Ձախէն աջ՝ Անժել Աւագեան, Ֆիլոր Փափազեան, Յակոբ Աւագեան, Թագուհի Աւագեան (ծնեալ Փափազեան), Գէորգ Աւագեան։

Աւագեան հաւաքածոյ - Գոքինիա, Յունաստան

Հեղինակ՝ Անի Աբիկեան, 12/01/2024 (վերջին փոփոխութիւն՝ 12/01/2024)
Սոյն էջը պատրաստուեցաւ գործակցութեամբ Աթէնքի «Արմենիքա» պարբերաթերթին։

Յիշողութեան այս նիւթերը հաւաքուեցան 1 դեկտեմբեր 2019-ին Գոքինիոյ մէջ տեղի ունեցած Յուշամատեանի աշխատանոցին ընթացքին: Լիզա Աւագեան մեզի ներկայացուց իր ընտանիքին վերաբերող նիւթերը եւ փոխանցեց ընտանիքին մասին պատմական տեղեկութիւնները: 2023-ի նոյեմբերին եւ դեկտեմբերին, մեր աշխատակիցներէն Անի Աբիկեան վերստին հանդիպեցաւ Լիզա Աւագեանին եւ ընտանիքի այլ անդամներու՝ նոր տեղեկութիւններ քաղելու եւ նոր նիւթեր թուայնացնելու համար: Այս բոլորին արդիւնքը սոյն էջն է, որ պատրաստուեցաւ գործակցութեամբ Աթէնքի «Արմենիքա» պարբերաթերթին եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Յունաստանի մասնաճիւղին:

Լուսածին Քեհէեանին (ծնեալ Սուքիասեան) պատկանած արծաթեայ գօտի:
Լուսածին Քեհէեանին (ծնեալ Սուքիասեան) պատկանած արծաթեայ գօտի:

Տէր Արթինեան ճիւղը (Մարաշ)

Լիզա Աւագեանի հօրական մեծ հայրը՝ Համբարձում Տէր Յարութիւնեան, ծնած է Մարաշ: Համբարձում սանտրագործ արհեստաւոր էր եւ զայն յաճախ տարաքճի կը կոչէին (թրքերէնով tarak կը նշանակէ սանտր):

Երբ 1915-ին ծայր կ’առնեն հայ բնակչութեան ջարդերն ու տեղահանութիւնները, Համբարձումի ընտանիքն ալ (ինք, կինը եւ երկու զաւակները) Մարաշէն բռնագաղթի կ’ենթարկուի: Ցեղասպանութեան տարիներուն կը սպանուին Համբարձումի կինը եւ մէկ զաւակը: Աքսորի այս տարիներուն է նաեւ, որ Համբարձում կը ծանօթանայ Մարիամին (մականունը անյայտ է) եւ առաջին յարմար առիթին կ’ամուսնանան: Մարիամին համար նոյնպէս վերամուսնութիւն էր, նկատի ունենալով որ անոր ամուսինը եւ երկու զաւակները սպանուած էին այդ տարիներուն: Մարիամ եւ Համբարձում կ’ունենան երկու զաւակ՝ Վարդան (ծնած է 1922-ին) եւ Օվսաննա (ծնած է 1928-ի շուրջ): Վարդան Լիզա Աւագեանի հայրն է:

Համբարձումի՝ առաջին ամուսնութենէն ծնած միւս զաւակը – որուն հետքը ցեղասպանութեան ժամանակ հայրը կորսնցուցած էր – տարիներ ետք կը պարզուի որ Հայաստան հաստատուած է: Այս զաւակին հետ (անունը անյայտ է) կապ պահած է Մարիամի եւ Համբարձումի դուստրը՝ Օվսաննան:

Անծանօթ կը մնայ թէ առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք Համբարձում եւ Մարիամ ի՞նչ ուղիներէ անցած են: Գիտենք որ Մարիամի հարազատներէն ոմանք Հալէպ կը հաստատուին, իսկ ինք ու Համբարձում 1922-ի շուրջ կ’ապաստանին Յունաստան եւ բնակութիւն կը հաստատեն Գոքինիոյ մէջ: Այդ ժամանակ իրենց առջինեկ զաւակը՝ Վարդանը, մէկուկէս ամսու նորածին մըն էր: Գոքինիոյ մէջ Մարիամ տան գործերով կը զբաղի, իսկ Համբարձում նոյն վայրին մէջ կը սկսի գործել իբրեւ կաշեգործ եւ կաշիի վաճառական:

Վարդան Տէր Արթինեան Յունաստանի մէջ կը յաճախէ «Սեյնթ Փոլ» (Saint Paul) յունա-ֆրանսական վարժարանը: Ան յառաջադէմ աշակերտ էր, բայց կը ստիպուի դպրոցը ձգել ու միանալ հօր կաշիի վաճառականութեան, մանաւանդ որ Համբարձում արդէն 77 տարեկան էր: Մարիամ 1948-ին յանկարծամահ կ’ըլլայ:

Քեհէեան ճիւղը (Ատանա)

Լիզայի մօրական մեծ մայրը Լուսածինն է (ծնեալ Սուքիասեան): Ան ծնած էր Ատանա՝ 1900-ին: Ամուսնացած էր Կեմերէկ ծնած Ստեփան Քեհէեանի հետ:

Քեհէեան ընտանիքը Կեմերէկի մէջ փայտի գործարան մը ունէր: Ցեղասպանութենէն ետք Ստեփանը կը գտնենք Ատանայի մէջ: Հոս կը ծանօթանայ իրմէ 25 տարի աւելի երիտասարդ Լուսածինին եւ անմիջապէս կ’ամուսնանան՝ 1921-ին: Ստեփան հայ կաթողիկէ էր, իսկ Լուսածին՝ լուսաւորչական:

Երբ Կիլիկիոյ հայութիւնը կը սկսի զանգուածաբար հեռանալ, Ստեփան եւ Լուսածին նոյնպէս, 1921-ին, Մերսինի նաւահանգիստէն նաւով կը մեկնին Կիպրոս: Ստեփան եւ Լուսածին նիւթապէս ապահով կեանք մը կը վարեն իրենց խնայողութիւնները ծախսելով:

1921։ Հայ գաղթականներ Ատանայէն կը հասնին Մերսին։ Սոյն քաղաքին նաւահանգիստէն ալ անոնք պիտի մեկնին գլխաւորաբար Լիբանան, բայց նաեւ Յունաստան եւ Կիպրոս (Աղբիւր՝ Centre du patrimoine arménien, Վալանս)։

Ստեփանին Քեհէեանին պատկանած ծխախոտի արծաթեայ տուփ:
Ստեփանին Քեհէեանին պատկանած ծխախոտի արծաթեայ տուփ:
Լուսածին Քեհէեանին (ծնեալ Սուքիասեան) պատկանած մատանի մը:
Լուսածին Քեհէեանին (ծնեալ Սուքիասեան) պատկանած արծաթեայ պայուսակ մը:

1922-ին Կիպրոսի մէջ կը ծնի իրենց առջինեկը՝ Թագուհին: 1924-ին ընտանեօք կը գաղթեն Յունաստան եւ կը հաստատուին Գոքինիոյ մէջ: Հոս կը ծնին Ստեփանի եւ Լուսածինի միւս չորս զաւակները՝ Յակոբը, Մարին (ծնած է 1926-ին, Լիզայի մայրն է), Էլիզը եւ Յարութիւնը: Յակոբ եւ Էլիզ կը մահանան 18 տարեկանին. առաջինը՝ թոքախտէ, երկրորդը՝ ժանտատենդէ (թիֆոյիտ):

Ստեփան Գոքինիոյ Քոնտիլի փողոցին վրայ կը բանայ փոքր խանութ մը, ուր կը զբաղի ապուխտի (պաստըրմա) պատրաստութեամբ եւ վաճառքով: Նոյն խանութին մէջ կը վաճառէր նաեւ ծխախոտ: Յունաստանի մէջ ապուխտի պատրաստութիւնը աւանդականօրէն հայկական արհեստ մը կը նկատուէր եւ բազմաթիւ գաղթականներ այս գործին լծուած էին: Լիզա Աւագեան կը վկայէ, թէ յաճախ իր մեծ հօր խանութը կ’այցելէր՝ իրեն տաք կաթ տալու համար: Լիզա նկատած էր, թէ մեծ հայրը որքա՜ն նուիրումով փարած էր իր արհեստին. ան կը սիրէր իր գործը եւ ջերմութեամբ ու անկեղծութեամբ կը սպասարկէր իր յաճախորդներուն:

Լիզայի մեծ մայրը՝ Լուսածինը Ատանայի թրքախօս միջավայրի ծնունդ էր: Ատանայի մէջ հայկական նախակրթարան յաճախած ըլլալով, թրքերէնի կողքին, ան լաւապէս կը տիրապետէր նաեւ հայերէնին: Լուսածին իր թոռներուն հետ հայերէնով կը հաղորդակցէր: Լիզա կը յիշէ նաեւ, թէ Լուսածին յաճախ թրքական ձայնասփիւռ կը բանար եւ թրքերէն երգեր կ’ունկնդրէր: Երբ թոռնիկները իրեն ըսէին, թէ ինչո՞ւ մեզի չես արտօներ թրքերէն լսել, Լուսածին կը պատասխանէր. «Եաւրո՛ւմ, մենք ասոնց հետ մեծցանք»:

Մարի Քեհէեան (Ստեփանի եւ Լուսածինի դուստրը) եւ Վարդան Տէր Արթինեան (Համբարձումի եւ Մարիամի որդին) իրարու կը ծանօթանան Գոքինիոյ «Զաւարեան» ակումբին մէջ եւ կ’ամուսնանան 1946-ին: Կ’ունենան երեք զաւակ՝ Մարիամ, Լիզա եւ Համբարձում: Լիզա հետագային կ’ամուսնանայ Գէորգ Աւագեանի հետ:

Աւագեան ճիւղը (Աֆիոն Գարահիսար)

Գէորգ Աւագեանի հօրական մեծ հայրը Նազարն էր, մեծ մայրը՝ Մարիամը: Երկուքն ալ Աֆիոն Գարահիսարէն էին: Ունէին որդի մը՝ Յակոբը (1900-1967), որ Գէորգ Աւագեանի հայրն է:

Նազար Աւագեան Աֆիոն Գարահիսարի մէջ թամբագործ էր: Ան կը սպանուի ցեղասպանութեան տարիներուն: Յակոբ Աւագեան կը շարունակէ հօր արհեստը: Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք, երբ յունական բանակները կը գրաւեն Օսմանեան Տէրութեան արեւմտեան տարածքները, Յակոբ կը սկսի թամբագործութիւն ընել յունական բանակին մէջ:

1921-ին ծայր կ’առնէ յունական բանակներուն նահանջը՝ յոյն-թրքական պատերազմին ընթացքին: Թրքական զօրքը կը մտնէ Աֆիոն Գարահիսար: Կը պատմուի, թէ հայերէն շատեր ապաստան կը գտնեն իրենց եկեղեցիին մէջ: Թուրք զինուորները միայն կիներուն եւ երեխաներուն կ’արտօնէին եկեղեցի մտնել: Յակոբ մանրակազմ երիտասարդ մըն էր. ան կնոջ տարազով կը ծպտուի ու կը յաջողի եկեղեցի մտնել: Երբ կը պարզուի, որ թուրքերը վճռած են եկեղեցին կրակի տալ հոն գտնուող ժողովուրդին հետ, Յակոբ հնարամտութիւնը կ’ունենայ անմիջապէս աստիճան մը շինելու եւ ժողովուրդը եկեղեցիէն դուրս հանելու:

Այս դէպքը աւելի կ’ամրապնդէ Յակոբին հաւատքը Աստուծոյ հանդէպ: Հետագային ան ապաստան կը գտնէ Յունաստանի մէջ: Կը հաստատուի Լիփազմայի շրջանը, ուր կաշեգործութիւն կ’ընէ: Աւելի ուշ կը տեղափոխուի Գոքինիա:

Յակոբ կ’ամուսնանայ Թագուհի Փափազեանին հետ:

Փափազեան ճիւղը (Աֆիոն Գարահիսար)

Թագուհի Փափազեանի հայրը Սեդրակն էր, մայրը՝ Փերուզը: Սեդրակ եւ Փերուզ նոյնպէս Աֆիոն Գարահիսարէն էին: Կ’ունենան երկու դուստր՝ Ֆիլոր եւ Թագուհի: Փերուզ ունէր եղբայր մը՝ Յակոբը։

