Յակոբ Տէրունեանի 1925 թուակիր լիբանանեան անձնաթուղթը։

Տէրունեան ընտանիքը Մարաշի Քիշիֆլի գիւղէն (Մարաշ քաղաքին արեւմուտքը) է։ Կէմիքսիզեան եւ Մաճառեան ընտանիքները Մարաշ քաղաքէն են։ Այս երեք ընտանիքները Մարաշի տարածքի իրենց հայրենի տուները վերջնականօրէն կը ձգեն 1920-ին։ Անոնք 1920-ականներու սկիզբէն բնակութիւն կը հաստատեն Լիբանանի մէջ։

Յակոբ Տէրունեանի 1925 թուակիր լիբանանեան անձնաթուղթը, որ կը կրէ նաեւ Յակոբին լուսանկարը։ Նշուած է որ Յակոբ ծնած է 1890-ին, Մարաշ, հայրանունն է Աւետիս, իսկ մայրանունը՜ Կատար, թէեւ անձնաթուղթին մէջ գրուած է Ֆէտօր, ինչ որ սխալմունք մըն է։ Յակոբ կը մահանայ Պուրճ Համուտի մէջ 1982-ին։

1. Արթին Տէրունեանի 1925 թուակիր լիբանանեան անձնաթուղթը։ Ապրելատեղ նշուած է Պէյրութի Մըտաուուար թաղամասը, ինչ որ կը համապատասխանէ հայկական գաղթակայանի վայրին։
2. Էլմաստ Տէրունեանի (ծնեալ Կէﬕքսիզեան) 1925 թուակիր լիբանանեան անձնաթուղթը։ Նշուած է որ ծնած է Մարաշ 1896-ին, հայրանունը՝ Գարեգին։