Պետրոս, Յակոբ, Յովհաննէս, Տիգրան Եաղճեան եղբայրներ։ Լուսանկարը՝ շուրջ 1905, Melikian Studios, Ուսթըր, Մասաչուսեց:

Եաղճեան հաւաքածոյ – Օսթին, Թեքսաս

Հեղինակ՝ Մարք Եաղճեան, թարգմանութիւն՝ Վարդան Թաշճեան, 03/10/2023 (վերջին փոփոխութիւն՝ 03/10/2023)

Ուսթըրի Եաղճեան եղբայրները

1881-ին Յովհաննէս/Ճոն Եաղճեան ժամանեց Ուսթըր, Մասաչուսեցի նահանգ։ Ան ճամբայ ելած էր Խարբերդի դաշտի Քեսերիկ գիւղի (ներկայիս Kızılay) իր տունէն։ Հայ այլ գաղթականներու, այդ շարքին՝ Մինաս Արոյեանի եւ Ճորճ Ճուսգալեանի կողքին, ան հասաւ Էլիս Այլընտ։ Երբ այս երիտասարդները Ա. Մ. Ն. եկան, 16-19 տարեկան էին, թերեւս նոյնիսկ աւելի փոքր: Ընտանիքները զանոնք ուղարկած են Ամերիկա՝ նոր հնարաւորութիւններ բացայայտելու համար: Համատեղ բնակութեան համար, երեք երիտասարդները շուտով գտան աժան սենեակ մը Ֆունթէն փողոցի հանրակացարաններէն մէկուն մէջ: Անոնք ցած որակաւորում պահանջող աշխատանք գտան Washburn & Moen մետաղալարերու գործարանին մէջ: Անոնք հերթափոխով կ’աշխատէին գործարանին մէջ եւ հերթով կը մնային տունը՝ ճաշ պատրաստելու եւ տնային գործերը կատարելու համար [1]:

Այս երիտասարդները Ուսթըր ամենականուխ գաղթած հայերէն են: 1880-ականներու սկիզբին 10-15 հայ կ’ապրէր քաղաքին մէջ [2]։

19-րդ դարասկիզբին Ամերիկան անյայտ էր հայրենի հողերուն վրայ ապրող հայերուն։ Սկսած 1830-ականներէն, ամբողջ աշխարհի եւ Նիւ Ինկլընտի մէջ բողոքական եկեղեցիները սկսան կազմակերպել առաքելութիւններ՝ նպատակ ունենալով իրականացնել բարեգործական գործունէութիւն ամբողջ աշխարհի տարածքին: Օսմանեան տէրութեան հայերը շուտով դարձան այս միսիոնարներուն սիրելի թիրախը, քանի որ հայերը գրագէտ, զարգացած մշակոյթով, ընկալունակ քրիստոնեաներ էին:

1856-ին Խարբերդի մէջ բացուեցաւ բողոքական (աւետարանական) ժողովարան մը, որուն յաջորդեց 1859-ին աստուածաբանական դպրոց մը՝ տեղացի հայ հովիւներ պատրաստելու համար: 1878-ին միսիոնարները հիմնեցին Խարբերդի Հայկական քոլէճը, որ oսմանեան իշխանութիւններու առարկութիւններէն ետք արագ վերանուանուեցաւ Եփրատ քոլեճ։ Այս քոլեճը հսկայական ազդեցութիւն պիտի ունենար տարածաշրջանին վրայ եւ խթանէր հայոց արտագաղթի ալիքը դէպի Ամերիկա եւ յատկապէս Ուսթըր: Քոլեճ յաճախելու ընթացքին հայ ուսանողները իմացան Մասաչուսեց նահանգի Ուսթըր քաղաքին մէջ գտնուող մետաղալարերու գործարանին մասին, ուր կ’աշխատէին օտարերկրացիներ: Ճոն Եաղճեան եւ անոր ընկերները ամենականուխներէն էին, որոնք հմայուեցան Ուսթըրէն հասնող պատմութիւններէն եւ մեկնեցան այդ ուղղութեամբ։

1880-ականներուն Ճոն կ’ապրէր Արք Սթրիթի վրայ՝ Ուսթըրի հայկական գաղութին կեդրոնը։ Իր տան մէջ ան կը կազմակերպէր հանդիպումներ, որոնք ձեւաւորեցին գաղութի ապագան եւ վառ պահեցին հայկական ոգին: 1888-ին Ուսթըրի խումբ մը հայեր, անոնց շարքին՝ Ճոնը, ստեղծեցին «Հայկական ակումբ»ը։ Ուսթըր ժամանող հայոց աճող թիւին շնորհիւ (հիմնականին մէջ Խարբերդի նահանգէն), ակումբը շուտով ունեցաւ աւելի քան 300 անդամ: 1889-ին Ճոնն ու գաղութի իր գործընկերները հիմնեցին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու առաջին ծխական համայնքը՝ Մեր Փրկիչ հայկական եկեղեցին: Եկեղեցական ծառայութիւնները կատարուեցան վարձակալած տարածքներու մէջ: Անոնք օգնութեան համար ձեռք մեկնեցին ամբողջ սփիւռքին՝ խնդրելով հայթայթել եկեղեցի մը կառուցելու անհրաժեշտ միջոցները:

Այս ընթացքին եւ մինչեւ 1890-ական թուականները, Ուսթըրի հայկական գաղութը բաղկացած էր գրեթէ բացառապէս տղամարդոցմէ: Ժամանակակից գնահատականները ցոյց կու տան, որ Ուսթըրի 300 հայ գաղթականներէն միայն 5-ը եղած են կին: Ներգաղթած տղամարդոցմէ շատեր կ’ակնկալէին, որ որոշ գումար վաստակելէ յետոյ կը վերադառնան իրենց ընտանիքներուն: Այնուամենայնիւ, օսմանեան կառավարութիւնը շուտով սահմանափակեց հայ կիներու ելքը երկրէն, եւ գաղութին մէջ սեռական պատկանելութեան անհաւասարակշռութիւնը աւելի սրեցաւ:

Յովհաննէս Եաղճեան վեց եղբայրներէն (Յակոբ, Սարգիս, Յովհաննէս, Տիգրան, Պետրոս եւ Սողոմոն) երրորդն էր։ Աւագը՝ Յակոբը, ըստ երեւոյթին Ճոնին հետեւելով գացած է Ուսթըր 1882 թուականին եւ քանի մը տարի ետք վերադարձած է Քեսերիկ։ 1890-ին Յակոբ (30 տարեկան), Տիգրան (24 տարեկան), Պետրոս (21 տարեկան) եւ Սողոմոն (18 տարեկան) Եաղճեան եղբայրները միասին լքեցին Քեսերիկը՝ միանալու Ճոնին Ուսթըրի մէջ։ Յակոբ գիւղը ձգած էր իր կինը՝ Աննան, Ալմաս եւ Եղսա դուստրերն ու Աւետիս եւ Նշան որդիները։ Նշան ծնած է նոյն թուականին, հաւանաբար Յակոբի հեռանալէն յետոյ։ Տիգրան, Պետրոս եւ Սողոմոն ամուսնացած չէին։

Ուսթըրի մէջ այդ կանուխ օրերուն Ճոնն ու նոր ժամանած իր չորս եղբայրները փուռ մը բացին Սաութպրիճ փողոցին վրայ։ Անոնք ձիով եւ կարգերով հաց կ’առաքէին Ուսթըր քաունթիի եւ Պոսթընի շրջանին մէջ: Անոնք խնայեցին իրենց վաստակած գումարը, եւ Ուսթըրի հայկական գաղութի հաւատարիմ ջատագովներ եղան:

Խորքին մէջ Ճոնն ու իր եղբայրները միշտ իրենց գիւղատնտեսական հայրենի Քեսերիկի որդիներն էին: Այնտեղ Եաղճեանները նշանաւոր վաճառական ընտանիք մըն էին, որ ունէր զգալի թիւով կալուածներ, պարտէզներ եւ այգիներ, ձիեր եւ ուրիշ անասուններ: Թերեւս 35-50 անհատներէ բաղկացած մեծ ընտանիքը կ’ապրէր ընտանեկան կալուածին մէջ, որ կը նկարագրուի որպէս «պարսպապատ պալատ մը՝ զարդարուած ծառերով եւ այգիներով» [3]:

Եաղճեան եղբայրները խորապէս հպարտ էին իրենց մեծ հօրմով՝ Յովհաննէս (Օվան) Եաղճեանով, զոր կը մեծարէին։ Ան ընտանիքը անուանի դարձուցած էր Խարբերդի մէջ։ Օվանի պատմութիւնը եղած է մնայուն առանցքը Եաղճեան ընտանիքի բանաւոր պատմութեան, զոր կը բաժնեկցին ընտանիքի տարբեր ճիւղերը:

Յովհաննէս (Օվան) Եաղճեան

Ինչպէս կը նշուի «Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը» գիրքին մէջ, Հաճի Օվան/Օհան Եաղճեան ծնած է Քեսերիկի խոնարհ ընտանիքի մը մէջ, հաւանաբար 1795-ին: Իր տաղանդին եւ հետեւողականութեան շնորհիւ ան հռչակ ու յարգանք վայելած է ոչ միայն Խարբերդի գաւառի տարածքին, այլեւ Օսմանեան տէրութեան պաշտօնական շրջանակներուն մէջ։ Տարիներու ընթացքին անոր պատմութիւնը դարձաւ առասպելական՝ զայն վերածելով ուշագրաւ ու հետաքրքրաշարժ հերոսի մը [4]:

Ռուս-թրքական պատերազմին ժամանակ (ամենայն հաւանականութեամբ՝ 1853-1856-ի Խրիմի պատերազմին) Օվան դարձաւ օսմանեան բանակի սննդամթերքի մատակարար։ Գործին համար ան կ’օգտագործէր ջորիներու կարաւան մը։ Եղաւ պահ մը, երբ պատերազմին ժամանակ օսմանեան ուժերը շրջապատուեցան ռուսական զօրքերով եւ կը գտնուէին ոչնչացման սպառնալիքի տակ։ Շրջապատուած բանակին սննդամթերք հասցնելը յոյժ վտանգաւոր էր։ Թուրք հրամանատարները համոզուած էին, որ այդ անկարելի խնդիր է: Սակայն Օհան Եաղճեան գտաւ լուծումը։ Ան թաղիքով ծածկեց ջորիներուն սմբակները, եւ ամբողջ կարաւանով բեռնուած ուտելիքներով, յաջողեցաւ գիշերը ճեղքել շրջափակումը եւ սնունդ մատակարարել յուսահատ ու անօթի զինուորներուն։ Օսմանեան տէրութեան մատուցած այս եւ շատ այլ ծառայութիւններուն համար Օհան էֆենտի Եաղճեան սուլթանին կողմէ հրաւիրուեցաւ Սթամպուլ՝ մեծարուելու։ Ան ստացաւ պատուաւոր շքանշան մը, սուր մը եւ համազգեստ մը։ Սթամպուլի մէջ գտնուելու ընթացքին եւ իր խնդրանքով, ան կայսերական թոյլտուութիւն ստացաւ Քեսերիկի մէջ հայկական եկեղեցիի եւ վանքի կառուցման, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այլ եկեղեցիներու վերանորոգման եւ նոր գմբէթներու կառուցման համար։ Եաղճեան մեծ յարգանք ձեռք բերաւ յատկապէս Խարբերդի շրջանին մէջ։ Կառավարական դատաւորներ եւ օսմանեան պաշտօնեաներ կը զգուշանային անորմէ: Բացի եկեղեցիներէն, ան մեծ դեր ունեցած է նաեւ հայկական դպրոցներու կառուցման գործին մէջ։ Ան մահացած է 1895 թուականի ապտիւլհամիտեան ջարդերէն առաջ, թէեւ որոշ աղբիւրներ կը վկայեն, որ ան մահացած էր տակաւին 1885 թուականին։ Ան մեծ շուքով թաղուած է Սուրբ Մամաս վանքին մէջ։ Կ’ըսուի, թէ Սուրբ Մամասի մէջ նորոգութեան աշխատանքները ղեկավարելու ատեն ան աշխատաւորներուն հրահանգած է պատրաստել իր ապագայ գերեզմանը [5]:

Օվան Եաղճեան ունէր երկու զաւակ՝ Գրիգոր էֆենտին եւ Մարիամը, որոնք ծնած էին հաւանաբար 1830-1840-ական թուականներուն: Մարիամ ամուսնացաւ Գրիգոր Թաշճեանի հետ: Ունեցան վեց որդի՝ Եաղճեան վեց եղբայրները, ծնած 1860-1872 թուականներուն։ Մարիամին եղբայրը՝ Գրիգոր էֆենտի Եաղճեանը, որդի չունէր, ունէր առնուազն մէկ դուստր՝ Սիրուն անունով։ Եաղճեան անունը պահպանելու եւ Օվանը պատուելու համար, Գրիգոր Թաշճեանի եւ Մարիամ Թաշճեանի (ծնեալ Եաղճեան) որդիները՝ Յակոբը, Սարգիսը, Յովհաննէսը, Տիգրանը, Պետրոսը եւ Սողոմոնը, բոլորն ալ որդեգրեցին իրենց մօր ծննդեան մականունը՝ Եաղճեան։

Օվան Եաղճեանի մահէն ետք Գրիգոր էֆենտին դարձած է ընտանիքին գլխաւորը։

Ուսթըրի իրենց փուռին մէջ աշխատող իր չորս եղբայրներուն հետ քանի մը տարի անցընելէն յետոյ, Սողոմոն 1894-ին վերադարձաւ Քեսերիկի մէջ գտնուող ընտանիքին կալուածը: Տարի մը չանցած, 1895 թուականին, քեսերիկցիները դիմագրաւեցին սուլթան Ապտիւլ Համիտի հրամանով տեղի ունեցած ջարդերը։

Ա. Մ. Ն.ի անձնագիրի փոխարինող տրամադրելու Պետրոս/Փիթըր Եաղճեանի դիմումը, 1 Սեպտեմբեր 1915, Ա. Մ. Ն.ի հիւպատոսութիւն, Խարբերդ։

Փիթըր Եաղճեանի երդմնագիրը օտարերկրեայ երկարատեւ բնակութեան վայրի բացատրութեան եւ ժամկէտանցութեան կանխավարկածի յաղթահարման մասին, Թիֆլիս, 27 Ապրիլ 1917։

Եաղճեան ընտանիքը, Քեսերիկ եւ ապտիւլհամիտեան կոտորածները

1895-ի ապտիւլհամիտեան ջարդերուն ընթացքին, ինչպէս նշուած է Խարբերդի մասին Վահէ Հայկի աշխատութեան մէջ, Քեսերիկի մէջ սպանուեցան 120-է աւելի հայեր։ Այս իրադարձութիւններու ժամանակ էր, որ Քեսերիկի հայերը կազմակերպեցին իրենց ինքնապաշտպանութիւնը։ Հաճի էֆենտի (Գրիգոր) Եաղճեանը, թէեւ տակաւին պետական պաշտօնեայ էր, մեծ դեր խաղաց այս ջանքերուն մէջ: 1895-ի Սեպտեմբերի վերջերուն կոտորածներն ու կողոպուտը հասած էին մօտակայ գիւղերը։ Քեսերիկի թուրք պէյերը հայկական պատուիրակութիւն մը կը հրաւիրեն Համտի պէյի քոնաքը (առանձնատունը): Պատուիրակութեան կազմին մէջ էին երկու քահանայ եւ 20-է աւելի հայ երիտասարդ։ Հանդիպման նպատակն էր քննարկել տիրող իրավիճակը եւ Քեսերիկի մէջ բռնութենէն խուսափելու միջոցները։ Գրիգոր էֆենտի կասկածեցաւ, թէ հրաւէրը ծուղակ մըն է, բայց ի վերջոյ որոշեց մասնակցիլ խումբ մը ուրիշ հայոց հետ։ Տղամարդոցմէ քանի մը հոգի անոր հետ մտան քոնաք, իսկ միւսները դուրսը դիրքաւորուած էին որպէս դիտորդ: Առաջին առաջարկը, որ Գրիգոր էֆենտի տեղի իշխանութիւններուն կատարեց հանդիպման ժամանակ, հայոց 50 հրացան բաժնելն էր, որոնցմով անոնք կարենային պաշտպանուիլ։ Թուրքերը սկիզբը համաձայնեցան, բայց յաջորդ օրը յայտարարեցին, թէ հրացաններու կարիք չկայ, քանի որ զօրքերը շատ մօտ են գիւղին եւ անհրաժեշտութեան պարագային կը միջամտեն [6]:

Թուրք զինուորները, տեղական զգեստներ հագած եւ քիւրտ ձեւանալով, արդէն հեռաւոր գիւղերու մէջ կը սպանէին ու կը կողոպտէին հայերը։ Սեպտեմբերի վերջին, օր մը թուրքերը սկսան կրակել Քեսերիկի հայկական տուներուն վրայ: Եաղճեաններու, Տէր Յովհաննէսեաններու եւ Թերզեաններու տուները գնդակոծուեցան։ Այնուհետեւ թրքական զօրքերը սկսան յառաջանալ Գրիգոր Եաղճեանի տան վրայ: Սակայն Գրիգոր էֆենտի խումբ մը զինուած երիտասարդներու հետ հակադարձեց եւ ետ մղեց յարձակումը: Փոխհրաձգութիւնը տեւեց մօտ չորս ժամ։ Շատ չանցած, թուրք զինուորները վերադարձան՝ այս անգամ համազգեստով։ Ամբողջ գիւղը շրջապատուեցաւ, եւ զօրքերը սկսան ձերբակալել հայերը։ Առաջին ձերբակալուածը Գրիգոր էֆենտի Եաղճեանն էր, որ ստիպուած էր յանձնուելու իր 24 ընկերներուն հետ։ Քեսերիկի մէջ բռնութիւնն ու կողոպուտը տեւեցին երեք օր [7]:

Մէկ ամիս ետք, երբ Քեսերիկը դեռ աւերակ էր, սկսաւ ձերբակալութիւններու նոր ալիք մը: Ձերբակալուածներու շարքին էին Մենծիկ աղա, Սողոմոն եւ Հաճի Սարգիս Եաղճեանները։ Կը ձերբակալուին նաեւ ուրիշներ, որոնք ազգականական կապ չունէին ընտանիքին հետ։ Ձերբակալուած հայերը սկիզբը կը պահուին Մեզիրէի բանտին մէջ։ Չորս ամիս ետք անոնք կ’աքսորուին Սեբաստիա/Սվազ, ուր զանոնք կը դատեն։ Տղամարդիկը կը մեղադրուին յեղափոխական ըլլալու համար եւ կը դատապարտուին մահապատիժի։ Դատավճիռի արձակումէն ետք Գրիգոր էֆենտի Եաղճեան կը հեռագրէ մեծ վեզիրին, որ իր հօր բարեկամն էր: Մեծ վեզիրը կը միջամտէ յօգուտ բանտարկեալներուն, եւ անոնք շուտով ազատ կ’արձակուին։ Ազատագրուածները 29 Դեկտեմբեր 1897-ին կը վերադառնան Քեսերիկ [8]:

Ընտանեկան պատմութիւնը չի վկայեր, թէ այս դէպքերուն եւ ջարդերուն մասին լուրը ինչպէ՞ս ստացած են Ուսթըրի Եաղճեան եղբայրները: Այնուամենայնիւ, փաստագրուած է, որ ապտիւլհամիտեան ջարդերը մեծ վիշտ, յուսահատութիւն, ընկճուածութիւն եւ իրարանցում յառաջացուցած են Ուսթըրի հայկական գաղութին մէջ: Հայ գաղթականները այժմ շատ աւելի կը ցանկային իրենց ընտանիքները բերել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ մշտական արմատներ հաստատել երկրին մէջ: 1897-ին Ա. Մ. Ն.ի կառավարութիւնը ստացաւ սուլթանին համաձայնութիւնը՝ թոյլ տալ Ա. Մ. Ն.ի մէջ ապրող հայ քաղաքացիներու կիներուն եւ ընտանիքներուն՝ միանալ իրենց հարազատներուն։

Եաղճեաններուն համար կեանքը 1900-ականներու սկիզբին կը շարունակուէր Ամերիկայի մէջ:

1902-ին, Յակոբի աւագ որդին՝ 15 տարեկան Աւետիսը (որ չէր տեսած իր հայրը երեք տարեկանէն ի վեր) միացաւ անոր եւ իր երեք հօրեղբայրներուն Ուսթըրի մէջ։ Յակոբի կինը՝ Աննան, դուստր Եղսան, թոռնուհի Սրբուհին եւ որդի Նշանը մնացին Քեսերիկի մէջ մինչեւ 1906/1907 թուականները, երբ գաղթեցին Ուսթըր։ Անոնք ցամաքով մեկնեցան Սամսոն, ուր նստան նաւ մը: Գաղթականներու քննութիւնը Եւրոպայի մէջ (հաւանաբար Մարսէյի մէջ), 16-ամեայ Նշանը բաժնեց մօրմէն եւ քրոջմէն: Մարսէյէն Ամերիկա Նշանի միայնակ ճամբորդութիւնը տեւեց աւելի քան մէկ տարի: Ան այդ ժամանակին մեծ մասը անցուց Լիվըրփուլի մէջ՝ որպէս դերձակի աշկերտ վաստակելով դէպի Ամերիկա իր ճանապարհորդութեան ծախսը: Շշուկով կը խօսուէր, բայց բացայայտօրէն չէր ըսուէր, որ երբ Նշան ժամանեց Ամերիկա, քովը յայտնաբերուեցաւ թրաքոմա հիւանդութիւնը, որուն պատճառով արգիլուեցաւ անոր մուտքը: Այդուհանդերձ, Նշան Փրովիտընսի նաւահանգիստին մէջ նաւէն ցատկեց փոքրիկ նաւակի մը մէջ, որ գիշերը զայն ափ հանեց:

Սարգիս Եաղճեան Ուսթըր ժամանեց 1909-ին։ Անոր կինը՝ Մարգարիտը եւ որդիները՝ Գարեգինը (15 տարեկան) եւ Ճորճը (8 տարեկան) Ուսթըրի մէջ անոր միացան 1911-ին։

Ճոն շարունակեց առաջնորդող անձնաւորութիւն ըլլալ Ուսթըրի հայկական գաղութին եւ Մեր Փրկիչ հայկական եկեղեցւոյ ծխական համայնքին մէջ: Ան նաեւ շարունակեց ղեկավարել ընտանիքին Սաութպրիճ փողոցի փուռը: Ան ամուսնացաւ Միրիամ Պարտէզպետեանի հետ եւ ունեցաւ դուստր մը՝ Ռութ։

1911-ին 40 տարեկան Տիգրան Եաղճեան Ուսթըրի մէջ ամուսնացաւ Ռոզ Միրաճանեանի հետ։ Ունեցան երկու որդի եւ մէկ դուստր։ Որդիներէն մէկը մահացած է մանուկ հասակին։

Պետրոս/Փիթըր Եաղճեան 1904-ին դարձաւ Ա. Մ. Ն.ի քաղաքացի։ 1910-ին ան վերադարձաւ Քեսերիկ, ուր ամուսնացաւ եւ 1911-1915-ին երեք զաւակ ունեցաւ։

Եաղճեաններու Սաութպրիճ փողոցի փուռը ընտանիքի տնտեսութեան հիմքերուն հիմքն էր: Եղբայրներն ու անոնց աճող ընտանիքները շատ բան պարտական էին այս փուռին: Երբ ընտանիքը աւելի ընդլայնեցաւ 1900-ականներու սկիզբին, յատկապէս որդիներու յաջորդ սերունդի ծնունդով, ընտանիքի շատ անդամներ ունեցան իրենց առանձին տուները եւ ստեղծեցին նոր, փոքր գործեր:

1915-ի ցեղասպանութեան նախօրէին չորս ամենատարեց Եաղճեան եղբայրներն ու անոնց ընտանիքները լաւ հաստատուած էին Ուսթըրի մէջ: Կրտսերները՝ Պետրոսը եւ Սողոմոնը վերադարձան Քեսերիկ եւ ապրեցան ընտանիքի կալուածին մէջ՝ իրենց հօրեղբօր՝ Գրիգոր էֆենտիին, իրենց ծնողներուն՝ Գրիգոր եւ Մարիամ Թաշճեաններուն եւ անյայտ թիւով այլ Եաղճեաններու հետ։ Երբ 1915-ի Մայիսին ջարդերը հասան Քեսերիկ, երկու եղբայրներուն ընտանիքները տեղահանուեցան։ Իւրաքանչիւր ընտանիք ունեցաւ գոյատեւման իր պատմութիւնը:

Պետրոսին պատմութիւնը

Պետրոս/Փիթըր Ուսթըրէն վերադարձած էր Քեսերիկ հաւանաբար 1910-ին: Գիւղին մէջ ան ամուսնացաւ Զմրութ Արսլանեանի հետ: Զոյգն ունեցաւ երեք երեխայ՝ Զոհրապ («Ճոն», ծնած 1911-ին), Արամ (ծնած 1913-ին) եւ Մարի (ծնած 1915-ին): Երբ ցեղասպանութիւնն սկսաւ, Փիթըր ու իր ընտանիքը փախան տունէն եւ փորձեցին ազատիլ: Փիթըր Ա. Մ. Ն.ի քաղաքացի էր եւ ունէր արժէքաւոր առաւելութիւն մը` Ամերիկայէն օգնութիւն ստանալու հնարաւորութիւն, քանի որ թուրքերը չէին ցանկար վնասել չէզոք Ա. Մ. Ն.ի քաղաքացիներուն: 1 Սեպտեմբեր 1915-ին, Խարբերդի ջարդերն ու տեղահանութիւնները սկսելէն քանի մը ամիս ետք, Փիթըր Ա. Մ. Ն.ի անձնագիրի դիմում կը ներկայացնէ Ա. Մ. Ն.ի՝ Խարբերդի մէջ գտնուող հիւպատոսութեան։

Պետրոսի անձնագիրի դիմումին մէջ կ’ըսուէր, որ անոր հին անձնագիրը «կորսուած է Սամսունի մէջ՝ իմ ուղեբեռիս եւ այլ թուղթերու հետ՝ 1910 թուականին երկիր իմ ժամանելուն պէս»։ Փիթըր կը մանրամասնէ. «Ես եկած եմ այստեղ վաճառելու որոշ անշարժ գոյք, որ կը գտնուի Քեսերիկի եւ Թուրքիոյ Մամուրէթ-ուլ-Ազիզի մէջ գտնուող այլ գիւղերու մէջ, որոնք կը պատկանին ինծի եւ իմ եղբայրներուս: Ասոր շուրջ ընթացած են դատավարութիւններ, որոնք դեռ չեն աւարտած, գործը դեռ դատարանին մէջ է։ Այժմ ես իմ եղբայրներուս հետ հացի փուռ մը կը ղեկավարեմ Մասաչուսեց նահանգի Ուսթըր քաղաքին մէջ եւ տասնեօթը կամ տասնութը տարի հարկ վճարած եմ Ուսթըրի մէջ: Փուռը կը գտնուի 148-150 Southbridge Street, Worcester, Massachusetts հասցէին վրայ… Ես մտադիր եմ Ա. Մ. Ն վերադառնալ որպէս մշտական բնակիչ մէկ տարուան ընթացքին կամ ամենարագ միջոցին որ հնարաւոր ըլլայ լքել Թուրքիան՝ անկախ այն բանէն, թէ ինչ ունեցուածք ունիմ այստեղ»։

Այդ պահէն Փիթըր անխոնջ կ’աշխատէր ընտանիքին հետ Ամերիկա փախուստ տալու համար: Դժուար եւ վտանգաւոր իրավիճակ էր: Փիթըր իր օգտին գործածեց Ա. Մ. Ն.ի քաղաքացիութիւնը եւ փռապանի իր մասնագիտութիւնը: Ան կերպով մը դարձաւ օսմանեան բանակին հաց մատակարարող: Ան ընտանիքին հետ կը շարունակէր շարժիլ դէպի արեւելք՝ հեռու բռնութիւններու գօտիէն։ Երբ կ’առերեսէին զինք իր հայկական ինքնութեան հետ, ան ի ցոյց կը հանէր Ա. Մ. Ն.ի հիւպատոսութեան իր փաստաթուղթերը եւ կը համոզէր պաշտօնեաները, որ ինք կարեւոր դեր խաղցած է օսմանեան բանակը պարէնով մատակարարելու գործին մէջ: Ընտանիքէն բացի, Փիթըր փրկած է քանի մը հայ տղաներ եւ ուրիշ հայեր՝ զանոնք աշխատանքի ընդունելով իր փուռերուն մէջ։

27 Ապրիլ 1917-ին Փիթըր հասաւ Թիֆլիսի մէջ Ա. Մ. Ն.ի հիւպատոսարան։ Ան վերջին անգամ գրանցուած էր Ա. Մ. Ն.ի Խարբերդի հիւպատոսական գրասենեակին մէջ 1916-ի Ապրիլին: «Օտարերկրեայ երկարատեւ բնակութեան վայրի բացատրութեան եւ ժամկէտանցութեան կանխավարկածի յաղթահարման երդման մասին» (Affidavit to Explain Protracted Foreign Residence and to Overcome Presumption of Expiration) նոր արձանագրութեան մէջ ան կը նշէ, որ 1917-էն սկսեալ կը բնակէր Երզնկայի մէջ: Ան կու տայ հետեւեալ բացատրութիւնը. «1912-ին մեկնած եմ Միացեալ Նահանգներէն՝ Խարբերդի ունեցուածքս վաճառելու նպատակով։ Մինչ ես դեռ այնտեղ էի, պատերազմը սկսաւ։ Ըլլալով հայ մը Թուրքիոյ մէջ՝ անհրաժեշտ էր որեւէ քայլ ձեռնարկել՝ կեանքս ու ընտանիքս փրկելու համար։ Միայն վերջին երկու ամիսներուն է, որ կրցայ փախչիլ այդ երկրէն՝ ճամբորդելով քրտական շրջաններու մէջէն։ (…) Ես Մասաչուսեց նահանգի Ուսթըր քաղաքին մէջ գտնուող Yaghjian Bros.-ի փուռի սեփականատէրերէն մէկն եմ (…) Ես բաւականաչափ միջոցներ ունիմ զիս եւ իմ հինգ հոգինոց ընտանիքը Միացեալ Նահանգներ տեղափոխելու համար: Ես դիմած եմ դրամական միջոցներու համար, զորս կ’ակնկալեմ ստանալ վեց ամսուայ ընթացքին»։

Աւելի քան 14 ամիս ետք՝ 1918-ին, Պետրոս եւ իր ընտանիքը գտան իրենց ճանապարհը դէպի Ռուսիոյ հիւսիսային Արխանկէլսք նաւահանգիստը, ուրկէ անցան Միացեալ Նահանգներ։ City of Cairo նաւի արձանագրութեանց մէջ, թուագրուած 15 Սեպտեմբեր 1918, Փիթըր Եաղճեան, անոր կինն ու երեք զաւակները կը նշուին որպէս երկրորդ կարգի (ոչ steerage-ի) ուղեւորներ, որոնք կը ճանապարհորդէին Արխանկէլսքէն (Ռուսիա) Մոնթրէալ: Անոնք կը նախատեսէին միանալ Ճոն Եաղճեանին Ուսթըրի Սաութպրիճ փողոց 146-148 հասցէին մէջ:

Ամերիկայի մէջ Փիթըր ունեցաւ եւս երեք զաւակ՝ Սարգիսը, Իրենը եւ Տորոթին։ Ժամանակ մը ետք Փիթըր իր ընտանիքով տեղափոխուեցաւ Քեմպրիճ եւ հոն հացի փուռ մը բացաւ: Որդիները՝ Սարգիսը, Արամը եւ Ճոնը կ’օգնէին փուռի գործին։ Սակայն Պետրոսին տեսողութիւնը սկսաւ տկարանալ: Զայն կը խնամէր կինը մինչեւ անոր մահը Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի սկիզբին։ Ընտանիքին փուռը գոցուեցաւ այս ժամանակ:

Սողոմոնին պատմութիւնը

1915-էն առաջ Սողոմոն Եաղճեան ամուսնացած էր ծնունդով Խարբերդ քաղաքէն Եղիսաբէթ Գալընեանի հետ։ Սողոմոն ու Եղիսաբէթ ունեցան չորս զաւակ՝ Սիրանոյշ (ծնած մօտ 1905-ին), Միհրան, Բաբգէն եւ Զապէլ (ծնած մօտ 1913-ին)։ Ենթադրաբար, ընտանիքը կ’ապրէր Եաղճեաններու՝ Քեսերիկի մէջ գտնուող ընտանեկան տան մէջ:

Սողոմոնի ընտանիքին ուշագրաւ պատմութիւնը Յուշամատեան հրատարակած է 2022 թուականի Հոկտեմբերին։ Ան վերնագրուած է «Եաղճեան Հաւաքածոյ – Աթէնք»։

Սողոմոն չվերապրեցաւ ցեղասպանութիւնը, սակայն Եղիսաբէթն ու չորս զաւակները վերապրեցան։ Քանի մը տարուայ աքսորէն ու դժուարութիւններէն ետք Եղիսաբէթ երեք զաւակներուն հետ կը հաստատուի Յունաստանի Քորինթոս քաղաքին մէջ։ Աւագ դուստրը՝ Սիրանոյշը մինչեւ իր մահը մնաց Քեսերիկի շրջանին մէջ։ Մինչեւ Յուշամատեանի մէջ «Եաղճեան Հաւաքածոյ – Աթէնք» յօդուածին հրատարակութիւնը, Ամերիկայի Եաղճեանները տեղեակ չէին, թէ ի՛նչ պատահեցաւ ընտանիքի Քեսերիկի կալուածին: Քորինթոսի Եաղճեաններէն կ’իմանանք, որ Եաղճեաններու Քեսերիկի մէջ գտնուող տունը Առաջին hամաշխարհային պատերազմէն ետք ամերիկեան Near East Relief-ը (NER) գործածած է իբրեւ որբանոց։ Հոս ապաստան գտած են 100-200 որբեր, որոնք հոն մնացին մինչեւ 1922, երբ թրքական կառավարութիւնը ստիպեց NER-ին փակել իր որբանոցները ամբողջ Թուրքիոյ մէջ:

Ինչ կը վերաբերի Գրիգոր էֆենտի Եաղճեանին, երբ 1915-ին սկսաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, թուրքերը խնայեցին անոր կեանքը ընտանիքին նշանաւոր ըլլալուն համար, ամենայն հաւանականութեամբ՝ մեծ կաշառք ստանալով: Գրիգոր էֆենտին, անոր կինը, դուստրը՝ Սիրունը եւ վերջինիս երիտասարդ որդին՝ Ճորճը, սպանելու փոխարէն, այլ հայերու հետ աքսորեցին Թուրքիոյ խորքերը կամ Ռուսիա։ Սիրունի ամուսինը եղած է ցեղասպանութեան զոհերու շարքին:

Գրիգոր էֆենտի երբեք Ամերիկա չգնաց։ Ան, հաւանաբար, մահացած է շրջանին մէջ բազմաթիւ բռնութիւններու ժամանակ: Եաղճեան վեց եղբայրներու ծնողքին՝ Գրիգոր եւ Մարիամ Թաշճեաններուն ճակատագիրը տակաւին անյայտ է։

Աւելի ուշ, Գրիգոր Էֆենտի, կինը, դուստրը՝ Սիրուն Հարբութլեան, այս վերջինին որդին՝ Ճորճ Հարբութլեան, ի վերջոյ հասան Ամերիկա՝ վերապրելով ցեղասպանութիւնը, աքսորը եւ անոր յաջորդած տարիները: Սիրունը Ուսթըրի վեց Եաղճեան եղբայրներու առաջին զարմիկն էր: Եղբայրները քանի մը տարի անխոնջ աշխատեցան զայն եւ Ճորճը Ամերիկա բերելու համար՝ չնայած իրաւական եւ գաղթի հետ կապուած զգալի մարտահրաւէրներուն: Սիրուն եւ Ճորճ վերջապէս 1923-ին ժամանեցին Ամերիկա, ուր Սիրուն երկրորդ անգամ ամուսնացաւ Ռոտ Այլընտէն Եաղճեան մականունով մարդու մը հետ: Կ’ենթադրուի, թէ ան եղած է ընտանիքին գործընկերը եւ զարմիկ մը: Սա կրնար ըլլալ ամուսնութիւն մը, որ կազմակերպուած էր անոր ժամանելէն առաջ, որպէսզի համոզուէին, որ ան արտօնութիւն ունէր գաղթելու Ամերիկա: Զոյգը հաստատուած է Ռոտ Այլընտի մէջ։ Սիրուն Եաղճեան», ծնեալ Հարբութլեան, պաշտօնական փաստաթուղթերուն մէջ գրուած է որպէս մահացած Պոսթընի մէջ, 80 տարեկան հասակին, 1967-ին։

Սիրունի զարմուհին՝ Մարի Կարապետեանը «հօրաքոյր» Սիրունը յիշեց այսպէս. «Հրաշալի, խոնարհ կին մըն էր: Ան շատ երիտասարդ տարիքին ամուսնացած էր հին երկիրին մէջ՝ Հարբութլեան անունով ականաւոր գործարար մարդու մը հետ։ Կ’ենթադրենք, թէ ան սպանուած է թուրքերու կողմէ։ (…) Զաւակները ըսին, որ ան երկիրին մէջ «իշխանուհի» մըն էր: Կ’ըսէին, որ «ան նոյնիսկ իր մազերը սանտրել չէր գիտեր», քանի որ ծառաները միշտ այդ ըրած են իր փոխարէն»։

1890-ականներու եւ 1900-ականներու ընթացքին, մինչ Եաղճեան եղբայրներն ու անոնց ընտանիքները կը գաղթէին Ուսթըր, Օվան եւ Գրիգոր Եաղճեաններու անմիջական ժառանգներու այլ ճիւղ մը գաղթեց Փրովիտընս, Ռոտ Այլընտի շրջան: Թէեւ ընտանիքի այս ճիւղին անդամները հեռացած են իրարմէ եւ կորսնցուցած են բոլոր գիտելիքները եւ կապը Ուսթըրի իրենց զարմիկներուն մասին, անոնք պահպանած են Օվան Եաղճեանի բանաւոր պատմութիւնը:

1897-1927 թուականներու Ա. Մ. Ն. գաղթի արձանագրութիւնները կը վկայեն, որ Ամերիկա ժամանած են առնուազն 48 Եաղճեաններ, որոնց մեծ մասը ծագումով Քեսերիկէն կամ Խարբերդէն է եւ, ամենայն հաւանականութեամբ, կապուած է Քեսերիկի Եաղճեան տոհմին հետ:

Իրենց ընտանիքներով Ամերիկայի մէջ մշտական բնակութիւն հաստատելէն յետոյ Ուսթըրի Եաղճեան եղբայրները 1920-ական թուականներն անցուցին նիւթական ամուր հիմքեր կառուցելով իրենց ապագային համար: Հինգ եղբայրներուն ընտանիքները մեծցան եւ ձուլուեցան Նիւ Ինկլընտի եւ ամերիկեան աւելի լայն ընկերութեան մէջ: Անոնց զաւակներէն, թոռներէն ու ժառանգներէն շատեր բարձրագոյն կրթութիւն ստացած են եւ բարձր դիրքեր նուաճած են առեւտուրի, ակադեմական եւ մասնագիտութիւններու ոլորտներուն մէջ:

Այսօր Եաղճեան ընտանիքը մեծ մասամբ ցրուած եւ ձուլուած է, թէեւ անոնցմէ շատեր կը շարունակեն հպարտութեամբ ընդունիլ իրենց հայկական ինքնութիւնը: 

Եաղճեաններու տոհմածառը: Սեղմել տոհմածառի պատկերին վրայ pdf տարբերակը տեսնելու համար։