Ընտանիքին մէջ կը պատմուի Իզմիրի աղէտէն առաջ պատահած հետեւեալ դրուագը: 1921-ին օր մը, երբ Աֆիոն Գարահիսարի մէջ Սեդրակ նստած էր սրճարանի մը մէջ՝ Փերուզին եղբօր ՝ 14 տարեկան Յակոբին հետ, թրքական զօրքերը կը ներխուժեն եւ կը ձերբակալեն բոլոր քրիստոնեայ տղամարդիկը: Յակոբ կը յաջողի փախուստ տալ, բայց քրոջ ամուսինը՝ Սեդրակը, կը ձերբակալուի: Մէկ ամիս ետք Փերուզ կը յաջողի իր ամուսինին հետքը գտնել. ան ճամբաներ կառուցելու բռնադատուած աշխատաւորական ջոկատի մը մաս կը կազմէր: Աշխատանքի պահուն Փերուզ կը մօտենայ Սեդրակին, որ յուսահատ, կնոջը կ’ըսէ. «Բան մը չես կրնար ընել ինծի համար: Եթէ դրամ ունիս, կրնաս տալ»: Փերուզ թրքական ոսկի լիրա մը կու տայ ամուսինին: Այս կ’ըլլայ անոնց վերջին հանդիպումը. Փերուզ մէյ մըն ալ պիտի չտեսնէր իր ամուսինը: Մինչեւ իր կեանքին վերջին պահը Փերուզ կ’ապրի ամուսինին վերադարձին յոյսով:

1922-ի սեպտեմբերին, երբ Զմիւռնիոյ մէջ քեմալական զօրքերը քրիստոնեաները կոտորելու կը սկսին, Փերուզ կը յաջողի իր երկու դուստրերուն՝ Թագուհիին եւ Ֆիլորին հետ Զմիւռնիոյ նաւահանգիստը գտնուող ֆրանսական նաւ մը բարձրանալ եւ հասնիլ Յունաստանի Գորֆու (Քերքիրա) կղզին:

Փերուզ իր երկու աղջիկներուն հետ հոն կը փորձէ նոր կեանք մը կերտել: Ան իր նախնական կրթութիւնն ստացած էր Զմիւռնիոյ գերմանական դպրոցին մէջ, կը տիրապետէր գերմաներէնին, այնպէս որ դիւրութեամբ աշխատանք կը գտնէ տեղւոյն «Պելլա Վենեցիա» (Bella Venezia) պանդոկին մէջ՝ իբրեւ սպասարկող: Փերուզ ամէն ճիգ կը թափէ իր դուստրերուն լաւագոյն ուսում ու դաստիարակութիւն ապահովելու համար: Ֆիլոր եւ Թագուհի կը յաճախեն Գորֆուի մէջ մայրապետներու տնօրինած վարժարան մը:

Փերուզ նոյն ժամանակ կը փորձէր օգնել Գորֆու հաւաքուած բազմաթիւ այլ գաղթականներու: Այսպէս, պանդոկին մէջ աւելցած ճաշերը կը տանէր եւ կը բաժնէր գաղթական ընտանիքներու:

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին ընթացքին, երբ գերմանական զօրքը կը գրաւէ Յունաստանը, Փերուզ թարգմանիչի դեր կը կատարէ գերմանական գրաւեալ իշխանութիւններուն համար, երբ անոնք յոյն գերիներ կը հարցաքննէին: Ան կը պատմէր, թէ բազմաթիւ գերիներու կեանքը փրկած է՝ թարգմանութիւններու ժամանակ որոշ բաներ ի նպաստ գերիներուն թաքցնելով կամ իրականութիւնները կեղծելով:

Պատերազմի աւարտին, յունական կառավարութիւնը Փերուզը կը պարգեւատրէ յոյն եւ հայ գաղթականներուն ի նպաստ անոր մատուցած ծառայութիւններուն համար:

Թագուհի Փափազեան աւելի ուշ Աթէնք կը տեղափոխուի եւ հոն կ’ամուսնանայ Յակոբ Աւագեանին հետ: Կ’ունենան երկու զաւակ` Անժել (ծնած է 1939-ին) եւ Գէորգ (ծնած է 1940-ին): Ֆիլոր Գորֆու կը մնայ եւ հոն կ’ամուսնանայ: Կ’ունենայ դուստր մը, որու անունը կը դնէ Փերուզ՝ ի յիշատակ իր մօր: