1928. NER-ի Անթիլիասի որբանոցի սաները եւ իրենց նկարչութեան ուսուցիչ Միհրան Սէրայլեանը:

Յակոբեան հաւաքածոյ – Երեւան, Լոս Անճելըս

09/02/24 (վերջին փոփոխութիւն՝ 09/02/24)

Այս էջով ներկայացուած հաւաքածոն առաւելաբար կազմուած է որբանոցի լուսանկարներով: Անոնք պատկանած են Կարապետ (Կարօ) Յակոբեանին, որ ծնած է Արաբկիր, 1910-ի շուրջ, եւ մաս կը կազմած է Ցեղասպանութեան հետեւանքով որբացած հայ երեխաներու սերունդին:

Այս նիւթերը մեր տրամադրութեան տակ դրաւ Լոս Անճելըս ապրող Աննա Յակոբեան՝ Կարապետի թոռնուհին, որ մեզի ներկայացուց նաեւ իր ընտանիքին պատմութիւնը:

Կարապետ Յակոբեան շատ բան չէր յիշեր իր սեփական ընտանիքէն: Գիտէր որ ծնողներուն անունը եղած է Յակոբ եւ Խաթուն, իսկ քրոջ անունը՝ Թրֆանտա: Ունեցած է նաեւ ուրիշ քոյր մը եւ եղբայր մը, բայց անոնց անունները չէր յիշեր: Կարապետ եւ Թրֆանտա կը վերապրին Ցեղասպանութենէն, միւս բոլոր հարազատները կը սպանուին:

Յայտնի չէ թէ սկզբնական շրջանին Կարապետ եւ Թրֆանտա ո՞ր որբանոցը մնացած են: Բայց գիտենք որ այդ որբանոցին պատասխանատուները հետագային Թրֆանտան ուղարկած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր հաւանաբար ազգականներ ունէր: Կարապետն ալ պէտք է ուղեկցէր քրոջը, բայց նաւահանգիստին մէջ կը պարզուի որ կը տառապի աչքի հիւանդութենէ մը (հաւանաբար թրաքոմա), որու պատճառով ալ անոր կ’արգիլուի նաւ բարձրանալ: Թրֆանտա կը մեկնի, այնուհետեւ քոյր ու եղբօր կապը վերջնականապէս կը խզուի: Հետագային, Թրֆանտային հետքը գտնելու Կարապետի բոլոր ճիգերը ապարդիւն կ’անցնին:

Կարապետ կը տեղափոխուի Ամերիկեան Նպաստամատոյցի (Near East Relief, NER) Անթիլիասի որբանոցը: Որբանոցային այս կեանքի սկզբնաւորութեան է, որ Կարապետին մականունը կը դառնայ Յակոբեան: Ան իր իսկանան մականունը չէր յիշեր, գիտէր միայն հօր Յակոբ կոչուիլը. այս պատճառով ալ կը սկսի կոչուիլ Յակոբեան:

Որբանոցի տարիներուն Կարապետի մէջ նկարչութեան յատուկ տաղանդ կը յայտնաբերուի: Անթիլիասի որբանոցին մէջ անոր նկարչութեան ուսուցիչն էր Միհրան Սէրայլեանը (1867, Կեսարիա – 1957 Սան Ֆրանսիսքօ): Այս տարիներուն է որ մտերմութիւն կը հաստատէ տաղանդաւոր գեղանկարիչ որբի մը` Յարութիւն Հարմանտարեանի հետ, որ հետագային հռչակ պիտի շահէր Կալենց անունով (1910–1967): Պէյրութ եղած տարիներուն, Կարապետ թղթակցութեամբ գեղանկարչութեան դասեր առած է նաեւ ֆրանսացի արուեստագէտէ մը (անունն անծանօթ է):

Նկարչութեան դասապահը Ամերիկեան Նպաստամատոյցի (NER) Անթիլիասի որբանոցին մէջ, 1927-ին: Այս դասին յատկացուած էր առանձին սենեակ մը: Որբերը շրջապատած են իրենց նկարչութեան ուսուցիչ Միհրան Սէրայլեանը: Ամէնէն վերը, կեդրոնը, կ’երեւի NER-ի խորհրդանիշ աստղը: Կ’երեւին նաեւ շատ հաւանաբար որբերու կերտած գեղանկարներ:
Սեւ-ճերմակ այս լուսանկարը գունաւորուած է MyHeritage.comի միջոցաւ եւ վերաշխատցուած է Յուշամատեանի կողմէ։
Ձախէն առաջինը՝ Կարապետ Յակոբեան։
1937: Կարապետ Յակոբեան Դամասկոսի փողոցներէն մէկուն մէջ եռոտանին տեղադրած է եւ կը գեղանկարէ:
Ամէնէն ձախին՝ Կարապետ Յակոբեան։
NER-ի Անթիլիասի որբանոցին ֆութպոլի խումբը: Ամենէն առջեւի շարք, ընկողմանած, աջէն առաջինը՝ Կարապետ Յակոբեան:
Ձախին՝ Կարապետ Յակոբեան։
Ձախին գլխարկովը՝ Կարապետ Յակոբեան։
Կարապետ Յակոբեանի հաւաքածոյին պատկանող այլ լուսանկար մը: Հաւանաբար Պէյրութի մէջ վայր մըն է:

Կարապետի հաւաքածոյի գեղանկարներէն ոմանք Լիբանանի մէջ ստեղծուած գործեր են: Անոնցմէ է, օրինակ, Պէյրութի գաղթակայանին նկարը: Այլ գործ մըն է Անթիլիասի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին գեղանկարը: Երկուքն ալ ջրաներկ են եւ կերտուած են 1946-ին՝ ընտանեօք Կարապետի հայրենադարձութեան տարին: Կ’ենթադրենք թէ Կարապետ ուզած է իրեն հետ տանիլ իրեն հարազատ եւ յիշատակելի վայրերու՝ իր իսկ ձեռքով պատրաստուած նկարները:

Կարապետ Յակոբեան իր գեղանկարները ստորագրած է Կոփեան, որ շատ հաւանաբար Յակոբեան մականունին կրճատումն է:

1940-ականներու սկիզբին, Կարապետ Պէյրութի մէջ կ’ամուսնանայ Կեսարիա ծնած Աննա Կիւրունիլեանի (Կիւրիւնլեան) հետ: Հօր անունն էր Սարգիս: Եղբայրը հալէպաբնակ Լեւոնն էր: Կարապետ եւ Աննա կ’ունենան երեք զաւակ: Հայկուհին եւ Քնարը ծնած են Պէյրութ: Խորհրդային Հայաստանի մէջ կը ծնի որդին՝ Սարգիսը (Աննա Յակոբեանի հայրը):

NER-ի Անթիլիասի որբանոցի սաներ Միջերկրական ծովու ափին: Առջեւի շարք, ձախին ծնկաչոք կանգնածը Կարապետ Յակոբեանն է:
NER-ի Անթիլիասի որբանոցի սաներ պտոյտի մը ընթացքին: Նստած, ամէնէն ձախին՝ Կարապետ Յակոբեան:
NER-ի Անթիլիասի որբանոցի նախկին սաներ Լիբանանի ծովափին տեղ մը: Ոտքի, ձախէն երրորդը՝ Կարապետ Յակոբեան:
NER-ի Անթիլիասի որբանոցի նախկին սաներ Լիբանանի լեռները պտոյտի մը ընթացքին: Լուսանկարուած են Air France օդանաւային ընկերութեան ծանուցագիրին շուրջ: Ամէնէն աջին կանգնած, ճերմակ շապիկովը եւ ծանուցագիրին ձողէն բռնողը Կարապետ Յակոբեանն է:
NER-ի Անթիլիասի որբանոցի նախկին սաներ գնացքով ճամբորդութենէ մը առաջ: Վերի շարք, ձախէն երկրորդը՝ Կարապետ Յակոբեան:
Հանրակառքով ճամբորդութիւն Լիբանանի տեսարժան վայրեր: Վստահաբար պատկերին մէջ երեւցող երիտասարդներէն շատեր NER-ի որբանոցներու նախկին սաներ են: Ոտքի, աջէն երկրորդը՝ Կարապետ Յակոբեան:
NER-ի Անթիլիասի որբանոցի նախկին սաներ Լիբանանի ծովափին տեղ մը: Ոտքի, ձախէն առաջինը՝ Կարապետ Յակոբեան:
Մարզական մրցաշարք մը: 1920-ականներուն, NER-ին պատկանող զանազան որբանոցներ կը կազմակերպէին տարեկան մարզական հանդիպումներ, ուր տարբեր հաստատութիւններու սաները կը մրցէին իրարու դէմ: Հաւանաբար այդ մրցաշարքերէն առնուած մէկ կամ երեք քայլ ոստում մարզախաղի լուսանկար մըն է:
NER-ի Անթիլիասի որբանոցի նախկին սաներ լուսանկարուած Պէյրութի փողոցներէն մէկուն մէջ: Ամէնէն ձախին՝ Կարապետ Յակոբեան:
NER-ի Անթիլիասի որբանոցի նախկին սաներ լուսանկարուած Լիբանանի մէջ տեղ մը: Ձախէն երկրորդը՝ Կարապետ Յակոբեան:
NER-ի Անթիլիասի որբանոցի նախկին սաներ Լիբանանի լեռները պտոյտի մը ընթացքին:

Ընտանիքը կ’ապրի Երեւանի մէջ, ուր Կարապետի ջանքերով կը շինուի իրենց առանձնատունը: Տարիներ ետք պետութիւնը կը քանդէ տունը եւ տեղանքին վրայ կը կառուցէ Նկարիչներու միութեան շէնքը (Նիկող Դումանի փողոց, թիւ 1): Յակոբեան ընտանիքը կը սկսի ապրիլ այս շէնքին մէջ: Աննա Յակոբեան կը յիշէ, որ իր մեծ հօր՝ Կարապետին այցելութեան կու գային Անդրանիկ Ծառուկեանը եւ Յարութիւն Կալենցը, որոնք նոյնպէս Սուրիոյ եւ Լիբանանի որբանոցներուն մէջ ապրած են: Կը պատմուի, որ Կալենցի թաղումին ժամանակ (9 մայիս 1967) Կարապետ ամբողջ մարմինով նետուած է դագաղին վրայ եւ ողբացած իր ընկերոջ կանխահաս մահը:

Կարապետ չի յաջողիր գեղանկարիչի կարգավիճակ ստանալ Հայաստանի մէջ: Ան կը սկսի աշխատիլ իբրեւ արհեստաւոր ներկարար. զայն կը կոչէին «վարպետ Կարօ»: Բայց իր ազատ ժամերուն անդադար կը շարունակէր կիրառել իր սիրած արուեստը՝ գեղանկարչութիւնը:

Կարապետ Յակոբեանի (Կոփեան) գեղանկարներէն։

Երեւանի մէջ մարտ 1985-ին տեղի ունեցած Կարապետ Յակոբեանի գեղանկարներու ցուցահանդէսի բացման հանդիսութիւնը: Կարապետը լուսանկարներուն կեդրոնը, պերէ գլխարկովն է:

Երեւանի մէջ մարտ 1985-ին տեղի ունեցած Կարապետ Յակոբեանի գեղանկարներու ցուցահանդէսին հրաւիրատոմսը եւ վկայականը:

Մարտ 1985-ին Երեւանի մէջ տեղի կ’ունենայ Կարապետ Յակոբեանի գեղանկարներուն առաջին ու միակ ցուցահանդէսը:

Աննա Յակոբեան կը վկայէ, որ իր մեծ հայրը սովորութիւն ունէր նկարչական գործիքներու հետ շրջելու Հայաստանի զանազան կողմերը եւ տեսարժան վայրեր նկարելու: Ան իր ետին ձգած է հարիւրաւոր գեղանկարներ: Անոր մահէն ետք, այս գործերը բաժնուած են ընտանիքի եւ հարազատներու շրջանակին մէջ: Անոնցմէ մաս մը կը գտնուի Երեւան, ուրիշներ՝ Լոս Անճելըս, Գերմանիա, եւայլն: 

Կարապետ կը մահանայ 1997 թուականին՝ Երեւանի մէջ: