«Դպրոցասէր»ի որբուհիները, հաւանաբար Մարսէյ լուսանկարուած։

Արաքսի Գալուստեան-Գահուէճեան հաւաքածոյ - Փարիզ

26/10/23 (վերջին փոփոխութիւն՝ 26/10/23)

Գալուստեան ընտանիքը Օրտուէն է: Ամէնէն հին նախնիներէն ծանօթ են Յակոբ Գալուստեանը եւ կինը՝ Համբարձում եւ Տուրիկ Ճգնաւորեաններու դուստր, 1854-ին ծնած Գայիանէն: Յակոբ եւ Գայիանէ Գալուստեաններու որդին էր Յովակիմը՝ ծնած 1881-ին: Յովակիմ արհեստով չափուլաճի էր՝ կաշիէ սանտալներ շինող: Արհեստանոցը կը գտնուէր Օրտուի հայ արհեստաւորներու շուկային մէջ: Յովակիմ ունէր երկու քոյր. Էլմաս, որ ամուսնացած էր Գալոնճեանի մը հետ, անոնց զաւակներէն ծանօթ էր Երուանդը. եւ Տիգրանուհի, որ ամուսնացած էր Աճառեանի մը հետ, ունէին երկւ զաւակ՝ Սուրէն եւ Սիրանուշ:

Յովակիմ 24 դեկտեմբեր 1909-ին կ’ամուսնանայ Խաչիկ (ծնած 1845-ին) եւ Դշխօ (ծնած 1854-ին) Վարդեաններու դուստր Տիգրանուհիի հետ: Խաչիկի ծնողներուն անուններն էին Վարդան եւ Զարթուկ (՞), մինչ Դշխոյի ծնողները՝ Յակոբ եւ Մարիամ: Տիգրանուհիի քոյր-եղբայրներէն ծանօթ է Տիգրանը (ծնած 1887-ին):

Յովակիմ եւ Տիգրանուհի կ’ունենան երկու դուստր՝ Արաքսի (ծնած 1912-ին) եւ Պերճուհի (ծնած հաւանաբար 1914-ին):

Յովակիմ ջութակի վարպետ նուագող էր: Անոր տունէն անպակաս էին ընտանեկան խնճոյքները՝ երգի եւ երաժշտութեան ընկերակցութեամբ:

Յունիս 1915-ին ծայր կ’առնէ Օրտուի հայ չափահասներու ձերբակալութիւնը օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ: Յովակիմ ձերբակալուածներու շարքին էր: Անոնք դուրս կը հանուին քաղաքէն եւ անհետ կը կորսուին: Տիգրանուհի եւ իր ամուսինը այս ձեւով կորսնցուցած ուրիշ հայուհի մը կ’որոշեն դուրս գալ Օրտուէն ու իրենց ամուսինները փնտռել: Տիգրանուհի իր երկու աղջիկները կը յանձնէ թուրք դրացուհիին՝ Մահիթափ* հանըմի հոգատարութեան: Տիգրանուհի ինք եւս երբեք չի վերադառնար Օրտու եւ անհետ կը կորսուի:

Օրտու, 1913, թաղման պատկեր: Հանգուցեալը Արաքսիի մօր՝ Տիգրանուհի Գալուստեանի (ծնեալ Վարդեան) հայրն է՝ Խաչիկ Վարդեանը:
Օրտու, 1905 կամ 1906: Արաքսիի հօր՝ Յովակիմ Գալուստեանի մօրեղբօր՝ Սահակ Ճգնաւորեանի թաղումը: Լուսանկարին մէջ, այլոց շարքին, կ’երեւին հանգուցեալին քոյրը եւ Յովակիմի մայրը՝ Գայիանէն (նկարին կեդրոնը՝ դագաղին անմիջապէս քովը), ինչպէս նաեւ Յովակիմի քոյրեր Էլմասն ու Տիգրանուհին: Այս պատկերը Գրիգոր Գահուէճեան ստացած է 1970-ական թուականներուն, Հայաստան ապրող օրտուցի ազգականներէ:

1915-ին Օրտուի հայութիւնը հաւաքական բռնագաղթի կ’ենթարկուի: Երկու որբուհիները՝ Արաքսի եւ Պերճուհի, ցեղասպանութեան ամբողջ տեւողութեան կը մնան Մահիթափ հանըմի ընտանեկան յարկին տակ (Արաքսիի որդիներէն Գրիգոր Գահուէճեան Մահիթափ հանըմը կ’անուանէ արդար թրքուհի):

Առաջին համաշխարհային պատերազմը երբ կ’աւարտի, որբուհիներուն մօրաքոյրը կը գտնէ անոնց հետքը եւ այս մասին տեղեակ կը պահէ հայկական համայնքային մարմինները: Զինադադարէն ետք, հայկական հաստատութիւններ գործի անցած էին ցեղասպանութենէն վերապրածներ հաւաքելու եւ մէկտեղելու: Այս աշխատանքը կեդրոնացած էր, յատկապէս, թուրք, քիւրտ եւ արաբ ընտանիքներու մէջ պահուող հայ երեխաներ, պատանիներ ու կիներ հաւաքելու եւ զանոնք որբանոցներու կամ ապաստանարաններու մէջ տեղաւորելու վրայ:

Չենք գիտեր թէ Մահիթափ հանըմ եւ անոր ընտանիքը ինչպէ՛ս կը հակադարձեն, երբ հայեր կը ներկայանան իրենց ու կը պահանջեն որբուհիները հայութեան խնամքին յանձնել: Գիտենք միայն, որ Արաքսի եւ Պերճուհի կը ղրկուին Պոլիս, ուր կը մտնեն բրիտանական Lord Mayor’s Fund-ի որբանոցը: Զինադադարէն ետք, Դաշնակից բրիտանական ուժերը գրաւած էին Պոլիսը: Այս կացութիւնը երկար չի տեւեր: 1922-ի վերջին, Դաշնակիցները կը հեռանան քաղաքէն՝ իրենց տեղը զիջելով Մուսթաֆա Քեմալի (ապագայ Աթաթիւրքը) ազգայնական ուժերուն: Բրիտանացիներու հեռացումէն անմիջապէս առաջ, Պոլիսէն Յունաստան կը տեղափուխուին հայկական բազմաթիւ որբանոցներ, որոնց շարքին նաեւ Lord Mayor’s Fund-ի հաստատութիւնը:

Արաքսի եւ Պերճուհի Գալուստեան քոյրերուն պատկանած՝ ասեղնագործութեան համար գործածուած տետրակ: Հոս քոյրերը գծած են ասեղնագործութեան բազմաթիւ նմուշներ, որոնք շատ հաւանաբար կը գործածէին իրենց աշխատանքին ժամանակ:

22 նոյեմբեր 1922-ին Արաքսի եւ Պերճուհի կը հասնին Յունաստանի Քորֆու (Քերքիրա) կղզի եւ բնակութիւն կը հաստատեն Lord Mayor’s Fund-ի` հոս հիմնած որբանոցին մէջ: 11 մարտ 1925-ին կը տեղափոխուին Մարսէյ (Ֆրանսա) եւ կ’ընդունուին այս քաղաքին մէջ հաստատուած Դպրոցասէր տիկնանց միութեան որբանոց-վարժարան: Նշենք, որ այս միութիւնը հիմնուած էր 1879-ին Պոլսոյ մէջ եւ տասնամեակներ շարունակ զբաղած կրթական գործունէութեամբ: Ցեղասպանութենէն ետք Պոլսոյ մէջ կը բանայ որբանոց-վարժարան մը, որ 1922-ի վերջաւորութեան կը տեղափոխուի Սալոնիկ (Յունաստան), ուրկէ 1925-ին՝ Մարսէյ:

«Դպրոցասէր» վարժարանը 1928-ին Մարսէյէն կը տեղափոխուի Փարիզի հիւսիս-արեւելեան Լը Ռենսի արուարձան: Արաքսի այդ ժամանակ 16 տարեկան էր, իսկ Պերճուհի՝ 14: Այս տեղափոխութեամբ, անոնք ալ կը հասնին Փարիզ: Քոյրերուն մօրաքոյրը՝ Բերիկ, վերապրած էր ցեղասպանութենէն եւ թղթակցած որբուհիներուն հետ: Մօրաքոյրը ամէն ձեւով փորձած է օգնել իր երկու հարազատներուն, բայց նիւթական միջոցներ չունէր զանոնք որդեգրելու. ան հաւաքարարուհի կ’աշխատէր՝ համեստ վարձատրութեամբ: Ցեղասպանութեան հետեւանքով այրիացած էր եւ իր վրայ ունէր երկու դուստրերու՝ Նուարդի եւ Յասմիկի ապրուստի հոգը:

Արաքսի երբեք մտահան չէր ըրած եւ չէր ալ կրնար ընել իր պաշտպանին՝ Մահիթափ հանըմի յարկին տակ անցուցած տարիները: Այս թրքուհիին բարութիւնն ու ազնուասրտութիւնը մանկական իր հոգիին մէջ խորունկ հետք ձգած էին: Հակառակ դժուարութիւններուն՝ Արաքսի եւ զինք որդեգրած մայրիկը յետագայ տարիներուն նամակագրական կանոնաւոր կապ պիտի պահէին: Ստորեւ բերուող 8 նոյեմբեր 1929 թուակիր, լատինատառ թրքերէն նամակը հաստատումն է Արաքսին ու Մահիթափը իրարու կապող գորովալից յարաբերութեան: Հոն կը տեսնենք, որ թրքուհին Արաքսին եւ Պերճուհին իր դուստրերը կը սեպէ տակաւին եւ անոնց կը վերաբերի ինչպէս հարազատ զաւակի: Արաքսի ինք եւս, ըստ իր որդիին՝ Գրիգոր Գահուէճեանի պատմածին, Մահիթափը «թուրք մամաս» կոչած է միշտ:

Սիրելի, թանկագին աղջիկներս,
Ինչքան կ՚ուզեմ ձեզ տեսնել, որ անկարելի է պատմել։ Անգամ մը եւս բախտ պիտի ունենա՞նք զիրար տեսնել այս աշխարհի վրայ։ Ինչպէ՞ս էք։ Զաւակներս, մաշալլահ, մեծցեր էք։ Հայրիկդ յատուկ կը բարեւէ եւ զատ-զատ ձեր աչքերէն կը համբուրէ։ Մահմուտ եղբայրդ կը բարեւէ։ Մեհմետ եղբայրդ կը բարեւէ։ Քեռկինդ աչքերէդ կը համբուրէ։ Քոյրդ Այշէ, Նուրիէ զատ-զատ կը համբուրեն աչքերէդ։ Լուսանկար ուղարկեր էք։ Շնորհակալ եմ։ Դարձեալ ղրկեցէք։ Ինչքան ժամանակէ ի վեր կ՚ուզէի նամակ գրել, առիթ չէր ըլլար։ Ա՛լ միշտ գրենք իրարու, դուք ալ յաճախ ուղարկեցէք, աղջիկներս։ Ձեր մայրը՝ Մահիթափ։
8 նոյեմբեր 1929

«Դպրոցասէր»ի որբուհիները, հաւանաբար Մարսէյ լուսանկարուած, 1925-1928 թուականներ: Արաքսի երկրորդ շարքին է, ձախէն հինգերորդը:
«Դպրոցասէր»ի որբուհիները, հաւանաբար Մարսէյ լուսանկարուած, 1925-1928 թուականներ: Արաքսի երրորդ շարքին է, ձախէն վեցերորդը:

1), 2) Արաքսի Գալուստեանի ինքնութեան վկայականը, 14 փետրուար 1925 թուակիր, տրուած Քորֆուի (Յունաստան) տեղական իշխանութիւններուն կողմէ: Հոս եւս ճիշդ չեն արձանագրուած Արաքսիի ծննդեան թուականն ու հայրանունը (28 ապրիլ 1910՝ փոխան 1912-ի եւ նոյնպէս Գալուստ՝ փոխան Յովակիմի), հետեւաբար նաեւ տարիքը (15՝ փոխան 13-ի): Նախկին բնակավայր նշուած է Էրենքէօյը (Պոլսոյ ասիական կողմի թաղամասերէն): Այս փաստաթուղթով Արաքսի կրցած է նոյն տարայ մարտ ամսի սկիզբին ճամբորդել Յունաստանէն Մարսէյ (Քորֆուի մէջ Ֆրանսայի գլխաւոր հիւպատոսին տուած վիզայի նշումները աջ էջին վերն են, նոյն էջին կեդրոնը՝ 11 մարտ 1925-ին Մարսէյի մէջ պետական գրացումի կնիքն է):
3)  Արաքսի Գալուստեանի ծննդեան վկայականը, 8 սեպտեմբեր 1925 թուակիր, տրուած Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին կողմէ եւ ստորագրուած պատրիարքական տեղապահ Գէորգ արքեպիսկոպոս Արսլանեանի կողմէ: Ճիշդ չեն արձանագրուած կարգ մը տեղեկութիւններ՝ ծննդեան տարեթիւը (1911՝ փոխան 1912-ի), հայրանունը (Գալուստ՝ փոխան Յովակիմի), մօր մականունը (Մկրեան՝ փոխան Վարդեանի):

«Դպրոցասէր»ի պատասխանատուները, ինչպէս միւս հայկական որբանոցներու իրենց պաշտօնակիցները, ջերմեռանդօրէն կը քաջալերէին իրենց խնամքին յանձնուած որբուհիներուն ամուսնութիւնը հայ տղոց հետ: Այսպիսով, անոնցմէ իւրաքանչիւրը ազգի վերակազմաւորումին իր նպաստը բերելու զգացումը կ’ապրէր՝ միաժամանակ երաշխաւորելով որբուհիներուն ընկերային համարկումը: Կը հետաքրքրուէին փեսացուներու նիւթական եւ առողջական վիճակով ու անոնց բարոյականութեամբ՝ ստուգելու, թէ ամէն ինչ պէտք եղածին պէ՞ս է արդեօք: Եթէ արդիւնքը դրական ըլլար, պատասխանատուները կու տային տուեալ ամուսնութեան իրենց համաձայնութիւնը: Ամենայն հաւանականութեամբ այս կերպ եղած է նաեւ Արաքսիին ամուսնութիւնը, երբ Անգարայի մօտակայ զուտ հայաբնակ Սթանոզ քաղաքը ծնած Կարապետ Մաթոս Գահուէճեան իր ընտանիքին մտերիմ մարդոց հետ ներկայացած է «Դպրոցասէր»ի տնօրէնութեան եւ յայտնած որբուհիի մը հետ ընտանիք կազմելու իր ցանկութիւնը:

Պսակի արարողութիւնը տեղի կ’ունենայ Փարիզի 8-րդ թաղամասի Ժան Կուժոն փողոցին մէջ գտնուող Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ հայկական եկեղեցւոյ մէջ, 31 մայիս 1931-ին: Նորապսակները կը հաստատուին Փարիզի հարաւ-արեւմտեան Իսի լէ Մուլինօ արուարձանին մէջ: Կը բախտաւորուին երկու զաւակով՝ Գրիգոր (ծնեալ 1943-ին) եւ Տընիզ-Տիգրանուհի (ծնեալ 1946-ին):

Մաթոս կը մահանայ 1979-ին, Արաքսի՝ 2003-ին: Արաքսի կը հանգչի Իսի լէ Մուլինոյի գերեզմանատան մէջ: Անոր փափաքով՝ Մահիթափ հանըմին նամակը թաղուած է հետը: Ընտանիքը պահած է նամակին մէկ պատճէնը:

Արաքսի եւ Պերճուհի Գալուստեան քոյրերուն պատկանած ասեղնագործութեան տետրակին մէջ մնացած դերձաններ: