Թագուհին, ամուսինը՝ Յակոբ Ճիրիքեան եւ իրենց երկու զաւակները՝ Ալիս եւ Արմենակ/Արմինաք։

Քաթրին Ճիրիքեան հաւաքածոյ - Լոս Անճէլըս

Հեղինակ՝ Քաթրին Ճիրիքեան, Լոս Անճէլըս

Թագուհի Օտեան Պալապանեանը հօրս կողմէն մեծ մայրիկս է, ծնած է Ստանոզ/Սթանոզ (ներկայիս Ենիքենթ)՝ Անգարայի արեւմտեան կողմը, 1901 թուականին։ Ան Սրբուհի Օտեանին եւ Անտոն Պալապանեանին միջնեկ զաւակն էր։ Թագուհին ունէր աւագ եղբայր մը՝ Կղմես (Clemens), եւ կրտսեր եղբայր մը՝ Յակոբ։

Թագուհիին հայրը՝ Անտոն Պալապանեանը, շերամաբոյծ էր և ունէր ընդարձակ այգի մը։ Մայրը՝ Սրբուհի Օտեանը, Թալասի Ամերիկեան աղջկանց վարժարանի առաջին շրջանաւարտներէն էր։ Ան կը տիրապետէր անգլերէնի եւ երաժշտութիւն ուսանած էր։ Սրբուհին սովորութիւն ունէր երգեհոն նուագելու իր գեղեցիկ ձայնի ուղեկցութեամբ։ Իր ամուսնութենէն շատ տարիներ վերջ, Սրբուհին կը կորսնցնէր իր տեսողութիւնը եւ այս ձեւով չի կրնար տեսնել իր կրտսեր զաւակին՝ Յակոբին քաղցր երեսը։ Թագուհի ինք կը ստանձնէր եղբօր խնամքը, նոյն ժամանակ ալ կը հոգար մօրը կարիքները։

Ստանոզ գիւղաքաղաքը բաժնուած էր վերի եւ վարի հատուածներու. ամէն մէկը իր ուրոյն աղբիւրով եւ կամուրջով։ Չորս թաղեր կային քաղաքին մէջ. երկուքը վերի բաժինին մէջ եւ միւս երկուքը՝ վարինին։ Վարի բաժիններէն մէկը կը կոչուէր Հաճի Խոտէ թաղ եւ կը պատկանէր Օտեան ընտանիքին։ Սրբուհին, Անտոնը եւ իրենց զաւակները կ՚ապրէին հոս՝ բազմայարկ քարաշէն տան մը մէջ, Սաքարիա գետի հարկատուներէն մէկի ափին։ Ընտանեկան տունին կից՝ Անտոնը շինած էր երկու յարկանի շէնք մը, ուր շերամներ կը բուծէր։ Այս մէկը բաղկացած էր քանի մը սենեակներէ՝ ամէն մէկը շերամի զարգացման որոշ փուլի մը համար, մինչեւ որ հասնէին խոզակի վիճակին։ Թաղին վերջաւորութեան կային այգիներ, իսկ անոնցմէ անդին ալ՝ գերեզմաննոցը։

Ստանոզ/Իսթանոս/Ենիքենթ. ընդհանուր տեսարան՝ աւանէն (Աղբիւր՝ Գրիգոր Քաւէճեանի հաւաքածոյ, Փարիզ)

Ստանոզը Անգարայէն մօտաւորապէս մէկ ու կէս ժամ հեռու էր։ Անգարայի շոգեկառքը Սինճանի կայարանը կը կանգնէր, այնտեղէն ալ ճամբորդները ձիով քաշուող սայլեր առնելով կը հասնէին Ստանոզ։ Երկու կողմէն ժայռերով եւ բլուրներով շրջապատուած ըլլալով՝ Ստանոզ Անգարայէն աւելի մեղմ կլիմայ ունէր եւ շատ մը Անգարա ապրող եւ աշխատող ստանոզցի ընտանիքներ իրենց հայրենի քաղաքը կու գային հանգիստի եւ ժամանցի համար։ Անոնցմէ էր Սրբուհիի եղբայրը՝ Կարապետ Օտեանը եւ իր ընտանիքը։ Կարապետ Օտեան իր նորապսակ կնոջ հետ Ստանոզէն Անգարա տեղափոխուէր էր՝ հոն աւելի յարմարաւէտ աշխատանքային  պայմաններ գտնելու համար։ Օտեանները իրենց գրասենեակները եւ պահեստները ունէին Անգարայի մէջ, ուրկէ կը վարէին նաեւ Եւրոպայի հետ իրենց առեւտրական գործունէութիւնը։ Անգարայի հայութիւնը հիմնականին մէջ առեւտրական էր, ոմանք ալ շատ հարուստ։ Քաղաքի յոյները, հրեաները եւ հայերը տարբեր թաղամասերու մէջ կ՚ապրէին։ Օտեանները հայ  բողոքականներ էին. Կարապետ Օտեանի ընտանիքը հաստատուած էր Սեսմէ կամ Հիսարէօնիւ թաղամասը, ուր կը գտնուէին հիւպատոսարանները եւ Պանք Օթոմանը։

Ըստ Օտեան ընտանիքին մէջ պահպանուած բանաւոր աւանդութեան մը, նախահայրը՝ Օտա Ամատունին, իր հետեւորդներով Անիէն եկած ու հաստատուած էր Անկիւրիա/Անգարա։ Ճանապարհին կանգ առած են Վասպուրականի Ոստան գաւառին մէջ եւ հոսկէ Անկիւրիա բերած են երկայնամազ այծեր և ոչխարներ։ Այս անասունները բազմացնելով, անոնք կը սկսին անոնց բուրդով զարգացնել արհեստ մը, որ կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ։ Ստանոզի մէջ ընտանիքներու մեծամասնութիւնը այդ բուրդի մանուածքով կամ ալ շերամաբուծութեամբ կը զբաղուէր։ Մասնագիտացած էին պատրաստութեան մէջ յատուկ կերպասի մը, որ կը կոչուէր սօֆ։ Այս կերպասը կ՚արտածուէր մինչեւ Մեքքա, Մետինա, Ճետտա, Եաֆֆա, Եգիպտոս եւ Պոլիս։ Զայն կը կոչէին էնկիւրիւ սօֆու, կը գործածուէր իսլամ կղերականներու զգեստներու պատրաստման համար։ Անգարայի ոչխարներու եւ այծերու բուրդը կ՚արտածուէր նաեւ մինչեւ Եւրոպա, ինչպէս օրինակ Վենետիկ, Լիվորնօ, Ամսթերտամ, Պելճիքա և Սկովտիա։

Թագուհին երեխայ ժամանակ իր կրտսեր եղբօր եւ մօրը հոգ տարած ըլլալուն պատճառով, շատ քիչ ուսում ստացած էր, բայց տարրական ընթերցանութիւն սորված էր մօր կողմէ։ Սրբուհին Սուրբ Գիրքը գոց գիտէր եւ այդ գիտելիքը փոխանցած էր իր աղջկան։

Այսպիսին էր Թագուհիին կեանքը մինչեւ Առաջին համաշխարհային պատերազմի բռնկումը եւ անոր յաջորդած արիւնահեղ միջադէպերը։ Ապրիլ 1915-ին, շշուկներ կը տարածուին Ստանոզի մէջ, թէ Պոլիսէն խումբ մը հայ մտաւորականներ բերուած են Անգարայի բանտերը եւ մօտակայ Սինճան գիւղը՝ աքսորուելու համար Չանգըրըի բանտը։ Անոնցմէ ոմանք ետ կը ղրկուին Պոլիս, մինչ մնացեալներուն մեծամասնութիւնը անորոշ ճակատագիր մը կ՚ունենայ Անգարայի շրջակայ ձորերուն եւ կիրճերուն մէջ։

Օգոստոս 15-էն սկսեալ, Ստանոզի եւ Անգարայի հայութիւնը՝ ներառեալ Օտեան ընտանիքը, նոյնպէս կը տեղահանուին եւ կը ջարդուին։ Թագուհիի հարազատներէն ոմանք կ՚ազատին բռնագաղթէն, նկատի ունենալով որ գործի կամ ուսման բերումով երկրէն դուրս էին։ Ուրիշներ կը փրկուին իրենց տուներուն մէջ օրեր շարունակ թագնուած մնալով։ Օսմանեան բանակին մէջ ծառայող զաւակ ունեցող ընտանիքները սկիզբը կ՚ազատին տեղահանութենէն, մինչեւ այն պահը երբ կառավարութիւնը այս զինուորներն ալ կը զինաթափէ եւ անոնց մեծամասնութիւնը կը գնդակահարէ։ Թագուհիին աւագ եղբայրը՝ Կղմեսը, զինաթափուող զինուորներէն մէկն էր։ Թագուհին եւ իր ընտանիքը Ստանոզ կը մնան 1915-ի դէպքերուն ժամանակ։ Կղմեսը հրաշքով կ՚ազատի գնդակահարութենէն, պատերազմէն ետք կը վերադառնայ Ստանոզ եւ կ՚ամուսնանայ։ Թագուհիի հօրը՝ Անտոն Պալապանեանի ճակատագիրը կը մնայ անյայտ, բայց շատ հաւանական է որ ան եղած է սկզբնական շրջանի տեղահանուած եւ սպաննուած տղամարդոց խումբերէն մէկուն մէջ։

Թագուհիի ընտանիքին վերապրող անդամներէն ոմանք կը փախին Պոլիս եւ կը յաջողին պատերազմի աւարտին Ամերիկա մեկնելու վաւերագիրներ ձեռք ձգել։ 1918-էն ետք Ամերիկա սկսած էր աւելի քիչ թիւով հայ գաղթականներ ընդունիլ իր սահմաններէն ներս, այս պատճառով ալ վերապրողները կը ստիպուին նոր ուղղութիւններ փնտռել։ 1921-1922-ին՝ թուրքեւյունական պատերազմի տարիներուն, Անգարա եւ Ստանոզ մնացող հայերը - ասոնց շարքին Թագուհիի ընտանիքը - կը դիմագրաւեն տեղահանութիւններու եւ ջարդերու նոր փուլ մը։ Թագուհին, կրտսեր եղբայր Յակոբը եւ ուրիշ հարազատներ կը գաղթեն Ֆրանսա Նանսէնեան անցագիրով։ Ֆրանսա իր դռները բացած էր  գաղթականութեան առջեւ յետ-պատերազմեան երկրին վերաշինութիւնը իրականացնելու նպատակով։ Թագուհիի մայրը՝ Սրբուհին, իր կուրութեան պատճառով կը մնայ Ստանոզ՝ աւագ որդւոյն՝ Կղմեսի եւ կնոջ հետ։

Թագուհին եւ իր հարազատները նախ կը հասնին Մարսիլիա, ապա ժամանակ մը կ՚ապրին Փոն տէօ Շէրի (Pont-de-Chéruy), Իզէրի մէջ։ Ստանոզցիներու համանյք մը հոն հաստատուեր էր արդէն եւ կ՚աշխատէին շրջանի մետաքսի արդիւնաբերութեան մէջ։ Թագուհի կ՚ամուսնանայ հայրենակից Յակոբ Ճիրիքեանի հետ։ Յակոբ աքսորուած էր Տէր Զօր եւ վերապրած։ Ան լաւ կը տիրապետէր հայերէնին եւ օսմանեան թրքերէնին։ Անոր շնորհիւ նամակագրական կապ կը պահուի Թագուհիի հարազատներուն հետ՝ Անգարայի, Ստանոզի և Ամերիկայի մէջ։ Կարճ ժամանակ ետք, երիտասարդ զոյգը եւ հարազատները կը տեղափոխուին Փարիզի շրջաններէն Քլամար եւ Իսի-լէ-Մուլինօ, ուր կը ծնին իրենց զաւակները՝ Ալիսը ու Արմենակ/Արմինաքը։ Թագուհիի կրտսեր եղբայրը, որ իր հետ գաղթած էր Ֆրանսա, 1947-ին կը տեղափոխուի Հայաստան։ Հոն կ՚ամուսնանայ եւ կնոջ հետ կ՚որդեգրեն որբ աղջնակ մը։ Յակոբ կը մահանայ Երեւանի մէջ։

Թագուհի կը մահանայ Քլամարի մէջ, Ֆրանսա, 1986 թուականին։ Ան միշտ յիշած էր Ստանոզի իր ապրած քաղցր կեանքը։ Աքսորէն իր հետ բերած ժառանգութիւնը՝ ընտանեկան իրերը, կը փոխանցէ իր թոռնուհիին՝ Քաթրին Ճիրիքեան Տէտէեանին, որ դուստրն է Արմենակի։

Այս պատմութեան մէջ ներբերուած պատմական դրուագներուն աղբիւրը Ալիս Օտեան Գասբարեանի գիրքն է՝ Պատմագիրք Անկիւրիոյ և Ստանոզի Հայոց, Պէյրութ, 1968։ Ալիս Օտեան Գասբարեանը Թագուհիի մօրեղբօր զաւակն էր եւ Ցեղասպանութենէն ետք ընտանեօք գաղթած էր Ամերիկա։

Ոսկեղէնի տփիկ (7,6 x 0,6 սմ), Ստանոզ։ Պատկանած է Սրբուհի Օտեան Պալապանեանի։ Դուստրը՝ Թագուհին, Ստանոզէն իր հետ Ֆրանսա բերած է։

Պատկանած է Սրբուհի Օտեան Պալապանեանի։ Դուստրը՝ Թագուհին, իր հետ բերած է Ստանոզէն Ֆրանսա։

Պատկանած է Սրբուհի Օտեան Պալապանեանի։ Դուստրը՝ Թագուհին, իր հետ բերած է Ստանոզէն Ֆրանսա։

Քսակ (10 սմ), Ստանոզ։ Պատկանած է Սրբուհի Օտեան Պալապանեանի։ Դուստրը՝ Թագուհին, իր հետ բերած է Ստանոզէն Ֆրանսա։