Ճիպէյլ, 1920-ի շուրջ: Սեւ-ճերմակ այս լուսանկարը գունաւորուած է MyHeritage.comի միջոցաւ։ Բնատիպ պատկերը կրնաք տեսնել յօդուածին մէջ աւելի վար։

Ճիպէյլի որբանոց - Լիբանան

Ժպտացող որբեր

Հեղինակ՝ Վահէ Թաշճեան, 31/01/24 (վերջին փոփոխութիւնը՝ 31/01/24)

Մեր տրամադրութեան տակ ունինք 46 հայ որբի լուսանկար: Անոնք կը գտնուին Կարօ Տէրունեանի անձնական հաւաքածոյին մէջ: Հաւանաբար Լիբանանի Ճիպէյլ քաղաքի Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյց կոմիտէի (Near East Relief, այսուհետ՝ NER) որբանոցի տարածքին մէջ լուսանկարուած են: Այլ հաւանականութիւն մըն է, որ անոնք լուսանկարուած ըլլան Այնթապի մէջ՝ 1919-1920-ին, նախքան որբերուն Ճիպէյլ տեղափոխուիլը: Լուսանկարներուն չափը 7,8 × 10,3 սմ. (3 × 4 ինչ) է: Բոլոր լուսանկարներուն մէջ որբերը կը ժպտան: Հաւանական է որ այս պատկերներուն միջոցաւ որբանոցին ամերիկացի պատասխանատուները փափաքած են ի նպաստ իրենց հաստատութեան քարոզչութիւն կատարել եւ դրամահաւաք իրականացնել:

Իւրաքանչիւր լուսանկարի դարձերեսին գրուած է որբին անունն ու մականունը՝ լատինատառ եւ հայատառ: Յայտնի է որ սկիզբը գրուած է լատինատառ, յետոյ աւելցուած է հայատառ անունը: Անունները գրողը հաւանաբար ամերիկացի պաշտօնեայ մըն էր, որ վարժ չէր հայկական անուններուն, այնպէս որ կարգ մը անուններ յայտնապէս սխալ գրուած են: Այս էջին մէջ անունները կը վերարտադրենք նոյնութեամբ:

Որբերու այս տպաւորիչ պատկերները մեզ կը փոխադրեն Լիբանան: 1920-ականներու սկիզբին զանազան որբանոցներու մէջ կը գտնուէին ցեղասպանութենէն ճողոպրած հազարաւոր որբեր, որոնք կը խնամուէին, կը դաստիարակուէին, արհեստներ կը սորվէին եւ կը պատրաստուէին չափահասի կեանքին:

Լիբանանի տարածքին գտնուած հայկական որբանոցները

Մանչերու Ճիպէյլի որբանոցը հիմնուած է 1920-ին, NER-ի կողմէ, ընդունելու համար Այնթապէն ժամանած հայ որբերը: Անոնք նախ անցած են Հալէպէն, ապա ուղղուած դէպի Պէյրութ: Երբ տղաքը յունիս 1920-ին կը հասնին Լիբանան, սկիզբը զիրենք վրաններու տակ կը տեղաւորեն Պէյրութի նաւահանգիստին մօտակայ Քարանթինա կոչուող վայրին մէջ: Սեպտեմբեր 1920-ին կը տեղափոխուին Ճիպէյլ, շերամապահութեան՝ կիսաւեր վիճակի մէջ գտնուող նախկին գործարանի մը տարածքը, որ ձեւափոխուելով պիտի վերածուէր շուրջ 1500 մանուկ պատսպարելու կարողութիւն ունեցող որբանոցի: Մինչեւ 1924 թուականը հաստատութեան ղեկավարը ամերիկացի միսիոնար Ռէյ Փ. Թրեւիսն էր:

1920-ականներու Լիբանանը, Յունաստանը եւ Խորհրդային Հայաստանը եղած են այն երկիրները, որոնց տարածքին ամենէն մեծ թիւով հայկական որբանոցներ գտնուած են, ուր պատսպարուած են հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած երախաներ: 1920-ականներու սկիզբին, բացի Ճիպէյլի հաստատութենէն, Լիբանանի մէջ կը գործէին հայ որբեր խնամող բազմաթիւ այլ որբանոցներ, որոնց ցանկը բերուած է ստորեւ: Փակագիծերու մէջ նշուած է որբանոցը տնօրինող կազմակերպութեան անունը:

Ճիպէյլ, 1920-ի շուրջ: Հայ որբեր արհեստ կը սորվին ամերիկեան դրօշի եւ հայկական Եռագոյնի հովանիին տակ (Կարօ Տէրունեան հաւաքածոյ):

«Քելեկեան-Սիսուան», Պէյրութ (ՀԲԸՄ).- Հիմնուած է 1922-ին, Պէյրութի Էշրեֆիէ թաղամասին մէջ եւ գործած է մինչեւ 1930-ականներու սկիզբը:

Նահր Իպրահիմ (NER).- Հիմնուած է 1923-ի գարնան՝ Կեսարիոյ եւ Գոնիայի հայ որբերը պատսպարելու համար: Տնօրէնն էր Սթենլի Քերրը: Մալարիայի համաճարակը աւերներ կը գործէ այս հաստատութեան մէջ, բազմաթիւ որբեր կը մահանան: 1924-ին Նահր Իպրահիմի որբերը կը փոխադրուին Ճիպէյլի որբանոց:

Ղազիր (NER).- 1919-ին ամերիկացիները հոս որբանոց մը հիմնած էին լիբանանցի երախաներու համար, որոնք 1922-ին կը փոխադրուին Սայտա: Անկէ ետք հաստատութիւնը կը վստահուի զուիցերիացի Եաքոպ Քիւնցլերին, որու տնօրինութեամբ հոս ապաստան կը գտնէ մեծամասնութեամբ ուրֆացի 1500 հայ երախայ: Հաստատութիւնը կը վերածուի աղջկանց որբանոցի: Հոս կը գործէր գորգագործութեան արհեստանոց մը: 1925-ին կը բացուի կոյրերու վարժարան մը:

Զմմառ, ապա Պուրճ Համմուտ (Հայ կաթողիկէ եկեղեցի).- Մօտաւորապէս 200 երախայ ապաստանած էր Զմմառի հայ կաթողիկէ վանքին մէջ: 1923-ին անոնք կը փոխադրուին Պէյրութ, ապա Պուրճ Համմուտ՝ Հայր Պօղոս Արիսի հիմնած «Սեն Կրեկուար» (Saint Grégoire) կոչուող երկրագործական բնոյթի որբանոց:

Մաամըլթէյն (NER).- Հիմնուած է 1922-ին: Մանչերու յատկացուած այս հաստատութիւնը կը գործէ միայն տարի մը: Նոյն վայրին մէջ 1 յուլիս 1923-ին կը բացուի Լիբանանի հայոց ազգային բուժարանը, որ 1938-ին տեղափոխուած է Լեռնալիբանանի Ազունիէ գիւղը, ուր կը գործէ առ այսօր:

Ճիւնի (Որբախնամ).- Հիմնուած է 1920-ին: Ընդունած է Այնթապէն հասած հայ երկսեռ որբերը: Գործած է մինչեւ 1928 թուականը:

Ճիւնի (NER).- Հոս գործած է աղջիկներու որբանոց մը, որ կը հաշուէր 470 սանուհի: Հաստատութեան մէջ ապաստանած էին Կեսարիայէն եւ Գոնիայէն տեղափոխուած աղջիկները: Հաստատութիւնը կը գոցուի 1925-ին, աղջիկներուն մէկ մասը կը տարուի Ղազիր եւ Սայտա:

Զուք Միքայէլ (NER).- Աղջկանց որբանոց: Հիմնուած է 1922-ին: Կը պատսպարէր 350 երախայ՝ ղեկավարութեան տակ դանիացի միսիոնարուհի Մարիա Եաքոպսոնի: 1923-ին, ջուրի տագնապի հետեւանքով, հաստատութիւնը կը փակուի եւ երախաները կը տեղափոխուին Սայտայի որբանոց:

Անթիլիաս (NER).- Հիմնուած էր 1922-ին, ունէր շուրջ 1250 երախայ: Կը ղեկավարէր NER-ի Աւստրալիոյ մասնաճիւղը: Հետագային հաստատութիւնը կ’ունենայ նաեւ արհեստից վարժարան: 1920-ականներու վերջերուն, այս կալուածը կը դառնայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նստավայրը:

Պէյրութ (NER).- Ամերիկեան բարեգործական այս կազմակերպութիւնը 1922-էն ի վեր ունէր որբուհիներուն յատուկ ձեռագործի վարժարան մը՝ ծովի ափին շինուած: Աշակերտուհիներու մեծ թիւին պատճառով, նոյնատիպ երկրորդ հաստատութիւն մը կը հիմնուի 1923-ին՝ St. James-ի (Պէյրութ) մէջ: Այս երկու հաստատութիւնները կը փակուին 1925-ին:

Սայտա (NER).- Հիմնուած է 1918-ին: Յատկացուած էր լիբանանցի որբերու: Հետագային հոս ապաստան կը գտնէ հազարի չափ հայ երախայ: Հաստատութիւնը կը կոչուէր «Թռչնոց բոյն»: Տնօրէնի պաշտօնը վարած է Մարիա Եաքոպսոն, որ հետագային պիտի դառնար Ճիպէյլի որբանոցի տնօրէնուհին:

Համմանա, Սուր եւ Տամուր (NER).- Այս հաստատութիւնները կարճատեւ կեանք ունեցած են: Այս վայրերու որբերը հետագային տեղափոխուած են Լիբանանի մէջ գործող ամերիկեան այլ որբանոցներ:

Շըմլան (Friends of Armenia).- Այնթապէն ժամանած 100-150 հայ որբեր կը գտնուէին բրիտանական այս հաստատութեան մէջ:

Այն Աննուպ (Friends of Armenia).- Շըմլանին մօտակայ գիւղին մէջ գտնուող բրիտանական այս որբանոցը նոյնպէս պատսպարած է հայ որբեր:

Պրումմանա (Friends of Armenia).- Բրիտանական կազմակերպութիւնը 1922-ին հոս հիմնած է իր որբանոցը, ուր խնամուած են հայ որբեր:

Ալէյ եւ Պաապտա (Պեզանսոնի քոյրեր).- 300 հայ մանչ որբ կը գտնուէր Ալէյի ֆրանսական այս հաստատութեան մէջ, մինչ Պաապտայի մէջ ապաստանած էր մօտ 100 որբուհի:

Ապէյ (Քափուչիններnւ միաբանութիւն).- Այս լատին միաբանութիւնը Ապէյի իր վանքին մէջ պահած է հայ որբեր:

Սայտա եւ Պասքինթա (Սեն Ժոզեֆի քոյրեր).- Ֆրանսական այս հաստատութիւնը Սայտայի մէջ ապաստան տուած էր մօտ 40 հայ որբուհիի: Պասքինթայի մէջ քոյրերը կը խնամէին մօտ 20 հայ որբուհի:

Նշենք որ ցեղասպանութեան տարիներուն հայ որբեր կային նաեւ Այնթուրայի թրքական որբանոցին մէջ:

Որբերուն դաստիարակութիւնը եւ Ճիպէյլի որբանոցը

Հայկական վերնախաւին դիտանկիւնէն, հայ որբերուն հոգատարութիւնը լո՛կ մարդասիրական եւ ընկերային-հոգեբանական խնդիր մը չէր: Այդ տարիներուն լոյս տեսած բազմաթիւ յօդուածներէ յստակ կ’երեւի, որ հայերու համար որբերը նաե՛ւ ազգային հիմնախնդիր մըն էին: Այսքան մեծ թիւով հայ որբերու գոյութիւնը մտածել կու տար, որ այս երախաները ազգային հարստութիւն են, անոնք Սփիւռքի հայկական գաղութներու կամ Հայաստանի գոյութեան ու ամրապնդման երաշխիքն են: Հետեւաբար, որբանոցը պէտք էր վերածել ազգային այն օճախին, ուր պիտի կոփուէր հայ որբը՝ հայ նոր մարդը՝ ազատ անցեալի բռնութիւններէն, գիտակից իր ինքնութեան ու անոր պահպանման: Յետցեղասպանութեան այս ազգային զօրաշարժի ընթացքին, որբը կը դառնայ խորհրդանիշը ազգային վերընձիւղման. որբին պաշտպանութիւնը, խնամքն ու ազգային դաստիարակութիւնը կը վերածուին բացարձակ առաջնահերթութիւններու:

Աւետիս Ահարոնեան 1924-ին Փարիզի մէջ գրուած եւ Ճիպէյլի հայ որբերուն ուղղուած նամակի մը մէջ զանոնք կը կոչէ «սիրուն ծիլերը մեր նոր անդաստանի, մեր խորտակուած անտառի հարուստ բողբոջներ, առաջին ցոլքերը մեր ծագող արշալոյսի» [1]: Ահարոնեան եւ անոր նման շատեր համոզուած էին, որ ազգային ամուր դաստիարակութիւն ստանալով՝ հայ որբը պիտի դառնար ապագայի յանձնառու հայը, վերականգնումի խորհրդանիշը:

Ճիպէյլի որբանոցը 1920-ականներու առաջին կէսին պիտի դառնար հայկական կրթական կարեւոր օճախ մը: Ուսուցչական կազմը բաղկացած էր երիտասարդ եւ տաղանդաւոր մտաւորականներէ, որոնք էապէս նուիրուած էին իրենց սաներու դաստիարակութեան գործին: Անոնց շարքին էին Սեդրակ Զաւէն, Կոպեռնիկ Մանսուրեան, Հայկ Պալեան, Կոստան Պանտիկեան, Ստեփան Տարտունի (Տէր Մատթէոսեան), Միհրան Պալիկեան, Հայկազուն Քէշիշեան, Կարապետ Գըվըրեան եւ ուրիշներ:

Հաստատութեան դասաւանդման գլխաւոր լեզուն հայերէնն էր. կը սորվեցնէին նաեւ արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն: Որբանոցի տարածքին յաճախ կը հնչէին հայրենասիրական-յեղափոխական երգերը, հայոց պատմութեան եւ ֆետայական պայքարի խորհրդանիշ ու ներշնչող կերպարները որբերու պաշտամունքի առարկան դարձած էին: Ճիպէյլի հաստատութիւն պարբերաբար կ’այցելէին ժամանակի հայ յայտնի դէմքեր: Անոնց համար այս որբանոցը ուխտատեղիի նման վայր մըն էր, ուր կու գային, կը հանդիպէին որբերուն, դասախօսութիւններ կու տային եւ կը փորձէին ոգեւորել երախաները: Ճիպէյլ այցելածներու շարքին են Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոս, Երուանդ Օտեան, Նիկոլ Աղբալեան, Վահան Քիւրքճեան, Վահան Թէքէեան, Խոսրով Թիւթիւնճեան, Արշակ Յովհաննիսեան:

Հաստատութիւնը օժտուած էր հայերէն գիրքերու հարուստ գրադարանով, ունէր իր մարզական ու գրական ակումբները, թատերախումբը, փողերախումբը, մարզիկներն ու մարզական խումբերը: 1922-1925-ին հոս կը հրատարակուէր որբերու պաշտօնաթերթը՝ «Տուն» աշակերտական ամսաթերթը:

Ճիպէյլի որբանոցին տարածքը 1920-ի սկիզբին (աղբիւր՝ Yates County History Center)։
Ճիպէյլի որբանոցին գրադարան-ընթերցարանը (աղբիւր՝ Yates County History Center)։
Ճիպէյլի որբանոցին մարզական խումբը (աղբիւր՝ Yates County History Center)։
Ճիպէյլի որբերը զբօսանքի պահուն: Աջին կ’երեւի երկաթուղագիծ մը, որ տեղադրուած էր որբերուն միջոցաւ, փոքր տարածքի մը վրայ: Ան կը գործածուէր որբանոցին մէջ շինարարական աշխատանքներ կատարելու համար: Անոր վրայ տեղադրուած փոխադրակառքով մը որբերը շինանիւթ կը տեղափոխէին մէկ վայրէն միւսը (աղբիւր՝ Yates County History Center)։
Կօշկակարութիւն սորվող որբեր (աղբիւր՝ Yates County History Center)։
Կօշկակարութիւն սորվող որբեր (աղբիւր՝ Yates County History Center)։
Դերձակութիւն սորվող որբեր (աղբիւր՝ Yates County History Center)։
Ճիպէյլի որբանոցին ճաշարանը: Ճաշը գետինը դրուած է: Սաները կը ճաշէին գետինը նստած (աղբիւր՝ Yates County History Center)։
Ճիպէյլի որբանոցէն եւ սաներէն ընդհանուր տեսարան մը (աղբիւր՝ Yates County History Center)։
Ճիպէյլի որբանոցին համայնապատկերը (աղբիւր՝ Yates County History Center)։
Ճիպէյլի որբանոցին փողերախումբը: Հիմնադիրը Յակոբ Իւվէզեանն էր: Փողերախումբը հետագային պիտի ղեկավարէր Յարութիւն Պիւլպիւլեան (աղբիւր՝ Yates County History Center)։
Դերձակութեան արհեստանոցը (աղբիւր՝ Yates County History Center)։
Որբերը Միջերկրական ծովուն մէջ լողալու պահուն (աղբիւր՝ Yates County History Center)։
Ճիպէյլի որբանոցին փողերախումբը: Հիմնադիրը Յակոբ Իւվէզեանն էր: Փողերախումբը հետագային պիտի ղեկավարէր Յարութիւն Պիւլպիւլեան (աղբիւր՝ Yates County History Center)։
Ճիպէյլի որբանոցին խոզերը ծովու ջուրերուն մէջ: Որբանոցը ունէր իր սեփական խոզանոցը (աղբիւր՝ Yates County History Center)։

Ճիպէյլի մանչերու որբանոցին փակումը (1925) եւ վերաբացումը (1928)

Որբերուն ազգային-հայրենասիրական ամուր դաստիարակութիւն մը տալու հայկական վերնախաւի վճռակամութիւնը յաճախ բախման մէջ էր հայ որբեր խնամող ամերիկեան, բրիտանական եւ ֆրանսական որբանոցներու տնօրէնութեանց կեցուածքին հետ: Վերջիններուս համար հիմնականը որբը խնամելը, անոր կրօնական ուսում տալը, հայոց լեզու եւ հայկական մշակոյթ փոխանցելը եւ արհեստ մը սորվեցնելն էր: Անոնք որբին մէջ անպայման չէին տեսներ ապագայ հայ զինուորը կամ հայ մշակոյթին եւ ինքնութեան համար մաքառող տարրը: Որբանոցներուն մէջ յաճախ կ’արգիլէին հայկական կուսակցութիւններու գործունէութիւնը եւ կուսակցական քարոզչութիւնը:

Դաստիարակչական ըմբռնումներու այս հակադրութիւնը տխուր վախճան ունեցաւ Ճիպէյլի որբանոցին մէջ: Հոն դասաւանդող ուսուցիչներէն ոմանք անդամ էին Հ. Յ. Դաշնակցութեան, որբերէն շատեր անոնց գաղափարներու ազդեցութեան տակ էին: Որբերը զանազան առիթներով ընդդիմացած են իրենց տնօրէնութեան դաստիարակչական եղանակներուն եւ նոյն ուսուցիչները զօրակցած են բողոքի այս քայլերուն: Ճիպէյլի մէջ այս տեսակ հակադրութիւններ մինչեւ իսկ յանգած են կռիւներու, որոնց մասին լայնօրէն անդրադարձած է Լիբանանի այդ ժամանակուայ հայկական մամուլը:

Այսպիսի պայմաններու մէջ է, որ 1925 թուականին NER-ի Լիբանանի վարչութիւնը կը կայացնէ Ճիպէյլի որբանոցը փակելու որոշումը: Որբերը կը տեղափոխուին Սայտայի, Անթիլիասի եւ Նազարէթի (Պաղեստին) որբանոցները: Կարեւոր է նշել նաեւ, որ 1924-ին, Ֆրանսայի պետութեան եւ NER-ի միջեւ ստորագրուած համաձայնութեան հիման վրայ, Ճիպէյլի որբերէն 400 հոգի արդէն տարուած էին Ֆրանսա՝ գիւղատնտեսական ձեռնարկութիւններու մէջ աշխատելու համար:

1928-ին, Ճիպէյլի այս հաստատութիւնը պիտի թեւակոխէր իր կեանքի մէկ նոր փուլը, երբ Սայտայի «Թռչնոց բոյն» որբանոցը պիտի տեղափոխուէր Ճիպէյլ եւ հաստատուէր ամերիկեան նախկին հաստատութեան շէնքերուն մէջ: Սայտայէն եկողները մեծամասնութեամբ աղջիկ էին: Միայն մանուկ տարիքի որբերը երկսեռ էին: Դանիական Kvindelige Missions Arbejdere (կրճատ՝ KMA, «Կին միսիոնար աշխատողներ») առաքելութիւնը պիտի գնէր Ճիպէյլի կալուածը, եւ միսիոնարուհի «Մամա» Մարիա Եաքոպսոն պիտի ստանձնէր տնօրէնի պաշտօնը:

[1] «Պ. Ահարոնեանէն հայ որբերուն», Տուն աշակերտական ամսագիր, Ամերիկեան որբանոց, Ճիպէ[յ]լ, Լիբանան, Բ. տարի, թիւ 2, մայիս 1924:

1924: Ճիպէյլի որբերէն խումբ մը կը տարուի Ֆրանսա՝ գիւղատնտեսական ձեռնարկութիւններու մէջ աշխատելու համար (Կարօ Տէրունեան հաւաքածոյ):
1924: Ճիպէյլի որբերէն խումբ մը կը տարուի Ֆրանսա՝ գիւղատնտեսական ձեռնարկութիւններու մէջ աշխատելու համար (Կարօ Տէրունեան հաւաքածոյ):
Ճիպէյլ, 1928: Որբուհիները ծովուն մէջ կը զուարճանան (աղբիւր՝ Մարիա Եաքոպսոնի արխիւ)։
Սայտա, 1928: Որբուհիները կը պատրաստուին Ճիպէյլ տեղափոխուելու (աղբիւր՝ Մարիա Եաքոպսոնի արխիւ)։
Ճիպէյլ, 1929: «Թռչնոց բոյն» որբանոցին սաները (աղբիւր՝ Մարիա Եաքոպսոնի արխիւ)։
Ճիպէյլ, 1929: Սանուհիներ կը կերակրեն որբանոցին հաւերը (աղբիւր՝ Մարիա Եաքոպսոնի արխիւ)։
Ճիպէյլ, 1929: Քնանալէ առաջ (աղբիւր՝ Մարիա Եաքոպսոնի արխիւ)։
Ճիպէյլ, 1932: Լուացքի պահը (աղբիւր՝ Մարիա Եաքոպսոնի արխիւ)։

Գլխաւոր աղբիւրներ