Այլազան - Հայաստան

Էքիզեան ընտանիքի հաւաքածոյ - Երեւան, Պէյրութ

Էքիզեան ընտանիքին նիւթերը ծագումով Մալաթիայէն են եւ ներկայիս բաժնուած են Երեւանի եւ Պէյրութի միջեւ։

Մարգարտեայ քարով այս օղերը (յետագային նորոգուած) եւ երեք ոսկի գնդիկները (յետագային շղթայի անցուած) պատկանած են Եղիսաբէթ Կզկանց Էքիզեանի (ծն. Կեազուրեան)։ Ան ծնած է Մալաթիա 1895-ին: Ցեղասպանութենէն վերապրող մըն է։ 1920-ական թուականներուն ընտանեօք կը փոխադրուի Խորհրդային Հայաստան։ Կը մահանայ Երեւանի մէջ 9 Սեպտեմբեր 1990-ին:

Եղիսաբեթ իր մարգարտեայ օղերը եւ երեք ոսկի գնդիկները կը նուիրէ իր թոռնուհիին՝ Նառա Էքիզեանին, որ 1980-էն ի վեր կ՚ապրի Լիբանան:

Եղիսաբէթ Էքիզեան եւ ամուսինը՝ Յովհաննէս Էքիզեան։

Այս պղնձեղէններն ու վերի խաչը նոյնպէս պատկանած են Եղիսաբէթին, որ իր հետ բերած է Մալաթիայէն Խորհրդային Հայաստան։ Անոնք ներկայիս կը պահուին Եղիսաբէթի որդւոյն՝ Յարութիւն Էքիզեանի (ծն. 1921) կողմէ, Երեւան։ Յարութիւն այս խաչը տեւական կը պահէ իր անկողինին վերեւ։

Տէր Միքայէլեան ընտանիք - Երեւան

Տէր Միքայէլեաններու ընտանեկան հաւաքածոն մեծապէս հարուստ է յուշագրական եւ լուսանկարչական նիւթերով, ինչպէս նաեւ յիշողութեան առարկաներով։ Ընտանիքին մէկ ճիւղին (Տէր Միքայէլեան) ծագումը Արաբկիր քաղաքն է, իսկ միւս ճիւղինը (Տէր Աբրահամեան)՝ Վանը։ Երկու ճիւղերէն ներկայացուցիչներ տակաւին 19-րդ դարու վերջաւորութեան դուրս կու գան Օսմանեան կայսրութենէն եւ կը հաստատուին Եգիպտոս, իսկ 1940-ականներուն եւ 1960-ականներուն անոցմէ ոմանք կը գաղթեն Խորհրդային Հայաստան իրենց հետ տանելով այս հարուստ ժառանգութենէն մաս մը։ Այս նիւթերը ներկայիս կը գտնուին Տէր Միքայէլեաններու Երեւանի բնակարանին մէջ, իսկ այլ նիւթեր ալ կը գտնուին Հայաստանի պետական հաստատութիւններուն մէջ։ Ընտանիքին մասին կենսագրական գրութիւններու հեղինակն է Նուպար Տէր Միքայէլեան (1917-1997), որ Գահիրէէն Երեւան կը տեղափոխուի 1948-ին։

Արաբկիր, մօտաւորապէս 1915-ին. ձախէն աջ՝ Պետրոս (ոտքի), Թագուհի (նստած), Խոսրովիդուխտ (ոտքի, Թագուհիի դուստրը), Սարգիս։ Երկու երեխաները՝ Ստեփան (ոտքի), Յակոբ (Թագուհիի ծունկերուն) (Աղբիւր՝ Տէր Միքայէլեան ընտանիքի հաւաքածոյ, Երեւան)

Ձեռնափայտ. շատ հաւանաբար պատրաստուած է Մանուկ Տէր Աբրահամեանի կողմէ, ծնած՝ Վանի շրջանի Սղգայ գիւղը 1840 թուականին։ Կ՚ամուսնանայ Վանի մէջ՝ Մարիամ Թոներշինողեանի հետ, բայց 1879-ին իբրեւ պանդուխտ, Մանուկ կը մեկնի Եգիպտոս։ 1889-ին կամ 1890-ին Մարիամն ալ կը գաղթէ Վանէն եւ ամուսնոյն կը միանայ Գահիրէի մէջ։ Անոնք կ՚ունենան դուստր մը՝ Թագուհին (յետագային Տէր Միքայէլեան)։ Մանուկ բազմատաղանդ անձ մըն էր, Եգիպտոսի մէջ ան իր ազատ ժամերուն կը զբաղէր գրչագրութեամբ, զարդանկարչութեամբ, փայտի եւ մետաղի վրայ փորագրութեամբ։ Սոյն գաւազան/ձեռնափայտը եւս Մանուկի գործերէն է։ Վերի ծայրամասին փորագրուած է առիւծի գլուխ մը, քիչ մը վար փորագրուած կ՚երեւի Կիզէի երկու մեծ բուրքերը եւ Սֆինքսը, ինչպէս նաեւ օպելիսք մը եւ փարաւոնական գլուխ մը։

1895-ին վանեցի հայրենակից՝ Ասատուրին հետ, կը հիմնեն ծխախոսի փոքր գործարան մը, որ երկար կեանք չունենար, քանի որ Ասատուր վաղաժամ կը մահանայ եւ գործարանը կը փակուի։ Այս ձեռնարկէն մնացած է ծխախոտի թուղթը, որուն վրայ տպուած է երկու գործընկերներուն անունները՝ Մանուկ եւ Ասատուր (նկարը տեսնել ստորեւ, ձախ սիւնակին մէջ)։ 1900-ին, Մանուկ ինք եւս կանուխ տարիքին կը մահանայ եւ կը թաղուի Գահիրէի հայկական գերեզմանատունը։

Մանուկին դուստրը՝ Թագուհին, 1962-ին կը գաղթէ Խորհրդային Հայաստան։ 1948-ին անոր զաւակը՝ Նուպարը, արդէն գաղթած էր Խորհրդային Հայաստան։ Այս ձեռնափայտն ալ հետերնին կը փոխադրուի եւ անիկա այսօր կը պահուի Տէր Միքայէլեաններու ընտանեկան հաւաքածոյին մէջ, Երեւան։

Խրիմեան Հայրիկին պատկերը իր շրջանակով։ Պատրաստուած է Գահիրէի մէջ 1894 թուականին։ Սոյն գործին առիթը 1892-ին Խրիմեանի Ամենայն Հայոց կաթողիկոս ընտրութիւնն է։ Պատկերին շուրջը կը կարդացուին Խրիմեանի մասին գովասանական գրութիւններ։ Ամբողջ գործին (շրջանակը եւ կողքի գրութիւններ) հեղինակն է Մանուկ Տէր Աբրահամեան (1845 Վան-1900 Գահիրէ) (Աղբիւր՝ Գեղամ Տէր Միքայէլեանի հաւաքածոյ, Երեւան)

Պոլիս, 1908. Տէր Միքայէլեան ընտանիքը։ Լուսանկարը քաշուած է Գեղամին եղբօր՝ Գրիգորին եւ իր ընտանիքին, Պոլիս տուած այցելութեան առթիւ։Նստած, ձախէն աջ՝ Պօղոս Տէր Միքայէլեան (Գեղաի հօրեղբայրը), Սաթենիկ Տէր Միքայէլեան (Գեղամի քոյրը, յետագային Բրուտեան), Դշխուհի (Գեղամի մայրը, ծն. Սաղաթէլեան), Հայկանիձա (Գեղամի եղբօր՝ Գրիգորի կինը, ծն. Մելիքեան), Գրիգոր (Գեղամի եղբայրը)։ Ոտքի, ձախէն աջ՝ Նուարդ (Գեղամի քոյրը, յետագային Օտաճեան), Դանիէլ (Գեղամի եղբայրը), Ռուբէն (Գեղամի եղբայրը), Նազենի (Գեղամի քոյրը)։ Առաջին շարքի երեխաները Գրիգորի եւ Հայկանիձայի զաւակներն են. ձախէն աջ՝ Մանուշակ, Տիգրանուհի, Տիգրան, Արաքսի։

1) Արաբկիր։ Երկու քոյրեր. ձախէն աջ՝ Խոսրովիդուխտ, Շուշանիկ։
2) Մինաս Տէր Միքայէլեան (1838-1915)։ Ծնած է Արաբկիր, Գեղամ Տէր Միքայէլեանի հօրեղբայրը։

Պոլսոյ համալսարանի Իրաւաբանական մասնաճիւղի վկայական։ Պատկանած է Ռուբէն Տէր Միքայէլեանի (1893-1913)։ Ռուբէն ծնած է Արաբկիր. հօր անուն՝ Մկրտիչ, մօր անուն՝Դշխուհի (ծնեալ Սաղաթէլեան), մեծ հօր անուն՝ Տէր Միքայէք քահանայ Պօղոսեան։ Ռուբէնի հայրը Արաբկիրի մէջ յայտնի մանուսայագործ էր (կտաւագործ)։ 1895-ին, Արաբկիրի մէջ տեղի ունեցած հակահայ ջարդերուն ընթացքին Տէր Միքայէլեաններու մեծ գերդաստանը բազմաթիւ զոհեր կու տայ, անոնց եռայարկ տունը (ուր կը գտնուէր նաեւ մանուսայի գործարանը) կը հրկիզուի։ Այս բռնութիւններէն ետք Ռուբէնի ընտանիքը կը գաղթէ Արաբկիրէն ու կը հաստատուի Պոլիս։ Ռուբէն շրջանաւարտ է Պոլսոյ համալսարանի Իրաւաբանական մասնաճիւղէն։ Կը մահանայ կանուխ տարիքին՝ 1913-ին։
Ռուբէնի ընանիքին մէկ հատուածը 1896-ին կ՚անցնի Եգիպտոս։ Այստեղ Ռուբէնի եղբայրներէն Գեղամն (1880-1950) ու Գրիգորը (1871-1927), կ՚աշխատին Կամսարական եղբայրներու ծխախոտի գործարանին մէջ, որ կը գտնուէր Զակազիկ։ Երկու եղբայրները յետագային նոյն գործարանին համար այլ պաշտօններ կը վարեն եգիպտական այլազան քաղաքներու մէջ։ Գեղամ կ՚ամուսնանայ 1916-ին՝ Թագուհի Տէր Աբրահամեանի հետ։ Կ՚ունենան չորս զաւակներ՝ Նուպար, Սիրվարդ, Տիրան, Ալիս։
Գեղամին որդին՝ Նուպարը (1948-ին), ապա այրին՝ Թագուհին (1962-ին), եւ դստրերը՝ Ալիսն (1963-ին) ու Սիրվարդը (1974-ին) իրենց ընտանիքներով, կը գաղթեն Խորհրդային Հայաստան։ Այս վկայականն ալ կը պահուի Տէր Միքայէլեաններու ընտանեկան հաւաքածոյին մէջ, Երեւան։