Պետրոս Տումանեան հաւաքածոյ | Studio London | Ամման (Յորդանան)

20/11/23 (վերջին փոփոխութիւն՝ 20/11/23)

Պետրոս Տումանեան ծնած է Հաճըն: Տեղեկութիւնները կը պակսին Հաճընի մէջ իր եւ իր ընտանիքի կեանքին մասին: Գիտենք միայն թէ ան հիւսուածեղէնի վաճառական էր: Կ’ենթադրենք թէ անոր ընտանիքի գործունէութեան ասպարէզն էր այդ:

Ցեղասպանութեան տարիներուն Պետրոս կը տարագրուի Դամասկոս, ուր կը փորձէ շարունակել հիւսուածեղէնի վաճառականութեամբ զբաղիլ: Դամասկոսցի բարեկամներէն մէկը զայն կը համոզէ լուսանկարչութիւնն իբրեւ ասպարէզ ընտրել, նկատի ունենալով որ Պետրոս մեծ համակրութիւն ունէր այդ արհեստին նկատմամբ:

Պետրոս Տումանեան Դամասկոսի մէջ կ’ամուսնանայ Մարիին հետ: Կ’ունենան դուստր մը՝ Վրէժուհի: Ունեցած են ուրիշ զաւակ մըն ալ՝ Սիմոնը, որ մահացած է փոքր տարիքին:

1923-ին Պետրոս Տումանեանը կը գտնենք Յորդանանի մէջ, որ մինչեւ 1946 թուականը պաշտօնապէս կը կոչուէր Այսրյորդանան եւ կը գտնուէր բրիտանական հոգատարութեան տակ: Պետրոսին ընտանիքը կը շարունակէր մնալ Դամասկոսի մէջ: Պետրոս իբրեւ լուսանկարիչ գործի կ’ընդունուի I.P.C. (Iraq Petroleum Company) ընկերութեան մէջ: Գործի բերումով կը շրջագայի երկրին անապատներուն մէջ, ինչպէս նաեւ զանազան բնակավայրեր: Իր առաջին լուսանկարչատունը կը բանայ Կարմիր ծովու ափին՝ Աքապայի մէջ:

1930-ականներու սկիզբը, երբ Պետրոսի տնտեսական վիճակը քիչ մը կը բարելաւուի, ան ընտանիքը Դամասկոսէն Ամման կը տեղափոխէ եւ կը բանայ քաղաքին առաջին լուսանկարչատունը՝ Studio Bedros, որ հետագային կը կոչուի Studio London: Studio Bedros-ը կը գտնուէր ալ-Սաատէ (as-Saadeh) փողոցին վրայ, Վարի քաղաքին մէջ: Աւելի ուշ լուսանկարչատունը կը տեղափոխուի էլ-Ռետա (el-Reda) փողոց՝ նամակատան եւ ալ-Ահլի դրամատան (Bank al-Ahli) մօտիկ: Այս տեղափոխումէն ետք է որ անունը կը փոխուի եւ լուսանկարչատունը կը սկսի կոչուիլ Studio London: Միաժամանակ, Պետրոս Տումանեան կը դառնայ Այսրյորդանանի կառավարիչ էմիր Ապտալլահի (հետագային՝ Յորդանանի Ապտալլահ Ա. թագաւոր) անձնական լուսանկարիչը: Ան Յորդանանի քաղաքացիութիւն կը ստանայ 1930-ին:

Մինչեւ 1950-ականներու վերջը, այսինքն մինչեւ թոշակի անցնիլը, Պետրոս կը շարունակէ գործել իբրեւ լուսանկարիչ: Իր ցուցումներուն տակ կը պատրաստուի եւ կ’աշխատի Ամմանի հայ լուսանկարիչներուն մեծ մասը:

Պետրոսի եւ Մարիի դուստրը՝ Վրէժուհի կ’ամուսնանայ Ճոն Տարագճեանի հետ: Կ’ունենան չորսորդի՝ Պետրոս (ծնած է 1944-ին), Պօղոս (ծնած է 1948-ին), Արամ (ծնած է 1952-ին) եւ Յակոբ: Ճոն Տարագճեան Եաֆայէն էր եւ Ամմանի մէջ դպրոցի տնօրէն էր: Աւելի ուշ ան պիտի վարէր իր աներոջ՝ Պետրոս Տումանեանի լուսանկարչատունը: Ճոնի եւ Վրէժուհիի որդիներէն Պօղոսը եւս լուսանկարիչ կը դառնայ եւ կ’ունենայ իր սեփական լուսանկարչատունը: Ան ստանձնած էր Յորդանանի հնութեանց նախարարութեան լուսանկարչութեան բաժանմունքի տնօրէնի պաշտօնը, միաժամանակ՝ գահաժառանգ իշխան Հասան Պին Թալալի անձնական լուսանկարիչն էր: Պօղոս Տարագճեան կը մահանայ 2023-ին:

Այս էջով կը ներկայացնենք Պետրոս Տումանեանի եւ Ճոն Տարագճեանի՝ 1930-ականներէն մինչեւ 1960-ականներու վերջը Յորդանանի եւ Պաղեստինի մէջ կատարած լուսանկարներ:

Յորդանանի մէջ գործած են նաեւ այլ հայ լուսանկարիչներ՝ Studio Յակոբ Պէրպէրեան, Studio Հայկ Պէրպէրեան, Studio Փիթըր Քեչէճեան, Studio Paramount, Studio Ճէք (Jack), Studio Semiramis (Յակոբ Թորոնեան), Studio Յակոբ Գոչունեան:

Պետրոս Տումանեանի մասին կենսագրական տեղեկութիւնները մեծ մասամբ հիմնուած են Աննա Օհաննէսեան-Շարփէնի հետեւեալ յօդուածին վրայ՝ Anna Ohannessian-Charpin, “Les Arméniens à Amman: La naissance d’une communauté”, Jean Hannoyer/Seteney Shami (ed.), en: Amman: Ville et société, Presses de l’Ifpo, Beyrouth, 1996.

Գործածուած այլ աղբիւրներ են՝

Պատերազմի եւ ռազմական պատկերներ

Studio London-ին պատկանող հաւաքածոն հարուստ է պատերազմներու, յատկապէս 1967-ի վեցօրեայ պատերազմի ընթացքին առնուած լուսանկարներով: 5 յունիս 1967-ին պատերազմ կը ծագի մէկ կողմէ Իսրայէլի, միւս կողմէ Եգիպտոսի, Սուրիոյ եւ Յորդանանի միջեւ: Պատերազմի թատերաբեմերէն կ’ըլլայ նաեւ Յորդանանի աջափնեակը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ Արեւելեան Երուսաղէմը: Studio London-ի լուսանկարները մեզ կը փոխադրեն պատերազմի այդ օրերը: Լուսանկարիչները գտնուած են յորդանանեան բանակին հետ, հետեւաբար պատկերներուն մէջ կ’երեւին յորդանանցի զինուորներ:

1967-ի պատերազմէն քանդումի տեսարան մը:
Քանդումի տեսարաններ Երուսաղէմի մէջ: Խորքին կ’երեւի Ձիթենեաց լեռը:
Երուսաղէմ: Յորդանանեան բանակի զինուորներ:
1967-ի պատերազմէն քանդումի տեսարան մը:

Լուսանկարչատան պատկերներ

Այս բաժինով կը ներկայացնենք Studio London-ի մէջ առնուած լուսանկարներ: Երեւցող անձերը մեզիանծանօթ են: Եթէ որեւէ տեղեկութիւն ունիք անոնց մասին, կապուեցէք մեզի հետ, պատրաստ ենք ձեր տեղեկութիւնները աւելցնելու:

Այլ լուսանկարներ

Այս բաժինով կը ներկայացնենք Studio London-էն դուրս առնուած լուսանկարներ: Ասոնց մասին ալ տեղեկութիւնները կը պակսին: Անոնցմէ մէկը թաղման լուսանկարներու շարք մըն է: Հոս ալ, եթէ որեւէ տեղեկութիւն ունիք անոնց մէջ երեւցող անձերու մասին, կապուեցէք մեզի հետ, պատրաստ ենք ձեր տեղեկութիւնները աւելցնելու:

1953, Ամման:

Ամման, 19 ապրիլ 1955-էն 24 յունիս 1957-ի միջեւ: Ձախէն աջ՝ Էլիզապէթ Բ թագուհի, Հիւսէյն թագաւոր, իշխան Ֆիլիփ, թագուհի Տինա (Հիւսէյն թագաւորի առաջին կինը): Երկու երեխաները իշխանուհի Աննը եւ իշխան Չարլզն են: