Յունաստան, 1930: Նստած, ձախէն աջ՝ Երանուհի Փալանճեան (ծնեալ Թօփալեան), Արթին Փալանճեան: Ոտքի, ձախէն աջ՝ Ազատ եւ Օննիկ:

Փալանճեան հաւաքածոյ – Փիրէա, Յունաստան

Հեղինակ՝ Անի Աբիկեան, 27/12/23 (վերջին փոփոխութիւն՝ 27/12/23)
Սոյն էջը պատրաստուեցաւ գործակցութեամբ Աթէնքի «Արմենիքա» պարբերաթերթին։

Սոյն յօդուածով կը ներկայացնենք Փալանճեան ընտանիքին պատմութիւնը: Անոր կարեւոր մէկ առանցքն է տնտեսական-առեւտրական աշխոյժ գործունէութիւնը, որ հիմնականին մէջ սկիզբ առած է 1880-ական թուականներուն Ամասիոյ մէջ եւ մինչեւ այսօր կը շարունակուի «Փալաթեքս» (Palatex) ընկերութիւն անունին տակ: Սոյն ընկերութիւնը կը գտնուի Փիրէայի նաւահանգիստին արեւմտեան կողմը, Այոս Տիոնիսիոսի (Լիփազմաթայի հին գաղթակայանի տեղավայրը) շրջանին մօտիկ:

Յօդուածը հիմնականին մէջ երկու մասի բաժնուած է. առաջին մասով կը ներկայացուի ընտանիքին Փալանճեան ճիւղը, երկրորդ մասով՝ Իւթիւճեան եւ Քեսթենեան ճիւղերը: Այս էջով ներկայացուած տեղեկութիւններէն կարեւոր մաս մը հաւաքուած է Սերգօ Փալանճեանի հետ մեր կատարած հարցազրոյցներուն ընթացքին: Յօդուածը կը հիմնուի նաեւ Սերգոյի մօր՝ Ատրինէ-Թագուհի Փալանճեանի (ծնեալ Իւթիւճեան) հեղինակած յունալեզու գիրքին՝ Ο κύκλος της ζωής-ի (Կեանքի շրջանը) տեղեկութիւններուն վրայ: Սոյն յօդուածը ընտանեկան այս ընդարձակ պատմութեան ամփոփումն է:

Փալանճեան ճիւղը (Ամասիա, Զմիւռնիա, Փիրէա)

Արթին Փալանճեան ծնած է 1890-ին, Ամասիա քաղաքին մէջ: Ան որդին է Յովհաննէս եւ Լուսաբեր Փալանճեանի (ծնեալ Թօփալեան), որոնց միւս զաւակներն էին Յակոբ, Գուրգէն, Սերգօ եւ Ալիս: Արթին ամենակրտսեր որդին էր: Յովհաննէս եւ Լուսաբեր Փալանճեան Ամասիոյ մէջ ունէին ջուլհականոց մը, ուր կը հիւսէին բամպակեայ կերպասներ՝ սաւաններ, սփռոցներ, վարագոյրներ: Հիւսուածքի այս արտադրութիւնը ընտանեկան արհեստ մըն էր: Այսպէս, մայրը կը մանէր, հայրը ջուլհակի ոստայններուն վրայ կ’աշխատէր, իսկ զաւակները երբ դպրոցէն տուն կու գային՝ կ’օգնէին իրենց ծնողներուն՝ կերպասները կը ծալլէին եւ կը դիզէին:

Ատրինէ-Թագուհի Փալանճեանի գիրքին մէջ կը նկարագրուին Ամասիոյ մէջ տեղի ունեցած զանգուածային բռնութեան տեսարաններ. ջարդ եւ տեղահանութիւն, որոնց զոհերէն կ’ըլլան նաեւ Փալանճեան ընտանիքի անդամները: Շատ յստակ չէ թէ սոյն դէպքերը ե՞րբ տեղի կ’ունենան, բայց ամէնէն հաւանականութեամբ անոնք 1915-ի ցեղասպանութեան ժամանակ պատահող իրադարձութիւններ են:

Պատումը կը սկսի, երբ Արթին, նախատեսելով մօտալուտ վտանգը, կը հեռանայ Ամասիայէն եւ այս ձեւով խոյս կու տայ գալիք ահաւոր աղէտէն: Ապա Ատրինէ կը նկարագրէ Ամասիոյ մէջ տեղի ունեցած զանգուածային բռնութիւնը. թրքական զօրքերը քաղաքին մէջ կը համախմբեն հայ բնակիչները, ապա բոլորը միասին կը տեղահանեն: Բռնագաղթի այս օրերուն, վայրագութիւններէն ազատելու համար՝ Ալիս ինքզինք գետը կը նետէ ու կը խեղդուի: Դստերը օգնութեան հասնիլ փորձած մայրը՝ Լուսաբեր կը սպանուի թուրք ոստիկաններու հրացանի կրակոցներէն: Լուսաբերի ամուսինը՝ Յովհաննէս, նոյնպէս կը սպանուի տեղահանութեան ընթացքին: Ատրինէ-Թագուհի Փալանճեանի գիրքին մէջ կը նշուի, որ Յովհաննէսի եւ Լուսաբերի միւս զաւակները՝ Յակոբը, Գուրգէնը եւ Սերգօն նոյնպէս գետ կը նետուին: Թուրք ոստիկանները անոնց վրայ ալ կը կրակեն. Գուրգէն կը սպանուի, Յակոբ կը փրկուի, իսկ Սերգօ կը կորսուի: Տարիներ ետք, երբ ընտանիքը Սերգօն այլեւս համարած էր անհետ կորած հարազատ մը, պատահաբար կը յայտնաբերեն անոր թոռնուհին, որ 1960-ին Միլանի մէջ կը հաստատէ թէ իր մեծ հայրը օսմանեան հալածանքներէն վերապրած է, ունեցած է երկու որդի՝ Արթին եւ Օննիկ, ինչպէս նաեւ դուստր մը՝ Ալիս:

Այժմ վերադառնանք Յովհաննէսի եւ Լուսաբերի միւս որդւոյն՝ Արթինի պատմութեան, որ ցեղասպանութենէն կարճ ժամանակ առաջ հեռացած էր հայրենի Ամասիայէն: Ան կը հասնի Իզմիր/Զմիւռնիա, ուր կը փորձէ գործ մը գտնել: Կը սկսի աշխատիլ գուլպաներու գործարանի մը մէջ՝ առտու գիշեր անընդհատ: Իր գործատէրը՝ Եփրեմ էֆենտին, Արթինը կը զատորոշէ միւս բանուորներէն, զայն յաճախ իր տունը կը հրաւիրէ՝ նպատակ ունենալով երիտասարդը ամուսնացնել իր դստեր հետ: Արթին առաջին առիթով կը ձգէ գործարանի իր աշխատանքը եւ խոյս կու տայ այս կացութենէն: Կը շարունակէ մնալ Իզմիրի մէջ, իր խնայողութիւններով կը գնէ ջուլհակի գործածուած ոստայն մը, զոր կը տեղաւորէ վարձու սենեակի մը անկիւնը: Անընդհատ ջուլհակութիւն կ’ընէ, οսմանեան բանակին համար գուլպաներ կը հիւսէ, եւ հետզհետէ ձեռք կը բերէ աշխատանքային նուաճումներ:

Կիրակի օր մը, Իզմիրի ծովեզերքը գտնուած պահուն, Արթին պատահաբար կը հանդիպի իր վերապրող եղբօր՝ Յակոբին: Դէպքին թուականը յստակ չէ, բայց գիտենք որ Յակոբ եղբօր կը պատմէ իր ու ընտանիքին ամբողջ ոդիսականը:

Երկու եղբայր՝ Յակոբ եւ Արթին, կը սկսին միասին աշխատիլ եւ գուլպաներ հիւսել ոստայնի վրայ: Ամիսներ ետք, աւելի մեծ տուն մը կը վարձեն, երեք ոստայն կը գնեն եւ գուլպայագործութիւնը յաջողութեամբ կը շարունակեն: Արթին կ’որոշէ ուխտագնացութեան երթալ դէպի Երուսաղէմ: Ուխտին խթանը իր եւ եղբօր վերապրումն էր թրքական վայրագութիւններէն: Այս ճամբորդութեան ընթացքին, Արթին կը ծանօթանայ 15 տարեկան Երանուհի Թօփալեանին, որ նոյնպէս Զմիւռնիայէն էր: Իրարու կը սիրահարուին: Ուխտէն վերադարձին, Արթին զայն կը փնտռէ Զմիւռնիոյ մէջ՝ ամուսնանալու նպատակով: Երանուհի Աֆիոն Գարահիսարէն էր, ուր ցեղասպանութեան ժամանակ ընտանիքին բոլոր անդամները սպանուած էին: Ջարդերուն ժամանակ, 10 տարեկան Երանուհի բախտով Զմիւռնիա կը գտնուէր ազգականներու հետ՝ հարսանիքի մը ներկայ ըլլալու համար:

Արթին եւ Երանուհի կ’ամուսնանան եւ չորս զաւակ կ’ունենան. երեք մանչ՝ Օննիկ, Ազատ եւ Սերգօ, դուստր մը՝ Ալիս: Սերգօ եւ Ալիս շատ փոքր տարիքին կը մահանան:

Երանուհի նախնական կրթութիւն ստացած էր: Անոր հիմնական զբաղումը ասեղնագործութիւնն էր: Արթին ինքնուս կարդալ եւ գրել սորված էր, թուաբանութեան մէջ ճարտար էր եւ սուր միտքի տէր: Արթին եւ Երանուհի երջանիկ էին ու միասին կ’աշխատէին: Անոնք ջանք չեն խնայեր իրենց գործը զարգացնելու. Իտալիայէն կը ներածեն ջուլհակագործութեան մեքենաներ, գործի կ’անցնին եւ իրենց հարստութիւնը կը մեծցնեն:

1922-ին, երբ տակաւին Զմիւռնիոյ աղէտը չէր պատահած, Արթին կանխատեսելով վտանգը, կ’որոշէ իր եղբօր՝ Յակոբին հետ մեկնիլ Իտալիա, ուր ջուլհակագործութեան մէջ գործընկերներ ունէին: Արթին խորհուրդ կու տայ Երանուհիին Զմիւռնիայէն հեռանալ առաջին իսկ առիթով: Այդպէս ալ կ’ըլլայ… Զմիւռնիոյ աղէտին սկիզբը, Երանուհի գլխու լաչակին մէջ կը պահէ ամբողջ ոսկէղէնն ու դրամները, եւ 4 տարեկան Օննիկին ու 2 տարեկան Ազատին հետ դուրս կու գայ տունէն: Նախ կ’ապաստանին իրենց հրեայ դրացիներուն տունը, ապա նաւահանգիստ կ’ուղղուին: Երանուհի իտալական նաւու մը նաւապետէն կը խնդրէ ընտանեօք նաւ բարձրանալու արտօնութիւն շնորհել: Նաւապետը կը համաձայնի, եւ հիացած Երանուհիին վճռականութեան վրայ՝ ընտանիքին համար փոքրիկ սենեակ մը կ’ապահովէ նաւուն մէջ: Նաւը խարիսխ կը նետէ Փիրէայի նաւահանգիստը: Երանուհի եւ որդիները հոսկէ գնացք կ’առնեն եւ կը մեկնին Լարիսա քաղաքը, ուր կ’ապրէր Արթինի զարմուհին՝ Հաճի Աղաւնին: Երեք շաբաթ ետք Իտալիայէն Լարիսա կը հասնի Արթինը: Այնուհետեւ բոլորը միասին Աթէնք կը տեղափոխուին:

«Փալանճեան» ջուլհականոցը (Փսիրի, Փիրէա)

Երբ Աթէնք կը հասնին, Փսիրիի շրջանին մէջ չորս սենեականոց տուն մը կը վարձեն եւ կ’որոշեն շարունակել ոստայնագործութիւնը՝ ապահովելու համար ընտանիքին ապրուստը: Արթին կը կառուցէ ջուլհակագործութեան երկու փայտաշէն ոստայններ եւ զանոնք կը տեղադրէ տան մէկ սենեակին մէջ: Տան բակը կը գործածեն մանածները խաշելու, ներկելու եւ զանոնք ձողերու վրայ չորցնելու համար: Արթին մանածի ներկերը կը ներածէ Գերմանիայէն: Կ’արտադրէին անձեռոց, սփռոց, սաւան, կերպաս, որոնք դիւրութեամբ կը վաճառուէին Աթէնքի կեդրոնի շուկային մէջ: Այս ձեւով է, որ հիմը կը դրուի «Փալանճեան» ջուլհականոցին:

Օննիկ եւ Ազատ կը սկսին յաճախել Աթէնքի շրջանը գտնուող յունա- ֆրանսական Լէոնտիոս վարժարան, որ այդ ժամանակներուն` արդիական ու զարգացած կրթական հաստատութեան մը համբաւն ունէր:

Քանի մը տարի ետք, Արթին Փալանճեանն ու ընտանիքը կը տեղափոխուին Փիրէայի նաւահանգիստին մօտակայ Լիփազմաթա գաղթակայան, ուր աւելի մեծ եւ աւելի յարմար վայր մը կը վարձեն իրենց գործարանին համար: Ոստայններուն թիւը բարձրացած էր 40-ի: Գործարանին մէջ աշխատող բանուորներուն մեծամասնութիւնը հայուհիներ էին: Կառավարութիւնը հետագային կը հրապարակէ օրէնք մը, ըստ որուն՝ գործարանի մը բանուորներուն մեծամասնութիւնը պէտք է յունահպատակ ըլլար: Երանուհի գործարանին արտադրութիւնները շալակին բեռցնելով՝ զանազան վայրեր կ’երթար եւ կը ծախէր զանոնք: 

Այդ ժամանակաշրջանին ջուլհակագործութիւնը զարգացած չէր Յունաստանի մէջ, հետեւաբար «Փալանճեան» ընկերութիւնը յարմար հող կը գտնէ աճելու եւ եկամտաբեր ձեռնարկ դառնալու համար:

«Փալանճեան» ջուլհականոցին մեքենաները: Լուսանկարուած են, երբ գործարանը տակաւին կը գործէր:

Այս շրջանին Արթին Փալանճեան էլեկտրածին մեքենայ մը կը հնարէ եւ ոստայնները կը սկսի բանեցնել էլեկտրական հոսանքով: Այս հնարամտութեան շնորհիւ կարելի կ’ըլլայ նաեւ գործարանին ու իրենց տան համար էլեկտրական լուսաւորութիւն հայթայթել: Փաստօրէն Արթին ստեղծած էր էլեկտրական ցանց մը, որմէ վճարովի կը սկսին օգտուիլ նաեւ շրջակայքի բնակիչները: Հետագային, Արթին երբ կ’իմանայ թէ «Փաուըր» ընկերութիւնը էլեկտրականութիւն պիտի մատակարարէ Ատիկէի ամբողջ տարածքին եւ պիտի վարձատրէ ցանցի ընդարձակման բոլոր նպաստողները, իր գործարանի եւ անոր մօտակայ ամբողջ տարածքին մէջ էլեկտրականութեան սիւներ կը կանգնեցնէ ու կ’օգտուի այս առիթէն:

«Պալքանիա» հանրային բաղնիքը (ծանօթ է նաեւ «Լութրա Փալանճեան» անունով)

Արթին Փալանճեան 1933-ին կը հիմնէ «Պալքանիա» կամ «Փալանճեան» անունով հանրային բաղնիք մը՝ Փիրէայի մօտակայ Տրափեցոնայի շրջանին մէջ: Այդ օրերուն առողջապահական խնդիրները եւ անոնց լուծումներ գտնելը բարդ էին, նկատի առնելով որ տուներուն մէջ լոգարաններ չկային, անջրդիութիւն կը տիրէր, իսկ երկրի բնակչութեան թիւն ալ աճած էր գաղթականներու ժամանումով: Հետեւաբար, հանրային բաղնիքները անհրաժեշտութիւն դարձած էին: Թէ՛ Փիրէայի եւ թէ՛ երկրի այլ քաղաքներու մէջ կը սկսին գործել հանրային եւ անձնական տեսակաւոր բաղնիքներ: Անոնցմէ ոմանք արեւելեան ձեւի սպասարկութիւններ ունէին (համամ), իսկ ուրիշներ եւրոպական ձեւի բուժական կարողութիւններով օժտուած էին:

«Պալքանիա» (ծանօթ նաեւ «Փալանճեան» անունով) բաղնիքները վերոնշեալ զոյգ յատկութիւններով օժտուած էին: Անոնք ամբողջ տարածքաշրջանին մէջ յայտնի էին իրենց մեծութեամբ եւ պերճութեամբ: Հոս աշխատողները հայեր էին, իսկ ընտանիքին անդամներն ու ազգականները մաս կը կազմէին անձնակազմին: Բաղնիքներու այս ցանցին յաճախորդները ամէն խաւի, սեռի եւ ազգութեան անձեր էին: Մարմարաշէն այս բաղնիքներուն մէջ կար երկու սենեակ. մէկը յատկացուած էր հանդերձարանի, ուր յաճախորդները իրենց հագուստը կը դնէին, իսկ միւսը հանգչելու եւ լոգնալու սենեակն էր: Գլխաւոր բաղնիքն ունէր մարմարեայ գմբէթ մը, որու ամէնէն վերը կային ապակիէ գնդաձեւ լուսանցքներ, ուրկէ արեւուն լոյսը կը մտնէր: Մարմարներն ունէին անկողինի նմանող դարեւանդ (impost) մը, որ տաք կը մնար՝ խողովակներուն մէջէն հոսող տաք ջուրին շնորհիւ: Մարմարեայ փոքր աւազան մըն ալ կար՝ տաք եւ պաղ ջուրով: Այս գլխաւոր բաղնիքէն զատ, վեցանկիւն մեծ սենեակի մը մէջ կը գործէր նաեւ «համամ» մը, որուն շուրջը կային փոքր եւ ցած խորութեամբ աւազաններ: Հոս յաճախորդները իրենց ոտքերը կը թաթխէին: Համամին կեդրոնը կար վեցանկիւն տաք մարմար մը՝ կիներուն յատկացուած:

«Պալքանիա» բաղնիքը կառուցուած էր ընդարձակ հողամասի մը վրայ: Հսկայ արմաւենի մը կը զարդարէր դուրսի պարտէզը: Հոն կար նաեւ սրճարան մը, ուր յաճախորդները, մանաւանդ շաբաթ օրերը, կը վայելէին համեղ խորտիկներ եւ զանազան խմիչքներ:

«Պալքանիա» բաղնիքը կը գործէ մօտաւորապէս 40 տարի: Ներկայիս ան վերածուած է գեղարուեստի սիրուն դպրոցի մը՝ պահպանելով բաղնիքին ճարտարապետական ամբողջ կառուցուածքը:

«Պալքանիա» բաղնիքին (ծանօթ էր նաեւ Փալանճեան Լութրա անունով) ներկայ վիճակը: Ան կը գործէ իբրեւ գեղարուեստի վարժարան:

«Պալքանիա» բաղնիքին (ծանօթ էր նաեւ Փալանճեան Լութրա անունով) ներկայ վիճակը: Ան կը գործէ իբրեւ գեղարուեստի վարժարան:

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիները

1930-ին, Արթին եւ Երանուհի Փալանճեան իրենց զաւակներուն հետ կը տեղափոխուին Աթէնքի Փսիխիքօ կոչուած հիւսիսային շրջանը:

Օննիկ Փալանճեան իր երիտասարդութենէն սկսեալ կը մխրճուի ընտանեկան գործին մէջ եւ կը փորձէ ամէն ձեւով զարգացնել զայն: Ան կը ճամբորդէ եւրոպական զանազան երկիրներ (Անգլիա, Շուէտ, Գերմանիա, Աւստրիա)՝ ջուլհակագործութեան «Ժաքար» (Jacquard) մակնիշի մեքենաներ Յունաստան ներածելու համար: Ոստայնագործութիւնը այդ ժամանակներուն մեծ զարգացում ունէր եւրոպական այս երկիրներուն մէջ: 

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին՝ գերմանական բանակը կը գրաւէ Յունաստանը: Երկրին բոլոր գործարանները կը դադրին բանելէ: «Փալանճեան» ջուլհականոցին բոլոր կերպասներն ու արտադրանքները կը փոխադրուին Փսիխիքոյի ընտանեկան տունը, բայց գերմանացիները ի վերջոյ բոլորն ալ կը բռնագրաւեն: Օննիկ անգործ չի մնար: Պատերազմի տարիներուն, ան համաշխարհային սակարանին վրայ ոսկիի առուծախով կը զբաղի եւ մեծ շահեր կ’ապահովէ:

Պատերազմի աւարտէն ետք, Յունաստանի բոլոր գործարանները կը վերաբացուին: «Փալանճեան» ջուլհականոցը նոյնպէս կը վերսկսի իր գործունէութեան՝ այս անգամ Palatex անունով: Ան գոյութիւն ունի մինչեւ օրս:

«Փալանճեան» (կամ Փալաթեքս) ընկերութիւնը կը մասնակցի Սելանիկի տօնավաճառին: Տարին անյայտ է:
«Փալանճեան» (կամ Փալաթեքս) ընկերութիւնը կը մասնակցի Սելանիկի տօնավաճառին: Տարին անյայտ է:
«Փալանճեան» (կամ Փալաթեքս) ընկերութիւնը կը մասնակցի Սելանիկի տօնավաճառին: Տարին անյայտ է:
«Փալանճեան» (կամ Փալաթեքս) ընկերութեան պաշտօնեաներ: Տարին անյայտ է:

«Փալանճեան» ջուլհականոցի հիմնադրութեան վաւերաթուղթը, 1937 թուակիր՝ տրուած Յունաստանի տնտեսութեան նախարարութեան կողմէ:

Օննիկ Փալանճեան եւ Ատրինէ-Թագուհի Իւթիւճեան

1943-ի Դեկտեմբերին Օննիկ Փալանճեան Վիեննա կը ճամբորդէ՝ «Փալանճեան» ջուլհականոցին համար գերմանական գործարաններէ ջուլհակագործութեան մեքենաներ ապսպրելու համար: Հոն կը ծանօթանայ Ատրինէ-Թագուհի Իւթիւճեանին (յունարէնով գրուած իր յուշերուն մէջ, Ատրինէ իր անուն-մականունը կը գրէ Անտրինէ Իւթիւճեան): Գերմաներէնին տիրապետող Ատրինէ կը ստանձնէ գերմանական գործարաններու հետ «Փալանճեան» ընկերութեան նամակագրութեան գործը: Պատերազմի տարիներուն Ատրինէ միշտ պատրաստ եղած է Աւստրիա գտնուած զանազան անձերու օգնութեան փութալու:

Ատրինէ եւ Օննիկ կը սիրահարուին, Վիեննայի մէջ կը նշանուին, ապա քաղաքացիական ամուսնութիւն կը կնքեն ու կ’որոշեն պատերազմի այդ դժուար օրերուն Յունաստան տեղափոխուիլ: Այս ճամբորդութիւնը արկածախնդրական կ’ըլլայ եւ 29 օր կը տեւէ: Անոնք ի վերջոյ ուժասպառ կը հասնին Փսիխիքոյի իրենց տունը: Քանի մը ամիս ետք տեղի կ’ունենայ զոյգին եկեղեցական պսակադրութիւնը:

1945-ին Յունաստանի մէջ ծայր կ’առնէ քաղաքացիական պատերազմը եւ երկիրը քաղաքական ու տնտեսական չափազանց անկայուն կացութեան կը մատնուի: Այս պայմաններուն մէջ, Օննիկ կ’որոշէ Արժանթին գաղթել, հոն ալ գործարան մը բանալ ու զբաղիլ ջուլհակագործութեամբ: Այդ տարիներուն Յունաստանէն գաղթի մեծ հոսք մը սկսած էր դէպի Հարաւային եւ Հիւսիսային Ամերիկա, յատկապէս դէպի Արժանթին եւ Գանատա: Հարիւրաւոր ընտանիքներ Յունաստանէն կը հեռանային եւ կը հաստատուէին Պուէնոս Այրէս ու Մոնթրէալ: Օննիկ կը հասնի Արժանթին, մինչ ընտանիքը կը մնայ Յունաստան: Կ’ենթադրուի թէ այս ճամբորդութիւնը տեղի ունեցած է 1946-ին: Սակայն դէպի ամերիկեան երկիրներ գաղթի թափը կը նուազի, երբ տեղական կառավարութիւնները կը սկսին զանազան արգելքներ դնել նոր եկողներու կեցութեան դէմ: Գաղթականներէն մաս մը կը վերադառնայ Յունաստան: Մօտ երկու տարի Արժանթին մնալէ ետք, Օննիկ կը վերադառնայ Յունաստան եւ կը վերամիանայ ընտանիքին: Կարճ ժամանակ ետք, Օննիկ այս անգամ կը մեկնի Անգլիոյ Մանչեսթըր քաղաքը, ուր վեց ամսուայ ընթացքին կը հմտանայ «Ժաքար» (Jacquard) մեքենաներու գործածութեան մէջ: Այնուհետեւ կը վերադառնայ Յունաստան:

Յունաստան, 1957: Ատրինէ Փալանճեան իր երեք զաւակներուն հետ: Ձախէն աջ՝ Սերգօ, Ալիս եւ Արթին:
Փալանճեան ընտանիք: Նստած՝ Ատրինէ եւ Օննիկ: Ոտքի, ձախէն աջ՝ Արթին, Ալիս եւ Սերգօ:

Օննիկ եւ Ատրինէ կ’ունենան չորս զաւակ. Արթին (ծնած է 1945-ին), Սերգօ (ծնած է 1949-ին), Ալիս (ծնած է 1953-ին) եւ Զապէլ (ծնած է 1966-ին): Արթին ջուլհակագործութեան մեքենագործ կը դառնայ, իսկ Սերգօ մինչեւ օրս «Փալաթեքս» ընկերութեան տնօրէնն է:

2008-ին գործարանը կը փակուի. անոր կէս տարածքին վրայ շէնք մը կը կառուցուի, իսկ միւս կէսը մօտալուտ ապագային նոյնպէս պիտի փլուի: «Փալաթեքս» ընկերութիւնը 2008-ին կը փոխադրուի հին ջուլհականոցին դիմացը գտնուող վայր մը, ուր կը շարունակէ գործել մինչեւ այսօր: Ալիս գործարանին արտադրած հագուստներու վաճառականութեամբ կը զբաղի, իսկ Զապէլ ընկերութեան ապահովագրական խորհրդատուն կ’ըլլայ:

Աւագ Արթին Փալանճեան կը մահանայ 1947-ին, իսկ կինը՝ Երանուհին՝ 1969-ին:

«Փալանճեան» ջուլհականոցէն առնուած լուսանկարներ: Գործարանը 2008-էն ի վեր փակուած է:

«Փալանճեան» ջուլհականոցէն առնուած լուսանկարներ: Գործարանը 2008-էն ի վեր փակուած է:

Իւթիւճեան ճիւղը (Վան, Պոլիս, Ռումանիա, Վիեննա, Հունգարիա, Պուլկարիա)

Ատրինէ-Թագուհի Իւթիւճեանի հօրենական մեծ հայրը՝ Աբրահամ Իւթիւճեան, Վան քաղաքէն էր: Աբրահամ 13 տարեկանին գաղթած է Պոլիս։ Սուլթան Ապտուլ Համիտի գահակալութեան շրջանին կազմակերպուած 1894-1896-ի հակահայ ջարդերուն ընթացքին Աբրահամի ընտանիքին բոլոր անդամները կը սպանուին: Պոլիս հասնելէ ետք Աբրահամ կը հիւրընկալուի Գէորգ Սահակեանի կողմէ, որ պատանիին ամէն ձեւով կ’օգնէ նոր կեանք մը սկսելու: Աբրահամ կ’աշխատի Սահակեանի տպարանին մէջ: Սկիզբը կը զբաղէր հոն տպուած օրաթերթերը ցրուելով, ապա կը ստանձնէ նաեւ լրագրական պարտականութիւններ, ինչ որ իր առջեւ կը բանայ մամուլի ասպարէզը: Իր հրատարակած յօդուածներով, Աբրահամ հետզհետէ իր տեղը կը շինէ Պոլսոյ հայկական մամուլին մէջ: Դժբախտաբար անծանօթ կը մնայ թէ Աբրահամ պոլսահայ ո՛ր թերթերուն աշխատակցած է:

Պոլսոյ մէջ Աբրահամ կը ծանօթանայ Թագուհիին (մականունը անյայտ է): Կը սիրահարուին եւ մէկ ամիս ետք՝ Փետրուար 1888-ին, կ’ամուսնանան: 1889-ին կը ծնի իրենց որդին՝ Գրիգորը: Աբրահամ կը ձերբակալուի օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ եւ այնուհետ անոր ճակատագիրը անյայտ կը մնայ: Ատրինէ իր յուշերուն մէջ յստակ չի նշեր ձերբակալութեան թուականը: Կ’ենթադրենք թէ պատահած է 1900-ականներու առաջին 8 տարիներուն, երբ սուլթան Ապտուլ Համիտ դեռ կ’իշխէր միահեծան:

Ամուսինէն զրկուած Թագուհի ջանք չի խնայեր իր զաւակին ապահովելու լաւագոյն ուսում եւ դաստիարակութիւն: Գրիգոր կը յաճախէ Գատըգիւղ (Գատըքէօյ) թաղամասի Արամեան վարժարան (հետագային կը կոչուի Արամեան-Ունճեան): Ան մաս կը կազմէր իր ապրած թաղամասի եկեղեցւոյ դպրաց դասի-երգչախումբին: Թէեւ թուականը անյայտ է, բայց գիտենք որ Թագուհի թոքախտէ կը մահանայ, երբ Գրիգոր 9 տարեկան էր: Ան փայլուն աշակերտ էր: Արամեան դպրոցին մէջ անոր կը տրամադրուի փոքր սենեակ մը եւ կը սկսի հոն ապրիլ: Գրիգոր 14 տարեկանին կը տիրապետէր թրքերէն, անգլերէն, հայերէն, գերմաներէն եւ ֆրանսերէն լեզուներուն:

Դպրոցն աւարտելէ ետք, Գրիգոր իբրեւ ուսուցիչ մէկ տարի կը պաշտօնավարէ նոյն վարժարանին մէջ: Դպրոցին տնօրէնութիւնը անոր կ’առաջարկէ նախկին քանի մը այլ աշակերտներու հետ Ռումանիա երթալ եւ հոն պաշտօնավարել: Ռումանիոյ մէջ անոնցմէ ոմանք ուսուցչութիւն կ’ընեն տեղւոյն հայկական վարժարաններու մէջ, իսկ ուրիշներ տեղական հայկական թերթերու մէջ լրագրող կ’աշխատին: Գրիգոր երեք տարի շարունակ Ռումանիոյ Սուչավա (Suceava) քաղաքի հայկական եկեղեցւոյ դպրապետը կ’ըլլայ: Այնուհետեւ կ՚անցնի Պուլկարիա, ուր ուսուցչութիւն կ՚ընէ։

1910-ին Գրիգոր կը հաստատուի Վիեննա: Կը բնակի Ստեփան եւ Տիրուհի Սիմոնեաններու տան մէջ եւ կ’աշխատի տանտիրոջ՝ արեւելեան գորգերու վաճառատան մէջ: Գրիգոր կը ծանօթանայ Վիեննայի հայ քահանային եւ կը սկսի մասնակցիլ կիրակնօրեայ պատարագներուն: Գրիգոր շատ լաւ կը տիրապետէր գերմաներէնին եւ թրքերէնին. հետեւաբար անոր կ’առաջարկուի թրքերէն եւ պատմութիւն դասաւանդել Վիեննայի օտար լեզուներու դասաւանդման Պերլից (Berlitz) վարժարանին մէջ:

Գրիգորին աշխատանքը բարեյաջող ընթացք կ’ունենայ: 1917-ին կը հրաւիրուի hունգարական պալատ, Թալլոսի մէջ (ներկայիս Tomášikovo) Joseph Palffy-Daunի կնոջ՝ կոմսուհի Մարի Էսթերհազիի (Marie Esterhazy) թրքերէն դասաւանդելու համար: Գրիգոր կը տեղափոխուի Հունգարիա եւ կ’ապրի պալատական շռայլութեան մէջ: Բայց կեանքը միօրինակ էր Գրիգորի համար: Հինգ ամիս ետք ան Վիեննա կը վերադառնայ եւ կը շարունակէ ուսուցչական ասպարէզը:

Վիեննայի մէջ թրքերէնի դասախօս կը նշանակուի տեղւոյն մէկ համալսարանին մէջ (անունը անծանօթ է): Բայց իր ուրախութիւնը երկար չի տեւեր, քանի որ Դեկտեմբեր 1917-ին աւստրիական ոստիկանութիւնը զինք կը ձերբակալէ՝ օսմանեան բանակէն դասալքութեան յանցանքով: Որոշում կը կայացուի զինք վերադարձնել Օսմանեան տէրութիւն (առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Աւստրo-հունգարական կայսրութիւնը դաշնակից էր Օսմանեան տէրութեան): Ոստիկաններու ընկերակցութեամբ դէպի Պոլիս վերադարձի ճամբուն վրայ, կանգ կ’առնեն Սոֆիայի մէջ (Պուլկարիա), ուր Գրիգոր պատահաբար կը հանդիպի իր հին մէկ դասընկերոջը՝ Յակոբ Պէօրեքճեանի: Վերջինիս օգնութեամբ փախուստ կու տայ: Ընկերը իրեն համար նաեւ կ’ապահովէ յատուկ սենեակ մը, ուր Գրիգոր գաղտնի կ’ապրի վեց ամիս: Մեկուսացած կեանքի այս օրերուն, Գրիգոր պուլկարերէն կը սորվի: Ապա Յակոբ անկարելին կարելի կը դարձնէ եւ Գրիգորին համար կեղծ անցագիր մը կ’ապահովէ Արամ Իւթիւճեան նոր անունով:

Գրիգոր (կոչեցեալ Արամ) Իւթիւճեան Սոֆիայի մէջ տուն մը կը վարձէ անմիջապէս, գերմանական դրամատան մէջ կը սկսի աշխատիլ իբրեւ գանձապահ, իսկ կիրակի օրերը Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ սարկաւագութիւն կ’ընէ: Գրիգորին կեանքը բնականոն ընթացք կ’առնէ: Կիրակի օր մը, պատարագէն ետք կը ծանօթանայ Զապէլ Քեսթենեանին: Անոնք անմիջապէս կը սիրահարուին: 1923-ին տեղի կ’ունենայ իրենց հանդիսաւոր նշանտուքը, որուն կը յաջորդէ եկեղեցական պսակադրութիւնը: 1925-ին Սոֆիայի մէջ կը ծնի իրենց դուստրը՝ Ատրինէ-Թագուհի Իւթիւճեանը:

Քեսթենեան ընտանիքը ծագումով Ակնէն էր: Զապէլին հայրը՝ Նիկողոս Քեսթենեանը Ակնէն գաղթած էր Պոլիս, ապա տեղափոխուած Պուլկարիոյ Ռուսէ քաղաքը (Ruse, նախապէս կոչուած է Ռուսճուք): Ամուսնացած էր Մինեվերին հետ, որ նոյնպէս Պոլիսէն էր: Ունեցած են տասներկու զաւակ, որոնցմէ երկար ապրած են միայն հինգը. չորս դուստր՝ Ֆիլոմէն, Գոհար, Զապէլ, Էլիզ եւ մանչ մը՝ Գէորգ:

1927-ին, Գրիգոր Պուլկարիոյ մէջ քահանայ կը ձեռնադրուի տեղւոյն հայոց թեմակալ առաջնորդ՝ Ստեփանոս արք. Յովակիմեանի կողմէ եւ կ’անուանուի տէր Եղիշէ քահանայ Իւթիւճեան: Կը վերադառնայ Վիեննա, ուր կը դառնայ հայկական համայնքի հոգեւոր հովիւ։

1929-ին կը ծնի զոյգին երկրորդ զաւակը՝ Արամը: Իւթիւճեան ընտանիքի բնակարանին կից կը գտնուէր հայոց եկեղեցին, որ շէնքի մը 6-րդ յարկի մեծ սրահին մէջ կը գտնուէր: Խորան բարձրանալու համար երեք սանդուխներ կային, իսկ բոսորագոյն վարագոյրներ կը զարդարէին խորանին երկու կողմերը: Խորանին վրայ Ս. Աստուածածինի 18-րդ դարու գործ սրբանկարը կար, իսկ խորանէն 2 մեթր անդին տեղադրուած էր երգեհոնը: Պատերը պատուած էին բոսորագոյն թուղթերով եւ անոնց վրայ կախուած էին սրբանկարներ, մինչ եկեղեցւոյ աջ կողմը զետեղուած էր Աւարայրի ճակատամարտը խորհրդանշող պատկեր մը:

Ատրինէ-Թագուհի եւ Արամ իրենց կրթութիւնը կը ստանան քաղաքի լաւագոյն վարժարաններէն մէկուն մէջ: Ատրինէ-Թագուհի մեծ սէր ունենալով երգի ու երաժշտութեան հանդէպ՝ երաժշտական ուսում կը ստանայ Վիեննայի Եկեղեցական Երաժշտութեան Համալսարանին մէջ եւ յաջողութիւններ ձեռք կը բերէ դաշնակահարութեան ու եկեղեցական երաժշտութեան մէջ:

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին, Աւստրիա նացիական Գերմանիոյ մէկ մասը կը դառնայ եւ գերմանական ուժերը կը ներխուժեն Աւստրիա (Anschluss, Մարտ 1938): Ապա կը բռնկի ընդհանուր պատերազմը: Ատրինէ իր յուշերուն մէջ վկայութիւններ ունի Վիեննայի հրեայ բնակչութեան նացիական հալածանքներուն մասին:

Պատերազմական իրավիճակին բերումով՝ միայն կտրօններով կարելի էր հիմնական սնունդները ձեռք ձգել: Եղիշէ քհնյ. Իւթիւճեան կարելին կ’ընէր իր շրջապատի փախստական հրեաներուն, ինչպէս նաեւ դասալիք զինուորներուն օգնելու համար: Ան իր եկեղեցւոյ յարկին տակ անոնցմէ շատերուն ապաստան տուած էր: Այս դասալիք զինուորներէն շատեր հայ էին. անոնք մաս կը կազմէին Կարմիր բանակին եւ պատերազմական գործողութիւններու ընթացքին գերի ինկած էին: 1941-ին, նացիական իշխանութիւնները Կարմիր բանակի այս հարիւրհազարաւոր գերի զինուորներէն կազմած էին Ostlegion-ը (Արեւելեան Լեգէոն), որու զինուորներուն գերակշիռ մասը ռուս եւ ուքրաինացի էր: 1942-ի սկիզբներուն կը կազմուին նաեւ առանձին լեգէոններ աւելի փոքրաթիւ ազգութիւններու գերի զինուորներէն: Այսպէս, գոյութիւն առին Թուրքեստանեան Լեգէոնը (ղազախներ, իւզպէքներ, թիւրքմէններ եւ տաճիկներ), Կովկասցի Իսլամներու Լեգէոնը, որ անմիջապէս անուն կը փոխէ եւ կը դառնայ Ազրպէյճանական Լեգէոն: Կազմուեցան նաեւ Վրացական Լեգէոնը, Հայկական Լեգէոնը, Հիւսիսկովկասեան կամ Լեռնականներու Լեգէոնը (օսէթներ, չեչէններ, աբխազներ, եւայլն) եւ Վոլկաթաթարական Լեգէոնը: Այս զօրամիաւորումները պէտք է պատերազմէին Խորհրդային Միութեան դէմ՝ գերմանական զօրքերու կողքին:

Պատերազմի տարիներուն տէր Եղիշէ վստահելի հասցէ մըն էր զանազան օգնութիւններու կարիք ունեցող աւստրիացի եւ հայ քաղաքացիներուն համար: Ատրինէ կ’օգնէր իր հօրը՝ մարդասիրական այս ճիգերուն մէջ: Ան լաւապէս կը տիրապետէր գերմաներէնին եւ յաճախ կը կանչուէր աւստրիական զանազան նախարարութիւններ կամ Կեսթափօ՝ նացիներուն կողմէ ձերբակալուած եւ հայերէն խօսող գերիներու խօսքերը թարգմանելու համար: Ատրինէ պարզ թարգմանութիւն չէր ըներ, յաճախ ան գերիները կը պաշտպանէր եւ զանոնք հեռու կը պահէր խիստ պատիժներէ:

Տէր Եղիշէի փափաքն էր պատարագ մատուցել նաեւ գերմանական բանակին ծառայող Հայկական Լեգէոնի զինուորներուն: Երկարատեւ դիմումներէ ետք, ան ի վերջոյ արտօնութիւն կը ստանայ նացիական իշխանութիւններէն: Տէր Եղիշէ, ընկերակցութեամբ Վիեննայի հայոց եկեղեցւոյ կրօնական ժողովին, կը մեկնի Լեհաստան, ուր տեղակայուած էր Հայկական Լեգէոնը: Իր գլխաւորութեամբ պատարագ կը մատուցուի եւ հայ զինուորները Ս. Հաղորդութիւն կը ստանան: Կարմիր Բանակի հայ զինուորներէն շատեր երբեք եկեղեցի չէին մտած, ոչ ալ երբեւէ Ս. Հաղորդութիւն ստացած էին:

Տէր Եղիշէ քհնյ. Իւթիւճեան Լեհաստանի մէջ երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին: Զայն կը տեսնենք հոն տեղակայուած եւ գերմանական բանակին ծառայող Հայկական Լեգէոնի զինուորներուն պատարագ մատուցելու պահուն: 1941-ին, նացիական իշխանութիւնները Կարմիր բանակի հարիւրհազարաւոր գերի զինուորներէն կազմած էին Ostlegion-ը (Արեւելեան Լեգէոն), որու զինուորներուն գերակշիռ մասը ռուս եւ ուքրաինացի էր: 1942-ի սկիզբներուն կը կազմուին նաեւ առանձին լեգէոններ աւելի փոքրաթիւ ազգութիւններու գերի զինուորներէն: Այսպէս, գոյութիւն առին Թուրքեստանեան Լեգէոնը (ղազախներ, իւզպէքներ, թիւրքմէններ եւ տաճիկներ), Կովկասցի Իսլամներու Լեգէոնը, որ անմիջապէս անուն կը փոխէ եւ կը դառնայ Ազրպէյճանական Լեգէոն: Կազմուեցան նաեւ Վրացական Լեգէոնը, Հայկական Լեգէոնը, Հիւսիսկովկասեան կամ Լեռնականներու Լեգէոնը (օսէթներ, չեչէններ, աբխազներ, եւայլն) եւ Վոլկաթաթարական Լեգէոնը: Այս զօրամիաւորումները պէտք է պատերազմէին Խորհրդային Միութեան դէմ՝ գերմանական զօրքերու կողքին:

Երէցկինին՝ Զապէլին մահէն ետք, Տէր Եղիշէ 1949-ին կը մեկնի Փարիզ, ուր տեղւոյն հայոց առաջնորդ Արտաւազդ արք. Սիւրմէեան իրեն կը նուիրէ վարդապետական վեղար եւ գաւազան։ Կը վերադառնայ Վիեննա, ուր կը շարունակէ հոգեւոր հովիւի իր ծառայութիւնը։ Կը վախճանի 1958-ին։

Ինչպէս տեսանք արդէն, Վիեննայի մէջ է որ Ատրինէ կը ծանօթանայ Օննիկ Փալանճեանին, կը սիրահարուին, ապա զոյգը կը տեղափոխուի Յունաստան: 1960-ականներէն մինչեւ 1990-ական թուականները, Ատրինէ եղած է Աթէնքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Տիկնանց Մարմնի ատենապետուհին: Գրած է բանաստեղծութիւններ: 2008-ին կը հրատարակուին իր յուշերը, որոնք այս յօդուածին գլխաւոր աղբիւրն են:

Հայր Եղիշէ ծայրագոյն վարդապետ Իւթիւճեանի (Վիեննա) 19 Մարտ 1952 թուակիր նամակը Երանուհի Փալանճեանին (Աթէնք): Նամակին մէջ Հայր Եղիշէ իր ուրախութիւնը կը յայտնէ որ իր դուստր Ատրինէ Փալանճեանը (ծնեալ Իւթիւճեան) այցելութեան եկած է իրենց քով՝ Վիեննա: Նամակէն կ’իմանանք նաեւ Վիեննայի հայ առաքելական եկեղեցւոյ հասցէն` I., Dominikanerbastei 10: