Փիրէայի Լիփազմաթա գաղթակայանի «Աճեմեան» վարժարանի ասեղնագործութեան աշխատանոցը: Նստած, ձախէն աջ, ասեղնագործող երկրորդ անձը Կիւլա Խաչատուրեանն է։ Այս պատկերը գունաւորուած է MyHeritage.com-ի միջոցաւ։

Կիրակոս Մկրտիչեան հաւաքածոյ – Աթէնք

Հեղինակ՝ Անի Աբիկեան, 06/09/2023 (վերջին փոփոխութիւն՝ 06/09/2023)

Մկրտիչեան ընտանիքին պատմութիւնը առաջին անգամ մեզի ներկայացուց Կիրակոս Մկրտիչեանը՝ Աթէնքի մէջ Յուշամատեանի աշխատանոցին ընթացքին, որ տեղի ունեցած էր «Արմենիքա» պարբերաթերթին հետ գործակցաբար: Աշխատանոցէն ետք Կիրակոսին հետ կրկին հանդիպեցանք ընտանեկան պատմութիւնը ամբողջացնելու համար: Հայ Կապոյտ Խաչի Գոքինիոյ «Զաւարեան» ազգային վարժարանի նախկին տնօրէն Կիրակոս Մկրտիչեանը անկեղծ ապրումներով ներկայացուց մեզի իր ընտանիքին պատմութիւնը:

Կիրակոսի մօրենական մեծ հայրը՝ Մանուկ Խաչատուրեանը, ծնած է Քորտելիօ (ներկայիս Karşıyaka)՝ Զմիւռնիոյ մօտակայ ծովեզերեայ վայր մը, ուր որոշ ժամանակ ապրելէ ետք տեղափոխուած է Մանիսա: Մանուկ այգեգործ էր եւ Մանիսայի Վերի Թաղին մէջ ընդարձակ այգիներ ունէր: Ան կը զբաղէր այգիներէն հաւաքուած խաղողը չամիչի վերածելու գործով եւ չամիչի վաճառականութեամբ: Վերի Թաղը, որ կը կոչուէր նաեւ Վերի Գիւղ, մօտաւորապէս 150 տուն ունէր՝ ամբողջութեամբ հայաբնակ: Հոս բնակողները մեծ մասամբ ջուլհակ էին, բայց այգեգործութիւնն ալ այստեղի յայտնի զբաղումներէն էր:

Մանուկ Խաչատուրեանը կը ծանօթանայ Մարի Իփրանոսեանին, կը փափաքին ամուսնանալ եւ Պոլիս հաստատուիլ: Մանուկի ծնողները սկիզբը դէմ կը կենան զոյգին յարաբերութեան: Բայց խնդիրը բարեյաջող լուծում մը կը գտնէ, Մանուկ եւ Մարի կ’ամուսնանան իրենց ծնողներուն օրհնութեամբ եւ կ’ապրին Մանիսայի մէջ: Զոյգը կ’ունենայ երկու դուստր` Կիւլան եւ անկէ երկու տարի փոքր Թրֆանիկը: Կիւլա Կիրակոս Մկրտիչեանի ապագայ մայրն է:

1922-ին, երբ Փոքր Ասիոյ քրիստոնեաներուն աղէտը տակաւին չէր պատահած, Մանուկ,նախատեսելով վտանգը, կ’որոշէ իր ընտանիքը Զմիւռնիա փոխադրել եւ հոնկէ ալ՝ նաւով Յունաստան: Դէպի Զմիւռնիա ճանապարհին վրայ Կիւլա եւ Թրֆանիկ կը կորսնցնեն իրենց վրայ պահուած ամբողջ ոսկեղէնը: Մանուկ կը յաջողի դէպի Յունաստանի Միտիլլի/Միթիլինի քաղաքը (Եգէական ծովու Լեզվոս/Լեսպոս կղզիին վրայ) ճամբու դնել ընտանիքին բոլոր անդամները՝ կինը՝ Մարին, քենին՝ Հայկանուշը, Կիւլան եւ Թրֆանիկը: Այգեկութքի ժամանակը մօտեցած ըլլալով՝ Մանուկ կ’ուզէ Մանիսա վերադառնալ, այգեգործութեամբ զբաղուիլ՝ պատրաստելու համար խաղողի շիրան եւ հաւաքելու փռուած չամիչները: Ծրագիրն էր՝ այս գործը կատարել, ապա երթալ Միթիլինի եւ հոնկէ ամբողջ ընտանիքով վերադառնալ Մանիսա: Ան կը խորհէր, թէտակնուվրայութիւնները առժամեայ են եւ շուտով կանգ պիտի առնեն: Սակայն Զմիւռնիոյ մէջ ընտանիքէն բաժնուելէ ետք Մանուկին հետքը կը կորսուի: Շատ հաւանական է, որ խառնաշփոթ այդ օրերուն, շատերու նման, Մանուկն ալ սպանուած է քեմալական ուժերուն կողմէ:

Ընտանիքին միւս անդամները շատ կարճ կը մնան Միթիլինիի մէջ: Յաջորդ հանգրուանը կ’ըլլայ Փիրէան: Ծանօթ է որ, 1921-1922-ի փոքրասիական աղէտի օրերուն, հազարաւոր հայ գաղթականներ կ’ապաստանին Միթիլինիի մէջ: Հոս կը ստեղծուի հայկական փոքր գաղութ մը եւ 1921-ին կը կառուցուի դպրոց մը:

Մարին, Հայկանուշը, Կիւլան եւ Թրֆանիկը երբ Փիրէա կը հասնին՝ ամիսներով կը թափառին զանազան շրջաններու մէջ: Այսպէս, Փիրէայէն կը տեղափոխուին Կեսարիանի, ապա՝ Թիսիօ, վերջաւորութեան կը հաստատուին Փիրէայի նաւահանգիստին մօտակայ Լիփազմաթա հիւղաւան/գաղթակայանը (հայկական աղբիւրներուն մէջ այս տեղավայրը յաճախ կը նշուի Լիփազմա անունով): Հոս 4.000-ի հասնող գաղթական զանգուած մը կ’ապրէր թշուառ պայմաններու մէջ: Այիօ Տիոնիսիօ եկեղեցիին մօտիկ գտնուող այս գաղթակայանին մէջ կողք-կողքի կ’ապրէր 500 ընտանիք, մեծամասնութիւնը այրիներ եւ մանուկներ՝ զուրկ նախնական կարիքներէ: 1920-ականներու սկիզբներուն հոս հաստատուած էին նաեւ մօտ 200 աւետարանական հայեր, որոնց հոգեւոր հովիւն էր պատուելի Յարութիւն Աճեմեանը: Անոնք առանձին «թաղամաս» մը ստեղծած էին հիւղաւանին մէջ: Կիրակոս Մկրտիչեան կը պատմէ, թէ այս հատուածին մէջ կենցաղային պայմանները յարաբերաբար տանելի էին: Իրենք ալ կը յաջողին աւետարանական այս ընտանիքներուն կողքին տեղաւորուիլ: Լիփազմաթայի գաղթակայանին մէջ կը գործէր երկու վարժարան. ամերիկացիներու (Near East Relief) տնօրինած հայկական վարժարանը եւ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ պատկանող «Աճեմեան» վարժարանը: Կիրակոսին մայրը՝ Կիւլա եւ մօրաքոյրը՝ Թրֆանիկ, կը յաճախեն երկրորդ վարժարանը:

«Աճեմեան» վարժարանը երկսեռ էր եւ եռալեզու (յունարէն, հայերէն, անգլերէն): Գիտենք որ երկսեռ վարժարանները Յունաստանի մէջ սկսան պաշտօնապէս գործել 1929-էն սկսեալ: Հետեւաբար, «Աճեմեան» վարժարանին երկսեռ ըլլալը հետաքրքրական երեւոյթ մըն էր այդ ժամանակներուն համար: Վարժարանէն ներս կը գործէին նաեւ ասեղնագործութեան աշխատանոցներ, երգի ու երաժշտութեան դասերուն ներառուած էին երաժշտական գործիքներու, յատկապէս մանտոլինի ուսուցումը:

Կիւլա այս աշխատանոցներուն շնորհիւ կը սորվի մանտոլին նուագել եւ քրոջ հետ կը տիրապետէ ասեղնագործելու արուեստին: Վարժարանը աւարտելէ ետք Կիւլա կը զբաղի ասեղնագործութեամբ եւ իր հիւսած ձեռագործներով ընտանիքին ապրուստը կ’ապահովէ:

Կիրակոսի մեծ մայրը՝ Մարին, տան գործերով կը զբաղէր, իսկ Մարիի քոյրը՝ Հայկանուշը, օր ու գիշեր կ’աշխատէր Փիրէայի «Փալանճեան» ջուլհականոցին մէջ՝ ապահովելու համար ընտանիքին ապրուստը: Արթին Փալանճեանի ջուլհականոցը կ’արտադրէր ծածկոցներ, սփռոցներ, անձեռոցներ եւ սաւաններ: 1926-1927-ին հոս կային 200 ջուլհակի ոստայններ (տազկեահ), որոնց վրայ կ’աշխատէին մօտաւորապէս 100-150 բանուորներ: Գործարանը իր ժամանակներուն համար բաւական զարգացած էր: Ան ունէր էլեկտրականութեան իր սեփական ցանցը, որմէ վճարովի կ’օգտուէր նաեւ շրջակայքի ժողովուրդը: Նոյն տարիներուն երիտասարդ ճարտարապետ Արթին Փալանճեան Փիրէայի մէջ կը հիմնէ հանրային բաղնիք մը «Պալքանիա» անունով, 1925-ի շուրջ կը կառուցէ «Փոքր Ասիա» անունով ուրիշ հանրային բաղնիք մը՝ այս անգամ Գոքինիոյ մէջ, որմէ մեծապէս կ’օգտուէին այս թաղամասի հազարաւոր գաղթականները:

Կիրակոսին հայրը Մկրտիչն է: Ան ալ Մանիսայէն էր: Մկրտիչին մեծ հայրը Յովհաննէսն էր, իսկ մայրը՝ Մարին (ծնեալ Չոպանեան): Ունէին երեք զաւակ՝ Վարդանուշը, Մկրտիչը եւ Գրիգորը: Ընտանիքը ջուլհակ էր եւ կ’ապրէին Մանիսայի Վարի թաղին մէջ, որ ծանօթ էր նաեւ Մալթա անունով: Հոս կ’ապրէր մօտաւորապէս 500 ընտանիք: Մանիսացիներու ապրուստի գլխաւոր աղբիւրը կը հանդիսանար ոստայնանկութիւնը (մանուսայագործութիւն), գրեթէ ամէն տան մէջ կային ջուլհակի գործիքներ (ոստայն):

Մկրտիչի ընտանիքն ալ նոյն ձեւով 1922-ին Յունաստան կ’ապաստանի, առաջին հանգրուանը ըլլալով Միթիլինին: Բայց Զմիւռնիա գտնուած ժամանակ, գաղթի տակնուվրայութեան մէջ, Յովհաննէս իր ընտանիքին հետքը կը կորսնցնէ: Բարեբախտաբար ճար մը կը գտնէ եւ կը փրկուի քեմալական զօրքերու բռնութիւններէն. մէկ շաբաթ ետք ինք ալ կը հասնի Միթիլինի եւ կը վերագտնէ ընտանիքը: Հոսկէ նաւով կ’ուղղուին Փիրէա եւ կը հաստատուին Լիփազմաթա գաղթակայանին մէջ: Մկրտիչ հոս կը յաճախէ «Աճեմեան» վարժարան, ուր կը ծանօթանայ Կիւլային, որու հետ հետագային կ’ամուսնանայ:

Մկրտիչ կօշկակար էր, Կիւլա՝ ասեղնագործ: 1941-ին կը ծնի անոնց որդին՝ Կիրակոսը: Համաշխարհային Բ. պատերազմին ժամանակ Փիրէայի նաւահանգիստը կը ռմբակոծուի բրիտանական օդուժին կողմէ: Թիրախը գերմանական բանակն էր, բայց հոս գտնուող Լիփազմաթայի հայկական տուներն ալ կը քանդուին: Ասոր վրայ, հայերէն շատեր (նաեւ Մկրտիչեան ընտանիքը) կը տեղափոխուին Գոքինիա:

Թրֆանիկ 1952-ին կ’երթայ Ֆրանսա, ուր ընտանիք կը կազմէ: Ան կ’ունենայ երեք զաւակ՝Հրանդ, Մարգարիտ եւ Յակոբ: Ամուսինը կը մահանայ երիտասարդ տարիքին, մինչ Թրֆանիկկ’աշխատի գիշերօթիկ դպրոցի մը մէջ:

Գոքինիոյ մէջ Կիրակոս եւ իր ընտանիքը կ’ապրին տեղւոյն գաղթակայանէն դուրս թաղամասի մը մէջ, ուր հայերը քիչ էին, յոյներով շրջապատուած: Յոյն երեխաները իր խաղընկերներն էին: Սակայն անպակաս էր թշնամական վերաբերմունքը իր հանդէպ. յաճախ կը լսէր իրեն ուղղուած armenoboch եւ skato armenis («հայու քաք») բացագանչութիւնները, որոնք կը գործածէին յոյն պոնտացի երեխաները: Բայց Կիրակոս շնորհիւ մանկական իր աշխուժութեան եւ հնարամտութեան ինքզինք կը պարտադրէ իր խաղընկերներու շրջանակին մէջ, վիրաւորական արտայայտութիւնները կ’անհետանան եւ կը սկսի վայելել բոլորին յարգանքը: Կիրակոս իր մանկութեան տարիներուն շատ կը խաղար քարակէօզով եւ այս ձեւով կը սիրաշահէր թաղեցի իր յոյն ընկերները: Անոնք միասին կը պատրաստէին քարակէօզի կերպարներ ՝ բաւական հմտութիւն եւ նրբութիւն պահանջող աշխատանք մը: Իրենց «արհեստանոց»ը Գոքինիոյ երկաթուղագիծն էր: Հոս կը գտնէին զանազան երկաթեայ իրեր, որոնք կը զետեղէին երկաթուղագիծին վրայ, գնացքները վրայէն կ’անցնէին, իրերը կը տափակնային, իրենց փափաքած ձեւերը կ’առնէին եւ կը դառնային քարակէօզ պատրաստելու յարմար գործիքներ: Երբ կերպարները պատրաստ կ’ըլլային, ընկերներէն մէկուն տան բակին մէջ կը կազմակերպէին քարակէօզի շուքի թատերական ներկայացումներ: Մուտքը դրամով կ’ըլլար: Սաւան կը կախէին, ետեւը մոմեր կը վառէին՝ ստեղծելով շուքի խաղեր:

Կիրակոս կը յաճախէ Գոքինիոյ 1927-ին հիմնուած «Զաւարեան» վարժարանը: 80 աշակերտով սկսած այս հաստատութեան առաջին տնօրէնն էր Զաքար Զաքարեանը: 1928-1929 տարեշրջանին ան արդէն ունէր մօտ 250 աշակերտ՝ տնօրէնութեամբ Սօս Վանիի (Կարապետ Յովհաննէսեան):

Կիրակոս քաջալերուած չէր հայկական դպրոց երթալով, որովհետեւ շատ մտերմացած էր իր յոյն ընկերներուն հետ եւ թաղին մէջ հայ բարեկամներ չունէր: Բայց, ինչպէս Կիրակոս կը վկայէ, «Զաւարեան» վարժարանի միջավայրին մէջ այս կացութիւնը հետզհետէ կը փոխուի, պատանի Կիրակոս կը տոգորուի հայկական հայրենասիրական զգացումներով եւ հայ ընկերներ կ’ունենայ: Ան կը խոստովանի որ այդ տարիներուն իր վրայ խոր ազդեցութիւն ձգած է Անդրանիկ Ծառուկեանի «Ուխտ Արարատի» բանաստեղծութիւնը:

6-րդ դասարանին՝ Կիրակոս անելի մէջ կը գտնուի: «Զաւարեան» վարժարանը մինչեւ 6-րդ դասարան ունենալով, պէտք էր որոշել թէ ինչպէ՞ս պիտի շարունակուէր իր կեանքի ուղին: Յունաստան հաստատուած հայոց մեծամասնութեան նման, ան ո՛չ անձնաթուղթ ունէր, ո՛չ ալ յունական հպատակութիւն: Ամէն տարի պէտք էր նորոգել Յունաստանի մէջ կեցութեան իր պաշտօնական թուղթերը, որոնց մէջ իր ինքնութեան մասին նշուած էր «թուրք» եւ «apatride» (անհայրենիք): Եթէ կրթութիւնը նոյնիսկ յունական հաստատութեան մը մէջ շարունակէր, առանց յունական հպատակութիւն ունենալու, այդ անիմաստ կը դառնար, քանի որ բոլոր ասպարէզները իր առջեւ փակ պիտի ըլլային:

 «Զաւարեան» վարժարանի այդ տարիներու տնօրէնը՝ Օննիկ Զաքարեանը, կը հետաքրքրուի Կիրակոսին վիճակով եւ զայն կը քաջալերէ ուսանելու Յունաստանէն դուրս տեղ մը: Կիւլա վճռած էր լաւագոյնն ընել իր որդիին ապագայ կրթութիւնը յաջողցնելու համար: Ծրագիրն էր՝ 13 տարեկան Կիրակոսը Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը ղրկել: Բայց նախնական ծրագիրը փոփոխութիւն կը կրէ եւ կ’որոշուի Կիրակոսը Հալէպի Քարէն Եփփէ ազգ. Ճեմարան ղրկել: 1955-ի ամռան, երեք պատանիներ՝ Կիրակոս Մկրտիչեան, Յարութիւն Մխիկեան եւ Յակոբ Սեւակեան նաւով կը հասնին Պէյրութ: Վերջին երկուքը պիտի յաճախէին Պէյրութի «Նշան Փալանճեան» Ճեմարանը (Յակոբ Սեւակեան արդէն իսկ Ճեմարանի աշակերտ էր եւ Յունաստան կը գտնուէր ամառնային արձակուրդին համար), մինչ Կիրակոս պիտի մեկնէր Հալէպ:

Կիրակոս Սուրիա մուտքի անցագիրը պիտի ստանար Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ: Սակայնհոն հասնելէ ետք անցագիր չի շնորհուիր իրեն: Ան ամբողջ գիշերը կ’անցընէ սահմանագիծին վրայ, իսկ առտուն փոխադրակառք մը կը գտնէ ու կը վերադառնայ Պէյրութ: Հոս կ’որոշուի Կիրակոսը արձանագրել «Նշան Փալանճեան» Ճեմարանին մէջ, ուր արդէն երկու յունահայ ընկերներ ունէր: Ճեմարանական ուսման ընթացքին, մայրը՝ Կիւլա, իր տղուն դպրոցական թոշակը կ’ապահովէրսեփական ասեղնագործութիւնները ծախելով Աթէնքի զանազան վաճառատուներու մէջ: Կիրակոս ամառները նաւով Յունաստան կ’երթար՝ ընտանիքին քով:

Կիրակոս ուշիմ աշակերտ էր: Ճեմարանին մէջ իր աշակերտութեան վերջին երկու տարիներուն անոր պաշտօն կը տրուի այլ աշակերտներու սերտողութեան հետեւիլ: Եօթը տարի Ճեմարանինաշակերտելէ ետք, Կիրակոս կը վերադառնայ Յունաստան: Ան ամիջապէս փափաք կը յայտնէ յունահայ գաղութի պատկան մարմիններուն հայկական վարժարանի մը մէջ ուսուցչութիւն ընելու: Իրօք, 1962-ին Աթէնքի Ֆիքս թաղամասի նորակառոյց «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» վարժարանին մէջ Կիրակոս կը դառնայ ուսուցիչ, պաշտօն մը, զոր կը շարունակէ յաջորդ եօթը տարիներուն: Հաստատութեան տնօրէնն էր Օննիկ Զաքարեան: 1960-ականներու վերջերուն, երբ յունական հպատակութիւնը կը ստանայ, Կիրակոս 1969-1970-ին զինուորական իր ծառայութիւնը կը կատարէ յունական բանակին մէջ: 1971-ին կ’ամուսնանայ Վարդ Թորոսեանին հետ: Կ’ունենան երկու զաւակ՝Վարանդ եւ Վիգէն:

Յունական անցագիր Ֆրանսա երթալու համար, 1963:

Կիրակոս Մկրտիչեանի Յունաստանի մէջ աշխատանքի արտօնագիրը, զոր ստացած է, երբ առաջին անգամ ուսուցչութեան պաշտօն սկսած է վարել Աթէնքի «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան»վարժարանին մէջ: Նկատելի է որ անուն-մականունին տակը գրուած է «թրքական հպատակութիւն ունեցող», հակառակ անոր որ Կիրակոս Յունաստան ծնած էր: Ան իր յունական հպատակութիւնըպիտի ստանար միայն 1968-ին:

Կիրակոսին հայրը՝ Մկրտիչը, կը մահանայ 1998-ին, իսկ մայրը՝ Կիւլան, 2006-ին:

1971-2007-ին Կիրակոս Մկրտիչեան կը վարէ Գոքինիոյ «Զաւարեան» վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը:

Ներկայիս պարոն Կիրակոս եւ Վարդ Մկրտիչեաններ ունին երկու թոռներ ու կը վայելեն անոնց ընկերակցութիւնը: