Map

Քարտէսին գործածութեան մասին տեղեկութիւնները կը գտնէք այս էջին ձախ սիւնակին մէջ։

Հայաստանի պատմական քարտէսի մը համավարակի օրերուն վերականգնումին ոդիսականը

Հեղինակ՝ Ճորճ Աղճայեան, 21/09/2021 (վերջին փոփոխութիւն՝ 21/09/2021), թարգմանութիւն՝ Շաղիկ Շահինեան Արծրունի

Տարիներ շարունակ, ամեն անգամ որ «Հայրենիք»-ի շէնքի 4-րդ յարկի ժողովասրահին մէջ ըլլայի, նայուածքս երկար-երկար կը յառէի խորքի պատի հսկայ քարտէսին վրայ։ 2,5մ երկարութեամբ եւ 1,5մ լայնութեամբ ձեռագիր այս քարտէսը Մարտիրոս Խերանեանը գծած էր 1922-ին։ Ես եւ այս քարտէսը տեսնելու բախտը ունեցած բոլորը, ամեն անգամ որ զայն տեսնէինք, մեր կամքէն անկախ կը տարուէինք անորմով եւ մտովի կը տեղափոխուէինք անոր կրած ու վերհանած բազում հայկական գիւղերը։ Խերանեանի քարտէսը մշակութային եւ գեղարուեստական գանձ մըն է, որուն արժէքը առաւել կը մեծնայ մեր այս աշխարհին մէջ, ուր թրքական պետութիւնը տեւական կը փորձէ այս գիւղերուն անունները ջնջել արդի քարտէսներուն վրայէն։

Խերանեանը ծնած էր Վան քաղաքին մէջ։ Խերանեանները վանեցի յայտնի գերդաստան էին։ Մարտիրոս Խերանեանը քարտէսագիր էր եւ Վանի հռչակաւոր Վարագավանքի ժառանագաւորաց դպրոցի ուսուցիչ։ [1] Մասնակցած է 1915 թուականի Վանի ինքնապաշտպանութեան։ Ցեղասպանութենէն ետք յայտնուած է Սուրիա եւ հոն ալ ուսուցչութիւն ըրած է։ Չենք գիտեր, թէ տարիներու ընթացքին ան քանի-քանի քարտէսներ գծած է. «Հայրենիք»-ի քարտէսէն բացի մեզի յայտնի են իր ստորագրած քարտէսներէն երեքը։ Ասոնցմէ մէկը Վանի ինքնապաշտպանութեան քարտէսն է, որ հրապարակուած է Խերանեանի եղբօր թոռնիկին՝ Մաթիւ Քարանեանի “The Armenian Highland: Western Armenia and the First Armenian Republic of 1918” գիրքին մէջ։ «Հայրենիք»-ի քարտէսը Խերանեանի՝ այսօր գոյութիւն ունեցող քարտէսներուն մէջէն ամենէն հինն է եւ ամենէն մեծը։

Տարիներու ընթացքին «Հայրենիք»-ի քարտէսը բազում անգամներ նկարած էի իմ լուսանկարչական գործիքովս, բայց ոչ մէկ նկարէ գոհ էի։ Քարտէսին վիճակին, անոր ընդարձակ չափին եւ պաշտպանիչ ապակիին անդրադարձած շողքին պատճառով քարտէսը լուսանկարելը դժուար էր։ Չենք գիտեր երբ եւ ինչպէս՝ քարտէսը ջուրէն վնասուած էր։ Այս բոլորէն բացի՝ կտաւի վրայ գծուած քարտէսը քաշելով գամած-ամրացուցած էին նրբատախտակի կտորի մը. բան մը, որ պահպանելու տեսակէտէ բնաւ իտէալական քայլ չէր։

Անցեալ տարուան սկիզբը կապուեցայ Քոնկրէսի գրադարանի՝ այժմ հանգստեան կոչուած հայ մասնագէտ Լեւոն Աւտոյեանին հետ եւ խնդրեցի որ քարտէսը պահպանելու մասին իր խորհուրդը տայ։ Առաջարկեց դիմել Harvard Map Library-ին։

Հարուարտի համալսարանի քարտէսի հաւաքածոներու պատասխանատուները զիս կապի մէջ դրին Paper Conservator-ի եւԼուիզ Պաթիսթի հետ։ Համավարակի վաղորդայնին Լուիզ Պաթիսթը եւ ես կրցանք հանդիպիլ «Հայրենիք»-ի մէջ եւ քննարկեցինք քարտէսի վերականգնումը։ Նպատակը վնաս կրած հատուածները վերականգնել, տարիներու ընթացքին անոր վրայ կուտակուած քիմիական վնասակար նիւթերէն քարտէսը մաքրել եւ քարտէսին բարձր խտութեան՝ արխիւային նիւթի որակի լուսածրային պատճէն մը ունենալն էր։ Լուիզը քարտէսին կարեւորութիւնը ըստ արժանուոյն գնահատեց եւ ոգեւորութեամբ յանձն առաւ ծրագիրին իրականացումը։

Այն օրը, երբ պէտք էր քարտէսը շրջանակէն դուրս հանել եւ փոխադրելու համար ոլորել, ես ջղային էի։ Լուիզը զգուշութեամբ հանեց մանրագամերը եւ քարտէսը դրաւ անհրաժեշտ թերթերուն եւ յատուկ նախատեսուած գրտնակին միջեւ, որ ապահով ըլլար։ Երկար ժամանակէ ի վեր առաջին անգամը ըլլալով՝ քարտէսը «Հայրենիք»-ի շէնքէն մեկնեցաւ։

Անցեալ տարուան ընթացքին Լուիզը բծախնդիր ու ժրաջան աշխատանքով քարտէսին վերադարձուց անոր երբեմնի շքեղութիւնը։ Ան յընթացս քարտէսին վրայ կատարուող աշխատանքին բաժնեկից դարձուց մեզ՝ լուսանկարներ եւ տեսաերիզներ նկարահանելով։ Բարդ աշխատանք էր, բարդ գործընթաց։ Լուիզը յատուկ մաղեր պատրաստեց, որպէսզի կարենար առանց քարտէսին վնաս հասցնելու փոշեծծել անոր վրայ հաւաքուած փոշին։ Ան պէտք էր նաեւ գտնէր քիմիական նիւթերու ճիշդ խառնուրդը, որպէսզի կարենար մաքրել քարտէսը՝ առանց վրայէն հանելու Խերանեանին գործածած մելանը։ Տարի մը ետք, արդէն վերականգնուած քարտէսը բերուեցաւ Հարուարտի համալսարանի քարտէսներու բաժանմունք՝ լուսածիրային պատճէնահանումի համար։

Հարուարտի համալսարանի Ուայտընըր գրադարանի «Թուային պատկերահանման և լուսանկարչութեան ծառայութիւններու բաժանմուքի» լուսանկարիչ Ռոպերթ Զինքը, ~63 մեկափիքսել խտութեան լուսանկարչական գործիքով մը (այսօր առկայ ամենաբարձր խտութեամբ լուսանկարող գործիքներէն մէկը) քարտէսը նկարեց ութը առանձին նկարներով։ Փափաքուած խտութիւնը պահպանելու համար անհրաժեշտ էր այսքան մեծ թիւով նկարներ ունենալը՝ քարտէսին չափին բերումով։ Այս նկարները իրարու միացնելու եւ քարտէսը մէջտեղ բերելու երկու ձեւ կայ. նախընտրելի ձեւը պատկերները իրարու «կարելն է» այնպէս մը, որ գոյացած ամբողջական պատկերը նայողին անկար թուի՝ առանց տողադրման խախտումներու, ծռմռումներու, այլանդակումներու կամ հատուածներուն միջեւ գոյներու եւ երանգներու տարբերութիւններու։ Եթէ այս տարբերակը անկարելի ըլլար, պատկերները պէտք էր կցաշարել։ Կարելը աւելի դիւրին կ’ըլլայ երբ նիւթը (օրինակ թուղթը) կարելի է փռուած-տափակ եւ անշարժ պահել։ Կտաւի պարագային կրնայ պատահիլ, որ կտորը ճողուի կամ լուսածրային նկարներու տողադրումը մէկ գծով չըլլայ։ Մենք բախտաւոր եղանք, եւ մեր քարտէսին պարագային կարելը հնարաւոր եղաւ. արդիւնքը ապշեցուցիչ է։

Քարտէսը հիմա վերադարձած է «Հայրենիք» եւ կը սպասէ իր նոր շրջանակին, որ պիտի պահէ ու պաշտպանէ զայն։ Այս ամբողջ նախագիծը իրականութիւն դաձաւ շնորհիւ Ամերիկայի հայկական մշակութային ընկերակցութեան եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան տրամադրած դրամաշնորհներուն։ Թուայնացուած քարտէսը հասանելի է բոլորին անվճար Houshamadyan: A project to reconstruct Ottoman Armenian town and village life կայքին մէջ։

[1] Մարտիրոսի Եղիշէ եղբայրը Վասպուրականի Շուշանաց գիւղի քահանան էր։ Միւս եղբայրը՝ Գէորգը, գրական հակումներ ունէր։ Ըստ երեւոյթին Խերանեաններու մէկ ճիւղը Վանէն գաղթած է Արեւելեան Հայաստան, որովհետեւ Եղիշէի որդին՝ Մկրտիչ Խերանեանը, Խորհրդային Հայաստանի յայտնի արձակագիր, բանաստեղծ եւ թարգմանիչ էր։