաբար հիւանդութիւններու փոխանցման ազդակներ էին: Իսկ ուրիշ ժխտական տարրեր ալ կային, ինչպէս նախնական արտաքնոցային դրութիւնը եւ առողջապահական գիտելիքներուն ընդհանրապէս շատ դանդաղօրէն թափանցումը գաւառին մէջ, հակառակ այս գծով Պօղոս Ծերօնի օրինակով անձերուն տարած ջանքերուն:

Մանկական փոխանցիկ հիւանդութիւններ

-Ծաղկախտ եւ կարմրախտ.- Ճիզմէճեան կը թուէ քանի մը հիւանդութիւններ, ինչպէս ծաղկախտը, որուն դէմ Պօղոս Ծերօն պատուաստը պարտադիր դարձուցած էր: Ճիզմէճեան կը թուէ նաեւ հարսանիթի եւ կարմրախտի համաճարակները, որոնք ամենէն աւելի մանուկ կեանքեր կը խլէին, նոյն ընտանիքէն երբեմն մինչեւ երեք զաւակներ զոհ կերթային [73]։

Հարսանիթի համար դարման չի յիշուիր։ Սակայն կարմրախտին պարագային Ճիզմէճեան կ'ընդգծէ «Եփրատ» դեղարանին անհամար թիւով պատրատած Calcium Sulphite-ի դեղահատները, որոնք ձրիօրէն կը բաշխուէին դարմանելու եւ նոյնիսկ կանխարգիլելու համար հիւանդութեան փոխանցումը [74]։ Հիւանդութեան պատճառը Stapհilococcus տեսակի մանրէն է, որ կը պատճառէ կոկորդի ցաւ/հազ, լեզուի յատկանշական բիծեր, մարմնի ու երեսի զօրաւոր կարմրութիւն ու ջերմաստիճանի բարձրացում [75]: Նկատի ունենալով որ հիւանդին հազէն արտաքսուած լորցունքի կաթլիկները կրնան վարակիչ դեր ունենալ, կոկորդի հականեխութիւնը կարեւոր ազդակ է կասեցնելու համար կարմրախտը: Մեր օրերու մանրէասպանին փոխարէն «Եփրատ» դեղարանը կը մատակարարէր Calcium Sulphite-ը, որ ունի որոշ միքրոպասպան յատկութիւններ:

Սակայն, ըստ Տինճեանին, գաւառին Խոխ գիւղին մէջ կարմրախտին եւ ծաղկախտին դարմանումը դողին (տե՛ս ստորեւ տրուած «մալարիա» բաժինը) նման էր եւ բուժումը կը կատարուէր պառաւ կիներու կողմէ, որոնք այս հիւանդութեան դէմ բուսական դեղեր պատրաստել գիտէին [76]: Ճիշտ է որ մանրէասպան բոյսեր կան, սակայն Տինճեան չի յիշեր թէ այդ բուժակուհիները անոնցմէ որո՞նք կ'օգտագործէին եւ ինչ՞ կերպով: Կան բոյսեր որոնց գործածութիւնը ընդհանրացած է ժողովրդային բժկութեան մէջ եւ կը գործածուին իբրեւ հակամանրէ: Քանի մը օրինակներ. կինամոնի կեղեւը (Cinnamomum zeylanicum), մեխակին չորցուած կոկոնը, սխտորը [77]։

1) Խունկի ծառ (Boswellia serrata) (Աղբիւր՝ Franz Eugen Köhler, Köhler's Medizinal-Pflanzen).
2) Բռինչի ծառ (
Pyrus or Sorbus aria) (Աղբիւր՝ Johann Georg Sturm/Jacob Sturm, Deutschlands Flora in Abbildungen, 1796).

-Մալարիա (դող).- Այս հիւանդութիւնը անձէ-անձ կը փոխանցուի արեան փոխաներարկման պարագային միայն: Ան ճանչցուած է նաեւ «դող» անունով, նկատի ունենալով որ դողը իր ախտանշաններէն մէկն է: Դողը Խարբերդի շրջանին մէջ կը սաստկանար օգոստոսին [78]: Հաւանաբար ջրառատ այս շրջանը այդ տաք ու խոնաւ ամսուան ընթացքին կը դառնար ճահճային, ուր կը բազմանային հիւանդութեան տարածման պատճառ էգ տեսակի մժեղները։ Այս վերջիններուն խայթոցով զոհին արեան մէջ կը ներարկուին Plasmodium տեսակի միաբջիջ մակաբոյծները, վարակելով անոնց կարմիր գնդիկները: Plasmodium-ները մարմնին մէջ կը բոլորեն իրենց կենսաբանական ծիրը, որուն հանգրուաններուն համեմատ հիւանդը կ՚անցնի զանազան տագնապներէ, ինչպէս բարձրաստիճան ջերմ, գլխու/մարմնական ցաւեր, առատահոս քրտինք, խելացնորութիւն եւ յատկանշական զօրաւոր դող [79]:

Դողը դիմադրական հակազդեցութիւնն է ջերմին, բայց  երկարատեւ դողը մկաններուն նեարդներուն վրայ մանր խոցեր յառաջացնելով ցաւ կը պատճառէ: Շահպազեան կը գրէ թէ Դատեմ գիւղին մէջ կար Մենծ Աղբիւր անունով ակ/աղբիւր մը, ուր կը բերէին դողէն վարակուած հիւանդը, եօթ անգամ աղբիւրին ջուրէն մարմնին վրայ կը թափէին, նոյն ժամանակ ալ պառաւ կին մը կը կարդար համապատասխան աղօթք մը։ Հեռանալու պահուն թարմ հաւկիթ մը կը ձգէին ակին մէջ։ Ըստ Շահպազեանի, երկու օր ետք հիւանդը կ’առողջանար: Պաղ լոգանքը մկանները կը հանդարտեցնէ պրկումէ, կը հակազդէ ջերմին եւ աւշային շրջագայութիւնը խթանելով հիւանդին դիմադրողական ուժը կ'աւելցնէ: Բայց հաւկիթին դերը կարելի չեղաւ լուսաբանել...

-Դեղնութիւն.- Կը յատկանշուի մորթին, աչքին ճերմկուցին եւ մէզին առած դեղին/մութ գոյնով եւ կղկղանքին անգոյնութեամբ: Շահպազեան կ’ըսէ թէ այս հիւանդութեան զոհ կ'երթային երիտասարդները, որոնք կը տկարանային ու ախորժակէ կը կտրուէին: Դարմանը հետեւեալն էր. երեք օր շարունակ հիւանդը ամէն առտու եւ անօթի փորով պէտք է 4-5 տարեկան մանուկներուն մէզը խմէր։ Երբ այս դարմանը չէր յաջողեր, այն ատեն սափրիչը ածելիով կը կտրէր հիւանդին շրթունքին ներսի թաղանթը ու բժշկութիւնը, ըստ Շահպազեանի, կ'ըլլար կատարեալ [80]:

Դեղնութիւն կը յառաջանայ երբ զանազան պատճառներով մարմնին պիլիրիւպին-ը (նիւթ մը որ կը շինուի բնականօրէն, հինցած արեան կարմիր գնդիկներէն) արեան մէջ կը մնայ (հyperbilirubiemia), փոխանակ մաղձի տոպրակէն կամ մաղձապարկէն զտուելով անցնի աղիք եւ հոսկէ ալ արտաքսուի: Քանի մը պատճառներ յառաջ կը բերեն այս վիճակը. օրինակ լեղուցը խցող քարերը, շարոյրաբորբը, Epstein-Barr virus-ի վարակումը եւ լեարդաբորբը (hepatitis A,B,C): B & C տարբերակներն ժահրային վարակում կու տան եւ տարափոխիկ են [81]: Արդէն տեսանք թէ դեղնութիւնը կը դարմանէին հիւանդին մէզ խմցնելով: Այս գծով կը տեղեկանանք թէ այս հեղուկը ունի հակա-ժահրային յատկութիւններ, շնորհիւ իր ամօնիաքային աղերուն [82]։

Հայերէնի մէջ կայ «վայ լեղիս փրթաւ» բացականչութիւնը, որ կը գործածուի երբ մէկը անակնկալօրէն սաստիկ վախնայ. հետեւանքը կ՚ըլլայ «դեղնութիւն առնել»: Խարբերդի մէջ այսպիսի վիճակ մը դարմանելը «վախը բռնել»ն էր։ Ըստ Ս. Դերձակեանին, ենթական երեք օր կը մնար առանց նախաճաշի։ Ամէն առտու բուժակը զայն կը պառկեցնէր կռնակին վրայ եւ ուժգին կը ճնշէր երկու աճուկային (ազդրերուն վերի մասին ու մարմնին միացած տեղը) յօդակապերուն վրայ: Այդ յանկարծակի ճնշումին պատճառով, քարացած մաղձապարկը կը վերսկսի աշխատիլ: Ուրիշ կերպ մըն էր ենթակային վրայ սառ ջուր թափելը, որպէսզի վախէն պրկուած մաղձապարկը պարպուի։ Այլ դարման մըն էր ենթական ծխախոտով խարանելը [83]:

-Թոքախտ.- Շահպազեան կը վկայէ թէ այս մահացու հիւանդութիւնը հազուագիւտ էր գիւղերուն մէջ։ Իսկ եթէ պատահէր, զայն կը վերագրէին «սիրոյ պատճառած անյաղթելի գրգիռին»: Իբրեւ դարման, հիւանդը զանազան ձեւերով կը պժգացնէին, մինչեւ որ փսխէր եւ այսպիսով արտաքսէր մանրէները (Mycobacterium tuberculosis)։ Այս կը պատահէր երբ անոր կ'իմացնէին օրինակ թէ իր կերած ուտելիքը շան ձագուկի միս է [84]:

-Խլրդուկ.- Հիւանդութեան պատճառը կը նկատուի էգ խլուրդին մէզէն կամ կղկղանքէն եկած վարակումը: Հիւանդին մարմնին որեւէ տեղը կը բուսնի ուռ մը, որ մարմնին վրայ «կը քալէ»: Ուռը բացուելով կը վերածուի խոշոր վէրքի: Հիւանդութիւնը կը բուժեն ենթակային կերցնելով էգ խլուրթի եփած միս [85]: Խարբերդը երկրագործական շրջան էր, ուր խլուրդները կը վխտային եւ ցանքերուն ահաւոր վնասներ կը բերէին։ Անոնք կրնային նաեւ որոշ մանրէներ ամբարել (ինչպէս օրինակ մուկերն եւ առնետները) ու զանոնք փոխանցել ուղղակիօրէն երկրագործը խածնելով կամ զայն վարակել իրենց արտաքսումներուն միջոցաւ: Եթէ անձէ-անձ փոխանցում կայ, այդ կրնայ ըլլալ պայթած ուռերէն հոսող թարախոտ հեղուկներուն միջոցաւ: Այս ենթադրութիւններէն զատ կարելի չեղաւ «խլրդուկ» խրթին խնդիրը աւելի յստակացնել:

Զանազան հիւանդութիւններ

-Ուռեցւորիլ.- Հոս կը տեղեկանանք թէ դատեմցիին մարմինը ալպօմինէ (albumin) տառապելով կ’ուռի: Բայց ենթական այս հիւանդութիւնէն քանի մը ժամէն կրնայ բուժուիլ եթէ լոգնայ «չօպան տէօշէկ» (Convolvulus assyricus) կոչուող լեռնային բոյսին ջրային եփուկով [86]: Ալպիւմինը արեան մէջ գտնուող բնասպիտ մըն է, որ պէտք չէ մէզին մէջ անցնի: Հակառակ պարագային կը պատահի albuminuria, որ ախտանշանն է որոշ երիկամային հիւանդութեանց. ասոնց պատճառով ալ մարմինը կրնայ ուռիլ: Յիշեցնենք թէ այդպիսի տկարութիւններ դարմանելու համար ժողովրդային բժկութիւնը կ'օգտագործէ Astragalus, Angelica, Rheum (գազ, հրեշտակաբոյս եւ խաւարծիլ) դեղաբոյսերու տեսակները [87]։

-Փայծաղ (տալաղ).- Արիւնը զտող, մարմնին հեղուկներուն հաւասարակշռութեան վրայ հսկող ու անոր ախտազերծողական յատկութիւնը զօրացնող փոքրիկ գործարանը կը գտնուի ստամոքսին ձախ կողմի վերեւը: Փայծաղը մաս կը կազմէ մարմնին պաշտպանական աւշային շրջագայութեան: Դատեմ գիւղին մէջ տալաղէ տառապողները ախորժակէ կտրուելով կը նիհարնային ու «փորերնին թմբուկի պէս կ'ուռէր»: Դատեմցի պառաւ ժողովրդային բժշկուհին հիւանդը առտու կանուխ մերկ վիճակով կը կանգնեցնէր պաղ ջուրի առուին մէջտեղը, ապա մեծ դանակով մը երեք անգամ  խաչի նշանը կը գծէր ջուրին մէջ։ Ասկէ ետք, դանակով նոյն խաչաձեւ շարժումները կ՚ընէր հիւանդին փորին մորթին վրայ, առանց սակայն խորունկէն վիրաւորելու զայն։ Այս գործողութեան ընթացքին ափսոններ ալ կ՚արտասանէր: Շաբաթ մը ետք եթէ բարելաւում չի նկատուեր, մեղրով կը շփէին ուռած փորը [88]:

Բացատրական մը կարելի է գտնել կատարուած դարմանումին վերաբերեալ: Պաղ ջուրը կը սթափեցնէ ծուլացած աւշային դրութիւնը, դանակին «խաղը» հաւանաբար արարողութիւնը տպաւորիչ դարձնելու համար է, իսկ մարձումը (մեղրով կամ առանց մեղրի) անկասկած աւշային շրջագայութիւնը շարժման կը մղէ, կը պարպուի լճացած հեղուկը ու կ'անհետանայ ուռեցքը [89]։

Եզրափակում

Զարմանալի կը թուի որ Խարբերդ գաւառին մասին հրատարակուած քանի մը մեծղի, պատկերազարդ հատորներուն մէջ միայն հատուկտոր տուեալներ գտնուին տեղւոյն ժողովրդային բժշկութեան մասին, ցիր ու ցան այլապէս ազգագրականօրէն  համապարփակ տեղեկութեանց մէջ:

Լայնատարած գաւառին գլխաւոր երկու կրթական ոստաններուն - Խարբերդ քաղաքն ու Մեզիրէն - որոշ մակարդակի կրթական լուսաւորութիւնը կարծես թէ դժուարութիւն ունէր թափանցելու իր Ոսկեղէն դաշտին բիւրաւոր երկրագործական գիւղերուն մէջ:

Որոշ հիւանդութիւններու գոյութեան պատճառը կարելի է գտնել գաւառին մէջ տիրող յարաբերաբար յառաջացած ճարտարարուեստին եւ անոր կապուած առողջական հարցերուն, փողոցային վրան բաց արտաքնոցներու գոյութեան ու կոյուղային համակարգի մը ընդհանրապէս բացակայութեան մէջ։

Բարջանճ գիւղի համար պատրաստուած Պօղոս էֆէնտի Ծերօնի առողջապահական զարգացումի օրինագիրը թերեւս տարածում գտաւ նաեւ շրջակայ այլ վայրերու մէջ եւ այս ձեւով իր նպաստը բերաւ։ Նոյնպէս նաեւ միսիոնարական դարմանատուները:

Այնպէս ինչպէս Օսմանեան կայսրութեան հայաբնակ միւս գաւառներուն մէջ, Խարբերդի մէջ ալ կը հանդիպինք սնահաւատական դարմանումներու ու հրաշալի բուժումներու, բան մը որ այդ ժամանակաշրջանին յատուկ էր եւ թերեւս ալ կը շարունակուի տակաւին աշխարհի չորս ծագերուն: Սակայն ասոր կողքին, ժողովրդային ողջամտութիւնը իր փորձառական մօտեցումով եւ դիտարկութեամբ, կարողացած էր նաեւ գտնել առարկայական դարմանական կերպեր, ինչպէս մարձում, հանքային ջուրեր, դեղաբոյսեր ու կենդանական աշխարհէն առնուած նիւթեր: Այս դեղամիջոցներն ալ ծածկուած եղած են կրօնա-խորհրդապաշտական քօղով մը, որ կ՚արտայայտուէր սուրբ գրային թիւերով (3 կամ 7), ափսոններով ու արգելքներու դէմ անհնազանդութեան պարագային՝ պատիժներով:

Ինչպէս տեսանք, Խարբերդի դայեակները ամլութեան դէմ - իրենց ժամանակէն առաջ - ձեռնարկած են IUD-ով (ներ-արգանդային հնարք) դարմանումի: Այդ դեղամիջոցին բաղադրութիւնը եւ պատրաստութեան յղացքը նոյնիսկ ներկայի չափանիշներով կը մնան օրինակելի: Յատկանշական է որ խարբերդցին այսքան մեծ կարեւորութիւն տուած է ամլութեան դարմանումին… Հաւանաբար բազմանալը իրենց համար նաեւ չանհետանալու միջոցն էր միջավայրի չարիքներուն մէջ։

Շնորհակալութիւններ

Յուշամատեանի խումբին, որ տրամադրեց այս նիւթին մասին սկզբնաղբիւրներ: Նոյնպէս շնորհակալութիւններ Մոնթրէալի Համազգայինի գրադարանի պատասխանատուներէն Սօսէ Դերձակեանին իր յիշած խարբերդցիական քանի մը դարմանումներուն համար, զորս սորված է իր նախնիներէն: Շնորհակալութիւն Մարից Պուճիգանեանին, որ Փարիզէն ուղարկեց Վահէ Հայկի մօտաւորապէս հինգ քիլօկրամ կշռող «Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը» հատորը։ Նաեւ Անի Պուճիգանեանին, իր ղրկած խտասալիկին համար, որ կը պարունակէր մեր նիւթին առնչուած քանի մը գիրքեր: Խտասալիկը պատրաստուած է 2017-ին Պէյրութի Համախարբերցիական միութեան կողմէ (հիմնուած 1923-ին)։

  • [1] Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, Նիւ Եորք, 1959։
  • [2] Արմէն Պուճիգանեան, «Անոր ռումբը իր գլխուն մէջն է», Պատմութիւն Պուճիգանեան գերդաստանի, Տպարան Տօնիկեան, Պէյրութ, 1974, էջ 6: 
  • [3] Պետրոս Տեփոյեան, «Խարբերդ եւ անոր անմիջական շրջանակը», Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, Նիւ Եորք, 1959, էջ 27:
  • [4] "Elazig", Wikipedia:
  • [5] Maps of Armenian villages Harput; www.pinterest.com/pin/383931936955376902/
  • [6] Տեփոյեան, էջ 28: 
  • [7] Մանուկ Գ. Ճիզմէճեան, Խարբերդ եւ իր զաւակները, Ֆրէզնոյ, 1955: 
  • [8] Նոյն, էջ 57:
  • [9] Ստեփան Տինճեան, «Խարբերդ քաղաքին թաղերը», Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, էջ 488:
  • [10] Տինճեան, էջ 638:
  • [11] Բենիամին Նուրիկեան, «Հիւսէնիկ», Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, էջ 739:
  • [12] Տեփոյեան, էջ 39:
  • [13] Մանուկ Պ. Ծերօն, Բարջանճ գիւղ. համայնապատում (1600-1937), Պոստոն, 1938,  էջ 228-229:
  • [14] Տինճեան, էջ 661-674:
  • [15] Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, էջ 641-643։
  • [16] Նոյն, էջ 649-652:
  • [17] Նոյն, էջ 656-659:
  • [18] Նոյն, էջ 644-648:
  • [19] Տինճեան, էջ 666:
  • [20] "Occupational diseases", Wikipedia:
  • [21] Ծերօն, Բարջանճ գիւղ, էջ 130:
  • [22] Նոյն, էջ 126:
  • [23] Նոյն, էջ 130-131:
  • [24] Նոյն, էջ 119:
  • [25] Յակոբ Ղարիպ Շահպազեան, Թանգարան գիւղը մեր եւ սիրոյ արիւնոտ ածուներ, Ֆրանսա, 1967, էջ 63:
  • [26] Նոյն, էջ 61-63:
  • [27] "Semmelweis Ignaz", Wikipedia:
  • [28] Ծերօն, Բարջանճ գիւղ, էջ 118։
  • [29] Ատոմ Պուճիգանեան, Կեսարիա-Ժողովրդային բժշկութիւն (https://www.houshamadyan.org/arm/mapottomanempire/vilayetankara/kayserisandjak/localcharacteristics/kayserifolkmedicine.html):
  • [30] Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, էջ 902:
  • [31] Ryman Daniele, Elemi-Canarium luzonicum:
  • [32] Ճիզմէճեան, Խարբերդ եւ իր զաւակները, էջ 62:
  • [33] Նոյն, էջ 62-63:
  • [34] Նոյն, էջ 63:
  • [35] Կ.Յ. Ահարոնեան (խմբագիր), Հիւսէյնիկ, տպ. «Հայրենիք», Պոսթըն, 1965, էջ133-138:
  • [36] Նոյն, էջ134-136։
  • [37] Նոյն։
  • [38] Նոյն, էջ 134-138:
  • [39] Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, էջ 885:
  • [40] Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, էջ 898:
  • [41] Susie Hoogasian Villa/Mary Kilbourne Villa, Armenian village life before 1914, Wayne State University Presspages, 1982, էջ 96-97:
  • [42] Female infertility, symptoms and causes, Mayo clinic։
  • [43] Andrew Chevallier, “Clou de girofle”, in Encyclopedie des plantes médicinales, էջ 97։
  • [44] Kamel Chaieb et al; "clove oil", Eugenia caryophyllata, Phytotherapy research/volume 21, issue 6, March 2007.
  • [45] Նոյն, “Gingembre”, էջ 155:
  • [46] Ghayur MN et al, “Inhibitory activity of ginger rhizome on airway and uterine smooth muscles preparations: 
  • [47] Al-Snafi Ali Esmail, “The medical importance of Cicer arietinum, a review”, IOSR Journal of pharmacy, volume 6, Issue 3 March 2016, էջ 29-40:
  • [48] Hoogasian Villa/Kilbourne Villa, Armenian village life, էջ 98:
  • [49] Նոյն, էջ 112:
  • [50] Natural medicines, comprehensive database։
  • [51] Hoogasian Villa/Kilbourne Villa, Armenian village life, էջ 112-113:
  • [52] “Breastfeeding during pregnancy: safety and challenges”:
  • [53] Դերձակեան, հարցազրոյց, մայիս 2018:
  • [54] Շահպազեան, Թանգարան գիւղը, էջ 58:
  • [55] Merck manual, Whyley, 2009, էջ 1217-1218:
  • [56] McCall W. Wade, “Chicken manure”, Hawaii cooperative extension service, College of tropical agriculture, 1980.
  • [57] Schenkels Leon CP M. et al, Abstract, «Biochemical composition of human saliva... department of oral biochemistry, Vrije Universiteit Amsterdam.
  • [58] Հապուսի գիւղին պատմութիւնը, տպ. «Պայքար», Պոստոն, 1963, էջ 72։
  • [59] Նոյն:
  • [60] Դերձակեան, հարցազրոյց, մայիս 2018:
  • [61] Շահպազեան, Թանգարան գիւղը, էջ 58-59:
  • [62] Singh CP et al,“Characterization of antiviral and antibacterial Bombyx mori seroin proteins, Apr 2, 2014. 
  • [63] Շահպազեան, Թանգարան գիւղը, էջ 53-54:
  • [64] Untilted booklet on Mercurochrome in first aid, booklet not dated.
  • [65] Ճիզմէճեան, Խարբերդ եւ իր զաւակները, էջ 400։ 
  • [66] Thompson T. “Is alcohol effective as a pain killer?”, bodymind.org/alcohol.
  • [67] Շահպազեան, Թանգարան գիւղը, էջ 56:
  • [68] Նոյն, էջ 54։
  • [69] Նոյն, էջ 60-61:
  • [70] Ճիզմէճեան, Խարբերդ եւ իր զաւակները, էջ 400։
  • [71] Նոյն, էջ 398-399:
  • [72] Kevorkian/Paboudjian, Les Arméniens dans l’Empire ottoman à la veille du Génocide, 1992, Paris, էջ 365-66:
  • [73] Ճիզմէճեան, Խարբերդ եւ իր զաւակները, էջ 400։
  • [74] Նոյն։
  • [75] Mayo clinic Scarlet fever:
  • [76] Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, էջ 929:
  • [77] Antimicrobial plants, www.google.ca/search=
  • [78] Շահպազեան, Թանգարան գիւղը, էջ 56:
  • [79] Merck manual, Malaria, pp. 1218-1220.
  • [80] Շահպազեան, Թանգարան գիւղը, էջ 55:
  • [81] Adult jaundice; Cleveland clinic.clevelandclinic.org
  • [82] Baron S. et al. Abstract “Antiviral activities in urine is attributable to ammonium salts”, 1989; J. Biol Regul Homeost Agents.
  • [83] Դերձակեան, հարցազրոյց, յուլիս 2018:
  • [84] Շահպազեան, Թանգարան գիւղը, էջ 59-60:
  • [85] Նոյն, էջ 61:
  • [86] Նոյն, էջ 57։
  • [87] Peng A et al; Herbal treatment for renal diseases, a review article, abstract, Annals acad medicine. Singapore. Jan2005, vol 34 # 1, 44-45.
  • [88] Շահպազեան, Թանգարան գիւղը, էջ 57-58:
  • [89] Edele C. F., “Manual lymph drainage for equine lymphoedema-treatment strategy and therapist training”.