Վանի նահանգը (վիլայէթ), 20-րդ դարու սկիզբին

Վան

Վանի շրջանը, կամ պատմական Վասպուրականը հայկական քաղաքակրթութեան կարեւորագոյն բնօրրաններէն մէկն է։ Այնքան շատ են այս տարածքին մէջ հայկական ինքնութեան ու մշակոյթի դարաւոր հետքերը։ Հայ տարրը օսմանեան տարիներուն նոյնպէս տիրական ներկայութիւն է նաեւ Վան քաղաքին ու ամբողջ տարածքին մէջ։ Այլ խօսքով, այս ժամանակաշրջանին դարձեալ հայկական դրոշմը մեծապէս զգալի է տեղական մշակութային, տնտեսական, ընկերային, քաղաքական, կրօնական կեանքին վրայ։

Յուշամատեանի համար մարտահրաւէր մըն է Վանի տարածքին մէջ օսմանեան տարիներուն հայկական ժառանգութեան մասին անդրադառնալը։ Փաստօրէն շատ են այս նիւթով հայկական սկզբնաղբիւրները։ Բայց նոյն ժամանակ անոնք տարտղնուած կը մնան 19-րդ դարէն սկսեալ լոյս տեսած տպագիր գիրքերու, հանդէսներու, պարբերաթերթերու մէջ։ Անհրաժեշտ է այս բազմաշատ ու յաճախ նաեւ հազուագիւտ նիւթերուն համախմբումն ու սերտումը, որպէսզի կարելի ըլլայ մեր կողմէ պատրաստուած յօդուածներուն մէջ հարազատութեամբ ներկայացնել Վանի շրջանէն ներս հայկական կեանքը իր բազմազան երեսներով։

«Երկինքի վրայ դրախտ, երկրի վրայ Վան». նմանօրինակ արտայայտութիւններ շատ ունին Վանի հայերը իրենց քաղաքին ու շրջանին մասին։ Յուշամատեանի էջերուն մէջ պիտի փորձենք վեր առնել դրախտային այս գեղեցկութիւններուն ու դրախտային կեանքի մը զանազան երեսները։ Նոյն ժամանակ պիտի անդրադառնանք մեզի հետաքրքրող ժամանակներուն աւելի տխուր էջերուն, որոնք ի վերջոյ դժոխային աւարտ մը դրին տեղական հայկական դարաւոր կեանքին։