Ռումանիա, հաւանաբար Կալացիի մէջ, 1919։ Աւետիս Պոհճէլեանի եօթը խանութներէն մէկը:

Աշըգեան/Իյնէճեան/Պագալեան/Պօհճէլեան հծոյ, մաս 4

Գ հրապարակում. Մինչեւ Համաշխարհային Բ. պատերազմին յաջորդող տարիները Ռումանիա ապրած կեսարացի Բարսեղ Աշըգեանի ժառանգորդները

Հեղինակ՝ Անի Պագալեան, Նիւ Եորք, 25/03/2022 (վերջին փոփոխութիւն՝ 25/03/2022), թարգմանութիւն՝ Վարդան Թաշճեան

Բարսեղ Ուզուն Աշըգեան՝ Աշըգեաններու նահապետը հաստատուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան Կեսարիա նահանգը, 19-րդ դարու սկիզբը: Իր ժառանգորդները բազմացան եւ հարստացան: Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին, Ցեղասպանութեան պատճառով հայերը արտաքսուեցան իրենց պապենական հողերէն եւ տուներէն, քշուեցան դէպի անապատ եւ սովամահ եղան: Կեսարացի Աշըգեան տոհմը բախտաւոր էր. անոր անդամները իրարու նիւթապէս նեցուկ էին: Օսմանեան կայսրութեան բանակը սեփականացուց Ատանայի մէջ գտնուող Աշըգեան-Պագալեան տոհմին ալիւրաղացը, եւ Կիլիկիա գտնուող հայ տղամարդիկ դարձան այդ ալիւրաղացին աշխատաւորներ. այսպիսով, վերջիններս փրկուեցան տարագրութենէ:

Այս է պատմութիւնը այն մարդոց, որոնք փոխադրուեցան Ռումանիա, մօտաւորապէս 1894-էն 1960-ական թուականներուն: 1896-ին, Աւետիս Անդրէաս Պօհճէլեան լքեց Օսմանեան կայսրութիւնը եւ հաստատուեցաւ Ռումանիա: Ան հիմը դրաւ առեւտրական ձեռնարկութիւններու՝ Քոնսթանցա եւ Կալացի շրջաններուն մէջ, ուր  կառուցեց իր գործարանը: Ան նահապետին թոռան թոռն էր (4-րդ սերունդ): Ռումանիոյ թագաւորութիւնը առաջինն էր, որ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերուն տրամադրեց քաղաքական ապաստարան: Ապա, իր եղբայրը՝ Արմենակ Անդրէաս Պօհճէլեան հետեւեցաւ իրեն, եւ մինչ 1920 թուականի աւարտին, Ալլահվէրտեան, Այանեան, Աշըգեան, Ինէճեան եւ Սուզմէեան ընտանիքները մեծ մասամբ ապրեցան Քոնսթանցա եւ Պուխարեստ: Մինչ 1940-ի աւարտը, Ռումանիոյ մէջ ապրող հայերուն թիւը կը տարուբերէր 40,000-էն 70,000-ի միջեւ:

Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք, Խորհրդային վարչակարգը ներգաղթի մղեց սփիւռքահայերը, պարզապէս՝ «տուն վերադառնալու»: Աւելի քան 100,000 հոգի (տղամարդիկ, կիներ, երեխաներ) գացին Խորհրդային Հայաստան: Կարապետ Աշըգեան իր գիրքին մէջ կը հաստատէ, թէ Յարութիւն (Արթին) Ալլահվէրտեան իր ընտանիքով փոխադրուեցաւ Երեւան, 1947-ին (տեսնել՝ Ա հրապարակում, Ներգաղթին մասին):

1945-ի գարնան, Խորհրդայինները բռնի ներխուժեցին Ռումանիա եւ պարտադրեցին Միքայէլ թագաւորին նշանակել համայնավարամէտ մը՝ կազմելու Ռումանիոյ կառավարութիւնը: Այլընտրանքի չգոյութեան պատճառով, 30 Դեկտեմբեր 1947-ին թագաւորը գահընկէց եղաւ, եւ Ռումանիան դարձաւ Խորհրդային Միութեան մէկ արբանեակը:

Քոնսթանցա, Ռումանիա, 1937-ի գարուն. ետեւի շարքը, ձախէն՝ Աղաւնի Պօհճէլեան, Արմենակ Պօհճէլեան, Կիւլտուտու Պօհճէլեան։ Առջեւի շարքը, ձախէն՝ Պետրիկ Պօհճէլեան, Արամ Պօհճէլեան։
Ռումանիա, Քոնսթանցա, 1937-ի գարուն. ձախէն՝ Արամ Պօհճէլեան, Աղաւնի Պօհճէլեան, Կիւլտուտու Պօհճէլեան, Արմենակ Պօհճէլեան։

Համայնավար կուսակցութեան կեդրոնացեալ վարչակարգը քաղաքացիներուն կեանքը դարձուց ցաւալի: Կենցաղային անհրաժեշտութիւններ, ինչպէս՝ ուտելիք, հագուստ եւ բնակարան, բաւարար չէին եւ հաւասարապէս չէին տրամադրուեր ժողովուրդին: Աւելին, սեփական կալուածներ, ինչպէս՝ տուներ, խանութներ եւ գործարաններ, բռնագրաւուեցան. մարդիկ, որոնք մեղադրուեցան ոսկի պահելու կամ բարեկեցիկ կեանք ապրելու համար, բանտարկուեցան: 1951-էն 1965, Անտուն Հայերու Օժանդակութեան Ամերիկեան Ազգային Յանձնաժողովը (American National Committee to Aid Homeless Armenians-ANCHA) [1] իր Պէյրութի ներկայացուցիչին՝ Յովհաննէս Չաքըրեանի միջոցաւ օգնեց կեսարացի տոհմի անդամներուն՝ դիւրացնելու ամերիկեան անցագրերու գործընթացը: Անոնք վերջապէս հաստատուեցան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, մաս մըն ալ՝ Գանատա:

1947-ին, Ճորճ Մարտիկեան [2] եւ Սուրէն Սարոյեան [3]  հիմնեցին Անտուն Հայերու Օժանդակութեան Ամերիկեան Ազգային Յանձնաժողովը (American National Committee to Aid Homeless Armenians-ANCHA)՝ օգնութեան ձեռք երկարելու Համաշխարհային Բ.Պատերազմէն ետք Եւրոպա հասած տեղահանուած մարդոց: ANCHA-ն հիմնեց աւելի քան 60 գրասենեակներ եւ զօրաշարժի ենթարկեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տարածքին գտնուող մօտ 300-էն 400 հայ կամաւորներ։ Նպատակն էր յառաջացնել հիմնադրամներ, լոպիինկ կատարել Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան մօտ, տառապեալ հայրենակիցներուն ուղարկել ուտելիք, հագուստ եւ պատսպարել զանոնք։ ANCHA-ն օգնեց աւելի քան 3500 հայ տեղահանուածներուն, մինչեւ 1952, երբ Տեղահանուած մարդոց օրէնքը (The Displaced Persons Act) իր աւարտին հասաւ։ Սուրէն Սարոյեանի օրէնսգիտական հմտութիւնները վճռորոշ եղան ANCHA-ին մէջ՝ 1953-ի Փախստականներու Օժանդակութեան Օրէնքին միջոցով (Refugee Relief Act) դէպի Միացեալ Նահանգներ արտագաղթը հովանաւորելու եւ անոր օժանդակելու համար: [4] ANCHA-ի մասին Հրաչ Զատոյեանի գիրքին համաձայն՝ «Ռումանիան եւ Պուլկարիան համայնավար վարչակարգերուն մէջ ամէնէն ճնշողներէն էին: Անոնք որոնք կ'ուզէին հեռանալ, երկրէն դուրս գալու անցագրերը ընդհանրապէս անկարելի էր ձեռք ձգել»: [5]

Յաճախ կան բացառութիւններ. Կարապետ Աշըգեան եւ իր ընտանիքը լքեցին Քոնսթանցան եւ հասան Պէյրութ, Յունիս 1951-ին, որովհետեւ իր քրոջ որդիները (Պագալեանները) ապահովեցին իրենց Լիբանանեան անցնագրեր: Իսկ, 1951-ին, Հայկազուն Սուզմէեան եւ իր կինը՝ Մարին (ծնեալ՝ Իյնէճեան, Յովհաննէսի),  իրենց երեք զաւակներով Պէյրութ գացին, որովհետեւ Հայկազուն Իրանի քաղաքացի էր:

Հոկտեմբեր 1956-ի Հունգարական յեղափոխութենէն եւ Լեհական ձիւնհալէն ետք «տեղի ունեցաւ ճամբորդական սահմանափակումներու աստիճանական եւ պարտադրեալ «ազատականացում»՝ նպաստելով հայ եւ հրեայ համայնքներու մեծամասնութեան»: [6] Հայերը արտօնութիւն ունեցան երկրէն դուրս գալու անցագրեր խնդրելու՝ Լիբանանի մէջ «ընտանեկան վերամիաւորման» նպատակով: Այնուամենայնիւ, Հայ գաղթականներու վերջին ամիսներն ու օրերը Ռումանիոյ մէջ դժուար էին. կը պահանջուէր, որ անոնք իրենց տուները կառավարութեան «նուիրէին»՝ «մաքրուած, ներկուած եւ լաւ պայմաններու մէջ»: [7] Ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամի արտօնուած էր իրեն հետ ունենալ 75 քիլօ կշռող ուղեբեռ, բայց ոչ ոսկի կամ թանկարժէք իրեր: Ռումանացի կառավարական պաշտօնեաները պահանջեցին դուրս գալու անցագիր: Պէյրութի մէջ գտնուող հարազատներ կամ անոնք որոնք նախապէս հասած էին,  պիտի տրամադրէին  100 ամերիկեան տոլար՝ մէկ անձի համար, իսկ 200-էն 300 ամերիկեան տոլար ընտանիքի մը համար, որպէսզի լիբանանեան անցագիր ապահովէին: Պուխարեստի Ֆրանսական դեսպանատունը կը ներկայացնէր Լիբանանի Հանրապետութեան շահերը: [8] Ալլահվէրտեան, Աշըգեան, Այանեան, Պօհճէլեան, Ճիրիքեան եւ Սուզմէեան ընտանիքները Պէյրութ հասան նաւով: [9] Անոնք մաս կը կազմէին այն 3500 հայերուն, որոնք լքեցին Ռումանիան: [10]

1951-ին, երբ Կարապետ Աշըգեան եւ իր ընտանիքը հասան Պէյրութ,  քրոջ որդիները իրենց համար վարձեցին յարկաբաժին մը, Մար Մըխայէլ շրջանին մէջ, մարոնիներու «Սուրբ Միքայէլ» եկեղեցւոյ փողոցին վրայ, Պուրճ Համուտի մօտ: Իրենց զաւկին եւ դստեր Գանատա մեկնելէն ետք, Կարապետն ու Պերճուհին միացան անոնց 1959-ի սկիզբները: Քանի մը ամիսներ ետք, եղբայրը՝ Յակոբ Աշըգեան, իր կնոջ, զաւկին եւ աներձագին՝ Վահրամ Իյնէճեանի հետ հասան Պէյրութ: Պագալեանները, որոնք տեղափոխուած էին Պատարօ (նոր արուարձան մը), Խանտագ Ալ-Ղամիգի տունը տրամադրեցին իրենց հարազատներուն: Իրենց հետ կը ճամբորդէր Հռիփսիմէ (ծնեալ՝ Ալլահվէրտեան, Դանիէլի) Այանեան, իր անդրանիկ զաւակը՝ Կարապետ, եւ իր դուստրը՝ Հերմինէ Ճիրիքեան, իրենց ընտանիքներով: Բոլորը միասին՝ 11 անձինք (երեք սերունդներ), ապրեցան մէկ յարկաբաժինի մէջ: Այլ ընտանիքներ՝ Աշըգեաններուն կապուած, վարձեցին յարկաբաժիններ եւ փնտռեցին աշխատանք, մինչեւ իրենց ԱՄՆ-ի թուղթերը ամբողջացան: Հրաչ Զատոյեան կ'ըսէ. «Շատ ընտանիքներ կը ներկայացնէին երկու կամ երեք սերունդներ՝ տարեց ծնողներ, ընդհանրապէս Ցեղասպանութենէն վերապրածներ, որոնք փախած էին Թուրքիայէն, երիտասարդ սերունդը՝ կրթութիւն ստացած եւ աշխատանքի ընդունուած Ռումանիոյ մէջ, եւ բազմաթիւ պարագաներու, անոնց երեխաները»։ [11]

1953-ին, Փախստականներու Օժանդակութեան Օրէնքը (Refugee Relief Act) թոյլ տուաւ միայն «անօրէն եւ մեծ վտանգի տակ գտնուած փախստականներու» ներգաղթը Միացեալ Նահանգներ: Պէյրութի մէջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան աշխատակիցները պարբերաբար հարցաքննութեան պարտաւորեցուցին հայերէն՝ հաստատելու, թէ վերջիններս, Ռումանիոյ մէջ, ենթարկուած էին քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային հալածանքներու: Աւելի ուշ, երբ, 1965-ին, Ամերիկայի ներգաղթի վերաբերող օրէնքը փոխուեցաւ, գործընթացը դիւրացաւ: Սուրէն Սարոյեան Պէյրութ այցելեց 1957-ին եւ յաճախ վերադառնալով՝ փորձեց արագացնել իր առաքելութեան ընթացքը: Պէյրութէն Նիւ Եորք կամ այլ քաղաքներ օդանաւով ճամբորդելը սուղ էր եւ մեծ խումբեր կառավարելը բաւականին բարդ աշխատանք էր: Երբ ՄԱԿ-ի Փախստականներու Հարցերու Գերագոյն Յաձնակատարի Գրասենեակը(Office of United Nations High Commissioner for Refugees) հաստատեց, որ Ռումանիոյ հայերը փախստականներ են, ANCHA-ն սկսաւ իրենց նպաստները ԱՄՆ ուղարկել՝ բարեգործական կազմակերպութիւններու միջոցով, ինչպէս՝ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին (WCC), Եկեղեցիներու Համաշխարհային Ծառայութեան (CWS) եւ Եւրոպայի Միջ-կառավարական Գաղթի Յանձնաժողովին (ICEM): Միացեալ Նահանգներուն անհրաժեշտ էր ապացոյց ունենալ, որ  ռումանահայերը բեռ չեն ըլլար, երբ գան: Հետեւաբար, ANCHA-ն ապահովեց հաւաստագրեր  հարազատներէ կամ  ամերիկահայերէ, որոնք երաշխաւորներ էին:

1973-ին, Թոլսթոյի Հիմնադրամը եւ Փրկութեան Միջազգային Կոմիտէն (IRC) սկսան սկսան Հռոմի մէջ իրականացնել Ռումանիայէն եւ Պուլկարիայէն հայերու տեղափոխութիւնը ։ Ամենայն դէպս, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը (1975-էն 1990) Լիբանանի մէջ վերջ դրաւ դարաշրջանի մը եւ այսպիսով կնքուեցաւ նաեւ ANCHA-ի աւարտը:

Երրորդ սերունդը

Կիւլտուտու ( ծնեալ՝ Իյնէճեան, Հաճի Յարութիւնի) Անդրէաս Պօհճէլեան (ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Կեսարիա, 1860-ին, մեռած՝ Ռումանիա, Պուխարեստ, 1957-ին) [14] կեսարացի Յարութիւն Իյնէճեանի առաջին զաւակն էր. 14 տարեկանին ամուսնացաւ կեսարացի Անդրէաս Պօհճէլեանի հետ։ Ամուսինը բարձր կրթութեան տէր անձ մըն էր, իրաւաբան էր եւ կը հրատարակէր հայատառ թրքերէն թերթ մը։ Իր գիրքին մէջ Կարապետ Աշըգեան կը նշէ, թէ Անդրէաս Պօհճէլեան անզուսպ խաղամոլ մըն էր եւ յաճախ Կեսարիայէն դուրս կ՚երթար՝ բախտախաղի համար:

Այս զոյգը ունեցաւ դուստր մը, ապա՝ երկու մանչեր։

  • Մաննիկ (ծնեալ՝ Պօհճէլեան, Անդրէասի) Համբարձում Ալլահվէրտեան (ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Կեսարիա, 1873-ին, մեռած՝ Նիւ Եորք, 1971-ին)։
  • Աւետիս Անդրէաս Պօհճէլեան (ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Կեսարիա, 1877-ին, մեռած՝ Ռումանիա, Պուխարեստ, 28 Փետրուար 1941-ին)։
  • Արմենակ Անդրէաս Պօհճէլեան (ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ,Կեսարիա, 1879-ին, մեռած՝ Ռումանիա, լեռնային հանգստավայր Փրետիլի մէջ, 1942-ի Սեպտեմբերին)։

Երիտասարդ տարիքին, Աւետիս Պօհճէլեան իր ընտանիքին հետ փոխադրուեցաւ Պանտըրմա։ Շուտով, Կիւլտուտուին քոյրը՝ Նեվրիկ (ծնեալ՝ Իյնէճեան, Յարութիւնի) Դանիէլ Ալլահվէրտեան (ծնած՝ Կեսարիա, 1868-ին, մեռած՝ Սթանպուլ, 1967-ին), ամուսինին հետ հաստատուեցաւ Պանտըրմա։ Քիչ ժամանակ անց, Կիւլտուտուն իր դուստրը՝ Մաննիկը ամուսնացուց Նեվրիկին տագրոջ՝ Համբարձում Ալլահվէրտեանին հետ։ Ալլահվէրտեան երկու եղբայրները՝ Համբարձում եւ Դանիէլ, ունէին խանութ մը, ուր կ՛արտադրէին ֆէսեր, նաեւ կը զբաղէին ոչխարի մորթի եւ այլ անասուններու առեւտուրով։ Անոնք Պանտըրմայի մէջ կառուցած էին տուներ եւ ունէին այգիներ։

Կիւլտուտուին ամուսինը մահացաւ Պանտըրմայի մէջ։ Տղաքը արդէն  Ռումանիա կը գտնուէին. հետեւաբար, միացաւ անոնց։ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին, զաւակներուն եւ ազգականներուն հետ ապաստանեցաւ Օտեսա: 1918-ի զինադադարէն ետք, անոնք վերադարձան Ռումանիա։ Ապրեցաւ երկար կեանք մը, նոյնիսկ վերապրեցաւ զաւակներուն՝ Աւետիսին եւ Արմենակին մահը եւ տեսաւ Համաշխարհային Բ. պատերազմը։ 1944-ի զինադադարէն ետք, Խորհրդային զօրքերը գրաւեցին Ռումանիոյ ամբողջ տարածքը։ Ան մահացաւ 1957-ին, երբ իր ծոռը՝ Պետրիկ Արմենակ Պօհճէլեան կը պատրաստուէր հեռանալ Ռումանիայէն:

Կիւլտուտուն եւ քոյրը՝ Տիրուհի (որ ծնած էր իրմէ ետք), կը խօսէին միայն թրքերէն, անուս էին եւ իրենց թոռներուն կը պարտադրէին թրքերէն սորվիլ. իսկական մայրիշխանական կերպարներ էին. մարդիկ կ՚ենթարկուէին իրենց:

Տիրուհի (ծնեալ՝ Իյնէճեան) Աշըգեան (ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Կեսարիա, շուրջ 1864-ին, մեռած՝ Լիբանան, Պէյրութ, 11 Յունիս 1968-ին) [տեսնել՝ Ա հրապարակում]:

Տիգրանուհի (ծնեալ՝ Իյնէճեան) Թորոսեան (ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Կեսարիա, շուրջ 1866-ին, մեռած՝ Թուրքիա, Սթանպուլ, 26 Դեկտեմբեր 1946-ին [տեսնել՝ Բ հրապարակում]։

Նեվրիկ (ծնեալ՝ Իյնէճեան) Ալլահվէրտեան (ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Կեսարիա, շուրջ 1868-ին, մեռած՝ Թուրքիա, Սթանպուլ, 1967-ին [տեսնել՝  Բ հրապարակում]։

Յովհաննէս Հաճի Յարութիւն Իյնէճեան (ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Կեսարիա, շուրջ 1870-ին, մեռած՝ Ռումանիա) կ՚երթայ  Քասթեմոնի/Քասթամոնու՝ հիմնելու իր ձեռնարկութիւնը, եւ կը յաջողի։ Տեղացիները՝ թէ՛ գործարարները, թէ՛ իշխանութիւնները կը յարգէին Յովհաննէսը։ Ան կը սկսի վաճառել գործուածքներ. ի վերջոյ, զարգանալով, խանութը կը վերածուի ժամանակակից հանրախանութի մը, ինչպէս՝ Պոլսոյ Օրոստի-Պաքը։ Ան կը ծախէր հագուստ եւ տնային առարկաներ, ինչպէս՝ ճենապակի, ընդհանրապէս ապակեղէն, խոհանոցային իրեր եւ գորգեր։

Յովհաննէս կ՚ամուսնանայ Ասանէթ (ծնեալ՝ Սուզմէեան, Յարութիւնի) Յովհաննէս Իյնէճեանի հետ, որուն հայրը անդամ էր Պոլսոյ հայկական դատարանին։ Կ՚ունենան վեց զաւակներ՝ ծննդեան հետեւեալ կարգով.

  • Յարութիւն Յովհաննէս Իյնէճեան (ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Քասթեմոնի, շուրջ  1895-ին, մեռած՝ Ռումանիա, Քոնսթանցա)
  • Մարի (ծնեալ՝ Իյնէճեան, Յովհաննէսի) Սուզմէեան (ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Քասթեմոնի, 30 Դեկտեմբեր 1887-ին, մեռած՝ ԱՄՆ, Լոս Անճելըս, 23 Նոյեմբեր 1982-ին)
  • Վահրամ Յովհաննէս Իյնէճեան (ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Քասթեմոնի, 28 Մայիս 1901-ին, մեռած՝ ԱՄՆ, Լոս Անճելըս, 21 Ապրիլ 1983-ին)
  • Հայկ Յովհաննէս Իյնէճեան (ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Քասթեմոնի, շուրջ 1904-ին, մեռած՝ Ռումանիա, Պուխարեստ)
  • Ովսաննա (ծնեալ՝ Իյնէճեան, Յովհաննէսի) Յակոբ Աշըգեան (ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Քասթեմոնի, 3 Օգոստոս 1907-ին, մեռած՝ ԱՄՆ, Լոս Անճելըս, 22 Յունուար 2001-ին)
  • Նուպար Յովհաննէս Իյնէճեան (ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Քասթեմոնի, շուրջ 1910-ին, մեռած՝ Ռումանիա, Պուխարեստ)

1915-ին, ընտանիքը կ՚ապրէր Քասթեմոնի։ Աւագ որդին՝ Յարութիւն, Պոլիս գտնուելով, կը փրկուի Եղեռնէն։ Յովհաննէս եւ որդին՝ Վահրամ, կ՚աքսորուին եւ Հալէպ հասնելով՝ կը փրկուին։ Զինադադարէն ետք, դէպի Պոլիս իրենց ճամբուն վրայ, Յովհաննէս եւ Վահրամ կանգ կ՚առնեն Ատանա՝ այցելելու Տիրուհին՝ Յովհաննէսի քոյրը։ Ասանէթ՝ մայրը, միւս զաւակներուն հետ աքսորուած էր մօտակայ գիւղ մը, հետեւաբար բոլորը փրկուած էին։ Ընտանիքը կը լքէ Քասթեմոնին, եւ իրենց ժամադրավայրը Պոլիսը կ՚ըլլայ, քանի արդէն Յովհաննէսի հայրն ու քոյրը հոն կը գտնուէին։ Սակայն Յովհաննէս պարբերաբար պիտի մեկնէր Քասթեմոնի՝ իրեն պարտական թուրքերէն իր գումարները հաւաքելու։

Յարութիւն Յովհաննէս Իյնէճեան տեղափոխուեցաւ Ռումանիա եւ խանութ մը բացաւ Քոնսթանցայի մէջ (շուրջ 1920-ին), եւ ընտանիքը հետեւեցաւ իրեն։ Անոնց աւագ դուստրը՝ Մարի, արդէն նշանուած էր Հայկազուն  Սուզմէեանին (Ասանէթի հօրեղբօրորդին, որ հաստատուած էր Քասթեմոնի) հետ, Համաշխարհային Ա. պատերազմէն առաջ։ Անոնք եւս տեղափոխուեցան Պոլիս։

Կրտսեր դուստրը՝ Ովսաննա եւ երեք եղբայրները՝ Հայկ, Նուպար եւ Վահրամ Սուզմէեան հաստատուեցան Պուխարեստ։ Հայկը եւ Նուպարը հոն մահացան։ Իրենց մայրը՝ Ասանէթ, խոր վիշտի մէջ թաղուեցաւ։ Ան նոյնիսկ կորսնցուց իր տեսողութիւնը։  Մահացաւ եւ թաղուեցաւ հայկական գերեզմանատան մը մէջ, Պուխարեստ։

Վահրամ ընտանիքին միակ որդին էր, որ երկար ապրեցաւ, նաեւ երկու քոյրերը՝ Մարին եւ Ովսաննան։ [Հաճի Յարութիւն Իյնէճեանի  միւս զաւակներուն մասին տեսնել Բ հրապարակումին մէջ]

  • Նազարէթ Յարութիւն Իյնէճեան (ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Կեսարիա, շուրջ 1872-ին, մեռած՝ Սուրիա, Հալէպի մօտ, Հայկական Ցեղասպանութեան օրերուն) [տեսնել՝ Բ հրապարակում]
  • Պետրոս Յարութիւն Իյնէճեան (ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Կեսարիա, 1874-ին, մեռած՝ Զուիցերիա, Լոզան, 1961-ին) [տեսնել՝ Բ հրապարակում]

Չորրորդ սերունդը

Անդրէաս եւ Կիւլտուտու Պօհճէլեաններու ժառանգորդները

Մաննիկ (ծնեալ՝ Պօհճէլեան, Անդրէասի) Պօհճէլեան (ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Կեսարիա, 1873-ին, մեռած՝ ԱՄՆ, Նիւ Եորք, 8 Մայիս 1971-ին) ամուսնացած է Համբարձում Ալլահվէրտեանի հետ, որ ծագումով Կեսարացի էր, բայց տնտեսական առիթներու ակնկալիքով՝ տեղափոխուած է Պանտըրմա (կը գտնուի Մարմարա ծովու արեւելեան ափին, Պոլսոյ  եւ Զմիւռնիոյ միջեւ)։ [15]  Առեւտրական այլ գործերու կողքին, Համբարձում իր եղբօր՝ Դանիէլի հետ հիմնեց ֆէսեր արտադրելու խանութ մը, Պանտըրմայի մէջ։ Անոնք կը զբաղէին նաեւ ոչխարի մորթի եւ այլ անասուններու առեւտուրով։ Շինած էին տուներ, Պանտըրմայի մէջ, եւ ունէին այգիներ։ Սակայն իրենց գնած ագարակը անհանգստութիւն, շատ փորձութիւններ եւ դրամական կորուստներ պատճառեց իրենց։ Աշըգեան տոհմի մատենագիրին համաձայն, եղբայրները պարկեշտ եւ բարեպաշտ մարդիկ էին, սիրուած իրենց համայնքին կողմէ:

Այս զոյգը ունէր որդի մը եւ երկու դուստր, բայց Էլիզապէթը մահացաւ մանուկ հասակին:

  • Ստեփան Համբարձում Ալլահվէրտեան (ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Պանտըրմա, 26 Օգոստոս 1890-ին, մեռած՝ ԱՄՆ, Նիւ Եորք, 5 Դեկտեմբեր 1981-ին)
  • Լուիզ Համբարձում Ալլահվէրտեան (ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Պանտըրմա, Դեկտեմբեր 1900ին, մեռած՝ ԱՄՆ, Նիւ Եորք, 1965-ին)

Մաննիկին ամուսինը մահացաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմէն առաջ։ Մաննիկ իր զաւակներուն հետ տեղափոխուեցաւ Քոնսթանցա, որովհետեւ իր եղբայրները՝ Աւետիս եւ
Արմենակ Պօհճէլեան, կը գտնուէին Ռումանիա եւ յաջողութիւն գտած էին իրենց գործին մէջ։ Երբ ան վերադարձաւ Պանտըրմա՝ ունեցուածքները ծախելու, Թուրքիոյ հանրապետութիւնը արդէն բռնագրաւած էր ամէն ինչ։

Երբ Ռումանիան մտաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմ, Մաննիկ եւ իր ազգականը ապաստան գտան Օտեսա, Ռուսիա։ 1918-ին վերադարձան Քոնսթանցա. տղան՝ Ստեփան, ղեկավարեց հօրեղբօր՝ Աւետիսի ընդեղէնի խանութը, եւ Մաննիկ եղաւ գանձապահը։ Ապա, գործընկերներու հետ, Աւետիս հիմնեց կտորեղէնի գործարան մը՝ «Կալացիանա» (“Galatziana”) անունով։

1933-ին, Աւետիս իր քրոջ՝ Մաննիկի եւ եղբօր՝ Արմենակի հետ կառուցեց հսկայ շէնք մը, Carol Boulevard-ի վրայ, Քոնսթանցա. գետնայարկը յատկացուած էր առեւտրական գրասենեակներու եւ մանրածախ առեւտուրի, իսկ վերի յարկերը վարձու կը տրուէին։ Աւելի ուշ, անոնք գնեցին այլ շէնք մը, 69 Tomis Boulevard-ի, Քոնսթանցա, եւ կոչեցին զայն Hotel Paris («Փարիզ Հիւրանոց»):

Որդին՝ Ստեփան ամուսնացաւ Մարի (ծնեալ՝ Տիլսիզեան, Միսաքի) Ալլահվէրտեանի հետ. հարսանիքը մեծ էր եւ տեղի ունեցաւ Քոնսթանցայի մէջ, 4 Փետրուար 1934-ին։ Զոյգը ունեցաւ դուստր մը՝ Վարդուհի։

Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք, Ստեփան իր կնոջ եւ աղջկան հետ վերահաստատուեցաւ Պուխարեստ։ Մօտ մէկ տարի անց, Մարին մահացաւ քաղցկեղէ։ Վարդուհին 11 տարեկան էր, եւ զինք խնամեց իր մեծ մայրը՝ Մաննիկ։ 1947-ին, Ռումանիան դարձաւ Խորհրդային Միութեան մէկ արբանեակը։ Մաննիկի եւ իր եղբօր ժառանգորդներուն հարստութիւնը բռնագրաւուեցաւ։ 1963-ին, Մաննիկը, Ստեփանը, Լուիզն ու  Վարդուհին հասան Լիբանան։ Մօտ երկու տարի ետք (1965) մեկնեցան Պէյրութի օդակայանէն։ Երբ օդանաւը վայրէջք կատարեց Նիւ Եորք քաղաք, Լուիզ, որ ծանր հիւանդ էր քաղցկեղով, քանի մը ժամ ետք մահացաւ:

Մաննիկ 92 տարեկան էր, երբ հասաւ Ամերիկա։ Ոտքերը տկար էին եւ դժուարութիւն ունէր շարժելու. տեսողութիւնը լաւ չէր եւ անգլերէն չէր խօսեր։ Թոռնուհին՝ Վարդուհին, կարելին ըրաւ օգտակար ըլլալու։ Մեռաւ Նիւ Եորքի մէջ 1971-ին եւ թաղուեցաւ իր աղջկան՝ Լուիզի հետ, “Cedar Grove” գերեզմանատան մէջ, Ֆլաշինկ, Քուինզ։

Աւետիս Անդրէաս Պօհճէլեան (ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Կեսարիա, 1877-ին, մեռած՝ Ռումանիա, Պուխարեստ, 28 Փետրուար 1941-ին) մեծցաւ Պանտըրմայի մէջ։ Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.-ի գահակալութեան օրով, հայերը ջարդի ենթարկուեցան, 1894-էն 1896։ Եւրոպացիներուն ուշադրութիւնը Հայկական Հարցին ուղղելու համար՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը գրաւեց Պոլսոյ Օսմանեան Դրամատունը, 26 Օգոստոս 1896-ին։ Սակայն անոնց ըրածը նոր բարբարոսութիւններու ընթացք տուաւ. կային աւազակախումբեր եւ անկարգներ, որոնք կը յարձակէին մայրաքաղաքին մէջ գտնուող փոքրամասնութիւններուն վրայ եւ մերձակայ շրջաններու մէջ ջարդեր տեղի կ՚ունենային։ Այդ օրերուն Աւետիս 19 տարեկան էր եւ կանխատեսելով, որ ապագան այլեւս ապահով չէր, հաստատուեցաւ Քոսթանցա:

Ռումանիոյ մէջ Աւետիս շատ արագ տիրապետեց քանի մը տեղական լեզուներու եւ ուսումնասիրեց ընդեղէնի առեւտուրը։ Իր գիրքին մէջ Կարապետ Աշըգեան կը գրէ. «Ան խելացի, արթուն եւ աշխատասէր երիտասարդ մըն էր, շուտով յաջողեցաւ բանալ իր սեփական խանութը եւ դարձաւ յարգուած անձ մը համայնքին մէջ»։ [16]

Ռումանիոյ թագաւորութիւնը պատերազմ յայտարարեց Դաշնակից տէրութիւններուն կողքին (Ռուսական կայսրութիւն, Ֆրանսա եւ Մեծն Բրիտանիա), Օգոստոս 1916-ին, Համաշխարհային Ա. պատերազմին։ Սակայն անոնք պարտուեցան Պուխարեստի ճակատամարտին (13-16 Դեկտեմբեր, 1916), եւ ռուսական զօրքերը նահանջեցին Մոլտավիա։ Ռումանիան Առանցքի ուժերուն (Գերմանիա եւ Աւստրօ-Հունգարիա, նաեւ Օսմանեան կայսրութիւն) հսկողութեան տակ մնաց, հետեւաբար, Աւետիս տեղափոխուեցաւ Օտեսա (Ռուսական կայսրութիւն), մինչեւ պատերազմին աւարտը։

1918-ի զինադադարէն ետք, Աւետիս հաստատուեցաւ Կալացի եւ հիմնեց եօթը խանութներ Ռումանիոյ եօթը քաղաքներու մէջ. բոլորը ընդեղէնի խանութներ էին։ Քոնսթանցայի խանութին ղեկավար նշանակեց քրոջ որդին՝ Ստեփան Ալլահվէրտեան։ Ի վերջոյ, Ստեփան ղեկավարեց բոլորը։ Ապա, Աւետիս եւ իր գործընկերները՝ Սեֆէրեան եղբայրները, հիմնեցին հիւսուածեղէնի արտադրութեան գործարան մը։ «Կալացիանա» (“Galatziana”) ընկերութիւնը մեծ համբաւ ունէր քաղաքին մէջ։

Շուրջ 1920-ին, Աւետիս ամուսնացաւ Ռոզիքա (Ռոզա) (ծնեալ՝ Լազարովիչի) Աւետիս Պօհճէլեանի հետ (ծնած է Ռումանիա, Օգոստոս 1897-ին, մեռած՝ Նիւ Եորք, ԱՄՆ, Մարտ 1986-ին). ընտանիքը հայ էր, կ՚ապրէր Ֆոքսանի քաղաքին մէջ, պատմական Մոլտավիա, այժմ՝ Ռումանիա, Կալացիի մօտ։ Ունէր չորս քոյր եւ չորս եղբայր։

Այս զոյգը ունէր աղջիկ զաւակ մը՝ ծնած 1923-ին, բայց մեռած՝ մանուկ հասակին. ապա, անոնք ունեցան մանչ մը եւ աղջիկ մը.

  • Անտրէ Պերճ Աւետիս Պօհճէլեան (ծնած է Ռումանիա, Կալացի, 12 Ապրիլ 1925-ին, մեռած՝ ԱՄՆ, Ֆիլատելֆիա, 2005-ին)
  • Ալիս (ծնեալ՝ Պօհճէլեան, Աւետիսի) Պետրիկ Արմենակ Պօհճէլեան (ծնած է Ռումանիա, Կալացի, 1928-ին, մեռած՝  ԱՄՆ, Ֆիլատելֆիա, 24 Դեկտեմբեր 2020-ին)

1933-ին, Աւետիս իր քրոջ՝ Մաննիկի եւ եղբօր՝ Արմենակի հետ կառուցեց հսկայ շէնք մը, Carol Boulevard-ի վրայ, Քոնսթանցա. գետնայարկը յատկացուած էր առեւտրական գրասենեակներու եւ մանրածախ առեւտուրի, իսկ վերի յարկերը վարձու կը տրուէին։ Աւելի ուշ, անոնք գնեցին այլ շէնք մը, 69 Tomis Boulevard-ի վրայ, Քոնսթանցա եւ կոչեցին զայն Hotel Paris («Փարիզ հիւրանոց»)։

Աւետիս մահացաւ երիտասարդ տարիքին, 28 Փետրուար 1941-ին, եւ թաղուեցաւ Պուխարեստի մէջ։ 30 Դեկտեմբեր 1947-ին Համայնավար կուսակցութեան իշխանութիւնը ամրացաւ, երբ Միքայէլ թագաւորը հրաժարեցաւ գահէն, եւ, ի վերջոյ, Ռումանիան դարձաւ սոցիալիստական հանրապետութիւն։ Կառավարութիւնը բռնագրաւեց բոլոր մասնաւոր սեփականութիւնը, հետեւաբար, Ռոզիքան եւ զաւակները փոխադրուեցան Պուխարեստ։ Ինչպէս Ռումանիան լքած հայերուն մեծ մասը, Ռոզիքան եւ Պերճը գացին Պէյրութ եւ երբ Ամերիկա մեկնելու իրենց անցագրերը հասան, գացին Լոս Անճելըս, 1962-ին։ Սակայն 1966-ին Պերճ Նիւ Եորքի մէջ ճարեց լաւ գործ մը եւ այսպիսով հոն փոխադրուեցան։ Ռոզիքան մեռաւ 89 տարեկանին, Քուինզի մէջ։

Արմենակ Անդրէաս Պօհճէլեան (ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Կեսարիա, 1879-ին, մեռած՝ Ռումանիա, լեռնային հանգստավայր Փրետիլի մէջ, Սեպտեմբեր, 1942-ին)։ Ինչպէս կեսարացի Աշըգեան տոհմի տղամարդոց մեծ մասը, Արմենակ կանուխ հասակին ձեռք ձգեց ձեռնարկատէրի հմտութիւններ, նախ՝ Պանտըրմայի մէջ։ Երբ Պալքանեան լիկան (Սերպիա, Յունաստան, Մոնթենեկրօ) կռուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան դէմ եւ յաղթեց ( Հոկտեմբեր 1912-էն Մայիս 1913), Արմենակ տեղափոխուեցաւ Քոնսթանցա։ Նախ եղաւ լումայափոխ, ապա՝ պղինձի վաճառական։

Մօտ 1915-ին, Արմենակ ամուսնացաւ Արմենուհի (ծնեալ՝ Սեմիզեան, Խաչատուրի) Արմենակ Պօհճէլեանի հետ (ծնած է Ռումանիա, շուրջ 1895-ին, մեռած՝ Յունուար 1934-ին)։ Ընտանիքը Էվէրէկ/Տէվէլիէն էր (Կեսարիոյ մէջ փոքր քաղաք մը)։ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին Արմենակը եւ Արմենուհին գացին Օտեսա, Ռուսական կայսրութիւն, բայց եղբայրները՝ Աւետիսը եւ Արմենակը անգործ չմնացին. անոնք զբաղեցան առեւտուրով՝ եկամուտ ապահովելու համար։

Արմենակ եւ Արմենուհի ունեցան երկու մանչ զաւակներ. երրորդը աղջիկ էր, որ մահացաւ մանուկ հասակին.

  • Պետրիկ Արմենակ Պօհճէլեան (ծնած է Ռուսիա, Օտեսա, 1917-ին, մեռած՝ ԱՄՆ, Ֆիլատելֆիա, 1984-ին)
  • Արամ Արմենակ Պօհճէլեան (ծնած է Ռումանիա, Քոնսթանցա, Պրաթէշ լիճ, 21 Մայիս 1937-ին)

Պատերազմի աւարտին Արմենակ վերադարձաւ Քոնսթանցա եւ բացաւ ոսկէ մետաքսի խանութ մը։ Իբրեւ յաջողակ անձ, ունէր տուն մը  եւ կալուած մը՝ հագուստի խանութով։ Երբ Աւետիս հիմնեց գործարան մը Կալացիի մէջ, Արմենակ դարձաւ բաժնետէր։ Ան ծախեց իր տունը եւ խանութները՝ ապրելու համար Կալացիի մէջ։ Ապա Արմենակ գնեց շէնք մը Պուխարեստի մէջ՝ խաղաղութեամբ եւ հանգստութեամբ վայելելու մայրաքաղաքը։ Դժբախտաբար, կինը՝ Արմենուհին, վարակուեցաւ թոքախտով եւ մեռաւ 1934-ի Յունուարին. զայն թաղեցին  Քոնսթանցայի մէջ։ [17]

1936-ի Նոյեմբերին Արմենակ դարձեալ ամուսնացաւ. կինը՝ Աղաւանի (ծնեալ՝ Երանոսեան) Արմենակ Պօհճէլեան (ծնած է Պուլկարիա, Վարնա, 1893-ին, մեռած՝ ԱՄՆ, Ֆիլատելֆիա, 1977-ին), պրն. Պէնլեանի այրին էր։ Զոյգ ամուսնութիւնները Աղաւանին չբախտաւորեցուցին երեխաներով։

Արմենակ ապրեցաւ մեծ ողբերգութիւն մը, 21 Մայիս 1937-ին. դպրոցական արձակուրդի մը ընթացքին, երբ փոքր տղան՝ Արամը,  ընկերներուն հետ կը լողար Պրաթէշ լիճին մէջ, խրուեցաւ-մնաց ցեխին մէջ եւ մահացաւ։ Ընկերները փորձեցին փրկել զինք, բայց ձախողեցան։ Մարմինը գտնուեցաւ, եւ ան թաղուեցաւ Կալացիի գերեզմանատունը։ Աւելի ուշ, աճիւնները փոխադրուեցան եւ հանգչեցան իր ծնողներուն մօտ, Քոնսթանցայի հայկական գերեզմանատունը։

Քանի մը տարի ետք Արմենակ հիւանդացաւ կոկորդի քաղցկեղով։ Բուժուելու համար մեկնեցաւ Վիեննա, բայց ի զուր։ Վերադարձաւ եւ մեռաւ լեռնային հանգստավայր Փրետիլի մէջ, Ռումանիա, 1942-ի Սեպտեմբերին։ Մարմինը տեղափոխուեցաւ Քոնսթանցա՝ թաղուելու առաջին կնոջ կողքին։ Ան գնած էր այդ հողաշերտը այն մտադրութեամբ, որ հոն կառուցել կու տայ մատուռ մը, ուր կը փոխադրէ նաեւ տղուն մարմինը, բայց ինք հոն թաղուեցաւ նախքան իրականացնէ իր ծրագիրները։

1947-ին, Ռումանիոյ համայնավար կառավարութիւնը գրաւեց Արմենակի կալուածները։ Արմենակին մայրը՝ Կիւլտուտու, երկրորդ կինը՝ Աղաւանի եւ որդին՝ Պետրիկ ապրեցան Պուխարեստի 32 Spataru փողոցին վրայ գտնուող շէնքին մէջ, զոր գնած էր 1934-էն առաջ։ Աւելի ուշ, կառավարութիւնը բռնագրաւեց այս ընտանիքին ամբողջ ունեցուածքը։ Կիւլտուտուն մահացաւ 1957-ին, Պուխարեստ։

1962-ի Դեկտեմբերին, Պետրիկ Պօհճէլեան, կինը, տղան եւ խորթ մայրը՝ Աղաւանին, մեկնեցան Պէյրութ՝ Ամերիկա մտնելու իրենց թուղթերը ստանալու։ Անոնք հաստատուեցան Մեծ Ֆիլատելֆիա շրջանը, 1964-ի Դեկտեմբերին։

Չորրորդ սերունդը

Յովհաննէս եւ Ասանէթ Իյնէճեանի ժառանգորդները

Յարութիւն (Հայկազ) Յովհաննէս Իյնէճեան (ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Քասթամոնու, մօտ 1896-ին, մեռած՝ Ռումանիա, Քոնսթանցա) Համաշխարհային Ա. պատերազմին կը գտնուէր Պոլիս. հետեւաբար, կը փրկուի։ Ապա կ՚երթայ Քոնսթանցա եւ կը բանայ խանութ մը։ Ընտանիքն ալ կը հետեւի իրեն եւ կը հաստատուի Ռումանիա։ Կը մեռնի երիտասարդ հասակին։

Մարի (ծնեալ՝ Իյնէճեան, Յովհաննէսի) Հայկազուն Սուզմէեան (ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Քասթամոնու, 30 Դեկտեմբեր, 1887-ին, մեռած՝ Լոս Անճելըս, 23 Նոյեմբեր 1982-ին) շուրջ 1913-ին, ամուսնացած է Հայկազուն Սուզմէեանի հետ (ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Քասթամոնու, շուրջ 1890-ին, մեռած՝ ԱՄՆ, Լոս Անճելըս, շուրջ 1967-ին)։ Ինչպէս կեսարացի Աշըգեան տոհմի ամուսնութիններուն մեծ մասը, անոնք հարազատներ էին. փեսան հարսին մօր՝ Ասանէթի եղբօրորդին էր, եւ ինչպէս բոլոր տղաքը, Հայկազուն սորվեցաւ ըլլալ գործարար։

Ցեղասպանութեան օրերուն, Մարին, իր մօր՝ Ասանէթին եւ փոքր եղբայրներուն ու քրոջ (Հայկ, Ովսաննա եւ Նուպար)  հետ, աքսորուած էր գիւղ մը՝ Քասթամոնուէն ոչ շատ հեռու։ Հայկազուն պարտադրուած էր կատարելու իր զինուորական ծառայութիւնը, բայց այս մէկը կը նշանակէր մահ։ Ան պահուըտեցաւ յոյն եւ թուրք ընկերներու տուները։ Հոկտեմբեր 1918-ին, Մուտրոսի զինադադարով վերջ տրուեցաւ Դաշնակիցներու եւ Օսմանեան կայսրութեան միջեւ ծագած  պատերազմին։ Հայկազուն դարձեալ  յայտնուեցաւ եւ Պոլսոյ մէջ միացաւ իր կնոջ ու ընտանիքին։

Հայկազուն գտաւ տուն մը Սկիւտարի մէջ, ուր հայեր, յոյներ եւ այլ փոքրամասնութիւններ կը բնակէին։ Ան վարձեց թաղեցի երիտասարդ կիներ՝ պատրաստելու կնոջական ձեռագործ հագուստներ, որոնք պիտի արտածուէին Միացեալ Նահանգներ։ Իր քով աշխատողները իր տուած նմուշը կ՚ընդօրինակէին՝ ըստ գոյնի, ձեւաւորման, չափի եւ այլն։ Ապա իր հօրեղբայրը՝ Համբարձում Աղա (Փերուզին հայրը) [տեսնել՝ Բ հրապարակում] խնդրեց իրմէ, որ արեւելեան գորգեր ղրկէ Լոզան, Պետրոս Իյնէճեանին. Հայկազուն ընդառաջեց։ 1920-ի կէսերուն, Հայկազունի ընտանիքը բնակեցաւ Քոնսթանցա, որովհետեւ 1923-ին Մուսթաֆա Քեմալ (Աթաթուրք) հիմը դրաւ Թուրքիոյ հանրապետութեան եւ կատարեց արմատական փոփոխութիւններ։ [տեսնել՝ Բ հրապարակում]

Երբ Հայկազունի եղբայրը՝ Լեւոն, բուժման կարիք ունէր, տարաւ զայն Զուիցերիա։ Նախքան հեռանալը ընտանիքէն, որ հաստատուած էր Քոնսթանցա, դասաւորում մը կատարեց իր քրոջ տղուն՝ Դանիէլ Ճամճեանի Հետ, որպէսզի վերջինս ղեկավարէ իր արդուզարդի եւ ընդեղէնի խանութը։ Այս երիտասարդը ձախողեցաւ իր պարտականութեան մէջ. փոխարէնը բացաւ նպարեղէնի խանութ մը։

Հայկազունի պանդխտութիւնը երկար տեւեց Լոզանի մէջ, ուր բացաւ գորգի խանութ մը՝ հոգալու համար իր ծախսերը։ Երբ եղբայրը՝ Լեւոն մահացաւ Զուիցերիոյ մէջ, Հայկազուն վերադարձաւ Ռումանիա։ Եւրոպական փորձառութիւնը իր մէջ արթնցուց հայկական միջավայրին մէջ ապրելու կարօտը, հետեւաբար որոշեց ընտանիքը հաստատել Պուխարեստ, ուր հայկական լաւ դպրոցներ կային իր տղոց համար։

Մարի (ծնեալ՝ Յովհաննէս Իյնէճեան) եւ Հայկազուն Սուզմէեան ունեցան չորս մանչ զաւակներ.

  • Յակոբ Հայկազուն Սուզմէեան (ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Պոլիս, շուրջ 1919-ին, մեռած՝ երիտասարդ տարիքին, Պուխարեստ, կոյր աղիքի բորբոքումէ)
  • Պերճ Հայկազուն Սուզմէեան (ծնած է Ռումանիա, Քոնսթանցա, 15 Սեպտեմբեր 1918,  մեռած՝ ԱՄՆ, Լոս Անճելըս, 21 Հոկտեմբեր 2000-ին)
  • Յակոբ/Ճաքոպ Հայկազուն Սուզմէեան (ծնած է Ռումանիա, Պուխարեստ, 20 Սեպտեմբեր 1925-ին, մեռած՝ ԱՄՆ, Լոս Անճելըս, 2 Օգոստոս 2010-ին)
  • Լեւոն/Լէօ/Լէօֆէթ Հայկազուն Սուզմէեան (ծնած է Զուիցերիա, 30 Դեկտեմբեր 1926-ին,  մեռած՝ ԱՄՆ, Լոս Անճելըս, 2 Սեպտեմբեր 2004-ին)

Մարիի եւ Հայկազունի առաջին զաւակը ունեցաւ կոյր աղիքի բորբոքում։ Տարին զինք հիւանդանոց մը, Պուխարեստի մէջ, բայց գործողութեան ընթացքին մահացաւ։ Թաղուեցաւ Քոնսթանցայի հայկական գերեզմանատան մէջ։ Երբ կրկին տղայ զաւակ ունեցան՝ անունը դրին նոյնպէս Յակոբ։

Անոնց զաւակները դրուեցան Սիկիշուարա (Sighisoara) գերմանական գիշերօթիկ դպրոցը, ուր ձեռք բերին մասնագիտական նոր հմտութիւններ։ Երբ, 1948-ին Ռումանիան դարձաւ սոցիալիստական հանրապետութիւն, Հայկազուն կորսնցուց իր սեփականութիւնը, ինչպէս բոլոր հայ գործարարները կորսնցուցին խանութներ, գործարաններ, ունեցուածք եւ տուներ։ Այս ընտանիքին անդամները բախտաւոր էին կանուխ լքելու Ռումանիան, որովհետեւ Իրանի հպատակութիւն ունէին։ Հազիւ իրենց  անցագրերը ձեռք ձգեցին, անոնք մեկնեցան Պէյրութ, 1951-ին։ Քանի մը տարիներ ետք Լեւոն որոշեց ներգաղթել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ. իրեն հետեւեցան եղբայրները՝ տանելով նաեւ ծնողները։ Բոլորը հաստատուեցան Լոս Անճելըս, եւ ծնողները մահացան Քալիֆորնիա։

Վահրամ Յովհաննէս Իյնէճեան (ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Քասթամոնու, 28 Մայիս 1901-ին, մեռած՝ ԱՄՆ, Լոս Անճելըս, 21 Ապրիլ 1983-ին) Յովհաննէսի եւ Ասանէթի միակ որդին էր, որ երկար կեանք ունեցաւ։ Ցեղասպանութեան օրերուն, Վահրամ եւ հայրը՝ Հայկազուն աքսորուեցան, հասան Հալէպ եւ փրկուեցան։ Դէպի Պոլիս իրենց ճամբուն վրայ, անոնք կանգ առին Ատանա-Մերսին՝ տեսնելու իրենց ազգականները։

Վահրամի մեծ եղբայրը՝ Յարութիւն Յովհաննէս Իյնէճեան Քոնսթանցայի մէջ խանութ մը բացաւ, շուրջ 1920-ին, եւ ընտանիքը հետեւեցաւ իրեն։ Յարութիւնի մահէն ետք ընտանիքը տեղափոխուեցաւ Պուխարեստ։

Վահրամ, հաճելի անձնաւորութիւն մը, չամուսնացաւ։ Երբ իր քոյրը՝ Ովսաննա 1929-ին ամուսնացաւ Յակոբ Բարսեղ Աշըգեանի հետ, Վահրամ եւ Յակոբ դարձան եղբայրներ, բայց աւելի շատ անոնք գործընկերներ էին, մինչեւ իրենց կեանքի վերջին օրերը։ Յակոբ Պէյրութ գտնուող իր աներձագէն՝ Սարգիս Պագալեանէն խնդրեց, որ ներդրում կատարէ Պուխարեստ գտնուող նպարեղէնի մեծ խանութի մը մէջ, եւ Սարգիս ուղարկեց գումարները։ Յակոբ եւ Վահրամ վարեցին խանութին աշխատանքները, Փիացա Կրեվիցայի վրայ (Piatsa Grevitsa), մինչեւ Համաշխարհային Բ. պատերազմ։ Ապա Յակոբ եւ Վահրամ գնեցին մեքենայ մը՝ տարբեր տեսակի գուլպաներ տունին մէջ արտադրելու համար։ 1944-ին Խորհրդային զօրքերը մտան Ռումանիա, որ դարձաւ Խորհրդային սոցիալիստական հանրապետութեան մէկ արբանեակը, 1947-ին։ Յակոբ եւ Վահրամ պարտադրուած էին աշխատելու համագործակցականներու մէջ։

Ռումանիոյ մէջ տասնամեակ մը տառապելէ ետք, Յակոբ իր ընտանիքին համար ճարեց անցագրեր՝ մեկնելու Լիբանան։ 1959-ին Յակոբ, կինը՝ Ովսաննա, զաւակը ՝ Բագրատ եւ աներձագը՝ Վահրամ հասան Պէյրութ։ Այդ ժամանակ, Պագալեանները տեղափոխուած էին Պատարօ շրջանը եւ կը բնակէին արդիական շէնքի մը մէջ, որ ունէր վերելակ։ Յակոբի ընտանիքին տրամադրուեցաւ անոնց հին յարկաբաժինը, որ կը գտնուէր Խանտաք ալ Ղամիք շրջանին մէջ, Պաշուրա, կեդրոնական Պէյրութ։

Յակոբին մեծ եղբայրը՝ Կարապետ, Ռումանիայէն Պէյրութ տեղափոխուեցաւ 1951-ին. ապրեցան Մար Մըխայէլ, Պէյրութ, եւ սկսան սուրճի գործ մը, իր քրոջ զաւկին պատկանող ալիւրաղացին մէջ, Քարանթինա։ Նախ Կարապետին զաւակը լքեց Լիբանանը, ապա՝ ծնողները, 1959-ին։ Վահրամ Իյնէճեան եւ Յակոբ Աշըգեան իրենց եղբօրմէն՝ Կարապետէն ստանձնեցին սուրճ բովելու եւ աղալու գործը։ 1961-ին Վահրամ Յակոբին եւ ընտանիքին հետ հաստատուեցաւ Լոս Անճելըս։

Հայկ Յովհաննէս Իյնէճեան (ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Քասթամոնու, շուրջ 1906-ին, մեռած՝ Ռումանիա, Պուխարեստ) երեխայ էր Համաշխարհային Ա. պատերազմին։ Մայրը, քոյրերն ու եղբայրները աքսորուեցան Քասթամոնուի իրենց տան մօտ գտնուող գիւղ մը։ Ան իր ընտանիքին հետ փոխադրուեցաւ Պոլիս, ապա՝ Քոնսթանցա։ Մեռաւ երիտասարդ հասակին, Պուխարեստ։

Ովսաննա (ծնեալ՝ Իյնէճեան, Յովհաննէսի) Յակոբ Աշըգեան (ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Քասթամոնու, 3 Օգոստոս 1907-ին, մեռած՝ ԱՄՆ, Լոս Անճելըս, 22 Յունուար 2001-ին), մօտ ութ տարեկան էր, երբ Ցեղասպանութիւնը սկսաւ։ Ան իր մօր՝ Ասանէթին, մեծ քրոջ՝ Մարիին եւ եղբայրներուն՝ Հայկին եւ Նուպարին հետ կ՚աքսորուի Քասթամոնուի իրենց տունէն ոչ շատ հեռու գտնուող գիւղ մը։ Աւելի ուշ, անոնք կը միանան իրենց հօր եւ եղբօր՝ Վահրամին, Պոլսոյ  մէջ։ Տրուած ըլլալով որ մեծ  եղբայրը՝ Յարութիւն հաստատուած էր Քոնսթանցա, մնացեալ ընտանիքն ալ կը փոխադրուի Ռումանիա։ Ան պէտք է կրթութիւն ստացած ըլլայ Ռումանիոյ մէջ։ 

Ովսաննա ամուսնացաւ Յակոբ Բարսեղ Աշըգեանի հետ (ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Ատանա, 1901-ին, մեռած՝ ԱՄՆ, Լոս Անճելըս, 10 Յունուար 1989-ին), 4 Ապրիլ 1929-ին։ Փեսան եւ հարսը Հաճի Յարութիւն Իյնէճեանի թոռներն էին. Յակոբին մայրը Տիրուհի (ծնեալ՝ Իյնէճեան, Հաճի Յարութիւնի) Բարսեղ Աշըգեանն էր եւ Ովսաննայի հայրը Յովհաննէս Յարութիւն Իյնէճեանն էր։

Զոյգը ունեցաւ տղայ մը.

  • Յովհաննէս-Բագրատ Յակոբ Աշըգեան (ծնած է Ռումանիա, Քոնսթանցա, 1930-ին, մեռած՝ ԱՄՆ, Լոս Անճելըս, 1996-ին)

1959-ի աշնան, Ովսաննա, Յակոբ, իրենց զաւակը՝ Բագրատ, եւ Վահրամ հասան Պէյրութ։ Անոնք սպասեցին շուրջ երկու տարի՝ Ամերիկա մտնելու իրենց փաստաթուղթերը ձեռք ձգելու։ Այդ միջոցին, անոնք բնակեցան Խանտաք ալ Ղամիքի յարկաբաժինը։ Իրենց հետ էին Հռիփսիմէի մեծ տղուն եւ աղջկան ընտանիքները, որոնք ապրեցան նոյն յարկաբաժինը։ 
Բագրատ, Յակոբ եւ Ովսաննայի տղան աշխատեցան «Մալիֆըր» ընկերութեան՝ Malifer Corporation-ի մէջ (կը պատկանէր Մալիքեան ընտանիքին), մինչ Յակոբ եւ Վահրամ շարունակեցին Կարապետի սուրճի գործը։

Ովսաննա, Յակոբ, Բագրատ եւ Վահրամ հասան Լոս Անճելըս, 1961-ին։ Տղամարդիկ շատ աշխատեցան, մինչեւ յաջողեցան գնել տուն մը՝ Մուրփարք փողոցին վրայ, էնսինօ։ Ովսաննա հաճոյքով կը զբաղէր իր խոհանոցին եւ պարտէզին մէջ։ Տղան ամուսնացաւ եւ ունեցաւ երկու մանչ զաւակներ՝ Հայկ եւ Սարգիս։ Ամուսինը, եղբայրը, տղան եւ հարսը իրմէ առաջ մահացան։

Նուպար Յովհաննէս Իյնէճեան (ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Քասթամոնու, շուրջ 1913-ին, մեռած՝ Ռումանիա, Պուխարեստ) երեխայ էր Համաշխարհային Ա. պատերազմին։ Մայրը, քոյրերն ու եղբայրները աքսորուած էին Քասթամոնուի իրենց տան մօտ գիւղ մը։ Ապա իր մայրը տարաւ զինք Պոլիս, ուր իր հայրն ու եղբայրը՝ Վահրամը կը բնակէին։ Աւելի ուշ անոնք փոխադրուեցան Քոնսթանցա։ Նուպարը մահացաւ երիտասարդ տարիքին, Պուխարեստի մէջ։ 

Չորրորդ սերունդը

Դանիէլ եւ Նեվրիկ Ալլահվէրտեանի ժառանգորդները

Հռիփսիմէ (ծնեալ՝ Ալլահվէրտեան,Դանիէլի) Գարեգին Այանեան (ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Պանտըրմա, շուրջ 1883-ին, մեռած՝ ԱՄՆ, Նոքսվիլ, Թենըսի, 12 Յունուար, 1984-ին) [18] ամուսնացաւ Գարեգին Կարապետ Այանեանի հետ (ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Պանտըրմա, մեռած՝ Ռումանիա, Քոնսթանցա, 1947-ին), Համաշխարհային Ա. պատերազմէն առաջ։

Գարեգին ուսուցիչ էր հայկական վարժարանի մը մէջ, Պանտըրմա։ Ապա դասաւանդեց Քոնսթանցայի հայկական դպրոցին մէջ։ Երբ, 27 Օգոստոս 1916-ին, Ռումանիոյ թագաւորութիւնը դաշնակիցներու կողքին մտաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմ, Հռիփսիմէն, Գարեգինը եւ եւ իրենց որդին՝ Կարապետը գացին Օտեսա, Ռուսիա, ուր կը բնակէին իրենց ազգականները։ Գարեգին սկսաւ առեւտուրով զբաղիլ՝ ապահովելով եկամուտ մը։ Իրենց դուստրը՝ Հերմինէն ալ հոն ծնած է։

Պատերազմէն ետք, 1918-ին, Այանեան ընտանիքը գնաց Պոլիս, ուր կ՚ապրէին Հռիփսիմէի ծնողները, քոյրը՝ Նուարդը եւ եղբայրը՝ Գէորգը։ Գարեգին կարեւոր տեղ մը ապահովեց «Մահմուտփաշա» կոչուող շուկային` Mahmutpaşa Çarşısı-i մէջ («Մեծ Շուկայ»ին եւ Էմինէօնիւի միջեւ) եւ վաճառեց գործուածքներ։

Երբ, 1923-ին, Մուսթաֆա Քեմալ եղաւ Թուրքիոյ հանրապետութեան առաջին նախագահը եւ Անգարան մայրաքաղաք հռչակուեցաւ, Քեմալի արմատական բարեփոխումները մեծ մտահոգութիւն պատճառեցին հայերուն։ Հռիփսիմէն եւ Գարեգինը իրենց զաւակները Հռիփսիմէի մօր քով ձգեցին եւ գացին Լոզան՝ այցելելու Հռիփսիմէի մօրեղբայրը՝ Պետրոս Իյնէճեանը եւ անոր կինը՝ Փերուզը։ Անոնք ուսումնասիրեցին ապագայի իրենց հնարաւորութիւնները, եւ թերեւս չխրախուսուեցան հոն մնալու։

Զոյգը վերադարձաւ Պոլիս եւ զաւակները առնելով՝ դարձեալ հաստատուեցաւ Քոնսթանցա, ուր ծնաւ իրենց վերջին զաւակը։ Գարեգին եղաւ Կարապետին գործընկերը եւ զբաղեցաւ հացահատիկի առեւտուրով։ Քանի մը տարի ետք, անոնք բաժնուեցան իրարմէ։ Գարեգին բացաւ գործուածքի խանութ մը եւ յաջողեցաւ իր գործին մէջ։ 

Հռիփսիմէն եւ Գարեգինը ունեցան երեք զաւակներ։

  • Կարապետ Գարեգին Այանեան (ծնած է Օսմանեան Կայսրութեան մէջ, Պանտըրմա, 7 Սեպտեմբեր 1914-ին, մեռած՝ ԱՄՆ, Ֆիլատելֆիա, 21 Նոյեմբեր 1991-ին)
  • Հերմինէ (ծնեալ՝ Այանեան, Գարեգինի) Յակոբ Ճիրիքեան (ծնած է Ռուսիա, Օտեսա, 12 Մայիս 1918-ին, մեռած՝ ԱՄՆ, Նոքսվիլ, Թենըսի, 12 Փետրուար 2014-ին)
  • Սերգօ Գարեգին Այանեան (ծնած է Ռումանիա, Քոնսթանցա, 15 Դեկտեմբեր 1923-ին, մեռած՝ ԱՄՆ, Ճամայքա (Նիւ Եորք), 26 Մայիս 2019-ին)

Գարեգին ունէր կրծքավանդակի ցաւեր. բժիշկները կ՚ըսեն, թէ անկինա է։ Կը մեռնի եւ կը թաղուի Քոնսթանցայի հայկական գերեզմանատունը, 1947-ին։ Նոյն տարին Ռումանիան դարձաւ  սոցիալիստական հանրապետութիւն։ Բնակչութեան մեծամասնութիւնը կորսնցուց իր հարստութիւնն ու գործը։ Հռիփսիմէն իր զաւակներուն հետ տեղափոխուեցաւ Պուխարեստ։ Հակառակ քաղաքական մթնոլորտին, Կարապետ, Հերմինէ եւ Սերգօ ամուսնացան եւ Հռիփսիմէին պարգեւեցին հինգ թոռներ։ Բայց իրենց յամառութիւնը սահմաններ ունէր. բոլոր Այանեանները, Ճիրիքեանները տեղափոխուեցան Պէյրութ, 1960-ի վերջերը։ Հռիփսիմէ, Կարապետ, Կարապետի կինն ու զաւակը, նաեւ Հերմինէ, ամուսինը եւ զաւակը բնակեցան Պագալեաններու նախկին յարկաբաժինը, Յակոբ Աշըգեանի ընտանիքին հետ, Խանտաք ալ Ղամիք։ Սերգոյին ընտանիքը, կինը եւ երեք դուստրերը վարձեցին յարկաբաժին մը։ Ամերիկա մուտքի անոնց թուղթերուն ձեռքբերումը  ANCHA-էն պահանջեց մէկ տարիէն քիչ մը աւելի ժամանակ։

1961-ին Հռիփսիմէ, Կարապետի եւ Հերմինէի ընտանիքներուն հետ, հաստատուեցաւ Ֆիլատելֆիա։ Սերգոյին ընտանիքը ի վերջոյ հաստատուեցաւ Նիւ Եորք։ Երբ Հերմինէին տղան՝ Արա Ճիրիքեան Նոքսվիլի մէջ, Թենըսի, գործ մը ճարեց, Հռիփսիմէ իրենց հետ տեղափոխուեցաւ եւ հոն ապրեցաւ, մինչեւ իր մահը։ Թաղուեցաւ Նոքսվիլի մէջ. ի՜նչ ճանապարհորդութիւն։

Յարութիւն (Աքա Արթին) Դանիէլ Ալլահվէրտեան (ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Պանտըրմա, շուրջ 1885-ին, մեռած՝ Հայաստան, Երեւան, 1970-ականներուն) հասակ առաւ Պանտըրմայի մէջ եւ հոն ապրեցաւ մինչեւ մօտ 1913։ Երբ իր ընտանիքը տեղափոխուեցաւ Քոնսթանցա, ինքն ալ միացաւ անոնց։ Երբ Ռումանիոյ թագաւորութիւնը պատերազմի մէջ մտաւ դաշնակիցներու կողքին, 27 Օգոստոս 1916-ին, Յարութիւն գնաց Օտեսա (Ռուսական կայսրութիւն) ազգականներուն քով։

Ինչպէս կեսարացի Աշըգեաններուն մեծամասնութիւնը, Յարութիւն իր եկամուտը կ՚ապահովէր առեւտուրով։ Սակայն ինք միակն էր, որ միացաւ հայ կամաւորական գունդերուն. նախ միացաւ Ռուսական կայսերական բանակին, մինչեւ 1917, եւ ականատեսը եղաւ Ռուսական յեղափոխութեան (8 Մարտ 1917-էն 7 Նոյեմբեր 1917)։ Աւելի ուշ գնաց Երեւան՝ վկան ըլլալու Հայաստանի Ա. հանրապետութեան (1918-1920)։ Անկէ ետք մեկնեցաւ Պոլիս, ապա անցաւ Կիլիկիա։ Ֆրանքօ-թրքական պատերազմի ընթացքին (յայտնի է նաեւ Կիլիկիոյ արշաւանք անունով), եղաւ կամաւոր հայ-ֆրանսական լեգէոնին մէջ. քանի մը ճակատամարտերէ ետք, 1921-ի Հոկտեմբերին ֆրանսացիները լքեցին հայերը՝ յօգուտ թուրքերուն։ Յարութիւն վերադարձաւ Պոլիս՝ տեսնելու իր մայրը, քոյրը եւ եղբայրը եւ այնտեղէն մեկնեցաւ Քոնսթանցա։

Շուրջ 1924-ին, Յարութիւն ամուսնացաւ Էլենայի հետ (օրիորդական մականունը՝ անյայտ), բնիկ՝ Չեռնիվցի շրջանէն (արեւմտեան Ուքրանիա), նախնիները լեհ էին. ռումանական եւ ուքրանական ազգային շարժումները սկսան այս տարածաշրջանին մէջ, 20-րդ դարու վերջը։

Զոյգը ունեցաւ երկու տղայ.

  • Դանիէլ Յարութիւն Ալլահվէրտեան (ծնած է Ռումանիա, Քոնսթանցա, 1927-ին, մեռած՝ Հայաստան, Երեւան)
  • Ստեփան Յարութիւն Ալլահվէրտեան (ծնած է Ռումանիա, Քոնսթանցա, 1931-ին, մեռած՝ Հայաստան, Երեւան)

Կարապետ Աշըգեան իր գիրքին մէջ կը յիշէ, թէ պատերազմի ընթացքին Յարութիւն Ալլահվէրտեան զբաղած է շահաւէտ գործերով, եւ իր ռուսերէն լեզուի իմացութիւնը օգնած է իրեն։
Խորհրդային իշխանութիւնները հայրենադարձութեան՝ ներգաղթի կոչ ըրին, որովհետեւ Համաշխարհային Բ. պատերազմին կորսնցուցած էին բնակչութեան զգալի թիւ մը։ 25 Նոյեմբեր 1945-ին ձայնասփիւռի ազդերը տարածեցին լուրերը Մոսկուայէն, Երեւանէն, Պուլկարիայէն, Ռումանիայէն, Լոնտոնէն, Փարիզէն եւ Պէյրութէն։ Խորհրդային պատուիրակներ կը ղրկուէին Սփիւռքի հայկական գաղութներ՝ տեղափոխումը ղեկավարելու եւ օժանդակելու տեղական խորհուրդներուն. 1946-էն 1948, «2866 ռումանահայեր» [19] ներգաղթեցին Խորհրդային Հայաստան. անոնց մէջ էր Յարութիւն Ալլահվէրտեանի ընտանիքը։

Յարութիւնի կինը՝ Էլենան բաւական ազնիւ կին մըն էր եւ լաւ հոգ տարաւ իր զաւակներուն։ Հայաստանի մէջ ան ընտելացաւ նոր մշակոյթին եւ սորվեցաւ հայերէն։ Ապրեցան Նոր Արաբկիր շրջանը, Երեւանի հիւսիսը։ Յարութիւն ծախեց թրամուէյի տոմսեր, իսկ Դանիէլն ու Ստեփանը տունը ժամացոյցներ նորոգեցին։ Երկու տղաքն ալ ամուսնացան, կառուցեցին իրենց սեփական տուները եւ ունեցան զաւակներ։ 1960-ականներուն Յարութիւն հանգստեան կոչուեցաւ եւ թոշակ  ստացաւ կառավարութենէն։

«Ուզուն Աշըգեան գերդաստանին պատմութիւնը» գիրքին մէջ, հեղինակը՝ Կարապետ Աշըգեան կը նկարագրէ Յարութիւնը իբրեւ խորամանկ եւ վարպետ ձեռքի տէր անձ մը, որ «ապրելով գործարքներու միջոցով, ինքզինք կը պարտադրէ փողոցին մէջ։ Լաւ կը շահի, բայց անխոհեմ կը ծախսէ»։ [20] Ասիկա կրնայ կարծիք մը ըլլլալ. բայց մէկը կրնայ ըսել, որ եթէ Յարութիւն ապրէր տարբեր ժամանակի մը մէջ, կրնար դառնալ սպայ մը՝ բանակին մէջ։ Վստահաբաբ ան խեղճ ու անմեղ մէկը չէր։

  • Նուարդ (ծնեալ՝ Ալլահվէրտեան, Դանիէլի) Կարապետ Պալթայեան (ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Պանտըրմա, շուրջ 1889-ին, մեռած՝ Թուրքիա, Սթանպուլ, շուրջ 1965-ին) [տեսնել՝ Բ հրապարակում]
  • Գէորգ Դանիէլ Ալլահվէրտեան/1923-էն ետք՝ Ալլահվերտի (ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Պանտըրմա, 1891-ին, մեռած՝ Թուրքիա, Սթանպուլ, 8 Մայիս 1970-ին) [տեսնել՝ Բ հրապարակում]

Չորրորդ սերունդը

Բարսեղ եւ Տիրուհի Աշըգեաններու ժառանգները

Կարապետ Բարսեղ Աշըգեան (ծնած Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Ատանա, 13 Հոկտեմբեր 1889-ին, մահացած ԱՄՆ-ի մէջ, Հարաւային Քալիֆորնիա, 1983-ին) «Ուզուն Աշըգեան գերդաստանին պատմութիւնը» գիրքի հեղինակն է. Կարապետի հայրը Կեսարիոյ մէջ հաստատուած նահապետի մը թոռնիկն էր։ Անոր հայրը՝ Բարսեղը, եղաւ այն առաջին մարդը, որ Ատանայի մէջ առեւտրական յարաբերութիւններ հաստատեց եւ հարստացաւ. Կարապետի հօր՝ Բարսեղի օրինակին հետեւեցան իր եղբայրները՝ Տիգրան Բարսեղ Աշըգեանը եւ Միհրան Աշըգեանը (տեսնել՝ Ա հրապարակում), ինչպէս նաեւ ուրիշներ։ Կարապետ կ'ապրէր մեծ համալիրի մը մէջ, որ կը գտնուէր Ատանայի Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ եւ անոր բարձր զանգակատան կից։ Այս շէնքի մէկ մասին մէջ կ'ապրէր անոր ընտանիքը՝ հայրը՝ Բարսեղը, մայրը՝ Տիրուհին, քոյրերը՝ Հայկուհին եւ Մարինան, եւ կրտսեր եղբայրը՝ Յակոբը։ Համալիրի այլ բաժիններուն մէջ կ'ապրէին անոր հօրեղբայրները՝ Տիգրանն ու Միհրանը եւ անոնց ընտանիքները, ինչպէս նաեւ անոր մեծ հայրը՝ Բարսեղը եւ մեծ մայրը՝ Հռիփսիմէն։

Կարապետ յաճախեց Ատանայի հայկական Աբգարեան վարժարանը, ապա ուսումը շարունակեց Ֆրանսական վարժարանէն ներս։ Կարապետ 16 տարեկան էր, երբ հայրը մահացաւ 1901 թուականին, եւ մայրը՝ Տիրուհին, յղի էր իր եղբօրմով՝ Յակոբով։ Ան սկսաւ տնօրինել հօր ագարակը եւ անշարժ գոյքերը. շատ չանցած, ան աշկերտ դարձաւ իր հօրեղբօր տղուն՝ Մուրատ Տիգրան Աշըգեանին հետ (տեսնել՝ Ա հրապարակում), փաստաբան Միհրան էֆենտի Գասարճեանի գրասենեակէն ներս, պետական պայմանագրերու գործադրութեան ձեւերը սորվելու համար:

Ըլլալով հարուստ ընտանիքի զաւակներ, հօրեղբօրորդիները՝ Կարապետ եւ Մուրատ Աշըգեանները, շփացած էին: Անոնք ունէին ձիեր, կը սիրահետէին կիներ եւ կը սիրէին լուսանկարներ հաւաքել: Կարապետ իր գիրքին մէջ կը պատմէ իր հօր մահէն ետք ունեցած իր ձիուն մասին։ Երեք տարեկան մտրուկ մըն էր ան։ Շատեր կ'ուզէին գնել զայն, բայց օր մը, 1909 թուականի Ատանայի հայոց ջարդէն ետք, Ատանայի վալի-նահանգապետ զօրավար Ճեմալ փաշան տեսաւ մտրուկը եւ ուզեց գնել զայն։ Կարապետ Գահիրէ էր այդ ժամանակ, ուստի անոր հօրեղբայրը՝ Տիգրան Աշըգեանը, կը տնօրինէր այդ վաճառքը։ Փաշան ձիուն համար վճարեց 25 ոսկի (իրենք զայն գնած էին 14 ոսկիի) եւ նաւու վրայ դնելով, զայն ուղարկեց Պոլիս։ Կարեւոր նշում մը այն է, որ աւելի ուշ, Ճեմալ Փաշան փրկեց կեանքը Տիգրան Աշըգեանի ընտանիքին, որ պատերազմին մեծ մասը անցուց Հալէպի մէջ։ (Տեսնել՝ Ա հրապարակում)

Ատանայի կոտորածը սկսաւ 13 Ապրիլ 1909-ին. այն ժամանակ, երբ Կարապետ իր մօր՝ Տիրուհիին հետ կ'այցելէր Գահիրէի մէջ գտնուող իր ազգականներուն։ Անոր հարազատները ականատես եղան կոտորածներուն (տեսնել՝ Ա հրապարակում), եւ փախան իրենց տունէն, եւ Կարապետն ու մայրը երբ կը վերադառնան Ատանա՝ ոչինչ կը գտնեն։ Աշըգեանները իրենց տունը տեղափոխեցին Մերսին. տղամարդիկ ամբողջ շաբաթը կ'անցընէին Ատանայի մէջ, իսկ շաբաթավերջին եւ Կիրակի օրերը կ'երթային Մերսին։

Տիգրան Աշըգեանը եւ իր քեռայրը՝ Սարգիս Պագալեանը, 1908 թուականին Ցիւրիխէն կը գնեն ժամանակակից, մեքենական ալիւրաղաց մը, ապա 1 Յունուար 1909-ին կը հիմնեն «Աշըգեան-Պագալեան» ընկերութիւնը: Երբ Օսմանեան կայսրութիւնը մաս մտաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմ, անոր բանակը կը տնօրինէր Ատանայի «Աշըգեան-Պագալեան» ալիւրաղացը։ Բախտաւոր էր Կարապետ Աշըգեան, ինչպէս նաեւ Կեսարիոյ Ուզուն Աշըգեանի տղամարդիկ, որոնք Կիլիկիա կ'ապրէին, որովհետեւ ազատած էին թէ՛ զինուորական ծառայութենէն, թէ՛ տեղահանութենէն։ Իւրաքանչիւր «պաշտօնեայ» գործարանին մէջ յանձնարարութիւն մը ունէր, եւ Օսմանեան կայսրութեան պետական մարմինները յաճախ կը ստուգէին գործարանին տոմարը: Առաջին համաշխարհային պատերազմը Օսմանեան կայսրութեան համար աւարտեցաւ 30 Հոկտեմբեր 1918-ին՝ Մուտրոսի զինադադարով։

Ատանա, 20 Սեպտեմբեր 1920. Հայ ազգային միութեան վեց անդամներ եւ ֆրանսացի սպայ մը: Ձախէն առաջին նստողը Կարապետ Աշըգեանն է։
Ատափազար, Օսմանեան կայսրութիւն, 1912. Ատափազարի ամերիկեան Հայուհեաց դպրոցի ուսուցիչներ եւ աշակերտներ. Պերճուհի Յովակիմեան (բաց գոյն հագուստով)՝ ձախէն առաջինը նստած:
Ատափազար, Օսմանեան կայսրութիւն, 1914. Ատափազարի ամերիկեան Հայուհեաց դպրոցին սաները։ Վերը, ամենաձախ կողմը, Պերճուհի Յովակիմեանն է:
Քարթալ (Մարմարա ծովու ափին, Պոլիս), 1915. Պերճուհի Յովակիմեան (նստած ճերմակ զգեստով) եւ իր քոյրերը։

Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին, բարձրաստիճան սպայ մը կը վերահսկէր «Աշըգեան-Պագալեան» ալիւրաղացը: 1919 թուականին այս սպան Աշըգեան եւ Պագալեան ընտանիքներուն շրջանը արագօրէն պարպելու առիթ տուաւ։ Ուստի, գրեթէ բոլոր ընտանիքները կ'երթան Կիպրոս, բայց Կարապետ իր գիրքին մէջ չէ յիշած, թէ ինք եւս գացած է։ Յստակ է, որ ան կը մնայ Կիլիկիա մինչեւ 1920-ը:

Ա. համաշխարհային պատերազմէն ետք, Կիլիկիան կը գրաւուի դաշնակիցներու (անգլիական, ապա ֆրանսական) ուժերուն կողմէ եւ նոր կեանք մը կը սկսի Ցեղասպանութենէն փրկուած հայերուն համար։ Կարապետ Աշըգեան 1918-էն 1920 թուականներուն, Ատանայի մէջ ղեկավարի պատասխանատուութիւններ կը ստանձնէ: Առաջին Հայ ազգային միութեան հրաժարականէն ետք, հիմնուեցաւ երկրորդ Հայ ազգային միութիւն մը, եւ երեք տղամարդիկ՝ Եսայի Պզտիկեան, Սեդրակ Կեպէնլեան եւ Կարապետ Աշըգեան տնօրինեցին անոր պատասխանատուութիւնները: Նաեւ, Աշըգեան ստանձնեց գանձապահի պաշտօնը: Իր գրքին մէջ ան կը նշէ, որ այդ պաշտօնը ստացած էր հայկական որեւէ քաղաքական կուսակցութեան չպատկանելուն հետեւանքով։ Ֆրանսացիները կը կազմեն յիսուն հոգիէ բաղկացած ուժեղ պահակագունդ մը՝ Ատանայի թաղամասերը հսկելու համար, եւ անոնց հրամանատարը Կարապետ Աշըգեանն էր:

20 Սեպտեմբեր 1920-ին, Հայ ազգային միութեան վեց անդամները, որոնց կարգին Կարապետ Աշըգեանը, աքսորուեցան Ալեքսանտրէթ (Իսքենտերուն), որովհետեւ ֆրանսացիները այլեւս չէին աջակցեր հայերուն։ Երբ հասան Ալեքսանտրէթ, անոնց չձգեցին Դամասկոս կամ Պէյրութ երթալ։ Կարապետ իր գիրքին մէջ կը բացատրէ, որ ինք ծնած է Ատանայի մէջ եւ մինչեւ այդ ժամանակ ապրած է այնտեղ, սակայն նոր կանոնակարգով, եթէ ան երթար Ատանա, զինք պիտի բանտարկէին։ Ալեքսանտրէթի մէջ իշխանութիւնը իրեն Պոլիս երթալու հրաման կու տայ։ Մայրաքաղաք երթալով, ան դիմեց ֆրանսացիներուն՝ Ատանա այցելելու արտօնութիւն ստանալու համար, սակայն իր խնդրանքը մերժուեցաւ։

Կարապետ ամուսնացաւ Պերճուհի (ծնեալ Յովակիմեան) Կարապետ Աշըգեանի հետ (ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Քարթալ [Մարմարա ծով, Պոլիս], 1 Մայիս 1895-ին — մահացած է 24 Յուլիս 1983-ին, Քանատայի մէջ՝ Շերպրուք), Պոլիս մէջ, 18 Ապրիլ 1921-ին։ Պերճուհին կրտսեր դուստրն էր Պաղտասար եւ Զարուհի (ծնեալ Պարոնեան) Յովակիմեաններու եւ  ունէր երկու քոյր՝ Ֆրանսուհին ու Ռոքսանը եւ եղբայր մը՝ Հրանդը։ Յովակիմեանները կ'ապրէին Քարթալի մէջ (Մարմարա ծովու ափին, Մեծ կղզիի (Պույուքատայի)՝ Իշխանաց կղզիներէն ամենամեծին մօտ): Անոր հայրը ունէր ագարակ մը, պտղատու ծառեր, կովեր, ոչխարներ եւ այլն։ Քարթալի հայկական դպրոցը աւարտելէ ետք, Պերճուհի ուսումը կ'աւարտէ Ատափազարի ամերիկեան Հայուհեաց դպրոցէն։

Պերճուհին իր թոռներուն պատմած է, որ մինչ իր ամուսնութեան առաջարկը ընդունիլը, իրենց մեծ հայրը երեք անգամ ամուսնութեան առաջարկ կատարած է իրեն։ Ան կը տիրապետէր հայերէնին, թրքերէնին եւ անգլերէնին։ Ի տարբերութիւն իր ժամանակի կիներուն մեծամասնութեան, ան հետաքրքրուած էր գաղափարական հարցերով, գիրքերով, գրելով եւ դասախօսութիւններով: Պերճուհին նաեւ նամակներով ու լուսանկարչական բացիկներով կապ կը պահէր իր դպրոցական ընկերներուն հետ, իսկ երբ գաղթեց Քանատա, իր զաւակները զինք տարին Պոսթըն՝ վերամիանալու համար Վերժինին, Նազելիին եւ Ռոզին հետ։ Ան նաեւ հիմնած է գրական միութիւններ Քոնսթանցայի եւ Պէյրութի մէջ։ Իր սերունդի հայ կիներուն մեծամասնութիւնը կը հպարտանար կերակուր պատրաստելու եւ եփելու իրենց հմտութիւններով, տունն ու փոքրիկները իրենց հիւսածներով գրաւիչ դարձնելով եւ իրենց ասեղնագործական հմտութիւններով, սակայն Պերճուհի այլ արժէքներ ունէր:

Իրենց հարսանիքէն ետք, Կարապետ Պերճուհին տարաւ Կիպրոսի Լառնաքա քաղաքը՝ զինք ծանօթացնելու համար իր մօր, իր եղբօր՝ Յակոբին եւ իր քոյրերուն՝ Հայկուհի Պագալեանին եւ Մարինա Աշըգեանին եւ անոնց հարազատներուն հետ [Տեսնել՝ Ա հրապարակում]: Կիպրոսի մէջ երկու տարի անցընելէ ետք, Կարապետ կ'ուզէր վերադառնալ Պոլիս, որովհետեւ Լառնաքայի ամառները շատ խոնաւ էին, եւ ան յոյս ունէր Կիլիկիա վերադառնալու։ Ան առաւ իր կինը՝ Պերճուհին, մայրը՝ Տիրուհին, եղբայրը՝ Յակոբը եւ մեկնեցաւ Պոլիս։

Կարապետ Աշըգեան զգաց, որ վտանգաւոր էր Պոլիս մնալը իրեն համար, յատկապէս, որ իր անունը «սեւ ցանկի» վրայ էր։ Կարապետը, Պերճուհին, Տիրուհին եւ Յակոբը նստեցան նաւու մը մէջ, որ գիշերով պիտի մեկնէր Պոլիսէն Քոնսթանցա։ Աշըգեաններէն շատերը Կեսարիայէն արդէն յարմարաւէտօրէն հաստատուած էին Ռումանիոյ մէջ եւ հարստացած։ Մինչ Կարապետի կիրքը Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայկական քաղաքականութիւնն էր, ան պարտաւոր էր հոգ տանիլ իր ընտանիքին: Հետեւաբար, ինք եւ իր եղբայրը՝ Յակոբը, սկսան ընդեղէնի առեւտուր մը Քոնսթանցայի մէջ։

Պերճուհին եւ Կարապետը ունեցան երեք զաւակ՝ մէկ տղայ, ապա երկուորեակներ՝ աղջիկ եւ տղայ.-

  • Բարսեղ-Մհեր Աշըգեան (ծնած է Ռումանիա, Քոնսթանցա, 1923-ին, խեղդուած է Մամայա, 1931-ին)
  • Այտա-Զարուհի Կարապետ Աշըգեան (ծնած է Ռումանիա, Քոնսթանցա, 13 Նոյեմբեր 1927-ին, մահացած է ԱՄՆ, Հարաւային Քալիֆորնիա, 24 Ապրիլ 2001-ին):
  • Պարոյր-Պաղտասար Աշըգեան (ծնած է Ռումանիա, Քոնսթանցա, 13 Նոյեմբեր 1927ին, մահացած է Քանատա, Օթաուա, 2006-ին)

1929-ին Պերճուհին առաւ իր կեսուրը՝ Տիրուհին, զաւակը՝ Բարսեղը եւ երկուորեակները՝ Այտան ու Պարոյրը, գնաց Լառնաքա, Կիպրոս՝ այցելելու համար իր տալերուն՝ Հայկուհի Պագալեանին եւ Մարինա Աշըգեանին եւ անոնց զաւակներուն։ Երկուորեակները շատ պզտիկ էին իրենց զարմիկներուն՝ Մամբիլէին, Շաքէին, Վազգէնին եւ Սիրարփիին հետ խաղալու համար, սակայն Բարսեղ լաւ ժամանակ կ'անցընէր։

Բարսեղ փայլուն էր եւ խոստումնալից ապագայ ունէր։ Աւաղ, ան խեղդուեցաւ Մամայայի ծովեզերքի ջուրերուն մէջ (Քոնսթանցայի հիւսիսը, Սեւ ծովու ափին), երբ ընտանիքը արեւալոգանք կ'ըմբոշխնէր:

Այտան եւ Պարոյրը յաճախած են Քոնսթանցայի դպրոցները, այնտեղ սորված են ռումաներէն, իսկ աւելի ուշ՝ ֆրանսերէն։ Երկուորեակները ծնողներու հետ կը խօսէին հայերէն, իսկ իրենց մեծ մօր՝ Տիրուհիի հետ՝ թրքերէն։ Հայկուհի (ծնեալ Աշըգեան) Պագալեանը այրիացած էր 1937 թուականին, յաջորդ ամառ ան իր աղջկան՝ Մամբիլէի (19 տարեկան), տղուն՝ Վազգէնի (17 տարեկան) եւ զարմուհիին՝ Շաքէի (17 տարեկան) (իր քրոջ՝ Մարինա Աշըգեանի դուստրը) հետ մեկնեցաւ Ռումանիա։ Անոնք այցելեցին Քոնսթանցայի եւ Պուխարեստի մէջ գտնուող իրենց հարազատներուն: Երբ վերադարձան Պէյրութ, Տիրուհի իրենց հետ էր նաւուն վրայ։

Երկրորդական դպրոցը աւարտելէն ետք, Այտան եւ Պարոյրը ուսանեցան Պուխարեստի համալսարանը: Այտան դարձաւ դեղագործ, իսկ Պարոյրը՝ երկրաչափ՝ մասնագիտանալով օդանաւերու ոլորտին մէջ։

Երկու համաշխարհային պատերազմներուն միջեւ երկարող ժամանակաշրջանին, Ռումանիոյ մէջ արդիւնաբերութիւնն ու քաղաքայնացումը զարգացան, սակայն այդ զարգացումը եղաւ անհաւասար: Երբ 30 Դեկտեմբեր 1947-ին Ռումանիան դարձաւ սոցիալիստական հանրապետութիւն, կառավարութիւնը արմատապէս փոխուեցաւ՝ ժամանակակից ազատական քաղաքական եւ տնտեսական վարչակարգէն ամբողջատիրական վարչակարգի: Կուսակցութիւնը հիմնեց «Սեքիւրիթաթ»ը (Պետական անվտանգութեան վարչութիւն), իսկ խորհրդայնացումը կամ ռուսացումը տեւեց մինչեւ 1960-ը:

Կարապետ Աշըգեան խնդրեց իր եղբօրորդիներէն՝ Բագրատ եւ Վազգէն Պագալեաններէն, որ իր ընտանիքի անդամներուն տրամադրեն լիբանանեան քաղաքացիութիւն, եւ անոնք ապահովեցին այդ մէկը։ Կարապետը, Պերճուհին, Այտան եւ Պարոյրը Քոնսթանցայէն նաւով մեկնեցան եւ Յունիս 1951-ին հասան Պէյրութի նաւահանգիստ։

Անոր քոյրերը՝ Հայկուհին եւ Մարինան, մայրը, եղբօր տղաքն ու աղջիկները ողջունեցին զինք եւ իր ընտանիքը Լիբանան։ Անոնք Մար Մըխայէլի մէջ առաջին յարկի բնակարան մը գտան իրեն համար Սուրբ Միքայէլ մարոնի եկեղեցւոյ շարքին (Պուրճ Համուտի հարաւը): Հայկուհին վճարեց Այտայի կրթաթոշակը, եւ Այտան Պէյրութի «Սէն Ժոզէֆ» համալսարանի դեղագործական բաժինը սկսաւ յաճախել: Պարոյրը գործ գտաւ Middle East Airlines-ի մէջ եւ աշխատեցաւ Պէյրութի օդակայանին մէջ։

Կարապետի եղբօր որդիները Քարանթինայի ալիւրաղացին մէջ փոքրիկ տեղ մը յատկացուցին իրեն, սուրճի իր գործին համար։ Ան կը գնէր սուրճի հատիկները եւ զանոնք խարկելէ ու աղալէ ետք՝ կը վաճառէր: Կարապետ 1959-ին կը գաղթէ Քանատա եւ քանի մը ամիս ետք, սուրճի գործը կը ստանձնեն իր եղբայրը՝ Յակոբը եւ իր աներձագը՝ Վահրամ Իյնէճեանը։

Պերճուհին երջանիկ էր Պէյրութի մէջ, որովհետեւ ներգրաւուած էր «Վերածնունդ»ի գործունէութեան մէջ: Ակումբը քանի մը թաղամաս հեռու էր իրենց տունէն, կարելի էր երթալ հետիոտն: «Վերածնունդ»ը հիմնուած էր 1940-ականներու վերջը՝ այն անկախներուն համար, որոնք հայկական քաղաքական կուսակցութիւններու (Դաշնակ, Հնչակ եւ Ռամկավար) անդամ չեն եղած, եւ անոնց նպատակը եղած է հայկական եւ արաբական մշակոյթներուն փոխծանօթացումը։ Բագրատ Պագալեանը եղած է «Վերածնունդ»ի հիմնադիրներէն ու ղեկավարներէն։ (Տեսնել՝ Ա հրապարակում)

Պերճուհին միացաւ տիկնանց արշաւին դէպի Ազունիէ բուժարան, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի եւ Պիքֆայայի դպրեվանք եւ ներկայ գտնուեցաւ դասախօսութիւններուն, համերգներուն, ինչպէս նաեւ կարօտեալ մանուկներու համար նախատեսուած Կաղանդ Պապայի ելոյթներուն:

Պարոյր Աշըգեանը, որ գաղթած էր Քանատա, քաջալերեց իր ծնողը ներգաղթելու եւ ապրելու իրեն հետ։ Ան տուն վարձած էր օդանաւի ընկերութեան մօտ, Մոնրէալի Սեն Ժան քաղաքի Իպերվիլ գիւղին մէջ։ Այտան Յունուար 1959-ին ամուսնացած էր Յակոբ Լաֆճեանին հետ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբ Քեթրին, Քեպէք Սիթի։ Այնուհետեւ անոր ամուսինը գործի լաւ առիթ մը ստացաւ Լոս Անճելըսի մէջ, եւ Այտան միացաւ անոր: Իսկ Պարոյր ամուսնացաւ Անժէլ Պետիրեանի հետ, 17 Դեկտեմբեր 1960-ին, Մոնրէալի մէջ։

Կարապետն ու Պերճուհին հինգ թոռնիկներ ունէին, անոնց սորվեցուցած էին հայերէն խօսիլ, նոյնիսկ փորձած էին սորվեցնել հայերէն գրել-կարդալ։

Պերճուհին ու Կարապետը այցելեցին իրենց դուստրին՝ Այտային, Սանթա Անայի մէջ (Հարաւային Քալիֆորնիա), ուր ան տուն ունէր։ Ի տարբերութիւն Մոնրէալի, Լոս Անճելըսի մէջ կ'ապրէին բազմաթիւ հայեր եւ հարազատներ, եւ անոնք հաճոյքով կ'այցելէին Յակոբ Աշըգեանին, անոր կնոջ՝ Ովսաննային եւ անոր եղբօր՝ Վահրամին՝ Մարի (ծնեալ Իյնէճեան) Հայկազուն Սիւզմէեանի տղուն հետ։ Անոնք նաեւ այցելուներ կ'ընդունէին Նիւ Եորքէն եւ Ֆիլատելֆիայէն:

Կարապետ ծնած է առանձնաշնորհեալ ընտանիքի մը յարկին տակ: Ընտանիքը իրեն տուած է ժամանակակից լաւագոյն կրթութիւն: Ան քանի մը անգամ ճամբորդած է իր մօր հետ եւ իր եղբօր տղուն՝ Մուրատ Տիգրան Աշըգեանին հետ, վայելած է ձիավարութիւնը։ Բախտը այնպէս բերած էր, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ չէր զօրակոչուած Օսմանեան բանակ, նոյնիսկ չէր տեղահանուած։ Այնուամենայնիւ, ան ականատես եղաւ երկու համաշխարհային պատերազմներուն եւ Ռումանիոյ մէջ Ժոզէֆ Սթալինի դաժան իշխանութեան: Ան վաճառականութեամբ կը զբաղէր, սակայն սրտանց չէր ըներ այդ մէկը: Խաղաղ ժամանակներուն, ան կրնար քաղաքական գործիչ դառնալ։

Ան 70 տարեկան էր, երբ հասաւ Քանատա։ Իր հանգստեան կոչուելէն ետք, Կարապետ Բ. Աշըգեան, օգտուելով առիթէն, գրեց հայերէն գիրք մը՝ «Ուզուն Աշըգեան գերդաստանին պատմութիւնը» անունով: Անոր դուստրը՝ Այտան, սիրով հոգաց ծախսերը Պէյրութի հրատարակութեան, որ եղաւ «Տօնիկեան» տպարանին մէջ: Հատորը լոյս տեսաւ 1968 -ին-ին:

Կարապետն իր գիրքին մէջ կը գրէ. «Մենք եւս մեր զաւկին քով թոռնիկներով միասին մեր ժամանակը կ՚անցընենք։ Շէրպրուք ութսուն հազարնոց քաղաք մըն է եւ մեզմէ զատ հայ ընտանիք չկայ։ Կայ միայն Մերտինցի հայ կաթոլիկ բժիշկ մը մօրը հետ արաբախօս եւ քրոջը աղջիկը եւս բժշկուհի Մարի Պասմաճեան։ Ծերերուս համար հայութեան չգոյութիւնը նեղացուցիչ է բայց աւելի վատը տղոց օտար միջավայրի մէջ մեծնալն է»։ [21]

Կասկած չկար, որ Կարապետ իր ամբողջ կեդրոնացումը դրած էր գիրքին վրայ. այդ մէկը իր ժառանգութիւնն էր ո՛չ միայն իր թոռներուն, այլ Ալլահվէրտեաններու, Այանեաններու, Պագալեաններու, Պալթայեաններու, Պօհճէլեաններու, Գազանճեաններու, Իյնէճեաններու եւ այլ ժառանգներու ժառանգներուն. մենք բոլորս պարտական ենք իրեն։

Երբ Պերճուհին մահացաւ Շերպրուքի մէջ, ուր անոր տղան՝ Պարոյրը, օդագնացութեան ճարտարագիտութեան փրոֆէսոր էր Շերպրուքի համալսարանին մէջ, Կարապետ Աշըգեան տեղափոխուեցաւ Հարաւային Քալիֆորնիա՝ ապրելու համար իր աղջկան՝ Այտային հետ: Օր մը, երբ Այտան աշխատանքի գացած էր, կ'իյնայ եւ իր ազդրոսկրը կը կոտրէ։ Զինք կը տանին հիւանդանոց, սակայն քիչ ժամանակ անց ան կը մահանայ, եւ իր դիակը կը կիզեն Քալիֆորնիոյ մէջ։

Կասկած չկար, որ Կարապետ իր ամբողջ կեդրոնացումը դրած էր գիրքին վրայ. այդ մէկը իր ժառանգութիւնն էր ո՛չ միայն իր թոռներուն, այլ Ալլահվէրտեաններու, Այանեաններու, Պագալեաններու, Պալթայեաններու, Պօհճէլեաններու, Գազանճեաններու, Իյնէճեաններու եւ այլ ժառանգներու ժառանգներուն. մենք բոլորս պարտական ենք իրեն։

Երբ Պերճուհին մահացաւ Շերպրուքի մէջ, ուր անոր տղան՝ Պարոյրը, օդագնացութեան ճարտարագիտութեան փրոֆէսոր էր Շերպրուքի համալսարանին մէջ, Կարապետ Աշըգեան տեղափոխուեցաւ Հարաւային Քալիֆորնիա՝ ապրելու համար իր աղջկան՝ Այտային հետ: Օր մը, երբ Այտան աշխատանքի գացած էր, կ'իյնայ եւ իր ազդրոսկրը կը կոտրէ։ Զինք կը տանին հիւանդանոց, սակայն քիչ ժամանակ անց ան կը մահանայ, եւ իր դիակը կը կիզեն Քալիֆորնիոյ մէջ։

Հայկուհի (ծնեալ Աշըգեան) Սարգիս Պագալեան (ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Ատանա, 24 Մարտ, 1892-ին, մահացած է Լիբանան, Պէյթ-Մերի, 1966-ին) [Տեսնել՝ Ա հրապարակում]

Մարինա (ծնեալ Աշըգեան) Պետրոս Աշըգեան (ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Ատանա 1896-ին, մահացած է Լիբանան, Պէյրութ, 1974-ին) [Տեսնել՝ Ա հրապարակում]

Յակոբ [Ակոպ] Բարսեղ Աշըգեան (ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Ատանա, 15 Մայիս 1901-ին, մահացած է ԱՄՆ-ի մէջ, Էնսինօ (Քալիֆորնիա), 10 Յունուար 1989-ին) ապրած է իր եղբօր եւ քոյրերուն՝ Կարապետին, Հայկուհիին եւ Մարինային հետ, մեծ համալիրի մը մէջ, որուն մէջտեղը կը գտնուէր մեծ բակ մը: Համալիրէն ներս նաեւ կ'ապրէին մեծ հայրիկն ու մեծ մայրիկը, հօրքուրները, հօրեղբայրները եւ զարմիկները: Իրենց տունը կը գտնուէր Ատանայի Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ կից։ Իրենց տան մէջ կ'ապրէր իրենց մեծ հայրիկը՝ Կարապետ Ուզուն Աշըգեանը եւ անոր կինը՝ Հռիփսիմէն եւ որդիներ՝ Բարսեղը, Տիգրանը եւ Միհրանը, իւրաքանչիւրը իր կնոջ եւ երեխաներուն հետ։

Աշըգեանները Ատանայի մէջ ապրած ժամանակ, հպարտ էին կեսարացիի իրենց ինքնութեամբ եւ միշտ կը յիշատակէին իրենց արմատները։ Իրենց բոլոր երեխաները ծնած էին Ատանա, բացի Ատէլ եւ Մուրատ Տիգրան Աշըգեաններէն։ Բարսեղ, Տիգրան եւ Միհրան Աշըգեանները, իւրաքանչիւրը 1901 թուականին Ատանայի մէջ զաւակ մը ունեցաւ։ Բարսեղի մահէն ետք, ծնաւ իր որդին՝ Յակոբը։ Ցոլինէն Տիգրան եւ Մարի Աշըգեաններու վերջին զաւակն էր։ Լուիզը երկրորդ դուստրն էր Միհրանին. վերջինս դժբախտ մահացաւ, որովհետեւ չունեցաւ տղայ զաւակ մը: [Տեսնել՝ Ա հրապարակում]

Յակոբ նախնական կրթութիւնը ստացած էր Ատանայի հայկական վարժարանէն ներս։ 1909 Ապրիլի Ատանայի ջարդերէն ետք, անոր ընտանիքը տեղափոխուեցաւ Մերսին։ Տղամարդիկ ամբողջ շաբաթը կ'աշխատէին Ատանայի մէջ, իսկ Կիրակի օրերը եւ շաբաթավերջին Մերսին կ'երթային։

1913-ին Յակոբին ընտանիքը զինք տարաւ Պոլիս, ուր ան ընդունուեցաւ ամերիկեան Ռոպերթ քոլեճին մէջ, որպէս գիշերօթիկ աշակերտ։ Առաջին տարին աւարտելէ առաջ, անոր ընտանիքը տնօրէնէն ստացած էր նամակ մը, որուն մէջ կ'ըսուէր. «Գալ տարի զինք ետ մի՛ ղրկէք։ Ան պատրաստ չէ՛ մեր դպրոցին»։ [22]

Յակոբ դպրոցի արձակուրդի ընթացքին վերադարձաւ Մերսին։ Յաջորդ տարի ան յաճախեց  Տարսոնի Ամերիկեան քոլեճը: Հոն ընդունուած էր ընտանիքի բարեկամի մը որդին՝ Գէորգ Տամլայեանը։ Շուտով կառավարութիւնը իւրացուց այս հաստատութիւնը՝ այն պատրուակով, թէ տեղ պիտի յատկացնէր իր զօրքին՝ պատերազմի մը համար, որ կը սպասուէր։ Ուստի, Յակոբ դարձեալ տուն կը վերադառնայ։

Առաջին համաշխարհային պատերազմի թոհուբոհին ժամանակ, Յակոբի ընտանիքը զինք ղրկեց Ատանա՝ մնալու ամերիկացի միսիոնարներու մօտ, որոնք նաեւ դեղարան մը ունէին։ Անոնք կը կարծէին, որ միսիոնարները կրնան պաշտպանել զինք: Նաեւ, այդպէս կրնար բարելաւել իր անգլերէնը: 5 Նոյեմբեր 1914-ին, Օսմանեան կայսրութիւնը մտաւ Ա. Համաշխարհային պատերազմ, եւ անոր բանակը իր ձեռքը առաւ Ատանայի մէջ գտնուող «Աշըգեան-Պագալեան» ալիւրաղացը: Աշըգեանի, Պագալեանի եւ այլ ազգականներու անդամները, որոնք ընդգրկուած էին պաշտօնեաներու ցուցակին վրայ, չզօրակոչուեցան եւ չարտաքսուեցան։ Մուտրոսի զինադադարէն ետք, Յակոբ կ’երթայ Պոլիս՝ Պէրպէրեան վարժարանին մէջ ուսանելու համար։

Համշխարհային Ա. պատերազմի ամբողջ ընթացքին, բարձրաստիճան սպայ մը կը վերահսկէր «Աշըգեան-Պագալեան» ալիւրաղացը: 1919-ին, ան Սարգիս Պագալեանին (որ ալիւրաղացի երկու հիմնադիրներէն մէկն էր, իսկ միւս հիմնադիրը` Տիգրան Աշըգեանը, որ իր ընտանիքին հետ Հալէպ կը մնար) ըսաւ, [Տե՛ս Ա հրապարակում] որ կարելի եղածին չափ շուտով հեռանայ Կիլիկիայէն։ Երկու օրուան ընթացքին, անոնք ինչ որ կրնային բերել Ատանայէն ու Մերսինէն, Կիպրոս կը տանին։ Անշուշտ, անոնք ձգեցին ալիւրաղացը, իրենց տուները, ունեցուածքն ու ագարակները եւ ամէն ինչ, որ չէին կրնար տանիլ։ Յակոբ միացաւ իր քոյրերուն՝ Հայկուհիին եւ Մարինային, մօրը՝ Տիրուհիին եւ իր զարմիկներուն։

1921-ին Յակոբին երէց եղբայրը՝ Կարապետ Աշըգեան ամուսնացաւ Պոլսոյ մէջ։ Հարսանիքէն ետք ան իր կնոջը տարաւ Կիպրոս, որպէսզի ծանօթացնէ զինք իր մօր՝ Տիրուհիին եւ քոյրերուն՝ Հայկուհիին եւ Մարինային, եւ տոհմի մնացեալ անդամներուն հետ։ Պերճուհին եւ Կարապետը պէտք է որ Կիպրոս մնացած ըլլան մէկ տարիէն քիչ մը աւելի։ Անոնք ամրան խոնաւութիւն զգացին, որ նեղացուցիչ էր եւ որոշեցին հեռանալ Լառնաքայէն։ Կարապետ որոշեց հաստատուիլ Պոլիս: Անոր հետ ճամբորդեցին Պերճուհին՝ կինը, Տիրուհին՝ մայրը, եւ Յակոբը՝ կրտսեր եղբայրը։ 1922-ին, Զմիւռնիայի (Իզմիր) հրդեհէն ետք, Կարապետ զգաց, որ այլեւս չի կրնար ապահով ապրիլ Օսմանեան կայսրութեան մէջ։ Աշըգեանները գիշերով նաւով գացին Քոնսթանցա, ուր եղբայրները սկսան ընդեղէնի գործը:

4 Ապրիլ 1929-ին, Ռումանիոյ Քոնսթանցա քաղաքին մէջ, Յակոբ Բարսեղ Աշըգեան ամուսնացաւ Ովսաննա (ծնեալ Իյնէճեան, Յովհաննէսի) Յակոբ Աշըգեանի հետ (ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Քասթամոնու, 1907-ին, մահացած է ԱՄՆ-ի մէջ, Լոս Անճելըս, 2002-ին): Հարսն ու փեսան Հաճի Յարութիւն Իյնէճեանի թոռներն էին։

Իր հարսանիքէն ետք, Յակոբ դադրեցուց գործին հետ կապուած իր յարաբերութիւնները եղբօր՝ Կարապետի հետ եւ հեռացաւ Քոնսթանցայէն, եւ նոր գործընկերը եղաւ իր աներձագը՝ Վահրամ Իյնէճեանը։ Ապա, Յակոբ Պէյրութ գտնուող իր քեռայրէն՝ Սարգիս Պագալեանէն խնդրեց, որ իրեն ներդրումային գումար մը տայ՝ Պուխարեստի մէջ հսկայ նպարատուն մը բանալու համար, եւ Սարգիս ուղարկեց այդ մէկը: Յակոբն ու Վահրամը on Piatsa Grevitsa-ի վրայ յաջող նպարատուն մը տնօրինեցին մինչեւ Համաշխարհային Բ. պատերազմը:

Յակոբն ու Ովսաննան ունեցան որդի մը.

  • Յովհաննէս-Բագրատ Յակոբ/Ակոպ Աշըգեան (ծնած է Ռումանիա, Քոնսթանցա, Փետրուար 1930-ին, մահացած է ԱՄՆ, Լոս Անճելըս, 1996-ին)

Յակոբն ու Վահրամը մեքենայ մը գնեցին իրենց տունին մէջ գուլպաներ արտադրելու համար։ 1944 թուականին Խորհրդային զօրքերը մտան Ռումանիա, իսկ 1948 թուականին երկիրը դարձաւ Ռումանիոյ սոցիալիստական կուսակցութիւն։ Յակոբն ու Վահրամը ստիպուած էին աշխատիլ քոփերաթիվներու՝ համագործակցականներու մէջ։

Յակոբ անցագիրներ առաւ իր ընտանիքին՝ կնոջ՝ Ովսաննային եւ տղուն՝ Բագրատին եւ իր աներձագին՝ Վահրամին համար եւ 1959-ի աշնան հասաւ Պէյրութ։ Այդ ժամանակ, իր քոյրը՝ Հայկուհի Պագալեան հեռացած էր Խանտաք ալ Ղամիք թաղամասէն եւ կ'ապրէր իր տղուն հետ նոր յարկաբաժինի մը մէջ, Պատարօ: Յակոբին ընտանիքը եւ Ռումանիայէն եկած այլ բարեկամներ հաստատուեցան Հայկուհիի բնակարանին մէջ՝ Պէյրութի կեդրոնին մօտ: Իրենց հետ ճամբորդողներուն մէջ էր Այանեաններու ընտանիքը՝ Հռիփսիմէն, անոր երէց որդին՝ Կարապետը, կինն ու որդին եւ դուստրը՝ Հերմինէն, ամուսինը՝ Յակոբ Ճիրիքեանը եւ որդին՝ Արան։

Բագրատ լաւ աշխատանք գտաւ Malifer Corporation-ի մէջ, որ կը պատկանէր Մալիքեան ընտանիքին: Ան գիտելքիներ ստացաւ լուացքի մեքենաներու, սառնարաններու, փուռերու, վառարաններու եւ ելեկտրոնային ջերուցիչներու մասին:

Կարապետ Աշըգեան քանի մը ամիսով չկրցաւ տեսնել իր եղբայրը՝ Յակոբը։ Այնուամենայնիւ, ան ձգեց իր սուրճի գործը եղբօր՝ Քարանթինայի մէջ, իր եղբորորդիներու ալիւրաղացին մէջ: Յակոբն ու Վահրամը շարունակեցին սուրճի հատիկներ գնելը, խարկելն ու աղալը, մինչեւ 1961-ի ԱՄՆ մուտքի անցագրեր ստանալը:

Յակոբ ընտանեօք հաստատուեցաւ Լոս Անճելըս։ Աշըգեանները տուն մը գնեցին Էնսինոյի (Քալիֆորնիա) Moorpark փողոցին վրայ։

Հինգերորդ սերունդը

Համբարձում եւ Մաննիկ Ալլահվէրտեաններու ժառանգները

Ստեփան Համբարձում Ալլահվէրտեան (ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Պանտըրմա, 26 Օգոստոս 1890-ին, մահացած է ԱՄՆ, Նիւ Եորք, 5 Դեկտեմբեր 1981-ին) յաճախած է Պանտըրմայի հայկական նախակրթարանը, այնուհետեւ յաճախած է ֆրանսական միջնակարգ դպրոցը Գատըքէօյի մէջ (Պոլիս): Անոր հայրը՝ Համբարձում Ալլահվէրտեան, մահացած է Պանտըրմայի մէջ, մօտ 1907 թուականին։ Մայրը որոշած է հասնիլ իր եղբայրներուն՝ Ռումանիա, ուր Աւետիս հաստատուած էր 1896 թուականին, իսկ աւելի ուշ, Արմենակը միացած է իրեն։

Քոնսթանցայի մէջ, Ստեփան Աւետիս Պոհճէլեանի ընդեղէնի խանութի կառավարիչն էր։ Երիտասարդ ատեն, Ստեփան սուր մօրուք ունէր. տեղացիները զինք կ'անուանէին «Մօրուքաւոր Ստեփան»։ 27 Օգոստոս 1916-ին, Ռումանիան դաշնակիցներու կողմէն միացաւ համաշխարհային պատերազմին։ Ալլահվէրտեանները հետեւելով իրենց ազգականներուն՝ ձգեցին Ռումանիան եւ մինչեւ պատերազմին աւարտը մնացին Ռուսաստանի Օտեսա քաղաքին մէջ։

Երբ 1918 թուականին աւարտեցաւ Ա. Համաշխարհային պատերազմը, Ստեփան իր ընտանիքին հետ վերադարձաւ Քոնսթանցա։ Այս անգամ Ստեփանի քեռին՝ Աւետիսը, զինք յանձնարարեց ղեկավարելու Գարօլ փողոցի մէջ գտնուող աւելի մեծ ու բանուկ խանութը, ուր մայրը արկղապանն էր (cashier)։ 1918-ի զինադադարէն ետք, Աւետիս հաստատուեցաւ Կալացի (Ռումանիա) եւ հիմնեց եօթը խանութ Ռումանիոյ եօթը քաղաքներու մէջ: Այդ բոլորը ընդեղէնի խանութներ էին։ Ի վերջոյ, Ստեփան վերահսկեց բոլոր եօթը խանութները: Անոր քեռին գործընկերներու հետ միասին կառուցած էր հիւսուածեղէնի գործարան մը, որ կը կոչուէր Կալացիանա: Ապա, 1933 թուականին, Ստեփանի մայրը՝ Մաննիկը եւ անոր եղբայրները կառուցեցին հսկայ շէնք մը Քոնսթանցայի Carol Boulevard-ին վրայ: Առաջին յարկը նախատեսուած էր առեւտուրի եւ փոքրաքանակ վաճառքի համար, իսկ վերի յարկերը՝ վարձու բնակարաններ էին:

Աւելի ուշ, անոնք գնեցին եւս մէկ շէնք Քոնսթանցայի 69 Tomis Boulevard-ին վրայ եւ զայն անուանեցին «Hotel Paris»:

Ստեփան եւ Մարի Ալլահվէրտեանները ունեցած են դուստր մը.

  • Վարդուհի Ստեփան Ալլահվէրտեան (ծնած է Ռումանիա, Քոնսթանցա, 30 Մարտ 1935-ին) հօր հետ ժամանած էր Միացեալ Նահանգներ, 1965-ին: 1980-ականներէն ան կ'ապրի Սարաթոկա Սփրինկ, Նիւ Եորք:

1937 թուականին, Ստեփանը իր կինն ու աղջիկը տարաւ Կալացի, ուր իր քեռին՝ Աւետիս Պօհճէլեան, իր գործընկերներուն հետ հիմնած էր հիւսուածեղէնի գործարան մը եւ զայն անուանած էր Կալացիանա ՝ նուիրուած Կալացի քաղաքին։

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, Ստեփանը իր ընտանիքին տարաւ Պրաշովա (քաղաք՝ Գարպադեան լեռներուն մէջ)՝ Պուխարեստէն հիւսիս, որովհետեւ քաղաքը ապահով տեղ մըն էր օդային ռմբակոծումներէն եւ ցամաքային յարձակումներէն: 12 Մայիս 1945-ին, Ռումանիոյ մէջ պատերազմը աւարտեցաւ: Ստեփանը կնոջ եւ աղջկան հետ վերահաստատուեցաւ Պուխարեստ։ Մէկ տարիէն քիչ մը անց, Ստեփանի կինը՝ Մարին, մահացաւ քաղցկեղի պատճառով. անոր աճիւնները ուղարկեցին Միլանօ եւ դրուեցան անոր հօր կողքին: Վարդուհին 11 տարեկան էր, երբ իր մայրը մահացաւ. զինք մեծցուցին հօրաքոյրը՝ Լուիզը եւ մեծ մայրը՝ Մաննիկը, եւ ան շատ մտերիմ էր հօր հետ:

30 Դեկտեմբեր 1947-ին, Ռումանիան դարձաւ Խորհրդային սոցիալիստական հանրապետութեան (ԽՍՀ) արբանեակային պետութիւն։ Արդէն Ստեփանի քեռիները՝ Աւետիսն ու Արմենակը մահացած էին, սակայն բռնագրաւուած կը մնար անոնց հարստութիւնը, ներառեալ Կալացիանա գործարանը (1948 թուականին)։ Ռումանիոյ մէջ ապրող Կեսարացի Աշըգեաններու անդամները սկսան աշխատիլ համագործակցականներու մէջ։

Ստեփան երկու անգամ բանտարկուած է (13 Յունուար 1956-ին եւ Հոկտեմբեր 1961-ին), ոսկի պահելու մեղադրանքով։ Երբ 1963-ի Ապրիլին Ստեփան բանտէն ազատ արձակուեցաւ, ան որոշեց երթալ Ռումանիայէն հեռացած իր հարազատներու ճամբով: Ստեփանը, Վարդուհին, Մաննիկը եւ Լուիզը Պէյրութ հասան 15 Սեպտեմբեր 1963-ին։ Փաստաթուղթեր պատրաստելու աշխատանքը տեւեց մօտ երկու տարի։ Անոնք Պէյրութի օդակայանէն մեկնեցան 7 Յունուար 1965-ին։

Ստեփանն ու իր դուստրը աշխատանք գտան Նիւ Եորքի մէջ։ Անոնք այցելեցին Լոս Անճելըսի մէջ գտնուող իրենց հարազատներուն։ Ստեփան մահացաւ 91 տարեկան հասակին։

Լուիզ Համբարձում Ալլահվէրտեան (ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Պանտըրմա, Դեկտեմբեր 1900-ին, մահացած է ԱՄՆ, Նիւ Եորք, 8 Յունուար 1965-ին) յաճախած է Պանտըրմայի հայկական դպրոցը։ Երբ իր հայրը մահացաւ մօտաւորապէս 1907 թուականին, մայրը՝ Մաննիկը իր երկու երեխաները՝ Ստեփանն ու Լուիզը տարաւ Ռումանիա։ Լուիզ ունէր երկու քեռիներ՝ Աւետիս եւ Արմենակ, որոնք հաստատուած, հարստացած եւ յարմարաւէտ կեցութիւն գտած էին Քոնսթանցայի մէջ։ Առաջին համաշխարհային պատերազմին ժամանակ իր բոլոր հարազատները գացին Օտեսա, մինչեւ պատերազմին աւարտը, 1918-ին:

Լուիզ ամուսնացած էր Բարսեղ Խուպեսէրեանին հետ (ծնած Թալասի մէջ): Վերջինս լումայափոխ (սարրաֆ) էր։ Այս երկուքը յարիր չէին իրարու եւ զոյգը շուտով բաժնուեցաւ։

1933 թուականին, իր մայրն ու քեռիները հսկայ շէնք մը կառուցած էին Քոնսթանցայի Carol Boulevard-ին վրայ: Առաջին յարկը նախատեսուած էր առեւտուրի եւ փոքրաքանակ վաճառքի համար, իսկ վերի յարկերը՝ վարձու բնակարաններ էին։ Աւելի ուշ, անոնք գնեցին եւս մէկ շէնք Քոնսթանցայի 69 Tomis Boulevard-ի վրայ եւ զայն անուանեցին «Hotel Paris»:

Ետքը, Լուիզան եւ իր մայրը ապրեցան Կալացիի մէջ, եղբօր եւ անոր Կալացիանա գործարանին մօտ եւ հպարտ էին իրենց նուաճումներով:

Երբ Ռումանիան ընդունեց համայնավարական վարչակարգը, բոլոր գործարանները, խանութները, շէնքերը, տուները եւ բնակարանները բռնագրաւուեցան։ Անոր քեռիները արդէն իսկ մահացած էին։ Լուիզը եւ իր մայրը բնակարան մը վարձեցին Պուխարեստի մէջ: Լուիզ գործ ունէր պետական գործարանի մը մէջ։

Լուիզի եղբայրը՝ Ստեփանը, երկու անգամ բանտարկուած է, ոսկի պահելու մեղադրանքով, ուստի որոշած է հեռանալ Ռումանիայէն։ 15 Սեպտեմբեր 1963-ին, Ստեփանը, Վարդուհին, Մաննիկը եւ Լուիզը ժամանեցին Պէյրութ՝ ներգաղթելու համար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։

Հինգերորդ սերունդը

Աւետիս եւ Արմենակ Պօհճէլեան եղբայրներու ժառանգները

Անտրէյ Պերճ Աւետիս Պօհճէլեան (ծնած է Ռումանիա, Կալացի, 12 Ապրիլ 1925-ին, մահացած է ԱՄՆ, Ֆիլատելֆիա 2005-ին) Ռումանիոյ մէջ նախնական կրթութիւնը ստանալէ ետք, յաճախած է Վենետիկի Մուրատ Ռաֆայէլեան վարժարանը, որովհետեւ իր ծնողը կ'ուզէր, որ ան հայերէն սորվէր։ Պերճ պէտք է որ այցելած ըլլայ Սուրբ Ղազար կղզիի հայ կաթողիկէներու Մխիթարեան Միաբանութեան վանքը։ Սակայն ան չկրցաւ աւարտել իր ուսումը, Բ. Համաշխարհային պատերազմը սկսելուն պատճառով։

1948 թուականին, Ռումանիա դարձաւ համայնավարական երկիր, իսկ յաջորդ տարին, կառավարութիւնը բռնագրաւեց բոլոր սեփական կալուածները։ Երբ իր հայրը՝ Աւետիսը մահացաւ 1941 թուականին, անոր ժառանգութիւնը՝ ներառեալ գործարանը, խանութներն ու տուները, նոյնիսկ ոսկեղէնները, գրաւուած կը մնային։ Անոր մայրը՝ Ռոզիքան իր զաւակները տարաւ Պուխարեստ, որովհետեւ Ալիս արձանագրուած էր Պուխարեստի համալսարանը ուսանելու համար, իսկ Պերճ յաճախեց առեւտուրի դպրոց մը: Ուսումը աւարտելէ ետք, Ալիսն ու Պերճը աշխատեցան համագործակցականներու մէջ։

1957-ին Պերճը իր զարմիկին՝ Պետրիկ Արմենակ Պօհճէլեանին առաջարկեց ամուսնանալ իր քրոջ՝ Ալիսին հետ։ Նաեւ, 1957-ին, Պուխարեստի մէջ կը մահանայ Կիւլտուտու (ծնեալ Հաճի Յարութիւն Իյնէճեան) Անտրէաս Պօհճէլեանը։ Անոր կողքին էին իր ծոռները՝ Պերճը, Ալիսն ու Պետրիկը։

1962 թուականին, Պերճը իր մօր՝ Ռոզիքայի հետ կը հեռանայ Ռումանիայէն: Նախ անոնք մեկնեցան Պէյրութ՝ ԱՄՆ ներգաղթի կարգավիճակ ստանալու համար, ապա 1964 թուականին մեկնեցան Լոս Անճելըս: 1966 թուականին Պերճ աւելի լաւ դիրքեր նուաճեց բրիտանական մամուլի հրատարակչական մէկ ընկերութեան՝ Pergamon Press-ի մէջ: Ան տեղափոխուեցաւ Նիւ Եորք եւ ապրեցաւ Ֆլաշինկի մէջ, Քուինզ թաղամաս: Մայրը՝ Ռոզիքան, տեղափոխուեցաւ իրեն հետ միասին: Պերճ ամուսնացաւ ամերիկուհի՝ Մարկրեթ (Մանտի) Ռութ Կալիարտիի հետ։

Ռոզիքա մահացաւ ծերութենէն, Նիւ Եորքի մէջ, 1986 թուականին: Երբ Պերճը 1996 թուականին հանգստեան կոչուեցաւ Pergamon Press-էն, ան կնոջ հետ տեղափոխուեցաւ Ֆիլատելֆիա շրջան՝ քրոջ ընտանիքին մօտ ըլլալու համար: Պերճ կը մահանայ երիկամներու հիւանդութեան դէմ երկու տասնամեակ պայքարելէ ետք։

Ալիս (ծնեալ Պօհճէլեան, Աւետիսի) Պետրիկ Պօհճէլեան (ծնած է Ռումանիա, Կալացի, 1928-ին, մահացած է ԱՄՆ, Ֆիլատելֆիա, 24 Դեկտեմբեր 2020-ին) լաւ ուսանող մըն էր։ Անոր հայրը՝ Աւետիսը, կանուխ մահացաւ 1941-ին։ Մայրը՝ Ռոզիքան, որոշեց ձգել Կալացիի իրենց տունը եւ ապրիլ Պուխարեստի մէջ։ Ալիս արդէն աւարտած էր իր դպրոցը եւ կը պատրաստուէր յաճախելու Պուխարեստի համալսարանը. ան աւարտեց այնտեղ իր համալսարանական ուսման շրջանը:

1948 թուականին, իր երկիրը դարձաւ համայնավարական, եւ այն ժառանգութիւնը, զոր ձգած էին իր հայրը, մայրն ու եղբայրը, բռնագրաւուած մնացին։ Ան եւս աշխատեցաւ համագործակցականներու մէջ։

Իր եղբայրը՝ Պերճը յորդորեց իր զարմիկին՝ Պետրիկ Արմենակ Պօհճէլեանին ամուսնանալու Ալիսին հետ։ 1957 թուականին, Ալիս եւ Պետրիկ ամուսնական պարզ արարողութիւն մը կատարեցին յաչս ամուսնութիւններու պաշտօնական գրասենեակին: Հարսը ծաղկեփունջ մը ունէր ձեռքին, իսկ իրենց վկաներն էին Ռոզիքան, Պերճը, Աղաւնին եւ ընկերուհի մը։

Ալիս ու Պետրիկ ունեցան տղայ մը, որուն անունը դրին Արամ՝ 1937-ին 18 տարեկան հասակին խեղդուած Արամը յաւերժացնելու համար։ Մայրը՝ Արմենուհին, մահացած էր 1934-ին, իսկ հայրը՝ Արմենակը, ողբաց իր զաւկին կորուստը մինչեւ իր մահը՝ 1942-ին։

  • Արամ Պօհճէլեան (ծնած է Ռումանիա, Պուխարեստ, 1960-ին)

Ալիսը, Պետրիկը, իրենց տղան՝ Արամը եւ Պետրիկին խորթ մայրը՝ Աղաւնին անցագիրերը ստացան 1962-ին եւ հասան Լիբանան, իսկ աւելի ուշ՝ Դեկտեմբեր 1964-ին, հաստատուեցան Ֆիլատելֆիա։

ԱՄՆ-ի մէջ Ալիս օգտագործեց իր համակարգչային հմտութիւնները՝ գոհացուցիչ աշխատանք մը գտնելու համար եւ աշխատեցաւ մինչեւ իր հանգստեան կոչուելու տարիքը:

Պետրիկ Արմենակ Պօհճէլեան (ծնած է Ռուսաստան, Օտեսա, 1917-ին, մահացած է ԱՄՆ, Ֆիլատելֆիա, 1984-ին) ծնած է Ռուսաստանի մէջ, Ա. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ, եւ երբ պատերազմը կ'աւարտի, ծնողն իրեն հետ միասին կը վերադառնայ Ռումանիա։ Ինք եւ իր եղբայրը՝ Արամը, դպրոց յաճախած են Կալացիի մէջ։ Պետրիկը յաճախած է քոլեճ՝ արհեստագիտական գծագրութիւն, ձեւաւորում եւ նկարչութիւն սորվելու համար:

Արմենուհին՝ իր մայրը, հիւանդ էր թոքախտով, իսկ հայրը զինք տարաւ Păltiniș Sibiu լեռներու մէկ բուժարանը (Պուխարեստէն 300 քմ. հեռու), սակայն ան մահացաւ Յունուար 1934-ին: 4 Փետրուար 1934-ին, Քոնսթանցայի մէջ կեսարացի տոհմը տօնեց հարսանիքը Ստեփան Համբարձում Ալլահվէրտեանի եւ Մարիի (ծնեալ Տիլսիզեան, Միսաքի), որոնց հայրը 1918 թուականէն ետք կ'ապրէր Միլանօ: Արմենակ եւ իր տղաքը ներկայ էին հարսանեկան խնճոյքին եւ իրենց ձախ թեւին կը կրէին սեւ թեւկապ մը՝ իբրեւ սուգի նշան։

1936-ի վերջերը, Արմենակ ամուսնացաւ Աղաւնիի հետ (ծնեալ Երանոսեան): Ան ծնած էր Վառնա եւ այրի էր, բայց զաւակ չունէր։ 1937-ին, Արմենակի կրտսեր տղան՝ Արամը խեղդուեցաւ Պրաթէշ լիճին մէջ, երբ 18 տարեկանին ընկերներու հետ արձակուրդի գացած էր։ Իր հայրը սրտաբեկուած էր, եւ քանի մը տարի անց, անոր մօտ ախտաճանաչուեցաւ կոկորդի քաղցկեղ։ Ան բուժումներ փորձեց գտնել Եւրոպայի մէջ, սակայն ի վերջոյ մահացաւ Փրետիլի լեռներուն վրայ, 1942 թուականին։

1947-ին, Ռումանիոյ համայնավարական կառավարութիւնը գրաւեց Արմենակի կալուածներն ու հարստութիւնը։ Պետրիկն իր մեծ մայրիկին՝ Կիւլտուտուին եւ խորթ մօր՝ Աղաւնիին հետ մինչեւ 1934 թուական, կ'ապրէր այն շէնքին մէջ, զոր հայրը գնած էր Պուխարեստի Սփաթարու թաղամասի թիւ 32 փողոցէն։ Շուտով, կառավարութիւնը բռնագրաւեց նաեւ այդ բնակարանը։

1957 թուականին Կիւլտուտու կը մահանայ Պուխարեստի մէջ։ Նոյն թուականին, Պետրիկի զարմիկը՝ Պերճը կ'առաջարկէ անոր ամուսնանալ իր քրոջ՝ Ալիս (ծնեալ Պօհճէլեան, Աւետիսի) Պետրիկ Պօհճէլեանին հետ։ Պետրիկ 40 տարեկան էր, իսկ Ալիս՝ 29 տարեկան, երբ անոնք ամուսնացան։

Պետրիկն ու Ալիսը մէկ տղայ զաւակ ունեցան.

  • Արամ Պօհճէլեան (ծնած է Ռումանիա, Պուխարեստ, 1960-ին) ուսանած է Տրեքսելի համալսարանը ելեկտրոնային ճարտարագիտութիւն եւ մասնագիտացած է համակարգչային ճարտարագիտութեան մէջ՝ ինքնագործ ռոպոթաշինութեան մարզին մէջ: Ան ամուսնացած է Լինտային (ծնեալ Կիրակոսեան) հետ 1990 թուականին, եւ անոնք ունին երկու տղայ զաւակ։

Պետրիկի մասնագիտութիւնը ակնոցներու շրջանակներ պատրաստելն էր, զորս ան կը վաճառէր սեւ շուկայի մէջ։ Ան մեղադրուած էր ոսկի պահելուն համար եւ դատապարտուած՝ 25 տարուան բանտարկութեան, սակայն աւելի ուշ, ներում շնորհուեցաւ անոր։ Իր արգելափակումէն ազատուելէն անմիջապէս ետք, ընտանիքը դիմեց կառավարութեան՝ Ռումանիայէն հեռանալու համար։ Իսկ Պետրիկի, Ալիսի, իրենց տղու՝ Արամի ու խորթ մօր՝ Աղաւնիի ընտանեկան անցագիրերը արագօրէն պատրաստուեցան։ Անոնք Դեկտեմբեր 1962-ին հասան Պէյրութ, իսկ յետոյ, Դեկտեմբեր 1964-ին, մեկնեցան Ֆիլատելֆիա։

Ամերիկայի մէջ Պետրիկ սկսաւ արհեստագիտական գծագրութեան իր ասպարէզը։ Ալիս աշխատեցաւ որպէս հաշուապահ՝ մինչեւ իր հանգստեան կոչուիլը։ Աղաւնին մահացաւ 1977 թուականին, երբ 84 տարեկան էր։ Պետրիկ մահացաւ 1984 թուականին, եօթը տարի քաղցկեղի դէմ պայքարելէ ետք։

Հինգերորդ սերունդը

Գարեգին եւ Հռիփսիմէ Այանեաններու ժառանգորդները

Կարապետ (Կարպիս) Գարեգին Այանեան (ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Պանտըրմա 1914-ին, մահացած է ԱՄՆ, Ֆիլատելֆիա, 1991-ին) ծնած է այն ժամանակ, երբ պատերազմի լուրերը սկսած էին հասնիլ։ Իր հայրը Գարեգին Այանեանն էր, իսկ մայրը՝ Հռիփսիմէ (ծնեալ Ալլահվէրտեան, Դանիէլի) Գարեգին Այանեանը: Զինք տարին Քոնսթանցա, եւ շուտով, Ռումանիան Օգոստոս 1916-ին դաշնակիցներու կողմէ մտաւ Ա. համաշխարհային պատերազմ։ Այսպիսով, ծնողն ու փոքրիկ Կարապետը փախան եւ ապաստանեցան Ռուսաստանի Օտեսա քաղաք: Իր քոյրը՝ Հերմինէն, ծնած է Օտեսա, պատերազմի աւարտին։

1918-ի զինադադարէն ետք, Այանեաններու ընտանիքը մեկնեցաւ Պոլիս, որովհետեւ այնտեղ կը վերահաստատուէին Հռիփսիմէի քոյրն ու եղբայրը՝ Նուարդ եւ Գէորգ Ալլահվէրտեանները։ Սակայն երբ 1923 թուականին Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրք դարձաւ Թուրքիոյ հանրապետութեան նախագահ, անոնք վերադարձան Քոնսթանցա։ Կարապետ յաճախած է Քոնսթանցայի հայկական նախակրթարան մը, ապա յաճախած է պետական երկրորդական վարժարան մը։ 1923-ին Կարապետ ունէր եղբայր մը, զոր կը կոչէին Սերգօ։

1943-ին, Կարապետին քոյրը՝ Հերմինէն, ամուսնացաւ Յակոբ Ճիրիքեանի հետ, իսկ հայրը՝ Գարեգին Այանեանը, մահացաւ 1947-ին։ Աւելի ուշ, Կարապետ իր մօրը՝ Հռիփսիմէին եւ եղբօրը՝ Սերգոյին հետ, տեղափոխուեցաւ Պուխարեստ։

18 Դեկտեմբեր 1947-ին, Կարապետ ամուսնացաւ Հայկանուշ (ծնեալ Նեւշէհիրլեան) Կարապետ Այանեանի հետ (ծնած է Ռումանիա ուղեւորուող նաւու մը մէջ 15 Յունուար 1922-ին, մահացած է ԱՄՆ, Ֆիլատելֆիա, 28 Դեկտեմբեր 2018-ին)։

Հայկանուշը կեսարացի Ստեփան եւ Տիգրանուհի Նեւշէհիրլեաններու դուստրն էր։ Անոր քոյրերն էին Մանուշը, Արտեմիսը, Անժէլը, Զարուհին: Ան նաեւ ունէր եղբայր մը՝ Գէորգը։ Փրկուելով Ցեղասպանութենէն՝ անոնց ծնողը շարունակեց ապրիլ իր կեանքը Ռումանիոյ մէջ: Ստեփան յաջողակ վաճառական էր Պուխարեստի մէջ։ Մինչ ամուսնանալը, Հայկանուշի քոյրը՝ Զարուհին, մահացաւ 1941 թուականին՝ ծննդաբերական բարդութիւններէ։ Հետեւաբար, Հայկանուշ եւ իր մայրը կիսած են անոր երեխան մեծցնելու պատասխանատուութիւնը։

Ռումանիան դարձաւ Խորհրդային սոցիալիստական հանրապետութեան (ԽՍՀ) արբանեակ պետութիւն 30 Դեկտեմբեր 1947-ին: Կալուածներ ու հարստութիւններ բռնագրաւուեցան։ Շատ մարդիկ բանտարկուեցան ընտանեկան նիւթական հարստութիւնը կամ ոսկի պահելու պատճառով, անգամ մը նոյնիսկ Հայկանուշ բանտարկուեցաւ: Սեփական գործերու եւ խանութներու փոխարէն, կառավարութիւնը հիմնեց համագործակցան հիմնարկներ, եւ տղամարդիկ ու կանայք իրենց ներդրումը բերին արդիւնաբերութեան մէջ: Կարապետ որոշ ժամանակով աշխատեցաւ Պուխարեստ, գործարանի մը մէջ։

Քոնսթանցա, Ռումանիա, 1938. հայ դպրոց. ամենաաջ կողմը կեցած է Հայկանուշ (ծնեալ Նեւշէհիրլեան) Այանեանը։
Քոնսթանցա, Ռումանիա, 1936. Հայ պարուհիներ. Հայկանուշ (ծնեալ Նեւշէհիրլեան) Այանեան (մէջտեղի շարքը, ձախէն):

Հայկանուշ ու Կարապետ ունէին տղայ մը.

  • Գարեգին Կարապետ Այանեան (ծնած է Ռումանիա, Քոնսթանցա, 1949-ին)

Այանեանները՝ Կարապետ Այանեանը, անոր կինը՝ Հայկանուշը, տղան՝ Գարեգինը եւ մայրը՝ Հռիփսիմէն, ստացան Լիբանանի անցագիր եւ նաւով մեկնեցան Քոնսթանցայէն։ Անոնց հետ ճամբորդեցին Կարապետի եղբայրը՝ Սերգօ Այանեանը, անոր կինն ու երեք դուստրերը, քոյրը՝ Հերմինէ Ճիրիքեանը, անոր ամուսինը՝ Յակոբը եւ տղան՝ Արան, ինչպէս նաեւ Յակոբ Աշըգեանը, կինը՝ Ովսաննան, որդին՝ Բագրատը եւ Վահրամ Իյնէճեանը՝ Ովսաննային եղբայրը։ Այս ընտանիքները կեսարացի Հաճի Յարութիւն Իյնէճեանի ժառանգորդներն էին (Տե՛ս Բ հրապարակում): Յակոբ Բարսեղ Աշըգեան Տիրուհի (ծնեալ Հաճի Յարութիւն Իյնէճեան) Բարսեղ Աշըգեանին տղան էր: Հռիփսիմէի մայրն էր Նուէրիկ (ծնեալ Հաճի Յարութիւն Իյնէճեան) Դանիէլ Ալլահվէրտեանը, իսկ Վահրամի եւ Ովսաննայի հայրը՝ Յովհաննէս Հաճի Յարութիւն Իյնէճեանը։

Խումբը Պէյրութի նաւահանգիստ հասաւ 1959-ի աշնան: Յակոբին քոյրը՝ Հայկուհի (ծնեալ Բարսեղ Աշըգեան) Սարգիս Պագալեան, տեղափոխուեցաւ Խանտաք ալ Ղամիքի մէջ գտնուող իր բնակարանէն իր տղուն տունը՝ Պատարօ, նոր թաղամասի մը մէջ: Խանտաք ալ Ղամիքի տունը ունէր մեծ հիւրասենեակ մը՝ շրջապատուած հինգ սենեակներով՝ խոհանոց, զուգարան-բաղնիք, ձեղնայարկ եւ տանիք՝ լուացքը չորցնելու համար: Տունը նեղուածք կար, սակայն ձրի էր, իսկ դիրքը՝ բացառիկ: Մինչ կը սպասէին ԱՄՆ մուտքի իրենց անցագիրներուն, այս խումբը ապրեցաւ այս տարածքին մէջ՝ մինչեւ Անտուն Հայերու Օժանդակութեան Ամերիկեան Ազգային Յանձնաժողովին (American National Committee to Aid Homeless Armenians-ANCHA) օգնութեամբ ԱՄՆ գաղթի իրենց փաստաթուղթերուն պատրաստ ըլլալը: Այս ընթացքին, չափահասները աշխատանք գտան, եւ Արան ու Գարեգինը յաճախեցին Համազգայինի Ճեմարանը։

Այանեան եւ Ճիրիքեան ընտանիքները հաստատուեցան Ֆիլատելֆիա, 30 Յունիս 1961-ին, իսկ Յակոբ Աշըգեանի խումբը մեկնեցաւ Լոս Անճելըս։ Սուրբ Գրիգոր Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ (Ֆիլատելֆիոյ Ռիճ պողոտային վրայ) Արսէն վարդապետ Յակոբեան Հայկանուշին դերձակութեան գործ գտաւ, Կարապետ աշխատանք գտաւ, իսկ Գարեգին սկսաւ դպրոց յաճախել։ Ժամանակ անցաւ, Այանեանները գնեցին տուն մը եւ վճարեցին քոլեճի կրթաթոշակը Գարեգինին, որ քիմիագիտութիւն կ'ուսանէր։ Քանի որ աւելի շատ հարազատներ եւ ընկերներ սկսան գալ Ռումանիայէն, անոնք փոխադրուեցան Ափըր Տարպի (Ֆիլատելֆիոյ արեւմուտքը) եւ անոնք ստեղծեցին միջավայր մը, ապրելով ընդամէնը իրարմէ քանի մը թաղամաս հեռու:

Հայկանուշ եւ Կարապետ ոգեւորուեցան, երբ իրենց տղան՝ Գարեգին 1972 թուականին ամուսնացաւ Արտեմիս (ծնեալ. Նազարէթ Նազարեան) Գարեգին Այանեանի հետ:

Արտեմիս ծնած էր Պաղեստին/Իսրայէլ եւ արտագաղթեց Ամերիկա, իր հօր ու մօր՝ Նազարէթի եւ Անգինէի եւ քրոջ հետ միասին 1960-ականներու սկիզբը:

Գարեգին կը դասաւանդէր քիմիագիտութիւն եւ ունէր չոր մաքրման գործ մը, սակայն ի վերջոյ, 1994 թուականին ունեցաւ իր սեփական գործը՝ «Mediterranean Foods»-ը, որ կը գտնուէր Ափըր Տարպիի մէջ, Փենսիլվանիա: Այնտեղ ան կը պատրաստէր սուճուխ եւ լահմաճուն՝ զերոյէն: Անոնք յայտնի են որպէս Արեւելեան ԱՄՆի լաւագոյնը: Նոյնինքն Գարեգին կը ստանձնէր պատուէրները եւ կը բաշխէր զանոնք Ֆիլատելֆիա, Ուաշինկթըն, Նիւ Ճըրսի եւ այլ վայրեր: Արտեմիսի ծնողքը եւ Գարեգինի մայրը օգնած են իրեն այնքան ատեն, որ ֆիզիքական կարողութիւն ունէին, եւ կինն ու երեխաները մինչեւ օրս կ'աշխատին իր կողքին։

Գարեգին եւ Արտեմիս ունեցան երեք զաւակներ.

  • Կարօ Այանեան (ծնած է ԱՄՆ, Ֆիլատելֆիա, 1979-ին). ան ուսանած է առեւտուր եւ երկրաչափութիւն, Տրեքսել համալսարանը: Ան ամուսնացաւ Սթեֆանիի հետ (ծն. Կարոյեան) [23] եւ անոնք ունին երկու դուստր։
  • Լորիկ (ծնեալ Այանեան) Անդրանիկ Պարոնեան (ծնած է ԱՄՆ, Ֆիլատելֆիա, 198-ին). ուսանած է մեքենական ճարտարագիտութիւն Տրեքսել համալսարանէն ներս: Ամոլը ունի երեք դուստր։
  • Նորա (ծնեալ Այանեան) Էտուին Զարքարեան (ծնած է ԱՄՆ, Ֆիլատելֆիա, 1982-ին). դոկտորական կոչում ստացած է Փենսիլվիանիոյ համալսարանէն եւ կ'աշխատի ակադեմիայի մէջ: Ամոլը ունի երկու տղայ։

Կարապետ մահացաւ Ֆիլատելֆիա, 1991 թուականին՝ սրտի կաթուածի պատճառով։

Հայկանուշ ապրած է իր տունը մինչեւ մօտ 90 տարեկան: Ապա իր վերջին տարիներուն եղած է իր տղուն եւ հարսին խնամքին տակ՝ անոնց տունը։ Ան նաեւ տեսած է իր վեց ծոռները։

Հերմինէ (ծնեալ Գարեգին Այանեան) Յակոբ Ճիրիքեան (ծնած է Ռուսաստան, Օտեսա, 12 Մայիս 1918-ին, մահացած է ԱՄՆ, Նոքսվիլ/Թենըսի, 12 Փետրուար 2014-ին) յաճախած է Քոնսթանցայի հայկական կարգ մը դպրոցներ, իսկ աւելի ուշ հետեւեցաւ դերձակութեան դպրոցի մը։ Այդ ժամանակ Հերմինէի նման երիտասարդ կիներ կը սորվէին խոհարարութիւն, հաց թխել, ասեղնագործութիւն, հիւսք եւ շատ մը հմտութիւններ, որոնք անհրաժեշտ էին կնոջ մը, կամ մօր մը համար:

18 Դեկտեմբեր 1943-ին, Հերմինէ ամուսնացաւ Յակոբ Ճիրիքեանի հետ (ծնած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ, 6 Սեպտեմբեր 1909-ին, մահացած է ԱՄՆ, Նոքսվիլ, 4 Սեպտեմբեր 1981-ին): Վերջինս քիւթահիացի էր: Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերը բնակութիւն հաստատած էին այնտեղ եւ հմուտ էին կղմինտրագործութեան եւ խեցեղէնի արտադրութեան մէջ։ Յակոբ վերապեցաւ Ցեղասպանութիւնը եւ հաստատուեցաւ Պուխարեստ։ Ան սորված էր կաշին օգտագործել նուրբ ձեռապարկեր, պայուսակներ, ինչպէս նաեւ դրամապանակներ շինելու համար։

Հերմինէ եւ Յակոբ ունէին մէկ զաւակ.

  • Արա Յակոբ Ճիրիքեան (ծնած է Ռումանիա, Պուխարեստ, 1 Օգոստոս, 1945-ին, մահացած է ԱՄՆ, Նոքսվիլ, Թենըսի, 20 Յունիս 2017-ին)

Երբ Հերմինէին եղբայրը՝ Կարապետ Այանեանը եւ ընտանիքը կը պատրաստուէին գաղթել, ինք եւ իր ամուսինը՝ Յակոբը եւ տղան՝ Արան նոյնպէս Լիբանան երթալու անցագիր ստացան։ Ճիրիքեանները Պէյրութ հասան 1959-ի վերջը: Անոնք կ'ապրէին Խանտաք ալ Ղամիքի բնակարանը, քաղաքի կեդրոնին մօտ: Դժուար էր զոյգերու յարմար կեանքով ապրիլ չափահաս տղամարդոց, մանուկներու եւ տարեցներու մէջ ըլլալով։ Հերմինէ նախընտրեց մեծ սենեակը տալ իր երէց եղբօր, իսկ ինք, իր ամուսինին եւ տղուն հետ, անցաւ ձեղնայարկ: [24] Արան կը յաճախէր Համազգայինի Ճեմարանը, Հերմինէն կ'աշխատէր դերձակուհիի մը հետ, իսկ Յակոբը հայկական գործատեղիի մը մէջ կաշիէ պայուսակներ կարելու աշխատանք մը գտաւ։ Հերմինէն եւ իր զարմուհին (մօրեղբօր աղջիկը)՝ Սոնա (ծնեալ Ալլահվէրտեան, Գէորգի) Բագրատ Պագալեանը հանդիպած էին մանկութեան ժամանակ. Պէյրութի մէջ անոնք կրկին անգամ միացան իրենց հասուն տարիքին եւ մտերմացան մինչեւ իրենց մահը:

Երբ արտագաղթի փաստաթուղթերը պատրաստ եղան, անոնք տեղափոխուեցան Ֆիլատելֆիա, 30 Յունիս 1961-ին: Հերմինէն կը վարէր չոր մաքրման եւ դերձակութեան խանութ մը իրենց տան դիմաց, մինչ իր ընտանիքը կ'ապրէր խանութին ետեւը: Յակոբ կ'աշխատէր հայ ձեռնարկատէրի մը քով։

Արա Ճիրիքեան, մինչ 1963 թուականին ԱՄՆ բանակին իր միանալը, յաճախեց միջնակարգ դպրոց: Ան տեղակայուեցաւ Գերմանիա եւ աշխատեցաւ հրասայլերու վրայ: Ցաւօք, ձիւնոտ իրիկուն մը, ան ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ երկու այլ ծառայողներու հետ ինքնաշարժի արկածի մը պատճառաւ։ Իր երկու ընկերները մահացան, իսկ իր երկու ոտքերը վիրաւորուեցան։ Զինք օդանաւով տարին Ուաշինկթընի Ուոլթըր Ռիտ բժշկական կեդրոն: Վիրաբոյժները իր ծանր վնասուածքին պատճառով անդամահատեցին ձախ ոտքը եւ փոխարինեցին զայն արուեստականով։ Ան ընդհանուրը երկուքուկէս տարի մնաց Ուոլթըր Ռիտի մէջ՝ վերականգնման նպատակով: Իր ծնողքը, որ կ'ապրէր Ֆիլատելֆիոյ մէջ, կ'այցելէին զինք քանի մը ամիս անգամ մը։

Արա հանդիպեցաւ իր կնոջ՝ Նենսի Պրենթըլին Մուրին, երբ տակաւին կը գտնուէր Ուոլթըր Ռիտի մէջ, փիցցայի ճաշարանի մը մէջ, 1966-ին-ին, երբ Նենսի հիւանդապահութեան փորձի շրջանի մէջ էր: Նենսի Քենթաքի նահանգի Լեքզինկթոն քաղաքէն էր: 1968 թուականին անոնք ամուսնացան Ուաշինկթընի մէջ: Ինք ստացաւ հիւանդապահութեան մասնագիտութեան իր վկայականը եւ Արա աւարտեց Ամերիկայի Կաթոլիկ համալսարանի ելեկտրոնային ճարտարագիտութեան ճիւղը, 1973 թուականին:

1974-ին, Ճիրիքեան ընտանիքը տեղափոխուեցաւ Նոքսվիլ, Թենըսի, անոնց հետ ըլլալով Հերմինէն, Յակոբը եւ Հռիփսիմէ մեծ մայրիկը: Արան աշխատեցաւ որպէս ելեկտրական եւ միջուկային ճարտարագէտ, Սեքուոյա աթոմակայանին մէջ, Ալապամա, Հոլիուուտ: Ան նաեւ աշխատեցաւ Watts Bar միջուկային աթոմակայանին մէջ։ Արան պատասխանատուն էր Թենըսի գետին վրայ գտնուող աթոմակայաններու բոլոր ելեկտրոնային սարքերուն: Այնուամենայնիւ, 1979 թուականի Three Mile Island միջուկային ելեկտրածին կայանի (TMI) արկածէն ետք, կառավարութիւնը դադրեցուց իր աթոմակայանները, եւ Արան միակ պաշտօնեան էր:

Արա եւ Նենսի ունէին երկու զաւակներ.

  • Տէյվիտ Ճիրիքեան (ծնած է ԱՄՆ, Ուաշինկթըն, 1972-ին) ուսանած է իրաւաբանութիւն եւ կ'աշխատի ապահովագրութեան մարզին մէջ: Ան ամուսնացած է Թերեզային (ծնեալ Թալպոթ) հետ։
  • Տարէն Ճիրիքեան (ծնած է ԱՄՆ, Նոքսվիլ, Թենըսի, 1974-ին) աւարտած է Տելըուէրի համալսարանի կենսաքիմիագիտութեան եւ հանրային առողջութեան ճիւղերը:

Երբ Արա կոչուեցաւ հանգստեան, ան ինքնուրոյն մշակեց իր տան նախագիծերը՝ հաշմանդամ անձի մը յարմարցնելու համար: Ան կը վերահսկէր շինարարներուն գործը, որպէսզի աւարտեն գործը ինը ամսուան մէջ: Արա կը սիրէր ինքնաշարժերը եւ ինքնաշարժ վարելը: Ան իր ընտանիքը պտոյտի տարած է Գերմանիա, Ֆրանսա, Իտալիա եւ Եւրոպայի այլ երկիրներ։

Հերմինէ աշխատեցաւ Penny's West Town-ի դերձակութեան բաժինին մէջ, 1976-էն մինչեւ 1984 թուական, երբ ան հանգստեան կոչուեցաւ եւ ապրեցաւ ծերերու խնամքի կեդրոնի մը մէջ: Ան կը սիրէր իր թոռնիկները՝ Տէյվիտն ու Տարէնը: Ան յաճախ կը ճամբորդէր, կ'այցելէր Montecatini Terme (Ֆլորենսի հիւսիսը)՝ անոր բուժիչ ջուրին եւ բնական տաք աղբիւրին համար: Ան այցելած է Հայաստանի հանրապետութիւն եւ Երեւան եղած ատեն հանդիպած է իր զարմիկներուն՝ Դանիէլ եւ Ստեփան Ալլահվէրտեաններուն եւ իրենց ընտանիքներուն։ Իր մահէն քիչ ժամանակ առաջ, ան կորսնցուցած էր իր յիշողութիւնը եւ չէր կրնար ճանչնալ նոյնիսկ իր միակ տղան։

Սերգօ Գարեգին Այանեան (ծնած է Ռումանիա, Քոնսթանցա 15 Դեկտեմբեր 1923-ին, մահացած է ԱՄՆ, Ճամայքա, Նիւ Եորք, 26 Մայիս 2019-ին) կրթութիւնը ստացած է տեղական դպրոցներուն մէջ։ Պուխարեստի մէջ ունէր իր անձնական գործը. ելեկտրոնային գործիքներու եւ հեռատեսիլի մասնագէտ էր ան։

Սերգօ Այանեան ամուսնացած էր Արուս (ծն. Պուտուղեան) Այանեանի հետ (ծնած է Պուխարեստ, Ռումանիա 26 Յունիս 1928–ին, մահացած է ԱՄՆ, Քուինզ, Նիւ Եորք, 4 Սեպտեմբեր 2019-ին) Պուխարեստի մէջ 1949 թուականին։ Անոր հայրը՝ Գառնիկ Պուտուղեան կօշկակար էր Կալիփոլիի մէջ։

Զոյգը երեք դուստր ունէր.

  • Մարի (ծնեալ Այանեան) Աւետիս Պոյաճեան (ծնած է Ռումանիա, Պուխարեստ, 1948-ին) ուսանած է համակարգչային գիտութիւններ։
  • Լուիզա Այանեան (ծնած է Ռումանիա, Պուխարեստ, 1952-ին) ուսանած է գործարարութիւն եւ կ'աշխատի Նիւ Եորքի մէջ, ապահովագրական մարզին մէջ:
  • Լորեթա Այանեան (ծնած է Ռումանիա, Պուխարեստ, 1954-ին) ԱՄՆ, Նիւ Եորքի մէջ քոլեճ յաճախելէ ետք, մեկնած է Ռումանիա եւ այնտեղ ստացած է իր դոկտորական աստիճանը: Ան հոգեբոյժ է եւ կ'աշխատի Նիւ Եորքի մէջ:

Երբ 1959-ի վերջը Այանեան եւ Ճիրիքեան ընտանիքները հասան Լիբանան, անոնք բոլորը մնացին Խանտաք ալ Ղամիքի երրորդ յարկը գտնուող բնակարանէն ներս: Սերգօ իր կնոջ՝ Արուսի եւ երեք դուստրերուն հետ երկու ամիս ապրած է այս նեղ բնակարանին մէջ։ Յետոյ ան տուն մը վարձած է Տորայի մէջ (Պուրճ Համուտի հիւսիսը): Անոնց տանտէրը հայ էր, զինուորական, իսկ կինը՝ լիբանանցի։ Սերգօ Այանեան աշխատեցաւ Boulos Freres & Co.-ի՝ գերմանական GRUNDIG ելեկտրոնային գործիքներու արտադրանքներու միակ բաշխող ընկերութեան մէջ. ան սորված է նաեւ հեռատեսիլներ վերանորոգելու գործը:

1961 թուականին, Սերգօ Այանեան ընտանեօք կ'անցնի ԱՄՆ՝ նախ հաստատուելով Ֆիլատելֆիա, ուր կ'աշխատի հացի գործարանի մը մէջ։ Ծանօթի մը օգնութեամբ, ան կը տեղափոխուի Նիւ Եորք, ուր Saint Regis եւ The Carlyle պանդոկներուն եւ կարգ մը հիւանդանոցներու օդափոխիչներու սպասարկութիւնը կը կատարէ: Սերգօ եւ Արուս թիկունք կանգնած են իրենց դուստրերուն, որպէսզի անոնք աւարտեն միջնակարգի իրենց երկրորդական դպրոցն ու քոլեճը։

Աւելի ուշ, Սերգօ Այանեանն ունեցաւ իր սեփական գործը Քուինզի մէջ (Նիւ Եորք)։ Ան կը սիրէր ֆութպոլը եւ իր աղջիկները կը տանէր Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրսիի հայկական բոլոր խաղերը դիտելու։

1973 թուականին Մարի ամուսնացաւ Աւետիս Պոյաճեանի հետ (ծնած է Ռումանիա, 3 Մայիս 1930-ին, մահացած է Նիւ Ճըրսի, 22 Սեպտեմբեր 2019 -ին)։ Անոնց մեղրալուսինը եղած է Զուիցերիոյ, Լիբանանի, Ռումանիոյ եւ երկու օրով՝ Վիեննայի մէջ։

Զոյգը ունէր երկու զաւակներ.

  • Աւետիս կրտսեր Պոյաճեան (ծնած է ԱՄՆ, Նիւ Ճըրսի, 1975-ին) ուսանած է դեղագործութիւն:
  • Արա Պոյաճեան (ծնած է ԱՄՆ, Նիւ Ճըրսի, 1976-ին) ուսանած է քիմիական ճարտարագիտութիւն։

Հինգերորդ սերունդը

Յարութիւն եւ Էլենա Ալլահվէրտեաններու ժառանգորդները

Դանիէլ Յարութիւն Ալլահվէրտեան (ծնած է Ռումանիա, Քոնսթանցա, 1927-ին, մահուան մասին տուեալներ չկան) յաճախած է Ռումանիոյ հայկական կարգ մը դպրոցներ: Երբ 1947 թուականին հայրը կը փափաքի ներգաղթել Հայաստան, ան կ'երթայ իր ծնողքին հետ։ Երեւանի մէջ ան եղած է ժամագործ։ Ամուսնացած է Ռումանիայէն հայ հայրենադարձ Արշալոյսի հետ։ Ան ունէր տուն մը Նոր Արաբկիրի մէջ (Երեւանի թաղամասներէն)։

Զոյգը ունէր տղայ մը եւ երկու դուստր.

  • Յարութիւն Դանիէլ Ալլահվէրտեան (ծնած է Երեւան, 1952-ին, այլ տուեալներ չկան)
  • Հռիփսիմէ Դանիէլ Ալլահվէրտեան (ծնած է Հայաստան, Երեւան 1955-ին, այլ տուեալներ չկան)
  • Հայկուհի Դանիէլ Ալլահվէրտեան (ծնած է Հայաստան, Երեւան 1960-ին, այլ տուեալներ չկան)

Ստեփան Յարութիւն Ալլահվէրտեան (ծնած է Ռումանիա, Քոնսթանցա 1931-ին, այլ տուեալներ չկան) յաճախած է Ռումանիոյ հայկական կարգ մը դպրոցները: Երբ 1947-ին հայրը կը փափաքի ներգաղթել Հայաստան, ան կ'երթայ իր ծնողքին հետ միասին։ Երեւանի մէջ 1960-ականներուն ան աշխատած է պետական ճաշարանի մը մէջ, որպէս վերահսկիչ։ Ան

Սեդային հանդիպած է Երեւանի մէջ եւ ամուսնացած անոր հետ։ Անոնք կ'ապրէին Նոր Արաբկիր, առանձնատան մը մէջ։

Անոնք ունէին երկու որդի.

  • Գէորգ Ստեփան Ալլահվէրտեան (ծնած է Հայաստան, Երեւան 1955-ին, այլ տուեալներ չկան)
  • Գարեգին Ստեփան Ալլահվէրտեան (ծնած է Հայաստան, Երեւան, 1957-ին, այլ տուեալներ չկան)

Սոնա (ծնեալ Ալլահվերտի) Պագալեան 1981 թուականին Լիբանանէն եկեղեցական խումբի մը հետ մեկնած է Խորհրդային Հայաստան։ Այս առիթով ան այցելած է իր զարմիկներուն՝ Դանիէլին եւ Ստեփանին։ Քանի մը տարի անց Հերմինէ Ճիրիքեան եւս այցելած է Երեւանի իր զարմիկներուն։

Սոնան մինչեւ իր մահը (2006-ին), հեռաձայնային կապ ունեցած է Դանիէլ Ալլահվէրտեանի դստեր՝ Հռիփսիմէին հետ, որ տեղափոխուած էր Լոս Անճելըս։

Հինգերորդ սերունդը

Հայկազուն եւ Մարի Սիւզմէեաններու ժառանգորդները

Պերճ Հայկազուն Սիւզմէեան (ծնած է Ռումանիա, Քոնսթանցա, 15 Սեպտեմբեր 1918-ին, մահացած է ԱՄՆ, Լոս Անճելըս, 21 Հոկտեմբեր 2000-ին). անոր մայրը Մարին էր (ծնեալ Իյնէճեան, Յովհաննէսի), իսկ մեծ հայրը՝ կեսարացի Հաճի Յարութիւն Իյնէճեան: Պերճ յաճախած է Ռումանիոյ գերմանական գիշերօթիկ դպրոց մը: Աւելի ուշ ան դարձած է երկրաչափական նախագիծերու ձեւաւորող։

Երբ 1948 թուականին Ռումանիա դարձաւ Խորհրդային սոցիալիստական հանրապետութեան (ԽՍՀ) արբանեակ պետութիւն մը, մարդոց տուները, հարստութիւնները եւ նոյնիսկ զարդեղէնները (ոսկեղէնները) բռնագրաւուեցան: Պերճին հայրը բախտաւոր էր Պարսկաստանի քաղաքացիութիւն ունենալով: Պերճ իր ծնողին եւ եղբայրներուն՝ Յակոբին եւ Լեւոնին հետ ձգեց Ռումանիան եւ անցաւ Լիբանան 1951 թուականին։ Երեք եղբայրներու տարիքը քսանականներուն մէջ էր երբ Պէյրութ հասան։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը համապատասխան աշխատանք գտաւ։ Երբ Լեւոն որոշեց արտագաղթել ԱՄՆ, իրեն հետ տարաւ իր ծնողքը։ Պերճ եւ Յակոբ նոյնպէս հաստատուեցան Լոս Անճելըս։

Պերճ գործ գտաւ Պաղտասարեան մականունով հայ երկրաչափի մը քով՝ որպէս ձեւաւորող։

Պերճ ամուսնացաւ Նարկիզ (ծնեալ Փափազեան) Պերճ Սիւզմէեանի հետ (ծնած է 3 Հոկտեմբեր 1926-ին, մահացած է ԱՄՆ, Լոս Անճելըս, 2 Հոկտեմբեր 1998-ին): Ան Հալէպէն էր: Սոյն զոյգը ունեցաւ տղայ զաւակ մը.

  • Շահան Պերճ Սիւզմէեան (ծնած է ԱՄՆ, Լոս Անճելըս, 1964 -ին) կ'ապրի Քալիֆորնիա։

Յակոբ Հայկազուն Սիւզմէեան (ծնած է Ռումանիա, Պուխարեստ, 20 Սեպտեմբեր 1925-ին, մահացած է ԱՄՆ, Լոս Անճելըս, 2 Օգոստոս 2010-ին) Ռումանիոյ մէջ, իր եղբօր պէս, յաճախած է գերմանական գիշերօթիկ դպրոց: Երբ Ռումանիա դարձաւ սոցիալիստական հանրապետութիւն, կեանքն այնտեղ սկսաւ թշուառանալ: Սիւզմէեաններու ընտանիքը մեկնեցաւ Լիբանան, քանզի անոնց հայրը պարսկական անձնագիր ունէր։

Յակոբ Պէյրութի մէջ գերմանական օդանաւի ընկերութեան մը մէջ աշխատեցաւ: Այդ ընկերութիւնը մասնաճիւղեր ունէր նաեւ Նիւ Եորքի մէջ, ուստի Յակոբ արտագաղթեց ԱՄՆ:
Ապրիլ 1968-ին, Յակոբ Յունաստան արձակուրդի մեկնեցաւ։ Այնտեղ ան ծանօթացաւ Մելինէին հետ, որ Շուշան (ծնեալ Սթանպուլեան, Սարգիսի) Յովհաննէս-Բագրատ Աշըգեանի քոյրն էր, եւ հաւնեցաւ զայն։

Յակոբ Սիւզմէեան ամուսնացած է Մելինէի (ծնեալ՝ Սթանպուլեան, Սարգիսի) Յակոբ Սիւզմէեանի հետ (ծնած է Յունաստան, 23 Յուլիս 1938-ին, մահացած է ԱՄՆ, Լոս Անճելըս, 11 Մայիս 2002-ին)։ Մելինէին հայրը՝ Սարգիս Սթանպուլեան ծագումով Կեսարիայէն էր, իսկ մայրը Էլիզան էր (ծնեալ Լաֆճեան), որուն եղբայրը Յակոբ Լաֆճեանն էր՝ Այտա Աշըգեանին նախկին ամուսինը։

Երբ Մելինէի ԱՄՆ արտագաղթի փաստաթուղթերը պատրաստ եղան, ան իր ամուսինին՝ Յակոբին հետ փոխադրուեցաւ Լոս Անճելըս: Այդ ժամանակ (մօտ 1970-ականներու սկիզբը), Յակոբ կ'աշխատէր դրամատան մը մէջ։

Լեւոն/Լէօ/Լէօֆէթ Հայկազուն Սիւզմէեան (ծնած է Զուիցերիա, 30 Դեկտեմբեր 1926-ին, մահացած է ԱՄՆ, Լոս Անճելըս, 2 Սեպտեմբեր 2004-ին) իր եղբայրներուն պէս յաճախած է Պուխարեստի գերմանական գիշերօթիկ դպրոցը: 1948-էն ետք Ռումանիոյ մէջ պայմանները աւելի ու աւելի կը վատթարանային: Անոր հայրը պարսկական անձնագիր ունէր: Ուստի 1951 թուականին ան իր ընտանիքը տարաւ Լիբանան։

Պէյրութի մէջ Լեւոն մեքենաներ կը վերանորոգէր: Գործատէրը զինք ղրկած է Գերմանիա՝ մասնագիտանալու համար այնտեղի մեքենաներուն վրայ նաեւ, եւ երբ ան վերադարձաւ, աշխատեցաւ նոր շարժիչներու վրայ։

Պէյրութի մէջ հայ ընկեր մը Լեւոնը ծանօթացուցած է կնոջ մը հետ եւ խրախուսած է զայն ամուսնանալու անոր հետ, նախքան ԱՄՆ իր մեկնիլը: Ան հապշտապ ամուսնացած է այս հայուհիին հետ եւ միացած է իր ընտանիքին, Լոս Անճելըսի մէջ, իսկ կինը՝ աւելի ուշ պիտի միանար իրեն: Որոշ ժամանակ ետք, Լեւոնին կինը հասաւ Լոս Անճելըս, բայց անոր հետ ապրեցաւ ընդամէնը մէկ շաբաթ։ Ի յայտ եկաւ, որ ան ունէր քոյր մը, որ արդէն կ'ապրէր Ամերիկա։ Երկու քոյրերը դաւադրած էին այս ծրագիրը՝ արագացնելու համար կնոջ ԱՄՆ հասնիլը: Եւ աւելին, ան ունէր ամուսին, որ կը սպասէր զինք այնտեղ։ Երկու քոյրերը շահագործեցին Լեւոնին ազնուութիւնը։

Ամուսնալուծութենէն ետք, Լեւոն սիրահարուեցաւ Թուրքիոյ Մարտին քաղաքէն արաբախօս հայ կաթողիկէ աղջկայ մը։ Ան կը փափաքէր ամուսնանալ անոր հետ, բայց աղջիկը կ'ուզէր աւելի մօտ ըլլալ Մոնրէալ գտնուող իր ընտանիքին:

Լեւոն անձնական կեանքի մէջ յաջողութիւն չունենալով հանդերձ, բացառիկ էր իր գործին մէջ: Ան գնեց վառելանիւթի լցակայան մը եւ ինքնաշարժներու վերանորոգման աշխատանոց մը։

Հինգերորդ սերունդը

Կարապետ եւ Պերճուհի Աշըգեաններու ժառանգները

Այտա-Զարուհի Կարապետ Աշըգեան (ծնած է Ռումանիա, Քոնսթանցա 13 Նոյեմբեր 1927-ին, մահացած է ԱՄՆ, Հարաւային Քալիֆորնիա, 24 Ապրիլ 2001-ին). անոնց տան մէջ կ'ապրէին անոր երկուորեակ եղբայրները՝ Պարոյր եւ իր երէց եղբայրը՝ Բարսեղ, որ խեղդուեցաւ 1931 թուականին, երբ ութը տարեկան էր, ինչպէս նաեւ իր ծնողները՝ Կարապետն ու Պերճուհին, իր մեծ մայրը՝ Տիրուհին եւ հօրեղբայրը՝ Յակոբ Աշըգեան։ Ծնոքղին հետ ան կը խօսէր հայերէն, եւ իր մեծ մայրիկէն սորված էր թրքերէնը: Դպրոցը սորվեցաւ ռումաներէն, իսկ աւելի ուշ՝ ֆրանսերէն եւ անգլերէն: 1937-ի ամրան անոնց այցելեցին իր հօրաքոյրը՝ Հայկուհին եւ անոր դուստրը՝ Մամբիլէն եւ տղան՝ Վազգէնը եւ հօրաքրոջ՝ Մարինէի դուստրը՝ Շաքէն։ Հայկուհիին ամուսինը մահացած էր նախորդ ամրան: Ան փոփոխութեան պէտք ունէր: Երբ անոնք կը վերադառնան Պէյրութ, Տիրուհի կը դառնայ իրենց հետ։

Այտա իր նախնական եւ երկրորդական կրթութիւնը ստացած է Քոնսթանցայի հանրային դպրոցներուն մէջ, այնուհետեւ ուսանած է Պուխարեստի համալսարանի դեղագործական բաժինը, սակայն չ'աւարտեր ուսումը՝ հիւանդութեան մը պատճառով։ 1948 թուականին Ռումանիան կը դառնայ սոցիալիստական հանրապետութիւն, եւ կեանքն այնտեղ կը թշուառանայ։ Հայկուհիին զաւակները լիբանանեան անձնագիրներ դասաւորած էին Կարապետ Աշըգեանի ընտանիքին։ Անոնք Մայիս 1951-ին նաւով մեկնեցան Քոնսթանցայէն եւ Յունիսին հասան Պէյրութի նաւահանգիստ։ Քրոջ զաւակները իրենց համար տուն գտած էին Մար Մըխայէլի մէջ՝ շուկաներէն ոչ-հեռու։ Հայկուհին վճարեց Այտայի կրթաթոշակը՝ Պէյրութի «Սէն Ժոզէֆ» համալսարանը դեղագործութիւն ուսանելու համար: 1954-ին Այտա ստացաւ դեղագործութեան ֆրանսական վկայականը, այնուհետեւ աշխատեցաւ համալսարանի տարրալուծարանին մէջ մինչեւ 1958 թուական, երբ հրաժարական տուաւ եւ միացաւ իր եղբօրը՝ Քանատայի մէջ:

Այտա ամուսնացաւ Յակոբ Լաֆճեանի հետ, որ ծնած էր Պոլիս եւ պաշտօնավարած էր որպէս բնագէտ՝ Միացեալ Նահանգներ, Էվանսթոնի մէջ (Իլինոյզ): Պսակադրութիւնը տեղի ունեցած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին մէջ, Սէն Քեթրին, (հարաւարեւմտեան Քեպէք), ուր Վազգէն վրդ. Թաթոյեան պատարագ մատուցած է Յունուար 1959-ին:

Քիչ ժամանակ անց, Յակոբ Լաֆճեան տեղափոխուեցաւ Էլ Մոնթէ (Քալիֆորնիա), ուր կար նոյն ընկերութեան այլ մասնաճիւղ մը: Իր կինը եւս տեղափոխուեցաւ Միացեալ Նահանգներ։ Այտան արդէն դեղագործական դպրոցներ յաճախած էր Պուխարեստի մէջ՝ ռումաներէնով, Պէյրութի մէջ՝ ֆրանսերէնով եւ Քալիֆորնիոյ մէջ՝ անգլերէնով: Ան մասնակցած է Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ համալսարանի դասընթացքներուն, որպէսզի հաստատէ իր դեղագործական վկայականը: Յունիս 1961-ին Այտա վերջապէս ստացաւ իր պսակաւոր գիտութեանց (BS) վկայականը եւ Քալիֆորնիոյ մէջ դեղագործութեամբ զբաղելու արտօնագիրը:

Այտայի ամուսինը ձգեց իր ընկերութեան գործը ու նոր աշխատանք մը գտաւ Սանթա Անայի մէջ, եւ զոյգը տուն գնեց այդ թաղամասէն: Այտա կ'աշխատէր այդ շրջանին մէջ գտնուող դեղարանի մը մէջ: Դեղարանին սեփականատէրը վկայական չունէր, ուստի դեղարանը կը գործէր անոր անունով։

Այտա ամուսնալուծուեցաւ Յակոբ Լաֆճեանէն 1970 թուականին, սակայն պահեց անոր հետ քաղաքավարի յարաբերութիւններ եւ դասաւորեց կացութիւնը այն գոյքերուն, զորս անոնք միասին գնած էին: Ան կը սիրէր օփերան եւ կը փորձէր կարելի եղածին չափ ներկայ գտնուիլ համերգներու: Երբեմն ան ընկերներուն հետ կ'երթար Սան Ֆրանչեսքօ օփերա: Ան իր եղբօր աղջիկները՝ Հիլտան եւ Անահիտը տարաւ Եւրոպա: Այտա մօտ էր իր եղբօր՝ Պարոյրին, եւ անոր հարսին՝ Անժէլին եւ իրենց զաւակներուն հետ։

Երբ Այտա հանգստեան կոչուեցաւ, ան ծախեց իր Սանթա Անայի տունը եւ տեղափոխուեցաւ Տանա Փոյնթի մէջ գտնուող քոնտօ մը (տակաւին կը գտնուի Օրէնճ Քաունթիի մէջ): Անոր հիւրերը կը վայելէին տեսարանը եւ կը զբօսնէին Խաղաղական ովկիանոսի եզերքին:

Պարոյր-Պաղտասար Կարապետ Աշըգեան (ծնած է Ռումանիա, Քոնսթանցա, 13 Նոյեմբեր 1927-ին, մահացած է Քանատա, Օթաուա, 2006-ին) իր երկուորեակ Այտային պէս, նախնական կրթութիւնը ստացած է Քոնսթանցայի տեղական հանրային դպրոցին մէջ: Այնուհետեւ Պարոյր ուսանեցաւ Պուխարեստի համալսարանը եւ 1951 թուականին աւարտեց որպէս օդանաւի ճարտարագէտ եւ անմիջապէս Transylvania Airlines-Transavia-ն անոր աշխատանք մը առաջարկեց, բայց ան մերժեց զիրենք:

Լիբանանի մէջ Պարոյր աշխատանք գտաւ Middle East Airline-ի մէջ որպէս տեսուչ: Սկիզբը ան աշխատեցաւ հին օդակայանին մէջ (Պիր Հասանի օդակայանը), որ շատ մօտ էր քաղաքի կեդրոնին: 1954 թուականին Միջերկրական ծովու երկայնքով եւ քաղաքին հարաւը կառուցուեցաւ աւելի մեծ եւ ժամանակակից օդակայանը՝ Պէյրութի օդակայանը: Պարոյր երեք ամիսով մեկնեցաւ Լոնտոն՝ մասնագիտանալու համար անոնց օդանաւներուն վրայ եւ հետեւեցաւ ռազմավարական ծրագրաւորման դասընթացքներու: Երբ ան վերադարձաւ Պէյրութ, նշանակուեցաւ մասնաճիւղի վարիչ։

Վեց տարի Լիբանան ապրելէ ետք, Պարոյր վստահութիւն չունէր Լիբանանի ապագային նկատմամբ: 1957-ին ան կը հեռանայ Լիբանանէն: Երբ 1958-ին քաղաքացիական պատերազմ տեղի ունեցաւ իսլամ եւ քրիստոնեայ լիբանանցիներու միջեւ, իսկ աւելի ուշ քաղաքացիական պատերազմը (1975-1990), անոր յոռետեսութիւնը հաստատուեցաւ: Անոր քոյրը՝ Այտան հեռացաւ Լիբանանէն 1958 թուականին, իսկ 1959 թուականին Պարոյր հրաւիրեց իր ծնողքը Քանատա ներգաղթելու։

Առանց քանատական քաղաքացիութեան՝ Պարոյր բազմաթիւ մարտահրաւէրներ ունէր. այնուամենայնիւ, ան կապ հաստատեց քանատացի ծանօթներու հետ՝ շօշափելու համար Air Canada-ին միանալու հաւանականութիւնը։ Ան նաեւ փորձեց աշխատիլ Օնթարիոյի մէջ գտնուող ընկերութեան մը մէջ, սակայն անոնց արտադրանքը լաւ չէր վաճառուէր: Հետեւաբար ան տեսուչի աշխատանք գտաւ Քեպէքի «Սեն-Ժան-սիւր-Ռիշելիօ» օդանակայանին մէջ (Մոնրէալէն հարաւ-արեւմուտք): Ան նաեւ տուն մը վարձեց Իպերվիլի մէջ՝ մէկ սենեակ իր ծնողքին համար եւ ուրիշ մը՝ իրեն համար: Տունը օդակայանէն 15 վայրկեան միայն հեռու էր։

«Սեն-Ժան-սիւր-Ռիշելիօ» օդակայանը պէտք ունէր այնպիսի օդանաւներու, որոնք նախատեսուած ըլլային անտառային հրդեհները մարելուն: Պարոյր պատրաստեց այդ նախագիծը, օդանաւին երկու թեւերուն տակ դրաւ ջուրի երկու պահոցներ, եւ յաջողութեամբ պսակուեցաւ անոնց փորձարկումը ։

17 Դեկտեմբեր 1960-ին Մոնրէալի Սուրբ Յովհաննէս Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ Պարոյր ամուսնացաւ Անժէլ (ծնեալ Պետիրեան) Աշըգեանի հետ (ծնած է Սուրիա, Հալէպ, Մարտ 1935-ին): Մոնրէալի մէջ հայերը շատ քիչ էին 1958-ին, եւ անոնք, որոնք այնտեղ էին, յաճախ ի մի կը հաւաքուէին առիթներուն, եւ Պարոյրն ու Անժէլը փոխադարձ հայ ծանօթներ ունէին:

Անժէլի հայրը Սարգիս Պետիրեանն էր (ծնած է Այնթապ, մահացած է Քեպէք, մօտ 1959 թուականին), իսկ մայրը՝ Մերում (ծնեալ Գուզույեան) (ծնած է Այնթապ, մահացած է Քեպէք, մօտ 1964 թուականին): Սարգիսի գործը կերպասներու ներկարարութիւնն էր։ Զոյգը ունէր չորս աղջիկ եւ երկու տղայ.

1. Լուսին (ծնած է 1914-ին, մահացած է 1990-ին)
2. Երանիկ (ծնեալ Պետիրեան Անթուան Այսէ, ծնած է 1915-ին, մահացած է 2002-ին) [25]
3. Նուպար (ծնած է 1918-ին, մահացած է 2007-ին)
4. Ժիւլիէթ (ծնեալ Պետիրեան) Անժէլօ Պարթոլինի (ծնած է 1922-ին, մահացած է 1998-ին)
5. Ալպերթ (ծնած է 1928-ին)
6. Անժէլ (ծնեալ Պետիրեան) Աշըգեան (ծնած է 1935-ին)

Եղեռնի ժամանակ Պետիրեան ընտանիքը ձգեց իր տունն ու կալուածները եւ հետիոտն ճամբայ ելաւ դէպի Հալէպ, ուր ծնան անոնց վերջին երկու զաւակները: 1942-ին ընտանիքը մեկնեցաւ Թեհրան, որովհետև այնտեղ կ'ապրէր Երանիկ (ծնեալ Պետիրեան) Անթուան Այսէ: Անոր ամուսինը այնտեղ ինքնաշարժներու ցուցասրահ ունէր: Անժէլ, որ իր քրոջմէ՝ Երանիկէն 20 տարի պզտիկ էր, մեծցած էր իր քոյրերուն ու եղբայրներուն տղոց ու աղջիկներուն հետ եւ յաճախած էր ամերիկեան դպրոց։ Աւելի ուշ, Անժէլ յաճախեց Հիւսիսային Քարոլայնայի մէջ քոլեճ մը, սակայն չաւարտեց իր ուսումը եւ միացաւ իր ազգականներուն Մոնրէալի մէջ, մօտ 1958 թուականին: Անոր քոյրը` Ժիւլիէթ Պարթոլինին իր երկու զաւակներուն հետ կ'ապրէր Մոնրէալի մէջ, իսկ եղբայրը` Ալպերթ Պետիրեան, ՄըքԿիլ համալսարանի ՄըքՏանըլտ վարժարանի գիւղատնտեսութեան ուսանող էր, եւ երբ ան աւարտեց իր ուսումը, ագարակ մը գնեց Քեպէքի Սեն-Հայասինթ քաղաքէն: Նաեւ, իրենց ծնողքն ալ ձգեց Պարսկաստանը եւ եկաւ ապրելու իրենց ագարակին մէջ։ Անոնք ունէին գեղեցիկ պարտէզ մը, ուր Ալպերթ կը ցանէր ու կ'աճեցնէր բանջարեղէն, ծաղիկներ եւ պտղատու ծառեր։

Պարոյր մտերմացաւ Նուպարին եւ Ալպերթին հետ եւ անոնց հետ շատ լաւ յարաբերութիւններ ունեցաւ մինչեւ իր մահը: Նուպար մանկութենէն կը հետեւէր մօր՝ խոհանոցը եղած ժամանակ. ան հետագային դարձաւ մեծ խոհարար մը: Ինք եւ քոյրը՝ Լուսին Պետիրեան ընտանիքի պատմագիրներն էին։ Ալպերթ եւ Պարոյր տարիքով աւելի մօտ էին եւ կը սիրէին տունէն դուրս ժամանակ անցընելը: Անոնք կ'երթային բանակումներու, թիավարութեան եւ ձկնորսութեան արշաւներ կ'ընէին՝ վայելելով Քեպէքի բնութիւնն ու տեսարժան վայրերը:

Անժէլ եւ Պարոյր ունէին երկու աղջիկ եւ երեք տղայ.

  • Հիլտա-Այտա (ծնեալ Աշըգեան) Ֆիլիփ Ֆլորենթին (ծնած է Քանատա, Սեն Ճոնզ, Քեպէք, Յունիս 1962-ին) ունի երեք դուստր: Ան կը տնօրինէ արձակուրդային տնակներ՝ Հաթլի, Քեպէքի մէջ:
  • Անահիտ-Միրանտա (ծնեալ Աշըգեան) Ալեք Կիւլեսէրեան (ծնած է Քանատա, Մոնրէալ, Ապրիլ 1964-ին). ան կ'ապրի Սան Խոսէի մէջ (Քալիֆորնիա) եւ որդեգրած է աղջիկ մը ու տղայ մը Հայաստանէն:
  • Հայկ-Կարապետ Աշըգեան (ծնած է Քանատա, Շերպրուք, Քեպէք, 1965-ին). ան բժիշկ է Օթաուա, Քանատայի մէջ: Ամուսնացած է Հերմինէի (ծնեալ Օհանեան) հետ եւ ունի երկու դուստր։
  • Արա-Սարգիս Աշըգեան (ծնած է Քանատա, Շերպրուք, Քեպէք, 1965-ին) մասնագիտացած է կամրջաշինութեան մէջ: Ամուսնացած է, ունի աղջիկ մը եւ տղայ մը: Կ'ապրի Վանքուվըրի մէջ։
  • Տիգրան-Ժիրայր Աշըգեան (ծնած է Քանատա, Շերպրուք, Քեպէք, Մարտ 1968թ-ին) երկրաչափ է: Կ'ապրի Մոնրէալի մէջ։

Ամբողջ մէկ տարի երեկոյեան դասերու հետեւելէ եւ երկրորդ տարի մըն ալ առաւօտեան դասերու հետեւելէ ետք, Պարոյր 5 Հոկտեմբեր 1962-ին ՄըքԿիլի համալսարանէն մեքենական ճարտարագիտութեան մագիստրոսի կոչում ստացաւ։ Նաեւ այս շրջանին էր, որ Պարոյր ստացաւ քանատական քաղաքացիութիւն: Ան կ'աշխատէր Մոնրէալի մէջ եւ տուն մը գնեց քաղաքի արուարձաններէն՝ Փիերֆոն-Ռոքսպորոյի մէջ: Իսկ Անժէլ 1 Յունիս 1962-ին ստացաւ նախակրթարանի մանկավարժութեան քոլեճի վկայականը:

1964-ին Շերպրուք համալսարանը (Քեպէք Սիթի) մեքենական ճարտարագիտութեան փրոֆէսորի պէտք ունէր: Անոնք կապուեցան ՄըքԿիլի համալսարանին հետ, եւ այնտեղի մասնագէտները յանձնարարեցին Պարոյրը: Ան վարձատրութիւնը պատշաճ գտաւ, իսկ ապագան՝ խոստումնալից. ուստի ան ընդունեց առաջարկը։ Առաջին տարուան ընթացքին Պարոյր կ'երթեւեկէր Մոնրէալի եւ Շերպրուքի միջեւ. Երկուշաբթի ան կ'երթար աշխատանքի, իսկ Ուրբաթ երեկոյեան տուն կը վերադառնար։ Յաջորդող տարին, Պարոյր տուն մը վարձեց: Անժէլը, զաւակներն ու իր ծնողքը տեղափոխուեցան Շերպրուք։ Անոր աներձագը՝ Ալպերթ ծախեց իրենց ագարակը, որովհետեւ իրենց մայրը արդէն մահացած էր, եւ գնեց Աշըգեաններու Փիերֆոն-Ռոքսպորոյի տունը: 1965 թուականէն ետք, Անժէլ կը դասաւանդէր որպէս փոխ ուսուցիչ, ինչպէս նաեւ ֆրանսերէն կը դասաւանդէր Շերպրուքի Լենոքսվիլ երկրորդական դպրոցին մէջ։

Պարոյրի զարմուհին՝ Սիրարփի (ծնեալ Աշըգեան) Եաղճեան հրաւէր ղրկեց անոնց՝ իր տղուն՝ Վիգէնին հարսանիքին առթիւ: Պարոյր, Անժէլ, դուստրը՝ Անահիտ, տղան՝ Հայկ եւ կինը ներկայ էին Նիւ Ճըրսիի մէջ պսակադրութեան արարողութեան, 28 Նոյեմբեր 2004-ին: Այդ մէկը վերջին անգամն էր, որ կեսարացի Աշըգեան տոհմի հինգերորդ սերունդը զիրար տեսաւ: Պարոյր քաղցկեղ ունէր. ան մահացաւ երեք տարուան միջոցին:

2006-ին՝ Պարոյրին մահէն ետք, Անժէլ շարունակեց ապրիլ իրենց տան մէջ: Այնուհետեւ, յաջորդ տարի՝ 2007 թուականին, մահացաւ անոր երէց եղբայրը՝ Նուպարը: Անոր կրտսեր եղբայրը՝ Ալպերթ ծախեց Փիերֆոնի տունը եւ իր քրոջ՝ Անժէլին հետ միասին տեղափոխուեցաւ տուպլեքս բնակարան մը: 2016 թուականին Պետիրեաններու ամենակրտսեր զաւակները՝ Ալպերթն ու Անժէլը հաստատուեցան Օթաուայի ծերանոց։

Հինգերորդ սերունդը

Յակոբ եւ Ովսաննա Աշըգեաններու ժառանգորդները

Օհանէս-Բագրատ Յակոբ/Ակոպ Աշիգեան (իրենց մականունը տարբեր ձեւով կը գրեն) (ծնած է Ռումանիա, Քոնսթանցա, 25 Փետրուար 1930-ին, մահացած է ԱՄՆ, Լոս Անճելըս, 29 Օգոստոս 1996-ին) նախնական կրթութիւնը ստացած է հայկական դպրոցի մէջ, ապա յաճախած է Պուխարեստի գերմանական երկրորդական դպրոց մը: 1948 թուականէն ետք Ռումանիոյ համայնավար վարչակարգը բռնագրաւեց բոլոր սեփական կալուածներն ու ունեցուածքները։ Բագրատ աշխատեցաւ Պուխարեստի համագործակցականներու մէջ, մինչեւ 1951 թուականին իր ընտանիքին հետ Լիբանան տեղափոխուիլը:

Բագրատ լաւ աշխատանք գտաւ Malifer Corporation-ի մէջ (կը պատկանի Մալիքեան ընտանիքին), Պէյրութի մէջ: Այնտեղ ան գիտելիքներ ձեռք բերաւ լուացքի մեքենաներու, սառնարաններու, փուռերու, վառարաններու եւ ելեկտրոնային ջերուցիչներու մասին։ Շուտով ան տիրապետեց արհեստի գաղտնիքներուն։

Երբ Բագրատ հասաւ Լոս Անճելըս, ան աշխատեցաւ հայու մը մօտ, որ նորոգութեան ծառայութիւն մը ունէր։ Ի վերջոյ ան սկսաւ իր սեփական գործը: Բագրատ Աշըգեան ամուսնացաւ Շուշանի (ծնեալ Սթանպուլեան, Սարգիսի) Օհանէս-Բագրատ Աշըգեանի հետ (ծնած է Յունաստան, Աթէնք, 11 Նոյեմբեր 1933-ին, մահացած է ԱՄՆ, Լոս Անճելըս, 1990 թուականին), 1 Սեպտեմբեր 1964-ին։

Շուշանին հայրը ծագումով Կեսարիայէն էր եւ Ցեղասպանութենէն յետոյ հաստատուած էր Յունաստան: Անոր մայրը Այտա Աշըգեանի նախկին ամուսինին՝ Յակոբ Լաֆճեանին քոյրն էր։ Հոկտեմբեր 1964-ին Բագրատ կ'երթայ Յունաստան՝ Շուշանին Լոս Անճելըս բերելու։

Բագրատն ու Շուշանը երկու տղայ ունեցան.

  • Հայկ-Բարսեղ Աշիգեան (ծնած է ԱՄՆ, Լոս Անճելըս 1996-ին). Հայկը ուսանած է իրաւաբանութիւն, ստացած է JD աստիճանը եւ այժմ կ'աշխատի Լոս Անճելըսի մէջ: Ամուսնացած է Մարսելայի (ծնեալ Համբարսումեան) հետ եւ ունի երկու տղայ։
  • Սարգիս-Յարութիւն Աշիգեան (ծնած է ԱՄՆ, Լոս Անճելըս, 1968-ին) ուսանած է գործարարութիւն եւ կ'աշխատի նոյն ոլորտին մէջ:

Երկու եղբայրները կ'ապրէին իրենց ծնողքին, մեծ մօր ու մեծ հօր եւ մեծ մօր եղբօր՝ Վահրամին հետ։ Անոնք յաճախեցին Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան երկրորդական վարժարանը, որ կը գտնուէր իրենց տունէն ոչ-հեռու, Էնսինոյի Մուրփարք փողոցին վրայ:

  • [1] Հրաչ Զատոյեան, 2012, «Մեր եղբայրներուն պահապանները». Անտուն Հայերու Օժանդակութեան Ամերիկեան Ազգային Յանձնաժողովը (ANCHA) – Մասնակի պատմութիւն մը: Նիւ Եորք, Ամերիկայի Հայ Առաքելական Եկեղեցի, SIS  հրատարակչութիւն:
  • [2] Մարտիկեան (1903-1977) ծնած է Օսմանեան կայսրութեան Պայպուրթ քաղաքին մէջ (Տրապիզոնէն մօտ 140 քմ. հարաւ, Սեւ ծովու վրայ): Ան իր կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ մէջ (Սկիւտար)։ Անոր հայրը մտաւորական էր, ձերբակալուած էր 24 Ապրիլ 1915-ին, իսկ քեռին՝ Գրիգոր Ամիրեանը հայ յեղափոխական էր եւ իր ներդրումը ունեցաւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան կազմաւորման մէջ (1918-1920): Ան մեկնած է Էլիս կղզի 1922 թուականին եւ հասած Սան Ֆրանսիսքօ: Անոր գործը սրճարանի մէջ աման լուացող էր: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն, ան դարձաւ ԱՄՆ բանակի Quartermaster եւ օգնութիւն ցուցաբերեց Եւրոպայի մէջ բազմաթիւ հայ տեղահանուածներու: Ինք եւ Սուրէն Սարոյեան հիմնեցին ANCHA-ն։ Ան Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ գտնուող իր «Օմար Խայեամ» ճաշարանին մէջ հիւրասիրած է հռչակաւոր մարդիկ։ [«Ինչու կը փակեմ ճաշարանս». «Ես կը հաւատամ» էսսէյ. Ճորճ Մարտիկեան, Ճէյ Ալիսոն եւ Տան Կետիմըն (խմբ), Macmillan Audio, 2006. www.armeniapedia.org/wiki/George_Mardikian]
  • [3] Սուրէն Սարոյեան (1905-1995) ծնած է Ֆրեզնօ: Ան գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի հօրեղբօր տղան է եւ Սթանֆորտի իրաւաբանական համալսարանի 1929-ի շրջանաւարտ: [https://www.findagrave.com/memorial/156632432/suren-saroyan ]
  • [4] 1965 թուականի ներգաղթի մասին օրէնքը փոխարինեց 1953 թուականի օրէնքը։ 12 տարիներու ընթացքին Ռումանիայէն, Պուլկարիայէն, Սուրիայէն, Կիպրոսէն, Եգիպտոսէն, Իրաքէն, Խորհրդային Հայաստանէն եւ Խորհրդային Միութենէն տասնեակ հազարաւոր հայեր (տեղափոխուեցան ԱՄՆ. ծնթ.), տես՝ Զատոյեան:
  • [5] Զատոյեան, էջ 60: Աւելին, ան կը գրէ. «1948-էն 1956 թուականներուն Ռումանիոյ իշխանութիւնները կտրականապէս կը մերժէին ելքի անցագիրներու դիմումները, նոյնիսկ օտարերկրեայ քաղաքացիներու եւ Նանսէնեան անձնագիր ունեցողներու պարագային, որոնք կը կրէին բնորոշող անձնաթուղթեր եւ որոնք պարտաւոր էին վճարել կեցութեան տուրքեր: Ելքի անցագիրներու դիմումները կը նկատուէին վարչակարգի նկատմամբ կասկածելի հաւատարմութեան նշան։ Շատ քիչեր կրնային օրինական ձեւով ձգել երկիրը», էջ 62:
  • [6] Նոյն, էջ 60:
  • [7] Նոյն, էջ 63:
  • [8] Նոյն:
  • [9] Զատոյեան կը գրէ, որ 1965-էն ետք Պէյրութ երթալու կարելիութիւնը կար (Նոյն, էջ 63)։
  • [10] Նոյն, էջ 64:
  • [11] Նոյն։
  • [12] Նոյն, էջ 70։
  • [13] Նոյն:
  • [14] Կարապետ Բ. Աշըգեան «Ուզուն Աշըգեան գերդաստանին պատմութիւնը» գիրքին մէջ կը գրէ, որ Կիւլտուտու մահացած է 105 տարեկանին: Նկատի առնելով, որ Պետրոս Պօհճէլեան ականատես եղած է անոր մահուան, 1957 թուականին, ան պէտք է ծնած ըլլար 1854 թուականին: Անոր հաշիւները որոշ բացութիւններ կը ձգեն Իյնէճեան քոյրերու ծննդեան թուականներուն մէջ։ 19-րդ դարու սկիզբի ծննդեան թուականները անվստահելի են: Հետեւաբար, պէտք է գնահատել տարիքը մահուան ժամանակ եւ ոչ թէ փաստացի թիւով մը:
  • [15] Պոլիսը եւ Զմիւռնան Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադրումէն ետք վերանուանուեցան Իսթանպուլ եւ Իզմիր։
  • [16] Կարապետ Բ. Աշըգեան, «Ուզուն Աշըգեան գերդաստանին պատմութիւնը», Պէյրութ, Տօնիկեան հրատարակչութիւն, 1968, էջ 17: Անգլերէնի թարգմանեց Վաչէ Ղազարեան (Մոնթերէյ, Քալիֆորնիա, 2013)։
  • [17] 1934 թուականին Ստեփան Ալլահվէրտեանի հարսանեկան լուսանկարը Մարի Տիլսիզեանին: Արմենակ դեռ կը սգայ իր կնոջ՝ Արմենուհիին մահը՝ թեւին սեւ ժապաւէն կապելով։
  • [18] Անատոլիայի մէջ 19-րդ դարուն հայերու (եւ հաւանաբար այլոց) ծննդեան եւ մահուան շատ մը թիւեր ու թուականներ ճշգրիտ չեն։ Հռիփսիմէի ծննդեան թուականը 26 Յունիս 1891-ն է անոր տապանաքարին վրայ։ Սակայն անոր կրտսեր եղբայրը՝ Գէորգ Ալլահվէրտեանը, ծնած է 1891 թուականին, անոր ծնունդը պէտք է ըլլայ մօտ 1883 թուականին։
  • [19] ՀԲԸՄ-ի հայրենադարձութեան պաշտօնական տեղեկագիր, «Հայրենիք» շաբաթաթերթ, 1 Սեպտեմբեր 1949:
  • [20] Աշըգեան, «Ուզուն Աշըգեան գերդաստանին պատմութիւնը», էջ 30:
  • [21] Նոյն, էջ 77:
  • [22] Նոյն, էջ 83։
  • [23] Ստեփան (ծնեալ Կարոյեան) Այանեանը 2020 թուականի “What Will Become of Us” («Մեր վիճակը ի՞նչ պիտի ըլլայ») ֆիլմին արտադրողն ու բեմադրիչն է։
  • [24] Արա Ճիրիքեան Անի Պագալեանի մահէն առաջ պատմեց, թէ ինչպէս անոնք ապրած են Խանտաք ալ Ղամիքի մէջ:
  • [25] Երանիկ (ծնեալ Պետիրեան) Անթուան Այսէի դուստրը՝ Լինտա Շիրինեան 1986 թուականի «Խոհարարութեան գաղտնիքները. հայկական, լիբանանեան, պարսկական» գիրքի հեղինակն է։