Կրէտէի մէկ սրճարանին մէջ նարկիլէ ծխող ընկերներ։ Անդրանիկ Յովակիմեան ամէնէն աջինն է։ Միւսներուն անունները անյայտ են։

Լուսի Շանկայեան-Յովակիմեան հաւաքածոյ - Աթէնք

03/10/22 (վերջին փոփոխութիւն՝ 03/10/22)

Յիշողութեան այս նիւթերը հաւաքուեցան 1 եւ 2 Ապրիլ 2022-ին Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած Յուշամատեանի աշխատանոցին ընթացքին։

Սոյն էջը պատրաստուեցաւ գործակցութեամբ Աթէնքի «Արմենիքա» պարբերաթերթին եւ «Համազգային» միութեան Աթէնքի մասնաճիւղին։ Աշխատանոցին հովանաւորն էր գերմանական EVZ «Յիշողութիւն, պատասխանատւութիւն եւ ապագայ» հիմնարկութիւնը։

Ստեփանեան ընտանիքը (Էօտէմիշէն)

Այս նիւթերը մեզի ներկայացուց Լուսի Շանկայեան։ Լուսիին մօրը կողմը Էօտէմիշէն է (Զմիւռնիոյ մօտիկ)։ Մօր անունն է Մարօ Յովակիմեան (ծնեալ Ստեփանեան)։ Մարոյին հայրը Թագւոր Ստեփանեանն է, մայրը՝ Էրմօնը (ծնեալ Պօյաճեան)։

Էօտէմիշի մէջ Թագւոր Ստեփանեանին արհեստը ֆէս (գլխարկ) շինել էր։ Թագւորը եւ Էրմօնը ունէին երեք զաւակ. Ահարոն (ծնած է 1903-ին), Մաքրուհի (ծնած է 1908-ի շուրջ) եւ Մարօ (ծնած է 1912-ին)։ Երեք զաւակներն ալ Էօտէմիշի հայկական վարժարանը յաճախած են։

Երբ Իզմիրի շրջանէն յոյներու եւ հայերու գաղթը ծայր կ՚առնէ 1922-ին, Թագւոր կը մնայ Էօտէմիշ, մինչ ընտանիքի միւս անդամները կը մեկնին Յունաստան, ուր առաջին հանգրուանը կ՚ըլլայ Սելանիկ քաղաքը։ Այնուհետեւ ընտանիքը ոչինչ կ՚իմանայ Թագւորին ճակատագիրին մասին։ Ան հաւանաբար կը սպաննուի երբ Էօտէմիշը կը գրաւուի թրքական զօրքերուն կողմէ։

Կարճ ժամանակ Սելանիկ մնալէ ետք, Ստեփանեան ընտանիքը կը տեղափոխուի Աթէնք։ Հոս, Ահարոն Ստեփանեան մաս կազմած է «Նոր Օր» թերթի (դաշնակցական) խմբագրութեան։ Ան թէեւ ՀՅԴ-ի անդամ չէր, բայց մինչեւ մահը՝ 1973 թուականը, աշխատակցած է այս թերթին նոյնիսկ խմբագրականներ գրելով։

Յովակիմեան ընտանիքը (Պերկամայէն)

Լուսիին հայրը Անդրանիկ Յովակիմեանն է։ Ծնած է Պերկամա, 1901-ին։ Անդրանիկին հօր անունն է Գէորգ, մօր անունն է Աղաւնի (ծնեալ Ասապեան)։ Ունէին երեք զաւակ. Գաբրիէլ, Անդրանիկ եւ Մարի։ Աղաւնի կը մահանայ Պերկամայի մէջ։ Այնուհետեւ Գէորգ կը վերամուսնանայ Լուսի Սփարթալեանի հետ՝ նոյնպէս Պերկամայէն։ Կ՚ունենան չորս զաւակ. Սերգուհի (ծնած է 1910-ին), Յովակիմ (ծնած է 1912-ին), Աղաւնի եւ Գրիգոր։ Բոլորն ալ ծնած են Պերկամա եւ դպրոցական կրթութիւն ստացած տեղւոյն հայկական վարժարանին մէջ։

Գէորգ Յովակիմեան շոճիի պտուղի (սնոպար, քուքունար) եւ չոր միրգերու վաճառական էր։ Իր զաւակներէն Անդրանիկը Պերկամայէն տեղափոխուած էր Իզմիր, ուր գրագրութիւն կ՚ընէր վաճառատան մը մէջ։ 1915-ին, Յովակիմեան ընտանիքը կը շարունակէ մնալ իր հայրենի քաղաքին մէջ, նկատի ունենալով որ Իզմիրի նահանգին մէջ հայերը ընդհանրապէս զերծ կը մնան տեղահանութենէ։

1920-ին Անդրանիկ կը մեկնի նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութիւն, սպայից վարժարանը յաճախելու մտադրութեամբ։ Բայց նոյն այդ ժամանակներուն Հայաստանը խորհրդային կարգերուն տակ կ՚անցնի, Անդրանիկին ծրագիրը կը ձախողի եւ կը վերադառնայ Իզմիր։

1922-ին, Իզմիրի շրջանին մէջ յունական բանակներու նահանջին լոյսին տակ երբ ծայր կ՚առնէ յոյներու եւ հայերու գաղթը դէպի Յունաստան, Յովակիմեան ընտանիքը կ՚որոշէ Պերկամայէն Իզմիր տեղափոխուիլ եւ հոնկէ ալ անցնիլ Յունաստան։ Վերջին պահուն, Գէորգ Յովակիմեանին թուրք բարեկամները կը համոզեն զինք մնալ Պերկամա։ Գէորգ կը համոզուի եւ Պերկամա մնալու որոշումը կը հաղորդէ ընտանիքին։ Զաւակներէն Գաբրիէլը կ՚ընդդիմանայ եւ այս պայմաններուն մէջ ընտանիքէն ներս պառակտում կը յառաջանայ. Գաբրիէլը իր հետ առնելով Մարին եւ Սերգուհին, կ՚ուղղուին Իզմիր։ Կարճ ժամանակ ետք, 10 տարեկան Յովակիմը առանձին ձի մը հեծած կը միանայ Գաբրիէլին խումբին։ Այս չորսը, ինչպէս նաեւ Անդրանիկը, Իզմիրէն կ՚անցնին Յունաստան։ Առաջին հանգրուանը կ՚ըլլայ Խիօս կղզին, ապա կը տեղափոխուին Կրէտէ։ Կարճ հոս մնալէ ետք, կը հաստատուին Փիրէայի մէջ։ Հոս, Անդրանիկ եւ Գաբրիէլ կը շարունակեն իրենց հօր՝ Գէորգին արհեստը, որ չոր միրգերու վաճառականութիւնն էր։

Լուսի Յովակիմեանին (ծնեալ Սփարթալեան) կողմէ գործուած ասեղնագործ, Պերկամայի մէջ։ 1922-ին, գաղթի ժամանակ, իրենց հետ կը բերեն Յունաստան։
Լուսի Յովակիմեանին (ծնեալ Սփարթալեան) կողմէ գործուած ասեղնագործ, Պերկամայի մէջ։ 1922-ին, գաղթի ժամանակ, իրենց հետ կը բերեն Յունաստան։ Ասեղնագործին վրայ գործուած է հայերէն Լ եւ Ս տառերը, որոնք Լուսի Սփարթալեանի սկզնատառերն են։ Պատկանած է լուսիին ամուսնական օժիտին։
Լուսի Յովակիմեանին (ծնեալ Սփարթալեան) կողմէ գործուած ասեղնագործ, Պերկամայի մէջ։ 1922-ին, գաղթի ժամանակ, իրենց հետ կը բերեն Յունաստան։
Լուսի Յովակիմեանին (ծնեալ Սփարթալեան) կողմէ գործուած գուլպայ, Պերկամայի մէջ։ 1922-ին, գաղթի ժամանակ, իրենց հետ կը բերեն Յունաստան։
Լուսի Յովակիմեանին (ծնեալ Սփարթալեան) կողմէ գործուած գուլպայ, Պերկամայի մէջ։ 1922-ին, գաղթի ժամանակ, իրենց հետ կը բերեն Յունաստան։

Պերկամա կը մնան Գէորգը, Լուսին, Աղաւնին եւ Գրիգորը։ Յունաստան հասած Յովակիմեանները երբեք չեն իմանար թէ ինչ կը պատահի Պերկամա մնացած այս հարազատներուն։ 1970-ական թուականներուն, Յովակիմը Պերկամա կ՚այցելէ, այն յոյսով որ պիտի գտնէ հարազատներուն հետքը։ Կը գտնէ իրենց պապենական տունը, որուն վրայ տակաւին գրուած էր «Կըվրըք» (Գէորգ)։ Կը գտնէ իր մանկութեան խաղընկերը, որ Իպրահիմ անունով իրենց դրացիին որդին էր։ Կը յիշեն զիրար։ Յովակիմ կը փափաքի Իպրահիմին հանդիպիլ, որպէսզի հարազատներուն վերաբերող էական հարցերը իրեն ուղղէ։ Բայց Իպրահիմին զաւակը կը մերժէ զինք առաջնորդել հօրը քով։ Յովակիմ ոչինչ իմանալով կը վերադառնայ Յունաստան։

Անդրանիկ Յովակիմեան կ՚ամուսնանայ Մարօ Ստեփանեանին հետ, 1945-ին, Աթէնքի մէջ։ Կ՚ունենան երկու զաւակ. Թագւոր եւ Լուսի (հետագային Շանկայեան)։

Գաբրիէլ Յովակիմեան կ՚ամուսնանայ Եղիսին հետ, որ ծնած էր Զմիւռնիա։ Կ՚ունենան երկու զաւակ. Գէորգ եւ Սերգօ։ Գաբրիէլ կանուխ կը մահանայ։ Ընտանիքը, 1946-1947-ին, կը ներգաղթէ Խորհրդային Հայաստան։

Մարի Յովակիմեան կ՚ամուսնանայ Մկրտիչ Գրիգորեանին հետ, որ ծնած էր Պերկամա։ Կ՚ունենան երեք զաւակ. Պերճ, Շաքէ եւ Աղաւնի։

Յովակիմ Յովակիմեան կ՚ամուսնանայ Անտոնիա Լօրանին հետ, որ յոյն էր։ Կ՚ունենան երկու զաւակ. Լուսին եւ Գաբրիէլ։

Սերգուհի կ՚ամուսնանայ Յակոբ Կէմճեանին հետ։ Կ՚ունենան մէկ զաւակ. Երան։